Բայց չե՞նք կրնար հասկնալ, որ ազգային ինքնութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը պէտք չէ ստորացնել ու հասցնել տաբատի եւ կաթսայի մակարդակին։ Եւ պէտք չէ, մէկ կողմէ, բերաննիս փրփրած՝ թուրքը ոչնչացնելու ցանկութեան մասին աղաղակենք...
Լաւ, ամէն պարագայի, կրնանք նոր խնդիրներ առաջ քշել, խօսիլ տասնեակներով հին ու նոր խնդիրներու մասին, բայց էականը այն է, որ վիճակը վատ է, շատ բան վատ է, սիրելի՛ հայրենակիցս, ո՛ւր ալ գտնուիս։ Կը հասկնա՞ս՝ վատ է, վա՛տ։ Եւ վատ է, որովհետեւ մե՛նք ենք, որ թոյլ կու տանք այդ բոլորին։
Խորխէ Լուիս Պորխեսը շատ փոքր եւ իմաստալից պատմուածք մը ունի «գիտութեան ճշգրտութեան մասին»: Ան կը ներկայացնէ կայսրութիւն մը, ուր մարդիկ այնքան տարուած են իտէալական քարտէս մը ստեղծելու մոլուցքով, որ ի վերջոյ քարտէսներու չափը անբնականօրէն կը մեծնայ:
Մարդը միակ կենդանին է, որ կրնայ բարոյական հիմնաւորում ստեղծել իր ագահութեան, վրէժի, վախի կամ իշխանասիրութեան համար։ Կենդանին կը սպանէ, որովհետեւ անօթի է։ Մարդը կը սպանէ եւ յետոյ հազար էջնոց աշխատութիւն կը գրէ, թէ ինչու այդ մէկը պատմական անհրաժեշտութիւն էր:
Հասարակութիւն մը, որ չէր անցած արդիւնաբերական յեղափոխութեան ամբողջական փորձառութենէն, շուկայական յարաբերութիւններու սահմանափակ փորձ ունէր եւ կը կրէր ծանր գաղափարական ժառանգութիւն, կարճ ժամանակի մէջ ներգրաւուեցաւ համաշխարհային սպառողական մշակոյթին մէջ։
Մշակութային արդիւնաբերութիւնը հասարակութեան կառավարման եւ դրամատիրական կարգի վերարտադրութեան գլխաւոր գործիքներէն մէկն է: Անոր միջոցով զանգուածներուն կը պարտադրեն կեղծ արժէքներ:
Ատորնոն եւ Հորքհայմըրը կը պնդեն, թէ զուարճանքը երկակի գործառոյթ ունի։ Մէկ կողմէ, ան կը շեղէ մարդիկը իրենց տնտեսական եւ ընկերային դաժան իրականութիւններէն, իսկ միւս կողմէ կը վերահաստատէ այն գաղափարախօսական կառոյցները, որոնք այդ պայմանները կը պահպանեն։
Այս քաղաքական աճուրդին մէջ, երբ քուէն դրամով կը չափուի, այլեւս ժողովրդավարութեան մէջ չենք ապրիր, նոյնիսկ եթէ ձեւական բոլոր հաստատութիւնները պահպանուած են։ Մենք կ’ապրինք իրականութեան մը մէջ, ուր քաղաքացին աստիճանաբար կը վերածուի գործարքի մասնակիցի:
Ենթադրենք, թէ հրաշքով մը թուրքերը ընդունեցին Ցեղասպանութիւնը, այն ալ այնպէս ընդունեցին, որ որոշեցին հատուցել թէ՛ հողով, թէ՛ դրամով: Այս մէկը ոչ մէկ խնդիր կը լուծէ, որովհետեւ գոյութիւն ունի աշխարհակարգի տրամաբանութիւն մը:
Հայաստանի մէջ նախընտրական շրջանը միշտ ունի հրաշալի յատկութիւն մը․ ան յանկարծակի գարուն կը յիշեցնէ, երբ ձիւնի տակէն ոչ թէ ծաղիկներ դուրս կու գան, այլ «փրկիչներ»։ Ամբողջ փունջ մը բազմերանգ ու բազմիմաստ աղմուկի, որուն նպատակը իշխանութիւնն է:
Հեքիաթին ողբերգութիւններէն մէկն ալ այն է, որ երբ գիւղացիները կացինը ձեռք կը ձգեն, անոնց մտքովն իսկ չ’անցնիր նախ հասկնալ, թէ այդ ի՛նչ է իրենց ձեռքն անցածը, ինչպէ՞ս զայն օգտագործեն, ինչպէ՞ս կ’աշխատի ան, կամ ի՛նչ ընեն, որ իրենց չվնասէ։
Հայկական միջավայրին մէջ, զայն կարելի է բնորոշել որպէս ընկերային ցանցերու «հայրենասիրական» տեքորաթիւ ինքնութիւն՝ դրօշ, Արարատ, տարազ, գաթայ, ցեղասպանութիւն, բայց առանց խորքային քննարկման կամ գործողութեան, առանց իսկական արժէքի ըմբռնողութեան։
Պատահական չէ, որ մեր հասարակութեան մէջ կայ նաեւ կիսաքրէական արտայայտութիւնը՝ «լաւ տղան», որ կէս բանտարկեալ է, կէս գող, տեսակ մը գրպանահատ Ռոպին Հուտի կերպար։...Ինչո՞ւ որոշեցի այս մասին գրել։ «Լա՛ւ ըրի»։
Երբ կը հաշուես թշնամիները, թէ ինչքա՛ն եկած ու գացած են, գլուխդ կը կորսնցնես: Երբ բարեկամներդ կը հաշուես, որ խոստացած են, թէ բան մը կ'ընեն, կը հասկնաս, որ Հայաստանը շատոնց պէտք է դրախտ դարձած ըլլար։
Սուրբ Ծնունդը Հայաստանի մէջ կը նշեն այնպէս թեթեւ, կարծես հասկցնելով, որ իրենք ալ գիտեն, որ նման տօն մը կայ, քթի տակ կը մրթմրթան «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ...
Հայաստանի մէջ կը վաճառուի ամբողջ հայրենիք մը՝ այնքանով, որ նոյնիսկ գունակուրութիւն ունեցողները կրնան ունենալ Մասիսի իրենց ուրոյն տարբերակը:
Այն ինչ որ այս օրերուն կը կատարուի Հայաստանի մէջ, կարելի է մէկ բառով ըսել «խայտառակութիւն», եւ դեռ բան մը ըսած չենք ըլլար։
Այս է այսօրուայ Հայաստանի երեսներէն մէկը։ Ատելութիւնը կ'ոչնչացնէ ու կը սպանէ մեզ: Թոյնի պէս դանդաղ ու կայուն քայլերով անվերադարձ կը փտացնէ մեր հաւաքական միտքն ու հոգին։
Ժողովուրդը առաջնորդելու կոչուածները եւս այնքա՛ն անգրագէտ են, որ չեն գիտեր իրենց ժողովուրդը խորքային առումով, չեն գիտեր ու չեն ալ ուզեր իմանալ։ Անոնք կ'ուզեն արագ «ռուսանալ» ու «եւրոպանալ»։
Եթէ մեր հասարակութիւնը իրօք կը մտածէ, որ ընկերային ցանցերով ռոքի (կամ որեւէ այլ բանի, հարցը ռոքը չէ) դէմ պայքարը պիտի փրկէ մեր հողն ու կրօնը, ապա մենք ոչ թէ մեռած ենք, այլ նոյնիսկ չենք գիտեր, որ մեռած ենք։
Իսկ երբ քաշեցին-հանեցին՝ բոլորը կուշտ ու կուռ կերան։ Միակ ելքը այս է, միաւորել ուժերը, գործել մէկ ու միասնական, այդ պարագային ալ կը սկսի մեր՝ սեփական խաղը․․․
Կարելի է ենթադրել, թէ հայ ազգը իւրայատուկ ազգ մըն է, որուն գլխաւոր արժէքները խորովածը, դուդուկը, կաթն ու մածունն են՝ լաւաշով եւ այդ ազգին գլխաւոր հերոսները մատի վրայ կը հաշուըուին:
Հայ երիտասարդներն ու պատանիները իրենց առջեւ հարուստ ու գրագէտ խօսք չեն տեսներ, ընդօրինակման արժանի կերպարների չեն տեսներ։ Ամէն ինչ կը կտարուի արագ ու անհետեւանք։
Բայց մենք ոչ մէկ պարագայի եւ ոչ մէկ ձեւով պէտք է մէկ կողմ դնենք Արցախի հարցը: Արցախը մեզի համար պարզապէս հող չէ, այլ ազգային միութեան որոշակի կանչ:


