Երբ մտաւորականներ կը մահանան, յաճախ կ՚ափսոսանք անոնց տակաւին ծաւալելիք գործունէութեան դադրեցման՝ չանդրադառնալով, թէ գուցէ անոնք մեզի տուած են մարդկային կարողութեան սահմաններէն շատ աւելին։ Կը հաւատամ, որ տոքթոր Արմենակ Եղիայեանը այն անձերէն է, որ ամբողջ կեանք մը ու աւելին նուիրեց մայրենիին եւ անոր ճամբով ալ՝ մեզի։
Ասպարէզով ատամնաբուժ՝ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան նաեւ մանկավարժ, լեզուագէտ, գրականագէտ, դասագիրքերու հեղինակ էր։ Ես ինքս հայ լեզուի եւ գրականութեան գիտութեամբ սկսած եմ թրծուիլ ի՛ր պատրաստած «Ծիածան» դասագիրքերու ճամբով։ Նախքան զինք ծանօթանալս, ան «Ծիածան» ընթերցարանի կողքին պատկերուած երկինք արձակուած եօթը փուչիկներուն հասնիլ փորձող փոքրիկ տղեկն էր, մինչեւ որ օր մը ծնողքս զիս տարաւ անոր«Կիլիկիա» շրջանի դարմանատունը, որ իր հօրենական տունն էր, ու փոքրիկ տղեկը փոխարինուեցաւ «լեցուն գիրքեր ունեցող ատամնաբուժ»-ով, որովհետեւ անոր դարմանատան ընդունարանին պատերուն շարուած գիրքերը աւելի տպաւորած էին մանկական երեւակայութիւնս քան իր տեսքը։

Ի դէպ, Արմենակ Եղիայեանը վերոնշեալ ընթերցարանը պատրաստած էր կամաւոր աշխատանքով եւ, ըստ իս, իր հաստատակամութեան շնորհիւ։ «Համազգային»-ի 95-ամեակին նուիրուած հատորին մէջ, ան կը պատմէ այս պատրաստութեան երկունքը՝ թէ ինչպէս 1983 թուականին, Լիբանանի թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի եւ «Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան» Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան անդամ ըլլալով, կը միանայ զոյգ կազմերուն հովանիին տակ գործող «Դասագիրքերու միացեալ յանձնախումբ»-ին, սակայն ի վերջոյ առանձինն գլուխ կը հանէ գործը՝ աշխատանքի անցնելով կրթական մշակներ Գրիգոր Շահինեանի եւ Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ կապ հաստատելով։ Եղիայեան խօսքին մէջ կը նշէ, որ լիբանանահայ բոլոր նախակրթարանները (բացի Հռիփսիմեանց վարժարանէն), ինչպէս նաեւ՝ Յունաստանի, Փարիզի, Մարսէյի դպրոցասիրացը, Քանատայի, Տիթրոյտի, Լոս Անճելըսի, Քուէյթի, Եգիպտոսի եւ Աւստրալիոյ վարժարանները կ՚օգտագործեն այս ընթերցարանը, որ ունէր նաեւ իր վարժութեան տետրակն ու ուսուցիչներու ուղեցոյցը։ Իր դստեր՝ Հեղնարին բառերով, հայրը պատմած է, որդասագիրքը հացի պէս կը տպուէր։
Տարիներ ետք, երբ Հայկազեան համալսարանի հայագիտութեան ուսանող դարձայ եւ սկսայ աւելի մուտք գործել «Հայագիտութեան աշխարհ», ինքզինքս գտայ շրջապատուած հայագէտներու միջեւ ծագած պայքարով մը, որուն հետեւանքով յաճախ շուարած կը մնայի սորվածներովս՝ մոռնա՞մ գիտցածներս թէ՞ ամրապնդեմ զանոնք, որովհետեւ հայագէտ մը միւսին կիրարած քերականական օրէնքէն կը դժգոհէր՝ ճիշդը սեպելով իրը։ Շարունակեցի հասակ նետել այս մթնոլորտին մէջ՝ մինչեւ կարողացայ ձերբազատիլ պայքարին տուն տուող հոգեվիճակէն։ Այս պատճառ դարձաւ, որ յաճախ գրելէ ետք երկմտանքներ ունէի կարգ մը քերականական օրէնքներու շուրջ, իսկ անոնք կը փարատէի դիմելով վաստակաւոր յօդուածագիրներու եւ քերականագէտներու, անոնց շարքին՝Արմենակ Եղիայեանին, որ սիրայօժար եւ անմիջապէս կը լուսաբանէր բոլոր հարցումներս՝ միշտ ալմեկնելով աղբիւրներէ։ Շուտով ես ալ անցայ իր նամակագրութիւններու հասցէաշարքին եւ ստացայ հրապարակագիրներու ուղղուած իր լեզուաբանական նշումները։ Ուրախութիւնս անսահման էր, երբ տարիներ առաջ լոյս տեսաւ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը», որ կը գործածեմ, այնպէս ինչպէս օտար քերականութիւն ստուգելու համար կը գործածեմ առցանց որոնման գործիքներ։
Տոքթոր Արմենակը կը հետեւէր նաեւ մեզի՝ Բարռեսիա Գոլէքթիվին գործունէութեան, իրքաջալերանքով եւ նշումներով ու մեծ առատաձեռնութեամբ կը պատասխանէր մեր բոլոր հարցադրումներուն։ Զինք ճանչցողները գիտեն, որ Արմենակ Եղիայեան իսկապէս առատաձեռն էր մայրենիի իր գիտելիքներուն փոխանցնման մէջ՝ միշտ աչալուրջ ըլլալով, որ տուած պատասխանները հիմնուէին ակունքին՝ գրաբարին վրայ, միաժամանակ՝ չմոռնալով, թէ լեզուն մշտական փոփոխութեան մէջ է, ուստի կարելի է փոփոխութիւններ կրել՝ սակայն առանց աղաւաղելու արմատները։
Բարռեսիաբարին սիւնակը նեղ կը թուի Եղիայեանի մահագրութեան համար։ Ըսելիքները շատ են, իսկ երախտագիտութիւնը իր վաստակին նկատմամբ՝ անվերջ։ Շուրջ քառասուն օրեր անցան անոր մեզմէ բաժնուելէն, սակայն անոր մեզի տուած ծով գիտութիւնը իր կեանքի թուաքանակէն շատ աւելի են, ուստի ան տակաւին պիտի մնայ մեզի հետ։
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Արմենակ Եղիայեան։
Արազ Գոճայեան
Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ
(Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 18 Դեկտեմբեր 2025 –ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)



Արմենակ Եղիայեանի հրապարակային ուսուցողական աւանդութիւնը անտէր չթողելու համար ահա՛ քերականական կարգ մը բարեմիտ նշումներ, գնահատելով հեղինակին՝ հայերէնը եւս բեմ բերելու հետեւողական ճիգերը։
ա) «նախքան զինք ծանօթանալս» պէտք է ըլլայ «նախքան իրեն ծանօթանալս»։ Ծանօթանալ՝ գրեթէ բոլոր «ան+ալ» լծորդութեամբ բայերուն նման (դառնալ բան մը, դառնալ ծանօթ), չէզոք բայ է, այսինքն ուղիղ խնդիր չ՚ունենար, այլ՝ տրական հոլով անուղղակի խնդիր. ինչի՞ կամ որո՞ւն ծանօթ դառնալ, ոչ թէ ի՞նչ կամ զո՞վ ծանօթ դառնալ։
բ) «կիրարած քերականական օրէնքէն» պէտք է ըլլայ «կիրառած» կամ «կիրարկած»։ Առաջինը ունի մեզի ծանօթ «առ» (առնել, առնուլ) արմատը, երկրորդը՝ «արկանել» (առաջարկ, ձեռնարկ եւ այլն)։
գ) «պատճառ դարձաւ, որ յաճախ գրելէ ետք երկմտանքներ ունէի», պէտք է ըլլայ «ունենայի», երկու տարբեր պատճառներով։
Նախ՝ «որ… ունենայի». «ունիմ, եմ, գիտեմ, կրնամ, կամ» պակասաւոր բայերը (անոնք որ միայն սահմանականի ներկայով եւ անկատարով կը գործածուին) ստորադասական եղանակի մէջ կը դիմեն այդ բայերու ամբողջական տարբերակին։
«Ունիմ» կը դառնայ «որ ունենամ», եմ՝ որ ըլլամ, գիտեմ՝ որ գիտնամ, կրնամ՝ որ կարենամ, կամ՝ որ ըլլամ։
Երկրորդ պատճառը այն է, որ այս պակասաւոր բայերը եւ անոնց «ամբողջական» տարբերակները երկու տարբեր իմաստներ կ՚արտայայտեն։ Պակասաւորները բացարձակ եւ տեւական իմաստ ունին (այդ հայը խելացի է), մինչդեռ միւս տարբերակը ունի ընդհանրացնող, ո՛չ բացարձակ իմաստ (հայերը խելացի կ՚ըլլան)։ Երբ «յաճախ», «երբեմն», «սովորաբար», «ընդհանրապէս» կ՚ըսենք, բացայայտ է որ բացարձակ իրողութիւններու մասին չենք խօսիր, եւ ուրեմն ասոնց կ՚ընկերանայ միւսը. այսպէս՝ «յաճախ կ՚ըլլայի, կ՚ունենայի, կը գիտնայի»։ «Կրնամ/կարենալ» զոյգը զարտուղի է այս խումբին մէջ, որովհետեւ երկու տարբերակներն ալ որոշ չափով պակասաւոր են, եւ իւրաքանչիւրը կրնայ գործածուիլ երկուքէ աւելի ժամանակներով, բայց ո՛չ բոլոր ժամանակներով։
դ) «սակայն անոր մեզի տուած ծով գիտութիւնը իր կեանքի թուաքանակէն շատ աւելի են»։ Ասիկա շատ հաւանաբար գրաշարական վրիպակ ըլլայ, ուր պարզ է որ «գիտութիւնը… աւելի է»։ Բացատրութիւնը ենթակայ-բայ թիւի համաձայնութեան ծանօթ սկզբունքն է. այսինքն եթէ գիտութիւնը եզակի ըլլայ, այն բայը որուն տէրն է անիկա (այսինքն ատիկա ընողը կամ եղողը՝ «տէր բայի»ն կամ «ենթական»)՝ նոյնպէս եզակի պիտի ըլլայ։
Յ. Կիւլլիւճեան