Մեր կողքի սենեակէն հասնող շշուկը ամռան կանուխ առաւօտ օր մը արթննցուց մեզ. սովորաբար ամռան արձակուրդը անհամբեր սպասող պատանիներ դժուար թէ կանուխ արթննայինք, սակայն փսփսոցը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց ու մենք սկսանք մէկիկ-մէկիկ դուրս գալ մեր անկողիններէն: Նստասենեակ հասնողին զարմանքի ձայնն ու արտայայտութիւնը բաւարար էր որ քանի մը վայրկեանէն բոլորս հաւաքուէինք հոն, ուր մեծ անակնկալ մը կը սպասէր մեզի. սենեակին գլուխը կը գրաւէր, հպարտ կանգնած, չորս ոտքով, գեղեցիկ պահարանի մէջ զետեղուած ու զոյգ փեղկերով ծածկուած հիւրը՝ մեր առաջին սեւ-ճերմակ պատկերասփիւռը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը սկսաւ անկապ բառերով արտայատուիլ. մէկը կ’ըսէր «այս ե՞րբ հասաւ հոս», միւսը հարց կու տար թէ ինչպէս կարելի էր աշխատցնել զայն, իսկ երրորդը՝ կե՞ղծ է ան, թէ՞ իրական, իսկ ես կարծես ամենէն անհամբերը, շուտով ձեռքս երկարեցի փեղկը բանալու եւ մեր պատկերասփիւռին պահուըտած դէմքը տեսնելու: Անմիջապէս վրայ հասան մօրս ու հօրս սաստող ձայները. «ասիկա ամէն մարդ պիտի չաշխատցնէ, այլ միայն հայրիկը երբ գործէն վերադառնայ»:
Մենք անհամբեր կ’աղաչէինք առաջին փորձ մը ընել այդ վայրկեանին: Վերջապէս, մեր բուռն փափաքին ընդառաջելով, մայրս հանդարտութեամբ բացաւ պահարանին փեղկերը ու երեւցաւ պատկերասփիւռը, որ նման էր խոշոր ու մութ հայելիի մը՝ կողքին քանի մը խոշոր կոճակներով: Մայրս յանձնարարեց խիստ զգուշութեամբ բանալ ու գոցել այդ փոքր սինեմային դռները: Սառ կտրած, բոլորս պահ մը կը սպասէինք թէ ինչ պիտի պատահէր, սակայն մեր յուսախաբութիւնը եղաւ մեծ. հոնկէ միայն աղմուկ կը լսուէր:
Այդ օրերուն Լիբանանի մէջ տակաւին միայն մէկ կայան կար, որ առաւօտ կանուխ այդ ժամերուն ոչինչ կը սփռէր: Պէտք էր սպասէինք քանի մը ժամ… փաստօրէն մինչեւ երեկոյեան հօրս գործէն վերադարձը: Այդ օրը կրնամ ըսել մեր կեանքի ամենէն երկար օրերէն մէկը եղաւ. ժամերը կարծես կանգ առած էին: Ոչ մէկ գործ, ոչ մէկ այլ զբաղում, անհամբեր կը սպասէինք հայրիկին ժամանումին: Դեռ կար ուրիշ անակնկալ մը…մայրս արդէն հրաւիրած էր մեր շէնքին դրացիները, որոնք հազիւ լուրը առած՝ մէկիկ-մէկիկ կու գային շնորհաւորելու եւ մասնակից դառնալու այդ գիշերուան առաջին հաւաքին, եւ հարցումներու տարափը կը սկսէր. «քանիո՞վ կրցար գնել», «մասնավճարով է՞» եւ այլն: Մեր շէնքին առաջին պատկերասփիւռը ըլլալու էր, որ բոլորը այդ գիշեր հրաւիրուեցան…ներկայ գտնուելու…բացման հանդիսութեան:
Այդ օրը հայրիկս ճամբայէն դիմաւորեցինք եւ նախքան պատառ մը բերանը դնելը՝ աշխատցնել տուինք մեր նոր պատկերասփիւռը: Անսահման ուրախութիւն ու զարմանքի ձայներ՝ մինչ մէկս միւսը կը փորձէր լռեցնել, որ կարելի ըլլար հետեւիլ ու լսել: Ա՜խ ինչ անմեղ մանկութիւն….նաեւ այդ օրերու համեստ ժողովուրդի սեւ-ճերմակ պատկեր:
Այդ օրէն անդին գրեթէ ամէն գիշեր, կը կրկնուէին մեր տան գիշերային հաւաքները. մեր դրացիները կու գային զիրենք հետաքրքրող յայտագրի մը կամ ֆիլմի մը հետեւելու, իսկ մենք՝ փոքրերս քիչ անց կը ճամբուէինք…քնանալու: Շատ երկար չտեւեց ու արդէն իւրաքանչիւր տուն սկսաւ իր սեփական պատկերասփիւռը ունենալ:
Հետաքրքրական էր մեր մանկութեան օրերու ապրած կեանքը, որ սեւ ու ճերմակ մէկ պատկերն էր նախ իր բնօրաննին մէջ ապա այս հայրենիքին մէջ հաւաքաբար ապրած մեր ժողովուրդին. գիտէինք ու լսած էինք մեր մեծերէն, թէ ինչպէ՛ս անոնք դուռ-դրացի մեծ ընտանիքի մը պէս կ’ապրէին սիրով ու փոխադարձ յարգանքով: Նոյն սովորութիւնները հետերնին բերած էին օտար ափեր, եւ հոն ուր որ երկու- երեք հայ քով-քովի ապրէին՝ նորէն հարեւաններով մեծ ընտանիք մը կը կազմէին: Պուրճ Համմուտի հայկական թաղամասերուն մէջ, պատահէր օր մը դրացիներ իրարու չհանդիպէին, հարց կու տային, թէ ի՞նչ պատահած է բացակայ դրացիին, միթէ անհանգիս՞տ է կա՞մ օգնութեան կարիքը ունի, իսկ եթէ իսկապէս անհանգիստ է, անոնք արդէն հերթաբար կը հսկէին իրենց հիւանդ դրացիին վրայ: Մէկը գնումը կը ստանձնէր, միւսը ճաշը, ուրիշ մը դեղորայքը եւ այսպէս: Մեր ծնողքը մեզի խիստ յանձնարարած էր, թէ երբ մեր դրացիներէն մէկուն հանդիպէինք, որ ծանր առարկաներ ձեռքը կը փորձէր շէնքին աստիճաններէն վեր բարձրանալ, անմիջապէս պէտք էր անոր օգնութեան փութայինք: Շատ լաւ կը յիշեմ, երբ մայրս ստիպուած էր մէկ շաբաթով քաղաքէն հեռանալու, մեր դրացիները ինչպէս տէր եղան մեզի եւ մեր դրացի տիկին Մարիամը մեր ճաշը պատրաստեց, թէեւ մօրս ճաշին նման չէր, սակայն մենք գոհ էինք մեր ժամանակւոր հոգատարէն: Տիկին Մարիամը բազմանդամ ընտանիքի մայր ըլլալով հանդերձ, ժամանակը կը գտնէր մեզմով զբաղելու: Լաւ կը յիշեմ նաեւ մեր ծերունի դրացիին կռնակի ցաւը, որուն լուրը երբ մօրս ականջը հասաւ, ան անմիջապէս հաւաքեց իր փոքր կլոր «շիշէները» ու թերթի կտոր մը լուցկիի տուփով միասին վեր բարձրացաւ ծերունիին տունը «շիշէ քաշելու» եւ անոր ցաւերը մեղմացնելու: Մենք՝ հետաքրքիրներս անպայման կ’ուզէինք ներկայ ըլլալ «Հաճամէթ շիշէ»-ի՝ այդ կլոր ու կարճ շիշերուն մէջ կտոր մը թերթ այրելով արագօրէն հիւանդին բաց կռնակին կպցնելու արարողութեան: Մենք ափ ի բերան եւ ուշի-ուշով կը դիտէինք այդ տեսարանը: Շիշերուն թիւը կը հասնէր ութէն տասնի միջեւ, այսպէս կռնակին վրայ այդ շիշերը կպած իրենց մէջը կրակով կը մնային մինչեւ կրակին մարիլը: Այդ օրերու միջոցներէն մէկը մէկու մը կռնակին ցաւը մեղմացնելու կամ պաղառութիւնը դարմանելու:
Կային նաեւ այլ սովորութիւններ, զորս ճարպիկ մեծերը կը կիրարկէին մեզ զգուշացնելու, սակայն անոնք չէին գիտեր թէ վախն ու վախցնելը ոչ մէկ ձեւով կրնային զգուշացնել, այլ կը մտահոգէին մեզ եւ երբեմն ալ մեր քունը կը խանգարէին: Օրինակ՝ երբ տան մէջ հովանոցով խաղայինք, անմիջապէս կ’ազդարարէին, թէ տան մէջ հովանոց չեն բանար, որովհետեւ… գէշ լուր կրնանք ստանալ կամ վատ բան մը կրնայ պատահիլ: Միթէ գէշ լուրը հովանոցը պիտի սպասէ՞ր: Ես բաւական փոքր՝ վախով անմիջապէս կը գոցէի, որ մէկու մը փորձանք չպատահի:
Կ’ըսէին նաեւ որ արեւը մար մտնելէ ետք, ծամոնը պէտք է բերնէն հանել, իսկ պատահէր հարց տայինք, պատասխանը կ’ըլլար սարսափելի բան. «մեռելի միսը կը ծամես»: Այս ի՜նչ ահռելի բան: Ալ ով կը համարձակէր բերանը գիշերով ծամոն դնելու, վախէդ կ’երթայիր նոյնիսկ բերանդ աղուոր մը լուալու: Սնոտիապաշտութիւններու շարքը կ’երկարի: Պտուղին կուտը կուլ պիտի չտաս, այլ հանես ու ապա ուտես զայն. իսկ երբ պտուղը կեռաս է, ի՞նչ կ’ընես: Օր մը, երբ փոքր տարիքիս կեռասի կուտ մը սխալմամբ կլլեցի, այդ գիշեր աչքս քուն չեկաւ եւ երկու օր ջուր չխմեցի, որովհետեւ, ըստ մեր մեծերուն եթէ, պտուղին կուտը կլլես….փորիդ մէջ այդ կուտը արմատ նետելով կը մեծնայ ու կը դառնայ կեռասենի…Հիմա փորձեցէք նոյնը նոր սերունդին «կլլեցնել»…
Շարունակենք:
Եթէ դրացիին փոխ տուած ենք ծխախոտ կամ սուրճ, վերադարձնելու պարագային պէտք էր մերժել, որովհետեւ այդ լեղի առարկաները լաւ չէ ետ տուն մտցնելը: Եթէ հաց էր վերադարձնելիքը, անպայման պիտի առնես, իսկ եթէ պատահի, որ առնողը չվերադարձնէ, դուն պիտի պահանջես փոխ տուած հացդ, որովհետեւ հացը կը խորհրդանշէ տան կեանքը: Հին օրերուն, երբ հաց կը թխէին տուներուն մէջ եւ այդ տան երդիքէն մուխ կը բարձրանար, այդ նշան էր տան մէջ ընտանիքի եւ կեանքի գոյութեան: Ջուրը Աստուծոյ է կ’ըսէին եւ անցնող-գացողին կը բաժնէին. այսօր ջուրի կաթիլները կը հաշուենք եւ քիչ մնաց կշիռքի վրայ դնելով վաճառենք: Երբեմն հիւրեր կ’ունենայինք, որոնք բաւական երկար կը մնային մեր տունը, մայրս նշան կու տար մեզի, որ մեզմէ մէկը անմիջապէս քովի սենեակը ացնի եւ աւելը գլխի վեր դնէ. այդ կը նշանակէր հիւրին արագ ճամբելու փափաքը: Աւելի զարմանալին այն էր, որ երբ թաղեցի մը մահանար, դագաղը հեռանալէն ետք, շէնքէն դրացի մը դոյլով ջուր կը թափէր պատշգամէն դէպի փողոց՝ հաւատալով թէ այս արարքը կը կանխարգիլէր ուրիշ թաղեցիի մը մահը: Իսկ գալով աղին՝ այդ մէկը շատ խիստ արգիլուած էր մէկու մը փոխ տալ. աղը կը խորհրդանշէր տան համը, որ պէտք չէ մեր տուներէն պակսի, ոչ ալ փոխ տրուի: Մարդ իր «ղսմեթը» ուրիշին պէտք չէ տայ…
Մեր ժողովուրդը ունեցած է տարօրինակ սովորութիւններ ու նախապաշարումներ, որոնք շատ մեծ լրջութեամբ կը յարգուէին: Այո՛, անոնք անմեղօրէն եւ կոյր կը հետեւէին այդ ժառանգուած սնոտիապաշտութիւններուն, բայց արդեօ՞ք այդ օրերուն աւելի՛ լաւ հայեր էին…
Լենա Պօղոսեան



