Վերջին տարիներուն՝ յատկապէս 2020-ի պարտութենէն եւ 2023-ի Արցախի հայաթափումէն յետոյ նկատելիօրէն թափ ստացած ազգային ինքնութեան մասին զրոյցները որքա՛ն կարեւոր, այնքա՛ն ալ խաբէական եւ մոլորեցնող են: Յատկանշական է, որ Հայաստանի մէջ, 1991-էն սկսեալ մինչեւ այսօր քաղաքական բոլոր ղեկավարները՝ իշխանութեան գալով, ազգային ինքնութեան սեփական մոտելը առաջ քշած են: Այդ բոլոր մոտելներն ալ կիսատ մնացած են եւ ազգային ինքնութեան թեման քաղաքական ձեւաւորման թերութիւններու հետեւանքով աւելի գորշացած ու անհասկնալի դարձած է: Ազգային ինքնութեան մասին յետ«2020-եան» զրոյցներու հիմնական առանցքը Արցախն է: Այսօր, երբ Արցախը փաստացիօրէն մերը չէ եւ առհասարակ հարց է, թէ մօտ կամ հեռու ապագային արդեօք պիտի կարենա՞նք բաւարար չափով միջոցներ ունենալ Արցախը վերադարձնելու համար, հարց կը յառաջանայ նաեւ, թէ յատկապէս Արցախի նկատմամբ մեր վերաբերմունքը որքանո՞վ կ’ազդէ հայ ազգային ինքնութեան ընկալման ու փոփոխութեան վրայ:
Ծանօթ է, որ ազգային ինքնութիւն ըսուածը շարժումի մէջ գտնուող եւ անընդմէջ փոփոխուող երեւոյթ մըն է: Ան կը մեծնայ ու կը փոքրանայ, կը զարգանայ եւ կը տկարանայ ու կը խաթարուի: Ազգային ինքնութեան վրայ նաեւ մեծապէս կ’ազդեն քաղաքական գործընթացները, որոնք կրնան չըլլալ ազգային ինքնութեան էական հիմնաքար մը, բայց իրենց թափով ու ծաւալով կրնան դառնալ այդ նոյն ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը խթանող կամ խաթարող երեւոյթ մը: Այս առումով, վառ օրինակ կը հանդիսանայ Արցախը, 1988-ի շարժումը եւ անկէ յետոյ ծաւալուած իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը հայկական ազգային ինքնութեան գիտակցութեան վրայ:
Յատկապէս աւագ սերունդի բազմաթիւ ներկայացուցիչներու հետ կատարուած հարցազրոյցները ցոյց կու տան, որ մինչեւ 1988, այսինքն Արցախեան շարժման սկիզբը, Սումկայիթի եւ այլ վայրերու հայերու ջարդերը, օրինակ 1978, 1981, 1984 կամ աւելի առաջ, բացառելով չնչին փոքրամասնութիւնը՝ այսինքն այն ազգային բարձր գիտակցութիւն ունեցողները, որոնք ձեռնարկեցին այլախոհական շարժումը կամ միշտ պահեցին ազգային ինքնագիտակցութիւնը, ժողովուրդին մեծ մասը, առնուազն նշուած ժամանակներուն, Արցախի մասին չունէր այն գիտակցումն ու ընկալումը, որ ունեցաւ 88-ի շարժման ընթացքին եւ անկէ յետոյ: Այս լրիւ բնական, Խորհրդային միութեան ազգային քաղաքականութենէն բխող երեւոյթ մըն էր էր: Խորհրդային ազգային քաղաքականութեան հետեւանքներէն էր նաեւ Նախիջեւանի լուռ եւ աննկատ հայաթափումը, որ կարծես անտես մնաց, քանի ոչ թէ կատարուեցաւ պատերազմով ու քանի մը ամսուան, այլ տարիներու ընթացքին, գիւղ առ գիւղ հայաթափումով:
Բնական է, որ մինչեւ Շարժումը, Արցախը հայութեան համար չունէր այն նշանակութիւնը, ինչ որ նախապէս, եւ բնական է, որ 88-էն յետոյ Արցախը դարձաւ հայկական ինքնութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ մը: Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթական աւարտը ցնցող նշանակութիւն ունեցաւ ազգային ինքնագիտակցութեան համար: Արցախը պարզապէս հողակտոր մը չէր, այլ ազգային միասնութեան խորհրդանշական օրինակ մը, ընդ որում իր արդիւնաւէտութիւնն ապացուցած օրինակ մը: Արցախը ոչ թէ Արեւմտեան Հայաստան էր, որուն մասին դեռ պիտի շարունակենք երազել, այլ ազատագրուած ու յաղթական օրինակ մը եւ Արցախեան Շարժումը շատ մեծ նշանակութիւն ունէր իր հոգեւոր-փիլիսոփայական իմաստով:
Ազգային ինքնութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցած խորհրդային տարիներու երեւոյթներէն մէկն ալ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցումն էր: Ի հարկէ Խորհրդային ղեկավարութիւնը առանձնապէս չէր հետաքրքրուած հայ ժողովուրդին պատահած այդ ոճիրով եւ ոչ ալ ցանկութիւն ունէր պատմական արդարութիւն վերականգնելու, եւ յուշահամալիրին կառուցումը խորհրդային գործիքներէն մէկն էր, որով ան կը պատասխանէր 1952-ին Թուրքիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան: Մինչեւ յուշահամալիրին կառուցումը, Ապրիլի 24-ի խորհրդանշական օրը գոյութիւն չունէր Խորհրդային միութեան մէջ: Բայց անկէ ետք, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրութեան աշխուժացում մը Առաջին Հանրապետութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան թեմաներու առնչութեամբ: Խորհրդային Միութեան տնտեսական ողբալի քաղաքականութեամբ պայմանաւորուած դժգոհութիւններու պայմաններուն մէջ, Մոսկուայի ազգային քաղաքականութեան դրսեւորումներէն մէկը հայերն ու ատրպէյճանցիները իրարու դէմ լարելու քայլն էր, որուն պատճառով նախ երկու հանրապետութիւններուն մէջ ազգային շարժում բորբոքեցաւ, իսկ յետոյ ալ որպէս պայթուցիկ ռումբ օգտագործուեցաւ Արցախը կամ ԼՂԻՄ-ի հարցը:
Այսպէս թէ այնպէս, դէպքերը այնպիսի ընթացք ունեցան, որ արդէն 1994-95, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կրնար արձանագրել Արցախի փառայեղ յաղթանակը եւ այդ յաղթանակէն ոգեւորուած՝ իր հայեացքը դարձնել դէպի Արեւմտեան Հայաստան՝ Սեւրի դաշնագիր: Այդ տրամաբանութիւնը լրիւ բնական էր: Ինչպէս որ Արցախը հայոց հողին ու հայութեան մէկ մասն էր, այնպէս ալ Արեւմտեան Հայաստանը ու առհասարակ մէկ եւ ամբողջական ազգ ու մէկ միասնական հայրենիքի գաղափարը: Կրնանք ըսել, որ Արեւմտեան Հայաստանի հանդէպ հետաքրքրութիւնը Արեւելեան Հայաստանին մէջ, Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հարցի օրակարգ մտցնելը մեծ չափով պայմանաւորուած էր յաղթական Արցախով, որ, ինչպէս նշեցինք, դարձաւ հայ ինքնութեան համար շատ կարեւոր ու անփոխարինելի բան մը: Արցախի յաղթանակը նաեւ ունեցաւ մէկ այլ շատ կարեւոր նշանակութիւն: Ան միացուց արեւմտահայ ու արեւելահայ բնակչութիւնը: Տասնամեակներով իրար խորթացած ու լեզուէն մինչեւ կենցաղ տարբերութիւններ ունեցող, յաճախ զիրար ծաղրող ու զիրար չհանդուրժող արեւելահայն ու արեւմտահայը իրարու գտան նաեւ Արցախի պատերազմի օրերուն: Արցախի յաղթանակը շատ առումներով ամրացուց այս երկու հայերը՝ ցոյց տալով, որ միանալու համար աւելի հիմնական պատճառներ կան, քան բաժնուելու: Արցախը երկուքին համար ալ Հայաստան էր ու հայրենիք: Եթէ արեւմտահայուն համար Լոռին զգալու եւ շնչելու հայրենիք չէր ու ոչ ալ լոռեցի գիւղացին կը մղկտար Խարբերդի կամ Էրզրումի համար, ապա Արցախը տեսան ու զգացին բոլորը, Արցախի համար կռուեցան երկուքն ալ ու Արցախը դարձաւ ազգային միասնականութեան ու ազգային վերածնունդի անքա՛ն կարեւոր երեւոյթ մը:
Հետագայ տարիները սակայն լեցուն էին ներքին ու արտաքին քաղաքական ձախողութիւններով, ընկերային անտանելի լարուածութեամբ, քրէա-օլիկարքային տրամաբանութեամբ լեցուած առօրեայով ու այդ բոլոր պայմաններուն մէջ, նաեւ աղօտացաւ Արցախի նշանակութիւնը: Անշարժութեան մատնուեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հարցը: Տասնամեակներով ընկերային լարուածութեան մէջ գտնուող միլիոնէ աւելի մարդու արտագաղթն ու մնացեալ չարիքները բացասաբար անդրադարձան հասարակութեան տրամաբանութեան վրայ: 2020-ի պարտութիւնը սառեցնող ազդեցութիւն ունեցաւ մեր բոլորին վրայ: Արցախը, որ ոչ միայն հայոց հայրենիքի անբաժանելի մասն էր եղած, ոչ միայն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ամբողջովին հայաթափուեցաւ, այլեւ ունեցաւ շատ ծանր ազդեցութիւն հայութեան օրակարգին վրայ դրուած միւս խնդիրներուն ընկալման վրայ: Արցախի պարտութենէն յետոյ շատերն այլեւս չեն հաւատար կամ այն հաւատքը չունին Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հարցով, ինչպէս որ ունէին 2020-էն առաջ:
Բայց մենք ոչ մէկ պարագայի եւ ոչ մէկ ձեւով պէտք է մէկ կողմ դնենք Արցախի հարցը: Բայց ան ոչ թէ պարզապէս դարձնենք վրէժխնդրութիւն, այլ հասկնանք, որ Արցախը մեզի համար պարզապէս հող չէ, այլ ազգային միութեան որոշակի կանչ: Արցախը ինչ որ չափով միաւորած էր աշխարհի հայերը, Արցախի յաղթանակը յոյս արթնցուցած էր Արեւմտեան Հայաստանի առումով, թէկուզ եւ ոչ մօտիկ ապագային տեսանելի: Բայց Արցախի յաղթանակէն յետոյ տասնեակ եթէ ոչ հարիւր հազարաւոր հայեր աւելի շատ սկսան կարդալ հայոց պատմութիւն, Ցեղասպանութեան ու մեր պայքարի մասին, Հայոց Հայրենիքի կորսուած հատուածին ու հայոց յիշողութեան մասին: Խորհրդային օրով արդէն «սովետական քաղաքացի» դարձած հայը նոյնիքն Արցախի միջոցով ու շնորհիւ մէկ կողմ նետեց ուծացուող ազգային տրամադրութիւնը, Արցախի շնորհիւ ան վերստին յիշեց այն բոլորը, ինչը ամէն ձեւով կը փորձէր մոռացութեան տալ Խորհրդային ղեկավարութիւնը:
Այսօր մենք չենք կրնար հրաժարիլ Արցախէն: Այս չի նշանակեր նոյնիսկ վաղը երթալ ու պատերազմ յայտարարել: Այս կը նշանակէ առնուազն գաղափարը միշտ թարմ պահել, մաքուր ու անսասան: Արցախով եղաւ յիշողութեան մաքրումը դէպի Հայաստան, ու Արցախի մոռացումով կրնայ փակուիլ այդ յիշողութիւնը: Արցախի պարտութիւնը ազգային ինքնագիտակցական մեծ պարտութիւն կրնայ դառնալ, եթէ զինուորական պարտութենէն յետոյ մենք մոռնանք ու պարտուինք նաեւ գաղափարապէս:
Արցախը այսօր մերը չէ, բայց ան պէտք չէ նաեւ ջնջուի մեր գաղափարէն: Հողը միշտ կարելի է նուաճել, իսկ գաղափարի ծնունդը երբեմն դարեր կը տեւէ:

