Բա՛ւ է մեր ապագան յանձնել ուրիշներու. Ժամանակն է Հայաստանը դարձնելու երկիր

Շնորհաւո՜ր ըլլայ, սիրելի՛ հայրենակից: Հայ Ազատագրական Առասպելը կրկին նոր հերոս մը ունի` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները: Եւ այժմ մենք կրկին, ազգովին փառք կու տանք հայոց դիւրահաւատութեան ու միամտութեան աստուծոյ, որ մեր յաջորդ փրկիչը եկած է մեզ փրկելու: Մենք այս անգամ ալ վստահ ենք, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ, որ այս անգամ տարբեր պիտի ըլլայ․․․ 

Օգոստոսի 8-ի համաձայնագիրը ամբողջ հայութիւնը անգամ մը եւս ալեկոծեց ու կարծիքները հիմնականօրէն երկու տեսակ էին: Կարծիք մը հայութեան փրկութիւն կը տեսնէ, միւսներուն կարծիքով՝ հայոց թրքացման եւ կործանման գրաւականը: Ինչպէս միշտ՝ ծայրայեղութենէ ծայրայեղութիւն: Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կատարուող ամէն բան ծայրայեղութիւն է, հայուն կեանքին մէջ միջին չկայ:

Բայց մէկ կողմ ձգենք քաղաքականութիւնը: Ան ապերախտ գործ մըն է: Աւելի լաւ է կեդրոնանանք հարցի մը վրայ, զոր շօշափելու քիչ հնարաւորութիւն կ’ունենանք, քանի որ խաղաղութիւն ըսուածը հազուադէպօրէն կ’այցելէ մեզի: Ու նաեւ տխուր է այն, որ այս խաղաղութիւնը (եթէ անշուշտ ան առհասարակ հնարաւոր է) ոչ թէ հայոց ձեռքբերումն է, այլ մեծերուն տնտեսական շահը, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը սպառնալիք չի նկատուիր: Մնացեալը ալ գեղարուեստական ճառեր են, հաճելի բառեր, որ ի վերջոյ խաղաղութիւն կը հաստատուի ու մենք կ’ապրինք ուրախ, երջանիկ, առատ օրեր կ’ունենանք եւ այլն:

Հիմա եկէք հասկնանք հիմնական կէտ մը: Եթէ խաղաղութիւն հաստատուի ու ռուսական կայսերական ազդեցութիւնն ալ վերանայ կամ թուլանայ, արդեօ՞ք այդ կը նշանակէ, որ մենք ռուսական թոշակէն կ’անցնինք ամերիկեան նպաստի: Արդեօ՞ք այդ կը նշանակէ, որ եթէ մինչեւ հիմա ապրած ենք մեր յոյսերը ռուսերուն վրայ դրած, հիմա ալ պիտի ապրինք ամերիկացիներու յոյսով: Չէ, սխալ չհասկնաք: Խաղաղութիւնը աստուածային պարգեւ է մեզի համար, պարզապէս հարց կը յառաջանայ, թէ մենք՝ հայերս մեզ ո՞ւր կը տեղաւորենք այդ խաղաղութեան մէջ: Արեւմտամէտ բազմաթիւ գործիչներ կը նշեն, որ խաղաղութիւնը անքննարկելի է, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ է Միացեալ նահանգները եւ ո՞վ կը համարձակի ամերիկացիները խանգարել կամ անոնց վրայ յարձակիլ: Ու ահա այդպէս ալ կը վերջանայ ամէն ինչ: Ու այս ամերիկեան ինքնավստահութիւնը ինծի կը յիշեցնէ ռուսական ինքնավստահութիւնը: Դեռ քանի մը տարի առաջ հայերը ողջ աշխարհին ու իրենք իրենց կոկորդները պատռելով կ’ապացուցէին, որ ռուսերուն համար Հայաստանն ու Արցախը կարեւոր են եւ որ ատրպէյճանցիները երբեք պիտի չհամարձակին ռուսերուն վրայ յարձակելու, ու քանի որ ռուսերն ալ Արցախն ու Հայաստանը կը պաշտպանեն, ապա մեր վրայ ալ չեն յարձակիր: Ձեւով մը այդ բոլորը ճիշդ էր, ատրպէյճանցիները ռուսերուն վրայ չյարձակեցան, այլ՝ հայերուն: Հիմա ոչ Արցախը կայ, ոչ ալ ռուսերուն հանդէպ հաւատքը: Հիմա ամերիկացիներու ձեռքով փրկուելու ժամանակն է: Չմոռնանք նաեւ, որ այս տարիներուն ընթացքին մեզ «փրկեցին» նաեւ Ֆրանսան, Գերմանիան, նոյնիսկ Լիւքսեմպուրկը: Իրանը եւս մէյ մը հերոսի դեր կը ստանձնէր, մէյ մը՝ հակահերոսի: Իսկ աւելի հին ժամանակներուն, մենք միշտ յոյս կը գտնէինք ուրիշի մը մէջ ու կը սպասէինք փրկութեան:

Ռուսը փրկե՞ց: Արցախը ո՞ւր է:

Ամերիկան փրկելո՞ւ է:

Ու հիմա, երբ համատարած ցնծութիւն է, որ ամերիկեան աջակցութեամբ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի, հոս հարց կը յառաջանայ, թէ իսկ մենք ի՞նչ պիտի ընենք: Մի՞թէ ամբողջովին մենք զմեզ պիտի յանձնենք ամերիկեան ողորմածութեան: Մի՞թէ ամերիկացիներուն պիտի վստահինք այնպէս, ինչպէս ռուսին: Արդեօ՞ք մենք զմեզ ամբողջովին պիտի յանձնենք ամերիկեան ձեռքին՝ այնպէս, ինչպէս յանձնած ենք ռուսական ձեռքին: Ու արդեօ՞ք վստահ ենք, որ այս անգամ նոյնը չի կրկնուիր:

Իսկ եթէ կրկնուի՞: Կամ այլընտրանքը ի՞նչ է, կը հարցնեն ամէն բանէ զզուած մարդիկ: Մենք բաւարար չափով ուժ չունինք, ու այս ալ մերժե՞նք: Օ՜, ոչ, խօսքը մերժումի մասին չէ, այլ այն վիճակին, որ կրնանք դարձեալ որպէս դատարկապորտեր ելլել անկիւնէ մը ու սկսինք վերստին ապրիլ անհոգ ու եսասէր կեանք մը՝ մեր յոյսը դնելով միայն մէկ Աստուծոյ եւ մէկ Ամերիկայի վրայ։ Եւ ահա «God save America»․․․Վերջին երեսուն տարիներու մեր մեծագոյն յանցանքներէն մէկը եղած է այն, որ ամբողջովին յանձնուած ենք ռուսերուն եւ միշտ վստահ եղած, թէ ռուսերը պիտի պաշտպանեն մեզ։ Այսպէս, փոխանակ զինուորական, տնտեսական եւ կրթական ներուժը մենք մեզի զարգացնելու, բաւարարուած ենք մանր կիրքեր բաւարարելով եւ դեռ հպարտացած, որ աշխարհի երկու գերհզօրութիւններէն մէկը դարձուցած ենք մեր դաշնակիցը ու ան մեզ կը պաշտպանէ: Իսկ հիմա ուրիշ գերհզօրութիւն մը կը խոստանայ ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն, եւ հայկական պատմութեան, մանաւանդ վերջին մէկուկէս դարու քաղաքական մտածողութեան ծանօթ յիշողութիւնս կը վախնայ, որ այս անգամ ալ ամերիկեան առիթը նոյն ագահութեամբ պիտի մսխենք եւ սպասենք նոր ողբերգութեան։

Ու ինչպէս ռուսական հովանաւորութեան 30 տարիներուն մենք ոչինչ ըրինք, այնպէս ալ ամերիկեան հովանաւորութեամբ ապագայ տարիներուն ոչինչ պիտի ընենք: Իսկ եթէ յանկարծ միջանկեալ 2-4 տարի խաղաղութիւն ունենանք, բնաւ անհաւանական չէ, որ այս անգամ ալ մեր ունեցած ամէն ինչը յանձնենք ամերիկացիներուն եւ ստացուածը լափենք մեր փորին վրայ պառկած, մինչեւ որ այդ ալ սպառի եւ մենք այս ու այն կողմ տապալինք՝ տեսնելու, թէ այս անգամ ո՞ւր պիտի խցկուինք։

Իսկ ո՞վ կ’երաշխաւորէ, որ ըսենք հինգ կամ տասը տարի յետոյ (կամ աւելի առաջ) աշխարհի իրավիճակը այնպէս մը պիտի չփոխուի, որ մենք կանգնինք նոր իրադրութեան մը առջեւ, նոր ընտրութեան ու նոր մարտահրաւէրի: Հայաստանը պիտի կարենա՞յ արդեօք այս անգամ իրեն բաժին ինկած խաղաղութիւնը վերածելու զարգացման, կայունացման եւ հզօրացման տարիներու, որ երբ իրավիճակը փոխուի, նորէն չկանգնինք նժարներու վրայ մեր կշիռքը ցոյց տալու, որ գնեն մեզ, այլ փորձենք մենք մեզի իւրայատուկ բան մը դառնալ ու դարձնել: Ու եթէ Ամերիկան պիտի փրկէ, իսկ մենք պառկինք եւ ուտենք, ապա ո՞րն է մեր արժէքը որպէս ժողովուրդ ու պետութիւն: Եթէ Սիւնիքը մերը չըլլայ, այդ տարածքը ուրիշին պատկանի, ուրեմն մենք մեր մէջ միայն զեռո՞ն կը ներկայացնենք: Այդ պարագային, ի՞նչ է ընդհանրապէս մեր գոյութեան իմաստն ու պատճառը։ Իսկ ո՞վ է Հայաստանը առանց Սիւնիքի։ Այդ պարագային կը ծագի աւելի սկեպտիկ հարց մը: Ի՞նչը կը խանգարէ, որ հայերը քշուին այդտեղէն, փոխարէնը բերելու հլու-հնազանդ ինչ որ բանջար ու բոստան մշակող ցեղ մը ու ընել այն, ինչ որ կը պատրաստուին ընելու:

Մենք պիտի կարենա՞նք հայրենադարձութիւն կազմակերպել ու Հայաստանի բնակչութիւնը դարձնել օրինակ 5 միլիոն հոգի: Պիտի կարենա՞նք մեր չորս սահմաններու պաշտպանութեան համար բաւականաչափ զէնք ու զայն գործածել գիտցող զինուոր ունենալ: Պիտի կարենա՞նք պայքարիլ ընկերային չարիքերու դէմ ու Հայաստանի քաղաքացին դարձնել ուժեղ եւ արժանապատիւ մարդ: Պիտի կարենա՞նք պայքարիլ մեր մանրուք ագահութեան դէմ: Եթէ ոչ, ապա մենք պիտի վատնենք այս հնարաւորութիւնը նաեւ, ապա ի՞նչ տարբերութիւն, թէ մեզ քանդողը ռո՞ւսն  է, թէ՞ ամերիկացին, սպանողը թո՞ւրքն  է, թէ՞ ատրպէյճանցին:

Անցեալ երեսուն տարիներուն, մենք տասնեակ առիթներ փախցուցինք։ Մենք մեր ձեռքով դատարկեցինք մեր երկիրը՝ թէ՛ նիւթական աղբիւրներէն, թէ՛ մարդուժէն։ Մենք մեր ձեռքով երկիրը լեցուցինք անգրագիտութեամբ ու մեր յանցաւոր ու պիղծ վարքագիծերը արդարացուցինք Արցախով, որ մենք Արցախ ունինք պաշտպանելու, որ հիմա այլ հարցի ժամանակը չէ: Թէեւ Արցախը ոչ մէկ կապ ունէր երկրով մէկ մոլեգնող կաշառակերութեան, հովանաւորչութեան ու ոճրային մթնոլորտի աճին: Մենք պարզապէս թքած ունէինք Արցախի վրայ ալ, Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ ալ, մենք պարզապէս ըսած ենք, որ ռուսը կը պաշտպանէ ու մեր սահմանները լեցուցած ենք ռուսերով ու հանգիստ քնացած, իսկ երբ պարզուեցաւ, որ ռուսը պաշտպանողը չէ, մենք յիշեցինք ուխտադրժութեան մասին: Իսկ ո՞վ կը խանգարէր մեզի երկիրը դարձնելու երկիր: Ո՞վ մեզ այսքան վախկոտ ու աղքատ կը դարձնէր: Ռո՞ւսը, ամերիկացի՞ն:

Իսկ հիմա, երբ Միացեալ նահանգներու հովանաւորութեամբ խաղաղութիւն հաստատուի (ԵԹԷ), ու մենք նորէն շարունակենք թանի կարասին մէջ ինկած ճանճի նման երանաբար լողալ ու ըսել, որ «ամերիկան կը պաշտպանէ», ապա, գրողը տանի ամէն բան աշխարհի մէջ. մենք անիծեալ ենք մեր անհոգութեան ու պղերգութեան համար: Եթէ այս անգամ ալ մենք այս արնագին խաղաղութիւնը, որ մեզի բաժին պիտի ելլէ Արցախի ու քանի մը հազար հայ տղոց կեանքին գնով, պիտի ուտենք ու նորէն ժամանակը վատնենք միայն մեր փչակները կառուցելով, ապա Աստուած վկա՛յ, որ մենք ոչ թէ խաղաղութեան, այլ ապրելո՛ւ արժանի չենք: Եթէ որպէս ժողովուրդ մենք այս անգամ ալ մեր ներքին ախտին առջեւ կանգ չառնենք, ուրեմն մենք արժանի ենք մեզի պատահող ամէն վատ բանի։

Հերի՜ք եղաւ, պիտի ըսեն ոմանք՝ իսկ ի՞նչ է քու առաջարկդ: Բարեկամնե՜ր, իսկ ո՞ր առաջարկը լսած կամ կատարած ենք: Առհասարա՛կ:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x