Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ, գա՜յլ, գա՜յլ ո՞ւր ես դուն..

Լենա Պօղոսեան

Մէկ, երկու, երեք, չորս,… փու-փու-փու վրադ է, կաց, փո՜ւլ, ֆինիշ եւ երբեմն ալ «մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ, գա՜յլ, գա՜յլ ո՞ւր ես դուն…», եւ երկա՜ր է շարքը այն խաղերուն, զորս երբ յիշենք անմիջապէս կը փոխադրուինք դէպի մեր մանկութիւնը: Ասոնք էին մեզմէ շատերուն մանկութեան թաղային խաղերը: Իսկ եթէ պատահէր որ քանի մը տարեցներ աղմուկէն գանգատելով դիմէին քահանային կամ թաղապետին, անոնք կը պատասխանէին, «այս փոքրերը մեր օրհնութիւններն են եւ մեր գոյատեւման գրաւականը, պէտք է զանոնք գրկենք եւ ոչ թէ քշենք դէպի օտար թաղեր»:

Դպրոցէն տուն վերադարձիդ, բախտաւոր էիր եթէ շատ դաս չունենայիր, այլապէս դժուար պիտի ըլլար միանալ խաղընկերներուդ, որոնք արդէն քեզմէ առաջ հասած կ’ըլլային փողոց եւ անոնց ձայնը կը ծակէր ականջդ եւ ալ սորվելիքդ խելքդ չէր մտներ: Բարեբախտաբար եւ ընդհանրապէս շատ արագ դասերս սորվելէ ետք, գնդակս առնելով կը միանայի թաղեցի խաղընկերներուս: Թէեւ մեր փողոցը խաղցողները ընդհանրապէս մանչ էին, մէկ-երկու աղջիկ կը միանային անոնց, որոնցմէ մէկը ես էի, սակայն միասին համերաշխութեամբ կը խաղայինք, ըլլա՛յ պարտութեան, ըլլա՛յ յաղթանակի ատեն եւ կը մնայինք թաղեցի, սիրով ու համերաշխ ընկերներ: Դժբախտաբար այսօր կը նուազի թաղերուն մէջ խաղցող պատանիներուն թիւը, մանուկները հասակ կ’առնեն իրենց տուներուն մէջ յաճախ վստահուած ծնողքէն տարբեր խնամողի մը՝ օժտուած այժմէական ելեկտրոնիք խաղերով: Հետեւանքը՝ ոչ-ընկերային մանուկներ եւ անձնակեդրոն նոր սերունդ մը:

Փակագիծ մը բանալով՝ նախ անդրադառնանք խաղի կարեւորութեան՝ մանուկներու եւ պատանիներու բնական ու առողջ զարգացման հոլովոյթին մէջ (ներող եղէք մասնագիտական այս միջամտութեանս)։ Այսօր, համաշխարհայնացման զուգահեռ յառաջացած համացանցի եւ բջիջայինի արագ աճին ազդեցութեան տակ, մանուկները աստիճանաբար կը հեռանան առողջ խաղերու եւ անոնց մթնոլորտին մէջ հասակ առնելու միջավայրէն։ Ցաւօք, վերահսկողութենէ հեռու մնացող համացանցն ու ցանցային խաղերը կը ներթափանցեն մեր երեխաներու կեանքին՝ նոյնիսկ ապահով նկատուած անոնց տուներու եւ դպրոցներու միջավայրին մէջ։ Հին ժամանակներէն ի վեր, մանկավարժեր կ’ընդգծեն խաղին կարեւորութիւնը մանուկին առողջ զարգացման համար։ Բաւական է նշել անունը մանկապարտէզի հիմնադիր Ֆրիտրիք Ֆրէպէլի (Friedrich Fröbel, 1782 – 1852), որուն համաձայն խաղը մանուկին ուսուցման եւ ինքնարտայայտման էական միջոցներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Իսկ Մարիա Մոնթեսորի (Maria Montessori,1870 – 1952) խաղը կը նկատէր «երեխային մէկ աշխատանքը»՝ կարեւոր ոչ միայն անոր մտաւոր, այլեւ զգացական զարգացման։ Մինչեւ այսօր գոյութիւն ունին յատուկ դպրոցներ, որոնք կը կրեն Մոնթեսորիի անունը եւ կը հետեւին անոր մանկավարժական սկզբունքներուն ու մեթոտաբանութեան։ Արդի հետազօտութիւնները նաեւ կը հաստատեն, թէ խաղը՝

ա․ կը զարգացնէ ուղեղը, մտածելու կարողութիւնը եւ ստեղծագործականութիւնը։

բ․ կը խթանէ ընկերային հմտութիւններ, ինչպէս՝ ուրիշներու հանդէպ կարեկցանք եւ համագործակցութիւն ընկերներու հետ։

գ․ կ’օգնէ կառավարելու զգացումներն ու յոյզերը, ինչպէս նաեւ կը սորվեցնէ յաղթահարել ընկերային վիճակներ, ինչպէս՝ կարգի սպասել, յարգալիր ըլլալ եւ ուշադիր մտիկ ընել:

դ․ կը բարելաւէ շարժողական հմտութիւնները (հոգեշարժունակութիւնը՝ մտքին եւ մարմնին միջեւ կապը, որ կ’օգնէ սահուն եւ համակարգուած շարժելու) եւ ընդհանրապէս մկանային ու ֆիզիքական առողջութիւնը։

Այսօր շատ մը ծնողներ կը գանգատին, որ երեխան դպրոց կ’երթայ, բան մը չ’ըներ մանկապարտէզին մէջ եւ ժամանակը կ’անցնէ միայն խաղալով: Այս ընդհանրացած արտայայտութիւնը երբեք հիմք չունի, որովհետեւ խաղի միջոցով բազմաթիւ հմտութիւններ կը փոխանցուին երեխային. խաղը երեխան ներգրաւելու միջոցն է: Մանկավարժներ քաջ ծանօթ են «խաղին օրէնքներուն» ու այդ ճամբով մանուկին կը փոխանցեն կարեւոր հմտութիւններ: Մէկ խօսքով, խաղը կը հանդիսանայ անոնց աշխարհէն ներս թափանցելու բանալին: 

Թաղային մեր խաղերը շատ բաներ սորվեցուցին մեզի: Կը յիշեմ երբ գնդակս կորսուէր բոլորը միասին կը սկսէին փտռել զայն: Երբ մէկը արկածով վիրաւորուէր խաղի ատեն, բոլորը վրայ կը հասէին կամ կը փութային օգնութիւն կանչելու: Իսկ երբ պատահէր որ տնեցիները բացակայ են, անկարելի էր որ ընկերներդ քեզ առանձին ձգէին. միշտ իրենց տան դուռը բանալով պատրաստ էին քեզ ընդունելու եւ շատ անգամ իրենց սեղանակից դարձնելու մինչեւ ծնողքիդ վերադարձը: Թաղային մեր խաղերու կողքին, նաեւ ունէինք պատշգամէ պատշգամ իրարու տուն ցատկելու ճկունութիւնը, որ թէեւ վտանգաւոր, սակայն օգնութեան հասնելու ոգին էր, երբ դրացիդ իր տան բանալին կորսնցուցած է կամ տան մէջ մոռցած: Կար նաեւ սովորութիւն մը, որ եթէ մեր ծնողները դրացիներով միասին տեղ մը ունէին երթալիք, օրինակ՝ հիւանդի մը այցելութիւն կամ ցաւակցութիւն, մեր բոլորը կը հաւաքէին մէկ հոգիի տան մէջ եւ ընկերներուն ամենէն մեծը կը նշանակէին հսկիչ: Մենք այս պարագային ալ ունէիք յատուկ խաղ մը, որ կը կոչուէր պահուած առարկայ փնտռել, ուր մենք միասնաբար կը պահէինք որոշուած առարկայ մը, իսկ մէկ հոգի կը ստանձնէր զայն փնտռելու պատականութիւնը: Պատահեցաւ որ մեր հսկիչին ձեռքի ոսկի մատանին պիտի պահէինք, եւ երբ ան անմիջապէս աչքը բացաւ փնտռելու պահուած առարկան՝ մեծ քոյրս արագ ու ճկուն շարժումով մը իր բերնին մէջ փորձեց պահել մատնին, բայց այդ արագ շարժումը վերջ գտաւ մատանին կուլ տալով. կարծեմ մինչեւ այսօր այդ պահուած առարկան կը փնտռենք ու կը փնտռենք նաեւ մեր մանկութեան անմեղ խաղերը:

Գիշերը արտօնուած չէր տունէն դուրս խաղալը: Անոր ալ ճարը գտած էինք եւ թուղթի վրայ «անուն, բոյս, առարկայ» կը խաղայինք: Այս շատ պարզ խաղը մեզի սորվեցուցած էր արագ մտաբերել մեծ թիւով անուններ եւ անոնք հայերէնով ճիշդ գրել: Թէրեւս մեզմէ շատեր պարզ խաղ մը կը նկատէին զայն, բայց ան որոշ հմտութիւններ կը զարգացնէր: Դժբախտաբար, այս օրերուն մեր պատանիները համակարգիչին դիմաց նստած կամ իրենց հեռաձայնին միջոցով հասած խաղերով կամ կարճ տեսանիւթերով կ’անցնեն իրենց կեանքի ամենէն կարեւոր շրջանը, եւ իրենք զիրենք հեռու կը պահեն շատ մը անհրաժեշտ հմտութիւններէ:

Շատ անգամ ունեցած ենք թաղեցի ոչ-հայ խաղընկերներ, որոնց միջոցով սորված ենք արաբերէն եւ անոնց փոխանցած մեր լեզուն եւ մեր սովորութիւններէն, օրինակ՝ հայկական ճաշեր:

Պուրճ Համմուտի թաղերը հարուստ են կատուներով, ինչպէս եւ ամբողջ Լիբանանը: Այդ կատուներուն անգամ հոգ կը տանէինք եւ զանոնք կը կերակրէինք. անկարելի էր անօթի մլաւող կատուն այդպէս ձգել: Շատ անգամ իմ ճաշէս խնայելով անոնց բաժին հանած եմ: Երբ մայրս անդադար՝ կը խրատէր, որ շատ չմօտենանք փողոցի կատուներուն, բայց հոգ տանելու, կարեկցելու զգացումը արմատացած էր մեր մէջ եւ անկարելի էր թաղին անասուններն անգամ անտեսել:

Խաղալ եւ կարեկցիլ….

Մինչեւ այսօր կը յիշեմ երբ մեր թաղի կատուներէն մէկը խնամելս պատճառ դարձաւ, որ ան իր ձագերը մեր տունը ձգէ եւ ես ստիպեցի տնեցիները զանոնք մեծցնելէ ետք ապահով տուներու մէջ վստահելի ընտանիքներու յանձնել: Իսկ եթէ պատահէր, որ մեր տունը բերած ճուտիկներէն մէկը մեռնէր՝ անոր համար ալ յարմար յուղարկաւրութիւն կը սարքէինք եւ զայն թաղելու տեղ կ’որոշէինք, եւ այդ պատճառով Տէրունական աղօթքը շատ լաւ սորված էինք ու մահուան գաղափարը կը հասկնայինք մեր տարիքին չափով. հաշտ կ’ապրէինք եւ կը շարունակէինք մեր խաղերը:

Այո՛, մեր թաղային մանկութեան խաղերը շատ պարզ էին, սակայն զանոնք մինչեւ այսօր կը յիշենք, եւ վստա՛հ եղէք, անոնց միջոցով ձեռք ձգած մեր հմտութիւնները ո՛չ մէկ դպրոց կամ համալսարան կրնայ փոխանցել:

Լենա Պօղոսեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x