Հայրենիքի շունչը եւ հայուն անխախտ արժանապատուութիւնը

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Երեւանի փողոցներուն մէջ, պատահականօրէն եւ աջէն-ձախէն՝ ծանօթներու կը հանդիպիս։

-Օ՜հ, դո՞ւք ալ հոս էք։ Անպայմա՛ն օր մը տեսնուինք։

Ուրիշ մը։

-Մինչեւ ե՞րբ հոս էք։

Մարդիկ, որոնց հետ առիթ չես ունեցած Լիբանանի մէջ տեսակցելու, յանկարծ Երեւանը այն յարմարաւէտ վայրը կը դառնայ, ուր տեսակցութիւնները տարբեր հմայքով եւ քաղցրութեամբ մը կը համակուին։ Ի՞նչ է գաղտնիքը․․․ Երեւանի հոտը ուրիշ է․ փոշիի, սուրճի, թարմ հացի, պտուղներու եւ փունջ մը յուշերու խառնուրդ մը։

Կը խանդավառուիս, երբ կը նկատես հայ զբօսաշրջիկներու ստուար թիւ մը, որ եկած է աշխարհի չորս կողմերէն եւ կը վայելէ հայրենիքին գեղեցկութիւնն ու լեռներուն հանդարտ  ու հնամենի շունչը, որոնք դարերու պատմութիւնը կը պատմեն։ Հաճոյալի փորձառութիւն մըն է, երբ հայերէն կը կարդաս ամենուրէք եւ ականջդ կը շոյեն հայերէն խօսակցութիւնները։ Ամէն մէկ բառ, որ փողոցին մէջ կը հնչէ, կարծես կ՛ըսէ՝ «մենք հո՛ս ենք տակաւին»։

Կը քալես եւ պահ մը կը մոռնաս ամռան տօթը եւ այն զգացումը կ՛ունենաս, թէ ոտքերդ միայն մայթին վրայ չեն՝ այլ պատմութեան էջերուն մէջ։ Ճամբաները կարծես կենդանի էջեր են, ուր գրականութիւնը, արուեստը եւ մշակոյթը իրենց բոյրը կը տարածեն քաղաքին իւրաքանչիւր անկիւնը։ Կը մտածես, թէ այս քաղաքը միայն քար ու շէնք չէ, այլ՝ ինքնութեանդ հայելին։ Անտեսանելի շղթայ մը կը կապէ քեզ այս երկրին հետ եւ այդ պահուն կը հասկնաս, թէ հայ ըլլալը միայն անուն չէ, այլ զգացում, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ կը շնչես ամբողջ հոգիով։

1998-ի ամռան՝ մեծ խումբով մը Հայաստան մեկնեցանք զբօսաշրջիկութեան համար։ Ոգեւորուած էի եւ հետաքրքիր, որովհետեւ առաջին այցելութիւնս էր դէպի հայրենիք։ Անբացատրելի զգացումներու շարան մը պատած էր հոգիս։ Կէս գիշեր էր արդէն, երբ պանդոկ հասանք։ Առտու կանուխ սենեակիս լուսամուտէն դուրս նայեցայ, աչք մը նետելու քաղաքին վրայ․ անակնկալը մեծ էր երբ Արարատ լեռը, իր երկու սէգ գագաթներով, դիմացս պարզուեցաւ։ Տարօրինակ եւ անհասկնալի զգացում մը ունեցայ։ Ըմբոշխնելու համար անոր գեղեցկութիւնը, լուսամուտին վարագոյրը աւելի լայն բացի։ Ան հպարտ իր վեհութեամբ եւ շքեղութեամբ՝  կը հսկէր ամբողջ երկրին վրայ եւ իր կողմէն փչող հովը կարծես իր հետ կը բերեր ցաւի, յաղթանակի ու մոռցուած երգերու արձագանգը։ Ան լուրջ նայուածքով մը կ՛ըսէր «դո՛ւն հոս ես եւ այս հողը քո՛ւկդ է»։

Երկու յիշարժան եւ անմոռանալի շաբաթներու ընթացքին՝ այցելեցինք թանգարաններ, վանքեր, տեսարժան եւ պատմութիւն կերտած վայրեր։ Օր մըն ալ, նախատեսուած էր Լոռիի շրջանը մեկնիլ եւ այցելել Սանահին եւ Հաղբատ վանքերը, որոնք միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր, մշակութային եւ գիտաուսումնական կարեւոր կեդրոններ եղած են։ Երբ Հաղբատ գիւղը մտանք, մօտեցանք վանքին, որ կը գտնուէր կանաչով շրջապատուած բարձունքի մը վրայ։ Իջանք հանրակառքէն եւ մեզի առաջնորդող անձին ցուցմունքներուն եւ տեղեկութիւններուն հետեւելով՝ յառաջացանք դէպի վանք։ Քիչ մը անդին, ուշադրութիւնս գրաւեց փոքր եւ խեղճուկ տնակ մը, որուն առջեւ, հոգածութեամբ, թուփեր եւ կանաչութիւններ ցանուած էին։ Իսկ միջին տարիքի՝ անթացուպերով մարդ մը ալ կեցած էր տնակին առջեւ․ անոր մէկ սրունքը անդամահատուած էր։ Իրմէ քիչ մը անդին, երեք-չորս պատանի տղաք, մաշած հագուստներով, մեզի կը նայէին եւ բաներ մը կը փսփսային։

Մեր խումբէն քանի մը հոգի մօտեցան տնակին տիրոջը եւ սկսան խօսակցիլ հետը, կարգ մը հարցումնել ուղղելով անոր։ Անթացուպերով մարդը հակիրճ տեղեկութիւն մը տուաւ իր մասին։ Ան մասնակցած էր Արցախեան առաջին պատերազմին եւ կորսնցուցած՝ իր սրունքը։ Աշխատանքը եւ ընտանիքին հոգ տանիլը այլեւս անհնար էին իրեն համար։ Պարոն Սերոբը, որ մեր խումբին խանդավառ անձերէն մէկն էր, մօտեցաւ մարդուն եւ անոր տրտում վիճակը մեղմացնելու նպատակով՝ գումար մը դրաւ անոր ափին մէջ։ Յանկարծ խիստ արտայայտութիւն  մը գծագրուեցաւ մարդուն դէմքին վրայ եւ արժանապատութիւնը վիրաւորուած՝ ըսաւ։

—Ես մուրացկան չեմ։

Բոլորս քամուած մնացինք տեղերնիս։ Ան շարունակեց։

—Հայը մուրացկան չի կրնար ըլլալ․․․

—Բայց դուք չէք մուրար․․․ես ուզեցի ձեզի օգտակար դառնալ, — ըսաւ պարոն Սերոբը։

Անկարելի էր համոզել այդ պատուախնդիր չքաւորին, որ հաստատամիտ կը մնար իր համոզումին վրայ։  Այո՛, հայը մուրացկան չէ․․․կը մտածէի։

Մուրացկանը կ՛արտացոլէ ոչ միայն տնտեսական կամ ընկերային դժուար դրութիւն, այլեւ արժէքային կեցուածքի եւ ինքնութեան պատկեր մը։ Հայը, դարեր շարունակ, զրկուած, տարագրուած ու վտանգուած ազգ մը եղած է, սակայն միշտ փորձած է իր կեանքը շարունակել եւ յարատեւել իր աշխատանքով, ստեղծագործութեամբ եւ դիմադրութեամբ, ոչ թէ ողորմութեան ակնկալումով։ Հայը մի՛շտ ճակատագրի դէմ կանգնելու կամքը ունեցած է եւ ունի՛։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x