Աւելի քան երկու հազար չորս հարիւր տարի առաջ, մեծ իմաստասէր Սոկրատ զարմանալի մտավախութիւն մը արտայայտած է։ Իր աշակերտին՝ Պղատոնի «Փայդրոսի» երկխօսութեան մէջ, ան կը պատմէ Եգիպտոսի Թոթ աստուծոյ մասին, որ Թամոս թագաւորին կը ներկայացնէ գիրը իբրեւ մարդկութեան մեծագոյն գիւտերէն մէկը։ Սակայն Եգիպտոսի թագաւորը այլ կարծիք ունէր։ Ան կը զգուշացնէ, թէ գիրը ոչ միայն կրնայ տկարացնել մարդկային յիշողութիւնը, այլեւ աւելի վտանգաւորը՝ կրնայ մարդոց մօտ ստեղծել իմաստութեան պատրանքը՝ առանց իսկական իմաստութեան։ Մարդիկ պիտի կարծեն, թէ գիտեն, որովհետեւ կարդացած են, մինչդեռ իսկական ըմբռնումը կը ծնի միայն մտածելու, հարց տալու եւ քննարկումի միջոցով։
Այսօր, երկու հազարամեակ ետք, Սոկրատի այդ մտավախութիւնը առաջին հայեացքով չափազանցուած կը թուի։ Գիրը մարդկային միտքը չտկարացուց։ Ընդհակառակը, ան դարձաւ գիտելիքի, մշակոյթի եւ գիտութեան հզօրագոյն հիմնասիւներէն մէկը։ Առանց գիրի, մարդկութիւնը դժուար թէ կարենար ստեղծել այն քաղաքակրթութիւնը, զոր այսօր կը ճանչնանք։ Բայց Սոկրատի հարցումը տակաւին կը մնայ ի զօրու։ Ի՞նչ կը պատահի մարդուն, երբ իր մտքին աշխատանքը աստիճանաբար կը յանձնէ արտաքին միջոցի մը։ Այսօր այդ միջոցը այլեւս գիրքը չէ։ Անիկա արուեստական իմացականութիւնն է։
«Հիմնական մարտահրաւէրը արուեստական իմացականութեան կիրառութիւնը չէ, այլ արագ զարգացող արհեստագիտութիւններուն, սորվելու փոփոխուող սովորութիւններուն եւ անոնց համընթաց չզարգացող կրթական համակարգերուն միջեւ խորացող անհամապատասխանութիւնը»։
World Economic Forum
Եւ թերեւս պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մարդկութիւնը ստեղծած է ոչ թէ միայն տեղեկութիւն պահող կամ փոխանցող, այլ մտածելու տպաւորութիւն ստեղծող միջոց մը։ Անիկա կը գրէ, կը համադրէ, կը վերլուծէ, կը դիտարկէ, կը բացատրէ եւ քանի մը երկվայրկեանի մէջ կը կատարէ այնպիսի աշխատանքներ, որոնք մարդ արարածէն երբեմն ժամեր կամ օրեր կը պահանջէին։ Հարցը, հետեւաբար, այլեւս միայն արհեստագիտական չէ։ Անիկա քաղաքակրթական է։
Մարդկային պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ արհեստագիտական իւրաքանչիւր մեծ յեղափոխութիւն փոխած է նաեւ կրթութիւնը։ Գիրին գիւտը, տպագրութիւնը, ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը, համակարգիչը եւ համացանցը՝ ամէն մէկը նոր ձեւով վերաձեւակերպած է գիտելիքը, դպրոցը եւ ուսուցիչին դերը։ Սակայն այս բոլոր փոփոխութիւններուն ընթացքին կրթական համակարգերը ժամանակ ունէին յարմարելու նոր իրականութեան։ Այս անգամ տեղի ունեցողը տարբեր է։ Առաջին անգամ ըլլալով, նոր արհեստագիտութիւնը դպրոցի դռնէն ներս մտաւ նախքան դպրոցին քննարկումն ու որոշումը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգտագործել զայն։
Միլիոնաւոր աշակերտներ արդէն ամէն օր կ’օգտագործեն արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI)՝ հարցումներ տալու, շարադրութիւն գրելու, դասերը հասկնալու, թարգմանելու, գաղափարներ որոնելու եւ երբեմն ալ իրենց ամբողջ տնային աշխատանքը պատրաստելու համար։ Մինչ այդ, աշխարհի կրթական համակարգերը տակաւին կը փորձեն հասկնալ, թէ ի՛նչ կը պատահի իրենց շուրջը։
«Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կրթութեան մէջ կը տարածուի վարէն վեր, քանի որ աշակերտներն ու ուսուցիչները արդէն իսկ այս գործիքները ներառած են իրենց առօրեայ ուսման եւ դասաւանդման մէջ, մինչդեռ ուսումնական ծրագիրները, գնահատման եղանակները եւ կրթական քաղաքականութիւնը տակաւին չեն համապատասխանեցուած այդ փոփոխութեան»։
World Economic Forum

Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ, թէ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) տարածումը տեղի կ’ունենայ «վարէն վեր»։ Այլ խօսքով, աշակերտներն ու ուսուցիչները արդէն իսկ սկսած են այս գործիքը ներառել իրենց առօրեայ ուսման եւ դասաւանդման մէջ, մինչդեռ ուսումնական ծրագիրները, գնահատման եղանակները եւ կրթական քաղաքականութիւնը տակաւին պատրաստ չեն այս նոր իրականութեան։
Այս տեղեկագիրը, սակայն, աւելի խորքային հարց մը կը դնէ սեղանի վրայ։ Անիկա միայն դպրոցներուն կամ համալսարաններուն մասին չէ։ Անիկա մարդուն մասին է։ Որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով պատմութեան մէջ ստեղծած ենք գործիք մը, որ ոչ միայն տեղեկութիւն կը գտնէ, այլ նաեւ կը դրսեւորէ մտածողութեան արտաքին նշանները։ Ան կը մշակէ ապացոյցներ, կը գրէ շարադրութիւններ, կը համադրէ աղբիւրներ եւ կը ներկայացնէ պատրաստ եզրակացութիւններ։
Ասիկա այն կէտն է, ուր Սոկրատի երկհազարամեայ հարցումը նոր իմաստ կը ստանայ։
Կարելի՞ է գիտելիքի տպաւորութիւն ունենալ՝ առանց իսկապէս գիտնալու։
Եւ եթէ այդ պատասխանը այո՛ է, ապա կրթութեան առաքելութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղուան աշխարհին մէջ։
Մտածել ի՞նչ կը նշանակէ այլեւս
Դարեր շարունակ կրթութեան հիմնական առաքելութիւնը եղած է գիտելիք փոխանցել։ Ուսուցիչը գիտելիքը կրողն էր, դպրոցը՝ անոր պահապանը, իսկ գիրքը՝ հիմնական աղբիւրը։ Աշակերտը կը սորվէր, որովհետեւ տեղեկութիւնը դժուար հասանելի էր։ Անհրաժեշտ էր կարդալ, յիշել, հասկնալ եւ տարիներու աշխատանքով գիտելիք կուտակել։ Այսօր այդ իրականութիւնը գլխիվայր շրջուած է։ Տեղեկութիւնը այլեւս հազուագիւտ չէ։ Ան ամէն տեղ է։ Աւելի՛ն. առաջին անգամ պատմութեան մէջ տեղեկութիւնը ոչ միայն մատչելի է, այլ նաեւ անմիջապէս տրամադրելի։ Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կրնայ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին ամփոփել ամբողջ գիրք մը, համեմատել տասնեակ աղբիւրներ, պատրաստել շարադրութիւն, լուծել մաթեմաթիքի խնդիրներ կամ բացատրել գիտական բարդ հասկացողութիւններ՝ այնպիսի սահունութեամբ, որ երբեմն կը թուի, թէ իսկական ուսուցիչի մը հետ կը խօսինք։
«Երբ դատողութիւնը կը մեքենայացուի, ուղեղը կը զրկուի այն մտային ճիգէն, ուր կը կազմաւորուի իսկական ըմբռնողութիւնը»։
World Economic Forum
Ահա թէ ինչու ներկայ փոփոխութիւնը պարզապէս նոր գործիքի մը յայտնութիւնը չէ։ Անիկա կը վերափոխէ մտածելու ձեւը։ Համաշխարհային տնտեսական համախմբումին տեղեկագիրը կարեւոր տարբերութիւն մը կը նկատէ նախորդ բոլոր թուային գործիքներուն եւ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) միջեւ։ Համակարգիչը կը հաշուէր։ Համացանցը տեղեկութիւն կը գտնէր։ Որոնողական մեքենաները աղբիւրներ կը ցուցաբերէին։ Իսկ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) արդէն ինք կը գրէ, կը դիտարկէ, կը համադրէ եւ կը ներկայացնէ պատրաստ եզրակացութիւններ։
Առաջին հայեացքով այս բոլորը մեծ յառաջդիմութիւն կը թուին ըլլալ։ Իրականութեան մէջ ալ այդպէս է։ Սակայն իւրաքանչիւր մեծ յառաջդիմութիւն իր հետ կը բերէ նաեւ նոր հարցումներ։ Երբ մեքենան կը սկսի կատարել այն աշխատանքները, որոնք դարեր շարունակ ձեւաւորած են մարդկային միտքը, բնական է հարց տալ. արդեօ՞ք մարդկային միտքը կը շարունակէ զարգանալ նոյն ձեւով։
Դպրոցը չի մերժեր փոփոխութիւնը. պարզապէս ուշացած է
Այսօր շատեր կը մեղադրեն դպրոցները, որ անոնք ետ մնացած են ժամանակէն։ Սակայն հարցը այսքան պարզ չէ։ Կրթական համակարգերը իրենց բնոյթով դանդաղ կը փոխուին, եւ այդ դանդաղութիւնը միշտ ալ թերութիւն չէ։ Երբ խօսքը երեխաներու կրթութեան կը վերաբերի, յանկարծակի փորձարկումները կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ։ Դասագիրքերը, ուսումնական ծրագիրները, քննութիւնները, ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնը, օրէնքները եւ կրթական չափանիշները տարիներու ընթացքին կը մշակուին, որովհետեւ անոնց նպատակը նորարարութիւնը չէ միայն, այլ նաեւ մանկավարժական նորմերը, անաչառութիւնը, վստահութիւնը եւ կայունութիւնը։
«Հետաքրքրասիրութիւնն ալ մշտական մարզումի կարիք ունի»։
World Economic Forum
Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ), ընդհակառակը, գրեթէ ամէն ամիս կը փոխուի։ Ամէն քանի մը շաբաթը նոր մոտելներ կը յայտնուին, նոր կարելիութիւններ կը ստեղծուին, իսկ միլիոնաւոր մարդիկ անմիջապէս կը սկսին զանոնք օգտագործել՝ առանց որեւէ պաշտօնական հրահանգի կամ դասընթացքի։
Արդիւնքը այն է, ինչ որ World Economic Forum-ի տեղեկագիրը կը կոչէ համակարգային անհամապատասխանութիւն։ Աշակերտները արդէն փոխուած են, ուսուցիչները կը փորձեն յարմարիլ, բայց կրթական համակարգերը տակաւին կը գործեն այն տրամաբանութեամբ, որ ստեղծուած էր արուեստական իմացականութենէն (ԱԻ) առաջ։

«Սորվիլը տեղեկութիւններու պարզ կուտակում չէ, այլ մտային ճիգ մը, որ կը զօրացնէ ուսման հիմքը կազմող ուղեղային կապերը»։
World Economic Forum
Այս մէկը զարմանալի հակասութիւն մըն է։ Մարդիկ կը շարունակեն գործածել գործիք մը, մինչդեռ իրենք իսկ կը կասկածին, թէ անիկա կրնայ թուլացնել իրենց մտածելու կարողութիւնը։ Հաւանաբար որովհետեւ հոս խնդիրը կամքի պակասը չէ։ Խնդիրը մարդուն բնութիւնն է։
Մարդուն ուղեղը կը սիրէ դիւրին ճամբան
Բնագէտ Լէոնարտ Սուսքինտի խօսքը, զոր տեղեկագիրը կը մէջբերէ, առաջին հայեացքով կատակ մը կը թուի ըլլալ. «Եթէ անհրաժեշտութիւնը գիւտերու մայրն է, ապա ծուլութիւնը անոնց հայրն է»։ Բայց այդ կատակին մէջ խոր ճշմարտութիւն մը կայ։ Մարդկային ուղեղը միշտ ալ փորձած է աւելի քիչ ճիգով նոյն նպատակին հասնիլ, ինչ որ բնական է։ Անոր շնորհիւ ստեղծուած են անիւը, ինքնաշարժը, համակարգիչը եւ հազարաւոր այլ գիւտեր։ Սակայն գոյութիւն ունի սկզբունքային տարբերութիւն մը։ Կան գործիքներ, որոնք կ’երկարաձգեն մեր կարողութիւնները, եւ կան գործիքներ, որոնք աստիճանաբար կը փոխարինեն զանոնք։
Հաշուիչ մեքենան մեզմէ չի խլեր մաթեմաթիքական մտածողութիւնը։ Ան կը դիւրացնէ երկար հաշիւները։ Քարտէսը մեզմէ չի խլեր կողմնորոշուելու կարողութիւնը։ Ան ցոյց կու տայ ճամբան։ Բայց երբ մեքենան կը սկսի դատողութիւնը ունենալ, վերլուծել, եզրակացնել եւ նոյնիսկ ստեղծագործել մեր փոխարէն, արդէն հարցը այլեւս արագութիւնը կամ յարմարութիւնը չէ։ Բուն հարցը այն է, թէ ուղեղը կը շարունակէ՞ կատարել այն աշխատանքը, որուն շնորհիւ ինքզինք կը զարգացնէ։
«Դպրոցները միայն գիտելիք չեն փոխանցեր․ անոնք միտքը կը մարզեն, որ գիտնայ ինչպէս աշխատիլ այդ գիտելիքին հետ»։
World Economic Forum
Տեղեկագիրը այստեղ կը ներկայացնէ իր ամենէն մտահոգիչ եզրակացութիւններէն մէկը։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) օգնութեամբ աշխատող ուսանողները այդ պահուն աւելի լաւ արդիւնքներ կրնան արձանագրել։ Բայց երբ այդ օգնութիւնը կը հեռացուի, անոնք աւելի վատ արդիւնք կուտան, քան այն ուսանողները, որոնք երբեք չէին օգտուած այդ գործիքէն։ Այսինքն՝ ուսանողը խնդիրը լուծած էր, բայց չէր սորված լուծել։ Եւ հոս է, թերեւս, ամբողջ հարցին էութիւնը։ Կրթութիւնը երբե՛ք միայն պատասխաններու մասին չէ եղած։ Ան միշտ եղած է այն ճամբուն մասին, որ կը տանի դէպի այդ պատասխանները։ Երբ այդ ճանապարհը անհետանայ, ի՞նչ կը պատահի նոյնինքն սորվելու գործընթացին։
Երբ պատասխանը միշտ պատրաստ է, հարցում տալը կը դառնայ անտեղի
Մարդուն մտային զարգացումը երբե՛ք միայն տեղեկութիւն կուտակելու գործընթաց մը չէ եղած։ Ան հարցումներու պատմութիւն մըն է։ Երեխան կը սորվի ոչ միայն պատասխան լսելով, այլեւ նախ հարց տալով, կասկածելով, փորձարկելով, սխալելով եւ, վերջապէս, հասկնալով։ Այդ ամբողջ գործընթացը ժամանակ կ’առնէ։ Երբեմն ալ յուսախաբութիւն կը պատճառէ։ Բայց նոյնիքն այդ դժուարութիւնն է, որ կը կազմաւորէ մտածողութիւնը։ Արուեստական իմացականութիւնը, ընդհակառակը, ստեղծուած է այդ դժուարութիւնը նուազեցնելու։ Ան պատասխանները անմիջապէս կը տրամադրէ, կը պատրաստէ եզրակացութիւնները, կը դասաւորէ փաստարկումները եւ նոյնիսկ կրնայ հարցումներ առաջարկել, զորս մենք տակաւին չէինք մտածած։
«Վտանգը միայն այն չէ, որ սխալ տեղեկութիւն գոյութիւն ունի, այլ այն, որ այդ տեղեկութիւնը կը ներկայացուի այնպիսի ձեւով, որ դիւրութեամբ վստահութիւն կը ներշնչէ»։
World Economic Forum
Առաջին հայեացքով այս մէկը ժամանակի խնայողութիւն կը թուի ըլլալ։ Սակայն կրթութեան մէջ ժամանակը միշտ վատնում չէ։ Շատ յաճախ անիկա ներդրում է։ Երբ երեխան քանի մը ժամ կը պայքարի մաթեմաթիքի խնդիր մը լուծելու, իրականութեան մէջ ան միայն հաշուական գործողութիւն չի կատարեր։ Ան համբերութիւն կը սորվի, յիշողութիւնը կը զարգացնէ, ուշադրութիւնը կը մարզէ, տարբեր լուծումներ կը փորձէ եւ վերջապէս կը զգայ յաղթանակի բերկրանքը։ Այս ամբողջ գործընթացը կը կորսուի, երբ պատասխանը քանի մը երկվայրկեանի մէջ պատրաստ հասնի։ Հետեւաբար, իրական վտանգը այն չէ, որ աշակերտը սխալ պատասխան մը պիտի ստանայ։ Վտանգը այն է, որ ան այլեւս չզգայ պատասխան փնտռելու անհրաժեշտութիւնը։
Ո՞վ է պիտի որոշէ, թէ ուր է ճշմարտութիւնը
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) ամենէն հետաքրքրական յատկութիւններէն մէկը այն է, որ ան շատ յաճախ կը խօսի այնպիսի վստահութեամբ, որ մարդը դժուարութեամբ կը կասկածի անոր ըսածին։ Սակայն վստահութիւնը ճշմարտութեան ապացոյց չէ։ Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի տեղեկագիրը կը զգուշացնէ, թէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) ոչ միայն երբեմն սխալ տեղեկութիւն կը փոխանցէ, այլեւ զայն կը ներկայացնէ աւելի մեծ համոզումով, քան ճիշդ տեղեկութիւնը։ Այս երեւոյթը, զոր մասնագէտները «զառանցանք» կը կոչեն, կրթութեան համար յատկանշական վտանգ մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ դպրոցին նպատակը երբե՛ք պատրաստ պատասխաններ ընդունիլը չէ եղած։ Անոր նպատակը եղած է մարդուն մէջ զարգացնել այն սովորութիւնը, որ հարց տայ.
« Ուրկէ՞ գիտեմ, թէ այս մէկը ճիշդ է»։
Գիտութիւնը այս հարցումին վրայ հիմնուած է։ Պատմութիւնը՝ նոյնպէս։ Իրաւունքը՝ նաեւ։ Ժողովրդավարութիւնն ալ՝ նոյնպէս։ Երբ մարդ դադրի աղբիւրները ստուգելէ եւ սկսի վստահիլ միայն սահուն շարադրուած նախադասութիւններու, կրթութիւնը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր հիմնական առաքելութիւններէն մէկը՝ ճշմարտութիւնը քննելու կարողութիւնը։
«Կրթութեան հիմնական առաքելութիւններէն մէկը մարդուն մէջ ճշմարտութիւնը քննող եւ կասկածելու կարողութիւն զարգացնելն է»։
World Economic Forum
Ուսուցիչը կրնա՞յ աւելորդ դառնալ
Սա, թերեւս, ամենէն տարածուած վախերէն մէկն է։ Եթէ մեքենան կրնայ բացատրել, դասաւանդել, օրինակներ բերել եւ անհատական տեսակէտ տալ, ի՞նչ կարիքը պիտի մնայ ուսուցիչին։ Տեղեկագիրը հետաքրքրական պատասխան մը կու տայ։ Ուսուցիչը նուազ կարեւոր չի դառնար։ Ընդհակառակը։ Անոր դերը կը փոխուի։ Մեքենան կրնայ տեղեկութիւն փոխանցել։ Բայց չի կրնար ոգեւորել։ Չի կրնար հասկնալ աշակերտին վախերը։ Չի կրնար դասարանին մէջ վստահութիւն ստեղծել։ Չի կրնար արժէքներ փոխանցել։ Չի կրնար օրինակ դառնալ։ Կրթութիւնը միշտ ալ հիմնուած եղած է մարդկային յարաբերութեան վրայ։ Եւ որքան մեքենաները աւելի զարգանան տեղեկութիւն մշակելու, այնքան աւելի պարզ կը դառնայ, թէ ի՛նչ կրնան բացառապէս մարդիկ տրամադրել:
«Այն արհեստագիտութիւնը, որ այսօր ամենէն անմիջական ազդեցութիւնը ունի ուսման վրայ, արդէն կը տարածուի առանց կրթական հաստատութիւններու պատշաճ վերահսկողութեան»։
World Economic Forum
Ամենէն կարեւոր բաժինը. լուծման առաջարկներ
Պէտք է ընդգծել, որ այս յօդուածը միայն մտահոգութիւններու պարզ թուարկում մը չի կատարեր։ Տեղեկագիրը նաեւ ուղի մը կ’առաջարկէ։ Անիկա կը ներկայացնէ կրթական համակարգերու պատրաստուածութեան շրջագիծ մը, որ պարզ ցուցակ մը չէ, այլ ամբողջական մտածողութիւն։ Կրթական համակարգը պէտք է միաժամանակ մտածէ.
- ինչպէ՞ս պաշտպանել անձնական տուեալները,
- ինչպէ՞ս ապահովել ակադեմական ազնուութիւնը,
- ինչպէ՞ս վերապատրաստել ուսուցիչները,
- ինչպէ՞ս զարգացնել թուային եւ մետիա գրագիտութիւնը,
- ինչպէ՞ս պահպանել աշակերտներուն հոգեկան բարեկեցութիւնը,
- ինչպէ՞ս ներգրաւել ծնողները,
- ինչպէ՞ս բարեփոխել գնահատման եղանակները,
- ինչպէ՞ս անհատականացնել ուսումը՝ առանց մարդը մեքենային յանձնելու։
Այս ամբողջութիւնը մեզի կարեւոր բան մը կը թելադրէ։ Խնդիրը նոր ծրագիրներ գնելը չէ, այլ նոր կրթական փիլիսոփայութիւն ունենալը։
«Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI) ունի ներուժը կրթութեան մէջ բազմապատկելու մարդկային կարողութիւնները»։
World Economic Forum
Եզրակացութիւն
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) շուրջ քննարկումները շատ յաճախ կը սահմանափակուին նոյն հարցումով.
«Անիկա պիտի փոխարինէ՞ մարդը»։
Հաւանաբար այս հարցումը այնքան ալ ճիշդ չէ։ Աւելի կարեւոր է հետեւեալ հարցումը.
«Մինչ մենք կը փորձենք ստեղծել աւելի խելացի մեքենաներ, արդեօք բաւարար ուշադրութիւն կը դարձնե՞նք աւելի խոր մտածող մարդ զարգացնելու»։
Որովհետեւ քաղաքակրթութիւնները երբե՛ք չեն գոյատեւած միայն իրենց գործիքներով։ Անոնք գոյատեւած են մարդոց՝ մտածելու, հարցնելու, կասկածելու, ստեղծագործելու եւ ճշմարտութիւնը որոնելու կարողութեամբ։ Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կրնայ դառնալ մարդկութեան պատմութեան ամենէն օգտակար գործիքներէն մէկը։ Բայց միայն այն պարագային, երբ ան ծառայէ մարդկային միտքին։ Ոչ թէ փոխարինէ զայն։
«Այսօր անհրաժեշտ պատրաստուածութիւն ստեղծելը պիտի որոշէ, թէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) պիտի զօրացնէ՞ մարդկային ուսումն ու զարգացումը, թէ պիտի թուլացնէ զանոնք»։
World Economic Forum
Ինչպէս Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի տեղեկագիրը իր եզրափակիչ բաժնին մէջ կը յիշեցնէ, իրական հարցումը այլեւս այն չէ, թէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) պիտի փոխէ՞ կրթութիւնը։ Այլ՝
«Արուեստական իմացականութիւնը ինք պիտի ձեւաւորէ՞ կրթական համակարգերը, թէ՞ կրթական համակարգերը պիտի կարենան ձեւաւորել այն կերպը, որով մարդկութիւնը պիտի օգտագործէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ):
«Ի վերջոյ, հիմնական հարցը այն չէ, թէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI) ինչպէ՛ս կը ձեւաւորէ կրթական համակարգերը, այլ՝ թէ կրթական համակարգերը ինչպէ՛ս պիտի ձեւաւորեն արուեստական իմացականութեան օգտագործումը»։
World Economic Forum
Վ.Թ.


