Ո՞վ ինչ կ’ընէ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ

Ո՞վ ինչ կ’ընէ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ։ Այս լուռ պարզութեամբ դրուած հարցումը, խորքին մէջ, հրաւէր մըն է վերատեսութիւն ենթարկելու համայնքային կեանքի կառուցուածքը, նեռարականութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը։ Լիբանանահայ գաղութը արտաքնապէս տակաւին կ’երեւի կենդանի (կենսունակ կ’ուզէինք ըսել) եւ շարժուն (աշխուժ կ’ուզէինք ըսել) համայնք մը, ուր տակաւին կան մշակութային յաճախակի ձեռնարկներ, դպրոցական ամավերջի հանդէսներ, բարեսիրական նախաձեռնութիւններ, ամեակներու նշումներ եւ քաղաքական հռետորութեան առիթներ։ Բայց այս տեսանելի շերտէն անդին, անպատասխան կը մնան հարցումները. Ո՞ւր են տուեալները։ Ո՞վ իսկապէս ներգրաւուած է եւ ո՞վ բացառուած…կամ ո՛վ ո՞ւր եւ այլ ի՞նչ շերտերու մէջ կը գտնուի։

Հասանելի հանրային տուեալներ կամ թափանցիկ տուեալներ գոյութիւն չունին (ե՞րբ եղեր է որ), որոնք կրնան ցոյց տալ, թէ Լիբանանի մէջ ապրող հայերուն ի՞նչ տոկոսը կը մասնակցի համայնքային կեանքին՝ որպէս կամաւոր, արհեստավարժ թէ օգտուող։ Անուղղակի (արդեօ՞ք) տեղեկութիւններ կը նշեն, թէ սահմանափակ թիւով անուններու եւ ծանօթ դէմքերու համեմատաբար նեղ շրջանակ մը կը վարէ գաղութային-համայնքային կեանքը։ Այս անձերը կը կազմեն սերտօրէն կապուած շրջանակ մը, որ կը հետապնդէ միութիւններու, դպրոցներու, եկեղեցիներու, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ ընկերային հաստատութիւններու հիմնական գործունէութիւնը։ Բայց արդեօ՞ք այս սահմանափակ (-ուած) մասնակցութիւնը համայնքային լայն ներգրաւուածութեան մը արտայայտութիւնն է, թէ՞ ան կը մատնանշէ փակ համակարգի մը առկայութիւնը, որ կը դժկամի փոխուելու, զարգանալու, մանաւանդ՝ երիտասարդականանալու: Տակաւին, «համայնք» բառը յաճախ կ’օգտագործուի որպէս նախադրեալ մը. կարծես Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի մէկ, միասնական, ամբողջական հայկական համայնքային ինքնութիւն մը։ Սակայն իրականութեան մէջ, մենք մասնատուած ենք։ Որոշ հաստատութիւններ կը քալեն քաղաքական օրակարգերով, ուրիշներ՝ կրօնական կամ մշակութային պարտադրանքներով։ Մասնակցութիւնը ընդհանրապէս սահմանափակուած է անոնցմով, որոնք արդէն իսկ կապուած են այդ կառոյցներուն՝ բացառելով անկուսակցականները, երիտասարդութիւնը, աշխատաւոր խաւը, արհեստաւորները, ակադեմականները, ընդհանրապէս՝ պատրանաթափերը։

Որո՞նք են որոշում տուողները, եւ ինչպէ՞ս կ’ընտրուին։ Հաշուետու՞ են արդեօք այն մարդոց առջեւ, զորս կը յաւակնին ներկայացնելու։ Իսկ որոնցմէ կը բաղկանա՞յ լուռ մեծամասնութիւնը՝ անոնք, որոնք չեն մասնակցիր ժողովներու, չեն քուէարկեր ներհամայնքային ընտրութիւններու (չկան արդէն), բայց վերջապէս կը կրեն այդ որոշումներուն հետեւանքները։ Օրաթերթային վերնագրերէն եւ յուշահանդէսներէն անդին, յանձնախումբերէն ու ենթայանձնախումբերէն անդին, անհրաժեշտ է (հրատապութիւն է) հարց տալ, թէ այս կառոյցները իսկապէ՞ս կ’արտացոլեն համայնքին ընդհանուր կարիքները, իղձերը եւ ապրած իրականութիւնները։

Ի վերջոյ, այս մէկը ոչ միայն պատասխաններ որոնելու, այլ մեր հարցադրումները նաեւ ձեւափոխելու կոչ մըն է։ Լիբանանի հայ համայնքը միանշանակ զանգուած մը չէ։ Անոր ապագայ կենսունակութիւնը կախեալ է երկխօսութեան, ինքնարժեւորման եւ մասնակցութեան նոր ձեւերու տարածք գտնելու ճիգէն։ Ո՞վ ի՞նչ կ’ընէ այս համայնքին մէջ։ Մինչեւ այս հարցումին չպատասխանենք յստակութեամբ, ազնուութեամբ եւ ներառականութեամբ, պիտի շարունակենք ձեւը շփոթել բովանդակութեան հետ, եւ աւանդը գերադասել ներկայի եւ ապագայի լիարժէք կեանքին։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Վարդան Գաբրիէլեան

Ճիշտ հարցադրումներ մեր համայնքային կեանքի ապագայ ձեւաւորման համար։
վստահ եմ որ համայնքի ղեկավարները եւս կը մտածեն համանքի տարբեր մասնիկներու ու սերունդներու ներուժի բացայայտման ու ներգործութեան ուղղութեամբ։ Առնուազն կը ներշնչուին այս յօրուածէն։

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x