Ժպիտ ու արցունք․ անշահախնդիր բարեկամութեան վկայութիւն մը

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Օրիորդ Մարին մեր դպրոցի նախակրթարանի բաժինին ուսուցչուհիներէն էր։ Ան փոքր կարգերուն թուաբանութիւն կ՛ուսուցանէր։ Դէմքը ժպիտով ու ջերմութեամբ համակուած՝ մտերմութիւն կ՛արտացոլէր․ խօսակցութիւնն ալ համակրելի եւ ոգեշնչող՝ զրոյցի յարմար առիթ մը կ՛ընծայէր ։ Ան մեզի թաղեցի էր եւ մօրս ալ բարեկամուհի։ Առտուները, երբ ես ու մայրս, մեր շէնքի անկիւնադարձին, դպրոցական պասը կը սպասէինք, օրիորդ Մարին իր երկու զաւակներուն՝ Րաֆֆիին եւ Սիւզանին հետ, դիմացի շէնքէն դուրս կու գար եւ դէպի մեզ կ՛ուղղուէր, որ նոյն պասով դպրոց մեկնէինք։ Ամուսինը լքած էր զիրենք եւ հեռացած երկրէն։ Թաղեցիներէն ոչ ոք գիտէր թէ ինչո՞ւ․․․ այնուհետեւ ոեւէ մէկը արդարացուցիչ պատճառաբանութիւն մը չէր գտած այս «անհիմն» արարքին։

Ամառնային արձակուրդը կը պատրաստուէր հրաժեշտ տալու, բայց իր ազատութեան հովերը տակաւին կը թեւածէին մտածումներուս մէջ։ Օրերը կը նեղնային, կարծես ժամանակը ինք կը շշնջար, թէ վերամուտը կը մօտենար։ Վերամուտ, որ յաճախ խառն զգացումներու եւ ակնկալութիւններու հետ միաձուլուած կը յայտնուի, ինչպէս աշունը իր փոփոխական բնութեամբ։ Նոր սկիզբի մը պատկերացումով՝ սիրտս կը բաբախէր, բայց խանդավառ էի կրկին հանդիպելու դասընկեր-դասընկերուհիներուս եւ բաժանեկցելու ամռան մեր յիշատակները։ Աշնան առաւօտ մըն էր, տերեւաթափ ծառերուն յատակը՝ դեղին ու ոսկեգոյն շղարշով մը ծածկուած, կարծես գորգ մը կը փռէին քայլերուդ տակ, իսկ մեղմ հով մըն ալ դէմքդ կը շոյէր, երբ ես ու մայրս Մարտիկեան Վարժարան ուղղուեցանք․ արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ գիրքերու եւ տետրակներու վաճառքը սկսած էր։

Դպրոցին սրահը՝ Հայերէն լեզուի ուսուցչուհին, օրիորդ Գոհարը մեզ դիմաւորեց եւ ժպիտ մը ծաղկեցաւ իր սեւ ու գրաւիչ աչքերուն մէջէն։

—Լի՛զա, արդէն չորրորդ դասարան պիտի անցնիս։ Ի՞նչպէս էր ամռան արձակուրդդ— ըսաւ։

—Լաւ Էր, օրիորդ— ըսի ժպտալով։

Ան մեզի յանձնեց այդ տարեշրջանի գիրքերը։ Պարոն Սարգիսն ալ, որ  երգեցողութեան եւ այլ կարգերու Հայերէն լեզուի ուսուցիչ էր, դասացուցակ եւ տետրակները յանձնեց։ Երբ Օրիորդ Մարին չտեսանք, մայրս հարցուց, թէ ան դպրոց եկա՞ծ էր այդ օրը։  Տեղեկացանք թէ, քառորդ ժամ առաջ մեկնած էր դպրոցէն, որովհետեւ կարեւոր ժամադրութիւն մը ունէր։

Ես ու մայրս, երկու մեծ տոպրակներով, դէպի Անթիլիասի հրապարակը քալեցինք, ուրկէ թաքսիով մը տուն պիտի վերադառնայինք։ Վայրկեան առաջ կ՛ուզէի տուն հասնիլ եւ նոր գիրքերուն էջերը մէկիկ-մէկիկ թերթել։ Խանդավառ էի, որովհետեւ նոր գիրքերու եւ տետրակներու գրաւիչ բոյրն ու պատկերազարդ էջերը, կարծես զգայարանքներդ կը զարթնեն եւ որոշ ոգեւորութիւն մը կը  ներշնչեն, ինչպէս երբ գեղեցիկ պատկերներով՝ հեքիաթային չքնաղ աշխարհ մը կը պարզուի դիմացդ։

 Հրապարակ հասանք եւ նկատեցինք թէ մարդիկ ինչ-որ բանի մը շուրջ բոլորուած են։ Աւելի մօտեցանք եւ տեսանք կին մը՝ արիւնլուայ եւ ուշաթափ, գետին փռուած էր։ Փորձեցինք ճեղքել այդ շրջագիծը եւ անակնկալը շատ մեծ էր․․․մայրս յանկարծ ճչաց։

—Օ՜հ, Մա՛րին է․․․Մարի՜ն․․․

Շատեր կ՛աշխատէին ուշքի բերել զինք, հոն գտնուող վաճառատուներու աշխատաւորները նոյնպէս կը փորձէին օգտակար դառնալ, սակայն ապարդիւն․․․

Ի՞նչ պատահած էր․․․ներկաներէն մէկը ըսաւ թէ, ինք տեսած էր՝ հեծանիւով պատանի մը, որ օրիորդ Մարիին բախելով զայն գետին փռած էր։ Գլուխն ալ զարնուած էր ճամբուն ծայրը գտնուող քարի պատնէշին, որ կամուրջին եզերքն էր եւ որուն տակէն կ՛անցնէր Անթիլիասի գետը։

Ժամանակը կարճ էր, վայրկեանները ծանր եւ ճակատագրական․․․

Մայրս թաքսի մը ապսպրեց, ինքը ետեւը նստաւ, օրիորդ Մարիին ալ տեղաւորեցին մօրս քովը, գլուխը՝ մօրս ուսին վրայ թեքած։ Իսկ ես առջեւը նստած՝ գիրքերու եւ տետրակներու տոպրակներով ծանրաբեռնուած։

ես գիրքերուս հետ տուն պիտի վերադառնայի, իսկ մայրս ալ օրիորդ Մարիին հետ հիւանդանոց։ Բարեբախտաբար հիւանդանոցը մօտ էր։ Երբ թաքսիին մէջ ետեւ դարձայ, որ մօրմէս տան բանալին առնեմ, տեսարանը ահարկու էր․․․ Օրիորդ Մարիին գլխուն արիւնահոսութիւնը, մօրս հագած բաց կապոյտ շապիկը ամբողջութեամբ կարմիրով ներկած էր։

Տուն վերադարձայ եւ գիրքերուն տոպրակը մէկ կողմ դրի։ Սեւ միտքերը խանդավառութիւնս խեղդեցին եւ խառնաշփոթ մտմտուքներ յառաջացուցին։

—Ի՞նչ պիտի ըլլար օրիորդին ճակատագիրը։

—Հապա եթէ չապրէր․․․

Եկար ժամեր անցան․ Տան մէջ բոլորս անհամբեր կը սպասէինք մօրս վերադարձին։ Իրիկնամուտին՝ երբ մայրս տան դռնէն ներս մուտք գործեց, փորձեցինք իր դէմքի արտայայտութենէն բան մը կռահել։ Սակայն մօրս դէմքին հանդարտութիւնը հանգստացուց մեզ։ Օրիորդ Մարին վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուած էր, որ երկար ժամեր տեւած էր։ Անոր մօտիկ պարագաները նոյնպէս հիւանդանոց եկած էին։ Գործողութիւնը յաջող ընթացած էր, բայց․․․ դժբախտաբար ան կորսնցուցած էր իր յիշողութիւնը։

Ամիսներ անցան, օրիորդը չտեսանք, բայց իր լուրերը կ՛առնէինք իր եղբայրներէն, որոնց հոգատարութեան տակ կը մնար ան։ Առողջական վիճակը աւելի կայուն էր, սակայն հեռացած էր իր առօրեայ աշխուժ կեանքէն, ուսուցչական ասպարէզէն եւ գրեթէ «ամէն ինչէ»։ Քանի մը տարի ետք, օրիորդ Մարին եւ իր զաւակները փոխադրուեցան Ամերկայի Միացեալ Նահանգներ։ Իմացանք թէ, յիշողութիւնը սկսած է կամաց-կամաց վերագտնել։ 

Մօտաւորապէս տասնեւհինգ տարի առաջ, օրիորդ Մարին իր զաւակներուն հետ Լիբանան այցելեց եւ իր  բնակած նախկին թաղին մէջ տուն մը վարձեց։ Մայրս տակաւին ողջ էր․ որոշեցինք հանդիպիլ։ Շատ յուզումնախառն պահեր էին, երբ երեսուն տարի ետք, երկու բարեկամուհիներ իրարու հանդիպեցան։ Յուշերու ալիք մը ստեղծուեցաւ․ ժպիտները եւ արցունքները խառնուեցան։ Նոյնիսկ եթէ ժամանակն ու տարիքը փոխած էին անոնց արտաքինը, սակայն ջերմութիւնն ու անկեղծութիւնը տակաւին կը ցոլային անոնց յարաբերութեան մէջ։

Սիւզանը ինծի դառնալով՝ ըսաւ։

—          Լի՛զա, անկարեկի է որ մոռնանք ․․․ մայրդ՝ մօրս կեանքը փրկեց․ մօրդ կատարածը «գին» չունի։

Ներկայիս կարելի՞ է անշահախնդիր բարեկամութիւններ նշմարել, որոնք նոյնիսկ տարիներու ճեղքերուն ընդմէջէն տակաւին կը գոյատեւեն ու կը մնան անփոփոխ։ Բարեկամութիւններ, որոնք բառերով չեն արտայայտուիր, այլ սիրտի խորքերէն կը ծլին եւ ամբողջ հոգիով կը զգացուին ու կ՛ապրուին։ Կա՞ն արդեօք դպրոցական աշակերտներ, որոնք խանդավառ են իրենց դպրոցական նոր գիրքերով։ Ինչպէս ըսած է Յովհաննէս Թումանեան՝ «Գիրքը լոյս է, առանց գիրքի մարդը մթին մէջ կ՛երթայ»։ Մեր դասագիրքերը թող շարունակեն նոր սերունդին ճամբան լուսաւորել եւ ոգեշնչել դէպի աւելի շողշողուն ապագայ։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x