Ճշդապահութիւնը՝ յարգանքի եւ վստահութեան հիմք

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Վերջերս, երբ Երեւանէն Պէյրութ կը վերդառնայի եւ օդանաւը սկսած էր կամաց-կամաց վայրէջք  կատարել Միջերկրականի կապոյտին վրայով, պատուհանէն հրաշագեղ պատկերներ պարզուեցան տեսողութեանս առջեւ։ Լիբանանի արեւոտ եւ գեղատեսիլ ծովեզերեայ շրջաններէն մինչեւ զմրուխտապատ լեռները․ շքեղ ու բարձր շէնքերէն մինչեւ Ռաուշէի հսկայ եւ գերիշխող ներկայութեամբ ժայռերը։ Աշխարհագրական յատուկ դիրք վայելող եւ այլազան մշակոյթներով կոփուած այս երկիրը գերած է ստուար թիւով ժողովուրդներու սիրտը։ Արտասովոր երեւոյթներու երկիր մը, ուր ամէն ինչ հնարաւոր է․ երկիր մը, որ կը մերժէ ընդհանրական բնոյթ ունենալ եւ որ իր առօրեայ կեանքով, կենցաղով ու ժողովուրդով մեծապէս կը տարբերի այլ երկիրներէ։

Օդանաւին պատուհանէն տեսայ նաեւ խալխլած ու մռայլ տեսք ունեցող խրՃիթներ։ Հակասութիւններու երկիր Լիբանանը, ուր մերթ զուարճալի է կեանքը, մերթ յուսախաբութիւններով լեցուն։ Մերթ կը հրապուրուիս անոր գեղեցկութեամբ, մերթ զզուանք կը զգաս պատահարի մը պատճառով։ Գիտե՛նք, թէ կախարդող Լիբանանը իր քողին տակ շատ մը հիասթափութիւններ կը պահէ, որոնք մեր կեանքը առաւել եւս կը կնճռոտեն։

Պողոտաներու անկարգ եւ ձգձգուած վիճակը, երթեւեկութեան օրէնքներու անկատար կիրարկումը, ճամբաներու շինարարական անկազմակերպ աշխատանքները պատճառ կը հանդիսանան, որ քաղաքացին խոչընդոտներու առջեւ գտնուի։ Այս դժուարութիւններէն մէկն ալ կարեւոր ժամադրութիւններն են, որոնք ուշացում կ՝արձանագրեն, ըլլան անոնք անձնական, ընկերային կամ աշխատանքային ժամադրութիւններ։ Անշու՛շտ ուշացող անձը միշտ արդարացուցիչ պատճառաբանութիւն ունի ըսելով.

—Մոռցա՞ք, մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք, ահռելի խճողումի մատնուեցայ։

Խե՜ղճ Լիբանան, յանցաւորը միշտ դուն ես․․․

Ժամադրութիւն բառը եթէ ստուգաբանենք, ժամ որոշել կամ սահմանել կը նշանակէ կամ նախապէս պայմանաւորուած հանդիպում, որ կախեալ է տուեալ անձերէ․ Միթէ գործադրելն ալ կախեալ չէ՞ նոյն անձերէն։ Ճիշդ է, թէ մեր կեանքը, Լիբանանի մէջ, անակնկալներով լեցուն է, բայց մենք չե՞նք կրնար չբարդացնել զայն։ Ճշդապահ ըլլալը, յարգանքի նշան ըլլալէ անկախ, շա՜տ բան կ՛ըսէ այդ անձին մասին։

Վարչութեան մը անդամ ես եւ կանոնաւոր դրութեամբ ժողովի ներկայ կը գտնուիս։ Անպայման անձ մը կայ միշտ ուշացող։ Քիչ մը սպասելէ ետք, օրակարգը կը կարդացուի եւ ժողովը ընթացք կ՛առնէ։ ժամանակ մը ետք, բացակայող անձը կը յայտնուի, ըսելով թէ խճողումի «բռնուած» էր։ Միւս ժողովականներն ալ նոյն քաղաքին մէջ կ՛ապրին, այն տարբերութեամբ, թէ անոնք նախապէս հաշուի առած են խճողումի պատճառով հաւանական ուշացումը։ Ժողովը սկիզբէն կը սկսի, որ բացակայող անձը քայլ պահէ նիւթին հետ։ Երկու ժամուան նախատեսուած ժողովը կը վերածուի երեք ժամուան հանդիպումի։

Բժիշկէ մը ժամադրութիւն առած ես եւ սպասման սրահը կարգիդ կը սպասես։ Փռնգտացողներ կան, «անհանգիստներ», եւ վերջապէս պարագաներ, որոնք երկար սպասելու անկարող են։ Հիւանդ մը կ՛ուշանայ իր ժամադրութեան, որուն հետեւանքով բոլոր ներկաները հերթաբար կ՛ուշանան իրենց բժշկական քննութեան։

Պատկերացուցա՞ծ էք, երբ ճաշարանի մը մէջ ընկերային հաւաքի մը ներկայ պիտի գտնուիք։ Որոշուած ժամուն կը հասնիս, ոչ ոք եկած է տակաւին։ Կը նստիս ձեռքերդ սեղանին վրայ, հայեացքդ դռան։ Մարդիկ կը մտնեն կ՛ելլեն։ Տասնհինգ վայրկեան կ՛անցնի ապա քսանհինգ․․․ինքզինքդ կը համոզես, թէ մտիկ ըրած երաժշտութիւնդ քիչ թէ շատ հաճելի է։ Այդ օրուայ բջիջայինի հաղորդագրերդ, որոնք նախապէս կարդացած էիր, քանի մը անգամ ալ կը կարդաս։ Դարձեալ ճամբու խճողո՞ւմն է ուշացումներուն պատճառը, թ՞է քմահաճոյք կամ տրամադրութիւն։

Ժամադրութիւն մը պարզապէս ժամ կամ վայր նշելու համաձայնութին մը չէ․ Ան մարդկային յարաբերութիւններու կարեւոր հիմքերէն է։ Ժամադրութիւն մը յարգելը կ՛ամրապնդէ վստահութիւնը եւ առողջ յարաբերութիւնները։ Բոլորս ալ կրնանք քանի մը վայրկեան ուշանալ մեր ժամադրութիւններուն։ Անշո՛ւշտ, կամքէ անկախ պատճառներն ալ նկատի պէտք է առնել։ Լիբանանի մէջ մեր կեանքը «արկածալից» ուղեւորութիւն մըն է, բայց պէտք չէ տեղի տանք։ «Լիբանանի մէջ կ՛ապրինքը» պէտք չէ մեր նշանաբանը ըլլայ եւ համոզիչ պատճառ մը՝ ուշացումներու։ Ժամադրութիւն յարգելը ամենէն արագ ձեւն է դիմացի անձին վստահութիւնը շահելու։ Ուշացումը միայն ժամանակի անտեսում չէ, այլ սպասող անձին ալ անտեսում եւ ժամանակի ընթացքին՝ յարաբերութիւններու մէջ ճեղքեր ստեղծելու պատճառ։ Անձ մը երբ իր ժամանակը տրամադրած է քեզի, քու ուշացումովդ թէ՛ քու եւ թ՛է իր ժամանակը կը վատնես։ Բացառութիւնները միշտ յարգելի են անշուշտ։ Մեր ժամանակներու արագընթաց եւ պահանջկոտ միջավայրին մէջ, ճշդապահութիւնը պէտք է նկատել անհրաժեշտ ուղեցոյց, որուն շնորհիւ անհատն ու համայնքը կրնան հասնիլ աւելի արդիւնաւէտ եւ ներդաշնակ իրավիճակի մը։

Երկիր մը բարեփոխելու եւ զարգացնելու հիմնական չափանիշներէն մէկն այն է, որ քաղաքացիները, նախ իրենք ձգտին լաւին եւ օրինապահութեան ու համերաշխ ու խաղաղ մթնոլորտ մը ստեղծուի՝ հեռու ամէն տեսակի շեղումներէ եւ փտածութենէ․․․․Եթէ իւրաքանչիւրս մեր արարքներով արժեւորենք ճշդապահութիւնը՝ կը նպաստենք աւելի կանոնապահ, վստահելի եւ յարգալիր հասարակութեան մը կերտումին։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x