Հետագայ տողերով կը ներկայացնենք հայկական իրականութիւններ, զորս քաղած է Տարբերակ21-ի ոսպնեակը 2025-ին՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Զանոնք կը ներկայացնենք ոչ իբրեւ սպառած տեղեկութիւններ, այլ որպէս դիտարկումներ, որոնք մտածել կու տան՝ քննականօրէն անշուշտ։
- NVIDIA զգալի ներկայութիւն կը դառնայ Հայաստանի մէջ

NVIDIA կը գործակցի Հայաստանի կառավարութեան եւ Firebird արհեստական բանականութեան նորաստեղծ ընկերութեան հետ՝ 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ գերհամակարգիչ մը ստեղծելու Հայաստանի մէջ, որ պիտի սկսի գործել 2026-ին։ Այս ծրագիրը Հայաստանը կը դարձնէ ԱԲ-ի (AI) կեդրոն մը շրջանին մէջ։ Այս նախձեռնութիւնը շարունակութիւնն է 2022-ի սկսած այլ ծրագրի մը, որ կը միտէր Երեւանի մէջ ճարտարագիտական հետազօտութեան եւ զարգացման կեդրոն մը բանալու՝ ներգրաւելով մասնագէտներ եւ մասնաւորաբար օգտուելով 2022-էն ետք Հայաստան հաստատուած ռուս արհեստագէտներու ներկայութենէն։ Նոր հաստատութիւնը պիտի օգտագործէ հազարաւոր Blackwell GPU-ներ եւ պիտի գործածէ ամերիկեան չիփեր, որոնց դէպի Հայաստան արտածումը կանաչ լոյս ստացաւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն ՝ Հայաստանը դարձնելով զարգացող շուկաներու համար AI ենթակառոյցի կարեւոր դերակատար մը։
- Լիբանանեան սփիւռքը շատ աւելի մեծ է, քան երկրին բնակչութիւնը
Աշխարհատարած լիբանանեան սփիւռքը կը գնահատուի շուրջ 15,4 միլիոն հոգի, մինչ Լիբանանի բնակչութիւնը շուրջ 5 միլիոն է։ Այլ խօսքով՝ Լիբանանէն դուրս ապրող լիբանանցիները աւելի քան երեք անգամով կը գերազանցեն ներսը ապրողները։ Մեծագոյն համայնքը Պրազիլի մէջ է (մօտ 7 միլիոն լիբանանեան ծագումով), ինչպէս նաեւ Ամերիկեան ցամաքամասի տարբեր երկիրներու մէջ։
- Լիբանան մէջ, 90 տարիէ ի վեր, մարդահամար չէ կատարուած
Վերջին պաշտօնական մարդահամարը կատարուած է 1932-ին։ Այդ օրէն ի վեր իշխանութիւնները կը խուսափին նոր մարդահամարէ՝ վախնալով, որ կրնայ խախտիլ համայնքային հաւասարակշռութիւնը եւ հետեւաբար՝ իշխանաբաշխման համակարգը։ Արդարեւ, ժողովրդագրական բոլոր տուեալները ենթադրութիւններ են՝ բնորոշ լիբանանեան իրավիճակ մը, ուր քաղաքականութիւնը կը գերադասուի վիճակագրութենէն։
- Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն հինգ տարի ետք՝ տակաւին արդարութիւնը չէ հաստատուած

4 Օգոստոս 2025-ին, լիբանանցիք նշեցին պայթումին հինգերորդ տարելիցը։ Մինչեւ այսօր ոչ մէկ պաշտօնեայ պատասխանատուութեան ենթարկուած է։ Քննութիւնը բազմիցս կասեցուած է քաղաքական միջամտութիւններու պատճառով, եւ թէեւ դատաւորը 2025-ին վերսկսած է իր աշխատանքներուն, գործը փաստացիօրէն սառեցուած է։ Այս մէկը խորապէս ցաւալի փակուղի մըն է զոհերու ընտանիքներուն եւ արդարութեան համար։
- Հայաստանի բնակչութիւնը մէկ տարուան մէջ 84.000-ով աճած է
2024-ին, Հայաստանի բնակչութիւնը կը հասնի շուրջ 3.075.000-ի (2025 Յունուար 1-ի դրութեամբ)։ Այս աճը, սակայն, ծնելիութեան արդիւնք չէ, այլ՝ բռնագաղթուած արցախցիներու ներկայութեան։ 2023 Սեպտեմբերին, Արցախի ամբողջ հայ բնակչութիւնը (աւելի քան 100.000 հոգի) տարագրուեցաւ Հայաստան՝ ժամանակաւորապէս բարձրացնելով բնակչութիւնը շուրջ 3%-ով։
- Երկար տեւողութեան վրայ Հայաստանի բնակչութեան թիւը կը շարունակէ նուազիլ

Հայաստանի մէջ, ծնելիութեան համեմատութիւնը շուրջ 1,6–1,7 է, մինչ արտագաղթը կը շարունակուի, եւ ըստ նախատեսութիւններու, մինչեւ 2050 Հայաստանի բնակչութիւնը կրնայ իջնել մօտ 2,37 միլիոնի։ Մէկ տարուան ներհոսքը չի կրնար փոխել տասնամեակներու նահանջը։
- Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը համաձայնին խաղաղութեան տարազի մը շուրջ
8 Օգոստոս 2025-ին, Ուաշինկթընի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Իլհամ Ալեւ ստորագրեցին 17 յօդուածէ բաղկացած խաղաղութեան նախագիծ մը։ Թէեւ երեւոթը պատմական կը նկատուի, սակայն սահմանազատման եւ հայերու իրաւունքներու նման հարցեր կը մնան անլուծելի, իսկ իրականացումը՝ խոցելի։
- Հայաստանի բնակչութեան գրեթէ մէկ չորրորդը կ’ապրի արտասահման
Հայաստանի քաղաքացիներուն մօտ 29%-ը կը բնակի երկրի սահմաններէն դուրս։ Այս թիւը բնականօրէն չի ներառեր արեւմտահայ սփիւռքը։ Այս տոկոսը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Հայաստան մեծապէս կախեալ է դրամական փոխանցումներէ։
- 2025-ին Հայաստանի մէջ՝ 814.818 գրանցուած աշխատատեղի. պատմական երեւոյթ
Հայաստանի տնտեսութիւնը կը շարունակէ աճիլ՝ խթանուած արհեստագիտան, մանաւանդ IT ոլորտի բարգաւաճումով եւ պատերազմէն ետք կատարուած վերականգնումի ճիգով։ 2025-ի նոյեմբերին գրանցուած աշխատավարձ ստացող աշխատողներու թիւը կը գերազանցէ 814.818-ը։ Այս 4,8% աճ մըն է նախորդ տարուան համեմատ եւ կը նշանակէ, որ 2018-էն ի վեր ստեղծուած են աւելի քան 222.000 նոր աշխատատեղեր։ Թէեւ անգործութիւնը տակաւին բարձր է միջազգային չափանիշերով, այս թիւը նշանակալի է, որ աւելի շատ հայեր, քան նախապէս, այժմ ներգրաւուած են պաշտօնական եւ վարձատրուող աշխատանքի մէջ:
- Եկեղեցի–պետութիւն լարուածութիւնը կը սրի Հայաստանի մէջ
2025-ին Հայաստանի կառավարութիւնը բացայայտ հրպարակային ճակատումի մէջ մտաւ Հայաստանի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան հետ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ տկարացնել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի դիրքը՝ զայն նկատելով որպէս ընդդիմութեան կողքին կանգնած հեղինակութիւն:
- Սփիւռքեան հեռանկարներ (Diasporan Perspectives) վերլուծական հարթակի ստեղծում
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 2025-ին նախաձեռնեց «Diaspora Perspectives – the Gulbenkian Initiative on Armenian Issues» վերլուծական հարթակի ծրագիրը։ Այս հարթակը կը միտի ուսումնասիրելու եւ քննարկելու աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու հարցերը եւ ամրապնդելու Հայաստան–սփիւռք կապերը։ Այն ժամանակաշրջանին, երբ սփիւռքի ներգրաւումը կենսական է Հայաստանի ապագային համար, այս նախաձեռնութիւնը ճիշդ ժամանակին առնուած քայլ մըն է՝ ձեւաւորելու նոր գաղափարներ ու քաղաքականութիւններ։
- Լիբանանի հայ համայնքը զգալիօրէն նօսրացած է։

Ժամանակին ծաղկող հայ համայնքը շարունակ նահանջի մէջ է։ 20-րդ դարու կէսերուն Լիբանանը հայ սփիւռքի առանցքային կեդրոն էր․ աւելի քան 200.000 հայեր կ’ապրէին երկրին մէջ, իսկ Պէյրութը երբեմն կը կոչուէր «հայերու Փարիզը»։ Քաղաքացիական պատերազմէն (1975–1990) եւ վերջին տնտեսական փլուզումէն ետք, բազմաթիւ հայեր սկսան հեռանալ։ Թէեւ պաշտօնական տուեալներ չկան, կարգ մը աղբիւներ այսօր լիբանանահայերուն թիւը կը գնահատեն շուրջ 60.000։ Հայկական վարժարաններու թիւը բարացուցական է այս իմաստով: 1950-ականներուն անոնք 56 էին, այսօր՝ միայն 16։
- Արեւմտահայերէնը կը շարունակէ վտանգուած լեզու մնալ

Լիբանանահայերուն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի սփիւռքահայերուն խօսած հայերէնը արեւմտահայերէնն է։ UNESCO-ն արեւմտահայերէնը դասակարգած է իբրեւ վտանգուած լեզու։ Սերունդ առ սերունդ, աւելի շատ սփիւռքահայեր կ’որդեգրեն տիրապետող լեզուները (արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ այլն), եւ քիչեր կը հասնին հայերէնի լիարժէք տիրապետման։ Արեւմտահայերէնը փրկելու նախաձեռնութիւններ՝ շատ, սակայն պատճառահետեւանքային քննարկումները կը մնան մակերեսային:
- Հայաստանի արհեստագիտական մարզը կ’ապրի զգալի վերելք մը

Հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, Հայաստանի մէջ, համակարգչային ծրագրաւորումի, յաւելուածներու, հաղորդակցութեան եւ ԱԲ-ի մարզերը լուսաւոր ապագայ կը խոստանան։ 2024-ին, այս ոլորտի Հայաստանի արտադրութիւնը կը հասնի 2,3 միլիառ տոլարի՝ կազմելով երկրի համախառն արտադրութեան շուրջ 7%-ը։ Այս ոլորտը նաեւ գործ կը հայթայթէ աւելի քան 58.000 հոգիի (աշխատուժին շուրջ 7%-ը), եւ ուշագրաւ է, որ աշխատողներուն մօտ 40%-ը կիներ են (թէեւ մեծ մասը ոչ ճարտարագիտական դերերու մէջ)։ Կարեւոր հանգրուան մը կը նկատուի նաեւ Արա Մահտեսեանի եւ Վահէ Քուզոյեանի Քալիֆորնիոյ մէջ հիմնած ServiceTitan ընկերութեան հրապարակային արձանագրութիւնը NASDAQ-ի մէջ 2024-ի կէսերուն: Շուրջ 10 միլիառ տոլար արժող այս միջազգային ընկերութիւնը նաեւ կը գործէ Հայաստանի մէջ:
- Լիբանան աշխարհի ամենէն աւելի դրամական փոխանցումներէ կախեալ երկիրներէն մէկն է

Արտասահման ապրող լիբանանցիներուն ուղարկած դրամական փոխանցումները կենսական դարձած են երկրի տնտեսութեան համար, յատկապէս 2019-ի ճգնաժամէն ետք։ 2022-ին այդ փոխանցումները կը կազմէին ազգային համախառն արտադրութեան 17.2%-ը, իսկ 2023-ին անակնկալօրէն կը հասնին 35%-ի (յատկապէս լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումին հետեւանքով)։ Համաշխարհային դրամատան համաձայն, փոխանցումներէ կախեալութեան առումով, Լիբանան կը գտնուի աշխարհի առաջին տասը երկիրներու շարքին։ Հայաստանի պարագային այդ փոխանցումները շուրջ 6% են, իսկ համաշխարհային միջինը՝ 1%-էն պակաս։ Այսօր բազմաթիւ լիբանանցի ընտանիքներ իրենց կենցաղը կը պահեն արտասահմանէն առաքուած գումարներով։ Միայն 2024-ին, Լիբանան շուրջ 5.8 միլիառ տոլար փոխանցումներ ստացած է։
- Կլենտէյլը (Քալիֆորնիա) գրեթէ կիսով հայ է

Լոս Անճելըսի հիւսիս գտնուող Կլենտէյլ քաղաքը աշխարհի հայ սփիւռքի մեծագոյն կեդրոններէն մէկն է։ 2000-ի մարդահամարին համաձայն, հոն կ’ապրէին 65.000 հայեր (քաղաքի բնակչութեան 34%-ը), իսկ 2005-ին այս համեմատութիւնը կը հասնի մօտ 40%-ի։ Այսօրուայ գնահատումով 80.000-է աւելի ամերիկացի հայեր կ’ապրին հոն։ Քաղաքին մէջ քալելու ատեն կարելի է լսել հայերէնը խանութներու մէջ եւ ամենուր տեսնել հայկական ճաշարաններ, դպրոցներ ու մշակութային կեդրոններ։ Շուտով հոն կը բացուի նաեւ Հայ Ամերիկեան Թանգարանը (2026)։


