Վերջապէս կրնանք ուրախութեամբ յայտարարել, որ այսօր հայրենասիրութիւնը արդէն բոլորին մատչելի ու հասանելի երեւոյթ է։ Այլեւս պէտք չէ անպայման սահմանին վրայ կանգնիլ, մեծ գումար նուիրաբերել, կամ որեւէ ծանր ու մեծ բան ընել։ Այժմ կարելի է հայրենիքը սիրել ինչպէ՛ս ուզես եւ ո՛ւր ուզես։ Հայրենիքը ամէն անկիւնի վրայ է, տարբեր գոյներով ու տեսակի, տարբեր չափերով, աժան, չպարտաւորեցնող, յարմարող։ Այժմ հայրենասիրութիւնը ոչ միայն պարտականութիւն է, պատասխանատուութիւն եւ իրաւունք, այլեւ մոտա, ժամանց ու նորամուծութիւն։ Օրինակ Երեւանի մէջ կարելի է ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը գնել, շարել սեղանին, փակցնել պատերուն եւ ունենալ անձնական փոքրիկ հայրենիքը, ուր ամէն ինչ քու ուզածից պէս է։ Մասիսը մերը չէ, բայց ան այդ մասիսներէն մէկն է, հոս ու հոն այնքան մասիսներ կը ծախեն, որ իւրաքանչիւր հայու քանի մը երկվեցեակ կը հասնի։ Մասիսազարդ գուլպաներ, խմորեղէն, նարտ, ճատրակ, շապիկներ, շալեր, վզնոց, մատանի․․․ինչ որ ուզես, ինչ գինի որ ուզես։ Կարելի է գնել 20 տոլարանոց արծաթէ Մասիս, որ միշտ մատիդ վրայ ըլլայ, կարելի է 1000 տոլարի նարտ-մասիս գնել՝ աչքին համար հաճելի, ձեռքի համար օգտակար՝ ծիրանի փայտէ պատրաստուած, այսինքն ազգային Մասիսը աւելի ազգային կը սկսի դառնալ, որովհետեւ ազգային ծիրանի փայտէ պատրաստուած է։ Աւելի՜ն, պատրաստող վարպետը եւս ազգային մարդ է, հայ է, կը սիրէ հայրենիքը, ուստի այդ նարտին գինը աւելի կը սղի։ Եթէ հաշուենք, որ այդ վարպետը նաեւ զինուորին կենացը կը խմէ ապա այդ նարտը գրեթէ անգին է, ան ոչ միայն Մասիս է, այլեւ ազգային դարաւոր պայքարի խտացուած խորհրդանիշ մը, ազգային ուղի դէպի անմահութիւն․․․․․բայց մենք երազաներով տարուեցանք, մէկ խօսքով 1000 տոլար, բայց յանուն քեզ (գնողը անծանօթ է, հիմնականօրէն սփիւռքէն, կամ ալ որոշած է թարմացնել իր տան կահոյքին ազգային-հայրենասիրական մասը) 950-ով կու տամ․․․․
Հայաստանի մէջ կը վաճառուի ամբողջ հայրենիք մը՝ այնքանով, որ նոյնիսկ գունակուրութիւն ունեցողները կրնան ունենալ Մասիսի իրենց ուրոյն տարբերակը: Բայց ինչու՞ միայն Մասիս, կարելի է գնել ամէն ինչ ու վաճառել ամէն բան, բացի Եռաբլուրի գերեզմանոցէն։ Հոն տեղ կարելի է ունենալ կեանքի գնով, իսկ մենք, ինչպէս ծանօթ է, միշտ ալ կրնանք փոխարինիչներ գտնել։ Ու պատկերացուցէք, մէկ պատին վրայ Մասիսն է, միւս պատին՝ Աւարայրը, սեղանին Արարատ քոնեակը, Տիգրան Մեծի նկարով նօթատետր եւ այլն եւ այլն եւ այլն։
Հանրապետութեան շուրջ 45 տոկոսը աղքատ է, կամ կ’ընթանայ դէպի աղքատութիւն։ Այդ այն աղքատութիւնը չէ, որու պարագային սովամահ կ’ըլլան, այլ այն աղքատութիւնն է, որ դանդաղ կը մաշէ մարդը, կը գունաթափէ անոր ողջամտութիւնը, սթափութիւնը, ոգեւորութիւնն ու ցանկութիւնը։ Այդ այն տնտեսական քաղցկեղն է, որ կը սպանէ մարդը՝ զայն դարձնելով ապագան տեսնել չցանկացող ստուեր մը։ Բայց՝ հայրենասէ՛ր։
Հանրապետութեան պատմական-ճարտարապետական յուշարձաններուն մէկ զգալի հատուածը պղծուած է մեր իսկ ձեռքերով․ եկեղեցիներ, արձաններ, խաչքարեր․․․բոլորին վրայ տարատեսակ գրութիւններ, փորագրութիւններ, ներկ եւ այլն։ Բայց՝ հայրենասէ՛ր։
Սեփական պատմութեան ամենէն կարեւոր հատուածներուն անտեղեակ, բայց՝ հայրենասէ՛ր։ Ոչինչ գիտեն Մասիսի մասին, չեն գիտեր տեղադրութիւնը, նահանգը, մարզը ուր գտնուած է, երբ որու տարածքին գտնուած է, բայց Մասիսը կը սիրեն, երեխաներու անունը Մասիս կը դնեն, նարտի վրայ կը փորագրեն, թաղամաս, քաղաք, փողոց կ’անուանեն, մատանիներ ու վզնոցներ կ’արտադրեն։ Անգրագէտ, բայց՝ հայրենասէ՛ր։ Պի՛ղծ, գողցո՛ղ, կաշառակե՛ր, անտարբե՛ր, բայց՝ հայրենասէ՛ր։
Ա՜խ այս անմեղսունակ հայրենասիրութիւնը։
Այժմ ալ ամանորին կը պատրաստուին ու խանութներու մէջ մրցում կայ, սեղանային մրցակցութիւն, թէ որո՛ւ սեղանին վրայ ո՛ր ուտելիքէն աւելի շատ պիտի ըլլայ։ Սեղանին ազգային տոլմային հետ խաղաղ բազմած է ապազգային աղցանն ու հիւթը, կէս-ազգային, կէս-տարածաշրջանային խոզի պուտը եւ այլն, որուն համար մեր հայրենասէրը ծախսած է իր ունեցած կամ պարտքի առած գումարին մեծ մասը, որովհետեւ տօն է, ուրախութիւն է, ամօթ է, որ դրացին ունենայ, իսկ ինքը՝ ոչ եւ հոգիին խորքը անէծք, թէ գրողը տանի՝ ե՞րբ պիտի աւարտի Նոր Տարի կոչուած այս փորձանքը, որ այլեւս չ’ուրախացներ, անվերջ ծախս է եւ այլն։
Ու ի հարկէ հայրենասիրութիւնը նարտերէն ու նկարներէն, ֆեյսպուքէն ու շապիկներէն բացի կը տարածուի նաեւ մեր ամանորի կենացներուն մէջ։ Մենք իրօք կը հաւատանք, որ եթէ քանի մը օր անընդհատ միս ուտենք, ահռելի քանակով ալքոլ օգտագործենք, պարենք, ապա այդ անվիճելի երաշխիք մըն է, որ յաջորդ տարին աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, որ Աստուած մեզի լիութիւն, առողջութիւն ու երկար տարիներու անհոգ կեանք մը կու տայ։ Մենք իրօք կը հաւատանք այդ պահերուն։ Համատարած սուտով ապրելու պարագային եւս, մէկ սուտի յաւելումը չի խանգարեր։ Եթէ մենք պատրաստ ենք միլիոնաւոր դրամներ վճարելու դպրոցին ու համալսարանին, բայց չսորվիլ, տիփլոմ ստանալ, բայց չօգտագործել, տուրք չվճարել, բայց ուժեղ պետութիւն ունենալու ցանկութիւն յայտնել, ապա ի՞նչ է վատը, որ Նոր Տարուայ գիշերը երգենք, պարենք ու Տիրոջմէ խնդրենք, որ մեզի տայ այն բոլորը, որուն մեր ջանքերով պիտի հասնինք։ Այդ ալ դրամով չէ, չէ՞։ Փափաք է, վատ բան չէ։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Րաֆֆի կը նկարագրէ, թէ ինչպէս Փայաջիկի մէջ հայ գիւղացիները հրացաններու կրակոցով կը ճամբէին հին տարին եւ կը դիմաւորէին նորը, այդպէս կ’ընեն անվերջ եւ այդ նոր տարիներէն որեւէ մէկը իրեն մխիթարութիւն չի բերեր, որովհետեւ հայը անշարժ է իր գոյութենական վիճակին մէջ՝ գերեզմանային լռութեամբ ու դիակի համբերատարութեամբ։
Մասիսաշունչ մեր պատերը, հայրենասիրական մեր կենացները, որոնցմով մենք կը զարդարենք մեր անյայտ ապագայի սիւները, մեզի կը խոստանան մէկ այլ ապահով տապալումը մեր սնանկացած ընթացիկ յոյսին։
Մենք դեռ պիտի շարունակենք Մասիսը սիրել պատերու եւ նարտերու վրայ, հայրենիքը ծաղկացնել կենացներով, բայց ո՛չ աշխատանքով, պատմութիւնը պիտի ընկալենք որպէս հեքիաթ ո՛չ թէ որպէս գրութիւն։ Պիտի շարունակենք լսել թրքական երգերը ու դիտել ֆիլմերը, լալ Ղազանչեցոցի համար, բայց այլանդակե՛լ Շահ-Մուրադի վանքը (որու գմբէթներէն մէկը արդէն չկայ, թերեւս չըլլայ նաեւ միւսը), պիտի շարունակենք նայիլ գրեթէ 3 հազար տարեկան Էրեբունիի ամրոցի պատերուն քանդակած այլանդալութիւններուն ու նորէն կենաց պիտի խմենք յանուն պայծառ ապագայի։
Կ’երեւի թէ բնական է, որ այս պարագային, մարդու սիրտը այնպէս կը նեղուի ու կը չարանաս դուն քու վրադ ալ, հայրենակիցներուդ վրայ ալ, որ կը շարունակեն այս խելագարութիւնը, ու յետոյ ալ կը փորձես փիլիսոփայական հանգստութեամբ ըսել, որ ոչինչ, քանի մը օր թող ուրախանան, նոյնն է, ամբողջ տարին կ’անցնի լարուածութեան մէջ։ Յետոյ կը յիշես, որ յունուար 3-ին պիտի շարունակուի նոյն այլանդակութիւնը, որ ըրած ես եւ կ’ընէիր մինչեւ դեկտեմբերի 31-ի այդ միամիտ կենացները՝ ու աւելի կը չարանաս։ Որովհետեւ պիտի շարունակուի պատմութեան մոռացումը, Մասիսներու վաճառքը որ արդէն դարձած է յուշանուէր, պիտի շարունակուի կաշառքը, անգրագիտութիւնը, կռուազանութիւնը։ Եկող տարի, երբ երիտասարդ մը սպանուի անիմաստ վէճի մը, յիմար պատճառով մը, ապա Նոր Տարուայ գիշերը անոր առողջութեան ու երկար տարիներու համար կատարուած կենացը ի՞նչ է, պէտք է ջնջե՞լ։ Ին՞չ իմաստ ունի ամէն ինչ սխալ ընել մինչեւ դեկտեմբերի 3-ը, ապա երեք օր ընկղմուիլ ինքնամոռաց արբունքի մէջ, յունուարի երեքէն սկսեալ շարունակել նոյն թափով սխալիլ եւ յուսալ, որ 2026-ը աւելի լաւը կ’ըլլայ։ Ի՞նչ հիմամբ պիտի աւելի լաւը ըլլայ։ Երբ կը յիշես, որ մայիս-յունիս ամսուն ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան ու թէ ալ ի՜նչ նողկալի մթնոլորտ պիտի աւելնայ, կը չքանայ Նոր Տարի նշելու տրամադրութիւնը առհասարակ։ Որովհետեւ այս նոր տարի չէ, սա պարզապէս փաթեթաւորուած ինքնախաբէութիւն է, զարդարուած սուտ, հաւաքական կեղծիք։
Հին մարդը, երբ իրեն համար տօն ու ծէս կը յօրինէր, գիտէր, թէ ի՛նչ կ’ուզէ, ինչո՛ւ կ’ուզէ ու քիչ թէ շատ կը պատկերացնէր իր դերն ու նշանակութիւնը այդ բոլորին մէջ։ Անոր երազած գայլի ու արջի ոգիները աւելի իրական էին, քան մեր ժպտերես կենացները։
Նոր տարի չկայ, չէ եղած ու դեռ պիտի չգայ, քանի դեռ հայը կը շարունակէ իր անշարժ գոյաբանութիւնը, քանի դեռ ան չուզէր հասկնալ, որ սրբութիւնները կարելի չէ վաճառել նարտի վրայ որպէս զարդարանք, քանի դեռ ան չէ հասկցած, որ հայրենասիրութիւն բառը հականիշ է իր ապրելու սկզբունքի գրեթէ 90 տոկոսին։ Իսկ ինչո՞վ է վատ մասիսազարդ նարտը, կը հարցնեն մարդիկ։ Իսկ վատ է անով, որ մասիսազարդ մատանին, նարտը, վզնոցը եւ մնացեալը պարզապէս գեղեցիկ՝ իրենը չեն արդէն, անոնք գաղափարական մաշումի մանրատիպեր են, որովհետեւ անոնք կուլ կու տան այդ բոլորին իրականութիւնը եւ պարզապէս կը դառնան վաճառք, պարզապէս կը դառնան զարդ։ Մասիսը կը կորսնցնէ իր իմաստն ու նշանակութիւնը, կը դառնայ ուղղակի հաճելի բան մը, անվնաս հայրենասիրութիւն՝ ոչ ոքի վնասող, ոչ ոք անհանգստացնող։



Ամանորյա հայրենասիրական լավ կենաց է: Ամե՜ն: Թող կատարվի: