Հաչիքօ. սիրոյ եւ հաւատարմութեան պատմութիւն մը

Խաչիկ, իր ծննդավայր Պէյրութի առօրեայ կեանքի կողքին, սիրած է որսորդութիւնը, եւ յաճախ ընկերներով Լիբանանի գիւղերուն մէջ անցուցած է իր ոչ-աշխատանքային օրերը, եւ այդ օրերուն է, որ զրոյցի մը ընթացքին շուն մը ունենալու փափաքը կ’արտայայտէ: Ի պատասխան այդ փափաքին, ընկերներէն մէկը, որ լապրատօր շուն մը ունէր, կը խոստանայ իր շան ձագերէն մէկը նուէր տալ խաչիկին որպէս երախտագիտութիւն անոր կատարած բարիքներուն: Խաչիկին սկզբունքներէն էր «ԲԱՐԻՔ ԸՐԷ, ԾՈՎԸ ՆԵՏԷ»:

2013-ին, յարգելով իր խոստումը, Խաչիկին ընկերը երկուքկէս ամսու լապրատոր շնիկ մը կը նուիրէ իրեն: Խաչիկ շնիկը կ’անուանէ Հաչիքօ: Եւ այդ օրէն սկսեալ, Խաչիկ կը խնամէ իր շունը ինչպէս իր տան մէկ անդամ-զաւակը ըլլար: Կեանքը բնական կ’ընթանար եւ Խաչիկ երբեք չէր մտածած Պէյրութէն հեռանալու եւ գաղթելու մասին: Սակայն 2016-ին, Խաչիկ իր ընտանիքին հետ կը գաղթէ Լոս Անճելըս, բայց ան չի կրնար Հաչիքոն իր հետ տանիլ եւ այդ պատճաոով ալ զայն կը վստահի իր ընկերոջը, որ Այնճարի մէջ ամառանոց ունէր: Խաչիկ իր միտքը հանգիստ պահելու համար, ամէն շաբաթ կը հեռաձայնէր Հաչիքոյի վիճակը հարցնելու, եւ միաժամանակ Հաչիքոյին լուսանկարները ստանալով, ան կը մխիթարուէր: Որոշ ժամանակ, Հաչիքոյի լուսանկարները կը դադրին, եւ Խաչիկ մտահոգ կը հետաքրքրուի ու կ’իմանայ, որ ամառանոցի հիւրերուն կեցութեան հետ Հաչիքոյի անյարմարութեան պատճառով, Հաչիքոն յանձնուած էր մէկ այլ ընկերոջ: Խաչիկ անմիջապէս կը հեռաձայնէ եւ կը հարցնէ Հաչիքոյին վիճակը եւ երբ կը տեսնէ, թէ ան շղթայով տանիքը կապուած է, Խաչիկին հոգին կ’ալեկոծի, խիղճը կը տանջուի յիշելով, որ Հաչիքոն ի՜նչ յարմարաւէտ պայմաններու մէջ ապրած էր:

Հաչիքոն Լոս Անճելըս բերելու վճռականութեամբ, Խաչիկ անմիջապէս կը կապուի իր ընկերներուն, որ ճամբորդական գրասենեակի մը միջոցով կազմակերպէ Հաչիքոյին Լոս Անճելըս փոխադրութիւնը: Սկիզբը առաքման արժէքը 1500 Ամերիկեան տոլար էր, բայց անվերջ ուշացումներէ յետոյ ճամբորդութեան սակը կը բարձրանայ մինչեւ 2500 ամերիկեան տոլարի, որուն Խաչիկ համաձայն կը գտնուի, բայց եւ այնպէս բաւական ժամանակ անցնելէ ետք, գործը չի յաջողիր: Խաչիկ չի յուսահատիր եւ ի վերջոյ մէկ ուրիշ պէյրութահայ ընկերոջ մը միջոցով եւ գրասենեակի մը խոստումով, Խաչիկ 3000 տոլար կը վճարէ, եւ Հաչիքոն Qatar Airways-ի թռիչքով կը տեղափոխուի Լոս Անճելըսի օդակայան:

Մէկ ու կէս ժամ տեւած փաստաթուղթերուն ստուգումէն ետք, Խաչիկ կը տեսնէ Հաչիքոն փոխադրական վանդակի մը մէջ: Հաչիքո իսկոյն կը նկատէ իր տէրը, կը ցատկէ պոչը անընդհատ շարժելով ու արտասովոր մեղմ հաչիւններով… ուրախութիւնը անսահման էր:

Հաչիքոյի սիրած ժամերն են Ipad-ի վրայ game դիտելը:

Խաչիկ մեծ հոգատարութեամբ կը շարունակէ խնամել Հաչիքոն իր զաւկին նման : «Հաչիքո արթուն պահակն է ու ամէն օր դռան առջեւ պառկելով կը սպասէ տան բացակայ անդամին վերադարձը» : «Շա՜տ ուշիմ է», — « Հաչիքօ՛, ներս եկուր, տեղդ պառկիր, Նարեկը պիտի չգայ այս գիշեր» — այս խօսք լսելով Հաչիքո կ’անցնի ներս իր տեղը: Կը պատմէ Խաչիկ …Ի՜նչ հաւատարիմ ու հնազանդ է Հաչիքոն…

Տարիքը ազդած է եւ Հաչիքոյին տեսողութիւնն ու լսողութիւնը տկարացած են. դեղորայքի եւ անսահման խնամքի շնորհիւ Հաչիքոն կը շարունակէ իր կեանքը այն մարդուն հետ, որ բնաւ չհրաժարեցաւ իրմէ:

Խաչիկ Թաշճեան եղած է երեսփոխանի թիկնապահ եւ այդ տարիներուն ձեռք երկարած է հարիւրաւոր մարդոց եւ օգնած անոնց հարցերու լուծումներ գտնելու շնորհիւ իր ունեցած պաշտօնին:

Առ ի տեղեկութիւն

Լապրատորը կը նկատուի աշխատանքային շուն եւ փրկարար: Մեծ է անոնց դերակատարութիւնը օդակայաններու մէջ:

“Hachi: A Dog’s Tale” (2009) յայտնի ամերիկեան շարժանկար է, ուր փրոֆ. դասախօսը լքուած շուն մը կը գտնէ ու կը տանի տուն։ Որոշ ժամանակ յետոյ անսովոր ու անխզելի կապ կը ստեղծուի իր շունին հետ։ Պատմութիւնը ունի շատ ցաւալի աւարտ մը:

Հաչիքոն հրաշալի շուն մըն է: Իր սիրած մարդիկը ճանչնալու ունակութիւն ունի։ Ճափոնական մշակոյթին մէջ, ան համարուած է հաւատարմութեան եւ նուիրուածութեան օրինակ։ HACHIKO: A LEGENDARY FAITHFUL DOG

2010-2016 տարիներուն, Խաչիկ Թաշճեան եղած է թիկնապահը Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարի եւ լիբանանի խորհրդարանի անդամ Միշէլ Ֆարաոնի :

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Լուսին
Լուսին
10 months ago

Հիանալի հաւատարմութիւն եւ նուիրուածութիւն:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x