Featured - Page 6

Վտանգուած լեզուէն՝ ապրող փորձառութիւն․ զրոյց «Հնարդի»-ի հետ

Մեր այսօրուայ փոտքասթին հիւրերն են Լիլիթն ու Թամարը՝ «Հնարդի» հարթակի համահիմնադիրները: Լիլիթն ու Թամարը ներկայացուցիչներն են խումբ մը երիտասարդուհիներու, որոնք պատասխանատւութիւնն ու յանձնառութիւն ստանձնած են իրենց միջոցներով վերակենդանացնելու արեւմտահայերէնը՝ սկսելով Լիբանանէն: Իրենց նախաձեռնութիւը կոչած են «Հնարդի» = Հին + արդի = կամրջումը հինին ու արդիին՝ վերամիացումը մեր մշակութային աւանդներուն եւ արդի պայմաններու մէջ ինքնութեան գիտակցութեան: Հնարդի արդէն կայացած հարթակ է այսօր: Երբ կայ կամքը, կարելի է լեռներ շարժել: Այսօր պիտի զրուցենք Լիլիթին եւ Թամարին հետ, աւելի իրենք կը խօսին իրենց գործունէութեան, իրենց նորութիւններուն եւ արեւմտահայերէնի եւ հայկական աւանդութիւններու շուրջ իրենց ստեղծած մթնոլորտին մասին:

ՅՈՒՇԴ ․․․ ԵՐԲԷՔ ՉԻ՛ ՄԱՀԱՆԱՐ

Որքա՛ն ծածկես,
ինչո՛վ ծածկես
փշրե՛լ փորձես
ծովը նետես
կամ քամուն տաս
եւ եթերի ալիքներուն
անորոշին փորձես յանձնել․
նո՛յնն է․․․
Յուշդ երբեք չի՛ մահանար․․․

Ժամանակի ծանրութեան տակ
եթէ պահ մը ան դալկանայ
մոռացութեան ալիքներու հեւքերուն հետ մտերմանայ
հովերուն հետ կեանքիդ անուշ թէ լուռ ճախրի
եթէ փակես դարպասները քու անցեալի
նոյնն է․․․
կու գայ երբ մշուշը լուռ փարատի
անգիր, անխօս, կամ շշուկով
հարազատի մը ջերմութեամբ
մտերմութեանդ դուռն կը թակէ․․․

Ան հոգիիդ ծալքերուն մէջ
լուռ ու խոնարհ,
անխօս պիտի
հետդ խօսի,
երգէ, խնդայ,
թերեւս լայ,
երբ առանձին ժամանակի ծալքերուն մէջ դուն դեգերիս․․․

Պիտ՛ պատկերէ սուրբ պահերդ,
կենդանացնէ լռութիւնդ
եւ փարատէ երազներուդ մթութիւնը
եւ պատկերէ արշալոյսերն դեռ չբացուած
երանութեանդ աշխարին մէջ․․․

Յուշդ երբէք չի՜ մահանար․․․

Յուշդ երբէք չի՛ մահանար
մոռացութեան մշուշներուն իսկ յանձնուի
ուշ կամ կանուխ մշուշն օր մը պիտ՛ փարատի
եւ ան դառնայ պահը կեանքդ լուսաւորող․․․

Զղջաս անգամ քու ըրածիդ, ըրածներուդ,
յուշդ յո՛ւշ է՝
արա՛րքդ է
արձագա՛նգն է քու պահերուն
եւ քանդակը քու օրերուն․․․

Թէ անունդ անգամ փոխես,
երկինքներէն տիեզերքի
ան թագնուած գոյութիւնդ կը յիշեցնէ․․․
Կը նոյնանայ պահերուդ հետ
երբ առանձին խոհերուդ մէջ
մտերմութիւնդ կերպարես
եւ մարդանաս եւ մարդանաս
կեանքին դուն գաս․․․

Յուշդ ու դո՛ւն
լո՜ւռ, անթափանց գոյութիւն էք
միաձուլուած գոյակցութեան ամբողջութիւն։
երազներու ճանապարին
զոյգ անբաժան սուրբ ճամբորդներ․․․

Յուշդ խորանն է սրբակուռ
ուր միայն դո՛ւն առանձնութեան լռութեան մէջ
մոմ կը վառես․․․

ՅՈՒՇԴ ԴՈ՛ՒՆ ԵՍ՝

ԷՈՒԹԵԱՆԴ Ո՛ՒՂՆ ՈՒ ԾՈ՛ՒԾԸ․․․

ՅՈՒՇԴ ԿԵԱՆՔԻԴ ՅՈՒՇԱՐԱ՛ՐՆ Է․․․

ԹԷ ԶԱՅՆ ՄԱՐԵՍ․․․

ՔԵ՛Զ ԿԸ ՄԱՐԵՍ․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Գրիգորեան տոմար Օր՝ 4, Ամիս՝ Սեպտեմբեր, Տարի՝ 2025
Հայկեան Տոմար- Օր՝ Ծմակ, Ամիս Նաւասարդ, Յամի՝ 4517 (ՏՇԺԷ)

Տօնը կ’անցնի, կեղծիքը կը մնայ. «Ներէ՛ մեզ, Տէ՛ր, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ ինչ կ’ընենք»

«Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ»

2017-ին Տապլինի եւ Ուիքլոյի մէջ նկարահանուեցաւ շատ հետաքրքրական ֆիլմ մը՝ «The Man Who Invented Christmas»: Ֆիլմը Չարլզ Տիքընզի մասին է, որ արդէն հռչակ շահած էր «Օլիվըր Թուիսթի արկածները» գիրքով, եւ ֆիլմին մէջ կը նկարագրուի, թէ ինչպէ՛ս Տիքընզ կը սկսի գրել իր հանրածանօթ «Սուրբծննդեան երգը»։ Այդ գիրքը ցնցող ազդեցութիւն ունեցաւ նախ Լոնտոնի, ապա ամբողջ Անգլիոյ մէջ, իսկ յետոյ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ։ Տիքընզի գիրքին շնորհիւ Անգլիոյ մէջ վերյիշեցին Սուրբ Ծննունդը, որ նաեւ Անգլիոյ մէջ դարձաւ ամենէն սիրուած ու ջերմ տօներէն մէկը։ Մինչեւ Տիքընզի այդ գործը, Անգլիոյ մէջ, որ շատ առումներով «տխուր ու գորշ» երկիր մըն էր, Սուրբ Ծնունդը կը նշուէր գրեթէ աննկատ, ընտանեկան նեղ միջավայրի մէջ, առանց որեւէ հանդիսաւորութեան։

Անգլիոյ մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնը նշելը արգիլուած էր 17-րդ դարուն մաքրակրօններու (Puritans) կողմէ, քանի որ ան կը համարուէր «հեթանոսական շունչով», կաթողիկէ ու «այլասերում տարածող»։ Օլիվըր Քրոմուելի օրօք արգելքը աւելի խիստ դարձաւ․ յաճախ կը հսկէին, որ մարդիկ չնշեն այդ տօնը, նշողները կը պատժէին։ Տօնը նշելու արգելքը վերցուեցաւ 1660-ին, երբ Սթիուըրթները վերաբազմեցան գահին ու Չարլզ Բ. թոյլատրեց տօնը նշել։ Բայց անկէ յետոյ ալ տօնը աւելի շատ կրօնական ու եկեղեցական տեսք ունէր եւ չկար այն մասսայականութիւնը, որ ան ձեռք բերեց Տիքընզի գիրքէն յետոյ։

Կարեւոր է նշել շատ կարեւոր երեւոյթ մը եւս։ Վիքթորիական Անգլիան դաժան արդիւնաբերական երկիր մըն էր՝ սարսափելի աշխատանքային պայմաններով, շահագործումներով։ Մեծն Բրիտանիան աշխարհի հզօրագոյն կայսրութիւն էր, բայց Անգլիան կը շարունակէր ապրիլ բաւական գորշ ու անգոյն կեանքով (հասկնալի է, որ խօսքը հասարակ մարդոց մասին էր, բայց չէ՞ որ նոյնիքն հասարակ մարդիկը իրենք կը կազմեն երկիրը), տարածուած էր երեխաներու մեծ թիւով մահացութիւնը, 10-12 տարեկան երեխաները կ’աշխատէին գործարաններու մէջ, 8-10 ժամ՝ չնչին գումարով, երբեմն զուտ կերակուրի համար։ Անոնց իրաւունքները չէին պահպանուեր։ Նորին Մեծութիւն Քրիստոնեաներու թագուհիին պետութեան մէջ, երեխաները կը տառապէին թերի սննդառութենէ ու բազմաթիւ տանջանքներէ։ Տիքընզ այն բացառիկ գրողն էր, որ «Օլիվըր Թուիսթի արկածները» գիրքով վեր հանեց այդ ամբողջ խայտառակութիւնը, ցոյց տուաւ, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի։ Ի հարկէ Տիքընզ միակը չէր։ Կարելի է առանձնացնել նաեւ Պրոնթէ քոյրերը, մասնաւորապէս Շառլոթ Պրոնթէն, որուն «Ճեյն Էրը» համանման թեմաներ կ’արծարծէր՝ յատկապէս ինչ կը վերաբերի կնոջ իրաւունքներուն։

Տիքընզ, ցոյց տալով Անգլիոյ ու յատկապէս Լոնտոնի այդ խայտառակագոյն վիճակը, նաեւ կը հասկնար, որ միայն խնդրին մասին խօսիլը բաւարար չէ։ Անհրաժեշտ էր ինչ որ այլ բան տալ մարդոց՝ բան մը, որ զանոնք կը դրդէր աւելի լաւ ու կարեկցող դառնալու։ Եւ ահա 19 դեկտեմբերի 1843 -ին, կը հրատարակէ իր «Սուրբ Ծննդեան երգը» գործը, որ ան գրած էր ընդամէնը մէկուկէս ամիսէն։ Այդ գիրքին շնորհիւ Անգլիոյ մէջ վերստին յիշեցին Սուրբ Ծննունդը։ Գիրքը, որուն Սուրբ Ծննդեան երեք ոգիները ժլատ վաշխառու Էպենեզեր Սքրուճին ծանր դաս մը կու տան իր ապրած դատարկ կեանքին համար ու ցոյց կու տան, թէ ինչ պիտի պատահի իրեն, եթէ շարունակէ այդպէս անհոգի ապրիլ, ցոյց կու տան անոր ապրած ամբողջ անիմաստ կեանքը, որ դաս դարձաւ բոլոր Անգլիացիներուն համար։ Գիրքը կրցաւ մարդոց սիրտերուն մէջ իրօք յուզմունք յառաջացնել, մարդիկ նորէն սկսան նշել Սուրբ Ծնունդը, ընդ որում, արդէն ոչ թէ պարզապէս եկեղեցական խորթ ու անհասկնալի, այլ յատկապէս մանուկներուն ուղղուած ջերմ ու բարի տօն մը, որովհետեւ տօնը իր խորհրդով մանուկ Յիսուսի մասին է։

Տիքընզ պարզապէս գիրք չգրեց, ան Անգլիոյ ու անգլիացիներուն, անգլիախօս Եւրոպային, Գանատային, Միացեալ Նահանգներուն նուիրեց աննահանջ տօն մը, որ դարձաւ համընդհանուր սիրուած երեւոյթ մը։ Տիքընզի գիրքին հիման վրայ նկարահանուեցան ֆիլմեր, անոր հերոսները դարձան մէջբերուող կերպարներ, ինչպէս օրինակ Սքրուճը, որ դարձաւ ժլատութեան ու ագահութեան խորհրդանիշ։ Տիքընզի աշխատանքը կարելի է համարել շրջադարձային անգլիական հասարակութեան կեանքին մէջ։ Տիքընզ դարձաւ անգլիացներու ընկերային, հասարակական խիղճը։

Իսկ հիմա գանք մեզի։ Հայաստան, ուր առիթը չեն փախցներ յիշեցնելու, որ հայերը առաջինն են աշխարհի մէջ, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած են որպէս պետական կրօն, յունուարի 6-ը կ’անցնեն որպէս յետամանորեայ թեթեւ տօն մը, առանց որեւէ հոգեւոր զգացումի կամ տարածման։ Շատերը Սուրբ Ծնունդը, անհասկնալի պատճառներով կը կոչեն «Փոքր Զատիկ», իր նշումի չափով ոչ մէկ ձեւով կարելի չէ համեմատել այն խելագար մթնոլորտին, որ տեղի կ’ունենայ Նոր Տարուայ նախօրեակին ու նշելու ընթացքին։ Սուրբ Ծնունդը Հայաստանի մէջ կը նշեն այնպէս թեթեւ, կարծես հասկցնելով, որ իրենք ալ գիտեն, որ նման տօն մը կայ, քթի տակ կը մրթմրթան «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, մեզի եւ ձեզի մեծ աւետիս», յաճախ կ’ըսեն «օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի», երբեմն ալ առհասարակ այնքան թքած ունին, որ կ’ըսեն օրհնեալ է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Քրիստոսի։ Շատերն ալ նեղութիւն չեն քաշեր այդքան խօսելու, կ’ըսեն «Շնորհաւոր Զատիկ» ու վերջ։ Չկայ որեւէ կանոնակարգի հետեւիլ, չկայ տօնական որեւէ մթնոլորտ։ Ան առիթ է ձուկ ուտելու եւ գինի խմելու, նաեւ վերջացնելու Ամանորի մթերքներուն մնացորդները ու վերջ։ Տակաւին, մէկ ալ 5 յունուարի երեկոյեան զիրար հրմշտելով ու անիծելով կ’երթան եկեղեցիներ՝ Ճրագալոյցի։ Այդքան բան։ Ոչ մէկ առումով չի համեմատուիր այն փառահեղ շքեղութեան, ինչպէս կը նշուի Արեւմուտքի մէջ։ Հայաստանի մէջ Սուրբ Ծնունդը «առաջին քրիստոնեաները» կը նշեն կէս հասկնալով, կէս յոգնած Ամանորէն։ Ահա, թէ ինչ։

Ի հարկէ հասկնալի է, որ տօնը մեղաւոր չէ, այլ մենք ենք, որ այդ տօնը չենք հասկնար, չենք կարեւորեր, թէեւ ան պէտք է մեր մեծագոյն տօներէն մէկը ըլլար։ Քրիստոսի ծնունդը նշելը պէտք է ըլլար ազգային ապաշխարանքի ու յոյսի օր մը, զղջումի, կարեկցանքի, հոգեկան բաւարարուածութեան ու հանդարտութեան տօն մը, բայց մեր մօտ կարծես բաւարար չէր, որ այս տարի ալ այդպէս նշուեցաւ, տակաւին ներկաներն ու նախկինները տօնը վերածեցին իրարու հետ հեռակայ հաշիւ մաքրելու առիթի։ Այո՛, մենք կարողացանք նոյնիսկ Սուրբ Ծնունդը դարձնել ներքաղաքական հարահրոցի առարկայ։

Ի՞նչ տեսակ քրիստոնեայ ենք մենք։

Մեր կեղծաւորութիւնը չափ ու սահման չունի։ Մեր ատելութիւնը իրարու հանդէպ սահմաններ չի ճանչնար։ Ու մենք չունինք նաեւ այն գրականութիւնը, նոյնիսկ սէրն ու յարգանքը գրականութեան նկատմամբ, որ մեզի պիտի տար նոր բան մը, որ բան մը պիտի փրկէր մոռացութենէ։ Մենք Տիքընզ չունինք, մենք Պրոնթէ չունինք։ Մենք ունինք խթանողներ (motivators), որոնք առաւօտէն մինչեւ գիշեր մեզի կը սորվեցնեն երջանկութեան ու յաջողութեան գաղտնիքները, իսկ մենք ամբողջ տարին խենթերու պէս կը վազենք ասդին-անդին՝ զիրար չխնայելով, իրարու քառապատիկ թշնամի նկատելով, եւ միայն երբեմն, թաղման թափօրներու ժամանակ, խուլ ձայնով կը փսփսանք, թէ «այս կեանքը ինչ բան է, կաս ու մէյ մըն ալ չկաս»։ Վերջ։ Ասոնք են մեր գաղափարական-կրօնական պատկերացումները։ Այս է մեր գաղափարական-կրօնական պաշարի դրսեւորումը իրական կեանքի մէջ:

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ ու վերջ։ Սեղանին վրայ ձուկ չկայ, ամօթ է։ Ի դէպ, նոյն այլանդակութիւնը մենք կը կատարենք նաեւ Տիրոջ Յարութեան տօնին, երբ փերեզակներու նման իրարու վրայ յաջողութիւն բերող մոմեր, տարատեսակ չափի ու գոյնի խաչեր կը վաճառենք, հաւկիթին գինը, միսին ու ձկան գինը կը բարձրացնենք․․․տօն է, պիտի մեր հայրենակիցներէն փող քերենք՝ Աստուծոյ անունով ի հարկէ։ Նոյնն է Ծաղկազարդի (Տիրոջ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ) տօնին ժամանակ, երբ գերազանցապէս երիտասարդ աղջիկները գեղեցիկ ծաղկեպսակները կը դնեն իրենց գլխուն, ինսթակրամի համար նկարուելու, իսկ երեկոյեան քաղաքին մէջ տարբեր տեղեր գրեթէ աղբանոց դարձած է, ամէնուր այս ու այն կողմ շպրտուած ծաղկեպսակներ, որ ոտնակոխ կ’ըլլան, մինչդեռ այդ պսակները անմեղութեան, մաքրութեան ու Տիրոջ յաղթանակը գովերգող երեւոյթներ պիտի ըլլալին․․․․

Մենք Տիքընզ չունինք, որ մեզի յիշեցնէ այդ բոլորին մասին։ Գուցէ եւ ունինք, բայց ան ստիպուած ինչ որ կայքի մը խմբագիրն է ու քաղաքական լուրեր կը գրէ, որ ուտելու հաց ունենայ, կամ ալ ինչ որ ապրանքի մը համար ծանուցումի թեքսթ կը պատրաստաէ․․․ ունենանք ալ, պիտի ծաղրենք, մէկ կողմ նետենք, մենք անոր համար ժամանակ չունինք, մենք վառ անհատականութիւններ ենք, որոնց համար ամբողջ աշխարհը ինքնիրագործման, վաճառքի եւ ակրեսիւ գեղագիտութեան կատաղի դաշտ մըն է։ Ընդամէնը։

Եւ ի հարկէ հասկնալի է, որ գլխաւոր հարցը կրօնական ջերմեռանդութիւնը չէ, այլ հասարակական այս կեղծիքը, ամէն ինչ փճացնելու կարողութիւնը, ամէն հարցի մէջ խաբելու այդ զզուելի մարմաջը, քրիստոնեայ ձեւանալու, բայց քրիստոնեայ չըլլալու հանգամանքը։

Մեզի կը մնայ Տիրոջը դիմել իր իսկ բառերով ու անգամ մը եւս ներում հայցել՝ յուսալով անոր ասնահման ներողամտութեան՝

«Ներէ՛ մեզ, Տէ՛ր, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ ինչ կ’ընենք»

ԿԱՅԱՆԸ ՄՈՒԹ Է․․․

Մշուշը ծածկեր է արահետն կեանքի։
Չկայ ո՛չ իսկ ջահ կամ լամպ մը դալուկ
Կամ կանխազգուշացնող ազդազարդող լոյս․․․

Մոլորուածութեան հանելուկին մէջ
          Իր ու աշխարհի կապը կորուսած
          Մարդը պարզապէս փոշու հատիկ է․․․
          Հովերուն յանձնուած
                    Անյայտ կայանի մութ ճանապարհին․․․

Որոնման այս խուլ, մութ ճանապարհին,
մարդը նշոյլ մ՛՛է լոյսի կարօտով տարուած
իր ծնեալ օրէն․․․․
          ան փնտռեց Մարդը ․․․
                    դարերով փնտռեց ․․․ Բայց աւաղ, աւաղ,
          Աւաղ չգտաւ․․․
                    Կայանն չգտաւ․․․։

Եւ հիմա
Ինքն իր ծիրին վրայ դարձող
Հիւլէ մըն է պարզ
Անվերջ թափառող
Անվերջ որոնող
Անվերջ ․․․ չգտնող․․․

Կայանը լոյսի եւ երազանքի հանգրուանն, աւաղ,
մթութեամբ ծածկուած
Անյայտութեան մէջ անյայտութիւն մ՛է․․․
Կայանը կեանքի սեւ խոռոչ մըն է
          Մե՜ծ,,, խո՜ր․․․
          ու․․․
          ․․․․․
                    ԴԱՏԱ՜ՐԿ․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Յարգանք՝ Արմենակ Եղիայեանի վաստակին

Երբ մտաւորականներ կը մահանան, յաճախ կ՚ափսոսանք անոնց տակաւին ծաւալելիք գործունէութեան դադրեցման՝ չանդրադառնալով, թէ գուցէ անոնք մեզի տուած են մարդկային կարողութեան սահմաններէն շատ աւելին։ Կը հաւատամ, որ տոքթոր Արմենակ Եղիայեանը այն անձերէն է, որ ամբողջ կեանք մը ու աւելին նուիրեց մայրենիին եւ անոր ճամբով ալ՝ մեզի։ 

Ասպարէզով ատամնաբուժ՝ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան նաեւ մանկավարժ, լեզուագէտ, գրականագէտ, դասագիրքերու հեղինակ էր։ Ես ինքս հայ լեզուի եւ գրականութեան գիտութեամբ սկսած եմ թրծուիլ ի՛ր պատրաստած «Ծիածան» դասագիրքերու ճամբով։ Նախքան զինք ծանօթանալս, ան «Ծիածան» ընթերցարանի կողքին պատկերուած երկինք արձակուած եօթը փուչիկներուն հասնիլ փորձող փոքրիկ տղեկն էր, մինչեւ որ օր մը ծնողքս զիս տարաւ անոր«Կիլիկիա» շրջանի դարմանատունը, որ իր հօրենական տունն էր, ու փոքրիկ տղեկը փոխարինուեցաւ «լեցուն գիրքեր ունեցող ատամնաբուժ»-ով, որովհետեւ անոր դարմանատան ընդունարանին պատերուն շարուած գիրքերը աւելի տպաւորած էին մանկական երեւակայութիւնս քան իր տեսքը։

Ի դէպ, Արմենակ Եղիայեանը վերոնշեալ ընթերցարանը պատրաստած էր կամաւոր աշխատանքով եւ, ըստ իս, իր հաստատակամութեան շնորհիւ։ «Համազգային»-ի 95-ամեակին նուիրուած հատորին մէջ, ան կը պատմէ այս պատրաստութեան երկունքը՝ թէ ինչպէս 1983 թուականին, Լիբանանի թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի եւ «Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան» Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան անդամ ըլլալով, կը միանայ զոյգ կազմերուն հովանիին տակ գործող «Դասագիրքերու միացեալ յանձնախումբ»-ին, սակայն ի վերջոյ առանձինն գլուխ կը հանէ գործը՝  աշխատանքի անցնելով կրթական մշակներ Գրիգոր Շահինեանի եւ Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ կապ հաստատելով։ Եղիայեան խօսքին մէջ կը նշէ, որ լիբանանահայ բոլոր նախակրթարանները (բացի Հռիփսիմեանց վարժարանէն), ինչպէս նաեւ՝ Յունաստանի, Փարիզի, Մարսէյի դպրոցասիրացը, Քանատայի, Տիթրոյտի, Լոս Անճելըսի, Քուէյթի, Եգիպտոսի եւ Աւստրալիոյ վարժարանները կ՚օգտագործեն այս ընթերցարանը, որ ունէր նաեւ իր վարժութեան տետրակն ու ուսուցիչներու ուղեցոյցը։ Իր դստեր՝ Հեղնարին բառերով, հայրը պատմած է, որդասագիրքը հացի պէս կը տպուէր։

Տարիներ ետք, երբ Հայկազեան համալսարանի հայագիտութեան ուսանող դարձայ եւ սկսայ աւելի մուտք գործել «Հայագիտութեան աշխարհ», ինքզինքս գտայ շրջապատուած հայագէտներու միջեւ ծագած պայքարով մը, որուն հետեւանքով յաճախ շուարած կը մնայի սորվածներովս՝ մոռնա՞մ գիտցածներս թէ՞ ամրապնդեմ զանոնք, որովհետեւ հայագէտ մը միւսին կիրարած քերականական օրէնքէն կը դժգոհէր՝ ճիշդը սեպելով իրը։ Շարունակեցի հասակ նետել այս մթնոլորտին մէջ՝ մինչեւ կարողացայ ձերբազատիլ պայքարին տուն տուող հոգեվիճակէն։ Այս պատճառ դարձաւ, որ յաճախ գրելէ ետք երկմտանքներ ունէի կարգ մը քերականական օրէնքներու շուրջ, իսկ անոնք կը փարատէի դիմելով վաստակաւոր յօդուածագիրներու եւ քերականագէտներու, անոնց շարքին՝Արմենակ Եղիայեանին, որ սիրայօժար եւ անմիջապէս կը լուսաբանէր բոլոր հարցումներս՝ միշտ ալմեկնելով աղբիւրներէ։ Շուտով ես ալ անցայ իր նամակագրութիւններու հասցէաշարքին եւ ստացայ հրապարակագիրներու ուղղուած իր լեզուաբանական նշումները։ Ուրախութիւնս անսահման էր, երբ տարիներ առաջ լոյս տեսաւ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը», որ կը գործածեմ, այնպէս ինչպէս օտար քերականութիւն ստուգելու համար կը գործածեմ առցանց որոնման գործիքներ։   

Տոքթոր Արմենակը կը հետեւէր նաեւ մեզի՝ Բարռեսիա Գոլէքթիվին գործունէութեան, իրքաջալերանքով եւ նշումներով ու մեծ առատաձեռնութեամբ կը պատասխանէր մեր բոլոր հարցադրումներուն։ Զինք ճանչցողները գիտեն, որ Արմենակ Եղիայեան իսկապէս առատաձեռն էր մայրենիի իր գիտելիքներուն փոխանցնման մէջ՝ միշտ աչալուրջ ըլլալով, որ տուած պատասխանները հիմնուէին ակունքին՝ գրաբարին վրայ, միաժամանակ՝ չմոռնալով, թէ լեզուն մշտական փոփոխութեան մէջ է, ուստի կարելի է փոփոխութիւններ կրել՝ սակայն առանց աղաւաղելու արմատները։

Բարռեսիաբարին սիւնակը նեղ կը թուի Եղիայեանի մահագրութեան համար։ Ըսելիքները շատ են, իսկ երախտագիտութիւնը իր վաստակին նկատմամբ՝ անվերջ։ Շուրջ քառասուն օրեր անցան անոր մեզմէ բաժնուելէն, սակայն անոր մեզի տուած ծով գիտութիւնը իր կեանքի թուաքանակէն շատ աւելի են, ուստի ան տակաւին պիտի մնայ մեզի հետ։ 

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Արմենակ Եղիայեան։ 

Արազ Գոճայեան

Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ

 (Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 18 Դեկտեմբեր 2025 –ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)

Վահէ Պէրպէրեանի ՆՈՐ տարուան որոշումները եւ բարեմաղթութիւններու ցանկը

Նախ կ՚ուզեմ բոլորիդ մաղթել ուրախ Նոր Տարի եւ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր հոս (հետս) գտնուելուն համար։ Եթէ վճարովի բաժանորդ ես, գիտցիր որ զօրակցութեանդ շնորհիւ է միայն, որ գոյութիւն ունի այս հրապարակումը, իսկ եթէ չես, շնորհակալ եմ մասնակցութեանդ, հետաքրքրութեանդ եւ ժամանակիդ, որ կը յատկացնես: Յոյսով եմ օր մը պիտի որոշես վերանայիլ մասնակցութեանդ աստիճանը եւ օգնել որ այս փոքրիկ նախաձեռնութիւնը գոյատեւէ։

Իւրաքանչիւրիս կը մաղթեմ աւելի ազնիւ տարի մը, ուր մենք զմեզ զսպելու պատճառները աւելի քիչ ըլլան եւ աւելի շատ՝ ժպտալու առիթները։

Ամէն տարի կ՚որոշեմ Նոր Տարուան բարեմաղթութիւններու քօղարկուած ցանկ մը կազմել եւ կը ջանամ առաւելագոյնս անոնց հաւատարիմ մնալ: Այս որոշումներէն մի քանին տարիներէ ի վեր կը հետապնդեն զիս եւ կամաց-կամաց անոնք դարձած են անձիս անբաժանելի մասը։ Ուրիշներ յստակօրէն այդպէս չեն, ահա թէ ինչու անոնք կը շարունակեն տարուէ-տարի յայտնուիլ ցանկին վրայ՝ քիչ մը վերափոխուած, քիչ մը անճրկած, բայց տակաւին յուսալի։

Այս տարին ալ տարբեր չէ։ Ահաւասիկ 10 որոշումներս։ Ոչինչ կ’երաշխաւորեմ:

1- Երբեք մի դադրիր հարցադրելէ եւ երբեք մի վախնար կասկածելէ։ Հեռու մնա՛ այն անձերէն, որոնք ամէն ինչի վստահ են։

Այն անձերը որոնք վստահ են ամէն ինչէ՝ կամ կը ստեն, կամ բան մը կը ծախեն, կամ պաշտօն մը կ’ ուզեն ստանալ։ Կասկածը քեզ կը սթափեցնէ։ Վստահութիւնը մարդս կը քնացնէ։ Կը վստահիմ այն անձերուն, որոնք կը վարանին, որոնք վերստին կը վերանային իրենց մտածածը եւ երբեմն կ՚ ըսեն՝ «չեմ գիտեր»։ Ան՛ոնք են, որոնք ընդհանրապէս ուշադրութիւն կ’ ընեն:

2- Անընդհատ կարդա՛։ Ամէն ինչ կարդա՛։ Բայց վէպ կարդալը երբեք մի՛ դադրեցներ:

Գեղարուեստական գրականութիւնը կ՚ընդարձակէ երեւակայութիւնդ այնպիսի ձեւերով, որ իրականութիւնը երբեք չի յաջողիր։ Ան կարեկցիլ կը սորվեցնէ առանց անոր մասին յայտարարելու։ Կրնաս բոլոր ուզած յօդուածներդ ու փորձագրութիւններդ կարդալ, բայց երբ դադրիս վէպեր (նորավէպեր) կարդալէ, ներաշխարհդ կը սկսի կծկուիլ։ Այդ է ողբերգութիւնը, որ ոչ մէկ վիճակագրական չափում ունի:

3- Յայտնէ սիրած անձերուդ, որ դուն կը սիրես զիրենք։

Սա ակներեւ կրնայ թուիլ, բայց զարմանալին այն է, թէ որքա՜ն յաճախ կ’ ենթադրենք, որ մարդիկ այդ գիտեն։ Չե՛ն գիտեր։ Կա՛մ կը մոռնան։ Կա՛մ պէտք ունին անգամ մը եւս լսելու։ Բառերը աժան են, իսկ լռութիւնը՝ սուղ: Ուրեմն յայտնէ իրենց, որ կը սիրես զիրենք անճարակ դառնալէ առաջ, եւ վերջնապէս շատ ուշ չեղած:

4- Հաւատաս մարդոց, երբ կ’ըսեն՝ կը սիրե՛ն քեզ, հակառակ պարագային պիտի տառապիս:

Սա ենթադրուածէն աւելի ծանր է։ Զգացումը կասկածի ենթարկելը կը հիւծէ: Վստահէ, նոյնիսկ եթէ այդ կը սոսկացնէ քեզ: Դառնութիւնը կը սիրէ կասկածամտութիւնը։ Կեանքը արդէն իսկ բաւական բարդ է՝ պէտք չկայ զգացումները դատաքննութեան ենթարկելու:

5- Առիթները օգտագործէ: Մի՛ վախնար նորէն եւ անսովորէն: Հանգստութիւնը գրաւիչ է։ Կը համոզէ քեզ՝ իբր թէ ապահով ես երբ ան- շարժ, տեղդ կեցած ես։ Իւրաքանչիւր իմաստալի փոփոխութիւն, որ փորձարկած եմ, եկած է ընելու բան մը, որուն ամբողջովին պատրաստ չէի։ Պատրաստ ըլլալու կարեւորութիւնը չափազանցուած է:

6- Միշտ սեղանէն ելիր քիչ մը անօթի:

Սա կը վերաբերի սնունդին, փառասիրութեան, խօսակցութեան եւ ընդհանրապէս կեանքին։ Աւելորդութիւնը զգայարանքները կը փթացնէ: Չափաւորութիւնը քեզ սթափ կը պահէ: Շատ աւելի քիչին կարիքը ունիս քան ինչ որ կը կարծես, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի երկրորդ պնակին եւ երկրորդ կարծիք մը առնելուն։

7- Երբեմն նախընտրելի է՝ ազնիւ գտնուիս, քան փաստես, թէ իրաւունք ունիս։

Ճիշդ ըլլալը միայն երեք վայրկեանի յագեցում մըն է: Ազնիւ ըլլալը աւելի երկարատեւ է։ Զգուշութեամբ ընտրէ ճակատամարտերդ։ Անոնց մեծ մասը յաղթանակի արժանի չեն:

8- Յիշէ՛ որ ամէն ինչ՝ լաւ կամ գէշ, վերջ մը ունի։

Սա թէ՛ մխիթարական է, եւ թէ՛ սարսափազդու՝ օրուան համեմատ։ Ու- րախութիւնը յաւիտենական չէ, բայց դառնութիւնն ալ՝ նոյնպէս։ Այս բա- նը յիշելը կ’ օգնէ աւելի լիովին վայելելու այն բարի պահերը եւ աւելի համ- բերութեամբ հանդուրժելու գէշ պահերը։

9- Կրնաս ամէն ինչի մէջ խինդ ու ծիծաղ գտնել: Միայն պէտք ունիս դիտանկիւնդ փոխելու

Հաճոյքը ուրացում չէ։ Ան վերապրում է։ Երբեմն ծիծաղը միակ բանաւոր պատասխանն է անհեթեթ կացութեան մը։ Երբ բեռը կը ծանրանայ, կը փորձեմ գլուխս թեթեւ մը ծռել՝ տեսնելու համար, թէ արդեօք կա՞յ հարցերուն նայելու ուրիշ ձեւ մը։

10- Եթէ բան մը կայ, որ կ’ուզես օր մը ընել, ըրէ հիմա։ «Օր մը»-ն անվստահելի է։

«Օրին մէկ»-ը սովորութիւնն ունի լռիկ անհետանալու: Եթէ գիրք մը կ’ուզես գրել, ճամբորդութիւն մը ընել, մէկու մը ըսելիք մը որ յետաձգած ես, սկսէ՛ հիմա: Սպասելը քաջութիւնդ չի բարելաւեր: Եւ յիշէ՛, ծունկներդ տարիքիդ հետ չեն զօրանար։

Ահաւասիկ տարուան որոշումներս։ Ես անոնցմէ մի քանին հաւատարմօրէն պիտի գործադրեմ, միւսներուն հետ պիտի պայքարիմ եւ յաջորդ Յունուարին կրկին պիտի վերանայիմ ցանկին՝ քիչ մը աւելի ծերացած, յուսամ՝ աւելի իմաստուն դարձած ու տակաւին ձեւացնելով, թէ այս ան- գամ ամէն բան տարբեր պիտի ըլլայ:

Կը սիրեմ ձեզ եւ շնորհակալ եմ ձեր աջակցութեան համար:

Ուրախ նոր տարի:

https://substack.com/@vaheberberian

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ «ՆՅ»

Քաղուածաբար՝ «Նոր Յառաջ»-էն

Ծայրայեղական գաղափարներ կը ներգրաւեն երիտասարդները՝ առանց անոնց գիտակցութեան

Ծայրայեղ աջակողմեան գաղափարներ աւելի ու աւելի կը յայտնուին առօրեայ մշակոյթի տարբեր ոլորտներուն մէջ՝ ինչպէս երաժշտութիւն, խոհանոց, ընկերային ցանցեր, ինչ որ զանոնք կը դարձնէ «սովորական» եւ աւելի դժուար ճանաչելի։ Հետագայ թարգմանաբար տրուած «It’s frightening’: How far right is infiltrating everyday culture» խորագրեալ յօդուածը, որ լոյս տեսած է «The Guardian»-ի 27 դեկտեմբեր 2025-ի համարին մէջ, կը քննարկէ, թէ ինչպէս որոշ խմբաւորումներ ու ազդեցիկ դէմքեր (influencers), օրինակ, կը գործածեն խոհարարական հաղորդումները, ժողովրդային երգն ու երաժշտութիւնը, մետիակատակներ (memes), նոյնիսկ «tradwife» կոչուած ընկերային ցանցերու հաշիւներ (որոնք կը քարոզեն աւանդական պահպանողական կնոջ դերը TikTok-ի, Instagram-ի, եւ YouTube-ի միջոցով )՝ իրենց տեսակէտերը տարածելու եւ մարդիկ  ներգրաւելու, յատկապէս երիտասարդներ, առանց որ անոնք գիտակցին բովանդակութեան իսկական ծագումին։

Հետազօտողները կը զգուշացնեն, որ կարելի է մարդիկ ծայրայեղական կամ արմատական դարձնել նոյնիսկ տան մէջ նստած՝ պարզապէս նման մշակութային արտադրութիւններու հետ առնչուելով։ Այս գործընթացը միշտ չէ, որ կը սկսի ծայրայեղ համոզումներով, այլ՝ որովհետեւ այդ խմբաւորումները կը թուին գրաւիչ, «cool» կամ արդիական։ Դիւրին գործածելի նոր արհեստագիտութիւններու եւ ընկերային ցանցերու տարածումը արագացուցած է այս բովանդակութեան շրջանառութիւնը՝ երբեմն անորոշ դարձնելով, թէ ստեղծողները իրենք կը հաւատա՞ն իրենց ըրածին, թէ պարզապէս դրամ շահելու համար կ’ընեն։

Մասնագէտները, որոնք կը մէջբերուին յօդուածին մէջ, կը շեշտեն, որ այսօր աւելի քան երբեք հրատապ է հանրութեան օգնել՝ ճանչնալու եւ դիմակայելու այս նուրբ ու քողարկուած ծայրայեղական դրսեւորումները, որովհետեւ ծայրայեղ աջակաողմեան ազդեցութիւնը կը խորանայ ընկերութեան բազմաթիւ խաւերուն մէջ։

Ծայրայեղական պատգամները այսօր ներթափանցած են երաժշտութեան եւ YouTube-ի տեսանիւթերուն մէջ, եւ մասնագէտի մը համաձայն. «Մարդ կրնայ ծայրայեղական դառնալ նոյնիսկ իր բազմոցին վրայ նստած»

Վ.Թ.

Երկու այր մարդիկ կը կոտրտեն պղպեղներ, կը շերտեն սմբուկներ եւ կը ծիծաղին տեսախցիկին դիմաց՝ ներթափանցելով վեկան (կենդանական ծագում ունեցող բոլոր ուտելիքները մերժող) խոհարարութեան արուեստին մէջ։ Երկուքն ալ դիմակաւոր են՝ դահոյկի յատուկ դիմակներով, եւ հագած են շապիկներ, որոնց վրայ նացիական նշաններ կան։

Այս գերմաներէն տեսագրութիւնները՝ «Balaclava Kitchen» խորագրով, սկսած էին 2014-ին եւ հրապարակուած ամիսներ շարունակ, մինչեւ YouTube հեռացուց զանոնք իր կանոնները խախտած ըլլալուն պատճառով։

Սակայն այս դէպքը կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս ծայրայեղ աջ խմբաւորումները կը գործածեն մշակութային արտադրութիւնները՝ հագուստի տեսականիէն մինչեւ լաւագոյն երգերն ու երաժշտութիւնը, իրենց գաղափարները բնականոնացնելու համար։ Հետազօտողները կ’ըսեն, որ այս գործընթացը ընկերային ցանցերու դարաշրջանին՝ նոր բարձունքներ նուաճած է։

«Սարսափելի է, անկեղծօրէն», կ’ըսէ Քեթրին Քոնտոր, Նորվեկիոյ՝ Ողջակիզման եւ Փոքրամասնութիւններու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի հետազօտողներէն։ «Մարդ կրնայ «ծայրայեղացուիլ»՝ նստած իր բազմոցին վրայ»։

Քոնտոր, համագործակցութեամբ Ծայրայեղականութեան Հետազօտութեան Կեդրոնին հետ, կը ղեկավարէ վեց երկիրներ ընդգրկող ծրագիր մը, որ կը քննէ, թէ ինչպէ՛ս ծայրայեղ աջը կը գործածէ գեղագիտութիւնը՝ մարմնամարզութեան influencer-ներէն մինչեւ մետիակատակներ եւ պիտակներ, Եւրոպայի մէջ իր տեսակէտները տարածելու նպատակով։ Շուէտէն մինչեւ Սպանիա, հետազօտողները նկատած են, որ ծայրայեղական պատգամները միաձուլուած են առօրեայ կեանքի մշակութային տարբեր երեսներուն մէջ՝ թէ՛ առցանց, թէ՛ անկէ դուրս։

«Հունգարիոյ մէջ ունինք օրինակներ, ուր ծայրայեղ աջ խումբերու երգերը դարձած են ընդունելի լայն հասարակութեան կողմէ, որովհետեւ անոնք կը գտնուին լաւագույն 40 երգերու ցանկին մէջ։ Ի՞նչ կրնայ աւելի բնական ընդունուիլ, քան այդ ցանկին մէջ ըլլալը», կ’ըսէ Քոնտոր։ «Ես ունիմ խորթ զաւակ մը, որ երբեմն ինծի տեսագրութիւններ կը ղրկէ, եւ ես կը սկսիմ հետազօտելու՝ ո՞վ ստեղծած է զանոնք։ Յաճախ երեւան կ’ելլէ, որ անոնք ծայրայեղ աջ ազդեցիկ դէմքերու գործերն են»։

Այսպէս կոչուած «tradwives»-ը՝ ընկերային ցանցերու կին բովանդակութիւն ստեղծողներ, որոնք կը քարոզեն աւանդական պահպանողական կնոջ դերը, այլ օրինակ կը հանդիսանան։ Մինչ առցանց այս հասկացողութիւնը որդեգրող կանանց թիւը կ’աճի, բովանդակութեան ծայրայեղ աջ արմատները աւելի ու աւելի կը բացայայտուին։ Այսուհանդերձ, անոնց տարածած գաղափարները՝ հակաֆեմինիզմէն մինչեւ կարօտախը երեւակայկան անցեալի մը, կը շարունակեն սատարել ծայրայեղ աջ նպատակներու։

Այս մշակութային գործօնները կը ծառայեն որպէս անցուղի, երբեմն մարդիկը առաջնորդելով դէպի ծայրայեղութիւն, կ’ըսէ Քոնտոր։ «Կարծես սխալ պատկերացում մը կայ, թէ մարդիկ կը միանան ծայրայեղ աջին, որովհետեւ կը հաւատան այդ գաղափարախօսութեան եւ կը փնտռեն նման մտածող մարդիկ», կ’ըսէ ան։ «Բայց իրականութիւնը այդպէս չէ»։ Թէեւ կան մարդիկ, որոնք կը շարժին որոշ խմբաւորումներու նկատմամբ նախապաշարումներու կամ յատուկ համոզումներու պատճառով, կամ ուրիշներ, որոնք կը հետեւին արդէն ներգրաւուած ընկերներու, շատեր կը ներգրաւուին այդ շարժումները շրջապատող ենթամշակոյթներով։

«Մարդ կը սկսի մտիկ ընել խումբի մը երգը, որ իրեն շատ հաճելի կը թուայ, ու կը սկսի երթալ անոնց համերգներուն։ Ապա հոն կը ծանօթանայ ուրիշներու, եւ այդպէս կրնայ աստիճանաբար աւելի ներգրաւուիլ», կը բացատրէ Քոնտոր։«Երբ մարդիկ կը գտնեն բաներ, որոնք կը համընկնին իրենց գեղագիտական զգացողութեան կամ ընդհանուր տրամադրութեան, կամ երգ ու երաժշտութիւն, որ իրօք կը սիրեն, այդ կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ անձին վրայ»։

Ծայրայեղ գաղափարներու եւ մշակութային այդ գործիքներուն միջեւ կապը միշտ ալ պարզ չէ, կը նշէ ան՝ յիշելով Հոլանտայի մէջ գործող ծայրայեղ աջ խումբ մը, որուն անդամները հակում ունին գինիի համտեսման ձեռնարկներ կազմակերպելու։

«Անոնք նոյնիսկ իրենց ճաշի առաքման ծառայութիւնը սկսած են», կ’ըսէ ան։ «Անհաւատալի է մտածել, որ մարդ կրնայ ուտելիք պատուիրել ծայրայեղ աջէն՝ առանց գիտնալու»։

Ծայրայեղական շարժումները շատոնց մշակոյթը կը գործածեն՝ իրենց անդամներուն մէջ պատկանելիութեան զգացում ստեղծելու եւ լայն հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելու համար, կ’ըսէ Կրէթա Ժասէր, Գերմանիոյ Ժողովրդավարութեան եւ Քաղաքացիական Հասարակութեան հիմնարկի հետազօտողներէն մէկը։ Այս հաստատութիւնը նոյնպէս մաս կը կազմէ վեց երկիրներ ընդգրկող ծրագրին։

Նախապէս, այս ոլորտին մէջ անոնց կարողութիւնը կախեալ էր անդամներու տաղանդէն, քանի որ բովանդակութիւն ստեղծելու համար անհրաժեշտ էին երաժիշտներ, արուեստագէտներ եւ տեսագրողներ։ Սակայն արհեստական բանականութեան յառաջացումով, կացութիւնը փոխուած է:

«Այսօր արհեստագիտութիւն գոյութիւն ունի, որով կարելի է վայրկեաններու մէջ պատկեր մը կամ տեսանիւթ մը ստեղծել, կամ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին երգ ու երաժշտութիւն», կ’ըսէ Ժասէր։ «Թէեւ գործելաձեւը հին է, բայց արագութիւնը՝ անհամեմատ աւելի բարձր»։ Ընկերային ցանցերու առեւտրական երեսը նոյնպէս ազդած է գործընթացին վրայ՝ հարցեր ստեղծելով, թէ ո՛վ ծայրայեղ աջ բովանդակութիւն կը ստեղծէ եւ ի՞նչ շարժառիթներով։ «Կրնայ ըլլալ, որ բովանդակութիւնը հրապարակուած է ռոպոթի մը կողմէ։ Կրնայ ըլլալ որեւէ մէկը կամ որեւէ բան, որ կ’ուզէ եկամուտ ապահովել՝ որքան կարելի է շատ արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած տեսանիւթեր ու պատկերներ արտադրելով», կ’ըսէ Ժասէր։ «Այս հետաքրքրականօրէն հարցականի տակ կը դնէ, թէ այս հաշիւներուն մէջ որքան գաղափարախօսական մղում կայ, կամ արդեօք պարզապէս եկամուտ ստեղծելու միջոց մըն է»։

Մինչ հետազօտութիւնը կը շարունակուի, Քոնտոր ու իր խումբը կը քննարկեն, թէ հանրութիւնը իրենց բացայայտումներուն մասին ի՛նչ կերպով լաւագոյնս կարելի է իրազեկել՝ ուսումնասիրելով այնպիսի ռազմավարութիւններ, ինչպիսիք են առցանց բովանդակութիւնը կամ գործիքներ, որոնք կրնան օգնել մարդոց աւելի լաւ ճանչնալու ծայրայեղ աջը եւ անոր արտադրած բազմաթիւ մշակութային տարրերը։

«Կարծեմ այս յաճախ ցնցող է շատերու համար»,— կ’ըսէ Քոնտոր։ «Այս պահուն վտանգաւոր է, որովհետեւ կը տեսնենք ծայրայեղ աջին հետեւողական աճը ընկերութեան գրեթէ ամէն բոլոր մարզերուն մէջ։ Աւելի քան երբեք կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի է զսպել կամ մեղացնել այս երեւոյթը»։

Թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»-ի

Սուրբծննդեան տօնախմբութիւն, բայց ո՞ւր է Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը

Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան

Երեւանը դիմաւորեց Ամանորը Աստուծոյ օրհնութիւնով: Ձիւնը փաթիլ-փաթիլ տեղալով ծածկեց ամէն աղտեղութիւն եւ ամօթ՝ իր սպիտակ ծածկոցին տակ: Ամէն երդիկ, ամէն ծառ, ամէն ցանկապատ, ճանապարհ… մաքուր ու զուլալ սպիտակութեամբ ողողուեցաւ: Բնութիւնը հագաւ անմեղութիւն, սրբութիւն եւ մաքրութիւն:

Այսօր մենք Ծնունդի շեմին կանգնած, կը սպասենք մեր փրկիչին՝ Յիսուս մանուկին, որ եկաւ այս աշխարհ դարեր առաջ մեղաւոր մարդկանց փրկութիւն, յոյս, լոյս, հաւատք ու սէր շնորհելու:

Չորս կողմ սպիտակ ձիւնով պատուած, նստած եմ փակ դռներու ետին, տանս պատուհանէն կը դիտեմ ձիւնին առատահոս փաթիլները, որոնք կը շարունակեն ճերմկցնել եւ մաքրել մեր կեանքերը եւ հոգիները, մինչ կը սպասենք Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Կը մտաբերեմ՝ Տէր Յիսուս ի՞նչ կ’ակնկալէ ինձմէ\մեզմէ այս տարի:

Կը յիշեմ մանկութեանս օրերը, ուր ունէինք հայկական, ազգային մշակութային, կենցաղային սովորութիւններ, աւանդութիւններ (եկած դարեր շարունակ մեր պապերէն), որոնցմէ կարեւորագոյնն է Ծնունդը՝ կը փորձէին տօնել ծնող մանուկին ծնունդը, ուրախանալ իր բերած Բարի լուռով, ապրիլ արժեւորելով այդ տօնական օրերը, նորոգուելով ծնած մանուկին շնորհած բարքերով:

Հայկական Ծնունդը կը յաջորդէ Ամանորին, որուն ուրախ մթնոլորտի հարբեցումէն արթննալով կը պատրաստուինք տօնելու Աւետման գիշերը՝ յունուար 5-ի երեկոյեան, իսկ Ծնունդը՝ յունուար 6-ին:

Նոր Տարիէն տարբեր, նոր պատրաստութիւն, նոր սովորութիւններ: Աւետման գիշերը, հարազատներ կը հաւաքուին ընտանիքի աւագանիին տունը, կամ Աւետիս անունը կրողին տունը (եթէ կար ընտանիքին մէջ) անոր անուանակոչութիւնը նշելու համար: Պատշաճ սեղանի մը շուրջ, որ ընդհանրապէս սարքուած կ’ըլլար տանտիկնոջ կողմէ: Այս սեղանը կը հարստանար ներկաներու բերած ընծաներով (պտուղ, քաղցրեղէն, չոր միրքեր, ընդեղէն…): Ընտանիքի անդամները կը հաւաքուէին սեղանի շուրջ երգելով ծննդեան երգեր եւ պատմելով Յիսուս մանուկին ծննդեան պատմութիւնները մինչ կը սպասէին Ծնունդի Աւետման:

Ահա կը լսուին փողոցներու միջով անցնող եկեղեցիի դպրաց դասի խումբին ձայները: Անոնք եկած են ԲԱՐԻ Լուռը աւետելու թաղեցիներուն. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս»:

Թաղեցիները կ’ողջունէին եկող խումբը՝ անոնց տալով նուէրներ, եւ ջերմ ընդունելութիւն կը ցուցաբերէին, եւ իրենց կարգին դառնալով կ’ողջագուրուէին իրարու հետ, շնորհաւորելով զիրար:

Ծնունդի առաւօտուն, սիրուն, երբեմն ալ նոր զգեստներ հագած կ’ուղղուէին եկեղեցի ծննդեան պատարագին ներկայ ըլլալու եւ հաղորդուելու Աստուծոյ օրհնութեամբ:

Եկեղեցիէն ետք ժամանակ էր այցելելու հարազատներուն ու բարեկամներուն՝ Բարի լուռը բաժնեկցելու անոնց հետ: Կը յիշեմ մանկութեանս օրերուն, մենք փոքրերս, երբ մեծ հօրս տունը կ’երթայինք, մեծերու ձեռքը կը համբուրէինք եւ կ’ըսէինք «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս»: Մեծ հայրս կը պատասխանէր, «Յայտնութիւն եւ Մկրտութիւն», եւ մեր ափին մէջ կը զետեղէր լումա մը՝ ըսելով «Աղէկչէքը», այսինքն աւետման նուէրը:

Այսպիսով, Յիսուսի ծնունդը կու գար միաւորելու հարազատներն ու բարեկամները, ուրախութիւն եւ հրճուանք ու սէր սփռելով բոլորին սրտերուն մէջ:

Այսօր կը մտաբերեմ թէ որքա՜ն հեռու կը թուի ըլլալ այս սովորութիւնները: Այո՛, կան տակաւին տօնախմբութիւն, հաւաք, ուրախութիւն, կերուխում… բայց ո’չ այն ինչ որ էր նախապէս…

Առաջին հերթին, ընտանիքներու բաժանումը, կեանքի անողորմ պայմանները, որոնք հետզհետէ կը բազմանան, բաժնած են ընտանիքները, եւ մենք այսօր շնորհակալ ենք համացանցին, որուն միջոցով կը միանանք համայն աշխարհի մեր սիրելիներուն:

Երկրորդը, կեանքի հանդէպ մարդուն անտարբեր նայուածքը. այլեւս քիչեր յանձն կ’առնեն աշխատանքը, յոգնութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը այդ սեղանները սարքելու, եւ մարդիկ հաւաքելու անոնց շուրջը: Այս պատճառով ալ կը հեռանան իրարմէ: Սովորութիւնները կիրարկելը այլեւս դարձած է պարտականութիւն կամ պարտադրանք:

Երրորդը, Աւետման օրը տօնախմբելու պատրաստութիւնը մեզմէ կը խլէ մեր սկզբունքները, երբ գիշերային խրախճանքի կը պատրաստուինք`Աւետման գիշերը տօնելու ճաշարաններու մէջ, միութենական կամ անձնական խրախճանքներով: Եւ դժբախտաբար Աւետման օրը կը վերածենք սովորական առիթով մը կազմակերպուած առեւտրական ձեռնարկի: Այսպիսի խրախճանքներու պատրաստութիւնը կը պահանջէ ժամեր մեր առօրեայէն: Վարսայարդարի, հագուստ կապուստի զբաղումներով հազիւ մենք զմեզ կը գտնենք զարդարուած տօնածառի մը նման խրախճանքի սրահին մէջ: Երեկոն կ’ընթանայ կերուխումով, զուարճութեամբ, զիրար շնորհաւորելով: Խրախճանքին նպատակը Ծնունդն է, սակայն բացակայ են տօնին Տէրը, նաեւ Անոր Աւետումի լուռը տարածող հրեշտակները:

Մարդիկ հարբած ու հոգնած կը վերադառնան իրենց տուները՝ յուսալով, որ յաջորդ առաւօտ եկեղեցի կ’երթան եւ կը յիշեն Տէրը: Յանկարծ քունը տարած կը սթափին եւ կը փութան եկեղեցի, գուցէ հասնին նախքան արարողութեան աւարտը: Կ’ողջագուրուին քանի մը հոգիի հետ, կը համբուրեն սրբազանին աջը, շնորհաւորական խօսքեր կ’արտասանեն, հոգ չէ թէ քանի մը բառ սխալին կամ ճիշդ արտայայտուին:

Կարգը կու գայ ծնողներուն այցելելու պարտականութեան, սակայն ահաւոր գլխացաւ մը կը ստիպէ տուն վերադառնալ՝ որոշելով, որ երեկոյեան կ’այցելենք անոնց, «քիչ մը հանգչինք»:

Եւ այսպէս սովորութիւններն ու աւանդութիւնները կը խախտին եւ Ծնունդը կը դառնայ տաժանակիր չարչարանքի տօն մը:

Սրտի կսկիծով կ’ըսեմ, որ մեր ժողովուրդին մեծամասնութեան համար Ծնունդի տօնախմբութիւնը կորսնցուցած է իր իմաստը:

Այս այլասերումը կը պատահի այնպիսի ժամանակի մը, երբ մեր ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի աւելի մեծ վտանգներու, ըլլան անոնք ազգային, եկեղեցական, կենցաղային, մշակութային եւ … պառակտումի մտավախութիւններ: Ինչո՞ւ… որովհետեւ մենք անգիտակցաբար կը հեռանանք Աստուծմէ եւ մեր ազգային սկզբունքներէն, մշակոյթէն եւ գեղեցիկ սովորութիւններէն, որոնց կորիզը\կեդրոնը Ինքը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսն է. Հզօր Աստուածը տիեզերքի, Էմաննուէլ (Աստուած մեզի հետ), Խաղաղութեան Իշխանը եւ Փրկիչը Աշխարհի: Տէրը Ծնունդին՝ որ այս աշխարհ եկաւ մեզ մարդկային մեղքերէ փրկելու, Լոյս, Յոյս եւ Հաւատք ներշնչելու:

Այսօր, երբ կը դիտէի տան պատուհանիս կողքին սպիտակ ձիւնի ծածկոցը, այս բոլորը շարժապատկերի նման անցան մտքովս ու խնդրեցի Աստուծմէ. «Թող իր հովանիին տակ պահէ պահպանէ հայ աշխարհը, հայ ժողովուրդը ամենուրեք, սպիտակ ձիւնին նման ծածկէ մեր մեղքերը, տկարութիւնները, անձնասիրութիւնն ու տգիտութիւնը: Խաղաղութիւն տայ մեր սրտերուն եւ աշխարհին, Իր արդարութեամբը փրկէ իր զաւակները»:

«ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ, ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ»

ՇՈՒԿԱՆ․․․

Շուրջս․․․
           շուկայ է,
                        շուկայ է հսկայ․․․

Ամէն ինչ ծախու է
          Թէ՛ իր, թէ՛` ան-իր
                      թէ՛ գոյ, թէ՛՝ ան-գոյ․․․
«Բարի լոյս»-ը սուրբ
             Իր իսկ հարազատ լոյսէն խաթարուած
                          դիմակով ծածկուած
                                     ծախու է հանուած․․․

Սրբութիւնները
           երանգներով վառ
                     աճուրդի դրուած
          շատ վճարողին դրախտի մուտքի սին խոստումներու
                     խուրձերով․․․ ներկուած ․․․

Սուտն ու կեղծիքը
            բոյրով, զարդերով, շպարով թագնուած
                         դռներ կը թակեն․․․

Կեանքի շուկայի մէջ կը տուայտինք․․․

Ի՞նչ կը փնտռենք ապրելու համար․․․

Պիտ՛ գտնե՞նք արդեօք
           կորսուած լոյսը մեր մոլորակի․․․
թէ մենք ալ պիտի թափառինք մոլոր
           անորոշին մէջ անորոշութեան․․․

Այս «առ-ու-տուր»-ի խաղերուն զոհն ենք։

Այս մե՜ծ շուկայի ոլորտներուն մէջ,
             ի՞նչ կը գնենք մենք,
իսկ անոր դիմաց ի՞նչ կու տանք․․։ ԳԻՏԷ՞Ք․․․

Լափիւրընթո՜ս է աշխարհը համակ։
Մարդ արարածի խիղճը խարանող
             քաղցկեղ է թունոտ․․․
Կը կրծէ միտքը եւ հոգին յոգնած․․․

Իսկ մենք շուարած կը դեգերինք լուռ
այս շրջագիծի սահմաններուն մէջ․․․ ԵԼՔԸ ԿՈՐՈՒՍԱԾ․․․

Գերի՛ ենք, գերի՜․․․
Պարզապէս Գ՛․․․․Ե՛․․․Ր՛․․․Ի՛․․․
Շուկային մէջ այս․․․
Որը, ցաւ ի սիրտ,
           մե՛նք,
                  մե՛նք ենք ստեղծած․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Գրիգորեան Տոմար- 21 Դեկտեմբեր 2025
Հայկական Տոմար- Օր՝ Հրեհ, Ամիս՝ Քաղոց, Յամի՝ 4517

Նոր տարուայ առիթով հարցումներ մեր հայրենակիցներուն՝ Մասիսէն անդին

Վերջապէս կրնանք ուրախութեամբ յայտարարել, որ այսօր հայրենասիրութիւնը արդէն բոլորին մատչելի ու հասանելի երեւոյթ է։ Այլեւս պէտք չէ անպայման սահմանին վրայ կանգնիլ, մեծ գումար նուիրաբերել, կամ որեւէ ծանր ու մեծ բան ընել։ Այժմ կարելի է հայրենիքը սիրել ինչպէ՛ս ուզես եւ ո՛ւր ուզես։ Հայրենիքը ամէն անկիւնի վրայ է, տարբեր գոյներով ու տեսակի, տարբեր չափերով, աժան, չպարտաւորեցնող, յարմարող։ Այժմ հայրենասիրութիւնը ոչ միայն պարտականութիւն է, պատասխանատուութիւն եւ իրաւունք, այլեւ մոտա, ժամանց ու նորամուծութիւն։ Օրինակ Երեւանի մէջ կարելի է ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը գնել, շարել սեղանին, փակցնել պատերուն եւ ունենալ անձնական փոքրիկ հայրենիքը, ուր ամէն ինչ քու ուզածից պէս է։ Մասիսը մերը չէ, բայց ան այդ մասիսներէն մէկն է, հոս ու հոն այնքան մասիսներ կը ծախեն, որ իւրաքանչիւր հայու քանի մը երկվեցեակ կը հասնի։ Մասիսազարդ գուլպաներ, խմորեղէն, նարտ, ճատրակ, շապիկներ, շալեր, վզնոց, մատանի․․․ինչ որ ուզես, ինչ գինի որ ուզես։ Կարելի է գնել  20 տոլարանոց արծաթէ Մասիս, որ միշտ մատիդ վրայ ըլլայ, կարելի է 1000 տոլարի նարտ-մասիս գնել՝ աչքին համար հաճելի, ձեռքի համար օգտակար՝ ծիրանի փայտէ պատրաստուած, այսինքն ազգային Մասիսը աւելի ազգային կը սկսի դառնալ, որովհետեւ ազգային ծիրանի փայտէ պատրաստուած է։ Աւելի՜ն, պատրաստող վարպետը եւս ազգային մարդ է, հայ է, կը սիրէ հայրենիքը, ուստի այդ նարտին գինը աւելի կը սղի։ Եթէ հաշուենք, որ այդ վարպետը նաեւ զինուորին կենացը կը խմէ ապա այդ նարտը գրեթէ անգին է, ան ոչ միայն Մասիս է, այլեւ ազգային դարաւոր պայքարի խտացուած խորհրդանիշ մը, ազգային ուղի դէպի անմահութիւն․․․․․բայց մենք երազաներով տարուեցանք, մէկ խօսքով 1000 տոլար, բայց յանուն քեզ (գնողը անծանօթ է, հիմնականօրէն սփիւռքէն, կամ ալ որոշած է թարմացնել իր տան կահոյքին ազգային-հայրենասիրական մասը) 950-ով կու տամ․․․․

Հայաստանի մէջ կը վաճառուի ամբողջ հայրենիք մը՝ այնքանով, որ նոյնիսկ գունակուրութիւն ունեցողները կրնան ունենալ Մասիսի իրենց ուրոյն տարբերակը: Բայց ինչու՞ միայն Մասիս, կարելի է գնել ամէն ինչ ու վաճառել ամէն բան, բացի Եռաբլուրի գերեզմանոցէն։ Հոն տեղ կարելի է ունենալ կեանքի գնով, իսկ մենք, ինչպէս ծանօթ է, միշտ ալ կրնանք  փոխարինիչներ գտնել։ Ու պատկերացուցէք, մէկ պատին վրայ Մասիսն է, միւս պատին՝ Աւարայրը, սեղանին Արարատ քոնեակը, Տիգրան Մեծի նկարով նօթատետր եւ այլն եւ այլն եւ այլն։

Հանրապետութեան շուրջ 45 տոկոսը աղքատ է, կամ կ’ընթանայ դէպի աղքատութիւն։ Այդ այն աղքատութիւնը չէ, որու պարագային սովամահ կ’ըլլան, այլ այն աղքատութիւնն է, որ դանդաղ կը մաշէ մարդը, կը գունաթափէ անոր ողջամտութիւնը, սթափութիւնը, ոգեւորութիւնն ու ցանկութիւնը։ Այդ այն տնտեսական քաղցկեղն է, որ կը սպանէ մարդը՝ զայն դարձնելով ապագան տեսնել չցանկացող ստուեր մը։ Բայց՝ հայրենասէ՛ր։

Հանրապետութեան պատմական-ճարտարապետական յուշարձաններուն մէկ զգալի հատուածը պղծուած է մեր իսկ ձեռքերով․ եկեղեցիներ, արձաններ, խաչքարեր․․․բոլորին վրայ տարատեսակ գրութիւններ, փորագրութիւններ, ներկ եւ այլն։ Բայց՝ հայրենասէ՛ր։

Սեփական պատմութեան ամենէն կարեւոր հատուածներուն անտեղեակ, բայց՝ հայրենասէ՛ր։ Ոչինչ գիտեն Մասիսի մասին, չեն գիտեր տեղադրութիւնը, նահանգը, մարզը ուր գտնուած է, երբ որու տարածքին գտնուած է, բայց Մասիսը կը սիրեն, երեխաներու անունը Մասիս կը դնեն, նարտի վրայ կը փորագրեն, թաղամաս, քաղաք, փողոց կ’անուանեն, մատանիներ ու վզնոցներ կ’արտադրեն։ Անգրագէտ, բայց՝ հայրենասէ՛ր։ Պի՛ղծ, գողցո՛ղ, կաշառակե՛ր, անտարբե՛ր, բայց՝ հայրենասէ՛ր։

Ա՜խ այս անմեղսունակ հայրենասիրութիւնը։

Այժմ ալ ամանորին կը պատրաստուին ու խանութներու մէջ մրցում կայ, սեղանային մրցակցութիւն, թէ որո՛ւ սեղանին վրայ ո՛ր ուտելիքէն աւելի շատ պիտի ըլլայ։ Սեղանին ազգային տոլմային հետ խաղաղ բազմած է ապազգային աղցանն ու հիւթը, կէս-ազգային, կէս-տարածաշրջանային խոզի պուտը եւ այլն, որուն համար մեր հայրենասէրը ծախսած է իր ունեցած կամ պարտքի առած գումարին մեծ մասը, որովհետեւ տօն է, ուրախութիւն է, ամօթ է, որ դրացին ունենայ, իսկ ինքը՝ ոչ եւ հոգիին խորքը անէծք, թէ գրողը տանի՝ ե՞րբ պիտի աւարտի Նոր Տարի կոչուած այս փորձանքը, որ այլեւս չ’ուրախացներ, անվերջ ծախս է եւ այլն։

Ու ի հարկէ հայրենասիրութիւնը նարտերէն ու նկարներէն, ֆեյսպուքէն ու շապիկներէն բացի կը տարածուի նաեւ մեր ամանորի կենացներուն մէջ։ Մենք իրօք կը հաւատանք, որ եթէ քանի մը օր անընդհատ միս ուտենք, ահռելի քանակով ալքոլ օգտագործենք, պարենք, ապա այդ անվիճելի երաշխիք մըն է, որ յաջորդ տարին աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, որ Աստուած մեզի լիութիւն, առողջութիւն ու երկար տարիներու անհոգ կեանք մը կու տայ։ Մենք իրօք կը հաւատանք այդ պահերուն։ Համատարած սուտով ապրելու պարագային եւս, մէկ սուտի յաւելումը չի խանգարեր։ Եթէ մենք պատրաստ ենք միլիոնաւոր դրամներ վճարելու դպրոցին ու համալսարանին, բայց չսորվիլ, տիփլոմ ստանալ, բայց չօգտագործել, տուրք չվճարել, բայց ուժեղ պետութիւն ունենալու ցանկութիւն յայտնել, ապա ի՞նչ է վատը, որ Նոր Տարուայ գիշերը երգենք, պարենք ու Տիրոջմէ խնդրենք, որ մեզի տայ այն բոլորը, որուն մեր ջանքերով պիտի հասնինք։ Այդ ալ դրամով չէ, չէ՞։ Փափաք է, վատ բան չէ։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Րաֆֆի կը նկարագրէ, թէ ինչպէս Փայաջիկի մէջ հայ գիւղացիները հրացաններու կրակոցով կը ճամբէին հին տարին եւ կը դիմաւորէին նորը, այդպէս կ’ընեն անվերջ եւ այդ նոր տարիներէն որեւէ մէկը իրեն մխիթարութիւն չի բերեր, որովհետեւ հայը անշարժ է իր գոյութենական վիճակին մէջ՝ գերեզմանային լռութեամբ ու դիակի համբերատարութեամբ։

Մասիսաշունչ մեր պատերը, հայրենասիրական մեր կենացները, որոնցմով մենք կը զարդարենք մեր անյայտ ապագայի սիւները, մեզի կը խոստանան մէկ այլ ապահով տապալումը մեր սնանկացած ընթացիկ յոյսին։

Մենք դեռ պիտի շարունակենք Մասիսը սիրել պատերու եւ նարտերու վրայ, հայրենիքը ծաղկացնել կենացներով, բայց ո՛չ աշխատանքով, պատմութիւնը պիտի ընկալենք որպէս հեքիաթ ո՛չ թէ որպէս գրութիւն։ Պիտի շարունակենք լսել թրքական երգերը ու դիտել ֆիլմերը, լալ Ղազանչեցոցի համար, բայց այլանդակե՛լ Շահ-Մուրադի վանքը (որու գմբէթներէն մէկը արդէն չկայ, թերեւս չըլլայ նաեւ միւսը), պիտի շարունակենք նայիլ գրեթէ 3 հազար տարեկան Էրեբունիի ամրոցի պատերուն քանդակած այլանդալութիւններուն ու նորէն կենաց պիտի խմենք յանուն պայծառ ապագայի։

Կ’երեւի թէ բնական է, որ այս պարագային, մարդու սիրտը այնպէս կը նեղուի ու կը չարանաս դուն քու վրադ ալ, հայրենակիցներուդ վրայ ալ, որ կը շարունակեն այս խելագարութիւնը, ու յետոյ ալ կը փորձես փիլիսոփայական հանգստութեամբ ըսել, որ ոչինչ, քանի մը օր թող ուրախանան, նոյնն է, ամբողջ տարին կ’անցնի լարուածութեան մէջ։ Յետոյ կը յիշես, որ յունուար 3-ին պիտի շարունակուի նոյն այլանդակութիւնը, որ ըրած ես եւ կ’ընէիր մինչեւ դեկտեմբերի 31-ի այդ միամիտ կենացները՝ ու աւելի կը չարանաս։ Որովհետեւ պիտի շարունակուի պատմութեան մոռացումը, Մասիսներու վաճառքը որ արդէն դարձած է յուշանուէր, պիտի շարունակուի կաշառքը, անգրագիտութիւնը, կռուազանութիւնը։ Եկող տարի, երբ երիտասարդ մը սպանուի անիմաստ վէճի մը, յիմար պատճառով մը, ապա Նոր Տարուայ գիշերը անոր առողջութեան ու երկար տարիներու համար կատարուած կենացը ի՞նչ է, պէտք է ջնջե՞լ։  Ին՞չ իմաստ ունի ամէն ինչ սխալ ընել մինչեւ դեկտեմբերի 3-ը, ապա երեք օր ընկղմուիլ ինքնամոռաց արբունքի մէջ, յունուարի երեքէն սկսեալ շարունակել նոյն թափով սխալիլ եւ յուսալ, որ 2026-ը աւելի լաւը կ’ըլլայ։ Ի՞նչ հիմամբ պիտի աւելի լաւը ըլլայ։ Երբ կը յիշես, որ մայիս-յունիս ամսուն ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան ու թէ ալ ի՜նչ նողկալի մթնոլորտ պիտի աւելնայ, կը չքանայ Նոր Տարի նշելու տրամադրութիւնը առհասարակ։ Որովհետեւ այս նոր տարի չէ, սա պարզապէս փաթեթաւորուած ինքնախաբէութիւն է, զարդարուած սուտ, հաւաքական կեղծիք։

Հին մարդը, երբ իրեն համար տօն ու ծէս կը յօրինէր, գիտէր, թէ ի՛նչ կ’ուզէ, ինչո՛ւ կ’ուզէ ու քիչ թէ շատ կը պատկերացնէր իր դերն ու նշանակութիւնը այդ բոլորին մէջ։ Անոր երազած գայլի ու արջի ոգիները աւելի իրական էին, քան մեր ժպտերես կենացները։

Նոր տարի չկայ, չէ եղած ու դեռ պիտի չգայ, քանի դեռ հայը կը շարունակէ իր անշարժ գոյաբանութիւնը, քանի դեռ ան չուզէր հասկնալ, որ սրբութիւնները կարելի չէ վաճառել նարտի վրայ որպէս զարդարանք, քանի դեռ ան չէ հասկցած, որ հայրենասիրութիւն բառը հականիշ է իր ապրելու սկզբունքի գրեթէ 90 տոկոսին։ Իսկ ինչո՞վ է վատ մասիսազարդ նարտը, կը հարցնեն մարդիկ։ Իսկ վատ է անով, որ մասիսազարդ մատանին, նարտը, վզնոցը եւ մնացեալը պարզապէս գեղեցիկ՝ իրենը չեն արդէն, անոնք գաղափարական մաշումի մանրատիպեր են, որովհետեւ անոնք կուլ կու տան այդ բոլորին իրականութիւնը եւ պարզապէս կը դառնան վաճառք, պարզապէս կը դառնան զարդ։ Մասիսը կը կորսնցնէ իր իմաստն ու նշանակութիւնը, կը դառնայ ուղղակի հաճելի բան մը, անվնաս հայրենասիրութիւն՝ ոչ ոքի վնասող, ոչ ոք անհանգստացնող։

ԱՂՕԹՔ ԱՄԱՆՈՐԻ

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…
Կաթիլներու ջուրին նման
       վեր բարձրանան եւ ամպանան
       ծածկեն գունտն այս ապականած
       ու վար ցoղեն դանդաղօրէն եւ համօրէն
       իջնեն գլխուն մէն մի մարդու եւ սրտերո՛ւն,
       մաքրեն մաղձը ու նախանձը
       մաքրեն կիրքը եսին հիւանդ։

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

       Սերմերու պէս դաշտին նետուած
       ԽՈՀը ցնցուղ ցանեՍ մտքին մէն մի մարդու
       եւ տաՍ անոր գիտակցութիւն՝
               վեհին անեղծ
               եւ վսեմին սրբամաքուր։

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր
       Որ մարդուն մէջ
               – կաւովն ափիԴ մարդկայնացած-
Որ մարդուն մէջ,
       – Քու պատկերով ճիշդ քանդակուած-
Որ մարդուն մէջ,
       – ՄԱ՛ՐԴԸ… ՄԱ՜ՐԴԸ չմահանայ…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

ՀՐԱՆԴ ՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 9, 1996
Քանկըրս, Նիւ Եորք

Ծանօթ- Սոյն բանաստեղծութեան երաժշտութիւնը յօրինած էերջանկայիշատակ Մեղրիկ Բարիկեան, եպիսկոպոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութեան, յԱնթիլիաս, Դեկտեմբեր 1998-ին եւ որը վերանայած է Օգոստոս 1, 2018-ին յԱնթիլիաս:

Հայկական իրականութիւններ 2025-ին՝ Տարբերակ21-ի ոսպնեակով

Հետագայ տողերով կը ներկայացնենք հայկական իրականութիւններ, զորս քաղած է Տարբերակ21-ի ոսպնեակը 2025-ին՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Զանոնք կը ներկայացնենք ոչ իբրեւ սպառած տեղեկութիւններ, այլ որպէս դիտարկումներ, որոնք մտածել կու տան՝ քննականօրէն անշուշտ։

  • NVIDIA զգալի ներկայութիւն կը դառնայ Հայաստանի մէջ

NVIDIA կը գործակցի Հայաստանի կառավարութեան եւ Firebird արհեստական բանականութեան նորաստեղծ ընկերութեան հետ՝ 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ գերհամակարգիչ մը ստեղծելու Հայաստանի մէջ, որ պիտի սկսի գործել 2026-ին։ Այս ծրագիրը Հայաստանը կը դարձնէ ԱԲ-ի (AI) կեդրոն մը շրջանին մէջ։ Այս նախձեռնութիւնը շարունակութիւնն է 2022-ի սկսած այլ ծրագրի մը, որ կը միտէր Երեւանի մէջ ճարտարագիտական հետազօտութեան եւ զարգացման կեդրոն մը բանալու՝ ներգրաւելով մասնագէտներ եւ մասնաւորաբար օգտուելով 2022-էն ետք Հայաստան հաստատուած ռուս արհեստագէտներու ներկայութենէն։ Նոր հաստատութիւնը պիտի օգտագործէ հազարաւոր Blackwell GPU-ներ եւ պիտի գործածէ ամերիկեան չիփեր, որոնց դէպի Հայաստան արտածումը կանաչ լոյս ստացաւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն ՝ Հայաստանը դարձնելով զարգացող շուկաներու համար AI ենթակառոյցի կարեւոր դերակատար մը։

  • Լիբանանեան սփիւռքը շատ աւելի մեծ է, քան երկրին բնակչութիւնը

Աշխարհատարած լիբանանեան սփիւռքը կը գնահատուի շուրջ 15,4 միլիոն հոգի, մինչ Լիբանանի բնակչութիւնը շուրջ 5 միլիոն է։ Այլ խօսքով՝ Լիբանանէն դուրս ապրող լիբանանցիները աւելի քան երեք անգամով կը գերազանցեն ներսը ապրողները։ Մեծագոյն համայնքը Պրազիլի մէջ է (մօտ 7 միլիոն լիբանանեան ծագումով), ինչպէս նաեւ Ամերիկեան ցամաքամասի տարբեր երկիրներու մէջ։

  • Լիբանան մէջ, 90 տարիէ ի վեր, մարդահամար չէ կատարուած

Վերջին պաշտօնական մարդահամարը կատարուած է 1932-ին։ Այդ օրէն ի վեր իշխանութիւնները կը խուսափին նոր մարդահամարէ՝ վախնալով, որ կրնայ խախտիլ համայնքային հաւասարակշռութիւնը եւ հետեւաբար՝ իշխանաբաշխման համակարգը։ Արդարեւ, ժողովրդագրական բոլոր տուեալները ենթադրութիւններ են՝ բնորոշ լիբանանեան իրավիճակ մը, ուր քաղաքականութիւնը կը գերադասուի վիճակագրութենէն։

  • Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն հինգ տարի ետք՝ տակաւին արդարութիւնը չէ հաստատուած

4 Օգոստոս 2025-ին, լիբանանցիք նշեցին պայթումին հինգերորդ տարելիցը։ Մինչեւ այսօր ոչ մէկ պաշտօնեայ պատասխանատուութեան ենթարկուած է։ Քննութիւնը բազմիցս կասեցուած է քաղաքական միջամտութիւններու պատճառով, եւ թէեւ դատաւորը 2025-ին վերսկսած է իր աշխատանքներուն, գործը փաստացիօրէն սառեցուած է։ Այս մէկը խորապէս ցաւալի փակուղի մըն է զոհերու ընտանիքներուն եւ արդարութեան համար։

  • Հայաստանի բնակչութիւնը մէկ տարուան մէջ 84.000-ով աճած է

2024-ին, Հայաստանի բնակչութիւնը կը հասնի շուրջ 3.075.000-ի (2025 Յունուար 1-ի դրութեամբ)։ Այս աճը, սակայն, ծնելիութեան արդիւնք չէ, այլ՝ բռնագաղթուած արցախցիներու ներկայութեան։ 2023 Սեպտեմբերին, Արցախի ամբողջ հայ բնակչութիւնը (աւելի քան 100.000 հոգի) տարագրուեցաւ Հայաստան՝ ժամանակաւորապէս բարձրացնելով բնակչութիւնը շուրջ 3%-ով։

  • Երկար տեւողութեան վրայ Հայաստանի բնակչութեան թիւը կը շարունակէ նուազիլ

Հայաստանի մէջ, ծնելիութեան համեմատութիւնը շուրջ 1,6–1,7 է, մինչ արտագաղթը կը շարունակուի, եւ ըստ նախատեսութիւններու, մինչեւ 2050 Հայաստանի բնակչութիւնը կրնայ իջնել մօտ 2,37 միլիոնի։ Մէկ տարուան ներհոսքը չի կրնար փոխել տասնամեակներու նահանջը։

  • Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը համաձայնին խաղաղութեան տարազի մը շուրջ

8 Օգոստոս 2025-ին, Ուաշինկթընի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Իլհամ Ալեւ ստորագրեցին 17 յօդուածէ բաղկացած խաղաղութեան նախագիծ մը։ Թէեւ երեւոթը պատմական կը նկատուի, սակայն սահմանազատման եւ հայերու իրաւունքներու նման հարցեր կը մնան անլուծելի, իսկ իրականացումը՝ խոցելի։

  • Հայաստանի բնակչութեան գրեթէ մէկ չորրորդը կ’ապրի արտասահման

Հայաստանի քաղաքացիներուն մօտ 29%-ը կը բնակի երկրի սահմաններէն դուրս։ Այս թիւը բնականօրէն չի ներառեր արեւմտահայ սփիւռքը։ Այս տոկոսը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Հայաստան մեծապէս կախեալ է դրամական փոխանցումներէ։

  • 2025-ին Հայաստանի մէջ՝ 814.818 գրանցուած աշխատատեղի. պատմական երեւոյթ

Հայաստանի տնտեսութիւնը կը շարունակէ աճիլ՝ խթանուած արհեստագիտան, մանաւանդ IT ոլորտի բարգաւաճումով եւ պատերազմէն ետք կատարուած վերականգնումի ճիգով։ 2025-ի նոյեմբերին գրանցուած աշխատավարձ ստացող աշխատողներու թիւը կը գերազանցէ 814.818-ը։ Այս 4,8% աճ մըն է նախորդ տարուան համեմատ եւ կը նշանակէ, որ 2018-էն ի վեր ստեղծուած են աւելի քան 222.000 նոր աշխատատեղեր։ Թէեւ անգործութիւնը տակաւին բարձր է միջազգային չափանիշերով, այս թիւը նշանակալի է, որ աւելի շատ հայեր, քան նախապէս, այժմ ներգրաւուած են պաշտօնական եւ վարձատրուող աշխատանքի մէջ:

  • Եկեղեցի–պետութիւն լարուածութիւնը կը սրի Հայաստանի մէջ

2025-ին Հայաստանի կառավարութիւնը բացայայտ հրպարակային ճակատումի մէջ մտաւ Հայաստանի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան հետ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ տկարացնել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի դիրքը՝ զայն նկատելով որպէս ընդդիմութեան կողքին կանգնած հեղինակութիւն:

  • Սփիւռքեան հեռանկարներ (Diasporan Perspectives) վերլուծական հարթակի ստեղծում

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 2025-ին նախաձեռնեց «Diaspora Perspectives – the Gulbenkian Initiative on Armenian Issues» վերլուծական հարթակի ծրագիրը։ Այս հարթակը կը միտի ուսումնասիրելու եւ քննարկելու աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու հարցերը եւ ամրապնդելու Հայաստան–սփիւռք կապերը։ Այն ժամանակաշրջանին, երբ սփիւռքի ներգրաւումը կենսական է Հայաստանի ապագային համար, այս նախաձեռնութիւնը ճիշդ ժամանակին առնուած քայլ մըն է՝ ձեւաւորելու նոր գաղափարներ ու քաղաքականութիւններ։

  • Լիբանանի հայ համայնքը զգալիօրէն նօսրացած է։

Ժամանակին ծաղկող հայ համայնքը շարունակ նահանջի մէջ է։ 20-րդ դարու կէսերուն Լիբանանը հայ սփիւռքի առանցքային կեդրոն էր․ աւելի քան 200.000 հայեր կ’ապրէին երկրին մէջ, իսկ Պէյրութը երբեմն կը կոչուէր «հայերու Փարիզը»։ Քաղաքացիական պատերազմէն (1975–1990) եւ վերջին տնտեսական փլուզումէն ետք, բազմաթիւ հայեր սկսան հեռանալ։ Թէեւ պաշտօնական տուեալներ չկան, կարգ մը աղբիւներ այսօր լիբանանահայերուն թիւը կը գնահատեն շուրջ 60.000։ Հայկական վարժարաններու թիւը բարացուցական է այս իմաստով: 1950-ականներուն անոնք 56 էին, այսօր՝ միայն 16։

  • Արեւմտահայերէնը կը շարունակէ վտանգուած լեզու մնալ

Լիբանանահայերուն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի սփիւռքահայերուն խօսած հայերէնը արեւմտահայերէնն է։ UNESCO-ն արեւմտահայերէնը դասակարգած է իբրեւ վտանգուած լեզու։ Սերունդ առ սերունդ, աւելի շատ սփիւռքահայեր կ’որդեգրեն տիրապետող լեզուները (արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ այլն), եւ քիչեր կը հասնին հայերէնի լիարժէք տիրապետման։ Արեւմտահայերէնը փրկելու նախաձեռնութիւններ՝ շատ, սակայն պատճառահետեւանքային քննարկումները կը մնան մակերեսային:

  • Հայաստանի արհեստագիտական մարզը կ’ապրի զգալի վերելք մը

Հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, Հայաստանի մէջ, համակարգչային ծրագրաւորումի, յաւելուածներու, հաղորդակցութեան եւ ԱԲ-ի մարզերը լուսաւոր ապագայ կը խոստանան։ 2024-ին, այս ոլորտի Հայաստանի արտադրութիւնը կը հասնի 2,3 միլիառ տոլարի՝ կազմելով երկրի համախառն  արտադրութեան շուրջ 7%-ը։ Այս ոլորտը նաեւ գործ կը հայթայթէ աւելի քան 58.000 հոգիի (աշխատուժին շուրջ 7%-ը), եւ ուշագրաւ է, որ աշխատողներուն մօտ 40%-ը կիներ են (թէեւ մեծ մասը ոչ ճարտարագիտական դերերու մէջ)։ Կարեւոր հանգրուան մը կը նկատուի նաեւ Արա Մահտեսեանի եւ Վահէ Քուզոյեանի Քալիֆորնիոյ մէջ հիմնած ServiceTitan ընկերութեան հրապարակային արձանագրութիւնը NASDAQ-ի մէջ 2024-ի կէսերուն:  Շուրջ 10 միլիառ տոլար արժող այս միջազգային ընկերութիւնը նաեւ կը գործէ Հայաստանի մէջ:

  • Լիբանան աշխարհի ամենէն աւելի դրամական փոխանցումներէ կախեալ երկիրներէն մէկն է

Արտասահման ապրող լիբանանցիներուն ուղարկած դրամական փոխանցումները կենսական դարձած են երկրի տնտեսութեան համար, յատկապէս 2019-ի ճգնաժամէն ետք։ 2022-ին այդ փոխանցումները կը կազմէին ազգային համախառն արտադրութեան 17.2%-ը, իսկ 2023-ին անակնկալօրէն կը հասնին 35%-ի (յատկապէս լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումին հետեւանքով)։ Համաշխարհային դրամատան համաձայն, փոխանցումներէ կախեալութեան առումով, Լիբանան կը գտնուի աշխարհի առաջին տասը երկիրներու շարքին։ Հայաստանի պարագային այդ փոխանցումները շուրջ 6% են, իսկ համաշխարհային միջինը՝ 1%-էն պակաս։ Այսօր բազմաթիւ լիբանանցի ընտանիքներ իրենց կենցաղը կը պահեն արտասահմանէն առաքուած գումարներով։ Միայն 2024-ին, Լիբանան շուրջ 5.8 միլիառ տոլար փոխանցումներ ստացած է։

  • Կլենտէյլը (Քալիֆորնիա) գրեթէ կիսով հայ է

Լոս Անճելըսի հիւսիս գտնուող Կլենտէյլ քաղաքը աշխարհի հայ սփիւռքի մեծագոյն կեդրոններէն մէկն է։ 2000-ի մարդահամարին համաձայն, հոն կ’ապրէին 65.000 հայեր (քաղաքի բնակչութեան 34%-ը), իսկ 2005-ին այս համեմատութիւնը կը հասնի մօտ 40%-ի։ Այսօրուայ գնահատումով 80.000-է աւելի ամերիկացի  հայեր կ’ապրին հոն։ Քաղաքին մէջ քալելու ատեն կարելի է լսել հայերէնը խանութներու մէջ եւ ամենուր տեսնել հայկական ճաշարաններ, դպրոցներ ու մշակութային կեդրոններ։ Շուտով հոն կը բացուի նաեւ Հայ Ամերիկեան Թանգարանը (2026)։

 

Ազգային միասնականութեան առասպելը…եւ այսօրուան խայտառակութիւնները

Այն  ինչ որ այս օրերուն կը կատարուի Հայաստանի մէջ, կարելի է մէկ բառով ըսել «խայտառակութիւն», եւ դեռ բան մը ըսած չենք ըլլար։ Կարելի է ի հարկէ դիրք ճշդել ի նպաստ կողմերէն մէկուն եւ կատաղի պայքար մղել միւսին դէմ, կամ ալ կրնանք խոր շունչ մը քաշել եւ փորձել հասկնալ հարցերուն էութիւնը, այլ ոչ թէ առաջին շերտով տարածուող աղմուկը։

Նախքան բուն խնդրին անդրադառնալը՝ նշենք, որ հայութեան մէջ տարածուող «ազգային միասնականութիւն» ըսուածը առասպել է եւ անհնար է շարք մը պատճառներով։ Առաջին հերթին՝ այն, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, որ կ’ապրի տարբեր խումբերով ու ամէն խումբ ունի իրեն բնորոշ բազմաշերտ օրակարգը՝ քաղաքականէն մինչեւ տնտեսական, նաեւ այն, որ ազգը ու ազգային միասնականութիւն ուղղակի միագիծ հեքիաթ չէ, ան շատ խորքային երեւոյթ մըն է ու ֆեյսպուքով անոր մասին գրելը բաւարար չէ, որ այդ միասնականութիւնը կայանայ։ Ինչու՞ նշեցինք ազգային միասնականութիւնը․ այն պարզ պատճառով, որ այս վերջին շրջանին եկեղեցիին մէջ եւ շուրջը կատարուող իրադարձութիւնները կը բնորոշուին նաեւ «երկպառակիչ, ատելութիւն հրահրող»։ Դժուար է չհամաձայնիլ այս բոլորին հետ։ Այս երեւոյթները նաեւ կը կոչուին «եկեղեցւոյ միասնականութիւնը խախտող»։ Այս եւս ինչ որ առումով ճշմարտութիւն է, բայց այն կիսատ կը մնայ, եթէ չնշենք, որ հայ եկեղեցին երբեք չէ ունեցած այն միասնականութիւնը, որու քանդումին մասին կը խօսինք այսօր։ Մեր հայրենակիցներէն շատերը հաւանաբար կը մոռնան, որ հայ եկեղեցին այսօր չորս առաջնորդ ունի ու թէեւ անոնցմէ միայն մէկը կը կոչուի «ամենայն հայոց վեհափառ», միւս երեքը ոչ միայն որեւէ ձեւով անոր փաստացի ենթակայ չեն, այլեւ չեն ալ պատրաստուիր իրենց կառոյցները ենթարկեցնելու Էջմիածնին։ Մեր հայրենակիցները նաեւ կը մոռնան, որ եղած են ժամանակներ, երբ հայ եկեղեցին գրեթէ վեց մասի բաժանուած էր իր վեց ինքնուրոյն աթոռներով՝ Էջմիածին, Գանձասար, Աղթամար, Կիլիկիայ, Երուսաղէմ, Կ․ Պոլիս եւ այս աթոռներէն ամէն մէկը ինչ որ պահու ու ձեւով մը հակաաթոռ կը դառնար մէկը միւսին։ Քիչ չէին (չեն) նաեւ զիրար ատող հոգեւորականները, որոնք պարսից շահերուն, թուրք սուլթաններուն կը դիմէին՝ հակառկորդը վերացնելու համար եւ այլն։ Այնպէս, որ, դժբախտաբար մէկ եկեղեցին այդպէս ալ չէ ունեցած այն երանելի միասնականութիւնը, որուն մասին յաճախ կը խօսինք։

Երբ այսօր կը խօսինք «եկեղեցին պառակտող» երեւոյթի մը մասին, թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլալ ըսել Հայաստանի Հանրապետութեան եկեղեցին, կամ առնուազն՝ Էջմիածնի կաթողիկոսութիւնը պառակտող երեւոթյները, քանի որ Էջմիածինը, թէկուզ եւ մեծագոյնն ու հզօրն է եւ կը կոչուի «ամենայն հայոց», բայց փաստացի ան բոլոր հայերուն կրօնական առաջնորդը չէ։ Իսկ ինչու՞ այս մանրամասնութիւնները․ միթէ՞ տեղի ունեցողը արդարացնելու համար։ Քաւ լիցի, մենք պարզապէս կ’ուզենք, որ ընթերցողը, բացի ականջ ծակող աղմուկէն, նաեւ քիչ թէ շատ խորքային հասկնայ տեղի ունեցածին ամբողջ ողբերգութիւնը, քանի որ պարզապէս «երկպառակիչ» ըսելը շատ քիչ է:

Մենք այսօր պէտք է հասկնանք, որ այն ինչ որ կը կատարուի Էջմիածնի կաթողիկոսութեան շուրջ, կը սպառնայ միւս բոլոր աթոռներուն։ Կան որ արդէն իսկ ունին գայթակղութեան իրենց բաժինը, ինչպէս օրինակ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի կողմէ «Կովերու պարտէզին» վաճառք/վարձակալութեան անհասկանալի խառնաշփոթը։ Մէկ խօսքով մեր իւրաքանչիւր աթոռը ունի իրեն բաժին ինկած մեղքն ու ծանրութիւնը, որ կրնայ ամէն վայրկեան, համապատասխան ազդակներու պարագային դուրս ժայթքիլ ու հաւատացեալ ժողովուրդին անգամ մը եւս նոր խայտառակութեամբ մը զարմացնել։ Կասկած չունիմ, որ ամէն աթոռի դէմ բաւարար ապացոյցներ կան թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ այն երկիրներուն մէջ, ուր անոնք տեղակայուած են ու կը գործեն։

Ու Ին՞չ ընել այս պարագային։ Լռել ու թողել, որ յանցանքը շարունակէ եկեղեցւոյ մէջ ծաղկիլ եւ արմատանա՞լ, թէ՞ մէկ հարուածով սրբել այդ աղտը ու միաժամանակ այնպէս ցնցել եկեղեցւոյ հեղինակութեան մնացորդները, որ այլեւս ոչինչ մնայ։ Այս, յիրաւի շեքսպիրեան Համլեթի «Ըլլալ թէ չըլլալ»-ու նման բան մըն է, քանի որ հնարաւոր չէ միանշանակ այո՛ կամ ո՛չ ըսել։ Եթէ կարելի է հասատ բան մը ըսել, ապա այն է, որ ներկայի դերակատարները, երկու կողմերն ալ ունին իրենց շահերը ու այդ ոչ միշտ ազգային սուրբ շահերու հետ կը համընկնի եւ միւս կողմէ ալ, այսօր Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցող խայտառակութիւնը շատ ու շատ մարդոց վրայ ծանր կ’ազդէ ոչ միայն տեսանելի անյարմարութեան ու անամօթութեան, այլեւ բովանդակային առումով։ Շատ դժուար պիտի ըլլայ մարդիկը համոզել, որ մարդը կրնայ սխալիլ, իսկ եկեղեցին՝ ոչ: Եթէ սխալող հոգեւորականներուն հրամցուած մեղադրանքները այնքան ծանր են, որ կրնան յուսախաբ ընել որեւէ միամիտ մարդ, որ կը հպարտանայ անոնցմով, զանոնք ընդունիլ իբրեւ եկեղեցւոյ առաջնորդներ, անվերապահ աջակցիլ ու հաւատալ անոնց որպէս ազգային-հոգեւոր մարդիկ։ Ներկայի հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութիւնները օր մը պիտի երթան, բայց անոնց թողած այս հրդեհը դեռ երկար ժամանակ մարդոց սրտերը տակնուվրայ պիտի ընէ ու մարդիկը հեռացնէ եկեղեցիէն։

Հայ Առաքելական եկեղեցին միակ համահայկական կառոյցն է, որուն դերն ու նշանակութիւնը կ’ընդունին աշխարհի բոլոր հայերը՝ անկախ իրենց հաւատքէն ու քաղաքական նախընտրութենէն։ Եկեղեցւոյ շուրջ եղած խայտառակութեան այսպիսի բացայայտումները կրնան իրաւամբ շոք պատճառել շատերուն։ Շատեր կրնան հոգեկան մեծ ցնցում ապրիլ, երբ պարզուի, որ զիրենք մկրտած ու կնքած, դէպի Տէրն առաջնորդած մարդիկ թմրավաճառներ են, պիղծ կենցաղ ապրողներ, նոյնիսկ պետական դաւաճաններ, կամ առնուազն հիւանդագին ստախօսներ ու այլ մեղքերու տէրեր։ Իսկապէս ծանր երեւոյթ է։ Ծանր է այնքանով, որ մեր արհեստագիտութեան դարաշրջանին, երբ իրօք դժուար է Աստուծոյ հաւատալը, երբ ձեւով մը կը պահես քո երերացող հաւատքը, յանկարծ եկեղեցւոյ ներսէն կը պայթի խայտառակ իրողութեան մը մասին լուր մը։

Ընդ որում չես գիտեր արդէն թէ որո՞ւ աւելի ատես․ անոնց՝ որոնք ըրած են այդ բոլորը, թէ՞ անոնց, որոնք իմացած են, բայց շատ երկար տարիներ լռած ու միայն այսօր կը խօսին։ Չէ որ թէ՛ յանցանք գործողը եւ այդ տեսնող-լռողը, երկուքն ալ դաւաճանած են իրենց հաւատացող ժողովուրդին։ Մէկը խախտած է իր հաւատացեալին վստահութիւնը ու խաբած զայն, միւսը՝ աչք գոցած, դարձած է մեղսակից։ Իսկ եթէ վերջին շրջանին իշխանութիւններուն կողմէ չսկսէր այդ բոլորը, ապա «վերափոխուած» հոգեւորականները դեռ ինչքա՞ն պիտի լռէին։

Ու ի վերջոյ, այս բոլոր այլանդակութեան մէջ, ու՞ր է Աստուած։ Եկեղեցին նախ եւ առաջ Տիրոջ տունն է, անոր անունը փառաբանող, անոր անունով շարժող ու բժշկող, քաջալերող, յոյս արթննցնող տուն, ուր ամէն մարդ կրնայ երթալ մխիթարութիւն գտնելու, Տիրոջ շունչը աւելի ուժեղ զգալու։ Ու՞ր է Աստուած այս բոլորին մէջ։ Ան չկայ ու չի ալ կրնար ըլլալ։ Տէրը չի կրնար մարդկայնօրէն մեղաւոր ըլլալ, Աստուած չի կրնար այս բոլորին մէկ մասը ըլլալ, ուստի եկեղեցին այս կամ այն պատճառով ներսէն ու դուրսէն աւերող ու քանդող ամէն մարդ նախ Տէրը կ’ուզէ խաբել, անունը օգտագործել, յետոյ՝ մարդը օգտագործել։ Ան, որ կոչուած է առաքինի միջնորդ ըլլալու Տիրոջ ու հաւատացեալին միջեւ, դարձած է այդ կապը քանդողը, իրարմէ հեռացնողը։

Ին՞չ կը սպասէ սովորական հայը այս բոլորէն, որու աչքին առջեւ հիմքէն կը խախտի իր հպարտութիւններէն մէկուն հեղինակութիւնը։ Ալ ո՞վ կրնայ որեւէ հոգեւորականի հաւատալ կամ ըսել, որ ան անմեղ է, երբ այնպիսի մարդոց մասին այնպիսի բացայայտումներ կը կատարուին, որմէ կը զզուիս թէ՛  որպէս մարդ, թէ՛ որպէս քրիստոնեայ։

Ալ ի՞նչ սրտով մտնես եկեղեցի ու հոգեւորականին վստահիս, եթէ արդէն ներքին վախ ունիս, որ վաղը, միւս օրը թերեւս այս քահանային կամ վարդապետին մասին այնպիսի այլանդակութիւն մը բացայայտուի, որ դուն քեզի խաբուած զգաս․․․․․

Հասկնալ է պէտք, որ «քաոսի տեսութիւնը» այստեղ կ’աշխատի կրկնակի ուժով։ Եթէ, ըստ այդ տեսութեան «թիթեռի թեւերուն թափահարումը մոլորակի մէկ այլ հատուածին մէջ փոթորիկ կը յառաջացնէ», ապա եկեղեցւոյ մէջ այս «քաղաքացիական պատերազմը» աւելի կը վհատեցնէ նոյնիքն այն ազգը, զոր կ’ուզեն փրկել հիներն ու նորերը։ Ու արդէն կարեւոր ալ չէ, թէ վեհափառը կը մնայ կաթողիկոսական գահին թէ ոչ, որովհետեւ այդ խորհրդանիշը արդէն այլասերած է։ Այն ինչ կը խօսէին պատերու տակ, հիմա կը գոռան հրապարակներու վրայ։ Եւ եկեղեցին պէտք է այնքան մաքուր ըլլար, որ անկարելի ըլլար ներսէն քանդել կամ կռիւ սկսիլ, եկեղեցականները պէտք է այնքան մաքուր ըլլային, որ անհնար ըլլար անոնց այդպէս օգտագործելը, բայց․ «Շատերը կանչուած են, բայց քիչերն են ընտրուած»։

Մենք դեռ «կը վայելենք» այս բոլորին պտուղները, մենք դեռ կը սարսափինք, թէ այս ի՞նչ ըրինք մեր իսկ ձեռքերով։ Կը զգանք ամբողջ ուժով, երբ ի վերջոյ եկեղեցւոյ նկատմամբ հաւատքի մնացորդներէն այլեւս ոչինչ կը մնայ, մանաւանդ հիմա, երբ արհեստագիտութիւնները ամէն օր գեղեցիկ ու փայլուն նոր բան մը կ’առաջարկեն, որով կարելի է զբաղիլ՝ հաւատալու փոխարէն։ 

Երեւան, 22 Դեկտեմբեր 2025

Պուրճ Համուտը, սինեմաները եւ Երուանդ Հաւարեանը

«Տարբերակ21» հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի այսօրուան հիւրն է Երուանդ Հաւարեանը՝ արուեստագէտ մը, որուն գործը սերտօրէն կապուած է Լիբանանի շարժապատկերի պատմութեան, քաղաքային յիշողութեան եւ ժողովրդական պատկերագրութեան հետ։ Քամիշլիէն մինչեւ Պուրճ Համուտ, սինեմայի որմազդերէն մինչեւ մեծածաւալ որմնանկարներ եւ դիմանկարներ, Հաւարեան աւելի քան վեց տասնամեակ ձեւաւորած է տեսողական աշխարհ մը, որ այսօր դարձած է մեր հաւաքական յիշողութեան մէկ մասը։ «Rewind» ցուցահանդէսին առիթով, կը զրուցենք իր կեանքի ուղիին, սինեմայի հետ ունեցած անքակտելի կապին եւ այն պատկերներուն մասին, որոնք տակաւին կը շարունակեն ապրիլ մեր քաղաքներուն մէջ։

Ցեղասպանութեան ճանաչման շարունակութիւնը՝ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումով

 

Փրոֆ Արա Սայեղ

Վատիկանի մէջ,  հոկտեմբերեան արեւոտ կիրակի մըն էր՝ 19 հոկտեմբեր 2025-ը: Հռոմի սուրբ Պետրոս տաճարին հրապարակի մայր մուտքին վերեւ մեր դիմաց կը ցցուէին սրբադասուող եօթը երանելիներուն նկարները՝ «Մարտին» քաղաքի հայ կաթողիկէ Առաջնորդ եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ զոհերէն Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի (8 ապրիլ 1869 – 11 յունիս 1915) նկարը գրաւած էր կեդրոնական դիրքը։ Սրբադասումի վեհապանծ պատարագի արարողութեան ներկայ էին հաւատացեալներու ծովածաւալ բազմութիւն մը։ Ուղիղ եթերով որպէս «Յոյսի ուխտաւորներ» միասնաբար վկաները դարձանք Մալոյեանի սրբադասման պատմական արարողութեան, հաղորդակից եղանք այդ սուրբերուն նուիրուած համաքրիստոնէական ստուար ընտանիքի շրջադարձային երախտաշատ հոգեւոր տօնահաւաքին։

Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեան՝ քրիստոնէական իր հաւատքին զոհաբերութեամբ, դարձաւ խօսուն խորհրդանիշը, ցեղասպանուած ազգին միջազգային սրբադասուած աշտանակը՝ միլիոնաւոր հայերու գոյութենական սպանդին եւ մահախուճապ տեղահանութեան, հայ ժո­ղո­վուրդի համակարգուած բնաջնջման մե­ծա­գոյն ո­ճի­րին:

Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբադասումի պատմութիւնը սկսած էր քառորդ դար առաջ, երբ  հայասէր Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Լեհ Պապը (18 մայիս 1920 – 2 ապրիլ 2005), Իգնատիոս Մալոյեանը ցեղասպանութեան «երանելի նահատակ» հռչակած էր 7 հոկտեմբեր 2001-ին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով, ապա գործընթացը անցնելով ծիրանաւորներու օրինակարգուած քննարկումներու ընթացակարգէն, Հռոմի ընդհանրական եկեղեցւոյ կողմէ 31 մարտ 2025 թուին սրբադասման վճռորոշ հաստատումի հրովարտակը վաւերացուցած էր երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապը (17 դեկտեմբեր 1936 – 31 ապրիլ 2025), իսկ պաշտօնական  սրբադասումը իրականացաւ Լեւոն ԺԴ Պապի ձեռամբ կիրակի 19 հոկտեմբեր 2025 թուին, ՀՀ վարչապետի, զանազան երկիրներու կրօնական թէ աշխարհիկ ղեկավարներու, բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու եւ հազարաւոր օտարազգի թէ հայ հիւրերու  մասնակցութեամբ։ Հռոմի ընդհանրական եկեղեցւոյ երեք պապերու երախտիքը վայելող սրբադասման այս իրադարձութիւնը առանձնայատուկ իմաստ ստացաւ իր ժամանակացոյցով, որ զուգադիպեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին։ Միթէ՞ Հռոմի երեք պապերու անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը Հայոց ցեղասպանութեան կրկնակի ճանաչումի շարունակութիւնը չէ:

Միջազգային եւ համահայկական հնչեղութեամբ հայանպաստ այս իրադարձութիւնը մեծ շուքով, ակնածանքով ու հետաքրքրութեամբ ընկալուեցաւ։  Նահատակ հայ հոգեւորականի մը սրբադասումը ամէն բանէ առաջ կարողացած էր համատեղել հայ ԲՈԼՈՐ շրջանակները անկախ անոնց գաղափարախօսական, ընկերային, դաւանական եւ այլ ընկալումներու զանազանութիւններէն՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։   Ստուգապէս ողջունելի էր օտար եւ հայ ԲՈԼՈՐ շրջանակներու կողմէ, մանաւանդ որ միատեղուած են ազգային, ինքնութեան ու քրիստոնէական հաւատքի առանցքային ցուցանիշներու պարունակութիւնը։

Երանելի Մալոյեանի սրբադասումով, միջազգային հաւաքական գիտակցութիւնը կրկին անգամ հարկադրաբար հրաւիրուեցաւ թարմացնելու Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի իրականութիւնը, ի հարկին  անդրադառնալու հայ ազգի գողգոթայի հաւաքական նահատակութեան, պատմական ծալքերու վկայակոչումին,  յականէ յանուանէ յիշատակումին, դարաններէն դուրս հանուեցան երբեմնի մոռցուած բազմալեզու արխիւներ, վաղեմի վկայագրումներ, օրագրութիւններ եւ այլ պատմական հաւաքածոներ։

Վաւերական մասունքներ լոյս աշխարհ բերելու եւ թարգմանելու ջանքերը կը շարունակուին՝ Հայոց ցեղասպանութեան մոռցուած թուացող յուշերու փշրանքները յայտնաբերելու, նոր պատառիկներ պեղելու, այլազան պրպտումներ եւ քննարկումներ կատարելու, որոնք Հայոց ցեղասպանագիտութեան համար պեղումի նոր բարունակ մը կը խոստանան։ Երանելի Մալոյեանի սրբադասումը այդ բոլորի հաւաստիքն է, արժանահաւատ ապացոյցը։

Ոչ ոք կ՛անգիտանայ թէ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը, ինչպէս ամբողջ հայ ազգը տասանորդուած էր, իր արիւնի տուրքը վճարած էր Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով։ Ըստ բռնակալ թուրքին՝ 1915 թուի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը անխտիր էր՝ սպիտակ թէ ցորենագոյն հայու հանդէպ, զանազանութենէ հեռու էր՝ առաքելական, աւետարանական թէ կաթողիկէ դաւանական տարբերութիւնը։ Ի շարս Երանելի Մալոյեանի, նախածրագրուած սարսռազդեցիկ ոճիրին զոհը դարձած են հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան 187 նահատակներ` 11 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, 108 ծայրագոյն վարդապետներ եւ վարդապետներ, 7 Մխիթարեան, 2 Յիսուսեան, 1 Անտոնեան միաբանութեանց հայրեր եւ 58 միանձնուհիներ եւ տասնեակ մը նորընծաներ, որոնք իրենց կեանքով՝ հաւատքի եւ Հայ ժողովուրդի պատկանելիութեան համար ուխտեալ մարտիրոսներ հանդիսացան անմարդկային սրտաճմլիկ ոճիրներուն, Հայոց մեծագոյն ցեղասպանութեան։ Երկնային նախախնամութիւն էր, որ մարտիրոսացած բոլոր հայ սուրբ հոգեւորականներուն ներկայացուցիչ սուրբը եւ միջազգային դրօշակիրը  դառնայ այսօր երանելի Մալոյեան։

Պարտք է ակնարկել, որ վերջին ամիսներուն օտար մամուլը ընդհանրապէս եւ հայ մամուլը մասնաւորապէս բազմաշերտ բովանդակութիւններով՝ պատմական, հոգեշունչ յօդուածներով, կրօնաբարոյական սեւեռումներով առատ մելան հոսեցուցին։ Բովանդակութիւնները կարելի է ամփոփել՝ սուրբի կենսագրական մանրամասնութիւնները ծանօթացնող, բարեպաշտութիւնը բարձրաբանող, հաւատահաստատութիւնը պանծացնող, վարքագրական եւ կրօնա-ընկերային ծառայութիւնները օրհնաբանող, նամակագրութիւններ յայտնաբերող եւ այլ բնոյթի գրութիւններով։ Կային նաեւ փաստավաւերագրական պեղումներ, չէին պակսեր նոյնիսկ  հարցադրումներ՝ ո՞վ է սուրբը, ի՞նչ է սրբութիւնը եւ ինչո՞ւ յատկապէս Մալոյեան սրբութեան արժանացաւ, պարտադի՞ր է սուրբին հրաշք գործելը, որ իր բարեխօսութիւնը հայցենք եւ այլն։

Հնարաւոր է, Երանելի Մալոյեանի մասին կուտակուած նիւթեր գտնուին հայ թէ օտար մամուլի անցեալի պահեստանոցներուն մէջ, որոնք կարիք ունին յայտնաբերուելու եւ լոյս աշխարհ տարածելու: Բայց ցայսօր, որքան որ ծանօթ ենք, մշակուած չէ կամ չէ համալրուած Մալոյեանական ամբողջական մատենագիտութիւնը։ Կանխատեսելի է, որ այդ հրատարակութիւններու շարքը ընդարձակուի, համալրուի նորայայտ շերտերով՝ լուսարձակի տակ բերելով ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, յիշուած վայրերու, անձնաւորութիւններու պատմական մանրամասնութիւնները եւ այլն։

«Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքը

Լիբանանի Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան տարեգրութեան մէջ 2025 թուականը աննախադէպ էր, ճիշդ է Մալոյեանի սրբադասման տարին էր։ Մալոյեանի հետ սրբադասման զուգահեռ՝ եռահիւս խորհուրդ մը կը պարունակէ, ագուցուած հոգեմտաւոր մտերմութիւններ ունի՝

– 2025 թուականը Զմմառու ազգաշահ պատմական կրթօճախին 275-ամեակն է։ 1750 թուականին հիմնադրուած Զմմառու հոգեւոր թարփնոցին մէջ թրծուած էր հոգեւորական Մալոյեանը, Զմմառու կրթօճախին մէջ պատրաստուած եւ կոփուած է անձուրաց սուրբին մտածողութիւնը, Զմմառու սրբասնունդ ծոցէն սաղմնաւորուած է հոգեմտաւոր պաշարի տէր Մալոյեանի անհատականութիւնը։

        

– 2025 տարին Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատրան հիմնադրութեան 85-ամեակն է։ Հրաշագործ Տիրամայրը՝ խստասրտութիւնները կակուղցնող, Աստուածամերձ իր հոգածու հովանիին տակ գործող սուրբ Միքայէլ նորընծայարանը կը պարսպէ։

– Զմմառու սուրբ Միքայէլ նորընծայարանի մէջ կը պատրաստուին ապագայի հայ կաթողիկէ հոգեւորականները, ազգի առաջնորդները, մշակոյթի նուիրեալները։

– Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր վանքը, հայ մարդուն համար անդորրաւէտ ովասիս մըն է, հրաշագործ ուխտավայր մը, հարուստ պատմարժէք ձեռագրերով, հազարաւոր հատորներով մատենադարան մը, հնութեան թանգարան մը, հնագեղ ճարտարապետութեան օրինակ մը լիբանանահայութեան դարաւոր ներկայութեան վկայարան մը:

– 2025 թուականին Զմմառու հոգեմտաւոր կրթօճախի, ազգային եւ մշակութային այս կառոյցէն հրատարակուող ու դպրեվանքի դիմագիծը հանդիսացող Զմմառեան միաբանութեան սուրբ Միքայէլ ընծայարանի «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքը կը բոլորէր իր 45-ամեակը՝ հրատարակելով 26 տարեգիրք։ Հակառակ ժամանակակից սփիւռքահայ մամուլին սպառնացող իրավիճակին, 8 նոյեմբեր 1980-էն ի վեր «Կանչ Հրեշտակապետին» աշխատակազմը կը փորձէ իր կոչումին հաւատարիմ մնալ․ ընդհատումներով հանդերձ կը շարունակէ իր հրատարակչական առաքելութիւնը։ Արժանի է, որ սրբադասման նշանակալից այս պատմական առիթով կրթօճախի տեսչութիւնը 2025 տարուայ թիւ 26 տարեգիրքը ձօնած է՝ ժառանգաւորաց պաշտպան, նորահռչակ սուրբ Ի․ Մալոյեանին։

Բայց ուշադի՜ր, կարելի չէ այս բոլոր իրադարձութիւններուն դիմաց աննկատ մնալ։ Այսօր համակարգիչիս մէջ կը կարդամ «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքին թիւ 26-ի բովանդակութեան թուայնացած տարբերակը, հրապարակուած 8 նոյեմբեր 2025-ին, որ նուիրուած է Մալոյեան սուրբին։ Շահեկան խորհուրդ ունին հոն տեղ գտած ընծայարանի մատղաշ հոգեւորականներու գրութիւնները, պարտաւորեցնող այս առիթին դիմաց կարելի չէր վերապահ մնալ ու չարձագանգել։ Մալոյեանի նուիրուած տարեգիրքը յանձնառութիւն մը դրդեց, համառօտ ակնարկ մը նետելու, սեղմ հայեացք մը ընծայելու սփիւռքահայ մամուլի մէկ վերնագիրը հանդիսացող «Կանչ Հրեշտակապետին»։ Տարիներու ընթացքին անոր խմբագրութիւնը ստանձնած են Յովսէփ վրդ․ Քէլէկեան (1980-1989), Գէորգ վրդ․ Խազումեան 1997, Նարեկ վրդ․ Լուիսեան (1999-2000), Սարգիս Նաճարեան (2002-2005)։ Հրատարակուած 26 թիւերուն 13-ը լոյս տեսած են ներկայի խմբագիր՝ հալէպահայ Սօսէ Խորէնի Փիլաւճեանի նուիրական հետեւողութեամբ, որ խմբագրի սպառիչ գործը ստանձնած է 2006-էն։

Սօսէ Փիլաւճեան բարձագոյն կրթութիւնը աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի ժուռնալիստկական բաժանմունքէն 2000-թուին,  դառնալով միջազգային լրագրող։ Հայ մամուլի մէջ իր ստորագրած բազմատասնեակ յօդուածներուն կողքին, 2008-էն ցարդ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան` Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատուն է, համանուն կրթօճախի տեղեկատուական գրասենեակի խմբագիրը։ Ան խմբագրած է նաեւ դպրեվանքի 50-ամեայ յոբելեանի նուիրուած Յուշամատեանը՝ հրատարակուած 2013 թուին։ 3 Մարտ 2014-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրեն շնորհուած է «Մայրենիի Դեսպան» մետալը։ Սօսէի դաստիարակչական առաքելութիւնը, սկսած էր Հալէպի Ազգային Սահակեանէն, անցած էր Քարէն Եփփէ ճեմարանէն հասնելու Հալէպի Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի մասնաճիւղը։ Սօսէ Փիլաւճեանի կրթական ու խմբագրական փորձառութեան արգասիքը այսօր կը կատարելագործուի Զմմառի մէջ։ Երկու տասնամեակներէ ի վեր դպրեվանքի «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքին խմ­բագ­րա­կան գոր­ծի սպա­ռիչ հոգատարութիւնը Սօսէն կը շարունակէ տանիլ համբերատարութեամբ, առկայծ պահելով եւ գօտեպնդելով նորընծաները՝ հայ գիր ու գրականութեան հանդէպ, ազգային մշակութային ծիլեր սերմանելով նորահասակներու դալար հոգիներուն ակօսներուն մէջ։

Յատկանշական եւ ուսուցանող խորհուրդ մը ունի «Կանչ Հրեշտակապետին»-ի վերջին տարիներու Ս․ Փիլաւճեանի խմբագրած իւրաքանչիւր թիւի բովանդակութիւնը։ Խմբագիրը այդ թիւերը ձօնած է յիշատակի մը, անունի մը, երեւոյթի մը, ինչպէս՝ ծիրանաւոր Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան, Փոխման սուրբ կոյսին, մայրավանքի հիմնադրութեան 275-ամեակին եւ այլն։

Նշանակալից խորհուրդ մը ունի 2018 թուի տարեգիրքը, որ նուիրուած է 18-րդ դարու երկրորդ կիսուն հնդկաստանի Մատրասէն մինչեւ Զմմառու վանքը կամարող հայազգի պատուաբեր բարերարին՝ Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեանի ազգաշէն նուիրատւութեան, որ դոյզն անգամ չէ վարանած իր ունեցուածքին վիթխարի բաժինը նուիրելու Զմմառու դպրեվանքի վերելքին եւ բարգավաճման։ Առ ի երախտագիտութիւն անձնուրաց՝ Միքայէլին հայորդի բարերարին անունով կոչուած է Զմմառու դպրեվանքը, զայն յանձնելով սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի բարեխօսութեան։

Սուրբ Մալոյեանի խնկելի մասունքներէն հոգեւոր ճրագի լոյսը մը կը բոցավառի Զմմառէն, անմար յոյսերու կանչ մը վեր կը սլանայ։ Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեաններու գորովալից ու հայրախնամ նուիրատւութեամբ,  հայակերտման հեռանկարներով իրականացուող հոգեմտաւոր ջանքերը, անձնուէր զոհողութիւնները անպայմանօրէն Զմմառու ամրոցէն նոր խորհուրդով ազգաշէն էջեր պիտի կենսաւորուին, հոգեղէն ուղեւորութեան փառահեղ երթ մը խոստանալով։

ԱՄԱՆՈՐ է. պահն է նաեւ հաշուեյարդարի

Տարեվերջ է արդէն, հինը կը լռէ։
Մենք՝ քայլ մը ետ կը քաշուինք,
ու դէպի Նորը կը նայինք։

Ամանոր է, Նոր Տարի —նոր շունչ, նոր խոստում, նոր հայեացք։

Նոր յոյսերով երազներ կը հիւսենք ու ծրագիրներ կը մշակենք յառաջիկայ երեք հարիւր վաթսուն հինգ օրերուն համար, որոնք մեզի կը շնորհուին մեր Տէր Աստուծոյ կողմէ իբրեւ պարգեւ՝ ապրելու, ըմբոշխնելու, վայելելու եւ լաւագոյնս լիացնելու զանոնք:

Սակայն, կը մնայ հարցական, թէ մենք որքանո՞վ կրցանք արժեւորել այդ օրերը եւ տալ անոնց ճշգրիտ իրաւունքը. չէ՞ որ ան պարգեւ մըն է, ու մենք պիտի ապրինք եւ վայելենք զանոնք:

Արդ, մենք պէտք է նստինք հաշուեյարդարի ու արձանագրենք անցնող տարուան իրադարձութիւններն ու պատահարները մեր անձին ու կեանքին մէջ՝ տեսնելու, թէ արդեօք մենք իսկապէս կրցա՞ծ ենք արժեւորել զանոնք: Չէ՞ որ այդ հին տարին ալ նոյնպէս պարգեւ մըն էր մեզի, դարձեալ շնորհուած Աստուծմէ:

Ահա այսօր կը հասնինք Նորին՝ կեանքի դժուար պայմաններէն անցնելով, երբեմն լալով ու տառապելով, երբեմն մխիթարելով, համոզելով, ընդունելով կամ չընդունելով։ Եղան նաեւ ուրախութեամբ ու օրհնութիւններով լեցուն օրեր, որոնք իրենց քաղցր բոյրով գունաւորեցին մեր կեանքը։

Իսկ այսօր, երբ կը պատրաստուինք դիմաւորելու «Նորը»՝ եկէք միասնաբար հարց տանք. ո՞ւր է հաշուեյարդարը հին տարուան, ինչպի՞սի անձ մըն էի ես, ինչպէ՞ս էր վարմունքս, իմ աշխատանքս, իմ ծառայութիւնս, իմ վայելքներս, իմ ցաւերս, իմ յաջողութիններս եւ ձախողութիւններս: Ես այս բոլորին մէջէն ինչպէ՞ս անցայ, ինչպէ՞ս դիմագրաւեցի, ինչպէ՞ս տոկացի, ինչպէ՞ս հրճուեցայ: Արդեօ՞ք կանգ առի եւ անդրադարձայ Աստուծոյ պարգեւին ու շնորհակալ եղայ Անոր: Փառաւորեցի՞ Տիրոջ անունը, օրհնութիւնները: Անոր շնորհքը երեւելի՞ էր իմ անձիս մէջ, մարդիկ նկատեցի՞ն Զայն իմ անձիս ընդմէջէն:

Վահան Թէքէեանի «ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ» բանաստեղծութիւնը լաւագոյնս կը ներկայացնէ ինքնաքննարկումի կարեւորութիւնը անձի մը կեանքին մէջ:

Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն…:

Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.
Ինչ որ տարաւ Սէրն ինծմէ՝ չկորսնցուց զայն Աստուած,
Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան…:

Եւ այժմ, ո՛վ Տէր, հակառակ իմ տանջանքիս, հակառակ
Ինծի համար սա՛ չորցած երջանկութեան աղբիւրին.
Հին գինիով յորդաբուխ ես կ’արբենա՜մ տակաւին…:

Ու չեմ ըսեր «ի՞նչ մնաց…»: Ի՞նչ մնաց հողին տակ
Եղէգներէն դիւրաթէք, կաղնիներէն հաստաբուն,
Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն:

Փորձենք մենք մեզ հրաւիրել հաշուեյարդարի, քննենք, չափենք մեր թերութիւններն ու իրագործումները, Աստուծոյ օրհնութիւններն ու շնորհքը: Եթէ մեր կեանքի ընթացքը արժանավայել է Աստուծոյն, ազգին եւ հայութեան, երա՜նի մեզի: Հակառակ պարագային, պէտք է խոկանք մեր սխալներուն մասին՝ սրբագրելու, բարելաւելու զանոնք, որ տէր դառնանք Նոր տարուան, Նոր պարգեւին… «ԱՄԱՆՈՐ»-ին, որ Տէր Աստուած դարձեալ առատապէս կը շնորհէ մեզի, որովհետեւ Ան համբերատար ու ներող է:

Բարի «ԱՄԱՆՈՐ» բոլորի՛դ:

Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան

Տոքթ. Փաուլօ Գազազեան. «Հայոց Ցեղասպանութիւն դասաւանդելը պայմա՛ն է»

Տարբերակ21 հարթակի «Խօսինք ու լսենք« փոտքասթի հիւրն է լիբանանահայ հանրածանօթ բժիշկ Տոքթ. Փաուլօ Գազազեանը: Բայց տոքթ. Փաուլոն իր այս հանգամանքով չէ որ կը հիւրընկալենք այսօր: Ան նաեւ data՝ տուեալներ հաւաքող է—անուններ, թուականներ, վկայութիւններ, յիշողութեան մնացորդներ՝ բոլորը կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ անարդարութիւններու։ Եւ այս իմաստով ան ունի բազմաթիւ յօդուածներ ու հետաքրքրական հատոր մը։ Բայց տոքթոր Փաուլոն միայն յուշագրող եւ data հաւաքող չէ: Ան նաեւ ճամբորդութեան սիրահար է եւ հայ իրկանութեան մէջ այն քիչերէն է, որոնք ճամբորդական գրականութիւն կը մշակեն: Կը խօսինք նաեւ այս մասին:

Ինչո՞ւ ԱԲ (AI) գրագիտութիւնը այլեւս հիմնական պահանջ մըն է կրթութեան մէջ

Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին (World Economic Forum) (22 Մայիս 2025) հրապարակած եւ 3 Յունիսին վերաթարմացուած մէկ յօդուածին մէջ, Education 4.0 ծրագրի ղեկավար Թանիա Միլպըրկ կ’ընդգծէ, որ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) գրագիտութիւնը այլեւս մասնագիտական երկրորդական հմտութիւն մը չէ, այլ՝ կրթական առաջնահերթութիւններէն մէկը։ «Ինչո՞ւ ԱԲ գրագիտութիւնը այլեւս հիմնական պահանջ մըն է կրթութեան մէջ» խորագրեալ յօդուածը ուղղակի արձագանգ մըն է այն խոր փոփոխութիւններուն, որոնք ԱԲ-ն կը բերէ աշխատանքի շուկային, կրթութեան եւ ընդհանրապէս մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

Յօդուածը կը հիմնուի Համաժողովին՝ «Աշխատանքի Ապագան – 2025» տեղեկագրին վրայ, ըստ որուն, ԱԲ-ն մօտիկ ապագային պիտի փոխէ գրեթէ բոլոր ոլորտները եւ պիտի փոխակերպէ այն մեթոտները, որով մարդիկ գիտելիք ձեռք կը բերեն, կը մշակեն ու կը գործածեն։ Միլպըրկ կը զգուշացնէ, որ մինչ արհեստագիտութիւնները շատ արագ կը զարգանան, կրթական համակարգերը ետ կը մնան, եւ այս խզումը լուրջ վտանգներ կրնայ ստեղծել նոր սերունդներուն համար։

Այս մտահոգութիւնը կը հաստատուի նաեւ վիճակագրութիւններով։ 2024-ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ Զ սերունդին (Generation Z – «թուայնացած աշխարհի քաղաքացիներ», «համացանցի եւ խելախօսներու բարեկամներ») շուրջ կէսը դժուարութիւն ունի քննականօրէն գնահատելու ԱԲ-ի արդիւնքները, ներառեալ՝ անոր հնարամտութիւնը, կեղծ տեղեկութիւն ստեղծելու կարողութիւնը եւ կողմնակալութիւնը։ Այս պայմաններուն մէջ, Միլպըրկ կը շեշտէ, որ ԱԲ-ի պատասխանատու գործածութիւնը պէտք է դասաւանդուի դպրոցական տարիքին, ոչ թէ օգտատիրոջ ձգուի «փորձելու եւ սխալելու» փորձարկումը։

Յօդուածին առանցքը կը հանդիսանայ նորաստեղծ «ԱԲ գրագիտութեան շրջագիծը»՝ ուղղեցոյց մը նախակրթարանէն մինչեւ 12-րդ դասարանի համար (AI Literacy Framework – AILit), որ մշակուած է Եւրոպական Յանձնաժողովին եւ Տնտեսական Համագործակցութեան եւ Զարգացման Կազմակերպութեան (OECD) կողմէ՝ Code.org-ի եւ միջազգային փորձագէտներու աջակցութեամբ։ Այս շրջագիծը կը սահմանէ ԱԲ գրագիտութիւնը ոչ միայն իբրեւ գիտելիք, այլ նաեւ՝ հմտութիւններու եւ արժէքային մօտեցումներու ամբողջութիւն մը, որ պիտի օգնէ աշակերտներուն կողմնորոշուիլու ԱԲ-ով ձեւաւորուած աշխարհին մէջ։

AILit-ը կը կառուցուի չորս գործնական ոլորտներու շուրջ․

  1. ԱԲ-ով ներգործել եւ անոր արդիւնքները գնահատել քննականօրէն,
  2. ԱԲ- ով ստեղծագործել,
  3. ԱԲ-ին գործեր վստահիլ գուշօրէն եւ վերահսկել անոր գործողութիւնները,
  4. ԱԲ համակարգեր ծրագրել կամ զանոնք յարմարեցնել առօրեայ խնդիրներ լուծելու։

Այս չորս ոլորտները կը պահանջեն 23 գործնական հմտութիւններ եւ դասարանի համար պատրաստուած ուսումնական ուղեցոյցեր, որոնք այս շրջագիծը (AILit) ոչ միայն կը դարձնեն տեսական փաստաթուղթ մը, այլ նաեւ կենդանի ուսուցման միջոց մը:

«AILit»-ը նաեւ կը համապատասխանէ Եւրոպական Միութեան ԱԲ-ի Օրէնքի 4-րդ յօդուածին, որ ԱԲ գործածող կառոյցներուն  կը պարտադրէ օգտատէրերու համապատասխան գրագիտութիւնը ապահովել։ Ան կը լրացնէ նաեւ Թուային Կրթութեան Գործողութիւններու Ծրագիրը (2021–2027) եւ կը հաստատէ, որ ԱԲ գրագիտութիւնը այլեւս միայն կրթական ընտրութիւն մը չէ, այլ քաղաքական եւ հասարակական պարտաւորութիւն։

Միլպըրկ կը շեշտէ, որ ապագայ աշխատուժը ոչ միայն կարիքը պիտի ունենայ ալկորիթմական մտածողութեան եւ ԱԲ համակարգերու հետ գործակցելու հմտութիւններու, այեւ մարդկային կարողութիւններու, զորս ԱԲ-ն ի վիճակի չէ փոխարինելու՝ բարոյական նորմերու գիտակցութիւն, կարեկցանք, անձնական դատողութիւն, համագործակցութիւն եւ քննական մտածողութիւն։ Համաժողովի տուեալներով՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն աշխարհի աշխատուժէն պահանջուած հմտութիւններուն մօտ 40 տոկոսը պիտի փոխուի, եւ այս փոփոխութիւնը կրթական համակարգերուն համար կենսական ազդանշան մըն է։

Ի վերջոյ, Թանիա Միլպըրկ կ’ըսէ, որ AILit-ը այլեւս ընտրութեան հարց չէ։ AILit-ը կու տայ անհրաժեշտ միջոցները, որ դպրոցները, կրթական եւ քաղաքական պատասխանատուները անցնին գործի։ Իսկ մնացեալը, ինչպէս ան կը շեշտէ, տեսլականը դասարանային գործնական կիրարկութեան վերածելու ծանր աշխատանքն է:

Ի՞նչ է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Առանցքը. Առաջարկ Եպիսկոպոսական Ժողովին

Դոկտ. Հրաչ Չիլինիկիրեանի գրչին պատկանող այս յօդուածը գրուած է 12 տարի առաջ, սակայն անոր բարձրացուցած հարցադրումները այսօր աւելի սուր, աւելի այժմէական եւ աւելի՛ հրատապ կը հնչեն, քան երբե՛ք։ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, արժէքներու, առաջնորդութեան եւ հասարակութեան հետ յարաբերութեան առնչուած խնդիրները ոչ միայն չեն հինցած, այլ նոր իրավիճակներու մէջ՝ նոր խորք ստացած են։ Այս պատճառով ալ, այս վերատպումը պարզ յիշեցում մը չէ անցեալէն, այլ՝ կոչ ուղղուած ներկային եւ գալիք տարիներուն՝ վերանայելու, վերարժեւորելու եւ վերակենդանացնելու Հայց. եկեղեցւոյ էական առաքելութիւնը։   

Վ.Թ.

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին այսօր աշխարհով մէկ մարտահրաւէրներու, հիմնախնդիրներու, վարչական, բարոյական հարցերու խաչմերուկին վրայ է:  Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանի բանաձեւումով՝ «Մեր ազգն փորձութիւններով է գնում: Մեր եկեղեցին էլ իր փորձութիւններով է գնում»: Ո՞ր ուղղութեամբ երթալ, ի՞նչ առաջնահերթութիւն տալ խնդիրներուն եւ անոնց վերաբերող լուծումներուն. նման բազմաթիւ հարցեր վստահաբար անքուն պիտի պահեն յառաջիկայ Եպիսկոպոսական ժողովին առնուազն կարգ մը անդամները:

Ինչպէս պատմութեան ընթացքին՝ սկսեալ 5րդ դարու Շահապիւանի ժողովէն, Հայց. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական ժողովներ գումարուած են եկեղեցւոյ կեանքին մէջ դաւանական, վարդապետական եւ աստուածաբանական հարցեր քննարկելու, ինչպէս նաեւ կարգ ու կանոն հաստատելու նպատակով: Եպիսկոպոսական ժողովի արդիւնքներն ու եզրակացութիւնները կը ներկայացուին կաթողիկոսին՝ վաւերացման համար կամ ալ Ազգային եկեղեցական ժողովին՝ (եկեղեցւոյ բարձրագոյն օրէնսդիր եւ վարչական մարմինին) հաւանութեան համար: Անցնող հարիւր տարուան ընթացքին Եպիսկոպոսական ժողովը պաշտօնապէս միայն երեք անգամ գումարուած է: Վազգէն Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով 1956թ. Հոկտեմբերին գումարուած ժողովին որոշուած էր, որ «տարին գոնէ մէկ անգամ գումարել» Եպիսկոպոսական ժողովը, բայց ինչ-ինչ պատճառներով այդպէս չեղաւ: Յաջորդը 1969ին էր, ու անկէ ետք ո՛չ պաշտօնական ժողովներ գումարուեցան (միայն «խորհրդակցական»), ո՛չ ալ եկեղեցիին ու հաւատացեալները յուզող հրատապ հարցեր քննարկուեցան: Ուշագաւ երեւոյթ է, որ ներկայիս Հայց. եկեղեցւոյ (Էջմիածինը եւ Անթիլիասը գումարած) 76 եպիսկոպոսներէն հազիւ երկու-երեքը նախապէս մասնակից եղած են որեւէ պաշտօնական եւ լիարժէք Եպիսկոպոսական ժողովի:

Եկեղեցւոյ ներկայ վերիվայրումները յատուկ նորութիւն մը չեն: Եկեղեցին ընդհանրապէս եւ եկեղեցւոյ նուիրապետականութիւնը յատկապէս՝ անցնող առնուազն հարիւր տարուան ընթացքին բազմաթիւ խորունկ տագնապներ տեսած են՝ Կոստանդնուպոլսէն մինչեւ Էջմիածին, 1950ականերու Անթիլիաս-Էջմիածին «տագնապ»էն մինչեւ 1960ականերու եւ 1980ականերու Երուսաղէմի տագնապները: Բայց ի տարբերութիւն անցեալին, երբ արտաքին դրդապատճառները աւելի շեշտակի դեր եւ ներգործութիւն ունէին տագնապներու դրսեւորման վրայ, այսօր եկեղեցին անյաղթահարելի խնդիրներ չունի՛: Բոլոր ներքին հարցերը լուծելի են:  Հաստատութիւններու կեանքին մէջ որեւէ լուրջ «տագնապ» յետաձգուած կամ չլուծուած խնդիրներու կուտակումն է: Այսօր նման կուտակումներու «տոմարը» լուրջ եւ հետեւողական քննարկումներու եւ լուծումներու առաջարկներ կը պահանջէ:

Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան կեանքին մէջ կան պահեր, երբ անհրաժեշտ է յետադարձ հայեացք մը նետել որդեգրուած արժէքներուն վրայ ու խորհիլ անոնց առաջադրած պահանջներուն մասին: Այսօր, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, որպէս կազմակերպութիւն, անյետաձգելիօրէն պէտք է յստակացնէ այժմէական հասարակական պայմաններու համահունչ իր առաքելութիւնն ու ուղենիշները, որպէսզի նորովի ծառայէ իրեն վստահուած ժողովուրդին:

Եպիսկոպոսական ժողովին ամենաանհրաժեշտ քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ  քննարկել, ճշդել եւ սահմանել եկեղեցւոյ «առաքելութեան առանցքը»՝ այս արագընթաց եւ համաշխարհայնացուած 21րդ դարու յառաջիկայ տասնամեակներուն:

Անշուշտ, եկեղեցւոյ առաքելութիւնը երկու հազար տարի առաջ ճշդուած էր առաքեալներու շրջանին՝ Քրիստոսի հիմնական պատգամներուն եւ Աւետարանին հիման վրայ (օրինակ՝ Ղուկ. 4:16-20, Մատթ. 28:19-20), բայց այսօր, մեծաւ մասամբ, ո՛չ եկեղեցականները, ոչ ալ աշխարհականները յստակ գաղափար կամ միահամուռ ըմբռնում ունին, թէ ինչպիսի՞ սկզբունքներ, ուղենիշներ, նպատակներ, արժէքներ եւ հեռանկարներ կը ներառէ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Անշուշտ, եկեղեցին դարերէն եկող յստակ առաքելութիւն ունի, բայց ինչպէ՞ս պէտք է իրականացնել այս առաքելութիւնը: Ինչպէ՞ս այդ առաքելութիւնը հաղորդական ու իմաստալից դարձնել Երեւանի, Գիւմրիի, կամ Շուշիի, կամ Պէյրութի, Ապու Տապիի, Փարիզի, Ամսթերտամի, կամ Լոս Անճելըսի, Թորոնթոյի, Գորտոպայի, Մելպուրնի կամ Հոնկ Քոնգի մէջ ապրող հայուն համար:

Ինչպէս որեւէ աշխարհիկ կամ կրօնական կազմակերպութեան կեանքին մէջ, առաքելութեան առանցքի յստակացումը արժէքներու ամփոփագիր մըն է (ինչպէս ուղղափառ հաւատքի պարագային Նիկիական հանգանակը): Այնտեղ կ՛ամրագրուին այնպիսի սկզբունքներ, որոնց ընդմէջէն տուեալ կազմակերպութիւնը իր հունաւորումը կը գտնէ եւ ուր կը սահմանուին այնպիսի չափանիշներ, որոնց համաձայն կը գնահատուի կազմակերպութիւնը իր հետեւորդներուն, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն կողմէ: Նման յստակ առաքելութեան ուղեցոյց մը արդիւնաւէտ է, որովհետեւ կ՛օգնէ կազմակերպութեան անդամներուն, որպէսզի կեանքի կոչեն ամրագրուած արժէքները: Սա որեւէ կազմակերպութեան վարքագիծը պէտք է ըլլայ, անոր հիմնաքարը՝ բոլոր առումներով:

Հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից առաքելութեան կարեւորագոյն արժէքներու յստակացումը եկեղեցւոյ սպասաւորներուն պիտի տրամադրէ հիմնական ուղենիշ մը, նպատակաուղղուած աշխատանքի եւ հոգեւոր ասպարէզի «քարտէս» մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ իսկական նպատակներուն ծառայել եւ որուն շուրջ պիտի համախմբուին հոգեւորականներն ու աշխարհական սպասաւորները:  Առաքելութեան եւ արժէքներու յստակացումը կենսունակութիւն կ՛երաշխաւորէ՛ եւ կ՛ամրապնդէ՛ ժողովուրդի հարազատութիւնն ու վստահութիւնը իրենց «հոգիի ծննդավայրին» նկատմամբ:

Անիմաստ է խօսիլ Հայ եկեղեցւոյ «ազգային» կամ «ընկերամշակութային» ծառայութեան կարեւորութեան մասին, առանց առաջնորդուելու անոր հիմնական հոգեւոր եւ կրօնաբարոյական առաքելութեան սկզբունքներով: Որքան ալ ընդունինք, որ եկեղեցին նաեւ ունի «աշխարհիկ» կարեւորութիւն, կ՛արժէ՛ ընդգծել, որ ինչպէս դարեր շարունակ, եկեղեցւոյ առաջնային եւ գերագոյն նպատակը հոգեփրկութիւնը եղած է, պարտականութիւն մը, եթէ ոչ «քաղցր լուծ», զոր իւրաքանչիւր հոգեւորական կ՛ուխտէ իր ձեռնադրութեան որոշադրիչ խորհրդակատարութեան ընթացքին: (Ձեռնադրութեան Մաշտոցը բազմիցս այս կէտը կը շեշտէ):

Հաստատութիւններ, որոնք իրենց հիմնադրիչ եւ առաջնային առաքելութենէն կը շեղին, ժամանակի ընթացքին կը դառնան ինքնանպատակ, իրականութենէ եւ հասարական կեանքէն հեռացած թանգարանային կառոյցներ: Այսօր, եթէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հայ եկեղեցին ունի «ազգային» դեր եւ կարեւորութիւն, ապա այդ ինչո՞վ կը տարբերի կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեգործական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու դերէն եւ ծառայութիւններէն: Ցայսօր, եկեղեցին նման հարց ոչ քննարկած է, ոչ ալ յստակ քաղաքականութիւն ճշդած է, թէ ինչ է իր «ազգային» դերը, չնայած որ հոգեւորականներուն մեծամասնութիւնը աւելի հանգիստ կը խօսի «ազգայինին» կամ լոզունգ դարձած «մեր հայրերու սուրբ հաւատքին» մասին, քան հասարակութիւնը մտահոգող բարոյական եւ հոգեւոր նիւթերու մասին:

Կարելի չէ արժէքներու նկատմամբ յարգանք ներշնչել՝ առանց զանոնք կեանքի կոչելու. սէր արժեւորել, ըսել է՝ սիրել: Արժէքները նաեւ կը ստեղծեն չափանիշներ, որոնցմով նաեւ մենք մեր գործունէութիւնը կը չափենք: Յստակ եւ տարածելի արժէքներ պէտք է ուրուագծեն եկեղեցւոյ վարչական կազմակերպչական սկզբունքները՝ որպէս ուղեցոյց եկեղեցւոյ հաւաքական գործընթացին եւ անոր ղեկավար մտածողութեան:

Վերջապէս, իւրաքանչիւր եկեղեցիի կենսունակութիւնը առաջին հերթին կախուած է հաւատացեալներու ոգեւորութենէն, անոնց պատասխանատուութեան զգացումէն եւ մասնակցութիւնէն, ոչ թէ միայն եկեղեցականներու կամ աշխարհականներու փոքր խումբի մը «տնօրինումներէն»: Այսօր շատ յստակ է, որ կ՛ապրինք բողոքի եւ պահանջատիրական դարաշրջանի մը մէջ, ուր հասարակութիւնը այլեւս բացարձակ իշխանութեան ու բռնատիրութեան հանդէպ ոչ թէ միայն իր վախը թօթափած է, այլ նաեւ որդեգրած է վճռակամ եւ հետեւողական պայքար՝ ի նպաստ հաւաքական շահերու: Մեր պարագային, սա չի նշանակեր, որ մարդիկ Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ եկեղեցւոյ դէմ պիտի «ապստամբին», բայց կ՛ընդգծէ այն իրականութիւնը, որ հասարակութեան սպասումներուն անտեսումը եկեղեցւոյ նուիրապետականութեան կղզիացումին կը տանի:

Այս առումով, եկեղեցին պէտք է պատրաստ ըլլայ Ապրեցնելու եւ ոչ թէ միայն քարոզելու Հայ քրիստոնեայ հաւատքը: Հայց. եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը սահմանելու համար Եպիսկոպոսական ժողովը կրնայ սկսիլ ամենապարզ հարցադրումներով, զորս այսօր որեւէ նման մեծ հաստատութիւն մը պիտի հարցնէր իր ներքին կեանքը դրսեւորելու եւ իր արտաքին յարաբերութիւնները ճշդելու համար:

Ի՞նչ է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նպատակը այսօր՝ 21րդ դարուն, այսինքն՝ ի՞նչ է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այսօր եւ գալիք տասնամեակներուն: Ի՞նչն է կարեւորը եկեղեցւոյ համար, այսինքն՝ արժէքներու ճշդում եւ առաջնահերթութիւն:  Ի՞նչ կ՛ուզենք ըլլալ, ի՞նչ է եկեղեցւոյ ղեկավարութեան տեսիլքը: Ի՞նչ է եկեղեցւոյ ծրագիրը, մարտավարութիւնը: Եւ վերջապէս, ի՞նչ պէտք է ընել եւ ինչպէ՞ս:

Նման հարցադրումներ, լուրջ մօտեցումներ եւ հետեւողական աշխատանքներ, մանաւանդ աշխարհականերու գործօն մասնակցութեամբ, արդէն կարգ մը համայնքներու մէջ արդիւնքներ տուած են եւ որոշ ծուխերու կենսունակութիւն եւ աշխուժութիւն բերած են:

Այսօր՝ 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակին, Հայց. առաքելական եկեղեցին իր բոլոր նուիրապետական աթոռներով ու կառոյցներով, իր ուժերն ու «հարստութիւնը» պէտք է համատեղէ, որպէսզի իւրաքանչիւր ծուխ, թեմ կամ եկեղեցական համայնք վերածուի իսկական հոգեւոր «տուն»ի մը, ուր Հաւատքը, Յոյսը եւ Սէրը համայնքային եւ հոգեւոր կեանքին հիմնաքարերն են:

Վարչական ու կազմակերպչական ծիրէն անդին ու աւելի կենսական՝ Հայց. եկեղեցին պէտք է մտաւորական շփում մշակէ հասարակութեան հետ մարդկութիւնը յուզող այժմէական ընկերաբարոյական ու այլ հարցերու մասին: Պաշտամունքային կամ ծիսական բարեփոխումներ ցանկալի են եւ թերեւս անհրաժեշտ, բայց իմաստազուրկ են, երբ հասարակութեան կամ բարեպաշտ ժողովուրդին առօրեային հետ ոչ առնչութիւն ունին, ոչ ալ ուղղակի ազդեցութիւն: Օրինակ՝ մկրտութեան ծէսի բարեփոխումը եւ կանոնաւորութիւնը շատ աւելի իմաստալից պիտի ըլլայ, եթէ նաեւ նոյնքան լուրջ ժամանակ, մտածողութիւն ու ջանք թափուի հայ մարդուն բացատրելու, թէ ի՞նչ է մկրտութեան իմաստը եւ ի՞նչ է ծէսին առնչութիւնը իր 21րդ դարու կեանքին մէջ: Այսինքն, ի՞նչ է մկրտուած հայ քրիստոնեայ ըլլալու իմաստը ներկայ բազմակարծիք եւ բազմահոսանք աշխարհին մէջ, ուր հայ մարդը, ի տարբերութիւն հեռաւոր անցեալին, մնայուն շփում ունի այլազան եւ ոչ աւանդական մտածողութիւններու եւ թեքումներու հետ:

Եկեղեցի մը, առանց յստակ քրիստոնէական առաքելութեան՝ աշխարհիկ կազմակերպութիւն մըն է, զուրկ իր հոգեւոր գործօնէն: Եկեղեցի մը, առանց հաւաքաբար կամ անհատապէս աղօթող հաւատացեալներու՝ լոկ կառոյց մըն է: Եկեղեցի մը, առանց ուրիշներու օգնելու պատրաստակամութեան եւ համայնքային ծառայութեան՝ պարզապէս անցեալի փառքերու պահեստանոց մըն է:

Սա է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ այսօրուան հիմնախնդիրը. մնացեալը՝ թէկուզ կարեւոր, մանրամասնութիւններ են:

ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Հրատարակուած՝ «Ազդակ»-ի (23 Սեպտեմբեր 2013), «Մասիս»-ի (Լոս Անճելըս,  21 Սեպտեմբեր 2013), «Հորիզոն»-ի (Մոնթրէալ, 23 Սեպտեմբեր 2013), «Ասպարէզ»-ի (Լոս Անճելըս, 23 Սեպտեմբեր 2013), «Նոր Յառաջ»-ի (Փարիզ, 14 Սեպտեմբեր 2013) եւ «168ԺԱՄ»-ի (Երեւան, 16 Սեպտեմբեր 2013) մէջ:

Հայրենիքի շունչը եւ հայուն անխախտ արժանապատուութիւնը

Երեւանի փողոցներուն մէջ, պատահականօրէն եւ աջէն-ձախէն՝ ծանօթներու կը հանդիպիս։

-Օ՜հ, դո՞ւք ալ հոս էք։ Անպայմա՛ն օր մը տեսնուինք։

Ուրիշ մը։

-Մինչեւ ե՞րբ հոս էք։

Մարդիկ, որոնց հետ առիթ չես ունեցած Լիբանանի մէջ տեսակցելու, յանկարծ Երեւանը այն յարմարաւէտ վայրը կը դառնայ, ուր տեսակցութիւնները տարբեր հմայքով եւ քաղցրութեամբ մը կը համակուին։ Ի՞նչ է գաղտնիքը․․․ Երեւանի հոտը ուրիշ է․ փոշիի, սուրճի, թարմ հացի, պտուղներու եւ փունջ մը յուշերու խառնուրդ մը։

Կը խանդավառուիս, երբ կը նկատես հայ զբօսաշրջիկներու ստուար թիւ մը, որ եկած է աշխարհի չորս կողմերէն եւ կը վայելէ հայրենիքին գեղեցկութիւնն ու լեռներուն հանդարտ  ու հնամենի շունչը, որոնք դարերու պատմութիւնը կը պատմեն։ Հաճոյալի փորձառութիւն մըն է, երբ հայերէն կը կարդաս ամենուրէք եւ ականջդ կը շոյեն հայերէն խօսակցութիւնները։ Ամէն մէկ բառ, որ փողոցին մէջ կը հնչէ, կարծես կ՛ըսէ՝ «մենք հո՛ս ենք տակաւին»։

Կը քալես եւ պահ մը կը մոռնաս ամռան տօթը եւ այն զգացումը կ՛ունենաս, թէ ոտքերդ միայն մայթին վրայ չեն՝ այլ պատմութեան էջերուն մէջ։ Ճամբաները կարծես կենդանի էջեր են, ուր գրականութիւնը, արուեստը եւ մշակոյթը իրենց բոյրը կը տարածեն քաղաքին իւրաքանչիւր անկիւնը։ Կը մտածես, թէ այս քաղաքը միայն քար ու շէնք չէ, այլ՝ ինքնութեանդ հայելին։ Անտեսանելի շղթայ մը կը կապէ քեզ այս երկրին հետ եւ այդ պահուն կը հասկնաս, թէ հայ ըլլալը միայն անուն չէ, այլ զգացում, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ կը շնչես ամբողջ հոգիով։

1998-ի ամռան՝ մեծ խումբով մը Հայաստան մեկնեցանք զբօսաշրջիկութեան համար։ Ոգեւորուած էի եւ հետաքրքիր, որովհետեւ առաջին այցելութիւնս էր դէպի հայրենիք։ Անբացատրելի զգացումներու շարան մը պատած էր հոգիս։ Կէս գիշեր էր արդէն, երբ պանդոկ հասանք։ Առտու կանուխ սենեակիս լուսամուտէն դուրս նայեցայ, աչք մը նետելու քաղաքին վրայ․ անակնկալը մեծ էր երբ Արարատ լեռը, իր երկու սէգ գագաթներով, դիմացս պարզուեցաւ։ Տարօրինակ եւ անհասկնալի զգացում մը ունեցայ։ Ըմբոշխնելու համար անոր գեղեցկութիւնը, լուսամուտին վարագոյրը աւելի լայն բացի։ Ան հպարտ իր վեհութեամբ եւ շքեղութեամբ՝  կը հսկէր ամբողջ երկրին վրայ եւ իր կողմէն փչող հովը կարծես իր հետ կը բերեր ցաւի, յաղթանակի ու մոռցուած երգերու արձագանգը։ Ան լուրջ նայուածքով մը կ՛ըսէր «դո՛ւն հոս ես եւ այս հողը քո՛ւկդ է»։

Երկու յիշարժան եւ անմոռանալի շաբաթներու ընթացքին՝ այցելեցինք թանգարաններ, վանքեր, տեսարժան եւ պատմութիւն կերտած վայրեր։ Օր մըն ալ, նախատեսուած էր Լոռիի շրջանը մեկնիլ եւ այցելել Սանահին եւ Հաղբատ վանքերը, որոնք միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր, մշակութային եւ գիտաուսումնական կարեւոր կեդրոններ եղած են։ Երբ Հաղբատ գիւղը մտանք, մօտեցանք վանքին, որ կը գտնուէր կանաչով շրջապատուած բարձունքի մը վրայ։ Իջանք հանրակառքէն եւ մեզի առաջնորդող անձին ցուցմունքներուն եւ տեղեկութիւններուն հետեւելով՝ յառաջացանք դէպի վանք։ Քիչ մը անդին, ուշադրութիւնս գրաւեց փոքր եւ խեղճուկ տնակ մը, որուն առջեւ, հոգածութեամբ, թուփեր եւ կանաչութիւններ ցանուած էին։ Իսկ միջին տարիքի՝ անթացուպերով մարդ մը ալ կեցած էր տնակին առջեւ․ անոր մէկ սրունքը անդամահատուած էր։ Իրմէ քիչ մը անդին, երեք-չորս պատանի տղաք, մաշած հագուստներով, մեզի կը նայէին եւ բաներ մը կը փսփսային։

Մեր խումբէն քանի մը հոգի մօտեցան տնակին տիրոջը եւ սկսան խօսակցիլ հետը, կարգ մը հարցումնել ուղղելով անոր։ Անթացուպերով մարդը հակիրճ տեղեկութիւն մը տուաւ իր մասին։ Ան մասնակցած էր Արցախեան առաջին պատերազմին եւ կորսնցուցած՝ իր սրունքը։ Աշխատանքը եւ ընտանիքին հոգ տանիլը այլեւս անհնար էին իրեն համար։ Պարոն Սերոբը, որ մեր խումբին խանդավառ անձերէն մէկն էր, մօտեցաւ մարդուն եւ անոր տրտում վիճակը մեղմացնելու նպատակով՝ գումար մը դրաւ անոր ափին մէջ։ Յանկարծ խիստ արտայայտութիւն  մը գծագրուեցաւ մարդուն դէմքին վրայ եւ արժանապատութիւնը վիրաւորուած՝ ըսաւ։

—Ես մուրացկան չեմ։

Բոլորս քամուած մնացինք տեղերնիս։ Ան շարունակեց։

—Հայը մուրացկան չի կրնար ըլլալ․․․

—Բայց դուք չէք մուրար․․․ես ուզեցի ձեզի օգտակար դառնալ, — ըսաւ պարոն Սերոբը։

Անկարելի էր համոզել այդ պատուախնդիր չքաւորին, որ հաստատամիտ կը մնար իր համոզումին վրայ։  Այո՛, հայը մուրացկան չէ․․․կը մտածէի։

Մուրացկանը կ՛արտացոլէ ոչ միայն տնտեսական կամ ընկերային դժուար դրութիւն, այլեւ արժէքային կեցուածքի եւ ինքնութեան պատկեր մը։ Հայը, դարեր շարունակ, զրկուած, տարագրուած ու վտանգուած ազգ մը եղած է, սակայն միշտ փորձած է իր կեանքը շարունակել եւ յարատեւել իր աշխատանքով, ստեղծագործութեամբ եւ դիմադրութեամբ, ոչ թէ ողորմութեան ակնկալումով։ Հայը մի՛շտ ճակատագրի դէմ կանգնելու կամքը ունեցած է եւ ունի՛։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Փրոֆ․ Մանուկ Մանուկեանի աւանդը. երազելը կարենալ է

Թամար Մկրեան

Կազմակերպութեամբ Հնարդի մշակութային հարթակին եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանին, Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2025-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանուկ Մանուկեան. Տիեզերագնացութեան Երազը Մը» խորագրով յուշ երեկոն, նուիրուած գիտնական եւ 60-ական թուականներուն «Հայկազեան Գոլեճի Հրթիռներու Ընկերակցութեան» հիմնադրին՝ Փրոֆ․ Մանուկ Մանուկեանի։

1960-ին, Հայկազեան համալսարանի ուսողութեան եւ բնագիտութեան նորանշանակ դասախօս Մանուկ Մանուկեան կ՛առաջարկէ կազմել ուսանողական հրթիռարձակման գիտական խումբ մը, որ աներեւակայելի գաղափար մը կը թուէր այն օրերուն։ Այս համալսարանական համեստ նախաձեռնութեան շնորհիւ, 60-ական թուականներուն, Լիբանան կը դառնայ Միջին Արեւելքի առաջին երկիրը, որ կը հասնի անջրպետ եւ աշխարհի առաջին 10 երկիրներէն մէկը՝ հրթիռային հետազօտութեան ոլորտին մէջ։

Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան

Պատահական չէր, որ «Հնարդի» այս ձեռնարկը կազմակերպէր  Նոյեմբեր ամսուն եւ նոյն այն վայրին մէջ, ուր 65 տարիներ առաջ, հիմը կը դրուէր հրթիռներու ընկերակցութեան։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր կենդանի պահել փրոֆ. Մանուկեանի յիշատակը եւ մեր մօտիկ անցեալի այս կարեւոր իրագործումը ներկայացնել մեր հասարակութեան ու նոր սերունդին՝ անոնց ընձեռելով ներշնչումի եւ հպարտութեան աղբիւր մը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց «Հնարդի»-ի հիմնադիրներէն՝ Թամար Մկրեան, որուն յաջորդեց դերասանուհի եւ քաղաքական գործիչ Արսինէ Խանճեանի պատգամը՝ տեսերիզի մը միջոցաւ։ Այնուհետեւ ներկաներուն ցուցադրուեցաւ «Հնարդի» մշակութեան հարթակի պատրաստութեամբ՝ «Հնարամիտներ» նոր տեսաշարին առաջին դրուագը, որ կ՛անդրադառնայ լիբանանահայ համայնքի հնարամիտ եւ հանճարեղ դէմքերու վաստակին ու պատմութիւններուն։

Դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեան

Փրոֆ․ Մանուկ Մանուկեանի նուիրուած տեսերիզը կը ներառէր հարցազրոյցներ՝ Պուրճ Համուտի շուկայէն արհեստաւորներու եւ վաճառականներու, 1962 թուականի «ՀԳՀԸ»-ի անդամ Էտուար Չամիչեանի, Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր․ Դոկտ․ Փոլ Հայտոսթեանի, դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի, ինչպէս նաեւ՝ «Լիբանանի Հրթիռներու Ընկերակցութիւնը» վաւերագրականի բեմադրիչներ Ժոանա Հաճիթոմասի եւ Խալիլ Ժորեյժի հետ։ Դրուագը կ՛աւարտէր շարժանկարչական հատուածով, որ կը պատկերացնէր Լիբանանի իրողութեան այլ տարբերակ մը, եթէ «ՀԳՀԸ»-ի գործունէութիւնը չդադրէր։

Ճարտարապետ Վազգէն Չէքիճեան

Ցուցադրութենէն ետք, տեղի ունեցաւ Փրոֆ․ Մանուկեանի ուսանողներէն՝ նորոգ հանգուցեալ Յարութ Չէքիճեանի «Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները եւ Անջրպետը. Հայկազեանի Հրթիռները (1961 – 1969)» նորատիպ գիրքին շնորահանդէսը։ Անոր եղբայրը՝ ճարտարապետ Վազգէն Չէքիճեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեան, եւ Վեր․ Դոկտ․ Փոլ Հայտոսթեան խօսեցան գիրքի ծննոդոցին ու հեղինակին մասին, ապա ներկաները առաջնորդուեցան պատշգամ, ուր տեղի ունեցաւ գիրքերու վաճառք եւ հիւրասիրութիւն։

Ձեռնարկի աւարտին ցուցադրուեցաւ «Լիբանանի Հրթիռներու Ընկերակցութիւնը» վաւերագրականը, բեմադրութեամբ՝ Ժոանա Հաճիթոմասի եւ Խալիլ Ժորեյժի:

Մարդիկ յաճախ կ՛ապրին անցեալին մէջ՝ անկարող խուսափելու ներկայ ժամանակի մարտահրաւէրներէն։ Իւրաքանչիւր շրջան ունի իր դժուարութիւնները, որոնք սակայն կը յաղթահարուին հնարամիտ ու նորարար անձերու կողմէ, որոնց երազները կը գերազանցեն պայմաններն ու սահմանափակումները։ Այսօր մեծապէս կը զգանք բացակայութիւնը Փրոֆ․ Մանուկեանի նմաններուն, որոնք կրնա՛ն նոր սերունդին ապացուցել, թէ՛ կամենալը կարենալ է, թէ՛ երազելը կարենալ է եւ թէ՛ յանձնառութեամբ եւ նուիրումով, կարելի է իսկապէ՛ս հասնիլ աստղերուն։

Լիլիթ Մկրեան

Ծեծ, հայհոյանք, սպանութիւն. հայրենի հասարակութեան լուռ պարտութիւնը

Այժմ Հայաստանի մէջ այնպիսի իրավիճակ մը ձեւաւորուած է, որ ատելութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը շատոնց անցած են թոյլատրելի բոլոր սահմանները։ Հայաստանի մէջ ամէն օր ծեծի ու արիւնահեղութեան մասին ծանր լուրեր կը հասնին։ Շեշտակի աւելացած են սպանութիւնները, իսկ ծեծկռտուքները արդէն դարձած են օրուայ անբաժան մէկ մասը։ Ու ամենէն վատը այն է, որ յանցանքները «երիտասարդականացած են», այսինքն մեծաւ մասամբ տեղի կ’ունենան երիտասարդներու ու պատանիներու կողմէ։ Միջադէպ մը, որուն մասին այս քանի մը օրը լուր տարածուեցաւ համացանցով, ցոյց կու տար, թէ ինչպէս 4-5 հոգիով կը հայհոյէին ու կը ծեծէին մէկը։ Պատանիներ։ Ընդ որում կը ծեծէին առանց խնայելու, գետին պառկեցուցած ու ոտքերով հարուածներ տուր որ կու տաս։ ասկէ քանի մը շաբաթ ալ առաջ մանկասպանութիւն մը տեղի ունեցած էր, ու 3-ամեայ երեխայի մահուան համար մեղաւոր կը նկատուի․․․․հայրը։

Այս է այսօրուայ Հայաստանի երեսներէն մէկը։

Ատելութիւնը կ’ոչնչացնէ ու կը սպանէ մեզ: Թոյնի պէս դանդաղ ու կայուն քայլերով անվերադարձ կը փտացնէ մեր հաւաքական միտքն ու հոգին։ Եւ եթէ այդ ծեծուջարդի մասին տեղեկացանք, որովհետեւ նկարահանած էին ու դրած համացանց, ապա որքա՞ն դէպքեր կը մնան թաքուն, որովհետեւ ոչ ոք անոնց մասին չի խօսիր, կամ կը փորձեն չխօսիլ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ որեւէ յանցանքի մասին վկայութիւն տալը, ոստիկանութիւն դիմելը կա՛մ բարձրաձայնելը կը համարուի «մատնութիւն» կա՛մ «ոստիկանութեան տեղեկութիւն տալ»։ Ու այդ կեղծ ասպետականութիւնը աւելի կը սրէ ընդհանուր իրավիճակը։ Այս բոլորին զուգահեռ տեղի ունեցած են նաեւ երկու աչք ծակող իրողութիւններ։ Մենք աւելի փակ ու մեկուսացուած դարձած ենք։ Եթէ առաջ բազմաթիւ հարցերու պարագային անմիջապէս աղմուկ կը բարձրանար կամ առնուազն կ’աշխատէին ինչ որ բաներ թաքուն ընել, ապա հիմա բոլորս ալ չափով մը աւելի մեկուսացած դարձած ենք ու շատ պարսաւելի դէպքերու ժամանակ մեր ուսերը կը թոթուենք ու կ’ըսենք, որ այդ մեր գործը չէ, այդ մեր հոգը չէ, իսկ յետոյ համացանցով վայ-վույ կ’ընենք որեւէ սպանուածի համար։ Ընդամէնը մէկ-եկու շաբաթ առաջ Աբովեան քաղաքին մէջ, օր ցերեկով, տեսախցիկներու եւ առնուազն տասը-տասներկու հոգիի աչքին առջեւ, երկու հոգի խոհանոցային մեծ դանակով փողոցը սպանեցին երիտասարդ մը։ Ոչ ոք միջամտեց։ Մարդասպանները հեռացան ու կարծես, թէ դեռ չեն բռնուած։ Մեր գործը չհամարելուն զուգահեռ, մենք աւելի վախկոտ դարձած ենք։ Այդ վախը իրականութեան մէջ չափով մը նաեւ հիմնաւորուած է։ Երբեք չես գիտեր, թէ առջեւդ կանգնած պատանին արդեօ՞ք գրպանէն դանակ չի հաներ ու չի յարձակիր վրադ, եթէ նկատողութիւն մը ընես իրեն։

Ու այդպէս ալ կ’աճի ու կը մեծնայ վախի եւ անպատժելիութեան մթնոլորտը։

Այս բոլոր այլանդակութիւնը ի հարկէ մէկ-երկու տարուայ հարց չէ։ Տակաւին 2010-ին, Երեւանի մէջ դպրոցական աղջիկներ զիրար կը ծեծէին ու սեռային տարաբնոյթ հայհոյանքներ կու տային իրարու ու տղաքն ալ, փոխանակ միջամտելու ու այդ  կռիւը դադրեցնելու, կը նկարէին, կը ծիծաղէին ու կ’ոգեւորուէին։ Մենք այդ ժամանակ ալ վրդովեցանք ու շատերս «մարգարէացանք», որ «այս բոլորը լաւ տեղ պիտի չտանին»։ Այն ժամանակ նաեւ ուրիշներ այդ դէպքը համարեցին բացառութիւն ու վերջ։ Տարիները կ’անցնէին ու հայ դեռահասներու եւ երիտասարդներու շարքին կ’աւելնային ծեծը, հայհոյանքը, թմրեցուցիչը, սպանութիւնները։ Մենք կը վրդովէինք ու առաջ կ’անցնէինք։ Մենք, կարծես, թէ իրօք չէինք հասկնար, որ այդ բոլորը պարզ պիտի չանցնին, այլ իրենց հետքը պիտի թողուն։ Ամէն մէկ պատահար ծուէն մը կը փրցնէր մեր հասարակական ընդհանուր բարոյահոգեբանական կերպարէն ու ահա 2025-ին, մենք ունինք ամբողջովին պատռտած ու ծակոտած իրողութիւն մը, երբ ամէն օր որեւէ նոր զարհուրելի դէպք մը կը սպասես։ Ի միջի այլոց, թոյլ տուէք նկատել, որ այս ամենեւին այդ կանկսթրական վիճակը չէ, որ կայ արեւմտեան երկիրներու մէջ։ Այստեղ ոչ թէ կազմակերպուած կէնկեր են, այլ անհատական դէպքեր, որոնք, սակայն, մեր 2 միլիոննոց հասարակութեան համար շատ շատ են։ Թերեւս անհատական են, բայց իրավիճակը չհակակշռելու պարագային, անոնք անպայման կը սկսին խմբուիլ փոքր աւազակախումբերի մէջ։ Թերեւս այդ բոլորը չըլլայ Թեքսասի ոճով (Աստուած չընէ), բայց անխուսափելիօրէն պիտի պատահի, որովհետեւ աշխարհի մէջ ամէն ինչ իր բնականոն զարգացումը ունի։

Եւ այսպէս, մենք տարիներ շարունակ առհասարակ չենք ալ հասկցած, թէ ի վերջոյ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ մեր «առաջին քրիստոնեայ», հիւրասէր, աստուածավախ, ընտանէսէր, մայրապաշտ ու ազգասէր հասարակութեան մէջ երթալով կ’աւելնան մօր հասցէին ուղղուած հայհոյանքները, Հայաստանի մէջ այսօր հայ եկեղեցւոյ, հանրապետութեան տարածքին գործող կառոյցը երկբեւեռ թշնամանքի մէջ է, հայ պատանիներն ու երիտասարդները ամէն հասարակ բառի համար իրարու արիւն կը թափեն։ Մենք իրօք չհասկցանք, թէ մեր երեխաները այդ ի՞նչ մթնոլորտի մէջ կ’ապրին, որ անոնց բառապաշարին ու վարմունքին մէջ այդքան կ’աւելնան հայհոյանքն ու բռնութիւնը։

Մենք իրօ՞ք չհասկցանք, որ մենք ենք այդ երեխաներուն այդ բոլորը սովորեցնողը, ու մենք զանոնք կը քաջալերենք, մենք ու միայն մենք զանոնք կը դրդենք աւազակութեան ու մարդասպանութեան, երբ անոնց առօրեան կը լեցնենք դատարկամիտ ու ակրէսիվ, տափակ ու անբովանդակ էրոտիքով, պղծութեամբ, անաստուածութեամբ, նիւթապաշտութեամբ։ Ին՞չ պիտի սովորէր 1990-ականներուն ծնած երեխան իր հասարակութենէն։ Ին՞չ պիտի սովորէր 2000-ականներուն ծնածը։ Առանց մոռնալու 2010-ականներու սերունդը, որ այսօր 13-16 տարեկան է ու ամբողջովին կը կրէ անէծքին իր բաժինը։

Մեր հասարակական օրկանիզմը իր թոյնն ու թարախը տարիներով լեցուց նոր սերունդին վրայ՝ թունաւորելով անոնց ուղեղն ու հոգին։ Զզուելի ու տհաճ մթնոլորտ ստեղծուած է ու կը շարունակէ մնալ տիրապետող։ Ու եթէ 2010-ականներու երկրորդ կէսին՝ շուրջ 2015-17-ին կը թուէր, թէ քրէական բարքերը էապէս նահանջած են, դարձած են լուսանցքային, թէ արհեստագիտութիւնը կը սկսի սիրապետող դառնալ, ըստ այդմ աւելի զարգացած ու ոչ-քրէական մտածողութիւնը, թէեւ ոչ այդքան ազգային կամ «առնական», բայց առնուազն աւելի քաղաքակիրթ, ապա մենք կրկնակի սխալեցանք։ Եթէ այն ժամանակ մեզի կը թուէր, թէ Հայաստանի մէջ դանդաղօրէն կը հասուննայ ընտրութիւն մը «պատուախնդիր, բայց վայրենի տղամարդու» եւ «քաղաքակիրթ, բայց կնաբարոյ տղամարդու» միջեւ, ապա հիմա արդէն գործ ունինք իւրայատուկ հրէշի մը հետ, որ թէ՛ «կնաբարոյ» է, թէ՛ պատուախնդիր, թէ՛ վայրենի։ Ամենէն ակարեւորը, որ հասուն կեանքի պատրաստուող ու նոյնիքն նոր մտածներու մէկ մեծ հատուածը ո՛չ վախ ունի, ո՛չ ալ ամօթ։ Եւ այդ աւելի սարսափելի է։ Որովհետեւ վախ ոու ամօթ չունեցողները չունին ոչ մէկ սահման, ոչ մէկ արգելք։

Շատերը կրնան առարկել, որ սա չափազանց խիստ ու միակողմանի գնահատական մըն է ու չ’արժեր քանի մը անհատական դէպք տարածել բոլորին վրայ։ Այո՛, չ’արժեր։ Նոյնիսկ անոր կարիքն ալ չկայ, որովհետեւ ան արդէն կը տարածուի։ Եթէ կրնաք, ապա փորձեցէք նկատողութիւն ընել ծխող 14 տարեկան աղջկան։ Ես կը պատկերացնեմ այդ կատարողին դէմքը, երբ այդ աղջնակը հռհռալով անոր այնպիսի պատասխան մը կու տայ, որմէ առնուազն կարմրիլ կարելի է։ Ոչ թէ պարզապէս կը պատկերացնեմ, այլ ականատես եղած եմ եղել ու ոչ միայն մէկ անգամ։ Դպրոցահասակ երեխաները կը ծխեն, թմրեցուցիչ կ’օգտագործեն, օնլայն քազինօ կը խաղան ու ամենէն կարեւորը․․․․կը նային մեզի։ Կը նային մեր նկարահանած այլանդակ սերիալներուն, անբովանդակ ու ակրեսիւ երգերուն, լպիրշ հիւմըրային շո-երուն։ Անոնք կը նային ու կը տեսնեն մեր կեղտոտ քաղաքական դաշտը, յանցաւոր վարմունքը չափահասներու կողմը, կաշառքն ու հովանաւորչութիւնը, քրէամիտ կենցաղն ու էութիւնը, անոնք կը տեսնեն ու կը լսեն, թէ ինչպէս սուրբ եկեղեցւոյ հոգեւորականները մէկը միւսին ետեւէն կը բացայայտ(ուին)են իրենց սեռային շեղած կեանքը։  Անոնք նաեւ կը տեսնեն, որ իրենց ուսուցիչները աղքատ են, գիտնականները՝ լուռ, մտաւորականները՝ անտեսուած, գրականութիւնը՝ արհամարհուած։

Երեխաները յիմար չեն։ Անոնք շատ խելացի են։ Բնական տաղանդ ունին շատերը եւ անոնք ծոյլ չեն։ Անոնք շատ գործուն են ու շատ լաւ կը սորվին․․․ոչ միայն դպրոցի դասագիրքին, այլեւ իրական կեանքի դասերը, որ մենք ամէն օր կը ստիպենք ու կու տանք անոնց։ Ու մենք, միայն ու միայն մենք մեղաւոր ենք, որ մեր պատանիներուն մէկ մասը կը յայտնուի բանտի մէջ, մէկ մասը՝ գերեզմանոցին։ Որովհետեւ մենք հասունցուցինք այն մթնոլորտը, ուր հայհոյանքը, ծեծն ու ակրեսիւութիւնը դառնայ բնական ու խրախուսուող։ Մենք կ’ուզէինք ստեղծել գերուժեղ ու անկաշկանդ սերունդ մը, փոխարէնը ստացանք անվախ հրէշ մը, որ այլեւս անկարելի կը դառնայ կառավարել ու նոյնիքն ան ալ կ’ոչնչացնէ թէ՛ զինք, թէ՛ ալ մեզ։

Սա դաժա՞ն է, չհիմնաւորու՞ած դաժան։ Այդ պարագային գացէք ու հաշուեցէք, թէ քանի՞ պատանի տուն կը տանին ծակած վէրքով, քանի՞ պատանի ամէն օր ծեծ կ’ուտէ ու կը լռէ, եւ առհասարակ ի՞նչ կը կատարուի երկրին մէջ։

Մենք տակաւին ամբողջովին չենք կործանած այս սերունդը։ Բայց շատ մօտ ենք։ Ու եթէ 5-10 տարի եւս ո՛չ հասարակութիւնը , ո՛չ ալ պետութիւնը ռազմավարական-անհատական մակարդակով չպայքարի իւրաքանչիւր պատանիի ապագային համար, այդ ապագան պարզապէս պիտի չգայ։  

Մեր թաղը՝ «Ֆըրընճը Գրիգորէն» մինչեւ «Թիւրպո Թաթոն»

Երբ մեր թաղին՝ Պուրճ Համմուտի մէջ անակնկալ հիւր մը ունենայինք կամ մէկը փնտռող մը ըլլար, փողոցը խաղցող պատանիները զինք դիմաւորելէ ետք՝ անմիջապէս կ’առաջնորդէին դէպի թաղին սրճեփը ու հոն կը սկսէր հարցուփորձը:

«Որո՞ւ կը փնտռէք, ի՞նչ է հօրը անունը, ի՞նչ գործով կը զբաղի, իսկ անոր հայրն ու մեծ հայրը ի՞նչ գործով կը զբաղէին, ո՞ր տեղացի են, Հայաստանի ո՞ր գաւառէն կամ շրջանէն եկած են»: Երբեմն հարցը աւելի խոր մանրամասնութիւններու կը տանի, երբ անհնարին կը դառնայ գիտնալ, թէ ճիշդ ո՞վ է փնտռուող անձը, օրինակ՝ «որո՞ւ աղջիկը հարս առած է կամ ո՞ր ընտանիքին հետ խնամիական կապեր ունի»: Սակայն մեր թաղին մէջ սովորական անունները տեղ չէին հասցներ. հոն անունները կապուած են պատմութիւններու, ոմանք ժառանգուած, ոմանք վերջը տրուած եւ ուրիշներն ալ չես գիտեր ինչպէ՛ս մէջտեղ եկած են ու շարունակուած սերունդէ սերունդ:

Եթէ փռապան մը կը փնտռէին, պէտք էր հարցնէին. «ֆըրընճը Գրիգորը» կ’ուզէ՞ք թէ՞ «Ֆաթայրճը Հաճին», որովհետեւ իւրաքանչիւրը ծանօթ է իր մասնագիտութեամբ. Ֆըրընճին ամէն տեսակի հացեր կը պատրաստէ, ինչպէս՝ պանիրով հաց ու ծոթրինով հայց, իսկ Ֆաթայրճին՝ թէեւ փռապան է, բայց ծանօթ է յատկապէս իր յատուկ մասնագիտութեամբ՝ պանիրով ու ծոթրինով հացերուն կողքին, շոմինով, պղպեղով կամ միսով պատրաստուած հացիկներ:

Երբեմն կը պատահէր որ անունով-մականունով կը փնտռէին մեր թաղեցիներէն մէկը, այդ ալ բաւարար չէր ըլլար. եթէ կը հարցնէք պրն. Պետրոսին մասին, պէտք է ճշդել ո՞ր Պետրոսը՝ «Պէրպէր Պետրո՞սը» թէ՞ «Ղալայճը Պետրոսը», այլապէս մականունով անկարելի կ’ըլլար գտնել այդ անձը: «Պէրպէրը» տղամարդոց մազերը կտրող սափրիչն էր, իսկ «Ղալայճըն» մեր պղինձէ կաթսաները փայլեցնողն էր: Այս անունները երբեմն կու գային իրենց պապենական արհեստներէն, որոնք ժառանգուած կը շարունակէին, երբեմն ալ իրենց ներկայիս աշխատած գործէն:

Կային ուրիշներ, ինչպէս Վիքթորիա Հանըմը, որ մեր դրացին էր, նաեւ Ղուշճու Էլմաստը, Թոփալ Վարդանուշը եւ Եղիսաբեթ տուտուն: Թէ իւրաքանչիւրը ինչպէս ստացած էր այս անունը, չեմ գիտեր: Միակ բանը զոր գիտէի՝ Վիքթորիան շատ կոկիկ տիկին մըն էր եւ առանց արդուզարդի տունէն դուրս չէր գար, նոյնիսկ դրացիներուն այցելութեան: Լաւ կը յիշեմ անոր կարմիր ներկուած շրթունքը եւ վիզէն կախուած երկար վզնոցները: Շատ հաւանբար, իր շպարին պատճառով ան ստացած էր «Հանըմ» անունը, այսինքն յարգուած տիկին: «Թոփալ Վարդանուշը» կաղ կը քալէր, իսկ Եղիսաբեթ տուտուն մեր բարեսիրտ, բոլորին օգնութեան հասնող տարեց դրացին էր: Կը մնար Ղուշճու Էլմաստը, որ տարօրինակ կարողութիւն մը ունէր եւ երբեմն վախնալիք: Ան իր քովը կապարէ կտորներ ունէր միշտ եւ ամէն անյաջողութիւն հարթելու միակ ձեւը, ըստ իրեն այդ, կապարէ կտորները տաք ջուրի մէջ նետելն էր՝ հեռացնելու չար աչքերն ու անյաջողութիւնները: «Ղուրշուն կը թափէ» կ’ըսէին: Այս սնապաշտութեան արմատը չէի գիտեր, բայց մենք բոլորս կը վախնայինք այս կնոջմէն, եւ երբ պատահէր որ փողոցը հանդիպէինք իրեն, փախուստ կու տայինք իր դիմացէն:

Ատեն մը, արկածի հետեւանքով մայրս անկարող եղաւ տունէն ելլելու եւ ստիպուած զիս կը ղրկէր շուկայ տան շաբթուան գնումները կատարելու: Պարտաճանաչ աշակերտի մը նման, գրի առած ցանկը ձեռքս՝ կ’ուղղուէի շուկայ: Ըստ ցանկիս, ճամբուն վրայ պէտք էր հանդիպէի «Արապաճի Մովսէսին», ապա «Իպլիկճի Լեւոնոին», որմէ ետք «Ղասսապ Մինասին»: Այս ցանկին միակ ճիշդ հասցէն «Ղասսապ Մինասը» ելաւ, որովհետեւ ըստ բացատրութեան մսավաճառն էր, որուն քովէն կրցայ մօրս ապսպրած մսեղէնը գնել, իսկ միւս երկուքը՝ «Արապաճի Մովսէսը» որմէ կ’ակնկալէի խոհանոցի առարկաները կամ բանջարեղէնները գնել, իրմէ կրցայ միայն դերձան ու ասեղ գնել, իսկ «Իպլիկճի Լեւոնէն», որմէ պէտք էր գնէի դերձան ու ասեղ, գնեցի խոհանոցի իրերէն՝ դանակն ու դդում փորելիքը:

Երբեմն զարմանալի անուններ տրուած էին մեր թաղեցիներուն, զորս ժառանգած էին կամ ալ պատահարի մը պատճառով ստացած: Եթէ հարցնէիր ո՞ւր է պրն. Խաչիկենց տունը՝ նոյնիսկ իր մականունը տալով պիտի չյաջողէիր, այլ պէտք էր ըսել «Ղամպր Խաչիկը», որ արկածի մը պատճառով կռնակը ծուռ կը քալէր: Հապա եթէ ըսէիր Խաչատուրը կ’ուզեմ տեսնել, «Փորձանք Խաչատուրը» ըսելու էիր, որ տանիքէ-տանիք ցատկել փորձած մէկ պահուն վար ինկած էր առանց վնասուելու, եւ շարքը կ’երկարի…:Եթէ հարցնէիր ո՞ւր կրնամ գտնել տիկ. Մարիամը՝ դարձեալ կը ձախողէիր, այլ պայման էր ըսել «Չամաշրճը Մարիամը», որ լուացք ընող կինն էր: Ան ալ իր անունը ստացած էր իր արհեստին պատճառով: Դեռ կար «Թիւրպո Թաթոն», որ արագ-արագ քալելով թաղին վերջին լուրերը կը տարածէր, տեղակական բոլոր լուրերէն արագ, մանրամասն եւ ճշգրիտ: 

Մեր թաղին մէջ շատոնց հասած էր Google maps-ը. պարզապէս նշելով անձին տրուած անունը՝ ածականը, որով ան ծանօթ էր եւ կայծակի արագութեամբ կը հասնէիր անձին քով: Մեր կեանքը դիւրացնող այս անունները կը պատմէին իւրաքանչիւրին պատմութիւնը՝ պատմութիւն մը, որ կու գար անցեալէն եւ կը կապուէր ներկային:

Մեր թաղը եւ շրջակայքը ապրող բնակիչները կը ճաչցուէին այս անուններով եւ անոնցմէ շատեր թրքերէնով էին, ինչպէս անոնց տրուած անունները կ’ապացուցեն, սակայն անոնք հոգիով հայ էին եւ պատրաստ իրենց հայրենիքի եւ հայրենակիցին համար ամէն բան զոհելու:

Է՜հ, լաւ օրեր էին անոնք….

Լենա Պօղոսեան

Աղօթք դառնամ քաղցրահամ

Կար ժամանակ, երբ կեանքի դասերը իւրացուցի տոկունութեամբ,
զարդարեցի համբերութեամբ,
պահեցի զգօնութեամբ։

Սորվեցայ.
Չցուցաբերել վիշտս,
որպէսզի ոսոխս չհրճուի։

Կուլ տուի արցունքս,
տխրութիւնս ըմպեցի կաթիլ- կաթիլ։

Ժպտեցայ՝
երբ շատեր կը սպասէին
որ անկումս պոռթկում ըլլար։

Աղօթքներուս թեւերով ճախրեցի,
նոր հորիզոններ նուաճեցի,
վշտի ծիծաղը ինծի ընկեր դարձուցի։

Տէ՜ր Աստուած,
ողորմութեամբդ յիշէ նուաստս,
առատութեամբ մի՜ ողողեր զիս,
որպէսզի քեզ չմոռնամ։

Ժլատութեամբ այցի մի՜ գար,
որպէսզի բողոքս չբարձրացնեմ։

Տուր ինչ որ արժանի կը նկատես։
Խաղաղութեան եւ արդարութեան դեսպան կարգէ հոգիս։

Լիանամ ու գոհանամ,
աղօթք դառնամ քաղցրահամ։
Խունկի նման բուրեմ,
մոմի նման հալելով լուսաւորեմ։

Արաքս