Երաժշտութիւնը միշտ եղած է լեզուի եւ մշակոյթի հետ կապուելու ամենէն ուժեղ եւ արագ միջոցներէն մէկը։ Սփիւռքի մէջ ապրող բազմաթիւ հայերու համար երգերն են այն առաջին տարածքը, ուր հայերէնը կը լսուի, կը զգացուի եւ կը յիշուի։ Սակայն հայկական երգերու բառերը կարդալը երբեմն դժուար կրնայ ըլլալ՝ մանաւանդ անոնց, որոնք կը հասկնան լեզուն, բայց միշտ չէ որ հայերէն կրնան կարդալ։ Այսօրուան մեր հիւրն է էսդրատային երգի մայսթրօ Սեդօ Պաղտասարեանը: Սեդոն հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը սկսած է՝ հայկական երգերու karaoke-ի շարք մը, ուր երգերու բառերը ներկայացուած են թէ՛ հայերէն տառերով, թէ՛ լատինատառ փոխանցումով։ Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն երգեր սորվելու եւ լեզուին հետ մտերմանալու։ Այս զրոյցին ընթացքին պիտի խօսինք երաժշտութեան եւ լեզուի կապին մասին, թէ ինչպէս երգելը կրնայ օգնել հայերէնի պահպանութեան, եւ թէ ինչպէս պարզ գաղափար մը՝ karaoke-ն, կրնայ վերածուիլ մշակութային կարեւոր նախաձեռնութեան մը։
Պիտակներ
Subscribe
0 Comments
Oldest
Newest
Most Voted