Թուրքիոյ շուքին տակ Պաքուի աճող ազդեցութիւնը եւ սուրիահայութեան նոր մարտահրաւէրը

«Ատրպէյճան-Սուրիա յարաբերութիւնները․ տատանումներու եւ շրջադարձային փուլերու ձեւաւորումը (1992–2025)» («Azerbaijan-Syria Relations: Shaping the Fluctuations and Turning Points (1992–2025)») խորագրեալ յօդուած մը լոյս տեսած է ռուսական «International Trends» միջազգային յարաբերութիւններու գիտական հանդէսին մէջ (DOI: 10.46272/IT.2025.23.3.82.3) (իր ֆէյսպուքեան էջով դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան վերջերս զայն կը յանձնէր հանրութեան ուշադրութեան): Հեղինակներ՝ Արաքս Փաշայեան, Գոռ Գէորգեան եւ Գրիգոր Վարդանեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկէն են։ Յօդուածը կարելի է ներբեռնել եւ կարդալ այս կապով https://tinyurl.com/4f4cf2vp.

Յօդուածը կը քննարկէ Ատրպէյճանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւններուն զարգացումը 1992-էն մինչեւ 2025՝ զանոնք բաժնելով երեք հիմնական փուլերու. յետխորհրդային շրջան, Պաշշար Ասատի իշխանութեան տարիներ եւ 2024-էն ետք ձեւաւորուող յետասատեան իրավիճակ։ Հեղինակները կը նշեն, թէ այս յարաբերութիւնները երբեք ամբողջովին ռազմավարական բնոյթ չեն ստացած, այլ մեծապէս պայմանաւորուած եղած են տարածաշրջանային զարգացումներով, յատկապէս Թուրքիոյ դերակատարութեամբ, Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններով եւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեամբ։

Յօդուածը կը բացատրէ, որ Ատրպէյճան Միջին Արեւելքը կը դիտէր ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ խորհրդանշական տեսանկիւնէ, քանի որ իսլամական աշխարհի աջակցութիւնը կարեւոր էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ։ Սուրիոյ եւ Ատրպէյճանի կապերը նաեւ որոշ պատմական հիմքեր ունէին խորհրդային շրջանին՝ Հաֆէզ Ասատի եւ Հայտար Ալիեւի անձնական կապերուն միջոցով։ Սակայն, հակառակ այս մերձեցումներուն, երկկողմանի յարաբերութիւնները երկար ժամանակ սահմանափակ մնացած էին։

Հեղինակները կը նշեն, որ 2008–2010 տարիները երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ամենէն աշխուժ շրջանը եղած է, երբ Թուրքիա եւ Սուրիա նաեւ սերտ յարաբերութիւններ ունէին։ Այդ շրջանին Պաշշար Ասատ այցելած է Պաքու, տնտեսական համաձայնութիւններ ստորագրուած են, եւ սկսած են քննարկուիլ ատրպէյճանական կազի արտածումը դէպի Սուրիա, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը ուժանիւթի, առեւտուրի, փոխադրութեան եւ ներդրումներու մարզերուն մէջ։ Սուրիա կը յուսար, որ Ատրպէյճանի ուժանիւթային ներուժը եւ Կովկասի մէջ անոր ռազմավարական դիրքը կրնան օգնել նաեւ Սուրիոյ տնտեսական վերելքին։

Սակայն, յօդուածը կը շեշտէ, որ Սուրիա ընդհանուր առմամբ հաւասարակշռուած դիրքորոշում մը պահպանած է Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան նկատմամբ։ Պաշշար Ասատ խուսափած է բացայայտ հակահայ դիրքորոշումներէ՝ նոյնիսկ այն պարագաներուն, երբ Ատրպէյճան իսլամական ժողովներու մէջ կը փորձէր Ղարաբաղի հարցը ներկայացնել որպէս իսլամական համերաշխութեան խնդիր։ Հեղինակները կը նշեն, որ Դամասկոս կը փորձէր պահպանել յարաբերութիւնները երկու կողմերուն հետ՝ առանց անոնց մէկը ամբողջովին օտարացնելու։

Մեծ շրջադարձը պատահած է 2011-ի սուրիական պատերազմով եւ Թուրքիոյ ու Սուրիոյ յարաբերութիւններու կտրուկ վատթարացումով։ Քանի որ Ատրպէյճան սերտ ռազմավարական դաշնակիցն է Թուրքիոյ՝ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» գաղափարախօսութեան հիմամբ, Սուրիա կը սկսի Ատրպէյճանը դիտել Թուրքիոյ քաղաքականութեան ծիրէն ներս։ 2012-ին, Ատրպէյճան կը փակէ իր դեսպանատունը Դամասկոսի մէջ՝ ապահովական պատրուակներով, եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները շուրջ տասներեք տարի կը մնան գրեթէ սառեցուած վիճակի մէջ։

Յօդուածը նաեւ կը քննարկէ սուրիական պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանցի զինեալներու մասնակցութիւնը տարբեր խմբաւորումներու։ Ոմանք միացած էին ծայրայեղ սիւննի կազմակերպութիւններու, ուրիշներ՝ Իրանի աջակցութիւնը վայելող շիա ուժերու։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մտահոգուած էին արմատական գաղափարախօսութիւններու տարածումով եւ Թուրքիոյ հետ համագործակցաբար կը փորձեն կանխել նոր զինեալներու տեղափոխումը Սուրիա։

Հեղինակները նաեւ կը նշեն, որ սուրիական հարցին մէջ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը հիմնականօրէն համընկած է Թուրքիոյ մօտեցումներուն հետ։ Պաքու հրապարակաւ կ’աջակցի Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւններուն Սուրիոյ հիւսիսը եւ աստիճանաբար իր արտաքին քաղաքականութիւնը կը ներդաշնակէ Անգարայի շրջանային ռազմավարութեան հետ։ Այս պատճառով ալ, Սուրիա յաճախ Ատրպէյճանը կը դիտէ Թուրքիոյ աւելի լայն դերակատարութեան շրջագիծին մէջ։

Ուսումնասիրութեան ամենէն կարեւոր բաժիններէն մէկը կը վերաբերի 2024-էն ետք ձեւաւորուած նոր իրավիճակին։ Հեղինակները կը պնդեն, որ Իրանի եւ Ռուսիոյ ազդեցութեան նահանջը Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Թրքամէտ իսլամական իշխանութեան ձեւաւորումը, նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն Ատրպէյճանի համար։ Թուրքիոյ աջակցութեամբ, Պաքու այժմ կը փորձէ ներգրաւուիլ Սուրիոյ վերակառուցման, ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ շրջանային դիւանագիտութեան ոլորտներուն մէջ։

Յօդուածը նաեւ կը նշէ, որ Ատրպէյճան կը փորձէ ներկայանալ որպէս միջնորդ ուժ՝ մասնաւորաբար Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի, իսկ ապագային թերեւս նաեւ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ։ Հեղինակներուն համաձայն, այս քաղաքականութիւնը մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի աւելի լայն ձգտումին՝ բարձրացնելու իր կշիռը եւ տեսանելիութիւնը միջազգային բեմի վրայ։

Ուշագրաւ բաժին մը նաեւ կը վերաբերի Սուրիոյ հայկական համայնքին։ Հեղինակները կը նշեն, որ պատերազմը, արտագաղթը եւ շրջանային փոփոխութիւնները զգալիօրէն տկարացուցած են սուրիահայ համայնքի ժողովրդագրական եւ քաղաքական ազդեցութիւնը։ Անոնք նաեւ կ’ենթադրեն, որ Ատրպէյճանի աճող ներգրաւուածութիւնը Դամասկոսի հետ հաւանօրէն անուղղակի կերպով կը միտի նուազեցնելու Հայաստանի ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ։

Յօդուածը կ’եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ միայն որպէս յետխորհրդային փոքր պետութիւն մը, այլ որպէս շրջանային դերակատար՝ Կովկասէն անդին։ Սակայն հեղինակները կը շեշտեն, որ այս ամբողջ քաղաքականութիւնը տակաւին մեծապէս կախեալ կը մնայ Թուրքիոյ աջակցութենէն եւ Միջին Արեւելքի արագ փոփոխուող աշխարհաքաղաքական զարգացումներէն։

Վ.Թ.

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x