Երբ զոհաբերութիւնը կը դառնայ կանոն. Սփիւռքահայ արուեստագէտի տագնապը

Վերջերս, նախկին լիբանանահայ եւ այժմ ֆրանսա ապրող հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեանէն խմբագրութիւնս ստացաւ հետագայ երկտողը՝ հարցումի ձեւով. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ մը պէ՞տք է ունենայ ծառայասիրութիւն վասն ոչինչի ու դառնայ մուրացկա՞ն»։

Այդ երկտողը իսկապէս արժանի է խոր քննարկման եւ խորհրդածութեան՝ ո՛չ այնքան իր կտրուկ ձեւակերպումին պատճառով, այլ որովհետեւ անիկա կը վերաբերի սփիւռքեան կեանքի այն իրականութեան, որուն բոլորս ծանօթ ենք, բայց հազուադէպօրէն կը խօսինք։ Այս յօդուածը այդ հարցումին ուղղակի պատասխան մը չէ. անիկա փորձ մըն է հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս ծառայասիրութիւնը, որ երկար տարիներ մեր համայնքներու գոյատեւման մեծագոյն ուժերէն մէկը եղած է, երբեմն աննկատ կերպով վերածուած է մնայուն զոհաբերութեան ակնկալութեան՝ վտանգելով նոյն այն մշակոյթը, որուն պահպանման կոչուած էր ծառայելու։

Մեր ժողովուրդը գուրգուրանքով կը խօսի հայ մշակոյթի մասին։ Ամէն առիթով կը կրկնենք, որ լեզուն, գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, թատրոնը, կերպարուեստը եւ մտաւոր կեանքը մեր ինքնութեան ողնաշարը կը կազմեն։ Մենք կը հպարտանանք մեր գրողներով, բանաստեղծներով, երգահաններով եւ երգիչներով, դերասաններով, նկարիչներով ու մտաւորականներով։ Անոնք մեր ազգային յիշողութիւնը կրողներն են, մեր ինքնութեան պահապանները, մեր գոյատեւման երաշխիքները։

Բայց այս գեղեցիկ խօսքերուն կողքին կայ անհանգստացնող իրականութիւն մը, որուն մասին շատ քիչ կը խօսինք։ Ինչո՞ւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մշակոյթը կը մեծարուի, իսկ մշակոյթ ստեղծող մարդը յաճախ կը մոռցուի։ Առաւելագոյն պարագայի՝ յետ մահու կը յարգուի: Առաջին հայեացքով այս խնդիրը կրնայ նիւթական թուիլ։ Իրականութեան մէջ՝ բարոյական է։ Խնդիրը այն չէ, թէ արուեստագէտը որքան կը վաստակի։ Խնդիրը այն է, թէ համայնքը ի՛նչ պատկերացում ունի արուեստագէտին դերակատարութեան մասին։ Այս հարցը միայն արուեստագէտին մասին չէ։ Անիկա կը վերաբերի սփիւռքեան մտածելակերպի մը, որ վերաքննութեան կարիք ունի։ Սփիւռքը երկար տարիներ գոյատեւած է ծառայասիրութեամբ։ Բայց այսօր նոյն այդ ծառայասիրութիւնը, երբ կը վերածուի մշտական զոհաբերութեան ակնկալութեան, կրնայ վտանգել այն մշակոյթը, որուն պահպանման համար ստեղծուած էր։

Հետագայ արտայայտութիւնը սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ լսուած է։

«Ազգային գործ է»:

«Համայնքին համար է»:

«Ասիկա ծառայութիւն է»:

Այս բոլոր արտայայտութիւնները ազնիւ մտադրութենէ կը ծնին։ Սակայն ժամանակի ընթացքին անոնք ստեղծած են մտածելակերպ մը, որուն վտանգը հազիւ կը նկատենք։ Անիկա այն ենթադրութիւնն է, թէ մշակութային աշխատանքը սովորական աշխատանք չէ։ Գրողը պէտք է գրէ, որովհետեւ հայ է։ Երաժիշտը պէտք է նուագէ, որովհետեւ համայնքը զինք կը կանչէ։ Գեղանկարիչը պէտք է ցուցադրէ, որովհետեւ ազգային գործ կը կատարէ։ Դերասանը պէտք է բեմ բարձրանայ, որովհետեւ թատրոնը կը ծառայէ հայապահպանութեան։ Եւ այս բոլորին մէջ աննկատ կը կորսուի ամենապարզ ճշմարտութիւնը. այս բոլորը աշխատանք է` երկար տարիներու ուսում, փորձ, ձախողութիւն, կատարելագործում եւ անտեսանելի յոգնութիւն։

Ինչո՞ւ միայն արուեստագէտը

Եթէ նոյն տրամաբանութիւնը կիրարկենք ուրիշ մասնագիտութիւններու նկատմամբ, անմիջապէս պիտի զգանք անոր անհեթեթութիւնը։ Ոչ ոք կը սպասէ, որ բժիշկը անվճար վիրահատէ, որովհետեւ հիւանդը հայ է։ Ոչ ոք փաստաբանին կ’ըսէ, թէ դատը անվճար ստանձնէ, որովհետեւ ազգային հարց է։ Ոչ ոք ճարտարապետէն կը պահանջէ ձրիաբար ծրագիր պատրաստել, որովհետեւ շէնքը հայկական հաստատութիւն մըն է։ Բայց մշակութային գործիչին պարագային այդ ակնկալութիւնը գրեթէ բնական կը նկատուի։ Կարծես մշակոյթը ստեղծող մարդը նիւթական կարիքներ չունենար։ Կարծես ան ընտանիք չունենար։ Կարծես տան վարձք, ուսման ծախս կամ առօրեայ հոգեր գոյութիւն չունենային։

Ծառայասիրութիւնը առաքինութիւն է, ոչ թէ պարտաւորութիւն: Սխալ պիտի ըլլար նուաստացնել ծառայասիրութիւնը։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը անով լեցուն է։ Մեր դպրոցները, ակումբները, երգչախումբերը, սկաուտական շարժումները եւ բարեսիրական հաստատութիւնները գոյատեւած են հազարաւոր կամաւորներու շնորհիւ։ Ծառայասիրութիւնը մեր հաւաքական ուժերէն մէկն է։ Բայց ծառայասիրութիւնը բարոյական արժէք ունի միայն այն ատեն, երբ ազատ ընտրութիւն է։ Երբ ան կը վերածուի ակնկալութեան, ապա կը դադրի ծառայասիրութիւն ըլլալէ։ Կը դառնայ պարտադրանք։ Աւելի՛ն, կը դառնայ մեղքի զգացումի միջոց։ Ով որ համարձակի իր աշխատանքին դիմաց վարձատրութիւն պահանջել, յաճախ կը զգայ, թէ կարծես համայնքին կամ ազգին դէմ մեղանչած է։

Այս մտածելակերպին մեծագոյն վնասը արուեստագէտին չէ։ Վնասը համայնքին է։ Որովհետեւ ամէն անգամ, երբ մշակութային աշխատանքը կը ներկայացնենք իբրեւ բան մը, որ պէտք է կատարուի անվճար, մենք երիտասարդներուն պատգամ մը կը փոխանցենք. «Այս ասպարէզը ընտրելով՝ դժուար թէ ապրուստ ապահովես»։ Թէեւ այս պատգամը չի հնչեր յայտնապէս, բայց անիկա կը հասնի։ Եւ տարիներ ետք կը սկսինք դժգոհիլ. Ինչո՞ւ նոր գրողներ չունինք։ Ինչո՞ւ երիտասարդ երաժիշտները կը հեռանան։ Ինչո՞ւ արուեստագէտները օտար շրջանակներու մէջ կը ստեղծագործեն։ Հաւանաբար որովհետեւ մենք երբե՛ք իսկապէս պայմաններ չստեղծեցինք, որ անոնք իրենց տաղանդով արժանապատիւ ապրին։

Մշակոյթի համար կատարուած յատկացումները կարելի՞ է ծախս սեպել: Սփիւռքեան շատ մը հաստատութիւններ մեծ գումարներ կը յատկացնեն շէնքերու, վերանորոգումներու, սարքաւորումներու, ճաշկերոյթներու եւ բազմաթիւ այլ անհրաժեշտ ծախսերու։ Բայց երբ խօսքը կը հասնի հեղինակային վարձատրութեան, դասախօսի, երաժիշտի, գրողի, թարգմանիչի, բեմադրիչի կամ նկարիչի աշխատանքին, յաճախ կը սկսինք խնայողութիւն ընել։ Կարծես մշակոյթը աւելորդ ծախս ըլլայ։ Իրականութեան մէջ մշակոյթը ներդրում է։ Ոչ մէկ համայնք երկարատեւ կեանք կ’ունենայ, եթէ չներդրէ իր ստեղծագործ մարդոց մէջ։

Շէնքերը ինքնութիւն չեն ստեղծեր։

Մարդիկ կը ստեղծեն։

Հրեայ, յոյն, իրլանտական եւ իտալական սփիւռքներուն մէջ նոյնպէս ծառայասիրութիւնը կարեւոր տեղ ունի։ Բայց անոնք տարիներու ընթացքին հասկցած են, որ մշակութային ստեղծագործութիւնը միայն կամաւոր աշխատանքի վրայ չի կրնար հիմնուիլ։ Անոնք ստեղծած են կրթաթոշակներ, ստեղծագործական հիմնադրամներ, հեղինակային ֆոնտեր, արուեստագէտներու բնակութեան ծրագիրներ եւ մշակութային դրամաշնորհներ։ Ոչ թէ որովհետեւ իրենց արուեստագէտները աւելի արժէքաւոր են։ Այլ որովհետեւ հասկցած են, որ մշակոյթը ինքնաբերաբար չի գոյատեւեր։ Անիկա պէտք է սնուցուի։

Շատ անգամ համայնքի հզօրութիւնը կը չափենք շէնքերով, դպրոցներով կամ անդամներու թիւով։ Բայց համայնքի մը իսկական հարստութիւնը ուրիշ տեղ պէտք է փնտռել։ Անիկա կը գտնուի այն գրողին մէջ, որ կը շարունակէ գրել։ Այն երաժիշտին մէջ, որ նոր ստեղծագործութիւն կը յօրինէ։ Այն դերասանին մէջ, որ հայ բեմը կենդանի կը պահէ։ Այն գեղանկարիչին մէջ, որ մեր ժամանակը հայու աչքերով կը մեկնաբանէ։ Եթէ անոնք լռեն, համայնքը կամաց-կամաց կը սկսի աղքատանալ, նոյնիսկ եթէ արտաքնապէս հարուստ թուի։

Հաւանաբար ժամանակն է հրաժարելու այս տխրահռչակ նախադասութենէն.

«Մշակոյթը պէտք է ծառայէ համայնքին»։

Թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել.

Համայնքը եւս պարտաւոր է ծառայելու իր մշակոյթին։

Որովհետեւ մշակոյթը միայն գաղափար չէ։ Մշակոյթը մարդիկ են։ Իսկ մարդիկ արժանապատիւ կեանքի իրաւունք ունին։ Եթէ իսկապէս կը հաւատանք, որ հայ մշակոյթը մեր գոյութեան հիմքն է, ապա պէտք է նոյն լրջութեամբ արժեւորենք անոնք, որոնք զայն կը ստեղծեն ու կը պահպանեն։

Ծառայասիրութիւնը գեղեցիկ առաքինութիւն է։ Բայց ոչ մէկ համայնք կրնայ իր մշակութային ապագան կառուցել միայն իր արուեստագէտներուն անվերջ զոհաբերութեան վրայ։ Որովհետեւ երբ զոհաբերութիւնը դառնայ կանոն, ստեղծագործութիւնը դանդաղօրէն կը մարի։ Իսկ այն օրը, երբ վերջին արուեստագէտն ալ լուռ հեռանայ, մենք պիտի հասկնանք, որ չենք կորսնցուցած միայն անհատ մը։ Կորսնցուցած պիտի ըլլանք մեր սեփական ձայնը։

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x