Հետագայ տեղեկութիւնները քաղուած են «Digital 2025: The State of Social Media» (https://tinyurl.com/ycx8vxva) տեղեկագրէն, որ հրապարակուած է DataReportal-ի կողմէ։ Այս տեղեկագիրը կը նկատուի աշխարհի ամենէն համապարփակ աղբիւրներէն մէկը՝ հասկնալու թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը գործածեն ընկերային ցանցերը՝ ընդգրկելով օգտագործման տուեալները, շարժառիթները, ժողովրդագրութիւնը եւ հարթակներու ստեղծման ու զարգացման նպատակները։ Նկատի առնելով, որ տեղեկագիրը բաւականին երկար է, պատրաստեցինք կարճ տարբերակ մը՝ լուսարձակի տակ առնելով կարեւոր դիտարկումները եւ վիճակագրական տուեալները՝ սկսելով համաշխարհային մակարդակի վրայ օգտագործողներու աճէն եւ անոնց առցանց անցուցած ժամանակէն, մինչեւ ազդեցիկ անձերու (influencers), ապրանքանիշերու եւ նորութիւններու դերը։
Այս տեղեկագիրը կը խօսի հետաքրքրական թիւերու մասին, բայց այս թիւերու ետին կը թաքնուի աւելի քան հարթակներու եւ տոկոսներու հոլովոյթ մը։ Անոնք վկաներն են քաղաքակրթական շրջադարձի մը։ Ընկերային ցանցերը ալ դադրած են միջոց ըլլալէ․ անոնք միաձուլուած են մեր առօրեայ կեանքին եւ սկսած են դառնալ մեր գոյութեան հիմքը, որով կ’ընկալենք մենք զմեզ եւ աշխարհը:
Բայց այս հոլովոյթին զուգահեռ, հիմնական բան մը աննկատելօրէն կը փոխուի։ Մարդկային կեանքը սկսած է շօշափելի եւ ջերմ յարաբերութիւններէն անցնիլ դէպի միջնորդուած յարաբերութիւններու դարաշրջան մը, ուր հասանելիութիւնը դարձած է շա՛տ դիւրին ու մատչելի, բայց մարդկային արգահատանքը, սէրն ու կարեկցանքը սկսած են աղքատնալ ու դատարկուիլ։ Թուայնացուած չէ միայն արհեստագիտութիւնը, այլ նաեւ մարդը․ մեր զգացումները, բարեկամութիւնները եւ նոյնիսկ պատկանելիութեան զգացումը օրըստօրէ կը ձեւաւորուին ալկորիթմերու եւ պաստառներու միջոցով։
Հոս կը ստեղծուի անհեթեթութիւն մը։ Մինչ ընկերային ցանցերը կապ ու մօտիկութիւն կը խոստանան, սակայն խորքին մէջ անոնք ընդհանրապէս հեռաւորութիւն կը ստեղծեն։ Թէեւ անոնք ձայներ կը մէկտեղեն ու կը բազմապատկեն, բայց բազմութիւն չէ որ կը ստեղծեն, ոչ ալ հաւաքականութիւն, այլ թիւեր, որոնք կը հաղորդակցին ալկորիթմներով (ալկորիթմի սահմանումը հետեւեալ կապով https://tinyurl.com/ym9yrfvw ), թիւեր՝ որոնք ենթակայ են ալկորիթմի կամքին: Թուային դարաշրջանի շուկայական արդիւնաւէտութիւնը կը սպառնայ մարդը վերածելու տուեալներու, յարաբերութիւնները՝ ջերմութենէ զուրկ կապակցութիւններու, իսկ ինքնութիւնը՝ սրբագրուած ու սրբագրելի դիմանկարի եւ յարափոփոխ տեղեկութիւններու:
Հոս կը ստեղծուի անհեթեթութիւն մը։ Մինչ ընկերային ցանցերը կապ ու մօտիկութիւն կը խոստանան, սակայն խորքին մէջ անոնք ընդհանրապէս հեռաւորութիւն կը ստեղծեն։ Թէեւ անոնք ձայներ կը մէկտեղեն ու կը բազմապատկեն, բայց բազմութիւն չէ որ կը ստեղծեն, ոչ ալ հաւաքականութիւն, այլ թիւեր, որոնք կը հաղորդակցին ալկորիթմներով (ալկորիթմի սահմանումը հետեւեալ կապով https://tinyurl.com/ym9yrfvw ), թիւեր՝ որոնք ենթակայ են ալկորիթմի կամքին: Թուային դարաշրջանի շուկայական արդիւնաւէտութիւնը կը սպառնայ մարդը վերածելու տուեալներու, յարաբերութիւնները՝ ջերմութենէ զուրկ կապակցութիւններու, իսկ ինքնութիւնը՝ սրբագրուած ու սրբագրելի դիմանկարի եւ յարափոփոխ տեղեկութիւններու:
Արհեստագիտութեան հետ մարդուն կապակցութիւնը ցոյց տալէն բացի, Digital 2025 տեղեկագիրը կը բացայայտէ, թէ դէպի ուր կ’ուղղուի մարդկութիւնը։ Գործարարներու եւ քաղաքականութեամբ զբաղողներու համար՝ ան ռազմավարական է, բայց հաւաքականութիւններու համար՝ գոյաբանական: Ան կը հանդիսանայ հրաւէր մը հարց տալու՝ արդեօք երբ աշխարհը կը թուայնացնենք, ակամայ մենք զմեզ ալ կը թուայնացնե՞նք՝ կորսնցնելով այն ջերմութիւնը, որ մեզ իսկապէ՛ս մարդ կը դարձնէ։
Այս շրջագիծին մէջ կ’արժէ յստակեցնել, որ մեր մեկնաբանութիւնները կը հիմնուին DataReportal-ի Digital 2025 տեղեկագրին մէջ ներկայացուած փաստերուն ու վիճակագրական տուեալներուն վրայ։ Նշեալ տեղեկագիրը, որ համաշխարհային մակարդակով կը նկատուի վստահելի աղբիւր, կը բացայայտէ ոչ միայն օգտատէրերու թիւերու աճը, առցանց անցուցած ժամանակը եւ հարթակներու բազմազանութիւնը, այլ նաեւ անուղղակի կերպով կը մատնանշէ այն հասարակական ու մշակութային փոփոխութիւնները, որոնց մասին վերոյիշեալ դիտարկումները կը խօսին։ Թիւերէն անդին, այս ցուցանիշները փաստեր են, որոնք կը հաստատեն մեր առօրեային մէջ ընկերային ցանցերու խորացող ազդեցութիւնը։
Համաշխարհային գործածութիւն եւ ծաւալ
- Ներկայիս կան 5.24 միլիառ գործուն ընկերային ցանցերու հաշիւներ՝ ներկայացնելով աշխարհի բնակչութեան աւելի քան 60%-ը (+4.1% տարեկան աճ)։
- Համացանց գործածողները՝ 94.2%, մեծ տարբերութիւններով՝ 97% Արեւելեան Ասիոյ մէջ (WeChat-ի շնորհիւ) ի դիմաց <50% Ենթասահարեան Ափրիկէի շրջաններուն մէջ։
Օգտագործման պատճառները
- Գլխաւոր շարժառիթներ՝ կապի մէջ մնալ (50.8%), ազատ ժամանակի զբաղում, եւ նորութիւններու մասին կարդալ (34.5%)։
- Չափահասները կը նշեն միջին հաշուով 4.66 հիմնական պատճառ, երիտասարդները կը նախընտրեն նորութիւնները, իսկ տարեցները՝ լուրերը։
Որո՞ւ կը հետեւին օգտատէրերը
- Կէսէն պակասը կը հետեւի ընտանիքին եւ բարեկամներուն։ Ամենէն աւելի հետեւորդ ունին երգիչներ, դերասաններ, զբաղումի, զուարճութեան եւ կատակի հաշիւներ, պատկերասփիւռի եւ սինեմայի լուրերու հարթակներ (աւելի տարեցներուն մօտ), եւ ապրանքանիշերու մասին տեղեկութիւններու էջերը։
- Երիտասարդները միջին հաշուով կը հետեւին 4.87 տեսակ էջերու, մինչ տարեցները (65+) միայն 2.21։
Ազդեցիկ անձեր (Influencers)
- Համաշխարհային մակարդակով՝ 22%-ը կը հետեւի ազդեցիկ անձերու։
- Ամէնէն բարձր հետաքրքրութիւնը՝ կիներ 16–24 տարեկան (30.8%), ամենէն ցած՝ տղամարդիկ 65+ (4%)։
- Շրջանային տարբերութիւններ՝ Ֆիլիփին (45%), Պրազիլ (41.8%), ի դիմաց Ռուսիոյ (6.7%)։
Ապրանքանիշեր եւ հարթակներ
- Չափահասներու 50%-ը կը պրպտէ ընկերային ցանցերը՝ ապրանքանիշերու մասին տեղեկութիւն ստանալու։
- Ամէնէն բարձր թիւեր զարգացող շուկաներու մէջ՝ Նիճերիա (70%), Ինտոնեզիա (66.7%), Պրազիլ (64.6%)։
- Հարթակներ՝ Instagram (62.3%), Facebook (52.5%), TikTok (51.5%)։
Լուրեր ընկերային ցանցերուն մէջ
- Թէեւ հարթակները կը պնդեն հակառակը, լուրերը կը պահեն իրենց ուժը։ Ընկերային ցանցերու հետեւող չափահասներու 37%-ը Facebook կը գործածէ լուրերու համար, եւ 57.3%-ը՝ գիտակցաբար։
- Լուրերու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կ՚աճի տարիքով՝ 29% (16–24) ի դիմաց 41% (55–64)։
- Ամէնէն բարձր ներգրաւուածութիւնը՝ Նիճերիա, Պրազիլ, Թուրքիա, Յունաստան։ Ամէնէն ցածը՝ Իսրայէլ, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Ճափոն, Հարաւային Քորէա։
Աշխատանքի առնչուած գործածութիւն
- Համաշխարհային օգտատէրերու 38.3%-ը ցանցեր կ՚օգտագործէ աշխատանքային նպատակով։
- Ամենէն աւելի՝ Նիճերիա, Հարաւային Ափրիկէ, Պրազիլ, իսկ նուազագոյնը՝ Ճափոն (միայն 1/12) եւ Հարաւային Քորէա (13.5%)։
- Ամէնէն աշխուժը՝ 35–44 տարեկանները, եւ աւելի շատ տղամարդիկ քան կիները։
Մարզական
- 23.6% կը նշեն մարզական հետաքրքրութիւնը իբրեւ գործածութեան պատճառ (+8.2% երկու տարիէ ի վեր)։
- Տղամարդիկ (30.1%) գրեթէ կրկնապատիկ՝ կիներու (16.7%) համեմատ։
- Ամենէն աւելի հետաքրքրութիւն՝ 25–34 տարեկան տղամարդիկ։
Տրամադրուած ժամանակ
- Միջին առօրեայ ժամանակը՝ 2ժ21վրկ, 10 վայրկեանով պակաս բաղդատած երկու տարի առաջուայ ժամանակին։
- Կիներ 16–24 տարեկան գրեթէ 3 ժամ/օրը, իսկ տղամարդիկ աւելի նուազ։ Տարբերութիւնը կը մնայ 25 վայրկեան։
- Կիներ 55–64 տարեկան աւելցուցած են 6 վայրկեան, նոյն տարիքի տղամարդիկ՝ նուազեցուցած 4 վայրկեան։
Հարթակներու բազմազանութիւն
- Միջին հաշուով՝ 6.83 հարթակ/ամիս։ Ամենէն բարձրը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (8.62), Ֆիլիփին (8.36), Մալիզիա (8.12)։
- Ամէնէն ցած՝ Ճափոն (3.5) եւ Հարաւային Քորէա։
- Ամէնէն շատ գործածողները՝ կիներ 16–24 (7.76 հարթակ/ամիս)։

