Մօրս ժպիտը բուրմունք է գարնան,
Քնքուշ արեւ է իմ փոքրիկ տան։
Անոր խօսքերը՝ մեղմիկ հովիկ,
Սիրտս կը լեցնեն յոյսով անսահման։
Մօրս ժպիտը բոցեղէն ճրագ մըն է՝ լուռ ու վառ,
Որ սիրոյ յուշիկ ճաճանչներ կը հիւսէ,
Իր ոսկիէ լոյսը սրտիս խորքերը կը հոսեցնէ,
Եւ հոգւոյս խաւարը մեղմօրէն կը լուսաւորէ։
Մօրս ժպիտը ծով մըն է՝ անծայր ու խաղաղ,
Ուր տարիներու լուռ արցունքները,
Կը ծփան ժամանակի խոր ալիքներուն մէջ,
Եւ կը դառնան մրմունջ, աղօթք ու բալասան։
Քաղցր ու լուսեղէն յոյզեր ժպիտին մէջ կը հանգչին,
Ինչպէս աստղի շող մը՝ գիշերուան խոր լռութեան մէջ,
Անոր նուրբ փայլքին մէջ կը շնչեն երազներս անշէջ,
Եւ սրտիս պարտէզին մէջ կը ծաղկին որպէս սփոփանք յաւերժ։
Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան



