Լենա Պօղոսեան

Ծովու մակերեսէն շուրջ 1500 մեթր բարձրութեան վրայ, Լիբանանի հիւսիւսային կողմը, Մաքմէլ լեռան լանջերուն 6 Սեպտեմբերի առաւօտուն կը ծածանէին երկու դրօշ կողք-կողքի. լիբանանի՝ կարմիր, ճերմակ, կանաչն ու Հայաստանի՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյնը: Զղարթայի բարձրավանդակը գրաւող Էհտէն գիւղին մէջ այդ օր դարերու պատմութիւններ խանդաղատանքով կը պատմուէին՝ պարուրուած մէյ մը տէպքէին ու տրպաքէին, մէյ մըն ալ տհոլին ու տուտուկին հաճոյալի ձայներով: Այդ պարզապէս հողին մեղմ շրշիւնը չէր փջող զեփիւռին հետ, այլ հաւաքական յիշողութեան, ինքնութեան եւ համերաշխութեան համանուագ մը, որ անգամ մը եւս կը հնչէ նոյն երկինքին տակ. մեր սիրելի հիւրընկալ Լիբանանի ժողովուրդը անգամ մը եւս մեզ կ’ընդունէր՝ այս անգամ գիւղին մուտքին ու կ’առաջնորդէր դէպի գիւղին սիրտը եւ հոնկէ՝ բարձրուքները:
Մեր դպրոցական գրասեղաններուն ետեւ, մենք մանուկներս արդէն գիտէինք որ կը բնակինք մեր մայր հայրենիքէն՝ Հայաստանէն հեռու Լիբանանի մէջ, ուր մեր աչքերը առաջին անգամ տեսան արեւը եւ անոր հողն ու ջուրը սնուցին ոչ միայն մեր հողեղէն մարմինը, այլ՝ մեր միտքն ու հոգին: Իբրեւ լիբանանցի հայ մանուկներ ու պատանիներ մենք բոլորս լաւ կը յիշենք թէ ինչպէս մեր դասարաններուն մէջ, հայերէնի կողքին սորվեցանք արաբերէն լեզուն, ու կարճ ժամանակի մէջ Լիբանանն ու արաբերէնը դարձան մեր ինքնութեան կարեւոր մէկ մասը: Լաւ կը յիշեմ, երբ դասընկերներս անդադար հարց կու տային, թէ մենք ինչու պէտք է սորվինք արաբերէնը, մեր ուսուցչուհին դասը ընդհատելով միշտ կը կրկնէր. «ճիշդ է որ մեր հայրենիքը Հայաստանն է, բայց Լիբանանը դարձաւ մեր երկրորդ հայրենիքը, երբ ան ընդունեց մեզ. հոս՝ մենք առիթը ունեցանք հիմնելու մեր երկրորդ հայրենիքը»: Հետեւաբար արաբերէնը անհրաժեշտ էր մեր դպրոցին, ապա թաղին ու մեր հաւաքական կեանքի լայն շրջանակին մէջ՝ հաղորդուելու մեր նոր հայրենակիցներուն հետ, ծանօթանալու անոնց սովորութիւններուն, եւ անխուսափելի էր՝ մեր երկու ժողովուրդներու սովորութիւններն ու հաւաքական յիշողութիւնները պիտի կամրջուէին եւ բարեբախտաբար, թէեւ քիչ մը ուշ, անոնք գտան ներդաշնակութեան եւ համերաշխութեան ուղին:
Եւ այսպէս է, որ մշակոյթներու հանդիպումը բացառիկ առիթ մը հանդիսացաւ էհտէնցիին եւ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն ժամանած լիբանանահայերուն՝ ծանօթանալու, խօսելու, եւ նաեւ պարելու ու երգելու միասին: Գեղեցիկ էր պատկերը, երբ մեր աւանդութիւններով ու սովորութիւններով հանդէս կու գայինք ու ձեռք կ’երկարէինք մեզ հիւրընկալողներուն՝ անոնք ինչպէս սրտբացօրէն կը սեղմէին այդ ձեռքերը, եւ տարբեր մշակոյթներով մէկ հայրենիքի զաւակները ազնուօրէն կը գծէին համակեցութեան գեղեցիկ մոզայիք մը:
Գիւղին հրապարակը հաւաքուած ներկաները իրենց ձեռքերուն երկու դրօշները պարզած միացան տապքէի պարով՝ հրաւէր մը, որուն ընդառաջեցին բոլոր լսողները, ու խումբը ուղղուեցաւ դէպի Եուսուֆ Պէք Քարամի ընտանիքին 18-րդ դարուն կառուցած բնակարանը. անոր մուտքի կողմը տարածուած էր լիբանանեան մշակոյթը ներկայացնող շուկան իր բեմով, իսկ շէնքին յետնամասը, որ յատուկ կամարներով շինուած քարաշէն աստիճաններով ճամբայ մըն էր, դարձած էր մերը՝ հայ մշակոյթը ներկայացնող շուկան իր բեմով: Հայու շինարար ոգին անգամ մը եւս կեանք տուած էր այդ դարաւոր ճամբուն, որուն գոյութիւնը նոյնիսկ գիւղացիները մոռցած էին: Հրապարակէն մինչեւ այդ հսկայ շէնքը քալելով, պարելով ու դրօշները բարձր ճօճելով միասին խառնուած էինք բոլորս: Շէնքին մուտքին մեզ դիմաւորեցին փայտեայ երկու զոյգ կերպարներ՝ մէկ զոյգը կը ներկայացնէր լիբանանեան տարազը, իսկ միւսը՝ հայկականը:
Տհոլին ու զուռնային ձայնը արդէն մեզ կ’առաջնորէր, իսկ էհտէնցիներ հարց կու տային, թէ այս ի՞նչ յատուկ ու հրապուրիչ նուագ մըն է: Անոնք՝ երիտասարդ, չափահաս ու տարեցը գաւազան բռնած հետեւեցան երաժշտութեան ու հասան մեր շուկան:
Վազվզող ու խաղցող մանուկներուն մէջ հետաքրքրութիւն մը արթնցած էր: Անոնք իրենց մեծերուն հարց կու տային, թէ այս դրօշները ի՞նչ են եւ որո՞ւ կը պատկանին՝ հետաքրքրութիւն մը, որ բնական, գեղեցիկ ու կենդանի պատկերով կը ներկայանար, զոր պիտի չմոռնային այդ օրէն անդին: Անոնց ծնողները կը բացատրէին, թէ այս մարդիկը հայեր են եւ մեր հիւրերն են այսօր միեւնոյն ատեն մեր քաղաքացիներն ու հարազատը. ո՜հ ինչ մեծ գնահատանք ու գոհունակութիւն էր ինծի համար լսել այդ բառերը, զոր ոչ մէկ բեմ կամ մրցանակ կրնար փոխանցել այդ վայրկեանի կենդանի պատկերը այս հողին վրայ, որ արդէն դարեր առաջ դարձած էր հայուն նոր հայրենքը: Ըստ կարգ մը պատմաբաններու, Մեծն Տիգրանի օրերէն հայեր հաստատուած են Լիբանանի հիւսիսը գտնուող այս վայրերուն մէջ: Մեզի միացող շատ մը Թրիփոլցի հայեր պատմեցին իրենց ամարանոց Էհտէնի պատմութիւնները, թէ ինչպէս անոնք հոն անցուցած են իրենց մանկութիւնը ու միատեղ ապրած էհտէնցիին հետ հարազատ ընտանիքներու պէս՝ աւելցնելով, թէ բազմաթիւ ընտանիքներու մականունները հաւանօրէն կու գան հայկական արմատներէ, ինչպէս Պաէհ, որ կը նշանակէ վաճառական եւ Սարգիս ընտանիքները:
Գիւղին առաջին նկարիչներն անգամ հայեր եղած են եւ նկարահանած են այդ հրաշալի եւ աստուածատուր բնութիւնը եւ ստորագրած են իրենց անունը «Ֆոթո Ժագ», «ֆոթո Երջան»: Գիւղին ամենահին եկեղեցիներէն մէկը՝ «Մար Սարգիս ու Պախօս»-ը կառուցուած է 8-րդ դարուն եւ նուիրուած է նահատակ սուրբ Սարգիս զօրավարին: Հայ եկեղեցւոյ սուրբերէն է նաեւ Սուրբ Սարգիսը: Չհաստատուած տեսութիւններ նաեւ կ’ըսեն, թէ «Մարատա» անունը ծագում առած է Մարտիկ բառէն, որ կը նշանակէ ռազմիկ, զինուոր: Ըստ այդ տեսութիւններուն, բիւզանդացիները հայ լեռնցի մարտիկներ բերած են Հայաստանէն, որ լեռներէն իջնելով վնասներ պատճառեն այդ օրերուն դէպի հիւսիս արշաւող արաբական դաշտային բանակներուն: Այդ մարտիկները չեն վերադարձած Հայաստան եւ դարձած են մեր օրերու «մարատաները»:
Եւ այսպէս այդ գեղատեսիլ բարձրունքին վրայ, մէկ օրուայ մէջ, հինէն եկած բազմաթիւ պատմութիւններ լսեցինք, ապրեցանք ու ապրեցուցինք՝ հոն, ուր շատ վաղուց ապրած է մաս մը մեր ժողովուրդէն:
Էհտէնի երկինքն ու երկիրը մեզի հետ պարեցին ու երգեցին: Ծաղիկներու բուրմունքին ու խայտաբղէտ պտուղներու հոյլին խառնուեցան նաեւ արաբական քըպպէն ծեծելու ձայնը, հայկական խորովածին ու խոհանոցին անուշահամ հոտը՝ իրենց մօտ կանչելով գիւղացիները, որոնք չբաւարարուեցան համտեսելով եւ մեծ գոհունակութեամբ անոնցմէ տարին իրենց տուները՝ հոն շարունակելու «քէֆը»: Հայ տիկիններ ներկայացուցին արժէքաւոր ձեռագործեր, նկարչութիւններ, կարպետներ ու զարդարանքներ՝ իբրեւ նմոյշներ մեր հարուստ մշակոյթին, իսկ էհտէնցին ներկաներուն հրամցուց պատառիկներ իր հարուստ մշակոյթէն:
Միաձուլուած ու կողք-կողքի, նոյն երկինքին տակ ու նոյն հողն ու ջուրը վայելող հոգեպէս կամրջուած ժողովուրդներ իրենց դարաւոր պատմութիւնը կեանքի բերին քանի մը ժամուայ ընթացքին: Թող երկար ապրին մեր մշակոյթը վերապրեցնողները, ծանօթացնողները եւ յատկապէս անոնք, որոնք ոչ մէկ ջանք կը խնայեն մշակոյթներ կամրջելու եւ նոր սերունդին դիմաց նոր հորիզոններ բանալով՝ միաժամանակ ճամբան կը հարթեն համագործակցութեան եւ համարկումի իրենց նմաններուն եւ իրենց շուրջը գտնուողներուն հետ: Կեցցէ՛ք:







Համագումարի բացման նիստին, Պատրիարքը քրիստոնէաշունչ վկայապատումներով, պատկառելի խորհրդածութիւններով մէկ ժամ տեւող իր բանախօսութեամբ ներկայացուց Աստուածային հզօրութեան առջեւ երկրպագութեան շնորհանուէր առաքինութիւնները եւ լուսավառ հրաշքներու համազօր երկրպագութեան ուժի ներգործութիւնը քրիստոնեայի կենցաղին մէջ ։
Համագումարի բացման օրը, երեկոյեան ժամը 18։00-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը հայրապետական լատինածէս պատարագ մատուցեց Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի կաթողիկէ աթոռանիստ, գեղազմայլ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ դարաւոր մայր տաճարին մէջ, առընթերակայութեամբ հայր Նարեկի, Լաթուիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մեթրոբոլիտ Զպիկնեւ Սդանքիեվիչի, Հայաստանի թէ Լեհաստանի մէջ Հայ կաթողիկէ պատարագներ մատուցած հայախօս լեհ հայր Ռաֆայել Ծ․ Վրդ. Քրավչիքի, մայր խորանին վրայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ լեհ ստուար թիւով հոգեւորականներու մասնակցութեամբ եւ լեհ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ ։
Համագումարը եւ պատարագը ուղիղ եթերով սփռուեցան Լեհաստանի հոգեւոր EWTN-ի հեռուստատեսիլէն [1], որ համագումարի աշխատանքներու կազմակերպիչն ու ուղիղ եթերի սփռողն էր։ Պատրիարքին իտալերէնով ներկայացուցած բանախօսութեան ակնածելի խորհրդածութիւնները, լատինածէս պատարագն ու իտալերէնով պատգամը ներկաներուն կենդանի թարգմանութեամբ (interpreter) լեհերէնով փոխանցուեցաւ ։
Վրոցլաւէն ետք, Պատրիարքը շաբաթ, 7 յունիսի առաւօտեան ուղղուեցաւ դէպի մայրաքաղաք Վարշաւա, որմէ ետք կիրակի, 8 յունիսին պիտի ուղղուէր Լեհաստանի հարաւային կողմը գտնուող Կլիվիցէ քաղաք, ուր կը գտնուի Լեհաստանի միակ հայ կաթողիկէ ծէսին պատկանող Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին։ Կլիվիցէի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ խորանին վրայ տեղադրուած է Լիսցայի հրաշագործ Աստուածամօր նկարը (անոր մասին արժէ արտայաjտուիլ յաջորդիւ)։ Լրատուամիջոցներէն կը տեղեկանանք, որ ինչպէս Վարշաւայի մէջ, Կլիվիցէյի այդ եկեղեցւոյ մէջ ալ, Պատրիարքը հանդիսաւոր սուրբ պատարագ մատուցած է։ Վարշաւայի թէ Կլիվիցէի մէջ Պատրիարքը տեղւոյն հայ կաթողիկէ համայնքներէն արժանացած է ջերմ ընդունելութեան։
Պատարագէն առաջ առաջնորդ Մինասեանէն ստացած էի «Հովուական թուղթ Հաւատք եւ Աւետարանացում» միջակ չափի 30 էջնոց գրքոյկը, Գիւմրիի Հայ կաթողիկէ Առաջնորդարանէն լոյս ընծայուած 2013 թուին։ Հեղինակին անուան կողքին կը կարդանք «Տիտղոսաւոր Արք․ Կապադովկեան Կեսարիոյ Հայոց առաջնորդ․․․»։ Բովանդակութիւնը անդրադարձ մըն է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հռչակած տարիներուն, երբ 2012 տարին հռչակած էր «Աւետարանացման տարի» իսկ 2013 թուականը «Հաւատքի տարի»։
Հայերու ներկայութիւնը վկայող զանազան հետքեր կարելի է գտնել Վրոցլաւի մէջ, յիշատակութեան արժանի է կեդրոնանալ հայութեան հետ Վրոցլաւի Տոմինիքաններու Վանական Միաբանութեան բարեսէր առնչութիւններուն։ Զետեղուած խաչքարին եւ հայկական պուրակին առընթեր, Տոմինիքանները հաւանութիւն յայտնած են Վրոցլաւի Սրբ․ Վոյչեխ դարաւոր եկեղեցւոյ մէջ, հայ կաթողիկէ ծիսակարգի նուիրուած պատարագներ մատուցելու։ Ուստի նոյն եկեղեցւոյ ձախ կողմը գտնուող Սուրբ Յովսէփ մատռան մէջ 1999 թուականէն մինչեւ 2013 թուական հայ կաթողիկէ ծիսակարգի նուիրուած պատարագներ մատուցած են երկու հոգեւորականներ, նախ Լեհաստանի մէջ հանրածանօթ հասարակական գործիչ, պատմաբան, հրապարակախօս, պատմաքաղաքական եւ եկեղեցական հարցերու մեկնաբան, քննադատ, գիրքերու հեղինակ, բանաստեղծ ու անկառներու «Ալպերթ» հաստատութեան գործադիր տնօրէն, Լեհաստանի կառավարութեան մէջ ազգային ու փոքրամասնութիւններու համատեղ յանձնաժողովի հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ (2009 – 2014) եւ մանաւանդ հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցերու եւ Հայաստանի խիզախ պաշտպան, կաթողիկէ բարեհամբաւ հոգեւորական, ծագումով հայ հանգուցեալ հայր Թատէուշ (Թադէոս) Վրդ․ Իսաքովիչ-Զալեսքին (1956-2024) ։ Անոր յաջորդեց լեհ՝ հայր Ռաֆայել Ծ․ Վարդապէտ Քրավչիքը։ Իսկ երկու տարիէ ի վեր Վրոցլաւի նոյն եկեղեցւոյ աջ կողմը գտնուող Սուրբ Տոմինիք մատրան (Św. Dominika) մէջ պատարագ կը մատուցէ, Լեհաստանի մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միակ Էջմիածնական հոգեւորական՝ հայր Մինաս Աբեղայ Հաղվերդեան, որ 1 մայիս 2023 թուականէն՝ Լեհաստանի հոգեւոր ծառայութեան նշանակուած է։ Համեստութեամբ կարելի է նշել, սոյն եկեղեցւոյ մէջ 2012 թուականէն ի վեր հայ կաթողիկէ թէ առաքելական մատուցուած պատարագներուն, իբրեւ դպիր իմ համեստ մասնակցութիւնս բերած եմ շարականներու երգեցողութեամբ։
Հայերն ու հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակող լեհերէնով գրուած յիշարժան այս ցուցանակի յատկանշական բովանդակութիւնն է՝ «ՀԱՅԵՐԻՆ, Առ ի յիշատակ՝ Թուրքիոյ մէջ 1915 թուին, Յիսուս Քրիստոսի՝ հաւատքին համար նահատակուած մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին, եւ հայերու որոնք XIV դարէն ի վեր համատեղ ստեղծեցին հանրապետութիւնը (Լեհաստանի – ԱՍ), որոնք երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եկեղեցւոյ եւ Լեհաստանի հաւատարմութեան համար տառապեցան ու նահատակուեցան ձեռամբ՝ (NKWD)-ի [2], (UPA)-ի [3] եւ Հիթլերականներու կողմէ։




Հայկական ժողովրդական փողային նուագարաններու վերոյիշեալ պարունակով ելոյթը տեղի ունեցաւ Լեհաստանի հարաւային կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքի մէջ կիրակի 22 յունիս 2025-ին։ Հեզասահ լեհերէնով, երաժշտական բառապաշարի հանդարտահոս եւ ըմբռնելի բացատրութեամբ, հայկական երաժշտութեան վայելքը փոխանցեց փողային նուագարաններու հմուտ մեկնաբան Նելլի Մարտիրոսեանը՝ նուագելով տուտուկի հինգ եւ շուիի երեք տեսակ նուագարաններ։
Նելլի Մարտիրոսեանի երգացանկը հարուստ է ու փոփոխական, ան կը նուագէ այն ինչ որ պահը կամ առիթը կը թելադրէ։ Կարելի է նշել, որ Նելլիին համար փողային նուագարաններու երգացանկին վրայ տիրական ու ներգործող դեր ունին Կոմիտասը իր երաժշտական ստեղծագործութիւններով, ինչպէս՝ «Տլէ Եաման»-ը, «Քելէ քելէ»-ն, «Հով առէք սարեր ջան»-ը, «Հորովել»-ը, «Ամէն հայր սուրբ»-ը, «Ծիրանի ծառ»-ը, «Կաքավիկ»-ը, «Շորոր»-ը, «Ալագյազ – Խնկի ծառ»-ը, «Գարուն ա»-ն, «Շողեր ջան»-ը, «Չինար ես»-ը, «Երկինքն ամպել է»-ը, «Սոնա եար»-ը եւ այլն։ Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս ախ չիմ քաշի»-ն, «Նազանի»-ն, «Քանի վուր ջան իմ»-ը, «Դուն էն հուրին իս»-ը եւ այլն։ Անշուշտ կարելի չէ մոռնալ Գրիգոր Նարեկացիի «Հավուն հավուն»-ը, Մեսրոպ Մաշտոցի «Բազում են քո գթութիւնքդ»-ը, Մակար Եկմալեանի «Սուրբ սուրբ»-ը, Ներսես Շնորհալիի «Առաւօտ լուսոյ»-ն, Անանիա Շիրակացիի «Ով երանելիդ»-ը, «Խնկի ծառի նման ես»-ը, Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն հատուածներ, Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, Խաչատուր Աւետիսեանէն եւ այլն։ Բացի վերոնշեալներէն, Նելլի կը նուագէ դասական երաժիշտներէն զանազան ժանրեր՝ ժողովրդական, աշուղական, գեղջկական, հայրենասիրական, սիրային ու քնարական երգեր ու պարեր, հոգեւոր շարականներ ու մեղեդիներ։


Մէկ ու կէս ժամ տեւած փաստաթուղթերուն ստուգումէն ետք, Խաչիկ կը տեսնէ Հաչիքոն փոխադրական վանդակի մը մէջ: Հաչիքո իսկոյն կը նկատէ իր տէրը, կը ցատկէ պոչը անընդհատ շարժելով ու արտասովոր մեղմ հաչիւններով… ուրախութիւնը անսահման էր:








« Եթէ այդ ժամանակ Մկրտիչ անունով պարոն ունէիք այդ հայրս էր», կը գրէ Պերնատէթ Թաշճեան 