Կեանքի փորձառութիւնը, ինչպէս արուեստը, մեզի կը սորվեցնէ, թէ կատարելութիւնը նպատակ չէ։ Գլուխ գործոցները հազուադէպօրէն անթերի գործադրութեան արդիւնք կ՚ըլլան։ Անոնք կը ծնին արուեստագէտին համարձակութենէն՝ փորձելու, սխալելու, անակնկալը գրկաբաց ընդունելու։
Այս փոքր ուսումնասիրութիւնը կու տայ համառօտ ծանօթացում մը՝ թէ ի՛նչ է Եպիսկոպոսաց Ժողովը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եպիսկոպոսներու քանակական պատկերն ու հաւաքական դիմագիծը (profile)։
Հայերու եւ Սուրիոյ այլ կրօնական համայնքներուն յարաբերութիւնները ընդհանուր առմամբ խաղաղ եղած են, սակայն միշտ ալ հիմնուած գործնական համակեցութեան, այլ ոչ թէ իրական հաւասարութեան վրայ։
Հոգեւորականներուն մեծամասնութիւնը աւելի հանգիստ կը խօսի «ազգայինին» կամ լոզունգ դարձած «մեր հայրերու սուրբ հաւատքին» մասին, քան հասարակութիւնը մտահոգող բարոյական եւ հոգեւոր նիւթերու մասին:
Արեւմտահայերէնի պայքարը միայն քերականութեան կամ բառապաշարի հարց չէ․ ան ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ գոյատեւման խնդիր է։
Այս սերունդը, որ ժառանգած է ոչ թէ իմաստ, այլ ալկորիթմեր՝ նախատեսուած գուշակելու նոր սերունդին քայլերը` առանց ըմբռնելու անոր հոգիին խորութիւնը, այսօր կ’ապրի հոգեւոր սովի մէջ։
Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ ունին:
Այսօր սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւնները կը նմանին լքուած շէնքերու, ուր անցեալի փառքը տակաւին յայտնապէս տեսանելի է, տէրերը, դեռ տեղ մը գոյութիւն ունին, բայց շատ քիչ բնակիչներ մնացած են
Պաքու հարիւրաւոր միլիոններ կը ծախսէ եւ հսկայական միջոցներ կը սպառէ ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ արդիական, կենսուանակ եւ ազդեցիկ պետութիւն մը:
Յաճախ կ'ըսուի որ սփիւռքը «հարստութիւն» կամ «ուժ» մըն է Հայաստանի համար, սակայն այս հաստատումը ընդհանուր գաղափար մըն է, որ պէտք է գործնական տարազի մը մէջ դնել ու յստակացնել:
Այսօր, երբ կը քննարկենք հայկական փափուկ ուժի իրավիճակը կամ Հայաստանի յարաբերութիւնները սփիւռքի հետ, սկսելով մշակոյթէն, ակնյայտ կը դառնայ, որ վերջին երեսուն տարիներուն որեւէ լուրջ աշխատանք չէ կատարուած: