«տարբերակ21» հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի հիւրերն են երկու երիտասարդ տաղանդաւոր երաժիշտներ եւ շնորհալի երիտասարդներ՝ Անտրիա Տեմիրճեանը եւ Ալեք Տօներեանը։ Ալեքը ելոյթներ ունեցած է նուագախումբերու հետ Լիբանանի եւ Իտալիոյ մէջ, իսկ վերջերս մասնակցեցաւ Մոսկուայի Աշխարհի Երիտասարդական Նուագախումբի փառատօնին։ Անտրիան ջութակ սկսած է նուագել միայն չորս ու կէս տարեկանին։ Այսօր ան Լիբանանի Ազգային Երիտասարդական Նուագախումբի քոնցերթմասթըրն է եւ արդէն ելոյթ ունեցած է իբրեւ մենակատար՝ Լիբանանի մէջ եւ այլուր, ներառեալ՝ Մոսկուայի վերջին փառատօնին։ Ալեք եւ Անտրիա կը մարմնաւորեն Լիբանանի նոր սերունդի ստեղծարար ոգին, ուժն ու նուիրումը՝ իրենց տաղանդը հասցնելով միջազգային բեմեր:
Տաղանդաւոր ջութակահարներ եւ շնորհալի երիտասարդներ Ալեք Տօներեան եւ Անտրիա Տեմիրճեան
Պիտակներ
Subscribe
0 Comments
Oldest
Newest
Most Voted