New South Wales-ի խորհրդարանը «Հանրային երախտագիր» կ’ընծայէ Արժ. Տէր Պարթեւ աւագ քահանայ Գարագաշեանի

Մեծ ուրախութեամբ իմացանք, որ Տէր Պարթեւ աւագ քահանայ Գարագաշեանի քահանայութեան ձեռնադրութեան 35-ամեակին առթիւ, Աւստրալիոյ New South Wales-ի խորհրդարանը «Հանրային երախտագիր» (Community Recognition Statement) ընծայած է անոր՝ յատկանշական գնահատագիր մը, զոր մենք ուրախութեամբ կ’ողջունենք եւ կ’ըսենք. պատիւն արժանաւորաց: Սրտագին շնորհաւորութիւններով՝

Շաքէ Մանկասարեան

 

8 օգոստոս 2025

New South Wales-ի խորհրդարան

Հանրային երախտագիր

Արժանապատիւ Տէր Պարթեւ Գարագաշեանի

Վերջերս Արժ․ Տէր Պարթեւ Գարագաշեան նշեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ իր քահանայական ծառայութեան 35-ամեակը՝ կարեւոր հանգրուան մը, որ արժանի է խոր յարգանքի եւ յիշատակումի։ Հաւատքով, իմաստութեամբ եւ խոնարհութեամբ ան առաջնորդած է սերունդներ՝ անսասան նուիրումով ծառայելով մեր հայկական համայնքի հոգեւոր կեանքին։ Անոր ծառայութիւնը տարածուած է խորանէն անդին՝ ընտանիքներ միացնելով, վշտի պահերուն մխիթարութիւն պարգեւելով, եւ զօրութեամբ ու հաստատամտութեամբ առաջնորդելով անորոշութիւններու եւ մարտահրաւէրներու ժամանակ։ Տէր Պարթեւի ներկայութիւնը ոգեշնչման եւ զօրութեան աղբիւր է շատերու համար։ Կը փոխանցեմ իմ սրտագին շնորհաւորութիւնս այս նշանաւոր յոբելեանին առիթով եւ գոհաբանական շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ անոր յարատեւ ծառայութեան եւ առաջնորդութեան համար։ Թող իր հովուական առաքելութիւնը շարունակէ օրհնուած մնալ երկար տարիներ։

Թիմ Ճէյմզ
New South Wales-ի խորհրդարան
Իւիլըպի շրջանի պատգամաւոր
Tim James MP
Member for Willoughby

Ստորեւ` Տէր Պարթեւ Աւագ Քահանայ Գարագաշեանի պատասխան-շնորհակալագիրը

Մեծայարգ Պատգամաւոր Թիմ Ճէյմզ, 

Իմ անկեղծ երախտագիտութիւնս կ’ուզեմ յայտնել 2025 թուականի օգոստոսի 8-ի Հանրային երախտագրին համար, զոր ստացած եմ ձեր գրասենեակէն՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ քահանայ ձեռնադրութեանս 35-ամեակին առիթով։

Իմ նուիրումս եկեղեցւոյ եւ յանձնառութիւնս ծառայելու համայնքին եղած են իմ ամողջ կեանքիս յենակէտը՝ որպէս Chatswood-ի Սուրբ Յարութիւն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ քահանայ։

Իմ քահանայական ծառայութեանս ընթացքին պատիւն ունեցած եմ գործելու մեր եկեղեցւոյ եւ տեղական իշխանութեան ընտիր ներկայացուցիչներու հետ։ Խորին գոհունակութեամբ կը ստանամ ձեր գնահատգիրը եւ լաւատեսութեամբ կը դիմաւորեմ ապագան՝ միասնաբար մեր ծառայութիւնը շարունակելու համայնքին։

Աղօթարար՝

Տէր Պարթեւ Աւագ քահանայ Գարագաշեան 

8 AUGUST 2025

 PARLIAMENT OF NEW SOUTH WALES

COMMUNITY RECOGNITION STATEMENT

REVEREND FATHER DE BARTEV KARAKASHIAN

Recently, Archpriest Der Bartev Karakashian celebrated 35 years of devoted priesthood in the Armenian Apostolic Church-a milestone deserving of deep respect and celebration. Through faith, wisdom and humility, he has guided generations with unwavering commitment to the spiritual life of our Armenian community. His service has extended beyond the altar-uniting families, offering comfort in times of sorrow and leading with strength and steadiness through times of change and challenge. Der Bartev’s presence is a source of inspiration and strength for so many. I extend my heartfelt congratulations on this remarkable anniversary and thank him for his enduring service and leadership. May his ministry continue to be blessed for many years to come.

Tim James MP Member for Willoughby

Այս առիթով կը վերահրատարկենք Տէր Պարթեւ աւագ քահանայ Գարագաշեանի հետ Տարբերակ21 հարթակի աշխատակիցներէն՝ Շաքէ Մանկասարեանի տարիներ առաջ կատարած հարցազրոյցը անոր 35 տարիներու քահանայութեան ծառայութեան առիթով:

Արժպ. Տ. Պարթեւ Աւագ քահանայ Գարագաշեան ծնած է Պոլիս: Իր պոլսահայ ծնողքը՝ Հայկարամ եւ Զարուհի Գարագաշեաններու նախորդող սերունդները եղած են նոյնպէս պոլսահայեր: Պոլսոյ մէջ, Տէր հայրը կը հանդիպի իր կեանքի ընկերոջ Օրիորդ Վերգին Ծաղիկեանին, որուն հետ կնքած ամուսնութենէն (2 Նոյեմբեր 1969) կը բախտաւորուի երկու դուստրերով՝ Լուսի եւ Զարուհի եւ երեք թոռներով: Տէր Պարթեւ Գարագաշեան աւազանի անունով  Յակոբ, 25 Դեկտեմբեր 2025-ին պիտի տօնէ իր ծննդեան 84-ամեակը: Հակառակ իր թոշակի տարիքին, ան ցայսօր կը ծառայէ Աւստրալիոյ, Սիտնի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ որպէս հովիւ:

– Սկսելով մեր զրոյցը, պիտի խնդրէի Տէր Պարթեւ պատմէք ձեր յաճախած վարժարանին մասին:

Յաճախած եմ Էսայեան Վարժարանը, որ հիմնուած է 1895-ին, Յովհաննէս  եւ Մկրտիչ Էսայեան եղբարներու կողմէ ու անուանած են Էսայեան վարժարան, որ կը գտնուի Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասը, Մէշէլիք փողոց թիւ 24:  Այստեղ նշեմ, որ վարժարանի բակին տարածքին կառուցուած է նաեւ եկեղեցի, 1895 ին, Պոլսոյ պատրիարք Մատթէոս Իզմիրլեանի օրով  ու անուանուած է «Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի», այն պայմանաւ որ թաղում չի կատարուի, այլ միայն պսակ ու մկրտութեան խորհուրդները, շաբաթ երեկոյ՝ ժամերգութիւն ու Կիրակի՝ Ս. Պատարագ:

Ընդհանուր գիծերու մէջ, պիտի ուզէի յիշել, որ վարժարան յաճախած տարիներուս՝ 1948 – 1956, մանկապարտէզեն մինչեւ նախակրթարանի աւարտը Օրիորդ Հերմինէ Գալուստեանի  տնօրէնութեան շրջանն էր, եւ կը դասաւանդուէր՝ Կրօն, Հայոց Պատմութիւն, Գրականութիւն, Անգլերէն կամ ֆրանսերէն, Աշխարհագիտութիւն (geography), Թուաբանութիւն, երգ եւ գծագրութիւն, մարզանք:  Իսկ մենք աշակերտներս, ամէն առտու անպայման նախ եկեղեցի կը մտնէինք մոմ վառելու, մանաւանդ քննութիւն յանձնելու օրերուն:

Հոս կ’ուզէի պատմել իմ աշակերտական օրերու յուշերէս մին. եկեղեցւոյ արարողութիւնները ինչպէս ըսի շաբաթ եւ կիրակի օրերուն էր, այնուամենայնիւ հարսանեկան պսակներ եղած են նաեւ շաբթուայ ընթացքին, մինչ մենք մեր դասարաններուն մէջ, յանկարծ կը լսեմ  իմ ուսուցչուհիիս ձայնը պարտէզի կողմէն, «Յակոբ Գարագաշ արագ իջիր եկեղեցի» …որ պսակի արարողութեան մոմ բռնեմ …:

– Տէր Պարթեւ խօսինք եկեղեցւոյ մէջ ձեր ծառայութեան սկզբնական տարիներուն մասին:

Ես եօթը տարեկան էի, երբ մեծ մայրիկս զիս եկեղեցի տարած եւ յանձնած է դպրապետին, ըսելով` որ «միսը քեզի, ոսկորը ինծի»: Հոս նշեմ նաեւ, որ իմ մեծ մայրս, մօրեղբայրս, մայրս ու մօրաքոյրս բոլորն ալ դպիր ու դպրուհի եղած ենք 3 սերունդ:

20 Դեկտեմբեր 1964-ին, Տ. Շնորհք Սրբազան Արքեպիսկոպոս Գալուստեանի ձեռամբ  ստացած եմ դպրութեան 4 աստիճան, 31 Յուլիս 1966-ին, ընկալեալ է հրաման ուրար կրելոյ ի ձեռանէ  Տ. Շնորհք Սրբազան Արք.  Գալուստեանի:

29 Սեպտեմբեր 1985-ին, Թուրքիոյ Հայոց Արժանաընտիր Հոգեւոր Պետ՝ ամենապատիւ Տ. Շնորհք Սրբազան Պատրիարք Հօր հրամանաւ ստացայ սարկաւագութեան սուրբ աստիճանը Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Հայց.  Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի, ծառայեցի Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ:  Եւ նոյն տարին, մենք մեր ընտանիքի անդամներով փոխադրուեցանք Աւստրալիա:

– Այսօր 40 տարիներէ ի վեր դուք հաստատուած էք Աւստրալիա, խօսինք ձեր եկեղեցւոյ շարունակուող ծառայութեան մասին:

Մինչեւ իմ վերջնական Աւստրալիա հաստատուիլս Հոկտեմբեր 1985-ին, Աւստրալիա այցելած էի Դեկտեմբեր 1979-ին արձակուրդի եւ երկիրը ուսումնասիրելու նպատակով եւ 1980-ի Ս. Ծնունդի տաղաւարի Ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագի մասնակից եղած եմ: Այդ ժամանակ Գարեգին Արքեպս. Գազանճեան Առաջնորդն էր, Աղան վարդապետ Պալիօզեան փոխանորդ ու Արամայիս Միրզոեան Հոգեւոր Հովիւ:

Երբ տեղափոխուեցանք Սիտնի, այցելեցի առաջնորդարան այդ ժամանակ Աղան Եպսկոպոս Առաջնորդն էր Աւտրալիայի ու Նոր Զելանտայի, իսկ հոգեւոր հովիւներն էին Տ. Նորայր Քհնյ. Բաթանեանն ու Տ. Արամայիս Աւագ Քհնյ.Միրզայեանը:

– Տէր Պարթեւ այս տարի ձեր քահանայ ձեռնադրութեան 35-րդ տարին է, խնդրեմ պատմեցէք ձեր քահանայ ձեռնադրուելու մասին, ո՞վ էր ձեզ ձեռնադրողը: Ո՞ր թուականին արժանացած էք Լանջախաչ ու Ծաղկեայ Փիլոն կրելու պատիւին, իսկ վերջերս ալ արժանացաք Աւագ Քահանայ պատուին:

Աղան Արք. եպիսկոպոս զիս արժանի տեսաւ քահանայական կոչումին եւ ծառայելու Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ՝ Սիտնի, ուր Հոգելոյս Տ. Աղան Արք. Պալիօզեանի ձեռամբ ձեռնադրուեցայ  ամուսնացեալ քահանայ 15 Յուլիս 1990ին, որպէս Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ օգնական հովիւ` վերանուանուելով Պարթեւ Քահանայ:

13 Սեպտեմբեր 1966-ին,  արժանացած եմ Լանջախաչի՝ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոցի օրհնութեամբ,  6 Յուլիս 2003-ին՝  Ծաղկեայ Փիլոն կրելու պատիւին,  իսկ 8 Սեպտեմբեր 2020-ին՝ Աւագ քահանայի պատիւին՝ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արք Նաճարեանի խնդրանքով եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոցի օրհնութեամբ:

– Այս Ի՜նչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն պիտի ըսէի, որ ձե՛ր ծառայութիւնը եղած է Պոլսոյ եւ Սիտնիի մէջ Սուրբ Յարութիւն անուններով կոչուած եկեղեցիներուն մէջ: Այսօր համացանցի շնորհիւ, կը հետեւինք եկեղեցւոյ Ս. Պատարագներուն, բայց պիտի ուզէի անդրադառնանք, որ դուք տարիներ շարունակ, որպէս պատարագիչ քահանայ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէք ո՛չ միայն Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ, այլեւ Աւստրալիոյ շրջաններուն մէջ, նաեւ երկրէն դուրս՝ փոքրաթիւ հայ գաղութ Սինկափուրի մէջ, խնդրեմ պատմեցէք Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ հիմնադրութեան մասին :

Հոս ըսեմ, որ 1980-ականներու վերջաւորութեան, Սիտնիի արեւմտեան շրջանի բնակուող հայերուն թիւը սկսաւ աճիլ: Պատահեցաւ որ 1993-ին հանդիպումներ ունենամ այդ շրջանի հայերուն հետ, որոնք ծուխ ստեղծելու փափաքով ըսին.-«Տէր Հայր, մենք ալ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ ենք, մեզի մոռցած էք …»:  Այդ օրերուն Առաջնորդ Աղան Սրբազան հայրը արտասահման պիտի մեկնէր եւ  Սրբազան հօր ըսի վերադարձին կը խօսինք եւ այսպէս անմիջապէս իր վերադարձին, ուշադրութեանը  յանձնեցի ըսելով՝  որ եկեղեցի մը վարձենք այդ շրջանէն, եւ գոնէ ամիսը մէկ անգամ Ս. Պատարագ մատուցանենք: Այդպէս ալ եղաւ եւ սկսանք  ասորիներուն եկեղեցին վարձել, յետոյ տեղացի կաթոլիկ եկեղեցին, իսկ մենք՝ Տէր Նորայրը եւ անարժանս ամիսը մէկ անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցանէինք :

Տարիներ ետք՝ 2007-ին, եկեղեցի հիմնելու նպատակով շէնք մը գնուեցաւ, 26 Garfield Street, Wentworthville մէջ:  Սակայն, շէնքի վերակառուցման նախագիծը սկսաւ 2012-ի Նոյեմբերին, եւ երկու տարի ետք՝ 2014 թ. Յունուարի 5-ին, Գերշ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանը օծումը կատարեց  «Սուրբ Երրորդութեան» անուանակոչուած եկեղեցւոյ սուրբ խորանին եւ մատուցեց առաջին Սուրբ Պատարագը: Առ այդ ամէն կիրակի կը մատուցուի Ս. Պատարագ:

Հոս ունինք նաեւ Աւստրալիոյ Perth եւ Adelaide քաղաքներուն մէջ փոքրաթիւ հայ համայնքներ, որոնց զանազան առիթներով այցելած, հոգեւոր սնունդ տուած եմ մեր զաւակներուն եւ մատուցած եմ Ս. Պատարագ:

Ինչ կը վերաբերի երկրէն դուրս Ս. Պատարագ մատուցելուս մասին, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի երջանկայիշատակ Առաջնորդ Աղան արք. Պալիօզեանի տնօրինութեամբ մեկնած եմ Սինկափուր 1982-ին եւ 11 Նոյեմբեր 2011-ին, հանդիպելու համար տեղւոյն փոքրաթիւ հայ գաղութին: 12 Նոյեմբերին, հանդիպում ունեցած եմ տեղւոյն հայ համայնքի զաւակներուն հետ, որոնք համախմբուած էին եկեղեցւոյ շրջափակը՝ մասնակցելու դասական երաժշտութեան երեկոյի հրաշալի համերգին, իսկ Կիրակի, 13 Նոյեմբերի առաւօտեան, տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հինաւուրց եկեղեցւոյ մէջ  հնչեցին հայկական Ս. եւ անմահ պատարագի քաղցրահնչիւն բառերը՝ մասնակցութեամբ ներկայ հաւատացեալներուն:

– Տէր Պարթեւ, յատկանշական է, որ դուք բծախնդրութեամբ ու լիովին կը տիրապետէք եկեղեցւոյ բոլոր տաղաւարներու, ժամերգութիւններու, Սուրբ Պատարագի ծիսակատարութեան եւ խորհրդակատարութեան,պիտի ուզէի անդրադառնանք նաեւ ձեր շարականներու երգեցողութեան եւ նօթաներ կարդալու հմտութեան: 

Ինչպէս վերը նշած էի փոքր տարիքէս յաճախած եմ եկեղեցի ու դասաւանդութիւններու մասնակցելով սորված ու տիրապետած եմ եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնը, շարականները ի  մասնաւորի այդ ժամանակուայ Հոգեւոր հովիւ շարականագէտ  ու Նոթաճի պապա Համբարձումի հայկական նոթայի հմուտ  Տէր Շնորհք Քհնյ. Մուրատեանի դասնըթացքներուն մասնակցելով: (Համբարձում  Լիմոնճեան (1768, Կ.Պոլիս – 29 Յունիս, 1839, Կ.Պոլիս) հայ երգահան, երաժշտագէտ,որ կոչուած է նաեւ Նոթաճի պապա Համբարձում):

 – Շնորհակալութիւն Տէր Պարթեւ այս բովանդակալից զրոյցին համար:

Սիրելի Շաքէ, ձեզի ուժ եւ կարողութիւն ու ամենայն բարիք կը մաղթեմ, սիրով ու աղօթքով:

Շնորհակալ եմ շատ: Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձե՛զ Տէր Պարթեւ ձեր 35 տարիներու քահանայութեան ծառայութիւնը եւ կը մաղթեմ, որ Տէրն Աստուած պարգեւէ ձեզ նուիրեալ ծառայութեան երկար տարիներ:

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Լուսին
Լուսին
10 months ago

Շնորհակալութիւն քրոջս՝ Շաքէ Մանկասարեանին այս հարցազրոյցը պատրաստելուն համար: Բարեմաղթութիւններ եւ Շնորհաւորւթիւններ Արժպ. Տ. Պարթեւ Աւագ Քհն Գարագաշեանին:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x