2026 թուականը տակաւին հազիւ սկսած, եւ մինչ աշխարհը մեծ յոյսերով ու ակնկալութիւններով կը դիմաւորէր զայն, դարձեալ Միջերկրական եւ Արեւելքի աշխարհը դէմյանդիման կը գտնուի թշնամական յարձակումներու։ Լիբանանը, ինչպէս միշտ, կարծես կռուախնձոր ըլլայ, իր մեծ բաժինը կը վճարէ։
Յարութեան տօնի շրջանն է, եւ ամբողջ ժողովուրդը կը շարունակէ ապրիլ նոյն մղձաւանջը, ինչպէս տարիներ շարունակ։
Յիշողութեանս մէջ թարմ է տակաւին, երբ 1989-90-ական թուականներուն, Աւագ Հինգշաբթի օր, խաւարման արարողութեան ժամերգութեան ժամանակ, հրթիռներու տեղատարափ մը սկսաւ Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի շրջանները: Ժողովուրդը ահ ու թողի մատնուած, ստիպուեցաւ արագ որոշումներ առնելու, մնա՞ն… թէ՞ փախչին իրենց տուները, ապաստանելու համար: Շատեր, մանուկները իրենց գիրկը, նետուեցան ճամբայ հապճեպով հասնելու ապահով տեղեր (որոնցմէ մէկը ես էի, առջինեկ աղջիկս գիրկս բռնած): Աւելի տարեցներ՝ դանդաղաքայլ ըլլալով, նախընտրեցին մնալ եկեղեցին, ուր ժամերգութիւնը կը շարունակուէր ամէն պայմաններու ներքեւ:
2020 թուականին, այս անգամ ամբողջ աշխարհը կը գտնուէր մտքէն ու գիտակցութենէն վեր պատահարի մը դիմաց, որ անգամ մը եւս խոչընդոտեց տօներու խաղաղ ընթացքը։ Դէպք մը, որ մինչ այդ օր մարդկութեան պատմութեան մէջ իր նմանը չունէր՝ ոչ թէ իր տեսակով, այլ իր ազդեցութեամբ։ Անոր անունն էր «պսակաձեւ ժահր»։ Այո՛, պատմութեան մէջ կարդացած ամէն բան միշտ ունեցած է սկիզբ մը եւ արձանագրութիւն, բայց այս անգամ՝ ոչ։ Ասիկա տարբեր էր իր նախորդներէն՝ իր աւերներով, իր հետեւանքներով, իր ձգած հետքերով։ Անճանաչելի բանի մը ծանօթանալն ու անոր վարժուիլը ժամանակ կը պահանջէր, սակայն այդ միջոցին արդէն հազարաւոր կեանքեր կը խլէր։
Թեւերը տարածած կը սաւառնէր ամբողջ աշխարհով մէկ, բոլոր ազգերը ահ ու սարսափի մատնած՝ իրենց սեփական տուներուն մէջ ինքնաբանտարկութիւն պարտադրելով բոլորին: Աւելին՝ յաղթանակի դրօշը պարզած ան սառեցուց հասարակական կեանքը, ներառեալ՝ կրօնական բոլոր հաստատութիւնները, նաեւ եկեղեցիները, մինչ աշխարհը Խաչելութեան եւ Յարութեան տօներու սեմին կանգնած, կը պատրաստուէր տօնելու Քրիստոսի յաղթանակը:
Մարդկային կեանքը այսպիսի բանի մը դէմյանդիման չէր գտնուած մինչեւ այդ օրը: Չկար պատմութեան մէջ եկեղեցի մը, որ իր դռները փակ պահէր իր ժողովուրդին դիմաց: Տէր Քրիստոսի Խաչելութեան եւ Յարութեան տօնի շրջանին, բոլոր քրիստոնեայ աշխարհը, առաջին անգամ ըլլալով տառացիօրէն փակ պահեց Տիրոջը տան դռները իր ժողովուրդին դիմաց, ժողովուրդին ապահովութեան համար: Պահ մը կարծուեցաւ, որ չարը/մահը կը յաղթանակէր, բայց միայն երեւութապէս…սակայն ո’չ հոգեւորապէս: Այլ՝ աւելի հոգեշունչ եւ հոգեպարար առաքելութեամբ Աստուծոյ եկեղեցին ոտքի կանգնեցաւ՝ դիմագրաւելով ամէն զոհողութիւն եւ մարտահրաւէր, ճիգ չխնայեց իր ձայնը եւ օրհնութիւնը մատչելի դարձնելու բոլոր ժողովուրդներուն ամէնուրեք: Մանաւանդ հայ եկեղեցին հասաւ իր զաւակներուն՝ ըլլան անոնք Մայր Հայրենիք, Արցախ, Լիբանան եւ սփիւռք:
Եկեղեցին հասաւ իր ժողովուրդին՝ բոլորին տուները այցելելով համացանցի միջոցով: Շարունակեց եկեղեցական բոլոր արարողութիւնները հրամցնել ուղղակի սփռումովներով:
Տակաւին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Կիրակի 5 Ապրիլ 2020-ին, աղօթքով ժողովուրդին հետ ըլլալու համար, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան՝ ինքնաշարժի թափօրով յաջորդաբար շրջեցաւ հայահոծ շրջանները եւ օրհնուած մաս ու ձիթենիի ճիւղեր բաժնեց հաւատացեալ ժողովուրդին:
Նաեւ, Շաբաթ 11 Ապրիլ 2020-ին, Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագի աւարտէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառին ձեռամբ: Օրհնուեցան հայ ընտանիքներն ու տուները, գուցէ համացանցի վրայ ուղիղ եթերով, սակայն Սուրբ Հոգիով ողողուած:
Անձամբ ականատես եղայ եւ վայելեցի պատարագները որ մատուցուեցան հայ եկեղեցիներուն մէջ:
Կիրակի 12 Ապրիլ 2020-ին, Սուրբ Յարութեան տօնին՝ պատարագը եւ Աստուծոյ խօսքը մատուցուեցան դարձեալ ուղիղ եթերով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց ժողովուրդին՝ ըսելով. «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց»: Սովորաբար ժողովուրդը կը պատասխանէ, «Օրհնեալ Է Յարութիւնն Քրիստոսի»՝ եկեղեցիին պատերը թնդացնելով: Ժողովուրդը պատասխանեց՝ բայց անոնց ձայները անլսելի մնացին Վեհափառին ականջներուն: Շատ յուզիչ եւ ցնցիչ բան էր այս պատահածը: Երբ Կիլիկիոյ քայլերգը կ’երգուէր, բոլոր աշխարհ ականատես դարձաւ Վեհափառին յուզմունքին եւ արցունքով լեցուն նայուացքին: Կարծես Վեհափառ Հայրը կը փափաքէր այդ վայրկեանին հրաշքով մը իր ժողովուրդին պատասխանը լսել եւ ժպիտով պայծառացած անոնց դէմքերը տեսնէր իր դիմաց:
Այս կացութիւնը ապրիլը պահ մը զիս մտաբերել տուաւ Աստուածաշունչի խօսքը, զոր կը կարդանք Յովհ. 11.35-րդ համարին մէջ, «Յիսուս Լացաւ»: Ամենէն կարճ, բայց իմաստալից համարը Աստուածաշունչին: Այս համարին մէջ, Տէր Յիսուս Քրիստոսը կանգնած Ղազարոսի գերեզմանին դիմաց եւ չորս կողմը նայելով կը տեսնէ ժողովուրդին անյոյս, անկարող, կորսուած վիճակը. չեն գիտեր նոյնիսկ ինչ խնդրեն Տիրոջմէ: Տէր Յիսուսի սիրտը կը խռովի: Նոյնը կը պատահի երբ Տէր Յիսուս կը դատապարտուի, խաչը ուսին դէպի Գողգոթա կ’ուղղուի, խաչը կը բարձրացուի եւ այս բոլորին ընթացքին, իր աշակերտներուն մեծ մասը կը լքէ Զինք, այդ նոյն ժողովուրդը, որ շաբաթ մը առաջ Զինք թագաւոր անուանած էր, այսօր Զինք կը դատապարտէ, աւազակը կը նախընտրէ եւ կը բացականչեն՝ «Խաչեցէ՛ք զինք»: Տէր Յիսուս կը յուզուի եւ կը տառապի, սակայն պատրաստակամ կը զոհուի յանուն իր ժողովուրդին փրկութեան:
Որքա՜ն հասկնալի է Վեհափառ Հօր մտահոգութիւնը եւ վիշտը, որպէս երկրային հայր, երբ ան տեսաւ իր զաւակներուն տխուր ու անօգնական վիճակը այսպիսի իրավիճակի դիմաց։ Ան իր ամբողջ կարողութիւնը ի գործ դրաւ՝ հասնելու իր զաւակներուն, մխիթարելու, քաջալերելու, զօրացնելու անոնց հաւատքն ու ոգին, առաջնորդելու զանոնք դէպի փրկութիւն, դէպի Արարիչը, դէպի Տէր Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Գառնը, որ իր արիւնը թափեց եւ զոհուեցաւ՝ ամբողջ մարդկութեան մեղքերուն թողութիւն շնորհելու համար:
Այսօր մարդիկ դարձեալ ամէնուրեք նման իրավիճակի մէջ կը գտնուին, սակայն մեր անցեալի փորձառութիւնները մեզի թոյլ չեն տուած յուսահատելու, ըմբոստանալու կամ մեր հոգեւոր պարտաւորութիւնները զիջելու մեր Փրկիչին նկատմամբ։
Թող Վեհափառ հօր ապրումները եւ զոհողութիւնը մեզի համար ըլլան շօշափելի օրինակ մը։ Եկէք նաեւ յիշենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերութիւնը՝ մեր հոգիներու փրկութեան համար։
Տէր Յիսուս Քրիստոս իր յարութեամբ յաղթահարեց չարը։ Ան ըսաւ․ «Այս բաները ձեզի ըսի, որպէսզի իմ մէջս խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհին մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք․ ես յաղթեցի աշխարհին»։
Մենք նոյնպէս հրաւիրուած ենք Յիսուս Քրիստոսով յաղթահարելու ամէն չարիք: Թող Տէրը ըլլայ իր զաւակներուն հովանին:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:


