Սուրբծննդեան տօնախմբութիւն, բայց ո՞ւր է Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը

Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան

Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան

Երեւանը դիմաւորեց Ամանորը Աստուծոյ օրհնութիւնով: Ձիւնը փաթիլ-փաթիլ տեղալով ծածկեց ամէն աղտեղութիւն եւ ամօթ՝ իր սպիտակ ծածկոցին տակ: Ամէն երդիկ, ամէն ծառ, ամէն ցանկապատ, ճանապարհ… մաքուր ու զուլալ սպիտակութեամբ ողողուեցաւ: Բնութիւնը հագաւ անմեղութիւն, սրբութիւն եւ մաքրութիւն:

Այսօր մենք Ծնունդի շեմին կանգնած, կը սպասենք մեր փրկիչին՝ Յիսուս մանուկին, որ եկաւ այս աշխարհ դարեր առաջ մեղաւոր մարդկանց փրկութիւն, յոյս, լոյս, հաւատք ու սէր շնորհելու:

Չորս կողմ սպիտակ ձիւնով պատուած, նստած եմ փակ դռներու ետին, տանս պատուհանէն կը դիտեմ ձիւնին առատահոս փաթիլները, որոնք կը շարունակեն ճերմկցնել եւ մաքրել մեր կեանքերը եւ հոգիները, մինչ կը սպասենք Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Կը մտաբերեմ՝ Տէր Յիսուս ի՞նչ կ’ակնկալէ ինձմէ\մեզմէ այս տարի:

Կը յիշեմ մանկութեանս օրերը, ուր ունէինք հայկական, ազգային մշակութային, կենցաղային սովորութիւններ, աւանդութիւններ (եկած դարեր շարունակ մեր պապերէն), որոնցմէ կարեւորագոյնն է Ծնունդը՝ կը փորձէին տօնել ծնող մանուկին ծնունդը, ուրախանալ իր բերած Բարի լուռով, ապրիլ արժեւորելով այդ տօնական օրերը, նորոգուելով ծնած մանուկին շնորհած բարքերով:

Հայկական Ծնունդը կը յաջորդէ Ամանորին, որուն ուրախ մթնոլորտի հարբեցումէն արթննալով կը պատրաստուինք տօնելու Աւետման գիշերը՝ յունուար 5-ի երեկոյեան, իսկ Ծնունդը՝ յունուար 6-ին:

Նոր Տարիէն տարբեր, նոր պատրաստութիւն, նոր սովորութիւններ: Աւետման գիշերը, հարազատներ կը հաւաքուին ընտանիքի աւագանիին տունը, կամ Աւետիս անունը կրողին տունը (եթէ կար ընտանիքին մէջ) անոր անուանակոչութիւնը նշելու համար: Պատշաճ սեղանի մը շուրջ, որ ընդհանրապէս սարքուած կ’ըլլար տանտիկնոջ կողմէ: Այս սեղանը կը հարստանար ներկաներու բերած ընծաներով (պտուղ, քաղցրեղէն, չոր միրքեր, ընդեղէն…): Ընտանիքի անդամները կը հաւաքուէին սեղանի շուրջ երգելով ծննդեան երգեր եւ պատմելով Յիսուս մանուկին ծննդեան պատմութիւնները մինչ կը սպասէին Ծնունդի Աւետման:

Ահա կը լսուին փողոցներու միջով անցնող եկեղեցիի դպրաց դասի խումբին ձայները: Անոնք եկած են ԲԱՐԻ Լուռը աւետելու թաղեցիներուն. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս»:

Թաղեցիները կ’ողջունէին եկող խումբը՝ անոնց տալով նուէրներ, եւ ջերմ ընդունելութիւն կը ցուցաբերէին, եւ իրենց կարգին դառնալով կ’ողջագուրուէին իրարու հետ, շնորհաւորելով զիրար:

Ծնունդի առաւօտուն, սիրուն, երբեմն ալ նոր զգեստներ հագած կ’ուղղուէին եկեղեցի ծննդեան պատարագին ներկայ ըլլալու եւ հաղորդուելու Աստուծոյ օրհնութեամբ:

Եկեղեցիէն ետք ժամանակ էր այցելելու հարազատներուն ու բարեկամներուն՝ Բարի լուռը բաժնեկցելու անոնց հետ: Կը յիշեմ մանկութեանս օրերուն, մենք փոքրերս, երբ մեծ հօրս տունը կ’երթայինք, մեծերու ձեռքը կը համբուրէինք եւ կ’ըսէինք «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս»: Մեծ հայրս կը պատասխանէր, «Յայտնութիւն եւ Մկրտութիւն», եւ մեր ափին մէջ կը զետեղէր լումա մը՝ ըսելով «Աղէկչէքը», այսինքն աւետման նուէրը:

Այսպիսով, Յիսուսի ծնունդը կու գար միաւորելու հարազատներն ու բարեկամները, ուրախութիւն եւ հրճուանք ու սէր սփռելով բոլորին սրտերուն մէջ:

Այսօր կը մտաբերեմ թէ որքա՜ն հեռու կը թուի ըլլալ այս սովորութիւնները: Այո՛, կան տակաւին տօնախմբութիւն, հաւաք, ուրախութիւն, կերուխում… բայց ո’չ այն ինչ որ էր նախապէս…

Առաջին հերթին, ընտանիքներու բաժանումը, կեանքի անողորմ պայմանները, որոնք հետզհետէ կը բազմանան, բաժնած են ընտանիքները, եւ մենք այսօր շնորհակալ ենք համացանցին, որուն միջոցով կը միանանք համայն աշխարհի մեր սիրելիներուն:

Երկրորդը, կեանքի հանդէպ մարդուն անտարբեր նայուածքը. այլեւս քիչեր յանձն կ’առնեն աշխատանքը, յոգնութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը այդ սեղանները սարքելու, եւ մարդիկ հաւաքելու անոնց շուրջը: Այս պատճառով ալ կը հեռանան իրարմէ: Սովորութիւնները կիրարկելը այլեւս դարձած է պարտականութիւն կամ պարտադրանք:

Երրորդը, Աւետման օրը տօնախմբելու պատրաստութիւնը մեզմէ կը խլէ մեր սկզբունքները, երբ գիշերային խրախճանքի կը պատրաստուինք`Աւետման գիշերը տօնելու ճաշարաններու մէջ, միութենական կամ անձնական խրախճանքներով: Եւ դժբախտաբար Աւետման օրը կը վերածենք սովորական առիթով մը կազմակերպուած առեւտրական ձեռնարկի: Այսպիսի խրախճանքներու պատրաստութիւնը կը պահանջէ ժամեր մեր առօրեայէն: Վարսայարդարի, հագուստ կապուստի զբաղումներով հազիւ մենք զմեզ կը գտնենք զարդարուած տօնածառի մը նման խրախճանքի սրահին մէջ: Երեկոն կ’ընթանայ կերուխումով, զուարճութեամբ, զիրար շնորհաւորելով: Խրախճանքին նպատակը Ծնունդն է, սակայն բացակայ են տօնին Տէրը, նաեւ Անոր Աւետումի լուռը տարածող հրեշտակները:

Մարդիկ հարբած ու հոգնած կը վերադառնան իրենց տուները՝ յուսալով, որ յաջորդ առաւօտ եկեղեցի կ’երթան եւ կը յիշեն Տէրը: Յանկարծ քունը տարած կը սթափին եւ կը փութան եկեղեցի, գուցէ հասնին նախքան արարողութեան աւարտը: Կ’ողջագուրուին քանի մը հոգիի հետ, կը համբուրեն սրբազանին աջը, շնորհաւորական խօսքեր կ’արտասանեն, հոգ չէ թէ քանի մը բառ սխալին կամ ճիշդ արտայայտուին:

Կարգը կու գայ ծնողներուն այցելելու պարտականութեան, սակայն ահաւոր գլխացաւ մը կը ստիպէ տուն վերադառնալ՝ որոշելով, որ երեկոյեան կ’այցելենք անոնց, «քիչ մը հանգչինք»:

Եւ այսպէս սովորութիւններն ու աւանդութիւնները կը խախտին եւ Ծնունդը կը դառնայ տաժանակիր չարչարանքի տօն մը:

Սրտի կսկիծով կ’ըսեմ, որ մեր ժողովուրդին մեծամասնութեան համար Ծնունդի տօնախմբութիւնը կորսնցուցած է իր իմաստը:

Այս այլասերումը կը պատահի այնպիսի ժամանակի մը, երբ մեր ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի աւելի մեծ վտանգներու, ըլլան անոնք ազգային, եկեղեցական, կենցաղային, մշակութային եւ … պառակտումի մտավախութիւններ: Ինչո՞ւ… որովհետեւ մենք անգիտակցաբար կը հեռանանք Աստուծմէ եւ մեր ազգային սկզբունքներէն, մշակոյթէն եւ գեղեցիկ սովորութիւններէն, որոնց կորիզը\կեդրոնը Ինքը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսն է. Հզօր Աստուածը տիեզերքի, Էմաննուէլ (Աստուած մեզի հետ), Խաղաղութեան Իշխանը եւ Փրկիչը Աշխարհի: Տէրը Ծնունդին՝ որ այս աշխարհ եկաւ մեզ մարդկային մեղքերէ փրկելու, Լոյս, Յոյս եւ Հաւատք ներշնչելու:

Այսօր, երբ կը դիտէի տան պատուհանիս կողքին սպիտակ ձիւնի ծածկոցը, այս բոլորը շարժապատկերի նման անցան մտքովս ու խնդրեցի Աստուծմէ. «Թող իր հովանիին տակ պահէ պահպանէ հայ աշխարհը, հայ ժողովուրդը ամենուրեք, սպիտակ ձիւնին նման ծածկէ մեր մեղքերը, տկարութիւնները, անձնասիրութիւնն ու տգիտութիւնը: Խաղաղութիւն տայ մեր սրտերուն եւ աշխարհին, Իր արդարութեամբը փրկէ իր զաւակները»:

«ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ, ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ»

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x