Featured - Page 4

Կրթութեան «զօրակոչ»՝ որքանո՞վ համարկուած ենք թուային արհեստագիտութեանց

Փրոֆ Արա Սայեղ

Կրթութեան զօրակոչի առջեւ կանգնած են մեր աւանդական ուսումնակրթական համակարգերը  վերաձեւաւորելու մարտահրաւէրի հրամայականով՝ թուային արհեստագիտութիւններու անհակակշիռ զարգացող  միջավայրին մէջ։ Մենք կը կրթենք սերունդներ՝ յարափոփոխ աշխարհի մը համար, ուր արհեստական բանականութեան (AI) անկաշկանդ յառաջընթացը արմատապէս կը վերաձեւաւորէ ուսումի, աշխատանքի եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու կառուցուածքի բնոյթը։ 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակի սեմին, վերաձեւաւորելու մարտահրաւէրը կրթական ասպարէզին մէջ գործողներս կը հարկաւորէ նոր տեսլականով վերարժեւորելու թուային արհեստագիտութիւններու համարկումը կրթական կառոյցին մէջ ։

 Արդեօ՞ք ուսումնակրթական հաստատութիւնները՝ դպրոցներ եւ բարձրագոյն ուսման կառոյցներ իրենց աւանդական ուսումնադաստիարակչական միօրինակ մօտեցումներով, կաղապարուած ծրագիրներով ի վիճակի են ապահովելու յաջորդ սերունդներու կրթական եւ մասնագիտական պատրաստուածութիւնը։ Համահունչ ե՞ն լուսաւորութեան արդի կողմնորոշումներուն, կը յարմարի՞ն թուային արհեստագիտութիւններու համակարգի (այսույետեւ՝ ԹԱՀ) խելայեղ ընդլայնումին ու նուաճումներու հոլովոյթին [1]։

Արդեօ՞ք ուսումնակրթական հաստատութիւնները կրնան ուսանողները վերազինել ԹԱՀ-ի համապատասխան կարողութիւններով, որոնք անհրաժեշտ են ո՛չ միայն ներկայի, այլեւ ապագայ աշխատաշուկայի փոփոխուող պահանջներուն յարմարելու համար: Ինչպիսի՞  կրթական կառոյցի հեռանկար կարելի է կանխատեսել: Ինչպէ՞ս կարելի է վերարժեւորել ուսման կազմակերպումը՝ կրթութեան եւ մեքենայի միջեւ ձեւաւորուող փոխյարաբերութիւնը։

Ուսումնակրթական համակարգի հրամայականը՝ վերաձեւաւորում

Ցարդ ի՞նչ փոփոխուած է կրթական համակարգին մէջ, ինչո՞ւ աւանդական ուսումնակրթական մօտեցումները չեն կրնար համընթաց զարգանալ ԹԱՀ-ի եւ ԱԲ անկառավարելի եւ խորապէս նորարարական զարգացումներուն հետ։ Սա պարզապէս թուայնացում չէ, այլ մարդկային բանականութեան եւ մեքենայական համակարգերու միջեւ դերերու վերաբաշխում է։ Մեքենաները կը ստանձնեն տեղեկատւութեան, վերլուծութեան գործողութիւնները, մինչ մարդը կը պահէ քննադատական մտածողութեան, ստեղծագործութեան եւ բարոյական ճշգրիտ որոշումներ կայացնելու ճարտարապետի առանցքային իր դերը։ Այսպիսով, կը ձեւաւորուի փոխլրացնող համագործակցութեան նոր նմուշ մը, ուր մարդն ու մեքենան չեն դիտուիր որպէս իրարու փոխարինողներ, այլ՝ փոխադարձաբար լրացնող կառուցակարգեր։ Այս համագործակցութիւնը ո՛չ միայն կ’ընդլայնէ կրթական եւ մասնագիտական գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը, այլեւ կը նպաստէ մարդկային կանխատեսելի սխալներու նուազեցման։ Աւանդական ուսումնակրթական համակարգերը կը գտնուին լուրջ մարտահրաւէրի ճնշման տակ։ Անոնք կառուցուած են դանդաղ փոփոխուող միջավայրի համար, մինչդեռ (ԹԱՀ)-ը ունի թռիչքաձեւ զարգացումի (exponential growth) բնոյթ։

Հասկնալի է, որ ուսումնակրթական ծրագիրներու բովանդակութիւնը (syllabus, course sheet), կը թարմացուի երբեմն տարիներու ընթացքին, մինչդեռ  տեղեկատւական եւ հաղորդակցական արհեստագիտութիւնները (IT), ԹԱՀ-ը կը զարգանան արագաշարժ ու ճկուն՝ ամիսներու վրայ չափուող շրջափուլով (cycle): 

Ծրագիրներու բովանդակութեան եւ յիշուած արհեստագիտութիւններու զարգացման անհամաչափութիւնը ո՛չ թէ ուսումնակրթական ծրագիրներու թոյլ կառավարման հետեւանք է, այլ ուսումնակրթական համակարգերու զարգացման դանդաղ ռիթմին եւ նշուած  արհեստագիտութիւններու  նորարարութեան դիւրափոխութեան միջեւ։  

Աւանդական ուսումնակրթական կառոյցները մշտափոփոխ ուժընթացի (dynamics) հոսքի մէջ չեն, որուն պատճառով ուսանողի մը ձեռք բերած գիտելիքը կրնայ հնանալ նոյնիսկ իր ուսման տարիներու ընթացքին, ինչ որ նոյնիքն ուսանողը կը պարտաւորեցնէ հետեւելու յաւելեալ որակաւորման դասընթացքներու, որպէսզի իր տեղը գտնէ աշխատաշուկային մէջ։ Հետեւաբար, աւանդական ուսումնակրթութեան բնոյթի վերաձեւաւորումը գերհրամայական անհրաժեշտութիւն է, որ անհաճոյ բայց յանդուգն հարցադրում մը կը յառաջացնէ՝ «ինչո՞ւ սորվիլ», փոխանակ հարց տալու թէ «ինչպէ՞ս սորվիլ» եւ «ի՞նչ սորվիլ»:

Մարդառոպոթ ուսուցիչներ՝ կրթութեան նոր յարացո՞յց

Պատմականօրէն՝ ուսուցիչը ընկալուած է որպէս գիտելիքներու հիմնական պահապան՝ «շարժական գրադարան»ի տիպարով, մինչ արդի կրթական միջավայրին մէջ անոր վերապահուած է աւելի ընդլայնուած դերակատարութիւն մը, որ կը բնութագրուի որպէս ուղղորդող եւ երբեմն ուսումնական գործընթացի միջնորդ։ Կրթութեան արժէքը այլեւս չի սահմանափակուիր տեղեկութեան փոխանցումով, այլ կը վերաբերի ստուգուած եւ օգտակար տեղեկութիւնը քննադատական ու վերլուծական մտածողութեամբ գնահատելու, զայն ուղղորդելու եւ նպատակային ու հեռանկարային կերպով կիրառելու կարողութեան։ Ուստի, կրթութեան առաւելութիւնը այլեւս միայն գիտելիքներ ունենալը չէ, այլ՝ նպատակադրուած եւ ծրագրուած հարցադրումներ ձեւակերպելու, արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու եւ ստուգուած տեղեկութիւնները ռազմավարական նպատակներու ծառայեցնելու հմտութիւններով։

Աստիճանաբար մարդառոպոթները մեզ կը շրջապատեն օրէ օր, կրթական նոր միջավայրի մը ընթացք տալով։ ԱԲ կառոյցով մարդառոպոթները սկսած են լայնօրէն օգտագործուիլ ուսումնակրթական զանազան կառոյցներու մէջ, ներկայիս անոնք կարեւոր բաժին մը ստանցնած են լեզուաբանութեան, տնտեսագիտութեան, բժշկութեան, մանկավարժութեան, իրաւագիտութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ, օգնելով բազմալեզու թարգմանութեան, վերլուծութեան, խորհրդատուութեան, քննութիւններու ստուգման, անհատական ուսուցման կազմակերպումի եւ այլն, այս գործընթացը արդէն կը կատարուի ու կը զարգանայ։ Հաւանական է, որ շատ մօտ ապագային «մարդառոպոթ ուսուցիչները» բազմանան ծառայելու որպէս բազմաշերտ աւելի համակարգուած հմտութիւններով իբրեւ մասնագիտացած ակադեմական օգնականներ, առանց ամբողջովին փոխարինելու մարդը։

Արհեստագիտութեան եւ կրթական շրջափուլերու անհամընթացութիւն

Պատկերացնենք ուսանող մը, որ իր ուսումը սկսած է 2018 թուականին՝ ԱԲ-ի (generative AI) լայն տարածումէն առաջ։ Չորս տարուան ընթացքին ի յայտ եկան ԹԱՀ-ի եւ ծրագիրներու նոր մոտելներ, որոնք կրցան իրագործել ծրագրաւորման, փորձարկման, փաստաթղթաւորման եւ սխալներու ուղղման գործառոյթներ՝ յաճախ գերազանցելով միջին մակարդակի մասնագէտներու կարողութիւնները, որուն հետեւանքով աշխատաշուկան արմատապէս փոխեց իր պահանջները։ Միեւնոյն ժամանակ, այդ ուսանողի ուսումնական ծրագիրը գիտելիքի ենթարկուածութիւն մը կը յուշեր, ձեւաւորուած էր ԹԱՀ-ի արագ  զարգացումներէն առաջ, հետեւաբար չէր կրնար համահունչ ընդանալ արհեստագիտական սրընթաց հոսքի դրոյթին:

Մենք արդէն ականատես ենք «կրթական խզման» (educational gap) երեւոյթին, որ տեղ գտած է ուսումնակրթական եւ մասնագիտական գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Եւ սա հաստատուած է  2024–2025 թուականներու միջազգային հետազօտական զեկոյցներով։ Հետեւաբար, խնդիրը այն է, որ ուսումնակրթական հաստատութիւնները կազմաւորուած էին աւելի դանդաղ եւ կանխատեսելի փոփոխութիւններու պայմաններուն յարմարելու նպատակով, մինչդեռ այսօր ԹԱՀ-ը սրընթաց զարգացում կ’ապրին եւ կը ձեւաւորեն ուսումնական բարդ համակարգեր, որոնց պայմաններուն մէջ աւանդական մօտեցումները այլեւս անկարող են լիարժէք կերպով բաւարարելու արդի ուսումնակրթական մերօրեայ կարիքները։

ԹԱՀ-ի ժամանակակից զարգացումը խորապէս կը վերափոխէ կրթութեան եւ գիտելիքի աւանդական ըմբռնումները։ Կրթութեան առաքելութիւնը կը վերասահմանուի մարդու քննադատական մտածողութեան ինքնուրոյնութեամբ, իմացաբանական խորաթափանցութեամբ եւ իմաստաստեղծ կարողութեան համակարգուած զարգացումով, ԱԲ-ի դարաշրջանին մէջ աւելի կենսական կը դառնայ մարդկային արժէքաբանական գիտակցութիւնն ու բնորոշող  դատողութեան խորացումը։

Գիտելիք թէ՞ կարողութիւն կրթութեան երկբեւեռութիւնը

Կրթութեան ոլորտին մէջ OECD-ը կը հետազօտէ, թէ ինչպէս կարելի է կրթական համակարգերը համապատասխանեցնել ժամանակակից աշխարհի արագ փոփոխուող կարիքներուն [2] ։ OECD-ն իր 2025 թուականի զեկոյցին մէջ կը ներկայացնէ մտահոգիչ եզրակացութիւն մը՝ ընդգծելով, որ աւանդական կրթութեան մակարդակի աճը ինքնաբերաբար չի վերածուիր հիմնարար հմտութիւններու զարգացման։ Այլ խօսքով, մեծ թիւով վկայականներ կը տրուին, սակայն սահմանափակ թիւերով շրջանաւարտները աշխատաշուկայ կը մտնեն, որոնք օժտուած են ԹԱՀ-ի գերազանց հմտութիւններով, կարողութիւններով։

Ժամանակակից կրթութիւնը կը գերազանցէ գիտելիքի վերարտադրութիւնը՝ առաջնահերթ համարելով ստեղծագործական, վերլուծական եւ քննադատական մտածողութիւնը, երեւակայութեան եւ նորարար մտայղացումներու, լուծումներու զարգացումը։ Ապագայի կրթութիւնը կը դիտարկուի որպէս միջգիտակարգային (interdisciplinary) եւ բազմագիտակարգային (multidisciplinary) համագործակցութեան հարթակ, որ կը նպաստէ բեկումնային հետազօտութիւններու։

Ըստ համաշխարհային տնտեսական համաժողովի (WEF) 2025 թուականի զեկոյցին, գործատուներուն 81%-ը կը նախատեսէ մինչեւ 2030 թուական թեկնածուները գնահատել նախ եւ առաջ ըստ իրենց մասնագիտական փորձառութեան, ԹԱՀ-ի հմտութիւններուն, ատակութիւններուն եւ ո՛չ միայն վկայականներու հիման վրայ։

Թէեւ կրթական համակարգերը հետամուտ են ու ճիգ չեն խնայեր կրթութեան արդի արհեստագիտութիւններու հասանելիութիւնը ընդլայնելու, սակայն միշտ չէ, որ կրնան այդ գիտելիքներու գործնական կիրառումը ապահովելու աշխատաշուկայի համապատասխանութեամբ։ Հետեւաբար, խնդիրը քանակական չէ, այլ՝ որակական բնոյթով կը յատկանշուի՝ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս կը սորվեցնենք եւ ի՞նչ կը պահանջէ առկայ իրավիճակը։

Վերջաբանի փոխարէն՝ խոհի կոչ

Ժամանակակից ԹԱՀ-ի նուաճումներու շրջապատին մէջ կրթութիւնը կը գտնուի խորքային վերաձեւաւորման շեմի հրամայականին առջեւ։ Մենք կը կրթենք գալիք շրջանի մը համար, որ տակաւին կը ձեւաւորուի, մասնաւորաբար ԱԲ-ի արագ զարգացումով, որ գլխավորաբար կը փոխէ ո՛չ միայն գիտելիքի բնոյթը, այլեւ կրթութեան իմաստը, դերն ու ուղղութիւնը։

Այս իրողութիւնը մեզ կը մղէ մտածելու, թէ ինչպէ՞ս կրթութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը միջավայրի մը մէջ, ուր տեղեկութիւնները բոլորիս հասանելի են ակնթարթի մէջ, իսկ փոփոխութիւնները տեղի կ՛ունենան անկանխատեսելի բարեփոխումներով, որոնք կարելի է բաժնել՝ 

Ա- Կրթական համակարգին առջեւ

  • Հնարաւո՞ր է, որ կրթական համակարգերը աստիճանաբար հեռանան գիտելիքի փոխանցման մօտեցումներէն եւ աւելի մօտենան վերլուծութեան եւ գործնական կիրառութեան վրայ հիմնուած մոտելներու։
  • Կարելի՞ է պատկերացնել աւելի ճկուն եւ շարունակաբար թարմացուող ուսումնական ծրագիրներ, որոնք աւելի արագ արձագանգեն ԹԱՀ-ի զարգացումներուն եւ աշխատաշուկայի փոփոխուող պահանջներուն։
  • Արդեօ՞ք նախագծային ուսուցումը, եւ բազմագիտակարգային (multidisciplinary) մօտեցումները կարող են աւելի կենսունակ ուղիներ դառնալու համակարգային մտածողութեան եւ բազմաբաղադրիչ խնդիրներու լուծման ելքեր գտնելու համար։
  • Ի՞նչպէս կրթութիւնը կրնայ վերարժեւորել իր հասունութիւնը աշխատաշուկայի հետ, որպէսզի վկայականը միայն գիտելիքի ցուցանիշ մը, ապացոյց եւ որոշիչ եզր չըլլայ, այլ նաեւ հմտութիւններու, մտային որակի, փորձառութեան, յարմարունակութեան եւ գործելու կարողութեան արտայայտութիւն։

Բ- Ուսուցիչին առջեւ

  • Ի՞նչպէս կրնայ ուսուցիչը պահպանել իր առանցքային դերը այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր տեղեկատւութիւնը այլեւս միայն դասարանէն չի փոխանցուիր, այլ հասանելի է բազմաթիւ ԹԱՀ-ի աղբիւրներէ։
  • Կարելի՞ է ուսուցիչը դիտարկել ո՛չ միայն որպէս գիտելիք փոխանցող, այլ նաեւ որպէս ուղղորդող, քննադատական մտածողութիւնը զարգացնող եւ ստեղծագործական բազմաշերտ հմտութիւններով օժտուած դերակատար։
  • Ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ ուսուցիչներու շարունակական վերապատրաստումը եւ թուային արհեստագիտութիւններու տիրապետումը կրթական գործընթացի որակը արդիականացնելու եւ կատարելագործելու։
  • Խորապէս կառուցողական է ԹԱՀ-ը օգտագործել ո՛չ թէ որպէս պարզ կամ յաւելեալ ընտրութիւն, այլ՝ թէական, որպէս արժանահաւատ կրթական գործընկեր։ Հարկ է շեշտել, որ կրթական գործընթացին արդիւնաւէտութիւնը զգալիօրէն կախեալ է ուսուցիչին՝ ԹԱՀ-ի, ԱԲ-ի հասուն ու իրազէկ հմտութիւններէն, որպէս առանցքային ընտրութիւն՝ հասկնալու, կիրառելու, զատորոշելու, ընտրելու, ուղղորդելու եւ մանկավարժական նպատակներով արժեւորելու կարողութենէն։ Այս իմաստով, ԹԱՀ-ի գրագիտութիւնը պէտք չէ դիտուի սոսկ որպէս արհեստագիտական լրացուցիչ հմտութիւն, այլ՝ որպէս մանկավարժական եւ հաղորդակցական փոխազդեցիկ միջավայր, որ կը վերաձեւաւորէ ուսուցման գործընթացը։ Մանաւանդ, որ ուսանողութիւնը այսօր ո՛չ միայն ԱԲ պայմանաւորուած միջավայրի գործօն մասնակիցներէ կը բաղկանայ, այլեւ ԹԱՀ-ի մէջ հասակ առնող, արդի հաղորդակցութեան վարժ եւ գիտելիքի ընկալումը ձեւաւորող ունակ սերունդ մըն է։

Գ- Ուսանողի առջեւ

  • Արդեօ՞ք ապագայի ուսանողը պիտի բաւարարուի միայն տեղեկութիւններ իմանալով, թէ՞ աւելի կարեւոր պիտի դառնան հասկնալու, հարցադրելու, քննական ու գիտավերլուծութեամբ վերարտադրելու կուտակած իր գիտական հմտութիւնները։
  • Ինչպիսի՞ արժէք պիտի ունենայ գիտելիքը այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր տեղեկութիւնը հասանելի է ակնթարթօրէն եւ ԱԲ-ը կարող է ակնթարթօրէն պատասխաններ տրամադրելու, բայց միշտ ալ կարելի չէ ԱԲ-ի պատասխաններն ու լուծումները ընդունիլ որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն։
  • Հնարաւո՞ր է, որ ապագայի ուսանողը վերաձեւաւորուի որպէս ստեղծագործող ինքնուրոյն, արհեստագիտութիւններու յարմարունակ, հմտութիւններով զինուած ճարտար անհատ, քան որպէս միայն պատրաստ գիտելիքներու ամբարողն ու սպառողը։

Մենք չենք կրթեր միայն այսօրուան աշխարհի համար, այլ՝ այն վաղուան, որ դեռ կը կերտուի մեր աչքերուն առջեւ՝ ԹԱՀ-ի եւ ԱԲ աննախադէպ եւ ուժգին թափով զարգացումներու նոր իրականութեամբ։ Կը համոզուինք, որ ուսումնակրթական համակարգը ռազմավարական մտածողութեան հիմնարար դարբնոցն է, մտաւոր ձեւաւորման առաջնային տարածքն է, մեր ապագայ սերունդներուն հետ կամրջող ու խորամիտ մարդ տիպարը ձեւաւորող հիմնական հենքը։ Այս իմաստով, ապագայի կրթութեան առանցքային խնդիրը այլեւս չի սահմանափակուիր «ի՞նչ» եւ «ի՞նչպէս» սորվեցնելու հարցադրումներով, այլ կ’առնչուի աւելի խորքային եւ քաղաքակրթական նշանակութիւն ունեցող հարցի՝ «ապագայատեսիլ ինչպիսի՞ մարդ ձեւաւորել»։

 

Մեքենան կրնա՞յ փոխարինել մարդկային գիտակցութիւնը

Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ-AI) նկատմամբ խանդավառութիւն կը տիրէ ամէնուր։ Մեքենաները այսօր կրնան գրել, նկարներ եւ երաժշտութիւն ստեղծել, լեզուներ թարգմանել, նոյնիսկ մարդուն նման խօսիլ։ Շատեր արդէն վստահ են, թէ ԱԻ-ի միջոցով մարդկային գիտակցութեան ստեղծումը պարզապէս ժամանակի հարց է։ Ըստ այս պատկերացումին, եթէ հաշուարկային ուժը, տեղեկութիւններու ծաւալը եւ ալկորիթմները բաւական զարգանան, մեքենան օր մը անխուսափելիօրէն պիտի «արթննայ»։ Ինքզինք պարտադրող հարցումը հետեւեալն է. իսկապէ՞ս կարելի է մեքենաներով գիտակցութիւն ստեղծել:

Վերջերս, այս մասին կը զրուցէինք Գանատա բնակող յարգելի բարեկամի մը հետ, որ միաժամանակ արուեստական իմացականութեան դասախօս է, ան յանձնարարեց սերտել անգլիացի բնագէտ եւ ուսողագէտ, բնագիտութեան նոպէլեան մրցանակակիր (2020) Ռոճըր Փենրոզի մտածումները։

Փենրոզի համաձայն, մարդկային գիտակցութիւնը հիմնականօրէն ոչ-հաշուողական է եւ չի կրնար վերարտադրուիլ կամ պատճենուիլ աւանդական արուեստական իմացականութեան կողմէ։ Պարզ ասած, Փենրոզ կը պնդէ, որ մարդկային ուղեղը համակարգիչ չէ, բայց ժամանակակից աշխարհը սկսած է զայն պատկերացնել որպէս տեղեկութիւն մշակող կենսաբանական մեքենայ մը։ Այս մտածողութեան համաձայն, մարդուն եւ մեքենային միջեւ տարբերութիւնը խորքին մէջ քանակական է․ աւելի արագ հաշուարկ, աւելի մեծ յիշողութիւն, աւելի բարդ ալկորիթմներ։ Սակայն եթէ մարդը պարզապէս բարդ համակարգ մըն է, ապա տրամաբանական պիտի թուէր, թէ օր մը մեքենան ալ պիտի կարենայ կրկնել նոյն գործընթացը։ Ահա այստեղ է, որ Փենրոզի պնդումը կը դառնայ կարեւոր։

Փենրոզ կը հաւատայ, որ մարդկային գիտակցութիւնը աւելի խոր է, քան հաշուարկը։ Ըստ անոր, մարդը երբեմն կրնայ «տեսնել» ճշմարտութիւններ, որոնք պարզ տրամաբանական կանոններով չեն բացատրուիր։ Ան իր այս տեսակէտը կը կապէ Կէօտըլի նշանաւոր ուսողական տեսութեան հետ, թէ ոչ մէկ տրամաբանական համակարգ կրնայ ամբողջովին բացատրել ինքզինք։ Ուսողագէտ եւ տրամաբանագէտ Քըրթ Կէօտըլ այս գաղափարը առաջադրած է իր 1931-ի կոթողային աշխատութեան մէջ («Principia Mathematica-ի եւ յարակից համակարգերու պաշտօնապէս անորոշելի դրոյթներու մասին»), որ աշխարհին ծանօթ է որպէս «Անամբողջականութեան թէորէմներ» (Incompleteness Theorems)։ Ասոնք ցոյց կու տան, թէ միշտ գոյութիւն պիտի ունենան ճշմարտութիւններ, զորս համակարգը չի կրնար ապացուցել՝ հիմնուելով իր սեփական կանոններուն վրայ։ Փենրոզ այս գաղափարէն կը հետեւցնէ, թէ մարդը երբեմն կրնայ ըմբռնել այնպիսի ճշմարտութիւններ, որոնք ալկորիթմական համակարգերը չեն կրնար ամբողջովին ընդգրկել։

Այս մտածողութիւնը զինք կը հասցնէ աւելի համարձակ տեսութեան մը, թէ գիտակցութիւնը կրնայ կապ ունենալ ուղեղին մէջ տեղի ունեցող քուանթմային (ենթակորիզային մակարդակի) գործընթացներու (Quantum processes) հետ։ Այլ խօսքով՝ մարդուն գիտակցութիւնը կրնայ ծնիլ բնութեան այն խոր մակարդակէն, որուն ժամանակակից համակարգիչները ընդհանրապէս չեն մասնակցիր։ Այս պատճառով Փենրոզ չի հաւատար, թէ այսօրուան կամ նոյնիսկ ապագայի արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) պիտի կարենայ իսկապէս «զգալ» կամ գիտակից դառնալ։ Մեքենան կրնայ ընդօրինակել մարդը, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, թէ ան ներքին փորձառութիւն ունի։

Եւ ահա հոս կը գտնուի ամենէն կարեւոր տարբերութիւններէն մէկը․ ընդօրինակումը եւ գոյութիւնը նոյն բանը չեն։ Արուեստական իմացականութիւնը այսօր կրնայ տպաւորիչ կերպով նմանիլ մարդուն. ան կրնայ ցաւի մասին գրել, սիրոյ մասին խօսիլ, մահուան մասին խորհիլ։ Բայց հարցումը աւելի խոր է․ արդեօք մեքենան իրապէ՞ս կը զգայ այդ բոլորը, թէ՞ պարզապէս լեզուական ձեւերու հսկայ կրկնութիւն մըն է։

Այս հարցումը միայն արհեստագիտական չէ։ Ան գոյաբանական հարց է նաեւ։ Որովհետեւ գիտակցութիւնը պարզ տեղեկութիւն մշակելու գործընթացի վերածելը վտանգաւոր չափով աղքատացնող մօտեցում կրնայ դառնալ։ Մարդը միայն մտածող մեքենայ չէ։ Ան ներկայութի՛ւն է։ Ապրուած փորձառութի՛ւն է։ Ցաւի ներքին զգացո՛ւմ է։ Վա՛խ է։ Յիշողութի՛ւն է։ Լռութեան մէջ սեփական գոյութիւնը զգալու կարողութի՛ւն է։ Այս բոլոր փորձառութիւնները դժուար է վերածել զուտ հաշուարկային գործողութիւններու։

ԱԻ-ի գործածած ալկորիթմը կանոն է։ Հերթականութիւն է։ Նախատեսելի ընթացք է։ Իսկ մարդկային գիտակցութիւնը շատ անգամ աննախատեսելի է։ Մարդը կրնայ ամբողջովին անտրամաբանական որոշում տալ, բայց այդ որոշումը տակաւին խորապէս մարդկային կը մնայ։ Սէրը տրամաբանական չէ։ Սուգը արդիւնաւէտ չէ։ Կարօտը օգտակար չէ։ Արուեստը միշտ գործնական նպատակ չունի։ Բայց այս բոլորն են, որ մարդը մարդ կը դարձնեն։

Ժամանակակից աշխարհը, սակայն, կարծես օրէ օր աւելի մեծ վստահութեամբ կը սկսի հաւատալ, թէ «մարդութիւնը» վերջապէս լուծուած խնդիր մըն է։ Մենք սկսած ենք ամէն բան չափել արագութեամբ, արդիւնաւէտութեամբ եւ տեղեկութիւն մշակելու կարողութեամբ։ Այս պատճառով ալ հասարակութիւնը կամաց-կամաց կը սկսի նաեւ մարդոց հետ վարուիլ որպէս ալկորիթմներ: Յիշողութիւնը կը դառնայ տուեալ, յարաբերութիւնը՝ փոխանակում, ուշադրութիւնը՝ չափելի արտադրողականութիւն, իսկ մարդը՝ բարելաւելի եւ կատարելագործելի համակարգ։

Բայց գիտութեան բարձրագոյն մակարդակներուն վրայ իրականութիւնը աւելի բարդ կը թուի։ Գիտական յայտնագործութիւնը ինքնին ստեղծագործական արարք է։ Երբ գիտնական մը կը յղանայ տիեզերքի սկզբնաւորման կամ քուանթմային աշխարհի անհեթեթ թուացող օրէնքները, ան կը գործածէ ոչ միայն տրամաբանութիւնը, այլ նաեւ երեւակայութիւնը, կասկածը եւ գեղագիտական զգացողութիւնը։ Այս յատկանիշները ամբողջովին ալկորիթմական չեն։ Անոնք կապուած են մարդկային գոյութեան խորքային շերտերուն։

Փենրոզի մտածողութեան մէջ գիտակցութիւնը նաեւ տիեզերական տարողութիւն ունի։ Ըստ այս պատկերացումին, մարդկային գիտակցութիւնը այն միակ «միջավայրն» է, ուր տիեզերքը կը դառնայ ինքնագիտակից։ Առանց մարդկային ներկայութեան, աստղերու փայլքը կամ բնագիտական օրէնքները պիտի մնային լուռ իրականութիւններ։ Մարդկային միտքը այն կամուրջն է, որ նիւթական աշխարհին կու տայ իմաստ եւ արժէք։

Այս պատճառով ալ, որքան ալ զարգանայ արուեստական իմացականութիւնը, անիկա թերեւս միշտ պիտի մնայ մարդկային մտքի արտացոլացումը կամ գործիքը, բայց ոչ մարդկային գիտակցութիւնը փոխարինողը։ Որովհետեւ մարդը միայն տեղեկութիւն մշակող էակ չէ։ Ան միակ էակն է, որ կրնայ յուսալ, սիրել, տառապիլ եւ սեփական գոյութեան մասին հարց տալ։

Եւ թերեւս 21-րդ դարու ամենէն կարեւոր պայքարը ոչ թէ մարդուն եւ մեքենային միջեւ պիտի ըլլայ, այլ երկու տարբեր աշխարհընկալումներու միջեւ․ մէկը, որ մարդը կը տեսնէ որպէս մշակուելիք տեղեկութիւն, եւ միւսը, որ տակաւին կը հաւատայ, թէ մարդկային գիտակցութեան մէջ գոյութիւն ունի բան մը, որ չի բացատրուիր ո՛չ թիւերով, ո՛չ ալ ալկորիթմներով։

Աշխարհի բնակչութիւնը կրնայ նուազիլ․ ինչո՞ւ

«Ինչո՞ւ ծնելիութիւնը կը նուազի ամէն տեղ եւ միաժամանակ» (Why birth rates are falling everywhere all at once) խորագրեալ յօդուած մը լոյս տեսած է Financial Times օրաթերթի 15 Մայիս 2026-ի թիւին մէջ՝ հեղինակութեամբ անգլիացի տուեալագիտութեան եւ ժողովրդագրական վերլուծութիւններու սիւնակագիր Ճոն Պըրն-Մըրտոքի (John Burn-Murdoch) ։

Յօդուածը կը քննէ մեր ժամանակաշրջանի ամենէն խոր ժողովրդագրական փոփոխութիւններէն մէկը՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին ծնելիութեան արագ եւ համատարած անկումը։ Պըրն-Մըրտոք կը փորձէ ցոյց տալ, թէ այս երեւոյթը այլեւս չի բացատրուիր միայն տնտեսական դժուարութիւններով կամ կենսամակարդակի փոփոխութիւններով։ Ըստ անոր, ծնելիութեան տագնապը կապուած է աւելի լայն մշակութային եւ քաղաքակրթական փոփոխութիւններու՝ մասնաւորաբար մարդկային կապերու թուլացման, ընտանիքի կազմաւորման յետաձգման, թուային կեանքին եւ խելախօսերու (smartphones) ու ընկերային ցանցերու աճող ազդեցութեան։ Յօդուածը ծնելիութեան անկումը կը ներկայացնէ ոչ միայն իբրեւ վիճակագրական հարց մը, այլեւ որպէս ժամանակակից մարդկային կեանքի, յարաբերութիւններու եւ ապագայի հանդէպ վստահութեան ճգնաժամի արտայայտութիւն։

Յօդուածին ցնցիչ դիտարկումներէն մէկը այն է, թէ աշխարհի 195 երկիրներէն աւելի քան երկու երրորդին մէջ ծնելիութիւնը արդէն իջած է բնակչութեան բնական վերարտադրութեան մակարդակէն վար։ 66 երկիրներու պարագային՝ միջին ծնելիութիւնը աւելի մօտ է մէկ զաւակի, քան երկուքի։ Այս երեւոյթը այլեւս միայն հարուստ երկիրներու յատուկ չէ։ Մեքսիքոյի, Պրազիլի, Իրանի, Թունուզի եւ Սրի Լանքայի նման երկիրներու մէջ եւս ծնելիութիւնը կտրուկ նահանջ արձանագրած է։

Յօդուածագիրը կը շեշտէ, թէ այս տագնապը միայն տնտեսական բացատրութիւններով հասկնալ այլեւս կարելի չէ։ Թէեւ բնակարանային դժուարութիւնները, աշխատանքի անորոշութիւնը եւ երիտասարդներու տնտեսական խոցելիութիւնը կարեւոր դեր ունին, սակայն վերջին տարիներու կտրուկ անկումը աւելի խոր մշակութային եւ հոգեբանական փոփոխութիւններու կապուած կը թուի։

Յօդուածին հիմնական գաղափարներէն մէկը հետեւեալն է․

«Մեր ժամանակաշրջանի գլխաւոր խնդիրը այլեւս միայն այն չէ, որ ընտանիքները քիչ զաւակ կ՛ունենան, այլ այն, որ ընդհանրապէս աւելի քիչ զոյգեր կը կազմուին»։

Այս մէկը թերեւս ամբողջ յօդուածին ամենէն կարեւոր եզրակացութիւնն է։ Նախորդ տասնամեակներուն ծնելիութիւնը կը նուազէր, որովհետեւ ընտանիքները աւելի քիչ զաւակ կ’ունենային։ Այսօր, սակայն, խնդիրը աւելի խոր է․ մարդիկ աւելի ուշ կամ ընդհանրապէս կը խուսափին երկարատեւ յարաբերութիւններէ, աւելի քիչ կը հանդիպին, աւելի երկար ժամանակ կ’ապրին առանձին եւ աւելի դժուար կը կապուին իրարու։

Պըրն-Մըրտոք նաեւ կը նշէ, թէ ծնելիութեան անկումը յաճախ աւելի ցայտուն կը դառնայ կրթութեան եւ եկամուտի ցած մակարդակ ունեցող խաւերու պարագային, մինչ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցողները ընդհանրապէս կը պահպանեն ընտանիքի կազմաւորման կայուն մակարդակ մը: Ընտանիք կազմելը կարծես սկսած է վերածուիլ տեսակ մը ընկերային առանձնաշնորհումի։

Յօդուածը նաեւ կը բացատրէ, թէ մինակութիւնը եւ յուսախաբութիւնը դարձած են ժամանակակից երիտասարդութեան հիմնական փորձառութիւններէն։

«Ծնելիութեան անկումը կ’ընթանայ զուգահեռ առանձնութեան, յուսախաբութեան եւ մարդկային կապերու թուլացման», կը նշէ Պըրն-Մըրտոք:

Ամենէն հետաքրքրական բաժիններէն մէկը կը վերաբերի խելախօսերուն եւ ընկերային ցանցերուն։ Տարբեր հետազօտութիւններու համաձայն, բազմաթիւ երկիրներու մէջ ծնելիութեան կտրուկ անկում արձանագրուած է գրեթէ միաժամանակ, երբ խելախօսերը զանգուածաբար սկսած են մաս կազմել մեր առօրեայ կեանքին։

Յօդուածագիրը կը ներկայացնէ ուսումնասիրութիւններ, ըստ որոնց երիտասարդները այսօր աւելի քիչ ժամանակ կը տրամադրեն մարդկային իրական շփումներու եւ աւելի շատ կ’ապրին թուային միջավայրի մէջ։ Հարաւային Քորէայի մէջ, օրինակ, երիտասարդներու անմիջական ընկերային շփումները երկու տասնամեակի ընթացքին գրեթէ կէսով նուազած են։

Ըստ յօդուածին, խելախօսերը փոխած են ոչ միայն հաղորդակցութեան ձեւը, այլ նաեւ սիրոյ եւ ընտանեկան ակնկալելիքները։

«Instagram-ն ու TikTok-ը երիտասարդներու սպասումները կը կապեն արուեստական պատկերներու՝ փոխելով սիրոյ եւ ընտանեկան յարաբերութիւններու հանդէպ ընկալումները»։

Այս երեւոյթը յատկապէս կը խորացնէ երիտասարդ սերունդներուն մօտ անբաւարարութեան, մեկուսացման եւ զգացական անապահովութեան զգացումները։ Յօդուածը նաեւ կը նշէ, թէ ընկերային ցանցերը յաճախ կը շեշտեն արդէն գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ հոգեբանական ճնշումները՝ ստեղծելով մնայուն անհանգստութեան եւ անկայունութեան մթնոլորտ մը։

Պըրն-Մըրտոք ի վերջոյ կը պնդէ, թէ ծնելիութեան անկումը պարզ ժողովրդագրական հարց մը չէ, այլ ժամանակակից քաղաքակրթութեան աւելի լայն ճգնաժամին մէկ արտայայտութիւնը։ Ըստ անոր, խնդիրը միայն այն չէ, թէ մարդիկ ինչո՞ւ քիչ զաւակ կ’ունենան, այլ այն, թէ ինչո՞ւ մարդիկ ընդհանրապէս աւելի դժուար կը կապուին իրարու եւ աւելի դժուար զոյգ կը կազմեն:

Յօդուածին վերջին եւ ամենէն դիպուկ եզրակացութիւններէն մէկը հետեւեալն է․

«Ժամանակակից աշխարհի հիմնական մարտահրաւէրը միայն ծնելիութիւնը չէ, այլ բաժնուած, մեկուսացած եւ յոգնած սերունդ մը կրկին իրարու մօտեցնելը»։

Այս իմաստով, յօդուածը ծնելիութեան տագնապը կը դիտէ ոչ միայն որպէս վիճակագրական կամ տնտեսական խնդիր, այլ որպէս ժամանակակից մարդկային կեանքի, համայնքային կապերու եւ հոգեբանական առողջութեան խոր ճգնաժամ մը։

Վ.Թ.

Հայկական իրականութիւնը զանգուածային խաբկանքի դարաշրջանին

Մեր ապրած անհաւատալի եւ խելայեղ քաոսին մէջ, փորձենք քիչ մը մէկդի դնել նորաձեւութիւնը եւ քաղաքականութիւնը, գործարար փոթորիկներն ու յաջող վաճառականի կերպարը, եւ փորձենք քիչ մը մտածել։ Այս առումով, բազմիցս յիշատակուած Ֆրանքֆուրթեան դպրոցը միշտ օգտակար կ՛ըլլայ, եւ այս անգամ փոքր, բայց նշանակալից ակնարկ մը պիտի նետենք այդ դպրոցի գլխաւոր ներկայացուցիչներէն երկուքին՝ Թէոտոր Ատորնոյի եւ Մաքս Հորքհայմըրի գործերէն մէկուն։

իրենց նշանաւոր Dialectic of the Enlightenment գործին մէջ, Թէոտոր Ատորնոն եւ Մաքս Հորքհայմըր կը ներկայացնեն «Մշակութային Արդիւնաբերութիւն․ Լուսաւորութիւնը իբրեւ զանգուածային խաբկանք» գլուխը՝ որպէս ժամանակակից զանգուածային մշակոյթի եւ անոր միջոցով իրականացուող ընկերային վերահսկողութեան խոր քննադատութիւն մը։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի եւ ֆաշական ու դրամատիրական քարոզչութեան վերելքի պայմաններուն մէջ գրուած այս աշխատութիւնը մինչեւ այսօր կը նկատուի ժամանակակից հասարակութիւններու մշակութային արտադրութեան ամենէն ազդու վերլուծութիւններէն մէկը։ Իբրեւ Ֆրանքֆուրթեան դպրոցի ներկայացուցիչներ՝ Ատորնոն եւ Հորքհայմըր կը քննեն, թէ ինչպէս մշակոյթը, որ նախապէս կը պատկերացուէր որպէս գեղարուեստական արտայայտութեան եւ քննադատական մտածողութեան տարածք, ուշ դրամատիրութեան ազդեցութեան տակ վերածուեցաւ վերահսկողութեան, միօրինակացման եւ ճնշումի գործիքի մը։

Ատորնոն եւ Հորքհայմըր այս բաժինը գրեցին զանգուածային լրատուամիջոցներու՝ ռատիոյի, շարժապատկերի եւ հեռատեսիլի արագ զարգացումին եւ հանրային կարծիքի ու սպառողական վարքագիծի ձեւաւորման վրայ անոնց ազդեցութեան շրջագիծին մէջ։  Այս մէկը այսօր աւելի հետաքրքրական կը դառնայ, որովհետեւ մենք եւս կ’ապրինք համացանցի սրընթաց զարգացման, բայց միաժամանակ նաեւ նկատելի լճացման ժամանակաշրջան մը, երբ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) ստեղծագործական տարածք ըլլալէ աւելի սկսած է վերածուիլ այլասերած եւ ուղղորդող (շահագործող ու վերահսկող) համակարգի մը։ Նացիական քարոզչութեան սարսափները արդէն իսկ ցոյց տուած էին լրատուամիջոցներու ձեռնավարական կործանարար ներուժը, մինչ ամերիկեան զուարճանքի արդիւնաբերութիւնը բացայայտեց, թէ մշակոյթը ինչպէս կրնայ դառնալ դրամատիրական շահոյթի գործիք մը։

Հեղինակները մեծապէս ազդուած էին Մարքսի դրամատիրական համակարգի քննադատութենէն, Ֆրէօյտի հոգեվերլուծութենէն եւ իրենց իսկ ժամանակաշրջանի դիտարկումներէն։ Անոնց աշխատութիւնը կը տեղաւորուի Լուսաւորութեան քննադատութեան աւելի լայն ծիրին մէջ, որովհետեւ իրենց կարծիքով Լուսաւորութիւնը չկրցաւ իրագործել մարդկային ազատագրումի իր խոստումը (այս մէկը կարելի է նաեւ կապել մեր օրերու տկարացած ազատականութեան)։ Լուսաւորութեան բանականութիւնը, ըստ անոնց, այլասերեցաւ եւ վերածուեցաւ գործիքային բանականութեան մը՝ այնպիսի տրամաբանութեան, որ աւելի առաջնահերթ կը նկատէր արդիւնաւէտութիւնը, վերահսկողութիւնն ու շահոյթը, քան մարդկային բարօրութիւնը:

«Մշակութային արդիւնաբերութիւն» եզրը հեղինակները կը գործածեն նկարագրելու մշակութային արտադրանքներու՝ ֆիլմերու, երաժշտութեան, գրականութեան եւ արուեստի զանգուածային արտադրութիւնն ու առեւտրականացումը։ Ի տարբերութիւն իրական գեղարուեստական ստեղծագործութեան, զոր անոնք կը դիտէին որպէս քննադատական մտածողութեան եւ դիմադրութեան տարածք, մշակութային արդիւնաբերութեան արտադրանքները միօրինակացած, կրկնուող եւ միայն սպառման ծառայող արտադրութիւններ են։ Մշակոյթը այլեւս դրամատիրական համակարգէն դուրս գտնուող երեւոյթ մը չէ, այլ անոր անբաժանելի մասը։ Մշակութային արտադրանքները գոյութիւն չունին ներկայ կարգը վիճարկելու. ընդհակառակը, անոնք կը վերահաստատեն զայն՝ ստեղծելով հլու եւ հնազանդ սպառողներ։

Զուարճանքը, իրականութենէն փախուստ կամ քննադատական խորհրդածութեան աղբիւր ըլլալու փոխարէն, կը գործէ որպէս ուշադրութիւնը շեղող եւ ընկերային վերահսկողութեան միջոց։ Այս առիթով տեղին է նաեւ յիշել Հաքսլիի քննադատութիւնը, երբ ան կը գրէ, թէ մարդկութիւնը պիտի կործանի ժամանցի պատճառով, որովհետեւ ան իր մէջ կը խտացնէ այնպիսի անբովանդակ ու դատարկ երեւոյթներ,  որոնք կրնան մարդկային քաղաքակրթութիւնը ստեղծագործ ուժէ մը վերածել նեխող ճահիճի:

Մշակութային արդիւնաբերութեան ուղղուած գլխաւոր քննադատութիւններէն մէկը մշակութային արտադրանքներու միօրինակացումն է։ Ֆիլմերը, երաժշտութիւնը եւ հեռատեսիլային յայտագիրները կը հետեւին կանխատեսելի բանաձեւերու, որոնք կ’երաշխաւորեն առեւտրական յաջողութիւն եւ կը նուազեցնեն ստեղծագործական վտանգները։ Ատորնոն եւ Հորքհայմըր կը պնդեն, թէ այս միօրինակացումը ընտրութեան պատրանք կը ստեղծէ։ Սպառողները կը կարծեն, թէ իրենք եզակի արտադրութիւններ կ’ընտրեն, մինչ իրականութեան մէջ նոյն առեւտրական կաղապարներուն տարբերակներն են, որ իրենց կը մատուցուին։ Սերտօրէն ասոր կապուած է «կեղծ անհատականութիւն» գաղափարը։ Մշակութային արդիւնաբերութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ սպառողները իւրայատուկ անհատներ են՝ իրենց անձնական ճաշակներով ու նախասիրութիւններով, մինչ անոնց ընտրութիւնները զգուշօրէն նախապէս կանխորոշուած են մեծ ընկերութիւններու կողմէ։ Օրինակ, ժողովրդական երաժշտութիւնը շատ անգամ կը կառուցուի կրկնուող կառուցուածքներու եւ մեղեդիներու վրայ, որոնք առաջին հայեացքով անձնական եւ զգացական կը թուին, բայց իրականութեան մէջ առեւտրական կաղապարներ են։

Ատորնոն եւ Հորքհայմըրը կը պնդեն, թէ զուարճանքը երկակի գործառոյթ ունի։ Մէկ կողմէ, ան կը շեղէ մարդիկը իրենց տնտեսական եւ ընկերային դաժան իրականութիւններէն, իսկ միւս կողմէ կը վերահաստատէ այն գաղափարախօսական կառոյցները, որոնք այդ պայմանները կը պահպանեն։ Օտարուած աշխատանքով տիրապետուած հասարակութեան մը մէջ զուարճանքը ժամանակաւոր թեթեւացում կը պարգեւէ, բայց միաժամանակ կը գործէ որպէս տեսակ մը թմրեցուցիչ՝ բթացնելով քննադատական մտածողութիւնը եւ խրախուսելով հնազանդութիւնը։ Անոնց նշանաւոր միտքը, թէ «ուշ դրամատիրութեան մէջ զուարճանքը աշխատանքին շարունակութիւնն է այլ միջոցներով», ճշգրտօրէն կ’արտայայտէ այս միտքը։ Նոյնիսկ իրենց ազատ ժամերուն ընթացքին մարդիկ տակաւին գերի կը մնան դրամատիրական համակարգի տրամաբանութեան՝ սպառելով մշակութային արդիւնաբերութեան արտադրանքները, որոնք ազատագրելու փոխարէն աւելի կը խորացնեն ենթարկուածութիւնը։

Դրամատիրական հասարակութեան մէջ մշակութային արտադրանքներն ալ կը վերածուին ապրանքի՝ ինչպէս որեւէ այլ բան։ Անոնց արժէքը այլեւս ոչ թէ կ’որոշուի գեղարուեստական կամ մտային որակներով, այլ՝ շուկայական արժէքով։ Մեծ եկամուտ ապահովող ֆիլմ մը կամ լայն տարածում գտած երաժշտական գործ մը չի գնահատուիր իր բովանդակութեամբ կամ գեղարուեստական արժէքով, այլ՝ վաճառքի թիւերով եւ առեւտրական յաջողութեամբ։ Նոյնիսկ բարձր արուեստը չկրցաւ խուսափիլ այս ճակատագիրէն։ Թանգարաններն ու պատկերասրահները շատ անգամ արուեստը կը վերածեն ապրանքի եւ ընտրանիական խորհրդանիշի, փոխանակ զայն իսկական ներգրաւման տարածք դարձնելու փոխարէն։

Ատորնոյի եւ Հորքհայմըրի համաձայն, մշակութային արդիւնաբերութեան ամենէն վտանգաւոր հետեւանքներէն մէկը քննական մտածողութեան քայքայումն է։ Զանգուածային մշակոյթի կրկնուող եւ կաղապարային բնոյթը հանդիսատեսը չի մղեր խորհրդածելու ընկերային եւ քաղաքական իրականութիւններուն մասին։ Օրինակ՝ Հոլիուտեան (մեր պարագային նաեւ ռուսական եւ հայկական) ֆիլմերը շատ անգամ կը հիմնուին պարզունակ բարոյական պատգամներու վրայ՝ բարին եւ չարը ներկայացնելով չափազանց պարզ բաժանումներով, իսկ խնդիրներու լուծումը կապելով անհատական հերոսութեան, եւ ոչ թէ համակարգային փոփոխութիւններու հետ։ Հեղինակները նաեւ կ’ուսումնասիրեն թեքնաբանութեան դերը մշակութային արդիւնաբերութեան մէջ։ Թեքնաբանակն զարգացումը մշակութային արտադրանքները աւելի մատչելի կը դարձնէ, բայց միաժամանակ աւելի կը խորացնէ անոնց ապրանքային բնոյթը։ Ռատիոն, հեռատեսիլը եւ շարժապատկերը (այժմ նաեւ համացանցը) կը ստեղծեն հաղորդակցութեան միակողմանի համակարգ մը, ուր արտադրողներու փոքր խումբ մը բովանդակութիւն կը փոխանցէ կրաւորական հանդիսատեսին։

Թէեւ անոնց այս աշխատութիւնը գրուած է 20-րդ դարու կէսերուն, ան զարմանալիօրէն այժմէական կը մնայ թուային լրատուամիջոցներու, ընկերային ցանցերու եւ ալկորիթմներով կառավարուող բովանդակութեան ժամանակաշրջանին մէջ։ Netflix-ը, Spotify-ը եւ YouTube-ը, ի միջի այլոց, կը գործեն նոյն այն միօրինակացման եւ կեղծ անհատականութեան սկզբունքներով, զորս Ատորնոն եւ Հորքհայմըր նկարագրած էին։

Չնայած անոնց գաղափարներուն կարեւորութեան, Ատորնոն եւ Հորքհայմըր յաճախ քննադատուած են մշակոյթի հանդէպ իրենց ընտրանիամէտ մօտեցումին եւ արուեստի հանրամատչելի ձեւերուն նկատմամբ ցուցաբերած արհամարհանքին համար։ Այնուամենայնիւ, «Մշակութային Արդիւնաբերութիւն․ Լուսաւորութիւնը իբրեւ զանգուածային խաբկանք» մինչեւ այսօր կը մնայ կարեւոր աշխատութիւն մը՝ հասկնալու մշակոյթի, դրամատիրական համակարգի եւ ընկերային վերահսկողութեան փոխազդեցութիւնը։

Աշխարհի մը մէջ, ուր մշակութային արտադրանքները հետզհետէ աւելի կ’ենթարկուին շահոյթի տրամաբանութեան, Ատորնոյի եւ Հորքհայմըրի գաղափարները այսօր աւելի այժմէական կը հնչեն, քան երբեւէ։ Մշակութային արդիւնաբերութեան գործելակերպերուն ճանաչումը առաջին քայլն է մշակոյթը վերահաստատելու որպէս իսկական ստեղծագործութեան, դիմադրութեան եւ ազատագրումի տարածք մը։

Մեր պարագային իրավիճակը աւելի տեսանելի եւ աւելի տխուր է, երբ մշակոյթէն մինչեւ քաղաքականութիւն ամէն ինչ կը ծառայէ միայն մէկ նպատակի՝ վաճառքի եւ սպասարկութեան։ Միայն վաճառելու մոլուցքով տարուած հասարակութիւնը կամաց-կամաց կը սկսի զիջիլ իր արժէքներէն եւ արժէքաւոր նկատել միայն այն, ինչ կարելի է վաճառել։ Այս մէկը ոչ ժամանակաւոր խնդիր մըն է եւ ոչ ալ համացանցի պարզ վատ հետեւանք մը, այլ գաղափարական ճգնաժամի յստակ ցուցանիշ։ Եւ հասկնալի է, որ այս պարագային առողջ բան մը հաստատելու կամ պահպանելու մասին մտածումները կը դառնան կա՛մ տխրութեան, կա՛մ ռոմանթիք մտածողութեան առարկայ:

Արայիկ Մկրտումեան

Եկեղեցւոյ ժողովրդականացումը․ ծիսական աւանդութենէն դէպի ապրող իրականութիւն

Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, դարեր շարունակ եկեղեցին ունեցած է բացառիկ դեր մը։ Ան ոչ միայն աղօթավայր մը եղած է, այլեւ՝ դպրոց, մշակութային կեդրոն, ազգային յիշողութեան պահապան եւ հաւաքական ինքնութեան կարեւոր սիւներէն մէկը։ Մանաւանդ պետականութեան բացակայութեան շրջանին, եկեղեցին շատ անգամ ստանձնած է այնպիսի դերեր, որոնք սովորաբար պետութեան կամ հանրային հաստատութիւններուն կը պատկանին։ Այս պատճառով, եկեղեցւոյ նկատմամբ հայ ժողովուրդին կապը միայն կրօնական չէ, այլեւ պատմական, մշակութային եւ զգացական։ Սակայն ժամանակակից աշխարհին մէջ աւելի ու աւելի կը բարձրանայ կարեւոր հարց մը․ ինչպէ՞ս կարելի է եկեղեցին եւ հաւատքը դարձնել աւելի ժողովրդային, մասնակցային եւ ապրող իրականութիւն մը՝ առանց կորսնցնելու անոնց հոգեւոր խորքը։

Առաջին հերթին պէտք է յստակացնել, թէ եկեղեցին ժողովրդակացնել չ’ենթադրեր վերացնել անոր հոգեւոր հեղինակութիւնը կամ զայն պարզ ընկերային ակումբի վերածել, այլ՝ ինչպէ՞ս եկեղեցին կրնայ աւելի ընկալունակ դառնալ ժողովուրդի ձայնին, մտահոգութիւններուն եւ մասնակցութեան նկատմամբ։ Որովհետեւ շատերու մօտ այսօր ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը, թէ եկեղեցին հեռացած է առօրեայ մարդէն եւ սկսած է ապրիլ ինքն իր փակ շրջանակին մէջ, իսկ եկեղեցւոյ գործերուն մէջ կարծես տեղ ունին միայն «Աբիսողոմ աղաները եւ կարգ մը մենաշնորհեալներ: Երբ հաւատացեալը այլեւս ինքզինք դերակատար չի զգար, հաւատքը աստիճանաբար կը վերածուի սովորութեան, իսկ եկեղեցին՝ հաստատութեան մը։

Ժողովրդակացման առաջին քայլերէն մէկը լեզուի հարցն է։ Շատերու համար եկեղեցական լեզուն այսօր դժուար հասկնալի է, մանաւանդ երիտասարդ սերունդներուն։ Անշուշտ, եկեղեցական լեզուն մեր մշակութային ժառանգութեան կարեւոր մասն է եւ պէտք չէ պարզապէս վերացուի։ Սակայն կարելի է աւելի մատչելի ձեւերով բացատրել պատարագը, քարոզները եւ աստուածաբանական գաղափարները, որ ժողովուրդը ոչ միայն լսէ, այլեւ հասկնայ եւ ներքուստ ապրի հաւատքը։ Երբ հաւատքը կը դադրի միայն ծէս ըլլալէ եւ կը դառնայ գիտակցուած փորձառութիւն, ան աւելի կենդանի եւ ազդու կը դառնայ։ Անշուշտ, ակնարկութիւնը կ’երթայ գրաբարին, բայց ոչ միայն գրաբարին, այլեւ խօսոյթին՝ հաւատքը փոխանցելու եւ սիրցնելու ոճին: Խօսքը նաեւ կը վերաբերի եկեղեցականներու գործածած լեզուին՝ անոր բովանդակութեան, մատչելիութեան եւ հոգիները շարժելու ներուժին: Քարոզը պէտք չէ միայն անդրադառնայ սուրբգրային պատմութիւններուն, այլեւ այսօրուան մարդը յուզող հարցերուն՝ ընտանեկան տագնապներէն մինչեւ ընկերային անարդարութիւններ:

Եկեղեցւոյ Ժողովրդականացումը նաեւ կը պահանջէ աւելի լայն մասնակցութիւն։ Բազմաթիւ համայնքներու մէջ որոշումները կը կայացուին փոքր շրջանակներու կողմէ, մինչ հասարակ հաւատացեալները հիմնականին մէջ կը մնան դիտորդներ։ Սակայն եկեղեցին միայն հոգեւորականութեան սեփականութիւնը չէ, ոչ ալ քանի մը աշխարհական մենաշնորհեալներու։ Ան համայնք է։ Երբ ժողովուրդը մասնակցի մշակութային, կրթական, բարեսիրական եւ կազմակերպական կեանքին, եկեղեցին կը դառնայ ոչ թէ վերէն ղեկավարուող կառոյց, այլ միասին ապրուած իրականութիւն: Ո՛չ մեր երիտասարդները, ո՛չ ալ մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ծանօթութիւն ունի հայ եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ժողովներուն մասին, ո՛չ թափանցիկութեան, ո՛չ ալ որոշումներ կայացնելու ձեւերուն մասին: Իսկ մեծագոյն գաղտնիքը կը մնայ ժողովներու ներկայացուցչական բնոյթը: Ո՞վ կ’ընտրէ, ո՞վ կը նշանակէ եւ որոնք կրնա՞ն նշանակուիլ: Եթէ այս բոլորը ժողովուրդին անունով եւ ժողովուրդին համար ըլլալու յաւակնութիւնը չունենային, մենք մեզի իրաւունք պիտի չտայինք խօսելու եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն մասին, բայց նշուածները ներքին հարցեր չեն. անոնք ժողովուրդի աշխարհին կապուած են, ժողովուրդին անունով եւ ժողովուրդին համար կ’ըլլան, մինչ ժողովուրդին մէկ կարեւոր հատուածը աստիճանաբար կը հեռանայ հոգեւոր եկեղեցիէն՝ առաւելագոյն պարագային կապը չկտրելով ծիսական եւ տօնական եկեղեցիէն:

Այս մէկը յատկապէս կարեւոր է երիտասարդներուն պարագային։ Բազմաթիւ երիտասարդներ չեն մերժեր հոգեւորութիւնը, բայց կը հեռանան այն միջավայրերէն, ուր ազատ չեն զգար մտածելու, հարցումներ տալու կամ իրենց տեղը գտնելու հնարաւորութիւնը: Ժողովրդային եկեղեցին պէտք է կարենայ լսել երիտասարդները, անոնց մտահոգութիւնները եւ ժամանակակից աշխարհին հետ անոնց ունեցած հարցերը։ Ան պէտք է ընդունի, թէ հաւատքը չի խորանար միայն հրահանգներով, հռետորական ճառերով, այլ նաեւ երկխօսութեամբ, վստահութեամբ եւ մասնակցութեամբ։

Հաւատքը ժողովրդակացնել նաեւ կը նշանակէ զայն վերադարձնել մարդու առօրեայ կեանքին։ Յաճախ կրօնքը կը ներկայացուի իբրեւ միայն եկեղեցի երթալու կամ որոշ ծէսեր կատարելու հարց։ Սակայն իրական հաւատքը նաեւ բարոյական եւ հասարակական պատասխանատուութիւն է։ Երբ եկեղեցին խօսի արդարութեան, աղքատութեան, արտագաղթի, երիտասարդութեան տագնապներուն կամ հասարակական անարդարութիւններու մասին, ան աւելի մօտ կը դառնայ մարդոց իրական կեանքին։ Հաւատքը այդ ժամանակ կը դադրի վերացական գաղափար ըլլալէ եւ կը դառնայ ապրուած փորձառութիւն։

Ժողովրդականացումը նաեւ կը պահանջէ որոշ չափով թափանցիկութիւն եւ ինքնաքննադատութիւն։ Ոչ մէկ հաստատութիւն կրնայ վստահութիւն ներշնչել, եթէ ամբողջովին փակ մնայ քննադատութեան առջեւ։ Եկեղեցին պատմութեան ընթացքին ունեցած է մեծ արժանիքներ, բայց նաեւ սխալներ եւ մարդկային թուլութիւններ ու թերութիւններ։ Երբ հաստատութիւնը կը համարձակի ընդունիլ իր սխալները եւ աւելի բաց կերպով հաղորդակցիլ ժողովուրդին հետ, վստահութիւնը ոչ թէ կը տկարանայ, այլ կը խորանայ։ Որովհետեւ անկեղծութիւնը շատ անգամ աւելի հոգեւոր է, քան անսխալականութեան պատրանքը։

Սփիւռքի պարագային այս հարցը աւելի զգայուն է։ Շատ մը հայկական համայնքներու մէջ եկեղեցին տակաւին կը մնայ ինքնութեան պահպանման գլխաւոր կառոյցներէն մէկը։ Սակայն եթէ ան չափազանց փակ կամ միայն անցեալով ապրող կառոյց դառնայ, երիտասարդ սերունդները կրնան աստիճանաբար օտարանալ կազմակերպուած կրօնական կեանքէն։ Այս պատճառով ժողովրդակացնել եկեղեցին նաեւ կը նշանակէ զայն վերածել մշակութային եւ հոգեւոր բաց միջավայրի մը, ուր տարբեր սերունդներ եւ մտածողութիւններ կրնան իրարու հանդիպիլ՝ առանց վախի կամ պարտադրանքի, համոզումով։

Անշուշտ, Ժողովրդականացումը չի նշանակեր հաւատքի մակերեսայնացում։ Ընդհակառակը, իսկական ժողովրդային հաւատքը կրնայ աւելի խոր ըլլալ, որովհետեւ ան հիմնուած կ՛ըլլայ գիտակցուած մասնակցութեան վրայ, ոչ թէ միայն ժառանգուած սովորութեան։ Մարդիկ աւելի խոր կապ կը հաստատեն այն հաւատքին հետ, որուն մէջ իրենք իրենց ձայնը, տառապանքը եւ յոյսերը կը տեսնեն։

Թերեւս այսօր եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մեծագոյն մարտահրաւէրը հետեւեալն է․ ինչպէ՞ս պահպանել հոգեւոր խորութիւնը՝ առանց ժողովուրդէն հեռանալու, եւ ինչպէ՞ս բացուիլ ժամանակակից աշխարհին՝ առանց ինքնութիւնը կորսնցնելու։ Այս հաւասարակշռութիւնը դիւրին չէ։ Սակայն եկեղեցին պատմութեան ընթացքին միշտ գոյատեւած է այն ժամանակ, երբ կրցած է լսել ժողովուրդին ձայնը եւ միաժամանակ պահպանել իր հոգեւոր էութիւնը։ Հետեւաբար ժողովրդակացնել եկեղեցին ու հաւատքը վերջին հաշուով չի նշանակեր սրբութիւնը նուազեցնել, այլ հաւատքը վերադարձնել մարդո՛ւն եւ համայնքի՛ն։

 

 

Հորմուզի նեղուցը եւ Թայուանի սահմանագիծը. Թրամփ-Շի բանակցութիւններուն խորքը եւ «Թուկիտիտեսի թակարդը»

14 Մայիս 2026 -ին Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցած Թրամփ–Շի գերաստիճանը առաջին հայեացքով կրնայ սովորական դիւանագիտական հանդիպում մը թուիլ․ ժպիտներ, ձեռքի սեղմումներ, կենացներ, պետական ճոխ հանդիսակատարութիւն եւ քաղաքավար փոխադարձ նայուածքներ։ Սա արտաքին երեւոյթն է, իսկ խո՞րքը: Խորքին մէջ կան հարցումներ, որոնք կը գերազանցեն երկու ղեկավարներու անձերը։ Իրականութեան մէջ, սեղանին շուրջ ոչ միայն Ամերիկան եւ Չինաստանը նստած էին, այլեւ ամբողջ 21-րդ դարու ապագայ աշխարհակարգը։

Իր բարի գալուստի պաշտօնական խօսքին մէջ, Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ ակնարկութիւն մը կատարեց յոյն հին պատմաբան եւ զօրավար Թուսիտիտեսի անուան կապուած «Թուսիտիտեսի թակարդ» եզրին, զոր զարգացուցած է ամերիկացի քաղաքական վերլուծաբան-գիտնական Կրահամ Ալիսըն 2012-ին։ Առաջին հայեացքով, այս արտայայտութիւնը կրնայ անմեղ եւ ակադեմական կամ պատմագիտական հնչել, բայց անիկա աշխարհաքաղաքական ամենէն վտանգաւոր հասկացողութիւններէն մէկն է այսօր։ Թուսիտիտես կը նկարագրէր Աթէնքի վերելքն ու այդ վերելքէն Սպարթայի վախը՝ իբրեւ պատերազմի հիմնական պատճառ։ Կրահամ Ալիսըն այս գաղափարը վերածեց արդի աշխարհաքաղաքական տեսութեան մը՝ պնդելով, թէ երբ նոր ուժ մը սկսի սպառնալ գոյութիւն ունեցող գերիշխող ուժին, պատերազմը գրեթէ անխուսափելի կը դառնայ։

Այսօր այդ պատմական օրինակը սկսած է կիրարկուիլ Միացեալ Նահանգներ–Չինաստան յարաբերութիւններուն վրայ։ Շատեր սակայն կը քննադատեն զայն՝ պնդելով, թէ պատմութիւնը ճակատագիր չէ, եւ թէ նման տեսութիւնները երբեմն կրնան ինքնիրականացող մարգարէութիւն դառնալ՝ մեծ ուժերը դրդելով իրարու հանդէպ աւելի կասկածամիտ եւ յարձակողական քաղաքականութիւն վարելու։

Միացեալ Նահանգները տակաւին կը մնայ աշխարհի զինուորական եւ տնտեսական հզօրագոյն ուժը։ Սակայն, Չինաստան այլեւս պարզ զարգացող երկիր մը չէ։ Ան վերածուած է քաղաքակրթական հսկայի մը, որ կը մրցի Արեւմուտքին հետ՝ տնտեսութեան, արհեստագիտութեան, արուեստական իմացականութեան, առեւտուրի, ծովուժի եւ համաշխարհային ազդեցութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ։

Հետեւաբար, նախագահ Շիի նշումը պարզ պատմագիտական ակնարկ մը չէր։ Անիկա զգուշացում մըն էր։ Չինաստան փաստօրէն Ամերիկայի կ՛ըսէր․ «Մեր վերելքը պատերազմ չի նշանակեր, եթէ դուք զայն այդպէս չընկալէք»։

Բայց իրականութիւնը աւելի բարդ է։ Որովհետեւ մեծ ուժերը միայն ռազմավարական հաշիւներով չեն առաջնորդուիր։ Անոնք նաեւ վախերով կը շարժին։ Իսկ պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, թէ երբ տիրապետող ուժ մը սկսի զգալ իր գերակայութեան փլուզումը, ան շատ արագ կրնայ վերածուիլ կասկածամիտ եւ յարձակողական համակարգի։

Իրանի շարունակուող պատերազմը ճնշող ներկայութիւն էր Պէյճինկի բանակցութիւններուն։ Երկու ղեկավարներն ալ համաձայն էին, որ Հորմուզի նեղուցը պէտք է բաց մնայ՝ մեկնելով համաշխարհային ուժանիւթի անվտանգութեան շահերէն։ Չինաստան նաեւ դէմ էր նաւերու անցքին վրայ տուրք սահմանելու Թեհրանի փորձերուն, մինչ Շի Ժինփինկ կը խոստանար զէնք չտրամադրել Իրանի։ Ան միաժամանակ կ’առաջարկէր քուլիսային դիւանագիտական միջնորդութիւն կատարել՝ հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով, վերահաստատելով նաեւ, թէ Իրան երբե՛ք պէտք չէ կորիզային զէնք ունենայ։

Այս բոլորին զուգահեռ, տնտեսական եւ առեւտրական կարեւոր զարգացումներ եւս արձանագրուեցան։ Թրամփի հետ Պէյճինկ ժամանած ամերիկեան մեծ ընկերութիւններու ղեկավարներուն ներկայութեամբ՝ ներառեալ Իլոն Մասք եւ Ճենսըն Հուանկ, Չինաստան որոշեց աւելցնել ամերիկեան գիւղատնտեսական արտադրանքներու, օդանաւերու եւ յատկապէս նաւթի գնումները՝ քայլ մը, որ մասամբ կը նուազեցնէ անոր կախեալութիւնը Միջին Արեւելքէն։

Սակայն հակառակ ստեղծուած դրական մթնոլորտին, Շի Ժինփինկ առիթը օգտագործեց Տոնալտ Թրամփի ուղղելու շատ յստակ զգուշացում մը։ Ան շեշտեց, թէ Թայուանի հարցը Ամերիկա–Չինաստան յարաբերութիւններուն ամենէն զգայուն եւ կարեւոր խնդիրն է, եւ զգուշացուց, որ եթէ այս հարցը դրական զարգացում չունենայ, երկկողմանի յարաբերութիւնները կրնան ենթարկուիլ ծանր հարուածներու, նոյնիսկ զինեալ բախումի վտանգին։

Ամերիկան այսօր Չինաստանի վերելքը ոչ միայն որպէս տնտեսական մրցակցութիւն կը դիտէ, այլ նաեւ որպէս իր համաշխարհային դիրքին ուղղուած սպառնալիք մը։ Չինաստանի համար ալ Թայուանի զինումը, կիսահաղորդիչներու սահմանափակումները եւ Խաղաղական ովկիանոսի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը կը դիտուին որպէս «զսպումի» փորձ։

Փաստօրէն, երկու կողմերն ալ սկսած են զիրար ոչ միայն մրցակից տեսնել, այլեւ գոյաբանական վտանգ։

Ճիշդ հոս է որ ի յայտ կու գայ Թուսիտիտեսի թակարդին իսկական վտանգը։ Պատերազմները շատ անգամ չեն սկսիր որովհետեւ կողմերը պատերազմ կ’ուզեն։ Անոնք կը սկսին որովհետեւ կողմերը կը սկսին վախնալ իրարմէ։

Այս բոլորին մէջ ամենէն վտանգաւոր կէտը Թայուանն է։ Չինաստանի համար անիկա ազգային ամբողջականութեան եւ պատմական վերամիաւորման հարց է։ Ամերիկայի համար՝ Ասիոյ մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան առանցքային հանգոյց մը։ Այս պատճառով Թայուան այսօր դարձած է աշխարհակարգի նուրբ սահմանագիծերէն մէկը։

Սակայն Պէյճինկի հանդիպումը միայն հակամարտութեան մասին չէր։ Անիկա նաեւ ցոյց տուաւ, թէ երկու ուժերն ալ տակաւին կը հասկնան ամբողջական պատերազմի գինը։ Հետեւաբար, ներկայ փուլին աւելի հաւանական է երկարատեւ մրցակցութիւնը, քան անմիջական համաշխարհային բախումը։

Բայց նոյնիսկ այդ մրցակցութիւնը արդէն իսկ փոխած է աշխարհը։

Աշխարհաքաղաքականութիւնը այլեւս միայն զէնքի կամ տարածքի պայքար չէ։ Այսօր պատերազմները կրնան տեղի ունենալ կիսահաղորդիչներու, արուեստական իմացականութեան, տեղեկատուութեան, նաւահանգիստներու, մատակարարման շղթաներու եւ նոյնիսկ թուային դրամանիշերու շուրջ։

Ահա թէ ինչու Թրամփի Պէյճինկ այցելութիւնը պարզ դիւանագիտական եղելութիւն մը չէր, այլ շրջադարձային կարեւոր կէտ մը պատմութեան մէջ։ Աշխարհը աստիճանաբար կը հեռանայ այն միաբեւեռ համակարգէն, ուր Ամերիկան գրեթէ անվիճելի գերիշխանութիւն ունէր։ Փոխարէնը կը ձեւաւորուի աւելի բարդ, բազմաբեւեռ եւ անկայուն աշխարհ մը։

Բայց հոս կը ծագի հիմնական հարցում մը․ մարդկութիւնը  արդեօք կրնա՞յ խուսափիլ պատմութեան կրկնութենէն։

Որովհետեւ Թուսիտիտեսի թակարդը վերջնական հաշուով միայն Չինաստանի եւ Ամերիկայի մասին չէ։ Անիկա մարդկային բնութեան մասին է։ Մեծ ուժերու հպարտութեան, անապահովութեան եւ վախերուն մասին է։

Եւ թերեւս 21-րդ դարու ամենէն կարեւոր հարցումը հետեւեալն է․ երբ նոր ուժ մը կը սկսի բարձրանալ, իսկ հին ուժ մը կը սկսի կորսնցնել իր բացարձակ գերակայութիւնը, կրնա՞ն արդեօք անոնք գոյակցիլ առանց աշխարհը դէպի աղէտ մղելու։

Պատմութիւնը տակաւին վերջնական պատասխան մը չէ տուած։

 

 

Քունը

Թոյլատրեցէք ինծի յաւերժապէս քնանալ,
Զի կը բաղձամ սուզուիլ անդունդին մէջ լռութեան,
Թաղել կիրքերըս թէժ ու մարել յուշերուս
Կայծիկները բոսոր: Խուսափիլ կանչերէն,
Որ հաւատքըս շիջող կը խարսխեն սիւնին վրայ
Անթառամ վարդերուն եւ կը յիշեցընեն
Այդ հեքիաթն հնօրեայ, որ պատմըւեր էր ինձ
Անբարբառ պարիկի մ՚յաւերժաձայն շունչով:

Կարօտանքիս ալքէն կը բխին հուր ու թախիծ,
Կու տան անոնք ինծի յաւէտ սէր ու մահիճ.
Սէրը ցօղ մ՚է մաքուր, որ անհատ կը յորդի
Եւ կ՚ոռոգէ ոգեաց շիրիմները ծարաւ:
Երբ գլուխըս դնեմ սիրոյ կապոյտ բարձին,
Թոյլատրեցէք ինծի յաւերժապէս քնանալ:

Գէորգ Տանայեան

 

Հայ ինքնութենէն դէպի հաստատութենական հասունութիւն

Պետական հաստատութիւններու եւ մարդկային յառաջդիմութեան միջեւ կապը առանձնայատուկ կերպով տեսանելի կը դառնայ հայկական իրականութեան մէջ՝ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ սփիւռքի պարագային։ Հայերը ընդհանրապէս կը բնորոշուին իբրեւ աշխատասէր եւ յարմարող ժողովուրդ մը, որ օժտուած է մտաւոր կարողութիւններով։ Սակայն հայերը յաճախ դժուարացած են այս յատկութիւնները վերածելու հաւաքական յառաջդիմութեան։ Պատճառը տաղանդի պակասը չէ։ Խնդիրը աւելի բացակայութիւնն է արդար, կայուն եւ վստահութիւն ներշնչող կառոյցներու, որոնք կրնան այդ ներուժը կազմակերպել եւ վերածել երկարատեւ զարգացման։

Հայաստանի արդի հանրապետութիւնը կազմաւորուեցաւ պատմական չափազանց դժուար պայմաններու մէջ՝ Խորհրդային Միութեան փլուզում, պատերազմ, տնտեսական շրջափակում, արտագաղթ եւ տկար հաստատութիւններ։ Այս պայմաններուն մէջ, հանրային վստահութիւնը պետութեան հանդէպ շատ կանուխ խախտեցաւ։ Փտածութիւնը, մենաշնորհային ցանցերը, քաղաքական հովանաւորութիւնը եւ անհաւասար հնարաւորութիւնները տարածեցին այն համոզումը, թէ յաջողութիւնը աւելի կապուած է անձնական ծանօթութիւններու, քան արժանիքի։ Այս մէկը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ հանրային հոգեբանութեան վրայ։ Բազմաթիւ քաղաքացիներ հիասթափեցան քաղաքականութենէն եւ սկսան անվստահութեամբ մօտենալ հաստատութիւններուն։ Հետեւանքը միայն տնտեսական անկում չէր, այլ նաեւ մարդկային մեծ արտահոսք։ Հազարաւոր հայեր լքեցին երկիրը, որովհետեւ այլեւս չէին հաւատար, թէ իրենց կարողութիւնները կրնան արդար պայմաններու մէջ զարգանալ։

Այսօր ալ, հակառակ վերջին տարիներուն արձանագրուած բարեփոխումներուն եւ որոշ յառաջդիմութեան, Հայաստան կը շարունակէ ապրիլ արդիականացման եւ ժառանգուած քաղաքական մշակոյթի միջեւ առկայ լարում մը։ Թէեւ պետական կառավարման, թափանցիկութեան եւ թուայնացման ոլորտներուն մէջ նկատելի զարգացումներ արձանագրուած են, դատական իշխանութեան անկախութեան, քաղաքական բեւեռացման եւ հաստատութենական վստահութեան հարցերը տակաւին ամբողջովին լուծուած չեն։

Սփիւռքի իրականութիւնը տարբեր է, բայց նոյնքան կապուած այս հարցերուն։ Սփիւռքեան հայկական համայնքները երկար տարիներ գոյատեւեցին յարաբերաբար ուժեղ հաստատութիւններու միջոցով՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, կուսակցութիւններ, մշակութային միութիւններ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ մամուլ։ Այս կառոյցները հիմնական դեր խաղցան ցեղասպանութենէն եւ տեղահանութենէն ետք հայկական ինքնութիւնը պահպանելու գործին մէջ։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, շատ մը սփիւռքեան կառոյցներ վերածուեցան վարչական համակարգերու, որոնց հիմնական մտահոգութիւնը ինքնապահպանումն էր, ոչ թէ արդիականացումը եւ երիտասարդականացումը։

Որոշ համայնքներու մէջ, յատկապէս աւելի հին սփիւռքներուն մէջ, ղեկավարութիւնը մնաց նեղ շրջանակներու ձեռքը, որոնք յաճախ մերժեցին քննադատութիւնը, մտաւորական անկախութիւնը եւ ընդդիմացան սերնդափոխութեան։ Արդիւնքը եղաւ այն, որ շատ մը երիտասարդ հայեր սկսան օտարանալ կազմակերպական կեանքէն (Նաեւ կարդալ՝ «Արտագաղթ սփիւռքի կառոյցներէն, ինչպէ՞ս…» մեր յօդուածը): Խնդիրը անպայման հայ ինքնութեան մերժումը չէ, այլ հիասթափութիւնը այն անճկուն եւ ինքնսիրահարած կառոյցներէն, որոնք երբեմն աւելի շատ կը պարգեւատրեն հնազանդութիւնը, քան ստեղծագործական միտքը։ Անկախ մտաւորականները, արուեստագէտները եւ քննադատող ձայները շատ անգամ կը գտնուին լուսանցքի վրայ, որովհետեւ անոնք հարցականի տակ կը դնեն ժառանգուած պահպանողական ու անթեք մտածողութիւնը եւ հնամաշ իշխանութիւնները։

Այս մէկը աւելի կարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ սփիւռքը Հայաստանի սահմաններէն դուրս սեփական պետութիւն չունի։ Հետեւաբար անոր հաստատութիւնները պարզ վարչական մարմիններ չեն, այլ մշակութային միջավայրեր, որոնք կը ձեւաւորեն ինքնութիւնը, մասնակցութիւնը եւ պատկանելիութեան զգացումը։ Երբ այս միջավայրերը կը դառնան չափազանց փակ, առճակատող կամ միայն անցեալով ապրող, երիտասարդ սերունդները կամաց-կամաց կը հեռանան՝ ոչ անպայման հայութենէն, այլ կազմակերպուած հայկական կեանքէն։

Այսպիսով թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ սփիւռքը կը դիմագրաւեն նոյն հիմնական մարտահրաւէրը՝ ինչպէ՞ս ստեղծել համակարգեր, որոնք կը ներշնչեն վստահութիւն, մասնակցութիւն, արդարութիւն եւ վերանորոգում։ Հայերը ամբողջ աշխարհով մէկ ունին հսկայական մարդկային ներուժ՝ գիտութեան, թեքնաբանութեան, կրթութեան, գործարարութեան եւ արուեստի մէջ։ Սակայն տաղանդը միայնակ բաւարար չէ հաւաքական բարգաւաճում ստեղծելու համար։ Մարդիկ աւելի ստեղծագործ եւ արդիւնաբեր կը դառնան, երբ հաւատան, թէ հաստատութիւնները արդա՛ր են, քննադատութիւնը հանդուրժելի՛, արժանիքը կը գնահատուի, եւ անհատական ներդրումը իսկապէ՛ս կրնայ ազդեցութիւն ունենալ ապագային վրայ։

Թերեւս մեր ժամանակներուն հայկական հիմնական հարցերէն մէկը այս է։ Խնդիրը միայն ազգային գոյատեւումը չէ իր աւանդական իմաստով, այլ նաեւ հաստատութենական հասունութիւնը։ Ոչ մէկ հասարակութիւն կրնայ անվերջ գոյատեւել միայն պատմական վէրքերով, զգացական կապերով կամ հայրենասիրական կարգախօսերով։ Երկարատեւ զարգացումը կը պահանջէ այնպիսի համակարգեր, որոնք կրնան մարդկային միտքը, եռանդը եւ ստեղծագործութիւնը վերածել հաւաքական յառաջդիմութեան։ Հակառակ պարագային, նոյնիսկ ամենէն տաղանդաւորներն ու նուիրեալները աստիճանաբար կրնան օտարանալ այն համայնքներէն, որոնց կ’ուզեն ծառայել։

Հայաստանի եւ սփիւռքի ապագան հաւանաբար աւելի կախեալ է արդարութեան, հաշուետուութեան, թափանցիկութեան եւ վստահութեան մշակոյթներ կառուցելու դժուարին աշխատանքէն քան ինքնութեան շուրջ ստեղծուած խօսոյթներէն: Որովհետեւ ի վերջոյ հասարակութիւնները կը բարգաւաճին ոչ միայն այն ժամանակ, երբ մարդիկ կը սիրեն իրենց ազգը, այլ երբ կը հաւատան, թէ իրենց հաստատութիւնները արժանի են իրենց ճիգին, ներդրումին եւ հաւատքին:

Վ.Թէնպէլեան

Յանդգնութիւն՝ հայերէնով արտայայտուելու. «Արուեստական Իմացականութիւն»

Վերջին տարիներուն «Artificial Intelligence» կամ AI եզրը սկսած է մաս կազմել մեր առօրեայ գործածած բառերու շարքին։ Անոր հայերէն գործածութիւնը, սակայն, տակաւին կը մնայ անորոշ՝ թէեւ թարգմանական կանոններու հետեւելով կարելի է յանգիլ տրամաբանական լուծումի:

Երկար ժամանակէ ի վեր, artificial բառը հայերէնի մէջ թարգմանած ենք «արուեստական», հետեւաբար, առնուազն «Տարբերակ» հանդէսի պարագային՝ որոշեցինք artificial Intelligence-ը թարգմանել «Արուեստական բանականութիւն»՝ առանց շատ մտածելու intelligence-ի ճշգրիտ թարգմանութեան մասին:

Սակայն, հրապարակը շուտով սկսաւ ողողուիլ «արհեստական» եզրով՝ անոր հայաստանեան գործածութեան լոյսին տակ: Գիտակցաբար չենք ըսեր արեւելահայերէնի ազդեցութեան տակ, որովհետեւ քիչ ետք պիտի տեսնենք, թէ արհեստականը ընդհանրապէս կապ չունի artificial բառի հայերէնին հետ:

«Տարբերակ» ստացաւ գրութիւններ, որոնց հեղինակները կը պնդէին, թէ կ’ուզեն պահել «արհեստական բանականութիւն» եզրը եւ կը մերժեն «արուեստական բանականութիւնը»: Երկուութենէ խուսափելու համար, օրին որոշեցինք թիավարել հոսանքին հետ, սակայն յետ քննարկումներու սկսաւ ի յայտ գալ, որ հարցը միայն գործածութեան հարց չէ, այլ բառերու ծագումին, լեզուական ճշգրտութեան, մշակութային ինքնագիտակցութեան եւ հայերէնի զարգացման ուղղութեան կը վերաբերի:

Դեռ վերջերս, «Տարբերակ21»-ի ընթերցողներէն Վիգէն Լ. Ադդարեան կը բացատրէր, որ «artificial» բառին արմատը «art»-ն է՝ ars լատիներէն բառէն, որ արուեստ, մարդկային ստեղծագործութիւն եւ մարդակերտ ձեւաւորում կը նշանակէ։ Այս իմաստով «արուեստական»-ը աւելի բնական եւ լեզուաբանականօրէն ճշգրիտ համարժէք կը նկատուի, քան «արհեստական»-ը, որ աւելի մօտ է craft-ի կամ արհեստի գաղափարին։ «Արուեստական»-ը, հետեւաբար, ոչ միայն բառացի թարգմանութիւն է, այլ նաեւ աւելի ճիշդ կերպով կը փոխանցէ «բնականէն դուրս, մարդակերտ» ըլլալու գաղափարը։

Նոյն հարցը կը վերաբերի նաեւ «intelligence» բառին։ «Artificial-ը թարգմանել արհեստակա՞ն, թէ՞ արուեստական» խորագրեալ մեր թղթակցութեան մէջ կը նշէինք, թէ intelligence-ը նաեւ սխալ կը թարգմանենք, որ ըսել է խելացութիւն, խելամտութիւն, թերեւս նաեւ իմաստութիւն, բայց ոչ բանականութիւն: Սփիւռքահայ իմաստասէր, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ խմբագիր Մարկ Նշանեան նամակով մը խմբագրութեանս ուշադրութեան կը յանձնէր, որ intelligence-ին համար կարելի է նկատի առնել նաեւ «իմացականութիւն» բառը: Ստուգելով կարելի է եզրակացնել, որ «բանականութիւն»-ը աւելի մօտ է reasoning-ի կամ rationality-ի հասկացողութեան, մինչդեռ «իմացականութիւն»-ը աւելի լայն իմաստային դաշտ ունի եւ կը ներառէ գիտակցութիւնը, ընկալումը, ճանաչողութիւնը եւ մտային կարողութիւններու ամբողջութիւնը։ Այս պատճառով «իմացականութիւն»-ը աւելի ամբողջական կը փոխանցէ ժամանակակից AI հասկացողութիւնը։

Սակայն խնդիրը միայն բառագիտական չէ։ Լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց մը չէ։ Ան մշակութային յիշողութիւն է, ինքնութեան ձեւ, աշխարհընկալում եւ պատմական շարունակութիւն։ Երբ բառերը կը փոխուին, անոնք իրենց հետ կը փոխեն նաեւ մտածողութեան ձեւերը։ Հայերէնի պարագային այս հարցը աւելի զգայուն է, որովհետեւ մեր լեզուն երկար ժամանակ գտնուած է քաղաքական, գաղափարական եւ մշակութային ազդեցութիւններու տակ։ Հետեւանքը եղած է բառապաշարի, ուղղագրութեան եւ լեզուական մտածողութեան աստիճանական հեռացում իր աւանդական արմատներէն։

Այս իմաստով «արուեստական իմացականութիւն» եզրի ընտրութիւնը նաեւ փորձ մըն է՝ վերադառնալու լեզուական ինքնագիտակցութեան, ոչ թէ անցեալին կուրօրէն վերադառնալու, այլ լեզուն կրկին իր բնական զարգացման հունին մէջ դնելու նպատակով։ Անիկա նաեւ յիշեցում մըն է, թէ հայերէնը կրնա՛յ եւ պէ՛տք է ստեղծէ իր սեփական ժամանակակից բառապաշարը՝ առանց ինքն իրեն օտարանալու։

Անշո՛ւշտ, լեզուն միշտ ալ պիտի զարգանայ, փոխուի եւ նոր իրականութիւններու յարմարի։ Սակայն այդ զարգացումը աւելի առողջ կ’ըլլայ, երբ կը հիմնուի լեզուի ներքին տրամաբանութեան եւ մշակութային յիշողութեան վրայ, ոչ թէ պարզ սովորութեան կամ կրկնութեան։ «Արուեստական իմացականութիւն» եզրի որդեգրումը այդպիսի փորձ մըն է՝ ժամանակակից աշխարհի լեզուն հայերէնով մտածելու եւ արտայայտելու։

Իմացականութիւնը կը ներառէ խելացութեան, ընկալման եւ տեղեկութիւնը մշակելու այն յատկութիւնները, որոնք բնորոշ են տուեալ թեքնաբանական երեւոյթին: Հետեւաբար, «Արուեստական Իմացականութիւնը» (ԱԻ) ո՛չ միայն լեզուականօրէն ճիշդ է, այլեւ աւելի հարազատօրէն կը պատկերէ համակարգչային մտածողութեան էութիւնը:

Այս պատճառներով, «Տարբերակ21» որոշած է այսուհետեւ գործածել «արուեստական իմացականութիւն» եզրը, իսկ կարճ ձեւով՝ «ԱԻ»։ Այս ընտրութիւնը բառի պարզ փոփոխութիւն մը չէ, այլ փորձ մը՝ աւելի մօտենալու հայերէնի ներքին տրամաբանութեան, պատմական յիշողութեան եւ իմաստային ամբողջականութեան։

Վ.Թ.

 

Ո՞վ կը յանդգնի ըլլալ առանց դիմակի

Դիմակահանդէս է․․․ ամէն կողմ դիմակներ՝ բազմազան, գունագեղ, փայլուն եւ ուլունքներով զարդարուած։ Ոմանք ժպիտ կը կրեն իրենց վրայ, ուրիշներ՝ զարմանք, տագնապ կամ անպատասխան հարցում մը։ Կան մարդիկ, որոնք նոյնիսկ դիմակի ետին ծանօթ կը թուին, մինչ ուրիշներուն իրական դէմքը տեսնելու համար պէտք է անպայման իրենց դիմակը վար առնեն։ Իսկ ոմանք ալ, թերեւս մոռցած իրենց դիմակը բերելու, օտար եւ անպաշտպան կը զգան այս մեծ դիմակահանդէսին մէջ, ուր առանց դիմակի տեղ ունենալը գրեթէ անհնար է։

Երբ դեռ փոքր էինք, մեզի սորվեցուցած էին, թէ դիմակները միայն Բարեկենդանի ուրախ խաղերուն կը պատկանին՝ գունազարդ, զուարճալի եւ անմեղ։ Տարիներու ընթացքին, երբ հասուն անձեր դարձանք, հասկցանք, թէ դիմակը միայն տօնական օրերու զարդ չէ։ Ան մարդու առօրեային անբաժանելի մասն է, երբեմն՝ պաշտպանութիւն, երբեմն՝ պատրանք, իսկ շատ անգամ՝ լուռ քողարկում իրական զգացումներուն։

Մարդ յաճախ կը կրէ տարբեր դիմակներ՝ կախեալ միջավայրէն եւ պայմաններէն։ Սակայն ինչո՞ւ․․․ Ան կը փորձէ իր խոցելի կողմերը ծածկել եւ «յաջող» անձի մը տպաւորութիւնը ձգել՝ ներազդելու համար իր շրջապատին վրայ։

Դիմակները երբեմն անհրաժեշտ են, որ մարդ յարմարի հասարակութեան պահանջներուն, պաշտպանէ իր զգացումները կամ պահպանէ իր դիրքը։ Սակայն միշտ այդպէս չէ․ դիմակները մեզի կը փրկեն որոշ պահերու, բայց կամաց-կամաց կը ծանրանան՝ դառնալով շղթաներ, որոնք կը կաշկանդեն մեր իսկական էութիւնը։

Դիմակը յաճախ կը ներկայացուի որպէս կեղծիք կամ որպէս մարդու ներքին ու արտաքին աշխարհներու հակասութեան արտայայտութիւն։ Գրականութեան մէջ ալ կարելի է գտնել նման պատկերներ։ Օրինակ՝ Յակոբ Պարոնեանի երգիծական ստեղծագործութիւններուն մէջ, մասնաւորաբար «Պաղտասար Աղբար»-ին մէջ, որոշ կերպարներ կը դիմակաւորեն իրենք զիրենք՝ ձեւանալով այլ անձեր, որ ուրիշին աչքին լաւ եւ ընդունելի թուին։ Սակայն իրականութեան մէջ անոնք կը մնան նոյն թերութիւններով եւ ներքին հակասութիւններով անհատներ։

Դիմակը «ես»-ին եւ «ուրիշի աչքին երեւացող ես»-ին միջեւ գոյացած բացը կը լրացնէ։ Մարդ կը ստեղծէ այնպիսի կերպարներ, որոնք աւելի հեշտ կ՛ընդունուին կամ «համբաւ» կրնան շահիլ հասարակութեան մէջ։ Սակայն այս երկդիմութիւնը գին ունի։ Մարդ որքան հարազատ զգայ իր դիմակներուն հետ, այնքան կը հեռանայ իր ներքին էութենէն։ Ան կ՛ապրի ոչ թէ այնպէս, ինչպէս կը զգայ, այլ այնպէս, ինչպէս պէտք է երեւի։ Երբեմն մարդ այնքան կը վարժուի իր նոր ինքնութեան, որ կը մոռնայ, թէ ո՛վ է ինք իրականութեան մէջ։

Շատ անգամ դիմակի մը ճեղքերէն որոշ ճշմարտութիւններ կ՛արտահոսին, մինչեւ դիմակին ծանրութիւնը դառնայ անհանդուրժելի, եւ ան ամբողջովին իյնայ՝ ձգելով անձը մերկ իրականութեան առջեւ։ Հոս է, որ մարդ բախում կ՛ունենայ իր իրական «ես»-ին հետ։ Այս հանդիպումը ծանր է․ դիմակին հետ կ՛իյնայ նաեւ այն պատրանքը, թէ պէտք է ուրիշ մէկը երեւինք՝ աւելի ընդունելի եւ հաճոյալի դառնալու համար։

Արդեօք կարելի՞ է ապրիլ առանց դիմակի․ հաւանաբար ո՛չ ամբողջովին։ Անոնք անխուսափելի են կեանքի մէջ` այն պայմանով, որ մարդ գիտակցի, թէ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ կը կրէ զանոնք։ Այս պարագային, զանոնք գիտակցաբար օգտագործելը եւ սեփական ինքնութիւնը չկորսնցնելը կեանքի հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկն է։ Այլապէս, ինքնախաբէութիւնը կրնայ ժամանակաւորապէս «հանգիստ» պատճառել, իսկ հետագային՝ ունենալ բացասական անդրադարձեր։

Շատ մը փիլիսոփաներ կը հաստատեն, թէ ճշմարիտ ազատութիւնը եւ ներքին խաղաղութիւնը կը սկսին այն պահուն, երբ մարդ կը հրաժարի արտաքին սահմանումներէ կամ դիմակներէ եւ կը համարձակի ընդունիլ ինքզինք ինչպէս որ է։ Հոս է իրական սկիզբը՝ երբ մարդ կը դադրի դեր խաղալէ եւ կը սկսի ապրիլ ինքնակամութեամբ եւ խորք ունեցող կեանքով։ Այստեղ կը ծագի կարեւոր հարցում մը․

Ոչ թէ՝ «Ո՞վ եմ ես հիմա»,

Այլ՝ «Ո՞վ կը յանդգնիմ ըլլալ առանց վախի»։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն. Ինչպէ՞ս վայելել մեր լեզուի ամբողջական հարստութիւնը

Վերջերս ստացանք հետեւեալ գրութիւնը, որ կը շօշափէ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միջեւ դասական գրականութեան «վերածում»-ի բաւական զգայուն եւ կարեւոր հարցը։ Գրութիւնը հրապարակուած է VLUME հարթակին կողմէ, որ հայկական թուային մեծագոյն գրադարաններէն մէկն է, ուր կարելի է գտնել ելեկտրոնային գիրքեր, ձայնագրուած գիրքեր եւ տեսաշարքեր դասական եւ ժամանակակից գրականութենէն՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակներով։ Իր հիմնադրութենէն ի վեր, հարթակը կը ծառայէ թէ՛ անհատ ընթերցողներու եւ թէ՛ կրթական հաստատութիւններու՝ ներառեալ դպրոցներու եւ գրադարաններու։

Գրութիւնը կը վերաբերի ոչ միայն լեզուական հասանելիութեան, այլեւ գրական ժառանգութեան, ինքնութեան, մանկավարժութեան եւ երկու լեզուաճիւղերուն միջեւ կամուրջներու պահպանման հարցին։ Քանի որ նիւթը լայն խորհրդածութեան շարժառիթ կը հանդիսանայ, կ’ուզենք զայն բաժնել ընթերցողներուն հետ՝ յոյսով, որ շատեր պիտի արտայայտեն իրենց տեսակէտները եւ մասնակցին այս անհրաժեշտ հարցախոյզ-քննարկումին։ Հետեւաբար, կը ներառենք համապատասխան կապերը։

Կարելի է հարցախոյզին մասնակցիլ այս կապով https://tinyurl.com/4jzbtphc

Անշուշտ, հարցը պարզ ընտրութեան մը չի վերաբերիր՝ վերածե՞լ թէ՞ չվերածել։ Խնդիրը աւելի խոր է. ան կը վերաբերի այն ձեւին, որով մենք կ՛ուզենք մեր լեզուն ապրեցնել, ոչ միայն որպէս ժառանգութիւն, այլ որպէս գործածուող իրականութիւն։ Եթէ հասանելիութիւնը վերածուի ամբողջական փոխարինումի, ապա կամաց-կամաց կը կորսուի լեզուի բազմաձայնութիւնը, անոր ներքին հարստութիւնը եւ տարբեր ճիւղերուն միջեւ գոյացած պատմական յիշողութիւնը։ Իսկ եթէ պահպանութիւնը վերածուի սահմանափակումի, ապա նոյն այդ ժառանգութիւնը կը հեռանայ նոր սերունդներէն՝ դառնալով քիչերու սեփականութիւնը։ Հետեւաբար լուծումը պէտք է գտնուի կամուրջներ ստեղծելու մէջ՝ այնպիսի միջոցներով, որոնք կը պահեն բնագիրը իր ամբողջականութեամբ, բայց միաժամանակ կը գտնեն զայն հասանելի դարձնող եղանակներ։ Որովհետեւ լեզուն կը պահպանուի ոչ թէ այն ժամանակ, երբ ան կը պահուի անփոփոխ, այլ այն ժամանակ, երբ ան կը շարունակէ ընթերցուիլ, հասկցուիլ եւ վերապրիլ սերունդէ սերունդ։

Լեզուն կը շարունակէ ապրիլ, երբ կը շարունակէ կարդացուիլ

 Հարց մը, որուն ձեր կարծիքը յայտնել կը խնդրենք այս յօդուածին աւարտին։

Արդեօք դասական հայ գրականութիւնը պէ՞տք է վերածուի իր երկու լեզուաճիւղերուն միջեւ՝ Թումանեանը՝ արեւմտահայերէնի, Պարոնեանը՝ արեւելահայերէնի, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ մանուկ կարենայ կարդալ ամէն մէկ հայ հեղինակ՝ առանց լեզուական խոչընդոտի հանդիպելու։ Թէ՞ միւս լեզուաճիւղով կարդալը ինքնին այն միջոցն է, որով մանուկները կը ծանօթանան իրենց գրական ժառանգութեան երկու տարբերակներուն եւ զանոնք տարբերակող նրբերանգներուն՝ կամուրջ մը, զոր փոխադրութիւնը աննկատ կերպով կրնայ վերացնել։

Այս հարցին Վլումը (Vlume) առանձինը չի կրնար պատասխանել։ Ընթերցողները, ծնողներն ու կրթական մշակները, որոնք կը ծանօթացնեն գիրքերը երեխաներուն, անոնք են, որոնց դատողութիւնը հոս կարեւոր է, եւ այս յօդուածին վերջաւորութեան մենք կը խնդրենք իրենց կարծիքը։ Սակայն, նախքան հարցախոյզը, հարցը կ’արժէ արդարացիօրէն քննել երկու կողմերէն ալ, ինչ որ այս յօդուածին մնացեալ մասը կը փորձէ ընել:

Ի՞նչ կը հասկնանք «Վերածում» ըսելով

Ուղղագրութեան փոփոխութիւնը՝ դասականի եւ արդիի միջեւ, պէտք է առանձին քննարկուի, բայց այս պարագային մեր հարցումը անոր մասին չէ։ Փոխադրութիւն ըսելով կը հասկնանք գործի մը վերածումը գրական հայերէնի մէկ ճիւղէն միւսին՝ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի կամ հակառակը, միեւնոյն ատեն անաղարտ պահելով բնագիրը, կառոյցը եւ հնարաւորինս՝ հեղինակային յատկանիշները, միշտ առաջնային դասելով երեխային հասանելիութիւնը։ Ասիկա կրնայ տարբեր ձեւեր ունենալ՝ ամբողջական վերաշարադրանքներէն մինչեւ զուգահեռ էջերով հրատարակութիւններ կամ թուային փոխանջատիչներ (digital toggles)։ Մեր ուշադրութեան կեդրոնը մանկական գրականութիւնն է, ուր հասանելիութեան վտանգները ամենաբարձրն են։

Վերածելու ի նպաստ պատճառներ

Փոխադրութեան ի նպաստ գլխաւոր պատճառաբանութիւնը հասանելիութիւնն է։ Հսկայ Սփիւռքի մանուկներու էական զանգուածին համար հայերէնը արդէն իսկ երկրորդ կամ երրորդ լեզու է, եւ անծանօթ լեզուաճիւղի մը յաւելեալ շերտը կրնայ սիրելի դասական մը վերածել ծածկագիր վերծանելու վարժութեան։ Հիւմորը, կշռոյթը եւ յուզական անմիջականութիւնը՝ ճիշդ այն բաները, որոնք գիրք մը անմոռանալի կը դարձնեն, առաջին բաներն են, որոնք կը տուժեն, երբ երիտասարդ ընթերցողը կը ճգնի դեռ բառապաշարը վերլուծել։ Ծանօթ լեզուաճիւղով կարդալու պարագային, Պարոնեանի սուր երգիծանքը կ’ընկալուի անմիջապէս։

«Այս ճամփորդն օժտված էր մի զույգ խոշոր ու սև աչքերով, մի զույգ հաստ, սև ու երկար հոնքերով, մի զույգ մեծ ականջներով և մի զույգ քթով… չէ՛, չէ՛, մեկ քթով, թեպետ և այն մի զույգ քթի տեղ կարող էր ծառայել»։ ~ Յակոբ Պարոնեան

«Քանի՜ ձեռքէ եմ վառած, Վառած ու հուր եմ դարձած, Հուր եմ դարձած, լոյս տուած, Լոյս տալով եմ սպառած:» ~ Յովհաննէս Թումանեան

Մտահոգութիւնը մանուկներէն անդին կ’երթայ։ Երբ ժամանակակից ընթերցողը՝ ըլլա՛յ ուսանող, թէ բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի մասնագէտ, կը հրաժարի Մուրացան կամ Օտեան կարդալէ լոկ այն պատճառով, որ լեզուական ճիւղը իրեն օտար կը թուի: Ուրեմն բան մը պակաս է։ Եթէ դասական հեղինակները հասանելի մնան միայն իրենց սկզբնական լեզուաճիւղով, անոնք կը վտանգուին շուտով վերածուելու միայն մասնագէտներու ուսումնասիրութեան առարկայի. ուսումնասիրուած, ուսումնասիրուող բայց չընթերցուած, չընթերցուող ներկայ մատղաշ սերունդին ու գալիքի հանրութեան կողմէ։ Ըստ այս տեսակէտին, փոխադրութիւնը այն միջոցն է, որով գրական ժառանգութիւնը կրնայ ապրիլ սերունդներուն մէջ։

Եղածը պահելու ի նպաստ պատճառներ

Վերածելու հակա-պատճառաբանութիւնը այն է, որ միւս լեզուաճիւղով կարդալը ինքնին մաս կը կազմէ այն գործընթացին, որով մանուկները կը ճանչնան միւս տարբերակը։ Հանդիպումը վերացնելը կը վերացնէ իւրացումը: Մանուկ մը, որ Թումանեան կը կարդայ արեւմտահայերէնով՝ ջանք գործադրելով, ծնողի կամ ուսուցիչի մը կողքին՝ պարզապէս պատմութիւն մը չէ, որ կը կարդայ: Անոնք կամուրջ մը կը կառուցեն դէպի իրենց գրական աւանդոյթի միւս կէսը:

«Քանի՜ ձեռքից եմ վառվել, Վառվել ու հուր եմ դառել, Հուր եմ դառել` լույս տվել, Հույս տալով եմ սպառվել։» ~ Յովհաննէս Թումանեան

«Այս ճամբորդն օժտուած էր զոյգ մը խոշոր եւ սեւ աչքերով, զոյգ մը հաստ, սեւ եւ երկար յօնքերով, զոյգ մը մեծ ականջներով եւ զոյգ մը քիթեր․․․ չէ՛, չէ՛, մէկ քիթով, թէպէտ եւ բայց զոյգ մը քիթերու տեղ կրնար ծառայել։»։ ~ Յակոբ Պարոնեան

Գոյութիւն ունի նաեւ ձայնի հարցը: Լեզուն միայն տեղեկութիւն չէ, այլ ան կը կրէ հեղինակին հոգեբանութիւնը, անոր շունչը, ժամանակաշրջանին համն ու հոտը: Թումանեանը արեւելահայերէնով կարդալը կը կրէ այն, ինչ կրնանք կոչել անոր «լոռուայ շունչը»՝ տեղայնական հիւսուածք մը, որ մօտիկ տարբերակի թարգմանութիւնը հակուած է հարթելու: Արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը բաւականաչափ մօտ են իրարու. անոնց միջեւ փոխադրութիւնը խաբուսիկ կերպով պարզ կը թուի, բայց կշռոյթն ու տեղայնական ձայնը յաճախ առաջին զոհերն են: Եւ կայ նաեւ գործնական մտահոգութիւն. հայկական հրատարակչութիւնը կը գործէ փոքր ծաւալով, եւ զուգահեռ հրատարակութիւններու արտադրութիւնը կը վտանգէ պառակտել առանց այն ալ սահմանափակ ընթերցողներու բազմութիւնը:

Ի՞նչ կ’ընեն նման պարագաներ ունեցող այլ ժողովուրդներ

Հայերէնը միակ լեզուն չէ, որ ունի գրական երկու ճիւղեր, այլ ժողովուրդներ տարբեր լուծումներու յանգած են: Փորթուկալերէնը օրինակ մը ունի: Եւրոպական եւ պրազիլական փորթուկալերէնները երկուքն ալ լիարժէք գրական չափորոշիչներ են, երկուքն ալ կը դասաւանդուին ու աշխոյժ կերպով կը հրատարակուին: Անոնց միջեւ փոխադրութիւնը սովորական երեւոյթ է. յատկապէս մանկական գիրքերը յաճախ առանձին կը տեղայնացուին իւրաքանչիւր շուկայի համար, իսկ օտար գործեր լոյս կը տեսնեն Ատլանտեանի երկու ափերուն համար ակնյայտօրէն տարբեր հրատարակութիւններով: Թէ արդեօք այս անհրաժեշտութի՞ւն է, թէ՞ չափազանցութիւն, կը մնայ աշխոյժ բանավէճի առարկայ, նոյնիսկ փորթուկալացի կրթական մշակներու միջեւ:

Նորվեկերէնը կու տայ հակառակ պատասխանը: Անոր երկու գրական տարբերակները՝ Պոքմոլը (Bokmål) եւ Նինորսքը (Nynorsk), յառաջ եկած են տասնիններորդ դարուն՝ Դանիայէն անկախանալէ ետք. Պոքմոլը՝ դանիերէնի աստիճանական նորվեկացման միջոցով, որ կ’արտացոլէ քաղաքային արեւելեան խօսուածքը: Նինորսքը կառուցուած է գիւղական արեւմտեան բարբառներէն՝ պահպանելու համար այն ձայնը, զոր քաղաքային չափորոշիչը չէր կրեր: Երկուքն ալ կը մնան լիարժէք գրական լեզուներ, կը դասաւանդուին դպրոցներուն մէջ եւ կը հրատարակուին երեխաներու համար: Անոնց միջեւ փոխադրութիւնը ընդունուած սովորութիւն չէ: Իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ տարբեր Նորվեկիա մը՝ քաղաքային/արեւելեան ընդդէմ գիւղական/արեւմտեանի. եւ զանոնք մէկ միասնական ձեւի մէջ ձուլելը պիտի ջնջէր այդ ձայներէն մէկը:

Ինչո՞ւ հայերէնը իւրայատուկ վիճակ մը ունի

Ոչ մէկ օրինակ ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ մեզի: Փորթուկալերէն կը խօսին քանի մը հարիւր միլիոն մարդիկ: Նորվեկերէնի երկու չափորոշիչները կը գոյատեւեն մէկ երկրի մէջ, աջակցութիւն ստանալով դպրոցական համակարգէ մը, որ կ’երաշխաւորէ, որ իւրաքանչիւր ընթերցող հանդիպի երկուքին ալ: Հայերէնի ընթերցողներու զանգուածը աւելի փոքր է երկու ճիւղերուն համար ալ, աւելի ցրուած, եւ ձեւաւորուած հսկայ Սփիւռք մը, որուն յարաբերութիւնը լեզուին հետ արդէն իսկ խոչընդոտներու դիմաց է:

Կայ նաեւ շերտ մը, որ զուգահեռներէն ոչ մէկը կ’արտացոլէ: Փորթուկալերէնը փակեց իր անդրատլանտեան ուղղագրական բացի մեծ մասը 1990-ի Ուղղագրական Համաձայնագրով: Նորվեկերէնի երկու չափորոշիչները կը կիսեն մէկ ուղղագրական համակարգ: Հայերէնը այդպէս չէ: Դասական ուղղագրութեան՝ որ կը գործածուի արեւմտահայերէնի մէջ եւ Արդի ուղղագրութեան միջեւ եղած բացը, տեսողական պատնէշ մըն է, որ կ’աւելնայ լեզուաճիւղերու միջեւ եղած բառապաշարային եւ քերականական տարբերութիւններուն վրայ: Գործնականին մէջ, գործի մը վերածումը լեզուաճիւղերու միջեւ յաճախ այնքան ուղղագրական փոխակերպումի հարց է, որքան՝ լեզուական փոխադրութեան: Ասիկա անջատ խօսակցութիւն մըն է այն հարցէն, զոր այս հարցախոյզը կ’ուղղէ: Սակայն մտմտալ կու տայ, թէ ինչո՞ւ հայերէնի հարցին կարելի չէ պատասխանել՝ մատնացոյց ընելով ուրիշի մը լուծումը:

Մենք ունինք նաեւ գործիքներ, զորս նախորդ սերունդները չունէին. թուային հրատարակութիւնները կրնան առաջարկել փոխանջատիչներ, բացատրութիւններ եւ զուգահեռ դիտումներ, զորս տպագիրը երբեք թոյլ չէր տար: Որոշումը միայն այն մասին չէ, թէ ի՞նչ պէտք է հրատարակել, այլ նաեւ այն մասին, թէ ընթերցանութեան փորձառութիւնը ինքնին ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ այժմ:

Խօսքը ձերն է

Մենք կ’ուզենք լսել ծնողները, կրթական մշակներն ու ընթերցողները, որոնք հայ գրականութիւնը կը փոխանցեն երեխաներուն, ոչ միայն դասագիրքերով, այլ անկէ անդին՝ գիրքեր տալով անոնց ձեռքը:

Պիտի կիսենք արդիւնքներն ու հետագայ որոշումները ձեզի հետ:

VLUME

«Ինչպէ՞ս կանք»․ հայ ինքնութեան գոյաբանական հարցումը

27 ապրիլ 2026-ին հրապարակեցինք Թալին Սուճեանի «Գաղութատիրական կարգը. հայրիշխանութեան եւ սպիտակներու ժամանակը» խորագրեալ յօդուածը, որ կ’անդրադառնար Ֆրանց Ֆանոնի, Զաւէն Պիպեռեանի, Մարթին Հայտէկկէրի, գաղութատիրութեան եւ մտաւորական լուսանցքայնացման հարցերուն, նաեւ՝ անչափահաս աղջիկներու սեռային շահագործման եւ առեւտուրի յանցանքներով ամբաստանուած Ճեֆրի Էփսթինի բացայայտումներուն, որոնք «խոր ճեղք մը յառաջացուցին հայրիշխանական կարգին մէջ», կը նշէր Սուճեան: Այս յօդուածը զիս մղեց աւելի լայն խորհրդածութիւններու։ Անիկա պարզ գրական կամ ակադեմական ընթերցում մը չէր եւ առիթ կը ստեղծէր աւելի խոր հարցումներու՝ իշխանութեան, յիշողութեան, ինքնութեան եւ մեր ժամանակներուն մէջ հայ ըլլալու բարդ փորձառութեան մասին։

Այդ ընթերցումէն ետք, դժուար էր չվերադառնալ երկու մեծ մտածողներու՝ Ֆրանց Ֆանոնի եւ Մարթին Հայտէկկէրի, որոնք տարբեր ճամբաներով փորձած են հասկնալ մարդը, անոր օտարացումը եւ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունենալու դժուարութիւնը։

Ժամանակակից աշխարհին մէջ, ուր ինքնութիւնը ամէն օր կը վերաձեւաւորուի, իսկ յիշողութիւնը՝ կա՛մ կը շահագործուի, կա՛մ ալ կը մոռցուի, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ կ’ըլլայ վերադառնալ այն մտածողներուն, որոնք փորձած են հասկնալ մարդուն եւ իշխանութեան միջեւ եղած խոր կապը։ Այս իմաստով, Ֆրանց Ֆանոնն ու Մարթին Հայտէկկէրը կը ներկայանան որպէս երկու տարբեր, բայց զարմանալիօրէն համընկնող մտածողներ։

Ֆրանց Ֆանոն (1925–1961) Մարթինիք ծնած ֆրանսացի սեւամորթ հոգեբոյժ եւ փիլիսոփայ մըն էր, որ հետագային դարձաւ Ալճերիոյ յեղափոխութեան (1954–1962) գլխաւոր մտաւորական ձայներէն մէկը եւ երրորդ աշխարհի ժողովուրդներուն խօսնակը։ Ան միացաւ Ալճերիոյ Ազգային Ազատագրական Ճակատին (FLN)՝ պնդելով, թէ բիրտ ուժի գործածութիւնը անհրաժեշտ է ապագաղութացման համար։ Իր «Երկրագունդին ողորմելիները» նման գործերուն մէջ Ֆանոն խորապէս կը վերլուծէր գաղութատիրական բռնակալութեան հոգեբանական հետեւանքները։ Ան իր գրութիւններուն մէջ կը բացայայտէր, թէ ինչպէ՛ս գաղութատիրութիւնը ոչ միայն քաղաքական եւ տնտեսական համակարգ մըն է, այլեւ հոգեբանական բռնութեան ձեւ մը, որ գաղութացուած մարդը կ՛օտարացնէ իր պատմական ու մշակութային ինքնընկալումէն եւ կը ստիպէ ինքզինք տեսնելու պարտադրուած ստորադասութեան ակնոցով։

Հայտէկկէր (1889 – 1976) հակառակ իր քաղաքական խիստ խնդրայարոյց ժառանգութեան իբրեւ Նացիզմի դերակատարներէն մէկը, ժամանակակից փիլիսոփայութեան առանցքային անուններէն մէկը կը մնայ։ Ան փորձեց վերադառնալ գոյութեան հիմնական հարցումին՝ «ի՞նչ կը նշանակէ գոյութիւն ունենալ»։ Իր մտածողութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ժամանակակից փիլիսոփայութեան, գրականութեան եւ մշակութային տեսութիւններուն վրայ, որովհետեւ ան կը քննէր մարդուն օտարացումը, առօրեային մէջ կորսուիլը եւ ժամանակակից աշխարհի հոգեւոր դատարկութիւնը։

Այս երկու մտածողները, հակառակ իրենց տարբեր ուղղութիւններուն, կը հանդիպին կարեւոր կէտի մը շուրջ՝ մարդուն եւ աշխարհին միջեւ խզումի փորձառութեան։ Մէկը կը խօսի գաղութատիրութեան, բռնութեան եւ ճնշուած մարդու հոգեկան խաթարումին մասին, իսկ միւսը՝ գոյութեան, մոռացութեան եւ ժամանակակից մարդու ներքին օտարացման։

Թալին Սուճեանի յօդուածը այս երկու մտածողներուն միջեւ ստեղծած է խոր եւ կարեւոր կամուրջ մը՝ զանոնք կապելով Զաւէն Պիպեռեանի գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայկական փորձառութեան։ Յօդուածը պարզ ակադեմական քննարկում մը չէ։ Ան աւելի փորձ մըն է հասկնալու, թէ ինչպէս բռնութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ոչ միայն պետութիւններու եւ բանակներու մէջ, այլեւ ընտանիքներու, լեզուներու, յիշողութիւններու եւ առօրեայ կեանքի կառուցուածքներուն մէջ։

Սուճեան կը յիշեցնէ, որ գաղութատիրութիւնը միայն հողային բռնագրաւում կամ քաղաքական բռնութիւն չէ։ Ան հոգեբանական եւ գոյաբանական ասպատակում է։ Ֆանոն այս մէկը կը բացայայտէ իր ամբողջ խորութեամբ։ Իր «Երկրագունդին ողորմելիները» եւ «Սեւ մորթ, ճերմակ դիմակներ» գործերուն մէջ ան կը նկարագրէ, թէ ինչպէս ճնշուած մարդը ի վերջոյ կը սկսի ինքզինք տեսնել տիրողին աչքերով։ Մարդը կ’իւրացնէ ստորադասութիւնը եւ իր իսկ գոյութեան մէջ կը բաժնուի երկուքի։

Այս փորձառութիւնը օտար չէ հայուն։ Հայ ինքնութիւնը նոյնպէս ձեւաւորուած է ոչ միայն ունեցածով, այլ նաեւ կորսուածով։ Ցեղասպանութիւնը հայուն համար միայն ֆիզիքական բնաջնջում չէր։ Ան նաեւ հոգեկան եւ մշակութային ցնցում էր։ Լեզուն կտրատուեցաւ եւ յիշողութիւնը քայքայուեցաւ։ Սփիւռքը դարձաւ գոյութեան նոր պայման մը, ուր հայը շարունակեց ապրիլ՝ բայց միշտ ալ որոշ բացակայութեան մը զգացումով։

Այս պատճառով ալ, Ֆանոնի մտածողութիւնը կարելի չէ դիտել իբրեւ սոսկ ափրիկեան կամ հակագաղութատիրական իրականութեան վերաբերող տեսութիւն։ Ան կը խօսի բոլոր այն ժողովուրդներուն մասին, որոնք ստիպուած եղած են գոյութիւն ունենալ ուրիշի հայեացքին տակ։ Հայ իրականութիւնը այս իմաստով ֆանոնեան է։ Մենք ալ շատ անգամ մենք զմեզ կը տեսնենք ուրիշին հաստատումով, ուրիշին ընկալումով, ուրիշին սահմանումով։

Բայց Սուճեանի յօդուածը կանգ չ’առներ միայն Ֆանոնի մօտ։ Ան կը դիմէ նաեւ Հայտէկկէրի՝ աւելի վտանգաւոր եւ բարդ հարցադրում մը կատարելու նպատակով։ Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ նացիականութեան կապուած, «ճերմակամորթ» եւրոպական մտածող մը տակաւին կը շարունակէ մնալ համաշխարհային փիլիսոփայութեան կեդրոնը, մինչ Ֆանոնի նման մտածողներ լուսանցքի վրայ կը մնան։

Այս հարցումը պարզ բարոյական քննադատութիւն մը չէ։ Ան կը բացայայտէ, թէ ակադեմական աշխարհը որքա՛ն խորապէս կապուած է իշխանութեան կառոյցներուն։ Հայտէկկէր ընդունելի կը մնայ, որովհետեւ ան կը գտնուի «օրինական» եւրոպական աւանդութեան մէջ։ Ֆանոն, ընդհակառակը, վտանգաւոր է, որովհետեւ ան կը խախտէ այդ աւանդութեան հիմքերը։ Ան կը ստիպէ տեսնել այն բռնութիւնը, որուն վրայ կառուցուած է ամբողջ համակարգը։

Բայց մտաւորականներու լուսանցքայնացումը միայն արեւմտեան համալսարաններու խնդիր չէ։ Ան շարունակուող իրականութիւն մըն է աշխարհի տարածքին, ներառեալ հայկական իրականութեան մէջ։ Յաճախ հասարակութիւնները աւելի դիւրութեամբ կ’ընդունին այն ձայները, որոնք կը վերահաստատեն գոյութիւն ունեցող կառոյցները, քան այն մտածողները, որոնք կը փորձեն հարցականի տակ դնել զանոնք։

Յատկապէս սփիւռքեան հայկական իրականութեան մէջ, ուր կազմակերպական եւ վարչական կառոյցները մեծ մասամբ պահպանողական ուժերու ձեռքը կը մնան, անկախ եւ մտաւորական քննադատող ձայները յաճախ կը դիտուին որպէս անհանգստացնող կամ «վտանգաւոր» ներկայութիւններ։ Հետեւանքը այն է, որ շատ մը գրողներ, մտածողներ եւ նոր գաղափարներ կը մնան լուսանցքի վրայ, կամ կը հանդուրժուին միայն այնքան ատեն, որքան չեն վիճարկեր հաստատուած մտածողութիւնը։

Այս մէկը պատահական երեւոյթ չէ։ Իշխանութիւնը՝ ըլլայ քաղաքական, մշակութային կամ կազմակերպական, բնազդաբար կը միտի պահպանելու իր սեփական լեզուն, յիշողութիւնը եւ ինքնութեան սահմանումները։ Այդ պատճառով ալ, Պիպեռեանի, Ֆանոնի կամ նոյնիսկ այսօրուան քննադատ հայ մտաւորականներուն նման ձայները շատ անգամ կը գտնուին մեկուսացման կամ անտեսման վիճակի մէջ։

Սուճեան այս հակադրութիւնը կը կապէ նաեւ Զաւէն Պիպեռեանի։ Ինչպէս Ֆանոն, Պիպեռեան եւս կը բացայայտէր ընտանիքին, հասարակութեան եւ հայրիշխանական կառոյցներուն մէջ թաքնուած բռնութիւնը։ «Լկրտածը» վէպը պարզ ընտանեկան պատմութիւն մը չէ։ Ան վկայութիւն մըն, թէ ինչպէ՛ս պատմական ճնշումները կը շարունակեն ապրիլ մարդոց ամենօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ։

Յատկապէս կարեւոր է Սուճեանի այն դիտարկումը, թէ գաղութատիրական համակարգերը առաջին հերթին կը հարուածեն ընտանիքը։ Որովհետեւ երբ պատմական յիշողութիւնը կը խախտի, մարդը աւելի դիւրութեամբ կը կորսնցնէ իր կապը ինքնութեան հետ։ Այս մէկը հայկական իրականութեան մէջ խորապէս տեսանելի է։ Հայ ընտանիքը շատ երկար ժամանակ դարձած է գոյատեւման հիմնական տարածքը։ Բայց նոյն այդ ընտանիքին մէջ նաեւ փոխանցուած են վախերը, խլացուած ձայները եւ երբեմն ալ ինքնութեան բեռը։

Հոս Հայտէկկէր անսպասելիօրէն կը դառնայ արդիական։ Ան կը խօսի այն մարդու մասին, որ աննկատ կերպով կը կորսնցնէ ինքզինք առօրեային մէջ։ Մարդը կը դադրի հարց տալէ, կը ձուլուի, կը հաշտուի։ Այս մէկը նոյնքան իրական է սփիւռքեան հայուն համար։ Լեզուն շատ անգամ չի կորսուիր պատերազմով, այլ՝ աստիճանաբար յարմարելով։ Ինքնութիւնը չ’անհետանար մէկ օրէն միւսը, այլ դանդաղ մաշումով։

Ահա թէ ինչո՛ւ հայ իրականութիւնը կարելի է դիտել միաժամանակ թէ՛ ֆանոնեան եւ թէ՛ հայտէկկէրեան տեսանկիւնէ։ Մէկ կողմէ, պատմութիւնը մեզի պարտադրած է օտարացում մը, իսկ միւս կողմէ՝ ներկայ աշխարհը մեզ կը մղէ մոռացութեան։ Ֆանոն կը յիշեցնէ, որ մարդը կը կերտուի ուժերու մէջ։ Հայտէկկէր կը յիշեցնէ, որ մարդը պէտք է հարց տայ իր իսկ գոյութեան մասին։ Այս երկուքը միասին մեզ կը մղեն աւելի խոր ինքնախոհութեան մը։

Այսօր հայ ինքնութիւնը կը գտնուի նոր ճնշումներու տակ։ Համաշխարհայնացումը, լեզուական նահանջը, մշակութային միաձուլումը եւ թուային աշխարհը կը փոխեն ինքնութեան բոլոր հին ձեւերը։ Այս պայմաններուն մէջ վտանգը երկակի է։ Կամ ինքնութիւնը կը վերածուի պարզ յուշի եւ ծէսի, կամ ալ ամբողջովին կը լուծուի ներկայ աշխարհին մէջ։

Բայց թերեւս հայ ըլլալը ո՛չ միայն անցեալին կառչիլ է, ո՛չ ալ անցեալէն փախչիլ։ Անիկա շարունակուող հարցում մըն է։ Ոչ միայն՝ «ո՞վ ենք մենք», այլ նաեւ՝ «ինչպէ՞ս կանք»։ Հոս կը մտաբերենք Յարութիւն Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը, որ տակաւին 1968-ին նոյն այս հարցումը կը դնէր սփիւռքահայութեան առջեւ՝ մերժելով ինքնութիւնը սահմանափակել պահպանումի եւ ձուլումի պարզունակ հակադրութեամբ։ Ան կը պնդէր, թէ հայ ինքնութիւնը կայուն բանաձեւ մը չէ, այլ շարունակաբար վերաձեւաւորուող «հաւասարում» մը՝ պատմութեան, ներկայի եւ համամարդկային փորձառութեան միջեւ։

Այս իմաստով, Ֆանոն եւ Հայտէկկէր մեզի պատրաստ պատասխաններ չեն տար։ Բայց անոնք կը ստիպեն մեզ մտածելու այն լարումներուն մասին, որոնց մէջ կը շարունակենք գոյութիւն ունենալ։ Մէկը կը բացայայտէ պատմութեան բռնութիւնը, միւսը՝ մոռացութեան վտանգը։

Եւ թերեւս հայ իրականութեան ճշմարտութիւնը այս երկուքին միջեւ է։ Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ միաժամանակ կը կրէ թէ՛ վէրք, թէ՛ լռութիւն։ Թէ՛ յիշողութիւն, թէ՛ մոռացութիւն։

Այս պատճառով ալ հայ ինքնութիւնը քարացած ժառանգութիւն մը չէ։ Ան շարժում է։ Ան շարունակուող վերակազմութիւն է։ Եւ թերեւս մեր ժամանակներու հիմնական պահանջը ինքնութիւնը միայն պահպանելը չէ, այլ զայն հասկնալը։ Որովհետեւ միայն հասկնալով է, որ կարելի է գիտակցաբար շարունակել գոյութիւն ունենալ։

Վ. Թէնպէլեան

 

ՄԱՅՐԻԿԻՍ

Գուգուլի Դաւթեանին

Բիւրաւոր յեղ գովուած ես աշխարհում արար
Արեւ, լուսին ընծայուած ու մեծարուած, մայր:

Երկնի աստղաց համրանքով քեզ երգ է ձօնուած,
Թոթով երգն էլ այս անպերճ ինձնից նուէր, մայր:

Հայրենիքի, աշխարհքի հետ են չափում քեզ,
Ես մեծ չափեր չգիտեմ, դու օրօցք ես, մայր:

Տիեզերքի գիրկը խոր անհուն է թէեւ,
Բայց քո գիրկն է հանգիստն իմ, գորովագութ մայր:

Կեանքի այս մեծ համերգում այսքան նուագներ`
Ես քո նանիկն եմ սիրում, դու օրօրերգ, մայր:

Ծովերից ծով կամարուած կամուրջներ երկաթ,
Դու առաջին քայլփոխիս վտիտ սիւնը, մայր:

Արարատը, թէեւ դեռ չեմ գգուել նրան,
Դու ես սրտիս մէջ դրել Արարատը, մայր:

Այս բառերս էլ, որ ահա ես ձօնում եմ քեզ,
Քեզնից առած հիւթն է, թող քեզ մեղր դառնայ, մայր:

Գրիշ Դաւթեան

Artificial-ը թարգմանել արհեստակա՞ն, թէ՞ արուեստական

«Տարբերակ21»-ի ընթերցողներէն Վիգէն Լ. Ադդարեան (Մոնթրէալ, Գանատա) հետեւեալ նամակը ուղարկեց խմբագրութեանս՝ «Artificial Intelligence» եզրին արեւմտահայերէն թարգմանութեան շուրջ։ Նամակագրութիւնը շատ արագ վերածուեցաւ աւելի խոր լեզուական եւ մշակութային քննարկումի, որ կը շօշափէ խորհրդային շրջանի լեզուական ազդեցութիւնները, հայերէնի միօրինակացման խնդիրը եւ ազգային ինքնութեան վերաբերող հարցեր։ Տեսակէտներու այս փոխանակումը կը ներկայացնենք ինչպէս որ է։ Կարելի է կարդալ նաեւ հետեւեալ կապով՝ https://tinyurl.com/4zcpktba

 Յարգելի պարոն Թէնպէլեան,

Միշտ ուշադրութեամբ հետեւած եմ Տարբերակ 21ի խորաթափանց եւ հետաքրքրական յօդուածներուն որովհետեւ միշտ սորվելիք բաներ կան հոն: Ուրեմն նախ՝ շնորհակալութիւն ձեզի:

Կ’ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը գրաւել այս նիւթին հետ առնչուող կարեւոր լեզուական հարցի մը վերաբերեալ որ հիմնական սխալ մըն է:

Artificial բառին ճիշդ հայերէն թարգմանութիւնը «արուեստական» է: Հարցը իմաստային եւ կրօնափիլիսոփայական ծագում ունի: Ինչ որ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է կը սեպուէր «բնական» եւ ուրեմն կատարեալ: Արուեստը (եւ մանաւանդ կերպարուեստը) որ կը ձգտէր պատկերել բնութեան կատարելիութիւնը, մարդ արարածին կողմէ ստեղծուած ըլլալուն պատճառով «անկատար» կը սեպուի եւ ուրեմն մարդակերտը բնական չէ եւ արուեստական է: Artificial բառին արմատը art-ն է (ars լատիներէնով) եւ ճիշդ հայերէնը ուրեմն «արուեստական»ն է: Միւս արմատն է լատիներէն facio բառը որ (ընել, կատարել, մէջտեղ բերել իմաստը ունի):

Հայաստանի մէջ (ուր արդէն դարէ մը աւելի է որ հայերէն լեզուն չի գործածուիր եւ պարսկահայերէ զատ արեւելահայերէն գործածողներ գոյութիւն չունին) տարածուած է «արհեստական» գործածութիւնը որ իմաստային սխալ մըն է որովհետեւ «արհեստ»ը (craft իմաստով) բուն լատիներէն արմատին բացատրածս իմաստային ճանապարհին հետ ո’չ մէկ կապ ունի:

«Արհեստական»ին գործածութիւնը Հայաստանի լեզուին մէջ մնացուկ մըն է ժամանակէ մը ժառանգուած, երբ լեզուն կը ստրկացուէր տառացիօրէն քաղաքական սկզբունքներ առաջ քշելու համար: Այդ ալ՝ որովհետեւ «արհեստ»աւոր դասակարգն էր որ պիտի սեպուէր մարդկութիւնը առաջ տանող միակ մղիչ ոյժը եւ ոչ արուեստագէտները եւ մշակոյթի մարդիկ որոնք երկրորդական դիրքի վրայ պէտք է գտնուէին: «Մշակոյթ» բառը չենթարկուեցաւ յարձակումի որովհետեւ անոր արմատին մէջ «մշակ»ը գոյութիւն ունի, բայց «արուեստական»ը չէր կրնար առնչուիլ «արուեստ»ին հետ որովհետեւ բանուորը, որ «արհեստաւոր»ն է, ինք էր որ պիտի կերտէր շէնշող ապագայ մը գործարաններու արտադրութեամբ եւ մեքենաներու օգնութեամբ: Այդ բոլորը, «բնական» չըլլալուն պատճառով ստիպուած էին «արուեստական» կոչուիլ ինչպէս ճիշդ հայերէնը պիտի պարտադրէր: Եւ ուրեմն՝ պէտք էր հայերէնը փոխել եւ այդ ածականը վերածել «բանուորակերտ» իմաստի եւ ուրեմն ծնաւ «արհեստական»ը:

Որպէս ԱԲ նիւթի հարցերու մասնագէտ եւ դասախօս, ամէն անգամ որ խօսքս կ’ուղղեմ հայ հանրութեան, միշտ այս ուղղումը կը կատարեմ եւ կը պնդեմ ճիշդ տարբերակը գործածել:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր հասկացողութեան համար եւ մնայուն պայծառութիւն ձեր միտքին եւ գրիչին (աւելի ճիշդ՝ գրաստեղնաշարին):

Բարեկամօրէն՝

Վիգէն Լ. Ադդարեան
Մոնթրէալ, Գանատա

Պատասխան

Բարեւ Պրն. Ադդարեան,Հարիւր տոկոսով համաձայն եմ ձեր ներկայացուցած հարցին, թէ artificial-ը արեւմտահայերէն կը թարգմանուի արուեստական: Ոչ մէկ կասկած: Երկար ատեն ես ալ պայքարեցայ արհեստականի գործածութեան դէմ, բայց վերջաւորութեան որոշեցի զիջիլ՝ ոչ թէ համոզումով, այլ միօրինակութեան համար: Այս պարագային հարցը չեմ դիտեր արեւելահայ դարձուածքներու զիջելու ծիրէն ներս, այլ պարապէս իբրեւ անուանակոչութիւն. որոշեցինք (թէեւ ակամայ) artificial intelligence-ը կոչել արհեստական բանականութիւն:

Շնորհակալութիւն ձեր նկատողութեան: 
Յարգանքով՝
Վարուժ Թէնպէլեան

Յ.Գ Նաեւ Intelligence-ը սխալ կը թարգմանենք, որ ըսել է խելացութիւն, խելամտութիւն, թերեւս նաեւ իմաստութիւն, բայց ոչ բանականութիւն: 

Յարգելի Պրն. Թէնպէլեան,

Շնորհակալ եմ անկեղծ պատասխանին համար: Ըստ ինծի արեւելահայերէնի հարց չէ եւ Հայաստանի մէջ գործածուած լեզուական արտառոցութիւնը տառացիօրէն մեր ազգը երկփեղկող ոճիր մըն է որ մինչեւ հիմա կը շարունակուի, ամէն օր դասարաններու մէջ լեզուական թոյն ներարկելով Հայաստանի մանուկներուն:

Փաստը՝ Սովետական Միութեան մէջ լեզուական ոտնձգութիւններ եւ ոճիրներ գործուեցան տասնեակներով ժողովուրդներու լեզուամշակոյթներուն դէմ: Անոր փլուզումէն ետք սակայն՝ բոլորը անխտիր ետ կոչեցին այդ կատարուած «բարելաւում»ները նոյնիսկ վերադառնալով իրենց նախասովետական տարբեր գրատեսակներուն: Բոլոր ետ կոչեցին ԲԱՑԻ Հայաստանէն:

Ասիկա բան մը կ’ըսէ մեր ազգային ինքնագիտակցութեան եւ, նոյնիսկ պիտի ըսէի, հոգեկան ստրկամիտութեան հասնող իրավիճակին մասին: Մանաւանդ որ՝ մեր պարագային, այդ ոտնձգութիւնները չեզօքացնելը ամէնէն դիւրինը պիտի ըլլար:

Ազգ մը կրնայ տարբեր ճիւղաւորումներով լեզուական տարբերակներ ունենալ, սակայն եթէ մեզի նման վերապրելու խնդիր ունի, պարտի ունենալ միասնական եւ ճիշդ կերպով իր լեզուական զարգացումը պատկերող, նոյն կանոններու վրայ հիմնուած մէկ գրական լեզու, հոգ չէ թէ ատիկա ըլլայ երկու ճիւղերով: Արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը (պարսկահայերունը) իրարու հետ կը գոյատեւեն եւ իրարու կը սատարեն: Հայաստանինը՝ պարզապէս հայերէն չէ եւ հոն կատարուածը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնն իսկ կը խախտէ: Հայաստանի գործածած լեզուն միմիայն կը ծառայէ մեր ազգը ջլատելու, մասնատելու եւ անգրագիտութեան ճանապարհով մեր ինքնութիւնն իսկ վերացնելու:

Նկատի ունենալով ասիկա, որ ազգային գոյութենական հարց մ’իսկ է, ես ոչ մէկ ձեւով պիտի տեղի տայի: Իմ մօտեցումս հետեւեալն է. «Ով որ չի գիտեր, պարտի ճիշդը սորվիլ»: Եթէ ճիշդը եւ ճշմարտութիւնը հասկնալէն յետոյ չ’ուզեր ինքզինք սրբագրել ուրեմն կամ դաւաճան է կամ ալ տգէտ կամ ալ երկուքը միասնաբար, եւ այդպէս ալ պէտք է ձաղկուի հանրօրէն, նոյնիսկ եթէ ունենայ ուսուցիչի մը կամ ալ նոյնիսկ վարչապետի մը տիտղոսը:

Խօսքս անշուշտ ձեր մասին չէ եւ դուք ունիք միտքի եւ կամքի ազատութիւն եւ խմբագիրի մը ծանր պարտակութիւնը: Ես սակայն, սոսկ ընթերցող մը ըլլալով կ’ապաւինիմ նաեւ ձեր լայնախոհութեան թէ այս նամակս պիտի հրատարակէք ամբողջութեամբ որպէսզի գոնէ ձեր միւս ընթերցողներն ալ զայն կարդալով մտածեն ազգային այս հիմնահարցին մասին: Ազգ մը կը փրկուի բոլորին փոքր ճիգերով որ ամէն օր եւ ամէն ժամ մեզ պէտք է իրարու զօդէ:

Ես ասոր կը հաւատամ:

Բարեկամօրէն՝

Վիգէն Լ. Ադդարեան

 

Ժառանգական լեզուի մարտահրաւէրը սփիւռքի մէջ. ի՞նչ կ՚ըսեն ամերիկահայ ուսանողները

Լեզու, ինքնութիւն եւ իրականութիւն՝
ամերիկահայ համալսարանական ուսանողներու հետազօտութեան լոյսին ներքոյ

Սոյն յօդուածը կը ներկայացնէ Նախագծահէն լեզուի ուսուցման (Project-Based Language Learning – PBLL) մեթոտաբանութեան հիման վրայ իրականացուած կիրառական հետազօտութիւն մը։ Ան կ՛ուսումնասիրէ հայերէնի դերը ամերիկահայ երկլեզու համալսարանական ուսանողներու լեզուական եւ ինքնութեան ձեւաւորման գործընթացին մէջ։

Այս հարցերուն շուրջ կրթական նորարարական մեթոտաբանութեամբ (PBLL) կատարուած է հետազօտական նախագիծ-հարցախոյզ մը։ Ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է հեղինակին մագիստրոսական ատենախօսութեան փորձառական եւ կիրառական հետազօտութեան վրայ, երկլեզու հայկական կրթական միջավայրին մէջ։ Իրականացուած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) «Նարեկացի» ամպիոնի հայերէնի 104գ դասարանի դասընթացքի շրջանակին մէջ։ 

204 մասնակիցներու պատասխաններուն վիճակագրական վերլուծութիւնը կը բացայայտէ լեզուական հակադրութիւն մը հայերէնի խորհրդանշական արժեւորումին եւ անոր գործնական կիրառութեան միջեւ։ Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը լեզուն կը կապէ հայկական ինքնութեան եւ մշակութային պատկանելիութեան, սակայն առօրեայ հաղորդակցութեան մէջ հայերէնի գործածութիւնը կը սահմանափակուի հիմնականօրէն ընտանեկան միջավայրով՝ անգլերէնի գերիշխող դիրքին պայմաններուն մէջ։ Արդիւնքները կը մատնանշեն ժառանգական լեզուի պահպանման եւ զարգացման գործընթացին մէջ կրթական մօտեցումներու վերանայման եւ համայնքային-կրթական համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։ 

Այս ըմբռնումը նպատակ ունի աջակցելու ապագայի կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու մշակման, որ անոնք աւելի ճշգրիտ արտացոլեն ուսանողութեան կարիքներն ու փորձառութիւնները։

Սփիւռքեան իրականութեան մէջ հայերէնի կենսունակութեան հարցը միշտ եղած է հայկական համայնքներու հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը։ Հայկական դպրոցները, մշակութային միութիւնները եւ համայնքային կառոյցները սերունդէ սերունդ կը փորձեն փոխանցել լեզուն, սակայն ժամանակակից պայմաններուն մէջ այս գործընթացը կը բախի տարբեր մարտահրաւէրներու։

Ժառանգական լեզու եւ ինքնութիւն

Ժառանգական լեզուներու պահպանումը սփիւռքեան համայնքներուն մէջ կը հանդիսանայ բազմաշերտ ընկերալեզուաբանական երեւոյթ մը։ Հայերէնը յաճախ կը դասակարգուի որպէս ժառանգական լեզու սփիւռքի մէջ՝ ժամանակակից լեզուագիտական ուսումնասիրութիւններուն համաձայն։ Այս հասկացութիւնը կը վերաբերի  լեզուներուն, որոնք կը փոխանցուին ընտանիքի կամ համայնքի միջոցաւ, բայց միշտ չէ, որ կը դառնան երիտասարդ սերունդի հիմնական հաղորդակցութեան լեզուն։

Ամերիկահայ երիտասարդները հայերէնը հիմնականօրէն կը գործածեն ընտանեկան եւ համայնքային շրջանակներու մէջ, եւ անիկա կը ծառայէ իբրեւ ազգային եւ մշակութային ինքնութեան կարեւոր գործօն մը։ Լեզուն կը դիտուի որպէս հայկական ինքնութեան կարեւոր առանցք մը, սակայն համալսարանական եւ մասնագիտական միջավայրերու մէջ հիմնական հաղորդակցութեան լեզուն կը մնայ անգլերէնը։ Նման պայմաններուն կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչպէս երիտասարդ սերունդը կ’ընկալէ եւ կը գործածէ ժառանգական լեզուն։ 

Այս երկակի իրավիճակը կը ստեղծէ հետաքրքրական լեզուական իրականութիւն մը, ուր հայերէնը կը պահէ իր մշակութային եւ յուզական նշանակութիւնը,
ունի բարձր խորհրդանշական արժէք, բայց սահմանափակ գործնական կիրառութիւն առօրեայ հաղորդակցութեան մէջ։

PBLL մեթոդը լեզուի դասաւանդման մէջ

Ուսումնասիրութեան հիմքը կազմած է Project-Based Language Learning (PBLL) մեթոդաբանութիւնը։ Այս մօտեցումը կը հիմնուի այն գաղափարին վրայ, որ լեզուն կարելի է աւելի արդիւնաւէտ եւ գործնականին կիրառել, երբ ուսանողները կը մասնակցին իրական նախագիծերու եւ հետազօտական գործընթացներու։

PBLL աշխատանոցներով ուսանողները լեզուն կ’իւրացնեն ոչ թէ որպէս տեսական գիտելիք, այլ կը կիրարկեն զայն իրական խնդիրներու ուսումնասիրութեան եւ լուծման գործընթացին մէջ՝ ստեղծելով հանրային արժէք ունեցող արդիւնքներ։ Հիմքը այն է, որ սորվողը աւելի խորապէս կը ներգրաւուի, երբ կը փոխակերպուի ընկալող «լսող»-էն դէպի գործուն «ստեղծող»։

Այսպիսով, լեզուն կը դառնայ ոչ միայն դասարանի առարկայ, այլ՝ հմտութիւններ եւ կարողութիւններ զարգացնելու հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան ստեղծարար միջոց եւ գործիք։

Ներկայ հետազօտութիւնը դիտարկելի է որպէս PBLL կիրառական փորձ մը, որտեղ ուսանողները ներգրաւուած էին նախագիծի իրագործման բոլոր փուլերուն՝ ինքնադրսեւորելով որպէս պատասխանատու անհատ նախագիծի ողջ ընթացքին։

Հետազօտութեան ընթացքը

Հետազօտութիւնը իրագործուած է քանի մը հանգրուաններով՝ հիմնուած խնդրահէն մօտեցումի եւ ուսանողներու հետաքրքրութեանց շրջանակէն ներս։ Նախապէս իրականացուած է մտագրոհ եւ սկզբնական ուսումնասիրութիւն՝ ճշդելու PBLL նախագիծի հետազօտութեան թեման եւ հիմնական հարցադրումները։  Ընտրելով զիրենք հետաքրքրող նիւթը՝ իրական աշխարհի մէջ խնդիր մը լուծելու նպատակաուղղուածութեամբ, յաջորդ քայլին ուսանողները կազմած են երկլեզու հարցախոյզ մը։ 27 հարցէ բաղկացած հարցաշարը բաժնուած էր վեց հիմնական մասերու.

  • ժողովրդագրական տուեալներ
    • լեզուի իւրացում
    • լեզուի գործածութիւն
    • լեզուի նկատմամբ վերաբերմունք եւ զգացական փորձառութիւններ
    • մետիա եւ մշակութային մասնակցութիւն
    • վերջնական մտորումներ

Հարցախոյզը տարածուած է թէ՛ համալսարանական շրջանակներու, թէ՛ համայնքային կազմակերպութիւններու միջոցաւ։ Մասնակցած են 18–23 տարեկան ուսանողներ, որոնք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու տարբեր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ, ներառեալ՝ UCLA, UCSB, Fresno State, Glendale Community College, Pierce College, LACC, LAVC եւ CSUN։ Համայնքային կազմակերպութիւններու անդամ ուսանողներ (ՀՄԸՄ, համազգային, ANCA) հարցախոյզին նոյնպէս մասնակցած են ։

Հետազօտութեան հիմնական արդիւնքները

Լեզու եւ ինքնութիւն

Համակարգուած վերլուծութիւնը հիմնուած է 204 մասնակիցներու պատասխաններուն վրայ՝ բացայայտելու ուսանողներու լեզուի գործածութեան ձեւերուն, ինքնութեան հետ անոր կապին եւ լեզուական փորձառութեան հետ առնչուող հոգեբանական գործօններուն։ 

Համաձայն հետազօտութեան տուալներու վերլուծութեան, մասնակիցներու զգալի մասը (85%) հայերէնը իւրացուցած է անգլերէնէն առաջ, ինչ որ կը մատնանշէ ընտանեկան միջավայրին մէջ լեզուի վաղ փոխանցման շարունակական, Ժառանգական կարեւորութիւնը։

Լեզուական ինքնութեան ինքնորոշման հիման վրայ կարելի է առանձնացնել երեք հիմնական խումբ.

  • Մասնակիցներու 48%-ը ինքզինք կը բնորոշէ որպէս մայրենի լեզուով խօսող՝ պայմանաւորուած մանկութեան շրջանին հայերէնի իւրացմամբ, յաճախ Հայաստանի մէջ ապրելու փորձառութեան հետ։
  • 41%-ը կը ներկայացնէ ժառանգական լեզուի կրողներու խումբը, որոնց լեզուական զարգացումը տեղի ունեցած է սփիւռքեան միջավայրի մէջ՝ հիմնականօրէն ընտանեկան հաղորդակցութեան միջոցով։
  • Մօտաւորապէս 10%-ը կը դասուի ուշ շրջանի սորվողներու շարքին, որոնք լեզուն իւրացնելու գիտակցական որոշում ընդունած են աւելի ուշ տարիքին։

Բանաւոր հաղորդակցութեան ձեւեր

Վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայերէնի բանաւոր գործածութիւնը զգալիօրէն կախեալ է հաղորդակցական միջավայրէն։ Ամենաբարձր ցուցանիշը արձանագրուած է ընտանեկանը. 84,6% կը նշէ, որ մշտապէս կամ յաճախ հայերէն կը գործածէ ընտանիքի անդամներու հետ։ Սակայն այս հաղորդակցութիւնը մեծապէս կը սահմանափակուի առօրեայ եւ ոչ բարդ թեմաներով։ Ընկերական շրջանակին մէջ հայերէնի գործածութիւնը կը նուազի մինչեւ 57,7% եւ կը դրսեւորուի հիմնականօրէն թեթեւ զրոյցներու, կատակներու եւ մշակութային յղումներու մակարդակով։ Համալսարանական միջավայրին մէջ լեզուի գործածութիւնը, սակայն, աւելի սահմանափակ է։ Միայն 36,8% կը հաղորդակցի հայերէնով այլ հայ ուսանողներու հետ, մինչդեռ ընդամէնը 13% կը գործածէ լեզուն վերացական կամ ակադեմական բնոյթի քննարկումներու ընթացքին։

Այս տուեալները կը մատնանշեն բառապաշարային սահմանափակումներու եւ լեզուական անապահովութեան առկայութիւնը, որոնք կը խոչընդոտեն լեզուի գործածութիւնը աւելի բարդ հաղորդակցական նիւթերու եւ միջավայրերու մէջ։ Որոշ մասնակիցներ նաեւ նշած են լեզուական անորոշութեան՝ համապատասխան բառապաշարի պակասի կամ ճնշումի (61,3%) փորձառութիւններ հայերէն խօսելու հարցով։ 48%-ը կը յիշատակէ ամօթանքի զգացում եւ վախ՝ սխալ գործելէ հայերէն բարդ թեմաներ քննարկելու ժամանակ։

Գրագիտութիւն եւ գրաւոր արտայայտութիւն

Գրաւոր լեզուի ոլորտին մէջ պատկերը եւս բազմաշերտ է։ 74,1% կը նշէ, որ կրնայ կարդալ եւ գրել հայերէն, իսկ 23,4% կը խոստովանի, որ գրելու ընթացքին զգալի դժուարութիւններ ունի։ Բացի այդ, 2,5% կը նշէ, որ ընդհանրապէս չի տիրապետեր կարդալու եւ գրելու հմտութիւններուն։

Թէեւ շատ ուսանողներ կը ցուցաբերեն բանաւոր լեզուի որոշակի սահունութիւն, գրաւոր արտայայտութիւնը կը մնայ խնդրայարոյց։ Բարդութիւնները կը վերաբերին ոչ միայն ուղղագրական եւ քերականական խնդիրներուն, այլ նաեւ մտքերու կառուցուածքային ձեւակերպման։ Այս երեւոյթը յատկապէս յայտնի է այն ուսանողներու մօտ, որոնք չեն ստացած համակարգուած (ինստիտուցիոնալ) հայկական կրթութիւն եւ լեզուն իւրացուցած են հիմնականօրէն ընտանեկան միջավայրին մէջ։

Թուային հաղորդակցութիւն եւ լատինատառ գրութիւն («Արմենկլիշ»)

Ժամանակակից թուային միջավայրին մէջ յատկապէս տեսանելի է լատինատառ հայերէնի տարածումը։ Ուսանողներու մեծ մասը առօրեայ կեանքին մէջ կը գործածէ անգլերէն, իսկ հայերէն գրելու պարագային յաճախ կը դիմէ լատինատառ գրութեան («Արմենկլիշ») եւ ոչ թէ հայկական տառերուն։ Կը նշեն, որ թէեւ կարող են հայերէն հաղորդակցիլ՝ միայն մօտ 20% կը գրէ կանոնաւոր կերպով հայատառ։ Միւս կողմէ, 45% մշտապէս կը գործածէ լատինատառ հայերէն, իսկ 33%ը երկու տարբերակն ալ՝ կախեալ իրավիճակէն։ Այս ընտրութիւնը հիմնականօրէն պայմանաւորուած է դիւրութեամբ, արագութեամբ (51,3%), սովորութեամբ (37,2%) եւ երբեմն ալ թեքնաբանական սահմանափակումներով, ինչպէս օրինակ՝ հայերէն ստեղնաշարերու սակաւ մատչելի ըլլալու հարցը։ Թէեւ այս երեւոյթը անմիջապէս սպառնալիք չի նկատուիր, ան կը մատնանշէ գրաւոր լեզուի ոլորտին մէջ խորացող բացեր։

Մշակութային կապ եւ ինքնութեան փորձառութիւն

Հարցախոյզի արդիւնքները կը հաստատեն, որ լեզուն կը շարունակէ մնալ հայկական ինքնութեան առանցքային տարրերէն մէկը։ Հարցուածներու մեծամասնութիւնը կը գնահատէ հայկական մշակոյթին հետ կապը որպէս շատ կարեւոր կամ պարտադիր (կարեւոր է – 20,9%, շատ կարեւոր է – 44,3%, պարտադիր է – 30,3%), մինչդեռ աննշան տոկոս մը միայն կը դրսեւորէ չեզոք կամ բացասական դիրքորոշում (չեզոք – 4%, կարեւոր չէ – 0,5%)։

Մասնակիցներու մեծ մասը յայտնած է, որ հայկական ինքնութեան հետ կապուած կը զգան առաջին հերթին լեզուի (199), խոհանոցի (197) եւ համայնքային միջոցառումներու (185) միջոցաւ։ Բացի այդ, երաժշտութիւնը (115) եւ պարը (99) եւս նշանակալի դեր ունին՝ ընդգծելով, թէ որքան սերտ կերպով կապուած են հայերը իրենց ինքնութեան արմատներուն։ Այս արդիւնքները ցոյց կու տան, որ մշակոյթը եւ ինքնութիւնը կը պահպանուին ոչ միայն պաշտօնական միջոցներով, այլեւ առօրեայ ապրուած փորձառութիւններու եւ առօրեայ կենսական գործելակերպերու ընդմէջէն։

Լեզուի նահանջի ընկալում եւ պատասխանատուութիւն

Թէեւ հարցախոյզի ծաւալը ինքնին բաւարար չէ ամբողջական եւ վերջնական եզրակացութիւններու համար, ստացուած տուեալները կը մատնանշեն յստակ ընդհանրական միտում մը․ հարցուածներու 62,7%-ը կը կարծէ, թէ հայերէնի գործածութիւնը իրենց սերունդին մէջ կը նուազի, մինչդեռ միայն 13,4%-ը հակառակ կարծիք կը յայտնէ, իսկ 23,9%-ը կը մնայ անորոշ։ Այս պատկերը կը վկայէ լեզուի ապագայի նկատմամբ տարածուած մտահոգութեան մասին։ Միեւնոյն ժամանակ, այս մտահոգութիւնը չի վերածուիր անտարբերութեան, այլ կը զուգորդուի պատասխանատուութեան բարձր զգացումով։ Հարցուածներու 85,1%-ը կը յայտնէ, որ կը զգայ մեծ պատասխանատուութիւն հայերէն լեզուն պահպանելու եւ զարգացնելու հարցին շուրջ, իսկ 13,9%-ը կը նշէ մասնակի պատասխանատուութիւն։ Այս տուեալները ցոյց կու տան, որ երիտասարդ սերունդը ոչ միայն կը գիտակցի լեզուական մարտահրաւէրները, այլ նաեւ պատրաստակամ է ներգրաւուելու անոնց լուծման գործընթացին մէջ։

Ռազմավարական հետեւութիւններ

Վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայերէնի պահպանման եւ կենսունակութեան համար երեք առանցքային գործօններ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ստանան։ Առաջին՝ ընտանեկան միջավայրը կը մնայ լեզուի փոխանցման հիմնական արմատական օղակը։ 84,6% յաճախ կամ մշտապէս կը խօսի հայերէն ընտանիքի անդամներու հետ, ուր աւագ սերունդները վճռորոշ դեր կը խաղան։

Երկրորդ՝ կը հաստատուի, որ երիտասարդները աւելի կը գնահատեն լեզուի կենդանի՝ իրական կեանքի մէջ գործածութիւնը, քան միայն դասարանային ուսուցումը, ինչ որ կը շեշտէ բնական հաղորդակցական միջավայրերու կարեւորութիւնը։ Եւ երրորդ՝ մշակութային միջոցառումներուն մասնակցութիւնը, ստեղծագործականութիւնը կը նպաստէ լեզուի եւ ինքնութեան սերտ կապի ամրապնդման։ Հետեւապէս, մասնակիցներու մեծ մասին կարծիքով անհրաժեշտ է ընտանիքի մէջ աւելի յաճախ գործածել հայերէնը, ստեղծել բնական եւ խաղային լեզուական միջավայրեր, կազմակերպել մշակութային եւ կրթական նախաձեռնութիւններ երիտասարդներու համար՝ ամրապնդելով համագործակցութիւնը ընտանիքի եւ համայնքային, կրթական հաստատութիւններու միջեւ։

Ի՞նչ կը նշանակեն այս արդիւնքները

հետազօտութիւնը կը բացայայտէ հետաքրքրական հակադրութիւն մը։ Մէկ կողմէ հայերէնը կը պահպանէ ուժեղ խորհրդանշական եւ ինքնութենական նշանակութիւն, միւս կողմէ՝ գործածութիւնը առօրեայ կեանքին մէջ սահմանափակ է։

Այսպիսով, կարելի է եզրակացնել, որ սփիւռքահայ երիտասարդներու լեզուական մարտահրաւէրը անտարբերութեան հարց չէ։ Ընդհակառակը՝ շատեր կը նշեն, որ հետաքրքրուած են եւ կ՛ուզեն աւելի վստահ գործածել հայերէնը, եթէ ստեղծուին համապատասխան միջավայրեր։ Հետեւապէս, լեզուի ուսուցման ժամանակ կարեւոր է ստեղծել բաց եւ աջակցող մթնոլորտ, ուր սխալները կը դիտուին որպէս ուսուցման բնական մաս եւ ոչ թէ քննադատութեան պատճառ։

Այս տեսանկիւնէն, Project-Based Language Learning (PBLL) մօտեցումը կը ներկայանայ որպէս գործնականօրէն հիմնաւորուած մանկավարժական արդիւնաւէտ ուղի։ Այն կը փաստարկէ, որ ժառանգական լեզուները կարելի է աւելի կենսունակ դարձնել, երբ լեզուի ուսուցումը կը կապուի իրական փորձառութեան, համագործակցութեան, հաղորդակցութեան, մշակութային, ստեղծագործական նախագիծերու եւ համայնքային ներգրաւուածութեան հետ։

Ապագայի հեռանկարներ եւ կրթական բարեփոխումներ

Հետազօտութեան արդիւնքները կը փաստէն երկակի, սակայն կապակցուած միտում մը․ մէկ կողմէ լեզուի նահանջի գիտակցութիւն եւ ճնշման փորձառութիւն, իսկ միւս կողմէ՝ յստակ վերաիմաստաւորման եւ զարգացման կամք։ Մասնակիցներու զգալի մեծամասնութիւնը (54,4%) փափաք կը յայտնէ, որ իրենց յաջորդ սերունդը աւելի բարձր մակարդակով տիրապետէ հայերէնին, մինչդեռ 84,3%-ը կը դրսեւորէ լեզուն պահպանելու եւ կենսունակացնելու  նկատմամբ բարձր պատասխանատուութեան զգացում։ Այս ցուցանիշները կը վկայեն, որ, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, լեզուն կը շարունակէ ընկալուիլ որպէս փոխանցելի արժէք եւ ինքնութեան հիմնարար բաղադրիչ։ Միեւնոյն ժամանակ, կրթական համակարգի նկատմամբ արտայայտուած անվստահութիւնը (63,7%) կը մատնանշէ կառուցուածքային խնդիրներ՝ յատկապէս այն առումով, թէ արդեօք ներկայ ծրագրերը եւ մօտեցումները ի վիճակի են խթանելու լեզուի հանդէպ ներքին մղում եւ երկարատեւ կապուածութիւն։ Այս իրողութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն մեթոտաբանական, այլեւ գաղափարական վերանայում՝ լեզուի ուսուցումը դուրս բերելու համար պարտադրանքի եւ գնահատման նեղ շրջանակէն։

Այսպիսով, վերլուծութիւնը կը յստակեցնէ կրթական միջավայրի բարեփոխումի հիմնական ուղղութիւն՝ դէպի հաղորդակցական, գործնական փորձառութեան վրայ հիմնուած եւ խաղայնացուած մօտեցումներ, որոնք կը նպաստեն լեզուի կենդանի գործածութեան։ Այս մանկավարժական եղանակը կը պահանջէ անցում՝ «պարտականութեան» վրայ հիմնուած ուսուցումէն դէպի «սիրով մղուած, ազատ եւ ընկերային» լեզուական գործածութիւն։ Հետեւապէս, սխալ գործելու վախը, ձախողման ցուցանիշը կը նուազի եւ վստահութիւնը կը խթանուի։

UCLA-ի «Նարեկացի» ամպիոնի Armenian 104գ դասընթացքի շրջանակին մէջ իրականացուած այս PBLL կիրառական հետազօտութիւնը կը գործէ որպէս օրինակելի հարթակ՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս ուսանողները կրնան վերածուիլ ոչ միայն լեզու իւրացնելու, այլեւ հմտութիւններու զարգացման եւ համատեղ հանրային արդիւնք արտադրողներու։

Ամփոփելով կարելի է եզրակացնել, որ սփիւռքահայ երիտասարդներու լեզուական մարտահրաւէրը բխած է ոչ թէ հետաքրքրութեան պակասէն, այլ՝ լեզուի գործածութեան սահմանափակ եւ ոչ միշտ խրախուսող միջավայրերէ։ Հետեւաբար, հայերէնի ապագայ կենսունակութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է կրթական եւ համայնքային նախաձեռնութիւններէ, որոնք կը խթանեն լեզուի բնական, շարունակական գործածութիւնը՝ դարձնելով զայն ոչ միայն ուսուցման առարկայ, այլեւ առօրեայ հաղորդակցութեան գործուն եւ իմաստաւոր միջոց։ Այդ պարագաներուն լեզուն կը դառնայ կենդանի հաղորդակցութեան բնական գործիք՝ արմատաւորուելով առօրեայ կեանքին մէջ։

Մարիա Մարկոսեան

Մանկավարժ
INALCO IMAS

 

Ուշացած հանդիպում մը Կեօրկ Պազելիցի հետ

30 Ապրիլ 2026-ին ընկերային ցանցերու վրայ մեծ աղմուկ բարձրացուց գերմանական նէօարտայայտապաշտ գեղանկարիչ Կէօրկ Պազելիցի մահուան գոյժը։ Արդէն 88 տարեկան էր, եւ վերջին տարին գրեթէ դադրած ստեղծագործելէ։

Վերջերս, երբ Google-ի մէջ կը փնտռէի, իմացայ, թէ քանի մը ամիս ետք ան իր կեանքին ընթացքին նկարած գլուխգործոցները պիտի ցուցադրէ Ֆլորանս, Իտալիա։ Որոշեցի աժան տոմս մը գնել։ Ի՜նչ ուրախութիւն պիտի ըլլար հոն ըլլալ եւ, պատահմամբ, իրեն հանդիպիլ։

Մօտ հինգ տարի առաջ, երբ յանկարծ YouTube-ի վրայ կը հանդիպէի Պազելիցի, շատ տպաւորուեցայ իրմով, եւ այդպէս սկսայ անքթիթ դիտել եւ ուսումնասիրել անոր հետ կատարուած հարցազրոյցները։

Կամապաշտ եւ զարտուղի կերպար մը, որ Արեւելեան Պերլինի Գեղարուեստի Ակադեմիայէն՝ իբրեւ տհաս վարքագիծ դրսեւորելու մեղադրանքով արտաքսուելէ տարիներ ետք, կը դառնայ Եւրոպայի լաւագոյն արուեստագէտներէն մէկը։

Պազելիցի դանդաղ խօսելաոճը, գնդաձեւ աչքերը՝ ամփոփուած, աչքատակի այտոյցներու եւ պարտասած կոպերու մէջ, մարմնին համեմատած պզտլիկ գլուխը, ճաղատութիւնը կը յիշեցնեն «Մեծ Վարպետ Ուկուէյը» (Grand Master Oogway)՝ «Քունկ Ֆու Փանտա» (Kung Fu Panda) հռչակաւոր ֆիլմի իմաստուն կրիան։

Լրագրողներու հրատարակած նկարներուն մէջ, կամ տեսակցութիւններու ժամանակ, Պազելիցը կը տեսնենք հսկայ աշխատանոցի մը մէջ, բազմած տախտակէ փնթի աթոռի մը, եփ֊երկար ձեռքերը տեղաւորած ծունկերուն վրայ, պատրաստ՝ պատմելու, զրուցելու։

Պազիլից. Big Night Down the Drain, 1962

1963-ին, Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ աղմուկ բարձրացաւ, երբ Պազելից համարձակօրէն ցուցադրեց իր «The Big Night Down the Drain» գործը եւ այլ «անպարկեշտ» կամ «լկտի» համարուած պատկերներու շարք մը։ Ոստիկանութիւնն ու դատական իշխանութիւնները որոշեցին գրաւել գործերը՝ Պազելիցը մեղադրելով որպէս անպարկեշտ եւ անառակ։

Պազելիցի գործունէութիւնը յաճախ կը կապուի գերմանական «Նոր Արտայայտչապաշտութեան» (New Expressionism) ձեւաւորման հետ, թէեւ ան երբեք չսահմանափակուեցաւ որեւէ ոճով կամ շարժումով։ Ան կը պատկանի արուեստագէտներու այն խումբին, որոնք յետպատերազմեան գերմանական գեղանկարչութիւնը դուրս բերին ժամանակավրէպութեան դիակիզարանէն։ Լոյս սփռելով գերմանական ինքնութեան բարոյական հարցերուն, ինչպէս նաեւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Գերմանիաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող գաղափարական բախումներուն վրայ՝ անոնք մեծ աղմուկ բարձրացուցին պատկերասրահներու ու մտաւորական շրջանակներու մէջ եւ հիմքը դրին արդի գեղանկարչութեան:

Անոր պատկերները կը խախտէին ժամանակի հաստատուած գեղագիտական լեզուն՝ մերժելով թէ՛ արեւմտեան վերացապաշտութեան (abstraction) «ազատախոհ» ընկալումը, այսինքն՝ գործերու բովանդակութեան անորոշութիւնը, եւ թէ՛ խորհրդային կողմնորոշում ունեցող արեւելեան ընկերվարական իրապաշտութեան (socialist realism) գաղափարական ծայրայեղ կատարելութիւնն ու քաղաքականացուած արժէքները։

Պազիլից. Die Helden, 1965

Այս հակադրութիւնը հիմք հանդիսացաւ 1965–66 թուականներուն ստեղծուած «Հերոսները» (Die Helden) շարքին, որ անոր գործունէութեան առանցքային կէտերէն մէկն էր։

Գործերուն մէջ պատկերուած հերոսները Երկրորդ յետհամաշխարհարային պատերազմի զինուորներ են, սակայն անոնք ներկայացուած չեն որպէս փառաբանուած հերոսներ, այլ՝ որպէս ջախջախուած մարմիններ, որոնք մնացած են պատմութեան ծանրութեան եւ ազգայնամոլութեան ծանրութեան տակ։

Այս պատկերներուն մէջ հերոսութիւնը չ’արտայայտուիր ընկերաիրապաշտական (socio-realist) սահմանումով, ուր հերոսը պէտք է ներկայացուի որպէս անվեհեր ու գերմարդկային էակ. ընդհակառակը՝ անիկա հերոսը կը վերադարձնէ մարդկային մակարդակին։

Ո՞վ ունի իշխանութիւնը սահմանելու հերոսութեան չափանիշները։

Թերեւս «հերոսը» ոչ թէ աստուած մըն է, այլ անձ մը, որ անցած է հոգեբանական ճնշումներու, աղէտալի պատահարներու եւ նոյնիսկ ֆիզիքական կորուստներու միջով՝ արժանի պարկեշտօրէն եւ պատշաճօրէն ներկայացուելու։

Այս տրամաբանութիւնը մարմնաւորած էր Պազելից իր գլուխ-գործոցներուն մէջ։

Ընդհանրապէս, Պազելիցի գործերուն մէջ մերկ մարմինը կը ներկայացուի իր թերութիւններով՝ անհրապոյր, կաշկանդուած ու տառապող։ Այս մէկը կը միտի հարցականի տակ դնելու եւ խախտելու բնականութեան, կանացիութեան, առնականութեան ու գեղեցկութեան ընդունուած չափանիշները։

Ան նաեւ հռչակաւոր է իր ծուռ կախուած գործերով։

Պազիլիցի ծուռ կախուած գործերէն

Իր հսկայական կտաւները գլխիվայր շրջելով՝ ան մարտահրաւէրի դիմաց կը դնէ անմիջական ընկալումը՝ դրդելով դիտողը, որ ո՛չ միայն շորորալով անցնի պատկերներու առջեւէն, այլեւ քննէ ու զննէ անոնց կառուցուածքը, ձեւաբանութիւնը (morphology) եւ իր երեւակայութեան մէջ վերստին պատկերացնէ զանոնք։

Ժամանակակից մարդու գոյութենական (existential) խնդիրները, անոր անկայուն վիճակը, ուժի եւ կարգուկանոնի իշխանութեան ստրկացուցած մարմինը՝ գերազանցօրէն նկարագրուած են Պազելիցի կողմէ։

Գեղարուեստական մշակոյթը դեռ շա՜տ պիտի ներշնչուի քեզմով։ Ցտեսութիւն Պազելից, կը տեսնուինք Իտալիոյ մէջ։

Արհեստական բանականութիւնը ի սպաս արեւմտահայերէնի վերակենդանացման

Լեզուները չեն կորսուիր մէկ օրուան մէջ։ Անոնք կը մարին դանդաղ՝ գործածութեան նուազումով, առօրեայ կեանքէն խզուելով, եւ վերջապէս՝ խորհրդանշական ներկայութեան վերածուելով։ Սփիւռքի պայմաններուն մէջ, այս ընթացքը սկսած է արագանալ։ Արեւմտահայերէնը այսօր կը գտնուի վտանգաւոր սահմանագիծի մը վրայ․ ան կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ իբրեւ մշակութային արժէք, իբրեւ յիշողութիւն եւ պատկանելիութեան խորհրդանիշ, բայց շատ յաճախ՝ ոչ իբրեւ առօրեայ հաղորդակցութեան կենդանի լեզու։

Սակայն միաժամանակ, աշխարհը կը գտնուի այլ՝ խորքային փոխակերպման մը մէջ։ Արհեստական բանականութիւնը, որ երկար ժամանակ ընկալուած էր իբրեւ տարբերութիւնները ջնջող եւ միատարրութիւն ստեղծող ուժ մը, այսօր կրնայ դառնալ լեզուական բազմազանութեան պահպանման եւ նոյնիսկ վերակենդանացման անսպասելի գործիք մը։ Հարցը այլեւս այն չէ, թէ արդեօք արհեստական բանականութիւնը պիտի ազդէ լեզուներուն վրայ, այլ՝ թէ ի՛նչ ձեւով կարելի է զայն ծառայեցնել այն լեզուներուն, որոնք կորսուելու վտանգի ենթակայ են։

Նկարները ստեղծուած են ԱԲ գործիքներով: Դիւրաւ կարելի է նշմարել, որ կարգ մը գրութիւններ արեւելահայ ուղղագրութեամբ են, իսկ կարգ մը բառեր՝ սխալ գրուած են: Ինչպէս յօդուածը կը նշէ՝ ԱԲ-ին կրնայ սխալիլ:

Սփիւռքը եւ լեզուի գործնական օգտագործման նահանջը

Սփիւռքի մէջ լեզուն չի մրցիր միայն այլ լեզուներու հետ, այլ՝ անհրաժեշտութեան հետ։ Արաբերէնը, ֆրանսերէնը, անգլերէնը կամ այլ տեղական լեզուներ կը տիրապետեն կրթութեան, աշխատանքի եւ հասարակական կեանքին։ Արեւմտահայերէնը կը սահմանափակուի՝

  • դպրոցական սահմանափակ ժամերով,
  • ընտանեկան յարաբերութիւններով
  • կամ մշակութային ու ծիսական միջավայրերով։

Այսպէս կը ստեղծուի խոր հակասութիւն մը․ լեզուն կը պահէ իր խորհրդանշական արժէքը, բայց կը կորսնցնէ իր գործնականութիւնը։ Իսկ լեզու մը, որ չի գործածուիր, կամաց-կամաց կը վերածուի արարողակարգի, այլ ոչ՝ ապրուած իրականութեան։ Հետեւաբար, խնդիրը այլեւս պարզ «պահպանութիւն» չէ։ Խնդիրը վերաիմաստաւորուած գործածութիւն է՝ վերստին ապրող դարձնել լեզուն։

Արհեստական բանականութիւնը իբրեւ լեզուի հասանելիութեան միջոց

Արհեստական բանականութիւնը ոչ թէ կը փոխարինէ լեզուն, այլ կը դիւրացնէ անոր գործածութիւնը։ Անիկա կրնայ ստեղծել գործիքներ, աննախադէպ հնարաւորութիւններ՝ լեզուն վերակենդանացնելու եւ զայն յարմարցնելու թուային դարուն։

ԱԲ-ն քանի մը ձեւերով կրնայ նպաստել լեզուի ուսուցման եւ պահպանման․

  • Մատչելիութիւն․ ի տարբերութիւն դասարաններու, ԱԲ հարթակները հասանելի են ամէն ժամ, ամէն տեղ։
  • Ներգրաւում․ խաղային եւ զրուցային ձեւաչափերը ուսուցումը կը դարձնեն հաճելի։
  • Տարածում․ մէկ անգամ մշակուած գործիքը կրնայ հասնիլ հազարաւոր սփիւռքահայերու՝ առանց ֆիզիքական ենթակառոյցի։

Թուային զրուցակիցը. ChatGPT, Gemini, Copilot եւ այլն

Սփիւռքահայ երիտասարդին համար մեծագոյն խնդիրը լեզուական միջավայրի բացակայութիւնն է։ Այսօր ChatGPT-ն կամ Gemini-ն կրնան ծառայել որպէս համբերատար զրուցակիցներ։ Անոնք թոյլ կու տան օգտատիրոջ մարզելու իր գրաւոր հայերէնը, ստանալու սրբագրութիւններ եւ նոյնիսկ բացատրութիւններ խնդրելու քերականական կանոններու մասին։ Ասիկա կը նպաստէ «սխալելու վախի» վերացման, որ յաճախ արգելք կը հանդիսանայ լեզուի գործածութեան։

Սորվիլը դարձնել հաճոյք. Duolingo-ի օրինակը

Լեզուի վերակենդանացման գործին մէջ կայ մեծ դերակատարութիւն ունեցող գործիք մը՝ «խաղայնացումը» (gamification)։ Թէեւ արեւմտահայերէնը դեռ նոր իր տեղը կը գտնէ նման հարթակներու վրայ, Duolingo-ի նման ծրագրերու ալկորիթմները ցոյց կու տան, թէ ինչպէս կարելի է ԱԲ-ի միջոցով անհատականացնել ուսուցումը։ Մեքենան կը հասկնայ օգտատիրոջ թոյլ կողմերը եւ կը կրկնէ այն բառերը, որոնք դժուարութիւն կը պատճառեն՝ սորվելու ընթացքը դարձնելով  թեթեւ ու հետաքրքրական։

Լսել եւ խօսիլ. Խօսքի ԱԲ (Speech AI)

Արեւմտահայերէնի պարագային, ամենէն կարեւոր հարցերէն մէկը ձայնային ճանաչումն է (Speech-to-Text) եւ գրութեան վերածումը ձայնի (Text-to-Speech)։ Ձայնային նորագոյն ԱԲ համակարգերը կրնան օգնել սփիւռքահայերուն լսելու ճիշդ հնչողութիւնը։ Ասիկա կը նշանակէ, որ վաղը մեր երեխաները կրնան հայերէն հեքիաթներ լսել ԱԲ-ի կողմէ կարդացուած, կամ իրենց նամակները թելադրել հայերէնով՝ առանց ստեղնաշարի դժուարութեան։

Սփիւռքի մէջ, ուր խօսակցական արեւմտահայերէնը առաջինն է որ կը տկարանայ, այս զարգացումը կրնայ վճռորոշ նշանակութիւն ունենալ վերարտադրելով ճիշդ արտասանութիւն եւ ստեղծելով խօսակցական թուայնացած միջավայրեր։

Լեզուն թուայնացած միջավայրի մէջ

Լեզուն կը գոյատեւէ հոն, ուր մարդը կը բնակի։ Իսկ այսօր մարդը զգալիօրէն կը բնակի թուային միջավայրին մէջ։ Արհեստական բանականութիւնը կրնայ նպաստել՝

  • արեւմտահայերէն բովանդակութեան ստեղծման (յօդուածներ, ամփոփումներ, խորագիրներ),
  • podcast-ներու եւ ձայնային հաղորդումներու զարգացման,
  • ընկերային ցանցերու մէջ լեզուի ներկայութեան ընդլայնման։

Այս բոլորը ուղղակիօրէն կը յիշեցնեն այն պահանջները, որոնք արդէն բարձրացուած էին թուայնացման եւ արդի միջոցներու կարեւորութեան մասին։ Սակայն այժմ այդ պահանջները կը ստանան գործնական գործիքներ։

Սերունդներու կամրջում

Արհեստական բանականութեան ամենէն խոր ազդեցութիւններէն մէկը կրնայ սերունդներու միջեւ կապի վերաստեղծումը ըլլալ։

  • տարեցները կը տիրապետեն լեզուին, բայց հեռու են թուային աշխարհէն,
  • երիտասարդները կը տիրապետեն թուային գործիքներուն, բայց հեռացած են լեզուէն։

Արհեստական բանականութիւնը կրնայ դառնալ միջնորդ՝

  • ձեւաւորելով երկխօսութիւններ,
  • պահելով արտայայտութիւններ եւ խօսակցական ձեւեր,
  • թուայնացնելով բանաւոր ժառանգութիւնը։

Այս ձեւով, լեզուն չի փոխանցուիր միայն ուղղակի, այլ նաեւ՝ միջնորդուած, առանց կորսնցնելու իր կենդանութիւնը։

Վտանգներ եւ սահմանափակումներ

Արհեստական բանականութիւնը ինքնին օգտակար կամ վնասակար չէ․ ան կը գործէ այն պայմաններով եւ տուեալներով, որոնք իրեն կը տրամադրուին։ Առանց գիտակցուած եւ նպատակաուղղուած ջանքերու, գերիշխող լեզուները կը շարունակեն ստանալ անհամեմատ աւելի մեծ աջակցութիւն, մինչ արեւմտահայերէնը կրնայ թերի ներկայացուած մնալ տուեալներու շտեմարաններուն մէջ։ Այս պարագային, ինքնաշխատ համակարգերու արդիւնքները կրնան կա՛մ աղքատացնել լեզուական նրբութիւնները, կա՛մ նոյնիսկ սխալներ յառաջացնել։

Հետեւաբար, լեզուի վերակենդանացումը կը պահանջէ գործնական եւ համակարգուած մասնակցութիւն՝ որակաւոր տուեալներու հաւաքագրում, համայնքային մասնակցութեամբ ստեղծուած բովանդակութիւն եւ համագործակցութիւն լեզուաբաններու, արհեստագէտներու եւ կրթական գործիչներու միջեւ։

Վերջապէս, ԱԲ-ն կ՛արտացոլէ այն, ինչ որ կը ստանայ, ինչով որ կը սնանի․ եթէ ան չունենայ բաւարար եւ ճշգրիտ արեւմտահայերէնի տուեալներ, չի կրնար արդիւնաւէտօրէն ծառայել լեզուին։

Եզրակացութիւն

Արհեստական բանականութիւնը կը ներկայացնէ հազուագիւտ առիթ մը, սակայն ան ինքնին չի կրնար փրկել լեզուն։ Լեզուն կը պահպանուի եւ կը շարունակէ ապրիլ միայն այն ժամանակ, երբ համայնքը որոշէ զայն գործածել։ Սփիւռքի մէջ, ուր աշխարհագրական հայրենիքը հեռու է, լեզուն կը դառնայ անմիջական հայրենիք մը՝ պատկանելիութեան եւ ինքնութեան հիմնական յենարանը։

ԱԲ-ն չի փոխարիներ մարդկային շփումը կամ ուսուցիչները, բայց կրնայ դառնալ հզօր լրացում մը՝ այն լծակը, որ կը թոյլատրէ արեւմտահայերէնին դուրս գալ «թանգարանային» վիճակէն։ Թուային այս գործիքներուն միջոցով կարելի է ստեղծել կենդանի միջավայր մը, ուր լեզուն ոչ միայն կը պահպանուի, այլեւ կը զարգանայ՝ դառնալով ժամանակակից հաղորդակցութեան լիարժէք միջոց մը։

Եթէ արեւմտահայերէնը ներգրաւուի զրուցարաններու (chatbots), ծրագրերու (applications / software / programs) եւ ձայնային գործիքներու (voice tools / voice technologies) մէջ, սփիւռքեան համայնքները կրնան վերադարձնել զայն առօրեայ կեանքի։ Այսպէս, արհեստական բանականութիւնը կը դառնայ ոչ միայն թեքնաբանական գործիք, այլեւ մշակութային դաշնակից մը՝ նպաստելով լեզուի շարունակականութեան։

Ի վերջոյ, հարցը ԱԲ-ի ստեղծած կարելիութիւնները չէ, այլ մեր որոշումը՝ զայն գործածելու, որովհետեւ լեզուները չեն մեռնիր, երբ զանոնք կամ անոնց մասին կը խօսինք, այլ երբ կը դադրինք զանոնք գործածելէ։

Պահպանե՛նք, զարգացնե՛նք ու երիտասարդացնե՛նք արեւմտահայերէնը. ահա թէ ինչպէ՛ս

Ստորեւ ներկայացուած յօդուածը գրուած է 2022-ին՝ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման շուրջ հրատապ մտահոգութիւններու լոյսին տակ։ Վստահօրէն ոչ ամբողջական, անոր մէջ բարձրացուած հարցերը՝ դպրոցներու դերը, ընկերային ցանցերու օգտագործումը, ծնողներու ներգրաւուածութիւնը եւ արդիական բառարաններու անհրաժեշտութիւնը, այսօր ալ կը մնան չափազանց այժմէական։

Չորս տարի անց, այս յօդուածը կը վերահրատարակենք ոչ միայն որպէս յիշեցում, այլեւ որպէս հրաւէր՝ վերանայելու մեր ընթացքը ի՞նչ փոխուած է, ի՞նչը կը մնայ նոյնը, եւ ի՞նչ նոր մօտեցումներ կրնան առաջարկուիլ։

Կը հրաւիրենք մեր ընթերցողները, մասնագէտները եւ ընդհանրապէս բոլոր շահագրգիռները՝ իրենց դիտարկումները, առաջարկները կամ փորձառութիւնները բաժնելու։ Այս քննարկումը միայն յետադարձ հայեացք չէ, այլ նաեւ փորձ մը՝ միասին պատկերացնելու արեւմտահայերէնի ապագան։

 

Աշխարհացրիւ հայկական սփիւռքին կամ ընդհանրապէս հայութեան համար արեւմտահայերէնի պահպանումն ու զարգացումը պէտք է գերազա՛նց նշանակութիւն ունենան, կամ այդպէ՛ս կ’ակնկալուի առնուազն: Իբրեւ լեզուական եւ մշակութային հարստութիւն` արեւմտահայերէնը առանցքային տարր է հայկական ամուր ինքնութեան պահպանման համար՝ աշխարհի մը մէջ, ուր մշակոյթներու փոխազդեցութեան մնայուն ընթացքը մէկը միւսը կլանելու ենթահողը կը դիւրացնէ: Հակառակ համաշխարհայնացման եւ թուայնացման դարաշրջանի առթած մարտահրաւէրներուն՝ կան համոզիչ պատճառներ ձեռնարկելու արեւմտահայերէնի վերանորոգման եւ վերաժողովրդայնացման, յատկապէս երիտասարդութեան մէջ:

          Լեզուն իբրեւ մշակութային ինքնութեան խորհրդանիշ

Լեզուն բնականօրէն շատ աւելին է, քան պարզապէս հաղորդակցելու միջոց մը. ան կը հանդիսանայ մշակութային ինքնութեան հիմնական բաղադրիչը, եւ իբրեւ այդպիսին՝ արեւմտահայերէնը աշխարհի տարբեր ծայրերուն ապրող հայերուն համար խորքային կապ մը կը ստեղծէ իրենց հարուստ մշակութային ժառանգութեան, նախնիներուն եւ հազարամեակներու անցեալ ունեցող պատմական արմատներուն հետ: Ան կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը` նպաստելով սփիւռքի գաղութներուն մէջ միութեան եւ պատկանելութեան զգացողութեան ամրապնդումին:

          Աւանդութեանց պահպանման միջոց

Արեւմտահայերէնը խորապէս միահիւսուած է հայկական սովորոյթներուն, ծէսերուն եւ աւանդութիւններուն հետ: Մշակութային բազմաթիւ արտայատութիւններ՝ կրօնական արարողութիւններէն (գրաբարի կողքին այս պարագային) մինչեւ ընտանեկան հաւաքոյթներ, մեծապէս կախեալ են արեւմտահայերէնէն: Պահպանելով զայն՝ սփիւռքահայերը կրնան երաշխաւորել, որ այս սովորոյթներն ու աւանդութիւնները կը փոխանցուին սերունդէ-սերունդ՝ ստեղծելով մշակութային շարունակականութեան զօրաւոր հիմք մը:

          Պատմական կապ ու նշանակութիւնը

Արեւմտահայերէնը պատմական նշանակալի կշիռ ունի, որովհետեւ ոչ միայն ան պարզապէս մեր պապերուն լեզուն է, այլ քանի որ նաեւ կը դրսեւորէ ու կը յուշէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ապրած դառն փորձառութիւնները, մասնաւորաբար՝ ցեղասպանութիւնը: Մինչ մէկ կողմէ կը յիշեցնէ տառապանքը մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն, միւս կողմէ ան կը ծառայէ որպէս հայ ժողովուրդի տոկունութեան, վերապրումի եւ գոյատեւման կենդանի վկայութիւնը՝  դարձնելով զայն կարեւոր միջոց մը՝ յիշելու եւ յարգելու բոլոր անոնք, որոնք ջարդուեցան պարզապէս, որ հայ էին: Եղեռնը կարելի է յիշել ու նշել տարբեր լեզուներով, բայց ան շատ բան կը կորսնցնէ իր պատմական համապատասխանութենէն, եթէ դադրի արեւմտահայերէնով ոգեկոչուելէ:

*      *

*

            Այժմ պիտի փորձենք ուսումնասիրել արեւմտահայերէնի պահպանութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ ներկայացնել կամ փորձել ներկայացնել հին ու նոր լուծումներ, որոնք կրնան նպաստել մշակութային այս կարեւոր արժէքի պաշտպանութեան, պահմանումին ու զարգացումին: Արհեստագիտական ուժի օգտագործումէն մինչեւ սերունդներու միջեւ երկխօսութեան ու մշակութային գիտակցութեան խթանումը՝ հոս քննարկուած միջոցները կը հանդիսանան փորձ մը՝ հարթելու արեւմտահայերէնի աշխուժացման ճամբան:

Մեր քննարկումներուն առանցքը պիտի հանդիսանան հայ դպրոցները, լրատուամիջոցները, ծնողները եւ արդիական կարելիութիւնները, որոնք միասին կը կազմեն սերունդները իրարու կամրջող ու արեւմտահայերէնի պահպանումը երաշխաւորող ներդաշնակ համոյթ մը:

          Դպրոցներու դերը արեւմտահայերէնի պահպանման առաքելութեան մէջ

Լեզուի պահպանման բարդ գործընթացին մէջ կրթական հաստատութիւնները ունին առանցքային դերակատարութիւն, իսկ արեւմտահայերէնի ուսուցման նուիրուած դպրոցները՝ սկզբունքով մեր բոլոր հայկական վարժարանները, մեծ ազդեցութիւն ունին երիտասարդութեան վրայ. հոն է որ հայօրէն կը թրծուի հայ երիտասարդը, այդպէս կը սպասուի: Որպէս լեզուական ժառանգութեան պահապաններ՝ այս դպրոցները կը կրեն ոչ միայն լեզուական հմտութիւններ փոխանցելու, այլեւ մշակոյթի եւ ինքնութեան հետ խոր կապ ստեղծելու պատասխանատուութիւնը:

Անառարկելի է կրթական հաստատութիւններու կարեւոր դերը արեւմտահայերէնի պահպանման առաքելութեան մէջ: Այժմ փորձենք քննարկել, թէ ի՞նչ ռազմավարութիւններ կրնան որդեգրուիլ՝ ապահովելու լեզուին կենսունակութիւնը: Արեւմտահայերէնը ապրելակերպի վերածող լեզուական ծրագիրներէն մինչեւ լեզուին համարկումը ընթացիկ ուսումնական ծրագիրներուն եւ հմուտ ուսուցիչներու պատրաստութենէն մինչեւ մշակութային արտադասարանական միջոցառումներու կազմակերպումը՝ հայ դպրոցները կը մնան կանգնած իբրեւ փարոսներ, որոնք կը լուսաւորեն արեւմտահայերէնի պահպանման ուղին: Կրթութեան միջոցով է, որ այս լեզուին մնայուն աւանդը եւ անոր ընդգրկած կենսունակ մշակոյթը կրնան փոխանցուիլ գալիք սերունդներուն:

Շատ մը դպրոցներ սկսած են անտարբեր մօտեցում ցուցաբերել հայերէնով դասաւանդուած նիւթերուն նկատմամբ, թէեւ հակառակը կը փորձեն ցոյց տալ՝ առարկելով, որ անոնք կը ճնշեն ուսումնական ընթացիկ ծրագրին եւ իմա պետական քննութիւններու յաջողութեան վրայ: Պատրուակէն աւելի` մեծ սուտ մը կարելի է նկատել այս մէկը: Առաջ ալ մեր դպրոցները միշտ հետամուտ եղած են պետական քննութիւններու յաջողութեան եւ միշտ ալ շատ լաւ արդիւնքներ արձանգրած են՝ առանց ոչ մէկ զիջում կատարելու հայերէնի նիւթերէն: Այսօր կեանքի մէջ յաջողած տարեց սերունդներ կան, որոնք բժիշկ են, երկրչափ ու առեւտրական, որոնք ոչ միայն օտար լեզուներու կողքին կը խօսին սահուն արեւմտահայերէն, այլեւ գեղարուեստական մակարդակով ու անսխալ կը գրեն զայն: Այդպէս էր, որովհետեւ հայկական դպրոցները հայերէնը կը նկատէին աշակերտներու կրթութեան եւ մշակութային ինքնութեան վառ եւ իմաստալից մէկ մասը՝ պետական քննութիւններու մէջ յաջողութեան կողքին: Փաստօրէն, հայերէնին յատկացուցած ժամանակն ու ճիգը արգելք չէր ըլլար որ անոնք իրենց պետական ծրագիրը իրագործէին: Միայն ծուլութեան, անտարբերութեան եւ հաւանաբար առեւտրական նկատարումներով է (պիւտճէի յամեցող դժուարութիւններ) որ հայերէնը սկսած է երկրորդական, երրորդական նկատուիլ մեր դպրոցներուն մէջ: Ծնողները անշուշտ մեծ դեր ունին այս վիճակի ստեղծման մէջ: Կ’անդրադառնանք քիչ ետք:

          Անկրկնելի է հայ ուսուցիչին դերը

Հայերէն նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու վերորակաւորումը դարձած է կենսական: Անհրաժեշտ է ներդրումներ (օժանդակողներ միշտ կը գտնուին) կատարել արեւմտահայերենին տիրապետող ուսուցիչներու վերապատրաստութեան համար: Լաւ պատրաստուած մանկավարժները կարեւոր են լեզուական հմտութիւնները արդիւնաւէտ փոխանցելու համար: Գիտութեան կողքին հայերէնի հանդէպ կիրք ունենալն ու փոխանցելը պայման է: Անոնք նաեւ կրնան, պէտք է ծառայեն որպէս մշակութային դեսպաններ՝ օգնելով ուսանողներուն գնահատելու լեզուին պատմամշակութային խորքը: Հոս կրնանք փակագիծ մը բանալ եւ նշել անունները, երկար շարք մը, հայ ուսուցիչներու, որոնք գիտութեան կողքին՝ ոգի ու մշակութային գիտակցութիւն ջամբեցին իրենց աշակերտներուն: Այդ օրերուն ալ պետական քննութիւններ կային եւ հայ աշակերտները մեծ յաջողութիւններ կ’արձանագրէին:

          Մշակոյթի եւ լեզուի ակումբներ

Դպրոցները կրնան ստեղծել մշակութային ակումբներ, սեմինարներ եւ ձեռնարկներ, որոնք ազգային մեծ տօներուն կողքին կը նշեն արեւմտահայ սովորութիւնները, տօները եւ աւանդութիւնները: Այս միջոցառումները ո՛չ միայն կը խորացնեն լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ կապը, այլեւ հնարաւորութիւն կու տան աշակերտներուն ստեղծելու լեզուական խմբակներ կամ ուսումնական խումբեր: Այս արտադասարանական ակումբները կրնան կեդրոնանալ արեւմտահայերէնի հմտութիւններու կատարելագործման եւ մշակութային քննարկումներու վրայ՝ լեզուն աւելի գրաւիչ եւ բովանդակալից դարձնելու առաջադրանքով: Նոր գիւտ մը չէ այս մեր առաջարկը: Կար ժամանակ, ոչ հեռու անցեալին, երբ ատենամարզանքի պահերը կ’օգտագործուէին այս նպատակով: Ակումբներու առաջարկն ալ նոր չէ. բազմաթիւ դպրոցներ որդեգրած էին այս դրութիւնը, եւ նոյնիսկ արեւմտահայերէնով նշանաւոր պարբերականներ լոյս տեսած են այդ ակումբներուն ճամբով: Ժամանակի սղութիւնը պատրուակ է եւ ծուլութիւն: Գործ մը պակաս:

Եթէ կայ կամքը եւ մանաւանդ պատմական պարտաւորութեան գիտակցութիւնը, դպրոցներու միջոցով արեւմտահայերէնը կը դառնայ աւելին, քան պարզ բառ ու ձայն. ան կը վերածուի ապրելակերպի:

          Ընկերային ցանցերը ի սպաս արեւմտահայերէնին

Արեւմտահայերէնը կը դիմագրաւէ նաեւ արագ զարգացող աշխարհի մարտահրաւէրները, որոնք կրնան վերածուիլ բարիքի, եթէ կարենանք զանոնք լաւապէս օգտագործել: Այս առումով առանցքային է դերը արդի միջոցներուն, որոնք ընդհանրապէս կրնան շունչ տալ ու կենսաւորել անհետացման եզրին գտնուող լեզուները՝ իրարու կապելով սերունդները եւ երաշխաւորելով անոնց կենսունակութիւնը: 

          Թուայնացած հրատարակութիւններ. Ստեղծել եւ օժանդակել առցանց թերթերու, ամսագրերու եւ արեւմտահայերէնով պլոկներու: Այս հարթակները կը տարածեն լուրեր, պատմութիւններ, յօդուածներ եւ տեսակէտներ՝ ստեղծելով արեւմտահայերէն խօսողներու առցանց հաւաքականութիւն մը` յատկապէս ներգրաւելով երիտասարդութիւնը, որ աւելի վարժ է թուայնացած միջոցներու օգտագործման:

          Ձայնասփիւռը, թուայնացած ձայնային հաղորդումները (podcasts) եւ ընկերային ցանցերը. Ստեղծել արեւմտահայերէն ռատիոկայաններ եւ podcast-ներ` օգտագործելով ձայնի հզօրութիւնը լեզուական ուսուցման համար: Երիտասարդներուն ուղղուած յայտագրերը կրնան լեզուի ուսուցումը դարձնել զուարճալի եւ տեղին: Նաեւ օգտագործել ընկերային ցանցերու հարթակները, ինչպէս՝ YouTube-ը, Instagram-ը, Spotify-ը եւ TikTok-ը` միացնելու աշխարհով մէկ արեւմտահայերէն խօսողները, լեզուի դասընթացքներ կազմակերպելու, մշակութային արժէքներ փոխանցելու համար՝ միաժամանակ խթանելով մէկ հաւաքականութեան պատկանելու զօրաւոր զգացում մը: Թուայնացման այս դարաշրջանին, լրատուամիջոցները անփոխարինելի դաշնակից են արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման՝ կամրջելով սերունդները իրարու եւ ենթահող պատրաստելով ապագայի  զարգացման:

Այլ խօսքով՝ լրատուամիջոցները արեւմտահայերէնը կը փոխադրեն թուայնացումի դարաշրջան: Թուայնացած հրատարակութիւնները կը ստեղծեն արեւմտահայերէն խօսողներու առցանց համայնքներ: Ձայնասփիւռը եւ podcast-ները ճիշդ հնչիւններ եւ արտայայտութեան եղանակներ կը հաղորդեն՝ լեզուի ուսուցումը դարձնելով զուարճալի եւ անմիջական: Ընկերային ցանցերու հարթակները կը խթանեն կապերը ամբողջ աշխարհի տարածքին արեւմտահայերէն խօսողներու միջեւ` ստեղծելով համաշխարհային հաւաքականութիւն մը՝ միժամանակ տրամադրելով միջոցները լեզուի ուսուցման եւ մշակութային արժէքներու սատարման:

          Ծնողները վճռորոշ դեր ունին

Ծնողները վճռորոշ դեր կը խաղան դպրոցներու եւ լրատուամիջոցներու կողքին արեւմտահայերէնի պահպանման առաքելութեան մէջ: Խորքին մէջ անոնց դերը կը նկատուի հիմքը լեզուի պահպանման ջանքերուն: Ծնողները պարտին ըլլալ առաջին ուսուցիչները երեխայի կեանքին մէջ, առաջին փոխանցողը մշակութային եւ լեզուական ժառանգութեան: Տան մէջ արեւմտահայերէնի քաջալերանքը կ’երաշխաւորէ աշակերտներուն սէրը լեզուին նկատմամբ: Ծնողները իրենք է որ իրենց զաւակներուն պիտի  ծանօթացնեն հայկական սովորութիւնները, աւանդոյթներն ու արժէքները՝ ամրապնդելով լեզուի մշակութային նշանակութիւնը: Լեզուի եւ մշակոյթի այս կապը կենսական նշանակութիւն ունի լեզուի պահպանման համար: Արեւմտահայերէնի նկատմամբ խանդավառութիւն ցուցաբերող ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն մէջ լեզուին հանդէպ դրական վերաբերմունք սերմանել:

Ըստ էութեան, ծնողները կը հանդիսանան լեզուի եւ մշակոյթի պահակները ընտանիքին մէջ: Անոնց աշխուժ նուիրուածութիւնը արեւմտահայերէնի տարածման գործին կ’երաշխաւորէ, որ լեզուն պարզապէս դպրոցական պարտականութիւն չըլլայ, այլ ընտանիքի առօրեայ կեանքին կենդանի, շնչառական մէկ մասը:

          Ժամանակակից բառարաններու անհրաժեշտութիւնը

Հայերէնէ օտար լեզուներու բառարանները կարեւոր են լեզու սորվողներու եւ ընդհանրապէս հաղորդակցութեան համար: Սակայն, մեր բառարանները, ընդհանրապէս հին հրատարակութիւններ են եւ չունին հոմանիշներ ու ժամանակակից համապատասխան արտայայտութիւններ: Լեզուն բնականաբար զարգացող վիճակ է եւ երբեմն անհրաժեշտ կը դարձնէ ստեղծագործական յարմարեցումները, մանաւանդ երբ ժամանակակից բառերը չունին իրենց հայերէն համարժէքները: Անծանօթ եզրերու ցանկագրումը իւրաքանչիւրիս կողմէ ինքնին անգնահատելի աշատանք է լեզուի զարգացման համար:

Անհրաժեշտ է որ լեզուի ջատագովները եւ կազմակերպութիւններ համատեղ ճիգ թափեն հայերէն բառարաններու վերաթարմացման եւ մասնաւորաբար արդի եզրերու ընդգրկման առաջադրանքով: Յաճախ, պարզ օրինակի համար, կ’անճրկինք «business» կամ «resource» բառերուն հայերէն հոմանիշ գտնելու, դեռ առանց խօսելու այն անհատնում նոր եզրերուն մասին, որոնք յառաջցած են գիտութեան եւ արհեստագիտութեան զարգացումով, առօրեայ կեանքի թուայնացումով: Ճիշդ է, մենք լեզուի ակադեմիա չունինք, բայց տեղէ մը պէտք է սկսիլ:

Արդիականացած բառարանները անցեալը կը կապեն ներկայի պահանջներուն: Անոնք կ’օգնեն հասկնալու եւ օգտագործելու ժամանակակից արեւմտահայերէնը, որ ժամանակի ընթացքին կը զարգանայ:

Արեւմտահայերէն բառարաններու արդիականացման համար անհրաժեշտ կը նկատուի թուայնացած միջոցներու, ինչպէս՝ կայքէջերու, յաւելումներու (apps) եւ առցանց այլ հարթակներու օգտագործումը: Այս միջոցները ոչ միայն կը դիւրացնեն լեզուական աղբիւրներու աւելի լայն հասանելիութիւնը, այլեւ թոյլ կու տան շարունակական թարմացումներ կատարել՝ քայլ պահելով լեզուական ընդհանուր փոփոխութիւններուն հետ: Թուայնացած հարթակներու օգտագործումով կարելի է արագօրէն որոնել ու գտնել եզրեր, ծանօթանալ հնչիւններուն եւ ուսումնասիրել անոնց օգտագործման եղանակը՝ լեզուն աւելի մատչելի եւ յարմարող դարձնելով ժամանակակից պահանջներուն: Աւելին, արեւմտահայերէնի ջատագովներուն եւ կազմակերպութիւններու միջեւ թուայնացած համագործակցութիւնը կը խթանէ լեզուն հարստացնելու եւ պահպանելու հաւաքական ճիգերը՝ երաշխաւորելով անոր արդիականութիւնն ու կենսունակութիւնը թուայնացման այս դարաշրջանին:

Եզրակացնելով, դպրոցները, ընկերային ցանցերը, ծնողները եւ արդիականացած բառարանները միասին կը կազմեն սերունդները կամրջող եւ արեւմտահայերէնի պահպանումը երաշխաւորող ամբողջութիւն մը: Անոնք կը տրամադրեն միջոցները եւ լեզուական աղբիւրները արեւմտահայերէնը ծաղկեցնելու երիտասարդութեան սիրտերուն եւ հայկական սփիւռքի հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Իբրեւ լեզուական ժառանգութեան ջահակիրներ՝ անոնք իրենց կարգին կրնան լուսաւորել արեւմտահայերէնի դէպի կենսունակ եւ յարատեւող ապագայ առաջնորդող ուղին:

Սեպտեմբեր 2022

«Որքա՞ն կու տան». Ընտրակաշառքը որպէս հանրային կեանքի այլասերում

Գրեթէ ամէն օր կաշառքի մասին նոր ձայնագրութիւն մը կը լսենք։ Կարծես ռատիոյի յատուկ յայտագիր մը ըլլայ. եթէ քանի մը օր այդ նիւթին շուրջ «նորութիւն» չըլլայ, կը զարմանանք։ Կը հայհոյենք, բայց նաեւ կը քննարկենք։ Իսկ այսօր, երբ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու (եւ կաշառքի նիւթին) մասին կը խօսուի, հազիւ թէ մէկը գաղափարներով սկսի։ Խօսակցութիւնը կը սկսի տարբեր հարցումով մը. «Որքա՞ն կու տան»։ Ասիկա պարզ կենցաղային արտայայտութիւն մը չէ. ասիկա քաղաքական իրականութեան մէկ ախտաճանաչումն է։ Ասիկա հանրային մտածողութեան եւ բարոյականութեան տագնապ է։ Դժբախտաբար, այդ տագնապը, որքան ալ զզուելի ըլլայ, ունի իր տրամաբանական պատճառները։ Կաշառքը պատահական չի տրուիր, ոչ ալ բոլորին կը տրուի։ Միջավայրը պէտք է պատրաստ ըլլայ ատոր համար, իսկ Հայաստանի մէջ հիմա «դրախտային պայմաններ» ստեղծուած են։

Այս քաղաքական աճուրդին մէջ, երբ քուէն դրամով կը չափուի, այլեւս ժողովրդավարութեան մէջ չենք ապրիր, նոյնիսկ եթէ ձեւական բոլոր հաստատութիւնները պահպանուած են։ Մենք կ’ապրինք իրականութեան մը մէջ, ուր քաղաքացին աստիճանաբար կը վերածուի գործարքի մասնակիցի՝ դառնալով ապրանք, իսկ ընտրութիւնը՝ շուկայ։ Բայց այս երեւոյթը դատապարտել՝ առանց անոր խորքային պատճառները հասկնալու, կը նշանակէ պայքարիլ ստուերին դէմ, ոչ թէ մարմնին, խօսիլ հետեւանքին դէմ, ոչ թէ պատճառին։

Կաշառքը որպէս հասարակական յարաբերութեան չափանիշ

Ընտրակաշառքը յաճախ կը ներկայացուի որպէս «անբարոյ արարք» կամ «քրէական յանցանք»։ Ասիկա ճիշդ է, բայց ամբողջ ճշմարտութիւնը չէ։ Ֆրանքֆուրթեան դպրոցի մտածողները վաղուց զգուշացուցած էին այն երեւոյթին մասին, զոր անոնք կը կոչէին գործիքային բանականութիւն։ Այս տրամաբանութեան մէջ մարդը կը դադրի հարց տալէ «ի՞նչ է ճիշդը» եւ կը սկսի միայն հարցնել՝ «ի՞նչն է օգտակարը», եւ օգտակարը միայն իրեն համար եւ միայն այդ պահուն։ Ֆրանքֆուրթեան քննադատութեան մէջ այս մտածողութիւնը «մարդիկը կը դիտէ որպէս միջոցներ»։ Երբ այս տրամաբանութիւնը կը ներթափանցէ քաղաքականութիւն, տեղի կ’ունենայ ամենէն վտանգաւոր փոխակերպումը․ քաղաքացին այլեւս չի դիտուիր որպէս արժէք, այլ որպէս ապրանք եւ միջոց։

Հայաստանի ընտրակաշառքը այս նոյն տրամաբանութեան տեղայնացուած դրսեւորումն է։ Քաղաքացին՝ իր ձայնով, կուսակցութիւնը՝ իր դրամով՝ երկուքն ալ գործարքի մէջ։ Եւ ասիկա այլեւս քաղաքականութիւն չէ։ Ասիկա ընկերային յարաբերութիւններու անկումային եւ այլասերած ձեւ մըն է։

Երբ հասարակութիւնը կը դառնայ «ապրանքներու աշխարհ»

Ֆրանքֆուրթեան քննադատութիւնը կը խօսի նաեւ այլ կարեւոր երեւոյթի մը մասին՝ առարկայացումի։ Այսինքն՝ երբ մարդկային յարաբերութիւնները կը սկսին երեւիլ որպէս առարկաներու միջեւ յարաբերութիւններ։

Այս պարագային քուէն կը վերածուի ապրանքի, քաղաքացին՝ այդ ապրանքին տէրը, իսկ ընտրութիւնը՝ շուկայի մը, ուր ամէն բան իր գինը ունի։ Երբ այս մէկը կը հաստատուի որպէս բնական երեւոյթ, հասարակութիւնը կը սկսի ապրիլ իրականութեան մը մէջ, ուր ամէն բան գին ունի, բայց այլեւս ոչինչ արժէք ունի։ Ասիկա ճիշդ այն է, ինչ որ տեղի կ’ունենայ այսօր Հայաստանի մէջ։ Մարդիկ չեն հաւատար, որ իրենց քուէն կրնայ փոխել իրականութիւնը, բայց կը տեսնեն, որ անիկա կրնայ վաճառուիլ։ Եւ կը վաճառեն զայն։ Թէ որքանով՝ նշանակութիւն չունի։ Ասիկա առեւտուր մըն է։ Ահա հոս կը ծագի ամենէն վտանգաւոր հակասութիւնը․ ան, որ չի հաւատար ընտրութիւններուն, կը մասնակցի անոնց՝ որպէս ապրանք։

Հապերմասի «հանրային ոլորտի» փլուզումը

Եուրկէն Հապերմաս ժողովրդավարութիւնը կը հասկնար ոչ միայն իբրեւ ընտրութիւններ, այլեւ իբրեւ հանրային բանավէճի տարածք մը, ուր քաղաքացիները հաւասար են եւ կը քննարկեն հանրային հարցեր։ Սակայն ան նաեւ կը զգուշացնէր, որ արդի հասարակութիւններու մէջ այս տարածքը կրնայ քայքայուիլ, երբ քաղաքացիները վերածուին «կրաւորական սպառողներու»։ Այսինքն, երբ անոնք պարզապէս նստած կը սպասեն՝ առանց որեւէ նախաձեռնութեան, պատրաստ՝ միայն ընդունելու կամ մերժելու իրենց ներկայացուած առաջարկները, բայց երբեք՝ քննարկելու զանոնք։

Ճիշդ ասիկա է իրավիճակը Հայաստանի մէջ, բայց շատ աւելի կոպիտ ու անբարոյ ձեւով։ Հայաստանի մէջ քաղաքացին ոչ միայն պատրաստի քաղաքականութիւն «կը սպառէ», այլեւ անձամբ կը մասնակցի ատոր առուտուրին։ Ան ինքնին կը վերածուի ապրանքի։ Հանրային բանավէճը կը փոխարինուի լուռ համաձայնութեամբ, համոզումը՝ վճարումով, իսկ բառը՝ դրամով։ Ասիկա հասարակութեան քայքայումն է։

Աղքատութի՞ւն, թէ արժանապատուութեան տագնապ

Եւ ամէն անգամ, ընտրակաշառքը կը բացատրուի ընկերային ծանր վիճակով։ Ասիկա մասամբ ճիշդ է, բայց վտանգաւոր է, եթէ միայն կիսատ ըսենք։ Աղքատութիւնը կրնայ բացատրել որոշ վարքագիծ մը կամ քանակ մը, բայց անիկա չի կրնար արդարացնել այդ երեւոյթին զանգուածայնութիւնը, տարածուածութիւնը եւ զայն իբրեւ բնականոն ընկալելու խելահեղութիւնը։ Ասիկա արժանապատուութեան աստիճանական մաշումն է։ Երբ մարդ երկար ժամանակ կ’ապրի համակարգի մը մէջ, ուր հարցերը կը լուծուին ծանօթ-բարեկամով, ուր արդարութիւն չկայ, իսկ պետութիւնը «մերը չէ, այլ պաշտօնեայինն է», ան արդէն թքած ունի ամէն ինչի վրայ։ Ան այլեւս քաղաքացի չէ, այլ գոյատեւող անհատ մը։ Անոր համար քուէարկութիւնը կը դադրի արժէքային արարք ըլլալէ. անիկա կը դառնայ «միքրօ-գոյատեւման» ռազմավարութիւն մը։ Ընդամէնը։

Սինիզմի հաստատութենականացումը

Սակայն ամենէն վտանգաւորը այն չէ, որ մարդիկ կաշառք կ’առնեն, այլ այն, որ զայն կ’արդարացնեն եւ կը հաւատան իրենց իսկ արդարացումներուն։ Ասիկա ճիշդ այն է, ինչ որ Ֆրանքֆորթեան դպրոցը կը նկարագրէր իբրեւ գիտակցութեան ձեւափոխում, ուր անհատը կը յարմարի համակարգին եւ կը սկսի զայն վերարտադրել։ Երբ հասարակութեան մէջ կը տարածուի այն համոզումը, թէ «բոլորն ալ նոյնն են», «ոչինչ պիտի փոխուի», «գոնէ այսքանը առնենք», «եթէ ես չառնեմ՝ ուրիշը պիտի առնէ», այդ պահուն կաշառակերութիւնը կը դադրի շեղում ըլլալէ եւ կը դառնայ բնական երեւոյթ (նորմ)։ Եւ հոս է, որ տեղի կ’ունենայ ամենէն սարսափելին. չարիքը այլեւս չ’ընկալուիր իբրեւ չարիք։

Անխուսափելի ճշմարտութիւն

Շատ դիւրին է ամբողջ մեղքը բարդել իշխանութիւններուն կամ կաշառք տուողներուն վրայ։ Եւ անշուշտ, անոնք հսկայական պատասխանատուութիւն ունին։ Սակայն կայ կոպիտ ու անհանգստացնող ճշմարտութիւն մը. ոչ մէկ կաշառք կրնայ տալ, եթէ զայն ընդունող չըլլայ։ Ասիկա չի նշանակեր թեթեւամտօրէն մեղադրել հասարակութիւնը եւ անտեսել անոր խնդիրները։

Ասիկա կը նշանակէ ընդունիլ, որ համակարգը գոյութիւն ունի երկկողմանի մասնակցութեամբ. հասկնալ, որ մետալը երկու երես ունի, իսկ պարանը՝ երկու ծայր։

Կաշառքը կը տրուի վերէն, բայց կ’ընդունուի վարէն։

Եւ քանի դեռ այդ երկրորդ օղակը չէ կտրուած, առաջինը միշտ պիտի վերարտադրուի։

Հայաստանի ներկայ վիճակը՝ իբրեւ խորքային տագնապ

Այսօր Հայաստանի մէջ ընտրակաշառքը պարզապէս արհեստագիտութիւն մը չէ։ Անիկա դարձած է համակարգի լեզու։ Ասիկա կը վկայէ, որ քաղաքականութիւնը կորսնցուցած է իր գաղափարական հիմքը, քաղաքացին կորսնցուցած է իր ենթակայականութիւնը, իսկ հանրութիւնը՝ իր ներքին վստահութիւնը։ Եւ այս բոլորը միասին կը ստեղծեն իրավիճակ մը, որ կարելի է բնութագրել ոչ թէ պարզապէս իբրեւ փտածութիւն, այլ իբրեւ հանրային կեանքի այլասերում եւ անկում։

Կը կարծենք, թէ կարելի է կաշառակերութիւնը վերացնել օրէնքներով, վերահսկողութեամբ եւ պատիժներով։ Սակայն ատիկա միայն մակերեսն է։ Իրական յաղթանակը կը սկսի երբ անհատը ներքնապէս կը մերժէ զայն արդարացնել։ Որովհետեւ ընտրակաշառքը կը սկսի ոչ թէ դրամի փոխանցումով, այլ լռելեայն այն միտքով, թէ՝ «ասիկա բնական է»։ Եւ անիկա կ’աւարտի միայն այն պահուն, երբ այդ միտքը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Մինչ այդ, իւրաքանչիւր ընտրութիւն կը մնայ ոչ թէ ապագայի ընտրութիւն, այլ համաձայնութիւն՝ գինի շուրջ։ Եթէ հասարակութիւնը իր մտքին մէջ համակերպած է այս ախտին հետ, ապա զարմանալու կարիք չկայ։ Կաշառակերութիւնը արդէն կը դառնայ կոպիտ, բայց տարօրինակօրէն «արդար» թուացող համակարգ մը։ Երբ կայ առաջարկ, կայ պահանջարկ։ Ասիկա նաեւ մարմնավաճառութիւն տեսակ մըն է, բայց այն տարբերութեամբ, որ կաշառքին յարմարած մարդը կը հրաժարի իր ներկայէն եւ ապագայէն․ ան կը դառնայ թոյլ, յարմարող, լպրծուն եւ վտանգաւոր։ Այս կը նշանակէ, որ ան սկզբունքօրէն պատրաստ է վատ բան մը ընելու։ Հարցը կը մնայ գինի եւ արդարացման մէջ։ Ընդամէնը։ Իսկ նման հասարակութիւն մը չի կրնար առողջ միտք վերարտադրել։

Կաշառքը քաղցկեղ է, դատավճիռ է….ինքնակամ:

Արայիկ Մկրտումեան

Հորմուզէն մինչեւ Լիբանան․ խաղի նոր օրէնքներ

28 Փետրուար 2026 -ին սկիզբ առած պատերազմը չսահմանափակուեցաւ միայն Իրանի օդային տարածքով: Այն ինչ որ սկիզբը իբրեւ ամերիկեան եւ իսրայէլեան օդային վճռական յարձակում մը կը թուէր՝ խնամքով ծրագրուած, արհեստագիտականօրէն գերազանց եւ ռազմավարականօրէն յաւակնոտ, արագօրէն դուրս եկաւ իր նախատեսուած սահմաններէն: Անիկա չաւարտեցաւ հոն՝ ուր սկսած էր, ոչ ալ գետինը պատրաստեց այն լուծումներուն, զորս թերեւս կը փնտռէին անոր ճարտարապետները: Փոխարէնը՝ պատերազմը տարածաշրջանը վերաձեւակերպեց նուազ տեսանելի, բայց շատ աւելի ճակատագրական ուղղութիւններով:

Այսօրուան իրավիճակը հասկնալու համար պէտք է հրաժարիլ պատերազմի առաջին օրերու ստեղծած ցնցումին վրայ կեդրոնանալէ՝ օդային ծանր հարուածներ, ենթակառոյցներու քանդում եւ ղեկավարութեան «գլխատում»։ Այս բոլորը կը պատկանին պատերազմի առաջին փուլին։ Իրական շրջադարձը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ պատերազմին առանցքը Իրանի տարածքէն փոխադրուեցաւ դէպի ծով՝ յատկապէս դէպի Հորմուզի նեղուցը, ուր պատերազմը փոխեց իր բնոյթը։ Անիկա դադրեցաւ զուտ զինուորական կարողութիւններու բախում մը ըլլալէ եւ վերածուեցաւ «խափանման» կարողութիւններու մրցակցութեան:

Ըստ երեւոյթին, Իրան պէտք չունէր սովորական իմաստով յաղթելու՝ ռազմական անհաւասարութիւնը փոխելու համար: Միայն անհրաժեշտ էր փաստել, որ ինք կրնայ անկարելի դարձնել բնականոն վիճակի վերադարձը: Նաւարկութեան ուղիներու խափանումը, ուժանիւթի հոսքերու անկայունութիւնը, ապահովագրական շուկաներու անդամալուծումը եւ համաշխարհային առեւտուրի խախտումները դարձան ոչ թէ երկրորդական հետեւանքներ, այլ պատերազմին բնորոշիչ յատկանիշները: Այս իմաստով, Հորմուզը դադրեցաւ պարզապէս աշխարհագրական նեղուց մը ըլլալէ, այլ դարձաւ աշխարհաքաղաքական հակամարտութեան առանցք մը՝ տարածք մը, ուր ռազմական անհաւասարութիւնը վերածուեցաւ ռազմավարական առաւելութեան: Միացեալ Նահանգները, հակառակ իր ծովային գերիշխանութեան, ինքզինք գտաւ հակամարտութիւնը կառավարելու եւ ոչ թէ անոր լուծում մը գտնելու կացութեան մը մէջ՝ հակառակ մարտանաւերու եւ օդանաւակիրներու գերազանց ներկայութեան:

Այս ընդհանուր փոփոխութեան ծիրէն ներս պէտք է տեղադրել նաեւ Լիբանանը: Եթէ Հորմուզը դարձաւ պատերազմի ռազմավարական առանցքը, Հարաւային Լիբանանը մնաց անոր ամէնէն պայթուցիկ եզրը։ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումը չէր որոշեր պատերազմին ուղղութիւնը, սակայն կը պահպանէր զայն լարուած պահելու կարողութիւնը։ Ապրիլի կիսուն յայտարարուած զինադադարը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացածը, լուծումի չէր առաջնորդեր։ Ան ընդամէնը ժամանակաւոր ընդհատում մըն էր՝ անհամատեղելի պայմաններու մէջ։ Իսրայէլ կը պնդէր անվտանգութեան այնպիսի դասաւորումներու վրայ, որոնք կ’անցնէին իր սահմաններէն անդին, մինչ Հըզպալլա կը մերժէր որեւէ համաձայնութիւն, որ չի պահեր իր դիմադրութեան կարողութիւնը։ Այս երկուքին միջեւ՝ լիբանանեան պետութիւնը գրեթէ կը մնար բացակայ եւ անճրկած՝ ոչ թէ որոշումով, այլ ակամայ պայմաններու բերումով։

Լիբանանի պետութեան այս բացակայութիւնը պատահական չէ։ Ան կը բացայայտէ այն խոր իրականութիւնը, զոր պատերազմը դարձուց աւելի տեսանելի․ Լիբանան որոշ ատենէ դադրած է դասական իմաստով դերակատար ըլլալէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ։ Խլուած է այդ իրաւունքը իրմէ. ան չի բանակցիր իր իրաւունքներուն համար, այլ ուրիշներ կը բանակցին իր անունով, բայց իրենց շահերուն համար։ Թէեւ Լիբանան միշտ կը մնայ միջազգային օրակարգի վրայ եւ կարելի չէ զայն անտեսել։ Հարաւի ճակատը կը շարունակէ գործել իբրեւ ճնշման գօտի՝ Լիբանանի ճակատագիրը կապելով արտաքին որոշումներու՝ Ուաշինկթընէն մինչեւ Թեհրան, եւ այժմ նաեւ միջնորդ մայրաքաղաքներու մէջ՝ ինչպէս Իսլամապատ եւ Մասքաթ։ Այսպիսով պատերազմը վերահաստատեց Լիբանանի պատմական այն հակասութիւնը, թէ ան միաժամանակ լուսանցքային է, բայց անփոխարինելի, անտեսուած՝ բայց կարեւոր…

Կարճաժամկէտ հեռանկարով, այս կացութիւնը հաւանաբար պիտի շարունակուի. ամենէն հաւանականը՝ ոչ յաւելեալ մագլցում, ոչ լուծում իրավիճակն է։  Փոխարէնը կը յառաջանայ «կառավարելի անկայունութեան» ձեւ մը՝ պարտադրուած հաւասարակշռութիւն մը, ուր բոլոր դերակատարները կը խուսափին որոշ սահմաններ հատելէ, սակայն կը շարունակեն ճնշում գործադրել այդ սահմաններու ծիրէն ներս: Թէ՛ Հորմուզի եւ թէ՛ Լիբանանի զինադադարները կը պահպանուին, բայց միայն ձեւականօրէն։ Հորմուզի մէջ լարուածութիւնը կը մնայ, նաւարկութիւնը՝ պայմանաւորուած։ Հարաւային Լիբանանի մէջ խախտումները կը շարունակուին։ Դիւանագիտութիւնը կը շարունակուի, բայց անուղղակի՝ միջնորդներով, որոնք դժբախտաբար անկողմնակալ չեն եւ իրենց կարգին ռազմավարական շահեր կը հետապնդեն:

Այս վիճակը բնականօրէն կարելի չէ խաղաղութիւն նկատել։ Անիկա պարտադրուած վիճակ մըն է, ուր հակամարտութիւնը կը շարունակուի առանց ամբողջական պայթումի:

Սակայն այս վիճակը եթէ երկարի, հետեւանքները կրնան աւելի խոր ըլլալ: Շրջանային այս պատերազմը ոչ միայն անմիջական խնդիրներ կը յառաջացնէ, այլեւ աւելի մեծ փոփոխութիւններու պատճառ կը դառնայ: Մեծագոյն փոփոխութիւնը հաւանօրէն ուժի եւ տիրապետութեան նոր գաղափարն է: Ըստ երեւոյթին հողատարծքի վրայ հակակշիռ ունենալը այլեւս բաւարար չէ յաղթանակ կերտելու համար: Ներկայիս ուժանիւթի, ապրանքներու կամ դրամի հոսքը խանգարելու կարողութիւնը նոյնքան կարեւոր է, թերեւս աւելի կարեւոր: Իրանի օրինակը բարացուցական է այս առումով: Հակառակ իր կրած ծանր հարուածներուն, Իրան կրցաւ ազդել պատերազմի ընթացքին վրայ՝ թիրախաւորելով այն համակարգերը, որոնց կը յենէին իր թշնամիները: Ասիկա յաղթանակ չէ աւանդական իմաստով, բայց նաեւ վճռական պարտութիւն ալ չէ։

Տակաւին, այս պատերազմը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ մասնատուած գերիշխանութեանց բնականոնացումին։ Լիբանան եզակի չէ այս առումով, բայց ան ամենէն խօսուն օրինակն է: Պետական հաստատութիւններու, ոչ-պետական զինեալ դերակատարներու եւ արտաքին զինուորական ազդեցութեան համակեցութիւնը այլեւս չի դիտուիր որպէս զարտուղութիւն մը, որ պէտք է լուծուի, այլ հետզհետէ կ’ընդունուի որպէս կացութիւն մը, որ պէտք է ընդունիլ եւ համակերպիլ: Հետեւանքը ոչ թէ պետութեան անհետացումն է, այլ անոր փոխակերպութիւնը՝ վերածուելով դերակատարի՝ միւսներուն կողքին, յաճախ առանց գերակայութեան:

Այս կացութիւնն է, զոր վերջերս լիբանանեան պետութիւնը կը փորձէ շրջել՝ վերահաստատելով պետութեան գերակայութիւնը եւ պատերազմ հռչակելու ու խաղաղութիւն հաստատելու անոր իրաւասութիւնը: Ուղղակի բանակցութիւններու դիմելու քայլերը կը մատնանշեն պետութեան կողմէ իր դերը վերականգնելու փորձ մը, թէեւ սահմանափակ եւ արտաքին պայմանաւորուած շրջանակներու մէջ։

Լիբանանի մէջ տիրող այս կացութիւնը ունի նաեւ տնտեսական կարեւոր հետեւանքներ: Լիբանանի պարագային վերակառուցումը միայն միջոցներու հարց չէ, այլ նաեւ առնչուած է անոր կարեւորութեան: Միջազգային աջակցութիւնը կը մնայ սահմանափակ, պայմանաւորուած եւ դանդաղ՝ ոչ թէ որովհետեւ կարիքները յստակ չեն, այլ քանի ռազմավարական խայծը տկար է։ Լիբանանը ռազմավարականօրէն առնչուած է բախումներուն, բայց ոչ անոնց լուծման։ Ան կը շարունակէ խճճուած մնալ տարածաշրջանային աւելի լայն առճակատումներու մէջ՝ գործելով աւելի իբրեւ տարածք մը, ուր արտաքին լարուածութիւնները իրենց արձագանգը կը գտնեն, քան որպէս առաջնահերթութիւն մը՝ երկարաժամկէտ ներդրումներու համար։ Ըստ երեւոյթին, Լիբանան առանցքային դիրք մը չի գրաւեր տարածաշրջանային ձեւաւորուող նոր համակարգին մէջ։ Ան էական չէ ո՛չ ուժանիւթի անվտանգութեան, ո՛չ ալ մեծպետական մրցակցութեան մէջ։

Կը թուի, թէ այս պատերազմը յստակ վերջաւորութիւն մը պիտի չունենայ. անիկա պարզապէս պիտի փոխէ խաղին օրէնքները: Յայտնապէս Լիբանան պիտի շարունակէ շնչել նեղ սահմաններու մէջ՝ սեղմուած արտաքին ճնշումներու եւ իր սեփական տկարութեան միջեւ: Ամբողջ տարածաշրջանը կարծէք պիտի վարժուի նոր հաւասարակշռութեան մը, ուր ոչ թէ կը վերանայ անկայունութիւնը, այլ կը դառնայ կառավարելի առօրեայ:

Հիմնական հարցը այն չէ, թէ Լիբանան պիտի վերագտնէ իր «բնականոն կեանքը», այլ պիտի կարենա՞յ դառնալ իր ճակատագիրը տնօրինող քաղաքական ուժ մը, փոխանակ ըլլալու լոկ տարածք մը, ուր ուրիշներ կը լուծեն իրենց հաշիւները: Առայժմ, նման փոփոխութիւն մը անհաւանական կը թուի: Պատերազմը չէ միացուցած ու ներդաշնակած տարածաշրջանը, չէ բանաձեւած լուծման հեռանկարներ, այլ գծած է նոր ու խիստ շրջագիծեր, որոնց մէջ Լիբանան պարտաւոր է գոյատեւելու:

Թէեւ այս շրջադարձը կը մնայ դժուարին եւ մարտահրաւէրներով լեցուն, պետութեան վերջին քայլերը ցոյց կու տան, որ ան կը փորձէ վերագտնել իր տեղը՝ օգտագործելով դիւանագիտական այն նեղ անցքերը, որոնք դեռ բաց կը մնան։

Այս անորոշութեան մէջ, լաւատեսութիւնը կը դառնայ միակ ճանապարհը՝ այդ նեղ անցքերէն դէպի աւելի լայն հորիզոններ անցնելու համար։

Վ. Թէնպէլեան

Գաղութատիրական կարգը. հայրիշխանութեան եւ սպիտակներու ժամանակը

Ի՞նչ նմանութիւններ կան Ֆրանց Ֆանոնի եւ Զաւէն Պիպեռեանի միջեւ։ Երկուքն ալ իրենց ժամանակի հանրածանօթ մտաւորականներու շարքին կը պատկանէին,­—  եւ հաւանաբար իրենց համապատասխան ոլորտներուն ամէնէն ազդեցիկ անձերէն էին,— այսուհանդերձ երկուքն ալ ապրեցան լուսանցքայնացած, չհասկցուած, անտեսուած, մինչեւ իսկ ամբաստանուած ըլլալու ճակատագիրը։

«Երկրագունդին ողորմելիները» գործին մէջ, Ֆրանց Ֆանոն մանրաքննօրէն կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս գաղութատիրութիւնը գլխիվայր կը դարձնէ գաղութատիրուած բնիկի կեանքի իւրաքանչիւր մասնիկը՝ բացայայտելով, դէպք առ դէպք, թէ ինչպէ՛ս գաղութատիրոջ ճնշումը հոգեբանական, հոգեմտաւոր եւ ֆիզիքական անբուժելի վէրքեր կը յառաջացնէ։ Ֆանոն այս գործը գրած է 1961 թուականին, այսինքն 65 տարի առաջ։ Անոնք, որոնք հաւատք ընծայեցին ժամանակի ընթացքին բարեփոխում տեսնելու՝ առանց յանցագործներու պատասխանատուութեան կանչուելուն կամ հետեւանքները կրելուն, հիմա պէտք է հասկնան, որ ժամանակը չի բուժեր, եթէ փոփոխութիւն տեղի չունենայ։ Էփսթինի ոճրային ցանցը կը հանդիսանայ ամէնէն ցայտուն ապացոյցը, թէ ինչպէ՛ս գաղութատիրական բռնութիւնը, որ երկար ատեն անտեսուած մնացած է, կը կազմակերպուի եւ կը վերարտադրուի։

Երբ Բարռեսիա Քոլէքթիվը ընկերային ցանցերուն վրայ գրառումներ սկսաւ կատարել 2021 թուականին, արդէն տարիէ մը ի վեր Զաւէն Պիպեռեանի ստեղծագործութիւնները կը կարդար, կ՚արծարծէր եւ անոնց շուրջ առցանց սեմինարներ կը կազմակերպէր։ Հեղինակին հարիւրամեակին առիթով, մենք ընթերցած եւ վերլուծած էինք Պիպեռեանի գրականութեան հարուստ ժառանգութիւնը։ Զ. Պիպեռեան «Լկրտածը» վէպին մէջ կը ներկայացնէ երիտասարդուհի մը, որ նոյնիսկ չի կրնար իր իսկ անունին տիրապետել, որովհետեւ փոքր եղած ժամանակ խոշոր ընտանիքի մը քով կ՚ապրի որպէս տան ծառայ՝ ստրկացած իրավիճակով։ Ոչ մէկ բան գիտենք անոր ընտանեկան անցեալին մասին, եւ չկայ որեւէ նշոյլ անոր հայ ըլլալուն մասին. այսուհանդերձ, Պիպեռեան յստակօրէն կը պատմէ տասնեակ հազարաւոր հայ կիներու եւ երեխաներու պատմութիւնը։ 1959-ին գրուած «Լկրտածը» վէպին մէջ Պիպեռեան կը ներկայացնէ ընկերային իրավիճակը անոր ամէնէն բռնական ձեւին մէջ,— բան մը, որ ան շատ լաւ գիտէ։ Մինչ Էփսթինի դատի մանրամասնութիւնները կը շարունակեն բացայայտուիլ եւ վերապրողները կը սկսին խօսիլ, «Լկրտածը» վէպին կարեւորութիւնը իբրեւ գրական ստեղծագործութիւն ա՛լ աւելի ակներեւ կը դառնայ։

Ի՞նչ նմանութիւններ կան Ֆրանց Ֆանոնի եւ Զաւէն Պիպեռեանի միջեւ։ Երկուքն ալ իրենց ժամանակի հանրածանօթ մտաւորականներու շարքին կը պատկանէին,­—  եւ հաւանաբար իրենց համապատասխան ոլորտներուն ամէնէն ազդեցիկ անձերէն էին,— այսուհանդերձ երկուքն ալ ապրեցան լուսանցքայնացած, չհասկցուած, անտեսուած, մինչեւ իսկ ամբաստանուած ըլլալու ճակատագիրը։ Մէկը մահացաւ հոգսէ յառաջացած ոսկրային քաղցկեղէ, իսկ միւսը՝ երկար հիւանդագին եւ աղքատիկ կեանք մը ապրելէն։

Պիպեռեանը ձեւով մը կախարդութիւնը կտրող է. ան ուշադրութեան տակ կը դնէ ընտանիքի մը մութ եւ տան մը անհանգստացնող ըլլալը։ Ինչպէ՞ս Պիպեռեան կարողացաւ հասկնալ գաղութատիրական կարգին առաջին հերթին ընտանիքը թիրախաւորելը։ Ինչպէ՞ս կրնան Պիպեռեանի հարազատները, քոյր-եղբայրները, ծնողներն ու զաւակները ոչ թէ նեցուկի աղբիւրներ, այլ՝ թշնամանքի գործօններ ըլլալ։ Այս հարցումներուն պատասխանները թաքնուած են 19-րդ դարու հայերուն ապրած փորձառութիւններուն մէջ։ Պիպեռեանը խորապէս հասկցած էր 20-րդ դարու Օսմանեան վարչակազմի վարած քաղաքականութեան դրսեւորումները, որոնց նպատակներն էին գաւառի հայերը անջատել Պոլսոյ հայերէն, հայկական բազմանդամ ընտանիքները իրարու դէմ լարել եւ անարդիւնաբեր դարձնել տեղական ղեկավարութեան կառոյցը։ Այլ խօսքով, թէ՛ Ֆանոն թէ՛ Պիպեռեան՝ մեկնելով իրենց անմիջական պատմական դիտարկումներէն եւ մտաւորական պաշարէն, մարդկութեան առջեւ բացայայտեցին ժամանակակից աշխարհին ամէնէն մութ իրականութիւնները։ Անոնց անտեսուած ըլլալը շարունակուելուն հիմնական պատճառը այն է, որ չկայ որեւէ անհատ, որ պատրաստ է լսելու անոնց ներկայացուցած իրականութիւնը, բարեփոխելու զայն կամ պատասխանատուութիւն ստանձնելու անոնց համար։ Սպիտակներուն աչքին՝ բնիկ ժողովուրդներն ու սեւերը բնաւ գոյութիւն չեն ունեցած։

Բարռեսիա Քոլէքթիվի մեր շաբաթական հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին, երբ այս հարցերը կը քննարկէինք, մեր անդամներէն մին՝ փիլիսոփայութեան ուսանողուհի մը, յայտնեց, թէ գերյոգնած էր Հայտէկկէր կարդալէն եւ անոր ուսումնասիրութիւններուն հետ աշխատելէն ու անվերջ կրկնութիւններէն։ Ի պատասխան, մեր միւս ընկերները նշեցին, որ ակադեմիայի շրջանակներուն մէջ Հայտէկկէր տակաւին կը շարունակուի ընդունուած ըլլալ որպէս չափազանց նշանակալից մտաւորական մը։ Եւ ի հարկէ, բոլորիս մէջ ծագեցաւ նոյն հարցումը՝ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ սպիտակ, այր «փիլիսոփա» մը, նացիական մտածումներով ծանրացած, կարենայ առանց երբեւէ իր ուժը կորսնցնելու շարունակել իր հսկայական ազդեցութիւնը տարածել տարբեր աշխարհագրական տարածքներու վրայ եւ սերունդներու մէջ, նոյնիսկ ակադեմական շրջանակներուն մէջ, մինչդեռ Եւրոպայի մէջ իր ըսածները դէպք առ դէպք հիմնաւորած Ֆանոնի ուսուցումը շատ դժուար է։

Այս հարցին ես կը պատասխանեմ հետեւեալ կերպով՝ Ֆանոն դասաւանդելու դժուարութիւնը այն է, որ ան կը բացայայտէ գաղութատիրական կարգի աւերիչ ազդեցութիւնը բնիկ ժողովուրդներուն վրայ,­— եւ այս ընելով, ան ուղղակիօրէն կը հարուածէ Էփսթինն ու անոր նմանները, իսկ այս մէկը զայն կը դարձնէ դժուար առաջադրանք։ Ճիշդ այս պատճառով դրամատիրութիւնը Ֆանոնը կ՚առանձնացնէ անոր մուգութեան պատճառով, այսինքն ցեղապաշտութեան ամէնէն յայտնի կերպով։ Այս շարքին կրնաք աւելցնել Մարքսը, Ռոզա Լուքսըմպուրկը, Սիլվիա Կետերիչին։ Անոնք եւս, որպէս դրամատիրական համակարգը բացայայտող մտաւորականներ, կը ստանան ամբաստանուած ըլլալու իրենց բաժինը։

Թէեւ բոլոր այս մտաւորականները իրենց գործերով անդրադարձած են դարաւոր հարցերու եւ սքանչելապէս լուսարձակի տակ առած են որոշ հարցեր, բայց անոնցմէ ոչ մէկը «ազատակամեան» աշխարհի ակադեմիայի օրինաչափ ընթերցումներու ցանկին մաս կը կազմէ։ Մենք այս տեսանկիւնը հասկնալու եւ իւրացնելու հնարաւորութիւնը պիտի չունենայինք, եթէ դասաւանդուած չըլլայինք Հերի Յարութիւնեանի կողմէն։ Պատահական չէ, որ Յարութիւնեան, Խարբերդի արմատներով, դարուս ապրող ամէնէն կարեւոր մարքսիստ պատմաբաններէն մէկն է։

Ըսածս հետեւեալն է՝ գաղութատիրական բռնութեան մասին գրուածները, անոր կազմակերպութիւնն ու իրագործումը եւ հետեւանքները նորութիւններ չեն։ Ոչ մէկ բան ժամանակի ընթացքին կը բարելաւուի։ Ընդհակառակը, անոնք, որոնք բռնած են հարիշխանութեան ժամանակի թելերը, ուժի կիրառումով կը ստիպեն մեզի համակերպիլ անոր՝ մերժելով ջանքերն ու աշխատանքները հոս նշուած ու չնշուած անթիւ մտաւորականներու։

Էփսթինի բացայայտումները խոր ճեղք մը յառաջացուցին հայրիշխանական կարգին մէջ, որովհետեւ այս անգամ կրակը ինկաւ սպիտակներուն գլխուն։

Թալին Սուճեան

Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի

Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ

 (Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 18 Ապրիլ 2026–ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ին մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)

Անարդարութեան վրայ կառուցուած աշխարհը եւ մեր սպասումները

Ամէն տարի, Ապրիլի 24-ին, հայ ժողովուրդին մէջ ժամանակ առ ժամանակ կը վերակենդանանայ գաղափար մը, որ առաջին հայեացքով կը թուի բնական ու արդար. եթէ ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, իսկ անիկա պիտի՛ ճանչցուի, ապա անոր արդիւնքներէն մէկը պէտք է ըլլայ պատմական հողերու վերադարձը (խօսքը ուիլսընեան Հայաստանի մասին է): Այս տրամաբանութիւնը յուզական ու մարդկային առումով հասկնալի է, բայց եթէ փորձենք այդ հարցին նայիլ չոր ու հաշուենկատ մօտեցումով, ապա կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ անհնար է անիկա: Ոչ, ո՜չ, մի շտապէք մեղադրելու «դաւաճանութեամբ», «պարտուողականութեամբ» կամ նման այլ բաներով, բայց փորձեցէք իրօք, գոնէ մէկ անգամ իրականութեան աչքերուն նայիլ: Իսկ խնդիրը այստեղ ոչ թէ ցանկութեան, բարոյականութեան կամ նոյնիսկ իրաւական հիմնաւորումներու բացակայութիւնն է, այլ՝ աշխարհաքաղաքական տրամաբանութիւնը: Կարճ ասած, ներկայիս աշխարհը թոյլ չի տար նման բան, նոյնիսկ եթէ թուրքերը իրենք ծնկաչոք խնդրեն հող վերադարձնել մեզի: Ըսենք նման բան տեղի չի ունենար: Ինչ որ է:

Ենթադրենք, թէ հրաշքով մը թուրքերը ընդունեցին Ցեղասպանութիւնը, այն ալ այնպէս ընդունեցին, որ որոշեցին հատուցել թէ՛ հողով, թէ՛ դրամով: Այս մէկը ոչ մէկ խնդիր կը լուծէ, որովհետեւ գոյութիւն ունի աշխարհակարգի տրամաբանութիւն մը. ոչ մէկ պետութիւն կը կառուցուի ինքնաքանդումի սկզբունքին վրայ:

Եկէք սկսինք ամենէն պարզ, բայց հայերուս կողմէ մշտապէս անտեսուող հանգամանքէն: Ժամանակակից պետութիւնները կը կառուցուին ոչ թէ պատմական արդարութեան ու բարոյականութեան, այլ ընդունուած կանոնակարգի ինքնութեան հիման վրայ: Այդ ինքնութիւնը կրնայ ըլլալ պատմական, մշակութային, քաղաքական, տարածքային, բայց անիկա միշտ ունի կարեւոր յատկութիւն մը. անիկա չի կրնար հիմնուիլ սեփական օրինականութեան ժխտումին վրայ: Այսինքն ոչ մէկ պետութիւն չի հիմնուիր ինքն իր գոյութիւնը դատապարտելով:

Թուրքիոյ պարագային ասիկա աւելի ակնյայտ է: Եթէ որեւէ պահու թրքական պետութիւնն ու հասարակութիւնը լիովին ընդունին, որ իրենց հանրապետութեան կազմաւորումը ուղեկցուած է զանգուածային ջարդով եւ տեղահանութեամբ, եւ տակաւին՝ եթէ այդ մէկը կապուի տարածքային պարտաւորութիւններու, ապա անիկա պիտի չմնայ որպէս պարզ պատմական ընդունում, այլ պիտի վերածուի պետական ինքնութեան ճգնաժամի: Այդպիսի քայլ մը կը նշանակէ, որ թուրքերը կ’ընդունին, որ իրենց պետութեան այժմու սահմաններն ու գոյութիւնը մասամբ հիմնուած են անօրինականութեան վրայ: Որեւէ մէկը անոր կը հաւատա՞յ: Մենք կրնանք թուրքերը ատել, բայց զանոնք ճանչնալ՝ պարտաւոր ենք. ոչ թէ օսմանեան կիսաքանդուած գաղութային յետամնաց կայսրութիւնը, ուր ընդամէնը 10-15 մլն թուրք կ’ապրէր, այլ 90-միլիոննոց, Նաթօ-ի մեծագոյն բանակներէն մէկը ունեցող, ափրիկեան երկիրներու ռազմավարական-տնտեսական գործընկեր Թուրքիան:

Պատմութեան մէջ նման օրինակներ գրեթէ չկան, եւ պատճառը յստակ է․ ոչ մէկ պետութիւն կամաւոր կերպով ինքնաոչնչացման գործընթացի մէջ կը մտնէ։ Եւ սա շատ աւելի լուրջ պատճառ է, քան տարածքն ու դրամը։ Ոչ մէկ հասարակութիւն կը համակերպի այն գաղափարին, թէ իր պետական ինքնութիւնը ծնունդ առած է մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան վրայ։ Իսկ թրքական ազգային գիտակցութեան զարթօնքը քեմալական Թուրքիան էր, որ հիմնուեցաւ 1923-ին: Օսմանեան կայսրութիւնը ազգային պետութիւն չէր․ ան կը պատկանէր բոլորին՝ հայերուն, յոյներուն, քիւրտերուն, հրեաներուն, թուրքերուն, լազերուն եւ այլոց։ Պարզապէս հիմնադրողն ու կառավարողները օսմանցիներն էին: Իսկ արդէն 1923-ին, անիկա արդէն ազգային հանրապետութիւն դարձաւ, ոչ թէ ընդհանուր կայսրութիւն, այլ թրքական պետութիւն՝ թուրք ժողովուրդին համար, կը հասկնա՞ք: Ոչ թէ յանուն իսլամի, ոչ թէ յանուն Թուրանի, այլ յանուն Թուրքիոյ: Մենք տակաւին ամբողջովին չենք ըմբռնած այս իրողութիւնը։ Եւ այս Թուրքիան իր ազգային գիտակցութիւնը չ’ենթարկեր հայկական պահանջներուն։

Բայց, եթէ նոյնիսկ ենթադրենք, որ հրաշքով մը տուեալ պետութիւնը պատրաստ է նման քայլի, կը յառաջանայ երկրորդ, աւելի լայն խնդիր մը՝ միջազգային համակարգին արձագանգը: Այսօրուայ աշխարհակարգը կառուցուած է սահմաններու յարաբերական կայունութեան վրայ: Անիկա կատարեալ չէ, յաճախ նոյնիսկ անարդար է (Արցախը վկայ), բայց կ’ապահովէ բան մը՝ կանխատեսելիութիւն, եւ այս կանխատեսելիութիւնն է, որ թոյլ կու տայ խուսափելու համատարած քաոսէ: Եթէ նախադէպ ստեղծուի, ըստ որուն պատմական արդարութեան հիմքով կարելի է սահմանները վերատեսութեան ենթարկել, ապա այդ մէկը անմիջապէս տասնեակ, եթէ ոչ հարիւրաւոր նմանատիպ պահանջներու դուռ կը բանայ: Եւրոպայի, Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ կան բազմաթիւ պատմական հակասութիւններ, որոնք պարզապէս «սառեցուած» են: Անոնց մեծ մասը չէ լուծուած, այլ միայն յետաձգուած է: Չէ մոռցուած, այնպէս, ինչպէս մենք չենք մոռցած Ցեղասպանութիւնը: Այդ պատճառով է, որ մեծ պետութիւնները չեն ձգտիր նման մեքանիզմներու գործադրութեան: Անոնք կրնան ճանչնալ, դատապարտել եւ նոյնիսկ խրախուսել պատմական արդարութեան շուրջ քննարկումները, սակայն այն պահէն, երբ խնդիրը կը մօտենայ տարածքային հետեւանքներու, կը սկսի գործել կոշտ սահմանափակումներու տրամաբանութիւնը։ Որովհետեւ, եթէ Թուրքիան տայ, ուրիշներն ալ պիտի ստիպուին տալու։ Եւ այս աշխարհը, սիրելի՛ հայեր, կառուցուած է անարդարութեան վրայ։ Արդարութիւնը յաճախ յարաբերական է՝ իւրաքանչիւր դարաշրջանի տարբեր բարոյական չափանիշներէն ծնունդ առած։

Իսկ ի՞նչ կարելի է սպասել ուժերու ներկայ հաւասարակշռութեան եւ միջազգային կարգի պայմաններուն մէջ:

Հատուցում՝ առանց սահմաններու փոփոխութեան

Այսինքն, նոյնիսկ եթէ թուրքերը օր մը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, անիկա մեծ մասամբ բարոյական մօտեցումով պիտի ըլլայ։ Ասիկա կրնայ ներառել՝ պատմական ճանաչում եւ դատապարտում, մշակութային ժառանգութեան վերականգնում, հնարաւոր նիւթական կամ այլ հատուցումներ, քաղաքական եւ բարոյական պատասխանատուութեան ընդունում (մասնակի կամ ձեւական)։ Բայց՝ ոչ աւելին։ Այս մոտելը «աւելի ապահով» կը նկատուի միջազգային համակարգին համար, որովհետեւ շղթայական հետեւանքներ չի ստեղծեր։ Չի պարտադրեր։ Սակայն կարեւոր է հասկնալ, որ այս մոտելը սահմանափակ է Նոյնինքն այդ պատճառով։ Ան չի լուծեր պատմական արդարութեան ամբողջ հարցը, այլ միայն կը փորձէ կառավարելի դարձնել անոր հետեւանքները։ Կարճ ասած, թուրքերը ցեղասպանութիւնը կը ճանչնան այն ժամանակ, երբ այդ մէկը ոչ մէկ շօշափելի օգուտ կը բերէ հայերուն, եւ ոչ ալ իրական վնաս կը պատճառէ թուրքերուն։ Կոպիտ ասած․ «կը ներէք, բան է, պատահեր է, անցած ըլլայ»: Սինի՞զմ է: Այո՛: Հնարաւո՞ր է, այո՛:

Իրականութեան եւ սպասումներու բախումը

Վտանգաւոր շփոթ մը կ’ապրինք ցանկալիին եւ հնարաւորին միջեւ ու զիրար կը մեղադրենք եւ իրարու կը հայհոյենք այդ մէկուն համար։ Ցանկալին կրնայ ըլլալ ամբողջական արդարութեան վերականգնումը, բայց հնարաւորը այսօր սահմանափակուած է ուժային հաւասարակշռութիւններով եւ համակարգային իրողութիւններով։ Սակայն այս մէկը չի նշանակեր հրաժարիլ պատմական յիշողութենէն կամ պահանջներէն։ Բայց կը նշանակէ, որ անոնք պէտք է ձեւակերպուին այնպիսի լեզուով եւ այնպիսի նպատակներով, որոնք համադրելի են իրական աշխարհին հետ, եւ  քանի դեռ բեռ չեն դարձած Նոյնինքն մեզի համար: Հակառակ պարագային, կը ստեղծուի փակ շրջանակ մը․ բարձր ակնկալութիւններ, անհասանելի օրակարգ, եւ ի վերջոյ՝ յուսախաբութիւն ու անվստահութիւն՝ ոչ միայն արտաքին աշխարհին, այլ նաեւ մեր իսկ քաղաքական կարողութիւններուն նկատմամբ։ Եւ Թուրքիան պիտի ընէ ամէն ինչ, որ մենք հրաժարինք այդ բոլորէն։ Արդեօք Արցախը մեզի համար դաս մը չեղա՞ւ։

Յ․Գ․ Մոռցէք հրէական ողջակիզումը։ Անիկա տեղի ունեցաւ բոլորովին այլ աշխարհակարգի մէջ, եւ ճանչցուեցաւ, որովհետեւ այդ մէկը անհրաժեշտ էր ժամանակի մեծերուն։

Եւ ի՞նչ․․․

Արայիկ Մկրտումեան

Ապրիլէն՝ ԱՊՐԻԼ․․․

Մանկան ճիչը զիլ
                    որ մօր կաթը կ՛ուզէ
                    աւազին վրայ
                              կը խլացնէ զիս․․․
Կոյսը Եփրատի ալիքն կը գրկէ
          կառչած պատմութեան դարպասին վրայ․․․
Մայրը զաւակը գրկած կը վազէ
          տունն է բռնկուած
          փրկութիւնն խռովուած մեկնած է արդէն․․․
Ծերը ծիրանի ճիւղին է յենած
          ծոռը իր գրկին
                    Լերան խորշերու որջը կ՛որոնէ․․․
Թոնիրը ցախէն որբացած է լուռ․․․
Գերանները կուռ մթութիւն գրկած․․․
Խունկը եթերին հետ է խռոված․․․
Իսկ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ լուռ կ՛ողբայ, կ՛ողբայ․․․
Ի տես դարաւոր իր զաւակներու
          ալիքի բեկման
          որ արմատներէն անջատուած
                    կ՛երթան․․․


Զաւակունք Հայկի,
Վեհ Արտաշէսի՝
          Մեր Հայոց Լեզուն կուռ խարսխողի,
Եռամեծ սուրբի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի՝
          Որ երկնաբոյրով բարբառդ օծեց․․․
Խոնարհ ազգակունք Մեծն Հայրիկի
          Որ վեհ բազուկիդ “Շերեփ“ շնորհեց․․․
Զաւակունքդ հողի՝
          ընդհատուած կանչի արձագանգողներդ,
          զոհաբերութեան լոյսով դուք օծուած՝
                    Ֆէտայիներու ոգին ժառանգող,
Ցեղ մը չէր, որ իր վախճանին կ՛երթար
Այլ Ազգ մը համայն
          որ կուրծքը տուած
          ազգասպանութեան մոլուցքին դժխեմ
          իր անէացման ճամբան էր բռնած․․․

Իսկ դարը, դարը անտարբեր, գնաց․․․

Բայց ԴՈ՛ՒՆ․․․ ՄՆԱՑԻ՜Ր․․․

          Դեռ պիտի մնա՛Ս
          երկրիԴ ներկայո՛վ եւ ապագայո՛վ․․․
Դուն պիտի ԱՊՐԻ՛Ս՝
          Մէջդ կուտակած պատմութեան շունչով
Դուն պիտի ԱՊՐՒՍ
          Էութեանդ կուռ արմատներովը
Դուն պիտի ԱՊՐԻՍ
          Պատմութեանդ յոյժ երազանքովը
Դուն պիտի ԱՊՐԻՍ
          Վերականգնելու պապերուդ Տունը
Դուն պիտի ԱՊՐԻՍ
          Գալիքի՛ն համար
Դուն պիտի ԱՊՐԻՍ
          Յաւերժի ջահը միշտ բարձր բռնած
Որ լուսաւորես
          Ճամբան յաւերժի․․․

Ապրիլէն՝ ԱՊՐԻ՛Լ՝
Ահա պատմութեան
          Ե՛Ւ ԱՆՁՆԱԳԻՐԴ
                    Ե՛Ւ ԱՆՑԱԳԻՐԴ․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 24, Ամիս՝ Ապրիլ, Տարի՝ 2026
Հայկեան Տոմար- Օր՝ Ասակ, Ամիս՝ Ահեկան, Յամի՝ ՏՇԺԷ (4517)

 

To The Memory of the Victims of Armenian Genocide

You can destroy my body
Though my soul will cherish
You can burn my book
Yet my word will last
You may assail my faith
But my piety will grow

You can spoil my land
It will replace my heart
You may spread bigotry
No, no, ferocity will end

Justice will overcome

My body will resurrect
My book will conquer
My faith will dare
My land will flourish

This is my story
You tried to end
I write a beginning
Every time you deny

By Varouj Tenbelian

2017, Beirut