Տխուր լուր մը այս օրերուն շրջան կ’ընէ լիբանանահայ համայնքին մէջ։ Կ’իմանանք, որ հարիւր հինգ տարուան պատմութիւն ունեցող Սահակեան վարժարանը կը փակէ իր դռները։ Տխուր լուր մը, որ ամբողջ համայնքը մտածելու կը հրաւիրէ։
1921-ին, երբ ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու Լիբանանի ծովեզերքը ապաստանած հայը ոչինչ ունէր, վրանի մը տակ կը հիմնէր Սահակեան վարժարանը։ Անօթի էր, որբ, բայց ունէր տեսլական. աղիւս չունէր, բայց ունէր կամք։ Վրանը դարձաւ թիթեղ, թիթեղը՝ քարաշէն, իսկ շէնքը՝ հարիւրամեայ «Գոլէճ»։
2026-ին, 105 տարի ետք, այդ քարաշէն պատերն ու արդիական սրահները կանգուն են, բայց դպրոցը կը փակուի։
105 տարուան կեանք մը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:
Բայց դպրոցը միայն պատ չէ․ անիկա շէնք ալ չէ։ Դպրոցը նաեւ անցեալն ու ապագան, հին ու նոր սերունդները կապող կարեւոր կամուրջ մը կը հանդիսանայ։ Երբ դպրոց մը կը փակուի, իրականութեան մէջ դուռ մը կը փակուի ապագային առջեւ։
Հետաքրքրական է, որ Սահակեանի պատմութիւնը կը սկսի ոչ թէ բարեկեցութեան, այլ դժբախտութեան մէջ, 1921-ին՝ Նոր Հաճընի վրանաքաղաքին մէջ, գաղթականներու վրանին տակ։ Մարդիկ տուն չունէին, բայց որոշեցին դպրոց ունենալ։ Քարաշէն պատեր չունէին, բայց համոզում ունէին, որ իրենց զաւակներուն ապագան կարելի չէր յետաձգել։
Այսօր մենք հակառակ պատկերը ունինք։ Շէնքեր տակաւին կան, բայց այն համոզումը, որ դպրոցը համայնքի ապագան կը կերտէ, կարծես սկսած է թուլնալ։ Ահաւասիկ իսկական տարբերութիւնը։
Համայնքներու պատմութիւնը հետաքրքրական օրինաչափութիւն մը ունի։ Անոնք հազուադէպօրէն կը մահանան մէկ մեծ աղէտով, այլ՝ լուռ կերպով։ Սկիզբը դպրոց մը կը փակուի։ Ապա մշակութային միութիւն մը կը դադրի գործելէ։ Յետոյ երգչախումբ մը անդամներ չի գտներ։ Օր մը ալ մարդիկ կը զարմանան․
«Ինչպէ՞ս հասանք այս վիճակին»։
Անակնկալ մը չէ այս փլուզումը․ անիկա տարիներ առաջ սկսած հոլովոյթի մը հետեւանքն է։ Այսպիսի պահերու, ամէնէն դիւրին բանն է արցունք թափելը, չքմեղանքի խօսքեր գտնելը: Ամէնէն դժուարը հարցնելն է․
Ինչո՞ւ։
Արդեօք միայն արտագա՞ղթը, միայն ծնունդներու նուազո՞ւմը, թէ՞ մենք ալ կամաց-կամաց փոխեցինք համայնքի գաղափարը։ Թերեւս դպրոցը այլեւս առաջնահերթութիւն չէ։ Թերեւս հայերէնը դարձած է շաբաթավերջի զբաղում մը։ Թերեւս կրթութիւնը այլեւս ազգային ծրագիր մը չէ, այլ՝ անհատական ընտրութիւն։ Եւ եթէ այդպէս է, ապա խնդիրը միայն Սահակեանինը չէ․ խնդիրը մեզմէ իւրաքանչիւրինն է։
Սահակեանի փակումը, հետեւաբար, պատմութեան էջի մը փակումը չէ միայն։ Անիկա հայելի մըն է․ հայելի մը՝ որուն մէջ ամբողջ լիբանանահայ համայնքը կը նայի ինքն իրեն։ Եւ թերեւս հարցումը այն չէ, թէ քանի՛ դպրոց փակուեցաւ, այլ՝ քանի՞ դպրոց տակաւին կը կարծենք, թէ մեզի անհրաժեշտ է։
Որովհետեւ դպրոցները միայն երեխաներ չեն կրթեր․ անոնք համայնքներու յարատեւութիւնը կ’երաշխաւորեն (ինչպէս նաեւ՝ հայկական բոլոր կառոյցներունն ու կուսակցութիւններունը)։ Իսկ երբ համայնք մը կը դադրի իր դպրոցները պահելէ, վտանգը միայն այն չէ, որ դասարան մը կը պարպուի․ վտանգը այն է, որ ապագան ալ կամաց-կամաց կը սկսի դատարկուիլ։
Սահակեան վարժարանին փակումը պարզապէս «հերթական դպրոցի մը» կորուստը չէ, այլ ահազանգ մը՝ մեր գաղութային ամբողջ համակարգին սնանկացման մասին։ Անիկա ապացոյցն է այն դառն ճշմարտութեան, որ հաստատութիւնները չեն մեռնիր նիւթականի կամ քարերու պակասէն․ անոնք կը մարին այն օրը, երբ կը դադրին իմաստ հաղորդելէ:
«Դէպի ո՞ւր կ’երթայ մեր գաղութը» հարցումը այլեւս հռետորական չէ։ Եթէ շարունակենք ապրիլ անցեալի փառքերով, ամէն փակուող դպրոցի հետ պիտի կորսնցնենք մեր ինքնութեան եւ հաւաքական յիշողութեան եւս մէկ բեկորը։
Վրանին տակ ապրող մեր պապերը ապագայ ունէին, որովհետեւ ունէին հաւատք, ծրագիր եւ, թէեւ անորոշ, բայց ապագայի տեսլական։ Այսօր, քարաշէն շէնքերու մէջ, մենք կորսնցուցած ենք այդ հաւատքը, ծրագրելու կամքն ու ապագայի տեսլականը:
Եւ ահա թէ ինչու դռները մէկիկ-մէկիկ կը փակուին մեր ետեւէն։
























Զբօսաշրջիկներու թիւին աճը պատահական զարգացում մը չէ։ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէն վերջին տարիներուն զգալի ջանքեր կը գործադրէ երկիրը միջազգային զբօսաշրջային շուկային մէջ աւելի տեսանելի դարձնելու ուղղութեամբ։






Աւելի քան երկու հազար չորս հարիւր տարի առաջ, մեծ իմաստասէր Սոկրատ զարմանալի մտավախութիւն մը արտայայտած է։ Իր աշակերտին՝ 




















Էրիխ Ֆրոմ կը կարծէր, թէ մարդկային ինքնակործանման հիմնական պատճառը ոչ այնքան բնազդային կործանարար վարքագիծն է, որքան մարդու ներքին անզօրութիւնը։ Ըստ անոր, ամենէն վտանգաւոր մարդը ոչ թէ ուժեղն է, այլ ան, որ կորսնցուցած է ստեղծագործելու կարողութիւնը եւ իր գոյութեան իմաստը կը փորձէ գտնել ուրիշներու ոչնչացման մէջ։ Այդպիսի մարդը կը սկսի ատել ոչ միայն իր հակառակորդը, այլ նոյնիսկ իր համախոհը, եթէ վերջինս համարձակի հարցումներ տալու։
Մօտեցանք գիւղին․ Ամենուրէք տարածուած էին կեռասենիներ, որոնց ճիւղերը ծանրացած, բայց հպարտութեամբ կը կրէին իրենց գոհարները։ Արեւի ճառագայթներուն տակ կարմիր կեռասները կը փայփլէին, որպէս քաղցրութեան կաթիլներ։ Թաննուրինը, իր հիւրընկալ եւ սրտաբաց շունչով, գրկաբաց կը դիմաւորէր այցելուները՝ կարծես հին բարեկամներ։ Իսկ օդին մէջ կը խառնուէին ծոթրինով հացի անուշահոտ բոյրը եւ սուրճի նուրբ գոլորշիները, որոնք դանդաղ կը բարձրանային եւ կը սփռուէին փողոցերուն վրայ։ Ճամբու եզրին, հին եւ փայտեայ կրպակ մը նկատեցինք։ Մօտեցանք, որ հարցնենք, թէ ու՞ր կարելի էր գտնել ծախու կեռաս։ Կրպակին տէրը, քիչ մը անդին, կեռասի ծառ մը մատնանշելով ըսաւ։
Քիչ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեցինք գիւղացիին եւ իր կնոջ եւ ուղղուեցանք մայրիներու անտառը, քայլարշաւի համար։ Ճամբան, մեր դիմաց պարզուեցան դէպի հնադարեան մայրիի խիտ անտառերը, որոնց մէջէն ծառերը տպաւորիչ կերպով կը բարձրանային ժայռերու վրայ՝ ստեղծելով շշմեցուցիչ տեսարաններ։ Այս բոլորին վրայ կ’աւելնար Պաաթարա Կիրճի ջրվէժը, ուր յետմիջօրէին այցելեցինք եւ Թաննուրինը կը վերածուէր արկածախնդրութեան, բնութեան եւ զբօսաշրջիկութեան եզակի վայրի մը հիւսիսային Լիբանանի մէջ։
Ազատ ընտրութիւնները ինքն ըստ ինքեան կայուն պետութիւն մը չեն ստեղծեր։ Քուէատուփը կրնայ ընտրել ղեկավարներ, բայց չի կրնար ինքնաբերաբար դատարաններ, համալսարաններ, վարչական մշակոյթ կամ հանրային վստահութիւն ստեղծել։ Այդ բոլորը երկար ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուող կառոյցներ են։ Ահա թէ ինչո՛ւ պատմաբաններ եւ քաղաքական գիտնականներ յաճախ կը մատնանշեն հետաքրքրական երեւոյթ մը։ Ժամանակակից ժողովրդավարութիւններու մեծ մասը նախ ստեղծած է պետութիւնը, ապա միայն ժողովրդավարացուցած է զայն։