ՅՈՅՍԻ ԼՈՅՍԸ

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ

Մթնշաղը յուշիկ –յուշիկ կը սահի,
Ծիրանագոյն ուլունքներ կը ցանէ շուրջբոլոր,
Ծովն ալ կը հագուի շապիկ շառագոյն,
Ու մեղմիկ ծփանքով մը կը հառաչէ։

Բնութիւնը ծաղկահունչ ճաճանչով կը ժպտի,
Զեփիւռ մը նազանքով՝ կը շշնջայ ականջին,
Ինչե՜ր պահած ես վաղուան գողտրիկ,
Յոյսեր, խինդեր՝ նոր արեւու գիրկին մէջ։

Գիշերուան անձայն խորութեան մէջ,
Յոյսեր կը շնչեն ու հոգիի թռթռիւն,
Քակէ՛ սրտիդ շղթաները՝ հին, ամուր,
Թող առաւօտը ներս սահի, թարմութեամբ մը բուրող։

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x