Ծայրայեղ աջակողմեան գաղափարներ աւելի ու աւելի կը յայտնուին առօրեայ մշակոյթի տարբեր ոլորտներուն մէջ՝ ինչպէս երաժշտութիւն, խոհանոց, ընկերային ցանցեր, ինչ որ զանոնք կը դարձնէ «սովորական» եւ աւելի դժուար ճանաչելի։ Հետագայ թարգմանաբար տրուած «It’s frightening’: How far right is infiltrating everyday culture» խորագրեալ յօդուածը, որ լոյս տեսած է «The Guardian»-ի 27 դեկտեմբեր 2025-ի համարին մէջ, կը քննարկէ, թէ ինչպէս որոշ խմբաւորումներ ու ազդեցիկ դէմքեր (influencers), օրինակ, կը գործածեն խոհարարական հաղորդումները, ժողովրդային երգն ու երաժշտութիւնը, մետիակատակներ (memes), նոյնիսկ «tradwife» կոչուած ընկերային ցանցերու հաշիւներ (որոնք կը քարոզեն աւանդական պահպանողական կնոջ դերը TikTok-ի, Instagram-ի, եւ YouTube-ի միջոցով )՝ իրենց տեսակէտերը տարածելու եւ մարդիկ ներգրաւելու, յատկապէս երիտասարդներ, առանց որ անոնք գիտակցին բովանդակութեան իսկական ծագումին։
Հետազօտողները կը զգուշացնեն, որ կարելի է մարդիկ ծայրայեղական կամ արմատական դարձնել նոյնիսկ տան մէջ նստած՝ պարզապէս նման մշակութային արտադրութիւններու հետ առնչուելով։ Այս գործընթացը միշտ չէ, որ կը սկսի ծայրայեղ համոզումներով, այլ՝ որովհետեւ այդ խմբաւորումները կը թուին գրաւիչ, «cool» կամ արդիական։ Դիւրին գործածելի նոր արհեստագիտութիւններու եւ ընկերային ցանցերու տարածումը արագացուցած է այս բովանդակութեան շրջանառութիւնը՝ երբեմն անորոշ դարձնելով, թէ ստեղծողները իրենք կը հաւատա՞ն իրենց ըրածին, թէ պարզապէս դրամ շահելու համար կ’ընեն։
Մասնագէտները, որոնք կը մէջբերուին յօդուածին մէջ, կը շեշտեն, որ այսօր աւելի քան երբեք հրատապ է հանրութեան օգնել՝ ճանչնալու եւ դիմակայելու այս նուրբ ու քողարկուած ծայրայեղական դրսեւորումները, որովհետեւ ծայրայեղ աջակաողմեան ազդեցութիւնը կը խորանայ ընկերութեան բազմաթիւ խաւերուն մէջ։
Ծայրայեղական պատգամները այսօր ներթափանցած են երաժշտութեան եւ YouTube-ի տեսանիւթերուն մէջ, եւ մասնագէտի մը համաձայն. «Մարդ կրնայ ծայրայեղական դառնալ նոյնիսկ իր բազմոցին վրայ նստած»
Վ.Թ.
Երկու այր մարդիկ կը կոտրտեն պղպեղներ, կը շերտեն սմբուկներ եւ կը ծիծաղին տեսախցիկին դիմաց՝ ներթափանցելով վեկան (կենդանական ծագում ունեցող բոլոր ուտելիքները մերժող) խոհարարութեան արուեստին մէջ։ Երկուքն ալ դիմակաւոր են՝ դահոյկի յատուկ դիմակներով, եւ հագած են շապիկներ, որոնց վրայ նացիական նշաններ կան։
Այս գերմաներէն տեսագրութիւնները՝ «Balaclava Kitchen» խորագրով, սկսած էին 2014-ին եւ հրապարակուած ամիսներ շարունակ, մինչեւ YouTube հեռացուց զանոնք իր կանոնները խախտած ըլլալուն պատճառով։
Սակայն այս դէպքը կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս ծայրայեղ աջ խմբաւորումները կը գործածեն մշակութային արտադրութիւնները՝ հագուստի տեսականիէն մինչեւ լաւագոյն երգերն ու երաժշտութիւնը, իրենց գաղափարները բնականոնացնելու համար։ Հետազօտողները կ’ըսեն, որ այս գործընթացը ընկերային ցանցերու դարաշրջանին՝ նոր բարձունքներ նուաճած է։
«Սարսափելի է, անկեղծօրէն», կ’ըսէ Քեթրին Քոնտոր, Նորվեկիոյ՝ Ողջակիզման եւ Փոքրամասնութիւններու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի հետազօտողներէն։ «Մարդ կրնայ «ծայրայեղացուիլ»՝ նստած իր բազմոցին վրայ»։
Քոնտոր, համագործակցութեամբ Ծայրայեղականութեան Հետազօտութեան Կեդրոնին հետ, կը ղեկավարէ վեց երկիրներ ընդգրկող ծրագիր մը, որ կը քննէ, թէ ինչպէ՛ս ծայրայեղ աջը կը գործածէ գեղագիտութիւնը՝ մարմնամարզութեան influencer-ներէն մինչեւ մետիակատակներ եւ պիտակներ, Եւրոպայի մէջ իր տեսակէտները տարածելու նպատակով։ Շուէտէն մինչեւ Սպանիա, հետազօտողները նկատած են, որ ծայրայեղական պատգամները միաձուլուած են առօրեայ կեանքի մշակութային տարբեր երեսներուն մէջ՝ թէ՛ առցանց, թէ՛ անկէ դուրս։
«Հունգարիոյ մէջ ունինք օրինակներ, ուր ծայրայեղ աջ խումբերու երգերը դարձած են ընդունելի լայն հասարակութեան կողմէ, որովհետեւ անոնք կը գտնուին լաւագույն 40 երգերու ցանկին մէջ։ Ի՞նչ կրնայ աւելի բնական ընդունուիլ, քան այդ ցանկին մէջ ըլլալը», կ’ըսէ Քոնտոր։ «Ես ունիմ խորթ զաւակ մը, որ երբեմն ինծի տեսագրութիւններ կը ղրկէ, եւ ես կը սկսիմ հետազօտելու՝ ո՞վ ստեղծած է զանոնք։ Յաճախ երեւան կ’ելլէ, որ անոնք ծայրայեղ աջ ազդեցիկ դէմքերու գործերն են»։
Այսպէս կոչուած «tradwives»-ը՝ ընկերային ցանցերու կին բովանդակութիւն ստեղծողներ, որոնք կը քարոզեն աւանդական պահպանողական կնոջ դերը, այլ օրինակ կը հանդիսանան։ Մինչ առցանց այս հասկացողութիւնը որդեգրող կանանց թիւը կ’աճի, բովանդակութեան ծայրայեղ աջ արմատները աւելի ու աւելի կը բացայայտուին։ Այսուհանդերձ, անոնց տարածած գաղափարները՝ հակաֆեմինիզմէն մինչեւ կարօտախը երեւակայկան անցեալի մը, կը շարունակեն սատարել ծայրայեղ աջ նպատակներու։
Այս մշակութային գործօնները կը ծառայեն որպէս անցուղի, երբեմն մարդիկը առաջնորդելով դէպի ծայրայեղութիւն, կ’ըսէ Քոնտոր։ «Կարծես սխալ պատկերացում մը կայ, թէ մարդիկ կը միանան ծայրայեղ աջին, որովհետեւ կը հաւատան այդ գաղափարախօսութեան եւ կը փնտռեն նման մտածող մարդիկ», կ’ըսէ ան։ «Բայց իրականութիւնը այդպէս չէ»։ Թէեւ կան մարդիկ, որոնք կը շարժին որոշ խմբաւորումներու նկատմամբ նախապաշարումներու կամ յատուկ համոզումներու պատճառով, կամ ուրիշներ, որոնք կը հետեւին արդէն ներգրաւուած ընկերներու, շատեր կը ներգրաւուին այդ շարժումները շրջապատող ենթամշակոյթներով։
«Մարդ կը սկսի մտիկ ընել խումբի մը երգը, որ իրեն շատ հաճելի կը թուայ, ու կը սկսի երթալ անոնց համերգներուն։ Ապա հոն կը ծանօթանայ ուրիշներու, եւ այդպէս կրնայ աստիճանաբար աւելի ներգրաւուիլ», կը բացատրէ Քոնտոր։«Երբ մարդիկ կը գտնեն բաներ, որոնք կը համընկնին իրենց գեղագիտական զգացողութեան կամ ընդհանուր տրամադրութեան, կամ երգ ու երաժշտութիւն, որ իրօք կը սիրեն, այդ կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ անձին վրայ»։
Ծայրայեղ գաղափարներու եւ մշակութային այդ գործիքներուն միջեւ կապը միշտ ալ պարզ չէ, կը նշէ ան՝ յիշելով Հոլանտայի մէջ գործող ծայրայեղ աջ խումբ մը, որուն անդամները հակում ունին գինիի համտեսման ձեռնարկներ կազմակերպելու։
«Անոնք նոյնիսկ իրենց ճաշի առաքման ծառայութիւնը սկսած են», կ’ըսէ ան։ «Անհաւատալի է մտածել, որ մարդ կրնայ ուտելիք պատուիրել ծայրայեղ աջէն՝ առանց գիտնալու»։
Ծայրայեղական շարժումները շատոնց մշակոյթը կը գործածեն՝ իրենց անդամներուն մէջ պատկանելիութեան զգացում ստեղծելու եւ լայն հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելու համար, կ’ըսէ Կրէթա Ժասէր, Գերմանիոյ Ժողովրդավարութեան եւ Քաղաքացիական Հասարակութեան հիմնարկի հետազօտողներէն մէկը։ Այս հաստատութիւնը նոյնպէս մաս կը կազմէ վեց երկիրներ ընդգրկող ծրագրին։
Նախապէս, այս ոլորտին մէջ անոնց կարողութիւնը կախեալ էր անդամներու տաղանդէն, քանի որ բովանդակութիւն ստեղծելու համար անհրաժեշտ էին երաժիշտներ, արուեստագէտներ եւ տեսագրողներ։ Սակայն արհեստական բանականութեան յառաջացումով, կացութիւնը փոխուած է:
«Այսօր արհեստագիտութիւն գոյութիւն ունի, որով կարելի է վայրկեաններու մէջ պատկեր մը կամ տեսանիւթ մը ստեղծել, կամ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին երգ ու երաժշտութիւն», կ’ըսէ Ժասէր։ «Թէեւ գործելաձեւը հին է, բայց արագութիւնը՝ անհամեմատ աւելի բարձր»։ Ընկերային ցանցերու առեւտրական երեսը նոյնպէս ազդած է գործընթացին վրայ՝ հարցեր ստեղծելով, թէ ո՛վ ծայրայեղ աջ բովանդակութիւն կը ստեղծէ եւ ի՞նչ շարժառիթներով։ «Կրնայ ըլլալ, որ բովանդակութիւնը հրապարակուած է ռոպոթի մը կողմէ։ Կրնայ ըլլալ որեւէ մէկը կամ որեւէ բան, որ կ’ուզէ եկամուտ ապահովել՝ որքան կարելի է շատ արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած տեսանիւթեր ու պատկերներ արտադրելով», կ’ըսէ Ժասէր։ «Այս հետաքրքրականօրէն հարցականի տակ կը դնէ, թէ այս հաշիւներուն մէջ որքան գաղափարախօսական մղում կայ, կամ արդեօք պարզապէս եկամուտ ստեղծելու միջոց մըն է»։
Մինչ հետազօտութիւնը կը շարունակուի, Քոնտոր ու իր խումբը կը քննարկեն, թէ հանրութիւնը իրենց բացայայտումներուն մասին ի՛նչ կերպով լաւագոյնս կարելի է իրազեկել՝ ուսումնասիրելով այնպիսի ռազմավարութիւններ, ինչպիսիք են առցանց բովանդակութիւնը կամ գործիքներ, որոնք կրնան օգնել մարդոց աւելի լաւ ճանչնալու ծայրայեղ աջը եւ անոր արտադրած բազմաթիւ մշակութային տարրերը։
«Կարծեմ այս յաճախ ցնցող է շատերու համար»,— կ’ըսէ Քոնտոր։ «Այս պահուն վտանգաւոր է, որովհետեւ կը տեսնենք ծայրայեղ աջին հետեւողական աճը ընկերութեան գրեթէ ամէն բոլոր մարզերուն մէջ։ Աւելի քան երբեք կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի է զսպել կամ մեղացնել այս երեւոյթը»։
Թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»-ի


