Featured - Page 8

Հայ ֆեմինիզմին ներողութեան աղերսագրութիւն մը

Իւրաքանչիւր 8 Մարտին, Օսմանեան շրջանի հայ կանանց շարժման մասին զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպուին եւ տարիներու ընթացքին մեծ թիւով գիրքեր ու յօդուածներ լոյս կը տեսնեն. սակայն, ցաւով, եւ իբրեւ «ներողութեան խնդրանքի» առաջին պատճառ, պարտք կը զգամ նշելու, որ անոնց ստեղծագործութիւնները մեծաւ մասամբ կը մնան անոնց կեանքի պատումներու շուքին տակ։

ՄԵՐԻ ԹԵՔ ՏԵՄԻՐ

Երբ Սըր Ֆիլիփ Սիտնին 1580-ին իր «An Apology for Poetry» (Բանաստեղծութեան պաշտպանութիւն մը) քննադատական փորձագրութիւնը գրեց, հրատարակուած յետ մահու՝ 1595-ին, մեկնած էր բանաստեղծութեան թերագնահատուած եւ սխալ մեկնաբանուած ըլլալուն համոզումէն։ Ան չէր պատկերացներ, որ իր ժամանակուան այս զգայացունց ստեղծագործութիւնը դարեր ետք պիտի ծառայէր իբրեւ գրականութեան տեսութեան հիմք։ Այս շաբթուան գրութիւնս վերնագրեցի «An Apology for Armenian Feminism» (Հայ ֆեմինիզմին ներողութեան աղերսագրութիւն մը) ՝ մեկնելով նոյնանման մտահոգութենէ՝ թէ այսօրուան հայկական հասարակութիւնը ֆեմինիզմը չի մեկնաբաներ ըստ արժանւոյն։ Կը յուսամ, որ յօդուածը առ նուազն մեզ մղէ հարցը վերանայելու։ 

Վերջերս, «Արաս» հրատարակչատունը Սրբուհի Տիւսաբի «Մայտա»-ն (1988) հրատարակեց թրքերէն լեզուով, Մարալ Աքթոքմաքեանի թարգմանութեամբ, որպէս մեկնարկ իր նոր «Կին գրողներ» շարքին։ «Մայտա»-ն՝ ոչ միայն Տիւսափի անդրանիկ վէպը, այլեւ՝ արեւմտահայ կանանց գրականութեան սկզբնաւորութիւնը, կը սկսի Սիրա Հանըմէն Մայտային յղուած նամակով մը։ Մայտան ծնողներն ու ամուսինը կորսնցնելէ ետք առանձին կը մնայ իր դստեր հետ։ Վէպը կը ծաւալի նամակներու փոխանակումով։ Նկատի ունենալով, որ այս նամակագրութիւնը կ՚արծարծէ այդ օրերու կանանց վերաբերող բազմաթիւ բացարձակապէս արգիլուած նկատուող նիւթեր, «Մայտա»-ն արմատական գործ կը նկատուէր եւ Պոլսահայ այր գրողներու գերիշխանութեան ենթակայ գրական շրջանակներու մէջ կ՚ենթարկուէր թունդ քննադատութիւններու։ Խորքին մէջ, կնոջ վէպ հրատարակելը ինքնին արմատական քայլ էր այդ ժամանահատուածին համար։ 

Այս առումով, իր օրերու հայրիշխանական կարգին եւ անոր կործանարար քննադատութեան միջեւ՝ «Մայտա»-ն կը դառնար ռահվիրայ գործ մը կին գրողներու եւ մտաւորականներու համար։ Այնուամենայնիւ, կը հաւատամ, որ անհրաժեշտ է այս նիւթին վերանայիլ նաեւ մեր օրերու տեսանկիւնէն եւ քննարկել Օսմանեան շրջանի հայ կանանց շարժումին որքանո՛վ այսօրուան հայ կինը ներշնչել յաջողած կամ ձախողած ըլլալը՝ որովհետեւ համոզուած եմ, որ Օսմանեան շրջանի հայ կանանց շարժումը այսօր կը դիտարկուի թերի մօտեցումով, որ հայրենատենչական հիացմունքէ անդին չ՚երթար։ Բնականաբար, տարիներ շարունակ այս իրավիճակը արգելք հանդիսացաւ, որ արեւմտահայ կանանց գրականութիւնը ընթերցանութեան եւ վերլուծութեան պատշաճ մեթոտներ ձեռք բերէ։ Կին գրողներու ստեղծագործութեան որեւէ քննադատութիւն վարկաբեկում կը նկատուի անոնց ինքնութեան, իսկ արեւմտահայ մշակոյթի եւ գրականութեան աշխատասիրողներու միակ նպատակը՝ անոնց անուններու պաշտպան ըլլալ,– մօտեցում մը, որ կ՚առասպելացնէ զանոնք։ «Մայտա»-ի նախաբանին մէջ, Տիւսափ ինք կը գրէ, որ մտադիր չէ գերազանց կամ յաջողակ վէպ մը գրելու եւ որ իսկական ցանկութիւնը ճշմարտութիւնը արտայայտելն է՝ քաջ գիտնալով, որ վէպը կրնայ քննադատութիւններու դուռ բանալ։ Այսուհանդերձ, Տիւսափին՝ գերազանց վէպ մը գրել չցանկալը պէտք չէ մեզ մղէ չարժեւորելու անոր գործը եւ վերլուծելու ստեղծագործութիւնը։ 

Իւրաքանչիւր 8 Մարտին, Օսմանեան շրջանի հայ կանանց շարժման մասին զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպուին եւ տարիներու ընթացքին մեծ թիւով գիրքեր ու յօդուածներ լոյս կը տեսնեն. սակայն, ցաւով, եւ իբրեւ «ներողութեան խնդրանքի» առաջին պատճառ, պարտք կը զգամ նշելու, որ անոնց ստեղծագործութիւնները մեծաւ մասամբ կը մնան անոնց կեանքի պատումներու շուքին տակ։ Աւելին՝ կարծես Պոլիսէն դուրս ապրող կիներու պայքարը, 1915-էն առաջ թէ՛ ետք, գրեթէ ամբողջութեամբ մոռացութեան ենթարկուեցաւ. ֆեմինիզմի կարծրատիպային պատում մը կառուցուեցաւ լոկ Տիւսափի եւ զինք յաջորդող կին մտաւորականութեան կեանքերու եւ գործունէութեան շուրջ։ Մինչդեռ, երկար անուններու ցանկ մը չթուելու համար, միայն Յակոբ Մնձուրիի կարճ պատմուածքները կարդալով կարելի է շատ բան հետեւցնել գաւառի կիներու կեանքի պայքարի մասին։ 

Երբ Պոլսակայ կին գրողներու գործերը կ՚ուսումնասիրուին, յաճախ անոնք կը դիտուին բաղդատաբար արեւմուտքի իրենց ժամանակակիցներու՝ մասնաւորաբար ֆեմինիզմը ձեւաւորած գրողներու, ինչպէս՝ Պրոնդի քոյրերու եւ Վիրճինիա Ուոլֆի։ Դժբախտաբար այս բաղդատականները կ՚ըլլան միայն կարծրատիպային թեմաներով՝ ընդգծելով, որ հայ կին գրողները արեւմտուքի իրենց ժամանակակիցներէն նուազ կարողութիւններ չունին։ Այս համեմատութիւնը ստեղծագործութիւնը կը դարձնէ հպարտութեան աղբիւր՝ քան քննարկման։ Ես միշտ արժեւորած եմ համեմատական ուսումնասիրութիւններուն կարեւորութիւնը եւ ինքս ալ այս տիպի ուսումնասիրութիւններ կը կատարեմ, սակայն խորքային եւ որակաւոր գրական քննարկումի հասնելու համար առաջնահերթութիւնը պէտք է տալ ստեղծագործութեան։   Երբ այսօր այդ նշանաւոր կին գրողներուն գործերը կը քննուին արդէն դասական ֆեմինիզմի ըմբռնումէն անդին՝ քննական նոր մեթոտներով, Պոլսահայ կին գրողները աշխարհին ծանօթացնելու շարունակուող ջանքերը կը դառնան մեծ անարդարութիւն՝ թէ՛ հայ կիներու գրական ստեղծագործութեան հանդէպ, թէ՛ Պոլսէն դուրս նահանգներու մէջ պայքարած կիներուն նկատմամբ, եւ թէ մեր օրերու ֆեմինիզմի ըմբռնումին հանդէպ։ Այդ իսկ պատճառով ալ այս ամբողջ իրավիճակը արդարապէս կը պահանջէ «ներողութեան աղերսանք»։ 

Եթէ նայենք մեր առօրեայ կեանքին եւ ընտանեկան պատմութիւններուն, հօրենական մեծ մայրս՝ Լուսինը, ծնած է Կեսարիոյ Էվէրէկ գիւղը։ Պսակուելով իրմէ տարեց Անգարահայ Մեսրոպին հետ, փոխադրուած է Անգարա։ Ամուսնոյն մահէն ետք, Լուսին եաեաս իր տան մէջ դերձակութեամբ աշխատելով ոչ միայն բարեկեցիկ կեանքի մը պարգեւած է իր զաւակներուն, այլեւ դրացիներուն սորվեցուցած է արուեստը՝ անոնց ալ հնարաւորութիւն տալով եկամուտի աղբիւր ունենալու։ Այսպէս, ան ստեղծած է փոքրիկ նեցուկի ցանց մը։ Աւելի ուշ, ազգականներուն Անգարայէն ելլելով, ան փոխադրուած է Պոլիս։ Այս պատմութիւնը ընտանիքէս փոքրիկ օրինակ մըն է, այսուհանդերձ «Քով-Քովի»-ի մեր հանդիպումներուն ընթացքին կրկին գիտակցեցանք, որ մեր բոլորիս ընտանեկան անցեալներուն մէջ ալ նման ուժեղ, պայքարող եւ յարգանքի արժանի կիներ գոյութիւն ունին։ Այս պատճառով անգամ մը եւս կ՚ուզեմ շեշտել, որ ֆեմինիստ մօտեցումը չի կրնար սահմանափակուիլ քանի մը կին գրողներու կեանքի պատումներով՝ Օսմանեան շրջանի հայ կիներու շարժում պիտակին տակ։ Այս մօտեցումը ո՛չ հայ ֆեմինիստ մտածողութեան, ոչ ալ Արեւմտահայ գրականութեան համար օգտակար կը գտնեմ։ Այդ իսկ պատճառով կը յուսամ, որ կարելի կ՚ըլլայ հայ ֆեմինիզմը նոր տեսանկիւնէ քննարկել եւ ընթերցել։

(թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան)

Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ

 (Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 12 Հոկտեմբեր 2025-ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)

 Parrhesia Collective-ը կանանց միջազգային խումբ մըն է, որ բաղկացած է արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ աքթիվիստներէ, որոնք կ՚աշխատին լուսանկարչութեան, պարի, շարժանկարի, ընկերաբանութեան, գրականութեան և պատմութեան ոլորտներու մէջ, եւ իր գործունէութիւնը կ՚իրականցնէ ընկերային ցանցերու միջոցով։

Գրախօսական.- Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը

… ԵՒ ԱՍՈՆՑՄԷ ՄԵԾԱԳՈՅՆԸ ՍԷՐՆ Է

Ա Կորնթացիներուն 13։13

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ՝ գրասեղանիս անկիւնը ծուարած գրքերէն ձեռքս վերցուցի երկուքը՝ Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը (այո՛, մի՛ զարմանաք. ութսունն անց գրողը անցեալ տարի հրատարակած է) եւ Հայաստանի «Աստուածաշնչային ընկերութեան» նոր հրատարակութիւնը՝ «Սիրոյ պատմութիւններն Աստուածաշնչում» [Աստուածաշնչային հատուածներու ընտրութիւնը եւ ներածականները՝ Անեգրէթ Փութքամերի, գերմաներէնէն թարգմանութիւնը՝ Տէր Անդրէաս վրդ. Եզեկեանի, խմբագիր եւ սրբագրիչ՝ Լուսինէ Վարդանեան]։

Գրողին սրտառուչ յուշագրութիւնները անմոռանալի օրերու եւ մարդը իսկական մարդ դարձնող աստուածային սիրոյ մասին՝ կը լրացնեն Աստուածաշունչի էջերէն վերցուած ծանօթ եւ ուսանելի սիրային պատմութիւնները:

Տասնամեակներ անց գիրքի էջերուն մէջ կը վերակենդանանայ Հալէպի բակերէն մէկը, ուր կ’ապրին քանի մը հայ  ընտանիքներ։ Կ’ապրին հաշտ, համերաշխ, կը խուսափին մեծ ու փոքր բախումներէն, որովհետեւ կան, կը գործեն բարոյականութեան չգրուած օրէնքներ, սովոր են իրար հետ հաց ու դժուարութիւններ կիսել, միասին կ’ուրախանան ու կը տխրին։

 Այս քիչ թէ շատ երազային պայմաններուն մէջ (գաղտնիք չէ՝ տասնամեակներ անց մեր կեանքի անգամ ամենացաւոտ պահերը «կը ներկուին» այլ երանգներով) կ’ապրէր ուսումնասէր եւ օրինակելի Հայկը, որու ընկերը՝ Տիգրանը, երբեմն-երբեմն իրական ու յօրինուած պատմութիւններ կը պատմէր կիներու մասին, ցոյց կու տար որոշ լուսանկարներ. «Մէկ խօսքով՝ «շուկայի քերականութեան» դասեր …» (27)։

Այդ ամէնը գայթակղիչ էր, բայց շա՜տ-շա՜տ հեռու կը թուէր, քանի դեռ բակի ամենաօրինակելի պատանին՝ Հայկը, չէր դարձած «իր տաք պատանութեան մրրիկներէն ծնունդ առած» գայթակղութեան զոհն ու «անակնկալ դիպուած»-ի (8) հերոսը։  Հիմա՝ գեղեցկուհի Շուշանիկի մերկութիւնը տեսնելէ յետոյ, Հայկը կ’ապրէր այլ աշխարհի մէջ: Գէորգ Պետիկեանը շատ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով կը   ներկայացնէ հերոսներու գաղտնի հանդիպումները, լաւ թաքցուցած ապրումները, ու մեր աչքի առջեւ կը  ծաւալուի շատ սիրուն սիրավէպ մը։          

Վէպէն մի քանի պատկերներով ներկայացնեմ Հայկի եւ Շուշանիկի ապրումները. «Հայկի ուղեղէն հոսող պատկերները մարտ ամսուայ անակնկալ եւ անօրինակ անձրեւի նման կը հոսէին իր հոգիին մէջ» (16), «Ահա նոր վախ մը։ Ամօթ ըսուած բառէն կախուած վախ մը։  Ու այդ վախը հիմա կը կճէր [կծէր] իր սիրտը» (17), «Հայկ երբեք չէր զգացած, որ ճիշդ իր քիթին տակ կամաց-կամաց, օրէ օր մէկը՝ իգական սեռին պատկանող էակ մը, կը մեծնար կամ սկսած էր «հասուննալ» » (25), «Հիմա ինք ունէր իր հերոսուհին։ Իր անձնականը, որ զինք միշտ կը փոխադրէր երազային եւ դրախտային աշխարհ մը» (27) եւ այսպէս շարունակ։

Իրական աշխարհին մէջ կան այլ գործեր, որոնցմէ ամենակարեւորը աւարտական  վկայական ստանալն ու Հայաստանի մէջ բժշկութիւն ուսանիլն են։ Ուսուցիչներու ու քրոջ բծախնդիր հսկողութեան տակ Հայկը հարկադրուած կը հրաժարի Շուշանիկի հետ հանդիպումներէն, կը կարգաւորէ միւս գործերը եւ մի քանի տարիով կը մեկնի Հայաստան՝ բժշկութիւն ուսանելու։

Գէորգ Պետիկեանը հետագայ դէպքերը համառօտ կը ներկայացնէ. երեք տարի անց Շուշանիկը կ’ամուսնանայ Սուրէնի հետ, բայց երջանիկ չէ, իսկ երբ ամուսինը ծանր կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ, պարզապէս  կը յուսահատի:

Պատանեկան երազները վերակենդանանալու, աւելին՝ իրականութիւն դառնալու հեքիաթային զօրութիւն ունին։

Հայկի եւ Շուշանիկի՝ շատ ուշացած, բայց անխուսափելի հանդիպումէն յետոյ կը կատարուի ամենասովորական հրաշքը, եւ հերոսները կը վճռեն ամուսնանալ։

«Հայկ յաղթած էր իր երազին»,– սա սիրավէպի հեղինակի եզրակացութիւնն է։

140 էջանոց այս գիրքին մէջ Գէորգ Պետիկեան կը վերադառնայ իր ծննդավայր Հալէպ՝ «սպիտակ ու հին հեքիաթներու» քաղաք, որ «շատ-շատերու համար պաշտելի գիրք մըն է, որուն մէջ ամէն ինչ գրուած էր մատչելի բառերով» (120)։

Գրողը, ընթերցողին հետ վերապրելով պատանեկան օրերու անմոռանալի յիշատակները, առիթէ առիթ կը խօսի կիներու մասին. «Կիները շուտով կրնան կարդալ այրերու աչքերը։ Այդ անոնց առաւելութիւններէն է» (26), «Կիները այդպէս են. կասկածներէ ու ենթադրութիւններէ ծնունդ առած հազար տեսակ հարցականներ կը մտնեն անոնց ուղեղէն ներս եւ կը խանգարեն անոր հեզասահ վազքն ու ընթացքը» (59), «Շուշան կարծես հասուն կին մը ըլլար։ Ինք չէր կրնար ընդունիլ կեանքը ինչպէս որ էր։ Ինք սիրահար մըն էր՝ նման բոլոր սիրահարներուն՝ անմեղ եւ արդար» (83), «Կիները իրականութեան զաւակն են։ Շատ յաճախ կը նմանին գետերու … Վա՜յ անոնց, որոնք լողալ չեն գիտեր» (107), «Շուշան հասկցող կին մը դարձած էր եւ նման որդեգրում մը շատ դրական նկատած։ Ժողովական։ Ինքզինք կիներով շրջապատած էր ու անհամ ժողովներու մթնոլորտին մէջ նետած», «Տարիներու ընթացքին իր ձեռք ձգած կեանքի փորձառութիւնը իրմէ սկսած էր հեռացնել նոյն կեանքի բարդութեան եւ անորոշութեան գոյներն ու գիծերը։

Նոր աստղի նման փայլուն էր ու երջանիկ։

Ամուսնանալ Հայկի հետ։ Միանալ անոր կեանքին։ Ահա՛ իր պատանութեան՝ հիմա՝ հասուն տարիքին, վերակենդանացած երազը» (141) եւ այլն։

Սիրավէպը կարդալէ յետոյ ընթերցողը կը խորհի կարդացածի ու իր կենսագրութեան ինչ-ինչ դրուագներու, անցածի, կորսնցուցածի եւ ձեռք բերածի մասին, կը խորհի լուսաւոր թախիծով ու շնորհակալութեամբ, որ ապրած եւ զգացած. սա է մեր կարճ, բայց բովանդակութեամբ հարուստ կեանքի բուն իմաստը։

Սա իմ՝ ընթերցողի եզրակացութիւնն է։                                                                                                                                                                                         

«Ի՜նչ լաւ է, որ մեր Աստուած, որ Ինքն իսկ սէր է, սէր պարգեւեց մեզի։ Ի՜նչ լաւ է, որ Ան մեզի մինակ չի թողուր մեր սիրոյ բոլոր դժուարութիւններուն մէջ…»,– աս ալ «Սիրոյ պատմութիւններն Աստուածաշնչում» վերը յիշատակուած գրքի վերջին տողերէն է։

Կարծեմ՝ ամէն ինչ ըսուած է …

Մարգարիտա Խաչատրեան

Երեւան

Տիկին Արեւ Մուտեանի Վիճակը․ կը ճանչնա՞ք զինք

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Արեւմտահայերէնի պահպանման եւ կենսունակութեան շուրջ յառաջացած մարտահրաւէրները աւելի ու աւելի հրատապ դարձած են վերջին տասնամեակին։ Յատկապէս երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 2010-ին արեւմտահայերէնը դասեց «վտանգուած» լեզուներու կարգին, սփիւռքի մէջ անոր ապագան դարձաւ գլխաւոր քննարկման նիւթ: Համայնքային առաջնորդներ, դաստիարակներ, մասնագէտներ եւ ակադեմականներ սկսան միջոցներ եւ ծրագիրներ որոնել  դիմագրաւելու լեզուի անկումը:

Անշուշտ, այս խնդիրը միայն լեզուի կորուստի մասին չէ․ ան մաս կը կազմէ աւելի խորքային առաջադրանքի մը՝ կապուած ինքնութեան պահպանման հրամայականին՝ համաշխարհայնացման, գաղթի եւ ձուլման ճնշումներուն տակ, որոնք շարունակ կը ձեւաւորեն Սփիւռքի հայ իրականութիւնը։

Արեւմտահայերէն խօսողներու նուազող թիւէն բացի, քանի մը այլ գործօններ եւս կը նպաստեն անոր աստիճանական անկման։ Օրինակ՝ հայերէնը սկսած է դադրիլ վարչական գործունէութեան լեզուն ըլլալէ սփիւռքեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու համար:  Նոյնիսկ՝ Լիբանանի մէջ, շատ անգամ ձեռնարկներու յայտարարութիւնը անգլերէն լեզուով կը սփռուի հանրութեան: Շատ տեղեր արեւմտահայերէնը խորհրդանշական դարձած է, որովհետեւ սփիւռքեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կը գործեն երկլեզու ձեւով։ Միեւնոյն ատեն, Արեւմտահայերէն թերթերն ու մամուլը՝ որոնք երկար ատեն սփիւռքի մէջ լեզուական կենսունակութեան հիմնասիւններէն եղած են, օրէ օր կը տկարանան։ Օրաթերթերը ընթերցողներ կը կորսնցնեն, կը տառապին ֆինանսական սահմանափակումներէ եւ բովանդակութիւն արտադրելու հսկայական մարտահրաւէրներէ։ Այսօր, ամբողջ Սփիւռքի մէջ միայն փոքր թիւով Արեւմտահայերէն օրաթերթ եւ շաբաթաթերթ կը շարունակեն հրատարակուիլ, մեծ մասամբ թուային եւ հազուագիւտ տպուած տարբերակով։

Արեւմտահայերէնի այժմու վիճակը եւ «լուծումներու» մօտեցումները պատկերացնելու համար, փորձենք երեւակայել Տիկին Արեւ Մուտեան մը՝ ժամանակին շողուն ու վառ կին մը, որուն զաւակները անվերջ կը վիճին, թէ ինչպէս կրնան խնամել զինք։ Կան տարբեր խումբեր, որոնք կը հոգան կամ մտահոգ են անոր ճակատագրով։

  1. Մաքրակրօնները («Purist-ները»)

Առաջին խումբը կը կազմեն մաքրակրօնները՝ արեւմտահայերէնի ինքնակոչ պաշտպանները, մարտիկներն ու ոստիկանները: Այս մտաւորականները մեծ մասամբ Միջին Արեւելքի սփիւռքեան միջավայրին մէջ թրծուած են։ Անոնք կը տեսնեն իրենց առաքելութիւնը որպէս «սուրբ պարտաւորութիւն» մը՝ պաշտպանելու եւ պահպանելու լեզուն «արեան մինչեւ վերջին կաթիլը»։

Այս խումբին համար Տիկին Արեւին վիճակը չափազանց ծանր է։ Ան կը գտնուի հիւանդանոցի յատուկ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, շնչառական խողովակի մը միացուած, գրեթէ հոգեվարքի մէջ։ Purist-ները կը գանգատին սփիւռքեան հաստատութիւններու անտարբերութենէն, որոնք, ըստ իրենց, ձախողած են զայն «փրկելու»։ Անոնցմէ շատեր կը հաւատան, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ ըլլալ վերջին յոյսը։

Բայց, գնահատելով հանդերձ անոնց մեծ նուիրումը, շատ գործնական լուծումներ չունին։ Դպրոցներու եւ ուսուցիչներու ֆինանսաւորումը — այսինքն՝ «հիւանդանոցն ու բուժքոյրերը» — անբաւարար է։ Անոնց պատասխանը հիմնականին մէջ պաշտպանողական է՝ պահել արեւմտահայերէնը այնպէս ինչպէս որ էր անցեալին, ըստ իրենց պատկերացումին։ Անոնց համար իսկական հայը ան է, որ ամբողջովին կը նմանի Տիկին Արեւին՝ այնպէս ինչպէս եղած էր ան անցեալին՝ անփոփոխ եւ զերծ օտար ազդեցութիւններէ։

  1. «Մտաւորական խմբակը»

Ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կը գտնուի աւելի ազատ եւ լայնախոհ մտաւորական խումբ մը՝ յառաջադէմ, աշխարհիկ, խորապէս կրթուած արեւմտահայերէնի գրական եւ փիլիսոփայական աւանդութեանց մէջ։ Անոնց մտածողութիւնը եւ ուշադրութիւնը յաճախ կը կեդրոնանայ մեր ժամանակներու երկու-երեք մեծ գրական եւ մտաւորական նշանաւոր դէմքերու շուրջ։

Այս խումբին համար Տիկին Արեւը մահամերձ չէ․ ան ուղղակի կը ծերանայ՝ ժամանակի եւ հանգամանքներու ազդեցութեամբ։ Ան հիւանդանոցի կարիք չունի, բայց պէտք ունի նուրբ, սիրառատ խնամքի՝ իր հասուն զաւակներուն ուշադրութեան, որոնք տակաւին տան մէջ կը խօսին իր հետ։

Այս խումբին հեռանկարը վերկենսաւորում է. մշակութային է, ոչ բժշկական։ Անոնք շեշտը կը դնեն գրականութեան, ինքնաքննութեան եւ փիլիսոփայական նորոգութեան վրայ։ Բայց անոնց ազդեցութիւնը կը մնայ նեղ շրջանակներու մէջ՝ հազուադէպօրէն շփուելով մաքրակրօններու կամ այլ յարակից մասնագէտներու հետ։

Նշուած երկու խումբերն ալ, ի վերջոյ, հակադիր խրամատներու մէջ կը գտնուին՝ իւրաքանչիւրը համոզուած թէ ինք միայն գիտէ Տիկին Արեւը փրկելու ձեւը։

  1. Նոր Սերունդը

Այս երկու խումբերուն միջեւ կանգնած է նոր սերունդ մը՝ տարիքով քսանէն երեսուններու միջեւ հայ երիտասարդներ, որոնք կը փորձարկեն նոր ձեւեր՝ կենսունակ պահելու արեւմտահայերէնը։ Անոնք ոչ մաքրակրօն են, ոչ ալ աւանդապաշտ մտաւորականներ։ Անոնց նուիրումը Տիկին Արեւին անկեղծ է, բայց անոնց գործելակերպը՝ ստեղծագործական, երբեմն խաղով ու արդի։

Այս սերունդը իր սէրը լեզուին հանդէպ կը ցուցաբերէ թուային մշակոյթով՝ փոտքասթեր, YouTube ալիքներ, memes, առցանց հարթակներ եւ ընկերային ցանցեր։ Հաստատութենական իշխանութիւն չունին, բայց ունին տեսանելիութիւն, աշխուժութիւն եւ բնազդային գիտակցութիւն, թէ արեւմտահայերէնը պէտք է ապրի այնպէս ինչպէս որ ան է այսօր, ոչ թէ ինչպէս որ եղած էր։

Անոնց համար Տիկին Արեւը մեծ մայր է՝ գուցէ թոյլ, բայց սիրելի։ Ան կարօտ է մտերմութեան աւելի քան պաշտպանութեան, աւելի զրոյցի քան սուգի։ Թէ արդեօք այս սերունդը պիտի կարողանա՞յ երկարաժամկէտ ազդեցութիւն ունենալ կրթական կամ համայնքային կեանքի մէջ՝ տակաւին յստակ չէ։ Բայց անոնց ներկայութիւնը անշուշտ նոր շունչ բերած է արեւմտահայերէնի ոդիսականին։

  1. Ուսուցիչները

Եւ կան ուսուցիչները՝ լեզուի ամենօրեայ պահապանները սփիւռքեան դպրոցներուն մէջ։ Անոնք կը տարբերին բնաւորութեամբ՝ ոմանք խիստ պահպանողներ են, ուրիշներ՝ բաց նորարարութեան։ Շատեր յաճախ կը գտնուին երկմտանքի մէջ՝ մաքրակրօններու պաշտպանողական դիրքին եւ մտաւորականներու մշակութային մօտեցումին միջեւ, եւ միաժամանակ կը փորձեն կապ հաստատել նոր թուային սերունդին հետ։

Վերակենդանացման Քաղաքականութիւնը

Նկատի ունենալով Սփիւռքի աւանդական հաստատութիւններու կողմէ լուրջ ծրագիրներու եւ ֆինանսաւորման պակասը, վերջին տարիներուն Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութիւնը՝ արեւմտահայերէնի ծրագիրներու ամենէն կարեւոր հովանաւորներէն մէկն է եւ մեծ ազդեցութիւն ունի հիմնական հարցերու քննարկումներուն մէջ։ Կիւլպենկեանի տարբեր ծրագիրներու օժանդակութիւնը՝ գրական, թուային կամ մանկավարժական, ձեւաւորած է արեւմտահայերէնի գործնական ուղղութիւն մը։ Բայց եւ այնպէս, ինչպէս որեւէ միջամտութիւն՝ ոչ բոլորը համակարծիք են Կիւլպենկեանի տեսիլքին:  Երբ լեզու մը ճգնաժամի մէջ է, նոյնիսկ բարի մտադրութիւն ունեցող օգնութիւնը կրնայ դառնալ վէճի աղբիւր։

Արեւմտահայերէնի պայքարը միայն քերականութեան կամ բառապաշարի հարց չէ․ ան ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ գոյատեւման խնդիր է։ Տիկին Արեւը տարեց է, բայց ան կենդանի է։ Ան կը շարունակէ ապրիլ՝ թէ ICU-ի մէջ, թէ տունը խնամուող, թէ առցանց ընկերացած։ Ան կը շնչէ դասարաններու, գրականութեան եւ աւելի ու աւելի՝ նոր սերունդի թուային աշխարհին մէջ։

Անոր ապագան կախեալ է ոչ մէկ խումբի «յաղթանակէն», այլ բոլոր ժառանգորդներուն՝ մարտիկներու, մտածողներու եւ երազողներու միասնական ձայնէն, որոնք պէտք է վերագտնեն Տիկին Արեւ Մուտեանին միջոցով «խօսելու» եւ ստեղծագործելու կարողութիւնը։

«Մարդը Աթլանթիսէն». Գեղարուեստական գեղեցկութիւն մը «աղբանոցին» մէջ

Բեմադրիչ՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեան
Բեմադրիչի օգնական եւ բեմավար՝ Փաթիլ Գուլաճեան
Տարազի ձեւաւորում՝ Անի Յովսէփեան
Երաժշտութեան ընտրութիւն՝ Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան

 

Ներկայացումը աւարտելէ ետք, յարգելի բարեկամ մը արդարօրէն ըսաւ. «Գեղարուեստական երեկոյ մըն էր»:

Այս պարզ արտայայտութիւնը լաւագոյնս կ’արտայայտէ այն ամբողջ ոգին, զոր Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը փոխանցէր Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ Վաչէ Ատրունիի «Մարդը Աթլանթիսէն» թատերախաղի ներկայացման առիթով։ Գեղարուեստական էր ամէն ինչ՝ բեմայարդարումը, խաղարկութիւնը, երաժշտութեան ընտրութիւնը, լոյսի խաղերը եւ ներկայացման ամբողջ կշռոյթը։

Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան յաջողած էր Վաչէ Ատրունիի գործը վերածելու բեմական տեսիլքի, ուր պատրանքն ու իրականութիւնը կը խառնուէին, ծիծաղն ու ողբերգութիւնը կը միաձուլուէին՝ փոխանցելով ներքին լարուածութեամբ յագեցած հոգեմտաւոր աշխարհ մը։

Ներկայացումը բացուեցաւ խորհրդանշական ու բացատրական նախաբանով մը։ Թովմաս (Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան, յետոյ՝ Զաւէն Պաաքլինի) բեմէն հանդիսականներուն ուղղելով իր խօսքը՝ audio-visual պատկերներով ներկաները ծանօթացուց կերպարներուն՝ ստեղծելով բեմ-հանդիսատես մտերմիկ կապ մը։ Այսպէս, ան հանդիսատեսը պատրաստեց մուտք գործելու ապսուրտի աշխարհէն ներս, որ քիչ ետք պիտի բացուէր մեր առջեւ։

Ատրունիի «Մարդը Աթլանթիսէն»-ը տեղի կ’ունենայ մոռցուած ու մերժուած վայրի մը՝ Էլ-Տօրատօ կոչուած աղբանոցին մէջ։ Հոն համախմբուած են զանազան պատճառներով ընկերութենէն շպրտուած եւ լքուած ու ճնշուած կերպարներ. իւրաքանչիւրը կ’ապրի իր իսկ ստեղծած պատրանքին մէջ:

Բեմայարդարումը այս մթնոլորտին հարազատ ցոլացումն է։ Հսկայ աղբանոցը՝ կազմուած կերպընկալ տոպրակներէ, տուփերէ, մետաղ աւելցուքներէ եւ գունաւոր կտաւներէ, վերածուած էր կէս իրական, կէս երազային տարածքի։ Այս խճողուած բեմը կը խորհրդանշէր մերժուածութեան աշխարհ մը, ուր մարդոց կեանքը խառնուած է իրենց թափած իրերուն։ Աղբանոցը միաժամանակ ապականութիւն է եւ ապաստան՝ խառնուրդ մը փլուզման ու գոյատեւման։ Լոյսերու նուրբ խաղով եւ բեմադրիչի սիւրիալիսթական հպումով՝ այդ աւերակներուն մէջ ծնունդ կ’առնէր խորհրդանշական գեղեցկութիւն մը, ուր անհեթեթը կը դառնար բանաստեղծական իրականութիւն։

Թովմասը՝ տարեց գիտնական մը, ինքզինք նոյնիսկ Նոպէլեան մրցանակակիր կը կարծէ, փախած է խենթանոցէն եւ կը փորձէ գիւտ մը ամբողջացնել՝ թռչող մեքենայ մը։ Գլարան (Դալար Արսլանեան), վաթսուն տարեկան կին մը, նախկին հաւաքարար, կը հաւատայ, թէ դերասանուհի մըն է եւ որ իր սիրելի Լորանս Օլիվիէն պիտի վերադառնայ։ Փասկալը (Մելիք Պետրոսեան), նախկին բռնցքամարտիկ մը, որ մրցակից մը սպանած է, քաւութիւն կը կը փնտռէ ինքզինք աղբանոցային կեանքի յանձնելով։ Պուզիկը (Անի Պարիկեան), երեսուներեք տարեկան աղջիկ մը՝ դեռ մանուկ հոգիով, կը հաւատայ, թէ իր հայրը թագաւոր մըն է, որ օր մը պիտի վերադառնայ։ Սօլօմանը (Ժան Պէքէրէճեան), կրկէսի մէջ թնդանօթէն արձակուող մարդ մը, որ դժբախտ պատահարով կորսնցուցած է գանկին վերի մասը, կը հաւատայ թէ Աթլանթիսէն է եւ պէտք է վերադառնայ իր կորուսեալ քաղաքը։

Այս բոլոր կերպարները կը բնակին աղբանոցին մէջ, որ իր երկակի իմաստով՝ իբրեւ ֆիզիքական տարածք եւ իբրեւ հոգեբանական խորհրդանիշ, դարձած է անդունդի եզրին գտնուող սահմանային վայր մը, ուր բնակիչները կը հանդիպին ոչ թէ ուրիշին, այլ իրենց մոռցուած եսին։

Յակոբ Տէր Ղուկասեանի թատերական մեկնաբանութիւնը այս գործին՝ նոր շունչ մը տուած էր անոր: Ան թատերախաղի ապսուրտ կառուցուածքին խառնած է սիւրրիալ երանգաւորումներ՝ աւելցնելով երազային խորք մը, որ կը հարստացնէր գործողութեան իմաստային տարածքը։ Երազային պատկերները, անսպասելի լռութիւնները եւ հեգնական շարժումները կը միանային իբրեւ մէկ ամբողջութիւն՝ ստեղծելով մթնոլորտ մը, որ միաժամանակ ծիծաղելի է եւ վախազդու է։ Այս սիւրրիալիսթ շունչն էր, որ հանդիսատեսը կը մղէր կասկածի տակ առնելու իրականութիւնը եւ վերարժեւորելու կերպարներուն խենթութիւնը՝ որպէս գոյատեւելու միակ միջոց։

Ատրունիի այս թատերախաղին բոլոր կերպարները իրենց փրկութիւնը կը փնտռէին խաբկանքներու մէջ․ Թովմասը գիտական ճշմարտութեան, Գլարան փառքի եւ սիրոյ, Փասկալը մեղքի քաւութեան, Պուզիկը մանկական անմեղութեան, իսկ Սօլօմանը՝ կորուսեալ Աթլանթիսի։ Այս փնտռտուքը, անհեթեթիի լեզուով, կը վերածուի համամարդկային ողբերգութեան՝ ցոյց տալով, որ մարդը արարծը յաճախ կը կորսուի անիրագործելի երազներու եւ անկարելի յոյսերու հոլովոյթին մէջ։

Բեմադրութիւնը յատկապէս հարստացած էր երաժշտական ​​կտորներու գեղեցիկ ու տեղին ընտրութեամբ՝ շեշտելով ներկայացման գեղարուեստականութիւնը: Piazzolla-ի Oblivion-ի մելամաղձոտութիւնը եւ Chopin-ի Prelude No. 4-ի խոր ներհայեցողութիւնը կը բանային կարօտի եւ յուզումի շերտ մը։ Prokofiev-ի Dance of the Knights-ը կը բնութագրուէր իր տրամաթիք կշռոյթով մը, որ կ’ընդգծէր ցայտուն հակասութիւն մը, Verdi-ի Requiem-ը կը հնչէր որպէս ներքին ողբերգութեան արձագանգ, իսկ Yann Tiersen-ի La valse d’Amélie-ն կը բերէր քնքշութեան շունչ մը։ John Williams-ի Duel of the Fates-ը կ’եզրափակէր համանուագը հնչիւնային յագեցումով մը, որ կը բարձրացնէր ներկայացման ընդհանրական լարուածութիւնը։ Երաժշտական ստեղծագործութիւններու ընտրութիւնը ոչ միայն կը զարդարէր, այլեւ կը մեկնաբանէր գործողութիւնը՝ թատերախաղը վերածելով հոգեմտաւոր համանուագի մը։

Դերակատարները ամբողջովին կը գործէին որպէս մէկ ներդաշնակ միաւոր՝ սիմֆոնիք նուագախումբի նման, թէեւ իւրաքանչիւր կերպար իր էութեամբ անջատ հերոս (գործիք) էր։ Դալար Արսլանեան Գլարայի կերպարին տուած էր ազնիւ տխրութիւն եւ տրամաթիկ ճշմարտութիւն։ Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան (իր նախաբանով) եւ Զաւէն Պաաքլինի (կերպարին հոգեմտաւոր զարգացումով) ստեղծած էին երկու տարբեր, բայց համահունչ Թովմասներ՝ խենթ գիտնականներ, որոնք միաժամանակ ծիծաղելի են եւ ցաւալի։ Մելիք Պետրոսեան եւ Անի Պարիկեան մարմնաւորած էին Փասկալն ու Պուզիկը՝ սիրոյ եւ մեղքի խառնաշփոթ մը, իսկ Ժան Պէքէրէճեան Սօլօմանին մէջ յաջողած է համադրել մանկական անմեղութիւնը եւ խենթ հաւատքը։ Բոլոր դերակատաները լաւապէս կ’օգտագործէին մայմը՝ դէմքի արտայայտութիւններ եւ ձեռքի շարժումներ, բայց Ժան Պէքէրէճեան յաճախ միայն այդ միջոցով կ’արտայայտէր իր ներքին զգացումները ու կը գրաւէր հանդիսատեսը:

Լոյսի խաղերը նրբօրէն կը շեշտէին կերպարներու հոգեվիճակները, իսկ շարժումներն ու լռութիւնները կը հետեւէին բեմադրիչի խստօրէն կարգաւորուած կշռոյթին։ Գործողութեան բոլոր տարրերը՝ ձայնէն մինչեւ լոյս, համադրուած էին իբրեւ ամբողջական համանուագ մը։

«Մարդը Աթլանթիսէն» միայն թատերական ներկայացում մը չէր․ ան նոր փորձառութիւն մըն էր, որ կը մղէր հանդիսատեսը ոչ միայն դիտելու, այլեւ ունկնդրելու եւ ապրելու՝ գեղարուեստականօրէն հաճոյանալու՝ թատերասէրին պարգեւելով «գեղարուեստական գեղեցիկ երեկոյ մը»:

 

Մուկերու սենեակը եւ մեր երեւակայական բանտերը

1993 դպրոցական տարեշրջանն էր. մեր աւարտական տարին: Այդ ժամանակ 11-րդ դասարանը երկրորդականի վերջին տարին էր. ունէինք երկու բաժանում՝ արուեստից եւ գիտական: Երկու բաժինները միասին ամավերջի հանդէս կ’ունենային, որմէ ետք արուեստից բաժնի մեր դասընկեր- դասընկերուհիները կը բաժնուէին մեզմէ ու դպրոցէն: Իսկ գիտական բաժնի աշակերտները, ինչպէս էր մեր պարագային, սովորաբար բոլորը կ’անցնէին 12-րդ դասարան: Սակայն կը պատահէր որ մեր դասընկերներէն ալ հեռացողներ ըլլային ճամբորդութեան կամ դպրոց փոխելու պատճառով: Երբեմն ալ ուրիշ դպրոցներէ նոր աշակերտներ կը միանային մեր խումբին: Այս երկրորդը աւելի կը պատահէր:

Ամավերջի հանդէսը մեզի համար ցնծութեան օր էր, որովհետեւ գիտէինք որ յաջորդ տարին դարձեալ պիտի հաւաքուէինք մեր նոյն, ջերմ ու մտերմիկ բոյնին մէջ, բայց միւս բաժինի աշակերտներուն համար՝ անոնց ուրախութեան հետ տխրութիւն եւ յուզմունք կը խառնուէր ու անոնց աչքերուն մէջ մերթ ընդ մերթ կը փայլէին արցունքի անմեղ կաթիլներ:

Վերջին զանգը շատոնց արդէն հնչած էր, անմեղ ու զարդարուն երազները հասած էին իրենց աւարտին: Սթափելու ժամն էր եւ ուրախ կանչերը դադրած էին: Պահն էր բաժանումի եւ հեռանալու սրտի ամենամօտ օճախէն՝ մեր մանկութեան թաղի դպրոցէն:

Այսպէս մենք անցանք 12-րդ դասարան: Հոն մեզի միացան չորս նոր աշակերտներ, ու այդպէս մեզի տուին ամենամեծ դասարանը, որ սովորական սենեակ մը չէր. ձմեռը սառնամանիք եւ երբեմն ալ տանիքէն անձրեւին ջուրը կը մտնէր ներս, ու գրատախտակին վրայէն վազելով կը ջնջէր հոն գրուածը. միայն արագ գրի առնողը կը յաջողէր ընդրօրինակել հոն գրուածը եւ բոլոր դասարանին կացութիւնը կը փրկէր: Ամառը ոչ մէկ հովի անցք կար. տաքէն կը թմրէինք եւ երբեմն ալ ուսուցիչին ժամանակին յարմարելու համար՝ ստիպուած տուն մեկնելու ժամը կ’երկարաձգէինք: Մեր խոշոր դասարանը դպրոցի շէնքին վերջին յարկին վրայ էր՝ հաւանօրէն հետագային աւելցուած…

Բայց մեր դասարանը միայն տարբեր չէր սառնամանիքով, անձրեւով եւ տաքով…

Տարբեր էր նաեւ, որովհետեւ այդ պատերէն անդին կար աներեւոյթ կապ մը, որ ագուցած էր մեր հոգիները իրարու ու վերածած հանգոյցի՝ իր մէջ պարփակելով սէր, հաւատարմութիւն եւ բարեկամութիւն: Դարձած էինք մեծ ընտանիք մը, որ հաստաբուն կաղնիի մը նման ուժեղ էր եւ իր արմատները ամուր մխրճած հողին մէջ՝ մեր շատ սիրելի թաղին հայ վարժարանը: Մեր դասարանին իւրաքանչիւր գրասեղանը ունէր իր տէրը, մէկը միւսին տեղը չէր նստեր. բացակայ դասընկերոջ գրասեղանը ազատ կը մնար եւ իր բացակայութեան գրի առնուած նոթերը հոն կը դրուէր: Իւրաքանչիւր գրասեղանի ետեւ նստողը ունէր իր յատուկ փափաքները, ձգտումներն ու ապագայի երազները, իր անձնական պատմութիւնը: Մեր երազները առանձին չէին թէեւ. իւրաքանչիւրս տունէն շալկած դասարան կը բերէր իր ծնողքին փափաքներն ու երազները եւ յաճախ անոնց մտահոգութիւններն ու դժուար պարագաները: Բայց հոն, այդ չորս պատերուն մէջ երբ հաւաքուէինք, ձեւով մը կը յաջողէինք մոռնալ մեր մտահոգութիւնները, կը վստահէինք իրարու եւ կը փարատէին մեր վախերը:

Մենք զիրար լաւ կը ճանչնայինք որքան ալ փորձէինք ծածկել: Կը զգայինք մեր ընկերոջ ցաւը, վախը եւ երբեմն ալ յուսահատութիւնը: Գիտէինք որ Կարոն տունը ձգած է հիւանդ հայրը, Մանուշակը իր որբացած եղբայր-քոյրերուն բեռը, Սեւակը ճամբորդած հօրը կարօտը, Մանոն իր անգործ ծնողքը, իսկ Բիւզանդը իր կորսնցուցած եղբօր սուգը եւ շարքը կ’երկարի:

Բայց ինչպէ՞ս վարուիլ երեւակայական վախերուն հետ:

Կար մեր մանկութեան հռչակաւոր վախը՝ մուկերու սենեակը, որով ոչ միայն մեր մանկութեան ուսուցիչները մեզ կը սպառնային, այլ նաեւ մեր մեծերը, երբեմն ալ դժբախտաբար մեր ծնողները: Բոլորս ալ անցած էինք այդ փորձառութենէն եւ կարծես մեր ենթագիտակցութեան մէջ իր արմատը դրած էր ան. երեւակայական վախերու աղբիւրը՝ ֆոպիաներու սկիզբը: Այո՛, բաւական մեծցած էինք եւ հաստատ գիտէինք, որ այդ երեւակայական մուկերու սենեակ կոչուածը գոյութիւն չունի, բայց ըլլալիքը եղած էր եւ երեւակայական այդ վախը կը հալածէր մեզ ամէն տեղ, ի դէպ առանց ընդհանրացնելու:

Կը կարծէին, թէ այս անհիմն մօտեցումով՝ վախով կարելի է դաստիարակել մանուկը, բայց անոնք կը քանդէին մեծ թիւով պատանիներու ազատ ու անվախ մտածելու ոգին ու զանոնք կը դարձնէին երեւակայական վախերու ստրուկը՝ մօտեցում մը, որ կը քանդէր շատերու փայլուն ապագան:

Այսօր 33 տարի ետք մեր 12-րդ դասարանի աւարտական օրերէն, բախտը բերաւ որ մեծ թիւով մեր դասընկեր-դասընկերուհիներէն զիրար գտնենք ու հանդիպինք, թէեւ մեծաւ մասամբ հեռակայ: Սկսանք վայելել մեր աշակերտական օրերու քաղցր յուշերը՝ նկարներ փոխանակելով, վայրեր եւ ուսուցիչներ յիշելով, սակայն յատկանշական էր երբ վերյիշեցինք մուկերու սենեակը, այդ անիծեալ վայրը, որ մինչեւ այսօր կը հալածէ մեզ:

Դասընկերներէս մէկը պատմեց. «օր մը դպրոց ուշ հասայ եւ չէի ուզեր որ հսկիչը զիս տեսնէ, սակայն իմ չար բախտէս դիմացս ելաւ, իսկ ես պահուըտելու ճիգիս մէջ մտայ «մուկերու սենեակը»՝ այդ դուռէն ներս, որուն բռնակին դպչելու կը վախնայի, սակայն ստիպուած հոն ապաստանեցայ մինչեւ հսկիչին հեռանալը: Սենեակը գրեթէ դատարկ էր, ուր քանի մը աւելորդ ու կոտրուած գրասեղաններ նետուած էին եւ լոյսէ զուրկ: Այդ տասը վայրկեանը կեանքիս ամենէն երկար ժամանակը դարձաւ, կարծես ժամերէ ի վեր հոն եմ, դուրսը օդը ցուրտ էր, բայց ես քրտնած էի կարծես ամռան շոգ օր մըն էր: Շատ լաւ կը յիշեմ որ Հայր Մերը թերեւս յիսուն անգամ աղօթեցի եւ բոլոր մեղքերս խոստովանեցայ: Գիտէր որ այդպիսի սենեակ մը գոյութիւն չունի, բայց եւ այնպէս վախի զգացումը փորագրուած էր էութեանս մէջ»:

Ուրիշ դասընկերուհի մը պատմեց. «ամէն անգամ որ թոռներով մեծհօրս տունը կը հաւաքուէինք եւ աղմուկ բարձրանար, մեծ հայրիկս ու մեծ մայրիկս մեզ հանդարտ պահելու ձեւը գտած էին. անոնք անմիջապէս ցոյց կու տային տան մէջ փակ սենեակի մը դուռը, որ միշտ կղպուած կը մնար, եւ կը սպառնային ըսելով թէ այդ սենեակը մուկերով լեցուն է եւ չարն ու անհնազանդը այդ սենեակը կը դրուին եւ անօթի մուկերուն կեր կը դառնան: Այս լսելով տան մէջ քար լռութիւն կը տիրէր ու ամէն մէկս անկիւն մը կը քաշուէինք, երբեմն ալ քունի կ’անցնէինք մեր նստած տեղերը գամուած ու մեր երազներով կը ճամբորդէինք մուկերու աշխարհը: Նոյնիսկ մեր երազներուն մէջ մուկերը կը տիրապետէին: Տարիներ ետք երբ այդ սենեակը պարպեցինք ու նորոգեցինք տակաւին կասկածով եւ զգուշութեամբ կը մտնէի հոն»:

Այսօր կը ծիծաղինք երբ կը յիշենք այս բոլորը, բայց ուր որ եղած ենք եւ ուր որ չենք կրցած ըլլալ, պատճառը այն վախերն էին, որոնք կը յամենային մեր երեւակայական բանտերուն մէջ՝ ոչ մուկերը, ոչ սենեակները, այլ այն վախը, որ իր շղթաներով կապած էր մեր ազատ հոգիները եւ կործանած շատերու ստեղծագործական ոգին։

Բարեբախտաբար այդ «մուկերու սենեակները» գոցուած են այսօր, բայց երեւակայական բանտերը կան տակաւին ուրիշ ձեւերով` bullying-ով, կարծրատիպերով, խելախօսելու մոլութեամբ եւ…չկայ այլեւս այն ընկերային տաքուկ մթնոլորտը, փոխադարձ վստահութիւնը, զոր ունէինք մեր 12-րդ դասարանի օրերուն…

Իմ դասընկերներուս՝  ԼԱՒ ՄՆԱՑԷ՛Ք…

Լենա Պօղոսեան

 

Ծանօթ: Հոս նշուած անձերու անունները փոխուած են:  

Գրախօսական. Ռուբէն Յովակիմեանի «Մեր օրերի կանչը» գիրքը

Գրախօսականէն առաջ, հոս կը ներառեմ գրող Ռուբէն Յովակիմեանի շնորհակալական նամակը՝ իր նոր գիրքի շնորհահանդէսին առիթով։

ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴէՍ

22 Սեպտեմբեր 25-ին, ժամը 6-ին Լուսինէ Զաքարեան թանգարանի սրահում տեղի ունեցաւ ճարտարագէտգրող Ռուբէն Յովակիմեանի «Մեր օրերի կանչը» նոր գրքի շնորհահանդէսը: Թանգարանի տնօրինուհի Սուսաննա Դաւթեանի բարեհամբոյր բացման խօսքով՝ պարուրուած Նարեկացու աղօթքով եւ Շաքէ Մանկասարեանի վերլուծութեամբ-մեկնաբանութեամբ:

Տեղին է նշել, որ սրահը լեցուն էր հայրենաբնակ ու սփիւռքահայ մտաւորականներով, որոնք իրենց պարտքն էին համարել ուղղակի հաղորդակցուել այդ գրական միջոցառումին:

Երիցս գնահատելի է Շաքէ Մանկասարեանի բարձր մասնագիտական մօտեցումը հեղինակի ներկայացրած մտքերի ու կարծիքների վերլուծման ու մեկնաբանութեան առիթով: Նա կարողացաւ մինչեւ իսկ ոչ միայն ասած, այլ նաեւ հեղինակի չասածը կռահել, էջ առ էջ ծանուցելով անհրաժեշտ հատուածներ, որ ընդունելի էր ներկաների կողմից:

Տեղին է յիշել, որ Շաքէ Մանկասարեանի ելոյթը երբեմն ընդհատւում էր դասական հայ երգերի միջամտութեամբ՝ երաժշտական դպրոցի սաների կատարմամբ, որ հաճելի աղ ու համ էին տալիս մթնոլորտին:

Իր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ բանաստեղծ Թադէոս Եսայեանը:

Վերջում հեռարձակուեց հեղինակի հարցազրոյցի տեսաերիզը Գիւմրիի թղթակից Արշակ Ադամեանի հետ եւ համեստ գինեձօնով աւարտուեց երեկոն:

Այսու մեր շնորհակալութիւնն ու երախտապարտութիւնն ենք յայտնում կազմակերպիչներին ու մասնակիցներին:

Հեղինակ՝ Ռուբէն Յովակիմեան

 Շնորհահանդէսին ներկայ էին պատմաբան Աւետիս Ռազմիկ (Կիպրոս),  բանաստեղծ Թադէոս Եսայեան, պատմաբան, հրապարակագիր Գէորգ Եազճեան, իրաւաբան Կարէն Վասիլեան (Նետերլենտներ), Բժշկուհի Ռոմելա Ալեքսանեան, բանաստեղծուհի Գայանէ Խաչ, ակադեմիկոս Աշոտ Օհանեան եւ Ժիրայր Մշեցի: 

Հեղինակի այս գիրքը անոր 11-րդ հատորն է. լոյս տեսաւ Երեւան, 2025-ի ամռան:

Բժշկուհի Ռոմելա Ալեքսանեան, ակադեմիկոս Աշոտ Օհանեան

Սկսելով գիրքի վերնագրէն, ընթերցելէ ետք զայն, կը հաստատենք, որ հեղինակը ճիշդ ընտրութիւն կատարած է զայն անուանելու «Մեր օրերի կանչը»: Իսկ կողքը, որ ստեղծագործութիւններէն մին է գեղանկարիչ վիգէն Շառոյեանի, իսկապէս արժանի է գնահատանքի, նաեւ՝ հեղինակին արժեւորումով:

Ի՞նչի մասին է այս գիրքը: Ընթերցողները հապճեպ պիտի ուզեն իմանալ բովանդակութեան մասին եւ այդ առումով ալ պիտի զննեն ցանկը, որ կ’ընդգրկէ հեղինակին սրտի խօսքը եւ 41 յօդուածներ:

Տասնամեակներէ ի վեր Ռուբէն Յովակիմեանի համար վարժութիւն դարձած է որպէս պարտականութիւն օրը սկսիլ հայրենի ու սփիւռքի մամուլը կարդալով: Ապա իր քաղաքական համոզումներու պրիսմակէն անցընելով՝ գրի կ’առնէ մեր աւետեաց երկրին առնչուող իրադարձութիւնները, նաեւ՝ աշխարհի տարածքին պատահող ամենօրեայ դէպքերը:

Բոլոր անոնք որոնք լաւ կը ճանչնան Ռուբէն Յովակիմեան հեղինակը եւ կարդացած են անոր յօդուածները կամ գիրքերը, ապա պիտի հաստատեն, որ ան իրազեկ է տեղի ունեցած բոլոր դէպքերուն, որոնք քննադատական եւ վերլուծական նժարի վրայ դնելով՝ ան չի զլանար գրի առնելու զանոնք արթուն ու  հեռատես միտքերով:

Հայաստան ծնած Ռուբէն Յովակիմեան, թէեւ արդէն հինգ տասնեակ տարիներէ ի վեր հաստատուած է Ֆրանսա, ան չի կրնար անտարբեր մնալ հայրենիքը յուզող իրականութիւններուն նկատմամբ:

 Իր «Երկու Խօսք»ն մէջ (էջ 6) կը գրէ.

— «…նման դէպ­քե­րը, ո­րոնք ա­մե­նօ­րեայ ի­րա­կա­նու­թիւն են, չեն կա­րող ո­մանց հա­մար ան­տար­բեր մնալ եւ գրի առ­նուելով՝ դառ­նալ յօ­դո­ւած, ո­րոնց հա­ւա­քը դառ­նում է գիրք, որ սոյն գրքոյ­կի եր­կունք է:

Ռուբէն Յովակիմեան հեղինակը այս եւ իր նախորդ գիրքերուն ընդմէջէն միշտ ալ ընթերցողին առջեւ տեսադաշտ մը բանալով՝ կը ջանայ զայն մղել խորհրդածութեան եւ վերլուծումի, մասնաւորաբար՝ առողջ դատողութեան:

Հեղինակը ընթերցողին կը յուշէ վաղ անցեալի դէպքերը եւ  զանոնք համեմատելով  ներկայ իրավիճակին, իր «Կառավարումն» վերնագրին տակ  (էջ 29) կը գրէ. —

            — «…ընդ­հա­նուր կար­ծիք կայ, թէ Ա­սո­րես­տա­նի ան­կու­մի պատ­ճա­ռը կա­պո­ւած է նրա ղե­կա­վար­նե­րի սխալ քայ­լե­րի եւ գոր­ծու­նէու­թեան հետ: Թե­րեւս կան նաեւ այլ յա­ւե­լեալ պատ­ճառ­ներ, ո­րոնք ան­հա­սա­նե­լի են

«Ա­ներկ­բայ է, թէ ո­րե­ւէ երկ­րի գլխին կանգ­նած ան­ձի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան եւ ան­հա­տա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րի հետ է կա­պո­ւած երկ­րի ներ­կան թէ ա­պա­գան, նրա ա­ռա­ջըն­թա­ցը, բա­րե­կար­գումն ու կոր­ծա­նու­մը»:

 «Ինքնախժռում»  վերնագրին տակ (էջ 56)  հարցական շեշտով կը գրէ. —

            — «Հ­նա­րա­ւոր եր­բե­ւէ ե­ղե՞լ է, թշնա­մի երկր­նե­րի մի­ջեւ խնդիր լու­ծել աղօթ­քով կամ դրօ­շակ ծա­ծա­նե­լովԱնհեթեթութի՞ւն, թէ՞ տխմարութիւն…:

Ռուբէն Յովակիմեանի խօսքի ու գրի դիպուկ արտայայտութիւններէն է  «տխմարութիւն» բառի յաճախակի օգտագործումը:

Հեղինակը խորին ափսոսանք կ’ապրի եւ իր «ԹԵՐՈՒՍՈՒՄՆ» վերնագրին ներքոյ (Էջ 81) կը գրէ.

«Վե­րը նշո­ւած տո­ղե­րը քննա­դա­տու­թիւն չեն, այլ սրտի խոր­քից բխած ափ­սո­սանք, որ դա­րե­րի խոր­քից վե­րած­նո­ւած մեր հայ­րե­նի­քը վե­րա­կա­ռու­ցող­նե­րի մի մա­սը թե­րուս է, տար­րա­կան բա­րո­յա­կա­նու­թեան ու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի կարգ ու կա­նո­նին ան­տե­ղեակ: Ժա­մա­նակն է, որ բո­լոր մա­կար­դա­կի ղե­կա­վար­նե­րը վար­չա­պե­տի հետ միա­ձայն պաշ­տօ­նի նշա­նա­կեն կա­րող եւ ու­նակ ան­ձանց եւ ոչ միայն կու­սակ­ցա­կան­նե­րի: Այդ է իմ յոր­դո­րը հայ­րե­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րին:

 «Իսկապատում» վերնագրին տակ (էջ 93 ) կը գրէ.

— «Եր­բեմն ան­կա­րե­լի է հարց չտալ, թէ ո´րն է մեր հայ­րե­նի թէ սփիւռ­քի ազ­գա­կից­նե­րից ո­մանց մտա­ծող գոր­ծա­րա­նը՝ ու­ղե՞­ղը, թէ՞ ոտ­քե­րը:

— «Մօտ հա­զար տա­րիէ ի վեր է որ մոն­ղոլթա­թա­րա­կան հրո­սակ­նե­րը փա­ռա­ւոր նստել ու վա­յե­լում են ողջ Ա­նա­տո­լիան՝ նե­ղուց­ներն ու ծո­վե­րը, այ­սօր ութ­սուն մի­լիոն բնակ­չու­թեամբ աշ­խար­հի հզօր­նե­րի հետ են մրցում՝ ա­նե­լով ինչ ցան­կա­նում եւ ոնց ցան­կա­նում են, (բա­նը չըն­կա­լել գովք, այլ ողբ թուր­քե­րի նկատ­մամբ): Հայ փրկիչ գոր­ծիչ­նե­րից ո­մանք դեռ յոյս են կա­պում պատ­մա­կան տա­րածք­նե­րի հետ եւ ան­խոնջ քա­րո­զում միաս­նա­կա­նու­թիւնՅուսանք որ շտկուեն՝ յանուն իսկութեան»: 

«Քաոսապատում» վերնագրին տակ (էջ 96) հեղինակը կ’անդրադառնայ բարոյական արժէքներու. —

« Չեմ համարձակւում մտածել, թէ՛  ի սփիւռս աշխարհի, կայ մի անկիւն   ուր վիճակը համեմատաբար քաոսային չէ, երբ ԱՄՆ եւ  Եւրոպան՝ Իսրայէլի աչառու  երեսպաշտ, մարդահաճոյ կամ ծածուկ մասնակցութեամբ, ձեռքձեռքի՝ Թրամփի յաղթանակից յետոյ, խոշոր շերեփով խառնում են  «աշխարհ» կոչուած կաթսայի պարունակութիւնը, ուր բարոյական արժէքների մակարդակը շատ ցածր է»:

Ռուբէն Յովակիմեան  կը խոստովանի որ շատերու նման տարիներու ընթացքին յաճախ մտմտուքի մէջ է եւ  իր «Մտմտուք» վերնագրին տակ (էջ 100) հարց կու տայ.

— «ո՞վ ենք մենք հայերս, մեզ նման փոքր երկիրներու ընդդիմադիր ուժերը եւ նոյն ընկալումը ունին իրենց երկրի պետականութեան նկատմամբ, ի վերջոյ ո՞ր  բարոյական հիմունքներով հայրենիքէն դուրս հաստատուած բազմաթիւ լրագրողներ որոնք հարկ չեն վճառեր ունեն ամէն տեսակ լուտանքներ շպրտել պետականութեան վրայ, որ խնդրի առարկան անձը չէ , այլ երկիրը»:

Պէտք է ընդգծել, որ հեղինակը ոչ մէկ պարագային նպատակ չէ ունեցած  մեղաւոր  գտնելու կամ որեւէ մէկը քննադատելու,  եւ ոչ ալ կոչելու որ մեղաւորը մենք ենք, սակայն իր ներքին պոռթկումը գրչին է տուած:

Իր «Պոռթկում» վերնագրին ներքոյ (էջ 106) կը գրէ.—

— «Մեղաւոր կամ անմեղ փնտռելու նպատակ չունի այս գրութիւնը, այլ հասկանալ մեր հանրութեան որոշ մասի տխմար եւ թերուս մտայնութիւնը երեւոյթների, մանաւանդ ազգի վիճակի որեւէ կացութեանը

Իր պոռթկումին եւ ափսոսանքին հետ հեղինակ Ռուբէն Յովակիմեան կը փորձէ  հասկնալ ու հասկցնել թէ ի՞նչ նախնտրելի քայլերն են որ զերծ կը պահեն ձախող գործարքները:

Օրինակ՝ իր «Պատգամանի» վերնագրին տակ (էջ 104) կ’ընդգծէ. —

— «Հրեաները գովաբանելու համար չէ որ կը յիշենք, այլ որպէս նմուշ հայ միասնականութիւն քարոզողներուն, որ նոյնիսկ թշնամիէն ընդօրինակելի քայլեր կան, որու հետ պէտք չէ մոռնալ որ դէպք չէ եղած երբ հրէաստանի դրօշը ոտնատակ ըլլայ կամ հրկիզուի ծագումով հրեայ որեւէ խմբակցութեան կողմէ որեւէ առիթով»:

 Սա ցոյց կու տայ  թէ ճարտարագէտ գրող Ռուբէն Յովակիմեան նաեւ  քաղաքագիտական վերլուծութիւններ կատարելով  ճարտարագիտութեամբ կը նախագծէ  խնդիրները լուծելու եւ ապագայ երկիրը վարելու ռազմավարութեան հիմքերը: Եւ հեղինակին  յորդորը յստակ է այս տողերուն մէջ. —

— «Կրկ­նեմ, որ միակ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը պէտք գե­րա­կայ լի­նի, որն կա­րող է  միա­ւո­րել եւ ո­րի  կա­րիքն ու­նենք՝ այլ կերպ  մեռ­նե­լու է ազ­գը ա­ռանց հետք թող­նե­լու»:

Եւ իր 41-րդ «ԵԶՐԱՅԱՆԳՈՒՄ» յօդուածին մէջ (էջ 114)  հեղինակը կ’ընդգծէ. —

«Գրելու բուն նպատակը թուղթ մրոտել չէ եղած եւ ոչ ալ պիտի ըլլայ, այլ դրական թէ բացասական երեւոյթներուն մասին պարզ միջոցով արտայայտելու եւ առանց խեղաթիւրելու ինչ որ գաղափարախօսութեան ի նպաստ»:

Ճարտարագէտ եւ գրող Ռուբէն Յովակիմեան, իր կեանքին ընթացքին իրականացուցած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով, անշուշտ արժէքաւոր տեղ մը կը գրաւէ մեր իրականութեան մէջ։ Ինչ բախտաւորութիւն, որ նախապէս ապրելով Խորհրդային Հայաստանի մէջ, հեղինակը առիթը ունեցած է տեսակցելու մեծ վարպետ Մարտիրոս Սարեանի, Գոհար Գասպարեանի եւ Աւետիք Իսահակեանի հետ՝ այլ մեծերու շարքին:

Ռուբէն Յովակիմեանի գործերը կը նկատեմ գիտական եւ վերլուծական ուսումնասիրութիւններ, որովհետեւ անոնք հիմնուած են փաստաթղթային ապացոյցներու վրայ եւ կը լուսաբանեն հայրենիքին պատմական ընթացքը՝ անաչառ դիտողի քննադատական մտածողութեամբ։

Շաքէ Մանկասարեան

 

 

 

Չարլի Քըրքի սպանութիւնը զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ գաղափարախօսական բեւեռացումի նշան

Լիբանանի փոթորկաշունչ քաղաքական կեանքը, մեր մտաւոր մոլորութիւնը՝ առօրեայի տաղտուկին ու վազքին միաձուլուած, յաճախ մեզ կը բաժնէ քաղաքական ՄԵԾ թատերաշխարհէն։ Կ’ենթադրեմ, թէ գիտէք կամ լսած էք Չարլի Քըրքի մասին, ամերիկացի քաղաքական գործիչ եւ հանրային դէմք մը, հիմնադիրը Turning Point USA անունով կազմակերպութեան, որուն նպատակը պահպանողական գաղափարներ տարածել էր համալսարաններու մէջ։

Իմ խելախօսիս մէջ, երբ երբեմն ժամեր կ’անցընէի Instagram-ի ռիլերը (Reels) դիտելով, պատահաբար կը հանդիպէի Չարլի Քըրքի քարոզներուն։ Ռիլ ռիլի ետեւէ, քանի մը վայրկեանները կը վերածուէին կէս ժամի՝ անիմաստ բանավէճերով լեցուն։ Իր չափազանց համոզիչ խօսելաձեւով, իր պահպանողական տափակ բարոյագիտութեամբ, իր աշխարհէն դուրս փիլիսոփայութեամբ եւ մշտական հեգնական ժպիտով՝ ան կը բանավիճէր ազատական երիտասարդ ուսանողներու հետ, զանոնք կը զայրացնէր եւ կը գրաւէր բոլորին ուշադրութիւնը՝ թէ՛ համալսարաններու մէջ եւ թէ՛ ընկերային ցանցերով։

Դժուար էր համաձայնիլ Չարլիի հետ, կամ տրամաբանելու ճիգ ընել զինք հասկնալու։ Ան կը քննադատէր պետական միջամտութիւնը տնտեսութեան մէջ։ Կը հաւատար, թէ երիտասարդ սերունդը պէտք է թրծել պահպանողական արժէքներով, կրօնական համոզումներով, ազգային պատկանելիութեամբ եւ աւանդական ընտանիքի գաղափարներով։ Ան կը շեշտէր ամերիկեան համալսարանական կրթութեան բացասական կողմերը՝ պնդելով, թէ անոնք վերածուած են գաղափարախօսական կեդրոններու, ուր ուսանողները հիմնականօրէն կ՚առաջնորդուին «ազատական» կամ «յառաջադիմական» ուղղութիւններով։

Վերջին տարիներուն, ան կը կարեւորէր քրիստոնէական ազգայնականութեան գաղափարները՝ բացատրելով, թէ Միացեալ Նահանգները հիմնուած է քրիստոնէական արժէքներու վրայ, եւ թէ երկրի հասարակական ու քաղաքական կեանքը պէտք է շարունակէ առաջնորդուիլ Սուրբ Գիրքի սկզբունքներով։ Ճառեր կ’արտասանէր թէ ինչու վիժումը (abortion) ծանր յանցանք մըն է, աններելի բան մը։

Տնտեսական դիտանկիւնէն, ան կը հաւատար, թէ դրամատիրութիւնը մարդուն կու տայ ազատութիւն, անձնական պատասխանատուութիւն, եւ զայն կը նետէ ինքնաճանաչման ասպարէզի մէջ, ուր իւրաքանչիւր անձ իր սեփական ջանքերով եւ շնորհքով կրնայ որոնել ու գտնել իր յաջողութիւնը։

Ան ծայրայեղօրէն կողմանակից էր իսրայէլի՝ յաճախ պնդելով, թէ պաղեստինեան պետութիւն գոյութիւն չունի եւ երիտասարդները կը հրաւիրէր ապացոյցներով փոխելու իրենց կարծիքը։ Որպէս հաւատարիմ կողմնակից Թրամփի՝ ան Իսրայէլը կը ներկայացնէր իբրեւ բարութեան եւ սիրոյ դեսպան, իսկ Պաղեստինի մէջ կատարուող կոտորածներու եւ արիւնահեղութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը բեռցնէր Համասի վրայ։

Կը կազմակերպէր բանավէճեր միասեռականութեան, ցեղապաշտութեան եւ զէնքի սեփականութեան խնդիրներու շուրջ։ Շատ ուրիշ թեմաներ եւ գաղափարախօսութիւններ կը վերածէր բանավէճի առարկայ, «ամերիկեան արժէքներ»ը աւետարանելու, տարածելու նպատակով։

Չարլին, ծայրայեղ աջակողմեան քաղաքական գործիչ մը, սպանուեցաւ 10 սեպտեմբեր 2025-ին Եութա նահանգի Utah Valley համալսարանին մէջ բանավէճի մը ընթացքին։ Գործիչ մը՝ որ կը պայքարէր զէնքի սեփականութեան իրաւունքի եւ գործածելու ազատութեան ի խնդիր, իր մահուամբ կարծէք մարմնաւորեց իր սեփական գաղափարախօսութիւնը։ Երեւոյթ մը՝ որ որոշ ենթադրութիւններու առիթ կը ստեղծէ։ Հանրապետականները, պահպանողականները եւ անոնց կազմակերպութիւնները  անոր սպանութիւնը կը տեսնեն որպէս քաղաքական բռնութիւն եւ ազատ խօսքի դէմ աքթ մը։

Շատեր, որոնք նոյնիսկ թունդ դէմ էին եւ ատելութեամբ լեցուած անոր հանդէպ, մերժեցին սպանութիւնը համարել դրական՝ նշելով, որ վերջապէս ան մարդ է եւ ընտանիքի հայր, եւ արժանի չէ մեռնելու՝ ծայրայեղ կարծիքներ ունենալու պատճառով։ Իսկ ուրիշներ սպանութիւնը վերածեցին խրախճանքի՝ մտածելով թէ Չարլին արժանի էր այս տեսակ ճակատագրի։ Անոր սպանութիւնը վերածուեցաւ խորհրդանշական դէպքի մը, որու շուրջ տարբեր տեսակի բարոյական եւ քաղաքական կարծիքներու տէր մարդիկ դէպքը մեկնաբանեցին ըստ իրենց համոզումներուն եւ գաղափարներուն։

Չարլի Քըրքի յիշատակի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 21 սեպտեմբեր 2025-ին, State Farm Studio-ին մէջ, Glendale, Արիզոնա։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան աւելի քան 90.000 հոգի, որոնց շարքին նախագահ Տոնալտ Թրամփ, փոխնախագահ Ճէյ Տի Վանս, Չարլիի կինը՝ Էրիքա Քըրք։ «Չարլի Քըրք քաջ անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Երիտասարդ ըլլալով հանդերձ, ան ճշմարիտ գործ կատարեց»։ Այս տողերը արտասանեց Տոնալտ Թրամփ, յիշատակի արարողութեան ընթացքին։

Երբեք չէի պատկերացներ, որ մէկը՝ որուն շաբաթը քանի մը անգամ Instagram-ի մէջ կը հանդիպէի եւ կը համարէի աննշան մարդ մը, կրնայ այսքան աղմուկ եւ լարուածութիւն յառաջացնել։ Այս սպանութիւնը կա՛մ պիտի մոռացուի շատ շուտով, կա՛մ ալ դուռ պիտի բանայ երկարատեւ բանավէճերու՝ հակադիր խումբերուն միջեւ։

Պէտք է սպասել եւ տեսնել։

Արթիւր Սվազ

Անցեալի արմատներէն ծնած նոր տեսիլք մը

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան կը ներկայացնէ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի նոր դարու ուղին

 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ արեւմտեան թեմը կը մօտենայ իր հիմնադրութեան հարիւրամեակին։ Այս պատմական հանգրուանին առիթով, թեմը՝ գլխաւորութեամբ բարեջան առաջնորդ Գերշ․ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, սկսած է հեռանկարային «Հաստատութենական Նորարարութեան» (Institutional Innovation) նախաձեռնութիւն մը։ Այս նախաձեռնութեան տնօրէն նշանակուած է ընկերաբան, սփիւռքագէտ, համալսարանի դասախօս Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը:

Վերջերս Դոկտ. Չիլինկիրեանի հետ անգլերէնով կատարուած հարցազրոյց մը՝ ստորագրութեամբ Սերգեյ Արուստամեանի ոչ միայն լոյս կը սփռէ ընդհանուր այս նախաձեռնութեան եւ ցարդ իրականացած քայրելուն վրայ, այլեւ կը կատարէ խորաթափանց անդրադարձ մը եկեղեցւոյ առաքելութեան գոյատեւման ժամանակակից աշխարհին մէջ։

 «Հաստատութենական Նորարարութիւնը» կարգախօս մը չէ, այլ վերանորոգութեան ուղի մը, որուն նպատակն է, կ’ընդգծէ Դոկտ. Չիլինկիրեան, քրիստոնէական հաւատքն ու հայկական ժառանգութիւնը վերածել ապրող փորձառութեան՝ ապրելակերպ մը, որ մարդ չի ժառանգեր միայն, այլ կ՚ապրի զայն, կը կիսէ ուրիշին հետ եւ կը շարունակէ զարգացնել։

 Արեւմտեան Թեմը, որ 1927-էն ի վեր ներգրաւուած է համայնքային, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ, այսօր կանգնած է նոր մարտահրաւէրներու դիմաց՝ ինչպէս ընկերային արմատական փոփոխութիւններ, արհեստագիտութեան սրնթաց յառաջդիմութիւն եւ սերունդներու նոր մտածողութիւն։ Այս բոլորին դիմաց՝ ժառանգութիւնը պէտք է դառնայ շարժման հիմք, ոչ թէ սահման, դիտել կու տայ դոկտ. Չիլինկիրեան:

«Մեր կատարած առաջին քայլերէն մէկը էր՝ թեմին «Առաքելութիւնը, Տեսլականը եւ Արժէքները» սահմանել եւ փորձել եկեղեցին բերել 21-րդ դար», կը բացատրէ Դոկտ. Չիլինկիրեան: Անցեալ տարի եռամսեայ քննարկմուներէ ետք, այսօր մէկ էջի վրայ յստակ ձեւով արտայայտուած է Արեւմտեան թեմի առաքելութիւնը, տեսլականը եւ արժէքները։ Սա ճանապարհի քարտէզն յառաջիկայ տարիներու համար, որ ուղղութիւն պիտի տայ թեմի առաքելութեան:

Հարցազրոյցին արծարծած եւ բնականօրէն նորարարական ծրագրին ամենէն խորքային թեմաներէն մէկը ղեկավարութեան հարցն է։ Արեւմտեան թեմը ունի աւելի քան հազար գործուն ղեկավարներ՝ ծխական եւ թեմական խորհուրդներու անդամներէն մինչեւ սարկաւագներ, դպիրներ, ուսուցիչներ եւ կամաւորներ։ Կարեւոր թիւ ներկայացնող այս ուժը այժմ պէտք է օժտել նոր գիտելիքներով եւ վերակազմակերպել զայն նոր տեսլականով։ Այս առումով, Դոկտ. Չիլինկիրեան կը ներկայացնէ քանի մը հիմնարար ծրագրեր՝ «Ծխական Ղեկավարութեան Վերապատրաստման Ծրագիրը», «Դպիրներու Ղեկավարութեան Ծրագիրը» եւ «Աշխարհականներու Հոգեւոր Ծառայութեան Ծրագիրը»։ Այս նախաձեռնութիւնները սոսկ վարչական վարժողական աշխատանոցներ չեն, այլ կը միտին վերակենսաւորելու ղեկավարութիւնը՝ հաւատքի, ծառայութեան եւ համայնքային տեսլականի շուրջ։ Ան կը շեշտէ, որ ղեկավարութեան վերաթարմացումը պէտք է սկսի ներսէն՝ կրթութեան, գործակցութեան եւ հոգեւոր հասունութեան միջոցով, որ ապա կարենայ ճառագայթել դէպի ծխական եւ համայնքային կեանք։

Արեւմտեան Թեմը մեկնարկած է «Նորարարենք Մեր Ծխական Համայնքը» նախաձեռնութիւնը՝ ուղղուած տեղական եկեղեցիներու եւ ծխական խորհուրդներու վերաշխուժացման։ Նպատակն է իւրաքանչիւր ծուխ վերածել կենդանի հաւատքի եւ մշակոյթի օճախի։ Ֆրեզնոյի, Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանային հանդիպումները արդէն սկսած են խթանել երկխօսութեան եւ փորձառութիւններու փոխանակման մշակոյթ մը։

Հարցազրոյցին մէջ, Դոկտ. Չիլինկիրեան կը ներկայացնէ նաեւ Թեմին վերջին նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ «Նորարարութեան եւ Մամուլի Կեդրոնը» (Innovation and Media Center) առաջնորդարանի շէնքին մէջ, որ պիտի ունենայ արդիական սարքաւորումներ եւ ուսուցման ծրագրեր երիտասարդներու համար։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է Թեմը դարձնել հաղորդակցական կեդրոն մը, ուր նոր սերունդը պիտի սորվի ստեղծել, հաղորդակցիլ, podcast-ներ պատրաստել եւ կիսել իր հաւատքն ու ինքնութիւնը նաեւ թուային միջավայրին մէջ, ուր երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը այսօր կը գտնուի:

Դոկտ. Չիլինկիրեան կը շեշտէ, թէ «Հայ Եկեղեցին չի կրնար քարացած մնալ»։ Նորարարութիւնը այստեղ չի նշանակեր հրաժարիլ աւանդութենէն, այլ՝ կենսաւորել զայն։ Եկեղեցին պէտք է դառնայ ապրող իրականութիւն մը, ներգործող շարժում մը եւ ոչ ծէսերու թանգարան մը։ Այս կոչը ուղղուած է նաեւ համայնքի բոլոր անդամներուն՝ դառնալու հաւատքի եւ ժառանգութեան գիտակից դերակատարներ, ու ոչ միայն կրաւորական ու անուանական ժառանգորդներ։

Հարցազրոյցի աւարտին, դոկտ. Չիլինկիլեան կ’արձագանգէ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տեսլականին՝ «այս ընթացիկ ծրագիր մը չէ, այլ շարժում մը»։ Հետեւաբար, Արեւմտեան Թեմի հարիւրամեակը ոչ միայն կը դառնայ առիթ մը անցեալի յիշատակումին, այլեւ հրաւէր մը ուղղուած ապագային։

Այս իմաստով, Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի ղեկավարութեամբ ընթացող «Հաստատութենական Նորարարութեան» նախաձեռնութիւնը կը դառնայ ռազմավարական մեթոտ մը՝ թէ ինչպէս կրնան հայ եկեղեցական կառոյցները ամբողջ սփիւռքի տարածքին վերանորոգել իրենց առաքելութիւնը՝ մնալով հաւատարիմ աւանդութեան, բայց միաժամանակ անսալով ժամանակի մարտահրաւէրներուն։

 

Անցորդը՝ Կեանքի Երաժշտութեան Մէջ

Մեղեդի մը քնքուշ, անուշ ու հոգեթով,
Կը շոյէ լարերը հոգիին կենսաթռթիռ,
Շունչը կը դառնայ թեթեւ թռիչքի թով,
Եւ կը ցրէ սէր, հրապոյր ու գորով։

Հնչուններով քաղցրաշունչ ու արփալի
Կ՛երգէ տաղ մը արբեցնող ու սիրավառ,
Որ պատրանքի պէս անցողիկ,
կ՛անհետի աղջամուղջին մէջ բոցավառ։

Տարիներու խորքերուն մէջ անցորդը տարակոյս,
Հծծիւն մը կարօտի՝ կը հոսի հոգիին ծերպերէն դուրս,
Որ կը միանայ ծառերու շշուկին մեղմ,
Եւ աշնան տերեւներու սօսափիւնին թեթեւ։

Կեանքի մռայլ ստուերին տակ,
Տերեւներ կը թափին աշնանաշունչ ու ոսկերանգ,
Որ անցորդին դողացող ու թեթեւ քայլերը կը գգուեն,
Եւ փրփրացող յոյսի երգ մը կը հիւսեն։

Չգտայ… Բայց Գտայ

Իբրեւ լոյսի նման ճշմարտութիւն,
Առանձնութիւնս ջերմացնող,
Ժպիտդ միշտ փնտռեցի
Ու չգտայ:

Ու յուշերուս քաղցրութեամբ,
Օրերուս ժամերը լեցնող,
Ամէն օր ձայնդ փնտռեցի
Բայց չգտայ:

Եւ երբ երկիւղած մտքերովս,
Գոյութեանս անկիւններէն լռութիւնդ կը փնտռէի,
Ի՜նչ հրաշք…յանկարծ գտայ քեզ.
Բայց ափսո՜ս, երազներս նոր գոյներ հագած էին:

Դոկտ. Ալին Եագուպեան. Bullying-ը աւերներ կրնայ գործել, ներառեալ՝ անձնասպանութիւն

 

Մեր podcast-ին այսօրուայ հիւրն է դոկտ. Ալին Եագուպեան, որ մասնագէտ է աշխատավայրերու մէջ BULLYING-ի (բռնաւորութեան) երեւոյթի ուսումնասիրութեան եւ լուծումներու առաջադրութեան: Ալինը ներկայիս կը ծառայէ որպէս գործադիր օգնական եւ բարձրագոյն բժշկական կրթութեան ծրագրի համակարգող՝ AUB-ի բժշկական կեդրոնին մէջ: Ալինը նաեւ յաճախ հիւրաբար կը մասնակցի Virgin Radio-ի “Start Living Right” ամէնօրեայ յայտագրին: Ալինին հետ կը խօսինք շատ կարեւոր նիւթի մը՝ դպրոցներու մէջ bullying-ի մասին: Ծանօթ է, որ Bullying-ը ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ անհատներու, մանաւանդ աշակերտներու վրայ:

Հաւատքի եւ տոկունութեան պատմութիւն մը՝ սուրիահայ տառապանքի օրերէն

Սուրիահայութիւնը ծանր ու ցաւալի օրեր ապրեցաւ աւելի քան տասնամեակ մը: Թաղեր աւերուեցան Հալէպի մէջ, եկեղեցիներ ու դպրոցներ վնասուեցան, Լաքաթիոյի եւ Քեսապի գիւղերը ենթարկուեցան յարձակումներու։ Տասնեակ ընտանիքներ զրկուեցան երդիքէ եւ ապրուստի միջոցներէ։ Մեր ժողովուրդին առօրեան եղաւ լի անորոշութեամբ եւ վախով։ Յոյսով ենք որ այսօրուան յարաբերաբար խաղաղ կեանքը կը շարունակուի եւ Հալէպը կը վերագտնէ իր երբեմնի կենսուակութիւնը:

Այդ ահաւոր օրերէն բազմաթիւ տխուր դէպքեր երկար պիտի մնան հալէպահայութեան յիշողութեան մէջ: Այս դէպքերէն մէկուն ականատես ու ականջալուր ըլլալով, կը ներկայացնեմ այն մօր պատկերը, որուն զաւակը թիրախ դարձած էր դարանակալ փամփուշտի մը:

Փամփուշտի ձայները յաճախ կը ճեղքէին Հալէպի լուռ գիշերները։ Զաւկին տուն վերադարձի ճամբուն վրայ՝ արձակազէնի մը քմահաճ փամփուշտը կը կտրէր խոստմնալից ապագայի մը ճամբան. Երիտասարդը՝ առաջին տարուայ համալսարանական ուսանող, անտրտունջ կ’իյնայր մայթին վրայ։

Գանկը ճեղքած փամփուշտը երիտասարդը կը մատնէր մահաքունի: Հալէպի բժիշկները յոյսերնին կտրած, մօրը կը թելադրեն գործիքները անջատել: Սակայն, մայրը չի յանձնուիր: Խնդրոյ առարկայ էր մէկ հատիկ զաւակը, որուն հոգատարութեան բեռը կրած էր երկար տարիներ, երբ ինք այրի մնացած էր իր նորածին երեխային հետ: Իր հարազատներու միջոցով եւ բարեսիրական հաստատութիւններու օգնութեամբ, ան կապ կը հաստատէ Լիբանանցի բժիշկներու հետ, որոնք կը յուսադրեն զինք:

Հիւանդը կը փոխադրուի Լիբանան: Երկար ամիսներ բժշկական զանազան քննութիւններէ ետք, բժիշկները որոշում կու տան գործողութեան ենթարկելու հիւանդը՝ յիսուն տոկոս յաջողութեան խոստումով: Գործողութիւնը յաջող կ’ընթանայ, բայց երիտասարդը մահաքունէն չ’արթննար. ամիսներու ընթացքին մարմինը կը հիւծի եւ օր մըն ալ կը մարի: Այս անհամբեր ամիսներուն, մայրը՝ միշտ յոյսով, զաւկին կողքին նստած կը խօսէր անոր հետ՝ պատմութիւններ, յուշեր, երազներ պատմելով անոր: Կը հաւատար, թէ զաւակը զինք կը լսէ:  Զաւկին քովէն կը հեռանար միայն երբ ստիպուած էր աշխատանքի երթալու: Զաւկին մահուան օրը զարմանալի խաղաղութիւն մը կար մօր դէմքին. կարծես անոր արցունքներու աղբիւրը չորցած էր, որմէ անընդհատ արցունքներ կը վազէին այտերէն վար երբ տակաւին տղան անկողինի կը ծառայէր: «Ամէն բան կատարուեցաւ», կ’ըսէ ան:

Շաբաթ մը ետք հանդիպեցայ մօր՝ երբ ան կ’ուղղուէր դէպի գերեզմանատուն, իր երիտասարդ զաւկին այցելութեան, որ խունկ ծխէր անոր շիրիմին ու աղօթէր անոր հոգւոյն համար: Առաջարկեցի ընկերանալ՝ նեցուկ կանգնելու նպատակաւ, գուցէ կարենայի մեղմել անոր սիրտը կիզող կրակը:

Հասանք գերեզման: Մայրը՝ ծնրադրելով զաւկին չոր եւ պաղ շիրիմին քով, կարծես կը փորձէր ջերմացնել այդ գերեզմանը, որ գրկած էր իր զաւակը իբրեւ ապաստան՝ հեռու այս աշխարհի չարագործութիւններէն: Մայրը՝ հառաչելով սկսաւ խօսիլ իր զաւկին հետ՝ «Իմ թանկագին որդեակս, թող մարմինդ հանգչի այս հողին մէջ, իսկ հոգիդ՝ արքայութեան, այլեւս դուն Աստուծոյ ձեռքերուն մէջն ես, եւ որեւէ չար բան չի կրնար հասնիլ քեզի: Բաժանումը ահաւոր է եւ անկարող եմ զայն տանելու տղա՛ս, ինքզինքս կը մխիթարեմ մտածելով, թէ Աստուծոյ պարգեւն էիր ինծի շնորհուած, եւ ես կարելիս ըրի այդ պարգեւին տէր դառնալու, լաւագոյն սնունդը, կրթութիւնն ու խնամքը տալու. ինծի կը մնան ուրախ յիշատակներ, եւ այդ յիշատակներով պիտի ապրիմ ինծի շնորհուած օրերը այս աշխարհին վրայ մինչեւ Աստուած զիս ալ առնէ իր քովը, եւ դարձեալ միանամ քեզի: Մինչեւ այդ օրը, կը խոստանամ այցելել քեզի ամէն օր եւ քեզի հետ կիսել առօրեաս, ինչպէս նախապէս՝ երբ ուրախ, աշխոյժ եւ կայտար համալսարան կ’երթայիր, նաեւ հիւանդ անկողինիդ կողքին, նոյնպէս հիմա շիրիմիդ մօտ»:

Երբ մթնշաղը իջաւ, յոգնած եւ նուաղած մայրը հրաժեշտ տուաւ իր զաւկին՝ տուած խոստումը կատարելու վճռականութեամբ: Վերադարձանք՝ սակայն յուզուած, ես բառեր չէի գտներ արտասանելու, մայրը ըսաւ. «Աստուծոյ կամքը թող օրհնեալ ըլլայ, Իրն էր ինծի պարգեւեց հոգալու եւ իմ կեանքս ծաղկեցնելու, իսկ երբ ժամանակը հասաւ զինք Իր մօտ կանչեց»:

Իսկ ես, կանգնած կը դիտէի այս առաքինի մայրը՝ խառն զգացումներու մէջ կորսուած: Չեմ կրնար ըսել՝ յուզուա՞ծ էի թէ համոզուած, տխո՞ւր էի թէ ուրախ, որովհետեւ այս մօր պատգամը շատ բան կը փոխանցէր: Ան Աստուածավախ, նուիրուած, զոհուած եւ տառապած մայր մըն էր, սակայն կարող՝ յաղթահարելու այս աշխարհի չարչարանքները:

Անմիջապէս մտաբերեցի Աստուածաշունչէն համար մը, ուղղուած Պօղոս առաքեալին: Բ. Կորնթացիս 12.9-ի մէջ Տէրը կ’ըսէ. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»:

Փառանձեմ Ֆագրաճեան Տէմիրճեան

Հրաւէր մը խորանալու ժամանակակից մարդու ներաշխարհին մէջ՝ «Մարդը Աթլանթիսէն»

Վաչէ Ատրունիի «Մարդը Աթլանթիսէն» թատերախաղին գործողութիւնները տեղի կ’ունենան մոռցուած ու մերժուած վայրի մը՝ Էլ-Տօրատօ կոչուած հսկայական աղբանոցին մէջ։ Ահա այս սոսկալի, բայց նաեւ խորհրդանշական բեմին վրայ կը հանդիպին լքուած ու ճնշուած կերպարներ, որոնք տարբեր պատճառներով դուրս մղուած են արտաքին աշխարհէն եւ այժմ կ’ապրին ապականութեան ու պատրանքի մէջ:

Գլխաւոր կերպարները կը պատկանին այս խճանկարին։ Թովմասը, տարեց գիտնական մը, իր ըսելով՝ նոյնիսկ Նոպէլեան մրցանակակիր մը, փախած է խենթանոցէն եւ հիմա տանջահար կը փորձէ գիւտ մը ամբողջացնել՝ թռչող մեքենայ մը։ Իր գիտական ճառերը ժամանակի եւ տարածութեան մասին կիսատ-պռատ իմաստութիւններ են, որոնք աւելի կը բացայայտեն անոր խելագարութեան չափը։ Գլարան, վաթսուն տարեկան կին մը, ժամանակին թատրոնի հաւաքարար, կը շարունակէ ապրիլ այն պատրանքը, թէ ինք դերասանուհի մըն է եւ իր մեծ սիրոյն նուիրեալը՝ Լորանս Օլիվիէն, իր կողքին պիտի կանգնի։ Անոր մենախօսութիւնները երբեմն կ՚առաջացնեն ողբերգական տպաւորութիւն, երբեմն ծիծաղելի։ Փասկալը՝ նախկին բռնցքամարտիկ մը, որուն ձեռքով ակամայ սպանուած է մրցակիցը, իր մեղքը կը փորձէ ծածկել աղբանոցային գոյութեամբ։ Պուզիկը կ’ապրի Փասկալին հետ՝ երեսուն երեք տարեկանի հասած, բայց դեռ տասնըերեք տարեկան մանուկի նման աղջիկ մը, որուն Փասկալ հաւատացուցած է, թէ իր հայրը թագաւոր է եւ օր մը պիտի վերադառնայ։ Իսկ Սօլօմանը՝ կրկէսի մէջ թնդանօթէն արձակուող մարդ մը, որ դժբախտաբար զարնուած է կրկէսի սիւներէն մէկուն եւ կորսնցուցած գանկին վերեւի կափարիչը, կը հաւատայ թէ ինք Աթլանթիսէն է եւ պէտք է վերադառնայ այդ կորուսեալ քաղաքը։

Այս կերպարները, իւրաքանչիւրը իր ցնորքով, կ՚ապրին աղբանոցին մէջ, որ կը դառնայ ոչ միայն ֆիզիքական միջավայր, այլ նաեւ խորհրդանիշ մը՝ ընկերութեան կողմէ մերժուած ու մոռցուած մարդոց։ Յիշողութեան խարխափումները, երազային պատրանքները եւ անհեթեթ երկխօսութիւնները կը ստեղծեն տժգոյն, բայց նաեւ գեղարուեստական մթնոլորտ մը, ուր ծիծաղն ու ողբերգութիւնը կը միաձուլուին։

Ատրունիի թատերախաղը լուսարձակի տակ կ’առնէ պատրանքին եւ իրականութեան բախումը։ Հիմնուելով նորարարական-փորձարարական (avant-garde) եւ անհեթեթի (absurdist) թատրոնի սկզբունքներուն վրայ, Ատրունի կը ներկայացնէ կերպարներ, որոնք կ’ապաւինին խաբկանքներու՝ իրենց գոյութիւնը տանելի դարձնելու համար։ Իւրաքանչիւր կերպար որոնող մըն է․ Թովմասը գիտական ճշմարտութեան, Գլարան՝ փառքի եւ սիրոյ, Փասկալը՝ մեղքի քաւութեան, Պուզիկը՝ մանկական երազի, իսկ Սօլօմանը՝ անհաս Աթլանթիսի։ Այդ փնտռտուքը սակայն կը բացայայտէ աւելի խոր ճշմարտութիւն մը՝ մարդուն կեանքը ինքնին կ’անցնի կորսուած յոյսերու ու անիրագործելի երազներու ընդմէջէն։

Այսպիսով, «Մարդը Աթլանթիսէն» կը դառնայ երգիծական, բայց նաեւ՝ ողբերգական վկայութիւն մը մեր ժամանակներուն մասին։ Անեթեթի եւ հեգնանքի միջոցով, Վաչէ Ատրունի ոչ միայն կ՚արտացոլէ ճակատագրով մերժուած անհատներու հոգեվիճակը, այլ նաեւ ամբողջ ընկերութեան հոգնածութիւնն ու հոգեմտաւոր դատարկութիւնը։

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի այս ներկայացումը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, բացառիկ առիթ մըն է տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս անհեթեթն ու ողբերգութիւնը, ծիծաղն ու ցաւը կը միանան կենդանի բեմին վրայ։

«Մարդը Աթլանթիսէն» չի բաւարարուիր միայն պատմութիւն պատմելով․ ան կը փոխանցէ փորձառութիւն մը, որ միաժամանակ մտային է ու զգացական։ Թատերախաղը  նաեւ ժամանակակից մարդու հոգեվիճակին դրսեւորումն է: Մեր օրերուն եւս, մարդիկ կ’ապաւինին պատրանքներու՝ առօրեայ ճնշումները դիմագրաւելու, ընկերային մերժումները յաղթահարելու կամ կորսուած երազները վերագտնելու յոյսով։ Այս կերպարներուն խաբկանքները կը դառնան հայելին ժամանակակից մարդուն, որ նոյնպէս կը տառապի ապակողմնորոշումէ ու կը փնտռէ ապագայի նոր իմաստ մը։ Ներկայացումը հանդիսատեսը կը մղէ խորանալու կերպարներու ներաշխարհին մէջ, կիսելու անոնց խաբկանքներն ու տագնապները, բայց նաեւ վերապրելու այն բացառիկ ուժը, որ միայն թատրոնը կը փոխանցէ՝ իր անմիջականութեան եւ կենդանի շունչին ու ուժին շնորհիւ։

Խորովածի եւ ճաշկերոյթի հայրենասիրութիւն՝ Հայաստանէն սփիւռք

Ընդունուած իրողութիւն է, որ «սէր» եւ «ճշմարտութիւն» բառերը շատ անորոշ են ու ենթակայ նենգափոխման։ Շատ անգամ «սէր» կրնայ նշանակել ամէն ինչ, եւ շատ պարագաներու մէջ ամէն ինչ կրնայ ներկայացուիլ իբրեւ «ճշմարտութիւն»։ Խնդիրը մեկնաբանութեան հարց է։ Բայց, մեկնաբանութենէ անկախ՝ կեղծը կը մնայ կեղծ, իսկ սուտը իրական չի դառնար, թէեւ կայ վտանգը որոշ ժամանակ տռփանքը ներկայացնելու որպէս սէր եւ կեղծիքը՝ ճշմարտութիւն։

Հայաստանի մէջ հայրենասիրութիւնը այդ մակարդակը ունի։ Արդէն ամբողջովին հասկնալի չէ, թէ ի՞նչ է հայրենասիրութիւնը ու ինչ հասկնալ անով։ Մէկուն համար հայրենասիրութիւնը միայն սահմանին վրայ կռուիլն է, միւսին համար՝ զինուորական զգեստներով լուսանկարուիլը։ Ոմանք ալ կրնան որոշ աղբահաւաքութեան աշխատանքներ կատարել ու լուտանքներ նետել միւս բոլորին հասցէին, որ նման բան չեն ըներ։ Մարդոց տեսակ մըն ալ կայ, որ հայրենասիրութիւնը ողբի ու բանաստեղծութեան, երգի ու պարի առիթ է։ Նոյն այդ վերջին տեսակն է ամենէն տարածուածն ու ամէնէն անհեթեթը։

Քանի որ նորագոյն արհեստագիտութիւնները այժմ առիթ կու տան արագ համբաւ ու ժողովրդականութիւն ձեռք բերելու, ապա հայրենասիրութիւնն ալ դարձած է անոր համար կիրառուող անփոխարինելի գործիք մը։ Մարդիկ բանաստեղծութիւններ կը գրեն հայրենասիրական թեմաներով, կ’երգեն, տեսագրութիւններ կը նկարեն, կամ ալ կը հայհոյեն միւս բոլորին՝ հայրենասիրական մղումներով՝ բնականաբար։ Այդ բոլորին անպակաս ընկերն է ամէն յիմարութիւն որպէս ազգային արժէք ներկայացնելն ու պահպանելը։ Յատկապէս երգ-երաժշտական տեսահոլովակներու կամ ներկայացումներու մէջ, երբ այդ մէկը պատրաստողին եւ կատարողին մօտ հասած է գագաթնակէտին, անոնք կ’որոշեն իրենց երգն ու տեսահոլովակը դարձնել «Ազգագրական Հանդէս», բայց փոխարէնը կը ստանան անհասկնալի բան մը։ Տեսահոլովակներու ճնշող մեծամասնութեան մէջ, Հայաստանն ու ազգագրական տարրերը ուտել-խմելէ եւ իբրեւ թէ Քոչարի պարելէ անդին չեն երթար։

Կարելի է ենթադրել, թէ հայ ազգը իւրայատուկ ազգ մըն է, որուն գլխաւոր արժէքները խորովածը, դուդուկը, կաթն ու մածունն են՝ լաւաշով եւ այդ ազգին գլխաւոր հերոսները մատի վրայ կը հաշուըուին՝ անվերջ կուժերով ջուր բերող աղջիկը, մշտապէս եզներով հողը հերկող երիտասարդը եւ անդուլ իմաստութեան տէր մէկ-երկու ծերունի-նահապետներ, քանի մը չախմախաւոր հրացանով երիտասարդ, որոնք ծոպերով գօտիներ ունին ու անպայման՝ ճակատի փաթթոց, որ արդէն հասկնալի չէ, թէ ինչ բանի համար է։ Զգեստաւորումն ալ համահունչ է․ անհասկնալի որեւէ նախշեր կը հագուին որպէս «ազգային տարազ»՝ նոյնիսկ չպատկերացնելով, թէ ինչ է տարազը, յատկապէս ո՞ր տարածաշրջանի ու ժամանակաշրջանի տարազն է:

Ազգը դարձուցած են խեղկատակ ու կը վաճառեն պլոկներու եւ տեսահոլովակներու մէջ:

Այս «կաթ-մածուն» հայրենասիրութեան ու հայրենաճանաչութեան ողբալի հետեւանքներէն մէկը այն ազդեցութիւնն է, որ կը ձգեն իրենց շրջապատին վրայ։ Հայերը չճանչցող որեւէ մէկը կը կարծէ, թէ անոնք ոչ թէ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն են, այլ ամենալաւ խորոված պատրաստողները, ջուր բերողն ու քոչարի պարողները։ Ի դէպ, քրիստոնէութիւնն ալ մեր ներկայացումներուն ու տեսահոլովակներուն մէջ ընդամէնը մէկ այլ հետաքրքական երանգ է, ոչ աւելին։

Այս բոլոր անմտութեան գլխաւոր պատճառը հայրենիքն ու սեփական ազգը չճանչնալն է, անոր պատմութիւնը չգիտնալը։ Չգիտնալը, թէ ո՞վ է հայը ու որո՞նք են անոր արժէքները։ Ու այդ պարագային միայն ճաշը, մէկ երկու կիսատ-պռատ «տարազները» ու ի հարկէ քոչարին։ Մնացածը՝ զէրոյ։ Ոչ թէ ազգային երգ ու պար, այլ նորաբաց ուտելիքի կրպակի համար է կարծես։ Ոչ մէկ խորք, ոչ մէկ ոգեշնչում, չես հանդիպիր Վարուժանի այն ոգեղէն բոցաշունչ հայրենասիրութեան, չես հանդիպիր Սիամանթոյի ըմբոստութեան կամ Պեշիկթաշլեանի կոչերուն։ Ընդամէնը աժան վարձքով հագուստներ, ուտել-խմել ու վերջ։ Ինչի մասին կը խօսէին անոնք, ու ինչի մասին կը խօսին մերօրեայ պնակալէզերը։

Հայրենասիրական ամբողջ պարտականութիւնը կատարուած է։ Ու հիմա արդէն ամէն ինչ հայրենասիրութիւն է, ամէն ինչ, ներառեալ՝ անտաղանդ չափածոներ գրելն ու տարածելը։ Հայրենասիրութիւն է նաեւ մուղամն (արեւելեան ժողովրդական տխուր մեղեդին) ու բայաթին (ողբերգական բանաստեղծութեան տեսակ մը)։ Կարեւորը հայ զինուորի նկար կայ, նախընտրելի է զինուորական պանթէոնի նկարներով։ Այդ արդէն հաստատ երաշխիք է, որ քեզ չեն քննադատեր, որովհետեւ եթէ քննադատեն, ուրեմն զինուորին կերպարը՜ չեն հաւնած։ Իսկ այդ մէկը արդէն ազգային դաւաճանութիւն է։

Վերջերս, սեպտեմբերի 27-ն էր՝ 44-օրեայ պատերազմի սկսման օրը։ Մեր լէշակերն ու դիավաճառները մօտ ամիս ու կէս ժամանակ ունին նահատակուած զինուորիներու նկարներով յիմար ողբ գրելն ու տարածելը, մեկնաբանութիւններուն մէջ ալ՝ «ապրի՛ս հայրենասէր» ոճի արձագանգ ստանալով։ Հայրենասիրութեան անուան տակ սեփական ֆեյսպուքի, ինսթակրամի էջերու զարգացումն ու YouTube-ի ալիքներու աճն ալ արդէն հաստատուած գործարարութիւն է։ Պատերազմի օրերուն ալ շատերը նման ձեւերով կարողացան հետեւորդներ հաւաքել։ Պատերազմը աւարտեցաւ, հետեւորդները մնացին։

Ահա այսպէս։

Չկայ յարգանք անցեալի ու ներկայի հանդէպ, չկայ յարգանք ապագայի նկատմամբ։ Կայ մեծ ընգծուած գռեհկութիւն մը ու խոհանոցային հայրենասիրութիւն մը։ Եթէ կը սիրես հայրենիքը, ապա խմէ՛։ Դեռ վերջերս էր կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Հայաստանի պատուին չխմելը ծեծկռտուքի ու սպանութեան պատճառ դարձած էր հայերու միջեւ։

Այս ցանցային քաղցր-մեղցր հայրենասիրութեան միջավայրին մէջ, ու՞ր է Հայաստանը։ Ու՞ր է հայոց պատմութիւնն ու ապագայէն-անցեալ երկարող թելը, որ կը բարակնայ օրէ օր։ Մեզի կը բաւարարէ՞ այս բոլորը։ Մենք գո՞հ ենք, որ մեր բանաստեղծ-երգիչ(ուհի)ներու եւ մնացեալներուն ձեռքով ժողովուրդին մեծ մասը պատերազմէն, քեպապէն ու սխտոր-մածունէն անդին ոչինչ կը տեսնէ։ Մենք գո՞հ ենք, որ մեր իսկ ձեռքերով մեր ժողովուրդը կը վերածենք լեռնային ինչ որ ցեղի մը ու դեռ ալ ներողամտօրէն թոյլ կու տան մենք զմեզ գովելու մեր այս անսահման հայրենասիրութեան համար։

Աւելի դատարկուած ու բռնաբարուած բառ հայերէնի մէջ տակաւին չէ եղած։ Հայրենասիրութիւնը այսօր դիմացինին հայհոյելու մեթոդ է նաեւ, բայց ոչ լուռ աշխատանք, կրթութիւն, գիտութիւն, արտադրութիւն  եւ այլն։ «Հերիք եղաւ» պիտի առարկեն շատեր, -«ամէն բանէ պէտք չէ դժգոհիլ, ժողովուրդին երգ ու պար նաեւ պէտք է, ուրախութիւն»։ Այո՛, բայց խորովածի մասի՞ն։ Նայեցէք մեր բանաստեղծութիւններու ու տեսահոլովակներու թեմաներուն՝ կարծես խոհանոցային հաղորդում ըլլան։ Չեմ ըսեր խորհրդային ոճով քառեակներ ձօնել գործարաններուն (թէեւ գործարան ալ չունինք), բայց երգն ու պարը այն ոգեղէնի մարմնացումն է, որ սիրտէն կը բխի, ոչ թէ ստամոքսէն կամ այլ տեղէ։ Երգը մարդու վիշտերուն, ուրախութեան մարմնացումն է, եւ արժէք է այնքանով, որ իր մէջ ունի հիմքային պատճառ կամ հետեւանք, այլ ոչ թէ ծափ-ծիծաղ։ Ու պէտք չէ ամէն աղբ մատուցել որպէս «ժողովրդական երգ» եւ ամէն երգող կոչել «աշուղ»։ Կոմիտասի մօտ երբեք չես գտներ երգ մը, որուն իմաստը զուտ թարմ ուտելիքի մասին ըլլայ։ Ուտելիքը կարելի է նշել երգի մէջ, ակնարկ մը, ուղեկցող, բայց ո՜չ իմաստն ու հիմնական ըսելիքը։ Եւ այդ մէկը ոչ մէկ ձեւով պէտք է ծախել որպէս հայրենասիրութիւն։ Այդ երբուընէ՞ ազգային ինքնագիտակցութիւնը սահմանափակուեցաւ շուկայական չափանիշներով։

Մոլլայ Նասրետտինի ու Լէնկ-Թիմուրի մասին դրուագ մը կը պատմուի, որ երբ Թիմուրը հարց կու տայ, թէ ի՞նչ սարսափելի պատիժ կրնաս յօրինել բամբասողներու համար, Նասրետտին կ’առաջարկէ կտրել անոնց բամբասանքը լսողներու ականջները։ Աւելի լաւ առաջարկ պարզապէս կարելի չէ ընել։ Որովհետեւ այս հայրենասիրական աղբանոցին հետագայ աճը միայն ու միայն անոնց լսողներով ու խրախուսանքով թելադրուած է ու ոչ ոք այլեւս իր ծափ-ծափիկը կամ էրոթիք տարազը կամ ալ հողագործ-ռանչպարի կերպարը չի կրնար անվերջ ծախել մարդոց որպէս ազգագրական նիւթ։

Բայց միայն մակարդակի բարելաւման պարագային։ Քանի դեռ այսքան վար կ’ուզենք տեսնել մենք զմեզ, կ’ուզենք անխելք ու անմիտ մնալ, քանի դեռ գաղափարը մեր մէջ չէ զարգացած, քանի դեռ հայրենիքը այսքան վատ կը ճանչնանք, քանի դեռ գոհ ենք այս բոլորէն, հայրենասիրական այս լաւաշն ու տոլման տակաւին պիտի ծաղկին մեր մէջ, որովհետեւ երբ կ’ապրիս փորի համար, միակ մտածող օրկանը կը դառնայ ստամոքսը։

Յ․գ․ Երեւանի մէջ նոր թանգարաններ, դպրոցներ չեն բացուիր, փոխարէնը քաղաքը իսկական ուտելիքի ցանց կը յիշեցնէ՝ անվերջ ճաշարաններով, խորովածանոցներով ու այլ նման բաներով, որոնց վրայ մեծահոգաբար կը զետեղեն Արեւմտեան Հայաստանի կամ Արցախի որեւէ վայրի անուն։

Երեւան, սեպտեմբեր 2025

Պեպոյական ՄԵՆՔ-ի գոյատեւութիւնը՝ թուային արհեստագիտութեամբ

Փրոֆ․ Արա Սայեղ

Աւարտակէտ չունեցող արդի թուային արհեստագիտութիւններու մեր դարուն մէջ, գերկենսական է մտածել՝ «Ի՞նչ են մեր մշակոյթի ժառանգութիւնը երաշխաւորող, պահպանող ու հաւաստիացնող հիմնական ցուցաձողերը», «Ի՞նչ գործնական որոշումներ պէտք է առնուին անմիջապէս», «Ի՞նչ միջոցներով պիտի լուծուին ելքերու ընտրանքները եւ տարբաղադրումը», մանաւանդ հայ ազգի մտաւոր, ստեղծագործող ժառանգութեան ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆԸ  իմաստաւորելու եւ ամրագրելու համար։ «Ի՞նչպիսի արժէքներու առաջնահերթութեամբ պարտաւոր ենք ծրագրել ու գործադրել» թուային եւ ԱԲ-ն արհեստագիտութիւններով շրջապատուած մեր սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։

Փորձենք այս պարունակին մէջ խորհրդածել, միասնաբար ելքեր գտնել, որոնք կը պատշաճին 21-րդ դարու թուային արհեստագիտութեան։

Լիբանանահայ մամուլի հանրածանօթ աւանդապահ ներկայացուցիչներէն՝ «Արարատ»-ը լոյս կը տեսնէ 1937 թուականէն, անցեալի «ամէնօրեայ» տպագիր օրաթերթը իր հարուստ ժառանգութեամբ 88 նուիրեալ տարիներու իր ճանապարհը անվարան կը շարունակէ սփիւռքահայ մամուլի տիպարներէն մէկը հանդիսանալով, իր տպագիր եւ ելեկտրոնագիր տարբերակներով։ Մօտիկ անցեալին առանց հանգիստ փնտռելու, վճռակամ քայլերով կիրակի օրերուն ալ լոյս կը տեսնէր, ժամանակի սահանքին հետ ինչպէս սփիւռքի հայ մամուլի զանազան օրաթերթեր, «Արարատ» օրաթերթն ալ 29 հոկտեմբեր 2024 էն սկսեալ ամէնօրեայ հրատարակութեան դրութենէ անցաւ երկօրեայ թերթի։ Վստահօրէն կարելի է հաստատել, որ ներկայիս երկօրեայ «Արարատ»ը, խորքային ու բազմահարուստ բովանդակութեամբ որակային զգալի ոստում մը կատարած է, բայց մայր էջի ճակտին վրայ մեծատառ ԱՐԱՐԱՏ-ի խորագրին տակ տակաւին կը կարդանք «օրաթերթ» յիշատակութիւնը, երեւի Արարատ երկօրեայ թերթը որոշած է չզիչիլ ու պահել անցեալի «օրաթերթ» եղած ըլլալու աւանդութիւնը։

Մեծ խանդավառութեամբ կարդացի ելեկտրոնագիր «Արարատ» երկօրեայ թերթի 27 Մարտ 2025 թիւը։ Բայց ի՞նչն է յատկանշականը այդ թիւի բովանդակութեան մէջ, որուն ուզեցի անդրադառնալ։ Պատասխանը շատ պարզ է։ Այդ թիւը նուիրուած էր լիբանանահայ անուանի գրող, գրականագէտ, բազմավաստակ կրթական մշակ, բանաստեղծ, արձակագիր, լրագրող, մանկավարժ, հասարակական գործիչ, հայ մտաւորական՝ Պեպօ Սիմոնեանի առյաւետ բաժանումին՝ այնքան արագ շոգիացած տասնամեակին։ «Արարատ»ի այս թիւին մէջ յիշարժան է ցայտուն մտաւորական գրիչներու, հրապարակագիրներու, խմբագիրներու գրութիւնները, ինչպէս Պարոյր Յ. Աղպաշեանի՝ «Չմոռցուող կենդանի դէմքերէն խօսող ու խօսեցնող, յիշող ու յիշեցնող՝ անփոխարինելի Պեպոն», Աւետիս Ռազմիկի՝ «Պեպօ Սիմոնեան մարդը», Արմէն Իւրնէշլեանի՝ «Պեպօ Սիմոնեան լիբանանցին» եւ հեղինակին տիկինը՝ Ազատուհի Սիմոնեանի՝ «Խոհեր Պեպօ Սիմոնեանի մահուան տասնամեակին առիթով», գրիչներ՝ որոնք անգամ մը եւս իրենց հարազատ յօդուածներով, յիշողութեան ամպամած խրամատէն դուրս բերին ու փառատեցին մոռացութեան մշուշին ուղղուող իրենց գրչեղբօր Պեպոյի՝ գրական, մտաւորական ու ստեղծագործական քաջավաստակ յիշատակը, մտաւոր ակներեւ ժառանգը։ Պեպոյի յիշատակին օրինակելի այս վերաբերմունքով, իր գրչեղբայրները տեսանելիութիւն մը յառաջացուցին, հետաքրքութիւն մը աճեցուցին, ընթերցելու շարժառիթ մը մատուցեցին հայ ընթերցողին, անոնց կատարածը հիմնականօրէն զրոյց մըն էր ապագայի հետ։

Աւազանի անունով Պետրոս Գալայճեան, հասարակութեան ծանօթ գրական անունով՝ Պեպօ Սիմոնեան անունը ինծի քիչ ծանօթ անուն մըն էր: Տարիներ առաջ, սիրելի բարեկամուհիէ մը ստացած էի Պեպօ Սիմոնեանի «Ակնթարթներ – Մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» խորագրով տպագիր, թղթեայ գիրքին օրինակը, որ արձակ էջերու հատոր մըն է, 2012 թուականին Պէյրութի մէջ տպուած «Շիրակ» հրատարակչատունէն։

Այդ գեղատիպ գիրքը հետաքրքրութեան կայծ մը, ներշնչող ու տոգորիչ հրաւէր մը դարձաւ ինծի Պեպօ Սիմոնեանի  գրականութեան հետ աւելի սերտ ու մտերիմ կապ մը ստեղծելու։ Պեպոն ու իր ստեղծագործական աշխարհը, իր մտասեւեռումի աշխարհընկալումի հորիզոնները ինծի համար դարձան աւելի յստակ, պարգեւելով խոհերու բացորոշ ու ականակիտ հոգեկան հրապոյր մը։

Պեպոյի ստեղծագործութիւններուն մէջ գերզգալի է հեղինակին յոյզերն ու ազգային մտմտուքը, հայաբոց ու տաքուկ ազգային շունչը եւ մանաւանդ ինքնութեան ու մտերմիկ ինքնազրոյցը ապագայի հետ, յատուկ ճկունութեամբ մը իր ժամանակէն աւելի հեռու տեսնելու հմտութիւնը, ազգային երկարաժամկէտ ինքնագոյատեւումին անաղմուկ ու երկիւղած զրոյց մըն է, որ ինք արծարծած ու մշակած է, զայն վերածելով հաւաքամարտի մը իր ընթերցող ազգակիցներուն հետ, վստահօրէն անոնց շարքերուն մէջ էի, եւ այդ բոլորը ակներեւ էին ինծի համար։  

Մտաւորական մը, որուն պճեղ սիրտը 78 տարի բաբախած է, 55 եւ աւելի տարիներ հայ համադամ գրականութեան խրախճանքի մասնակից դարձած է  վկայելով, պատգամելով, ճառագրելով եւ յատկապէս մատենագրելով հայու ստեղծագործող գոյութիւնը, ոչ միայն հայութիւն երգած է, այլեւ իր հեղինակային ճարտարութեամբ համոզած է կարդացողը, որ ձայնակցի իր ինքնութեան երգին, մղած գոյատեւութեան պայքարին, զգալու սփիւռքահայու տուայտող հոգին, ապրելու ազգային փոթորկող տագնապներուն հետ, արձագանգելով եւ արձանագրելով բոլոր ապրումները, երազներն ու խոկումները որոնք անկասկած Պեպոյին ինքնարտացոլումները չեն միայն (Self-Reflection), մերն են նաեւ, վստահաբար ամէն հայու կը պատկանին ։

Պեպոյի արեւմտահայերէնի գրաւչութիւնը, զուլալ ոճը, խոհերը, պարունակութեան իմաստը, այսօր աւելի հարազատութեամբ կրնամ զգալ, գնահատել ու արտայայտուիլ հեղինակի մտասեւեռումներու տարածքին ու գրական վաստակին մասին։ Հեղինակ մը որուն պարարտ բերքին կը պատկանին, ժանակագրական կարգով Ա) բանաստեղծութիւններ՝ «Նախերգանք» 1968 Պէյրութ, «Կանաչներու Առասպելը» 1977 Պէյրութ,  «Մարդեղութիւն» 1981  Երեւան (Սփիւռքահայ Գրողներու մատենաշար), «Ծառին Ճիչը» 1991 Պէյրութ, «Միջերկրականի Լոյսերուն Դիմաց» 2004, Գէորգ Մելիտինեցի Մրցանակի մատենաշ, Բ) արձակ էջէր՝  «Ծուէն Ծուէն Երիզներ» 1981 Պէյրութ, «Մայրիներու Արմատները» 1986 Պէյրութ, «Ակնթարթներ Մարդու եւ Կեանքի Առօրեայէն» 2012 Պէյրութ, Գ) այլ բնոյթի երկեր՝ «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» 1994 Պէյրութ, «Հայակերտում եւ Մանկավարժութիւն» 1996 Պէյրութ, Դ) գրականագիտական երկեր՝ «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի գրողներու Ե. Համագումարի սեմին» 1966 Պէյրութ, «Էջեր եւ Նիւթեր Գրականութեան» 2007 Հատոր Ա. Պէյրութ, «Էջեր եւ Նիւթեր Գրականութեան» 2009 Հատոր Բ. Պէյրութ, Ե) յետ մահու երկու հատոր Ա- բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ «Գմբէթ Արեգ» 2015, Բ- յօդուածներու հաւաքածոյ «Գրականութեան Ճամբուն վրայ» 2016, նախորդներուն կարելի է աւելցնել՝ ազգային, կրթական, մանկավարժական, ընկերային բնոյթի յօդուածներ, լիբանանահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած գեղարուեստական արձակ էջեր եւ այլն։

«Արարատ»-ի այդ թիւին մէջ ընդգծելի է գրող տիկին Ազատուհի Սիմոնեանի ծրագրի մը բացայայտումը, թէ Պեպօ Սիմոնեանի ամբողջական գործերը անխտիր պիտի ընդգրկուին, մէկտեղուին կայքէջի մը մէջ։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը ստանձնած է հոգալ այդ կայքէջին ծախսերը։ Օրինակելի մօտեցում մըն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէնութեան ցոյց տուած խոր հետաքրքրութիւնը արեւմտահայ հեղինակներու եւ առհասարակ արեւմտահայերէնի նկատմամբ։

Թուայնացնելու միտումը այնքան ժամանակակից իր հնչեղութիւնը, օգտաշատութիւնը ունի մանաւանդ վաստակաշատ հեղինակին գրական եւ հայագիտական պարարտ հունձքը եւ հրատարակութիւնները բոլորը պիտի ընդգրկուին կայքէջին մէջ, ձեռնտու պիտի դառնայ ու ընդարձակուի անոնց հասանելիութիւնը, պիտի օժանդակէ գիտական պեղումներ կատարելու, նոր ուսումնասիրութիւններ, քննարկումներ միացնելու եւ այլն։ Յաջորդ բերկրալի տեղեկութիւնը՝ Պեպօ Սիմոնեանի նամականիին հրատարակութիւնն է երկու հատորներով, որուն խմբագրութիւնը յանձնուած է հմուտ պատմաբան եւ արխիւագէտ Գէորգ Եազըճեանին։ Պեպոյի նամականին իր ամբողջութեամբ պիտի զետեղուի կայքէջին մէջ։

Թուային ներկայութիւնը նոյնքան տեւական է, որքան նիւթականը

Արժէ անդրադառնալ թէ ինչպէ՞ս կ՛արժեւորենք մեր ներկայի իրականութեան հետ տեղի եւ ժամանակի սահմանափակումներէն հեռու թուայնացումի, վերոյիշեալ կաքէջի նման ծրագրերը, ի՞նչ ակնկալութիւններով կը նախատեսուին, կ՛ընկալուին նման նախաձեռնութիւնները։

Բնական է որ կայքէջի մը մէջ ամբարուած գիտելիքները հետաքրքրութիւն շարժող առցանց թուային մշակոյթի եւ հմտութիւններու սկզբնաքայլն է, որ վստահաբար ինքնանպատակ չէ։ Այսօր անկարելի է առանց թուայնացումի մաս կազմել, խմբակից դառնալ աշխարհի որեւէ մշակութային, լեզուական, պատմական եւ այլ ուսումնասիրական հարթակներու։ Թուային հայագիտութիւնը, մատենագիտութիւնը որպէս ժամանակակից ու հրամայական ուղղութիւն, գլուխը կը ցցէ որպէս առաջնահերթ, արագ ոստումներով զարգացող ու անյետաձգելի հրամայական ոլորտ, որ արդէն հիմնովին յեղաշրջած է լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան եւ այլ մշակութային ժառանգութեանց ուսումնասիրութիւններու ասպարէզները [1]։

Թուային արհեստագիտութիւնները ներկայիս անդառնալի, նոյնիսկ անզիչելի կիրարկութիւն կը պարտադրեն, պարտաւորեցնող են, մանաւանդ սփիւռքի մշտափոփոխ պայմաններու հարկադրանքով՝ ըլլայ անհատական արխիւներու թէ հաւաքական մեր բոլոր հայ միաւորներու արխիւներու պարունակով, իբրեւ ժամանակի եւ յիշողութեան պահապան։

Թուային արհեստագիտութեան հնարաւորութիւններու կենսական իրագործումը, անպայման բազմաշերտ ու լայնածաւալ հեռանկարներ կը խոստանան, հայ ազգային մշակոյթի ողջ ներուժի ժառանգութիւնը ամրապնդելու, պահպանելու, տարածելու, եւ յատկապէս եկող սերունդներուն փոխանցելու հեռատեսութեամբ։

Պեպոյի եւ բոլոր մեր մտաւորական տիտաններու վաստակաւոր ժառանգը թուային հնարաւորութիւններու միջոցով առիթը կ՛ընծայէ ստեղծելու թուային տուեալներու, ստեղծագործական կոթողներու, արխիւներու, նամակներու թղթապանակներու, գրառումներու, անդրադարձներու հսկայական շտեմարաններու մէկտեղումը, մատչելիութիւնը, հետազօտողներուն առիթ տալով եւ օգնելով իրականացնելու այնպիսի լայնածաւալ վերլուծութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, որոնք անցեալին անհասանելի հումք էին, անիրագործելի կամ անհնար միջոց էին։

Թուայնացած մշակոյթի ձեւաչափերով կը պահպանուին մեր բազմադարեայ ստեղծագործական գանձարանները, աւելի կայուն կը դառնան, կ՛օգնեն  ապագայի սերունդներուն միջգործնական (Interactive) ուսուցուման, կ՛օժանդակեն ուսումնասիրելու եւ մանաւանդ գնահատելու այնպիսի ձեւերով, որոնք անցեալին անհաւանական էին։

Որքան շատ կը թուայնացնենք մեր գրականութեան, արուեստի, երաժշտութեան, եւ հայ դարաւոր մշակոյթի պատմական եւ գեղարուեստական ամբողջական գանձերը ալ աւելի կը դիրքաւորենք մեր թուային ներկայութիւնը, ուստի արհեստական բանականութեան (ԱԲ) կը լիազօրենք ու կ՛օգնենք հասկնալու, տարածելու, վերլուծելու, համադրելու, դասակարգելու, ներկայացնելու եւ մանաւանդ բարոյագիտութեան տեսանկիւնէն արհեստական բանականութեան [1] ճշգրիտ աղբիւրներ կը տրամադրենք (չարափոխութիւններէ, աղաւաղումներէ, սխալ մեկնաբանութիւններէ խուսափելու նպատակով) մեր դարաւոր ժառանգութեան մասին, եւ յատկապէս կը պահպանենք զանոնք քայքայումէ ու կորուստէ։

Թուայնացնելով մշակութային մեր ժառանգութեան նիւթերը հասանելի կը դարձնենք, կը բարելաւենք արհեստական ​​բանականութեան (AI) կարողութիւնը, նիւթերու մանրամասնութեան հասանելիութիւնը, մատուցումի հնարաւորութիւնը, նոյն ժամանակ կ՛ապահովենք ու կ՛ամրագրենք մեր պատմական մշակոյթի եւ հաւաքական ժառանգութեան կայունութիւնը, կ՛ամրապնդենք անոր գոյատեւութիւնը, հնարաւոր կը դարձնենք զանոնք ապագայի տեսլականով, նորարար ու արդի արհեստագիտութիւններու հետ համահունչ համագործութեան ։

Երբեք ուշ չէ, որ մենք նուիրական առաքելութեամբ մասնակցինք թուայնացնելու մեր ստեղծագործ մշակոյթի ժառանգութիւնը։

Թուայնացնենք հաւաքական մեր բոլոր միաւորներու ամբողջական արխիւները եւ նոյնպէս անհատական երկար տարիներէ լքուած, երբեմն խնամքով ու գուրգուրանքով պահպուած արժանի վկայագրերը, հաստատագրերը, յիշատակի անհատական ու խմբային կուտակուած լուսանկարները, ստացուած նամակները եւ այլն։ Այդ բոլորը հայու ինքնութեան, մարդաբանութեան եւ մեր գոյաբանական (ontological) բաղադրիչներն են: Մեր ստեղծագործած, ապրուած կեանքի դիմանկարներու օղակներն են, ապրուած ժամանակահատուածի մեր կենսապատումն է։

21-րդ դարու մշակոյթին թուային արհեստագիտութեան օգտաշատ ներկայութեան յարմարուիլը, լայնածիր կարելիութիւններով ամրագրում մըն է, ոչ միայն Պեպոյական գրականութեան ՄԵՆՔ-ի, այլեւ հաստատագրումն է մեր մշակոյթի արգասալից եւ ինքնուրոյն ժառանգութեան ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ։

[1]- https://wp.me/pd909i-mif

Լիբանան. Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարները պիտի վերադարձուի՞ն հաշուետէրերուն

Reuters լրատու գործակալութիւնը վերջերս հրապարակեց յօդուած մը, որ կ’անդրադառնայ Լիբանանի ելեւմտական ու տնտեսական տագնապին եւ անկէ դուրս գալու գալու նպատակով պատրաստուող ծրագրին, որ «քանի մը շաբաթէն» կրնայ օրակարգի վրայ դրուիլ կառավարութեան ժողովին։ Յօդուածին մէջ կը շեշտուի, թէ դեռ բաւական հարցեր կը մնան առկախ, եւ թէ որոշ կէտեր կրնան բարդացնել Միջազգային դրամական ֆոնտէն (IMF) վարկ մը ապահովելու կարելիութիւնը։

Երկար սպասուած ծրագիրը, որուն նպատակն է կարգաւորել երկրին պարտքերն ու տագնապին հետեւանքները, ըստ երեւոյթին, պատրաստ է ներկայացուելու նախարարաց խորհուրդին։ Սակայն որոշ տնտեսագէտներ կասկածի տակ կ՛առնեն, թէ արդեօք այդ քայլը բաւարար պիտի ըլլա՞յ ապահովելու կենսական կարեւորութիւն ունեցող IMF-ի օժանդակութիւնը։

2019-ի ելեւմտական փլուզումէն ետք, որուն հետեւանքով դրամատուներու մէջ հաշուետէրերու մուտքը իրենց հաշիւներուն եւ խնայողութեան խափանուեցաւ եւ պարտքերով ծանրաբեռնուած դրամատուները քաոսային վիճակի մատնուեցան, Լիբանան տակաւին կը տառապի շուրջ 70 միլիառ տոլարի կորուստէ։ Վեց տարուան ընթացքին այդ թիւը աւելի մեծցած է, իսկ անցեալ տարուան պատերազմը աւելի խորացուցած է տագնապը, կը նշէ Ռըյթըրզ:

Ծրագրին ամենազգայուն մասը կը վերաբերի հաշուետէրերու հատուցումին։ Ըստ Ռոյթըրզի, քննարկուած ծրագիրը կ’առաջադրէ հետեւեալ կարգադրութիւնները․

  • 2019-ի սկիզբը 100.000 տոլարէն նուազ գումար ունեցող հաշուետէրերուն (շուրջ 85%) գումարները պիտի վերադարձուին կանխիկ, երեքէն հինգ տարուան ընթացքին։
  • 100.000 տոլարէն աւելի մեծ գումար ունեցողներուն հատուցումը պիտի կատարուի աւելի երկար ժամանակի վրայ։
  • Ծրագիրը կը քննարկէ նաեւ ոսկիի պահեստներու օգտագործումը (ներկայ արժէքով՝ շուրջ 30,28 միլիառ տոլար) որպէս պարտքի երաշխաւորութիւն:
  • Վերջնական որոշում տակաւին տրուած չէ, թէ փոքր հաշուետէրերը պիտի ենթարկու՞ին նախկին տարիներուն ստացած տոկոսները կամ գումարները վերադարձնելու պարտադրանքի (clawbacks)։

Տնտեսագէտներու համաձայն, ոսկիի պահեստներու օգտագործումը կը հակասէ IMF-ի պահանջներուն եւ կրնայ խափանել նոր վարկի մը հաւանականութիւնը։ Ռոյթըրզ կը մէջբերէ մասնագէտի մը՝ Թիմոթի Քալտասի կարծիքը, որ կը զգուշացնէ, թէ նման ձեւաչափ մը կը ձերբազատէ դրամատուները իրենց պատասխանատուութենէն՝ ծանրաբեռնելով պարզ ժողովուրդը։

Միջազգային չափանիշներու համաձայն՝ փոքր հաշուետէրերու պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ առաջնահերթ։ Սակայն քննարկուած ծրագրին մէջ տակաւին այս կէտը կը մնայ անորոշ:

Քաղաքական կացութիւնը կը մնայ նոյնքա՛ն բարդ։ Իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին Հարաւի վրայ: Հըզպալլա կը մերժէ զինաթափուիլ՝ հակառակ կառավարութեան որոշումներուն, իսկ 2026-ի մայիսեան խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնան երեսփոխանները դարձնել պահպանողական ու զգոյշ անհրաժեշտ բարեփոխումները որդեգրելու։

Թէեւ վերջին ամիսներուն օրէնսդրական որոշ քայլեր առնուեցան, ինչպէս դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքի փոփոխութիւնը եւ դրամատուներու վերակազմակերպման նոր օրինագիծը, IMF մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ այս նախաձեռնութիւնները չեն համընկնիր միջազգային ընդունուած կիրառութիւններու եւ չեն ապահովեր շահերու հակադրութիւնները կանխելու անհրաժեշտ միջոցները։

Լիբանանի ապագան պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, թէ արդեօք նոր ծրագիրը պիտի յաջողի՞ վերածուիլ համապարփակ տնտեսական փրկութեան եւ ծառայել որպէս երկարաժամկէտ կայունութեան հիմք, թէ՞ քաղաքական շահերը դարձեալ պիտի խոչընդոտեն ժողովուրդին սպասած լուծումները։

Վ.Թ.

Social Startups: A New Way to Rethink the Diaspora

Calls to renew and update Armenian diaspora institutions have grown more urgent, as communities worldwide—whether collectively or as separate entities—show signs of organizational weakening. In many ways, we have moved from a “phase of collective belonging” to a “phase of individualization.” Today, the “Armenian individual”—someone whose identity is defined primarily by their individuality and only secondarily by their Armenian background—often takes precedence over the “individual Armenian,” whose identity is rooted primarily in belonging to the Armenian people. Belonging to a community has become more of a personal choice than a natural given, and participation depends largely on one’s mood and willingness rather than on a sense of shared duty.

In this environment, identity has turned into a matter of individual preference, while belonging has become more of an accident. Proposals for change are often discussed, but the pressure of traditional conservatism usually blocks them from moving beyond words into practice.

For more than a century, the life of the diaspora has been shaped by traditional parties, church institutions, and community organizations. These structures played a decisive role in preserving identity, culture, and survival. Yet the same systems that once guaranteed continuity now often act as obstacles, especially at a time when new challenges demand creativity, flexibility, and innovation. Fresh ideas are frequently stifled, young people feel excluded, and “change” is treated as a threat rather than as an opportunity.

So, what if we began to think about community changing the way the business world thinks about startups?

What a Startup Means

This well-known business term does not simply refer to a small company. A startup is an experimental venture—flexible, creative, and innovative—focused on transforming existing systems. Unlike traditional companies that seek stability, startups search for scalable and repeatable models. Along the way, they often fail, learn, adapt, and try again until they succeed. When they do, they can disrupt entire industries, building new networks or even new sectors.

We know the familiar examples: Tesla in energy and transportation, Netflix in entertainment, Uber and Airbnb in services, or Apple’s iPhone, which revolutionized global markets. We could also add Amazon, which reshaped commerce; Google, which redefined access to information; Facebook (now Meta), which transformed communication; and SpaceX, which pioneered private space exploration. These cases highlight how startups have not only disrupted industries but also created entirely new ones.

Bringing Startup Logic into Community Life

Startup logic rests on three pillars: experimentation, flexibility, and creative solutions. In business, this means testing ideas, learning from failure, and finding models that can grow. In community life, the same logic could mean launching small cultural, educational, or civic initiatives on an experimental basis. If they succeed, they expand.

Traditional community institutions—parties, associations, churches—tend to move slowly. Decisions can take years, and by the time action is taken, opportunities are often lost. Startup-style initiatives, by contrast, can act immediately. For example, a new approach to Western Armenian language preservation—whether a mobile app, a digital game, or an online platform—can be launched quickly by individuals or small groups without waiting for lengthy organizational approvals.

Startups also identify gaps in existing systems. If young people or women are excluded from decision-making, new initiatives can break those barriers and create fresh forms of participation. Even something as simple as a neighborhood voting platform—where residents directly express priorities like waste management or environmental issues—can grow into a new model of civic engagement.

In fact, even a quick web search reveals countless such examples, underscoring how widespread and adaptable the startup mindset has become across sectors.

Startup-style platforms like Nextdoor, which connects neighbors to coordinate around safety and local services, or Participatory Budgeting initiatives in U.S. cities such as New York and Chicago, where residents vote directly on portions of public spending, show how small experimental tools can evolve into new, scalable models of democratic practice. Similarly, in education and culture, platforms like Duolingo, which turned language learning into an accessible and playful digital experience, or MasterClass, which reimagined cultural and creative education through direct access to world-renowned practitioners, demonstrate how startup thinking can open fresh doors for participation, learning, and renewal.

And in the Armenian diaspora, initiatives such as Zarmanazan, a Western Armenian immersion program blending education with creative experimentation, and INSPARK, which encourages Lebanese-Armenian youth to explore media and innovation, carry the same startup spirit. Alongside projects like HyeConnect and the Armenian Virtual College, they reflect how digital tools, creative networks, and experimental formats are making Armenian language, culture, and identity more accessible to dispersed communities worldwide.

The startup approach shows value quickly, gathers momentum, and often forces larger institutions to adapt.

Examples and Imperatives

Take the case of Western Armenian language preservation. The traditional model has been schooling through Armenian institutions. But diaspora realities have changed, and schools alone are no longer enough. Startup logic suggests mobile apps, games, or interactive platforms that make learning Armenian both fun and competitive. Many such experiments already exist worldwide, and their success shows how small initiatives can scale.

This way of thinking is not limited to language. In cultural life, civic participation, or creative industries, small daring projects can open new doors for involvement and innovation.

From Survival to Renewal

The diaspora can no longer rely solely on the psychology of survival. The traditional institutions that once played a vital role are no longer sufficient to face the challenges of assimilation, fragmentation, and the urgent need for renewal.

What we need are “social startups”—small, bold initiatives that respect our traditions and heritage, but also experiment with new cultural, leadership, and community models. They bridge past and future, creating new forms of participation that invite broader engagement.

Real change almost never begins from the top. It is born in small settings, through courageous experiments, and grows until even the most traditional and conservative systems can no longer ignore it. If embraced, social startups could transform diaspora life from mere preservation into genuine cultural and civic renewal.

Varouj Tenbelian

Վիգէն Պօղոսեան՝ միակ աղեղնագործը Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ

 

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի հիւրն է աղեղնագործ Վիգէն Պօղոսեան՝ փաստօրէն միակ աղեղնագործը Լիբանանի եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ: Վիգէնին արհեստը (կամ արուեստը) սկսած է իբրեւ պարզ հետաքրքրութիւն ու ժամանց, եւ ժամանակի ընթացքին վերածուած՝ մասնագիտութեան։ Այն ինչ որ նախ հետաքրքրութիւն էր, դարձած է նուիրում, համբերութիւն եւ սէր՝ աւանդական աղեղնագործութեան հանդէպ։ Վիգէն որոշ ատեն գտնուած է Հայաստան, ուր ստացած է աղեղնագործութեան իր ներշնչումն ու որոշ գիտելիքները։

ԿԵԱՆՔԸ… Ի՞ՆՉ Է

ԿԵԱՆՔԸ՝ Ծնունդ է
Արեւ մը կ՛ելլէ հոգիին մէջ,
անտեսանելի ձեռքեր կը բացուին,
մարդը կը ծնի մարդ։
Տէրը շունչ կու տայ, օրհնութիւն կը սփռէ։
Առանց հոգիի՝ հող է ու մարմին,
հոգիով՝ կը բաբախէ ԿԵԱՆՔ անմահ ։

ԿԵԱՆՔԸ՝ Ապրում է…
Ապրիլ է պէտք կեանքը՝
ինչպէս աղբիւրը առատ,
ինչպէս ծառը կենարար,
ինչպէս անձրեւը օրհնաբեր։
Ապրիլ ուրախութեամբ,
ապրիլ գոհունակութեամբ,
ապրիլ անձնուէր՝
որ ճշմարիտ ապրինք ԿԵԱՆՔԸ մեր։

ԿԵԱՆՔԸ՝ Հնազանդութիւն է…
Հնազանդիլ –
ոչ թէ կապանքով,
այլ լոյսին՝ յաւիտենական։
Հնազանդիլ՝ ընկալելով,
ընդունելով, համոզուելով։
Երբ սիրտդ խաղաղի, կը վստահիս Տիրոջը,
ու կեանքդ կ՛ըլլայ վստահութիւն։

ԿԵԱՆՔԸ՝ Հաւատք է…
Հաւատալ՝ ինչպէս արմատները հողին,
հաստատօրէն, խորապէս։
Հաւատալ՝ ինչպէս ծովը իր ափերուն,
ամբողջութեամբ, անվերջ։
Հաւատալ սիրով, սպասումով, գործով,
հաւատալ՝ քայլ առ քայլ Տիրոջ ճամբով։

ԿԵԱՆՔԸ՝ Ծառայութիւն է…
Ծառայել՝ որպէս ճրագ մութին մէջ։
Ծառայել սրտով՝ գթութեան աղբիւր։
Ծառայել մտքով՝ խաղաղութեան ուղի։
Ծառայել հոգիով՝ անսպառ հաց։
Ծառայել սիրով՝ եւ կը դառնաս լեցուն։

ԿԵԱՆՔԸ՝ Սէր է…
Սէր՝ որ կը բաբախէ սրտիդ մէջ,
սէր՝ որ կը բոցավառէ հոգիդ։
Սէր՝ որ կը գրկէ բարեկամն ու թշնամին։
Սէր՝ որովհետեւ ամէն ինչ կը բխի Տիրոջմէ։
Սէր՝ այնպէս, ինչպէս կը սիրես զինք։

                                                                                Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան 

Հայ գրականութեան նահանջը եւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր դատարկութեան վտանգը

Հայ գրականութիւնը կը շարունակէ նահանջել հայ կեանքին մէջ։ Հայ գրողներու տեղը եւ դերը աստիճանաբար կը նուազին հայկական մշակութային կեանքին մէջ․ գրական շրջանակէն եկող անձեր աւելի քիչ կը ներառուին ազգային, հասարակական եւ քաղաքական միջավայրին մէջ։ Այլեւս չունինք այնպիսի դէմքեր, որոնցմով ամբողջ հայութիւնը պիտի հպարտանար կամ որոնք միջազգային բեմի վրայ ճանչցուած ու ընդունուած պիտի ըլլային։ Ի հարկէ, այսօր մենք աւելի շատ գրողներ ունինք, քան երեսուն-քառասուն տարի առաջ։ Այսօր գրել եւ գիրք հրատարակելը անհամեմատ աւելի դիւրին է, եւ այսօր անհամեմատ աւելի շատ հայերէն բառեր կը տպուին, քան առաջ։

Բայց ի՞նչ որակով ու ըսելիքով, ի՞նչ բովանդակութեամբ ու պատգամով։

Որակով աղէտալի, պատգամները՝ թերի եւ ծամծմած են, երբեմն ալ ամբողջովին բացակայ։ Հիմնականօրէն հմայքէ զուրկ ու իւրայատկութիւն չունեցող։ Այս երեւոյթին գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ այսօրուան հայ գրականութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ վերարտադրող, այլ ոչ ստեղծող, իբրեւ արձագանգող, այլ ոչ հիմնադրող, եւ այն ալ՝ ոչ թէ սեփական օրակարգի խնդիրներէն մեկնելով։ Այս տրամաբանութեամբ, հայ գրականութեան մէջ արծարծուած թեմաներուն մեծամասնութիւնը արուեստական է եւ կը հետեւի նորաձեւութեան՝ ամերիկեան, եւրոպական, ռուսական, ճափոնական եւ այլն։ Յատկապէս տխուր է, որ սեփական իրականութենէն կտրուած գրական դէմքերը իսկապէս չեն խորանար այն պատճառներուն մէջ, որոնց հետեւանքով գրական որոշ ժանր մը, փիլիսոփայութիւն մը եւ այլն ստեղծուած է այս կամ այն շրջանին մէջ։ Անոնք չեն գիտեր կամ չեն խորշիր ըմբռնելէ այն իրողութիւնը, որ ամէն դար եւ ամէն շրջան ունի իր սեփական, յատուկ խորքայն խնդիրները, որոնք կ’ամբողջացնեն դարաշրջանը, կ’արծարծեն հարցեր եւ կը փորձեն լուծումներ գտնել անոնց։

Որպէս օրինակ նշենք, որ նոյն գերմանական կամ ֆրանսական փիլիսոփայութիւնը պատահականօրէն չէ ծնած, այլ ուղղակի հետեւանքն էր ընկերատնտեսական եւ արդիւնաբերական յեղափոխութիւններուն ու նոր իրականութեան բախումին՝ հին վարդապետութիւններուն հետ։ Աւելին, այն իրականութիւնը, ուր այդ գրականութիւնը ծնունդ առած է, եղած է իրենցը՝ սեփականը։ Գրողները այդ իրականութիւնը խորքով զգացած են, ապրած, եւ կարողացած ստեղծել իսկական գրականութիւն։

Համեմատութեան համար՝ հայ գրականութեան ոսկիէ սերնուդի ներկայացուցիչները, երբ կը գրէին արեւմտահայ կամ արեւելահայ հատուածներու զգացմումներուն եւ ցաւերուն, խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին, անոնք իրական էին, որովհետեւ իրենք իրաւմամբ այդ բոլորին ականատես էին, կը զգային անոնց ազդեցութիւնը, կամ առնուազն փիլիսոփայական մակարդակի վրայ կ’ապրէին այդ բոլորը։ Անոնք նաեւ փայլուն կրթութիւն ունէին, կամ եթէ համալսարանական չէին, ապա այն աստիճանի կարդացած ու գործնականօրէն հմտացած էին կեանքի մէջ, որ անոնց գրածը իրօք իրական էր։ Ինչու՞ Շիրվանզադէի «Նամուսը», «Պատուի համարը», «Քաոսը» կը նկատուէին հայկական իրապաշտութեան գլուխգործոցներ։ Այն պարզ պատճառով, որ Շիրվանզադէն անձնամբ ապրած է Պաքուի ու Թիֆլիսի մէջ, անձամբ ծանօթ եղած է ժողովուրդին, ապրած անոր ամենօրեայ հոգերով, անգիր ճանչցած է այն միջավայրը, զոր նկարագրած է, եղած է անոր մէկ մասն ու կրողը։ Ուստի եւ Շիրվանզադէն իրաւմամբ մտաւորական էր։ Շիրվանզադէն ոչ միայն գեղարուեստական գրող էր, այլեւ հասարակական-քաղաքական կեանքի գործուն մասնակից, վիճաբանող կողմ, ան հայ կեանքի մասնակիցն էր, ձեւաւորողը։ Նոյնը կը վերաբերի արեւելահայ ու արեւմտահայ միւս նշանաւոր, իսկ յետոյ նաեւ խորհրդահայ ու սփիւռքի նշանաւոր դէմքերուն։ Անշուշտ անոնց կողքին քիչ չէին նաեւ անտաղանդ ժամավաճառները, որոնց նկատմամբ կար ծաղրական «մրոտող» կամ «սեւցնող» ածականը։ Րաֆֆին նոյնիսկ յօդուած մը ունի «գրականութեան մէջ պարկապզուկ ածողներու» մասին՝ նշելով անոնց՝ իրականութենէն ամբողջապէս կտրուած ըլլալը եւ այլն։

Արդէն հասկնալի կը դառնայ, որ գրական նման դէմքերը պարզապէս ի վիճակի չեն հասարակութիւն կամ սերունդ կրթելու, անոնք ներգրաուած չեն հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, գրեթէ հեղինակութիւն չունին, բայց կը գրեն ու կը ստեղծագործեն։ Արդիւնքը՝ զէրոյ։

Այս բոլորը ոչ միայն կ’իջեցնեն հայ գրականութեան մակարդակը, այլեւ բացասաբար կ’անդրադառնան հայ խօսքին։ Երիտասարդներն ու պատանիները իրենց առջեւ հարուստ ու գրագէտ խօսք չեն տեսներ, ընդօրինակման արժանի կերպարների չեն տեսներ։ Ամէն ինչ կը կտարուի արագ ու անհետեւանք։ Շքեղ շնորհանդէսները մոռցուած են, գիրքերը արագ կը վաճառուին՝ անարդիւնք ու անարձագանգ։

Այս որակի գրականութիւնը կը հեղինակազրկէ հայ բանաւոր ու գրաւոր խօսքը, հասարակութեան կեանքի ամենէն կարեւոր հատուածներէն մէկը պարապ կը մնայ, եւ այս պարապը կը լեցուի համաշխարհային նորաձեւական երեւոյթներով, որոնց կրթական բաղադրիչը շատ փոքր տեղ կը գրաւէ, չունի որեւէ յստակ ու շարժիչ ուժ։

Մարդոց խօսքը երթալով կը դառնայ աւելի հասարակ, պարզունակ։ Գիրքեր չկարդացող պատանիներուն խօսքը աղքատ է, անկապ։ Անոնցմէ շատերը չեն կարենար բարդ ստորադասական նախադասութիւններ կազմել, երեւակայութիւն չունին։ Աւելի աղէտալի է դպրոցականներու մօտ նկատուող՝ արեւմտահայերէնի նկատմամբ բացասական վերաբերմունքը։ Հայաստանի մէջ, արեւմտահայերէնը գրեթէ օտար լեզուի ընկալում ունի։

Քանի որ չկայ այդ կիրթ ու գործունեայ խաւը, ուրեմն չկայ նաեւ «հաւաքական մտաւորականութիւն», որուն հետեւանքով հայ մամուլը եւ հասարակական կեանքը եւս սկսած են լեցուիլ դատարկութեամբ, անբովանդակ օրակարգով, մանր մեքենայութիւններով, փոխադարձ մեղադրանքներով։ Կը նահանջէ հայ մամուլը, հայերու լեզուամտածողութիւնը կը փոխուի տխուր կերպով։ Հասարակութեան ընդհանուր կրթական մակարդակն կ’իջնէ, անոր առօրեայ խօսքն ու պահուածքը կը գռեհկանան, նոյնիսկ անոր ձգտումները կը փոքրանան, աշխարհայեացքը՝ կը նեղնայ։

Աղքատացած է նաեւ գրական ժանրը, թէեւ հիմա, արտաքուստ կարելի է կարծել, թէ ընդլայնած է։ Գրական հոսանքներ չկան, փիլիսոփայական մօտեցնումներու տարբերութիւններ չկան, գրական բանավէճեր չկան։ Ամէն մէկը իր փոքր խումբով ինքը կը գրէ, ինքը կը կարդայ։ Ինքզինք կը պարգեւատրէ։

Բանաստեղծութիւններ ու վէպեր կը գրուին ու կը տպագրուին՝ ոչինչ ըսող, զուտ անձնական ցանկութիւն, ոչ թէ գրական կայծ։ Մելանը չորցած գրիչներ, ոչինչ աւելի։

Միայն մէկ ընդգծուած առաւելութիւն կայ մեր օրերուն՝ թարգմանութիւնները։ Կան թարգմանուած թէ՛ փիլիսոփայական, թէ՛ գեղարուեստական գրականութեան որոշ նմուշներ, թէեւ, իմ գնահատումովս՝ շատ քիչ։ Այստեղ ալ վաճառքը կը խանգարէ, որովհետեւ Քանթի ու Սփինոզայի բաղդատած, խրախուսական յիմարութիւնները աւելի արագ կը վաճառուին ու դրամին համը տեսած գրախանութն ու հրատարակիչը շատ անգամ անվերջ կը թարգմանեն, կը տպագրեն ու կը վաճառեն այդ բոլորը՝ փողի համար։ Որովհետեւ, արդէն նշուած պատճառներով հաշմուած հասարակութիւնը արդէն պատուէր ու պահանջարկ չի ներկայացներ գրական միջավայրին, ան պարզապէս կը վերցնէ  այն, ինչ կու տան իրեն, իսկ հայաստանեան գորշ ու նեխած միջավայրին մէջ, միայն պարզունակ կրկնութիւններ են, միայն «արտագրուած» միտքեր։

Աւելին, ժամանակակից արհեստագիտութիւնները դիւրացուցած են գրականութեան կեանքը։ Հիմա աւելի շատ հնարաւորութիւն կայ խօսքն ու միտքը տեղ հասցնելու, բայց անոր փոխարէն, մենք կը կարենանք միայն մէկ բան ընել՝ լեցնել զայն ոչինչով։ Ինչու՞ հայ պատանին կը խելագարի գռեհիկ խօսքերով լեցուն անբովանդակ երգերու եւ գիրքերի համար․ անոր ներքին համոզմունքը՞․ ոչ պարզապէս սովը, այլընտրանքի բացակայութիւնը։ Եւ ինչպէս, որ մարմինը կը դառնայ այն, ինչով կը սնանի, ապա հոգին եւ միտքն ալ նույն ձեւով հաշմանդամ կը դառնան հոգեւոր դատարկութենէն։

ՄԱՂԹԱՆՔԻ ՇՈՂԵՐ

Գրիշ Դաւթեան

Թող իմ բոլոր խօսքերը,
Ինչպէս արեւի ճառագայթները,
Իջնեն,
Տաքացնելու քո ճանապարհը,
Լուսաւորելու եւ ուղղելու դէպի իմ գիրկը։

Ճառագայթները մեղմօրէն ոսկեգունում են
մթնոլորտը,
Եւ դիպչում են քո կեանքի քնքշութեանը
Հոգատարութեամբ։

Այս խոստումի օրը,
Լի ծաղկումով եւ պատահականութեամբ,
Հրաւիրում է քո հոգուն առաջ շարժուելու։

Թող քո ամէն առաւօտը
Եռանդով լուսաւորուի,
Քո աչքերում
Մեղմ ու փայլող ծիծաղով։

Քո անցեալը
Հարուստ զգացումներով բովանդակուած
Գրքոյկ է,
Աշխատանքի ջանքերով գեղեցկացուած։

Քո ապագան
Սպասում է հաստատուն իմաստով․
Դու կը հանդիպես իւրաքանչիւր փորձութեան
Եւ իմաստութեամբ կը շահես։

Քանզի բարեկամութիւնն այն համակցութիւնն է,
Որտեղ մենք քայլում ենք,
Երանգների աւելի հարուստ գունաւորութամբ,
Քան մեր անցած ճանապարհը։

Սովորական ժամերին մեղմօրէն փայլում է,
Գաղտնի խորհրդով,
Որտեղ անդադար ուրախութիւն է հոսում։

Քո սրտի մաքուր ջերմութիւնը
Լուսաւորել է իմ գիշերներն ու օրերը․
Քո հաւատարիմ բարութիւնը
Փայլում է անթիւ ձեւերով։

Թող տարիները հոսեն գինու յափրանքով,
Աւելի խորանան,
Երիտասարդութեան առաջին երազանքով։

Թող առողջութիւնն ու ուրախութիւնը
Խարիսխներ լինեն քո ճանապարհին․
Թող գեղեցկութիւնը ողջունի քեզ
Սովորական օրերում։

Եթէ հեռաւորութիւնը ձգուի,
Ապա սրտերը մնան այնքան մօտ,
Ինչպէս շշուկով ասուած օրհնութիւնները,
Որոնք միայն հոգիները կարող են լսել։

Թող աստղերը ուղեկցեն քո թռիչքին,
Լուսինը ընկեր լինի
Գիշերուայ իւրաքանչիւր ստուերում։

Թող քո բոլոր երազանքները,
Ինչպէս պայծառ ամառային երկինքը,
Յաւէրժ փայլեն
Քո անսասան աչքերի առաջ,
Որ ակնդէտ են
Արեւավառ ապագայի։

Հարաւային Կովկասը աշխարհաքաղաքական նոր քարտէսի վրա՞յ: A Review of Challenges to Russia’s Influence in the South Caucasus

Լոնտոն գտնուող ապահովական, ռազմավարական եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու ՆԷՍԹ (NEST) կեդրոնը վերջերս հրապարակեց տեղեկագիր մը՝ «Ռուսիոյ ազդեցութեան դիմագրաւած  մարտահրաւէրները Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագրով (Տեղեկագրին ամբողջութիւնը տեսնել յօդուածի աւարտին, PDF տարբերակով)։ Տեղեկագիրը պատրաստած է Ճոն Լաֆ (NEST-ի կողմէ), մասնակցութեամբ՝ վրացի փորձագէտեր Վալերի Չեչելաշվիլիի, Թէմուր Քեքելիձէի եւ Նոտար Խարշիլաձէի, որոնք փորձառու դիւանագէտեր եւ ապահովութեան մասնագէտներ են՝ երկարամեայ փորձառութեամբ արտաքին քաղաքականութեան, պաշտպանութեան եւ ՆԱԹՕ-ի ու ԵՄ-ի հարցերու:  Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղեկագրին հիմնական եզրակացութիւններն ու միտքերը։

Հարաւային Կովկասը երկար ատեն նկատուած է որպէս Ռուսիոյ «ազդեցութեան շրջանը»՝ տարածք մը, ուր Մոսկուա իր գերիշխանութիւնը կը պարտադրէր զինուորական ներկայութեամբ, տնտեսական ճնշումով եւ ապահովութեան երաշխաւորումներով, որոնք յաճախ չիրականացան։ Սակայն վերջին իրադարձութիւնները՝ 2020-ի Արցախեան երկրորդ պատերազմը եւ 2022-ին Ռուսիոյ ներխուժումը Ուքրանիա, խիստ տկարացուցին այդ հեղինակութիւնը։ Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ, որ Ռուսիոյ հաւաստիութիւնը որպէս կայունութեան երաշխաւոր, խորապէս խախտած է։

Ամենէն ցայտուն օրինակը այսօր Հայաստանն է։ Միշտ տեղեկագրին համաձայն, Մոսկուայի ձախողութիւնը վճռականօրէն միջամտելու Արցախի պատերազմներուն, լքուածութեան զգացում մը ձգած է Երեւանի մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ գրեթէ ամբողջովին Ռուսիայէն կախեալ Հայաստանը, այսօր կը փորձէ վերանորոգել իր արտաքին քաղաքականութիւնը՝ խորացնելով կապերը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ։ Այս շրջադարձը, ըստ տեղեկագրին՝ թէեւ տակաւին խոցելի ու անփորձ, խորքային փոփոխութիւն մըն էր այն երկրին համար, որ երկար տարիներ Մոսկուայի արբանեակներէն կը նկատուէր։

Անհամեմատօրէն նուազ խոցելի կը նկատուի Ազրպէյճանը։ Ըստ տեղեկագրին, Պաքու ամուր կը զգայ Թուրքիոյ հետ ռազմավարական իր դաշնակցութեամբ, զինուորական յաղթանակներով եւ որպէս Եւրոպայի ուժանիւթ մատակարարողի իր դերով։ Հեռու մնալով ՆԱԹՕ-ի կամ ԵՄ-ի անդամակցութեան ընտրանքներէն, Ազրպէյճան կրցած է պակսեցնել իր կախեալութիւնը Մոսկուայէն՝ միաժամանակ խորացնելով համագործակցութիւնը Անգարայի հետ։ Այս հաւասարակշռող քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանը դարձուցած է համեմատաբար կայուն եւ տոկուն։

Վրաստանի ուղեգիծը, սակայն, աւելի մտահոգիչ կը թուի։ Տեղեկագիրը կը մանրամասնէ, թէ ինչպէս ժողովրդավարութեան նահանջը «Վրացական երազանք» կուսակցութեան օրով՝ թուլցուցած է երկրին Եւրոատլանտեան ձգտումները՝ զայն աւելի խոցելի դարձնելով Ռուսիոյ միջամտութեան։ Ըստ տեղեկագրին, քաղաքացիական հասարակութիւնը տակաւին կը մնայ ամուր պատուար մը Մոսկուայի քարոզչական ոտնձգութիւններուն դէմ, սակայն պետական հաստատութիւնները սկսած են տկարանալ՝ կասկածի տակ առնելով Վրաստանի երկարաժամկէտ ուղղուածութիւնը։

Կարկինը լայն բանալով, տեղեկագիրը նաեւ կը քննարկէ այլ ուժերու ներգործութիւնը շրջանին մէջ։ Թուրքիա կը ներկայանայ որպէս ամենէն աշխուժ խաղցողը՝ ամրապնդելով իր դերը որպէս Ազրպէյճանի մօտիկ դաշնակիցը եւ Մոսկուան հակակշռողը։ Իրանը, ընդհակառակը, կը մնայ աննախատեսելի եւ զգուշաւոր գործակից մը Ռուսիոյ համար, որովհետեւ ազրպէյճանաթրքական համագործակցութիւնը կը սահմանափակէ անոր ձգտումները շրջանին մէջ։ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը, թէեւ անկայուն եւ հակասական, կը նկարագրուին որպէս վճռորոշ դերակատարներ, որոնց Թուրքիոյ հետ համակարգումը կրնայ Ռուսիոյ լծակները զգալիօրէն թուլացնել։ Չինաստանն ալ ներկայ է՝ ոչ թէ որպէս աշխարհաքաղաքական մրցակից, այլ որպէս գործնական տնտեսական գործընկեր՝ յատկապէս «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան միջոցով։

Կ’արժէ լուսարձակի տակ առնել այն կէտը, որ տեղեկագիրը վերջին պատերազմները կը դիտէ որպէս շրջադարձային պահեր։ Արցախեան պատերազմները եւ Ուքրանիոյ պատերազմը ներկայացուած են որպէս արագացուցիչներ՝ Ռուսիոյ տիրապետութեան քայքայման։ Տեղեկագրին հեղինակները կը պնդեն, որ Ուքրանիոյ պատերազմին ելքը վճռորոշ պիտի ըլլայ՝ գիտնալու թէ արդեօք Մոսկուա կրնա՞յ վերահաստատել իր վերահսկողութիւնը, թէ Հարաւային Կովկասը պիտի շարժի դէպի աւելի բազմակեդրոն աշխարհաքաղաքական կարգավիճակ մը։

Ուսումնասիրութեան ուշագրաւ կողմերէն են անոր լայն ծիրը եւ հեռանկարային վերլուծումները։ Տարածաշրջանային զարգացումները կապուած են Եւրոատլանտեան ապահովութեան ընդհանուր մտահոգութիւններուն՝ իր հիմաւորումները կառուցելով առեւտրական տուեալներու, զինուորական պայմաններու եւ քաղաքական միտումներու վրայ։ Ամէն պարագայի, տեղեկագիրը յստակ արեւմտամէտ թեքում ունի․ երբեմն կը չափազանցէ Հայաստանի արագ վերակողմնորոշման գործնականութիւնը, կամ նուազագոյնի կ’իջեցնէ Վրաստանի ժողովրդավարական անկումի չափը։ Բաց աստի, տեղական ժողովրդային ձայներն ու տեսակէտները շատ ներկայ չեն. առաջնահերթութիւն տրուած է քաղաքական եւ դիւանագիտական վերնախաւերուն։

Այսուհանդերձ, տեղեկագիրը կը յաջողի ցոյց տալու, որ Հարաւային Կովկասը կը մտնէ նոր շրջան մը։ Ռուսիոյ հեղինակութիւնը կը տկարանայ, Հայաստան կը փնտռէ այլընտրանքներ, Ազրպէյճան կը հաստատէ իր անկախութիւնը, իսկ Վրաստան կը տատանի։ Արեւմտեան շրջանակներու համար այս վերլուծութիւնը թէ՛ զգուշացումներ կը բովանդակէ եւ թէ՛ հնարաւորութիւններ․ մէկ կողմէ՝ Ռուսիոյ ռեվանշիզմի հաւանականութիւնը, Իրանի խոչընդոտները եւ Վրաստանի նահանջը, միւս կողմէ՝ ուժանիւթի աղբիւներու բազմազանումը, նոր գործընկերութիւններու կարելիութիւնը եւ շրջանը Մոսկուայէն հեռու պակելու հնարաւորութիւնը:

Արդարեւ, «Ռուսիոյ ազդեցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները Հարաւային Կովկասին մէջ» տեղեկագիրը ժամանակակից եւ խորաթափանց ուսումնասիրութիւն մըն է․ ան ցոյց կու տայ, որ տարածաշրջանը այլեւս միայն կրաւորական դերակատար մը չէ, այլ կը վերասահմանէ իր դերը աշխարհաքաղաքական համաշխարհային քարտէսին մէջ։

NEST-Centre-Challenges-to-Russias-influence-in-the-South-Caucasus-1

 

ՅՈՒՇԴ ․․․ ԵՐԲԷՔ ՉԻ՛ ՄԱՀԱՆԱՅ․․․

Որքա՛ն ծածկես,
Ինչո՛վ ծածկես,
Փշրե՛լ փորձես,
Ծո՛վը նետես
Կամ քամուն տաս,
եւ եթերի ալիքներու
Անորոշին փորձես յանձնել․
Յուշդ երբե՛ք չի՛ մահանայ․․․

Ան հոգիիդ ծալքերուն մէջ
Լուռ ու խոնարհ,
Անխօս պիտի
Հետդ խօսի
Երգէ պիտի, երբմն՝ լայ
Երբ առանձին
Ծալքերուն մէջ ժամանակին դուն դեգերիս․․․

Պիտ՛ պատկերէ սուրբ պահերդ,
Կենդանացնէ լռութիւնդ,
Եւ փարատէ երազներուդ մթութիւնը
Եւ պատկերէ արշալոյսերն դեռ չբացուած
Երանութեանդ աշխարhին մէջ․․․

Յուշդ երբէ՛ք, չի՛ մահանայ․․․

Թէ անունդ անգամ փոխես,
Երկինքներէն տիեզերքի
Ան թագնուած գոյութիւնդ կը յիշեցնէ․․․

Կը նոյնանայ պահերուդ հետ
Երբ առանձին խոհերուդ մէջ
Մտերմութիւնդ կերպարես՝
Կեանքին դուն գաս․․․

Տարօրինակ եւ բազմաթիւ երանգներու խուրձ է յուշդ՝
Ե՛ւ քաղցրութիւն, հպարտութիւն,
Ե՛ւ խնդութիւն, երջանկութիւն,
Ատելութիւն եւ տառապանք,
Բազում զղջում ցաւ ու տանջանք,
Խանդաղատանք ու լուռ բերկրանք
Հոգիդ կրծող պահեր թագուն
Եւ պահերու երամ կազմած երանութիւն․․․

Բայց․․․
Քո՛ւկդ է․․․
Քո՛ւկդ է միայն․․․

Յուշդ ու Դո՛ւն
Լո՜ւռ, անթափանց գոյութիւն էք,
Միաձուլուած գոյակցութեան ամբողջութիւն։
Երազներու ճանապարին
Զոյգ անբաժան լուռ ճամբորդներ․․․

Յուշդ թուղթ չէ, որ կրակ տաս եւ մոխրացնես
Եւ քամուն տաս․․․
Յուշդ խորանն է սրբակուռ
Ուր միայն դո՛ւն, առանձնութեանդ լռութեան մէջ,
Մոմ կը վառես
Եւ լոյսին հետ
Շարականներ կը յօրինես․․․

Յուշդ դո՛ւն ես՝
Էութեանդ ո՛ւղն ու ծո՛ւծը
Եւ
Մարդութեա՛նդ մարդութի՛ւնը․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
4 Սեպտեմբեր 2025

Շղթայուած Սէր

Առաւօտ է,
նորանոր հանդիպումի յոյսերով
եւ կարօտով լեցուն,
ես կը քալեմ դէպի աղբիւր…
հոն՝ ուր արեւը կը ժպտայ,
մեր հոգիներու պարը դիտելով…
հոն՝ ուր ծառերը կը խշշան,
վկայելով մեր սիրոյ անուրջին…
հոն՝ ուր ծիտերը կ՛երգեն,
ձայնակցելով մեր հեշտանքին…
Եւ կը քալեմ դէպի աղբիւր…
    բայց ամպոտ է…
Մեր հոգիները կ՛ուզեն պարել
անտեսելով շղթաներու կապանքները,
մեր սիրտերը ծարաւ են բերկրելու անոնց միաձուլումին…
նոյնիսկ ծիտերը թռվռալով
կ՛առաջնորդեն զիս հո՛ն
ուր ամբողջ երամ մը կը սպասէ,
իրենց դրախտային մեղեդիով
ընկերակցելու մեր պարին:
Բայց կապանքները կը սեղմուին եւ կ՛ամրացուին վիզէն մինչեւ ոտքերը,
մեր ամէն մէկ շարժումին հետ
չէզոքացնելով դրախտային այդ մեղեդին:
   Ինչպէ՞ս պարել կապանքերով…
   ինչո՞ւ պարել կապանքներով…

Դեռ աղբիւրը կը գլգլայ,
դեռ արեւը կը ժպտայ,
դեռ ծիտերը կը սպասեն
եւ ծառերը կը խշշան..
Իսկ մեր հոգիները կը հիւծին
ազատութեան մաքառումով
եւ կ՛ամոքուին երբեմնի ցնորքներով…

ՄաՏէ
5 Օգոստոս 2023