Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսները շատ հարուստ եւ առատ կ’ըլլան պտուղներով եւ այդ իսկ պատճառով առտուայ կանուխ ժամերէն կը սկսին մեր թաղը թափառիլ պտղավաճառ փերեզակներ. մէկը բարձրաձայն կը պոռայ՝ «ալ սէքքին եա պաթթիխ…» միւսը՝ «ասալ տէրրա» եւ այլն: Սակայն այս բոլորին մէջ հետաքրքրակսն էր, որ շատ հազուագիւտ կը տեսնէինք խաղող վաճառող մը, իսկ եթէ պատահէր, անոր կառքը անձայն կ’անցնէր: Զարմանալի էր, որ երբ մեր թաղեցիները մօտենային այդ կառքերուն, անոնցմէ ոչ մէկը խաղողին կողմը կը նայէր եւ երբեմն ալ ծուռ նայուածքով մը կը չափէին խեղճ ծախողը. կարծես մեղք մը գործած ըլլար ան: Շատ անգամ, կիներ իրարու կը նայէին եւ զարմանքով ու բարկութեամբ հարց կու տային, թէ Օգոստոս 15-էն առաջ խաղող վաճառել կ’ըլլա՞յ, ապա կ’աւելցնէին, «քանի անգամ ըսինք որ այս թաղերէն խաղողի կառքով չանցնին, խօսք չեն հասկնար», միւսն ալ կ’ըսէր՝ «օտար են, ի՞նչ գիտնան», անդիէն ուրիշ մը կարծես աւելի բարկացած կ’աւելցնէր՝ «շատ լաւ գիտեն, բայց դրամ պիտի շահին»:
Այս բոլոր խօսակցութեան եւ իրարանցումին մէջ, մենք՝ փոքրերս կը մնայինք ապշահար եւ ափ ի բերան, թէ ինչո՞ւ խաղող պիտի չծախեն կամ թէ մենք ինչո՞ւ պիտի զրկուինք խաղողէն՝ այդ մեղրահամ պտուղէն ու գեղեցիկ ողնկոյզներէն՝ կարմիր ու դեղին ու իրենց կախարդական երանգներով, որոնց վրայ ջուրի կաթիլներըը կը փայլէին յատկապէս, երբ արեւը կը շողար, սակայն անոնք կառքին վրայ մերթ ընդ մերթ օրօրուելով կը հեռանային մեր թաղէն մեր անմեղ բերաններէն լորձունքները հոսեցնելով:
Այդ օրը, տունը հայրիկիս կը գանգատէինք, թէ մաման մեզի խաղող չգնեց. վերջ ի վերջոյ «արգիլուած պտուղը յարգի կ’ըլլայ»: Հայրս գլուխը կը շարժէր, իսկ մայրս միշտ նոյն պատասխանը կու տար, «Աստուածածնայ տօնէն առաջ եւ մինչեւ խաղողը չօրհնուի, մեր տունը խաղող չի՛ մտներ, մեղք ունի»: Երեխաները ի՜նչ հասկնան մեղքէն, սակայն մենք ալ չէինք համարձակեր նոյն հարցումը կրկնելու, կը հնազանդէինք, բայց եւ այնպէս, մեր տարիքին համապատասխանող համոզիչ ու յստակ բացատրութիւն մը չունէինք: Մեզմէ կը պահանջուէր հնազանդիլ եւ վերջ: Այդպէս ալ կ’ըլլար:
Մինչեւ այսօր շատ լաւ կը յիշեմ թէ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ գտայ այս սովորութեան ու քրիստոնէական հիմնական տօներէն՝ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին բացատրութիւնն ու խաղողին հետ անոր կապը. հայերէնի «Արագած» դասագիրքիս մէջէն, զոր մինչեւ օրս կը պահեմ թէրեւս հինգերորդ դասարանէն ի վեր, երբ կարդացինք Աւետիս Ահարոնեանի «Դատաստանը» պատմուածքը:
Հեղինակը կը պատմէ, թէ ինք եւ իր քոյրերը ունէին Թորոս անունով խորթ եղբայր մը շուրջ տասնեօթը տարեկան, որ իր հօր առաջին ամուսնութենէն էր: Թորոսը հուժկու, լայն թիկունքներով ու խոժոռ դէմքով տղայ մըն էր եւ իրենց տան կովերը կ’արածէր ամբողջ օրը կիզիչ արեւուն տակ: Ան միշտ լուռ էր, մտածկոտ ու գլխահակ, «Ան չէր սիրեր մեզ, մենք ալ զինք չէինք սիրեր, հայրս ալ կը դժգոհէր թէ գլխահակ մարդը կասկածելի է: Այդ պատճառով ալ մենք զինք քաւութեան նոխազ դարձուցած էինք եւ բոլոր անկարգութիւնները անոր կը վերագրուէր. ան երբեք չէր բողոքեր, չէր արդարանար, լուռ էր, իսկ ես եւ քոյրերս անողորմ էինք, անգիտակից ու անգութ»: Օր մը հայրը շատ բարկացած տուն կու գայ թեւին տակ շալկած խոտերու մէջ փաթթած ոստի նման բան մը, մինչ անոր աչքերէն կրակ կը թափի. ապա խորունկ ու տխուր շունչ մը քաշելէ ետք, կը հարցնէ քոյրերէն մէկուն, «Աղջի՛կ, այդ անիծուածը այս առաւօտ կովերը ո՞ր կողմէն դաշտ տարաւ. այգիի՞ն մօտէն, թէ նախիրի ճամբէն»: Անիծուած ըսելով կ’ակնարկէր Թորոսին: Թորոսը այգիին քովէն անցնելով գացած էր դաշտ: Հայրը զայրոյթէն ձեռնափայտը ձեռքին մէջ ճզմելով կը բացագանչէ, «Ան է, ուրիշ ով պիտի ըլլայ, նզովից արմատ, միշտ ան…»: Երբ Թորոս տուն կը մտնէ, հայրը ցոյց տալով այդ խոտերուն մէջ դրուած խաղողի որթատունկի մեծ, թարմ ոստ մը՝ կիսահաս ողկոյզներով, կ’աւելցնէ, «Աստուած նզովէ քեզ, ո՞վ տեսեր է, որ հայ քրիստոնեան Աստուածածինէն երկու շաբաթ առաջ խաղող ուտէ, մեղք է, նայէ՛ ինչ ըրեր ես, թող ձեռքդ կոտրեր ասոր փոխարէն», ու գաւազանը վեր ճօճելով ամուր մը կ’իջեցնէ Թորոսին թիկունքին, բայց Թորոս կը մնայ լուռ՝ արցունքի կաթիլը աչքին իր հայեացքը սեւեռելով փոքրիկ յանցաւորին աչքերուն, որուն ձեռքը կը սկսի այրիլ եւ երբ ալ անկարելի կ’ըլլայ պահել իր գործած յանցանքը, ան հեծկլտալով կը պոռայ, «Ե՜ս եմ, հայրի՛կ, ես կոտրեր եմ ճիւղը… ես գողցեր եմ… Թորոսը մեղք չունի»: Տնեցիները բոլորը շշմած, կարծես երկինքը փուլ եկած է յանկարծ: Հայրը անմիջապէս ներողութիւն կը խնդրէ իր անդրանիկէն ու դառնալով կրտսերին կ’ըսէ, «թող Աստուած քեզ…» սակայն ան չի կրնար անիծել զայն, եւ շարունակելով կ’աւելցնէ, «ես ինչ ըսեմ, դուն իմ ՀՈԳԻՍ կորսնցուցիր, օօօֆ»: Այդ գիշեր տան մէջ ոչ մէկուն աչքին քուն կու գայ եւ երբ յանցաւորը անկողինին մէջ վերմակը գլուխը քաշած ծածուկ կու լայ, անդին կը լսուի նաեւ հօրը մերթ ընդ մերթ խորունկ օօֆերը:
Այս պատմութիւնը խորապէս տպաւորած է իմ նոր զարթնող ու թարմ միտքս, երբ յատկապէս ուսուցիչը մեզի հասկնալի ձեւով կը բացատրէր այս տօնին արմատը, թէ Քրիստոս Նոր Կտակարանին մէջ ինքզինք նմանցուցած է խաղողի, «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը եւ դուք ճիւղերը, եթէ ինծի միացած մնաք, դուք առատ պտուղ կու տաք. Յովհ.15:5», ապա շատ գեղեցիկ կերպով խաղողօրհնէքի արարողութիւնը կը կապէր Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, որովհետեւ Ասուածամայրը ինքն էր որ աշխարհ բերաւ ճշմարիտ որթատունկը՝ Յիսուս Քրիստոսը: Այդ օրհնուած խաղողով նաեւ մեր եկեղեցւոյ պատարագի գինին կը պատրաստուի:
Այդ օրէն մինչեւ այսօր ո՛չ Ահարոնեանի Ահարոնեանի պատմուածքը միտքէս կը հեռանայ, ո՛չ ալ ուսուցիչիս բացատրութիւնը եւ ամէն անգամ երբ լսեմ, «խաղողը պիտի օրհնուի որ ուտենք», մեղմ ժպիտ մը կ’ուրուագծուի դէմքիս վրայ ու աչքիս առջեւ կու գան մեր թաղեցիներն ու պտղավաճառ փերեզակները եւ անոնց ծածուկ ու ամօթխած եւ երբեմն ալ ճարպիկ ճիգը՝ խաղող ծախելու Օգոստոս 15-էն առաջ:
Աստուածածնայ Վերափոխման տօնէն ու Խաղողօրհնէքէն առաջ մեր տունը խաղող չի մտներ եւ պատահի որ հրամցուի, ոչ ձեռքս կ’երթայ, ոչ ալ սիրտս կ’ուզէ, ընդհակառակը օրհնուելէն ետք, աներեւոյթ ուժ մը զիս կը մղէ ու կ’ըսէ, «ուզածիդ չափ կե՛ր»:
Եւ ահա այսօր, նոյն թաղի փողոցներուն մէջ, նոյնիսկ Աստուածածնայ տօնէն առաջ, կը տեսնես մարդիկ, մեծ խանդավառութեամբ խաղող կը գնեն։ Գիծ մը արդէն գծուած է՝ հին, կարօտալի օրերը անջատող անծանօթ ու աննախատեսելի ապագայէն։ Մէկ կողմը՝ յիշատակներու անուշ բուրմունքը, միւս կողմը՝ վաղուան անորոշութիւնը…
Լենա Պօղոսեան



