Լենա Պօղոսեան

Ծովու մակերեսէն շուրջ 1500 մեթր բարձրութեան վրայ, Լիբանանի հիւսիւսային կողմը, Մաքմէլ լեռան լանջերուն 6 Սեպտեմբերի առաւօտուն կը ծածանէին երկու դրօշ կողք-կողքի. լիբանանի՝ կարմիր, ճերմակ, կանաչն ու Հայաստանի՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյնը: Զղարթայի բարձրավանդակը գրաւող Էհտէն գիւղին մէջ այդ օր դարերու պատմութիւններ խանդաղատանքով կը պատմուէին՝ պարուրուած մէյ մը տէպքէին ու տրպաքէին, մէյ մըն ալ տհոլին ու տուտուկին հաճոյալի ձայներով: Այդ պարզապէս հողին մեղմ շրշիւնը չէր փջող զեփիւռին հետ, այլ հաւաքական յիշողութեան, ինքնութեան եւ համերաշխութեան համանուագ մը, որ անգամ մը եւս կը հնչէ նոյն երկինքին տակ. մեր սիրելի հիւրընկալ Լիբանանի ժողովուրդը անգամ մը եւս մեզ կ’ընդունէր՝ այս անգամ գիւղին մուտքին ու կ’առաջնորդէր դէպի գիւղին սիրտը եւ հոնկէ՝ բարձրուքները:
Մեր դպրոցական գրասեղաններուն ետեւ, մենք մանուկներս արդէն գիտէինք որ կը բնակինք մեր մայր հայրենիքէն՝ Հայաստանէն հեռու Լիբանանի մէջ, ուր մեր աչքերը առաջին անգամ տեսան արեւը եւ անոր հողն ու ջուրը սնուցին ոչ միայն մեր հողեղէն մարմինը, այլ՝ մեր միտքն ու հոգին: Իբրեւ լիբանանցի հայ մանուկներ ու պատանիներ մենք բոլորս լաւ կը յիշենք թէ ինչպէս մեր դասարաններուն մէջ, հայերէնի կողքին սորվեցանք արաբերէն լեզուն, ու կարճ ժամանակի մէջ Լիբանանն ու արաբերէնը դարձան մեր ինքնութեան կարեւոր մէկ մասը: Լաւ կը յիշեմ, երբ դասընկերներս անդադար հարց կու տային, թէ մենք ինչու պէտք է սորվինք արաբերէնը, մեր ուսուցչուհին դասը ընդհատելով միշտ կը կրկնէր. «ճիշդ է որ մեր հայրենիքը Հայաստանն է, բայց Լիբանանը դարձաւ մեր երկրորդ հայրենիքը, երբ ան ընդունեց մեզ. հոս՝ մենք առիթը ունեցանք հիմնելու մեր երկրորդ հայրենիքը»: Հետեւաբար արաբերէնը անհրաժեշտ էր մեր դպրոցին, ապա թաղին ու մեր հաւաքական կեանքի լայն շրջանակին մէջ՝ հաղորդուելու մեր նոր հայրենակիցներուն հետ, ծանօթանալու անոնց սովորութիւններուն, եւ անխուսափելի էր՝ մեր երկու ժողովուրդներու սովորութիւններն ու հաւաքական յիշողութիւնները պիտի կամրջուէին եւ բարեբախտաբար, թէեւ քիչ մը ուշ, անոնք գտան ներդաշնակութեան եւ համերաշխութեան ուղին:
Եւ այսպէս է, որ մշակոյթներու հանդիպումը բացառիկ առիթ մը հանդիսացաւ էհտէնցիին եւ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն ժամանած լիբանանահայերուն՝ ծանօթանալու, խօսելու, եւ նաեւ պարելու ու երգելու միասին: Գեղեցիկ էր պատկերը, երբ մեր աւանդութիւններով ու սովորութիւններով հանդէս կու գայինք ու ձեռք կ’երկարէինք մեզ հիւրընկալողներուն՝ անոնք ինչպէս սրտբացօրէն կը սեղմէին այդ ձեռքերը, եւ տարբեր մշակոյթներով մէկ հայրենիքի զաւակները ազնուօրէն կը գծէին համակեցութեան գեղեցիկ մոզայիք մը:
Գիւղին հրապարակը հաւաքուած ներկաները իրենց ձեռքերուն երկու դրօշները պարզած միացան տապքէի պարով՝ հրաւէր մը, որուն ընդառաջեցին բոլոր լսողները, ու խումբը ուղղուեցաւ դէպի Եուսուֆ Պէք Քարամի ընտանիքին 18-րդ դարուն կառուցած բնակարանը. անոր մուտքի կողմը տարածուած էր լիբանանեան մշակոյթը ներկայացնող շուկան իր բեմով, իսկ շէնքին յետնամասը, որ յատուկ կամարներով շինուած քարաշէն աստիճաններով ճամբայ մըն էր, դարձած էր մերը՝ հայ մշակոյթը ներկայացնող շուկան իր բեմով: Հայու շինարար ոգին անգամ մը եւս կեանք տուած էր այդ դարաւոր ճամբուն, որուն գոյութիւնը նոյնիսկ գիւղացիները մոռցած էին: Հրապարակէն մինչեւ այդ հսկայ շէնքը քալելով, պարելով ու դրօշները բարձր ճօճելով միասին խառնուած էինք բոլորս: Շէնքին մուտքին մեզ դիմաւորեցին փայտեայ երկու զոյգ կերպարներ՝ մէկ զոյգը կը ներկայացնէր լիբանանեան տարազը, իսկ միւսը՝ հայկականը:
Տհոլին ու զուռնային ձայնը արդէն մեզ կ’առաջնորէր, իսկ էհտէնցիներ հարց կու տային, թէ այս ի՞նչ յատուկ ու հրապուրիչ նուագ մըն է: Անոնք՝ երիտասարդ, չափահաս ու տարեցը գաւազան բռնած հետեւեցան երաժշտութեան ու հասան մեր շուկան:
Վազվզող ու խաղցող մանուկներուն մէջ հետաքրքրութիւն մը արթնցած էր: Անոնք իրենց մեծերուն հարց կու տային, թէ այս դրօշները ի՞նչ են եւ որո՞ւ կը պատկանին՝ հետաքրքրութիւն մը, որ բնական, գեղեցիկ ու կենդանի պատկերով կը ներկայանար, զոր պիտի չմոռնային այդ օրէն անդին: Անոնց ծնողները կը բացատրէին, թէ այս մարդիկը հայեր են եւ մեր հիւրերն են այսօր միեւնոյն ատեն մեր քաղաքացիներն ու հարազատը. ո՜հ ինչ մեծ գնահատանք ու գոհունակութիւն էր ինծի համար լսել այդ բառերը, զոր ոչ մէկ բեմ կամ մրցանակ կրնար փոխանցել այդ վայրկեանի կենդանի պատկերը այս հողին վրայ, որ արդէն դարեր առաջ դարձած էր հայուն նոր հայրենքը: Ըստ կարգ մը պատմաբաններու, Մեծն Տիգրանի օրերէն հայեր հաստատուած են Լիբանանի հիւսիսը գտնուող այս վայրերուն մէջ: Մեզի միացող շատ մը Թրիփոլցի հայեր պատմեցին իրենց ամարանոց Էհտէնի պատմութիւնները, թէ ինչպէս անոնք հոն անցուցած են իրենց մանկութիւնը ու միատեղ ապրած էհտէնցիին հետ հարազատ ընտանիքներու պէս՝ աւելցնելով, թէ բազմաթիւ ընտանիքներու մականունները հաւանօրէն կու գան հայկական արմատներէ, ինչպէս Պաէհ, որ կը նշանակէ վաճառական եւ Սարգիս ընտանիքները:
Գիւղին առաջին նկարիչներն անգամ հայեր եղած են եւ նկարահանած են այդ հրաշալի եւ աստուածատուր բնութիւնը եւ ստորագրած են իրենց անունը «Ֆոթո Ժագ», «ֆոթո Երջան»: Գիւղին ամենահին եկեղեցիներէն մէկը՝ «Մար Սարգիս ու Պախօս»-ը կառուցուած է 8-րդ դարուն եւ նուիրուած է նահատակ սուրբ Սարգիս զօրավարին: Հայ եկեղեցւոյ սուրբերէն է նաեւ Սուրբ Սարգիսը: Չհաստատուած տեսութիւններ նաեւ կ’ըսեն, թէ «Մարատա» անունը ծագում առած է Մարտիկ բառէն, որ կը նշանակէ ռազմիկ, զինուոր: Ըստ այդ տեսութիւններուն, բիւզանդացիները հայ լեռնցի մարտիկներ բերած են Հայաստանէն, որ լեռներէն իջնելով վնասներ պատճառեն այդ օրերուն դէպի հիւսիս արշաւող արաբական դաշտային բանակներուն: Այդ մարտիկները չեն վերադարձած Հայաստան եւ դարձած են մեր օրերու «մարատաները»:
Եւ այսպէս այդ գեղատեսիլ բարձրունքին վրայ, մէկ օրուայ մէջ, հինէն եկած բազմաթիւ պատմութիւններ լսեցինք, ապրեցանք ու ապրեցուցինք՝ հոն, ուր շատ վաղուց ապրած է մաս մը մեր ժողովուրդէն:
Էհտէնի երկինքն ու երկիրը մեզի հետ պարեցին ու երգեցին: Ծաղիկներու բուրմունքին ու խայտաբղէտ պտուղներու հոյլին խառնուեցան նաեւ արաբական քըպպէն ծեծելու ձայնը, հայկական խորովածին ու խոհանոցին անուշահամ հոտը՝ իրենց մօտ կանչելով գիւղացիները, որոնք չբաւարարուեցան համտեսելով եւ մեծ գոհունակութեամբ անոնցմէ տարին իրենց տուները՝ հոն շարունակելու «քէֆը»: Հայ տիկիններ ներկայացուցին արժէքաւոր ձեռագործեր, նկարչութիւններ, կարպետներ ու զարդարանքներ՝ իբրեւ նմոյշներ մեր հարուստ մշակոյթին, իսկ էհտէնցին ներկաներուն հրամցուց պատառիկներ իր հարուստ մշակոյթէն:
Միաձուլուած ու կողք-կողքի, նոյն երկինքին տակ ու նոյն հողն ու ջուրը վայելող հոգեպէս կամրջուած ժողովուրդներ իրենց դարաւոր պատմութիւնը կեանքի բերին քանի մը ժամուայ ընթացքին: Թող երկար ապրին մեր մշակոյթը վերապրեցնողները, ծանօթացնողները եւ յատկապէս անոնք, որոնք ոչ մէկ ջանք կը խնայեն մշակոյթներ կամրջելու եւ նոր սերունդին դիմաց նոր հորիզոններ բանալով՝ միաժամանակ ճամբան կը հարթեն համագործակցութեան եւ համարկումի իրենց նմաններուն եւ իրենց շուրջը գտնուողներուն հետ: Կեցցէ՛ք:


