Կար ժամանակ, երբ կեանքի դասերը իւրացուցի տոկունութեամբ,
զարդարեցի համբերութեամբ,
պահեցի զգօնութեամբ։
Սորվեցայ.
Չցուցաբերել վիշտս,
որպէսզի ոսոխս չհրճուի։
Կուլ տուի արցունքս,
տխրութիւնս ըմպեցի կաթիլ- կաթիլ։

Ժպտեցայ՝
երբ շատեր կը սպասէին
որ անկումս պոռթկում ըլլար։
Աղօթքներուս թեւերով ճախրեցի,
նոր հորիզոններ նուաճեցի,
վշտի ծիծաղը ինծի ընկեր դարձուցի։
Տէ՜ր Աստուած,
ողորմութեամբդ յիշէ նուաստս,
առատութեամբ մի՜ ողողեր զիս,
որպէսզի քեզ չմոռնամ։
Ժլատութեամբ այցի մի՜ գար,
որպէսզի բողոքս չբարձրացնեմ։
Տուր ինչ որ արժանի կը նկատես։
Խաղաղութեան եւ արդարութեան դեսպան կարգէ հոգիս։

Լիանամ ու գոհանամ,
աղօթք դառնամ քաղցրահամ։
Խունկի նման բուրեմ,
մոմի նման հալելով լուսաւորեմ։
Արաքս




Սրբազան աղօթք որը պէտք է իւրաքանչիւր քրիստոնիայի ամէնօրեայ աղօթքը ըլլայ իրենց հոգիէն բղխած։ Ամէն 🙏🏼