Ազգը կը կործանեն ոչ թէ թշնամիները, այլ սեփական արդարացումները

Ազգերը սովորաբար չեն կործանիր այն պահուն, երբ առաջին թշնամին կ’անցնի սահմանը։ Այդ ատեն կործանումը յաճախ արդէն շատոնց սկսած կ’ըլլայ։ Անիկա կը սկսի շատ աւելի կանուխ՝ այն պահուն, երբ հասարակութիւնը կը կորսնցնէ ինքզինք քննադատելու ունակութիւնը եւ կը սկսի անձնական ցանկութիւնները կոչել ճշմարտութիւն, իսկ անձնական շահերը՝ արդարութիւն։ Իսկ ալ աւելի ճգնաժամային ու քաոսային կ’ըլլայ կործանումը, երբ ներհասարակական տարբեր խումբեր տարբեր արժէքներ կը դաւանին եւ զանոնք միաւորող միակ երեւոյթը համակարգուած փոխադարձ ատելութիւնն է։

Ինչպէս մարդկութեան պատմութեան, այնպէս ալ ամէն ազգի ու հասարակութեան մեծագոյն ողբերգութիւնները ծնունդ առած են ոչ թէ չարիքի բացայայտ պաշտամունքէն, այլ բարիի անունով գործուող չարիքներէն։ Ոչ մէկ պատերազմ սկսած է «մենք կ’ուզենք թալանել» կամ «մենք կ’ուզենք կործանիլ» կարգախօսով։ Ոչ մէկ բռնապետ երբեւէ յայտարարած է, թէ իշխանութեան եկած է մարդոց ազատութիւնը խլելու համար։ Ոչ մի գաղափարախօսութիւն ինքզինք երբե՛ք չար չէ անուանած։ Ընդհակառակը՝ բոլորը խօսած են ազատութեան, արդարութեան, անվտանգութեան, հաւատքի, հայրենիքի, ժողովուրդի փրկութեան կամ պատմական առաքելութեան անունով։ Այնպէս ինչպէս հիմա եւ հոս։

Նոյնիքն այստեղ կը սկսի բանականութեան մեծագոյն ողբերգութիւնը։

Մարդը միակ կենդանին է, որ կրնայ բարոյական հիմնաւորում ստեղծել իր ագահութեան, վրէժի, վախի կամ իշխանասիրութեան համար։ Կենդանին կը սպանէ, որովհետեւ անօթի է։ Մարդը կը սպանէ եւ յետոյ հազար էջնոց աշխատութիւն կը գրէ, թէ ինչու այդ մէկը պատմական անհրաժեշտութիւն էր, կամ ինչու պէտք էր հայրենիքէն կտոր մը եւս կորսնցնել։

Էրիխ Ֆրոմ կը կարծէր, թէ մարդկային ինքնակործանման հիմնական պատճառը ոչ այնքան բնազդային կործանարար վարքագիծն է, որքան մարդու ներքին անզօրութիւնը։ Ըստ անոր, ամենէն վտանգաւոր մարդը ոչ թէ ուժեղն է, այլ ան, որ կորսնցուցած է ստեղծագործելու կարողութիւնը եւ իր գոյութեան իմաստը կը փորձէ գտնել ուրիշներու ոչնչացման մէջ։ Այդպիսի մարդը կը սկսի ատել ոչ միայն իր հակառակորդը, այլ նոյնիսկ իր համախոհը, եթէ վերջինս համարձակի հարցումներ տալու։

Հոգեբանական այս մեքանիզմը միայն անհատներուն չի վերաբերիր։ Ան կը գործէ նաեւ ամբողջ հասարակութիւններու եւ ազգերու մակարդակով։ Ազգ մը կը սկսի հիւանդանալ, երբ քննադատութիւնը դաւաճանութեան հետ կը շփոթէ, երբ իր սխալները ընդունելու փոխարէն կը սկսի զանոնք արդարացնել, երբ իրականութիւնը տեղի կու տայ ինքնասիրահարած առասպելներուն, եւ երբ ճշմարտութեան որոնումը կը փոխարինուի սխալները շրջելու կամ աղաւաղելու հաւաքական փորձերով։

Բայց հաւաքական ինքնահիացումը հայրենասիրութիւն չէ։ Հայրենասիրութիւնը սեփական ժողովուրդը աւելի լաւը դարձնելու ձգտումն է։ Հաւաքական ինքնահիացումը, ընդհակառակը, սեփական ժողովուրդը անսխալական հռչակելու մոլորութիւնն է։ Իսկ այդ մոլորութիւնը անխուսափելիօրէն զայն կ’առաջնորդէ դէպի կործանում։

Այն հասարակութիւնը, որ մշտապէս կը խօսի միայն իր փառքին մասին, ուշ կամ կանուխ կը կորսնցնէ իր ապագան, որովհետեւ կը դադրի սեփական թերութիւնները տեսնելէ։ Իսկ այն հասարակութիւնը, որ ունի կարողութիւնը ցաւոտ ճշմարտութիւններ ընդունելու, փոխուելու հնարաւորութիւն ձեռք կը բերէ։ Հաննա Արենդտ ցոյց կու տայ, որ չարիքը միշտ չէ, որ սատանայական դէմք ունի։ Երբեմն ան սովորական մարդն է, որ պարզապէս դադրած է մտածելէ։ Երբ մարդը պատասխանատուութիւնը կը փոխանցէ առաջնորդին, կուսակցութեան, կրօնական հեղինակութեան կամ ամբոխին, անոր խիղճը աստիճանաբար կը լռէ։ Այդ պահէն կը սկսի ամենէն վտանգաւոր գործընթացը՝ մարդը կը դադրի որոշումներ կայացնելէ եւ կը սկսի միայն ենթարկուելու։ Բայց ենթարկուիլը ոչ մէկ պարագայ պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ։ Մարդը կրնայ փոխել միայն այն հասարակութիւնը, որուն համար ինքը պատրաստ է պատասխանատուութիւն կրելու։ Ժամանակակից հասարակութիւններու գլխաւոր ճգնաժամը յաճախ ոչ թէ եւ միայն գաղափարներու բացակայութիւնն է, այլ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը։ Բոլորը կը պահանջեն, որ բան մը փոխուի՝ պետութիւնը, իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը, եկեղեցին, դպրոցը, երիտասարդութիւնը, չափահասները։ Քիչերն են որ հարց կու տան, թէ իրե՞նք ինչ պիտի փոխեն։

Ասիկա ազատութենէն փախուստի ամենէն նուրբ ձեւերէն մէկն է․ բոլորը սրիկայ հռչակել եւ մէկ կողմ քաշուիլ։ Բայց ազատ մարդը միշտ պատասխանատու է, մինչ անազատ մարդը միշտ մեղաւորներ կը փնտռէ։ Ֆրանսացի մտածող Ռընէ Ժիրար ցոյց կու տայ, որ հասարակութիւնները յաճախ կը փորձեն իրենց ներքին հակասութիւնները լուծել՝ «քաւութեան նոխազ» մը ստեղծելով։ Երբ տագնապ մը կը ծագի, հասարակութիւնը կը սկսի փնտռել այն անհատը կամ խումբը, որուն վրայ կարելի ըլլայ բեռցնել բոլոր դժբախտութիւններուն պատասխանատուութիւնը։ Ահա այսպէս կը ծնին «ներքին թշնամիները», «դաւաճաններու» անվերջ ցուցակները, քաղաքական եւ գաղափարական վհուկորսութիւնները, նախկինները, ներկաները, ռուսի ու թուրքի ստրուկները եւ այլն։

Բայց եւ այսպէս խնդիրները չեն անհետանար։

Նոր «քաւութեան նոխազ» մը չի բուժեր ազգը։ Ընդհակառակը, աւելի կը կարծրացնէ, աւելի կը վախցնէ, աւելի կոյր եւ մոլեգին կը դարձնէ զայն։ Ազգը կը սկսի ապաքինիլ միայն այն ատեն, երբ կը համարձակի նայելու իր իսկ հայելիին։ Իսկ այդ հայելին միայն գեղեցկութիւն կամ ինքնահաճոյք չի ցուցներ։ Ան նախ եւ առաջ իրականութիւնը կը ցոլացնէ։

Մարդկային բանականութիւնը ստեղծած է գիտութիւն, արուեստ, պետութիւն, իրաւունք եւ քաղաքակրթութիւն։ Բայց նոյն բանականութիւնը ստեղծած է նաեւ այնպիսի երեւոյթներ, ինչպէս գաղափարախօսական մոլուցքը, զանգուածային ատելութիւնը, ցեղասպանութիւնները եւ ամբողջ ժողովուրդներու ինքնախաբէութիւնը։ Հետեւաբար, հասարակութեան առջեւ կանգնած գլխաւոր խնդիրը նոր գաղափարախօսութիւն ստեղծելը չէ։ Գլխաւոր խնդիրը սեփական գաղափարախօսութեան վրայ կասկածելու կարողութիւնն է։ Ժողովուրդները սովորաբար չեն կործանիր, որովհետեւ խելացի չեն, այլ որովհետեւ իրենց բանականութիւնը կը դադրի ծառայելէ ճշմարտութեան եւ կը սկսի ծառայել ինքնարդարացման։ Այդ պահէն սկսեալ մարդը այլեւս ճշմարտութիւն չի որոներ։ ԱՆ կ’որոնէ/կը յօրինէ միայն այնպիսի փաստեր, որոնք կը հաստատեն այն, որուն ինքը արդէն որոշած է հաւատալ։ Մենք հիմա նոյնիքն այդ վիճակը կը պարզենք։ Մենք հիմա կը փորձենք արդարացնել ամէն ինչ եւ մենք զմեզ։

Եւ այդ պահուն է, որ հասարակութեան իսկական անկումը կը սկսի՝ ո՛չ սահմաններուն վրայ, ո՛չ Արցախի մէջ, այլ մեր սեփական գիտակցութեան մէջ։ Ան կը սկսի այն ատեն, երբ կը դադրինք հաւատալէ մենք մեզի, մեր գաղափարներուն, մեր արժէքներուն եւ մեր ուժին։ Այդ պահէն սկսեալ՝ ամէն ինչ կարելի կ’ըլլայ արդարացնել։

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x