Խորխէ Լուիս Պորխեսը շատ փոքր եւ իմաստալից պատմուածք մը ունի «գիտութեան ճշգրտութեան մասին»: Ան կը ներկայացնէ կայսրութիւն մը, ուր մարդիկ այնքան տարուած են իտէալական քարտէս մը ստեղծելու մոլուցքով, որ ի վերջոյ քարտէսներու չափը անբնականօրէն կը մեծնայ: Նահանգի քարտէսը ամբողջ քաղաքի մը չափ տեղ կը գրաւէ ու ի վերջոյ կայսրութեան քարտէսը այնքան մեծ կը դառնայ, որ կը տարածուի ամբողջ կայսրութեան վրայ՝ ամենայն մանրամասնութեամբ: Հետագայ սերունդները անիմաստ կը նկատեն այդ քարտէսը եւ զայն մէկ կողմ կը նետեն․ «այսօր, արեւմտեան անապատներուն մէջ, տակաւին կը մնան այդ քարտէսին պատառոտուած մնացորդները, որոնց մէջ կ’ապրին միայն կենդանիներն ու աղքատները։ Այդ աշխարհագրական գիտութենէն այլեւս ուրիշ հետք չէ մնացած ամբողջ երկրին մէջ…»
Ի տարբերութիւն Պորխէսի այդ առակին, մենք դեռ կը շարունակենք ապրիլ այդ քարտէսին հետ, անոր ստուերին տակ եւ անոր բուն էութեան մէջ։
Ի՞նչ է, ուրեմն, քարտէսին էութիւնը։ Քարտէսին իմաստը այն է, որ ան տարածութեան փոքրացուած եւ պարզեցուած պատկերացումն է, ո՛չ թէ տարածութիւնը փոխարինելու կամ անկէ աւելի կարեւոր դառնալու միջոց մը։ Մենք այս պարզ ճշմարտութիւնը չհասկցանք։ Տարածութիւնը մէկ կողմ դրինք եւ ընտրեցինք քարտէսը։ Բայց ի՞նչ է քարտէսը։ Քարտէսը պարզապէս տարածութեան նմանակումն է։ Առանց տարածութեան, քարտէսը կ՚ընդօրինակէ բան մը, որ գոյութիւն չունի։ Ճիշդ ինչպէս կը նշէ Ժան Պոտրիարը իր «Նմանակներ եւ նմանարկում» (Simulacra and Simulation) գիրքին մէջ։ Ի դէպ, այդ գիրքը կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած է «The Matrix» ֆիլմի գաղափարին կազմաւորման վրայ։ Երբ մենք արդէն մէկ կողմ դրած ենք տարածութիւնը եւ կ՚ապրինք ըստ քարտէսին, կը սկսինք իրականութեան պատրանք մը ստեղծել։ Այդ պատրանքը այնքան հզօր է, որ կը մթագնէ բուն իրականութիւնը՝ մեր իսկ իրականութիւնը։ Այդ պարագային, ո՞վ ենք մենք։

Իրականութեան մերժումը (առնուազն մեր պարագային) կը հասցնէ կեղծ արժէքներու կրկնօրինակութեան։ Կը սկսինք ձեւացնել եւ ապրիլ «իբր թէ ունինք»-ի տրամաբանութեամբ։ Հայրենիքն այլեւս հայրենիք չէ, այլ այն, ինչ որ անոր մասին լսած ու կարդացած ենք։ Ընտանիքն ալ այլեւս ապրուած իրականութիւն չէ, այլ այն, ինչ որ անոր մասին լսած ու կարդացած ենք։ Այսպէս, հայրենիքը կը դառնայ ձեւականութիւն մը, իսկ համբոյրը՝ ֆիլմերուն մէջ տեսած կիրքին նմանակումը, մինչդեռ այդ կիրքն ալ ինքնին նմանարկում մըն է։ Վերջ ի վերջոյ, կը փորձենք կրկնօրինակել այն, ինչ որ գոյութիւն իսկ չունի։ Իսկ այդ ընթացքին՝ բուն իրականութիւնը կը խեղաթիւրուի եւ կամաց-կամաց կը մոռցուի։
Բայց մենք տակաւին շատ հեռու ենք Պորխէսի այդ առակը իսկապէս հասկնալէ։ Խորհրդանիշները տակաւին գերիշխող են մեր մտածողութեան մէջ։ Մեզի համար կարեւոր է քարտէսին մեծութիւնը, շէնքի ճակատին ճոխութիւնը, վկայականին գոյնը, ընկերային ցանցերու վրայ հաւաքուած «հաւանումներ»ուն թիւը։ Այլեւս մեզի չի հետաքրքրեր գիրքին բովանդակութիւնը, այլ՝ անոր կողքին գրուած «վաճառան» (bestseller) պիտակը։ Այլ խօսքով, մենք դարձած ենք մենք զմեզ կրկնօրինակող նմանարկիչներ։ Զիրար կը կրկնօրինակենք եւ զիրար կը վերարտադրենք սոսկալի արագութեամբ ու յամառութեամբ։
Այս եւ նախորդ քանի մը յօդուածներուն մէջ, փորձելով հասկնալ շռայլասէր մարդուն կերպարը եւ անոր մոլուցքը խորհրդանիշներու հանդէպ, մենք, որոշ իմաստով, փորձեցինք ախտորոշել այն matrix-ը, որուն մէջ կ՚ապրինք։ Իր էութեամբ, այդ matrix-ը մեր համակարգն է՝ այն համակարգը, որ երկար ժամանակի ընթացքին կառուցուած է մեր շուրջը, եւ որուն մէջ մենք խաղաղութեան ու յարմարաւէտութեան մեծ հնարաւորութիւններ գտած ենք։
Կրնանք Վաչովսքի եղբայրներու (այժմ՝ քոյրերու) The Matrix եռագրութեան ամբողջ փիլիսոփայական իմաստը մեր վրայ յարմարեցնել եւ հասկնալ, որ մենք արդէն այդ համակարգին պահապանները դարձած ենք։ Ամէն սթափեցնող խօսք, «դաւաճանութիւն» որակուելուն պէս, կը մեռնի նախքան արտասանուիլը։ Գաղափարները կը քարանան, արժէքները՝ կը գունաթափին։ Եւ ապա, օր մը, մարդ կը սկսի հասկնալ, որ այս հայրենիքը այն հայրենիքը չէ, որ կը կարծէր. այս ընտանիքը՝ այն ընտանիքը չէ. այս սէրը՝ այն գեղեցիկ ու իսկական սէրը չէ, զոր կը փնտռէր։ Եւ առհասարակ մարդը պահ մը կը զգայ, որ հիասթափած ու յոգնած է այդ բոլորէն:
Համակարգային այս սուտին դիմադրողները, թէեւ սակաւաթիւ են, աստիճանաբար կը մեկուսանան, երբեմն՝ կը խելագարին, իսկ յաճախ ալ, հողմաղացներու դէմ անվերջ պայքարէն յոգնած, ի վերջոյ կը վերադառնան համակարգ՝ համոզուած, որ անիմաստ պայքարի վերջը սովորաբար յուսախաբութիւնն է։
Այսօրուան Հայաստանի մէջ նմանարկումի մարդը կը շարունակէ կրկնօրինակել այն սուտը, զոր ինքն իսկ սրբացուցած է՝ ազգային արժէքներէն մինչեւ ազատութիւններ։ Բայց խնդիրը այն չէ, թէ հայրենիքը սուտ է կամ այդ արժէքներն են սուտ, այլ մեր ընկալման ու մօտեցման ձեւը։ Սուտը հայրենիքը չէ, այլ հայրենիքներու նմանարկումը՝ բազմաթիւ հնարովի հայրենիքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ մարդիկ կը փորձեն վերարտադրել այն, ինչ որ երբե՛ք գոյութիւն չէ ունեցած։ Մենք, ըստ էութեան, հասարակութենէ մը վերածուած ենք միաբջիջ երեւոյթներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հակադրուի միւսին, բայց միեւնոյն ժամանակ բնազդաբար կը շարունակէ նոյն ինքնավերարտադրութիւնը, որ իրեն պարտադրուած է։ Այդ ինքնավերարտադրութիւնը կը շարունակէ մեզ լեցնել սուտով՝ պարտադրուած, չափելի եւ նորաձեւ դարձած սուտերով։ Իրականութիւնը կը վերածուի հեքիաթի մը, որուն մարդիկ ոչ միայն այլեւս չեն հաւատար, այլ նոյնիսկ զայն չեն յիշեր։ Իրականութիւնը կը դառնայ խելագարի մը երազը։
Իսկ եթէ այդպէս չէ, ուրկէ՞ կու գան մեր մէջ աճող ու բազմացող ախտերու բազմազանութիւնն ու այդ ախտերուն հակասող մեր «գաղափարները»։ Ինչպէ՞ս կարելի է սիրել հայրենիքը, բայց չհանդուրժել անոր մէջ ապրող սեփական ազգակիցդ։ Ինչպէ՞ս կարելի է սրբացնել մօր պատկերը, բայց մօրը հասցէագրուած հայհոյանքը դարձնել ամենէն կեղտոտ վիրաւորանքը։ Ինչպէ՞ս կարելի է միասնականութիւն քարոզել, բայց ամենափոքր առիթով այդքան ատելութիւն ու սպանութիւն սերմանել։ Ինչպէ՞ս կարելի է․․․․․փաստօրէն կարելի է, փաստօրէն մեզի հաճելի կը թուի այդ:
Եւ բնականաբար, շատերուն համար, երբ այդ վիճակէն այլ ելք չեն տեսներ, կը մնայ միայն մէկ ընտրութիւն՝ ապրիլ քարտէսով, ապրիլ քարտէսին վրայ եւ մոռնալ իրականութիւնը։ Որովհետեւ իրականութիւնը ինքզինք հակասող է, իրականութիւնը՝ պայքարիլ ինքն իր դէմ։ Եւ այդ ինքնասպան վիճակին մէջ մենք ընտրած ենք ամենափափուկ ու մեռելածին տարբերակը․ պայքարիլ միւսներուն դէմ, եւ ընտրել մեր սեփական, այսպէս ըսած, ծալուող, գրպանի Հայաստանը՝ այն Հայաստանը, որուն քարտէսը աւելի մեծ է, աւելի իրական եւ աւելի պաշտելի, քան ինքը՝ Հայաստանը։



