Featured - Page 10

Հալէպէն Բրենզլաու գոյատեւութեան խճանկար մը

Փրոֆ․ Արա Սայեղ

Սուրիոյ մէջ, մարտ 2011-ին սկսած ու երկիրը արիւնաքամ ընող քաղաքացիական անողորմ պատերազմի անտանելի դառնութիւնները, ապագայի հանդէպ շեշտուած անորոշութիւնները հարկադրեցին, որ ստուար թիւով սուրիահայեր իրենց սեփական տուները ետին թողած արտագաղթեն, խաղաղ ու անվտանգ կեանքի պայմաններով ապաստաններ գտնելու, մինչեւ իսկ օտար ու պղտոր հրապոյրով հորիզոններու վրայ ապաստանելու։ Անծանօթ, երբեմն չճանչցուած անուններով քաղաքներու մէջ, նոր տուներ կառուցելու մթապատ ակնկալութեամբ, աւելի ծաւալելով հայ սփիւռք կոչուած ժայռոտ ակօսին ոլոր-մոլոր խրթին երթը։ Սփիւռքի մէջ տարբեր համեմատութիւններով հայերու արտագաղթի սրտնեղիչ իրավիճակները միշտ ալ կը կրկնուին, ինչպէս՝ Լիբանանէն, Իրաքէն, Յունաստանէն եւ այլ հայ փոքրամասնութիւններ ունեցող երկիրներէն։

Բեննա Կիրակոսեան-Պատագեանն ալ, Հալէպի երկրաչափական ուսումնարանը աւարտելէ ետք պաշտօնավարած էր Հալէպի Ազգ․ Հայկազեան նախակրթարան 1999 թուականէն սկսեալ, ուր դասաւանդած էր թուաբանութիւն, գիտութիւն, ընկերային գիտութիւններ, իսկ յաջորդող տարիներուն՝ անգլերէն լեզու։ Բեննա իր ամուսինին՝ Ռաֆֆիին եւ զաւկին՝ Գէորգին հետ արտագաղթած էին Լիբանան, ապա շրջան մը բնակած Հայաստան: Սպառիչ դեգերումներէ ետք, ի վերջոյ 2016 թուականին հասած են Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մօտիկ՝ Բրենզլաու (Prenzlau) քաղաքը։ Լեզուի եւ մանկավարժական տեղւոյն դասընթացքներէ ետք նոյն քաղաքի Մօնթեսորի (Montessori) դպրոցներու միջազգային ցանցին [1] պատկանող նախակրթարանին մէջ 2018-էն ի վեր Բեննան կը սկսի դասաւանդել՝ անգլերէն եւ թուաբանութիւն։ Արտագաղթի նմանօրինակ փորձառութիւն մը ունի նաեւ իր գործընկերուհին՝ ուսուցչուհի Դանիա Սայեղը, որ նախ 1998-էն Ազգ․ Հայկազեան ապա Ազգ․ Կիւլպէնկեան նախակրթարաններու մէջ պաշտօնավարած է, իսկ 2012 թուականի նոյեմբերէն ի վեր հաստատուած է Լեհաստան։ Հալէպի մէջ յիշեալ ազգային նախակրթարանները ներկայիս անցած են պատմութեան դարանները, իսկ այդ դպրոցներու մէջ ծառայած կրթական մշակներու հայ մարդուժը ընդհանրապէս եղած է ցիր ու ցան ։

Պատագեաններուն համար արտագաղթը, տեղափոխութիւնները եւ նոր պայմաններու հետ ընտելացումը այնքան ալ հեշտ չընթացան։ Բեննա կը վկայէ ըսելով «Երբ Գերմանիա եկանք, սկսանք տեղացիներու հետ յարաբերիլ։ Լաւապէս կը հասկնային մեր սուրիացի ըլլալը, անմիջապէս անոնց անդրադարձը կ՛ըլլար «բայց դուք սուրիացիի չեք նմանիր»։ Երբ կը բացատրէինք որ մենք հայ ենք, մեր արմատները Հայաստանէն կու գան, անոնք ստիպուած կ՛ըլլային մի քանի վայրկեան մտորելու։ Իսկ, երբ լուսաբանէինք թէ, ցեղասպանութեան հետեւանքով մենք այդ երկրին մէջ ապրեցանք, այդ պահուն մեզ քիչ մը աւելի լաւ կը հասկնային, ու հետաքրքրուած կ՛ուզէին մօտիկէն ծանօթանալ ու տեղեկանալ հայերու  մասին»։

Բեննա կը շարունակէ ըսելով՝ «Մեծ ինքնագոհութիւն մը ապրեցայ, երբ մեր դպրոցի ուսուցիչներէն մէկը, մեզ ճանչնալէ ետք, սկսաւ ալ աւելի հետաքրքրուիլ ու գիրքեր կարդալ հայերու մասին։ Նման իրադարձութիւններ եւ զրոյցներ յաճախակի կը կրկնուին մեր ապրած նոր միջավայրին մէջ։ Անգամ մը եկեղեցւոյ շրջանակէն մէկը հարց տուաւ Ռաֆֆիին․ «2016-ին Գերմանիան ընդունեց հայոց ցեղասպանութիւնը, ձեզի՝ հայերուդ համար այդ ճանաչումը ի՞նչ օգտեց։  Ռաֆֆին հարցումով մը պատասխանեց, «ճանաչման թուականէն առաջ դուք հայոց ցեղասպանութեան նիւթին տեղեակ էի՞ք»։  «ՈՉ», եղաւ մարդուն պատասխանը։ Մենք ինքնաբաւարարութեամբ պատասխանեցինք, «Հայոց ցեղասպանութեան Գերմանիոյ ճանաչումը առիթ եղաւ, որ գերմանացիներ լսեն, իմանան հայոց վշտալի տառապանքներուն եւ ողբերգութեան մասին»։

Ինչպէս զանազան օտար միջավայրերու մէջ, Բրենզլաուի պարագային ալ, չկան հայ ինքնութիւնը պահպանող որեւէ կառոյցներ՝ եկեղեցի, հայ դպրոց, մշակոյթի կեդրոն եւ այլ օժանդակ միաւորներ, բայց սուրիահայ արտագաղթողներէն ոմանք դրսեւորած էին իրենց ծննդավայրի թրծուած եւ հասուն փորձառութիւնը, կերտուած ազգային կամքը, էութեան մէջ շաղախուած մշակութային ժառանգութիւնը, իսկ ոմանք ալ մնացած էին անտարբեր։ Պարզ է, որ ինքնութիւնը պահպանելու յանձնառութիւնը ինքնաբուխ է։ Այդուհանդերձ, Եւրոպական երկիրներու մէջ փոքրամասնութիւններու ինքնութիւնը՝ լեզուն եւ մշակոյթը պահպանող  համակարգեր գոյութիւն ունին, որոնք նկատելի ներդրում ունին, օժանդակ պայմաններ կը տրամադրեն ինքնութիւնը երաշխաւորելու։ Մեզի կը մնայ օգտուիլ հնարաւոր պայմաններէն, գործնական ծրագիրներ մշակել, իսկ այդ մէկը իրականացնելու համար մեզմէ կը պահանջուի լոկ ամրակուռ կամքի առկայութիւն ունենալ։

Բեննա օժտուած է ինքնութեան ու կամքի խթանիչ աղիւսներով, եւ այդ կամքն է, որ զինք մղած է նոր միջավայրին մէջ վերարտադրելու ամբարած ազգային ժառանգութիւնը՝ սիրայօժար ներկայացնելու իր հայութիւնը։ Այդ առումով ալ, ան կը նախաձեռնէ իր դասաւանդած դպրոցի աշակերտութեան համար պարզունակ բայց գործնական ծրագիր մը՝ հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը ծանօթացնող դասախօսութիւն մը, իսկ, Դանիա Սայեղը պիտի ծանօթացնէ հայ կարպետագործութեան սկզբնական կանոնները, պիտի ներկայացնէ փոքր չափի հայկական կարպետներ հիւսելու արուեստը եւ իրագործէ գործնական վարժանիստ մը։ Ծրագրի հաճոյալի ժամերը պիտի ամբողջանան Դանիայի երկու զաւակներուն՝ Ճորճի ու Արամի հայկական երգ ու նուագի համերգով՝ ներկաները խանդավառելու ու միաժամանակ հաճելի նորութիւն մը ստեղծելու տեղացի երիտասարդներուն, աւելի մօտէն հետաքրքրուելու հայկական երաժշտութեամբ։

Վերոնշեալ Մօնթեսորի դպրոցի վարչական արտօնութիւնը առնուած էր՝ ծրագրուած դասախօսութիւնը, հայ կարպետագործութեան արուեստը եւ հայ երաժշտութեան համերգը պիտի ներկայացուէին իբրեւ դպրոցական դասապահ։ Բեննա իր կարգին պիտի հիւրընկալէ երկար տարիներու գործընկերուհին իր երկու զաւակներով։ Կը մնար Լեհաստանէն դէպի Բրենզլաու ճամբորդել ծրագիրը իրականացնելու համար։

Ուրբաթ, 27 յունիս 2025-ին, Բրենզլաուի մէջ, այդ ծրագիրը հեզասահ եւ յաջողութեամբ իրականացած էր ոգեւորելով ներկաները։ Ճորճ եւ Արամ եղբայրներու՝ GOARM band-ի  Լեհաստանի զանազան քաղաքներու մէջ, առաւել Շուէտի եւ Վիեննայի ելոյթները, 13 տարիներու հայ երաժշտութիւնը տարածելու շարունակուող երթը իրենց հարուստ փորձառութիւն մը շնորհած էր։ Բրենզլաուի մէջ նոյնպէս հայերէն երգացանկի տղոց կատարումները՝ ալթի եւ կիթառի զմայլիչ ձայներով՝ հայ երաժշտութեան մոգութիւնը, հոգեխառն ոգեւորութիւնը պարգեւած էին ունկնդիրներուն, ինքնագոհութիւն եւ եռանդ ներշնչած էին նաեւ յայտագիրը իրագործողներուն, այլ վայրերու մէջ ալ նոյնանման ծրագիրներ կրկնելու լաւատեսութեամբ։

Սփիւռքի բազմատասնեակ նոր տեղանուններու ցանկին վրայ՝ Բրենզլաու կոչուած քաղաքին մէջ ներկայացուածը արտագաղթող հալէպահայերու առօրեայէն առնուած յորդորիչ խճանկար մըն է, ՄԵԶ պէտք է հրաւիրէ՝ ինքնամփոփումի եւ խորհրդածութեան, որ միայն մեր սեփական ուժերով կը պահպանուի հայու գոյատեւութիւնն ու ինքնութիւնը, հո՛ն ուր չկան ինքնավար միաւորներ, կազմակերպուած կառոյցներ։ Հո՛ն հրատապ կարիքը կը զգացուի հայ տաղանդաւոր մարդուժը սատառող յենարաններու։ Հո՛ն՝ ուր հայկականութիւն պահելը, կը մնայ գերագոյն հիմնախնդիր յատկապէս անհրաժարելի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ՝ հեռու փուճ կարգախօսերէ։

[1] Մօնթեսորի՝ դպրոցներու միջազգային կրթական ցանցը, կը հետեւի իտալացի անուանի մանկավարժ, փիլիսոփայ, մարդաբան, գիտնական եւ բժիշկ Maria Montessori (1870-1952) մանկավարժական մեթոտաբանութեան սկզբունքներուն։  Կը կիրառէ մանկավարժական ինքնուրոյն եւ ամբողջական կրթութեան հիմքեր։ Զարգացնելով ոչ միայն դպրոցականի գիտա-ուսումնական կարողութիւնները, այլեւ ընկերային եւ զգացական աճը: Ուսուցիչները կը գործեն, որպէս ուղղութիւն ցոյց տուողներ, խառն տարիքներով դասարաններու մէջ։ Յարգելով իւրաքանչիւր դպրոցականի անհատականութիւնը, խթանելով նաեւ համապարփակ մտածելակերպը: Մանկավարժական հիմնական սկզբունքն է` օգնէ ինծի ինքնաբաւ գործելու:

 

Կը մնանք այս հողին զաւակները. Մոմի լոյսով գծուած յիշատակներ

Մանկութեան շատ քաղցր ու տաքուկ յուշեր մեզ մերթ ընդ մերթ կը փոխադրեն դէպի անցեալ, յատկապէս երբ անցնինք այդ վայրերէն, ուր հիւսած ենք զանոնք կամ հանդիպինք հին բարեկամներու, դասընկերներու, մանկութեան խաղընկերներու եւ մանաւանդ հին դրացիներու: Բնական է որ յաճախ կը վերապրինք մեր յուշերը, սակայն մեզի՝ պուրճհամուտցիներուս եւ այլ շրջաններու մէջ բնակող լիբանանցի շատ մը պատանիներու եւ մանուկներու համար, այդ յուշերուն կ’ընկերանան աղմուկ, խուճապ, վախ, պոռչտուք, փոշի, աւերակ, եւ՝ խելայեղ վազք մը կեանքի ու մահուան դէպի ամենամօտ ապահով ապաստանարանը: Դժբախտաբար, մեր մանկութեան ու պատանեկութեան այս քաղցր օրերը՝ երջանիկ, խաղաղ ու անմեղ յիշատակներով լեցուելու փոխարէն՝ մենք յաճախ ականատես կ’ըլլայինք ահարկու եւ կրկնուող պատերազմներու:

Նախ հսկայ բեռնակառքերով մեր թաղը կը լեցնէին կարմիր աւազով, ապա իւրաքանչիւր շէնքէ քանի մը հուժկու երիտասարդ կը ստանձնէր այդ աւազը խոշոր պարկերու մէջ լեցնելու պարտականութիւնը: Այդ պարկերը իրարու վրայ կը տեղաւորէին ու կը վերածէին հսկայ պարիսպներու՝ ձգելով հազիւ մէկ հոգինոց անցք մը: Այդ պարիսպները պիտի պաշտպանէին շէնքին բաց դուռը, երբ ռումբերու տարափը սկսէր: Նոյնը կ’ընէին խանութպանները: Փոքրերուս համար՝ այս տեսարանը «կ’աւետէր» պատերազմին մօտալուտ ժամանումը: Պէտք էր նաեւ պարկերով ցաւար, ալիւր եւ այլ ընդեղէններ գնել: Մեր տունը շատ ընդարձակ չէր, իսկ մենք բազմանդամ էինք, ուստի միակ ազատ տեղը տան մէջ կը մնար դռներուն ետեւը, ուր նուազագոյնը երկու խոշոր պարկեր կը տեղաւորուէին. ելումուտքը իսկական վարպետութիւն կ’ուզէր: 

1978 թուականն էր: Թէեւ շատ փոքր էի, սակայն կարգ մը աղօտ պատառիկներ կը յիշեմ, երբ ամէն անգամ մեր թաղին, դրացիներուն եւ մեր տան մէջ աղմուկ ու խուճապ կը ստեղծուէր:

Պահուըտած ենք մեր դիմացի հսկայ շէնքին ստորերկրեայ «սրահը»: Սրա՞հ, սենեա՞կ, պահեստանո՞ց թէ՞ ատաղձագործի գործարան. քիչ մը ամէն բան: Այդ մութ ու խոնաւ վայրին մէջ, փայտերու ու ատաղձագործի գործիքներու կողքին, խճճուած էին գրեթէ մեր բոլոր թաղեցիները՝ երիտասարդը, ծերունին, փոքրերն ու մեծերը, նաեւ քանի մը նորածիներ, որոնցմէ մէկը փոքր քոյրս էր: Հիմա հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս այդ փայտերուն, սոսինձին ու արագ բռնկող նիւթերուն մէջ, շուրջ երեսուն ընտանիք եօթը օր, գիշեր-ցերեկ նոյն հագուստներով ապաստանած էինք: Շատեր բոպիկ կրցած էին հասնիլ հոն, ոմանք ձայնասփիւռ ունէին, որուն շուրջ կը հաւաքուէին զինադադարի լուր ստանալու յոյսով:  Ելեկտրականութեան փոխարէն ունէինք մոմի լոյս, եւ մո՞մ այդ դիւրավար վայրին մէջ: Արեւն անգամ տեսած չունէինք: Միակ անձերը, որ դուրսէն լուր կը բերէին, կը հարցնէին մեր մասին, եւ հերթաբար հոն ապաստանած ընտանիքներուն հաց կը հայթայթէին՝ շրջանի ակումբի տղաքն էին: Մեր ապաստանարանին հոգատարն էր Միհրան անունով երիտասարդ մը, որ իւրաքանչիւր յարաբերական հանդարտութեան, անմիջապէս կու գար հարցնելու մեր մասին:

Մեր աչքերը միշտ դէպի վեր մուտքի այդ բացուածքին սեւեռած՝ կը սպասէինք Միհրանի ժամանումին: Քանի մը տաք հաց ձեռքը բռնած՝ կը հարցնէր, «հայրենակիցնե՛ր այսօր ո՞ր ընտանիքին կարգն է»: Հացը կարգով կը ստանայինք: Երբ մեր կարգը ըլլար, այդ նեղ ու զառիթափ աստիճաններով արագ եւ թեթեւ ոտքերով բարձրացողը ես կ’ըլլայի, ու հացը ձեռքիս՝ ուրախ, հերոսութիւն մը կատարած ըլլալու ինքնագոհութեամբ կը վերադառնայի: Երբեք չէի մտածած բուն հերոսին մասին, որ իր կեանքը վտանգի կ’ենթարկէր մեզի համար…: Կը պատահէր որ հացը ուշանար, բայց չէք յիշե՞ր մեր բարեկամը՝ «Ղանտուր-Ունիքա»-ն: Զինադադարէն մէկ կամ երկու օր առաջ էր, երբ իմացանք, որ ա՛լ Միհրանը հաց պիտի չբերէր…ան ծանր վիրաւորուած էր եւ չէինք գիտեր պիտի վերադառնա՞ր, թէ՞ ոչ:

Մինչեւ այսօր, երբ կը մտաբերեմ այդ օրերու պատահարները, ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ օր մը փորձ չըրի քաջաբար քանի մը աստիճան եւս վեր ելլելով Միհրանը տեսնելու՝ մեր լուռ ու անձնուէր հերոսը: Մտքիս մէջ դրոշմուած է անոր ձայնը. «վաղը նորէն կու գամ, դուք դուրս մի՛ ելլէք:» Միհրանին պէս բազմաթիւ անձնուէր տղաք կորսնցուցինք պատերազմի օրերուն: Յարգա՛նք անոնց յիշատակին:

Ռումբերը կը սուրային եւ մենք անոնց պայթումի ուժգնութենէն կրնայինք կռահել անոնց հեռաւորութիւնը, իսկ մեր ծնողները իրարու երես նայելով հարց կու տային, թէ որո՞ւ տունն ու կարասիները փճացան…Գիշերն ու ցերեկը այդ ստորերկեայ խուցին մէջ շատ էին իրարու նման. հոն միշտ մութ էր, տխուր, յատկապէս երբ հիւանդ ծերունի մը սկսէր բարձրաձայն աղօթել, անդին փոքրիկ մը սկսէր ճչալ եւ ուիշներ գանգատէին, «լռեցուցէ՛ք այս փոքրիկը, մեր հոգը մեզի կը բաւէ»: Կը լսուէին նաեւ ցած ձայնով լացի ձայներ: Անկիւնը նստած եւ գլուխը ծունկերուն մէջ առած ու իր երկու ձեռքերով ականջները փակած թաղեցի մը կը փորձէր չլսել ռումբերուն ձայնը: Ուրիշ մը յանկարծ կը սկսէր խաչակնքել, մինչ ուրիշ մը անդիէն կը պոռար, «պիտի համբերենք եւ զիրար մխիթարենք դրացինե՛ր»: Բարեբախտաբար այդ դժոխային կացութեան մէջ, դեռ կային ծով համբերութիւն եւ լայն սիրտ ունեցողներ՝ մեր ապաստանարանին լուռ հերոսները:

Եօթներորդ օրն էր, երբ տղաքը բերին լաւ լուրը. «բոլորդ ալ կրնաք դուրս ելլել, ապահով է:» Ո՜վ կը հաւատար…: Դուրսը՝ ապականած օդ, փողոցը ծածկուած էր քարերով ու փշրուած ապակիներով: Քիչ մը անդին, մայթին վրայ մարդու մը դիակը կար. կարծես օրերով հոն մնացած ըլլար…Հայրիկս անմիջապէս աչքերս գոցել փորձեց, բայց ուշ էր, որովհետեւ ան լաւ գիտէր թէ անկարելի պիտի ըլլար նման պատկերներ յիշողութենէ ջնջել: Յետոյ լսեցինք, թէ շրջանին մէջ, մեր թաղէն քիչ մը անդին, հողատարածքի մը մէջ թաղած էին մեր շրջանի զոհերը, որովհետեւ անկարելի էր այդ օրերուն գերեզմանոց հասնիլ…

Յաջորդ տեսարանը մեր տունն էր, որ առաջին յարկ ըլլալով գրեթէ փրկուած էր մեծ վնասներէ, բացի պատշգամէն, ուր մօրս խնամած վարդերն ու բոյսերը իրենց թաղարներով տարածուած էին փողոցով մէկ: Տան մէջ, քանի մը անկիւնէ հաւաքեցինք ռումբերու կտորներ, խոշոր հատ մըն ալ անկողինիս մէջէն: Մայրս շատ յուզուած էր այս բոլորը տեսնելով: Երրորդ տեսարանը ինքնաշարժն էր, զոր հայրիկս անմիջապէս դասաւորած էր մեզ փոխադրելու դէպի Պէքաայի հայաբնակ Այնճար գիւղը:

Մեզ փոխադրող ինքնաշարժը զուրկ էր պատուհաններէ, իսկ դռները պարաններով ամրացած, գոյնն իսկ յայտնի չէր, կարծես հրդեհէ մը հազիւ ազատած, բայց հրաշք այս ինքնաշարժը տակաւին կը գործէր: Լաւ կը յիշեմ ինքնաշարժին տեսակը. ամբողջ ճամբու ընթացքին, վարորդը այնքա՜ն գովեց զայն՝ «Փէժօ 405»: Ծնողքս այս «հրաշք օթոյին» ետեւի երկու դռները պարաններով բռնած մնաց ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին, իսկ մեր գլուխները ծածկեցին քողերով, այլապէս անկարելէ էր դիմանալ ինքնաշարժին բաց պատուհաններէն ներս խուժող հովին: ժամեր ետք հասանք Այնճար՝ մօրաքրոջս տունը:

Տարիներ ետք, երբ քիչ մը աւելի հասակ առած էի, վրայ հասաւ 1982-ի պատերազմը: Դարձեալ պատերազմ, բայց այս անգամ տարբեր էր. երբեմն դադար, երբեմն ռմբակոծում: Շատ յստակ կը յիշեմ, երբ յանկարծ ռմբակոծում կը սկսէր եւ կը պատահէր, որ մենք դպրոցը ըլլայինք. մեր վարժարանը թաղէն քանի մը փողոց անդին էր: Դասաւանդութիւնը կանգ կ’առնէր եւ աշակերտութիւնը կը փոխադրուէր գետնայարկ, որ համեմատաբար աւելի ապահով կը նկատուէր, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի սպասէր իր ծնողքը: Մեր տունը մօտ էր, պայուսակը ուսերնիս կու տային եւ տուն կ’ուղարկէին: Ճի՞շդ էր արդեօք առանձին ճամբել տուն…Ես՝ արագավազ պարմանուհի, պատշգամներու տակէն վազելով տուն մը հասնէի հեւալով. քաջութի՞ւն, թէ՞ տխմարութիւն:

1980-ականներու վերջերն էր, երբ պատահեցաւ այլ դէպք մը, զոր միտքս կը մերժէ յիշողութենէս ջնջել: Քոյրերս, եղբայրս եւ ես բոլորս գրեթէ պատանիներ էինք, երբ կէս գիշեր մը, յանկարծ մեր տան փողոցի դուռը բուռն կերպով կը ծեծուի: Ցնցուած մեր անկողիններէն դուրս ցատկեցինք: Կրնա՞ք երեւակայել  փոքրերուն վախն ու սարսափը, երբ իրենց ծնողները աչքի ու յօնքի նշաններով խստօրէն կը պահանջեն լուռ ու անշարժ մնալ: Այդպէս ալ կ՚ընենք, բայց հետաքրքրուած, մենք կամացուկ մը պատուհանէն դուրս փորձեցինք դիտել եւ տեսանք մեր թաղը լեցուած զինուորական ինքնաշարժերով եւ զինեալներով, շատերու դէմքերը ծածկուած: Քանի մը վայրկեան ետք, մեր դռան կողքին բնակող դրացին այդ զինեալները հանգստացուց ըսելով, թէ այս տան մէջ բան մը պիտի չգտնեն, որովհետեւ ներսը քնացողները՝ այսինքն մենք, կիներ ու մանուկներ են։ Մեր դրացին անոնց լեզուէն կը հասկնար ու մեզ փրկեց։ Իսկ մնացեալ բոլոր բնակարանները մէկիկ-մէկիկ խուզարկուեցան՝ Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն մէջ զէնք փնտռելու պատրուակով:

Վրայ հասան 1989-ի եւ 1990-ի զոյգ պատերազմները: Ալ բաւական մեծցած էինք եւ անգամ մը եւս մեզի տուն ղրկեցին դպրոցէն: Ուրախ եւ օգտաշատ դպրոցական օրերու փոխարէն՝ լի ուսումնառութեամբ եւ զանազան փորձառութիւններով, այդ տարիները կը յիշուին վախի, կորստեան եւ կասկածի յիշատակներով։ Ես որոշեցի Այնճար փոխադրուիլ: Յաջողեցայ համոզել մայրս եւ անգամ մը եւս ապաստանեցանք Այնճար, ուր սկսայ դպրոց յաճախել եւ անորոշութիւնն ու լճացումը փոխարինուեցան անմոռանալի յիշատակներով՝ շրջապատուծ լաւ ընկերներով ու դասընկերներով: Երբ կը վերյիշեմ գիւղի կեանքը, աչքերս կը թրջուին ու սիրտս արագօրէն կը սկսի տրոփել: Երկու հակասութիւններ. տեղ մը  երկիւղ ու ցաւ, ուրիշ տեղ՝ սովորական ու ուրախ առօրեայ…

Շարքը կ’երկարի: Այս է Լիբանանի եւ լիբանանցիին ոդիսականը: Բայց այս անգամ մենք զայն կը դիմաւորենք ոչ թէ պատանեկան անորոշութեամբ, այլ փորձառութեամբ կոփուած: Որպէս մայրեր եւ հոգատարներ՝ մեր մէջ կը բնակին ոչ միայն վախը, այլեւ վճռակամ սէրն ու անսասան պատասխանատուութիւնը։ Պատերազմի արձագանգները միշտ կրնան լսուիլ այս հայրենիքին մէջ, սակայն աւելի հզօր են մեր բնազդները՝ պաշտպանելու, պահելու, տոկալու եւ վերանորոգելու։ Մեր զաւակները թեւածելով կը հեռանան դէպի օտար ափեր, բայց իրենց հետ կը տանին այն արժէքները եւ տոկունութիւնը, որ անոնց տուինք այս երկրին մէջ։ Երբեմն ակամայ հարց կու տանք. արդեօ՞ք պէտք էր շատոնց օտար ափերու վրայ շինէինք մեր բոյները, բայց մենք գիտենք՝ ո՛ւր որ ալ կեանքը մեզ առաջնորդէ, մենք կը մնանք նաեւ այս հողին զաւակները՝ տոկուն ու անկոտրում։

Լենա Պօղոսեան

ՄԱՆՈՒՇԱԳՈՅՆ ՀՈՐԻԶՈՆ

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ

Մթնշաղի շրշեղ մշուշի մէջ,
Մանուշագոյն երանգները
Զարդարում են տարածութիւնը․
Լեռները, ինչպէս սուտակներ,
Փայլում են հեռուից,
Երբ արեւը մայր է մտնում աստղունքի տակ:

Նայելով սահող լուսնին,
Յիշողութիւնների երամներ են թեւաւորւում․
Հայեացքս տարածւում է,
Ժամանակը հոսում է,
Անցեալի արձագանքները միահիւսելով։

Մանուշագոյն օրեր, երազների օրեր,
Ոսկէ յիշողութեան հիւսքեր․
Երիտասարդութիւնը եւ ջերմութիւնը բաբախում են
Նուիրուածութեան պարունակում։

Զգացմունքներս խորն են,
Դիպչում են հոգուս,
Միացնելով սիրտ ու զգացում․
Մելամաղձոտ շշուկներ, հին յիշողութիւններ,
Յապաղող չպատմուած հեքիաթներ:

Մայրամուտի հորիզոնը, պարզ է
Մանուշագոյն երանգով,
Սարերը հեռաւորութեամբ կապտագունակ
Սուտակի նման շղթայուած են հորիզոնին,
Ներկուած անորոշութեան պաստառին․
Երբ նայում եմ մայրամուտին,
Հասնում եմ քո աչքերի խորքին,
Մանուշագոյն հորիզոնին․․․

Մայրամուտի պատկերքը
Հրավառ է կարմրաշէկ երանգով․
Սարերը լազուարթի շղարշով են հարսնացել․
Երբ նայում եմ մայրամուտին,
Հասնում եմ քո հայեացքի խորութեանը,
Ուր թափառում եմ տենչերս փնտրելով։

Օրերը ողողուած են ցանկութիւններիս ճառագայթներով,
Բոցավառւում են հայրենական ու հարազատ սերերս,
Բաբախում են անցեալի կարօտներով
Ու ապագայի փափագներով։

Նուիրուածութիւններս մաքուր են ու ճշմարիտ,
Միաձուլուած պաշտամունքիս հետ
Առ սրբութիւններս․
Զգացմունքներս խորն են,
Զգացմումներս սրտազգաց,
Ինձ միացնում են մտասեւեռումներիս հետ։

Նրանք արձագանքում են
Յիշողութիւնների մելամաղձութեամբ,
Հեռաւոր հորիզոններում,
Ուր ընդարձակւում են կապտագունակ երկինքներ․
Կարօտի մի կտաւ՝
Նկարուած անամպ ու լայն,
Մթնշաղի շողերի մէջ,
Զգացմունքներ է ալեւորում։

Օրերս, ողողուած են քո բոյրով,
Բոցավառում են սերերը մեր․
Եւ սուրբ տարածութիւնների հանդէպ,
Որ ջերմանում են բովանդակութեամբ եւ իմաստով,
Զուարթութեան ու բաղձանքների երանգով ու կրքով։

Նուիրուածութիւնից հասնում եմ ինքնազոհութեան,
Անկեղծ ու ճշմարիտ,
Միաձուլելով սէրն ու մաքրութիւնը,
Որպէս ձոյլ ոսկի,
Ապրում, զգացում, յոյզ ու յուզմունք,
Ինձ կապում եմ քո ցանկութիւններին
Ու աշխարհքի արձագանքներին։

Նրանք ղօղանջում են
Հյիշողութիւնների մելամաղձութեամբ, սիրելիս,
Հեռաւոր հորիզոնում,
Ուր յայտնւում են մանուշագոյն երկինքներ,
Կարօտի մի կտաւ՝ նկարուած անամպ ու լայն,
Մթնշաղի շողերի մէջ
Ցիր ու ցան, ցիր ու ցնորք․․․

VIOLET HORIZON

In twilight’s hush, where mists begin to weave,
Soft violet hues the heavens interleave.
The mountains burn like rubies in the west,
Where sun descends to find its starry rest.

The moon, a drifting ghost in silver flight,
Awakens wings of memories in night.
My gaze expands where time begins to spill,
And echoes from the past grow soft and still.

O violet days! O dreams in golden skein!
Where youth and warmth in reverence remain.
My soul still pulses with that fervent fire,
A heart devoted, trembling with desire.

Emotions deep arise, untouched by time,
And touch my spirit in a hush sublime—
With whispers borne from memories unsaid,
And tales once dreamed but left to drift, unread.

The sunset draws a line so pale, so true,
In violet strokes across a boundless blue.
The distant peaks, with sapphire veils entwined,
Shine ruby-bound along the edge of mind.

Upon that fading canvas, soft and wide,
I glimpse the silence dwelling in your eyes.
The western sky—a blaze of crimson-red,
Crowns mountains robed in azure’s bridal thread.

And as I gaze into that dying gleam,
I lose myself within your shadowed dream.
My days are soaked in longings’ golden rays,
Inflamed by love of kin and homeland ways.

They throb with echoes of a vanished year,
And hopes unborn that flicker bright and clear.
My vow is pure, and in its truth I stand—
A worship fused with flame and trembling hand.

My feelings stir with vision, fierce and wide,
Where thought and heart in quietness abide.
They echo still, in melancholy flight,
Beyond horizons steeped in haunting light.

A canvas stretched in endless, azure skies,
Where twilight weeps with longing in its eyes.
My days are steeped in scent and burning grace,
With love that sings in every sacred place—
Where meaning dwells in every breath and gleam,
And joy and yearning mingle in one stream.

Devotion deepens, ripened by the years,
And nears the realm of sacrifice and tears—
Where purity and passion merge as gold,
And all my soul’s bright offerings unfold.

For in your will my restless heart is caught,
Bound fast by dreams and by the world you sought.
Still do they chime, those bells of longing’s call,
In violet skies where shadowed sorrows fall—
A canvas wide and clear, yet bittersweet,
Where dusk and dreams and memories softly meet.

GRISH DAVTIAN

Մեր թաղին չաւարտած սիրոյ պատմութիւնները

Մեր թաղը ցերեկով շատ կենսունակ էր: Պուրճ Համուտի սիրտը գրաւող այս հայահոծ թաղը մնայուն եռուզեռի մէջ էր ցերեկը. ինքնաշարժերու աղմուկ, դպրոցի զանգ, փերեզակներու բարձրաձայն կանչ, բանջարեղէն վաճառող խանութպաններու հրաւէր ու յատկապէս հեծանիւով հաց վաճառողի զանգակն ու անոր թարմ հացին բուրմունքը: Դեռ կային եռուզեռի համեմունքներէն՝ պատշգամներէն տանտիկիններու անվերջ պատմութիւնները. մինչ մէկը լուացքը կը հաւաքէր, միւսը իր զաւակները կամ ամուսինը կը սպասէր, անդին ուրիշ երկու տիկիններ իրենց առօրեան արդէն պատմած կ’ըլլային, մէկը կ’ըսէր՝ «այսօր լոլիկին քիլոն շատ սուղ է», ուրիշ մը հպարտութեամբ իր ճարպիկութիւնը կը յայտարարէր եւ ուղղութիւն տալով կ’ըսէր,«ներսի շուկան պիտի երթաս, հոն շատ յարմար գինով գտայ ես»: Այս բոլոր «տեղական լուրերը» ամբողջ թաղը արդէն կ’իմանար: Անդին դրացիներ տաք ճաշ կը փոխանակէին՝ «համտեսէ՛ դրացի եւ կարծիքդ տո՛ւր»: Կը յաջորդէր աւելի հետաքրքրականը՝ անոնք զիրար կը հրաւիրէին սուրճի, որ «թաղին վերջին լուրերը» վերլուծեն ու զրուցեն անոնց մասին: «Շո՜ր» կար «շ՜որ» եւ աւելի գաղտնի բաներ, որ սուրճի գաւաթին շուրջ եւ չորս պատերու մէջ պէտք էր մնային: Բայց մեր թաղին մէջ պատերն ալ ականջ ունէին: Քանի մը ժամ ետք, արդէն կը տարածուէր վերնագիրը, որ ընդհանրապէս կ’ըլլար մէկ գիշեր առաջ մութ գիշերուան ուշ ժամերուն պատահածներ…

Մեր թաղի գիշերային պատմութիւնները տարբեր էին: Անոնք, մեզի՝ պատանիներուս եւ պարմանուհիներուս համար ամօթ էին եւ խիստ գաղտնի, որոնց մասին ո՛չ պէտք էր լսէինք, ո՛չ ալ տեսնէինք: Այդ ալ ո՜վ, մենք չլսէի՞նք, մենք չտեսնէի՞նք: Հետաքրքիր պատանիներ, մենք մեզի քնացած կը ձեւացնէինք եւ երբ տնեցիք կը քնանային, երկու քոյրերս եւ ես մեր անկողիններուն մէջ լուռ ու արթուն կը հսկէինք, որ տեսնէինք անցած-դարձածը: Կը սպասէինք գիշերուան ուշ ժամերու հեծանիւի կամ ինքնաշարժի մը ձայնին, որ լոյսերը մարելով կը մտնէր մեր թաղը: Ննջարանին պատուհանը նեղ էր ու հազիւ երկու հոգի դժուարութեամբ կրնային փողոցը դիտել, իսկ մենք երեք քոյր էինք, կը սկսէինք զիրար հրել, որ տեսնէինք եկողը: Մենք՝ թաղեցիները այդքան լաւ կը ճանչնայինք զիրար, որ նոյնիսկ գիշերուան մութին մէջ, աղջկան գլխուն, մազերուն եւ մարմինին ձեւէն կը կռահէինք ով ըլլալը: Իրարու նշաններ տալով, անմիջապէս քնանալ կը ձեւացնէինք, իսկ մնացեալ մանրամասնութիւնները…ցերեկուայ կը պահէինք:

Առաւօտուն կը սկսէր մեր լուրջ գործը: Կը հետապնդէինք մեր դրացիին աղջիկը, թէ երբ պատշգամ ելլէր ո՞ր ուղղութեամբ կը նայէր, ո՞ր պատշգամը երկար կը դիտէր եւ կամ ո՞ր երիտասարդը մէկէ աւելի անգամներ այդ վայրկեաններուն մեր թաղէն կ’անցնէր: Այսպէս, պատանեկան անմեղ հետաքրքրութեամբ՝ ականատես կ’ըլլայինք սիրոյ պատմութիւններու, որոնք ծնունդ կ’առնէին երբեմն երկու թաղեցիներու միջեւ, երբեմն ալ մօտակայ թաղէն մէկու մը հետ: Բաւական պատմութիւններ գիտէինք, որոնք երբեմն երկար կ’ապրէին: Շատ անգամ, գիշերներու վերադարձը կը պսակուէր փունջ մը վարդով, ծրարով կամ ալ բաժանումի արագ համբոյրով մը: Լաւ կը յիշեմ, երբ տանտիկինները սկսէին աչքի ու յօնքի շարժումներով խօսիլ պատշգամներէն. այս կը նշանակէր որ սիրահարներու լուրը բաւական տարածուած է: Երբեմն, մեր տան մէջ հաւաքուած դրացիներէն մէկը փսփսալով կ’ըսէր, «գիտէ՛ք մեր դրացի Մարոյին տղան Յակոբը, տէր հօր աղջկան սիրահարած է», ուրիշ մը կ’ըսէր, «յարմար են իրարու», ուրիշ մըն ալ կ’աւելցնէր, «աղջկան ծնողքը լուր ունի՞» եւ այսպէս կլոր սեղանի շուրջ, իրարու գաւաթ կարդալով ու տեղական լուրերը հաղորդելով՝ մեր թաղի տիկինները ամէն բան գիտէին, կը լուծէին ու երբեմն ալ ապագան կը գուշակէին՝ այս օրերու համացանցէն ալ արագ ու վստահելի: Այս բոլորը չորս պատի մէջ պահելու յոյսով: Ամէն բան խօսուելէ ետք, դրացի տիկինները կը խոստանային «այս բոլորը մեր մէջ թող մնայ». իրենց մէջ եւ…մե՛ր մէջ:

Այս սիրոյ պատմութիւններէն շատեր յաջողութեամբ կը պսակուէին: Մեր թաղեցի պատանիներէն շատեր, որոնք իրարու հետ հասակ առած էին, երբեմն ալ միասին թաղին մէջ խաղընկեր դարձած, մեծնալէ ետք կը դառնային կեանքի ընկերներ, որոնց սիրոյ պատմութիւնը ոչ միայն իրենցն էր, այլ նաեւ՝ մերը: Մենք մասնակից էին պատշգամներէն գաղտնի նշաններուն, կը ճանչնայինք դրացի մանչուկները, որոնք սուրհանդակ կը դառնային նամակներ փոխանցելու կամ հանդիպումի վայրեր ու ժամեր ճշդելու: Կային նաեւ քիչ մը ծիծաղելի դրուագներ՝ օրինակ մեր տարեց դրացին Ապու Հաննան, որ առանձին մնացած էր իր կնոջը մահէն ու զաւակներուն հեռանալէն ետք, դժբախտաբար ան սկսած էր մոռացկոտութենէ տառապիլ եւ շատ անգամ սխալ շէնք կը բարձրանար, երբեմն ալ իր ապրած շէնքին մէջ սխալ դուռ կը փորձէր բանալ. ան արդէն հասած էր խոր ծերութեան: Օր մը, ան դիմեց մօրս միջնորդութեան, որ դիմացի ամուրի մեծ տարիքով դրացուհիին ձեռքը խնդրէ իրեն համար: Մենք նկատած էինք արդէն, որ ան պատշգամ կ’ելլէր ու անդադար դիմացի շէնքը կը դիտէր, ուր մեր դրացուհի Զարմինէն կը բնակէր: «Ազդակ» օրաթերթը ձեռքին, Զարմինէն քիչ մը կը կարդար, քիչ մըն ալ անցնող-գացողը կ’ուսումնասիրէր: Կարծես քաջալերուած մեր թաղի սիրահարներու պատմութիւններէն, մեր ծերուկ դրացին կը փորձէր վերապրիլ այն երիտասարդութիւնը, որ հեռացած էր իրմէ. արդեօ՞ք ինքն ալ ունէր յուշեր, պատանեկան թաղային առաջին սիրոյ կիսատ մնացած պատմութիւն մը, որ վերջին փորձ մը կ’ուզէր զայն կենսաւորել: Ո՞վ ըսաւ որ երկու սիրահարներ միշտ յաջողած են միանալ ու կեանքի ընկերներ դառնալ. եթէ այդպէս ըլլար, սիրոյ պատմութիւններ չէին ստեղծուեր: Երբեմն այդ անաւարտ դրուագներն են որ կը համալրեն սիրոյ գերագոյն իմաստը՝ մեր յիշողութեան մէջ կենդանի պահելով անբիծ ու անսակարկ սիրոյ նշանակութիւնը: Այս բոլորին կողքին կար սիրոյ պատմութիւն մը, որ ցնցած էր մեր թաղը:

Թաղային այս անմեղ սիրոյ մէկ գլուխ գործոցն էր Սիլվային ու Սեդրակին պատմութիւնը: Պատանի Սեդրակը մեր թաղէն քանի մը փողոց անդին կը բնակէր, սակայն անոր մտերիմ ընկերները մեր թաղեցիներն էին: Սեդրակ գրեթէ մեր թաղը մեծցած էր եւ բոլորս լաւ գիտէինք, որ իր սիրուհին մեր թաղին ամենէն գեղեցիկ աղջիկը՝ Սիլվան էր: Թաղին բոլոր պարմանուհիներն ու պատանիները լաւ գիտէին անոնց պատմութիւնը: Մենք՝ թաղի պատանիներս միշտ պատրաստ էինք օգնելու այս զոյգին. մէկը իրենց նամակները կը փոխանակէր, միւսը Սիլվային կ’ընկերակցէր, որ ան ընկերովի տունէն ելլէր պտոյտի մը եւ հոն հանդիպէր Սեդրակին: Նոյնն ալ կ’ընէին Սեդրակին ընկերները: Եթէ պատահէր որ թաղային հարսանիքի, ուրախութեան մը, ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն, զանազան մրցաշարքերու կամ թատրոնի ու խրախճանքի մը ընթացին նշմարէին Սիլվան, անմիջապէս լուրը կը հասցնէին Սեդրակին. առիթ մը հանդիպելու: Այսպէս մեր թաղին իւրաքանչիւր անկիւնը եւ մայթին ամէն մէկ քարը ունէր իր յատուկ, անմեղ ու պատանեկան անկեղծ սիրոյ պատմութիւնը: Թաղին անկիւնի մեծ թզենիին վրայ փորագրուած էին բազմաթիւ անուններ ու խոստումներ, եւ անոր խոշոր տերեւներուն շուքին տակ երգուած էին լուռ երգեր, որոնց մեղեդին կը տարածուէր շրջակայքը, թէեւ անոնց շուրթերը չէին որ կը շարժէին երգին հետ, այլ աչքերն ու հոգիները: Մեր թաղին ուրախութիւնը պատանիներուն ու մանուկներուն  ոտնաձայններն էին ու անոնց բարձրաձայն կանչերը, երբ անոնք կը մեծնային մեր աչքերուն դիմաց՝ մեր թաղին մէջ, բոլորին հսկողութեան ներքեւ։

(Կ’արժէ հոս փակագիծ մը բանալ եւ մեր սիրելի ընթերցողներուն հրամցնել անմեղ սիրոյ տեսագրութիւն մը եւ անոր ընկերացող աշխրհահրչակ Guadalupe Pineda – Historia De Un Amor սպաներէն երգը հետեւեալ կապով՝

Այս երկու սիրոյ թռչուններուն պատմութիւնը օր մը պիտի հասնէր իր աւարտին եւ մենք բոլորս գիտէինք այդ մէկը, բայց կարծես չէինք ուզեր տեսնել աւարտը այդ մոգական գեղեցիկ պատկերին, զոր մենք ալ կը կ’ուզէինք ապրիլ, սակայն ափսո՜ս…: Օր մը փեսացու մը ներկայացաւ Սիլվային, որ բոլոր թաղեցիները ափիբերան ձգեց եւ այդ օրերուն, թաղին ամենէն կարեւոր պատմութիւնը դարձաւ. տիկինները պատշգամներէն իբրեւ թէ կը փսփսային, «Սիլվային շատ լաւ փեսացու մը եկեր է:» Լուրը տարածուած էր թէ Սիլվային ընտանիքը հաւանութիւն տուած էր, «աղջիկնիս լաւ տեղ ինկաւ, սըթըր կ’ըլլայ»: Այս նախադասութիւնը կը զարմացնէր զիս եւ մինչեւ այսօր՝ ի՞նչ ըսել է սըթըր կ’ըլլայ, ինչո՞ւ աղջիկը փողոցը նետուած էր կամ տէր ու տիրական չունէ՞ր: Մերիններն ալ ունէին տարօրինակ նման մտածելակերպ. կարծես աղջիկ մը իր ծնողքին տունը հիւր կը սեպուէր: Յաջորդ առաւօտ, լուսաբացէն առաջ լուրը ամբողջութեամբ տարածուած էր եւ հասած էր Սեդրակին ականջը: Սեդրակը ալ բոլոր օրը մեր թաղէն չէր հեռանար: Ընկերները կը փորձէին համոզել զինք, բայց ի զուր, ցերեկը կը տեսնես զինք թաղին անկիւնը նստած է թզենիին տակ, գիշերը միւս անկիւնը: Երբ մեր թաղը մտնէիր ու հանդիպէիր իրեն՝ ան հարցումներ կ’ուղղէր Սիլվային մասին, բայց ոչ մէկ պատասխան կը ստանար: Շատ կը փորձէր նամակներ ու լուր ղրկել Սիլվային, դարձեալ ի զուր: Թաղեցի իր ընկերներէն մէկը փախցուցած էր բերնէն ըսելով, «Սիլվան այս գիշեր պիտի նշանուի եւ մօտ օրէն պիտի պսակուի»: Անոր ընկերները խրատած էին զինք որ ալ մոռնայ Սիլվան: Մոռնա՞լ, անկարելի բան էր Սեդրակին համար: Այսպէս օրեր եւ ամիսներ անցան մինչեւ հասաւ այդ օրը երբ Սիլվան հարս պիտի ելլէր թաղէն: Կը պատմուէր թաղին մէջ, որ հարսանիքէն մէկ օր առաջ, անոնք կրցած են հանդիպիլ վերջին անգամ ըլլալով եւ խոստացած են սիրել զիրար առանց իրարու հետ ըլլալու, որովհետեւ այդ օրերուն, մենք կը հաւատայինք մեր մեծերու որոշումներուն: Է՜ կ’ըսէին մեր մեծերը. «երբեմն նաւը կ’ընթանայ հովին տարած ուղղութեամբ եւ ոչ նաւավարին»:

Եւ այդպէս ալ եղաւ. տարիներ ետք Սիլվան այրի՝ երիտասարդուհի եւ մայր երեք մատղաշ երեխաներու դարձաւ իր հօրը տունը, որպէս ապահով վայր իրեն եւ իր զաւակներուն համար: Շատ բան փոխուած էր թաղին մէջ, յատկապէս Սեդրակը, որ ան ալ իր կարգին ընտանիք կազմած էր եւ ունէր նորածին մանչ մը: Ծնողքին տան պատուհանը աւելի նեղ դարձած էր Սիլվային համար, շէնքին աստիճաններն ալ աւելի երկար ժամանակ կ’առնէին զինք երկրորդ յարկը հասցնելու: Ալ վազելով ու ցատկելով չէր ելլեր ան, այլ չորս կողմը լաւ մը նայելով, իր փոքրերուն վրայ հսկելով եւ երբեմն ալ զանոնք գրկած. քայլերը ծանրացած էին, ինչպէս նաեւ կեանքը: Թաղին մայթերուն քարերը վերաշինուած էին ու իրենց հետ տարած անոր վրայ խաղերու եւ թիւերու արձանագրութիւնները, բայց այս բոլորին մէջ, մեծագոյն փոփոխութիւնը թաղին թզենին էր, զոր կտրած էին ու անոր կոճղը նստարանի վերածած: Սիլվան բաւական երկար դիտեց այդ նստարանը ու պահ մը իր աչքին առջեւէն անցան մանկութեան ուրախ ու անհոգ օրերը, Սեդրակին հետ անոր վրայ իրենց անուններուն փորագրութիւնը: Վա՜յ այդ հաստաբուն ծառն ալ հանած են, չէ որ տերեւներուն սօսափիւնը իրենց պատմութիւնը պիտի պատմէր, նաեւ՝ բազմաթիւ ուրիշներուն. ա՜խ այդ անիրաւ եւ անգութ ձեռքերը խեղդած էին անոնց ձայնը: Պահ մը Սիլվան ուզեց բարձրաձայն պոռթկալ ու հոն նստող մարդը տեղէն հանել ու ըսել, «ով մարդ դուն գիտես ո՞ւր նստած ես», բայց ան ինքզինք զսպեց ու արցունքոտ աչքերով տուն դարձաւ:

Առաւօտ մը լսեցի, մեր հարեւանները կ’ըսէին, «Սիլվան եւ Սեդրակը հանդիպած են» եւ լուրը կէսօր չեղած արդէն տարածուած էր: Սիլվան պատշգամը լուացք հաւաքած մէկ պահուն, յանկարծ աչքերը հանդիպած էին Սեդրակին աչքերուն: Կարծես տարիներ առաջ զինք դիտող նոյն աչքերն էին, սակայն մազին ձեւը փոխուած՝ կորսնցուցած էր իր առատութիւնն ու փայլքը, եւ դէմքին վրայ քանի մը գիծեր աւելցած էին: Այո՛ նոյն Սեդրակն էր, բայց այդ նոյն բազուկները չունէր ան, ինչպէս երբ տասնութ տարեկան էր: Տիկին Արփինէն պատուհանին ծայրէն տեսած էր անոնց իրարու երկար ժամանակ դիտելը, անոնց աչքերուն մէջ վերակենդանացած շատոնց մարած փայլքը եւ իւրաքանչիւրին դէմքին վրայ ուրուագծուած ժպիտը, ապա բարեւելը, կարծես ժամանակը բան չէր խլած անոնցմէ: Նոյն եղելութեան ականատես եղած էր նպարավաճառ Գոգոն, որ ճիշդ այդ պահուն իր խանութիւն առջեւ թաւլու կը խաղար:

Այդ գիշեր, Սիլվան եւ Սեդրակը հանդիպեցան թաղէն քիչ մը անդին գտնուող սրճարանի մը մէջ: Շատերու ծանօթ էին, իսկ ուրիշներ միայն լսած էին անոնց պատմութիւնը: ժամանակը շատ բան փոխած էր: Թէեւ Սիլվան ազատօրէն կրնար Սեդրակին հանդիպիլ, երբ որ ուզէր եւ ուր որ փափաքէր, բայց Սեդրակը այդպէս չէր. ան ունէր կին ու երեխայ, որոնց խօսք տուած էր հոգ տանելու եւ սիրելու, թէեւ ան շատ լաւ գիտէր, որ իր սէրը Սիլվային հանդէպ մնայուն էր ու անփոփոխ, անբիծ ու անանձնական: Այդ օրը շատ գեղեցիկ ու անմոռանալի էր երկուքին համար: Մինչ անոնք քալեցին ու անցան բոլոր այն տեղերէն, ուր հիւսած էին իրենց պատանեկութեան առաջին ու վերջին սէրը, խօսելու պէտք չունէին, իւրաքանչիւր անկիւն արդէն կը պատմէր իրենց պատմութիւնը, դպրոցին բակը, խաղավայրը, թատերասրահը, ակումբը եւ յատկապէս հատուած ու տխուր թզենին: Թզենիին քով ամէնէն երկարը կեցան, պատմեցին ու խնդացին: Դուռ-դրացի զիրենք կը դիտէին, շատերը մեղադրեցին Սիլվան, շատեր ուրախացան անոնց ուրախութեամբ, իսկ շատեր կը մտածէին Սեդրակին ընտանիքին մասին ու սուր եւ խոժոռ արտայայտութիւն ունէին: Սիլվան շատ լաւ գիտէր այս բոլորը եւ լուռ էր:

Քանի մը օր ետք, Սեդրակը կրկին դարձաւ նոյն տեղը, նոյն թաղը, Սիլվային հանդիպելու յոյսով, սակայն Սիլվան Սեդրակին ուղղուած նամակ մը ձգած էր խանութպանին քով ու այդ վայրէն անվերադարձ հեռացած իր զաւակներուն հետ: Այդ նամակին բովանդակութիւնը Սեդրակէն զատ մէկը չիմացաւ: Շատեր ըսին դարձեալ ձգեց տղան ու հեռացաւ, ուրիշներ ըսին՝ ճիշդ բանը ըրաւ, որովհետեւ Սեդրակը ալ ընտանիք ունէր:

Սիլվան այդքան վստահ էր Սեդրակին անկեղծ սէրէն, որ նախընտրած էր զինք երջանիկ տեսնել իր զաւկին ու կնոջը հետ: Սիլվային եւ Սեդրակին նման շատ պատմութիւններ անցան գացին մեր թաղերէն, որոնցմէ շատեր ուրախութեամբ աւարտեցան, բայց անդին ուրիշներ կիսատ ու անաւարտ մնացին: Անոնք թերեւս մոռացութեան մատնուեցան մեր թաղերուն այլափոխութեան հետ, սակայն կը շարունակեն ապրիլ մեզմէ շատերուն եւ մեր հերոսներուն յիշողութեան մէջ։ Այսօր անոնք նաեւ արձանագրուած են պատմութեան էջերուն վրայ ու այսուհետեւ պիտի շարունակեն ապրիլ հոն՝ ընդմիշտ։

Մինչեւ այսօր, երբ մեր թաղէն անցնինք, ակամայ կանգ կ’առնենք հոն՝ սիրով յիշելու մեր թաղեցիները, անոնց առօրեան, անոնց ու նաեւ մեր անցեալի ապրումները։ Եւ ահա այդ պահուն է, որ կը զգանք պուրճ համուտցի պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն սիրոյ պատմութիւններուն տակաւին արձագանգող համանուագը, թզենիի տերեւներուն սօսափիւնը դեռ կը հասնի մեզի, ժպիտ կը գծէ մեր դէմքին վրայ, ու մեր ականջին մէջ կը շշնջայ երբեք չաւարտած, անկեղծ, պատանեկան մաքուր սիրոյ պատմութիւնները։

Լենա Պօղոսեան

Ծանօթ: Պատմուածքին մէջ նշուած հերոսներուն անունները անոնց իսկական անունները չեն:

ՓՈՂՈՑԸ

ՖԵՐԵՏՈՒՆ ՄՈՇԻՐԻ

Պարսկերէնէ թարգմանեց` ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ

Լուսնեակ գիշերով, առանց քեզ, նորից անցայ այն փողոցով,
Միայն աչքեր դարձած փնտռեցին քեզ
Քեզ հանդիպելու ցանկութիւնը լցրեց էութեանս բաժակը,
Դարձայ այն խենթ սիրահարը, որ էի:

Իմ հոգու գաղտնի խցիկում փայլեց քո յիշողութեան ծաղիկը․․․
Հարիւր յիշողութիւնների այգեստան ծիծաղեց,
Հարիւր յիշողութիւնների բոյր սփռուեց.
Յիշեցի, որ մի գիշեր միասին անցանք այդ փողոցով․
Բացանք մեր թեւերը, թափառեցինք այն ցանկալի մենութեան մէջ,
Մէկ ժամ նստեցինք այդ առուի եզրին:

Աշխարհի բոլոր գաղտնիքները քո սեւ աչքերի մէջ էին,
Ես, կորայ քո հայեացքի մէջ:
Երկինքը պարզ էր ու գիշերը հանգիստ․․․
Երջանկութիւնը ժպտում էր, պահը հանդարտ էր,
Լուսնի մի փունջ փլուզուեց առուի ջրի մէջ
Յանց ճիւղեր փռուած ալիքների մէջ․
Գիշերը եւ դաշտը, ծաղիկները եւ քարերը
Բոլորի սրտերը նուիրուած էին սոխակի երգին:

Յիշում եմ, դու ասացիր ինձ`
Զգոյշ եղիր այս սիրուց․
Մի պահ նայիր այս ջրին,
Որ անցողիկ սիրոյ ծէս է․․․
Քո հայեացքը, այսօր մելամաղձոտ է,
Վաղը կը լինես այնտեղ, սիրտդ ուրիշների հետ․․․
Ուստի թափառիր այս քաղաքում, մինչեւ մոռանաս:

Ես ասացի քեզ` զգուշ եղիր այս սիրուց․․․ չգիտեմ․․․
Հեռանա՞լ քո ներկայութիւնից, ո՛չ երբեք․․․
Չեմ կարող․․․

Առաջին օրը, երբ սիրտս թրթռաց քեզ ցանկանալով
Նստեցի քո տանիքի եզրին, որպէս մի աղաւնի,
Դու քարեր շպրտեցիր իմ վրայ, իսկ ես` ոչ․․․

Ես կրկին ասացի. դու որսորդ ես, իսկ ես` դաշտի մի եղջերու,
Որ ամէնուրեք փնտռեցի, մինչեւ ընկայ քո թակարդը․․․
Ես փնտռեցի ու փնտռեցի
Չեմ կարող զգուշանալ քո սիրուց:

Մի արցունք կաթեց ճիւղին,
Գիշերային մի թռչուն դառը տնքաց եւ փախաւ․․․
Արցունքները ճողպացին քո աչքերում,
Լուսինը ծիծաղեց քո սիրոյ վրայ:

Յիշում եմ. ես այլեւս ոչինչ չլսեցի քեզնից,
Ընկայ վշտի գիրկը
Ու մեղմացայ:

Այդ գիշերը, եւ միւս գիշերներն էլ, վշտի խաւարի մէջ էի,
Այլեւս լուր չեղաւ վիրաւորուած սիրեցեալից,
Այլեւս այդ փողոցով չանցար․․․
Իսկ ես, առանց քեզ․․․ ինչպէ՞ս անցայ այդ փողոցով․․․

Առեւտրական հաստատութիւններու վարձքերու նոր օրէնքին գործադրութիւնը ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ

Տարբերակ21 հարթակի այս շաբթուայ հիւրն է Լիբանանի մէջ վարպետ ոսկերիչներու Եւ գոհարավաճառներու սենտիքայի խորհուրդի նախագահը՝ Պօղոս Քիւրտեանը, որ միաժամանակ Լիբանանի աշխատանքի դատարանին մէջ գործատէրերու լիազօր ներկայացուցիչ անդամ է: Պօղոսը նաեւ անդամ է Պէյրութի առեւտրականներու միութեան, որ փաստօրէն անդամներ կ’ընդգրկէ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն: Իր այս հանգամանքներուն բերումով, ան մաս կը կազմէ նաեւ բազմաթիւ յանձնախումբերու, որոնք մօտէն կը զբաղին առեւտրական հաստատութիւններու մասին վերջերս վաւերացուած եւ հրապարակուած վարձքերու օրէնքով: Ըստ Պօղոսին, Եթէ վարձքերու այս օրէնքը գործադրութեան դրուի, իր ներկայ պայմաններով, հին պայմանագրերով խանութներու վարձակալներուն մեծ մասը կը մնայ դուրս եւ կը դառնայ անգործ, ներառեալ Պուրճ Համուտի խանութներուն: Թէ ի՞նչ պէտք է ընել. լսե՛նք Պօղոս Քիւրտեանի կարծիքը:

Երբ մարդը չի փախչիր ինքն իրմէ — Պեթմէնը, Ճոքէրը եւ ընկերային հիւանդութիւնը

Քրիսթոֆըր Նոլընի «Պեթմէն․ խաւարի ասպետը» ուշագրաւ է ոչ միայն այն առումով, որ ֆիլմին մէջ կը խաղան բազմաթիւ յայտնի դերասաններ, նաեւ որ ֆիլմին մէջ կայ բեմադրական եւ նկարահանումի հրաշալի աշխատանք, տեսողական յատուկ տարրեր, այլեւ այն պատճառով, որ այդ ֆիլմը շատ աւելի խոր եւ կարեւոր ըսելիքներ ունի, քան պարզապէս ոճիրի, գերհերոսի եւ ոստիկանական պատումները: Եթէ մինչ այդ եւ անկէ յետոյ նման թեմաներով հերոսական ֆիլմերը մեծ հաշուով պարզագոյն ներկայացումն է նախատպային բարիի եւ չարի, որ որպէս կանոն կ’աւարտի բարիի յաղթանակով, ապա Նոլընի (ինչպէս նաեւ Թոտ Ֆիլիփսի «Ճոքէր» ֆիլմին մէջ) ֆիլմին կայ յստակ արտայայտուած ընկերահոգեբանական ծանր շերտ մը, որ անմիջապէս աչքի չի զարներ, բայց, մեծ չափով կը հանդիսանայ ֆիլմին իրական ըսելիքը:

«Խաւարի ասպետը» ֆիլմին կերպարները եւս աչքի կը զարնեն բացառիկ խորութեամբ: Պեթմէնը պարզապէս հարուստ ու բարի մարդ մը չէ, ոչ ալ Ճոքէրը պարզապէս խելագար մը: Ինչպէս նաեւ քոմիսար Կորտոնը, եւ միւս ուղեկցող կերպարները ունին իրենց յստակ ըսելիքն ու դերը: «Խաւարի ասպետը» ֆիլմը կրնանք համարել ոչ միայն ոճիրի, գերհերոսի ոստիկանական հեքիաթային ֆիլմ մը, այլեւ ընկերահոգեբանական տրամա: Այս ֆիլմին մէջ կրակոցներն ու պայթումները առաջնկարգ դեր չունին: Առաջնկարգ դերը զրոյցներն են, հերոսներուն առջեւ դրուած մարտահրաւէրները, անոնց հոգեբանական կերպարանափոխութիւնը: Այս առումով, «Խաւարի ասպետը» ֆիլմին հերոսները չեն մնար միայն իրենց ֆիլմի շրջագիծին մէջ, այլ դուրս կու գան ու «կը մօտենան» իրենց աւելի վաղ նմանակներուն: «Խաւարի ասպետն» ու «Ճոքէրը» որպէս ֆիլմեր արդէն համեմատելի են Չարլզ Տիքընզի «Սուրբ ծննդեան երգի», Արթըր Քոնան Տոյլի «Շերլոք Հոլմզի» հետ, ինչպէս նաեւ միջավայրային հարցերով՝ կ’անդրադառնան այնպիսի խնդիրներու, զորս կը քննարկեն նէոֆրէօտեան ու նէոմարքսիզմի կողմնակիցները: Այդ մէկը հասկնալու համար մենք պէտք է որոշ չափով հանրամատչելի ուսումնական որոնում կատարենք:

Եւ այսպէս, արդիւնաբերական յեղափոխութենէն յետոյ, երբ մարդկային հասարակարգերը սկսան ձեւաւորել ժամանակակից մարդկութիւնը, իրենց հետ յառաջ բերին շարք մը ընկերատնտեսական այնպիսի նորութիւններ, որոնք երբեք նախապէս տեսնուած չէին: Նոր դարաշրջանները իրենց հետ բերին առաքինութիւններու եւ յանցագործութիւններու նոր տեսակներ, նոր մտածողութիւն եւ նոր մարտահրաւէրներ: Այդ բոլորը ի հարկէ միանգամայն հասկանալը հնարաւոր չէր, ուստի եւ գեղարուեստական գրականութիւնը սկսաւ ձուլել ու ստեղծել հերոսներ, որոնք կը գրաւէին դէպքերու կեդրոնական տեղը, որոնք կը պայքարէին խնդիրներու դէմ, կը զգային զանոնք, բայց չէին հասկնար, ինչպէս նաեւ հակահերոսներ, որոնք կը դառնային այդ դրական կերպարներու մութ երկուորեակները: Հետագային, գիտական գրականութեան մէջ սկսան ոչ միայն փիլիսոփայական, այլեւ ընկերային գիտութիւնները ուսումնասիրել այն, ինչ որ մինչ այդ հիմնականօրէն կը շօշափուէր գեղարուեստական գրականութեան մէջ: Ընկերային հոգեբանները առաջինն էին, որ, միացնելով մարքսիզմի տրամախօսութեան (dialectic) եւ անգիտակցական Ես-ի խճճուած յարաբերութիւնները, սկսան գիտական հիմքով վերլուծել անհատին ու հասարակութեան կապը, զիրար ազդող ու զիրար լրացնող երեւոյթները: Հետաքրքականը այն է, որ նէոազատականութիւնն ու անհատականացուող արհեստագիտական դարաշրջանը, հեգնելով ընկերահոգեբանական այդ մօտեցումը, ենթագիտակցօրէն աւելի կը խճճուէր իր կողմէ դիտմամբ մոռցուող խնդիրներու մէջ ու անոնց անգիտակցական արտայայտութիւնը կը կատարէր ժամանակակից զանգուածային մշակոյթի ու արուեստի մէջ՝ ցոյց տալով, որ ոչ մէկ խնդիր տակաւին լուծուած է:

Ճոքէրը, Պեթմէնը եւ մշակութային մարդաբանութիւնը. Ֆրոմէն մինչեւ Նոլըն, Տիքընզէն մինչեւ Քրոփոթքին

«Ես հրէշ չեմ: Ես պարզապէս կը տեսնեմ իրականութիւնը» — Ճոքէր

Ժամանակակից զանգուածային մշակոյթը յաճախ կ’ընկալուի որպէս զուարճանքի մթնոլորտ, ուր հերոսներն ու հակահերոսները կը բախին բարիի եւ չարի շրջագիծին մէջ: Սակայն որոշ ստեղծագործութիւններ կը մերկացնեն մեր հասարակութիւններու խորքային հիւանդութիւնները, որոնք պարզապէս պաստառային «սնունդ» չեն, այլ կը բացայայտեն ընկերային ու հոգեբանական մեքանիզմներ: Քրիսթոֆըր Նոլընի Պեթմէն եռերգութիւնը, «Joker» (2019) ֆիլմը, ինչպէս նաեւ կերպարներու շուրջ ձեւաւորուած փիլիսոփայութիւնը, երբ կը դիտարկուին մշակութային մարդաբանի, հոգեբանի եւ քաղաքական տեսաբանի աչքերով, կը դառնան ոչ թէ գերհերոսային հեքիաթներ, այլ՝ քաղաքակրթական ինքնահայեցում: Մենք ժամանակաշրջանի մը ու քաղաքակրթութեան մը ծնունդ ենք, ուր չարն ու բարին ոչ թէ ի վերուստ սահմանուած են, այլ յընթացս կը ձեւաւորուին մեր իսկ կողմէ: Ճոքէրն ու Պեթմէնը ոչ թէ պազրապէս գեղարուեստական հերոսներ են, այլ՝ մերժուած ընկերային ծրագիրներու կենդանի խորհրդանիշեր: անոնք ծնած են մեր հաւաքական անյաջողութիւններէն, հասարակութեան հիւանդութիւններէն, ճնշուած ազատութենէն եւ բարոյահոգեբանական երկակիութենէ:

Հիւանդութեան անունը հասարակութիւն է

1930-ականներուն, Էրիխ Ֆրոմ կը գրէ «Փախուստ ազատութենէ» (Escape from Freedom), ապա «Ողջամիտ հասարակութիւնը» (The Sane Society) գիրքերը՝ բացատրելով, թէ ինչպէս ազատութիւնը՝ փոխանակ մարդը ազատագրելու, կը դառնայ բեռ, սարսափի աղբիւր, երբ մարդը չունի այդ ազատութիւնը վերլուծելու ներքին միջոցները: Ճոքէրը, ինչպէս Ֆենիքսի մարմնաւորած տարբերակին, այնպէս ալ Լեճըրի խելայեղ մարմնացումին մէջ, յստակ կը ներկայացնէ այդ փախուստին հետեւանքը: Ան հիւանդ չէ՝ որովհետեւ անբարոյական է կամ խելագար, այլ որովհետեւ կ’ապրի հասարակութեան մէջ, ուր ազատութիւնը անյաղթահարելի ճնշում է, կարեկցանքը՝ բացակայող, հոգեբանութիւնը՝ ձգուած դրամի տրամաբանութեան: Ֆրոմ կը շեշտէր՝ մոլագարութեան հիմքը յաճախ ոչ թէ բնածին խանգարումն է, այլ ընտանիքի, միջավայրի եւ հասարակութեան հոգեբանական անտես ճնշումը: Ճոքէրը՝ որպէս անհատ, համակարգի զոհն է: Որպէս կերպար՝ մեր մշակոյթի խղճին արտացոլումը: Նոյն ձեւով եւ Պրիւս Ուայնը, բայց ան (ինչպէս եւ Շերլոք Հոլմզը) արդէն մեր առջեւ կը կանգնին սուր խելքով, բարի սրտով մեկուսացուած հերոս մը, որն արդէն կայ, բայց որուն յառաջացումը անհասկնալի է: Այդ մեր հասարակական ու անձնական ենթագիտակցական «պաշտպանութիւնն է մենք զմեզ մեզմէ»: Քանի որ մենք չեն հասկնար եւ չենք կարենար կանխել Ճոքէրի եւ Մորիարթիի ծնունդը, մեզի անհրաժեշտ են Պրիւս Ուայն ու Շերլոք Հոլմզ, որոնք եթէ չեն յաղթեր, ապա գոնէ կը կանգնեցնեն զանոնք:

Ճոքէրը յստակօրէն կը յիշեցնէ Չարլզ Տիքընզի «Սուրբ ծննդեան երգը» պատմուածքի խորհրդանշական երկու երեխաները Ignorance (տգիտութիւն) եւ Want (կարիք): Այս երեխաները կը ներկայացնեն արդիւնաբերական հասարակութեան մերժուած կողմը: Want-ը՝ մարմնավաճառութեան, Ignorance-ը՝ քրէակատարողական պատիժի զոհ: Տիքընզ կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս Տիգիտութեան զոհ մանուկ տղան կը դառնայ յանցագործ, ապա կը յայտնուի բանտին մէջ, իսկ Կարիքին զոհ աղջնակը կը վերածուի մարմնավաճառի ու իր կեանքը կ’աւարտէ հոգեբուժարանին մէջ: Ճոքէրը այդ նոյն երեխան է, միայն թէ արդէն մեծցած: Մարդ մը, որուն դադրած են սիրելէ դեռ մանուկ հասակէն: Մենք չկարողացանք այդ երեխաները պաշտպանել մանուկ տարիքին եւ Ճոքէրը արդէն մեծցած է: Իսկ Պրիւս Ուայնը անոր արդէն չի կրնար յաղթել, որովհետեւ անոր յառաջացումը չի հասկանար:  Ճոքէրը նաեւ Քրոփոթքինի անիշխանութեան անզգայացած ստուերն է: Քրոփոթքին կը հաւատար, որ ազատ մարդը բնականաբար կը ձգտի գործակցութեան եւ հիւմանիզմի: Սակայն երբ ազատութիւնը կը ճնշուի, մարդը կ’այլանդակուի: Ճոքէրը այդ ազատութեան մութ հետեւանքն է: Ան անիշխանական չէ գաղափարական իմաստով: Ան խորհրդանիշ է անիշխանական իտէալներու թաղման: Միասնական, համագործակցող հասարակութեան փոխարէն՝ ան ծնած է ընկերային ճեղքուածքներէ: Անոր քաոսը յուսահատութեան ելք է, ոչ համոզում: Նոլընի ֆիլմին մէջ, Ճոքէր ուղղակի կ’ըսէ Պեթմէնին, որ առանց իրեն ինքը անիմաստ է, եթէ չըլլայ Պեթմէնը, ապա ինք ի՞նչ պիտի ընէ. ընդամէնը փոքր յանցագործներ պիտի հալածէ: Ճոքէրը ուղղակի կը մեղադրէ Պեթմէնին՝ հասարակական այդ կարգը պահպանելու, որ իր կարգին Ճոքէրի ծնունդ կու տայ եւ եթէ չըլլայ Պեթմէնը, այսինքն հասարակական այս կարգերը չպահպանուին, ապա այնտեղ միջավայր պիտի չստեղծուի նաեւ Ճոքէրին համար:

Պեթմէնը՝ բարիի գիշերային ստուերը

Պեթմէնը՝ Պրիւս Ուայնը, միլիառատէր է, արդարութեան ձգտող, բայց նոյնիքն այն համակարգին խնամակալը, որ չկարողացաւ կանխել Ճոքէրին անկումը: Ան կը պայքարի անհատական յանցագործութեան դէմ, բայց չի կասկածիր համակարգին: Ան այն բարին է, որը երբեք չի հարցներ. ինչէ՞ն կը ծնի չարը: Անոր ուժը հաստատութենական է, արհեստագիտական: Ան ինքնուրոյն արդարութիւն կը հաստատէ համակարգի մը մէջ, զոր ինքը կը պահպանէ: Ան արհեստագիտական Շերլոք Հոլմզն է՝ փրկիչ, բայց կոյր՝ ընկերային պատճառահետեւանքներու հանդէպ: Պեթմէնը, ինչպէս նաեւ Շերլոք Հոլմզը, չի հասկնար, թէ ինչո՞ւ այդ զարգացած ու ամէն բանի հնարաւորութիւն ունեցող հասարակութիւնը այդքան հիւանդ է, ուրկէ՞ անոր մէջ կը յառաջանան այդ հիւանդները: Անոնք կը պայքարին տարատեսակ Ճոքէրներու դէմ, բայց երբեք համընդհանուր ապստամբութեան չեն նախաձեռներ. անոնք այդ կարգերու պաշտպանն են: Պեթմէնը բարիի մասին մեր հաստատութենական պատրանքն է: Ան կը պայքարի քաոսի դէմ, բայց քաոսը կը մնայ, քանի որ պատճառները չեն վերանար:

Դրական ազատականութիւնը՝ որպէս քօղարկուած դրամատիրութիւն

«Դրական» ազատականութեան դարաշրջանը կը վաճառուի որպէս դարաշրջան մը, ուր ինքնադրսեւորման, ինքնաճանաչման, անհատական երջանկութեան պաշտամունքը կը քարոզուի։ Սակայն այս ամբողջ համակարգը հիմնուած է դրամատիրաական սպառումի մեքենայութիւններուն վրայ։ Ճոքէրը կը ժպտայ, բայց այդ ժպիտը բռնի է, պարտադրուած: Ան կեղծ «դրապաշտութեան» դիմակը կը մերկացնէ: Երբ ան կ’ըսէ՝ «I smile because I have to», այդ ոչ թէ իր ընտրութիւնն է, այլ հասարակութեան՝ ընդվզում ժպիտ պարտադրելու բռնակալութեան դէմ: Այսօր կը ստիպեն բոլորը ժպտալու, ըլլալու խենթ, ստեղծագործ, անկանխատեսելի, ինքնավստահ: Ճոքէրը նոյնիքն այդ բոլորին այլասերած միացումն է: Ճոքէրը նոյնիքն այն է, ինչ որ մենք կ’ուզենք, բայց պարզապէս չենք խոստովանիր: Թէկուզ միայն մերօրեայ համացանցային «ակրեսիւ ցուցադրամոլութեան» հոսանքն է, որ ծնունդ կու տայ նոր Ճոքէրի մը, զոր մենք կը ցանկանք, բայց չենք խոստովանիր եւ զինք վայելելէ ետք, զայն կը վերածենք այն խելագար հիւանդին, որուն դէմ պայքարի կը հրաւիրենք յաջորդ Պեթմէնը:

Ազատութեան հռչակագիրը կը վերածուի լռեցումի: Դուն կրնաս ըլլալ ով որ ուզես, բայց միայն այն պարագային, երբ չես խանգարեր սպառողին տրամաբանութիւնը: Երբ կ’ընես այն, ինչ որ կը պահանջուի, բայց կը կատարես աւելի կատարեալ կերպով ու նպատակասլաց, կը դառնաս Ճոքէր: Իր ժամանակին այդ միտքը յստակ արտայայտած է Միխայիլ Լերմոնթովը իր «Մեր ժամանակներու հերոսը» (A Hero of Our Time) ընկերահոգեբանական վէպին մէջ, ուր գլխաւոր կերպար Փեչորինը պարզ կը խոստովանի, որ ինքը դարձած է այլանդակ, որովհետեւ բոլորը ցանկացած են իր մէջ այլանդակը տեսնել: Ճոքէրը մեր ժամանակներու իրական հերոսն է, մեր թաքնուած գերագոյն ցանկութիւնը:

Երբ մշակոյթը ճարտարարուեստ է

Թէեւ Ճոքէրը ֆիլմերուն մէջ քննադատութիւն պիտի ներկայացնէր համակարգին դէմ, սակայն ժամանակակից մշակոյթը զինք կը վերածէ ապրանքանիշի: Ան կը դառնայ համացանցային կատակի, ծաղրի միջազգային խորհրդանիշ մը, շապիկի պատկեր եւ համացանցային կերպար: Անոր իսկական պատգամը կը կորսուի շուկայնացումի շղարշին տակ: Սա նոյնիքն այն է, ինչ որ Ատորնո եւ Հորքհայմըր (Max Horkheimer and Theodor Adorno) կը նկարագրէին որպէս «մշակոյթի ճարտարաուեստ»՝ դրամատիրութիւնը ի վիճակի է կուլ տալու նոյնիսկ իր քննադատութիւնը, զայն վերածելու շահոյթի, այնպէս, ինչպէս երկու առնէտ անօթի կը պահեն, որ ի վերջոյ մէկը խժռէ միւսը: Այսպիսով՝ նոյնիսկ Ճոքէրը, որուն գոյութիւնը ինքնին կը դատապարտէ ընկերային անհաւասարութիւնը, կը վերածուի «cool» ապրանքի:

Ճոքէրն ու Պեթմէնը դիմակներ են, զորս մենք՝ որպէս մշակոյթ, կը կրենք: Առաջինը՝ մեր ճնշած ճշմարտութիւնն է, երկրորդը՝ մեր պատկերացուցած բարին: Բայց երկուքն ալ ծնունդ առած են մեզմէ: Այնքան ատեն որ չենք փոխած ընտանիքի, կրթութեան, հոգեկան առողջութեան, մշակոյթի եւ ազատութեան հանդէպ մեր վերաբերմունքը, Ճոքէրները կը շարունակեն յայտնուիլ: Իսկ Պեթմէնները կը շարունակեն պայքարիլ հետեւանքներու, բայց ոչ պատճառներու դէմ:

Հասարակութիւնը պէտք է դադարեցնէ ժպիտի բռնակալութիւնը: Հասարակութիւնը պէտք է յիշէ, որ իւրաքանչիւր Ճոքէրի ժպիտի ետեւը լուռ օգնութեան ճիչ մը կայ: Իսկ ճշմարիտ ազատութիւնը, ինչպէս Ֆրոմ կ’ըսէ, կը սկսի այնտեղ, ուր մարդը այլեւս չի փախչիր ինքն իրմէ:

Բայց քանի որ ժամանակակից դրական-ազատական բռնակալութիւնը նոյնիսկ այնպիսի ցնդաբանութիւններու կը հասնի, որ նոյնիսկ ֆիլմերուն մէջ Զեւսն ու Աքիլլեսը կը դառնան սեւամորթ՝ հաւասարութիւն ապահովելու համար, ապա մեզի կը մնայ կարդալ, շատ կարդալ եւ հիանալ «Խաւարի ասպետը» ֆիլմով, որի նմաններու քանակութիւնը, ցաւօք, կը պակասի օրէցօր:

The Cedars Whispered՝ Երբ կը լսենք լռութեան ձայնը

Հեղինակ՝ Քրիսթին Դանիէլեան, Hope and Light հրատարակչատուն, Նիւ Եորք, 2024

Կարելի է նաեւ հետեւիլ Տարբերակ21 հարթակի հեղինակին հետ կատարած հարցազրոյցին՝ հետեւեալ կապով https://wp.me/pd909i-mwp 

 The Cedars Whispered-ը պարզապէս վէպ մը չէ։ Ան գրական-գեղարուեստկան վկայութիւն մըն է, աղաղակող ձայն մը՝ ծնունդ առած քաղաքացիական պատերազմի տառապանքէն, անձնական ցաւերէ եւ անհատոյց վերքերէ։ Իրական դէպքերու վրայ հիմնուած՝ Քրիսթին Դանիէլեանի այս խորաթափանց ու խռովիչ ստեղծագործութիւնը լոյս կը սփռէ Թեոտորայի պատմութեան վրայ՝ լիբանանցի ծաղկատի աղջնակ մը, որուն կեանքը կը փշրուի քաղաքացիական պատերազմի եւ անոր անմեղ ու մանուկ հոգին խոցած լուռ բռնութեան հետեւանքով։ Յուզիչ, ցասումնալից եւ զգայական լեզուով գրուած այս գիրքը մեզի նաեւ կը պարտադրէ դառնալու լուռ ականատեսները այն բռնութեան, որ այսօր եւս կը յամենայ եւ կը փճացնէ բազմաթիւ կեանքեր։

Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր Քրիսթին Դանիէլեան կը գործէ որպէս ընկերային ծառայող՝ նուիրուելով անիրաւուածներու, մասնաւորաբար կիներու եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Մարդկային արժանապատուութեան եւ արդարութեան հանդէպ իր խոր հաւատքը կը ճառագայթէ գիրքի իւրաքանչիւր էջին մէջ։ Յառաջաբանին մէջ, ան կը բացատրէ, թէ ինչպէս քորոնաժահրի համավարակին պարտադրած մեկուսացումը իր մէջ կը վերակենդանացնէ Թեոտորայի ցաւալի պատմութեան չսպիացած յուշերը, որոնք իբրեւ բարոյական պարտաւորութիւն՝ պէտք էր պատմուէին եւ դառնային աշխարհին սեփականութիւնը։

Թէեւ անունները փոխուած են, սակայն կերպարները իրական են, իսկ յանցագործները՝ ներառեալ հրէշատիպ Սուլէյմանը, ոչ միայն մինչեւ այսօր կը մնան անպատիժ, այլեւ զղջումի նշաններ ալ ցոյց չեն տար։ Գիրքը անգլերէնով գրելու որոշումը կը բխի բարոյական պարտաւորութենէ մը, որ կը յատկանշէ թէ՛ վէպին համամարդկային թելադրանքը եւ թէ՛ հեղինակին նպատակը՝ հասնելու աւելի լայն ընթերցողութեան, ներառեալ լիբանանցի, սփիւռքահայ եւ ընդհանրապէս ոչ-հայ ընթերցողներու, որոնք այլապէս անծանօթ պիտի մնային այս ապրուած ողբերգութիւններուն։

Հոս չենք կրնար զուգահեռ մը չտեսնել Թեոտորայի ապրած հոգեցնցումին եւ Հայկական  ցեղասպանութենէն ճողոպրած յաջորդական սերունդներու ենթագիտակցութեան մէջ արմատացած հոգեցնցումին (trauma) միջեւ։ Այս վերջինը իւրաքանչիւր տառապանքի եւ անիրաւութեան դիմաց կը վերազարթնի եւ կը մարմնաւորուի այն գրական կերպարներուն մէջ, որոնք կը դրսեւորեն նմանօրինակ ցնցումներ։ Մեր հեղինակը խորապէս կը զգայ Թեոտորային ցաւը, որովհետեւ ինք ալ ժառանգորդն է անիրաւութեան մը, որ մինչ օրս կը մնայ անպատիժ։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը վէպին համար ընտրուած պարզ միջավայր մը չէ, այլ անոր հիմնարար մէկ մասը։ Պետական կառոյցներու քայքայումը ստեղծած էր վերահսկողութենէ զուրկ եւ խառնաշփոթ իրավիճակ մը, որ ընդհանուր առմամբ բարեբեր հող կ’ընծայէր բռնութիւններու, յատկապէս՝ կիներու եւ երեխաներու դէմ։ The Cedars Whispered վէպը պատերազմը կը ներկայացնէ ոչ միայն որպէս ազգային աղէտ, այլ նաեւ որպէս քայքայիչ ուժ մը, որ կը թափանցէ ընտանեկան յարաբերութիւններու եւ անհատական հոգեբանութեան մէջ՝ ապակայունացնելով հասարակութեան բարոյական հենքը։

Թեոտորայի կեանքը կը սկսի քանդուիլ քաղաքական բռնութեամբ, բայց ամենախոր վերքերը կը բացուին ընտանեկան լռութեան մէջ՝ տան մը մէջ, ուր ո՛չ ոք կը լսէ, ո՛չ ոք կը պաշտպանէ, եւ ո՛չ ալ արդարութեան շուքը գոյութիւն ունի։ Պատերազմը կը շեշտէ զոհերու անզօրութիւնը, եւ այս թեման գիրքի ամբողջ պատումին մէջ կը տարածուի իբրեւ անդադրում ողբ։

Վէպին առանցքը կը հանդիսանայ Թէոտորան՝ մանուկ մը, որ տասնամեակներ շարունակ կը կրէ տանջանքներու ծանր բեռը։ Սուլէյմանի կատարած սարսափելի բռնութիւնները կը նկարագրուին ցնցիչ մանրամասնութեամբ՝ երբե՛ք գրգռիչ, այլ մի՛շտ ճշգրիտ ու սրտառուչ կերպով։ Մասնաւորապէս ծանր է կարդալ վէպին 11-րդ գլուխը՝ «Լռութեան ծանրութիւնը» վերնագրով։ Թէոտորայի վախը, շփոթը եւ ինքնամեկուսացումը ներկայացուած են ցնցող պարզութեամբ։ Դանիէլեան լուսարձակի տակ կ’առնէ ոչ միայն բռնարարք կատարողը, այլեւ զայն շրջապատողներու լուռ մեղսակցութիւնը՝ սարսափահար ու պարզամիտ մայր մը, անտարբեր հասարակութիւն մը եւ խաւարային մշակոյթ մը, որ կը պահանջէ զոհերէն լռել՝ «բարոյական երեւոյթ» մը պահպանելու մտահոգութեամբ, մինչ բարոյազուրկը կը շարունակէ իր հրէշութիւնները: Թէոտորան կը դառնայ խորհրդանիշ իւրաքանչիւր երեխայի եւ բոլոր անոնց, որոնց ձայնը չի լսուիր, որոնց տառապանքը կ’անտեսուի, եւ որոնց կեանքերը աղէտ կը յուշեն։ Սակայն այդ տառապանքէն կը ծնի կամք եւ տոկոնութիւն։

The Cedars Whispered վէպը կը բաղկանայ 281 էջէ, 26 գլուխէ եւ վերջաբանէ մը։ Ան կը պատմէ Թէոտորայի կեանքի գողգոթան՝ սկսած Քաֆարմաթթայի մէջ անցուցած ուրախ մանկութենէն (1982), այդ անմեղութեան կորուստէն Ժիպէյլի մէջ, մինչեւ հասուն տարիքը (2009)՝ արծարծելով յիշատակներու, կորուստի, տառապանքի, տոկունութեան եւ դիմադրողականութեան խոր թեմաները։ Վէպին կառուցուածքը կը ներդաշնակուի հոգեցնցման կշռոյթին հետ՝ մասնատուած յուշերու, կրկնուող սրտազեղումներու եւ յանկարծակի բռնկումներու յատուկ ելեւէջերով։

Վէպին ոճը պարզ է, դիւրամատչելի, բայց միաժամանակ բանաստեղծական՝ խոր զգացականութեամբ զեղուն, առանց սակայն իյնալու ողբերգականութեան ծուղակը։ Դանիէլեանի արձակը ընդհանրապէս պարզ է ու խտացուած, սակայն յաճախ ալ կը փայլի բանաստեղծական շեշտադրումներով, որոնք կը բարձրացնեն պատումին գեղարուեստական մակարդակը։ Վէպին լաւագոյն առանձնայատկութիւններէն մէկը անոր կշռոյթն է, որ կը գրաւէ ընթերցողը եւ զայն կը մղէ կարդալու անընդհատ եւ մէկ շունչով:

Անվիճելիօրէն, վէպին զգացական հզօրութիւնը ամենէն վառ կերպով կը դրսեւորուի երկխօսութիւններուն մէջ, մասնաւորաբար՝ Թէոտորայի եւ ընկերային ծառայող Անժելայի զրոյցներուն ընթացքին։ Այս պահերը կը ներկայացնեն ոչ միայն անձնական բացայայտումի, այլ նաեւ բուժիչ ուղեւորութեան մը խորքը։ Անժելան (հեղինակը ի՞նքը. Թէեւ հեղինակը երբեք բացէ ի բաց չի վկայեր իր ներկայութիւնը պատմութեան մէջ, Անժելայի կերպարին մէջ կը զգացուի ինքնակենսագրական շունչ մը։ Այս կերպարը կրնայ Դանիէլեանի ներքին ձայնը ըլլալ) ներկայ է ոչ միայն որպէս կարեկից ունկնդիր, այլ նաեւ որպէս խթանող ուժ՝ քաջալերելով Թէոտորան խօսելու, յիշելու եւ ի վերջոյ՝ վերատիրանալու իր կեանքին։

The Cedars Whispered-ը ոչ միայն գրական ստեղծագործութիւն մըն է, այլ նաեւ քաղաքական ու ընկերային յանձնառութիւն մը։ Գիրքը Միացեալ Նահանգներու մէջ, Amazon.com-ի ճամբով հրատարակելով՝ Քրիսթին Դանիէլեան կ՛առաջադրէ լիբանանեան մոռցուած ողբերգութիւններէն մէկը ներկայացնել միջազգային ընթերցողութեան։ Վէպը կը միանայ ֆեմինիսթ եւ յետպատերազմեան գրական այն հոսանքին, որ կը ձգտի լոյս սփռելու պատերազմի անտեսուած զոհերուն վրայ՝ երեխաներուն, կիներուն եւ ընդհանրապէս մոռցուածներուն։

Դիւրին լուծումներ չենք տեսներ վէպին մէջ։ Սուլէյմանը կը մնայ ազատ։ Վէրքերը կը մնան չբուժուած։ Բայց իր վէպով, Դանիէլեան ճիգ կ’ընէ վերականգնելու արժանապատուութիւնը տառապածներուն։ Այս ստեղծագործութիւնը պոռթկացող ճիչ մըն է՝ ճեղքելու լռութիւնը, հաւատալու զոհերուն եւ կոտրելու բռնութեան շղթաները, որոնք տակաւին կը յամենան մեր հասարակութիւններուն մէջ։

The Cedars Whispered-ը այն գիրքերէն է, որ երկար կը մնայ ընթերցողին մտքին մէջ՝ վերջին էջը փակելէ շատ ետք։ Չնայած իր ծանր նիւթին, ան անհրաժեշտ ընթերցում մըն է՝ գրուած վարպետութեամբ եւ պատմուած քաջութեամբ։ Քրիսթին Դանիէլեան մեզի կը նուիրէ ոչ միայն պատմութիւն մը, այլ նաեւ տառապանքի եւ տոկունութեան վկայութիւն մը։ Թեոտորային ձայնը, որ երկար ժամանակ լռած ու լռեցուած էր վախի ազդեցութեան տակ, այժմ կը հնչէ ճշմարտութեան զօրութեամբ։ Այս վէպը գիրք մըն է, որ պէտք է կարդացուի, քննարկուի եւ յիշուի։

Կարելի է նաեւ հետեւիլ Տարբերակ21 հարթակի հեղինակին հետ կատարած հարցազրոյցին՝ հետեւեալ կապով https://wp.me/pd909i-mwp

Քրիսթին Դանիէլեանի The Cedars Whispered վէպը՝ տառապանքի, լռութեան եւ յոյսի մասին

Տարբերակ21 հարթակի փոտքասթին հիւրն է Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեանը: Քրիսթինը Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէնուհին է: Շատերուն թերեւս ծանօթ է արդէն, որ Քրիսթինը միաժամանակ գրող է: Ան հեղինակն է The Cedars Whispered վէպին, զոր կրնանք գտնել Amazon.com-ի վրայ: Խորաթափանց ու ցնցիչ այս վէպին դէպքերը քաղուած են իրական կեանքէ. հիմնականօրէն կը պատմէ Թէոտորա անունով դեռատի աղջնակի մը կեանքը, որ կքած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ու մանկական բռնութեան դառն ու ծանր ցաւերուն տակ։ Վէպը միայն գեղարուեստական վկայութիւն մը չէ՝ այլ կոչ մը լռութեան դէմ, յիշեցում մը պատերազմի անտեսուած զոհերուն մասին, եւ խորապէս կը հանդիսանայ մարդկայնական խորքով գրական ստեղծագործութիւն մը:

Երբ մանկութիւնը շուտ կ’աւարտի. թաշկինակի մը արժէքը

Կարոն շուրջ տասը տարեկան տղայ մըն էր պուրճ համուտցի, ինչպէս մեզմէ շատերը: Ան կը յաճախէր իրենց տան մօտիկ հայկական վարժարանը: Համեստ, աշխատասէր ու հաւատացեալ բազմանդամ ընտանիքի մը անդրանիկը, անոր երկու փոքր քոյրերն ալ իրեն նման մեր դպրոցին աշակերտներն էին, իսկ կրտսերը՝ մանչ մը, տակաւին դպրոց չէր յաճախեր: Ամէն օր, անոր հայրը, դպրոցի առաւօտեան զանգէն առաջ՝ խիստ, ինքնավստահ ու ամուր քայլերով իր զաւակները դպրոց կ’առաջնորդէր, իսկ կէսօրուան տուն վերադարձի զանգէն առաջ, եթէ պատահէր որ պատուհանէն դուրս նայէիր, անպայման պիտի տեսնէիր փոքր եղբօրը դէմքը, որ վեր՝ դասարաններուն պատուհաններէն ներս իր հարազատները կը փնտռէր: Մայրը՝ իր քաղցր խօսքերով ու նուրբ նայուածքով կը դիտէր իր հասակ առնող երեխան, որ մերթ ընդ մերթ կը վազէր, ապա կ’իյնար ու ետ ելլելով կ’ուղղուէր դէպի իր մայրը: Մօրը պարտականութիւնն էր ամէն կէսօր զաւակները ապահով տուն վերադարձնել: Այս ընտանիքին նման շատեր անսահման սիրով ու լուրջ բծախնդութեամբ կը հոգային իրենց զաւակներուն կարիքները, ապահով դպրոց երթուդարձը, նաեւ՝ հաւատք, սէր եւ ուսում ապահովելու ծանր պարտականութիւնը, զոր մեծապէս վստահած էին մեր վարժարանին: 

Կարոն վառվռուն, կլոր դէմքով, կարմիր այտերով խօսուն աչքերով տղայ մըն էր՝ այնքան խանդավառ, որ երբեմն կը թոթովէր, երբ ինքզինք արագ արտայայտելու պէտքը զգար, իսկ եթէ փորձէր դասարանը լուռ մնալ, անոր աչքերը կը խօսէին եւ իր ըսելիքը շատ յստակ կը հասնէր զինք լաւ ճանչցող ուսուցիչին:

Ընկերներուն հետ ալ հաշտ էր: Կը պատահէին երբեմն մանկական հարցեր. օր մը դիւրին կը հարթուէին, օր մըն ալ քիչ մը երկար միջամտութենէ ետք: Շատ քիչ անգամ պատիժ կը ստանար Կարոն, անշուշտ եթէ անհրաժեշտ էր եւ ուրիշ ելք չկար այդ մանկական «կռիւը» լուծելու. օր մը այսպէս, օր մը այնպէս:

Բարձր նիշ ստացած օրը, թուղթը ձեռքը կը վազէր դպրոցի աստիճաններէն՝ բարձրաձայն ձայն տալով մօրը, «մամա՛ հարիւր ստացայ գրաւորիս», կամ «ուսուցիչը ինծի շատ ապրիս ըսաւ, մամա՛»…: Եթէ Կարոն բացակայէր դպրոցէն, կը մտահոգուէինք, կա՛մ շատ անհանգիստ է, կա՛մ ալ մայրը կու գար դպրոց փոխանցելու, թէ ան շատ նեղացած է, որովհետեւ ձախող նիշ մը ստացած է գրաւորին կամ ընկերներէն մէկը վիրաւորած է զինք: Հոս պէտք էր մայրը խրախուսէինք, թէ Կարոն դիմելու է ուսուցիչին այն վայրկեանին, երբ դպրոցին մէջ երեւոյթ մը կը նեղացնէ զինք. իսկ ցած նիշը ստանալու հարցը մինչեւ այսօր կը մնայ անլուծելի երեւոյթ: Ինչ ըսելու ենք այն աշակերտին մօրը, որուն զաւակը ցած կամ ձախող նիշ ստացած է: Չենք կրնար ըսել՝ «հոգ չէ», «հոգ մի՛ ըներ». ինչպէս հոգը չըլլայ, չէ որ մենք՝ ուսուցիչներս մեր արժեւորումները այդ նիշերուն հիմամբ կը կատարենք, եւ այդպէ՛ս աշակերտը դասարանը կը փոխէ կամ ոչ. մենք զմեզ հակասե՞նք:

Կարոն նախակրթարանի բոլոր կարգերը յաջողութեամբ անցաւ, որովհետեւ ան յամառ աշխատող էր, նաեւ ունէր հետեւող ու քաջալերող ծնողք:

Ափսոս որ ամէն բան մեր ակնկալածին պէս չ’ընթանար միշտ: Դժբախտութիւնը այնքա՛ն ուժգին թակեց Կարոյենց տան դուռը, որ զայն հիմէն ցնցեց: Մեծ ցաւով ստացանք Կարոյին հօրը մահուանը բօթը:

Քանի մը օր ետք, երեխաները վերադարձան իրենց սովորական կեանքին, բայց շատ բաներ սովորականին պէս պիտի չըլլային այլեւս: Ի՜նչ կը նշանակէ ընտանիքի մը հօր կորուստը, ո՞վ պիտի ըլլար այդ մատղաշ տղոց տիպար կերպարը: Որո՞ւ դիտելով պիտի ծաղկէին ու ամրանային նման այդ հաստաբուն ծառին, որ իր արմատները ամուր խրած հողին՝ պիտի կարենար դէմ դնել բուքին ու փոթորիկին:

Առաջին տարին, այսպէս ասած հոգ տանող, հարցնող, գթացող շատ էր այս ընտանիքին, սակայն ժամանակ մը ետք, զգալի էր փոփոխութիւնը: Օգնողը օգնեց, նկարները հոս-հոն տարածեց, հարցնողը հարցուց՝ «բանի մը պէտք ունի՞ք», օ՜ այս անիծեալ նախադասութիւնը, ի՜նչի պէտք չունէին, որ մէկը կրնային ըսել, չորս երեխաներ որբացած էին, ի՜նչ բաներու պէտք չունէին:

Դասարանին մէջ Կարոն այլեւս տարբեր կը վարուէր: Զգալի էր փոփոխութիւնը. միշտ մտազբաղ, իսկ դասերուն հանդէպ անտարբեր դարձած էր. անոր մասնակցութիւնն ու խանդավառութիւնը պակսած էին: Երբ զինք կը դիտէի, իմ ճանչցած Կարոն չէր այլեւս. աչքերուն փայլքն անգամ մարած էր: Շատ անգամ զինք կը դիտէի, երբ աչքերը յառած պատուհանէն դուրս՝ կարծես կը դիտէր հորիզոնը, ուր երազները կը հեռանային իրմէ, հոն ուր իր մանկական անմեղ խաղերը խոյս կու տային միտքէն: Բակին մէջ, Կարոն ալ չէր խաղար ընկերներուն հետ: Զինք յաճախ կը տեսնէի իր փոքր քոյրերուն ետեւէն դարձող պահակի մը նման. կարծես հօր դերը կը կատարէր՝ մոռնալով որ ինքն ալ փոքր է եւ ինքն ալ պէտք ունէր խաղի ու հանգիստի պահերու: Կէսօրին՝ դպրոցական օրուայ աւարտի զանգը հնչելուն պէս, Կարոն աստիճաններէն սուրալով անմիջապէս վար կը հասնէր, յաճախ գիրք ու տետրակ ձգած, երբեմն ալ կիսաւարտ գրաւոր մը: Հոգը չէր ալ ո՛չ նիշը, ո՛չ ալ դասը: Բակը պէտք էր իր փոքր քոյրերը գտնէր, նախքան անոնց հոս կամ հոն ցրուիլը, որովհետեւ մայրը իր գործին բերումով, ուշ կը հասնէր դպրոց: Այո՛, Կարոյին մայրը ստիպուած էր իր երեխաներուն հայրն ու մայրը դառնալ, իսկ Կարոն՝ որպէս տան անդրանիկ մանչը, կարծես կը փորձէր ամէն ձեւով նեցուկ կանգնիլ իր մօրը:

Անհրաժեշտ կը նկատեմ նշել պատահար մը, որ միտքէս երբէք պիտի չհեռանայ: Ուսուցիչներու տօնն էր եւ աշակերտներէն շատեր իրենց ուսուցիչները երախտագիտական նամակներով, ծաղիկներով կամ յիշատակի նուէրներով կը պատուէին: Դասարանին մէջ ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր, սակայն աչքս յանկարծ Կարոյին ուղղութեամբ գնաց. ան լուռ էր եւ այդպէս կը ձեւացնէր, թէ ինք դաս կը սերտէր ու բան մը գրի կ’առնէր: Դասապահի աւարտին, երբ բոլոր աշակերտները զբօսանքի ելան, Կարոն մնաց ետեւ. չորս կողմը ստուգելէ ետք, թէ իր բոլոր դասընկերները հոն չեն, ան արագ քայլերով սեղանիս մօտեցաւ եւ թաշկինակ մը ձեռքէն հոն ձգելով՝ ըսաւ, «տօնդ շնորհաւո՛ր, սիրելի՛ ուսուցիչ, շնորհակալ եմ ամէն բանի համար:» Կարոյին այդ մաղթանքն ու իր ունեցած միակ թաշկինակը, զոր ինծի նուիրեց մինչեւ օրս կը հնչէ ականջիս մէջ ու կը թռթռացնէ իմ սրտիս ու միտքիս բոլոր լարերը: Ամէն անգամ, երբ նման մաղթանք լսեմ աշակերտներէս՝ կ’երթամ տարիներ ետեւ: Իմ աշակերտներուս մաղթանքներն ու անոնց երախտագիտական խօսքերը գերագոյն պարգեւներն են, զորս ստացած եմ՝ բխած անոնց սրտերէն՝ անկեղծ ու անշահախնդիր: Երախտագիտական խօսքը գերագոյն պարգեւն է, որ ուսուցիչ, ծնողք, խորհրդատու, ընկերային ծառայող եւ տնօրէն կրնան ստանալ, երբ անշահախնդրօրէն կը մօտենան իրենց առաքելութեան: Ինչպէս աւետարանը կ’ըսէ. «Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտարակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տան մէջ եղողներուն:» Մատթ.5:15 

Յաջորդ տարին, Կարոն դպրոց չվերադարձաւ: Ան հեռացաւ իր գրասեղանէն, ուր դեռ շատ օրեր կը սպասէին իրեն ու անկատար տենջեր ու երազներ կը յամենային: Ան անժամանակ մեծցաւ, աշկերտ դարձաւ ու գործի ասպարէզ նետուեցաւ. իր ընտանիքը պէտք ունէր իրեն:

Կարոյին նման շատ օրինակներու կը հանդիպինք ուսուցչական մեր ասպարէզին մէջ: Ցաւ ի սիրտ, կը յանգինք այն եզրակացութեան, թէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ պակաս օղակ մը կայ. ո՞ւր են բարեսիրական մեր միութիւններն ու հաստատութիւնները, ո՞ւր են ընկերային ապահովութեան լծակները, որոնց մասին ճառեր կը խօսինք ու ահագին մելան կը հոսեցնենք… մի՞թէ միայն խօսք, թէ՞ շարունակական ու յարատեւող գործ: Հարց կու տամ այսօր որպէս մանկավարժ, ուսուցիչ եւ ծնողք: 

«Տօնդ շնորհաւոր սիրելի՛ ուսուցիչ, շնորհակալ եմ ամէն բանի համար:» Այս նախադասութիւնն ու Կարոյին միակ թաշկինակը, զոր ինծի նուիրեց, ուսուցչական իմ ասպարէզիս մեծագոյն դրամագլուխնները կը հանդիսանան, եւ այդպէս ալ պիտի մնան… 

Լենա Պօղոսեան

Ինչպէ՞ս կարելի է դիմագրաւել պատերազմի վախը․ Զրոյց հոգեբան Ռաքէլ Քէչէճեանին հետ

 Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի այսօրուան հիւրն է ընկերային ծառայող եւ հոգեբան Ռաքէլ Քէչէճեանը, Գարակէօզեան հաստատութեան մտային առողջութեան բաժնի պատասխանատուն, Հայկազեան համալսարանի դասախօս, Մեսրոպեան թեքնիք վարժարանի եւ Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի հոգեբանութեան ուսուցիչ աւելի քան 25 տարիէ իվեր: Ռաքէլին հետ կը խօսինք Լիբանանի ժողովուրդին ապրած հոգական վիճակին մասին մասնաւորաբար վերջին երկու տարուան ընթացքին տիրող պատերազմի ազդեցութեան տակ:

Ո՞վ է հայը այսօր. ո՞վ եմ ես, ինչո՞ւ եմ ես, ո՞ւր կ’երթամ

21-րդ դարուն «ո՞վ է հայը» հարցադրումը դուրս կու գայ ազգային ինքնութեան սովորական սահմաններէն ու կը վերածուի գոյաբանական, արժեհամակարգային, հոգեբանական եւ քաղաքակրթական ճգնաժամի ցուցիչի: Պատմութիւնը, աշխարհաքաղաքականութիւնը, տեղաշարժը, արհեստագիտութիւնը, դարաշրջանի թելադրանքները, սպառնալիքներն ու խաբկանքները՝ ձեւաւորած են իւրատեսակ հայ իրականութիւն մը, որ միաժամանակ կը կրէ թէ՛ հազարամեայ ժառանգութիւն, թէ՛ ներկայի գոյատեւման անորոշութիւն:

Ինքնութեան փլուզում եւ որոնում

Ինքնութեան փլուզման եւ որոնման դարաշրջանին՝ Հայը կանգնած է ինքնութեան վերաիմաստաւորման եզրին: Դարեր շարունակ իր գոյութիւնը կապելով ազգային պատմութեան, քրիստոնէութեան, լեզուի եւ պատմական հայրենիքի՝ ան այսօր կանգնած է իրականութեան մը առջեւ, ուր այդ բոլոր հիմքերը կասկածի տակ կը դրուին: Աւելի քան սուր են արտայայտուած լեզուական մարտահրաւէրները, քանի որ սփիւռքի մէջ, երկրորդ եւ երրորդ սերունդները յաճախ կը կորսնցնեն հայերէնը՝ զրկուելով ինքնութեան ամենէն հիմնարար գործիքէն: Հայաստան-սփիւռք երկատուածութիւնը կը յանգի այն իրողութեան, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայերը յաճախ զիրար օտար կ’ընկալեն, եւ ոչ որպէս համահայկական մարմնի մը տարբեր մասերը: Անոնք զիրար կ’ընդունին «հայկականութեան» գաղափարի մը մշուշոտ ընդհանուրութեան զգացումով, սակայն ունին նաեւ բազում հիմնական հակասութիւններ, որոնք կ’առաջնորդեն ինքնամերժութեան: Պատմութեան ընկալման հակասութիւնը այսօր, աւելի քան դրսեւորուող իրարամերժումի ցուցիչներէն է: Մէկ մասը կը փնտռէ փառքի ոսկեդարեր՝ մերժելով ներկան, իսկ միւսը կը փորձէ ջնջել անցեալը՝ ինքնադրսեւորուելու համար ներկայով: Այս մօտեցումները կը ձախողին ու նաեւ ունին կործանարար մէկ այլ ներուժ՝ այդ հայկական տարբեր խումբերը իրարմէ աւելի կը հեռացնէ: Ասոր կը գումարուի քաղաքական պառակտումը, տեղեկատուական աղմուկը եւ գիտակցութեան մշտական բեւեռացումը՝ ինչ որ կը յանգեցնէ ինքութեան «մահուան» վտանգին:

Արժեհամակարգային դատարկութիւնն ու ճգնաժամը հայ իրականութեան առանցքային խնդիրներէն են: Հայը՝ անկախ իր վայրէն, յաճախ կանգնած է երկու բեւեռներու միջեւ, ուր մէկ կողմէ աւանդական արժէքներն են՝ ընտանիք, հաւատք, ազգ, պատիւ, որոնք յաճախ կը վերածուին դատարկ կարգախօսերու կամ գերխիստ պարտաւորութիւններու, միւս կողմէ ալ անխուսափելի են՝ համաշխարհային ազատական արժէքները՝ անհատի ազատութիւն, ինքնադրսեւորման իրաւունք, յետարդիական բաց մտածելակերպ, որոնք յաճախ կ’ընկալուին որպէս «ազգի քայքայման» գործիք: Այս իրավիճակին մէջ, ոչ մէկ գաղափար այլեւս կ’աշխատի. անոր փոխարէն հայը կը դառնայ նման՝ առանցք չունեցող եւ ցիրուցան ուղեծիրի մէջ շարժող մարմնի: Այս երկփեղկումը ոչ միայն չի յանգեցներ արժէքներու վերաիմաստաւորման, այլեւ կը խորացնէ հիասթափութիւնն ու քայքայումը: Հայ երիտասարդին համար յաճախ անհասկնալի է՝ ի՞նչ կը նշանակէ «ըլլալ հայ»: Արդեօ՞ք այդ մէկը աւանդոյթի շարունակութիւն է, ճնշող պա՞րտք մը, թէ՞ ազատ ընտրութեան մշակութային որոշում:  Հայ հասարակութիւնը կը կրէ հաւաքական հոգեցնցումներու ամբողջական շղթայ մը․ ցեղասպանութիւն, սովետական ստրկութիւն, 1988-ի երկրաշարժը, 1990-ականներու պաշարումը, պատերազմներ, պարտութիւններ, արտագաղթ, կորուստ։ Այդ բոլորը խիստ կը սրին այսօր Հայաստանի մէջ դրսեւորուող ներքաղաքական խայտառակ անմակարդակութեամբ, որ իրարու դէմ կը տրամադրէ ոչ միայն Հայաստանի հայերը, այլեւ սփիւռքի հայերը իրարու մէջ եւ սփիւռքի ու Հայաստանի հայերը: Այս հոգեցնցումները այնքա՛ն խոր են, որ վերածուած են ներքին ինքնաոչնչացման մեքանիզմի: Հոգեբանական տիպական շերտեր են՝ մեղաւորի մնայուն փնտռտուք, թշնամիի անխուսափելի կերպար, ապագայի նկատմամբ անվստահութիւնը, ինքնախաբէութեան եւ փախուստի մեքանիզմներ (արտագաղթ, հեգնանք, պատմական մոլեռանդութիւն):

Բայց ո՞ւր երթալ:

Հայը չի կրնար շարունակել այս ձեւով ապրիլ: Անհրաժեշտ է արժեհամակարգային, մտածողութեան եւ կազմակերպուածութեան յեղափոխութիւն մը: Այդ ուղղութեամբ կարելիութիւններ են հետեւեալ առանցքները, այնպէս, ինչպէս ինքնութեան նոր իմաստաւորում, հայ ըլլալը պէտք է դուրս բերել զուտ արեան, կրօնի կամ լեզուի չափանիշներէն եւ վերաձեւակերպել որպէս մշակութային պատասխանատուութիւն՝ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեամբ: Այլ կերպ ասած՝ հայ ըլլալը պիտի վերածուի գործի եւ գիտակցութեան, ոչ թէ միայն ժառանգութեան: Յաջորդ կարեւոր ուղղութիւնը արժէքներու վերաձեւումն է: Աւանդոյթները պէտք է զտել ու վերաիմաստաւորել, ոչ թէ վերացնել կամ կոյր շարունակել: Ազատութիւնն ու ինքնութիւնը արժէքներ են ոչ թէ հակադիր, այլ` զիրար ամբողջացնող: Կարելի է ըլլալ ազատ հայ, բայց ոչ ապազգային կամ նահապետական: Հոգեբանական առողջացումը, որ կ’ենթադրէ հաւաքական գիտակցութեան մաքրում «պարտուածութեան» եւ «փրկիչի սպասման» պատկերացումներէն: Հայը պէտք է դառնայ ինքնուրոյն որոշումներ տուող եւ իր պատասխանատուութիւնը կրող միաւոր:

Պետական համակարգը ոչ թէ պէտք է փլուզէ հայ մարդու արժանապատուութիւնը, այլ ամրացնէ զայն՝ կրթական, մշակութային, հոգեբանական դաստիարակութեամբ: Նոր հայը պիտի դառնայ պետութեան քաղաքացին, ոչ թէ վկան: Հայը այսօր՝ ճակատագրի, պատմութեան եւ ապագայի խաչմերուկին վրայ կանգնած է: Ան միաժամանակ անցեալի ժառանգորդ է, ներկայի կրող, եւ ապագայի անորոշ ճարտարապետ: Ինքնութիւնը, որ դարեր շարունակ պահած է զինք որպէս գոյ, այսօր պէտք է վերածել մտածողութեան ու ծրագրումի՝ ո՞վ եմ ես, ինչո՞ւ եմ ես, եւ ո՞ւր կ’երթամ: Արդի հայը պիտի դառնայ գիտակից, իր անցեալը վերաիմաստաւորած, ներկան ճանչցող ու ապագան կերտող քաղաքացի: Այլապէս հայը կը մնայ որպէս յուշ՝ մեծ մշակոյթի, խոցուած հոգեցնցումի, բայց ոչ՝ ընթացիկ կեանքի: Այս մտահոգութիւնը ոչ միայն ընդհանուր թեմայով պիտի աւարտի, այլեւ շօշափէ այնպիսի սկզբունքներ, ինչպէս` «արհեստագիտական ժամանակներու հայ երիտասարդը», «հայ ընտանիքի փոխակերպումը», «լեզուի ապագան», «սփիւռքեան ինքնութեան հորիզոնները» եւ այլն:

Մեր հարցերուն համար ընտրե՛լ. «տուփին մէ՞ջ», թէ՞ «տուփէն դուրս»

Դարաշրջանի մը մէջ, որ կը բնութագրուի արհեստագիտական սրընթաց յառաջդիմութեամբ եւ հասարակական-ընկերային յարատեւ ​​փոփոխութիւններով, «տուփէն դուրս» (outside the box) մտածելու կարողութիւնը երբե՛ք այսքան կարեւոր չէ եղած: Մտածելու այս ձեւը, որ կը գլէ ու կ’անցնի աւանդական սահմանները, մղիչ ուժը կը հանդիսանայ գիտական ու քաղաղաքական-ընկերային որեւէ փոփոխութեան ու յառաջդիմութեան: «Տուփէն դուրս» մտածել կը նշանակէ հարցերուն մօտենալ նոր տեսանկիւններէ, մերժել առկայ նորմերը եւ ընդունիլ ոչ-աւանդական լուծումներ: Ան կը պահանջէ ստեղծագործ միտք, լայնամտութիւն եւ ձեռնոցներ վերցնելու պատրաստակամութիւն:

Հայոց պատմութեան մէջ, տուփէն դուրս մտածողներ եղած են, օրինակ, մեր կարծիքով, Մեծն Տիգրանը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Պապ թագաւորը, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփան, Բագրատունեաց թագաւորութեան հիմնադիր Աշոտ Ա Մեծը, Գրիգոր Նարեկացին, Իսրայէլ Օրին, Խաչատուր Աբովեանը, Րաֆֆին, Կոմիտասը, Յովհաննէս Թումանեանը, Արամ Մանուկեանը, Պօղոս Նուպար Փաշան, Լեւոն Շանթը, Վահան Թէքէեանը: Միջազգային պատմութեան մէջ՝ Մահաթմա Կանտիի ոչ-բռնի դիմադրութեան փիլիսոփայութիւնը, Մարթըն Լութըր Քինկի ամերիկեան քաղաքացիական իրաւունքներու շարժումը: Այնշթայնի յարաբերականութեան տեսութիւնը, Սթիւ Ճոպսի «Apple»ը, Ռայթ եղբայրներու թռչելու յախուռն փափաքը եւ օդանաւի գիւտը, իսկ արուեստական բանականութեան ստեղծումը կը ներկայացնէ կոթողային այլ նուաճում մը, որ ծնունդն է «տուփէն դուրս» արտասովոր մտածողութեան:

Նշեալները օրինակներ են, դեռ կարելի է երկարել շարքը, բայց մեր նպատակը անուններու եւ իրագործումներու շարանը չէ, այլ ճիգ մը ցոյց տալու, թէ «տուփէն դուրս» մտածելու եղանակով ինչե՜ր կարելի է ընել:

Պատմական մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց, հայ ժողովուրդին համար առանձնայատուկ նշանակութիւն պէտք է ունենայ «տուփէն դուրս» մտածելու կարողութիւնը: Այս մտածելաձեւը, որ, ինչպէս ըսինք, կ’ենթադրէ կտրել դասական իմաստութեան սահմանները եւ պեղել հաստատուած ու ընդունուած նորմերէն անդին, կրնայ փոխակերպել հայ ժողովուրդին իրավիճակը թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ընկերային-հասարակական եւ թէ՛ գիտական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ:

Հայերս տոկունութեան եւ յարմարելու երկար պատմութիւն ունինք: Վերապրած ենք ցեղասպանութիւններէ, եւ բռնի տեղահանութիւններէ ետք աշխարհի տարածքին ստեղծած ենք համայնքներ, որոնք վերածուած են սփիւռքներու, բայց երբեք այն միացեալ միաւորին, զոր, հակամէտ ենք, երբեմն գլխագիր՝ Սփիւռք կոչելու: Այս սփիւռքներու կազմակերպման ընթացքին, անհատաբար ցուցաբերած ենք նորարար մտածողութեան եւ հաստատակամութեան որոշ կարողութիւն: Սակայն, ժամանակակից հայը, (այս եզրին մասին պէտք է լրջօրէն մտածել) նաեւ Հայաստանի մէջ, երբեք չէ ցուցաբերած «տուփէն դուրս» մտածելու վարքագիծ, առնուազն հաւաքական մակարդակի վրայ, եւ այդ միջոցով լուծելու ընթացիկ մարտահրաւէրները եւ օգտուելու բազում նոր հնարաւորութիւններէն: Չենք վարանիր երբեմն նշելու, որ հայը տակաւին կը մտածէ 1860-ի ազգային սահմանադրութեան եղանակով կամ Րաֆֆիի խաչագողներուն տրամաբանութեամբ. կա՛մ ամիրա ենք, կա՛մ թաղականին կնիկը, կա՛մ Աբիսողոմ Աղա (առաջին կարգ նստիլը եւ նկարուիլը պայման), կա՛մ ալ «ըստ պատուէրի» յառաջաբաններ գրելու եւ նոյն դասախօսութիւնը տասը անգամ վաճառելու պատրաստ «գիտնականներ»: Չմոռնանք Թումանեանի «Քաջ Նազարը» եւ այսօրուան քաջ նազարները: Փանջունիները եւ քազ նազարները շատոնց մտերիմներ դարձած են….

Հայաստանի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները, մանաւանդ շրջապատուած ոչ-բարեկամ (թշնամի չըսելու համար) երկիրներով, կը պարտադրեն ռազմավարական «տուփէն դուրս» մտածողութիւններ: Դիւանագիտական ​​ստեղծագործ ճիգերը, շրջանային դաշինքները եւ միջազգային բարեկամութիւնները կրնան նպաստել յաղթահարելու այս բարդութիւնները: Պատմութեան դասեր, հարցադրումներ, վերլուծումներ, հաւանականութիւններու ճշդում, հաւաքական քննարկումներ, նորարական աշխարհահայացք, բոլորը անցնել ազգային շահերու եւ անվտանգութեան պրիսմակէն ու որոշումներ կայացնել: Շատ կը լսենք այս օրերուն. «հայ ժողովուրդը պատմութենէն դասեր քաղելու սովորութիւն չունի՛», նաեւ «ապագան երբե՛ք ծրագրել չի գիտեր»:

Հասարակական հարցերը, ինչպէս՝ կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը նոյնպէս կը պահանջեն նորարար մօտեցումներ եւ ոչ-աւանդական լուծումներ: Տակաւին, Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնուի տնտեսական մարտահրաւէրներու: «Տուփէն դուրս» մտածելը կրնայ առաջնորդել տնտեսական նոր մարզերու զարգացման, ինչպէս արհեստագիտութիւնն եւ զբօսաշրջութիւնը, եւ խթանելու ձեռներէցութիւնը: Օրինակ, աշխարհասփիւռ հայութեան կամ հայկական սփիւռքներու փորձառութեան եւ միջոցներու օգտագործումը կրնայ տնտեսական նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել Հայաստանի մէջ: Հոս եւս կարեւոր է «տուփին մէջ ձգել» աւանդական սփիւռքին սահմանումը եւ «Հայաստան-սփիւռք» «գործակցութեան» կամ «չգործակցութեան» հնամաշ ու քանդիչ մտածողութիւնները: Պետութիւն-սփիւռքներ յարաբերութիւնը պէտք է յառաջադէմ նոր տարազով մը արտայայտուի: Երբ ​​կեանքի որակը բարելաւուի Հայաստանի մէջ՝ ապահովութեան, պատկանելիութեան եւ տնտեսական առումներով, այդ մէկը հիմնովին կը նուազեցնէ արտագաղթը Հայաստանէն, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի երկրի կայունութեան, զարգացման եւ գոյատեւման համար:

Հայաստան ունի շրջանին մէջ արհեստագիտական կեդրոն դառնալու ներուժը` մարդկային դրամագլուխի, ստեղծագործական ունակութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու նկատմամբ աճող հետաքրքրութեան շնորհիւ: Իր երիտասարդ, ուսեալ բնակչութեամբ, որ պատրաստ է ընդունելու նորարարութիւնները, Հայաստան կը գտնուի տնտեսական նոր հնարաւորութիւններու շեմին: Նորարարական մշակոյթ խթանելով եւ նորաստեղծ ձեռնարկութիւններուն (start-ups) զօրավիգ կանգնելով, Հայաստան կրնայ արհեստագիտական բարձր լուծումներ առաջադրել եւ առաջատար դիրք գրաւել արագ զարգացող արհեստագիտական աշխարհին մէջ: Այս իմաստով, «տուփէն դուրս» մտածող կարեւոր քայլ կը նկատուի 1 յուլիսի 2024-ին Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը՝ Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող Հայաստանի ազգային գերհամակարգչային կեդրոնին: Այս կեդրոնին առաքելութիւնն է խթանել հետազօտութիւնները ճարտարարուեստի, կրթութեան եւ գիտութեան մարզերուն մէջ:

Իսկ «տուփէն դուրս» մտածելու եւ այդ մտածումը իրականութեան վերածելու մեծագոյն նախաձեռնութիւններէն մէկը հայ իրականութեան մէջ այսօր կը հանդիսանայ «ԹՈՒՄՈ» ստեղծարար արհեստագիտական կրթութեան կեդրոններու հաստատումը Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Կ’ուզե՞նք «տուփէն դուրս» մտածողութիւնը լաւապէս ըմբռնել ու ընդօրինակել՝ դիմենք «Թումո»յի հիմնադիրներ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն ու հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն՝ Մարի Լու Փափազեանին: «Թումոն» անվճար արտադպրոցական ծրագիրներ կը տրամադրէ 12-էն 18 տարեկան պատանիներուն ու անոնց արհեստագիտական հմտութիւններ կը սորվեցնէ, գործնական մօտեցումը մը՝ որ ոչ միայն աշակերտները կ’օժտէ անհրաժեշտ գիտելիքներով, այլեւ կը խթանէ քննական ​​մտածողութիւնը, խնդիրներու լուծումը եւ համագործակցութիւնը, որոնք յաջողութեան կարեւոր որակներ կը նկատուին արհեստագիտութեան մէջ:

Օգտագործել հայկական սփիւռքներու փափուկ ուժը

«Փափուկ ուժը» կը վերաբերի պետութիւններու կամ երկիրներու ուրիշներու վրայ ազդելու կարողութեան՝ գրաւչութեան եւ համոզումի մեթոտներու, որոնք կը ծագին երկրի մը մշակոյթէն, քաղաքական իտէալներէն եւ քաղաքականութենէն (տեսնել փրոֆ. Հրաչ Չիլինիկիրեանի յօդուածը հետեւեալ կապով): Մինչդեռ «կարծր ուժը» կ’ընդգրկէ պարտադրանքի, ռազմական ուժի եւ տնտեսական լծակներու օգտգործումը յատուկ նպատակներու հասնելու կամ երկրի մը նպաստաւոր արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: Ուժի կիրառութեան երկու ձեւերն ալ վճռորոշ են պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ «փափուկ ուժը» կը խթանէ կայուն յարաբերութիւններն ու ազդեցութիւնը, մինչդեռ «կարծր ուժը» լուծում կը բերէ կարճաժամկէտ նպատակներու բիրտ ուժի գործածութեան միջոցով (նոյն):

Հայաստան- սփիւռքներու յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ «կարծր ուժը» այնքան ալ գործնական չէ, բայց ինչպէ՞ս օգտագործել սփիւռքներու «փափուկ ուժը»: Այսօր հայերը միջազգային ճանաչում ունին իրենց հարուստ մշակոյթով, գիտական ​​նուաճումներով, ստեղծագործական ունակութիւններով եւ առեւտուրի մէջ յաջողութիւններով: Կոմիտաս, Արամ Խաչատուրեան, Շարլ Ազնաւուր եւ Սերժ Թանքեան միջազգային ծանօթ դէմքեր են երաժշտութեան մարզին մէջ: Տասնեակ հազարաւոր հայերու համատարած ճանաչումը արուեստի եւ մշակոյթի տարբեր մարզերուն մէջ կը վկայէ առկայութիւնը հայկական սփիւռքներու ունեցած «փափուկ մեծ ուժին»:

Գիտութեան մէջ, հայ գիտնականներ կարեւոր յայտնաբերումներ կատարած են ամբողջ աշխարհի տարածքին: Covid-19 համաճարակի ժամանակ Նուպար Աֆեյեանի Moderna-ն մշակելով առաջին պատուաստներէն մէկը՝ վիթխարի նպաստ բերաւ մարդկութեան: Գիտութեան մէջ տակաւին պէտք է նշել անունները Ռայմոնտ Վահան Տամատեանի (MRI սարքի գիւտարարը), Արտեմ Փաթափութեանի (Նոպելեան մրցանակակիր, մոլեքուլային կենսաբան), Վարդան Գրիգորեանի (պատմաբան եւ Պրաուն համալսարանի ու Նիւ Եորքի Քարնեկի ընկերութեան հիմնադրամի նախագահ, «Aurora» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր), տոքթ. Լեւոն Խաչիկեանի (կենսաբժշկական գիտաշխատող), Քրիսթինա Մարանչիի (արուեստաբան, հայ արուեստի եւ ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան մէջ նշանակալի ներդրումով), Տարօն Աճեմօղլուի (տնտեսագէտ) եւ Վիքթոր Համբարձումեանի (աստղագէտ): Business-ի մէջ պէտք է յիշատակել նաեւ անունները Ալեք Մանուկեանի եւ Քըրք Գրիգորեանի իբրեւ «տուփէն դուրս» մտածող հայերու ազդեցութեան եւ յաջողութեան օրինակներ: Այս բոլորը միասին կ’ընդգծեն սփիւռքներու լայն կարելիութիւնները փափուկ ուժ կիրարկելու առումով:

Յստակ է այլեւս, այսօր սփիւռքներու փափուկ ուժը աւելի ու աւելի կը կեդրոնանայ անհատներու, քան աւանդական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ձեռքը: 21-րդ դարուն, հայ անհատներ, անկախ իրենց գտնուած վայրէն, կրնան օգտագործել իրենց փափուկ ուժը կամ ցանցային միջոցներով ուղիղ կապեր հաստատել Հայաստանի հետ: Անցեալ տասնամեակներուն, դասական-աւանդական հաստատութիւններու միջնորդական դերը մեծապէս նահանջած է սփիւռքներու համայնքային կեանքին մէջ: Սակայն, հրատապային սկսած է դառնալ այս փափուկ ուժը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը մնայուն ​​եւ համակարգուած կառոյցի մը կամ կառոյցներու մէջ:

Սփիւռքներու փափուկ ուժը ամբողջութեամբ օգտագործելու եւ ամրապնդելու նպատակով, «տուփէն դուրս» մտածելը անգամ մը եւս ինքզինք կը պարտադրէ: Ոչ միայն այդ. դասական մօտեցումները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին եւ «տուփէն դուրս» փնտռուին համաշխարհային հայ համայնքի կամ գլխագիր Սփիւռքի մը ստեղծման կարելիութիւնները՝ նորարարական մեթոդներով: Ստեղծագործ եւ ոչ-աւանդական ռազմավարութիւններ որոնելով՝ սփիւռքը հաւանաբար կարենայ ազդեցութեան եւ հայկական պատկանելիութեան ու կապի նոր ուղիներ գտնել:

Սակայն, վստահաբար շատեր ոչ միայն պիտի ուզեն «տուփին մէջ» մնալ, այլեւ պիտի չթողուն որ ուրիշներ նաեւ «տուփէն դուրս» ելլեն ու տարբեր մտածեն: Հայկական աւանդական պահպանողականութիւնը (կուսակցութիւններ, եկեղեցիներ, միութիւններ) պիտի փորձէ պահել իր «տուփին մէջ»ի մտածողութեան ձեւը եւ խոչընդոտել նորարութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմագրաւել կարենալու համար: Կը տեսնենք արդէն, որ այս պահպանողականութիւնը ինչպէ՛ս նստած է տուփին կափարիչին վրայ եւ յառաջընթացի ամէն ելումուտ փակած: Թէ ի՞նչ «գանձեր» պահուած են հոն, միայն ապագան կրնայ օր մը յայտնաբերել:

Արդ, հայ ժողովուրդին համար «տուփէն դուրս» մտածելը ո՛չ միայն ընտրութիւն է, այլեւ անհրաժեշտութիւն մը մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ յառաջ երթալու համար: Նորարարական մօտեցումներ որդեգրելով քաղաքականութեան, տնտեսութեան, արհեստագիտութեան եւ ընկերային հարցերու մէջ, հայերը կը յաջողին շարունակելու տոկունութեան եւ կացութիւններու յարմարելու իրենց դարաւոր աւանդը: Ստեղծագործ մտածողութեան ճամբով կարելի է որոնել ու գտնել նոր կարելիութիւններ, խթանել ազգային միասնականութիւնը եւ ապահովել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին բարգաւաճ ապագան:

(24 օգոստոս 2024)

Անտեսանելի ըլլալու ապահովութիւնը

Հօրենական մեծ հայրս՝ Ստեփանը, 1915-էն պրծած է Թոքաթ-Էրպայէն՝ փախչելով կնոջական հագուստներով եւ դէմքը ցեխածածկ՝ քանի մը կին ազգականներու եւ դրացիներու օգնութեամբ եւ աղօթքով։ Ան այդպէս փախած է, որպէսզի անտեսանելի մնայ. «մի՛ տանիք զայն, անիկա տգեղ է» խօսքերը ազատած են զինք՝ դարձնելով վեց զաւակներով ընտանիքի միակ փրկուողը, 7 տարեկանին։ Մօրենական մեծ հայրս՝ Սարգիսը, ծնած է Սինոպ-Կերզէ, զամբիւղագործութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղող ընտանիքի մը մէջ։ Փոքրուց հայերէն չէ սորված ու մեծցած է ինքնութիւնը թաքցնելու նշանակութիւնը կարեւորուած գտնելով։ Երբ երբեմն իր յուշերուն մասին կը հարցնէի, անմիջապէս չէր պատասխաներ, յետոյ կամաց-կամաց կը յիշէր իր գիւղի բնութեան գեղեցկութիւնը եւ վերջապէս կը սկսէր խօսիլ տհաճ յուշերուն մասին։

ԼԵՌՆԱ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

Ոմանք կը մեռնին, ոմանք կը մնան. «քալան սաղլար պիզիմտիր» (մնացողները մերն են) ասացուածքը զօրակցութեան, պատկանելիութեան եւ համայնք դառնալու դուռ կը բանայ, բայց ի՞նչ պարագաներու եւ մինչեւ ո՞ւր անիկա ասացուածքէ անդին կ՚երթայ։ Պատասխանը կը ձգեմ ձեզի, իսկ ես կը սկսիմ յօդուածս։

Դէպի արեւ երկարող ճիւղի մը կամ պարանի մը շուրջ փաթթուող որթատունկի մը նման, կանուխ տարիքէս նկատեցի, որ ընտանիքիս կարգ մը երէցները կեանքին կը կառչէին լռութեամբ կամ դառնութեան տարբեր աստիճաններով։ Մանկութեանս տարիներուն անհամբեր էի կեանք կոչուող գետին միանալու։ Այն ատեն, միակ վայրը, ուր կրնայի քիչ թէ շատ վայելել այդ խանդավառութիւնը՝ փողոցն էր։ Որեւէ երեխայի նման, նախասիրած ժամանցներս էին պարան ցատկել, ծառ մագլցիլ, աչքխփուկ խաղալ, շան ու կատուի ետեւէ վազել եւ Ֆէրիքոյի միջով անցնող, թէկուզ ապականած, հոսանքին մէջ ինկած գնդակը ազատել փորձել։ Բայց Ազատուհի մեծ մօրս համար, որ տունը կը մնար, այս բոլորը ամօթ էին։ Անոր ըսելով՝ միայն փողոցային աղջիկները դուրսը կը խաղային, իսկ շնորհքով աղջիկները կը մնային տունը։ Այս ցուցմունքով ալ ամէն անգամ որ տունը բանտարկուէի, բնազդաբար կը գտնէի բանալին եւ փողոց կը վազէի՝ հագեցնելու համար խաղալու եւ ազատութիւն առնելու պահանջս։

Տարիներու ընթացքին, դէպի երազանքներուս ճամբուն վրայ, սկսայ երէցներուս մօտ, իրենց կառչած լռութեան եւ զայրոյթի համեմատաբար մոխրագոյն տարածքին մէջ, համատարած բացասական վերաբերմունք նկատել՝ «տեսանելի, ճանաչելի, գիտցուած» ըլլալու հանդէպ:

Այն տարիներուն, երբ տեսանելիութիւնն ու ընկերային ցանցերը այսքան ընթացիկ չէին, հեռատեսիլային ծանուցումներու մէջ կարճ ելոյթներս եւ քարոզարշաւներու որմազդներու վրայ նկարներս՝ ծանուցուած քաղաքի կեդրոնին տարբեր բաժիններու մէջ, Մայտա մեծ մօրս մղձաւանջն էին։ Թէեւ չկարողացաւ դադրեցնել ակնթարթի մը մէջ սկսած եւ անոր յաջորդող ելոյթներս, ան ներքուստ կը բռնկէր ամէն անգամ որ զիս հեռատեսիլէն տեսնէր։

Հանրութեան կողմէ անյայտ եւ անտեսանելի ըլլալը շատ կարեւոր էր իրեն համար, այնքան մը որ ան երբեմն հպարտութեամբ կը պատմէր, թէ ինչպէս 1960-ականներուն հիւանդանոցէն վտարած է իր երրորեակ նորածինները նկարելու համար եկած լրագրողները՝ նոյնիսկ նոր ծննդաբերած վիճակին մէջ սենեակէն ելլելով։

Շրջաններ, գաղթեր

Մեծ մեծ ծնողներուս հարսանեկան նկարը – Թոքաթ-Էրպա, 1905 թ.

Թէեւ երկու մեծ մայրերս 1915-ի աղէտէն անմիջականօրէն չէին տուժած՝ արդէն իսկ Պոլիս հաստատուած ըլլալնուն շնորհիւ, սակայն իրենց ամուսիններէն եւ շրջապատէն կ՚իմանային անոր մասին. այդ պատումները զիրենք ոչ թէ պատահարին իրազէկ կը դարձնէին, այլ իրենց հոգիին կը խրէին իրենց լսած իւրաքանչիւր բռնութիւն եւ հոգեխոց։

Հօրենական մեծ հայրս՝ Ստեփանը, 1915-էն պրծած է Թոքաթ-Էրպայէն՝ փախչելով կնոջական հագուստներով եւ դէմքը ցեխածածկ՝ քանի մը կին ազգականներու եւ դրացիներու օգնութեամբ եւ աղօթքով։ Ան այդպէս փախած է, որպէսզի անտեսանելի մնայ. «մի՛ տանիք զայն, անիկա տգեղ է» խօսքերը ազատած են զինք՝ դարձնելով վեց զաւակներով ընտանիքի միակ փրկուողը, 7 տարեկանին։

Գիւղին հայ կիներն ու երեխաները, որոնք մեծ հօրս նման կարողացեր էին ազատիլ մահէն, հաւաքելով իրենց խնայած դրամները՝ 1926-ին Պոլիս գաղթած էին, քանի որ վախով եւ մեկուսացած կ՚ապրէին իրենց տուներուն մէջ։ Կիւմիւշսույուի մէջ վարձու տան մը մէջ հաստատուելէ ետք, երիտասարդներէն ոմանք կարողացած էին գործ գտնել, իսկ ուրիշներ՝ մեծ հօրս նման, հայկական գիշերօթիկ վարժարան յաճախած էին։ Այնուհետեւ, 1946-ին, խումբին մեծամասնութիւնը Մարսէյ գաղթած էր։ Մեծ հայրս Պոլիս մնացողներէն մէկն էր, որ ընտրեց հոն հաստատուիլ՝ որոշումը ամրապնդելով մեծ մօրս հանդէպ ունեցած սիրոյն մէջ։

Մօրենական մեծ հայրս՝ Սարգիսը, ծնած է Սինոպ-Կերզէ, զամբիւղագործութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղող ընտանիքի մը մէջ։ Փոքրուց հայերէն չէ սորված ու մեծցած է ինքնութիւնը թաքցնելու նշանակութիւնը կարեւորուած գտնելով։ Երբ երբեմն իր յուշերուն մասին կը հարցնէի, անմիջապէս չէր պատասխաներ, յետոյ կամաց-կամաց կը յիշէր իր գիւղի բնութեան գեղեցկութիւնը եւ վերջապէս կը սկսէր խօսիլ տհաճ յուշերուն մասին։ Կը պատմէր զատկուան կամ կաղանդի տօներուն այլ գիւղի հայ ընտանիքներուն այցելութեան պատմութիւնները եւ թէ ինչպէս իրենց տօնական հագուստները կը հագնէին իրենց գիւղէն դուրս գալէ ետք, ամայի տեղ մը, եւ կը փոխուէին նո՛յն տեղը՝ նախքան գիւղ վերադառնալնին։

1950-ականներուն, Սարգիս մեծ հայրս աշխատանք գտնելու միտումով ընտանիքին հետ փոխադրուած էր այն ժամանակուան Պոլսոյ բազմազանութիւն վայելող (քոզմոփոլիթըն) Տոլափտերէ շրջանը։ Նախքան երկաթագործութեան վերադառնալը, Սարգիսն ու եղբայրները աշխատած էին շինարարութեան եւ այլ ծանր աշխատանքներու մէջ։

Քանի մը տարի առաջ, 2015-ին, «Ակօս»-ի մէջ «Սինոպի հովը» վերնագրով յօդուածս կարդացած մաքիստրոսականի ուսանողուհի մը, որ Սեւ ծովէն Տոլափտերէ հաստատուած հայերու մասինուսումնասիրութեան վրայ կ՚աշխատէր, հետս կապ հաստատեց՝ խնդրելով հարցազրոյց մը կատարել մեծ հօրս հետ, որ նոյն ճամբէն անցած էր։ Ուսանողուհին խանդավառ էր մեծ հօրս տեսնելու, իսկ մեծ հայրս ալ նոյնքան խանդավառութիւն ցուցաբերեց պատմելու իր յուշերը՝ մինչեւ որ մեծ մայրս, տան թագուհին, միջամտեց։ Քանի մը օր չանցած, արդէն ան արգիլած էր հարցազրոյցի կայացումը, իսկ մեծ հայրս, անախորժութիւն չստեղծելու համար, տեղի տուաւ մեծ մօրս միջամտութեան. ի վերջոյ՝ միշտ մեծ մայրս էր ճիշդը ընտանիքին։

Մեր տան երէցներուն համար թագնուիլն ու անտեսանելը ըլլալը անհրաժեշտութիւն դարձած էր իրենց գոյատեւման ապահովման համար, այն աստիճան, որ, ինչպէս պատմաբան եւ քաղաքագիտութեան տեսաբան Աշիլ Մպեմպէյ կը նշէ, այլեւս կարիք չկար գործուն ոճրագործի, որովհետեւ այդ ոճրագործի շուքին տակ ապրելով՝ անտեսանելի ըլլալու կենցաղակերպերը ժամանակի ընթացքին բնականոնացուած կը դառնային։ Այս արդիւնքով յառաջացած ինքնաքննութիւնը, իր արմատները խրած ըլլալով անցեալին մէջ, կը ծաւալի՝ երբեմն դպնալով անոնց այսօրուան գոյութեան եւ անցեալի պատմութիւններուն։

Վստահաբար պատահաբար չէ, որ ես ալ, գէթ անգիտակցաբար, ընտրած եմ տեսանելութեան վրայ կեդրոնացած ասպարէզ մը եւ թէ երբեմն կատարողական արուեստի աշխարհին մէջ ինքզինքս կը գտնեմ տեսանելի եւ աներեւոյթ ըլլալու երկուութեան միջեւ։ Գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ, գերիշխող ախտագին կառոյցները իրենք զիրենք կը կրկնեն՝ որոշելով ինչ բանին անտեսանելի դառնալը։ Բայց եթէ համապարփակ եւ անաչառ կերպով նայինք, թէ ո՛վ կը վճարէ տեսանելի ըլլալու գինը, ինչը կը կորսուի կամ կը պահուի անտեսանելիութեան քաղաքականութեան միջոցով՝ մշակութային, ընկերային, անձնական եւ բնահամակարգային մակարդակներու վրայ, այս կորուստները վերանորոգուած քաղաքակրթութեան սերմերու կրնան վերածուիլ։ Եւ այն ատեն, մնացողները՝ «կալան սաղլար պիզիմտիր»-ները, հաւանաբար առիթ կ՚ունենան ամբողջականօրէն կենդանի կեանք մը ապրելու։ Կը մաղթեմ, որ մինչեւ այն ատեն, մանաւանդ անտեսանելի դարձուածները, ի հեճուկս ամէն ինչի կարողանան ըսել՝ «կամ եւ հոս եմ»։

Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան

 Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ

 (Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 22 յունիս 2025-ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)

 Parrhesia Collective-ը կանանց միջազգային խումբ մըն է, որ բաղկացած է արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ աքթիվիստներէ, որոնք կ՚աշխատին լուսանկարչութեան, պարի, շարժանկարի, ընկերաբանութեան, գրականութեան և պատմութեան ոլորտներու մէջ, եւ իր գործունէութիւնը կ՚իրականցնէ ընկերային ցանցերու միջոցով։

Փիեռ Շեմմեսեանի բեմը, կերպարները եւ «պաթալ»-ները

«Տարբերակ21» հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի այսօրուան հիւրն է Փիեռ Շեմմեսեանը՝ Լիբանանահայ սիրուած կատակաբան, դերասան եւ stand-up comedian, որուն անունը շատոնց ծանօթ է Լիբանանի տեղացի եւ հայ հանրութեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ լիբանանեան սփիւռքի գաղութներուն մէջ։ Փիեռը հանրութեան կը ներկայանայ քաղաքական ու ընկերային այլազան կերպարներով՝ ներառելով նաեւ հայ կերպարներ: Կը զրուցենք Փիեռի բեմական ուղիին, իր ստեղծած կերպարներուն, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով աշխատելու փորձառութեան, եւ իր վերջին թատերախաղին՝ «Աշակերտ Պաթալ»-ին մասին։

Լրագրող, հրապարակախօս, հաղորդավար եւ գրող Մարիա Վօշի Ֆելիեթոններու ներգործութիւնը

Փրոֆ Արա Սայեղ

Լվովի դարաւոր հայկական մայր տաճարին մէջ ըմբոշխնած էր լեհահայ մշակոյթի երաժշտական, հոգեւոր եւ ծիսական սխրագործ ժառանգութիւնը՝ հոգեպարար պատարագներու փառաբանանքի վսեմ պահերը, որոնք բաւարար էին, որ Մարիա Վօշ հիմնովին ընկալէր հայութիւնը։ Կեանքի ուղին զինք փոխադրած էր  Եւրոպայի  19-րդ դարու մշակոյթի Փարիզը համարուող իր ծննդավայր Լվովէն դէպի այսօրուայ Լեհաստանի արեւմտեան կողմը գտնուող Վրօցլաւ քաղաքը։ Իբրեւ լրագրող, հրապարակախօս, հաղորդավար ներկայ գտնուած էր Վրօցլաւի պետական համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքի աշակերտութեան ներկայացուցած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած իմ դասախօսութեանս, այդ առիթով բարեկամացած էինք։ Ինչպէս Լվովի մէջ, ներկայիս ան կը շարունակէ պարբերաբար ներկայ գտնուիլ Վրօցլաւի մէջ հայ կաթողիկէ ծէսին նուիրուած երբեմնի պատարագներուն։

Մ Վօշ ծնած է 22 Մարտ 1934 թուին, Լվովի մէջ: 91-ամեայ լեհ այս մտաւորականը, յառաջացած տարիքի բերումով այսօր տկար լսողութեամբ, վատուժ տեսողութեամբ, յենացուպի օժանդակութեամբ բանող իր ճղճիմ մարմնով առանց տրտնջալու, սրտապինդ կը մշակէ իր հաղորդումները արթնամիտ պրպտումներով, անկաշկանդ մտածողի խոհեմութեամբ եւ առողջ դատողութեամբ կը ներկայացնէ իր պայծառամիտ ֆելիեթոնները։

Սոյն տարուայ Ապրիլ 24-ի առաւօտ էր, լծուած էի համալսարանի դասախօսութիւններուս պատրաստութեան, երբ հեռաձայնիս զանգը խզեց գրասենեակիս անդորրութիւնը։ Հեռաձայնողը կարկառուն Մարիա Վօշն էր (Maria Woś)։ Լեհ կրթական մշակ, լրագրող, հաղորդավար, գիրքերու հեղինակ, եւ մանաւանդ ձայնային ֆելիեթոններու (ֆր. Feuilleton) հմուտ մասնագէտը։ Ֆելիեթոնը, հրապարակախօսական գրական այն ժանրն է, ուր որոշ թեմայի մը վերլուծութիւնը կը տրուի սեղմ բացատրութեամբ, քննարկումը ընդհանրապէս հարցադրումներու, գողածածկ երգիծանքի, կատակերգական եւ մանաւանդ քննադատութիւնը` ծաղրական, ուշագրաւ սրամտութեամբ կը հրամցուի։ Ժանր մը, որ կ’ենթադրէ ներկայացուելիք նիւթի խոր հմտութիւն, բազմաշերտ ու լուրջ ուսումնասիրութիւն:

Գիտական աշխատանքիս պահուն ժամանակս խնայելու եւ երկար զրոյցէ մը խուսափելու համար մտածեցի չպատասխանել վիթխարի Մարիային։ Յատկապէս, որ Ապրիլ 24-ի խորհուրդը, ամէնօրեայ մեր սրտաճմլիկ կենսախնդիրը ըլլալէն անկախ, ինծի համար ունի ուխտապահութեան, մեր ազգի մարտիրոսութեան հանդէպ նուիրական յարգանքի, խոկումի, վերացումի եւ մտասեւեռումի թելադրողականութիւն մը։ Բայց Մարիային վաղ առաւօտեան հեռաձայնը յորդոր մը յուշեց, մտածեցի՝ ըսելիքը հասցէատէր մը ունի, միաժամանակ յիշեցի լեհական ուշագրաւ վարմունք մը՝ յատկանշական օրերու առիթով զիրար սրտապնդող ընդունուած սովորոյթը, ազգային՝ անկախութեան, սահմանադրութեան, դրօշի օրուան եւ այլ տօներու առիթներով մէկը միւսը շնորհաւորելու, քաջալերելու օրինակելի աւանդոյթը։ Մտաբերեցի, որ Մարիան ալ հայերուս համար առանձնայատուկ այս օրուան առիթով փոխանցելիք խօսք մը ունի, լաւ գիտնալով, որ հայերուս համար երբեմն բաւարարող են գօտեպնդող զգացումները, խթանող նշանակութիւն ունին սրտաբուխ խօսքերը։

Վստահօրէն չէի սխալած: Նրբանկատ Մարիան հեռաձայնի միւս կողմէն խորազգաց յանձնառութեամբ նախ իր տրտմութիւնը յայտնեց հայոց զգայացունց ցեղասպանութեան 110-ամեակի առիթով, ապա յայտնեց, որ՝ «Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած Ֆելիեթոնս պիտի սփռեմ վաղը՝ հինգշաբթի օր, ինչպէս պատրաստած էի Հայոց ցեղասպանութեան 100 եւ 101-ամեակներուն»։

Մարիան լաւ ընկալած է հայ ժողովուրդի տառապանքները, պատմական ծալքերը, եւ ինչպէ՞ս չընկալէ այդ բոլորը, երբ ապրած է տնաւեր Բ. համաշխարհամարտի դաժան օրերը։ Քաջածանօթ է քսաներորդ դարու հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան չսպիացող վերքին։ Ի վերջոյ, լեհերն ալ ունին Քաթինի (Katyń) 1940 թուականի ողբերգութիւնը [1], Վոուին (լեհ․ Wołyn) կամ Վոլինեան 1943-1944 թուականներու վշտալի  կոտորածները [2]: Այո, այնքան թարմ է Քաթինի կոտորածներու յիշատակը, երբ Քաթինի նահատակներու յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով 10 ապրիլ 2010 թուի Լեհաստանի նախագահ Լեխ Քաչինսքին եւ առաջին տիկինը, անոր ընկերացող պետական վերնախաւի 95 բարձրաստիճան քաղաքական այրերու, նախարարներու պատուիրակութիւն մը զոհուեցաւ Սմոլենսքի (Smolensk) մօտ տեղի ունեցող ինքնաթիռի ջախջախումի սարսափելի աղէտին, որ կը փոխադրէր այդ պատուիրակութիւնը ։ 

Մարիա Վօշ այս տարի ալ յարգեց իր խոստումը. Վրօցլաւի պետական ռատիօկայանէն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով, «Քալեցին անապատի ընդմէջէն ու զոհուեցան աւազին մէջ» խորագրով “Szli przez pustynię i ginęli w piasku”  Ֆելիեթոնը: Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, ան ներկայացուցած էր «Ինչքա՞ն երկար տակաւին» խորագրով (Jak długo jeszcze?) Ֆելիեթոնը՝ նկատի ունենալով թէ որքա՞ն երկար պէտք է սպասել արդար հատուցումին։

        Այս տարուայ Ապրիլ 24-ի առիթով Մարիա Վօշ կորովամիտ վերլուծութեամբ ներկայացուց օրուայ խորհուրդը: Անդրադարձաւ 27 սեպտեմբեր 2020 թուականի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, արցախահայութեան հանդէպ 19 Սեպտեմբեր 2023-ին իրականացուած բռնագաղթին, Արցախի քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութեան դէմ գործադրուած զանգուածային բռնատեղահանումին։ Քննադատեց Վատիկանի որոշ իշխանաւորներու անպարկեշտ վերաբերմունքը: Հեգնական իր ոճով պարսաւեց քաղաքական նպատակներով սոյն տարուայ ապրիլին կատարուած գիտաժողովը «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագիրով [3]։ Ծաղրանքով արտայայտուեցաւ Վատիկանի նման հոգեւոր կառոյցի մը հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող կամ հիւրընկալուող ծանծաղութեան: Խիստ էր Մարիա Վօշի ինքնաբուխ վերլուծումը, ֆելիեթոնը, որ ուղղուած էր մարդկային անարդար արժանապատուութեան։ Ինքնակամ, անշահախնդիր եւ հայանպաստ հաղորդումը ինքնին վկայութիւն մըն է Մարիա Վօշի անաչառութեան: Այսօր պետութիւններ ցեղասպանութեան հարցը դարձուցած են դիւանագիտական ​​ճնշումներ գործադրելու շահադէտ միջոց, մթագնելու, լռեցնելու կամ ժխտելու գործիք, նոյնիսկ կը զլանան արտայայտութեամբ մը ոգեկոչելու հայ ժողովուրդի անհամար մարդկային զոհերը։ Իսկ Մարիա Վօշ՝ Վրօցլաւի պետական ռատիօկայանի բարձրախօսի ետին նստած, Լեհաստանի բազմամիլիօն ունկնդիրներուն հեռարձակուող ֆելիեթոնի պատգամով, անգամ մը եւս ճեղքելով անտարբերութեան փխրուն պատը, առանց վարանումի բարձրաձայնեց, դատապարտեց, վերյիշեցուց եւ ոգեկոչեց հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութիւնը: 91-ամեայ կենսատու կենսագրականով մտաւորականը, հաղորդավարը մեծափառ երախտապարտութեան արժանի է։

        Մարիա Վօշ ոչ միայն հայոց ցեղասպանութեան ամեակներուն ոգեկոչած է հայերը, այլ նաեւ իր զանազան՝ մշակոյթի, պատմութեան, ընկերային, գրականութեան, կրթական եւ այլ նիւթերու նուիրուած ֆելիեթոններուն ընթացքին ալ առիթը չէ խնայած հայոց կամ լեհահայութեան մասին յիշատակութիւններ կատարելէ, վկայութիւններ ներկայացնելէ։ Այդ համոզումով ալ իր ֆելիեթոններու ծրագրին մէջ ներառած է հայանպաստ շատ մը վերնագիրներ, ինչպէս՝ Լվովի մէջ լեհահայ կաթողիկէ վերջին թեմակալ առաջնորդին, երկարատեւ գահակալութեամբ յատկանշուող (1901-1938), բարեհամբաւ Յուզեֆ Արք․ Թէոտորովիչի մասին, Լվովի հայկական թեﬕ հիﬓադրութեան 650-ամեակի (1367-2017) առիթով, Լվովի հայկական տաճարը եւ անոր ստեղծագործները, Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան»ը եւ այլ հայանպաստ նիւթերու մասին։

        Մարիա Վօշի բնորոշիչ գիծերն են գրական աշխատանքի իր վերանորոգ ներուժը, ֆելիեթոններու ծրագիրը շարունակելու իր դիմացկութիւնը, գրական արտադրութիւնը եռանդուն պահելու իր անխախտ հաւատարմութիւնը։         Լեհաստանի Վրօցլաւ քաղաքի ռատիօկայանէն պարբերաբար հինգշաբթի օրերուն կը ներկայացնէ սեփական վերլուծական իր հաղորդումները։ Ան եթերային սփռումներով, միշտ ալ ըսելիք խորհուրդ մը ունի, փոխանցելիք պատգամ մը, մտքի պայծառատեսութիւն մը, այժմէական դատողութիւն մը։ Հաղորդումներէն անկախ, ան իր առաջին գիրքը հրապարակած է «Ռատիօ ֆելիեթոններ – Վրօցլաւ 2006», ապա երկրորդը՝ «Յիշել, յիշեցնել , մոռնալ – Ռատիօ ֆելիեթոններ – Վրօցլաւ 2010»: Իր երրորդ գիրքը «Leopolka» հրապարակած է 2023-ի նոյեմբերին, որ կը բաղկանայ 584 էջերէ, իր յայտնաբերած «Leopolka» բառին խորագրով [4]։ Անոր բովանդակութիւնը հեղինակի ինքնութեան, կորսուած երանական ծննդավայրի տեղեկութիւններով,  մարդաբանութեան մանրամասնութիւններով եւ յատկապէս   պատկանելիութեան յուշապատումն է։ Վերջին հատորը ապրուած կեանքի մը վկայութիւններու նրբազնին կենսապատումը կարելի է համարել։ Համեմատելով նախորդներուն հետ, անոր բովանդակութիւնը վճռականօրէն նոր հորիզոն մը կը բանայ, ըլլայ՝ վկայութիւններու խորաթափանցութեամբ եւ պարունակութեան գրաւչութեամբ ։

Այս գիրքին մէջ ալ Մարիա Վօշ ստուար բաժիններ տրամադրած է լեհահայութեան՝ հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական կեանքի մասին, իբրեւ ապրուած կենդանի վկայութիւններ` միշտ ակնարկելով, որ լեհահայութիւնը անբաժանելի եւ հիմնական մէկ բաղադրիչն է լեհական պատմական բազմադարեայ ժառանգութեան։ 

12 տարեկան դերատի Մարիան բռնագաղթած է իր ծննդավայր Լվովէն, հաստատուելով Վրօցլաւի մէջ։ Լեհերէն գրականութեան բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, 1956 ին կը նուիրուի ուսուցչութեան։ Երէկ էր կարծես, երբ 1958-ին, բարձրախօսին դիմաց եթերի վրայ իբրեւ լրագրող, Վրօցլաւի պետական ռատիօկայանէն իր հաղորդումները ներկայացուցած էր:  Մ․ Վօշը հեղինակային նախաձեռնութեամբ իրականացուցած է նաեւ «Ունկնդիրներու հետ հաղորդակցութիւն», «երիտասարդութիւն», «կրթութիւն եւ գրականութիւն» եւ այլ ծրագրեր, հասնելու իր նախասիրած «Ֆելիեթոններու» հաղորդումներու աշխատախոնջ ուղղութեան, որ ծանրակշիռ պրպտումի, քննարկումի եւ հոգեմաշ տքնաջանութեան կը կարօտի։

Մարիա Վօշը 67 տարիներու ռատիօհաղորդումներու թրծուած հմտութեամբ հարուստ վաստակ մը ունի լրագրութեան եւ ձայնային մամուլի լեհական անդաստանին մէջ։ Կարելի է պատկերացնել հաղորդավարուհիին դնդեղ կոկորդը, որ տասնամեակներ դիմացած է հարուստ ու պատուաբեր փորձառութիւն մը դիզելով։ Լեհաստանի տարածքին բազմահազար հաւատարիմ ունկնդիրներու կողմէ սպասուած իր հաղորդաշարի մշակոյթը ստեղծելով։ Իր գրիչին, խօսքին ներգործութիւնը կամարուած է ձայնի հաղորդակցականութեան հետ՝ ոճի թովիչ մեկնութեամբ, նիւթերը առինքնող ձեւով մատուցելու՝ շքեղութեամբ ներկայացնելու արհեստավարժութեամբ։ Մարիա Վօշի ֆելիեթոնները կը յատկանշուին սուր դիտարկումի, գրական զգացողութեան, աւանդոյթներու եւ մշակոյթի նկատմամբ խոր յարգանքի համադրումով, զինք դարձնելով իւրայատուկ երեւոյթի, յարգանքի արժանի փնտռուած հաղորդավարի, մտաւորական տիպարի մը, որ արժանացած է բազմաթիւ պետական գնահատականներու եւ շքանշաններու։

        Մարիա Վօշ բացառիկ անձնաւորութիւն է՝ լրագրող, հանրախօս ու գրող, որուն երկար տարիներու վաստակը արժէքաւոր մշակութային վկայութիւն է ինչպէս լեհական գրականութեան, նոյնպէս ալ լրագրութեան եւ ձայնային հաղորդակցութեան մշակոյթի պատմութեան համար։ Անոր ոճը կը զանազանուի իր խոր մարդկայնութեամբ, պարզութեամբ եւ ճշմարտութեան անդուլ փնտռտուքով, ոչ թէ ընթացիկ կամ աւանդական, այլ մարդկային յիշողութեան մէջ արմատաւորուած ճշմարտութեամբ։

Ճաճանչող վաստակդ անսպառ՝ Մարիա Վօշ:

…………………………………………………………………………

[1] Քաթինի վայրագ սպանդը լեհ ժողովուրդի համար այն դաժան ողբերգութիւնն է, երբ Բ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին՝ 1940 թուականի ապրիլ-մայիս ամիսներուն Քաթինի անտառներուն մէջ լեհական բանակի շուրջ 22 հազար ռազմագերիներ, սպաներ գնդակահարուեցան, լեհ մտաւորականութիւն մը  ենթարկուեցաւ զանգուածային բնաջնջումի, այս անմարդկային ողբերգութիւնը իրագործուած է ԽՍՀՄ Ներքին գործերու ժողովրդական յանձնակատարի (NKVD)-ի կողմէ – ԱՍ)

[2] Վոուին (լեհ Wołyn) կամ Վոլինեան ողբերգական կոտորածներ, 1943-1944 թուականի Արեւմտեան Ուքրանիայի մէջ, ծագումով ոչ ուքրանացիներ «մաքրագործելու» տխրահռչակ քաղաքականութեան մը հետեւանքն է, երբ ուքրանացի ազգայնամոլներ զանգուածային կոտորածներ իրականացուցին լեհերու դէմ։ Վոլինեան կոտորածի տխրահռչակ քաղաքականութեան պատճառով, 60 հազարէն աւելի լեհեր ջարդուեցան։ Այս բնաջնջումները ողբերգական կնճռոտ հարցեր են լեհ-ուքրանական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ:

[3]  Ա․Ս․ «Վարշաւայէն Վատիկան շարունակուող ապիկարութիւնը եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը»  https://wp.me/pd909i-mon

[4] «LeoPolka»  բաղադրեալ բառը, կը միաւորէ երկու տարր՝ «Leo»-ն, այսինքն Լվով (լատիներէն՝ Leopolis՝ «առիւծի քաղաք»), որ կը խորհրդանշէ ծագումը, մշակութային ժառանգութիւնը  եւ արմատները։ Իսկ «Polka»-ն կը նշանակէ լեհուհի, որ լեհութիւնը կը խտացնէ որպէս ազգային, հոգեւոր ինքնութիւն:

Սէրուժ Պաղտասարեանի աննախընթաց համերգը՝ «Symphonic Folk» Երեւանի մէջ

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոթքասթին հիւրն է լիբանանահայ երաժիշտ, մշակող եւ արտադրող Սէրուժ Պաղտասարեանը՝ C-Rouge: Սէրուժին աննախընթաց համերգը՝ «Symphonic Folk»-ը շուտով պիտի կայանայ Երեւանի մէջ, Յուլիս 22-ին՝ Կարէն Տէմիրճեանի անուան համալիրին մէջ, Հայկական Պետական Սիմֆոնիք Նուագախումբի մասնակցութեամբ։ Վերջին տասնհինգ տարիներուն Սէրուժ իր ստեղծարար ոճով կը վերամշակէ եւ կը վերամեկնաբանէ հայկական ժողովրդային երաժշտութիւնը՝ համադրելով զայն ելեկտրոնային, սինեմաթիք եւ այժմ նաեւ սիմֆոնիք մշակումին հետ։ Սէրուժին հետ կը խօսինք իր ստեղծագործական ուղիին եւ այս «Symphonic Folk» համերգի մշակութային արժէքին ու նպատակին մասին։

4 յունիս 1918, Պաթում. Երբ իրականութիւնը կը դառնայ առասպել՝ հերոսով եւ հակահերոսով

1918 յունիսի 4-ին, Պաթումի մէջ կնքուեցաւ հայ-թրքական պայմանագիր մը, որով Թուրքիա ճանչցաւ Հայաստանի հանրապետութիւնը։ Ճակատագրի հեգնանքով Թուրքիան եղաւ առաջինը, որ ճանչցաւ ազգի մը անկախութիւնը, զոր կը փորձէր բնաջնջել, բայց ճանչցաւ, որովհետեւ հայերու հերոսական դիմադրութիւնը մայիսեան հերոսամարտերուն թուրքերը զրկեց առաջ շարժելու հնարաւորութենէն։ Մայիսեան հերոսամարտերու մասին առիթ ունեցած ենք խօսելու եւ այս անգամ կ’ուզենք անդրադառնալ յունիս 4-ի պայմանագրին, բայց ոչ թէ զայն քննարկելու նկատառումով, այլ այդ պայմանագրին մասին որոշ քննարկումներ վելուծելու նպատակով։ Վերջին շրջանին, երբ տեսակ մը մոտա դարձած է պատմական դէպքերու քննութիւնը, շատերը կը փորձեն վերատեսութեան ենթարկել բացարձակապէս ամէն ինչ եւ դէպքերը բացատրել անձնական վերլուծումներով։ Այդ վերլուծումներուն մէջ կը հանդիպինք թէ՛ սթափ ու հետաքրքրական, թէ՛ բացարձակապէս անհասկնալի որոնումներու։

Յունիս 4-ի պայմանագրին մասին խօսելու ատեն, ոմանք կ’ըսեն, որ այդ պայմանագիրը խայտառակութիւն էր, որովհետեւ ՀՀ-ը կը ձեւաւորուէր ընդամէնը 12 հզր․ ք/քմ տարածքով եւ շատ հարցերու մէջ, ինչպէս օրինակ արտաքին յարաբերութիւններու՝ ենթակայ էր Թուրքիոյ։ Կը նշուի, որ յունիսի 4-ի պայմանագիրը կնքուած է զայն կնքողներու անտեղեակութեան պայմաններուն մէջ։ Այլ խօսքով, յունիսի 4-ին, հայկական կողմը տեղեակ չէր, որ մայիսեան հերոսամարտերը տեղի կ’ունենան եւ թուրքերը հապշտապ ստիպած էին զանոնք կնքելու ոչ շահաւէտ պայմանագիր մը։

Այս ի հարկէ հետաքրքրական ու մխիթարական կը հնչէ, յատկապէս դաւադրապաշտներուն համար, որովհետեւ յոյս կու տայ, որ յունիսի 4-ի պայմանագիրը կրնար շատ աւելի լաւը ըլլալ, եթէ հայկական կողմը տեղեակ ըլլար, թէ ինչ կը կատարուի մարտի դաշտին վրայ։

Բայց արդեօ՞ք այդպէս էր։ Արդեօ՞ք հայկական կողմը իրօք չէր գիտեր, որ ճակատամարտեր տեղի ունեցած են, չէր գիտեր, որ հայկական զօրքերը յաղթած են։ Եւ եթէ տեղեակ ըլլար, կրնա՞ր պատահիլ, որ հայերը աւելի լաւ պայմաններով պայմանագիր մը կնքեն։

Նախ անհաւանական է հնչէ, որ հայկական կողմը անտեղեակ ըլլար այդ բոլորին։ Մայիսի 28-էն մինչեւ յունիսի 3-ը գրեթէ մէկ շաբաթ անցած էր։ Միթէ՞ առհասարակ հնարաւոր է, որ հայկական պատուիրակութիւնը ուղղակի նստած էր ու գոնէ մէկ անգամ չհետաքրքրուէր, թէ ի՛նչ կը կատարուի Երեւանի մէջ: Միթէ՞ ճակատամարտէն յետոյ Երեւանէն ու Թիֆլիսէն գոնէ մէկ հեռագիր չէ ուղարկուած, մամլոյ հաղորդագրութիւն մը չէ եղած եւ Պաթում գտնուղ հայերը անտեղեակ են եղած։ Ո՛չ, ի հարկէ։ Այդ մէկը նոյնիսկ տեսականօրէն կարելի չէ։

Բաց աստի, նոյնիսկ եթէ Պաթումի մէջ հայկական կողմը տեղեակ չէր մայիսեան հերոսամարտերուն, ապա միթէ՞ անոնք պիտի չզարմանային, որ թուրքերը կ’առաջարկէին պայմանագիր ստորագրել, ու այդ՝ այն ժամանակ, երբ նոյնիքն թրքական կողմը մայիսեան հերոսամարտերէն առաջ կը մերժէր հայերու հետ որեւէ բան քննարկել։ Միթէ՞ հայկական կողմին չէ հետաքրքրած, թէ թուրքերը ինչու՞ յանկարծ հայերուն պայմանագիր կ’առաջարկէին։

Մենք նաեւ առիթ ունեցած ենք խօսելու մայիսեան հերոսամարտերու հսկայական նշանակութեան մասին։ Ոչ միայն հայերու փրկութեան, այլ առաջին համաշխարհային պատերազմի իրավիճակին կապուած։

Ի դէպ, յունիսի 4-ի պայմանագիրը խայտառակութիւն համարելու մեծագոյն ջատագովները կոմունիստներն էին։ Խորհրդային գիտական եւ գեղարուեստական բազմաթիւ հրատարակութիւններու մէջ, ամէն կերպով փորձ կատարուած է նսեմացնելու յունիսի 4-ի պայմանագիրը եւ զայն ներկայացնելու որպէս Առաջին Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու անփորձութեան կամ ուղղակի դաւաճանութեան հետեւանքը։ Օրինակ «Անյայտ զինուորի յիշատակարանը» եռահատոր գեղարուեստական գիրքին մէջ, ուր նաեւ կայ Սարդարապատի ճակատամարտին նկարագրութիւնը մասնակիցի աչքերով, յունիսի 4-ը կը ներկայացուի որպէս ոճրային անփութութիւն եւ ուղղակի դաւաճանութիւն։ Ընդ որում փորձ կը կատարուէր «դաւաճան» ներկայացնելու բոլոր դաշնակցականներն ու ՀՅԴ-ն ընդհանրապէս։ Հասկնալի է, որ խորհրդային քարոզչական մեքենան ամէն ինչ կ’ընէր այլանդակելու որեւէ ձեռքբերում, որ իրագործուած էր իրենցմէ առաջ։ Այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, որ այդ վատն էր ու կոմունիստներն են լաւը։ Կը նշանակէ, թէ պէտք է քանդել ամէն ինչ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը ներկայանցել որպէս ձախողած գերեզմանոց մը, նուաստացած ու ամօթալի։

Ու հիմա, ինչ որ անհասկանալի պատճառներով, հայկական հասարակութեան մէջ կը քննարկուին յունիսի 4-ի պայմանագրին «ամօթալի» վարկածները, ընդ որում ներկայացնելով այնպիսի անհեթեթ վերլուծումներով, որ կրնայ վիրաւորական նկատուիլ որեւէ տրմաբանող մտքի։

Լաւ, ենթադրենք, թէ 1918 յունիսի 4-ին հայկական պատուիրակութիւնը «անտեղակ տգէտներու ու դաւաճաններու» խումբ էր, որ «թուրքերուն նուիրեց հայոց յաղթանակը», ապա ինչու՞ 1994-ին կնքուեցաւ Բիշքեկի համաձայնագիրը, երբ հայկական կողմը կրկին փառաւոր յաղթանակ տարած էր ու հսկայական տարածքներ ազատագրած։ Եթէ 1918-ին տեղեակ չէին, 1994-ին՝ վստահ տեղեակ էին։ Այս անգա՞մ ինչը ստիպեց պարտուած թուրքին հետ հաւասարէ հաւասար պայմանագիր ստորագրելու։

Մենք պարզապէս չենք ուզեր ոչ մէկ բանի ուղիղ նայիլ։ Մենք կը մերժենք ընդունիլ, որ իրականութիւնը երբեմն կը պարտադրէ որոշ բաներ։ Մեզի համար աւելի դիւրին է դաւադարապաշտութեամբ ցանկալին մատուցել իրականի տեղ։ Երբ չես գիտեր իրականութիւնը, ապա մեծ է ցանկութիւնը անոր անյայտ մասերը երեւակայութեամբ կարկատելու։ Բայց անկէ իրականութիւնը աւելի չի հարստանար, ճշմարտութիւնը աւելի ճշմարիտ չի մնար, ընդհակառակը կը բթանայ միտքն ու հոտառութիւնը, որեւէ բան հասկնալու կարողութիւնը։ Իրականութիւնը կը դառնայ ատելի ու անհասկնալի, ու կը մնայ միայն մէկ բան՝ դաւադրութիւնը, որ մեզի համար արդէն հոգեբանական թմրանիւթ դարձած է։ Իրականութիւնը կը դառնայ առասպել՝ հերոսով եւ հակահերոսով։ Եւ այդպէս մենք կը բացատրենք գրեթէ ամէն ինչ։ Եւ այդպէս կը հասկնանք ամէն ինչ։

Նման կերպով կ’ընդունուին Աւարայրը, Տիգրան Մեծի գործունէութիւնն ու Տիգրանակերտի պայմանագիրը, Մլեհը, 1699-ին Karlowitz-ի մէջ սկսած բանակցութիւնները (Պալքաններուն մէջ օսմանցիներու պարտութիւնը)․․․շատ բան։

Իրականութիւնը այն է, որ մայիսեան հերսամարտերու շնորհիւ հնարաւոր եղաւ փրկութիւն գտնել սեփական ձեռքերով։ Հնարաւոր եղաւ պաշտօնապէս պայմանագիր կնքել մէկու մը հետ, որու միակ ցանկութիւնը մեզ բնաջնջելն էր։ Եկէք հասկնանք բնաջնջուելու եւ ապրելու տարբերութիւնները։ Յունիսի 4-ի պայմանագիրը չէր կրնար դրախտային ըլլալ։ Յունիսի 4-ը պարզապէս չէր կրնար պարզապէս մեզի Մեծ Հայքը նուիրել։ Չմոռնանք, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ կ’ապրէր, աւելի ճիշդ կը գոյատեւէր հայ ժողովուրդը 1918 մայիսին ու անկէ ետք։ Ցեղասպանուած, սովի, շրջափակման, հիւանդութիւններու ու քաղաքական անկայունութեան պայմաններու մէջ իրաւական առումով հաստատել ու մարտական ճանապարհով ապրելու կամք պարտադրել, դարաւոր երազանքէ յետոյ սեփական պետութիւն ստեղծել․․․․Այս է այդ հրաշքը, որ պէտք է հասկնա՛լ ու փայփայե՛լ, ոչ թէ կեղտ լեցնել հեռուէն ու հարիւրամեայ հեռաւորութենէն մեղադրել, թէ «այս ինչ վատ պայմանագիր կնքած էք»։ Ընդ որում ջուր լեցնել ազգային թշնամի կոմունիստներու-բոլշեւիկներու ջաղացքին ու վատաբանելու սկսիլ մեր Առաջին Հանրապետութիւնը։

Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ այդ դժոխային իրավիճակին մէջ հնարաւոր էր աւելի լաւ պայմաններ պարտադրել թուրքերուն, հրամեցէ՛ք ասպարէզ։ Այժմ, պարոնա՛յք, տեղեկութիւնը անվճար է, արագ եւ դիւրին։ Հրամեցէ՛ք ու մեզի յաղթանակներ բերէք, կիրառէք ձեր հսկայական խելքը, որ կը թուի, թէ ունիք եւ մեզ փրկէք ի չարէն։

Կրնա՞ք։ Ի հարկէ չէք կրնար։ Որովհետեւ խօսիլը բան մըն է, ընելը՝ մէկ այլ բան։

Ողջ լերուք եւ ձեր ձեռքերը հեռո՛ւ Առաջին Հանրապետութենէն։  

Աշխարհի ամենէն աւելի գիրք կարդացող երկիրները. Հայաստան՝ 63-րդ, Լիբանան՝ 77-րդ (Ա.)

Ընթերցանութիւնը շատոնց ճանչցուած է իբրեւ մարդու հոգեւոր աճումի, լեզուական հարստացման եւ մտաւոր անկախութեան հիմնաքարերէն մէկը։ Գիրքը միշտ ալ եղած է կամուրջ մը՝ անհատը կապելու իր անցեալին, ներկային եւ ապագային՝ նպաստելով մտային ու բարոյական հասունացման, քննական մտածողութեան զարգացման եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման։

Սակայն այսօր՝ արուեստական բանականութեան (AI), արագ հաղորդակցութեան ու պատկերներու եւ տեսերիզներու գերակշռող աշխարին մէջ, արդօք ընթերցանութիւնը կը պահէ՞ իր տեղը մարդուն կեանքին մէջ։ Ստորեւ տրուած տեղեկագիրը՝ «Ամենէն աւելի գիրք կարդացող երկիրներու» մասին, բարացուցական է եւ որոշ չափով կը պատասխանէ այդ հարցադրումին՝ ներկայացնելով շուրջ 100 երկիրներու մէջ տարեկան կարդացուած գիրքերու միջին թիւը, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակը, զոր տարուան ընթացքին մարդիկ կը տրմադրեն ընթերցանութեան։

Տեղեկագիրը կը ցոյց տայ, որ ընթերցանութիւնը կը պահէ իր կենսական դերակատարութիւնը աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու մէջ։ Միացեալ Նահանգներ, Հնդկաստան, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Իտալիա կը գլխաւորեն այն երկիրներու ցանկը, որոնք կարդացուած գիրքերու թիւի եւ ընթերցման ժամերու բարձրագոյն միջին ցուցանիշերը ունին։ Հետաքրքրականօրէն, տեղեկագիրը կը վերահաստատէ նաեւ, որ դասակարգային տարբերութիւնները, կրթական միջավայրը եւ թեքնաբանական հասանելիութիւնը կարեւոր ազդակներ են ընթերցանութեան դերակատարութեան ձեւաւորման մէջ։

Այս տեղեկագիրը ոչ միայն վիճակագրական տեղեկութիւն տրմադրող փաստաթուղթ մըն է, այլեւ հրաւէր մը՝ վերարժեւորելու ընթերցանութիւնը որպէս անհատական եւ հաւաքական զարգացման հիմք։ Ան կը մղէ մեզ մտածելու՝ արդեօք մենք իբրեւ հասարակութիւն բաւարար չափով կը խրախուսե՞նք ընթերցանութիւնը իբրեւ խթան ստեղծագործական եւ քննական մտածողութեան։

Հայաստան եւ Լիբանան կը գտնուին աղիւսակին վերջին երրորդին մէջ՝ յաջորդաբար գրաւելով 63-րդ եւ 77-րդ տեղերը՝  ընդամէնը տարեկան միջին հաշիւով 4.29 գիրք եւ շուրջ 94 ժամ՝ Հայաստանի պարագային եւ 3.46 գիրք ու 77 ժամ՝ Լիբանանի պարագային։ Այս յարաբերաբար ցած ցուցանիշերը մտահոգիչ են մանաւանդ Հայաստանի համար, որուն ժողովուրդը ժամանակին կը վայերէր ընթերցասիրութեան բարձր վարկ եւ մեծ սէր ու յարգանք կը տածէր մեր մշակութային ժառանգութեան, պատմութեան, գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ դպրութեան նկատմամբ։

Յոյսով ենք, որ այս թիւերը կը ծառայեն որպէս զգաստութեան հրաւէր մը հայրենի կրթական համակարգին, ընտանիքներուն եւ հասարակական կառոյցներուն, խորքին մէջ բոլոր հայ հաւաքականութիւններուն՝ վերստեղծելու այն մթնոլորտը, որ ընթերցանութեան ճամբով պիտի նպաստէր շրջահայեաց ու գիտակ հայու տիպարի վերականգնումին: Թէեւ տրուած վիճակագրութիւնը անպայմանօրէն ցոյց չի տար ընթերցուած գրականութեան որակը կամ լեզուական բազմազանութիւնը, այսուհանդերձ կը մատնանշէ կարեւոր պարապի մը առկայութիւնը, որ դժբախտաբար կը լեցուի հայհոյանքներով, բամբասանքներով, զրպարտութիւններով եւ….

Վ.Թ.

Աշխարհի ամենէն աւելի գիրք կարդացող երկիրները (2024-25)

 

Անուն

Տարեկան Ընթերցուած Գիրքերու Միջին Թիւը

Տարեկան Ընթերցման Ժամերու Միջին Թիւը

1.      Միացեալ Նահանգներ

17

357

2.      Հնդկաստան

16

352

3.      Միացեալ Թագաւորութիւն

15

343

4.      Ֆրանսա

14

305

5.      Իտալիա

13

278

6.      Ռուսիա

11

223

7.      Աւստրալիա

10

217

8.      Սպանիա

9

187

9.      Հոլանտա

8

187

10.  Զուիցերիա

6.9

157

11.  Թայուան

6.83

157

12.  Պելճիքա

6.76

155

13.  Սինկափուր

6.72

155

14.  Հոնկ Քոնկ

6.66

155

15.  Հարաւային Ափրիկէ

6.62

154

16.  Չինաստան

6.61

154

17.  Նորվեկիա

6.48

153

18.  Իսրայէլ

6.42

149

19.  Աւստրիա

6.42

153

20.  Թայլանտ

6.37

149

21.  Իրան

6.36

149

22.  Քոլոմպիա

6.32

147

23.  Չիլի

6.28

144

24.  Ռումանիա

6.28

147

25.  Գերմանիա

6.25

141

26.  Ճափոն

6.2

135

27.  Չեխիա

6.07

133

28.  Ֆինլանտա

6.06

131

29.  Թուրքիա

6.05

130

30.  Ինտոնեզիա

5.91

129

31.  Մեքսիքո

5.83

127

32.  Հարաւային Քորէա

5.69

125

33.  Պրազիլ

5.61

125

34.  Ֆիլիպիններ

5.59

123

35.  Վիեթնամ

5.54

123

36.  Մալիզիա

5.49

122

37.  Դանիա

5.48

121

38.  Եգիպտոս

5.41

121

39.  Փերու

5.35

120

40.  Փորթուգալ

5.35

120

41.  Նոր Զելանտա

5.32

119

42.  Յունաստան

5.31

117

43.  Ուքրանիա

5.29

117

44.  Հունգարիա

5.29

117

45.  Սլովաքիա

5.26

116

46.  Քուպա

5.18

115

47.  Տոմինիքեան Հանրապետութիւն

5.13

115

48.  Էքուատոր

5.11

113

49.  Փորթօ Ռիքօ

5.1

113

50.  Քենիա

4.97

108

51.  Պուլկարիա

4.96

106

52.  Լուքսեմպուրկ

4.94

106

53.  Վենեզուելա

4.91

104

54.  Արժանթին

4.88

103

55.  Քոսթա Ռիքա

4.83

102

56.  Փանամա

4.8

101

57.  Լիթուանիա

4.76

101

58.  Սլովենիա

4.72

100

59.  Էսթոնիա

4.66

98

60.  Մաքաո

4.66

98

61.  Իսլանտա

4.51

97

62.  Վրաստան

4.3

96

63.  Հայաստան

4.29

94

64.  Մալթա

4.17

94

65.  Հիւսիսային Մակեդոնիա

4.11

94

66.  Մաւրիթիուս

4.02

89

67.  Տաճիկիստան

4.01

89

68.  Նամիպիա

4

88

69.  Քըրքըզիստան

3.96

87

70.  Նիքարակուա

3.93

86

71.  Նիժէր

3.77

86

72.  Մոլտովա

3.62

85

73.  Ճամայքա

3.58

80

74.  Սուրիա

3.57

80

75.  Քամպոտիա

3.52

78

76.  Զիմպապուէյ

3.49

78

77.  Լիբանան

3.46

77

78.  Պահրէյն

3.44

77

79.  Յորդանան

3.43

76

80.  Սրի Լանքա

3.29

76

81.  Միանմար

3.28

74

82.  Ատրպէյճան

3.25

74

83.  Անկոլա

3.18

69

84.  Թուրքմէնիստան

3.18

74

85.  Օման

3.13

69

86.  Քուէյթ

3.08

69

87.  Եթովպիա

3.06

69

88.  Մարոք

2.97

67

89.  Քաթար

2.93

67

90.  Ալճերիա

2.83

65

91.  Իրաք

2.77

64

92.  Ղազախստան

2.77

65

93.  Պանկլատէշ

2.75

62

94.  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

2.71

60

95.  Սէուտական Արաբիա

2.69

60

96.  Փաքիստան

2.6

60

97.  Պրունայ

2.59

60

98.  Աֆղանիստան

2.56

58

Ընթերցանութեան տրուած ժամանակը

  1. Միացեալ Նահանգներ. ամերիկացիները շաբաթական միջին հաշւուվ կը կարդան շուրջ 7 ժամ, տարին 357 ժամ:
  2. Հնդկաստան. շաբաթը մօտ 5 վայրկեան նուազ՝ տարին 352 ժամ:
  3. Մեծն Բրիտանիա՝ տարին 343 ժամ:
  4. Ֆրանսա. շաբաթը շուրջ 5 ժամ եւ 50 վայրկեան՝ տարին 305 ժամ:
  5. Իտալիա. շաբաթը 5 ժամ 20 վայրկեան՝ տարին 278 ժամ:

 

Երկիրներ, ուր ամենէն աւելի գիրք կը կարդան եւ գիրք կը գնեն

  1. Միացեալ Նահանգներ – 17 գիրք միջին հաշիւով:
  2. Հնդկաստան – 16 գիրք:
  3. Մեծն Բրիտանիա– 15 գիրք, գիրքերու վաճառքը հասած է 212 միլիոնի:
  4. Ֆրանսա – 14 գիրք:
  5. Իտալիա – 13 գիրք:

Ընթերցանութեան մեթոտներ

Մեծն Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գիրքերու ընթերցումը կը մնայ մեծաւ մասամբ տպագիր: Սակայն 2022-ի վիճակագրութիւնը մը կը նշէ, թէ շուրջ 9 տոկոսով, մարդիկ կարդացած են թուային (eBook) գիրք, իսկ 23%-ը՝ ոչինչ: Մնացեալները գրեթէ հաւասարապէս բաժնուած են միայն տպագիր եւ խառն մեթոտներով ընթերցանութեան միջեւ:

Ամենէն աւելի կարդացուած գիրքերը

  1. Աստուածաշունչ
  2. Սուրբ Քուրան
  3. Harry Potter-ի շարքը
  4. Գիտելիքներու ժողովածոյ – խօսքեր Մաո Ցէ Թունկէն
  5. Lord of the Rings շարքը

 

Արուեստագէտ Վահրամ Աղազարեան պտուտակները կը վերածէ գեղեցիկ թապլոներու

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի հիւրն է Վահրամ Աղազարեանը՝ ստրուեստագէտ մը, որուն աշխատանքները միաժամանակ կը զարմացնեն եւ կը հիացնեն՝ իրենց պարզութեամբ, բծախնդիր ճշգրտութեամբ եւ տեսողական ուժեղ բովանդակութեամբ։ Վահրամ կը պատրաստէ ապշեցուցիչ մոզայիքներ՝ գործածելով անսպասելի նիւթ մը՝ բազմատեսակ եւ բազմագոյն պողպատէ պտուտակներ («վիտաներ»): Լսե՛նք զինք:

Ինքնախաբէութեան Արուեստը (Յուշեր՝ համալսարանական կեանքէ)

Համալսարանի դասախօսներու գրասենեակներուն զուգահեռ նրբանցքին մէջ, ծանօթ-անծանօթ դէմքեր, բազմաձայն աղմուկ, դասապահերու ուշացած արագընթաց քայլեր, ու յանկարծ․․․ ժպիտ մը։ Յասմիկին ժպիտն էր, իր փայլուն աչքերուն մէջէն շողացող։

—Լի՛զա, դուն հո՞ս ես,— ըսաւ ան, երբ զիս տեսաւ Միսիս Ֆէյին գրասենեակը։

—Այո՛ Յասմիկ, կէս ժամէն ազատ կ՛ըլլամ եւ գաֆիթերիան կը տեսնուինք,— ըսի սերտ բարեկամուհիիս։

Ութսունական թուականներուն, խառնափնդոր սահմանագիծ մը Պէյրութը բաժնած էր Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու։  Անցման կէտը մտատանջութիւն եւ սարսափ կը յարուցէր անցորդներուն։ Սահմանագիծին բոլորտիքը՝ շատ մը արձակազէներ իրենց մարդ «որսալու» գործընթացին մէջ աշխոյժ էին։  Նշանաւոր եւ մեծ համալսարանները ընդհանրապէս արեւմտեան Պէյրութի մէջ կը գտնուէին, իսկ արեւելեան Պէյրութի կարգ մը շրջանները, յարաբերաբար, աւելի ապահով ըլլալով՝ շատ մը համալսարաններ, փոքր մասնաճիւղ մը հաստատած էին հոն։ Այդ օրերուն, ինծի համար ալ աւելի յարմարաւէտ էր արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող համալսարան մը յաճախել:

Փոքր էր մեր համալսարանը, սակայն զեղուն էր կեանքով ու եռանդով։ Կեանքի ամենահետաքրքրական շրջադարձերը յաճախ կը ծաւալին համալսարանի բակին մէջ։ Հոն է, երբ առաջին անգամ սորվեցանք ազատ մտածել, բանավիճիլ, ապագայի երազներով հմայուիլ, հաւանաբար սիրահարիլ․․․

Տարիները անցան, բայց այդ բակին ծառերը, գարնան արեւով ողողուած պատուհանները, որոնց ընդմէջէն հայացքդ կը թաւալի դէպի շողշողուն ապագայ․ ուսանողական անհոգ ծիծաղը, իւրաքանչիւր դասախօսի յատուկ արտայայտութիւնները տակաւին կ՛ապրին յիշողութեանս բոլոր անկիւններուն մէջ։

Մեր համալսարանի «համբաւ» վայելող դասախօսներէն մէկն էր Միսիս Ֆէյը․ միջին տարիքի, սրամիտ, աշակերտներուն հարցերը հոգածութեան առարկայ դարձուցած եւ բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած ոււսուցչուհի մը։ Ան երկու նիւթ դասաւանդած էր ինծի եւ գրեթէ լաւ ճանչցած էր զիս։ Համալսարանի թատրոնի խումբին մէջ ալ միասին աշխատակցած էինք։ Օր մըն ալ ըսաւ.

—Լի՛զա, ես ուսանողուհիի մը պէտքը ունիմ, որ իմ բացակայութեանս՝ գրասենեակիս գործերը ստանձնէ. հեռաձայնին պատասխանէ, ժամադրութիւններս դասաւորէ․․․ կրնա՞ս ազատ ժամերուդ ստանձնել այս պատասխանատուութիւնը։

Միսիս Ֆէյին խօսքերը, անկեղծ ըլլալու համար, փաղաքշական ազդեցութիւն մը ունեցան․ մտածեցի, թէ որքա՜ն վստահութիւն ունէր ինծի հանդէպ։ Առաւել՝ յարմար առիթ մըն էր ուսանողներուն եւ դասախօսներուն հետ յաւելեալ շփում ունենալու։

—Անշո՛ւշտ,— ըսի ուրախութեամբ եւ յաջորդ օրն իսկ ստանձնեցի իմ նոր «պաշտօնս»։

Երկու օր ետք, դէպք մը պատահեցաւ, այն օրը, երբ Յասմիկը զիս տեսած էր գրասենեակին մէջ։ Ուրեմն ուղղուինք դէպի գաֆիթերիա, հանդիպելու Յասմիկին։

Գաֆիթերիան՝ համալսարանին ամենէն խճողուած վայրն էր։ Այլազան ու ախորժաբեր ճաշի բոյրերը եւ մտերմիկ զրոյցները, ջերմ մթնոլորտ մը կը ստեղծէին եւ կարծես «ներս հրաւիրելու» ներգործութիւն մը ունէին ուսանողներուն վրայ։ Վիգէնն ու Նելլին գլուխ գլխի տուած կը խօսակցէին։ Քիչ մը անդին, Սահարը, Ռուլան եւ Սամիրը նիւթի մը շուրջ կը ծիծաղէին։ Յասմիկին պատմեցի, թէ երկու օրէ սկսած եմ աշխատիլ Միսիս Ֆէյին գրասենեակը եւ թէ այդ օրը անհաճոյ դէպք մը տրամադրութիւնս փոխած էր։

Ուսանող մը, որուն հարեւանցի կը ճանչնայի եւ որուն անունն իսկ չեմ յիշեր, գրասենեակէն ներս մտաւ եւ քիչ մը կմկմալէ ետք ըսաւ։

—ըսելիք մը ունիմ, բայց խօսքը մեր մէջ․․․

—Այո,— ըսի։

—Ես Միսիս Ֆէյին դասաւանդած մէկ նիւթի գրաւորին շատ ցած նիշ մը առած եմ․ կարծեմ պիտի ձախողիմ այդ նիւթին մէջ եւ առաւել ընդհանուր միջինս վայրէջք պիտի կատարէ։ Կրնա՞մ ուսուցչուհիին նիշի տետրակին մէջ նիշս փոխել։

Այլայլեցայ անոր ըսածին վրայ, ապա պահ մը ինքզինքս շտկելով՝\

—Երբե՛ք,— ըսի ջղայնացած։

Նախապէս նիշերը ձեռագիր կը գրուէին․ իսկ Միսիս Ֆէյին նիշերու տետրակը միշտ իր գրասեղանին վրայ էր։ Այդ երկու աշխատանքային օրերու ընթացքին, ես ինքզինքիս թոյլ չէի տուած նոյնիսկ բանալու այդ տետրակը։

—խօսքը մեր մէջ թող մնայ, բայց իրապէս պիտի ձախողիմ,— ըսաւ։

Միսիս Ֆէյը ինծի վստահած է իր գրասենեակը․ Ինչպէ՞ս կրնամ զինք խաբել․․․անկարելի է․․․աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ յաջորդին դասերդ պէտք եղածին պէս պատրաստես,—ըսի։

Քանի մը անգամ նոյն յանկերգ կրկնելէ ետք, նկատեց թէ ես հաստատ եմ իմ որոշումիս վրայ, քիչ մը տատամսեցաւ եւ ապա ճարահատ հեռացաւ։

—Անհաւատալի՛ է,— ըսաւ Յասմիկը։

—ի՜նչ ուսանողներ կան,—ըսի,—որոնք նուազագոյն արժանապատուութիւնն իսկ չունին։

Յաջորդ օրը, երբ Միսիս Ֆէյը գրասենեակ վերադարձաւ, բան չըսի պատահարին մասին․ չուզեցի խնդիրը աւելի կնճռոտել։ Վստահ էի, թէ հարց պիտի տար, թէ ո՞վ է այդ ուսանողը  եւ թէ այդ դէպքը ի՜նչ բացասական անդրադարձեր պիտի ունենար։

Համալսարանը քեզի կը նախապատրաստէ «իրական» կեանքի։ Կը ձեւաւորէ մտածողութիւնդ, պատասխանատուութիւնդ եւ աշխարհայեացքդ։ Սակայն կը հանդիպիս տարբեր նպատակով համալսարան յաճախող ուսանողներու։ Շատեր լուրջ հետեւողներ են համալսարանի ծրագիրին  եւ մտադրած են փայլուն ապագայ մը կերտել։ Ոմանք վստահ չեն, թէ ինչու համալսարան կը յաճախեն, իսկ ուրիշներ ինքնախաբէութեան մը զոհն են։

Այսօր որքա՜ն ինքնախաբէութիւն կայ մեր շուրջը։ Մարդ ինչո՞ւ կը խաբէ․ Ինչ որ կը համընկի իր ցանկացածին, այդ կ՛ընտրէ, նոյնիսկ եթէ իրականութիւնը հակառակն է։ Կ՛աղաւաղէ ճշմարտութիւնը՝ յաղթահարելու իր վախերը, անապահովութեան կամ կեանքի դաժան իրողութիւնները։ Որքան ալ ինքնախաբէութիւնը ժամանակաւոր հանգստութիւն տայ, անոր կուտակումը կրնայ խորացնել ներքին բաժանումը մեր իսկ «եսին» հետ։ Երբ մարդ կը հաւատայ իր սուտին, այդ սուտը կ՛ընդունի ճշմարտութեան դիմակով, կը դառնայ ամենավտանգաւոր խաբեբան։ Հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար, մարդ իրականութիւնը կը խեղաթիւրէ։

Այս տեսակ անձեր կարողութիւնը չունին իրականութիւնը եւ անոր անդրադարձերը ընդունելու, որովհետեւ իրականութիւնը կը հակասէ իրենց ակնկալիքներուն․․․։ Ինքնախաբէութիւնը՝ «լաւ» զգալու միջոց մըն է, բայց երանի՜ գիտնան, թէ որքա՜ն սուղ պիտի վճարեն սուտին հետեւանքները կրելով․․․

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

 

 

 

 

TikTok-էն տաճար վերադառնալու ժամանակն է

Այս արագափոխոխ եւ աղմկալից ժամանակներուն, երբ մարդը կը խեղդուի իմաստի բացակայութեան մէջ, կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, իսկ հոգին կը մնայ կարօտ մխիթարութեան, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ սկսած է նկատուիլ անակնկալ երեւոյթ մը։ Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, նոր սերունդ մը՝ ժամանակակից աշխարհի դատարկութենէն յոգնած, սկսած է դառնալ դէպի այն, ինչ մոռցուած կը համարուէր՝ աւանդական եկեղեցին։ Աւանդութեան մէջ անոնք կը վերագտնեն կորուսեալ խաղաղութիւն մը եւ նորոգեալ մօտեցում կը ցուցաբերեն Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդին, հոգեւոր ներհայեցող եւ ինքնամփոփ կարգապահութեան ու սրբութեան։

Catholic Herald-ի մէջ հրապարակուած յօդուած մը կը նշէ. «Ոչ միայն գոթական տաճարներու կամ լատին պատարագի փակ շրջանակներու մէջ, այլեւ երիտասարդ ամերիկացիներու սրտերուն մէջ, որոնք, մշակութային բոլոր հոսանքներուն հակառակ, հոսանքն ի վեր կը թիավարեն դէպի Կաթողիկէութիւն։ Այս երեւոյթը տարակուսանքի կը մատնէ թէ՛ աշխարհիկ վերնախաւերը, եւ թէ՛ ազատամիտ բողոքականները։ Ինչպէ՞ս կարելի է, քայքայումի եւ թուային ոչնչապաշտութեան (nihilism) այս դարաշրջանին, կարգ ու կանոնի, ծէսի եւ խոստովանութեան Եկեղեցին ընկալել՝ իբրեւ «գրաւիչ» (cool)»։

Այս սերունդը, որ ժառանգած է ոչ թէ իմաստ, այլ ալկորիթմեր՝ նախատեսուած գուշակելու նոր սերունդին քայլերը` առանց ըմբռնելու անոր հոգիին խորութիւնը, այսօր կ’ապրի հոգեւոր սովի մէջ։ Ազնուութեան, աղօթքի եւ խորհրդաւոր լռութեան փոխարէն, անոնց տրուած է անզգայացնող «TikTok-բուժում» մը՝ աւելի բթացնող քան մխիթարող։ Եւ երբ հոգածութեան անունով կը վաճառուին «ինքնասիրութեան» մեթոտներ՝ փափուկ բառերով եւ մշուշոտ խոստումներով, շատերու մէջ ծնունդ կ’առնէ խոր եւ անբացատրելի պակաս մը, ներքին բաւարարութեան մը փնտռտուքը, զոր ո՛չ մէկ պայծառ էքրան կրնայ լեցնել։

Թուային աշխարհը այսօր վերածուած է միջոցի մը, որ անցած է մարդկային բարոյականութեան սահմանները, ուր ատելութիւն, բամբասանք, հայհոյանք, մակերեսայնութիւն եւ կեղծիք ոչ միայն նսեմացուցած են մարդուն բարոյական գիտակցութիւնը, այլ նաեւ աղաւաղած մարդկային էութիւնը: Այս աշխարհին շլացուցիչ գրաւչութիւնը մեզ սորվեցուցած է բաւարարուիլ մակերեսային գեղեցկութեամբ, արուեստական բաւարարուածութեամբ եւ անցողիկ զգացումներով, որոնք կու գան ու կ՚անհետանան կայծակնային արագութեամբ։ Բայց այս փայլքը ժամանակաւոր կրկներեւոյթ (mirage) մըն է։ Այսօրուայ մարդը՝ մանաւանդ երիտասարդը, զգայուն է այս դատարկութեան ճշմարտութեան նկատմամբ։ Ան կը զգայ, որ հոգին սոված է, արմատները՝ կտրուած։ Ու այսպէս, ի վերջոյ, ինչ որ կը փնտռէ՝ զուարճանք կամ վայրկենական հաճոյք չէ, այլ իմաստ մը, որ չի խամրիր։

Եւ ահա հոս կը սկսի բացուիլ ուղի մը՝ ոչ դէպի նորութիւն, այլ դէպի մոռցուած արմատները. դէպի աւանդութիւն, դէպի հաւատք, դէպի այն հոգեւոր ժառանգութիւնը, որ տարիներ շարունակ լոյսը պահած էր լռութեան մէջ։ Թուային աշխարհը, որ ժամանակ մը հաւատքը փոխարինելու մեծխօսիկ յաւակնութիւնը ունէր, այսօր ինք կը բացայայտէ իր ամլութիւնը՝ փայլուն կեղեւ մը առանց հոգիի։ Թուային աշխարհը չի ճանչնար լռութեան խորութիւնը, եւ չի կրնար տալ այն մխիթարութիւնը, որ միայն հաւատքին խորքէն կը բխի։

Ժամանակն է, որ Եկեղեցին վերադառնայ իր իսկական կոչումին, ոչ որպէս կառոյց, այլ որպէս բաբախող սիրտ։

Ինչպէս Եղիշէ Արքեպս. Դուրեան, պատրիարք Կոստանդնուպոլսոյ (1909-1911) եւ ապա Երուսաղէմի (1921-1930), ըսած է՝ «[Եկեղեցին] զոր ո՛չ փայտակերտ աղօթարանի եւ ո՛չ քարաշէն տաճարի նիւթական նշանակութեամբ կ’իմանանք, այլ կ’ըմբռնենք մա՛նաւանդ այն եկեղեցին՝ որ «սեպհական ժողովուրդ» կը թարգմանուի:»

Մարդը որքա՜ն կարիքը ունի հոգեղէն մաքրումի, յոյսի եւ լոյսի՝ բաներ, որոնք այսօրուան քաղաքական ժխորին մէջ, աշխարհը չի կրնար տալ այլեւս։ Այս օրերուն, երբ կարծէք մեզի հասած աշխարհը կը կքի իր իսկ ստեղծած հիմքերուն տակ, Եկեղեցին կոչուած է վերազարթնելու՝ ոչ որպէս անցեալի շքեղ յուշարձան, այլ որպէս ներկայի կենդանի աղբիւր։ Աղբիւր մը, որուն ջուրերէն կը հոսին սէր եւ ճշմարտութիւն։ Աղբիւր, ուր Աստուած կը սպասէ հայրական հոգատարութեամբ։ Եւ երբ երիտասարդը կը տեսնէ, թէ այս լոյսը դեռ չէ մարած, չի մօտենար որպէս ճամբորդ ու զբօսաշրջիկ, այլ որպէս զաւակ, որ երկար թափառումէ ետք իր տունը կը վերադառնայ։

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Օդաչու Էտուարտ Պօղոսեան եւ կինը՝ ձեւագիտուհի Լուսին. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը

Օդաչու Էտուարտ Պօղոսեան՝ 28 տարիներու փորձառութեամբ, Air Arabia օդանաւային ընկերութեան միանալէ ետք, իր կնոջը՝ ձեւագէտ (տիզայնըր) Լուսինին եւ իր երկու դուստրերուն հետ կը բնակի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ սկիզբը Շարժա, ապա Ապու Տապի:  «Ամուսինս Էտուարտ Պօղոսեան Air Arabia-ի օդանաւորդ է, Մարինան` Air Arabia-ի օգնական օդանաւորդ»:  Էտուարտին հայրը նոյնպէս օդանաւորդ եղած է, այժմ թոշակառու»,  կը պատմէ Լուսին Պօղոսեան:   

 «2006-ին, երբ ամուսինս օդաչու Էտուարտը աշխատանք ստացաւ Air Arabia-ի կողմէ, մենք տեղափոխուեցանք Շարժայ: 2024-ին, ամուսնոյս Air Arabia-ի գործի տեղափոխման պատճառով, մենք ներկայիս կը բնակինք Ապու Տապի», կը պատմէ Լուսին Պօղոսեան :  

«Մենք ունինք երկու դուստր՝ Մարինա եւ Էվելինա: Մարինան ծնած է Երեւան, 2001-ին, Էվելինա ծնած է 2007-ին, Շարժա: Երկուքն ալ յաճախած են Շարժայի հայկական դպրոցը, մօտաւորապէս երեք տարի, 2007-2011: Երկուքն ալ ուսանած են Շարժայի «Victoria International School of Sharjah» դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ, Մարինան յաճախած է Air Arabia Academy: 2024-էն ի վեր, Էվելինան հոգեբանութիւն կ’ուսանի Շարժայի American University-ի մէջ», կը յայտնէ Լուսին:  

Էտուարտ եւ Լուսին ծնած են Երեւան: Լուսինի մօրենական եւ հօրենական կողմը եղած են բժիշկներ: Մայրը եղած է Նախիջեւանէն, իսկ հայրը  Բանանց  գիւղէն[1]:  Լուսինին մայրը ատամնաբոյժ է, իսկ հայրը՝ հոգեբոյժ:

Էտուարտի հօրենական կողմը եղած է Վանէն:  Էտուարտին հայրը այսօր արդէն 80 տարեկան է, իր կեանքին 45 տարիներուն եղած է օդանաւորդ եւ ապրած է տարբեր երկիրներ՝ Պարսկաստան, Ափրիկէ եւ այլն:

Լուսին ծնած է 15 սեպտեմբեր 1980-ին: Ան 1997 – 2001 տարիներուն յաճախած եւ աւարտած է Երեանի «Գեղեցիկ արուեստներու ազգային ակադեմիոյ»[2]  հագուստի ձեւագիտութեան (design) բաժանմունքը:

«Տարբերակ21 հանդէսին մէջ գրած էիք Թամարա Յովհաննիսեանի[3] մասին, եւ ես նշեմ որ Թամարային թոռնիկը՝ Նարեկը եւ դուստրս Մարինան եղած են Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանի նոյն դասարանի աշակերտներ», կ’ըսէ Լուսին Պօղոսեան: 

 «Օ՜հ, ի՜նչ զուգադիպութիւն է այս…իրաւ որ, ո՜ւրկէ ուր, պիտի ըսէի…»: Շաքէ Մանկասարեան

Զոյգը բարձր կը գնահատէ տեղւոյն հայ համայնքին մէջ եկեղեցիներու արարողութիւններն ու քարոզները, միօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը եւ  մշակութային ձեռնարկները։ «Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած օրէն ի վեր, մենք միշտ կը ջանանք ներկայ գտնուիլ եկեղեցական տօնական արարարողութիւններուն՝ սուրբծննդեան, Ծաղկազարդ, Ս. Զատիկ, Խաղողօրհնէք», կը շարունակէ Լուսին: «Վերջերս, 3 Մայիս 2025-ին, գտնուեցայ Ապու Տապիի «Հայկական գեղեցկութեան օր» ձեռնարկին, զոր կազմակերպած էր Ազգային Արա Խանոյեան միօրեայ դպրոցի հոգաբարձութիւնը Yas island AMARA ճաշարանին մէջ», կ’աւելցնէ ան:

Առ ի տեղեկութիւն

ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼԻՐՐԻ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ

1995-ին, Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եւ 1998-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իրենց պաշտօնական այցելութիւններուն ընթացքին, խնդրած էին այդ օրուան նախագահ՝ Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Զայետ Պըն Սուլթան Ալ Նահեանէն հողամաս մը, որ Ապու Տապիի Հայ Համայնքը կարենայ իր եկեղեցին կառուցել:  Վերոյիշեալ դիմումներուն շնորհիւ  ու որպէս համայնքին համար եղած անմիջական աջակցութիւն, 1998-ին, երկրին նախագահը Ապու Տապիի հայ համայնքին նուիրեց 100.000 ամերիկեան տոլար եւ միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային ընթացք կը տրուի նաեւ հողաշերտի մը գծով Վեհափառ Հայրապետներուն ներկայացուցած խնդրանքին: Տրուած խոստումին համաձայն, 2006-ին, երկրի գահաժառանգին մասնաւոր հրամանագրովը, «Մուսաֆահ» կոչուող շրջանին մէջ, Ապու Տապիի հայ համայնքին նուիրուեցաւ 2475 Ք. Մ. հողամաս մը: Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց համալիրը կ’ընդգրկէ Ապու Տապիի  «Արա Խանոյեան» ազգային միօրեայ վարժարանը: 12 դեկտեմբեր 2014-ին,  Արամ Ա.  Կաթողիկոս կը կատարէ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը: Շաբաթ, 4 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 4-ին, Ապու Տապիի նորակառոյց Արա Խանոյեան Ազգային վարժարանի Սուրէն Գոժագեան սրահին մէջ կատարուեցաւ ամավերջի հանդէսը [4]:

[1] Գիւղի անուան ծագումը ստուգաբանուած է, որպէս «բանանոց», այսինքն՝ «աշխատելու վայր:  Առնուազն մ.թ.ա. 4-3-րդ հազարամեակներէն մինչեւ գրեթէ վերջին բռնագաղթը Բանանցը մշտապես եղած է ողջ երկրամասի առաւել մարդաշատ բնակավայրերէն մէկը։  27 յուլիս 1989-ին,  Բանանց գիւղի վերջին բնակիչները ենթարկուեցան  բռնագաղթի, եւ հազարամեակներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ Բանանց գիւղիւն մէջ  մարեցաւ հայ կեանքը։ Բռնագաղթի ենթարկուած բանանցեցիները գլխաւորապէս բնակութիւն հաստատեցին ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիսի եւ Սիւնիքի մարզի Մեղրիի ենթաշրջանները, Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքի եւ շարք մը այլ բնակավայրերու մէջ։wikipedia

[2] «Երեւանի Գեղեցիկ Արուեստների Ազգային Ակադեմիա»: Հասցէ՝ Երեւանի Արաբկիր համայնք, Յակոբ Յակոբեան 3: https://usum.am/news/er_ani_geghecik_arvestneri_azgayin_akademia/2017-09-05-55

[3]  Թամարա Յովհաննիսեան. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը:  Շաքէ Մանկասարեան, 23 ապրիլ 2025, Տարբերակ21, https://wp.me/pd909i-mnS

[4]  Պատմական ակնարկ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի շինութեան, www.Emahay.com  https://tinyurl.com/2es4k5uw

Զրոյց Նոպէլեան մրցանակակիր Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեանի հետ

Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեան 19 մայիս 2025-ին հիւրընկալուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ՝ հանրային յատուկ հանդիպումի մը համար: Փաթափութեանի հետ հանրային զրոյցը վարեց փորթուկալցի գիտական լրագրող Սառա Սան՝ հանդիսատեսին եզակի հնարաւորութիւն տալով ծանօթանալու դոկտոր Փաթափութեանի անձնական եւ ակադեմական ուղիին՝ Պէյրութէն մինչեւ Քալիֆորնիա, ու անոր գիտական նուաճումներուն, որ յանգեցաւ 2021 Բնախօսութեան եւ Բժշկագիտութեան Նոպէլեան Մրցանակի տիրացումին:

Լիբանան ծնած ամերիկահայ Քալիֆորնիաբնակ առաջատար միջազգային գիտնականը առաջին անգամ կապ հաստատած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան որպէս ուսանող 1985-ին՝ կրթաթոշակ ստանալով Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքէն։ Կրթանպաստին շնորհիւ, ան իր համալսարանական ուսումը սկսաւ հանրայայտ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Այդ առաջին քայլը՝ կրթաթոշակի ձեռագիր դիմումնագիրով, մեկնարկեց ուղի մը, որ զինք տարաւ տարբեր ցամաքամասեր եւ վերափոխեց հանրութեան պատկերացումները մարդուն զգայական համակարգին մասին:
Արտեմ Փաթափութեան խօսեցաւ իր կեանքին եւ գիտական հետազօտութիւններուն մասին՝ անդրադառնալով նաեւ տեղահանութեան ու վերափոխումի մարտահրաւէրներուն: Անոր կեանքի պատմութիւնը դիմադրողականութեան, հետաքրքրասիրութեան եւ համայնքային կայուն կապերու պատմութիւն մըն է՝ Լիբանանի մէջ հայկական դպրոց յաճախելէն մինչեւ քաղաքացիական պատերազմը, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ UCLA-ի եւ Caltech-ի իր անցած ակադեմական ուղին:
Նոպէլեան մրցանակի արժանացած անոր հետազօտութիւնները կը կեդրոնանան ջերմաստիճան եւ հպում զգացող կենսաբանական ընկալիչներու վրայ: Այս յայտնագործութիւնները լայնածաւալ հետեւանքներ ունին ջղաբանութեան եւ բժշկութեան համար՝ լուսաբանելով թէ մեր մարմինները ինչպէ՛ս կը փոխազդեն ֆիզիքական աշխարհին: Դոկտոր Փաթափութեան ներկայիս ջղաբանութեան դասախօս է Scripps Research հիմնարկին մէջ, եւ հիմնական հետազօտող՝ Howard Hughes Medical Institute-ի մէջ. երկուքն էլ համաշխարհային ճանաչում ունեցող կենսաբանութեան հետազօտական կեդրոններ են:

Լիզպոն այցին ժամանակ, Դոկտոր Փաթափութեան հանդիպեցաւ նաեւ Հիմնարկութեան նախագահ՝ Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժոյին եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի այլ անդամներու հետ: Ան այցելեց Կիւլպէնկեան թանգարանի ցուցահանդէսները, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակակից արուեստի թանգարանը: Յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ գիտութեան ոլորտի ներկայ կրթաթոշակառուներու եւ Փորթուկալի հայ համայնքի որոշ անդամներու հետ: Արտեմ Փաթափութեան կը ներկայացնէ հայկական Սփիւռքի փորձառութեան լաւագոյն օրինակներէն՝ ցեղասպանութենէն վերապրածներու թոռ, որ կը դիմագրաւէ ինքնութեան մարտահրաւէրներ ու արհաւիրքներ, եւ բարձրագոյն մակարդակով կը նպաստէ համաշխարհային գիտելիքին։

Հարցազրուցավար Սառա Սան հանրային զրոյցը հարստացուց գիտական լրատուութեան իր խոր փորձառութեամբ։ Անոր մտածուած եւ դիպուկ հարցումները օգնեցին կենդանացնելու գիտնականին կեանքի պատմութիւնը՝ լուսաբանելով անոր նուաճումները, աշխարհահայեացքը, հիւմորը եւ համեստութիւնը։
Այս միջոցառումները ոչ միայն գիտական եւ ակադեմական գերազանցութեան անդրադարձ էին, այլեւ վառ օրինակներ՝ բարձրագոյն կրթութեան ընծայած հնարաւորութիւններու երկարաժամկէտ դրական ներգործութեան։ Դոկտոր Փաթափութեան հայազգի երկու Նոպէլեան մրցանակակիրներէն մէկն է, որոնք 1980-ականներուն Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքէն կրթաթոշակ ստացած են։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը շարունակէ բարձրագոյն կրթութեան կրթաթոշակներ տրամադրել՝ օգնելով հազարաւոր ուսանողներու եւ հետազօտողներու։ Ամեն տարի Բաժանմունքը մինչեւ մէկ միլիոն Եւրօ արժողութեամբ կրթաթոշակ կը տրամադրէ։

Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան Լիզպոն այցելեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան եւ Շամպալիմօ հիմնադրամի համատեղ հրաւէրով. Շամպալիմոյի մէջ Փաթափութեան ելոյթ ունեցաւ մայիսի 20-ին՝ աւելի մանրամասն բացատրելով իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները եւ անոնց արդիականութիւնը բժշկական աշխարհին համար։

Քաղուածաբար՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի կայքէջէն՝ https://bit.ly/3HvZPel