Ամրան տաք յետմիջօրէի մը, հայրս ինծի ապսպրեց «մէկ քիլօ նուշ» բերել մեր թաղէն եւ Նոր Մարաշ անցնիլ միայն հոնկէ չգտնելուս պարագային։ Այդ օր փափաքս իրականացաւ եւ առջեւս առիթ բացուեցաւ առանձինս կտրելու 9 տարեկան փոքր հասակիս համար այլապէս արգիլուած պողոտան։ Խանդավառութեամբ մտայ առաջին խանութը եւ, նկատելով, որ ոչ ոք հայերէն կը խօսէր վաճառորդին հետ, պարզապէս ըսի՝ «Պատտի քիլօ նուշ» (արաբերէն՝ մէկ քիլօ նուշ կ՚ուզեմ)՝ առանց գիտնալու նուշին արաբերէն չըլլալը։
Հանրային տարածքներու բացակայութեան, մանկապատանեկան օրերուս թաղիս հետ յարաբերութիւնս կը սահմանափակուէր դրացիներուս բարեւով, պատշգամէ-պատշգամ խօսակցութիւններով, թաղէն աղմուկ բարձրացած պահուն բոլոր պատշգամներէն ցցուած աչքերով եւ խանութպաններէն գնումի ժամանակ կողմնակի կատակներով ու բամբասանքներով։ Թաղը ինքնին իբրեւ տարածք գործուն ներկայութիւն կ՚ունենար, երբ մէկ թաղ վար՝ Նոր Մարաշ, անցնիլս պէտք ըլլար, որովհետեւ հարկ էր ուշադրութեամբ հատէի եռուզեռով լեցուն պողոտան։ Եւ քանի որ ոստիկանն ու ազդալոյսերը գոյութիւն չունէին հոն, ինքնաշարժները ընդհանրապէս աւելորդ ուշադրութիւն չէին դարձներ անցորդներուն։ Այդ պատճառներէն մէկն էր, որ ծնողքս չէր արտօներ առանց չափահասի ընկերակցութեամբ անցնիլս այդ պողոտան։
Ամրան տաք յետմիջօրէի մը, հայրս ինծի ապսպրեց «մէկ քիլօ նուշ» բերել մեր թաղէն եւ Նոր Մարաշ անցնիլ միայն հոնկէ չգտնելուս պարագային։ Այդ օր փափաքս իրականացաւ եւ առջեւս առիթ բացուեցաւ առանձինս կտրելու 9 տարեկան փոքր հասակիս համար այլապէս արգիլուած պողոտան։ Խանդավառութեամբ մտայ առաջին խանութը եւ, նկատելով, որ ոչ ոք հայերէն կը խօսէր վաճառորդին հետ, պարզապէս ըսի՝ «Պատտի քիլօ նուշ» (արաբերէն՝ մէկ քիլօ նուշ կ՚ուզեմ)՝ առանց գիտնալու նուշին արաբերէն չըլլալը։ Խանութպանը, ոչ իսկ քմծիծաղը զսպել փորձելու, ցոյց տուաւ մայթին կէսը գրաւած խսիրէ տոպրակները եւ հարցուց՝ «ո՞ր մէկը», իսկ ես՝ նոյնիսկ նուշին ինչ ըլլալը չգիտցած, կը կրկնէի՝ «նուշ, նուշ»՝ յուսալով, որ քանի մը անգամ ըսելս յանկարծ լուսաբանէր ուզուածը։ Ի վերջոյ, մեր խօսակցութեան լսողաց յաճախորդուհի մը, նոյնպէս քահ-քահը չթաքցնելով, ըսաւ՝ «լոզ, պատտա լոզ» (ուզածը նուշ է) եւ պարկէն նուշ մը վերցնելով՝ գրեթէ չունեցած ակռաներով կտրեց հատիկը ու լափեց։
Մէկ հատիկ նուշին այդ կոկորդէն իջնելուն նման ես ալ անցայ գետնին տակ։ Ինքնզինքս գտայ միջավայրի մը մէջ, ուր խանութպանին ծիծաղը խանգարեց էութիւնս։ Այս դէպքէն ետք, այդ մեծ պողոտան կտրելը կորսնցուց իր հմայքը։ Ինքզինքս օտար զգացի այդ վայրին մէջ՝ նոյնիսկ արագ-արագ անցնելով այդ խանութին առջեւէն, որպէսզի յանկարծ խանութպանը չյիշէր զիս եւ պատահարը։ Վայրին յառաջացուցած ամօթի զգացումը դարձաւ մարմինիս ու ինքնազգացողութեանս վերահսկողութեան միջոց, այլ խօսքով, տարածքը իր իշխանութիւնը պարտադրեց մարմինիս վրայ։ Մէկ քիլօ նուշի պարզ գնումը դարձաւ կեանքիս այն անկիւնադարձը, որ ինքնութեանս հասկացողութիւնը առաջին անգամ տարածքի ընդմէջէն դրսեւորեց։ Ան բացայայտեց, որ ինքնութիւնը ոչ միայն մեր ո՛վ, այլեւ՝ ուր ըլլալն է։
Տարիներ անց, այդ պողոտան փոխարինուեցաւ կամուրջով մը, որ պատճառ դարձաւ կարգ մը շէնքերու փլուզման կամ կիսաքանդումին։ Շատ մը ընտանիքներ եւ վաճարականներ տեղահան եղան իրենց տուներէն կամ խանութներէն։ Փոխուեցաւ շրջանին դիմագիծը, մոռացութեան ենթարկուեցան նաեւ շուրջի թաղամասերու հայկական անուանումները։ Օրինակ, կամուրջին շինութեան հետեւանքով քայքայուեցաւ «Պօղոս Արիս» շրջանը. Պօղոս Արիս կաթոլիկ կղերական հայր Պօղոս ծ. վրդ. Արիսն է, որ մեծ աշխատանք տարած է հայ որբերու հաւաքին եւ ոչ միայն։ Մինչ ես, կը շարունակեմ թաղերս կոչել իրենց հայկական անուններով եւ գնումներս կատարել հայերէն լեզուով,– թէկուզ, որ դիմացինս հայերէնի չի տիրապետեր, — տարածքը կը շարունակէ մարմինիս վրայ պարտադրել իր իշխանութիւնը, որ կը ստիպէ ինծի բանակցութեան մէջ մտնել թաղս հետս կիսողներուն հետ։
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ
(Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 6 նոյեմբեր 2025-ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)
Parrhesia Collective-ը կանանց միջազգային խումբ մըն է, որ բաղկացած է արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ աքթիվիստներէ, որոնք կ՚աշխատին լուսանկարչութեան, պարի, շարժանկարի, ընկերաբանութեան, գրականութեան և պատմութեան ոլորտներու մէջ, եւ իր գործունէութիւնը կ՚իրականցնէ ընկերային ցանցերու միջոցով։








Ուրբաթ, 7 նոյեմբերին, «ԳՈՀԱՐ» ցուցասրահը իր յարկին տակ հիւրընկալեց բացառիկ մշակութային ձեռնարկ մը՝ նուիրուած երկու պատմական արժէք ունեցող գրքոյկներու վերահրատարակութեան. «Ձեռաց Տետրակ Հայ Գեղջուկ Համերգի՝ ղեկավարութեամբ Կոմիտաս Վարդապետի» եւ Յովհաննէս Թումանեանի «Փնջիկ» երգարանը՝ նախաձեռնութեամբ սրտաբան եւ բանաստեղծ տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի, որ հաւատքով, նուիրումով եւ նիւթական զոհողութեամբ կը փորձէ կենսաւորել հայ մշակոյթի մոռցուած էջերը։
Ապա խօսք առաւ տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց գրքոյկները եւ Կոմիտա վարդապետն ու Յովհաննէս Թումանեանը: Տոքթ. Այնթապլեան նշեց որ Թումանեան գիւղացի տէրտէրի մը զաւակն էր, որ հետագային դարձաւ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»: Ան ոչ միայն մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկն է, նաեւ ազգային եւ հասրակական գործիչ: Կոմիտաս թրքախօս որբ մանչ մըն էր, որ պատահմամբ տարուեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, ուր ուսանեցաւ եւ ուր յայտնաբերուեցաւ իր երաժշտական տաղանդը, զոր կատարելագործեց Պերլինի մէջ: Հայ ժողովուրդ երկու հպարտութիւնները, որոնք ծառայեցին իրենց ժողովուրդին, նպաստեցին անոր մշակոյթին զարգացման եւ վերելքին:



Երբ Ղուկաս կը վերադառնայ գիշերանոցով, բոպիկ, ձեռքին հին հովանոց մը եւ դատարկ ճամպրուկ մը, կը պարզուի, որ իր բացակայութիւնը խորքին մէջ աւելի փախուստ մըն էր ոչ թէ տունէն, այլ՝ ներկայի ցաւոտ իրականութենէն։ Ան կը խօսի մանկութեան հեքիաթի մը մասին՝ անոտք թռչունին, թռչուն մը որ ոտք չունի եւ կը պտըտի երկինքին մէջ՝ առանց երբե՛ք իջնելու։ Այդ պատկերով կը բացատրուի ամբողջ թատերախաղին ներքին հանգոյցը․ մարդը որ սկսած է մոռնալ, դադրած է պատկանելէ այս աշխարհին, բայց դեռ կը սիրէ… Սալբին՝ կինը անմոռաց յուշարար է անկեղծ սիրոյ:
Առաջին վայրկեանէն հանդիսատեսը կը թափանցէ Ղուկասի դիւրաբեկ իրականութեան մէջ։ Յիշողութեան կորուստէ տառապող Ղուկասը կը ճեմէ իր ներքին աշխարհին եւ արտաքին իրականութեան միջեւ։ Հայզաւակ Լեփեճեան կը փոխանցէ Ղուկասին դիւրաբեկութիւնը՝ լուռ եւ չափաւոր խաղարկութեամբ, առանց կեղծ զգացականութեան։ Հայզաւակ Լեփեճեան նաեւ լռութեան ձայնը կը փոխանցէ։ Վրիպող հայացքները եւ վարանոտ, թարթող ժպիտները կը դրսեւորեն ալզհայմըր հիւանդութեան աստիճանական եւ անկասելի զարգացումը։ Թէեւ պատմութիւնը առաւելաբար ծանր է, ծիծաղը բնական կերպով մուտք կը գործէ բեմ։ Նոյնիսկ Ղուկասին տրամադրութեան յանկարծակի փոփոխութիւնները եւ որոշ թիւրիմացութիւններ՝ ծիծաղ կը յարուցեն, որ սակայն ինքնանպատակ չէ․ ան ներկայ է, որովհետեւ կեանքին մէջ նոյնքա՛ն կարելի է ծիծաղիլ, որքա՛ն տխրիլ։
Երբ Աստղիկ՝ Ճէսի Նաճարեան Պէրպէրեան, վերջապէս կը խօսի ճշմարտութիւնը, հանդիսատեսը կը մնայ սառած անոր արտայայտած պարզ ճշմարտութեան առջեւ։ Այդ պահուն հանդիսատեսը կը գիտակցի, որ թէեւ զաւակները մտահոգ են միայն ժառանգով, որովհետեւ իրենց հայրը զայն կտակած էր կենդանիներու, կը փորձէին համոզել մեզ, թէ իրենք նաեւ լաւ զաւակներ են։
Երբեք չէ պատահած, որ քրիստոնէական արժէքներու ու հայ ազգի ինքնութեան այդ պահապանները դէմ խօսին կենցաղային ռապիսին, ճարպակալած անամօթութեան, ռուսական gangster երգերուն, քրէական ֆիլմաշարերուն, կամ ալ հերթական կիսամերկ հայուհիին, որ շատ արագ կը դառնայ դերասանուհի-երգչուհի։ Կամ ըսենք նոյն ոգեւորութեամբ անոնք պայքարին Մարվըլի նկարահանած Թոր աստուծոյ կերպարին դէմ, ինչպէս Անահիտին։ Փաստօրէն ի՞նչ կը ստացուի․ Աստուած ֆինլանտական ռոքը չ’ընդունիր, բայց ռուսական աւազակախումերու (gangster) երգերուն դէմ ոչինչ ունի, կամ ալ անգրագիտութիւն արտայայտող «սիրեմ, համՓյուրեմ»-ը լրիւ քրիստոնէական է։
Կիրակի առաւօտներու մեր սովորութիւնը երկար տարիներէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած…քալել բնութեան մէջ։ Քիչ մը մաքուր օդ կը շնչես, քիչ մըն ալ կը կազդուրուիս շաբթուան տաղտուկներէն եւ «կ՛ընկղմիս» բնութեան գիրկը։ Առաւօտեան արեւուն թեթեւ ջերմութիւնն ու թարմ օդը նոր թափ մը կը հաղորդեն զգացումներուդ եւ լաւատեսութեան ու գոհունակութեան ծիլեր կ՛արձակեն մտքիդ մէջ։ Գեղեցիկ մտածումներու շարք մը՝ պատահական անցորդներու պէս կ՛անցնի միտքիդ առջեւէն։ Կը խորհրդածես եւ կ՛ըմբոշխնես բնութեան գրաւչութիւնը, որ հոգիիդ խաղաղութիւն կը պարգեւէ եւ կը լիանաս բնութեան յատուկ երաժշտութեամբ, որուն կը միանայ ներքին ձայնդ եւ հոգեպարար համերգ մը կը ստեղծուի։