Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոթքասթին հիւրն է Երեւանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի դոկտ. Լեւոն Պարտագճեանը, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր կը ծառայէ եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին: Մեր զրոյցին ընթացքին կը ծանօթանանաք պատուելիին երկար ճամբորդութեան Հալէպէն՝ Պէյրութ, Պէյրութէն՝ Լոս Անճելըս, եւ ի վերջոյ Հայաստան: Կը լսենք, թէ ինչպէ՞ս յաջողած առեւտրականը կ’որոշէ իր կեանքին ընթացքը փոխել եւ հետեւիլ իր ներքին ձայնին ու կոչումին:
Յարութ Հաճի Կարապետեան. Պոլսեցի արմատներով Հալէպահայը
Հետաքրքրական է այս գրութեանս պատմութիւնը, որովհետեւ Վազգէն Քէլխաչերեանի հետ զրոյցիս մէջ անակնկալ կը նշուի Յարութին անունը, որպէս հոգատար, ամէն մարդու հասնող, բարեխնամ,- «ո՞վ է, կը ճանչնա՞մ» – «Շաքէ, թերեւս տեսած ես, Քարէն Եփփէ Ճեմարան յաճախած տարիներուդ, Ճեմարանին դիմացի շարքին էր Յարութին խանութը, ռատիո եւ ժապաւէն նորոգող, թերեւս յիշես խանութին արաբերէն անունի գրութիւնը»… مشغل الكتروني هاروت .
Զրոյցէս ետք, երկար հարցաշար մը ղրկած էի Վազգէնի WhatsApp-ին, որ դիւրին ընթանայ Յարութ Հաճի Կարապետեանի մասին տեղեկութիւններու հաւաքագրումը:
Եւ այսպէս`Կարապետեաններու տոհմին պատմութիւնը:
Յարութ Հաճի Կարապետեան արմատներով պոլսեցի է: Յարութին մեծ հայրը՝ Կարապետ Կարապետեան եւ մեծ մայրը՝ Աննիկ եւ իրենց որդիները՝ Արթին եւ Յակոբ ծնած են Պոլիս: Կարապետին վաղաժամ մահէն ետք, առեւանգումներու շարժում մը կը սկսի Պոլսոյ մէջ, ուր վախի մթնոլորտին մէջ, Աննիկ կ’որոշէ Հալէպ մեկնիլ իր փոքրիկները փրկելու սիրոյն: Փոքրիկ Յակոբ հազիւ երկու տարեկան էր. ան ծնած էր 1911-ին: Երբ Աննիկ հազիւ հասած էր Հալէպ իր զաւակներուն հետ, Հալէպի մուտքին յանկարծամահ կ’ըլլայ, եւ նոյն պահուն բարեգութ ու բարեխնամ սուրիացի արաբ մը, բարեբախտաբար, փոքրիկները կը վերցնէ իր հետ եւ կը յանձնէ որբանոց: Տարիներ անց, որբանոցը իրենց ետին ձգած, Արթին եւ Յակոբ կը դառնան բարեկիրթ ու աշխատասէր հայ երիտասարդներ ու կը կազմեն իրենց ընտանիքները:

1939-ին, Յակոբ Կարապետեան ամուսնութիւն կը կնքէ Մարի Գահվէճեանին հետ, որ ծագումով այնթապցի էր: Անոնք կը բախտաւորուին չորս զաւակներով՝ Կարապետ (ծն.1940), Յարութ (6 մայիս 1949), Եղիա (1959) եւ Օժէն: Յակոբ իր ընտանիքին հետ բնակութիւն կը հաստատէ Հալէպի Տաուտիէ շրջանը, իսկ 1962-ին, կը տեղափոխուի Սուլէյմանի շրջան: Մինչեւ այդ, 1956-ին, Յակոբ Կարապետեան Երուսաղէմ ուխտագնացութեան գացած էր, եւ վերադարձին (հաճի գացած) Տաուտիէ շրջանի հայերը անոր անուանած են Հաճի Յակոբ Կարապետեան:
Տարիներ ետք, ճակատագի՞ր, թէ՞ դիպուած, Յակոբ Կարապետեանի մականունը անձնագրին մէջ պետական պաշտօնեայի մը թիւրամացութեան հետեւանքով կ’արձանագրուի Հաճի Կարապետեան մականունով:
Յարութ Հաճի Կարապետեանի կենսագրականը
Յարութ յաճախած է Տաուտիէի Վարդանեան վարժարանը մինչեւ 2-րդ դասարան, որմէ ետք իր ուսումը կը շարունակէ Մխիթարեան վարժարան մինչեւ 5-րդ դասարան: Վարդանեան վարժարանի տնօրէնն էր (հանգուցեալ) Տէր Եղիշէ Փանոսեան: Ան նաեւ եղած է հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ կրօնի ուսուցիչ: Յարութին թուաբանութեան ուսուցչուհին եղած էր Օժէնի Իփէկեան:
14 տարեկան պատանի Յարութին ուսումը ընդհատուած էր, եւ արդէն սկսած էր աշխատիլ: Ծնողքը զինք դրած էին տարբեր արհեստներու մէջ, բայց Յարութ բնաւ չէր սիրած այդ առաջարկուածները: Պատանի Յարութ իր հետազօտող մտքին արթնութեամբ եւ ուշիմութեամբ ձեռք բերած է ռատիո եւ Ռոտսթար, Ներոն, Ալթայն ժապաւէն նորոգելու թեքնիքը: Ան երբեւէ վարպետ չէ ունեցած իրեն սորվեցնող, այլ հմտութիւն ձեռք բերած է հետեւելով ու կարդալով ռատիո եւ ժապաւէն սարքերու գիրքեր: Ան մի՛այն նորոգութեան խիստ բարդ խնդիրներու լուծման համար դիմած է Հալէպի շատ նշանաւոր վարպետներէն՝ Ճեմիլ Մուսալլին, որմէ ալ անկթարթի արագութեամբ հասկցած է լուծման թեքնիքները:
Յարութ սուրիական զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէն ետք, 1974-ին, կ’որոշէ իր սեփական գործատեղին ունենալ, որ իրականութիւն կը դառնայ նոյն տարին. կը վարձէ խանութ մը, որ տարիներ ետք կը դառնայ իր սեփականութիւնը: Գործատեղին կը գտնուէր Ս.Օ.Խաչի կեդրոնին անկիւնը, դէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին դէմի շարքը: Այսօր, Յարութ Հաճի Կարապետեան ջերմօրէն կը յիշէ իր արհեստաւոր դրացի խանութի տէրերուն անունները՝ Ռաֆֆի Քէշիշեան (Spare parts قطع تبدبل վաճառական) , Հրայր եւ Սերոբ Մերթխանեաններ սարրաժ եւ պաթարիայի գործերով, Լիոն Զաքի ( Spare Parts) վաճառական: Իսկ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի թաղը կային Յարութ եւ Պարգեւ Հալլաճեանները, Վրէժ Համամճեանը, Սափրիչ Ղազարը եւ Սանտուիչ պատրաստող Կարօ Տորղամաճեանը:
Յարութ, իր ժրաջան աշխատասիրութեան կողքին, գործակցած է առեւտրական Ժան Տէր Գէորգեանի հետ:
Ընթերցողին ուշադրութեան յանձնենք, որ նոյն այս տարբերակ21 հարթակով հրապարակած եմ Ժան Տէր Գէորգեանի մասին գրութիւնս https://tinyurl.com/mxnjz2ph : Շաքէ Մանկասարեան
Յարութ թէպէտեւ միութենական կեանք չէ ունեցած, սակայն շատ մօտ եղած է Հալէպ գաղութին. իր ազգասիրութիւնը իրեն մղած է օգտակար հանդիսանալու զանազան մարզերու. իր օժանդակութիւնը բերած է եկեղեցիներուն, հայկական դպրոցներու եւ ծառայած է անոնց կարիքներուն:
Հայկական վարժարաններու հոգաբարձութեան խնդրանքով Յարութ սիրայօժար եւ անվճար նորոգած է բոլոր դպրոցներու օթոքարներուն ռատիոները: Ան նորոգած է նաեւ եկեղեցիներու միքրոֆոնները:
Այս բոլորին կողքին, պետական կառոյցներու հետ ունեցած Յարութի ազդու յարաբերութիւնները նպաստած են, որ մարդոց դիմագրաւած պետական խնդիրները անմիջապէս լուծուին: Մինչեւ այսօր ալ որպէս բարեխնամ միջնորդ, Յարութ կը շարունակէ օգտակար դառնալ իրեն որեւէ հարցով դիմորդներուն:
Սուրիոյ պատերազմի թէժ, վտանգաւոր օրերուն, գողութիւններու, ռումբերու, հրթիռներու եւ պայթումներու անվերջ մղձաւանջին մէջ, Յարութ կը ստիպուի փակելու խանութը եւ շատ չանցած ծախելու զայն:
Յարութ Հաճի Կարապետեանի եկեղեցական ծառայութիւնը
Ի տես Յարութի ազգանուէր եւ անշահախնդիր ազգային ծառայասիրութեան, օրուայ Ազգային իշխանութեան առաջարկով եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Սուրէն սրբազանի արտօնութեամբ, 2000-ին, սիրայօժար ընդառաջելով առաջարկը, Յարութ կը նշանակուի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենադպիր: Օրուայ թաղականութեան ատենապետն էր Անդրանիկ Մէլիքեան, եւ օրուայ խորհուրդի անդամներն էին Սահակ Չափրազեան, Զաւէն Շահինեան, Սարգիս Դանիէլեան, Սարգիս Գունտագճեան եւ Պետրոս Ֆրանքեան: 2006-ին, Սահակ Չափրազեան կը նշանակուի ատենապետ, հետագային Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, Սահակ կը հեռանայ Հալէպէն, եւ Յարութ կը նշանակուի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Շահան սրբազան արք. Սարգիսեանի արտօնութեամբ: Յարութ կը յիշէ իր յարգալից ծառայակիցները՝ Ժան Աւագեան, Սարգիս Դանիէլեան, Վահէ Թերզեան, Աշոտ Թեճիրեան, Նազարէթ Խտըրլարեան, Մանիա Ազէզեան, Սեւան Տէր Յովհաննէսեան:
Յարութ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր ծառայութիւնը որպէս Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ատենապետ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Մակար արք. Աշգարեանի հովանաւորութեամբ:



Յարութ Հաճի Կարապետեանի ընտանիքը
18 սեպտեմբեր 1977-ին, Հալէպի Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ (այժմ հանգուցեալ) Տէր Շահէ Աւագ քահանայ Մասոյեանի, Յարութ կը պսակուի Մարիէթ Պախչէճեանի հետ, որ դուստրն է Յովսէփ եւ Պիաթրիս Պախչէճեաններուն: Աստուած իրենց պարգեւած է երեք զաւակներ՝ Ժագ, Պետիկ եւ Անի: Ժագ եւ Պետիկ եղբայրները կ’աշխատին համակարգիչի եւ բջիջային հեռախօսներու նորոգութեամբ: Ժագ եւ Պետիկ ունին մէկական մանչ: Անի ամուսնացած է Գէորգ Մարգարեանի հետ. ունի մէկ մանչ եւ հաստատուած է Քուէյթ: Հոս նշենք, որ պսակի լուսանկարիչն էր Ֆոթօ Տատուր, որուն սթուտիոն կը գտնուէր կաթօճի Մինիոնին քով, Մունշիյէ:

Հոս նշենք, որ լուսահոգի Տէր Շահէ Ա. քհնյ. Մասոյեան արմատներով այնթապցի էր: (1922, Հալէպ- 2004, Հալէպ), Տաուտիէի-Աշրաֆիէ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ քահանան էր մինչեւ 1978[2]:

Ինչպէս վերը նշեցինք, Յարութ ունեցած է երկու եղբայր՝ Կարապետ եւ Եղիա եւ մէկ քոյր: Մեծ եղբայրը` Կարապետ արհեստով سواج , միաժամանակ օժտուած է աստուածատուր երաժշտական հմտութեամբ. երգիչ յօրինող, եւ նուագահար տարբեր նուագարաններու՝ ջութակ, ճումպուշ, ձեռնադաշնակ, երգեհոն, օրկ: Երաժշտական ելոյթներով հանդէս եկած է ՀՄՄ ակումբին մէջ եւ հարսանիքներու: Ան ներկայիս հաստատուած է Երեւան: Օժէն մահացած է. ունեցած է մէկ աղջիկ եւ երկու մանչ: Կարապետ բախտաւորուած է երեք մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներով: Փոքր եղբայրը` Եղիայ\ արհեստով նոյնպէս سواج է: Ան ամուսնացած եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով՝ մէկ աղջիկ եւ երկու մանչ:
Տաղանդաշատ վարպետ եւ հմուտ երաժիշտ Կարապետ Հաճի Կարապետեանի կատարմամբ «Օտար, ամայի ճամփեքի վրայ»… խօսք՝ Աւետիք Իսահակեանի: Սեղմէ՛ յղումը ունկնդրելու երգը
[1] Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն հոգելոյս Տ. Սուրէն Սրբազանը ծնած է Յունիս 21, 1939-ին, Հալէպ: Աւազանի անունն է Աբրահամ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Ուսումնասիրաց եւ Հայկազեան Վարժարաններուն մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է Հոկտեմբեր 1954-ին: 15 հոկտեմբեր1977-ին, Թեմի Ազգային Գաւառական Ժողովին կողմէ ընտրուած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ: 17 դեկտեմբեր 2023-ին, Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան վախճանեցաւ Մոնրէալի մէջ, 61 տարի ծառայելէ ետք Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ: https://hairenikweekly.com/?p=58343
[2] Տէր Շահէ Ա. Քհնյ. Մասոյեան աւազանի անունով Յակոբ, որդի Պաղտասարի եւ Լուսիայի, ծնած է Հալէպ, 1922-ին։ Նախնական ուսումր ստացած է նախ Մեսրոպեան եւ ապա Հայկազեան եւ Ուսումնասիրած Վարժարաններուն մէջ։ Շրջանաւարտ եղած է 1937-ին։ Հանապազօրեայ հացի հրամայականր զինք նետած է գործնական կեանքի մէջ։ Ան հետեւած է դերձակութեան, 1938-1958։ Արհեստը սորվելէ ետք, ձեռնարկած է ազատ գործի, ու ժամանակ մը ետք ունեցած է սեփական խանութ։ Ան աոօրեայ աշխատանքներուն զուգահեո, կարեւորութիւն տուած է եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան։ Փոքր տարիքէն, ամէն կիրակի իր հօր աոաջնորդութեամր յաճախած է եկեղեցի։ Հետագային, մաս կազմած է դպրաց դասին նախ Գրիգոր Լուսաւորիչ ապա Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներուն մէջ։ Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրապետ նշանակուած է ու ձեոնահասօրէն հինգ տարի վարած է այդ պաշտօնը` կազմակերպելով դպրաց դասը։ 1958-ին, տեղափոխուած է Դամասկոս, երբ ուսուցչութեան պաշտօն վարելու հրաւէր ստացած է։ 1958-1961 տարիներուն պաշտօնավարած է Ազգ. Թարգմանչաց Վարժարանին մէջ։ 1961-1965 տեղւոյն Հայ Աւետ. Վարժարանին մէջ ուսուցչութեան կոդքին վարած է դպրապետութեան պաշտօն Ս. Սարգիս էկեդեցւոյ մէջ։ Դպրոցի ու եկեղեցւոյ առընթեր, ան եօթը տարի ծառայած է Դամասկոսի կիրակնօրեայ վարժարանին` նոր սերունդին սորվեցնելով մեր եկեղեցւոյ շարականները։ Եկեղեցւոյ, դպրոցին ու կիրակնօրեային մատուցած տարիներու ծառայութիւնը, ժամանակի ընթացքին իր մէջ արթնցուցած է քահանայ ձեռնադրուելու բուռն փափաքը։ 1961-ին, իր փափաքը դիմումնագրով ներկայացուցած է Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին ու կրօնական ժոդովին։ Իր թեկնածութիւնը ընդունուած է, սակայն թելադրուած՝ որ սպասէ մինչեւ Հալէպի մէջ քահանայի կարիքը ունեցող եկեղեցի մը գտնուի։ 1965-ին, երբ Ս. Վարդան եկեդեցին քահանայի կարիքը կ’ունենայ, թաղականութիւնը դիմած է առաջնորդին։ Արբազան Հօր ու կրօնական ժողովի որոշումով ճշդուած են թեկնածուին ձեռնադրութեան թուականն ու եկեդեցին։ Քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են ձեռամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տ. Ղեւոնդ ս. արք. Չէպէեանի, 7 Մարտ 1965-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, խարտաւիլակութեամբ Տ. Գարեգին Ա. քհնյ, Քիրազեանի, վերակոչուելով Տ. Շահէ։ Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք, առաջնորդին տնօրինութեամբ տէր հայրը հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Տաուտիէի Ս. Վարդան Եկեղեցիւոյ ու Վարդանեան Վարժարանի համար՝ ուսուցիչ։ wikipedia
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
8 Մայիս 2025-ին, «Տարբերակ21» հրապարակեց Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի «Սփիւռքի կառոյցները միայն բեմ չեն կրնար ըլլալ» խորագրեալ յօդուածը: Դոկտ. Չիլինկիրեանի այս յօդուածը պարզապէս սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւններուն ուղղուած քննադատութիւն մը չէ։ Ան կոչ մըն է՝ հիմնուած հետազօտութեան, իրապաշտ դիտարկումի եւ նոր սերունդի կարելիութիւններուն հանդէպ խոր հաւատքի վրայ։ Անոր անդրադարձը առարկայական գնահատում մըն է եւ ահազանգ կը հնչեցնէ սփիւռքահայ հաւաքականութիւններուն, որ եթէ արմատական ինքնաքննութեան, ինքնաքննադատութեան եւ վերանորոգման միջոցներու չդիմեն, չճշդեն առաջնահերթութիւնները, անխուսափելիօրէն պիտի դառնան լուսանցքային ու ի վերջոյ՝ խամրին:
Դոկտ. Չիլինկիրեանի ախտաճանաչումը եւ կացութեան գնահատումը ինքնանպատակ չէ. ան ոչ միայն կը մատնանշէ կառոյցներու մաշումը, այլ կը գծէ վերաթարմացման ուղի մը՝ հիմնուած լսելու, ներառելու եւ նորարարութեան վրայ։ Երիտասարդներու կարիքներուն վրայ դրուած շեշտը, այս գրութիւնը կը դարձնէ աւելի քան այժմէական։ Թէեւ համայնքային կառոյցները պատմական դերակատարութիւն ունեցած են մշակութային եւ ընդհանրապէս ինքնութեան պահպանման մէջ, մերօրեայ երիտասարդութիւնը՝ ձեւաւորուած համաշխարհայնացման, թուային յեղափոխութեան եւ աշխարհայեացքներու թոհուբոհին մէջ, պիտի չկարենայ ներգրաւուիլ առանց հիմնարար փոփոխութեան։
Դոկտ. Չիլինկիրեան մեզի կը յիշեցնէ, որ կառոյցները իրենք նպատակը չեն, այլ՝ միջոցը։ Միութիւն մը, կազմակերպութիւն մը, կուսակցութիւն մը պէտք է ծառայէ որպէս կամուրջ մը՝ նպաստելու իր մշակոյթն ու իր արմատները փնտռող սփիւռքահայուն՝ վերագտնելու ինքզինք հաւաքական շրջագիծի մը մէջ։ Երբ այդ կառոյցները կը վերածուին ինքնանպատակ հաստատութիւններու, անոնք կը կորսնցնեն իրենց կենսունակութիւնը եւ գոյութեան իրաւունքը։ Ցաւալին այն է, որ այս ճշմարտութիւնը ընդհանրապէս բացակայ է սփիւռքեան քննարկումներէն. յաճախ՝ թապու, երբեմն՝ մերժելի ըստ էութեան:
Ներկայացուած թիւերը եւ ուսումնասիրութիւնները՝ Մոնթրէալէն, Արժանթինէն, Լիբանանէն, Ամերիկայէն ու Եւրոպայէն, բարացուցական են։ Երիտասարդներուն զգալի մէկ մասը անջատուած կը զգայ, անտարբեր է ու պատկանելիութեան զգացում չունի աւանդական կառոյցներու հանդէպ։ Բայց այդ զգացողութիւնը անպայման այլասերութիւն չ’ենթադրեր։ Այս սերունդը հետաքրքրուած է իր պատմութեամբ, մշակոյթով, արուեստով։ Պարզապէս, զայն պէտք է լսել, ոչ թէ միայն «վերէն վար» հրահանգային ու խորք չունեցող, հինցած ու մաշած ուղղութիւններ փոխանցել. վերջ տալ «պէտք է»-ներու յորդորներուն…
Բացայայտօրէն գաղափարներու տագնապ գոյութիւն ունի։ Տասնամեակներով գործած մօտեցումները չեն համապատասխաներ նոր սերունդի ակնկալութիւններուն։ «Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կ’ենթադրեն որ եթէ իրենք որոշ ծրագրեր յղանան եւ ստեղծեն՝ գեղեցիկ աֆիշներով եւ խելացի շուկայնացումով (marketing-ով), երիտասարդները ինքնաբերաբար պիտի «կլանեն» զանոնք», կ’ընդգծէ դոկտ. Չիլինկիրեան։ Այս մօտեցումը արդիւնաւէտ չէ այլեւս։ Մեր երիտասարդները կը փնտռեն իմաստ, մասնակցութիւն եւ լսելիութիւն։
Անհրաժեշտ է նշել, որ Չիլինկիրեան միայն ախտաճանաչում չի կատարեր, այլ նաեւ լուծումներ կ’առաջադրէ։ Անոր կոչը՝ հիմնելու երիտասարդական խորհուրդներ, բաց ֆորումներ, հետազօտութեան վրայ հիմնուած ծրագրեր եւ առցանց ու արհեստագիտական հարթակներ, վերացական յղացքներ չեն, այլ շօշափելի առաջարկներ: Անոնք անյետաձգելի հրամայականներ են այն կառոյցներուն համար, որոնք կ՚ըսեն, թէ մտահոգ են սփիւռքահայ հաւաքականութիւններու ապագայով։
Այս առիթով, լուսարձակի տակ կ’ուզենք առնել նաեւ Հրաչ Չիլինկիրեանի մէկ այլ յօդուածը՝ «Հայկական փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ»՝ նոյնպէս հրապարակուած «Տարբերակ21»-ի մէջ, 6 օգոստոս 2023-ին:
Կարեւոր է նաեւ փափուկ ուժի (soft power) գաղափարը որդեգրել երիտասարդները ներգրաւելու միտող ծրագիրներուն մէջ:
Փոխանակ ապաւինելու միայն իշխանական ժամանակավրէպ ձեւերու կամ նուիրապետական կառոյցներու, նոյիսկ երբեմն քողարկուած «կարծր ուժի» (ճնշումի, ազգային պաշտօնաբաշխումի եւ պաշտօնազրկումի զանազան ձեւերով), փափուկ ուժը՝ հիմնուած ներգրաւելու, համոզելու կարողութեան, մշակութային եւ արժէքներու փոխազդեցութեան ու փոխներգոծութեան վրայ, կրնայ դառնալ վերաթարմացման ազդու միջոց մը։ Ան առիթ կը ստեղծէ երիտասարդ ու զարգացած սերունդին՝ իր ժամանակակից նկարագիրն ու համաշխարհային յարաբերութեանց մէջ հմտութիւնը ներդրելու միաժամանակ ի նպաստ համայնքային շահերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Փափուկ ուժի աշխատանքային ոճը որդեգրելով, անոր կառուցային խորք տալով՝ սփիւռքեան աւանդական թէ նորաստեղծ կազմակերպութիւնները կրնան անցում մը կատարել պահպանողական հինցած ու մաշած համակարգէն, ուր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը բեռ չեն այլեւս, այլ՝ հարստութիւն, պատնէշ չեն, այլ՝ կամուրջ։
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
Մայիս 28-ի համաշխարհային նշանակութիւնը
1918-ի մայիսեան հերոսամարտերուն մասին մենք շատ խօսած ենք, եւ ամէն անգամ նոր բան մը կը նկատենք կամ կը մոռնանք: Մինչդեռ այդ օրերուն կապուած որեւէ մանրուք պէտք է յիշել, ուսումնասիրել ու ներկայացնել, որովհետեւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ այդ օրերուն, ոչ թէ պարզապէս պետականութեան վերականգնում էր, այլեւ ունէր համաշխարհային նշանակութիւն, բայց որուն մասին մենք քիչ կը խօսինք: Սովորաբար կը նշենք երկու երեւոյթ՝ այն, որ Առաջին հանարապետութեան ստեղծումով ի վերջոյ ընդհատուեցաւ քանի մը դար տեւող ստրկական շղթան եւ որ այդ հերոսամարտերով հնարաւոր դարձաւ վերջնական բնաջնջումէ փրկել հայ ժողովուրդը , քանի որ անկէ առաջ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ արդէն իսկ 1890-ականներէն սկսեալ զանգուածային ջարդերը եւ 1914-17 թուականներուն տեղի ունեցած սոսկալի Ցեղասպանութիւնը հայաթափած էին Հայաստանը ու կարգը հասած էր Հայաստանի Արեւելեան հատուածին:
Այդ բոլորը ճիշդ են ու մենք չենք սխալիր անգամ մը եւս նշելու զանոնք: Բայց քանի որ այդ մասին բոլորը գիտեն (խօսքն ի հարկէ նորմալ մարդոց մասին է), եկէք փորձենք հասկնալ, թէ բացի այդ բոլորէն ուրիշ ի՞նչ նշանակութիւն ունեցած են մայիսեան հերոսամարտերը, որոնց մասին մենք կա՛մ չենք գիտեր, կա՛մ չենք խօսիր: Աւելի լաւ պատկերացնելու համար, թէ ինչպէս ստեղծուեցաւ այնպիսի վիճակ մը, որ թուրքերը գրեթէ Էջմիածին մտած էին, փորձենք հակիրճ ներկայացնել Առաջին համաշխարհային պատերազմի որոշ դրուագները:
Նախ, նշենք, որ 1918-ին դեռ չէր աւարտած Առաջին Համաշխարհային պատերազմը, որու ճակատներէն մէկն ալ մեր տարածաշրջանն էր: Այդ սոսկալի սպանդը, որուն զոհ գացին միլիոնաւոր մարդիկ, անընդհատ կ’ընթանար փոփոխական յաջողութիւններով: Ճակատամարտերու ժամանակ, յատկապէս արեւելեան եւ արմտեան ճակատներուն վրայ, ամէն կողմէ կը սպանուէին նուազագոյնը քանի մը հարիւր հազար հոգի: Իրավիճակը թէժ էր նաեւ հարաւի մէջ՝ Եգիպտոս, Սուրիայ, Պաղեստին, Լիբանան, ինչպէս նաեւ՝ Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ:
7 յունուար 1915-ին, Կարպաթեան լեռներուն մէջ, ռուսական բանակը, որ մէկը միւսին ետեւէն կը ջախջախէր աւստրիական գունդերը, գրեթէ սպառած էր իր հրետանային պաշարը եւ ճակատի այդ հատուածին վրայ, ռուսական վտանգը չէզոքացնելու նպատակով, Աւստրո-հունգարիոյ օգնութեան հասան գերմանական մեծաթիւ զօրքերը՝ զօրավար Օկիւսթ ֆոն Մաքընսընի գլխաւորութեամբ: Ռուսական զօրքերը՝ մեծաթիւ եւ լաւ զինուած գերմանական գունդերուն դիմաց, արդէն ստիպուած էին ապրիլին նահանջելու, որ պատմաբաններու կողմէ բնորոշուեցաւ որպէս «մեծ Նահանջ»: Ռուսական զինամթերքը այնքան քիչ էր, որ աւստրիական 300 հրետանային հարուածին ռուսերը կրնային պատասխանել մէկ կրակոցով: Անոնց մօտ նաեւ գրեթէ սպառած էին հրացանային փափուշտները: Հետեւանքը. ռուսերը ստիպուած լքեցին Լվովը, Պշեմիշը (Przemysl), գեթէ ամբողջ Կալիցիան, այսինքն 1915-ի գրեթէ բոլոր նուաճումները՝ այդ բոլոր ժամանակը տալով մէկ ու կէս միլիոն զոհ ու վիրաւոր: Այդ սարսափելի պարտութիւնները ազդեցին նաեւ ներքաղաքական առումով: Ռուսերը յուլիսին նահանջեցին նաեւ Արեւելեան Փրուսիայէն: 1915-ի արդէն աշնան ռուսերը նահանջած էին Լեհաստանէն, Լիթուայէն ու Պելառուսիոյ մէկ մասէն:
Թուրքիան, որ վերջին տարիներուն Գերմանիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններու մէջ էր, պատերազմի մտաւ 1914-ին: Թրքական զօրքերը ծանր պարտութիւններ կրեցին ռուսերէն. 1916-ի դրութեամբ, ռուսերը թուրքերէն նուաճած էին գրեթէ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, հասած էին Երզնկա, հիւսիսէն՝ Տրապիզոն:
Ռուսիոյ մէջ, 1917-ի տեղի ունեցաւ Փետրուարեան յեղափոխութիւն, որուն պատճառով Ռոմանովներու ընտանիքը գահազրկուեցաւ, հաստատուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն, որ յայտարարեց, թէ պատրաստակամ է շարունակելու պատերազմը մինչեւ յաղթական աւարտ: Գերմանական զօրքերու արեւելեան ճակատի հրամանատար իշխան Լէոբոլտ Պաւարացիի մարտի 22-ին կատարած հաշտութեան առաջարկը կտրուկ մերժում ստացաւ: Ռուսերը կ’երազէին գրաւել նաեւ Կ․ Պոլիսը եւ վերահսկողութիւն հաստատել Վոսփորի եւ Տարտանելի վրայ: Մինչ Անգլիան ու Ֆրանսան Սայքս-Փիքոյի գաղտնի համաձայնագրով որոշած էին պատերազմէն յետոյ Թուրքիան իրարու միջեւ բաժնել: Աւելին, 1918 հոկտեմբերին թուրքերը միայն հարաւային ճակատին վրայ, ճգնաժամային այնպիսի իրավիճակի մէջ կը գտնուէին, որ հոկտեմբերի 30-ին բրիտանացիներու հետ յունական Մուտրոս կղզիին վրայ, ըստ էութեան անձնատուութիւն ստորագրեցին:
Բայց մինչ այդ, թէեւ ժամանակաւոր կառավարութիւնը կոչ կ’ուղղէր շարունակելու պատերազմը, Ռուսիոյ քաղաքական անկայնութիւնը, ծանր պատերազմն ու սովը ստեղծած էին քաոսային տրամադրութիւններ: Արեւելեան ու կովկասեան ճակատներուն վրայ, ռուս զինուորները չէին ուզեր շարունակել պատերազմը եւ կը պահանջէին խաղաղութիւն կնքել: 1917-ին, ռուսերը յաջողեցան յառաջնալ արեւելեան ճակատին վրայ, բայց գերմանացիները յաւելեալ 16 զօրաբաժիններ տեղափոխելով՝ ստիպեցին նահանջել: Վերխովսքին խորհուրդ կու տար կառավարութեան խաղաղութիւն կնքելու գերմանացիներուն հետ՝ նկատի առնելով, որ ռուսերը այլեւս ի վիճակի չեն շարունակելու պատերազմը: Անոր կոչէն հինգ օր ետք, հոկտեմբերին, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ յեղաշրջում մը եւ իշխանութիւնը ստանձնեցին բոլշեւիկները, որոնք առաջնահերթութիւն համարեցին խաղաղութեան կնքումը: Խաղաղութեան բանակցութիւնները Քառեակ Միութեան հետ սկսան 1917 նոյեմբերի 30-ին. պայմանագիրը ստորագրուեցաւ դեկտեմբերի 2-ին, որով ռուսերը պատաւոր էին մեծ ջիջումներ կատարելու: Դեկտեմբերի 5-ին, Անդրկոմիսարիատի կողմէ Երզնկայի մէջ թուրքերուն հետ կնքուած զինադադարին հետեւանքով, ռուսական զօրքերը սկսան հեռանալ Արեւմտեան Հայաստանէն, իսկ յետոյ նաեւ ամբողջ Անդրկովկասէն: Թուրքերուն յանձնուեցաւ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, ինչպէս նաեւ Արտահանը, Կարսը, Պաթումը: 1918 յունուարին, գերմանացիները ռուսերէն պահանջեցին նահանջել՝ զիջելով մօտ 150 հազար քառ/քմ տարածք, ապա անցան յարձակումի: Փետրուարին գերմանական եւ աւստրո-հունգարական զօրքերը կրկին յարձակման անցան ամբողջ ճակատի երկայնքով եւ բոլշեւիկները համաձայնեցան անոնց բոլոր պահանջներուն՝ զիջելով շուրջ 1 միլիոն քառ/քմ տարածք` Լեհաստանը, Մերձպալթեան տարածքները, Ֆինլանտան, Ուքրանիան, իսկ հարաւի մէջ, թուրքերուն զիջած էին ամբողջ արեւմտեան Հայաստանը: Ռուսիան պարտաւորուեցաւ որպէս ռազմատուգանք նաեւ վճարելու 6 միլիառ գերմանական մարք, որ կը կազմէր շուրջ 900 թոն ոսկի: Եթէ դեկտեմբերին միայն կովկասեան մէկ հատուածին մէջ կար 158 հազար ռուս զինուոր, ապա մէկ ամիս յետոյ մնացած էր հազիւ 17 հազար, որուն մեծ մասը նաեւ հեռացաւ ճակատէն: Անդրկովկասի մէջ չընդունեցին բոլշեւիկեան իշխանութիւնը եւ Թուրքիոյ դէմ պատերազմի մէջ մտան: 1918 յունուարի 28-ին, թուրքերը անցան յարձակումի, իսկ նախկին հսկայական ռուսական զօրաբանակին փոխարէն` Տրապիզոնէն Պաքու կանգնած էին միայն նօսր հայկական ջոկատները: Ապրիլին ստեղծուած Անդրովկասի Ժողովրդական Դաշնային Հանրապետութիւնը մէկ ամիս դիմացաւ ու փուլ եկաւ ներսէն, իսկ այդ միջոցին, թուրքերը արագօրէն առաջ կը շարժէին: Թուրքերը նպատակ ունէին վերցնելու ամբողջ Անդրկովկասը, գրաւելու Պաքուն, դուրս գալու Հիւսիսային Կովկաս, շարժելու դէպի Միջին Ասիայ: Թուրքերը յստակ հասկցուցած էին հայերուն, որ անոնք կը խանգարեն իրենց ծրագիրները: Այդ մէկը կը նշանակէր, որ հայերը պէտք է ոչնչանան կամ առնուազն հասնին այնպիսի աննշան մակարդակի, որ այլեւս երբեք չկարենան որեւէ ձեւով դէմ կանգնելու թուրքերուն: Թրքական 50 հազարնոց «Կարս» զօրաբանակը երեք ուղղութեամբ թափանցած էր Արեւելեան Հայաստան: Վրացիները գերմանացիներու հովանաւորութիւնը ընդունած էին, կովկասեան թաթարները՝ (ներկայիս ատրպէյճանցիները) թուրքերունը: Եւ եթէ յիշենք, որ գերմանացիները ռուսերուն ստիպած էին նահանջելու այնպէս արագ, որ մայրաքաղաքը Փեթերապուրկէն տեղափոխուած էր Մոսկուա, իսկ թուրքերը հսկայական արագութեամբ կը յառաջանային հարաւէն, ապա քաղաքացիական պատերազմով զբաղած Ռուսիոյ շատ չէր մնացած գոյատեւելու, քանի որ գերմանացիները արեւելքէն, իսկ թուրքերը հարաւէն կրնային մէկ հարուածով ոչնչացնել բոլշեւիկեան իշխանութիւնները ու անդամահատել Ռուսիան: Այդ մէկը խանգարեցին հայերը, որոնք մայիս ամսուն երեք մեծ ու շուրջ 6 փոքր ճակատամարտերով կանգնեցուցին թրքական յարձակումները՝ ոչ միայն փրկելով հայ ժողովուրդին կեանքը, թուրքերուն պարտադրելով ապրելու կամքը եւ այնպէս, որ տակաւին մայիսի 25-ին հայերու հետ բանակցութիւններու ատեն հայերը արհամարհող թուրքերը ընդամէնը չորս օր ետք, արդէն պատրաստ էին ճանչնալու հայերու անկախութիւնն ու պետութիւնը, այլեւ անգնահատելի օժանդակութիւն ցոյց տալով Անթանթին՝ ըստ էութեան իրենց ուսերուն վերցնելով Քառեակ Միութեան յառաջխաղացքին կասեցումը Կովկասի մէջ:
Ահա այս իրավիճակը կը տիրէր աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ 1918 մայիսին՝ հերոսամարտերէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ:
Ուրիշ անգամ երբ անդրադառնանք մայիսեան հերոսամարտերուն, պէտք է յիշենք, որ այդ օրերուն, երբ աշխարհը կը վերաձեւակերպուէր, ժողովուրդ մը՝ ցեղասպանութեան եզրին կանգնած, ոչ միայն կանգնեցուց պատմութեան մեծ ուժերը, այլեւ դրաւ իր պետութեան հիմքը՝ սեփական ուժերով, առանց արտաքին օգնութեան՝ միաժամանակ կանխելով աշխարհի կարելի մէկ այլ տարբերակ:
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
Գրախօսական. «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ»` իւրայատուկ յուշագրութիւն մը
Հրատ Բոլատեանի «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ» անգլիատառ գիրքը հետաքրքական եւ իւրայատուկ յուշագրութիւն մըն է` տասնամեակներու հանրային ծառայութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման նուիրուած աշխատանքներու մասին, զոր թարգմանեցի հայերէնի եւ զայն ներկայացուցի հայ ընթերցողին Տարբերակ21 հարթակին միջոցով[1]:
«Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ» խորապէս անձնական եւ մտորումներով լեցուն ինքնակենսագրութիւն մըն է, ուր Հրատ Բոլատեան կը պատմէ իր կեանքին մասին՝ որպէս Եգիպտոս ծնած հայ մը, որ 1966-ին կը գաղթէ Գանատա։ Գիրքին առաջին բաժնով, Բոլատեան կը ներկայացնէ իր յուշերը գրի առնելու դրդապատճառները, որոնք չեն բխիր փառասիրութենէ, այլ՝ ցանկութենէ մը վաւերագրելու իր լուր եւ իմաստալից ծառայութիւնը՝ նուիրուած Հայ Դատին ու սփիւռքահայութեան։
Յուշագրութիւնը կը յատկանշուի համեստութեամբ եւ ինքնութեան ամուր զգացողութեամբ։ Բոլատեանի խորհրդածութիւնները յաճախ կը շեշտեն, որ իր ներդրումը, թէեւ իր աչքով համեստ, մաս կը կազմէ աւելի ընդարձակ մշակութային եւ պատմական հոլովոյթի մը, որ կ՛առաջնորդուի համայնքին հանդէպ պատասխանատուութեան զգացումով։
Անոր պատասխանատուութեան զգացումը ուժեղ արտայայտութիւնն է իր նուիրումին եւ յարգանքին՝ իր սփիւռքահայու առօրեայ կեանքին հանդէպ:
«Ես հպարտ եմ կատարածներովս եւ միաժամանակ խոնարհ եմ, որովհետեւ այն ինչ որ ես կատարեցի անապատի մը եւ կամ երկիր մոլորակի ծովեզրերու մէկ աւազահատիկը հազիւ ներկայացնէ»
Ոճային տեսանկիւնէ, գրութիւնը պարզ է՝ հեռու պաճուճանքէ, եւ առաջնահերթութիւն կու տայ անկեղծութեան։ Անկեղծութեան խոր զգացումը յստակ կերպով կ’արտայայտուի ընտանիքի անդամներուն կապուած յուշերուն մէջ՝ մանաւանդ հօր վերջին պատմութիւններուն եւ մեծ մօր քնանալէն առաջ ըսած խօսքերուն մէջ, որոնք ներկայացուած են նրբօրէն եւ յարգալից մօտեցումով։
«Ես կը յիշեմ մեծ մայրիկս, երբ մեզի կը դնէր մեր անկողիններուն մէջ, մեզի կը պատմէր Ուրֆայի յայտնի «Ախթար Պուտարիկի» առասպելական հեքիաթը: Կը յիշեմ նաեւ, որ ինձմէ կը խնդրէր իր կռնակի ոսկորներուն վրայ քալել..»:
Բոլատեանի անկեղծ ոճը եւ երանգը ընթերցողը կը հրաւիրէ իր անձնական աշխարհը՝ միաժամանակ նրբօրէն նկարագրելով բազմազան վայրերէ տեղահանուած հայերու հաւաքական փորձառութիւնը։
«Գուցէ նամակներս քիչ մը անսովոր կը համարէք, բայց այդ ես եմ. իմ տեսակէտներն ու իմ կարծիքը»
Ինքնակենսագրականը կը ծառայէ նաեւ որպէս հասարակական-պատմական վաւերաթուղթ մը 20-րդ դարու իրադարձութիւններուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան, ցեղասպանութիւնէն յետոյ գաղթերու, 1988-ի երկրաշարժին, Ղարաբաղեան շարժումին եւ Հայաստանի 1991-ի անկախութեան: Այս առումով, հեղինակին կեանքը կը դառնայ ոսպնեակ մը, որով կ՛ուրուագծուին սփիւռքի հիմնական թեմաները՝ տառապանք, գոյատեւում, յիշողութիւն, ծառայութիւն եւ ինքնութեան պահպանում։
«Մայրս՝ Զարուհի Սայեանը, ծնած է 21 ապրիլ 1911-ին, Թուրքիոյ Ատանա քաղաքը: Մենք չենք գիտեր իր Եգիպտոս գալու ստոյգ թուականը, վստահօրէն 1915-էն առաջ, եւ ան փրկուած է ցեղասպանութեան արհաւիրքէն»:
«Մօրս քեռին՝ Կիրակոս Ուրֆալեանը կ’ամուսնանայ Սրբուհի Նաքաշեանի հետ։ Հոս պէտք է նշեմ, որ Կեսարիայէն փախած, ցեղասպանութեան սարսափներէն փրկուած, Նաքաշեաններու ընտանիքը թաքնուած է Ռաքքայի նշանաւոր մուհաֆեզին տունը։
«Մենք Եգիպտոս ձգեցինք 16 հոկտեմբերին, մէկ շաբաթ մնացինք Աթէնք, մօրս զարմուհի Վիքթորիա Սայանի տունը։ Մայրս իր զարմուհին չէր տեսած այն օրէն, երբ անոնք փախած էին Թուրքիայէն՝ ցեղասպանութեան վայրագութիւններէն առաջ»։
Յուշագրութիւնը ունի արխիւային բնոյթ, որ կը ներառէ նամակներ, լուսանկարներ, յօդուածներ եւ թերթերու կտրոններ, ինչպէս նաեւ 1960-ական թուականներու Թորոնթոյի հայկական համայնքի լուսանկարային պատմութիւնը, որ զայն կը վերածէ վաւերագրական կարեւոր վկայութեան մը:
Իր մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն մասին մանրամասն յիշատակները՝ 20-րդ դարու կէսերու Գահիրէի մէջ, կը բացայայտեն ինքնութեան, համայնքային կապերու եւ տոկունութեան նրբազգաց առնչութիւնները՝ մանաւանդ սփիւռքահայ իրականութեան շրջագիծին մէջ։
«Բացման արարողութեան օրը ես ներկայ էի։ Առաջին յարկին վրայ կը գտնուէին գլխաւոր գրասենեակները եւ «Յուսաբեր» թերթի խմբագրատունը»։ «…Հսկայական Փալանճեան գրադարանը, որ ունէր հազարաւոր գիրքեր»։
«1965-ին դարձայ ՀՅԴաշնակցութեան անդամ, կնքահայրս բժիշկ Բաբգէն Փափազեանն էր, որ այդ ժամանակ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ էր եւ պատահաբար կը գտնուէր Եգիպտոս»։
«Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ» գիրքը աւելին է, քան անհատական յուշագրութիւն մը։ Ան անկեղծ վկայութիւն մըն է Սփիւռքի տոկունութեան, ինչպէս նաեւ՝ ցիրուցան ու տեղահանուած, բայց ինքնութիւնը պահպանած ժողովուրդի մը պատմական ուղիին։ Այս տեսանկիւնէն, գիրքը արժանի է թէ՛ ակադեմական ուշադրութեան եւ թէ՛ համայնքային գնահատանքի։
«1966-ի սկիզբը, երբ մենք գիշերեցինք Ամսթերտամ՝ Գանատա մեկնելու ճամբուն վրայ, ես առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ թուրքերու, հիւրանոցի նախասրահին մէջ։ Այս հանդիպումին մանրամասնութիւնները, զորս կը գտնէք այս գիրքին մէջ, լոյս տեսած են Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան Սիմոն Զաւարեան մասնաճիւղի «Արձագանգ» թերթի 1974-ի ապրիլեան թիւին մէջ»։
«…շէնք ունենալու եւ զայն մեր «Տուն» եւ հայ համայնքի կեդրոն կոչելու գաղափարը կեանքի երազանքն էր մեծ տեսլական ունեցող՝ «The Georgetown boys» -ի հայ որբերէն՝ Գուրգէն (Քըրք) Մակարեանի, որուն Գանատա բերած էին 1923-ին»:
«Այլ նշանաւոր հայերու կողքին, ընկ. Գուրգէնը կարեւոր դեր խաղցաւ «Avenue Road եւ Dupont Street» փողոցներուն անկիւնը գտնւող «ACC» շէնքը գնելու գործին մէջ»։
«Այդ շէնքին մէջ էր, որ ես մասնակցեցայ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան առաջին ժողովին…:Այդ շէնքը դարձաւ հայ համայնքի կեդրոնը 1967-ի աշնան»: «Ես չեմ կրնար մոռնալ այդ գիշերը. բոլորին աչքերուն ուրախութեան արցունքները, յատկապէս մեր սիրելի ընկեր Գուրգէնը»։
«Տիւփոն փողոցին վրայ գտնուող Հայ կեդրոնը կը ներառէր 1969-էն ի վեր եղած է ՀՅԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀԵԴ-ի եւ Համազգայինի տեղական մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ՝ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ մարզական կազմակերպութեան գրասենեակները»։
Յուշագրութեան մէջ Տէտէ Նալճեանի ներկայութիւնը կը խորհրդանշէ ընտանեկան սէրը եւ մշակութային յարատեւութիւնը: Այն փաստը որ Նալճեան ունէր զօրավար Անդրանիկի շնորհակալական նամակը, կ’ընդգծէ անձնական եւ պատմական խորքը՝ միաժամանակ կապ ստեղծելով մէկ ընտանիքի պատմութեան եւ ցիրուցան ժողովուրդի մը հաւաքական ժառանգութեան միջեւ։
«Տէտէ Նալճեանի քով կար զօր. Անդրանիկի ստորագրութԵամբ նամակ մը, ուր ան իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէր 1920-ականներու սկիզբը Գահիրէի մէջ իրեն մատուցուած բժշկական ծառայութիւններուն համար»։
Բոլատեանի Գանատա տեղափոխութիւնը եւ հոն սկսած նոր կեանքի պատմութիւնը շարունակութիւնն է այն այն բոլորին, զոր ինք կը կատարէր Եգիպտոսի մէջ:
«Նոր աշխարհի ժամանած էի՝ նոր կենսակերպով, նոր սովորութիւններով, բայց անցումը այդքան ալ դժուար չէր. կը թուէր կարծես շարունակութիւնը ըլլալ այն բոլորին, զոր ես անցեալին կը կատարէի»։
Այս արտայայտութիւնը նրբօրէն կը ցոլացնէ մշակութային կայունութեան թեման. մինչ աշխարհագրութիւնները կը փոխուին, ինքնութիւնը եւ նպատակը կը մնան անփոփոխ։
Բոլատեան կը պատմէ իր գործուն մասնակցութեան մասին՝ ՀՅԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀԵԴ-ի եւ Համազգայինի տեղական մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ՝ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ մարզական կազմակերպութիւններուն մէջ՝ ընդգծելով իր ներդրումը ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտական բաժանմունքի հիմնադրութեան, շրջանային ժողովներու, ներկայացումներու եւ երիտասարդական ձեռնարկներու: Այս մասնակցութիւնը նկարագրուած է ոչ թէ պարծենկոտութեամբ, այլ գոհունակութեամբ եւ ծառայութեան հանդէպ նուիրուածութեան լուռ զգացումով: Անոր համեստ, բայց անդրդուելի նուիրումը կ’ամրապնդէ յուշագրութեան կեդրոնական պատգամը, թէ ինքնութիւնը կարելի է պահպանել ոչ թէ անընդհատ յիշատակումովը անցեալին, այլ գործուն մասնակցութեամբ ներկայի մէջ:
Բոլատեանի յուշալպոմներն ու լուսանկարչական օրագրութիւնները կը յիշեցնեն ընթերցողին, որ մշակոյթի ինքնահաստատ գոյատեւումը նաեւ կախում ունի պատմութիւններու, դէպքերու եւ անձերու արխիւային պահպանումէն՝ առաքելութիւն մը, զոր Բոլատեանի յուշագրութիւնը ինքնին կ՛իրագործէ։
«Մասնակցած եմ ներկայացումներու եւ այլ միջոցառումներու։ Հպարտութեամբ եւ ամենայն համեստութեամբ եղած եմ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի խումբերու հիմնադիր եւ սկաուտական բաժնի անդամներէն մէկը։ Եղած եմ նաեւ 1970-ին Թորոնթոյի մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 37-րդ ընդհանուր ժողովը կազմազմակերպողներէն մէկը։ Դուք կը գտնէք քանի մը լուսանկար այս ձեռնարկներէն, ինչպէս նաեւ երկու յուշալպոմ, որոնք լուսանկարչական յիշատակելի պատմութիւն մը կը ներկայացնեն Թորոնթոհայ համայնքի՝ 1960-ականներուն եւ հետագայ տարիներուն կազմակերպած քանի մը ձեռնարկներուն մասին»։
Բոլատեանի յուշագրութիւնը նաեւ կ’ընդգծէ իր նուիրումը Հայ Դատին, որ կը ներառէ գանատական լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան եւ Արցախի հակամարտութեան շուրջ: Խմբագիրներուն նամակներ գրելով, քաղաքական գործիչներու հետ կապեր հաստատելով եւ տեղական մամուլին հետ յարաբերութիւններ զարգացնելով։
«16 յունուար 1987-ին, գրեցի Մոնրէալի «Gazette» թերթի խմբագրին՝ ամէն օր Գանատա ժամանող թուրք, այսպէս կոչուած «գաղթականներու» հոսքին մասին, որոնք 13 թռիչքներով ամէն օր կը ժամանէին Գանատա։ Վստահ էի, որ այս նամակը նոյնպէս պիտի մերժուէր, ինչպէս նախորդ քանի մը նամակներուն մեծ մասը։ Բայց, ի զարմանս, ան հրապարակուեցաւ 29 յունուար 1987-ին։ Այս նամակը եւ այլ նամակագրութիւններ կան այս գիրքին մէջ»։
Բոլատեանի ներգրաւուածութիւնը գանատական քաղաքական կեանքին մէջ եւս նշանակալի է։ Տեղական մակարդակով կազմակերպչական աշխատանքներու մասնակցութենէն անդին, ան դարձած է ազգային շահերու բանբեր մը, որ անուղղակիօրէն կրնայ ազդել քաղաքականութեան վրայ։ Այս ընթացքը վկայութիւն մըն է իր հետեւողական ներգրաւուածութեան։
«Ընտանեկան պարտաւորութիւններուս պատճառով ես չկրցայ միանալ Հայ Դատին, եւ ինքզինքս գտայ Հայաստանի եւ գանատական մամուլի, ինչպէս նաեւ գանատացի քաղաքական անձնաւորութիւններու ուղղութեամբ քարոզչական արշաւի ձեռնարկելու աշխատանքներուն մէջ՝ դատապարտելով եւ քողազերծելով լրատուամիջոցներու եւ թրքական լոպիին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւններու հերքումներն ու խեղաթիւրումները»։
1990-ականներուն կարճ ժամանակ մը եղած եմ Սէն Լորէն շրջանի Ազատական կուսակցութեան դաշնակցային երեսփոխան հանգուցեալ տիկ. Շըրլիի Մահիուի գործադիր խորհուրդի անդամներէն մէկը (ոչ ընտրովի պաշտօն): Ան շատ լաւ բարեկամ էր Մոնրէալի հայ համայնքին:
Բոլատեանի ողջ կեանքին նուիրուածութիւնը ճշմարտութեան, արդարութեան եւ սփիւռքահայ ինքնութեան պաշտպանութեան համոզիչ վկայութիւնն է գանատական հասարակութեան բազմամշակութային բնոյթին։ Անոր կեանքը Մոնրէալի մէջ կը ծառայէ օրպէս օրինակ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան, որ կը հիմնուի յիշողութեան, պատասխանատուութեան եւ պատմական ճանաչումի անխոնջ ձգտումին վրայ։ Անոր զգոն հետեւողականութիւնը կը հաստատէ յուշագրութեան հիմնական պատգամը. գործուն քաղաքականութեան ջատագովութիւնը պաշտօն չէ, այլ կեանքի ձեւ, որմով մարդ կ’ապրի:
«Թէեւ ես 1994-ին, հրաժարեցայ Դաշնակցութենէն, սակայն տակաւին մօտէն կը հետեւիմ կուսակցութեան եւ հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ թէեւ ներկայիս հազուադէպօրէն, բայց ի պահանջել հարկին եւ այնքան ատեն որ դեռ ֆիզիքապէս ի վիճակի եմ, կը շարունակեմ լայն հանրութեան եւ ընկերային ցանցերու ճամբով ներկայացնել կարծիքս հայկական հարցերու առնչութեամբ»:
Հրատ Բոլատեան. Անգլերէն հրատարակութեան յղումը այստեղ https://drive.google.com/file/d/1klbyOjdLDgpxJ-kolxJBDvicdUdHYwXz/view?usp=sharing
[1] «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ». հեղինակ՝ Հրատ Բոլատեան (Ա.) https://wp.me/pd909i-mr3 https://wp.me/pd909i-mrw «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ». հեղինակ՝ Հրատ Բոլատեան (Բ. եւ վերջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
Ինչպէ՞ս կարելի է մեծ մտածող դառնալ
Սոյն յօդուածը կը պատկանի Financial Times-ի սիւնակագիրներէն Սայմըն Քիւփըրի գրչին եւ լոյս տեսած է 22 Մայիս 2025-ին: Քիւփըր, ծանօթ իր խորաթափանց ու բազմաբնոյթ մեկնաբանութիւններով, կը խօսի լաւագոյն մտածողներու յատկութիւններուն մասին եւ կը ներկայացնէ անոնց յատուկ մտային սովորութիւնները, որոնցմէ կրնանք բոլորս սորվիլ՝ խելախօսի (smartphone) այս հիւծող ժամանակաշրջանին։ Յօդուածը կու տանք թարգմանաբար։
Սայմըն Քիւփըր
Մարդոց մեծամասնութիւնը երթալով աւելի բթամիտ կը դառնայ։ Մեծաւ մասամբ խելախօսի պատճառով, այսօր կ՚ապրինք ուշադրութեան նուազումի, կարդալու, թուաբանական կարողութիւններու եւ լեզուական դատողութեան անկումի ժամանակաշրջան մը։ Բայց ինչպէ՞ս կարելի է շրջել այս հոսանքը։ Ես ներկայացուցած եմ լաւագոյն մտածողներէ քաղուած եօթը մտային սովորութիւններ։ Ճիշդ է, այս մարդիկը այլ մակարդակի մտածողներ են։ Համակարգչային փոխաբերութեամբ, անոնց բարձր «մշակման հզօրութիւնը» թոյլ կու տայ իրենց մշակելու բազմաբնոյթ տուեալներ` արագ եւ խորքային։ Այլ խօսքով, անոնք ունին մտաւոր գերունակութիւն։ Այդուհանդերձ, մենք կրնանք շատ բան սորվիլ անոնց մեթոտներէն։ Այս սովորութիւնները կրնան պարզ հնչել, բայց քիչերն են, որ կ՚ապրին անոնց համաձայն:
Գիրք կարդացէ՛ք։ Գիրքը տակաւին աշխարհի բազմաշերտ բարդութիւնները փոխանցող լաւագոյն արհեստագիտութիւնն է։ Այդ բարդութիւնը կը հակակշռէ գաղափարախօսական պարզացումները։ Մարդիկ, որոնք կ’ուզեն պարզացնել աշխարհը, կը նախընտրեն առցանց դաւադրական տեսութիւնները։
էքրաններ (պաստառ, screen) շատ մի՛ գործածէք։ Այդ ձեւով շատ աւելի ժամանակ կ՚ունենաք գիրք կարդալու, եւ ձեր մտքին մէջ կը ստեղծուին միջանկեալ պահեր, երբ ան անգործ կը մնայ, կը թափառի ազատօրէն եւ կը կազմէ նոր կապեր։ Տարուին, Նիցչէ եւ Քանթ այսպիսի պահեր ապրած են քալած ատեն, զբօսանքի պահուն։ Կենսաքիմիագէտ Ճենիֆըր Տաուտնա կ՚ըսէ, թէ իր ներշնչումները կը ստանայ «լոլիկի բոյսերուս շուրջ մոլախոտերը մաքրելու ժամանակ» կամ քունի մէջ։
Կատարեցէ՛ք ձեր սեփական աշխատանքը, ո՛չ աշխարհին։ Լաւագոյն մտածողները շատ ժամանակ չեն կորսնցներ դրամ վաստկելու կամ հեղինակութեան աստիճանը բարձրանալ փորձելով։ Ճենիֆըր Տաուտնան լքեց Պըրքլին եւ Genentech կենսաքիմիական ընկերութեան միացաւ՝ հոն նորագոյն գիտական հետազօտութիւններու բաժինը ղեկավարելու: Սակայն, երկու ամիսէն վերադարձաւ Պըրքլի՝ գիտական լիակատար ազատութեան կարիքը զգալով, եւ վերջ ի վերջոյ շահեցաւ քիմիագիտութեան Նոպելեան մրցանակը՝ CRISPR ծինային խմբագրումի գործիքը համահնարելուն համար։
Եղէ՛ք բազմաբնոյթ։ Նախապատերազմեան Վիեննան ծնունդ տուաւ մտածողներու սերունդի մը՝ Ֆրոյտ, Հայէք, Քըրթ Կէօտել եւ անկրկնելի բազմագիտակ Ժան վոն Նոյմըն։ Քաղաքին համալսարանի կառուցուածքը նպաստեց այս մտաւոր բեղմնաւորութեան։ Առարկաներու մեծ մասը կը դասաւանդուէր կա՛մ իրաւաբանական, կա՛մ փիլիսոփայական բաժիններուն մէջ, եւ մասնագիտութիւններուն միջեւ խստօրէն ճշդուած սահմաններ չկային։ Ռիչըրտ Քոքեթ իր Vienna: How the City of Ideas Created the Modern World գիրքին մէջ կը գրէ. ««գիտական» եւ «մարդկայնական» նիւթերու միջեւ կամայական բաժանում չկար. ամէն ինչ «փիլիսոփայութիւն» էր՝ իր մաքուր իմաստով՝ հիմնարար հարցերու ուսուցում»։
Հայէք, օրինակ, «տան մէջ ուսանած էր բուսաբանութիւն՝ գրեթէ մասնագէտի մակարդակով։ Այնուհետեւ իրաւաբանութեան վկայական առաւ, համալսարանէն քաղաքական գիտութիւններու դոկտորական կոչում ստացաւ, բայց… իր համալսարանական ժամանակին մեծ մասը հոգեբանութիւն կը սորվէր՝ նախքան հռչակաւոր տնտեսագէտ մը դառնալը»։
Մասնագիտական փակ շրջանակները ճեղքելը կը հակասէ ակադեմական արդի համակարգին։ Իւրաքանչիւր գիտակարգի մէջ կուտակուած հսկայ գիտելիքը կը պահանջէ աննախադէպ մտային հմտութիւն եւ վերամշակման կարողութիւն։ Սակայն մէկ բնագաւառի մէջ ձեռք բերուած ըմբռնումները կրնան արմատապէս փոխել ուրիշ մը։ Հոգեբան Տանիել Քահնըման արժանացաւ տնտեսագիտութեան Նոպելեան մրցանակին՝ մարդուն ոչ-տրամաբանական վարքագիծին վերաբերող իր բացայայտումներուն համար։
Եղէ՛ք փորձարարական (empiricist), բայց մի՛ մոռնաք արժեւորելու գաղափարները։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, Իսայա Պերլին առաջին քարտուղարի պաշտօնը կը վարէր Բրիտանիոյ դեսպանատան, Ուշինկթընի մէջ։ Ամերիկայի քաղաքական կացութեան մասին անոր փորձարարական շաբաթական զեկոյցները հոյակապ վկայութիւններ էին աշխարհի այն ժամանակուայ իրականութեան մասին: Անոնք այնքան կը տպաւորեն Ուինսթըն Չըրչիլը, որ փափաք կը յայտնէ անձամբ հանդիպելու անոր։ (Թիւրիմացութեան մը հետեւանքով, Չըրչիլ ճաշի կը հրաւիրէ ոչ թէ Իսայան, այլ երաժշտահան Իրվինկ Պերլինը։ Իրվինկ Պերլին շփոթի կը մատնուի, երբ Չըրչիլ հարց կու տայ իրեն՝ «Երբ կը կարծէք, որ Եւրոպայի պատերազմը պիտի աւարտի՞»:)
1944 Մարտին, Իսայիա Պերլին ռմբակոծիչ օդանաւով մը Ուաշինկթընէն կը վերադառնայ Լոնտոն։ Ան պարտաւոր էր ամբողջ թռիչքին ընթացքին թթուածնային դիմակ կրելու, չէր կրնար քնանալ՝ շնչահեղձ ըլլալու վտանգով, եւ չէր կրնար կարդալ, որովհետեւ լոյս չկար։ «Մարդ կը մատնուի սարսափելի վիճակի: Անհաւատալի բան էր. ես ստիպուած էի մտածելու եօթը կամ ութ ժամ անընդհատ», կը յիշէր ան։ Այդ երկար միջանկեալ պահուն Պերլին կ’որոշէ գաղափարներու պատմաբան դառնալ։ Վերջ ի վերջոյ, ան կը գրէ դասական դարձած աշխատութիւններ՝ «Ոզնին եւ աղուէսը» (1953) եւ «Ազատութեան երկու հասկացողութիւնները» (1958)։
Միշտ ենթադրեքէ՛ք, որ կրնաք սխալիլ։ Միջակ մտածողները կը նախընտրեն հաստատել իրենց նախնական ենթադրութիւնները։ Այս «հաստատման կողմնակալութիւնը» կը խանգարէ, որ անոնք հասնին նոր կամ աւելի խոր ըմբռնումներու։ Իսկ Տարուին՝ ընդհակառակը, միշտ փաստարկներ կը ձեւակերպէր իր իսկ տեսութիւններուն դէմ։
Միշտ սորվեցէ՛ք բոլորէն։ Միայն միջակութիւններն են, որ չափահաս դառնալով կը պարծենան, թէ 18 տարեկանին ո՛ր համալսարանը յաճախած են։ Անոնք կը կարծեն, թէ խելքը ընդհանրապէս բնածին է ու անփոփոխ։ Սակայն ճշմարտութիւնը այն է, որ մարդ կեանքին ընթացքին կրնայ աւելի կամ պակաս խելացի դառնալ՝ կախեալ, թէ որքան լրջօրէն կը մտածէ։ Լաւագոյն մտածողները միշտ պատրաստ են սորվելու ուրիշներէ՝ անկախ անկէ, թէ անոնք ինչ տարիք կամ ընկերային դիրք ունին։ Կը յիշեմ ընթրիք մը, ուր ամենէն քիչ խօսողներն ու ամենէն ուշադիր մտիկ ընողները երկու Նոպելեան մրցանակակիրներն էին։
Թարգմանութիւն՝ Վ. Թէնպէլեան
Յարակից բովանդակութիւն
Վաղ յուշերէս մին կապուած է մանկապարտէզի մէջ մեր երգած երգերէն մէկուն։ Այո, երգ. այն ալ՝ զուարճալի։ Նախասիրած ուսուցիչներէս օրիորդ Արաքսին
ԱԻ-ն ալկորիթմներու փունջ մըն է՝ տեղաւորուած համակարգչային մեծ միջավայրի մը մէջ։ ԱԻ-ն ինքն իրեն չէ՛ յղացած։ Անիկա յղացուած է մարդոց
Մարդը միակ կենդանին է, որ կրնայ բարոյական հիմնաւորում ստեղծել իր ագահութեան, վրէժի, վախի կամ իշխանասիրութեան համար։ Կենդանին կը սպանէ, որովհետեւ
ԱՐԵԱՄԲ ԵՒ ՊՈՂՊԱՏՈՎ
1918 մայիս 28
Մութն էր պատել հայոց աշխարհին,
Եղեռն ու օրհաս` պարուրել նրան,
Փոթորիկները մռնչում էին,
Երկունք էր ապրում յոյսերի հսկան:
Պահերը հապճեպ խուսափում էին,
Հրանօթները` ոռնում մահերգանք,
Լեռների վրայ թափով անմեկին
Կռիւն էր շիկնում, կռիւն էր անկանգ:
Եւ քարէ մարդիկ, քարէ սրտերով,
Քարէ սրտերով ու կամքով քարէ,
Հայոց լեռներում կռանում էին
Կեանքի ու մահուան երգը մետաղէ…
Աշխարհանցում էր անծիր քաոսում,
Տարերքն էր փրթում անդունդ ու գագաթ,
Ընդերքից ժայթքած լաւայ էր հոսուն,
Դարէր կուտակուած հրաբուխ համակ…
Բախումը լաւի ու վատի զարզանդ
Անտեղիտալի վերջին գուպարում.
Ժողովուրդ ու հող ձուլուած անվկանդ
Յաղթական թափով էին վարարում…
Արարում էին ապրելու կորով,
Նուաճում էին ուժ ու իրաւունք.
Արեան, պողպատի, քարի շաղախով
Կեանքն էր կարկառւում բարձունքից բարձունք:
Կռիւն էր շիկնում, կռիւն էր անկանգ,
Մետաղէ մի երգ հայոց լեռներում.
—Մե՛րն է յաղթանակ, մե՛րն է յաղթանակ…
Հզօր Մասիսն էր ահեղ գոռերգում:
Շառագունուել էր ո՜ղջ հորիզոնը,
Արեւը ամպից դժուար էր ջոկւում.
Բայց լոյսն էր կոխում հայ երկնի զոնը,
Հայոց աշխարհին նարօտ էր կապում:
Մեր ոթած արեան կարմիրը շատ էր
Ու փողփողում էր նարօտը գունեղ.
Մեր սուրբ նարօտի կարմիրը շատ է,
Մեր նուիրումի արիւնը սրբեղ:
Մեր կոփած երկնի կապոյտը շատ էր,
Ու փողփողում էր նարօտը գունեղ.
Մեր սուրբ նարօտի կապոյտը շատ է,
Մեր խորունկ հոգու երկինքը բիւրեղ:
Մեր հուր երկունքի ծիրանին շատ էր,
Ու փողփողում էր նարօտը գունեղ.
Մեր սուրբ նարօտի նարնջին շատ է,
Մեր յաւէրժութեան ծիրանին շքեղ:
Ու ծփում է մեր դրօշն պետական
Մեր եռագոյնը մեր անկախութեան,
Մեր արեան գոյնով,
Մեր երկնի գոյնով,
Ու գոյնով ոսկեայ ցորեն արտերի,
Որ Հայկից մինչեւ մեր նոր օրերի
Հիմնն են ձօնել ու փառքն երկրի:
Յարակից բովանդակութիւն
Կամա՜ց-կամա՜ց կը հեռանամ կենսաչուէն՝
Լըքանելով ամեն ինչ որ աշխարհին
Է պատկանած, ու կ՚որոնեմ կուրօրէն
Այդ սուրբ ճամբան, որ կը տանի դէպ՚ երկին:
Հազար տարի
Մարդոյթը*
Բարձր չի խօսիր
ան կը շշնջայ
այն պահին,
երբ ձեռքդ կը դպչի
մէկ ուրիշի ցաւին
եւ դուն չես փախչիր․․․
Ամէն արարած
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի․․․
Կը մեռնի
Իբրեւ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ անոր վերաինքնահաստատման ծառայող հարթակ, «Տարբերակ21» սովորավար իր տարիներու աշխատակից Արայիկ Մկրտումեանի յօդուածները կը հրապարկէ արեւմտահայերէնի վերածուած: Արայիկը արեւելահայ գրող է՝ Երեւանէն: Այսօրուայ գրութիւնը, սակայն, կը պահենք արեւելահայերէնով՝ անշուշտ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, պահելու հարազատութիւնը արեւելահայ սրտցաւ գրողի պոռթկումին՝ ի տես մեր ցուցաբերած մահացու անփութութեան՝ արեւմտահայերէնի, նաեւ ընդհանրապէս արեւելահայերէնի նկատմամբ:
«Խմբգ.»
Այսօր շատերն են խօսում այն մասին, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու է: Նոյնիսկ նշում են, որ այն արդէն ներառուած է «մահացող լեզուների» ցանկում: Ու որ էլ աւեի զարմանալի է, հայերի մի մասն ասես հպարտութիւն է զգում դրանից: Նրանք կարծում են, թէ այդ կարգավիճակը յաւելեալ ուշադրութիւն կը բերի արեւմտահայերէնի նկատմամբ:
Բայց արդեօ՞ք այն այդպէս է:
Խիստ կասկածներ ունեմ, թէ այստեղ որեւէ ուրախանալու բան կայ: «Մահացողի» կարգավիճակը չի կարող դրական լինել: Տասնամեակներով արեւմտահայերէնի նկատմամբ ամբողջական անուշադրութիւնն այսօր փոխարինուել է մեռնողի հանդէպ դրսեւորուող կարեկեցանքով: Իսկ դա միայն մի բան է նշանակում․ հայ ժողովուրդը կանգնած է իր ինքնութեան կարեւորագոյն հիմնասիւներից մէկը կիսով չափ կորցնելու ամենաիսկական վտանգի առաջ: Արեւմտահայերէնը, որ մեզանում ընկալւում է որպէս էքզոթիք մշակոյթ, երբեմն՝ շքեղութեան հոմանիշ, իսկ աւելի յաճախ` անհասկանալիութեան ցուցիչ, ոչ միայն պարզապէս արտասանութեան եւ գրութեան ձեւ է, այլեւ հայոց լեզուի հիմքերից մէկը: Պատմական ճակատագիրն այնպէս է կամեցել, որ հայոց լեզուն, բացի նրանից, որ ծնունդ է տուել տասնեակ բարբառների, նաեւ կիսուել է երկու մասի ու դրանցից Արեւմտեանն այսօր գերեզմանաթմբի առջեւ կանգնած է:
Արեւմտահայերէնի կորուստը ջախջախիչ հարուած է հասցնելու մեզ որպէս ազգի; Արեւմտահայերէնի կորուստը հիմքից քանդելու է հայի՝ որպէս աշխարհատարած ազգի տեսլականը: Արեւմտահայերէնի կորուստը ոչ միայն հսկայական մշակոյթի ու գրականութեան, պատմական յիշողութեան ու ժառանգութեան կորուստ է, այլեւ հայ ազգի գերակշիռ մեծամասնութեան ինքնութեան կորստի հարիւր տոկոսանոց երաշխիք: Եթէ հայը հայերէն չի խօսում, նա կիսով չափ է հայ: Հայը կարող է իրեն հայ համարել ու ինքն իրեն նոյնացնել ինքնութեան ցուցիչի այլ բաղադրիչների վրայ` կրօն, տարածք, յիշողութիւն, բայց եթէ այն օտարալեզու է, ապա ենթական է այդ լեզուի հոգեբանութեանը, որովհետեւ լեզուն պարզապէս արտասանութիւն ու գրելու ձեւ չէ, այլ մտածողութիւն, փիլիսոփայութիւն: Եւ որքան կայացած ու հարուստ է լեզուն, այնքան աւելի բարդ է այդ լեզուով գրուածքը թարգմանել այդ լեզուով: Երկու հարուստ լեզուների միջեւ կատարուած թարգմանութիւններն արուեստ են, ինչպէս օրինակ Աստուածաշնչի թարգմանութիւնը: Եւ եթէ մենք կորցնենք արեւմտահայերէնը, ապա կարող ենք վստահ լինել, որ իրականանում է հայ ազգի ինքնաոչնչացման եւս մի ցաւոտ ու անդառնալի փուլ:
Կարող ենք թարգմանել Վարուժան եւ Սիամանթօ անգլերէն կամ գերմաներէն, բայց այն չի հնչի: Գերմանացու կամ անգլիացիու համար այն կը լինի վարպետ գրչի գործ, հիացմունքի առարկայ, բայց ոչ աւելին: Այն կը դառնայ ընդամէնը բանաստեղծութիւն:
«Ու պայքար, պայքար, պայքար երգեցի․․․․է, մի՞թէ սա հնարաւոր է թարգմանել: Բառերը կը թարգմանուին, իսկ ոգի՞ն, ցաւը, բերկրանքը, յիշողութիւնը: Դա ինչպէ՞ս ենք թարգմանելու: Գերմաներէնով այն պարզապէս կը լինի պայքարի մասին, բայց գերմաներէնը չի կարող յիշել հայերէնի յիշողութիւնը, այն հայոց լեզուի ցաւն ու պայքարը չի տեսել, այն հայոց լեզուի քաղցրութիւնն ու քնքշութիւնը չունի: Գերմաներէնն ունի իր՝ գերմանանականը:
Արդեօ՞ք որեւէ մէկը կարող է Սիամանթօ թարգմանել:
Ո՞վ կը յանդգնի թարգմանել․ «անունս է պայքար եւ վախճանս յաղթանակ» տողերը: Ո՞վ կը թարգմանի այնպէս, որ ֆրանսիացի ընթերողն այն կարդալով գոռայ․ «որովհետեւ ես եմ, ես եմ ես եմ ու անունս է պայքար ու վախճանս յաղթանակ»: Ո՞ր ֆրանսիացին կը զգայ այդ տողերի ցաւը, զայրոյթը, վախը, քէնը, վեհութիւնը․․․․ամէն ինչը: Ոչ ոք: Որովհետեւ հայերէնը հայինն է ու հայը` հայերէնին:
Ու այսօր մենք կանգնած ենք դա կորցնելու առաջ: «Լեռներ ու լեզու, ուրիշ ի՞նչ է աւանդել Հայկ Նահապետը: Կորցնես լեզուն եւ լեռներն աչքիդ հարթութիւն կ’երեւան»,- ասում է Տիգրան Մեծը Հայկ Խաչատրեանի «Տիգրան Մեծ» պատմավէպում: Այսօր մենք ինքներս ենք հարթեցնում մեզ, երբ գերադասում ենք այլ լեզուով խօսել, երբ ըստ էութեան նորաձեւական ինքնասպանութիւն ենք գործում, երբ պատրաստ ենք զոհել մեր ինքնութիւնը, մեր Ես-ը յանուն օտար լեզուի:
Նոյն «Տիգրան Մեծ» պատմավէպում արտայայտուած է այն միտքը, որ լեզուն սրի նման է: Այն պաշտպանում է ազգն այնպէս, ինչպէս սուրը՝ իր տիրոջը: Բայց եթէ սուրը ժանգոտուի ու կարող ես մաքրել, եթէ սուրը կոտրուի, նորը կը կռես, ապա ի՞նչ ես անելու, երբ լեզուն ժանգոտուի, երբ այն կոտրուի, բթանայ:
Լեզուի կորուստը մահ է:
Մենք այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնում մեծ խնդիր ունենք արեւելահայերէնի հետ կապուած: Յատկապէս նոր ու աճող սերունդը հայերէն լաւ չգիտէ, հայերէն գրքեր քիչ են կարդում, հայ հեղինակներին` առաւելապէս, իսկ արեւմտահայերէնը գրեթէ օտար լեզու է: Անգամ եղել դէպք, երբ արեւմտահայերէն գրքի հասցէին ասուել է․ «իսկ սրա հայերէնը չունէ՞ք»: Մենք ի վիճակի՞ ենք հասկանալ, թէ ինչ է կատարւում հէնց հիմա: Մենք ի վիճակի՞ ենք հասկանալու, որ սա աւելին է քան Ցեղասպանութիւնը: Մոռացման դէմ կռուելը բարդ է: Այն ինչ մոռացուել է, կարող է այլեւս չվերականգնուել, իսկ մենք երեւի սպասում ենք, որ կորցնենք նաեւ արեւմտահայերէնը, իսկ յետոյ բանաստեղծական պաթոսով ողբանք, որ կորցրինք մեծագոյն մի գանձ, որ հային հայ էր պահում:
Է յետո՞յ: Սա ի՞նչ այլանդակ վերաբերմունք է մեր կողմից մեր հանդէպ: Այս ինչպէ՞ս են կարողացել համոզել մեզ, այս ինչպէ՞ս են լուացել մեր ուղեղը, որ հայերէնը հայի համար դարձել է ծաղրելիք, երբ ֆիլմերի անունները մենք հայերէն քիչ ենք արտասանում, որովհետեւ ծիծաղ է յարուցում, երբ գերադասում ենք «կուղխ» ասելու փոխարէն կիրառել անգլերէն wolverine կամ ռուսերեն расомаха տարբերակը եւ «կուղխ»-ը միայն յիմար ծիծաղ է առաջացնում: Մենք հասկանո՞ւմ ենք, որ ծիծաղում ենք ինքներս մեր վրայ՝ հայելու առաջ կանգնած հռհռում ենք ու թքում հայելու արտացոլուող մեր իսկ պատկերի վրայ:
Զգուշացէք հայե՛ր, զգուշացէ՜ք: Պատմութիւնն այնքան էլ բարեգութ չէ եւ այն անխնայ պատժում է ամէն մէկին, ով բաւարար չափով անհոգ է ինքն իրեն մոռանալու համար:
Զգուշացէ՜ք, հայեր, զգուշացէ՜ք․․․․մենք այսօր մեր ձեռքերով փորում ենք համազգային մոռացման գերեզմանը: Մենք այսօր մեր ձեռքերով կանգնած ենք ինքնամոռացման առաջ: Մենք ու միայն մենք:
Եւ թող ոչ ոք չասի, որ ժամանակակից տեխնոլոգիաներն են մեղաւոր եւ այլն եւ այլն, եւ այլն: Մենք ենք մեզ համար պատասխանատու: Ոչ մի այլ ազգ չի փրկելու հայոց լեզուն հայերի համար:
Մենք այսօր կորցրել ենք մեր հայրենիքի գերակշիռ մասը: Հայ ժողովուրդը ցրիւ է եկած աշխարհով մէկ, հայ եկեղեցին կորցրել է իր վեհութիւնն ու ազդեցութիւնը, պատմական յիշողութիւնն աղճատւում է, տարածքային ինքնութիւնը՝ փոփոխւում:
Ու վտանգուած է նաեւ լեզուն: Այն, ինչը միաւորեց հայախօս ցեղերին որպէս մէկ միասնական ազգի, այսօր ոտնահարուած է: Այն, ինչը միաւորեց, նա էլ կը բաժանի: Վաղը մենք կ’ունենանք իրանախօս, իսպանախօս, անգլախօս ու ռուսախօս, հայկական ծագումով ինչ որ հիբրիդներ, բայց ոչ հայեր, որովհետեւ հայ՝ նշանակում է հայերէն, իսկ եթէ հայերէն չէ, ապա հայ չէ, որովհետեւ, նոյնիսկ եթէ անգլիախօս հայն իրեն հայ է համարում, որովհետեւ ունի մեծ կապուածութիւն իր երկրի հետ եւ այլն, ապա նրա սերունդները կարող են չունենալ դա, որովհետեւ նրանք ոչ միայն խօսելու եւ գրելու են, այլեւ ՄՏԱԾԵԼՈՒ են ոչ հայերէն:
Իսկ մի գուցէ այս ամէնն արդէն ոչ ոքի չի հետաքրքրում:
Վահան Տէրեանը, երբ գրում էր․
«Մի՞թէ վերջին պոէտն եմ ես,
Վերջին երգիչն իմ երկրի,
Մա՞հն է արդեօք, թէ նի՞նջը քեզ
Պատել, պայծառ Նայիրի․․․․․»:
Մոռացումն է պատմել մեզ, ինքնակործան ու ինքնասպան մոռացումը: Ես սարսափում եմ, որ այսօր-վաղը մենք կանգնելու ենք մոռացութեան թմբի առաջ մթնած հայոց լեզուի առաջ ու ահաբեկուած մեզ պատած մթից՝ բացականչենք․
-Ցոլա՜, ցնորք Նայիրի․․․
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
«Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ». հեղինակ՝ Հրատ Բոլատեան (Բ. եւ վերջ)
Կազմաւորումս
Ճիշդ այս կազմակերպութիւններու մէջ զարգացուցած եմ իմ հայկական եւ մշակութային ինքնութինս՝ մասնակցելով Երիտասարտաց Հայդուկ խումբի հանդիպումներուն եւ մշակութային ձեռնարկներուն: Թէեւ հայկական դպրոց չյաճախեցի, բայց ինքնուս կրցայ ամբողջացնել իմ հայկական գիտելիքներս:
Ճիշդ այս շէնքին մէջ էր, որ 1960-ականներու սկիզբը առաջին անգամ ըլլալով եւ միայն այդ առիթով տեսայ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը: Նաեւ տեսայ այն բոլոր անձնաւորութիւնները, հայ եւ օտար, որոնք այդ շէնքին մէջ կ’այցելէին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատասխանատուներուն: Հոն էր որ տեսայ հայ մեծ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանը, երբ ան 1965-ին Եգիպտոս էր՝ Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցի յիշատակի ոգեկոչման առիթով։
Այս բոլորը ազգային հպարտութեան առիթներ կը հանդիսանային, որոնք զիս մօտիկ կը պահէին հայ համայնքին, եւ անոնք է, որ զիս դարձուցած է այն, ինչ որ եմ այսօր։
Շնորհակալութի՛ւն մայրիկ, որ տարիներ առաջ այդ գիշեր զիս տարիր Նաւասարդ սրահ՝ միանալու որպէս կազմակերպութեան կրտսեր անդամ։
12 տարեկան էի, երբ ինծի թոյլատրեցին, որ առանձին երթամ շաբաթ կեսօրուայ հանդիպումներուն, նաեւ շարժանկարի սրահ երթալ եւ այցելել մօտակայքը ապրող այլ ընկերներու։
Ես դարձած էի երիտասարդ գործառու մը՝ օգնելով դրացիներուս, հոգալով անոնց առօրեայ գործերը եւ պէտքերը, եւ այդ ձեւով գանձելով քիչ մը յաւելեալ գումար եւ աւելցնելով արձակուրդներու եւ տարեդարձիս առիթով ստացած դրամական նուէրներուն վրայ։ Երջանիկ էի։
Դպրոցին մէջ կային քանի մը այլ հայ աշակերտներ, եւ այսօր, աւելի քան 50 տարի ետք, ես դեռ կապի մէջ եմ Գանատայի եւ աշխարհի տարբեր ծագերուն ապրող հայ եւ օտար քանի մը դասընկերներու հետ:
1956-ին, ես աւարտեցի նախակրթարանս եւ ընդունուեցայ երկրորդական։
Նպատակս վկայական ստանալ էր։ 1960-ին, մասնակցեցայ պետական կրթական քննութեան, բայց չյաջողեցայ։ Թուաբանութեան, բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան դասանիւթերուն մէջ լաւ չէի. նախքան պետական քննութիւններու արդիւնքներու հրապարակումը, ես արդէն սկսած էի լիաժամ դրութեամբ աշխատիլ: Ես գիտէի, որ պիտի չյաջողիմ:
Ես ամէնօրեայ լիաժամ դրութեամբ սկսայ աշխատիլ 1960-ին, 18 տարեկանիս, որպէս աշկերտ երկու եղբայրներու՝ Նասիպ եւ Թորգոմ Ղարիպեաններու պատկանող հայկական արեւտուրի հաստատութեան հաշուապահութեան բաժնին մէջ։ Երեք բաժին ունեցող ընկերութիւնը՝ «Նասիպ-Թորգոմ»-ը, մասնաճիւղ մըն էր, որ կը վաճառէր ալիւմինիոմի շերտեր, (aluminium sheets) եւ պատուհաններու համար նախատեսուած ծածկոյթներ, երկաթեայ իրեր, ելեկտրական պիտոյքներ, վինիլէ փսիաթներ (vinyl mats), շերտափակ փեղկեր (venetian blinds), եւ կենցաղային ներածուած բազամազան իրեր։
«Tegeco»-ը ընկերութեան ներածումի բաժանմունքն էր, իսկ «Նասթորը»՝ արհեստանոցային բաժինը, որ կ’արտադրէր շարժանկարի սրահի աթոռներ, փայտէ պատրաստուած խանութներու ցուցանակներ եւ ներածուած ալիւմինիոմ, ինչպէս նաեւ ֆլորէսան լամբեր, նաեւ ֆլորէսան լամբերու յատուկ ելեկտրականութեան պատեաններ (electrical housing units):
Հաշուապահական բաժնին մէջ մէկ տարի աշխատելէ ետք, զիս տեղափոխեցին արտադրութեան բաժին: Ամսական աշխատավարձս 11-էն բարձրացաւ 18 եգիպտական լիրայի, ինչ որ այդ ժամանակ բաւական մեծ գումար էր, յատկապէս անոնց, որոնք չունէին միջնակարգ դպրոցի վկայական, եւ երբ այդ ժամանակ պետական պաշտօններու դիմող համալսարանաւարտներու համար ճշդուած աշխատավարձը 20 եգիպտական լիրա էր։ Սկզբնական շրջանին, պարտականութիւնս էր վաճառացուցակի, գոյքերու ցուցակագրութիւններու պահպանումը եւ արհեստանոցին համար օգտագործուած նիւթերու հաշուապահութիւնը:
Գերազանց աշխատանքիս համար ես արժանացած էի իմ տնօրէններուս եւ ընկերութեան սեփականատիրոջ յարգանքին ու վստահութեան, իսկ որոշ ժամանակ ետք, իմ պարտականութիւններս բազմացան: Կը մասնակցէի ընկերութեան անունով կատարուող մրցոյթներուն եւ ինծի տեղական որոշ գնումներու լիազօրութիւններ տրուած էր՝ կապուած յաճախորդներու պատուէրներուն։ Ես նաեւ կապի միջոց էի ընկերութեան եւ յաճախորդներու միջեւ։
Աշխատանքիս ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւցնելու նպատակով, զայն բաժնած էի. առաւօտեան՝ ճամբուս վրայ հանդիպիլ յաճախորդներուն եւ արձանագրել անոնց կարիքներն ու պատուէրները, իսկ կէսօրին կատարել գրասենեակային աշխատանքները։ Ես կը սիրէի աշխատանքս եւ բծախնդրօրէն կը կատարէի պարտականութիւններս։
1962-1964 տարիներուն, ծառայած եմ եգիպտական բանակին՝ բժշկական զօրաբաժնին մէջ, եւ քանի որ տեղակայուած էի Գահիրէ, կրնայի ամէն օր ժամը 14:00-ին տուն երթալ եւ միաժամանակ կիսաժամ աշխատիլ կէսօրէ ետք եւ ուրբաթ օրերը, ինչ որ պերճանք եւ մենաշնորհ էր, զոր բանակի շատ մը այլ զինուորներ չունէին։
1964-ին, զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ ետք, վերսկսայ լիաժամ աշխատելու Նասիպ-Թորգոմ ընկերութեան մէջ մինչեւ հոկտեմբեր 1966, երբ հեռացայ Եգիպտոսէն՝ Գանատա գալու համար։
1965-ին դարձայ ՀՅԴաշնակցութեան անդամ, կնքահայրս բժիշկ Բաբգէն Փափազեանն էր, որ այդ ժամանակ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ էր եւ պատահաբար կը գտնուէր Եգիպտոս։
1960-1966 տարիներուն, բացի բանակին ծառայելէս, աշխուժօրէն մասնակցած եմ Երիտասարդացին եւ կարճ ժամանակով եղած եմ վարիչ մարմնի անդամ։ Այս բոլորը աւարտեցան հոկտեմբեր 1966-ին, երբ մօրս հետ լքեցի Եգիպտոսը՝ միանալու եղբօրս՝ Նուպարին, որ 1964-ին, հաստատուած էր Թորոնթօ։
Մենք Եգիպտոս ձգեցինք 16 հոկտեմբերին, մէկ շաբաթ մնացինք Աթէնք, մօրս զարմուհի Վիքթորիա Սայանի տունը։ Մայրս իր զարմուհին չէր տեսած այն օրէն, երբ անոնք փախած էին Թուրքիայէն՝ ցեղասպանութեան վայրագութիւններէն առաջ։ Վիքթորիան մնացած էր Յունաստան եւ ամուսնացած Պետրոս Միքայէլեանի հետ, անոնց որդին՝ Գրիգորը ամուսնացած էր գեղեցիկ յոյն աղջկայ մը՝ Ռեճինայի հետ եւ բախտաւորուած էին Վիքթորիա անունով աղջիկ զաւակով։
Ես վայելեցի Աթէնքը. զարմիկս Գրիգորին հետ շրջագայեցայ քաղաքի եւ հին յունական պատմական վայրերը։ Մենք ձգեցինք Աթէնքը, գիշերեցինք Ամսթըրտամի մէջ, եւ յաջորդ օրը, 24 հոկտեմբեր 1966-ի երեկոյեան ժամանեցինք Թորոնթօ։
Նոր կեանք եւ նոր սկիզբ
Նոր աշխարհի ժամանած էի՝ նոր կենսակերպով, նոր սովորութիւններով, բայց անցումը այդքան ալ դժուար չէր. կը թուէր կարծես շարունակութիւնը ըլլալ այն բոլորին, զոր ես անցեալին կը կատարէի։
Ես բախտաւոր էի, որ սկսայ աշխատել Թորոնթօ ժամանելէս քանի մը օր ետք։
Եղբայրս Նուպարը արդէն աշխատանք դասաւորած էր իր պաշտօնավարած Drug Trading Co. Ltd-ի ընկերութեան արտադրական բաժնին մէջ. այդ ժամանակուայ դեղ վաճառող մեծ ընկերութիւններէն մէկը։ Աշխատանքը գոյքագրման վերահսկիչի պարտականութիւնն էր՝ առաւօտեան ժամը 9-էն կէսօրէ ետք 5. յարմարիլը քիչ մը ժամանակ առաւ։ Այդուհանդերձ, պէտք է ըսել, որ բաւական ժամանակ ունէի հանգստանալու, երեկոները դուրս ելլելէ առաջ:
Առաջին կիրակի օրը գացինք Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին, ուր հանդիպեցայ իմ հին ընկերներուս, որոնց չէի տեսած անոնց Եգիպտոսէն հեռանալէն ի վեր, եւ այլ հայերու, որոնք աշխարհի տարբեր մասերէ բնակութիւն հաստատած էին Գանատա։
Մէկ այլ յետմիջօրէի, մասնակցեցայ ՀՅԴ-ի իմ առաջին հանդիպումին, որ ժամանակաւորապէս տեղի կ’ունենար Քոլէճ պողոտային վրայ գտնւող YMCA-ի սենեակներէն մէկուն մէջ, մինչեւ նոր շէնքին աւարտը, զոր գնած էին շնորհիւ երկար տարիներէ ի վեր Գանատա հաստատուած հայերու ներդրումներուն եւ ջանքերուն։
Այստեղ հարկ է նշել, որ շէնք ունենալու եւ զայն մեր «Տուն» եւ հայ համայնքի կեդրոն կոչելու գաղափարը կեանքի երազանքն էր մեծ տեսլական ունեցող՝ «The Georgetown boys» -ի հայ որբերէն՝ Գուրգէն (Քըրք) Մակարեանի, որուն Գանատա բերած էին 1923-ին:
Երբ Գանատա ժամանեցի, ընկեր Գուրգէնը արդէն Թորոնթոյի նշանաւոր հայերէն մէկն էր՝ գործարանատէր, ձեռնարկատէր եւ ունէր իր սեփական լուացքատան գործը։ Ան ամուսնացած էր եւ զաւակ չունէր. Ան մեր բոլորին հետ կը վարուէր որպէս իր սեփական զաւակները: Այլ նշանաւոր հայերու կողքին, ընկ. Գուրգէնը կարեւոր դեր խաղցաւ «Avenue Road եւ Dupont Street» փողոցներուն անկիւնը գտնւող «ACC» շէնքը գնելու գործին մէջ։
Այդ շէնքին մէջ էր, որ ես մասնակցեցայ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան առաջին ժողովին, եւ նոյն այդ շէնքին մէջ անցուցի կիրակի օրերուս մեծ մասը: 1960-ականներուն, Թորոնթոյի մէջ կիրակի օրերը շատ ընելիք բան չկար, ուստի այս շէնքը այդ ժամանակ մեծ թիւով հայերու հանդիպման վայրն էր։ 31 դեկտեմբեր 1966-ին, մենք այդ շէնքին մէջ ունեցանք նոր տարուայ խրախճանք-երեկոյթը՝ նախքան անոր վերանորոգումը…:
Այդ շէնքը դարձաւ հայ համայնքի կեդրոնը 1967-ի աշնան. յիշարժան երեկոյ էր, երբ մենք բոլորս մտանք ներս՝ պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցելու։
Այդ այժմ մեր տունն էր, ուր կը կազմակերպէինք մեր հանդիպումներն ու ձեռնարկները, եւ ուր նորեկներն եւ անոնց զաւակները տեղ կ’ունենային հաւաքուելու եւ շարունակել պահպանելու մեր ժառանգութիւնը, այնպէս ինչպէս մեզմէ իւրաքանչիւրը ըրած էր Քանատա գալէն առաջ։
Ես չեմ կրնար մոռնալ այդ գիշերը. բոլորին աչքերուն ուրախութեան արցունքները, յատկապէս մեր սիրելի ընկեր Գուրգէնը։
Այդ շէնքին մէջ էր, որ տեղի ունեցաւ առաջին պաշտօնական ձեռնարկը՝ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 77-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ պատգամախօսը՝ ընկեր Արթիւր Կիրակոսեանը, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի՝ Providence, Rode Island-ի ընկերներէն էր:
Յաջորդ օրը, կիրակի կէսօրին, Թորոնթոյի Սողոմոն Թեհլիրեանի կոմիտէի ժողովն էր, եւ դարձեալ ընկ. Կիրակոսեանն էր հիւրը։ Տիւփոն փողոցին վրայ գտնուող Հայ կեդրոնը կը ներառէր 1969-էն ի վեր եղած է ՀՅԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀԵԴ-ի եւ Համազգայինի տեղական մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ՝ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ մարզական կազմակերպութեան գրասենեակները։

1966-1972, աշխուժօրէն մասնակցած եմ տեղւոյն ՀՅԴ շարքերուն եւ ներգրաւուած եմ եղած համայնքային գործունէութեան մէջ։ Եղած եմ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան տեղական գործադիր յանձնախումբերու եւ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի գործուն անդամ, ինչպէս նաեւ մասնակցած եմ ՀՅԴ-ի եւ ՀԵԴ-ի շրջանային ժողովներուն որպէս ընտրուած պատգամաւոր։ Մասնակցած եմ ներկայացումներու եւ այլ միջոցառումներու։ Հպարտութեամբ եւ ամենայն համեստութեամբ եղած եմ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի խումբերու հիմնադիր եւ սկաուտական բաժնի անդամներէն մէկը։ Եղած եմ նաեւ 1970-ին Թորոնթոյի մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 37-րդ ընդհանուր ժողովը կազմազմակերպողներէն մէկը։ Դուք կը գտնէք քանի մը լուսանկար այս ձեռնարկներէն, ինչպէս նաեւ երկու յուշալպոմ, որոնք լուսանկարչական յիշատակելի պատմութիւն մը կը ներկայացնեն Թորոնթոհայ համայնքի՝ 1960-ականներուն եւ հետագայ տարիներուն կազմակերպած քանի մը ձեռնարկներուն մասին։
Կեանքս Մոնրէալի մէջ
1972-ի նոյեմբերին տեղափոխուեցայ Մոնրէալ։ Նշանուած էի ամուսնանալու համար, սակայն բախտ չեղաւ, բայց որոշեցի մնալ Մոնրէալ։
1974-ին ընկերներուս միջոցով ծանօթացայ Մարի Եագուպեանին, որուն հետ ամուսնացայ 8 օգոստոս 1976-ին, եւ մենք ունեցանք մեր որդին՝ Տիգրանը, 3 յունուար 1979-ին։ Ես շարունակեցի ծառայել Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, բայց այնքան գործուն չէի, որքան Թորոնթոյի մէջ։ 1970-ականներու եւ 1980-ականներու համաշխարհային իրադարձութիւնները՝ առնչուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի գործունէութեան, միշտ ալ հետաքրքրած էին զիս։ Սակայն, ընտանեկան պարտաւորութիւններուս պատճառով ես չկրցայ միանալ Հայ Դատին, եւ ինքզինքս գտայ Հայաստանի եւ գանատական մամուլի, ինչպէս նաեւ գանատացի քաղաքական անձնաւորութիւններու ուղղութեամբ քարոզչական արշաւի ձեռնարկելու աշխատանքներուն մէջ՝ դատապարտելով եւ քողազերծելով լրատուամիջոցներու եւ թրքական լոպիին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւններու հերքումներն ու խեղաթիւրումները։
1966-ի սկիզբը, երբ մենք գիշերեցինք Ամսթերտամ՝ Գանատա մեկնելու ճամբուն վրայ, ես առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ թուրքերու, հիւրանոցի նախասրահին մէջ։ Այս հանդիպումին մանրամասնութիւնները, զորս կը գտնէք այս գիրքին մէջ, լոյս տեսած են Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան Սիմոն Զաւարեան մասնաճիւղի «Արձագանգ» թերթի 1974-ի ապրիլեան թիւին մէջ։
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած 1988-ի երկրաշարժէն մինչեւ 1994, ՀՅԴ-էն իմ հրաժարականս, ես Քէպէքի եւ Գանատայի հայ դատի յանձնախումբերուն անդամ էի եւ կը զբաղէի լրատուամիջոցներու կապերով եւ հայ դատի մասին հարցազրոյցներ կը կազմակերպէի թերթերու եւ ռատիոկայաններու տարբեր հայ եւ ոչ-հայ թղթակիցներու միջեւ՝ կապուած Արցախեան հակամարտութեան եւ Գանատայի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։
1990-ականներուն կարճ ժամանակ մը եղած եմ Սէն Լորէն շրջանի Ազատական կուսակցութեան դաշնակցային երեսփոխան հանգուցեալ տիկ. Շըրլիի Մահիուի գործադիր խորհուրդի անդամներէն մէկը (ոչ ընտրովի պաշտօն): Ան շատ լաւ բարեկամ էր Մոնրէալի հայ համայնքին: Հետագային դարձաւ Օթթաուայի երեսփոխանական ժողովի փոխնախագահներէն մէկը, ապա Գանատայի նախկին վարչապետ Ժան Քրէյթինի կողմէ նշանակուեցաւ Գանատայի Ծերակոյտին անդամ։
Ես ստանձնեցի հայերու եւ Հայկական հարցին դէմ յօդուածներու հրապարակութեան պարագային, թերթերու խմբագիրներուն գրելու պարտականութիւնը, թէեւ արդիւնքը միշտ չէ, որ բարենպաստ էր, այնուամենայնիւ, ես շարունակեցի իմ ջանքերս։ Այս գիրքին մէջ դուք կը գտնէք աշխատաքիս մասին բազմաթիւ նամակագրութիւններ։
16 յունուար 1987-ին, գրեցի Մոնրէալի «Gazette» թերթի խմբագրին՝ ամէն օր Գանատա ժամանող թուրք, այսպէս կոչուած «գաղթականներու» հոսքին մասին, որոնք 13 թռիչքներով ամէն օր կը ժամանէին Գանատա։ Վստահ էի, որ այս նամակը նոյնպէս պիտի մերժուէր, ինչպէս նախորդ քանի մը նամակներուն մեծ մասը։ Բայց, ի զարմանս, ան հրապարակուեցաւ 29 յունուար 1987-ին։ Այս նամակը եւ այլ նամակագրութիւններ կան այս գիրքին մէջ։
1988-ին, Հայաստանի երկրաշարժը շրջադարձային պահ մը եղաւ ինծի համար՝ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու լուրերու տնօրէն պարոն Կոր Սինքլէրի, ինչպէս նաեւ՝ Մոնրէալի ամենաշատ լսուող ռատիոկայաններէն մէկուն՝ «CJAD 800» ռատիոկայանի եւ այլ եթերներու մէջ գործող դէմքերու հետ։
Այս դէմքերէն մէկը առաւօտեան «Exchange» յայտագրին հաղորդավարն էր՝ պրն. Ռոյըլ Օռը, որ մեծ դեր խաղցաւ հայկական հարցերու շուրջ հայերու եւ ոչ-հայերու հետ հարցազրոյցներ կազմակերպելու գործին մէջ, ինչպէս՝ Անգլիոյ լորտերու տան պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը, Մոնրէալի Քոնքորտիա համալսարանի փրոֆ. Ֆրենք Չոքը եւ փրոֆ. Քըրթը, Մոնրէալի Հորիզոն-Armenian Weekly-ի խմբագիր Կիրօ Մանոյեանը, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն (ANCC) Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Թէեւ ես 1994-ին, հրաժարեցայ Դաշնակցութենէն, սակայն տակաւին մօտէն կը հետեւիմ կուսակցութեան եւ հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ թէեւ ներկայիս հազուադէպօրէն, բայց ի պահանջել հարկին եւ այնքան ատեն որ դեռ ֆիզիքապէս ի վիճակի եմ, կը շարունակեմ լայն հանրութեան եւ ընկերային ցանցերու ճամբով ներկայացնել կարծիքս հայկական հարցերու առնչութեամբ:
Հրատ Բոլատեան. Անգլերէն հրատարակութեան յղումը այստեղ https://drive.google.com/file/d/1klbyOjdLDgpxJ-kolxJBDvicdUdHYwXz/view?usp=sharing
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
Մտերմիկ զրոյց Վահէին հետ
Տարբերակ21 հարթակի այսօրուայ հիւրը ծանօթացման կարիք չունի: Վահէ Պէրպէրեանի անունը դարձած է հոմանիշ հայկական մենախօսական արուեստին: Շատեր Վահէն կը սիրեն իր հիւմըրին համար, խնդացնելուն համար: Բայց Վահէն շատ աւելին է քան մենախօսը, մեզ խնդացնողը: Վահէն ամբողջական արուեստագէտ է. գրող, թատերագիր, բեմագիր, գեղանակարիչ, երաժիշտ, բեմադրիչ եւ դերասան:
Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու
«Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ». հեղինակ՝ Հրատ Բոլատեան (Ա.)
Շաքէ Մանկասարեան
Հրատ Բոլատեանի «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ» անգլիատառ գիրքը հետաքրքական եւ իւրայատուկ յուշագրութիւն մըն է, որ հայերէնի թարգմանելով զայն կը ներկայացնեմ հայ ընթերցողին: Հեղինակի կեանքին պատմութիւնը՝ ծննդավայր Եգիպտոսի մէջ իր մանկութենէն մինչեւ 1966 Գանատա հաստատուիլը հարուստ է հանրային ծառայութեամբ եւ ազգային ինքնութեան պահպանման նուիրուած տասնամեակներով:
Հրատ Բոլատեան կը գրէ.- «այս իմ կենսագրութիւնս է, իմ յուշերը, կեանքիս պատմութիւնը ծննդավայրէս՝ Եգիպտոսէն մինչեւ Գանատա, ուր ես հաստատուած եմ 1966-ին: Ահա թէ ով եմ ես, ի՞նչ ըրած եմ եւ ինչպէ՞ս հասակ առած եմ ու գոյատեւած մինչեւ այսօր. հպարտ հայ եմ, հպարտ եմ իմ հայկական ժառանգութեամբս, հակառակ անոր որ առաջին դասարանէն ետք չեմ յաճախած հայկական դպրոց»:
«Ես այս գիրքը չեմ գրած զայն հրատարակելու համար, եւ ես որեւէ ցանկութիւն չունիմ, ոչ մէկ պարագայի, ինչ որ ալ ըլլայ, ես պարզապէս կ’ուզեմ վաւերագրութիւն ձգել, թէկուզ մէկ վայրկեան, Հայ Դատի համար ունեցած իմ ներդրումիս մասին: Գուցէ նամակներս քիչ մը անսովոր կը համարէք, բայց այդ ես եմ. իմ տեսակէտներն ու իմ կարծիքը»:
«Ես հպարտ եմ կատարածներովս եւ միաժամանակ խոնարհ եմ, որովհետեւ այն ինչ որ ես կատարեցի անապատի մը եւ կամ երկիր մոլորակի ծովեզրերու մէկ աւազահատիկը հազիւ ներկայացնէ»:
«Ցանկալի է եւ խրախուսելի, որ իւրաքանչիւր հայ ինչ-որ ձեւով ծառայէ իր ժողովուրդին, համայնքին»:
«Պատմութեան ընթացքին լաւ պայմաններու մէջ ապրող հայերը եւ համեստ միջոցներ ունեցողները միասին նպաստեցին իրենց համայնքներուն եւ հայրենիքի կառուցման նիւթապէս եւ այլ զոհողութիւններով»:
«Ես իմ խոնարհ ու համեստ նիւթական մասնակցութենէս բացի – Թորոնթոյի իմ համայնքին, Մոնրէալի համայնքին եւ Հայ Դատին ծառայած եմ կամաւոր: Ես ոչ մէկ բացառիկ բան չեմ ըրած. ես պարզապէս ըրի այն, ինչ որ կ’ընեն շատ մը այլ հայեր»:
Ես պարզապէս կը փափաքէի հաւաքագրել արձանագրութիւնները, վաւերագրութիւնները ու դասաւորել զանոնք կանոնաւոր ձեւով՝ բաժնեկցելու ընտանիքիս անդամներուն հետ, եւ ահա այս է, որ ի վերջոյ կը հրամցնեմ հարազատներուս:
Նպատակս պարծենալ չէ իմ կերտած ձեռքբերումներուս մասին. ես պատմաբան չե՛մ, ո’չ ալ կը փորձեմ այդպիսին ըլլալ. այն ինչ որ սկսաւ որպէս կենսագրութիւն, դարձաւ տարեգրութիւն քանի մը իրադարձութիւններու, որոնք տեղի ունեցած են կեանքիս ընթացքին:
Այս գիրքը լուսանկարներու, յօդուածներու, նամակներու եւ տարբեր թերթերու կտրօններու հաւաքածոյ է, զորս արժանի նկատած եմ պահելու եւ պահպանելու:
Այս գիրքին որոշ պատկերները ես լուսանկարած եմ, միւսները՝ վարպետ լուսանկարիչներ՝ Միհրան Զերտելեան (Եգիպտոս), Վարդան Վարդանեան եւ Մարդիկ Ապաճեան (Թորոնթօ), Հրայր (Բազէ) Խաչերեան (Մոնթրէալ), ինչպէս նաեւ ուրիշներ, որոնց անունները չեմ յիշեր:
Մանկութիւնս
Ծնած եմ 17 ապրիլ 1942 -ին: Երեք եղբայրներուս կրտսերն եմ: Մեծ եղբայրս Արթոն ծնած է 21 մայիս 1932-ին, Նուպարը ծնած է 16 ապրիլի 1938 -ին: Մենք երեքս ալ ծնած ենք Գահիրէ, Եգիպտոս: Հայրս՝ Լեւոն Բոլատեանը, ծնած է Ուրֆա, 1896-ին, եւ Եգիպտոս եկած է 1912-ին:
Սկսինք սկիզբէն, ինչպէս կը յիշեմ եւ ինչպէս մայրս պատմած է մեզի: Ես անձնապէս չեմ տեսած իմ հօրենական մեծ հայրս՝ Յակոբ Փոլատեանը. անոր մասին միայն գիտենք, որ ծնած է Ուրֆա, 1878-ին, ամուսնացած է մեծ մօրս՝ Հռիփսիմէ Սայեանի հետ: Մենք նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր մահացած է ան. հաւանաբար Ուրֆա:
Յակոբն ու Հռիփսիմէ մեծ մայրիկս բախտաւորուած են երեք որդիով եւ մէկ դուստրով՝ Ներսէս – Փերուզ – Լեւոն – Տիգրան։ Ըստ Եգիպտոսի քաղաքացիութեան եւ հպատակագրութեան տոմարին՝ մեծ մայրիկս Եգիպտոս մտած է 1912-ին:
Ես կը յիշեմ մեծ մայրիկս, երբ մեզի կը դնէր մեր անկողիններուն մէջ, մեզի կը պատմէր Ուրֆայի յայտնի «Ախթար Պուտարիկի» առասպելական հեքիաթը: Կը յիշեմ նաեւ, որ ինձմէ կը խնդրէր իր կռնակի ոսկորներուն վրայ քալել..: Մեծ մայրիկս մահացաւ 18 յուլիս 1947-ին, Գահիրէ, հօրս մահէն քանի մը շաբաթ առաջ:
Մօրս կողմէ մեծ մայրս՝ Մարի Ուրֆալեանը ամուսնացած էր Յարութիւն Սայեանի հետ: Ան ծնած է Թուրքիա, 1891-ին, եւ մահացած Գահիրէ, 1935-էն ետք: Յարութիւնը ծնած է Ուրֆա, 1888-ին, եւ մահացած Ատանա, 1912-ին:
Չենք գիտեր թէ Գրիգոր Սայեանը եւ կինը ո՞ւր ամուսնացած են: Չենք գիտեր նոյնիսկ Մարիամի նախամուսնական մականունը. գիտենք միայն, որ Գրիգոր Սայեան ծնած է Ուրֆա, Թուրքիա, հաւանաբար 1800-ականներու կէսին կամ վերջաւորութեան եւ մահացած է Թուրքիա, շուրջ 1915-ին:
Ծնողքս
Մայրս՝ Զարուհի Սայեանը, ծնած է 21 ապրիլ 1911-ին, Թուրքիոյ Ատանա քաղաքը: Մենք չենք գիտեր իր Եգիպտոս գալու ստոյգ թուականը, վստահօրէն 1915-էն առաջ, եւ ան փրկուած է ցեղասպանութեան արհաւիրքէն: Ան յաճախած է Գահիրէի «Bon Pasteur» դպրոցը եւ աւարտելէն յետոյ աշխատած «Bon Marche Broderie» ընկերութեան մէջ մինչեւ ամուսնանալը հօրս հետ:
Հայրս թեքնիսիէն էր Գահիրէի Eastern Tobacco ընկերութեան մէջ, նախապէս՝ Matossian ընկերութեան մէջ, Եգիպտոսի ծխախոտի մեծագոյն գործարանը: Ան նաեւ շատ լաւ պահարան շինող էր, եւ տեղին է ըսել, որ «ամէն տեսակ գործեր ընող անձ էր»: Իր ճարտար մտայղացումներուն եւ աշխատանքներուն մաս կը կազմէր արեւտուրի յարմար սառոյցի տուփը, զոր ան պատրաստած էր թաղի խորոված (քեպապ) պատրաստող խանութին սեփականատիրոջ համար։ Իր ճարտար ստեղծագործութիւններէն էր իր շինած գեղեցիկ պահարանը, ուր կը տեղաւորէինք ձեռքով-լարուող կրամոֆոնը: Այդ պահարանը մօտաւորապէս վեց ոտք բարձրութիւն ունէր, եւ եթէ մինչեւ այսօր պահուած ըլլար, այսօրուայ չափանիշներով անթիք կը համարուէր:
Հայրս եւ մայրս ամուսնացած են 7 դեկտեմբեր 1930-ին: Հայրս մահացած է օգոստոսի 4-ին: 1947-ին, ան քանի մը ամիս անկողնոյ ծառայեց, երկու ոտքերը գաճի մէջ՝ աշխատանքային դժբախտ արկածի պատճառով: Ան սահած էր թաց յատակին վրայ եւ ինկած: Շարժումի եւ մարզանքի բացակայութիւնը քանկրէն եւ երակախցում առաջացուց, որոնք իր կեանքին պատճառ դարձան. ճակատագրի մէկ հեգնանքն էր կարծես, որ ոտքերը գաճէն պիտի հանէին յաջորդ օրը…եթէ չմահանար:
Կը յիշեմ մօրս խօսքը հօրս մահէն քանի մը վայրկեան առաջ: Ես հօրս անկողնին մէջ էի, երբ մայրս ըսաւ.- «Հրատ, տղաս, գնայ սենեակդ», բայց ես չգացի եւ նստեցայ հօրս մահճակալին կողքին դրուած բազմոցին վրայ. կարծես կը զգայի, թէ հօրս հետ ինչ-որ բան մը պիտի պատահի, եւ ես չուզեցի հեռանալ: Ես չեմ յիշեր, թէ ճիշդ երբ հայրս մահացաւ, բայց կը յիշեմ, որ ինծի դրացիներուն տունը տարին եւ հոն ալ գիշերեցի:
Ինչպէս Եգիպտոսի հայերուն մեծ մասը, մենք ալ կը պատրաստուէինք հայրենադարձելու 1947-ին, բայց հօրս մահը փոխեց մեր կեանքը։ Բոլոր մօրեղբայրներս, հօրեղբայրներս եւ միւս հարազատները, անոնցմէ ոմանք հայրենիք դարձան 1947-ին, իսկ միսները՝ 1948-ին: Այն օրերուն մենք ալ յոյս ունէինք եւ կը հաւատայինք, որ քիչ մը ուշ մենք ալ անոնց պիտի միանանք Հայաստանի մէջ:
Ցաւօք, համաշխարհային քոլերա համաճարակին հետեւանքով հայերը տանող ռուսական բոլոր նաւերը կանգ առին, ուստի մենք մնացինք եւ հասակ առինք Եգիպտոսի մէջ:
Օոստոս 1947-ին, հօրս մահէն յետոյ, մօրս քեռին՝ Կիրակոս Ուրֆալեանը զիս տարաւ Սուրիա, որ որոշ ժամանակով հեռու պահէ զիս տունէն։
Մենք շոգեկառքով Գահիրէէն մեկնեցանք Հալէպ՝ Երուսաղէմի ճամբով, ուր գնացքը կարճ ժամանակով կանգ առաւ, բայց մենք շոգեկառքին մէջ մնացինք: Ես բնաւ չեմ եղած Երուսաղէմ, եւ այդպէս ալ չկրցայ խաչի դաջուածք ունենալ, ինչպէս Երուսաղէմ այցելող բոլոր ուխտաւորները կ’ընեն։
Երուսաղեմէն ղոգեկառքը շարունակեց իր կանոնաւոր գնացքը դէպի Դամասկոս, իսկ հոնկէ՝ Ռաքքա, ուր մուհաֆէզին ընտանիքին տունը պիտի մնայինք։ Չեմ յիշեր, թէ որքան մնացինք անոնց տունը, հաւանաբար երեք-չորս շաբաթ։
Եգիպտոս-Սուրիա շոգեկառքի գիծը դադրեցաւ գործելէ Իսրայէլի պետութեան ստեղծումէն ետք՝ 1948-ին։
Մօրս քեռին՝ Կիրակոս Ուրֆալեանը կ’ամուսնանայ Սրբուհի Նաքաշեանի հետ։ Հոս պէտք է նշեմ, որ Կեսարիայէն փախած, ցեղասպանութեան սարսափներէն փրկուած, Նաքաշեաններու ընտանիքը թաքնուած է Ռաքքայի նշանաւոր մուհավեզին տունը։ Անոնք հոն բնակած են բաւական երկար ժամանակ՝ այնքան մը, որ մուհավեզը սիրահարի Սրբուհիին քրոջը եւ ամուսնանայ անոր հետ։ Ան իր կամքով կ’ամուսնանայ եւ կը դառնայ քանի մը տղաներու եւ մէկ աղջկայ մայր։
Ես շատ լաւ եւ յստակ կը յիշեմ Սրբուհիին քրոջը զաւակներէն մէկը՝ Ֆաթթահը, որ 1948-ին այցելեց մեզի Եգիպտոս, եւ թէ ինչպէս հայերէն կը խօսէր, եւ այդ մէկը իմ յիշողութեանս մէջ դրոշմուած է, թէ մայրը իր զաւկին շատ լաւ հայերէն սորվեցուցած էր:
Հօրս մահէն ետք
Երէց եղբայրս Արթոն կը յաճախէր Don Bosco technical վարժարանը եւ ամռան արձակուրդներուն կ’աշխատէր մեր հօր հետ նոյն ընկերութեան մէջ: Հօրս մահէն ետք, ան դարձաւ ընտանիքին գլուխը եւ եկամուտ ապահովողը, որ բաւական մեծ պատասխանատուութիւն էր պատանի տղու մը համար:
Eastern Tobacco Company-ին շարունակեց փոխանցել հօրս աշխատավարձը, երբ հայրս տան մէջ ապաքինման իր օրերը կ’անցնէր: Հօրս մահէն ետք, անոնք Արթոյին աշխատանք տուին ընկերութեան մէջ, որու պատճառով ալ ան ստիպուած եղաւ ձգելու դպրոցը եւ նեցուկ կանգնելու մօրը եւ երկու եղբայրներուն:
Արթոն շարունակեց իր ուսումը գիշերային դպրոց յաճախելով: Արաբերէնի շատ լաւ իմացութեան շնորհիւ, գրասենեակային, հաշուապահական եւ վարչական պաշտօններու նոր առաջարկներ ստացաւ եւ ձգեց «Արեւելեան ծխախոտային ընկերութիւնը»: 1960-ականներու սկիզբը, ան դարձաւ դեղագործական միջազգային ընկերութեան մը գիտական գրասենեակի տնօրէնը:
Հօրս մահէն յետոյ, մեր ընտանիքին հին ծանօթներէն մէկը՝ այրի, մասնագիտութեամբ դեղագործ, եկաւ մեր քով ապրելու: Ան ծնած էր Պոլիս, անունը՝ Հայկ Նալճեան: Ան աշխատած է Եգիպտոսի պետական հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, իսկ թոշակի անցնելէ յետոյ աշխատած է Homsy ընկերութեան» մէջ, որ Գահիրէի դեղագործական ցրուիչներէն մէկն էր։
Հայկ Նալճեանը՝ Տէտէ, ինչպէս մենք զինք անուանած էինք, երբ եկաւ մեզի հետ ապրելու, ան դարձաւ իսկական տէտէ մը մեր երեքին համար, մինչ մենք մեր իսկական տէտէներէն ոչ մէկը տեսած էինք։ Ան ինծի եւ եղբօրս՝ Նուպարին կը տանէր կենդանաբանական պարտէզ, շարժապատկերի սրահ եւ այլ վայրեր։
Ան ինծի համար խաղալիքներ կը պատրաստէր խաւաքարտէ եւ փայտի փոքրիկ կտորներէ։ Ան քաջառողջ մարդ էր. ես երբեք չեմ տեսած, որ ան որեւէ դեղ առնէ, բացի լծողականներէ եւ երբեմն-երբեմն ասփիրինէ, մինչեւ երբ յանկարծ անոր առողջութիւնը սկսաւ վատթարանալ, եւ կարճ ժամանակ մըն ալ հիւանդանոց մնաց եւ մահացաւ 80 տարեկանին՝ 1958-ին։
Տէտէ Նալճեանի քով կար զօր. Անդրանիկի ստորագրութԵամբ նամակ մը, ուր ան իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէր 1920-ականներու սկիզբը Գահիրէի մէջ իրեն մատուցուած բժշկական ծառայութիւններուն համար։
Հօրս մահուան տարին, եղբայրս՝ Նուպարը կը յաճախէր Գալուստեան հայկական ազգային վարժարանը։ Ես նոյնպէս սկսայ յաճախել նոյն դպրոցը մինչեւ առաջին դասարան, երբ 1959 հոկտեմբերին, մօրս որոշումով եւ մեր շէնքի դրացի մալթական ծագում ունեցող ուսուցիչ Անթուան Քարաուանայի միջնորդութեամբ, College Patriarcal ընդունուեցայ, որ մեր տունէն քալելով կարելի էր երթալ։
Ակնթարթի մը մէջ կեանքս ու միջավայրս փոխուեցան։ Ես բաժանուեցայ իմ հայ դասընկերներէս ու ընկերներէս եւ ունեցայ նոր ընկերներ։ Շաղուիլը նոր միջավայրին հետ ինծի համար այդքան ալ դժուար չէր, քանի իմ նոր ոչ-հայ դասընկերներէս շատերը կ’ապրէին մեր մօտակայքը, եւ մենք դիւրիւթեամբ կրնայինք հանդիպիլ դպրոցական ժամերէն դուրս։ Այս դպրոցին մէջ, ես սորվեցայ արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն՝ բացի այլ սովորական առարկաներէ, սակայն հասակ կ’առնէի անծանօթ հայոց պատմութեան եւ լեզուին։ Ես տակաւին կրնամ խօսիլ, կարդալ եւ գրել հայերէն, բայց լեզուի, յատկապէս քերականութեան, իմ գիտելիքներս սահմանափակ են:
Կեանքը սկսաւ կայունանալ մեզի համար: Հակառակ անոր որ մենք չէինք ապրեր շքեղութեան մէջ, մենք զրկուած չէինք ապրուստի անհրաժեշտ իրերէն: Մենք միշտ չէ, որ նորաձեւ կը հագնէինք, բայց մենք լաւ կրթուած էինք, լաւ սնուած եւ պատշաճ հագած: Մենք նոյնիսկ կրնայինք խոյս տալ Գահիրէի տաք ամառներէն եւ երեք շաբաթով զով եղանակ վայելել Աղեքսանդրիոյ Սիտի Պիշրի լողափերուն վրայ՝ շնորհիւ Հայ Օգնութեան Միութեան ամառնային Կարմիր Խաչ ճամբարին:
Ես պէտք է եօթը կամ ութ տարեկան ըլլայի, երբ միացայ ՀՅԴ պատանեկան միութեան, որ նոր հորիզոններ բացաւ ինծի համար՝ վերստին ըլլալու իմ հայ ընկերներուս հետ, տարբեր ուսուցիչներէ սորվելու Հայաստանի եւ հայոց պատմութեան մասին, որոնցմէ մէկը Երուանդ Արթինեանն էր, որ կ’ապրէր նոյն թաղամասը եւ ամէն շաբաթ կէսօր, ինծի իր ինքնաշարժով կը տանէր իր երկու որդիներուն՝ Վրէժ-Արմէնին եւ Համոյին հետ դէպի Իպրահիմ Պաշա փողոցին վրայ գտնւող Նաւասարդ սրահը, որ, բացի ՀՅԴ ՀՕՄ-ի եւ Համազգային մշակութային միութեան բոլոր հասարակական ձեռնարկներուն համայնքային կեդրոնը ըլլալէ, նաեւ Գահիրէի մէջ հրատարակուող երկու հիմնական հայկական օրաթերթերէն մէկու՝ «Յուսաբեր»-ի տպագրատունն էր։
Ես երբեք չեմ կրնար մոռնալ իմ երդմնակալութեան գիշերը որպէս պատանեկան միութեան անդամ: Հետագային, երբ աւելի մեծցայ եւ աւելի լաւ ծանօթացայ կազմակերպութեան եւ անոր ղեկավարներուն, միայն այդ ատեն գիտակցեցայ եւ հասկցայ այդ երեկոյին կարեւորութիւնը եւ անոր նշանակութիւնը։ Իմ կնքահայրս Գաբրիէլ Լազեանն էր։ Արարողութիւնէն յետոյ, տիկին Հերցելիա Նաւասարդեանը զիս տարաւ ներքեւ իր ամուսնոյն՝ Վահան Նավասարդեանի՝ «Յուսաբեր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագրին գրասենեակը։
Դէմքին լայն ժպիտով, Հերցելիան ըսաւ ամուսնոյն. «Վահան, այսօրուայ ամենափոքր տղան է, որ կը միանայ պատանեկան շարքերուն։ Թուղթերու կոյտերու ետեւէն տեսայ գանգուր, մոխրագոյն մազերով եւ ակնոցներով ծերունի մը, որ ձեռքը մեկնեց ինծի, համբուրեց ճակատս, տուաւ իր սեղանին վրայ դրուած քաղցրաւէնիքը եւ քանի մը բառ ըսաւ, որոնք, ցաւօք, չեմ յիշեր, բայց, հաւանաբար, գովեստի խօսքեր էին։
Նաւասարդ սրահը նաեւ երեկոյեան լսարաններու եւ հասարակական այլ ձեռնարկներու վայրն էր. Կը յիշեմ, որ մայրս զիս ու եղբայրս՝ Նուպարը յաճախ կը տանէր այդ ձեռնարկներուն:
Շաբաթ օր մը, մեր վարիչը մեզի ըսաւ, թէ յաջորդ օրը մենք պիտի այցելենք համայնքային նոր կեդրոնի շինարարութեան վայրը, որ կը կոչուի «Յուսաբեր հայկական մշակութային կեդրոն»։ Յաջորդ օրը մենք գացինք եւ տեսանք շինարարները, որոնք կ’աշխատէին մեր մշակութային նոր կեդրոնին մէջ: Շէնքին կառուցումը աւարտեցաւ 1951-ին, եւ ինչպիսի՜ շէնք էր ան՝ ութ յարկանի։
Բացման արարողութեան օրը ես ներկայ էի։ Առաջին յարկին վրայ կը գտնուէին գլխաւոր գրասենեակները եւ «Յուսաբեր» թերթի խմբագրատունը։ Երկրորդ յարկին վրայ կը գտնուէր հազար հոգինոց սրահը՝ նախատեսուած թատերական ներկայացումներու՝ արդիական բեմով եւ շարժական աթոռներով. կ’օգտագործուէր նաեւ որպէս խրախճանքի սրահ։ Երրորդ յարկը կային շարժապատկերի սրահի աթոռներ՝ շուրջ 500։ Միւս յարկերուն վրայ կը գտնուէին տարբեր կազմակերպութիւններու գրասենեակներն ու հանդիպումներու սենեակները, ինչպէս նաեւ նոր, հսկայական Փալանճեան գրադարանը, որ ունէր հազարաւոր գիրքեր։ Չորրորդ յարկին վրայ, մէկ կողմը բնակարանն էր, ուր կ’ապրէին Վահան Նաւասարդեան եւ իր կինը, իսկ միւս կողմը՝ փոքրիկ առօրեայ սենեակ մը, որ կ’օգտագործուէր տարբեր առիթներու, հանդիպումներու, փոքր երեկոյթներու համար եւ այլն:
Այնուհետեւ կը տեսնենք շէնքի ամենէն գեղեցիկ եւ ամենայայտնի մասը՝ տանիք-պարտէզը, որ կ’օգտագործուէր որպէս գարնանային եւ ամառնային հանդիպումներու եւ հանգիստի գօտի. նոյնպէս ունէր բեմ մը եւ խոհանոցային յարմարութիւններ։
Տանիքի պարտէզին կողքին կը տեսնենք երիտասարդականի վարիչ մարմինին համար նախատեսուած առանձին հանդիպումներու սենեակը եւ մեր շաբաթական հանդիպումներուն համար նախատեսուած աւելի մեծ սենեակ մը, ինչպես նաեւ հանգիստի գօտի մը՝ փինկ-փոնկի սեղանով եւ այլ խաղերով։ Շէնքին մնացած երեք յարկերը բնակարաններ էին։
1960-ականներու սկիզբը Գահիրէի արուարձաններէն՝ Հելիոփոլիս քաղաքէն գնեցին այլ հողաշերտ մը, որ դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ. ԱՐԱՐԱՏ Հայ Ընդհանուր Մարզական Միութեան սկաուտներու նոր տունը։ Շէնքը ունէր երկու բաժին՝ հասարակական ձեռնարկներու եւ հանդիպումներու համար սենեակներ, եւ բաց տարածութիւն՝ պասքէթպոլի եւ ամառնային ձեռնարկներու համար։
(շարունակելի)
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
Կեանքի եւ մահաքունի միջեւ՝ Սուրէն Խտըշեանի բեմական վրձինով
«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, 14 Մայիս 2025։
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով, որոնք յաճախ կը լարէին հանդիսատեսը։ Խօսակցական առօեայէն քաղուած բառամթերքի գործածութիւնը ոչինչ կը փոխէր թատերախաղի արժէքէն, այլ աւելի հարազատ կը դարձնէր զայն: Թատերական լուծում մը, որմէ պէտք չէ վախնալ ու խուսափիլ, մեր կարծիքով: Ներկաները, նոյնանալով դերակատարներու վաւերական խաղարկութեան հետ, անգիտակցաբար կը մղուէին հարցադրելու ու զննելու իրենց ներքին պայքարները, հակասութիւնները, վերլուծելու լուռ տագնապները, եւ ակամայ կը միանային մարդու անվերջանալի որոնումին՝ կեանքի իմաստին։
Թատերախաղին առանցքը կը հանդիսանար քոմայի (մահաքունի) մէջ գտնուող հիւանդ մը՝ Հայկը եւ իր շուրջը գտնուող հարազատները՝ յաճախ լուռ, յաճախ պոռթկացող տառապանքներով: Սակայն, «Կեանք»ը աւելին է, քան բժշկական տրամա մը. ան բանաստեղծական արտացոլումն է այն թաքնուած քոմային, քոմաներուն, զորս մեզմէ շատերը կ’ապրին ամէն օր, երբ կը հրաժարին նպատակ մը հետապնդելէ, ստեղծագործելէ, իրենց ներքին ձայնը լսելէ:

Վահէ Պէպէրեանի փիլիսոփայական ըմբռնումը՝ թէ նպատակ հետապնդելէ, ստեղծելէ դադրիլը կեանքէ հրաժարիլ է, խորապէս կ՚արտայայտուի թէ՛ բեմին վրայ եւ թէ՛ ներկայացման գրքոյկով փոխանցուած իր բացատրական խօսքին մէջ։ հոգեմտաւոր քոմայի գաղափարը՝ հիւանդին ֆիզիքական վիճակին զուգահեռ, յատուկ չէ միայն Լոս Անճելըսի, ուր կը պատահին թատերախաղին գործողութիւնները. ան խիստ հարազատ կը թուի, մանաւանդ Պէյրութի նման քաղաքին մէջ, ուր երբեմն գոյապայքարը կրնայ կուլ տալ երազները։ Բայց ան հարազատ է նաեւ ամբողջ մարդկութեան. համամարդկային վիճակ է:
Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ, թատերախաղը կը զարգանար ներգործող կշռոյթով: Լոյսի եւ երաժշտութեան ստեղծագործ կիրառութեամբ, ան յաջողած էր հմտօրէն հաւասարակշռել լռութեան եւ պոռթկումի պահերը՝ յուսահատութեան եւ դիմադրութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը, պայքարը: Զգալի էր, որ իր ցուցմունքներով, ան ոչ միայն կ’առաջնորդէր իր դերասանական կազմը, այլեւ կը շնչէր անոնց հետ, իր իսկ խոստովանութեամբ: Անոր տասնհինգ տարուայ կապը իր «Թեաթրոն» թատերախումբին հետ շօշափելի էր, եւ այս մտերմութիւնը ճառագայթէր բեմէն:

Բեմադրական հնարամիտ ընտրութիւն էր դարձող բեմի օգտագործումը, որ կ՚երթեւեկէր երկու հիմնական միջավայրերու միջեւ՝ հիւանդանոցի սենեակին, ուր հիւանդը անշարժ կը պառկէր, բայց «կեանքը» ներկայ էր հոն, կը շարունակէր շնչել իր հարազատներուն եւ թատերագիր Ռուբէնի հետ իր լուռ ու միակողմանի «երկխօսութեամբ», եւ տան, ուր ան կ՚ապրէր, կը պայքարէր եւ առօրեայ կեանքի տագնապներ կը դիմագրաւէր, կը յանձնուէր, կը վիճաբանէր կնոջը Սոնային հետ, կը դառնար պարտուողական եւ ենթագիտակցութեան ճնշումին տակ, պատճառ կը դառնար արկածի եւ հոգեմտաւոր քոմայէն ետք՝ ֆիզիքական ինքնաքոմայի։ Այս մնայուն փոփոխութիւնը՝ տեսանելի եւ ապրումներու մակարդակներով լոյս կը սփռէր ֆիզիքական անշարժութեան եւ կենսունակ անցեալի, կեանքի եւ պարտուողական ինքնամեկուսացման միջեւ առկայ մարդկային անվերջանալի հակադրութիւններուն վրայ։
Վարպետ Սուրէնը վարպետօրէն մեզի կը փոխանցէր վաւերական թատերագիր Վահէ Պէրպէրեանի փիլիսոփայական աշխարհահայեացքը:
Դերասանական կազմը ամբողջովին տպաւորիչ էր։ Յարութ Մանուկեան (հիւանդապահ Ռուբէնի դերով), Կարէն Տարագճեան (Հայկի եւ թատերագիր Լեւոնի դերերով), Գոհար Քերոբեան (Սոնա՝ Հայկին կինը), վաստակաշատ Այտա Սրապոնեան Մահսերեճեան (Մարի՝ Հայկին մայրը), Հուրի Պապահէքեան (Շաքէ՝ Հայկին եւ Սոնային դուստրը), Սարին Օհանեան Մարգարեան (Արազ՝ Հայկին եւ Սոնային երկրորդ դուստրը) եւ Ռաֆայէլ Կիւմիւշեան (անխօս հիւանդը, մեզ կը յուշէր, թէ լռութիւնը երբեմն կրնայ ամենազօրաւոր ձայնը ըլլալ) լաւապէս յաջողեցան դրսեւորել կերպարներուն հոգեկան վիճակները եւ իրենց հաղորդականութեամբ՝ յաջողեցան հանդիսատեսը պահել լարուած ու նոյնացած բեմին հետ: Վարձքերնիդ կատա՛ր:
Բնականօրէն, յաջող այս ներկայացման շղթան պիտի չամբողջանար առանց օժանդակ անձնակազմի մը, յանձին՝ Հրայր Խտըշեանի (երաժշտութիւն, յօրինում), Կարէն Տարագճեանի (բեմայարդարում), Գօգօ Մկրտիչեանի (բեմայարդարումի իրագործում) Նաթալի Քիւլխանճեանի (գծանկարչական ծրագրող), Մարտիկ Օթճեանի (բեմադրիչի օգնական) եւ Նարինէ ՔԷհէյեանի (բեմավար): Նշենք, որ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեան ստանձնած էր նաեւ լոյսի եւ ձայնի պատասխանատուութիւնը՝ բեմայարդարման իրագործման իր մասնակցութեան կողքին: Ձեր բոլորին վարձքը կատա՛ր:
Հեղինակ Վահէ Պէրպէրեանի ներկայութիւնը այս երեկոյթին ներկաներուն խանդավառութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին։ Վահէն Լիբանան կը գտնուի՝ ներկայացնելու իր մենախօսութիւններէն «PայTs»-ը, սակայն այդ երեկոյ բեմ բարձրացաւ ոչ թէ stand-up comedian Վահէն, այլ այժմէական ու խորաթափանց թատերագիր մը՝ իր ամբողջական մեծութեամբ։
Վահէին «Կեանք»-ը եւ Սուրէն Խտըշեանի անոր բեմադրութիւնը թատերական պարզ ներկայացում մը չէր, այլ ինքնագիտակցութեան հրաւէր, ապրելու եւ ստեղծագործելու կոչ մը՝ ընդդէմ յուսահատութեան եւ հոգեմտաւոր քոմայի։
Յարակից բովանդակութիւն
Կամա՜ց-կամա՜ց կը հեռանամ կենսաչուէն՝
Լըքանելով ամեն ինչ որ աշխարհին
Է պատկանած, ու կ՚որոնեմ կուրօրէն
Այդ սուրբ ճամբան, որ կը տանի դէպ՚ երկին:
Հազար տարի
Մարդոյթը*
Բարձր չի խօսիր
ան կը շշնջայ
այն պահին,
երբ ձեռքդ կը դպչի
մէկ ուրիշի ցաւին
եւ դուն չես փախչիր․․․
Ամէն արարած
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի․․․
Կը մեռնի
Պուխարեսթի Միջազգային ճազային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակի դափնեկիր, Երեւանի պետական երաժշտանոցի պսակաւոր արուեստից աստիճանով վկայեալ, Պոսթընի Berklee երաժշտանոցէն վկայեալ եւ մրցոյթի դափնեկիր սաքսոֆոնահար եւ երգահան Արթիւր Գրիգորեան[1] արդէն 13 տարիներ է հաստատուած է Տուպայ իր կնոջը՝ սաքսոֆոնահար Յասմիկ Մարտիրոսեանի եւ զաւակներուն հետ:
Երաժշտուհի Յասմիկ Մարտիրոսեան, որպէս դասական երաժշտութեան (Principal 1 Saxophone player) սաքսոֆոնահար, աշխատանքի կը սկսի յուլիս 2021-ին, «Expo 2020 Dubai-ի (այժմ «Expo City Dubai) պետական «Firdaus Orchestra» կանանց նուագախումբին մէջ: Վերջերս, նուագախումբին միացած է հանրաճանաչ երաժիշտ, խմբավար-ղեկավար լիբանանահայ Յարութ Ֆազլեանը, որուն մասին մեծ խանդավառութեամբ կը պատմէ Յասմիկ, թէ որքան ոգեւորութիւն պատճառած էր իրեն հայ մայէսթրոյի մը ղեկավարութեամբ աշխատանքը – հայու հոգիի կանչը-…, խանդաղատանքով կը պատմէ Յասմիկ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքին հետ ունինք սերտ կապեր: Ունինք WhatsApp խումբ մը, ուր յաճախակիօրէն կապի մէջ ենք իրարու հետ, եւ, բարեխառն եղանակի օրերուն, մենք կը հաւաքուինք մեր խումբի անդամներուն՝ սուրիահայեր, լիբանանահայեր եւ հայրենիքէն եկածներու հետ եւ միասին մեր երախաներով այգիներ ու այլ վայրեր կ’երթանք: Ներկայ եղած ենք Էմիրութիւններու հայ համայնքի կազմակերպած Նոր Տարուայ խրախճանքին, կը ջանանք ներկայ լինել եկեղեցւոյ պատարագներուն: Թէեւ եկեղեցի հասնիլը որոշ չափով դժուար է՝ հաշուի առնելով երթեւեկի խճողումը, սակայն պէտք է ըսել, որ համայնքը աշխոյժ է իր ձեռնարկներով։ Միշտ ալ կը մաղթենք, որ այդ ձեռնարկները բազմանան եւ մեծ թիւով հայեր միացնեն իրարու, կը նշեն արուեստագէտներ Արթիւր եւ Յասմիկ։ «Ես ներկայ գտնուած եմ արուեստագէտ բարեկամիս՝ սփիւռքահայ նշանաւոր երգիչ եւ բեմադրիչ Նորայր Գազանճեանի ներկայացումին՝ Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» գործին, որ կը ներկայացուէր Շարժայի Բիեռ Քէօսէեան սրահին մէջ, 2015-ին», կը պատմէ երաժիշտ Արթիւր Գրիգորեան։
«Մեր Երախտագիտական խօսքը կը յայտնենք Էմիրութիւններու հայ համայնքի ղեկավարներուն, որոնք իրենց ջանքերով աւելի կը զարգացնեն համայնքը եւ կը ջանան համախմբել բոլորը՝ առաւելագոյն թիւով հայեր», կ’ըսեն Արթիւր եւ Յասմիկ:
Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի սաքսաֆոն եւ դաշնամուր նուագակցութեան գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան հետ[2], 2012-ին: Այդուհանդերձ, Արթիւր չէր մտածեր որ երկար ժամանակով Տուպայ կը մնայ, բայց The Fridge entertainment ընկերութիւնը անոր կը տրամադրէ Տուպայ կեցութեան վիզա, որու հիմամբ Արթիւրի աշխատանքը կ’ամպրապնդուի: Մինչ այդ Արթիւր ամուսնացած էր երաժշտուհի Յասմիկ Մարտիրոսեանի հետ եւ 2011-ին, բախտաւորուած էին առջինեկ դուստրով՝ Սուսաննա: Սկզբնական շրջանին, Յասմիկ յաճախ կ’այցելէ Տուպայ, իսկ 2012-ի վերջաւորութեան, ան կը հաստատուի Տուպայ իր դուստրին հետ: Այնուամենայնիւ, անընդհատ կասկածի մէջ մնալով, որ գուցէ Էմիրութիւններու մէջ իրենք չկարենան համակերպիլ ու խորհելով նաեւ որ Տուպայի մէջ իրենց կեցութիւնը երկար չի տեւեր, որոշում կը կայացնեն, որ Սուսաննա իր ուսումը ստանայ Երեւանի մէջ, ուր կը յաճախէ Մխիթար Սեբաստացի դպրոցը[3]: Բայց եւ այնպէս Սուսաննա իր արձակուրդները կ’անցնէ իր ծնողքին հետ Տուպայի մէջ: 2016-ին, Արթիւր եւ Յասմիկ կը բախտաւորուին երկրորդ դուստրով՝ Սթեֆանի, որ կը մնայ Տուպայ եւ կը յաճախէ GEMS Metropole School British School in Motor City[4], երբ արդէն Արթիւր եւ Յասմիկ համոզուած էին, որ «տակաւին երկար տարիներ պիտի մնան Տուպայ»,- ժպիտով կ’ըսէ Յասմիկ: Երկու դուստրերն ալ ծնած են Երեւան:

Երաժիշտներու տան մէջ Արթիւրի եւ Յասմիկի դուստրը արդէն փայլուն ապագայ խոստացող Ճազ երգչուհի է: Սուսաննայի սէրը երաժշտութեան հանդէպ նկատուած էր մանկութեան տարիներուն. երբ երաժշտութիւն կը հնչէր տան մէջ, Սուսաննա կը կրկնօրինակէր զայն օգտագործելով իր ձայնը: Ճազի հնչիւնները Սուսաննայի համար առանձնայատուկ գրաւչութիւն ունին երաժշտական աշխարհին մէջ: Նկատելով իրենց դուստրին տաղանդը Յամիսկ եւ Արթիւրը զայն կ’ուղղորդեն երաժշտական դպրոց՝ ճազ (վոքալ) երգեցողութիւն բաժանմունք: 6 տարեկանին, Սուսաննա կը սկսի իր երաժշտական կրթութիւնը՝ յաճախելով Ռոմանոս Մելիքեանի անուան քոլեճին կից Վ. Ումրշատի անուան երաժշտական դպրոցը՝ հետեւելով վոքալի դաընթացքներու: Ներկայիս Սուսաննա կը շարունակէ ուսումը Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան երաժշտակշան դպրոցին մէջ: Սուսաննա յաճախակի համերգներ կու տայ ճազային խումբերու հետ, ինչպէս՝ «Arthur Grogoryan and friends», “Arm.Strong.Dixie,” “Sher Oston” Big Band Dubai: Սուսաննա ներգրաւուած է նաեւ Հայաստանի ճազ խումբերու մէջ եւ ելոյթներով հանդէս կու գայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Տուպայի մէջ: Improvised Live Session by Karen Mamikonyan, Artur Grigoryan, ft. Susanna Grigoryan https://youtu.be/8qG8kNnYYfM?si=BikrxNNqngQUGhfZ

23 փետրուար 2023-ին, Սուսաննա կ’ընտրուի մասնակցելու «Firdaus Studio »-ի Տուպայի Expo city-ի մէջ կազմակերպած հեղինակաւոր « Տաղանդներու բացայայտում» ծրագրին (Talent Discovery project hosted by Firdaus Studio at Expo City Dubai), ուր տաղանդաշատ Սուսաննայի երգեցողութիւնը կ’արժանանայ ), ուր տաղանդաշատ Սուսաննայի երգեցողութիւնը կ’արժանանայ (քիչ մարդոց հասանելի առիթ մը) բարձրորակ ձայնագրութեան:

Ինքնակենսագրական
Երաժիշտ Արթիւր Գրիգորեանի արմատները հօրենական կողմէ Կոստանդնուպոլիսէն են: Ջարդի ժամանակ փախած են Յունաստան, (Սալոնիք) Թէսաղոնիկէ, ուր ծնած է Արթիւրին մեծ հայրը: Որմէ ետք, մեծ հայրը նաւով եկած է Հայաստան, իսկ Արթիւրին մեծ հօր եղբայրը գաղթած է Արժանթին: Արթիւրի մօրենական կողմը՝ մեծ հայրն ու մեծ մայրը, Նոյեմբերեան [5] շրջանէն են, Ոսկեպար գիւղ, Հայաստանի Տավուշի մարզի հիւսիս-արեւելքը: Մօրենական կողմի մեծ հօր սերունդը տեղափոխուած են արեւմտեան Հայաստանէն, կը պատմէ Արթիւր:
Երաժիշտ Արթիւր Գրիգորեան ծնած է 27 հոկտեմբեր 1983-ին, Երեւան: Յաճախած է Երեւանի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական դպրոցը, այնուհետեւ աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը պսակաւոր արուեստից տիտղոսով՝ մասնագիտանալով սենեկային եւ նուագախմբային երաժիշտութեան մէջ: Ան արդէն տասնհինգ տարիէ մասնագիտացած է երաժշտական ասպարէզին մէջ։
Տե՛ս Արթիւրի ինքնակենսագրութիւնը այս յղումով՝ _ARTUR GRIGORYAN CV.pdf

Երաժշտուհի Յասմիկին արմատները մօրենական կողմէ Մուշէն են: Ջարդերու ընթացքին յաջողած են գոյատեւել մինչեւ 1941. պապիկիս հօր սպանութիւնէն յետոյ, իր մայրը երեխաներուն հետ փախչեր է Հայաստան: Այն ատեն պապիկս 9 տարեկան է եղեր, կը պատմէ Յասմիկ:
Յասմիկ Մարտիրոսեան ծնած է 17 մարտ 1984-ին, Երեւան: 2001-2006 տարիներուն աւարտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցը մագիստրոսի աստիճանով՝ սենեկային եւ նուագախմբային մասնագիտութեամբ: Յասմիկ կը նուագէ նաեւ դաշնամուր եւ կը զբաղի սաքսոֆոնի ուսուցչութեամբ:

Յասմիկ դասաւանդած է «Երեւանի թիւ 13 երաժշտական մասնագիտական դպրոց»-ին մէջ 2002-2012 տարիներուն, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան մասնագիտական դպրոց»-ին մէջ, 2004-2005: Աշխատակցած է Երեւանի «Գոհարափայլ» երաժշտական խումբին, 2005-2011 տարիներուն: «Գոհարափայլ» երաժշտական խումբի միջազգային շրջագայութիւններու ժամանակ, խումբին հետ ան հինգ անգամ ելոյթներ ունեցած է Պէյրութի ճազ
փառատօնին, նաեւ՝ Նիկոսիոյ, Համպուրկի, Գերմանիոյ, Պոլսոյ ճազի փառատօներուն: «Գոհարափայլ» խումբը յաճախակի ելոյթներ ունեցած է նաեւ Գիւմրիի մէջ: Տե՛ս Յասմիկի ինքնակենսագրութիւնը այս յղումով՝ _Hasmik Resume (1).pdf
ԱՌ Ի ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ
[1] Artur is award winning saxophonist and composer. Fifteen years in professional music scene. Graduated with BA in music In Yerevan and studied in Berklee college of music in Boston. http://basheventsgroup.com/portfolio/artur/
[2] The Fridge is the region’s leading independent artist and entertainment agency, providing elite acts for more than 3,000 events a year. Established in 2007 by Shelley Frost, the award-winning production team creates original shows for theatres, festivals, nightclubs, and exhibitions, as well as conceiving and staging its own productions.. The Fridge is the perfect platform to showcase fresh and exciting performers through curated programming such as the award-winning Fridge Concert Series. https://thefridge.me/home https://alserkal.online/community/the-fridge
[3] «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիր, ուսումնական հաստատութիւն Երեւանի մէջ։ Կ՚իրականացնէ ամբողջական միջնակարգ (նախակրթական, հանրակրթական, աւագ), արհեստագործական, միջին մասնագիտական եւ լրացուցիչ կրթական ծրագիրներ։ Հիմնուած է 1989-ին, այն ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ եւ կը կրէ Մխիթար Սեբաստացիի անունը։
[4] Gems Metropole School in Motor City, Dubai. https://www.gemsmetropoleschool-dubai.com
[5] Նոյեմբերեանի շրջանի տարածքը հին ժամանակներէն ի վեր եղած է Հայաստանի կազմին մէջ՝ Երուանդունիներու (մ.թ.ա. 570-201) եւ Արտաշէսեաններու (մ.թ.ա. 189-1) թագաւորութեան ժամանակ։ 9-րդ դարու վերջաւորութեան մտած է Բագրատունեաց թագաւորութեան, 972-1113՝ Կիւրիկեան թագաւորութեան, ապա՝ Զաքարեան իշխանապետութեան մէջ։
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՇՂԱՐՇ
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Նրբագեղ, ինչպէս դաշտի եղնիկը,
Գրաւիչ շնորհներով դու յայտնւում ես,
Մեղրի բոյրով եւ սաթի փայլով,
Քո ժպիտն ու հասունութիւնը փայլում են:
Գարնան բերկրանքի մեղմ զեփիւռի պէս,
Քո սիրոյ գրկում հոգիս թռչում է,
Քնքուշ շշուկներով ջերմ ու ճշմարիտ,
Ես գտնում եմ իմ մխիթարութիւնը քո մէջ:
Բարութեան փարոս, մաքուր եւ արդար,
Այս ծաւալի մէջ դու իմ եդեմն ես,
Քնքուշ սիրով, որը սահմաններ չի ճանաչում,
Քո գրկում երջանկութիւն եմ գտել:
*
WHIPER OF MORNING
Grish Davtian
You are the whisper of the morning dream,
With dawnlight glancing in your gentle eyes,
A distant star with soft and tender gleam,
Whose lips wear rose-hue under waking skies.
Your cheeks blush warm beneath the sun’s caress,
As if the light itself would linger there—
In dawn’s embrace, in beauty’s quiet dress,
You rise like incense in the golden air.
Graceful you move, like fawns in meadow wide,
With every step, a charm the world adorns.
Your presence flows with elegance and pride,
Like amber kissed by honeyed breath of morns.
Your smile—a mirror of a soul grown wise,
Yet bright as youth in first ecstatic bloom—
A gleam of spring beneath unclouded skies,
A perfume sweet dispelling every gloom.
Like vernal winds that soothe the dreaming tree,
Your love uplifts the corners of my soul;
In whispered truth and soft serenity,
You make the broken and the wounded whole.
I find my solace cradled in your song,
Where every note is tenderness made sound—
Within your arms, where all my aches belong,
A deeper joy than any else I’ve found.
You are the light of goodness, pure and bright,
A beacon through the wilderness of pain—
With love unmeasured, reaching past all sight,
In you, my Eden blooms and shall remain.
No law, no line, no bound your love can know,
It floods the dark with calm, the cold with flame;
And in your arms, where morning roses grow,
I found both peace and passion without name.
Յարակից բովանդակութիւն
Կամա՜ց-կամա՜ց կը հեռանամ կենսաչուէն՝
Լըքանելով ամեն ինչ որ աշխարհին
Է պատկանած, ու կ՚որոնեմ կուրօրէն
Այդ սուրբ ճամբան, որ կը տանի դէպ՚ երկին:
Հազար տարի
Մարդոյթը*
Բարձր չի խօսիր
ան կը շշնջայ
այն պահին,
երբ ձեռքդ կը դպչի
մէկ ուրիշի ցաւին
եւ դուն չես փախչիր․․․
Ամէն արարած
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի․․․
Կը մեռնի
Սփիւռքի կառոյցները միայն բեմ չեն կրնար ըլլալ
Քանի մը ամիս առաջ, «Սփիւռքի Մեծ Բացական՝ Ղեկավարութիւն» վերնագրով յօդուածի մը մէջ անդրադարձած էի, թէ ինչպէս Սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւնները խոր ճգնաժամի մէջ են, թէ սփիւռքեան ղեկավարութեան քանակական եւ որակական նօսրացումը հիմնական ու գոյութենական խնդիր է, եւ կառոյցները չեն յարմարած 21-րդ դարու իրականութիւններուն։ Առանց արմատական ինքնաքննադատութեան, երիտասարդներու եւ կանանց ներգրաւման, բաց երկխօսութեան եւ ժամանակակից աշխատելակերպի որդեգրման, կառոյցները դատապարտուած են աստիճանաբար կազմալուծուելու։ Միասնականութեան մասին դատարկ կարգախօսերը գործնական քայլերով պէտք է փոխարինուին՝ նոր տեսլականով ու նոր առաջնորդներով՝ հիմնուած վստահութեան, արդիական մեթոտներու եւ համադրուած ջանքերու վրայ։
Այս յօդուածին մէջ կը փափաքիմ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդութեան վրայ եւ որոշ գործնական առաջարկներ ընել:
Անուրանալի է, որ տասնամեակներու ընթացքին, սփիւռքեան ազգային կամ համայնքային կառոյցները — եկեղեցին, միութիւններ, կուսակցութիւններ, մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ —համայնքային կեանքի ողնաշարը եղած են։ Անոնք ջամբած են հայրենասիրական ոգի, փոխանցած են հոգեւոր դաստիարակութիւն, մշակոյթ ու լեզու, եւ ստեղծած են պատկանելիութեան մթնոլորտ մը աշխարհի տարբեր ծագերուն տարածուած հազարաւոր հայերու համար։ Սակայն, ժամանակները փոխուած են։ Նոր սերունդի մտածողութիւնը, աշխարհահայեացքը ու սպասումները այլ են։ Իսկ հարցումը, որ կը մնայ անպատասխան՝ սերունդներու այս կամուրջը ինչպէ՞ս պիտի կերտուի կամ ձեւաւորուի։
Կառոյցը միջոց Է, ոչ՝ նպատակ
Առաջին հերթին անհրաժեշտ է ըմբռնել պարզ բայց կարեւոր իրողութիւն մը՝ ազգային կառոյցները ինքնին նպատակ չեն։ Ակումբը, միութիւնը կամ կուսակցական կառոյցը միջոցներ են, ոչ թէ վերջին կայարան։ Այդ կառոյցները կը գործեն որպէս անցումային օղակներ, որոնք մարդը կը կապեն իր ինքնութեան, մշակոյթին ու արմատներուն։ Սակայն երբ կառոյցը դառնայ ինքնանպատակ՝ առանց հաշուի առնելու թէ ո՞վ ներգրաւուած է եւ ինչո՞ւ, ան կը դադրի կենսունակ ու իմաստալից ըլլալէ։
Շատ յաճախ հայկական կազմակերպութիւններու քննարկումներուն մէջ բացակայ է այս ճշմարտութիւնը։ Կարծրացած է այն ենթադրութիւնը, որ «ակումբ»ը կամ «համայնքային կեդրոնը» կամ նոյնիսկ եկեղեցին, բոլորին կողմէ նոյն կերպ կը մեկնաբանուի, կամ բոլոր «օգտատէրները» նոյն հետաքրքրութիւնը, ակնկալութիւնները ունին, նոյն գնահատականը կընեն: Որեւէ լուրջ կազմակերպութեան մը ղեկավարութիւն պէտք է ունենայ այն խոնարհութիւնն ու իրատես կամքը՝ հարց տալու, թէ «Ի՞նչ կ՛ուզեն մեր երիտասարդներն ու նորահաս սերունդները։ Ի՞նչ կ՛ակնկալեն տեսնել մեր կազմակերպութիւններուն մէջ»։
Փաստերը ի՞նչ կըսեն
Ըստ վերջին տարիներուն հայկական սփիւռքի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն (1), սփիւռքի կազմակերպութիւններու դերին մասին 16-35 տարեկան հայ երիտասարդներուն մօտ քանի մը կարեւոր մտածումներ կը նկատուին։ Շատեր յատկապէս անջատուած կը զգան համայնքային կազմակերպութիւններէն եւ անոնց առաջնորդներէն։ Օրինակ՝ Մոնթրէալի մէջ, Քեպէք ծնած երիտասարդուհի մը կըսէ, թէ հայկական վարժարանին մէջ չէր կրնար ընդունուած կառոյցի կարծիքէն տարբեր կարծիք յայտնել. թոյլատրելի չէր։ Ըստ 2019-ին Արժանթին, Մոնթրէալ եւ Լիբանան կատարուած ուսումնասիրութեան, 16-24 տարեկաններու 84 տոկոսը եւ 25-34 տարեկաններու 76 տոկոսը հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու հետ կապ չունէր։ Նոյն երեւոյթը արձանագրուած է նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Թորոնթոյի մէջ 2022-ին, ուր բոլոր տարիքի մասնակցողներու մեծ մասը՝ յատկապէս երիտասարդները, համայնքային կուսակցական կազմակերպութիւններուն մէջ գործուն մասնակցութիւն չունէին։
Երիտասարդներու մեծ մասին համար համայնքային կազմակերպութիւններու ծրագրերը չեն հետաքրքրեր զիրենք։ Ըստ 2019-ի ուսումնասիրութեան, 34 տոկոսը նշած էր, որ երիտասարդներու հետաքրքրութիւններուն չհամապատասխանող ծրագրերու պակասը լուրջ խնդիր է։ Ըստ 2021-ի Եւրոպայի համայքներու արդիւնքներու, 16-24 տարեկաններու 56 տոկոսը առաջնահերթ կը նկատէր հայոց պատմութեան, լեզուի, արուեստի, երաժշտութեան, հայկական խոհանոցի եւ պարի շուրջ դասախօսութիւններու եւ միջոցառումներու կազմակերպումը։ Նմանապէս, ըստ 2022-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Թորոնթոյի մէջ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներու, «երիտասարդներու համար հետաքրքրական միջոցառումներու բացակայութիւնը» հիմնական խնդիր էր 18-24 տարեկաններու (46%) եւ 25-34 տարեկաններու (34%) համար։
Կարճ ասած, այս տարիքային խումբերը կը զգան թէ չեն ներկայացուիր եւ հեռացած են աւանդական կառոյցներէն։ Որակական հարցազրոյցներու ընթացքին երիտասարդ մասնակիցներ նշած են, որ համայնքային կազմակերպութիւնները չեն յարմարիր ժամանակներու փոփոխութիւններուն եւ չեն արտայայտեր ամբողջ համայնքի կարծիքը։ Շատեր կը նշեն, որ կուսակցութիւնները եւ աւանդական կառոյցները չեն արդիականացած եւ չեն արտացոլեր նոր սերունդի մտածելակերպը։ Այդուհանդերձ, կրթական եւ մշակութային ծրագրերուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շատ բարձր է. 2022-ին, Թորոնթոյի հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ 18-24 եւ 25-34 տարեկան երիտասարդներու համար «համայնքի տարանջատումը» կը մնայ հիմնական մտահոգութիւն։
Նոր սերունդը լսել, ոչ թէ ենթադրել
Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կ’ենթադրեն որ եթէ իրենք որոշ ծրագրեր յղանան եւ ստեղծեն՝ գեղեցիկ աֆիշներով եւ խելացի շուկայնացումով (marketing-ով), երիտասարդները ինքնաբերաբար պիտի «կլանեն» զանոնք։ Սակայն այս մօտեցումը չի համապատասխաներ ժամանակակից երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն։ Այսօրուան նոր սերունդը կը փնտռէ իմաստ, ինքնութիւն, տարածք, ուր իր ձայնը նշանակութիւն ունի։
Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է սկսիլ լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ ունին համայնքէն, եկեղեցիէն, կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, եւ ընդհանրապէս հայկական կազմակերպութիւններէն։
Այս գործընթացը կրնայ շօշափելի կերպով իրագործել`ստեղծելով երիտասարդական խորհուրդներ, կազմակերպելով բաց ֆորումներ եւ քննարկումներ, ուր պատանիներու եւ երիտասարդութեան ձայնը ոչ միայն կը հնչէ եւ կ՚արձանագրուի, այլ կը դառնայ առաջնորդող ուղեցոյց։
Նոր մեթոտներ նոր սերունդին համար
Համայնքներու ապագան կախեալ է նոր սերունդէն, որ այսօր լուռ է, բայց ունի ձգտում եւ տեսլական։ Կառոյցները միայն բեմ չեն կրնար ըլլալ, ուր երիտասարդները կը լսեն, այլ հարթակ՝ ուր անոնք կը խօսին։
Անհրաժեշտ է ստեղծել առցանց եւ արհեստագիտական հարթակներ՝ խթանելու կապեր եւ համագործակցութիւն։ Միայն ֆիզիքական ներկայութիւնը այլեւս բաւարար չէ՝ այսօրուան ժամանակակից երիտասարդին հասնելու համար։
Երիտասարդներուն համար պէտք է մշակել անձնական եւ մասնագիտական զարգացման ծրագրեր. Օրինակ՝ հիւր խօսողներու մասնակցութեամբ քննարկումներ, ձեռնարկատիրութեան ու ինքնարտայայտման աշխատանոցներ, որոնք կ՚ամրացնեն կապը ազգային պատկանելիութեան եւ անհատական կերտումին միջեւ։
Սփիւռքեան կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, «ազգային ծառայութիւն», «յանձնառութիւն» եւ «պարտականութիւն» քարոզելէ առաջ, նախ մարդ կերտելով պէտք է զբաղին. Նկարագիր եւ ինքնութիւն ձեւաւորելու մասին մտածել: Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք դեր ունի համայնքին մէջ, ոչ թէ միայն ունկնդիր է: Երիտասարդներուն ներշնչել, լիցքաւորել եւ ուղեկից ըլլալ անոնց որպէս գործակիցներ։ Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք համայնքի ձեւաւորման մասնակից է, ոչ միայն ստացող։
Ճկուն եւ երիտասարդակեդրոն մօտեցումները պէտք է առաջնորդուին ոչ թէ ծրագրերու քանակով, այլ անոնց ազդեցութեամբ։ Հարցը այլեւս «ինչպէ՞ս անոնք կրնան մեզի միանալ» չէ, այլ՝ «ինչպէ՞ս մենք կրնանք իմաստալից ըլլալ անոնց աշխարհին մէջ»։
Վերջերս Վարագ Գեթսեմանեան (2) Լիբանանահայ համայնքի հիմնական խնդիրներու մասին դիպուկ յօդուածի մը մէջ մատը վէրքին վրայ դրած էր: Այսօր յստակ տեսանելի է, որ հաստատութենական համակարգը անկարող է նոր հայեցակարգեր ձեւաւորելու։ Ան «կը շարունակէ շարժիլ աւանդոյթի ուժով միայն, հանրային, համայնքային եւ ազգային կեանքը սահմանափակելով հետաքրքրութիւններու շատ նեղ եւ շատ յաճախ ժամանակավրէպ օրակարգերով», կընդգծէ Դոկտ. Գեթսեմանեան։ Շատեր, դժգոհ համակարգի մտաւորական պարապութենէն, կը ձգտին դուրս գալու անոր սահմաններէն՝ արարելու նոր տարածքներու մէջ։ Սակայն անոնք կը բախին կարծրացած ինքնութեան շրջանակներու, որոնք արգելք կը հանդիսանան նորարարութեան։
Եթէ եկեղեցին, կուսակցութիւնները եւ համայնքային մշակութային, ուսումնական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները իսկապէս լուրջ են իրենց առաքելութեան մէջ, ապա անոնք պէտք է դուրս գան միապաղաղ աւանդոյթներու սահմաններէն, ընդարձակեն իրենց տեսլականը եւ ստեղծեն այնպիսի ներառարական ու ստեղծագործ միջավայրեր, ուր երիտասարդութիւնը կրնայ յայտնաբերել իր դերը, արտայայտել իր ձայնը եւ ի գործ դնել իր կարողութիւնները։
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան
* Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան (https://oxbridgepartners.com/hratch/) ընկերաբան, սփիւռքագէտ, հայկական հաստատութենական նորարարութեան ծրագրային հեղինակ եւ գործադիր է:
_______
(1) «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ», Armenian Diaspora Survey, 2019, 2021, 2022. www.armeniandiasporasurvey.com.
(2) «Ազդակ», 14 Ապրիլ 2025. https://www.aztagdaily.com/archives/646001. Տես նաեւ «Տարբերակ 21»ի խմբագրին հետ Գեթսեմանեանի զրոյցը,
(3 Մայիս 2025).
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ դաշնակահար եւ յօրինող Նառա Առաքելեանի հետ: Զոյգը բարձր կը գնահատէ տեղւոյն հայ համայնքին մէջ եկեղեցիներու արարողութիւններն ու քարոզները, միօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը, դասախօսութիւններն ու մշակութային ձեռնարկները։ Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու հայ գաղութի մշակութային կեանքը զարգացնելու եւ անոր միջազգային ճանաչում ապահովելու առաջադրանքով, անոնք առանց երկմտանքի իրենց ներդրումը կը բերեն տեղւոյն համայնքային կեանքին մէջ։
Երախտագիտութեան խօսք ուղղելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Էմիրութիւններու բարեջան առաջնորդ սրբազանին, ազգային վարչութեանց, գաղութի հիմնադիրներուն, վարժարանի հոգաբարձութեանց, երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան եւ Նառա Առաքելեան կ’ընդգծեն կարեւորութիւնը նեցուկ կանգնելու համայնքային կեանքին:
Յիշեցնենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու համայնքը պաշտօնապէս հիմնուած է 1980-ին, շնորհիւ տեսլական ունեցող երիտասարդներու, որոնց հիմնական մտահոգութիւնը եղած է հայապահպանումը՝ յատկապէս այն հեռանկարով, որ հայերուն թիւը պիտի բազմանայ յաջորդող տասնամեակներուն: Առ այդ, երախտագիտութեամբ կը յշենք անունները հանգուցեալ Տիգրան Թաշճեանի, Նշան Պասմաճեանի, որ ներկայիս Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդարանի դիւանապետն է, Վարուժան Նարկիզեանի, հանգուցեալ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի, հանգուցեալ Եթովպիահայ Պետրոս Ասլանեանի, Նշան Մանճիկեանի, Վիգէն Գլընճեանի (միօրեայ վարժարանը նախկին տնօրէն), Զարեհ Թիւթիւնճեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգշ. Հայր Օշականի, այժմ գերշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեանի, երջանկայիշատակ Գարեգին Բ., հետագային Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա-ի:
«Մենք այստեղ ենք արդէն 4 տարիէ ի վեր եւ միշտ կապի մէջ եղած ենք հայերու հետ։ Միշտ առաջարկներ ներկայացուցած ենք համայնքի զարգացումին համար եւ հաճոյքով կ’աջակցինք այդ նախաձեռնութիւններուն։ Կ՛ուզենք, որ համայնքը աւելի զարգանայ եւ աւելի բազմաթիւ հայեր միացնէ։ Մեզի համար սփիւռքահայութեան մաս կազմել կը նշանակէ մեր ներկայութեամբ նպաստել համայնքի մշակութային զարգացման։ Միշտ կապի մէջ ենք մեր ասպարէզին մէջ գործող մարդոց հետ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ ապրող այլ հայերու հետ, եւ երբեք ոչ մէկ հարց ունեցած ենք համակեցութեան առումով», կը նշեն Երուանդ եւ Նառա։
Ցեղասպանութեան 108-րդ եւ Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները, հովանաւորութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մեսրոպ Արք․ Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ թեմիս ազգային վարչութեան տեղի ունեցան Շարժայի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ համալիրի Բիեռ Քէօսէեան սրահին մէջ, կիրակի, 23 ապրիլ, 2023-ին եւ կիրակի 29 ապրիլ 2024-ին: Այս ձեռնարկներուն, գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Նառա Առաքելեան (դաշնամուր) եւ Երուանդ Մարգարեան (թռոմփեթ). ներկաները ըմբոշխնեցին Կոմիտասի «Կռունկ»ն ու «Քելէ Քելէ»ն եւ հայկական այլ ստեղծագործութիւններ:

Տիկ. Նառա Առաքելեան եւ շեփորահար Պրն. Երուանդ Մարգարեան
Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան հօրենական կողմէ արմատներով էրզրումցի է: Մեծ հայրը՝ Երուանդ 1914 թուականի ծնունդ է. այդ ժամանակ լքած են Էրզրումը եւ հաստատուած Ռուսիոյ Արմաւիր քաղաք, որմէ ետք համաշխարհային 2-րդ պատերազմին, մեծ հայրը կը վիրաւորուի եւ կ’ուղարկուի Թիֆլիսի հիւանդանոցներէն մէկը, ուր ալ կը ծանօթանայ մեծ մօրը՝ Էմմային: Պատերազմէն ետք, անոնք կ’որոշեն մնալ Թիֆթլիս: Երուանդին մօրենական կողմը Թիֆլիսեցի են: Երաժիշտ Երուանդի ծնողքը ծնած է Թիֆլիս, հայրը՝ Լեւոն Մարգարով, մայրը՝ Կուլնարա Աւետով: Երուանդ ծնած է Թիֆլիս, 1977-ին: Ուսանողական տարիներուն, 1997-ին, Երուանդ կը տեղափոխուի Երեւան, ուսումը կը շարունակէ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ: Այդ տարիներուն իր Մարգարով ազգանունը կը փոխէ Մարգարեանի: 1997-էն սկսեալ, տակաւին ուսանող, Երուանդ կ’աշխատի Օփերայի թատրոնի, ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, ճազային տարբեր խումբերու, TV-ի մէջ: 2011-ին կ’աւարտէ երաժշտանոցը:
Դաշնակահար եւ երգահան Նառա Առաքելեան ծնած է Երեւան, հօրենական արմատներով՝ Գիւմրեցի. մեծ հայրը՝ Ղազար Առաքելեան, մեծ մայրը՝ Անահիտ: 1946-ին, կը տեղափոխուին Երեւան: Մօրենական կողմէ Նառա մուսա լեռցի է. մեծ հայրը՝ Հարկելեան Սեդրակ Գիւմրի հաստատուած է այդ տարիներուն: Հերկելեանը դարձած է Հարկելեան: «Մենք կապի մէջ ենք սրբազան Վարուժան Հերկելեանի հետ: Իմ մեծ հայրիկը եւ սրբազանին մեծ հայրիկը եղած են հօրեղբօրորդիներ: Սրբազանը գտնուած է մեր տան մէջ. մենք յաճախակի կապի մէջ ենք մեր ազգականներուն հետ», կը պատմէ Նառա Առաքելեան:
Նառային հայրն ու մայրը ուսանողական տարիներուն ծանօթացած են իրարու եւ ամուսնացած: Հայրը՝ Հենրիկ Ղազարի Առաքելեան աւարտած է ճարտարապետական համալսարանը: Մայրը՝ Լուսինէ Սեդրակ Հերկելեան ծնած է 1950-ին, Գիւմրի. հիւանդապահութիւն ուսանած է Երեւանի մէջ եւ երկար ժամանակ աշխատած է Հանրապետական հիւանդանոցի վիրաբուժական բաժնին մէջ: Իսկ Լուսինէին քոյրերն ու եղբայրները ծնած են Մուսա Լեռ, ապա տեղափոխուած են Պոլիս, ետքը Այնճար..անոնցմէ ոմանք մեկնած են Գանատա, Մ. Նահանգներ, Ֆրանսա, իսկ մեծ հօրը երազանքը եղած է ապրիլ Հայաստան:
Երուանդ եւ Նառա բախտաւորուած երկու որդիներով: «Խաչատուրը (ծնած 1996-ին), որ արդէն աւարտած է համալսարանը եւ կը դասաւանդէ Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իսկ Միքայէլը (ծնած 2006-ին) այս տարի կ’աւարտէ բարձրագոյն կրթութիւնը: Միքայէլը ունի քանի մը մասնագիտութիւններ. կը նուագէ թռոմփեթ եւ կիթառ, նաեւ վարպետ ճատրակ խաղցող է, եւ շուտով համալսարան պիտի ընդունուի», կը յայտնէ Նառա:

Արուեստագէտ ամոլը կը բնակի Տուպայ: Թռոմփեթահար Երուանդ կը համագործակցի միջազգային բազմաթիւ արուեստագէտներու հետ տարբեր ծրագրերով եւ Տուպայի Big Band-ին անդամ է։ 2014-ին, Երուանդ պարգեւատրուած է Երեւան քաղաքի «պատուաւոր արթիսթ»ի մետալով եւ կոչումով։ Ներկայիս ան կը շարունակէ ելոյթներ ունենալ եւ ձայնագրուիլ միջազգային երաժշտական տարբեր ծրագրերու մէջ։ 2021-ին, պաշտօնական հրաւէրով դարձած է Տուպայի մէջ կայացած EXPO 2020-ի «Exposonix» խումբի անդամ եւ կատարող։

Վերջերս թռոմփեթահար Երուանդ մաս կազմած է Գանատացի յօրինող, մշակող եւ արտադրիչ Suad Bushnaq-ի «Al Batal» ֆիլմի երաժշտական Original Soundtrack-ի ձայնագրութեան:
Երուանդ Մարգարեան (trumpet, flugelhorn, vocal) եւ Նառա Առաքելեան (piano, keyboard, vocal) ամոլը այցելած են աւելի քան 60 երկիրներ՝ իրենց մենահամերգներով, ինչպես նաեւ մասնակցելով տարբեր միջազգային ճազ փառատօներու եւ որպէս սիմֆոնիսթներ հանդէս գալով երաժշտական տարբեր ոճերու մէջ։ Զոյգը ելոյթներ ունեցած են համաշխարհային մակարդակի կատարողներու հետ, ինչպէս՝ Michel Legrand (Ֆրանսա), Ziad Rahbani (Լիբանան), Fairuz (Լիբանան), Igor Butman (Ռուսիա), Roy Hargrove (Մ. Նահանգներ) Charles Davis (Մ. Նահանգներ), Ramon Flores (Մ. Նահանգներ) Victor Espinola (Փարակուէյ), Roby Lakatos (Հունգարիա) , Ventzislav Blagoev (Պուրկարիա), Roger Wright (Անգիա), Arno Van Nieuwenhuize (Հոլանտա), Arto Tunchboyajian (Մ. Նահանգներ), Adam Rapa (Մ. Նահանգներ), Zaid Nasser (Մ. Նահանգներ), Julia Boutros (Լիբանան), Michel Delakian (Ֆրանսա), Stephane Stefan Patry (Ֆրանսա), Alexander Belov (Ռուսիա), Gustavo Bergalli (Արժանթին), նաեւ՝ Royal Philharmonic Orchestra (Լոնտոն), Imperial Orchestra ( Ռուսիա), Puccini Orchestra (Իտալիա):
«Այս տարի հրաւէրներ ունինք Փեթերսպուրկ քաղաքէն, ֆրանսայէն, Պելճիքայի Կենթ քաղաքէն, եւ հերթականութեամբ պիտի այցելենք», կ’ըսէ Նառա Առաքելեան:
Կոմիտասի 150 ամեակ. “True Gene” « Իրական Գէն» խտասկաւառակ (CD)
«Հայ մեծ երաժիշտներու եւ երգահաններու՝ Սայաթ Նովայի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն դիմելու գաղափարը՝ որպէս հայ երաժշտութեան իսկական էութեան՝ ծիներու բացայայտում, վաղուց գոյութիւն ունէր մեր մտածումներուն մէջ։ Մեզի համար առիթ մը ստեղծուեցաւ 2019-ին, երբ Հայաստան եւ ամբողջ աշխարհը որոշեցին նշել մեծն Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը. մենք որոշեցինք մեր ներդրումը ունենալ այս տօնակատարութեան։ Կոմիտասի 150 ամեակի առթիւ, 13 մարտ 2020-ին, թողարկեցինք «True Gene» խտասկաւառակը եւ այդ ալպոմ-ծրագրով շրջագայեցանք եւ մեծ յաջողութեամբ համերգներ տուինք Արժանթինի, Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու, Մոսկուայի, Տուպայի, Պուխարեսթի, Պուլկարիոյ Սոֆիա, Վարնա, Փլովտիւ քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի բոլոր քաղաքներուն՝ Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի, Չարենցաւան եւ այլ քաղաքներու մէջ։ “True Gene” խտասկաւառակը ընդգրկուած է Հայաստանի ռատիոյի «ոսկէ ֆոնտ»ին մէջ։ Ռատիոյով յաճախ կը սփռեն մեր երաժշտութիւնը։ Ծրագրին նպատակն է ունկնդրին հասցնել հայկական ազգային երաժշտութեան ամբողջ մեղեդայնութիւնը, գոյներու եւ երանգներու իւրայատկութիւնը, ստեղծագործական մօտեցումը ժամանակակից ճազային կատարմամբ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Հայաստանի սահմաններէն դուրս», կ’ըսէ Նառա Առաքելեան: «True Gene» խտասկաւառակ ծրագիրը կը ներառէ մեր՝ Երուանդ Մարգարեանի եւ Նառա Առաքելեանի քառեակի հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններու կատարումները, Կոմիտասի չորս եւ Սայաթ Նովայի մէկ ստեղծագործութիւնը։ Սայաթ Նովայի, Կոմիտասի եւ Միշել Լեկրանի երաժշտութիւնը կը հնչէ folk-ի, fusion-ի, funk-ի եւ ճազի ժամանակակից համադրումով, ժամանակակից յանկարծանուագումի (improvisation) տարրերով, այս եզակի ստեղծագործութիւնները թողելով անաղարտ գեղեցկութեան մէջ: True Gene խտասկաւառակի երաժշտութիւնը ամբողջը ես գործիքաւորած եմ նուագախումբի համար», կ’ըսէ Նառա Առաքելեան[1]:
«Con Alma» Band խումբը հիմնուած է 26 նոյեմբերի 2010-ին, Երեւան մէջ, մեր տաղանդաշատ ամոլին կողմէ։ «Խումբին բոլոր անդամները առաջնակարգ երաժիշտներ են Երեւանէն եւ կը նուագեն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող տարբեր ծրագրերու, ինչպէս նաեւ կ’ունենանք հրաշալի համերգներ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ՝ յատուկ հիւրերու մասնակցութեամբ: Մենք կը կատարենք դասական եւ ճազային երաժշտութիւն՝ բոլոր ոճերով, ինչպէս՝ Latin funk, folk-fusion: Կը կատարենք նաեւ մեր սեփական բազմաթիւ ստեղծագործությունները»։ 2016-ին, «Con Alma» ճանչցուած է Հայաստանի լաւագոյն նուագախումբը։ Խումբի անուանումը կատարուած է Dizzy Gillespie-ի ամենէն հանճարեղ ստեղծագործութիւններէն մէկու անունով, որ սպաներէնէ թարգմանաբար կը նշանակէ «ամբողջ ոգիով»։ Այս խօսքը կը հանդիսանայ անոնց յստակ նշանաբանը: Տարբեր համերգներու ծրագրերուն կը հրաւիրենք յատուկ հիւրեր՝ տարբեր երաժիշտներ։ Երբ հրաւէրներ ըլլան, մենք կ’երթանք քանի մը օրով ու կը վերադառնանք», կը յայտնէ դաշնակահարուհի Նառա:

Ինքնակենսագրութիւնները մայէսթրօ Երուանդ Մարգարեանի եւ դաշնակահարուհի, երգահան Նառա Առաքելեանի տե՛ս կցուած այս յղումով
https://drive.google.com/file/d/1MGJp-RlLxu-AOMsDkhcBYuHC99jyq952/view?usp=sharing
Առ ի տեղեկութիւն
– Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ձեռնարկին, Կիրակի, 23 Ապրիլ, 2023-ին, ներկայ էր Հ.Հ. դեսպան Պրն. Կարեն Գրիգորեան: Ձեռնարկի օրուայ զրուցավարը Պրն. Ժիրայր Հապիպեանն էր, իսկ բանախօսը Տիկ. Թաուասիֆ Պընթ Հումայտ Պըն Մուքպիլ Ալ Ինզի, որ հանդիսատեսին ներկայացուց իր ուսումնասիրութիւնները՝ Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ: Աշխատանք, որուն հիմնական խթանը եղած է հայ-արաբական բարեկամութիւնը եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրականութեան բացակայութիւնը:
– Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ձեռնարկին, Կիրակի 29 Ապրիլ 2024-ին, ներկայ էին Հ․Հ․ դեսպան Պրն․ Կարէն Գրիգորեան, Հ․Հ․ գլխաւոր Հիւպատոս Պրն․ Արտակ Յովհաննէսեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն: Օրուան զրուցավարն էր Տիկ․ Քրիստինէ Թոսունեան, դասախօսը Դոկտ․ Վահէ Թաշճեան, որ ներկայացուց «Յուշամատեան» ծրագիրը, հայերու հաւաքական յիշատակներու հաւաքածոն, ուր մասնագիտական յօդուածներուն կողքին, հիմնական աղբիւրներէն մինն է աշխարհի տարածքով ընտանեկան շառաւիղներու մասնակցութիւնը՝ լուսանկարներով, վաւերաթուղթերով, եւ զանազան այլ միջոցներով: Դոկտ․ Վահէ Թաշճեան շեշտեց նմանօրինակ հետազօտական գործերու կարեւորութեան այսօրուան դրութեամբ, անդրադառնալով թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը նկատուի Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ինքնասպանութիւն՝ որ ոչնչացուցած է դարերու մշակութային զանգուած մը։ Ան նաեւ շեշտեց թէ այսօրուան հրամայականն է Հայոց հարցը ներկայացնել պատմագիտական վաւերացուած մօտեցումով որպէս պատասխան ցեղասպանութիւնը հերքող Թուրքիոյ քաղքականութեան
– Yervand Margaryan & Nara Arakelyan քառեակի True Gene” « Իրական Գէն» խտասկավառակ (CD) մանրամասնութիւններ տե՛ս կցուած այս յղումովԿոմիտասի 150 ամեակ.True Gene « Իրական Գէն» խտասկավառակ (CD).pdf
– “Con Alma” band founded on November 2010 by trumpeter Yervand Margaryan and pianist,vocalist Narine Arakelyan. +374 93 821364 [email protected]
-Film Music Composer at سعاد بشناق Suad Bushnaq
https://www.facebook.com/photo?fbid=10107000039711237&set=a.680419491857
[1] https://www.discogs.com/release/18152278-Yervand-Margaryan-Nara-Arakelyan-Group-True-Gene?srsltid=AfmBOooddISle_0YCdMH1fZFAiqLjOE_V5kcYpwQFZSy6JFZz-4ICigR Yervand Margaryan & Nara Arakelyan Group – True Gene
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
«Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» (Բ. մաս)
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Ինչպէս նշեցինք, հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով յօդուածը, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակին առթիւ։ Յօդուածը կը բովանդակէ հարցադրումներ «լիբանանահայ համայնք» հասկացութեան մասին եւ հարցականի տակ կ’առնէ այն հաստատութիւնները, որոնք իրենք իրենց վերապահած են համայնքի անունով խօսելու իրաւունքը։ Այս հարցերը կը քննարկենք յօդուածի հեղինակին՝ Վարագ Գեթսէմանեանի հետ: Վարագը պատմաբան է եւ պատմութեան դասախօս Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։
Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու
Գեղանկարիչ Վալմարը՝ իր իսկ աչքերով
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը իր ստեղծագործական ձեռքբերումներուն մասին: Այս անգամ, նկարիչին 53-երորդ անհատական ցուցահանդէսը մէկտեղած էր թէ՛ իր սեփականութիւնը հանդիսացող, թէ՛ ալ հայաստանեան թանգարաններու մէջ պահուող տարիներու ընթացքին տարբեր առիթներով եւ տարբեր վիճակներով իրագործուած ինքնանկարներ:
Վալմարի կենսագրութիւնը լի է բուռն իրադարձութիւններով․ շրջագայած է տասնեակ երկիրներ, բազում անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներ ունեցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ամերիկայի եւ Գանատայի շարք մը քաղաքներուն մէջ: Անոր գործերը կը պահուին Հայաստանի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Ճափոնի, Ֆրանսայի ցուցասրահներուն եւ թանգարաններուն մէջ:
«Ես ինքնանկարներ կ’ընեմ, երբ դրական կամ բացասական հոգեվիճակներու մէջ գտնուիմ․ կը նայիմ հայելիին ու ներսս եղածը կը հանեմ, կը տեղափոխեմ կտաւի վրայ. կը մաքրուի ու կը հանգստանայ»,- կը պատմէ Վալմար: Ինքնանկարները որպէս կանոն կը ստեղծուին նկարներու շարքերը աւարտելէ յետոյ: Այս մօտեցումն է թերեւս պատճառը, որ ինքնանկարները իրարմէ տարբեր են ու կը դիտուին առանձնայատուկ հետաքրքրութեամբ: Իւրաքանչիւր ինքնանկար ունի իր ստեղծման շարժառիթն ու պատմութիւնը:
Արուեստասէրին քիչ ծանօթ գործերէն է 1970-ին Գիւմրիի մէջ կատարուած Վալմարի ինքնանկարը, որ մինչեւ վերջերս մնացած է նկարիչին հօրենական տունը: Վառ եւ մեղմ գոյներու հետաքրքրական համադրութեամբ աչքի զարնող այս գործը ստորագրուած է Վոլոդեայ անունով. հեղինակը դեռ չէր սկսած գործածաելու Վալմար կեղծանունը: Ինքնանկարին մէջ, արուեստագէտին թիկունքին պատկերուած են կին մը եւ գինիի շիշ մը՝ իբրեւ ազատ արուեստագէտի խորհրդանիշեր: Լենինականի նկարիչներու միացեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած այս ինքնանկարին մէջ իր ապագայ ամուսնոյն առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած է մանկաբոյժ Եւգինէ Մինասեան: Զինք տպաւորած է հեղինակին ոչ հայեցի անունը, ու բախտի քմահաճոյքով կարճ ժամանակ ետք, ան ծանօթացած է Վալմարի:

1972-ին պատկերուած ինքնանկարին մէջ նախորդին հետ գոյներու համադրումի նմանութիւն կայ, սակայն ան աւելի խորհրդապաշտական է․ նկարիչի ձեռքին ժամացոյցն է, որ կը յիշեցնէ ժամանակի ընթացքին մասին, իսկ թիկունքին դէպի լոյսը քալող մարդու մը ուրուապատկերն է: Հեղինակը կը յիշէ․ «նոր աւարտած էի ուսումս, ու ըսելիքս այն էր, որ ինձմէ է կախեան իմ յաջողութիւնս»:
Յաջորդ ինքնանկարը բերուած է Ազգային պատկերասրահէն: Ան իրագործուած է 1973-ին, Թիֆլիս, բանակային ծառայութեան ժամանակ: Բանակ երթալէ առաջ, Վալմար նկարիչներու միութեան կողքի սրճարանը մեծ հիւրասիրութիւն կազմակերպած է, թամադայութիւնը ըրած է մաեսթրո Երուանդ Քոչարը․ ան խորհուրդ տուած է մազերը սափրելէ անմիջապէս յետոյ նկարել ինքնանկար մը, որ բանակային ղեկավարութիւնը ծանօթանայ երիտասարդ արուեստագէտի նկարչական ունակութիւններուն ու թոյլատրէ զբաղիլ նկարչութեամբ: «Ես այստեղ տուն ալ չունէի, բանակ գացի այդ սրճարանէն: Ընկերս չուզեց զիս առանձին թողել, ան ալ միացաւ ինծի»,- կը պատմէ Վալմար: Բանակային ինքնանկարն կարծէք եզրաւորուած էջի մը վրայ կատարուած է՝ ըսել ուզելով, թէ կեանքի նոր էջ մը բացուած է նկարիչին կեանքին մէջ: Կեդրոնացած, անհանգիստ հայեացքով մեզի կը նայի երիտասարդ արուեստագէտը, որ իր ստեղծագործական փառաւոր ուղիին արշալոյսին կը գտնուէր տակաւին:
Բանակէն Գիւմրի վերադառնալէ անմիջապէս ետք (1974) ստեղծած է «Ճանապարհորդութիւն» ինքնանկարը, ուր նկարիչին դէմքը զուգորդուած է գանգով եւ երկուքն ալ կը ծագին կեանքը խորհրդանշող հաւկիթէն: Հեղինակը կը նշէ․ «միշտ պիտի յիշես, որ յաւիտենական չես, դուն քու կեանքիդ օրօք քու ընելիքդ մինչեւ վերջ պիտի իրագործես, Աստուծոյ տուածը չվատնես: Քու ներքին պահանջդ, երջանկութիւնդ քու՛ ձեռքերուդ մէջ կը գտնուի»: Այս դիմանկարին մէջ, Վալմար անսովոր կերպարանք մը ունի՝ թաւ պեխերով: Երբ զարմանք կը յայտնեմ, թէ այնքան ալ նման չէ իրեն՝ կը հակադարձէ․ «ընդհակառակը, շատ նման է, սա ե՛ս եմ»:
1973 գծուած ինքնանկարը, որ հեղինակը կը պատկերէ տարբեր դիտանկիւններէ՝ կը յիշեցնէ հայելային արտացոլումներու անոր յայտնի շարքը՝ կապոյտի գերակայութեամբ: Հեղինակը կարծես ինքզինք կ’ուսումնասիրէ տարբեր կողմերէ՝ շարժման մէջ, իր ներաշխարհը կը բանայ դիտողին առջեւ․ «ըսել կ’ուզեմ, որ պիտի յայտնաբերես, թէ Աստուած ինչ տուած է քեզի, անոր վրայ աշխատիս ու զայն մատուցես աշխարհին»:

1974-ին, բանակէն ետք նկարուած է նաեւ արմատախիլ եղած ծառի տեսքով սիւրռէալիսթ «թախիծ» ինքնանկարը․ ան կ’արտայայտէ հեղինակին հոգեվիճակը, մայրաքաղաք տեղափոխուելու, ինքզինք գտնելու ցանկութիւնը: Նկարիչին վրայ իր հայեացքը կը տարածէ հասարակութեան անտարբեր աչքը: Նկարը այնպէս վարպետօրէն կատարուած է, որ իրական կը թուի նոյնիսկ դէմքին վրայ պատկերուած ճեղքուածքը:
Նկարիչը կը շեշտէ, որ իրեն համար կեանքի հիմնասիւներն են Աստուած, Հայրենիքը, ընտանիքը եւ աշխատանքը: Կարծես առանձին, եզրաւորուած էջի մը վրայ պատկերուած է նաեւ Վալմարի ու Եւգինէի հարսանեկան դիմանկարը (1975)՝ խորքին եկեղեցիի սիւներ, քանզի եթէ եկեղեցին հիմնուած է սիւներու վրայ, ապա ամուսնական զոյգն ալ ամուր ընտանիքի հիմքն է․ «կինը եւ տղամարդը իրարու համար յենման կէտեր են, այն զոյգ սիւները, որոնց միջեւ կը բացուի պատուհանը դէպի լոյս»: Ընդհանրապէս, Վալմարի՝ խորհրդային տարիներու ստեղծագործութիւններուն մէջ դժուար է այն ժամանակ պաշտօնապէս պարտադրուած ընկերային իրապաշտութեան որեւէ հետք գտնել:
Աւելի ինքնավստահ հայեացք կ’ուղղէ մեզի 1978-ի ինքնանկարը, որ նորդասականութեան ուղղութիւնը ներկայացնող ուշագրաւ աշխատանք ըն է:

1979-ին գծուած ինքնանկարները աղերսներ ունին հայկական մանրանկարներու հետ: Անոնցմէ մէկուն հեղինակը պատկերուած է սրբապատկերներու բնորոշ հանդիսաւոր հանդարտութեամբ, մեղմ երանգներով: Նոյն թուականին, Վալմար ստեղծած նման լուծումներով այլ աշխատանք մը, որ սակայն աւելի լուսաւոր է ու պակաս տարածական:
1989-ի ինքնանկարը Սպիտակի երկրաշարժին ու նկարիչին «Արհաւիրք» շարքի արձագանգներն են: Յաջորդ ինքնանկարներուն մէջ նկատելի են Արցախեան շարժման, ցուրտ ու մութ տարիներու, արտասահմանեան տպաւորութիւններու հետքերը․ «շարքը աւարտելէ յետոյ պիտի հանգստանաս, մէջէդ դուրս հանես կուտակուածը, ինքնանկարները զիս կը փրկեն, կը բուժեն: Ունիմ նոյնիսկ ազատ ոճով կատարուած ինքնանկարներ, բայց ինծի համար կարեւոր է, որ դէմքիս

արտայայտութիւնը երեւայ»: Այդպիսի գործ մըն է «Անտարբերութիւնը» (1979), ուր անհարազատ միջավայրի մէջ կքած նկարիչը բռնած է գլուխը: Աւելի հանդարտ արտայայտութիւն կը նկատենք 1997 եւ 1999 թուականներու ինքնանկարներուն մէջ: Նշանակալից է խօսուն գոյներով, ընդհանրացուած ու յախուռն գիծերով պատկերուած կրաֆիք

ինքնադիմանկարը (2000), որ կը զարդարէ ցուցահանդէսին հրաւիրատոմսը: Իր ստեղծած դիմանկարներուն, յատկապէս՝ ինքնանկարներուն մէջ, Վալմար նախ եւ առաջ հմուտ հոգեբան է, ի զուր չէ, որ Արտօ Չաքմաքչեանը անոր մասին այսպէս արտայայտուած է․ «ան ինծի համար յայտնութիւն մըն էր իր անհատականութեամբ եւ մարդկային խնդիրներու մէջ խորացող իր նկարչական աշխարհով»:
Վերջին տասնամեակներուն, նկարիչը կը շարունակէ ստեղծել նորաշունչ, տպաւորիչ ինքնանկարներ, քանզի «նկարիչին համար պարպուելու լաւագոյն միջոցը ինքնանկարն է»: Ի վերջոյ, անկախ անկէ, թէ որքանով խառնակ ու բարդ են ժամանակները, Վալմար շարունակականօրէն իր գործը կը կատարէ՝ արուեստի լոյսն ու ջերմութիւնը բերելով անոր կարիքը ունեցող մարդոց:
Աշոտ Գրիգորեան
Յարակից բովանդակութիւն
Կամա՜ց-կամա՜ց կը հեռանամ կենսաչուէն՝
Լըքանելով ամեն ինչ որ աշխարհին
Է պատկանած, ու կ՚որոնեմ կուրօրէն
Այդ սուրբ ճամբան, որ կը տանի դէպ՚ երկին:
Հազար տարի
Մարդոյթը*
Բարձր չի խօսիր
ան կը շշնջայ
այն պահին,
երբ ձեռքդ կը դպչի
մէկ ուրիշի ցաւին
եւ դուն չես փախչիր․․․
Ամէն արարած
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի․․․
Կը մեռնի
Մենք ոչ միայն թուղթէ շերեփը պահեցինք, այլեւ երկաթի փոխարէն լաթ վերցուցինք

Վերջերս, Երեւանի մէջ, Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ, որ կը նկատուի Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան առաջատար մասնագէտ մը: Հանդիպումին ընթացքին, Աքչամ ներկայացուց իր տեսակէտը Թուրքիոյ ժողովրդավարական պետութիւն դառնալու անհրաժեշտութեան մասին: Բանակաբար քննարկուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման ու մերժման մօտեցումները: Բազմաթիւ հարցեր արծարծուեցան, շատ մը ձեւակերպումներ եւ ենթադրութիւններ եղան այս կամ այն ուղղութեան, մօտեցման մասին, բայց ես առաւելաբար մէկ հարց կ’ուզէի տալ Աքչամին՝ հարց մը, որ թէ՛ անորոշ էր, թէ՛ բաւական որոշակի: Հարցս ոչ թէ այն, էր թէ արդեօ՞ք երբեւիցէ Թուրքիան կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը կամ ինչպէս կը ճանչնայ, ի՞նչ հատուցում պատրաստ է տալու կամ քննարկելու, այլ՝
-Ի՞նչ է Թուրքիոյ ուզածը:
Թաներ Աքչամը քանի մը երկվայրկեան լռութենէ յետոյ պատասխանեց բաւական երկար, որուն հիմնական իմաստն այն էր, թէ Թուրքիա կ’ուզէ, որ հայերը հասկնան, թէ Թուրքիա Ցեղասպանութիւնը երբեք պիտի չճանչնայ (առնուազն այսօրուայ Թուրքիան), պատրաստ չէ որեւէ հատուցում տալու, իսկ ինչ որ եղած է, եղած է ու հայերը պիտի համակերպին այդ բոլորին:
Մնացածը գեղարուեստական էր: Աքչամ, որ իր խօսքին մէջ բազմիցս նշեց, որ տեղի ունեցածը ամենայն խնամքով նախապատրաստուած ու ծրագրուած Ցեղասպանութիւն էր, նաեւ քանի մը հետաքրքրական բան պատմեց Թուրքիոյ մասին` նշելով, որ Թուրքիա ներկայիս ունի Հիթլերի նացիական ռեժիմին նման դրութիւն մը, ուր հայերը, հրեաները անձնագրուած են «քոտաւորուած» ու ըստ էութեան դասակարգուած են որպէս երկրորդ «տեսակի» ստորին ժողովուրդներ: Ներկայացուց նաեւ ուրիշ բազմաթիւ ծանօթ ու անծանօթ փաստեր: Աքչամ նաեւ քանի մը օր առաջ տուած իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած էր, որ ցեղասպանութիւնը կատարուած էր այն նպատակով, որ կանխէր հայկական երկու նահանգներուն մէջ բարենորոգումներու գործադրութիւնը, որովհետեւ բոլորը վստահ էին, որ այդ բարենորոգումները պիտի յանգէին Արեւմտեան Հայաստանի ինքնավարութեան, ապա եւ անկախութեան: Ըսած էր նաեւ, թէ թուրքերը ուզելով կամ չուզելով բնաջնջած էին ամբողջ ժողովուրդ մը, որովհետեւ արդէն իսկ կորսնցուցած էին Եգիպտոսը, Յունաստանը, Պուլկարիան, Ռումանիան եւ չէին կրնար նաեւ կորսնցնել Հայաստանը, քանի որ Հայաստանի կորուստը կրնար գերեզմանաքարը դառնալ Օսմանեան Կայսրութեան, որ առաջին համաշխարհային պատերազմին, երեք ճակատներու վրայ պարտութիւն կրած էր, իսկ 1914-ին, ռուսերը հայերուն ինքնավարութիւն խոստացած էին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Տեսակ մը տհաճ արդարացում:
Հիմա գանք բուն հարցին: Հարցը հոս ոչ թէ Աքչամով հիանալ-չհիանալն է, այլ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հայկական ու թրքական մօտեցումներու՝ զիրար հակասող տրամաբանութիւնը: Մենք Ցեղասպանութեան մասին խօսելու ատեն, միշտ իրարու կը խառնենք ճանաչումն ու հատուցումը` պատկերացնելով, որ եթէ Թուրքիա ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, ապա ինքնաբերաբար նաեւ պիտի հատուցէ (Սեւրեան Հայաստան, կողոպտուած գումարներու, քանդուած շարժական եւ անշարժ գոյքերու դիմաց նիւթական հատուցում զոհերու իրաւայաջորդներուն եւ այլն):
Բայց մենք սովորաբար հարց չենք տար մենք մեզի, թէ Թուրքիան ի՞նչ կ’ուզէ: Մինչդեռ այդ հարցը շատոնց պէտք է տուած ըլլայինք, ոչ թէ այն պատճառով, որ թուրքերու զգացումները շատ կարեւոր եւ գնահատելի են, այլ գոնէ հասկնալ, թէ Թուրքիա ի՞նչ միտքեր ու մօտեցում ունի հայոց Ցեղասպանութեան հարցով (զուտ մերժելը մէկ կողմ թողած, որ հասկնալի է): Այդ կրնայ մեզ յուշել, թէ մեր պահանջատիրութեան հարցով, ե՞րբ ու ի՞նչ ռազմավարութիւն որդեգրենք՝ հաշուի առնելով, թէ ի՞նչ կը կատարուի նոյնիքն այդ Թուրքիոյ մէջ, որմէ մենք պատմական արդարութեան վերականգնում կը պահանջենք: Իսկ ի՞նչ կ’ուզէ Թուրքիան:
Թուրքիա այլեւս չի հերքեր Ցեղասպանութիւնը, հերքելը իմաստ չունի: Կարելի էր հերքել, եթէ անոր մասին խօսէին միայն հայերը, բայց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են տասնեակ երկիրներ, ընդ որում այնպիսի հզօր երկիրներ, ինչպէս օրինակ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ այլն: Եւ ի՞նչ: Մեծ չափով ոչինչ: Մենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը դրինք նման ճամբու վրայ, նաեւ Թուրքիոյ հնարաւորութիւն տուինք հասկնալու, որ Ցեղասպանութիւնը հերքելը անիմաստ է, որովհետեւ չհերքելը եւս ոչինչով կը պարտաւորեցնէ: Թուրքերը կ’ըսեն այո, նախորդ դարասկզբին ինչ որ դաժան կացութիւն մը տիրած է ու նաեւ հայերը տուժած են ու այդ բոլորը ողբերգութիւն է եւ այլն: Մնացեալը արդէն ձեւակերպումներ են: Բացառուած չէ, որ «ժողովրդավարացման» ճամբով ընթացող Թուրքիան օր մը ճանչնայ նաեւ Ցեղասպանութիւնը, երբ արդէն անոր պէտքը չըլլայ ալ:
Ու հայերը, յանկարծ օր մը կը հասկնան, որ թուրքերը չեն ալ հերքեր Ցեղասպանութիւնը, պարզապէս չեն ընդունիր, որ այդ իրենց մտածածն ու իրագործածն է: Ու որքան ալ Աքչամը կամայ թէ ակամայ հիմնաւորէ Ցեղասպանութեան պատճառները, միեւնոյնն է, թուրքերը Ցեղասպանութիւնը չեն ճանչնար առաջին հերթին ոչ թէ անոր համար, որ հայերուն փող ու հող չտան (թուրքերը այդ մէկը նոյնիսկ չեն ալ քննարկեր), այլ առաջին հերթին իրենց հանրապետական ինքնութիւնը չաղաւաղելու համար: Անոնք պիտի չուզեն ըսել, որ իրենց հպարտութիւնը համարուող հանրապետութիւնը կառուցուած է հայկական ոսկորներու վրայ: Այդ հարուած է թրքական ինքնութեան: Այնպէս ինչպէս Մ. Նահանգներու մէջ պաշտօնապէս չեն ճանչնար, թէեւ շատ լաւ գիտեն, որ երիտասարդ ամերիկեան հանրապետութիւնը ոչնչացուցած է բնիկ ամերիկացիները, այնպէս ալ թուրքերը պիտի չճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բայց քանի որ հերքելն անիմաստ է եւ Ցեղասպանութիւնը շատերու կողմէ ճանչցուած է, հոսանքին դէմ լողալու փոխարէն թուրքերը ընդամէնը կը փոխեն այդ հոսանքին ուղղութիւնը: Այսինքն թուրքերը այնպէս կ’ընեն, որ հայերը իրենք հիասթափին ու յուսահատին Ցեղասպանութեան ճանաչման հեռանկարէն, ընդունին, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը այնպէս, ինչպէս հայերը կը պատկերացնեն, անհնարին է: Առաւելագոյնը, որուն թուրքերը այսօր պատրաստ են, անգամ մը եւս յայտարարելն է, որ նախորդ դարասկզբին տեղի ունեցած ողբերգութիւններու ընթացքին նաեւ հայեր տուժած են եւ վերջ, այսինքն այն, ինչ արդէն կ’ընեն: Ինչ որ պատահած է՝ պատահած է: Այս է թուրքերուն ուզածը:

Մենք պարզօրէն պէտք է հասկնանք այդ, թէկուզ մէկի փոխարէն տասը Աքչամ գիրք գրէ ու փաստէ այն, ինչ որ բազմիցս փաստուած է, գործնական արդիւնք չկայ: Ի՞նչ է Թուրքիոյ ուզածը. այն, որ հայը հիասթափի, արժէզրկէ անոր պահանջը, դարձնէ ոչ նիւթական, ոչ գործնական զգացական ու հնչուն բան մը, որը միշտ կարելի է յիշել ու ոչ աւելին: Յատկանշական է, որ 2020-ի պարտութիւնն ու 2023-ի Արցախի կորուստը հայերու մեծ մասը թեւաթափ են ըրած: «Ալ ի՞նչ Արեւմտեան Հայաստան, եթէ Արցախը չկարողացանք պահել» միտքը ունի իր ցաւոտ ու զզուելի, բայց նաեւ ինչ որ առումով հիմնաւոր տեղը:
Իսկ հիմա Ցեղասպանութեան հարցով մեր պատկերացումները թարմացնելու մասին: Անկախ անկէ, որ հասարակութեան մէկ մասը կողմ է դրօշներ այրելուն, միւս մասը՝ ոչ: Մենք պէտք է Ցեղասպանութեան ոգեկոչման աւելի թարմ ու գործնական միտք ունենանք: Առաջին հերթին ունենալ օրէնք մը Ցեղասպանութեան յիշատակումի մասին: Ամէն տարի, ապրիլի 24-ին իրականացնել որեւէ կրթական հաստատութեան վերանորոգում ու բացում, ընկերայնօրէն խոցելի խաւին համար որեւէ արդիւնքի ապահովում, գործարանի բացում, արտադրութեան հիմնում եւ տասնեակ այլ երեւոյթներ: Ամէն տարի ապրիլի 24-ին պակսեցնել անօթի ու անգրագէտ հայերու թիւը, աւելցնել կուշտ ու գրագէտ հայերու թիւը, պակսեցնել մաշած դպրոցները, աւելցնել նորորգուած ու կառուցուած դպրոցները: Այսինքն ամէն տարի ապրիլի 24-ին Հանրապետութեան տարածքով ամրացնել ու պահպանել այն, ինչ որ փորձ կատարուած է արմատախիլ ընելու 1915-ին (աւելի լայն ընդգրկումով 1890-ականներէն մինչեւ 1920-ականներ): Այդ օրը չունենալ առանձին կուսակցական կամ խմբային երեւոյթ, ունենալ համապետական ու համազգային երթ: Ոչ մէկ գիշերային ակումբ ու խաղատուն չաշխատի այդ օրը, փոխարէնը օրը լեցուած ըլլայ նաեւ գիտաժողովով, վերլուծութեամբ, քիչ մը պարզ մարդկային հիւմանիզմով, որ հայերը փորձեն ցուցաբերել իրարու հանդէպ․․․․այնպիսի օր մը ունենանք, որ ցոյց տայ, որ հայերը կոտորուած ու անթաղ մեռել չեն, այլ ապրելո՛ւ կամք ունեցող, որ պիտի ապրի՛ն ու կ’ապրի՛ն արդէն:
«Իսկ հատուցո՞ւմը»,- կը հարցնեն աւելի յամառ մարդիկ:
Իսկ կրնա՞նք: Կրնա՞նք ինչ որ բան պարտադրել Թուրքիոյ: Գործնականօրէն, գետնի վրայ, կրնա՞նք պարտադրել, ստիպել, համոզել: Ոչ թէ իրարմէ պահանջել ու իրարու հայհոյել, այլ պահանջել, ստիպել, ստանալ: Առայժմ չենք կրնար: Թերեւս դեռ երկար ժամանակ ալ չկարողանանք: Թուրքիոյ ուզածն ալ այդ է: Ունենալ թոյլ հարեւան Հայաստան, որ ոչինչ կարենայ պահանջել, որ միայն աղմուկ կը բարձրացնէ, ուրիշ ոչինչ:
Եթէ մենք իրաւ լուրջ ծրագիրներ ունինք Ցեղասպանութեան հարցով, ապա նախ պէտք է կայանայ Հայաստանը: Եթէ Հանրապետութիւնը չդառնայ ուժեղ ու իր կամքը պարտադրող պետութիւն, ապա կրնանք քիլոմեթրով դրօշներ այրել ու հայհոյել այնպէս, որ պատերը կարմրին: Այդ ոչինչ կը փոխէ:
Ի վերջոյ պատմութիւնը դաժան դասեր տուած է: Խրիմեան Հայրիկը մեզի պատգամեց երկաթէ շերեփ ունենալ՝ թուղթի փոխարէն: Մենք ոչ միայն թուղթէ շերեփը պահեցինք, այլեւ երկաթի փոխարէն լաթ վերցուցինք․․․․որ միջկուսակցական հրաձգութիւններու ժամանակ աւելի հայրենասէր երեւանք՝ վիճելով թէ Ցեղասպանութեան ժամանակ ո՞ր կուսակցութենէն աւելի մարդ սպանուած է, ուրեմն անոնք աւելի հայրենասէր են: Հիմա ալ տափակ վէճ առաջ կ’երթայ, թէ հանրապետութենէ՞ն աւելի շատ են զոհուած, թէ՞ Արցախէն:
Նման եղանակով կարելի՞ է հող ետ բերել:
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
«Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը»
Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթին հիւրն է դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանը: «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ զրոյցը կու տանք երկու անգամով: Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով յօդուածը, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակին առթիւ։ Յօդուածը կը բովանդակէ հարցադրումներ «լիբանանահայ համայնք» հասկացութեան մասին եւ հարցականի տակ կ’առնէ այն հաստատութիւնները, որոնք իրենք իրենց վերապահած են համայնքի անունով խօսելու իրաւունքը։ Այս հարցերը կը քննարկենք յօդուածի հեղինակին՝ Վարագ Գեթսէմանեանի հետ: Վարագը պատմաբան է եւ պատմութեան դասախօս Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։
Մեր զրոյցին ընթացքին կ’անդրադառնանք քաղաքացիական պատերազմի հետեւանք-աւանդին՝ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի համայնքային դրութեան եւ ընդհանրապէս այդ եզրոյթի շահագործումին բոլորին կողմէ, միասնականութեան պատրանքին՝ նշելով թէ ինչո՞ւ ան պատրանք է, պիտի խօսինք հաստատութենական լճացումին եւ ներկայ պայմաններուն մէջ քաղաքական մասնակցութեան վերանայման անհրաժեշտութեան մասին։
Կ’անդրադառնանք նաեւ երիտասարդութեան հեռու մնալու երեւոյթին, արդիական օրակարգերու բացակայութեան եւ այն հարցին՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է դուրս գալ աւանդութեան կառչելու փակ շրջանակէն եւ թարմացնելու հանրային խօսոյթն ու հաստատութենական կեանքը։
Վ.Թ.
Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու
Սիրան Շաբոյեան Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը
Արմատներով Էրզրումցի, Սիրան Շաբոյեան ծնած է 30 յունուար 1989-ին, Հրազդան քաղաք, Հայաստան յայտնի Շաբոյ ընտանիքին մէջ: «Ծնողքս նոյնպէս ծնած է Հայաստան, մօրենական մեծ հայրս՝ Արմենակեան Երուանդը էրզրումէն էր. ինք եւ իր կինը՝ Նոյեմզարը պատերազմի տարիներուն տեղահանուած հայերուն հետ կը փախչին եւ կը հասնին Ֆրանսա՝ որոշ ժամանակ ապրելով հոն, յետոյ կու գան Հայաստան եւ կը կազմեն իրենց ընտանիքը», կը պատմէ Սիրան:
Սիրան ուսումը ստացած է Հրազդան քաղաքի Ջրահատի Յովհաննէս Թումանեանի անուան դպրոցը, որմէ ետք շարունակած է ուսումը Երեւանի Best Computer Design հիմնարկին մէջ որպես ծրագրաւորող: 2007-ին, Սիրան իր ընտանիքին հետ կը մեկնի Թուրքիա եւ բնակութիւն կը հաստատէ Պոլսոյ մէջ: Սիրան 3 ամսուայ ընթացքին կը սորվի թրքերէնը եւ կը սկսի աշխատիլ իր մասնագիտութեամբ՝ ծրագրաւորող:
2011-ին, Սիրան կը ծանօթանայ իր ամուսնոյն՝ Ժագ Էքմէքճիին, որ արդէն կ’ապրէր ու կ’աշխատէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: «Մեզ կը ծանօթացնէ Ժագին ընկերը եւ մենք առաջին անգամ իրարու ը հանդիպինք Պոլսոյ Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, եւ այդ արդէն Աստուծոյ խնամութիւնն էր մեր երկուքին համար», կը նշէ ան:
Ժագ ծնած է Հալէպ, յաճախած է յայտնի Զուարթնոց դպրոցը եւ երկար տարիներ ծառայած է Հալէպի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Սիրան եւ Ժագ տարի մը ետք, 2012-ին, կը պսակուին Ծաղկաձորի Կեչառիս[1] եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք Սիրան Ժագին միանալով՝ կը հաստատուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: 25 սեպտեմբեր 2013-ին, Սիրան եւ Ժագ կը բախտաւորուին իրենց առաջին զաւակով՝ էլէն, 20 մայիս 2015-ին՝ մանչ զաւակով՝ Արթին»: Սիրան իր երկու զաւակներն ալ կը ծննդաբերէ Հայաստանի մէջ:
Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի տայ. Սիրան հալէպէ՞ն է, թէ՞ Պէյրութէն…անվարան կը հաստատեմ այս մէկը: Շաքէ Մանկասարեան
«Արաբերէն կը խօսիմ, կը հասկնամ, բայց ոչ կատարեալ», կ’ըսէ Սիրան:

էլէն 11 տարեկան է, Արթին 9. կը յաճախեն Տուպայի Saint Mary’s Catholic High School։ Էլէն եւ Արթին յաճախած են նաեւ Շարժայի Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանը եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը:
Օգնական Ուսուցչուհիիի ծառայութիւնը
Սիրան իր ջերմ փափաքով կ’որոշէ ծառայել Շարժայի Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանին: 2019-ին, կը ներկայանայ վարժարանի տնօրէնութեան, տնօրէնուհի տիկին Վարդուկ Գարակիւլեան-Փիլիպպոսեանին եւ կ’ընդունուի աշխատանքի որպէս կոկոն դասարանի օգնական ուսուցչուհի: Այդ շրջանին, տարի մը մանկապարտէզպանուհին էր տիկին Ալինէ Դաւիթեան-Արթունեան, որմէ ետք մանկապարտէզն ու նախակրթարան ունեցան մէկ տնօրէնութիւն: 2019-2024, Սիրան եղած է կոկոն դասարանի օգնական ուսուցչուհի, մարտ 2024-էն 2025՝ երկրորդ դասարանի:

Միօրեայ վարժարանի բանակումներ
Հետեւեալ տարիներուն, Սիրան իր մասնակցութիւնը բերած է դպրոցի եռօրեայ բանակումներուն՝ (9-11 Դեկտեմբեր 2022, 21-23 ապրիլ 2023 եւ 23-25 փետրուար 2024), որոնք կազմակերպած էին Արա Խանոյեան եւ Օհանէսսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանները, Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, 9 տարեկանէն վեր գաղութի բոլոր պարման-պարմանուհիներուն համար:
Սիրան սիրով կը յիշատակէ բանակումին պատասխանատուները. անցեալ երեք տարիներուն՝ Պրն. Մաթիկ Մանուկեանը, տարբեր տարիներու՝ Պրն. Մանոն, տիկին Մեղրիկը, տիկին Տիգրանուհին, տիկին Դալարը:

Դպրոցին բանակումը ունէր յատուկ յայտագիր՝ երգի ուսուցում, դաշտային խաղեր, տեսերիզի ցուցադրութիւն, կրօն, ձեռային աշխատանք, մարզանք: Որպէս դաստիարկաչական կեանք, բանակումը ունէր ընդհանուր զարգացման մրցում, դասախօսութիւններ (Հայաստանի աշխարհագրութիւն, Կոմիտաս վարդապետի մասին, կենցաղավառութիւն եւ Արցախի մասին), ձեռային աշխատանք եւ հայերէն երգերու ուսուցոմ։ Սիրան սրտի մեծ գոհունակութեամբ կը յիշէ, թէ բանակումի աւարտին ինչպիսի յուզումով բոլորը կը բաժնուէին՝ նման առիթներով վերստին միանալու մաղթանքներով:
Ճաշ եփելու սէրը եւ ասեղնագործութիւնն ու դերձակութիւնը
«Շատ կը սիրեմ պատրաստել հայկական ճաշեր», կ’ըսէ Սիրան: Սիրան հայկական խոհանոցի սիրահար է եւ հաճոյքով ու խանդավառութեամբ կը պատրաստէ մեր բոլորին քիմքին հաճոյ «ղափամա», «տոլմա», «սեմսէք», «լահմաճիւն» եւ այլն…:
2020-ին, Շարժայի Տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպած ասեղնագործութեան դասընթացքին, Սիրան խանդավառութեամբ կը հետեւի քանի մը դասապահերու, բայց իր տկար տեսողութեան պատճառով կ’ընդհատէ դասերը: Սիրան տակաւին իր սրտին մէջ կը փայփայէ Մարաշի ասեղնագործութիւն սորվիլ ու հմտանալ անոր մէջ եւ յոյսով է, որ անպայման պիտի սորվի։
Սիրան հագուստներ կարելու շնորհքը ժառանգած է իր մօրմէն եւ «օրերով թելն ու ասեղը ձեռքս է», – կ’ըսէ ան, «կարած եմ հագուստներ, տարբեր ձեւի պտուղներու, բանջարեղէններու, ինքնաշարժի կերպարով տարազներ: Պատրաստած եմ փոքրիկներու ուսուցման համար ձեռային խաղալիքներ, որոնք շարժական կերպարներ են՝ արեւ, ամպ, օդանաւ, ծառ, թռչուն, տնակ եւ այս բոլորը իր «քլիբ»ներով կը կպչին ու կը հանուին:

«Շատ կը սիրեմ Շարժայի մեր հայկական դպրոցը, ան իմ տունս է: Չկայ օր մը, որ ես տխուր մտնեմ դպրոց. կը սիրեմ փոքրիկները եւ ինծի հետ սիրայօժար ծառայող ընկերուհիները», կ’ըսէ Սիրան, ու կը շարունակէ ջերմ ու տաքուկ խանդավառութեամբ. «մեր դպրոցին բոլոր դասապահերը, ձեռնարկները, հանդէսները կը ներկայացնեն շա՜տ հետաքրքրական մանկական աշխարհ մը, ուր մենք՝ ուսուցչական կազմս մէկ ձեռքի նման կ’աշխատինք դպրոցին մէջ եւ որու շնորհիւ ալ պիտի վկայեմ ըսելու, որ գերազանց աշխատանք կը կատարուի հոն»:

իր ամուսնոյն Ժագի սրտի առողջական հարցին պատճառով, Սիրան կ’ընդհատէ իր ծառայութիւնը մարտ 2025-ին. կը մեկնին Հայաստան: Վիրահատութիւնէն ետք, իր կատարեալ առողջութիւնը վերագտնելու համար Ժագ կը կարօտի կազդուրման որոշ շրջանի: Սիրան յոյսով է, որ կը վերադառնան Տուպայ յառաջիկայ ամիսներուն ու ինք կը շարունակէ ծառայել իր սիրած Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանին:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքին մէկ մասնիկն է Սիրան Շաբոյեան-Էքմէքճի: Սիրան եւ իր ընտանիքը մասնակից են համայնքի միջոցառումներուն: «Ճիգ չեմ խնայած ընտանիքիս հետ ներկայ գտնուելու եկեղեցւոյ պատարագներուն եւ տօնական տաղաւարներուն, կազմակերպուած դասախօսութիւններուն», կը պատմէ Սիրան: «Արեւմտահայերէն կը խօսիմ նաեւ մեր տան մէջ, իմ զաւակներուս եւ ամուսնոյս հետ»:
[1] Կեչառիսի վանքային համալիր, հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կոտայքի թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցի, Կոտայք մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի հիւսիս-արեւմուտքը՝ կառուցուած 11-13րդ դարերուն: Բաղկացած է չորս եկեղեցիներէ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Սուրբ Նշան եկեղեցի, Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցի, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
Վարշաւայէն Վատիկան շարունակուող ապիկարութիւնը եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը
Փրոֆ․ Արա Սայեղ
Վարշաւայի սլաքը
Վարշաւայի սլաքը կը յուշէ եւ կ’ընդգծէ 24 մայիս 2024-ին, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը որ մինչեւ 7 յունիս շարունակուեցաւ, որուն մանրամասնօրէն անդրադարձանք եւ բոլոր յարակից հանգամանքները մի առ մի բերելով վերծանեցինք բացայայտելով կաթոլիկ եկեղեցւոյ տեղւոյն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ապիկար ներգրաւումը այդ հակահայ շահարկման մէջ [1]։ Բնական է, կաթոլիկ հոգեւորականներու այս անվայելուչ արարքը ոչ միայն խորապէս վիրաւորեց իրաւատէր արցախահայութիւնը, այլեւ տագնապ ու զայրոյթ յառաջացուց համայն հայութեան մէջ։
Իրականութեան մէջ Վարշաւայի ցուցահանդէսը կողմնացոյց մըն էր, որմէ կարելի էր գուշակել, դէպի աւելի յանդուգն եւ մշակուած յաջորդ ցուցահանդէսներ, ընդլայնուած միջազգային հերքողական բնոյթով գիտաժողովներ, կլոր ու տարածուն զրոյցի սեղաններ կազմակերպելու կարելիութիւնները։ Վարշաւայի ցուցահանդէսէն այնքան ընկալելի էր Ազրպէյճանի կողմէ «ԱՂՈՒԱՆԱԿԱՆԱՑՄԱՆ» որդեգրած քաղաքականութեան հեռահար նպատակը: Վարշաւայի Ցուցահանդէսը փոքրածաւալ մէկ մանրանկարն էր օրէցօր ընդլայնուող խեղաթիւրումի ծրագրի մը, որուն հիմնական նպատակն է ազերպայճանական քարոզչամեքենայի ամբողջական ուղղուածութեամբ եւ յաջորդական քայլերով՝ հերքել, ուրանալ եւ աղաւաղել հայկական Արցախի հոգեւոր պատկանելիութեան պատմական իրողութիւնը, եւ յատկապէս քարոզչական լայն հողատարածքներ ապահովելու Եւրոպայի մէջ, ժխտելու եւ միջազգայնացնելու պատմական կեղծիքները։
Բոլոր պատեհ առիթներով, մշակութային թէ գեղարուեստական, հնագիտական թէ ազգագրական եւ նոյնիսկ լեզուաբանական ու կրօնական հակահայ սերտուած յայտագիրներով, ցուցադրական ու քարոզչական արշաւներով աղաւաղելու հայ իրաւատէրն ու անոր կրօնապատմական ժառանգութեան ճշմարտութիւնը, իսկական էութիւնը:
Յիշեցուցած էինք, որ անմեկնաբանելի է կաթոլիկ իշխանաւորներու պատմական կեղծիքի սատարողներն ու այդ կեղծիքները տարածելու մասնակիցները ու մեղսակիցները դառնալու անվայելչութիւնը, մանաւանդ որ խղճալի ու մերժելի նման վարմունք մը խաւիարային գարշահոտութիւն մը կը բուրէ: Ազրպէյճան իր նախագծուած անպարկեշտ ու աշխուժ ճիգերով, նենգամիտ ու հեռատես ծրագրերով՝ «Քրիստոնէական մշակոյթ»-ի, հոգեւոր քնքոյշ շղարշին տակ կարողացած է խաւարել, «ուղեղներու լուացում»-ի ենթարկել Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վարչական կառոյցի իշխանաւորներու միտքերը, թափանցած է անոնց ողջ կազմերէն ներս եւ սկսած է ներսէն կրծել, չարաշահել Արցախի եւ ընդհանրապէս հայու կրօնամշակութային ինքնութիւնը, հոգեւոր ժառանգութիւնը: Այդ բոլորի դիմաց գերհրամայական էր, որ զգաստ եւ կարող հայ հոգեւոր պետերը իրենց միջկրօնական հանդիպումներուն, հաղորդակցութիւններուն, երկխօսութիւններուն գործնական ծրագրերով [1],
1- Անյապաղ բարձրաձայնեն մոլորեցնող նման արարքներ, դատապարտեն կաթոլիկ հոգեւորականներու վատառողջ նման արարքներու ներգրաւումը,
2- Համակարգուած աշխատանքով եւ վճռակամութեամբ հակադարձեն ազերիական կեղծ հրապարակումներուն, սադրիչ պնդումներուն,
3- Յանձնառութեամբ պաշտպանեն հայապատկան հոգեւոր նիւթեղէն դարաւոր ժառանգութիւնը,
4- Աշխատանքային յայտագիրներու վրայ մնայուն հրատապ օրակարգ ունենան արցախահայութեան քրիստոնէական կրօնամշակութային խեղաթիւրումներու առաջնակարգութիւնը,
5- Մանաւանդ հայ հոգեւոր ինքնութեան` սրբազան վայրերու, մշակութային բազմադարեայ պատմութեան, հոգեւոր ժառանգութեան արդարացի պաշտպանութիւնը, կանխելու համար Նախիջեւանի եւ Արցախի մէջ կատարուած նիւթեղէն ժառանգութեան նկատմամբ բարբարոսութիւններու կրկնութիւնը:
Նպատակ չունինք արժեւորելու կամ քննարկելու, թէ որքանով վերոյիշեալ առաջադրանքները իրագործուեցան, կամ ընդհանրապէս ինչպիսի՞ համակարգուած գործնական ծրագրերով մենք կուրծք տուինք կրօնամշակութային եւ պատմական ժխտողականութեան։ Սակայն փաստ է, որ ճիշդ պահուն հակազդելու մեր աշխուժութիւնը թոյլ է, նախագծուած ու բաղձալի ծրագրերով չիրականանար։
Կարելի է յիշել նաեւ, որ առաջին անգամ չէ, Վատիկանի ծառայութիւնը Պաքուի քարոզչամեքենային․ 2024 թուականի կիսուն Վատիկանի հովանիին տակ «L’Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը յօդուած մը հրատարակած էր՝ «A Khudavang, Ganjasar e Khatiravang Monasteri tra le nuvole» («Խուդավանքը, Խաթրավանքը եւ Գանձասարի վանքը՝ ամպերու մէջ») վերնագրով, ուր հայկական ժառանգութեան կարեւորագոյն յուշարձաններէն՝ Դադիվանքը, Գանձասարը եւ Խաթրավանքը կը ներկայացուէին իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն։ Յօդուածին հեղինակ՝ Ռոսելլա Ֆապիանի գրութեան մէջ կը բացայայտէր Ազերպայճան կատարած իր այցելութիւններուն մասին, նշելով թէ գացած է «Garabagh», ծանօթացած՝ «աղուանական ժառանգութեան» վեհաշուք վանքերուն։
Վատիկանի սլաքը
Ապրիլ 2025-ին, դարձեալ ազերիական քարոզչամեքենային նախաձեռնութեամբ, քրիստոնէութեան սիրտը համարուող Վատիկանի մէջ, Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, մանաւանդ ցեղասպանուած հայ ուխտապահ ժողովուրդին համար, «նորէն ապրելու կամք»-ի Ապրիլ ամիսը, լեցուն խորհուրդով եւ յատկանշական կսկիծով, յորդորիչ յորդ թելադրողականութեամբ, եւ տակաւին մեր բոլորի յիշողութեան մէջ թարմ է Արցախը, իր հոգեւոր պատմական ժառանգութեամբ, երբ առանց հրաժեշտի, առանց խունկի ու մոմի դադրեցաւ ապրելէ։ Հակառակորդը իրավիճակին քաջածանօթ գիտակցութեամբ կատարեց կողմնացոյցի նախատեսուած յաջորդ քայլը։ Հռոմի հեղինակաւոր ու նուիրական Գրիգորեան համալսարանին մէջ Սուրբ Աթոռի՝ Ազերպայճանի դեսպանութեան եւ ազերպայճանական որոշ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ Ապրիլ ամսուն 10 եւ 11 թուականին տեղի ունեցաւ «Քրիստոնէութիւնը Ազերպայճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» վիճայարոյց վերտառութեամբ գիտաժողովը, տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Գիտաժողովի յայտագրին մէջ կը կարդանք, թէ 2001 թուականէն սկսեալ 2025 թուականի կազմակերպուած նշեալ գիտաժողովը 12-րդն է, որուն մէջ իբրեւ լոզունք կը յիշուի նաեւ՝ «Վաղ քրիստոնէութենէն սկսեալ Կովկասեան Ալպանիայի համայնքները, ուր այդ համայնքներ այսօր կ’ապրին Ազրպէյճանի՝ աշխարհիկ եւ բազմամշակութային պետութեան մէջ։ Ազրպէյճանը կ’երաշխաւորէ Քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումն ու զարգացումը՝ միաժամանակ նպաստելով միջկրօնական ներդաշնակութեան»։

Վատիկանի այս գիտաժողովին որպէս անդրադարձ, որոշ ժամանակէ մը հանդարտ ու անաղմուկ մնացող մեր հովուապետական աթոռներու հոգեւոր իշխանաւորները լռութիւնը խզելով, կայծակնային արագութեամբ իրենց լրջախոհ կոչերով հակադարձեցին, սթափած յայտարութիւններով անբաստանեցին, հաղորդագրութիւններով պարսաւեցին, բուռն ձեւով դատապարտեցին Վատիկանի կողմէ նման արարք մը։ Իսկ Վատիկանի ենթակայ հայ հոգեւոր իշխանաւորներ նախընտրեցին աւելի զուսպ մնալ կատարուածին հանդէպ։ Հոս կարելի է հարց տալ՝ ինչո՞ւ այդ բոլոր հոգեւոր իշխանաւորները, հայ աշխարհիկ միաւորները անտարբեր ու անաղմուկ մնացին, յախուռն հակազդեցութիւններ չկատարեցին մայիս 2024 թուի Վարշաւայի ազերիական ցուցահանդէսի պարագային։
Գաղտնի կազմակերպուած նման գիտաժողով մը քարոզարշաւի անշուք սեմինար մը կարելի է համարել, իր անհեթեթ նօսրութեամբ, իր տարակուսելի մասնակիցներով եւ իրմէ բխող կասկածելի արդիւնքներով:
Բայց եւ այնպէս Պաքուի բռնապետական վարչակազմը կարողութիւնը ունեցաւ հայ ազգային տարբեր հարթակներ փոթորկել, հայկական մամուլի մէջ խայտառակող առատ մելան հոսեցնել, ժխտական անդրադարձներու տարափ մը տեղացնել, ուր բոլորն ալ միաւորուած՝ խոր ցաւ, ընդվզում ու ափսոսանք յայտնեցին մեղսակից Վատիկանին այս անպատասխանատու վարքին համար։
Մեղադրանքներ, կոչեր, յորդորներ ուղղուեցան քրիստոնէութիւնը ծախու հանող Վատիկանին, որպէսզի պահպանէ պատմական հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ճշմարտութեան ամբողջականութիւնը եւ յատկապէս մերժէ ու հրաժարի ամէն տեսակի յօրինուած ու կեղծ կրօնական խաբեբայութիւններու մեղսակից ըլլալէ, հեռու մնայ պատմութիւնը վերաշարադրող նման նախաձեռնութիւններէ եւ հանրային պարզաբանում եւ ներողութիւն պահանջեցին Վատիկանէն։ Բացատրութիւններ պարտադրեցին հայ դասախօսներուն միտումնաւոր բացակայութեան համար, զայն նկատելով միակողմանի եւ գիտական անարդարութիւն մը պատմական բացայայտ ճշմարտութեան դէմ։
Միջյարանուանական բազմազան զօրակցական այցելութիւնները աշխուժացան նման նախաձեռնութիւնները կանխելու, դիմադրելու եւ չարագործ այս արարքին դէմ կանգնելու նպատակով։ Իրականութեան մէջ այդ բոլորը խօսքի փոխարէն շատոնց ծրագրուած եւ գործնական նախագիծերով հակազդելու պատրաստ պէտք է ըլլային, երբ թշնամին հանդարտ ձեւով վաղուց ծրագրած եւ Վատիկանի նման միջազգային հարթակի մը մէջ իրականացուցած էր։
ինքնադատութեան կողմնացոյցը
Բոլոր նախատեսուած պոռթկումները շատ ողջունելի, արդար ու գնահատելի են։ Քաջ գիտակցելով նաեւ, որ Վարշաւայի եւ Վատիկանի ծրագրուած քարոզչական յայտագիրներու քաղաքական ուղղուածութեան թիրախը կանխատեսելի եւ յստակ էր, երկու իրադարձութիւնները մէկն ու միւսը զիրար կը լրացնեն, այս մէկը առաջին կամ վերջինը պիտի չըլլայ։ Առաջին դասը որ կարելի է քաղել մեր հակառակորդներէն, մե՛ր տկարութիւններուն անդրադարձն է, մեր խոցելի թերիներուն ինքնաքննարկումն է։ Հարցը միայն Վատիկանի այսպէս կոչուած գիտաժողովի մը իրադարձութիւնը չէ, իսկական արժեւորումը այն է, թէ ի՞նչ ճիշդ ծրագրեր կրնայինք իրագործել ու չըրինք, ո՞ւր են մեր թերացումները, բացթողումները եւ կիսատ-պռատ գործիքակազմերը, հաւաքական թերիները, եւ մանաւանդ ինչպէ՞ս պէտք է դիմագրաւել յառաջիկայի նման ծրագրեր։ Ինքնաքննութեան փորձը չընենք զոհի հոգեբանութեամբ, այլ՝ ճշմարտութեան արդարացի ինքնապաշտպանութեամբ, յառաջ երթալու վճռակամութեամբ եւ յաղթայարելու տրամադրութեամբ։ Հոս կարելի է մի քանի նկատողութիւններ ցանկագրել, պարզապէս օրինակներ յիշելու համար.-
- Վատիկանը իբրեւ տիեզերական եկեղեցի բազմազգ կղերականներու վարչամեքենայով բանող կառոյց իր գործելաոճին մէջ ազգայինը աննշան է եւ անհրապոյր անհրաժեշտութիւն: Ուստի անխորհուրդ ակնկալութիւն է այդ կառոյցի բոլոր հոգեւորականներէն ակնկալել, որ հայասէրներ ըլլան կամ հայանպաստ ծրագրերուն համակիրներ։ Նոյն ժամանակ վերահասու գիտակցութեամբ, որ Վատիկանի այգիներուն մէջ 5 Ապրիլ 2018-ին, տեղի ունեցաւ հայ փիլիսոփայ, աստուածաբան, բանաստեղծ եւ տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ Գրիգոր Նարեկացիի երկու մեթր հասակով արձանին բացումը։ Վատիկանի մէջ 28 Մարտ 2025-ին, վաւերացուեցաւ 1915 թուի հայոց ցեղասպանութեան նահատակ Երանելի Իգնատիոս Շուքրալահ Մալոյեանի սրբադասման ու երանացման գործընթացը։
- Հարց տանք մեր հոգեւոր թէ աշխարհիկ բոլոր միաւորներուն՝ նուազագոյն վերջին հինգ տարիներուն ինչպիսի՞ ստուեր եւ պերճաշուք թիւով քարոզչական ծրագրեր եւ աչքագրաւ վայրերու մէջ բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան ցուցադրական արշաւներ նախաձեռնեցինք, շրջուն ցուցահանդէսներ իրականացուցինք, երկխօսութիւններ կազմակերպեցինք։ Նման բազմապիսի քարոզչական բազմազան արշաւներ պէտք էր կազմակերպած ըլլայինք Եւրոպայի զանազան երկիրներու, մայրաքաղաքներու, քաղաքներու, եկեղեցիներու, կրօնամշակութային տարբեր հաստատութիւններու մէջ, հանրայնացնելու հայ հոգեւոր ժառանգութեան յատկաբանութիւնը, արդար ու գիտական լուսաբանութիւններով պարզելու հայ հոգեւոր ժառանգութեան եզականութիւնը, Ազերպայճանի իշխանութիւններու կողմէ ծրագրուած հայկական պատմական փաստերը շահարկելու եւ հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումին դէմ։
- Օրինակելի է Արեւելքի քրիստոնեաներու առանցքով իր գործունէութիւնը ծաւալող Ֆրանսայի «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութիւնը, որուն գործնական արձագանգը չուշացաւ Վարշաւայի մէջ, հակադարձելով Ազերիական մայիսեան ցուցահանդէսին, այս անգամ 2024 թուականի հոկտեմբեր 4-18-ը, Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամին հետ՝ «Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւն մը» խորագրով բացօթեայ ցուցահանդէսը կազմակերպուեցաւ Վարշաւայի մէջ։
- Շրջուն բնոյթով նման քարոզչական ցուցահանդէսներ, յաճախակի շրջագայութեամբ պէտք է իրականանան Եւրոպայի այլ երկիրներուն մէջ։ Անշուշտ, հոս բարձր կարելի է գնահատել monumentwatch.org կայքի տարած խղճամիտ, գիտապատմական, հարուստ տեղեկութիւններով եւ լուսանկարներով շտեմարանի հարթակը։
- Միջազգային հարթակներու վրայ աւելի բարձրացնելու անյապաղ կարիքը ունինք Ազերպայճանի կողմէ թիրախ դարձած մշակութային ժառանգութեան աւերուածութիւններուն թիւերու մասին։ «Caucasus Heritage Watch»ը (CHW) 24 Յունիս 2024 թուին, հրապարակած բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան դիտարկման զեկոյցները կը փաստագրեն, որ 2023 էն ի վեր 75 տոկոսով աւելցած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումը, արբանեակային պատկերներու բացայայտումով, որոնք նոյն թափով կը շարունակուին:
- Պէտք է բարձրաձայն հակադարձել «Ազրպէյճանը իբրեւ երաշխաւորը Քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումին ու զարգացումին՝ միաժամանակ նպաստողը միջկրօնական ներդաշնակութեան» անհեթեթ լոզունքին, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, նոյնինքն ազերիական ծրագիրներով, ձեռքերով իրագործուած բարբարոսական ոչնչացումը, ինչո՞ւ տեղի կ’ունենայ այդ «աղուանական» եկեղեցիներուն, կրօնապատմական կոթողներուն, գերեզմաններուն ու գիւղերուն քանդումը, ինչո՞ւ այդ բոլորը ամբողջական քանդումին կ՛ենթարկուին։
- Եւրոպայի եկեղեցիներուն եւ հոգեւորականներու, հանրութեան լայնածաւալ ձեւով տարածա՞ծ ենք «Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի» կոչերը՝ յարգելու Արցախի հայ քրիստոնէական սրբազան վայրերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը։
- Արբանեակային փաստագրումներով բացայայտա՞ծ ենք 2020 թուի պատերազմէն ետք, Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, երբ օրէ օր կը կործանին հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կոթողներ, հոգեւոր կառոյցները՝ եկեղեցիներ, յուշարձաններ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ, արձաններ,կը ջնջուին հայկական արձանագրութիւնները հայկական եկեղեցիներու պատերէն եւ տապանաքարերէն, իսկ որոշ պարագաներուն այդ եկեղեցիները մզկիթներու կը վերածուին:
- Եւրոպայի տարածքին Պապական Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումնարաններ եւ կրօնական հաստատութիւններ այցելա՞ծ ենք, մեր ցուցահանդէսներով, գիտական քարոզարշաւներով եւ սեմինարներով ներկայացուցած ու բացատրա՞ծ ենք հայ եկեղեցւոյ կառոյցը, ինքնութիւնն ու մեր հոգեւոր ժառանգութեան արդարացիութիւնը, գիտական հիմքերով բացայայտա՞ծ ենք պատմական ճշմարտութիւնը։
- Արդար ըլլալու համար քրիստոնեայ արեւմուտքը, Աստուածաբանական ուսումնարանները ընդհանրապէս անտեղեակ են արեւելքի կրօնական հակամարտութիւններէն, քիչ ծանօթ են հայկական պատմական ժառանգութեան մանրամասնութիւններուն, հայ կրօնական մշակոյթի առանձնայատկութիւններու բովանդակութեան։
Ազերպայճանի իշխանութիւններու հայկական պատմական փաստերը շահարկելու, հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումը, բռնաիւրացումը եւ սեփականացնելու քաղաքականութիւնը, ծրագրուած չարաշահումներու ուղեծիրը վաղեմի են բոլորիս, ծանօթ են նաեւ նուաստ միտումները՝ Վարշաւա, Վատիկան կամ այլուր հակահայ քարոզչութեան հերթական արգաւանդ շուկաներ դարձնելու նախագիծերը:
Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ԾՐԱԳՐԵՐՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԼԾՈՒԻԼ:
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
Տիկին Թամարա Յովհաննիսեան երախտագիտութեամբ կը պատմէ Արաբական միացեալ էմիրութիւններու մէջ իր անցուցած տարիներուն, յատկապէս իր ուսուցչական ծառայութեան մասին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրին մաս կազմող Օհաննէսեան ազգային միօրեայ հայկական վարժարանին մէջ, որ հիմնուած է 1998-ին: Յիշեցնենք, որ Շարժայի հայկական միօրեայ Վարժարանը հիմնուած է 1980-ին, եւ 18 տարի վճռական քայլերով շարունակած է իր դասաւանդումները տարբեր կառոյցներէ ներս մինչեւ հաստատուիլը իր սեփական վայրին մէջ:
«2001-ին, աղջիկս Իրինա եւ ամուսինը աշխատանքի նպատակով մեկնեցան Էմիրութիւններ, երբ իրենց որդին՝ Նարեկը մէկ տարեկան էր: Տղաս Արմէնը նոյնպէս աշխատանքի բերումով Էմիրութիւններ մեկնեցաւ իր կնոջ եւ դուստրին՝ Մարիամիկի հետ: 2005-ին, աղջկաս օգնելու նպատակով, մենք տեղափոխուեցանք Շարժա, երբ լոյս աշխարհ պիտի գար թոռնիկս՝ Իրինային երկրորդ զաւակը՝ Դաւիթը»,- կը պատմէ Թամարա:
«Երբ ես Էմիրութիւններ եկայ, շատ էի մտածում թէ՞ ինչպէս կարելի է ապրել առանց հայութեան: Նոյնիսկ չէի գիտեր, որ եկեղեցի եւ դպրոց կայ: Բարեբախտաբար գնացել էինք Շարժա Grand Hotel մեր թոռնիկներու հետ: Լողաւազանում կը լողային երկու սուրիահայ երեխաներ: Զրոյցին ընթացքին մեզի հարցուցին թէ «ձեր թոռնիկները հայկական վարժարան կը յաճախե՞ն»: Ես պատասխանեցի. «մենք նոր ենք եկել Հայաստանից, ոչ մի կապ չունենք հայ համանքի հետ»: Յաջորդ օր մենք հետաքրքրուեցինք եւ Նարեկին տարինք վարժարան: Ես սկսեցի մեծ թափով Նարեկին հայերէն այբուբէնը սովորեցնել: Ընթացքին, բոլոր ուսուցչուհիները զարմանում էին իմ ձեռագրի վրայ: Մի օր երբ գնացի վարժարան, ուսուցչուհիներ Նուարդ Թնկրեանը եւ Սիւզին հարցուցին ինծի, թէ «կը փափաքիս աշխատիլ դպրոցին մէջ», ես պատասխանեցի «ի հարկէ»: Անմիջապէս գնացի պարոն Նշան Պասմաճեանի մօտ՝ դիմելով, որ ընդունի ինձ աշխատանքի: Յետոյ սկսեցի բոլոր նորեկները խրախուսել որ իրենք ալ դառնան հայ համայնքի մի մասնիկը…Ես ամէն անգամ որ կը հանդիպէի հայերու, անպայման հարց կու տայի, թէ «տեղեա՞կ են հայկական եկեղեցւոյ եւ վարժարանին մասին», եւ կը բացատրէի համալիրի գտնուող թաղամասին տուեալները», կը պատմէ Թամարա Յովհաննիսեան:
Ուսուցչական գործունէութիւն – Օհաննէսեան Ազգային միօրեայ հայկական վարժարան
«Թոռնիկներս՝ Նարեկը եւ Դաւիթը յաճախած են Օհաննէսեան. Նարեկը մինչեւ 9-րդ դասարան, Դաւիթը մինչեւ 7-րդ: Դաւիթի յաճախելու տարին էր, որ ընդունուեցայ աշխատանքի: Այնքան սիրալիր տարիներ էին 2009-2018 ինծի համար: Կ’ուզեմ իմ շնորհակալութիւններս յայտնել մեր սիրելի տնօրէններ պրն. Նշան Պասմաճեանին, որ ներկայիս Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդարանի դիւանապետն է, տիկ. Անժել Սապային, պրն. Հրաչ ՔէլՍահակեանին եւ բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ես երախտապարտ եմ բոլորին…» Երբ ես աշխատանքի անցայ Օհաննէսեան, ինչքան ուրախ էինք. թոռնիկներուս հետ անհամբեր կը սպասէինք, թէ ե՞րբ պիտի յաջորդ շաբաթը գայ, որ հայ համայքին հետ կապի մէջ լինենք…: Ես այնչափ ուրախ եմ, որ նման համայնքներ գոյութիւն ունին սփիւռքի մէջ, որ մեր սերունդը կը մեծանայ հայեցի: Բարեկիրթ շրջապատին համար, ես կը խոնարհիմ բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ստեղծել են Էմիրութիւններու հայ համանքը…», կը պատմէ Թամարա:



Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2014-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը առաջին անգամ ըլլալով կ’այցելէր Շարժայի Օհաննէսեան հայկական միօրեայ վարժարանը: Աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր մը: Արամ Վեհափառը Նարեկին հարց կու տայ, թէ «ի՞նչ է անունդ, եւ ի՞նչ գիտես Գրիգոր Նարեկացիի մասին»: Արամ Ա. Կաթողիկոս խաչ կը նուիրէ Նարեկին առ ի գնահատանք տուած ճգրիտ պատասխաններուն:

«Պէտք է ասեմ, որ երբ Էմիրութիւններ եկայ՝ չէի իմանում անգլերէն, արաբերէն, բայց ես իմ թոռնիկներուս հետ եւ ճիգ չխնայելով ինքնուս սորվել եմ այդ լեզուները: 4 նոյեմբեր 2017-ին մասնակցել եմ Sharjah Expo «7-գոյն» գիրքի ներկայացմանը: Նշեալ գիրքը կ’ընդգրկէր մանկագիր Ալլա Սերոբեանի «Vasil» պատմուածքը, որ ես արաբերէնով արաբ փոքրիկներուն էի պատմել: Իսկ Էմիրաթցի արաբուհու հետ ընդհանուր հարցերին պատասխանել էի անգլերէնով»:
«2018-ի ամավերջի հանդէսէն ետք, ես պէտք էր, որ թոռնիկներուս հետ վերադառնայի Երեւան, Նարեկի բանակի զօրակոչուելու տարին: Չեմ կարող մոռանալ այդ հրաժեշտի պահը՝ բաժանումս Էմիրութիւններու հայկական եկեղեցւոյ եւ վարժարանի դասարաններէն, տնօրէնութենէն եւ ուսուցչական կազմէն …», կը պատմէ Թամարա:
Ամավերջի հանդէսը Թամարա Յովհաննիսեանի հրաժեշտի օրն էր՝ Էմիրութիւններու հայ համայնքի մէկ մասնիկը իր սրտին մէջ պահելով ու իր հետ տանելով 9 տարիներու ազգային արժէքներու եւ ինքնութեան գոյատեւումի անվերջ պայքարի վճռականութիւնը, զոր ան կը շօշափէր ամէն օր Էմիրութիւններու հայ սփիւռքին մէջ (Շաքէ Մանկասարեան):
Թամարա Յովհաննիսեանի վերադարձը հայրենիք

«Ես պէտք է նաեւ վկայագրեմ, որ Օհաննէսեանի երեխաներուն շնորհիւ, 2017-ին օգնութիւն-նպաստ բերած ենք «Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատանը» : Իսկ, 2018-ին՝ Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի «ՄԱՆԿԱՆ ՏԱՆ», ուր փոքրիկներուն մեծ մասը հաշմանդամութիւն ունի», կ’ընդգծէ Թամարա:
2019-էն մինչեւ այսօր Թամարա ժրաջանօրէն եւ ջանասիրաբար կ’աշխատի Նորք-Մարաշ վարչային շրջանի «ՄԱՆԿԱՆ ՏԱՆ» մէջ որպէս խնամակալ, հոգատար:
Ինքնակենսագրութիւն
«Ծնողներս Արարատի մարզի Լանջառ համայնքի Բիրալու գիւղից են: Ես ծնած եմ 4 դեկտեմբեր 1957-ին, յետոյ ապրել Այգեպատ գիւղում, որտեղ էլ սովորել եւ աւարտել եմ միջնակարգ դպրոցը, որից յետոյ՝ 1974-ին սովորել եմ Երեւանի քոլէճում որպէս ճարտարապետ-գծագրող: Աւարտելուց յետոյ ամուսնացել եմ Երեւանում: 25 տարի աշխատել եմ իմ մասնագիտութեամբ Երեւանի քարտեզագրական ինստիտուտում եմ որպէս գծագրող, (Մոսկուայի քարտեզագրության ճիւղերից է): Միատեղ աշխատել եմ ասեղնագործութեան հետ կապուած յունական գրասենեակում որպէս տնօրէնուհի եւ այլն….»: «Ամուսնոյս ծնողները արմատներով Լանջառ համայնքից էին: 1977-ին ամուսնացել եմ Եուրաի հետ. ունինք մէկ տղայ՝ Արմէն եւ մէկ աղջիկ՝ Իրինա: Մեր զաւակները արդէն ամուսնացեր են եւ մենք ունինք 3 թոռնիկ՝ Նարեկը եւ Դաւիթը Իրինայի զաւակները, Մարիամիկը՝ Արմէնի աղջիկը: Իրինան եւ իր զաւակները կ’ապրին ու կ’աշխատին Տուպայի մէջ: Ամուսինս արդէն մահացեր է: Գոհունակութիւն կ’ապրիմ, որ իմ թոռնիկները հայեցի կրթութիւն են ստացել եւ ես ջանք չեմ խնայել իրենց բարեկիրթ մեծանալու հոգատարութեանս մէջ»,- Կը նշէ Թամարա Յովհաննիսեան:
……………………………………………………………………………….
[1] Շարժայի Օհաննէսեան ազգային վարժարանի հոգաբարձութիւնը վարժարանի ուսուցիչներուն համար կը կազմակերպէ լսարան մը, որ տեղի կ’ունենայ 1 – 5 Մարտ 2015-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահին մէջ: Լսարանի դասաւանդութիւնները կը կատարէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ՝ Պրն. Յակոբ Չոլաքեանը:
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
Հռոմի պապին վախճանումը եւ…մեր ցնդաբանութիւնները
«Ամբողջ աշխարհը մեզի դէմ է»,- կը մտածէ գրեթէ իւրաքանչիւր միջին հայ եւ համոզուած է, որ քաղաքակրթութիւնն ու աշխարհի մէջ կատարուող քիչ թէ շատ նշանակալի որեւէ իրադարձութիւն մեծ դաւադրութիւն մըն է հայութեան հանդէպ: Արդեօք ինչո՞ւ ամբողջ հայութեան, եւ ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այդ միջին հայուն համար պարզ է այնպէս, ինչպէս, որ 2+2=4: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդամէնը երեսուն տարիէ ի վեր, մինչդեռ հայութիւնը հազարաւոր տարիներէ ի վեր ապրած է այս երկրագունդին վրայ ու արդէն անոր թշնամիները նոյնքան ժամանակ փորձած են ամբողջովին ոչնչացնել զինք: Դժուար է ըսել, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պատճառով սկսած է հայ ժողովուրդին եւ անտեսանելի թշնամիին միջեւ այս հակամարտութիւնը, որու արտայայտութիւնները եղած են տարբեր ժողովուրդներու յարձակումները Հայաստանի վրայ եւ անվերջանալի ջարդերը։ Միջին հայը այս բոլորը չի գիտեր, սակայն համոզուած է, թէ զինք կ’ուզեն ոչնչացնել, եւ յանուն անոր՝ ոչ մէկ բանի առջեւ կը կանգնին։ Ու այս անհաւասար պատերազմին մէջ, հայը միայն մէկ դանշակից-հովանաւոր ունի` Աստուած: Որովհետեւ մենք առաջին քրիստոնեան ենք, այդ իսկ պատճառով ալ, աւագութեան իրաւունքով Աստուած նախ եւ առաջ մեզ պիտի փրկէ ու պահպանէ, յետոյ նոր կարելի է միւսներով զբաղիլ ու միւսները փրկել զուտ այնքանով, որքանով, որ անոնք բարեհաճ եղած են հայուն ու Հայաստանի հանդէպ:
Ու նոյնիքն այդ աստուածային օգնութեան նշաններէն մէկն ալ Հռոմի Պապին մահն էր: Հայերէն շատերը ուրախացան եւ ըսին, որ այդ պատիժ էր անոր համար, որ Վատիկանի մէջ գիտաժողով կատարուած էր «Քրիստոնէութիւնն ու Ատրպէյճանը» խորագրով, որ ուղղուած էր Արցախի ուտիացման եւ աղուանականացման: Միջին հայը նաեւ նման պահերուն կը սկսի յիշել, թէ ալ ո՞վ ու ե՞րբ, ի՞նչ վնասներ տուած է հայուն ու Աստուած որքանով է զանոնք պատժել: Օրինակ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջ որեւէ պատահարի հեղինակը Աստուած է՝ հրդեհ, երկրաշարժ եւ այլն: Այդ բոլորը Աստուած կը բերէ անոնց գլխուն, որ պատժէ հայուն թշնամիները: Աստուած վնասարար է, ոչ աւելի:
Նման ցնդաբանութիւն, որ մեզի համար իւրայատուկ թմրանիւթ է, կը շարունակէ աճիլ ու զարգանալ անընդհատ ու անվերջ: Միջին հայը նաեւ կը զարմանայ, որ Հռոմի պապը թոյլ տուած է նման այլանդակութիւն կատարել՝ շատ լաւ գիտնալով, թէ ո՞վ է հայը եւ ո՞վ է ատրպէյճանցին: Միջին հայը ի հարկէ ինքն իրեն նեղութիւն չի տար հասկնալ փորձելու, թէ այդ ի՞նչ պատահեցաւ, որ Հռոմի պապը որոշեց օրհնել ատրպէյճանական գիտաժողովը: Կայ պատրաստի երկու տարբերակ: Մէկն այն է, որ Հռոմի պապը ծախուեր է Ալիեւին, միւսը, որ Հռոմի պապը մասոն է, իսկ մասոնները հաւանաբար ստեղծուած են, որ հայերը ոչնչացնեն: Ու Աստուած ալ պատժեց Հռոմի պապը՝ զայն մեռցնելով: «Օ՜, Պապը չէր մոռցած նաեւ տէր եւ տիկ. Ալիեւը խաչ շքանշանով մը պարգեւատրել։ Ինչպէ՞ս կրնայ մարդ խաչ մը շնորհել իսլամի։ (Ճիշդ է՝ Փաշինեանին ալ տուած էին այն խաչերէն մէկը, եւ ընդհանրապէս բոլորին կու տան, որովհետեւ դիւանագիտական գեղեցիկ ժեսթ մըն է, բայց բայց չխօսինք անցանկալիին մասին):
Իսկ եթէ այս զառանցանքները մէկ կողմ դնենք ու Հռոմի պապի մահուան արձագանքենք․ հայկական հակիրճ «ողորմի»-ով, կարելի է մտածել, թէ ինչո՞ւ Հռոմի պապը կ’օրհնէր այդ բոլորը: Պապին ծախուածութեան մասին տեսակէտը ոչ միայն անհեթեթ է, այլեւ ծիծաղելի: Այդ ի՞նչ պիտի տար Ալիեւը պապին, որ վերջինս անձնապէս շահագրգռուէր գիտաժողովով: Թէ՛ պապը մասոն է թէ ոչ՝ առանձին խնդիր մըն է, եւ անոր համար պէտք է վերադառնանք խաչակիրներու առաջին արշաւանքներուն եւ սկսինք պատմել ռազմավանական միաբանութիւններու պատմութիւնը՝ բաց թողած բաժինները մեր ճաշակով լրացնելու մտադրութեամբ։
Հռոմի՝ Ալիեւներուն հանդէպ այսքան բարեհաճ ու հիւրընկալ կեցուածքը միայն անձնական սրիկայութեան մակարդակով չի բացատրուիր։ Հաւանաբար պատճառը այն է, որ «Հայտար Ալիեւ» հիմնադրամը երկար տարիներէ կը ֆինանսաւորէ բազմաթիւ գիտաժողովներ, հնագիտական պեղումներ եւ ազգագրական արշաւներ Վատիկանի մէջ, ինչպէս նաեւ կ’օժանդակէ տարբեր յուշարձաններու եւ շէնքերու վերանորոգման ու պահպանման աշխատանքներուն՝ սկսեալ Սուրբ Սեպասթիանի պազիլիքի գետնադամբանները եւ Քոմոտիլլայի գետնադամբանները հռոմի մէջ, մինչեւ Փիօ Քլէմանթին թանգարանի Զեւսի արձանը, Վատիկանի գրադարանն ու Սիքսթինեան մատուռի դահլիճներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքը՝ որ ԵՈւՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մաս կը կազմէ, եւ որ Վատիկանի ամենէն կարեւոր յուշարձաններէն մէկն է ու կաթողիկէ աշխարհին համար մեծ նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ մը:
Ակնյայտ կը դառնայ, թէ ինչպէս Ատրպէյճանը եւ քրիստոնէութիւնը միաժամանակ կրնան տեղ ունենալ։ Պարզ կը դառնայ, թէ Պապը կրնայ իրօք օրհնել գիտաժողով մը՝ կազմակերպուած երկրի մը կողմէ, որ մեծ ներդրում կատարած է կաթողիկէ աշխարհին մէջ։ Ի հարկէ այս բոլորը ունի իր մութ երեսը։ Իսկ մութ երեսը այն է, որ Ալիեւը, որ վերանորոգէ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքը, մեծ հաճոյքով կը քանդէ հայկական եկեղեցիներ, կը վերացնէ զանոնք, կը վերածէ մզկիթներու, կը յայտարարէ զանոնք աղուան կամ ուտի, եւ մէկ խօսքով՝ կը փորձէ Արցախը ապահայակականացնել։ Եւ կարելի է հասկնալ հայերուն զայրոյթը, որ Հռոմի պապը տեսակ մը կէս-քրիստոնէական պահուածք ունի՝ տեսնելով միայն այն, ինչ որ իրեն պէտք է եւ փորձելով չտեսնել այն, ինչ որ իրեն պէտք չէ։
Բայց հայերը պէտք էր որ արդէն շատոնց վարժուած ըլլային այդ բոլորին: Հայերը պէտք է առնուազն երկու հազար տարի առաջ հասկցած ըլլային, որ ի վերջոյ ամէն ինչի մէջ կայ բնական շահադիտական կողմ մը, եւ իւրաքանչիւրը կ՚ընէ միայն այն, ինչ իրեն օգուտ է։ Իսկ ինչո՞ւ պիտի Հռոմի պապին սիրտը Արցախի եկեղեցիներուն համար աւելի պէտք է ցաւի, քան Վատիկանի մէջ գտնուող եկեղեցիներուն: Հայաստանի մէջ քանի՞ կիսաքանդ եկեղեցի կայ, թերեւս Ալիեւը զանոնք ալ նորոգէ: Բայց Հռոմի պապը կրնայ նաեւ ըսել, որ Վատիկանի մէջ կայ նաեւ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը, մենք ճանչցած ենք Ցեղասպանութիւնը, սրբացուցած զոհերը, Նարեկացին տիեզերական վարդապետ հռչակած, դեռ ի՞նչ կ’ուզէք: Չէք ուզեր Ս. Պօղոսի պազիլիքը վերականգնե՞նք, եկէք դուք վերանորոգեցէք զայն: «Վայ, եղա՞ւ,- կը նեղանայ հայը, -«վայ, առաջին քրիստոնեայէն դրամ կ’ուզե՞ն»: «Ե՞ս ինչ ընեմ»,- կը հակաճառէ Հռոմի պապը, -«այս անտէր եկեղեցին, ինքն իրեն պիտի չվերանորոգուէր»: Ու այսպէս հայու ուղեղին մէջ անիմաստ մենախօսութիւն կը սկսի, որուն միակ նպատակը Հռոմի պապը յանցաւոր հանելն է:
Իսկ յետոյ՞: Ի՞նչ պիտի պատահի յետոյ: Սպասենք, որ Ատրպէյճանի մէջ ինչ աղէտ պիտի պատահի, որպէս հայերու դէմ գործած յանցանքի պատի՞ժ: Այդ պարագային, ո՞րն է պետութիւն ունենալու իմաստը: Անմիջապէս Հայաստանը հռչակենք մեծ վանական համալիր մը ու առաւօտէն երեկոյ աղօթենք ու ցուցակ ուղարկենք երկինք` Աստուծոյ պատուիրելով, թէ որու երբ սպանէ ու թէ Թուրքիոյ այս հատուածին մէջ հրդեը աւելի լաւ է, իսկ միւս հատուածին մէջ երկրաշարժ աւելի յարմար է՝ 5-7 աստիճան…
Դեռ որքա՞ն կարելի է այսպէս շարունակել: Գոնէ անգամ մը մենք մեր վրայ պատասխանատուութիւն պիտի վերցնե՞նք: Ալիեւը միլիառներ կը ծախսէ աշխարհի խիղճը կաշառելու, ատրպէյճանանասէր դարձնելու համար, իսկ մենք միայն նստած կը գանգատինք: Արդեօք դրամ չունի՞նք, թէ՞ կաշառել չենք գիտեր: Բայց, ո՜չ, մենք միայն մեր գրպանը կը տեսնենք, կը պաշտենք միայն մեր անձնական երջանկութեան աստուածը ու երբեք չենք փորձեր աշխարհին հետ իր լեզուով խօսիլ։ Մէկ կողմէ, մենք պարապ նստած ենք, իւրաքանչիւրս միւսին հաշւոյն կը հարստանայ, միւս կողմէ կը բարկանանք, որ Պաքուի սուլթանը կը յաջողի աշխարհը համոզել, թէ Արցախի ոչնչացումը սովորական բան մըն է։
Մենք կամ յիմար ենք, կամ յիմարութեան աստիճանի միամիտ, որ այսքան ցաւ տեսնելէ ետք, կը շարունակենք հեքիաթներու հաւատալ: Իսկ թերեւս այդ մէկը հաճելի կը թուի մեզի: Յիմարի դեր խաղալը: Կարելի է միամտութեան ախտորոշումով արդարացնել որեւէ այլանդակութիւն: Մենք՝ հայերս, շատ լաւ գիտենք, որ խելագարածէն հաշիւ չեն պահանջեր: Եւ ահա մենք ալ գելագալութեան մեր բաժինը ունինք՝ թէ՛ ապահով է, թէ՛ բարոյապէս մաքուր: Թող Հռոմի պապը իր հոգիին մասին մտածէ, որ դժոխքի կրակին մէջ պիտի այրի, իսկ մենք վաղուց մեր հոգիները տարբեր պիզնեսներու մէջ ներդրած ենք՝ դրամ շահող «հաւատքներու» մէջ։ Դեռ չխօսինք այն մասին, որ որեւէ եկեղեցական տօնի ժամանակ մայրաքաղաքի եկեղեցիներուն շուրջը շատ արագ մոմի ու տարատեսակ մանրուքի մեծ պիզնես կը ծաղկի, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ երթալ եւ քրիստոնէութեան իր բաժինը գնել՝ առանց մոռնալու, որ մարզերուն մէջ գտնուող, քիչ թէ շատ այցելու ունեցող եկեղեցիներէն շատերու մէկ անկիւնը յուշանուէրներու կրպակներ կը գործեն՝ սուղ գիներով յուշանուէրներ վաճառելու համար ու բոլորը թքած ունին թէ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, որ Քրիստոս վաճառականները վտարեց տաճարէն: Իսկ մենք, ընդհակառակը, լրբաբար կռիւ կ’ընենք որեւէ մէկու հետ, որ կը փորձէ եկեղեցիէն վտարել մանրավաճառը՝ իր գոյնզգոյն լաթերուն եւ զարդարանքներուն հետ մէկտեղ: Իսկական քրիստոնէական մարմաջ:
Ի դէպ, Աստուած կաթողիկէ՞ է, թէ՞ առաքելական: Պէտք է որ առաքելական ըլլայ, կամ գոնէ՝ հայասէր: Հապա՞, մեզ ո՞վ պիտի պաշտպանէ, եթէ Աստուած ալ չպաշատպանէ: Մենք առաջին քրիստոնեան ենք ու այդ մեր թողութիւնն է՝ ոսկի տոմսակը դէպի դրախտ: Մենք մեզ արդէն ապահովագրուած ենք ամէն ինչէ: Մենք դեռ երկար պիտի հաշուետու ըլլանք մեր կեղծաւորութեան համար՝ թէ՛ հայրենասիրական, թէ՛ քրիստոնէական իմաստով։ Աստուած մեզ պիտի դատէ որպէս «հայ-քրիստոնեայ» յօդուածով։
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն








