Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի հիւրերն են Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան Հայ Համայնքներու Բաժանմունքէն Շողեր Մարկոսեանը եւ Գայիանէ Մածունեանը՝ միասնաբար քննարկելու INSPARK ծրագիրը՝ նորարարական նախաձեռնութիւն մը ուղղուած յատուկ Լիբանանահայ երիտասարդութեան։
Այս ծրագիրը նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն կը տրամադրէ լիբանանահայ երիտասարդներու կողմէ ներկայացուած նախաձեռնութիւններու, որոնք կ’անդրադառնան ինքնութեան, յետպատերազմեան տոկունութեան ու դիմադրողականութեան, մարդկային իրաւունքներու, նոր արհեստագիտութիւններու, կենսոլորտային հարցերու եւ եւ ընդհանրապէս արեւմտահայ մշակոյթին եւ արեւմտահայերէնին։

Բայց INSPARK-ը միայն դրամաշնորհ չէ։ Այս հաղորդումով, մեր հիւերուն հետ կը քննարկենք INSPARK ծրագրին տեսլականը, հետապնդած նպատակները, անոր առնչութիւնը լիբանանահայ երիտասարդներու դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ ակնկալուած լուծումներուն: