Ի՞նչ է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Առանցքը. Առաջարկ Եպիսկոպոսական Ժողովին

Դոկտ. Հրաչ Չիլինիկիրեանի գրչին պատկանող այս յօդուածը գրուած է 12 տարի առաջ, սակայն անոր բարձրացուցած հարցադրումները այսօր աւելի սուր, աւելի այժմէական եւ աւելի՛ հրատապ կը հնչեն, քան երբե՛ք։ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, արժէքներու, առաջնորդութեան եւ հասարակութեան հետ յարաբերութեան առնչուած խնդիրները ոչ միայն չեն հինցած, այլ նոր իրավիճակներու մէջ՝ նոր խորք ստացած են։ Այս պատճառով ալ, այս վերատպումը պարզ յիշեցում մը չէ անցեալէն, այլ՝ կոչ ուղղուած ներկային եւ գալիք տարիներուն՝ վերանայելու, վերարժեւորելու եւ վերակենդանացնելու Հայց. եկեղեցւոյ էական առաքելութիւնը։   

Վ.Թ.

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին այսօր աշխարհով մէկ մարտահրաւէրներու, հիմնախնդիրներու, վարչական, բարոյական հարցերու խաչմերուկին վրայ է:  Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանի բանաձեւումով՝ «Մեր ազգն փորձութիւններով է գնում: Մեր եկեղեցին էլ իր փորձութիւններով է գնում»: Ո՞ր ուղղութեամբ երթալ, ի՞նչ առաջնահերթութիւն տալ խնդիրներուն եւ անոնց վերաբերող լուծումներուն. նման բազմաթիւ հարցեր վստահաբար անքուն պիտի պահեն յառաջիկայ Եպիսկոպոսական ժողովին առնուազն կարգ մը անդամները:

Ինչպէս պատմութեան ընթացքին՝ սկսեալ 5րդ դարու Շահապիւանի ժողովէն, Հայց. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական ժողովներ գումարուած են եկեղեցւոյ կեանքին մէջ դաւանական, վարդապետական եւ աստուածաբանական հարցեր քննարկելու, ինչպէս նաեւ կարգ ու կանոն հաստատելու նպատակով: Եպիսկոպոսական ժողովի արդիւնքներն ու եզրակացութիւնները կը ներկայացուին կաթողիկոսին՝ վաւերացման համար կամ ալ Ազգային եկեղեցական ժողովին՝ (եկեղեցւոյ բարձրագոյն օրէնսդիր եւ վարչական մարմինին) հաւանութեան համար: Անցնող հարիւր տարուան ընթացքին Եպիսկոպոսական ժողովը պաշտօնապէս միայն երեք անգամ գումարուած է: Վազգէն Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով 1956թ. Հոկտեմբերին գումարուած ժողովին որոշուած էր, որ «տարին գոնէ մէկ անգամ գումարել» Եպիսկոպոսական ժողովը, բայց ինչ-ինչ պատճառներով այդպէս չեղաւ: Յաջորդը 1969ին էր, ու անկէ ետք ո՛չ պաշտօնական ժողովներ գումարուեցան (միայն «խորհրդակցական»), ո՛չ ալ եկեղեցիին ու հաւատացեալները յուզող հրատապ հարցեր քննարկուեցան: Ուշագաւ երեւոյթ է, որ ներկայիս Հայց. եկեղեցւոյ (Էջմիածինը եւ Անթիլիասը գումարած) 76 եպիսկոպոսներէն հազիւ երկու-երեքը նախապէս մասնակից եղած են որեւէ պաշտօնական եւ լիարժէք Եպիսկոպոսական ժողովի:

Եկեղեցւոյ ներկայ վերիվայրումները յատուկ նորութիւն մը չեն: Եկեղեցին ընդհանրապէս եւ եկեղեցւոյ նուիրապետականութիւնը յատկապէս՝ անցնող առնուազն հարիւր տարուան ընթացքին բազմաթիւ խորունկ տագնապներ տեսած են՝ Կոստանդնուպոլսէն մինչեւ Էջմիածին, 1950ականերու Անթիլիաս-Էջմիածին «տագնապ»էն մինչեւ 1960ականերու եւ 1980ականերու Երուսաղէմի տագնապները: Բայց ի տարբերութիւն անցեալին, երբ արտաքին դրդապատճառները աւելի շեշտակի դեր եւ ներգործութիւն ունէին տագնապներու դրսեւորման վրայ, այսօր եկեղեցին անյաղթահարելի խնդիրներ չունի՛: Բոլոր ներքին հարցերը լուծելի են:  Հաստատութիւններու կեանքին մէջ որեւէ լուրջ «տագնապ» յետաձգուած կամ չլուծուած խնդիրներու կուտակումն է: Այսօր նման կուտակումներու «տոմարը» լուրջ եւ հետեւողական քննարկումներու եւ լուծումներու առաջարկներ կը պահանջէ:

Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան կեանքին մէջ կան պահեր, երբ անհրաժեշտ է յետադարձ հայեացք մը նետել որդեգրուած արժէքներուն վրայ ու խորհիլ անոնց առաջադրած պահանջներուն մասին: Այսօր, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, որպէս կազմակերպութիւն, անյետաձգելիօրէն պէտք է յստակացնէ այժմէական հասարակական պայմաններու համահունչ իր առաքելութիւնն ու ուղենիշները, որպէսզի նորովի ծառայէ իրեն վստահուած ժողովուրդին:

Եպիսկոպոսական ժողովին ամենաանհրաժեշտ քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ  քննարկել, ճշդել եւ սահմանել եկեղեցւոյ «առաքելութեան առանցքը»՝ այս արագընթաց եւ համաշխարհայնացուած 21րդ դարու յառաջիկայ տասնամեակներուն:

Անշուշտ, եկեղեցւոյ առաքելութիւնը երկու հազար տարի առաջ ճշդուած էր առաքեալներու շրջանին՝ Քրիստոսի հիմնական պատգամներուն եւ Աւետարանին հիման վրայ (օրինակ՝ Ղուկ. 4:16-20, Մատթ. 28:19-20), բայց այսօր, մեծաւ մասամբ, ո՛չ եկեղեցականները, ոչ ալ աշխարհականները յստակ գաղափար կամ միահամուռ ըմբռնում ունին, թէ ինչպիսի՞ սկզբունքներ, ուղենիշներ, նպատակներ, արժէքներ եւ հեռանկարներ կը ներառէ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Անշուշտ, եկեղեցին դարերէն եկող յստակ առաքելութիւն ունի, բայց ինչպէ՞ս պէտք է իրականացնել այս առաքելութիւնը: Ինչպէ՞ս այդ առաքելութիւնը հաղորդական ու իմաստալից դարձնել Երեւանի, Գիւմրիի, կամ Շուշիի, կամ Պէյրութի, Ապու Տապիի, Փարիզի, Ամսթերտամի, կամ Լոս Անճելըսի, Թորոնթոյի, Գորտոպայի, Մելպուրնի կամ Հոնկ Քոնգի մէջ ապրող հայուն համար:

Ինչպէս որեւէ աշխարհիկ կամ կրօնական կազմակերպութեան կեանքին մէջ, առաքելութեան առանցքի յստակացումը արժէքներու ամփոփագիր մըն է (ինչպէս ուղղափառ հաւատքի պարագային Նիկիական հանգանակը): Այնտեղ կ՛ամրագրուին այնպիսի սկզբունքներ, որոնց ընդմէջէն տուեալ կազմակերպութիւնը իր հունաւորումը կը գտնէ եւ ուր կը սահմանուին այնպիսի չափանիշներ, որոնց համաձայն կը գնահատուի կազմակերպութիւնը իր հետեւորդներուն, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն կողմէ: Նման յստակ առաքելութեան ուղեցոյց մը արդիւնաւէտ է, որովհետեւ կ՛օգնէ կազմակերպութեան անդամներուն, որպէսզի կեանքի կոչեն ամրագրուած արժէքները: Սա որեւէ կազմակերպութեան վարքագիծը պէտք է ըլլայ, անոր հիմնաքարը՝ բոլոր առումներով:

Հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից առաքելութեան կարեւորագոյն արժէքներու յստակացումը եկեղեցւոյ սպասաւորներուն պիտի տրամադրէ հիմնական ուղենիշ մը, նպատակաուղղուած աշխատանքի եւ հոգեւոր ասպարէզի «քարտէս» մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ իսկական նպատակներուն ծառայել եւ որուն շուրջ պիտի համախմբուին հոգեւորականներն ու աշխարհական սպասաւորները:  Առաքելութեան եւ արժէքներու յստակացումը կենսունակութիւն կ՛երաշխաւորէ՛ եւ կ՛ամրապնդէ՛ ժողովուրդի հարազատութիւնն ու վստահութիւնը իրենց «հոգիի ծննդավայրին» նկատմամբ:

Անիմաստ է խօսիլ Հայ եկեղեցւոյ «ազգային» կամ «ընկերամշակութային» ծառայութեան կարեւորութեան մասին, առանց առաջնորդուելու անոր հիմնական հոգեւոր եւ կրօնաբարոյական առաքելութեան սկզբունքներով: Որքան ալ ընդունինք, որ եկեղեցին նաեւ ունի «աշխարհիկ» կարեւորութիւն, կ՛արժէ՛ ընդգծել, որ ինչպէս դարեր շարունակ, եկեղեցւոյ առաջնային եւ գերագոյն նպատակը հոգեփրկութիւնը եղած է, պարտականութիւն մը, եթէ ոչ «քաղցր լուծ», զոր իւրաքանչիւր հոգեւորական կ՛ուխտէ իր ձեռնադրութեան որոշադրիչ խորհրդակատարութեան ընթացքին: (Ձեռնադրութեան Մաշտոցը բազմիցս այս կէտը կը շեշտէ):

Հաստատութիւններ, որոնք իրենց հիմնադրիչ եւ առաջնային առաքելութենէն կը շեղին, ժամանակի ընթացքին կը դառնան ինքնանպատակ, իրականութենէ եւ հասարական կեանքէն հեռացած թանգարանային կառոյցներ: Այսօր, եթէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հայ եկեղեցին ունի «ազգային» դեր եւ կարեւորութիւն, ապա այդ ինչո՞վ կը տարբերի կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեգործական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու դերէն եւ ծառայութիւններէն: Ցայսօր, եկեղեցին նման հարց ոչ քննարկած է, ոչ ալ յստակ քաղաքականութիւն ճշդած է, թէ ինչ է իր «ազգային» դերը, չնայած որ հոգեւորականներուն մեծամասնութիւնը աւելի հանգիստ կը խօսի «ազգայինին» կամ լոզունգ դարձած «մեր հայրերու սուրբ հաւատքին» մասին, քան հասարակութիւնը մտահոգող բարոյական եւ հոգեւոր նիւթերու մասին:

Կարելի չէ արժէքներու նկատմամբ յարգանք ներշնչել՝ առանց զանոնք կեանքի կոչելու. սէր արժեւորել, ըսել է՝ սիրել: Արժէքները նաեւ կը ստեղծեն չափանիշներ, որոնցմով նաեւ մենք մեր գործունէութիւնը կը չափենք: Յստակ եւ տարածելի արժէքներ պէտք է ուրուագծեն եկեղեցւոյ վարչական կազմակերպչական սկզբունքները՝ որպէս ուղեցոյց եկեղեցւոյ հաւաքական գործընթացին եւ անոր ղեկավար մտածողութեան:

Վերջապէս, իւրաքանչիւր եկեղեցիի կենսունակութիւնը առաջին հերթին կախուած է հաւատացեալներու ոգեւորութենէն, անոնց պատասխանատուութեան զգացումէն եւ մասնակցութիւնէն, ոչ թէ միայն եկեղեցականներու կամ աշխարհականներու փոքր խումբի մը «տնօրինումներէն»: Այսօր շատ յստակ է, որ կ՛ապրինք բողոքի եւ պահանջատիրական դարաշրջանի մը մէջ, ուր հասարակութիւնը այլեւս բացարձակ իշխանութեան ու բռնատիրութեան հանդէպ ոչ թէ միայն իր վախը թօթափած է, այլ նաեւ որդեգրած է վճռակամ եւ հետեւողական պայքար՝ ի նպաստ հաւաքական շահերու: Մեր պարագային, սա չի նշանակեր, որ մարդիկ Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ եկեղեցւոյ դէմ պիտի «ապստամբին», բայց կ՛ընդգծէ այն իրականութիւնը, որ հասարակութեան սպասումներուն անտեսումը եկեղեցւոյ նուիրապետականութեան կղզիացումին կը տանի:

Այս առումով, եկեղեցին պէտք է պատրաստ ըլլայ Ապրեցնելու եւ ոչ թէ միայն քարոզելու Հայ քրիստոնեայ հաւատքը: Հայց. եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը սահմանելու համար Եպիսկոպոսական ժողովը կրնայ սկսիլ ամենապարզ հարցադրումներով, զորս այսօր որեւէ նման մեծ հաստատութիւն մը պիտի հարցնէր իր ներքին կեանքը դրսեւորելու եւ իր արտաքին յարաբերութիւնները ճշդելու համար:

Ի՞նչ է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նպատակը այսօր՝ 21րդ դարուն, այսինքն՝ ի՞նչ է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այսօր եւ գալիք տասնամեակներուն: Ի՞նչն է կարեւորը եկեղեցւոյ համար, այսինքն՝ արժէքներու ճշդում եւ առաջնահերթութիւն:  Ի՞նչ կ՛ուզենք ըլլալ, ի՞նչ է եկեղեցւոյ ղեկավարութեան տեսիլքը: Ի՞նչ է եկեղեցւոյ ծրագիրը, մարտավարութիւնը: Եւ վերջապէս, ի՞նչ պէտք է ընել եւ ինչպէ՞ս:

Նման հարցադրումներ, լուրջ մօտեցումներ եւ հետեւողական աշխատանքներ, մանաւանդ աշխարհականերու գործօն մասնակցութեամբ, արդէն կարգ մը համայնքներու մէջ արդիւնքներ տուած են եւ որոշ ծուխերու կենսունակութիւն եւ աշխուժութիւն բերած են:

Այսօր՝ 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակին, Հայց. առաքելական եկեղեցին իր բոլոր նուիրապետական աթոռներով ու կառոյցներով, իր ուժերն ու «հարստութիւնը» պէտք է համատեղէ, որպէսզի իւրաքանչիւր ծուխ, թեմ կամ եկեղեցական համայնք վերածուի իսկական հոգեւոր «տուն»ի մը, ուր Հաւատքը, Յոյսը եւ Սէրը համայնքային եւ հոգեւոր կեանքին հիմնաքարերն են:

Վարչական ու կազմակերպչական ծիրէն անդին ու աւելի կենսական՝ Հայց. եկեղեցին պէտք է մտաւորական շփում մշակէ հասարակութեան հետ մարդկութիւնը յուզող այժմէական ընկերաբարոյական ու այլ հարցերու մասին: Պաշտամունքային կամ ծիսական բարեփոխումներ ցանկալի են եւ թերեւս անհրաժեշտ, բայց իմաստազուրկ են, երբ հասարակութեան կամ բարեպաշտ ժողովուրդին առօրեային հետ ոչ առնչութիւն ունին, ոչ ալ ուղղակի ազդեցութիւն: Օրինակ՝ մկրտութեան ծէսի բարեփոխումը եւ կանոնաւորութիւնը շատ աւելի իմաստալից պիտի ըլլայ, եթէ նաեւ նոյնքան լուրջ ժամանակ, մտածողութիւն ու ջանք թափուի հայ մարդուն բացատրելու, թէ ի՞նչ է մկրտութեան իմաստը եւ ի՞նչ է ծէսին առնչութիւնը իր 21րդ դարու կեանքին մէջ: Այսինքն, ի՞նչ է մկրտուած հայ քրիստոնեայ ըլլալու իմաստը ներկայ բազմակարծիք եւ բազմահոսանք աշխարհին մէջ, ուր հայ մարդը, ի տարբերութիւն հեռաւոր անցեալին, մնայուն շփում ունի այլազան եւ ոչ աւանդական մտածողութիւններու եւ թեքումներու հետ:

Եկեղեցի մը, առանց յստակ քրիստոնէական առաքելութեան՝ աշխարհիկ կազմակերպութիւն մըն է, զուրկ իր հոգեւոր գործօնէն: Եկեղեցի մը, առանց հաւաքաբար կամ անհատապէս աղօթող հաւատացեալներու՝ լոկ կառոյց մըն է: Եկեղեցի մը, առանց ուրիշներու օգնելու պատրաստակամութեան եւ համայնքային ծառայութեան՝ պարզապէս անցեալի փառքերու պահեստանոց մըն է:

Սա է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ այսօրուան հիմնախնդիրը. մնացեալը՝ թէկուզ կարեւոր, մանրամասնութիւններ են:

ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Հրատարակուած՝ «Ազդակ»-ի (23 Սեպտեմբեր 2013), «Մասիս»-ի (Լոս Անճելըս,  21 Սեպտեմբեր 2013), «Հորիզոն»-ի (Մոնթրէալ, 23 Սեպտեմբեր 2013), «Ասպարէզ»-ի (Լոս Անճելըս, 23 Սեպտեմբեր 2013), «Նոր Յառաջ»-ի (Փարիզ, 14 Սեպտեմբեր 2013) եւ «168ԺԱՄ»-ի (Երեւան, 16 Սեպտեմբեր 2013) մէջ:

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, ընկերաբան, սփիւռքագետ, Օքսֆորտ համալսարանի Ասիական եւ Մերձաւոր արեւելիքի ուսմանց ամպիոնի դասախօս եւ «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» ծրագրի ղեկավար: Համալսարանական ուսումը Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ Լոնտոն ստացած է, իսկ Ընկերաբանական Գիտութիւններու (sociology) դոկտորական կոչումը Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան ու Քաղաքագիտութեան համալսարանէն (London School of Economics): Տասը տարի պաշտօնավարած է Գեմպրիճ համալսարանի մէջ եւ 2012-էն ի վեր Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս է: Ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ (www.hratch.info): Իր վերջին հրատարակութիւններէն են՝ «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ»ի 2019, 2021 եւ 2022 թուականներու տասը երկիրներու մէջ կատարուած դաշտային աշխատանքներու արդիւնքները, եւ վերջերս լոյս տեսած` “Reverse Engineering: A State-Created “Albanian Apostolic Church” in Caucasian Albania. An International Handbook (eds., Jost Gippert and Jasmine Dum-Tragut), De Gruyter Mouton, 2023, եւ “Armenian Communities in the Middle East: Losing the Past in the Future?” in From Pluralism to Extinction?: Perspectives and Challenges for Christians in the Middle East (ed. Sotiris Roussos), London: Transnational Press, 2023 (Տես` (Տես` Տարբերակ21-ի «Գիրքերու հետ» բաժինը):):

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x