Featured - Page 20

«Հալէպի ողբերգութիւն» ․․․․ Սփիւռքահայութեան գոյատեւութիւնը (sustainability) (Գ. Մաս)

2. Սփիւռքահայ հաւաքական միգամած յիշողութեան հրատապ օրակարգը

 Փորձեցի փլուզումի եզրին հասնող, օր ցերեկով կենսունակ եւ ինքնավարութեամբ յատկանշուող կայուն կաղնիի նման սուրիահայ գաղութին հոգեվարքի իրավիճակին հասնող համայնքին էութենական դրուածքի մասին հարթակ մը պեղել։ Դէպի ճգնաժամային վիճակին գլորուող, հալէպահայութեան տագնապի մասին հաւաքագրող, փաստագրող, ամրագրող, տեղեկութիւններով հարուստ հաւաքածոյ աղբիւրի մը, կայքէջ մը գտնել, ի վերջոյ հաւաքական մեր հաւաստի տեսակէտը, լրահոսը, խօսքը եւ խորհուրդը կարդալ, հեռու դիմատետրային  հաղորդակցութիւններէ։ Վերոյիշեալ լուսանկարներու հատորին նմանող, տագնապ ապրած Սուրիոյ հայ համայնքի մասին հրապարակուած լուսանկարներ, հայերէնով արժանահաւատ տեղեկագիրներ փնտռել։

Ինչպէ՞ս տեղեկութիւններ չփնտռել ու չանդրադառնալ Սուրիոյ տագնապի տարիներուն՝ հայ մարդուժի հսկայական կորուստներուն, սուրիահայ նահատակներուն, զոհուած հայ զինուորներուն, անսիրտ դիպուկահարներու փամփուշտներով սպանուածներուն, անվերադարձ առեւանգուածներուն, անյայտ պայմաններով եւ պատճառներով կորածներուն։ Ինչպէ՞ս չպեղել տնտեսական վիթխարի կորուստները, հայ աշխատուժի քանդումը, որ իր ներգործող պիտանի դերակատարութիւնը ունեցած է Սուրիոյ արհեստագիտութեան վերելքին, Հալէպի հայկական թաղամասերու մէջ եւ մանաւանդ Սուրիոյ տնտեսական բազկերակը նկատուող Հալէպի արհեստանոցներու եւ արդիւնաբերութեան հանրահռչակ ոստանի մէջ հարիւրաւոր հայ արհեստաւորներու փոքր եւ մեծ արհեստանոցներու եւ գործատեղիներու, մթերանոցներու ռմբակոծումները, քանդումները, թալանումը, որ պատճառ դարձաւ անհաւատալի գումարներու փճացումին, հայ դրամատէրերու սնանկացումին, գործարար շրջանակներու անվերականգնելի տնտեսական ու նիւթական ուժաթափումի, արդիւնաբեր մարդուժի, արհեստաւորներու եւ աշխատուժի համակարգերու անարդար եւ անմեկնելի կազմալուծումին։ Անժխտելի է, որ պատերազմի քաոսային իրավիճակի տեւողութեան, ո՛չ միայն տեղացի, այլ նաեւ հայ սեփականատէրերուն, բազմահազար հայ արհեստաւորներու պատկանող խանութներու եւ մանաւանդ աշխատանոցներու կողոպուտի անհաշիւ թալանումը ընթացաւ ո՛չ միայն հակապետական, ահաբեկչական եւ ընդդիմադիր խմբակներու կողմէ, այլ յաճախ իրականացաւ պետական բանակային միաւորներու մասնակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ։

Ուզեցի պեղել նաեւ արտագաղթած հայ մարդուժի թուային պատկերը, տոհմական անուանացանկերու, անվերականգնելի կորուստներու, կալուածներու հաշուէ աղիւսակներու եւ յատկապէս օրէ օր, տարիներու սահանքին հետ մեր հաւաքական եւ պատմական միգամած յիշողութենէն մոռցուիլ փորձող տուեալներու, տեղեկութիւններու շտեմարան մը գտնել։

Բնականաբար ամէնագէտ համացանցի ովկիանոսին մէջ երկար փնտռտուքի լծուեցայ, ուզեցի ճղակտոր դարձած, բայց արմատախիլ չեղած հալէպահայ համայնքի խոշտանգումներու եւ ճակատագրական խորտակումի պայմաններու մէջ յայտնուած հայութեան տագնապի մասին մանրամասնութիւններ բովանդակող համացանցային հարթակ մը գտնել։ Բայց ապարդիւն էր փնտռտուքս ։

Սուրիոյ տագնապի ուժգին հարուածէն ետք, յետպատերազմի՝ անբաղձալի, երբեմն ալ անյոյս, անորոշութեամբ թաթաւուն, երկրի շարունակուող շրջափակման, տնտեսական պատճամիջոցներու, Սուրիոյ բնական հարստութիւններու յափշտակման, կազմաքանդումի եւ յուսաբեկութեան յայտնուած իրավիճակ մը կը տիրէ ներկայիս: Տագնապի կցորդող Գորդեան հանգոյցի բարդ եւ դժուարալոյծ այս ըմբռնելի իրավիճակին մէջ, յատկապէս փետրուար 2023-ի աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքներով ներկայիս հասանելի չէ Բերիոյ հայոց թեմի անցեալի ժրաջան ու մշտաթարմ կայքէջը, կարելի չէ համայն աշխարհին բացուող ու պատմական սաղարթախիտ Սուրիահայութեան գոյերթը ծանօթացնող, կենսունակ ու հայատրոփ կեանքը արտացոլող կայքէջը ընթերցել [2]։

Բայց բնական է, երբ չկայ հայ սփիւռքի տագնապները, արտագաղթերը հաւաքագրող մարդաբանութեան (Anthropology) համահայկական հարթակ մը։ Կարելի չէ գտնել վերոյիշեալ անսպասելի կարծուած կամ անկանխատեսուած թուացող Սուրիոյ տագնապէն ետք աշխարհացրիւ շատերուս ակնալութիւնները բաւարարող նոյնիսկ համասփիւռքեան հայ գաղութներու տեղաշարժերու բովանդակալից կայքէջ մը կարդալ։ Նման համապարփակ գիտելիքներու հայերէնով կամ բազմալեզու արժանահաւատ հարթակ մը չունինք։ Օրակարգ մը, որուն պատմափաստագրական թելադրականութիւնը ուղղորդող այժմէականութիւն է, անուրանալի դաստիարակչական պատգամ մը։ Ուղենշային դիտարկումներ կրնան  առաջադրել հայ գաղութներու, հայ փոքրամասնութիւններու, համայնքներու տեղաշարժերուն, տեղափոխութիւններուն, տեղաբաշխումներուն եւ մանաւանդ անկասելի հայաթափումի հետ առնչուած մարտահրաւէրին։ 

Իրականութիւն է նաեւ, որ սփիւռքի հայ գաղութներու պատմութեան մէջ Սուրիոյ տագնապը ընդհանրապէս եւ հալէպահայութեան ողբերգութիւնը միակը չէր եւ վերջինը պիտի չըլլայ, նոյնիսկ գերուժ (superpower) կարծուած պետութիւններն ու հոն ապրող հայկական համայնքներն ալ զերծ չեն, ենթարկուած են նման  տագնապներու։

3. Կային ու չկան, անկասելի տեղաշարժեր՝ հայաթափում

 Սփիւռքահայ պատմութեան նորագոյն ժամանակներու մէջ միայն ութսունհինգ տարիներ անցած են հայ փոքրամասնութիւններու առաջին հայաթափումէն, երբ  Ֆրանսան 15 Յուլիս 1938 թուին Թուրքիոյ նուիրեց իր հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ տարծքին մաս կազմող Ալեքսանտրէթը (Սանճաք), Սուրիական Լիուաա Իսկենտերունի մարզը։ Այդ մարզէն, Պէյլանի եւ Մուսա լեռան գիւղերէն, հայ բնակչութիւնը Թուրքիոյ իշխանութեան չենթարկուելու համար ձգեց իր դարաւոր բնակավայրերը, տունն ու տեղը, հողերն ու այգիները, կալուածները եւ բռնեց գաղթի ճամբան։ Հայեր լքեցին ամէն ինչ եւ անցան Սուրիոյ իշխանութեան տարածքներ։ Ապագային հայերու տեղաշարժեր տեղի ունեցան այս անգամ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան Ազէզէն, Սալամիէյէն եւ հարաւային շրջաններէն։

Արտագաղթեր, տեղաշարժեր տեղի ունեցան նոյնպէս սփիւռքի զանազան հայ գաղութներէն, իրենց ապրած երկիրներուն մէջ պատահած բազմապիսի տագնապներու պատճառով։ Իսկենտերունի մարզի հայաթափումէն ետք, պարզապէս հաստատելու համար կարելի է վերյիշել հայ փոքրամասնութիւններու զանգուածային տեղաշարժերը, որոնք տեղի ունեցած են տարբեր քանակներով եւ երբեմն տարբեր փուլերով, ինչպէս՝ Յունաստանի (1940-1970), Ռումանիոյ (1945-1970), Յորդանանի (1950-1970), Կիպրոսի (1955-1970), Իրաքի պատերազմին 2003-ին, Թուրքիոյ, Իրանի, Սուտանի, Պուլկարիոյ, Սուրիոյ (1950-ականերէն ետք), Պաղեստինի, Լիբանանի (1975-1990) սարսափեցնող տեղաշարժերն ու արտագաղթերը, անշուշտ աչքաթող չըլլալով նաեւ Հայաստանէն հսկայ թիւերով արտագաղթերը, մանաւանդ Հայաստանի անկախութենէն ետք հասնելով մինչեւ Արցախահայերու ցեղային զտումներու, սպանդային եւ արմատախլման սպառնալիքի տակ իրականացած բռնագաղթը 19 սեպտեմբեր 2023-ին։

Իրականութիւն է, որ հայաթափումները եղած են անցաւոր, սակաւ մտատանջող, կարճ ժամանակ մը ետք դարձած են անցեալի պատմութիւններ, գլորուելով մոռացութեան կամ աւելի ճիշդը պատմութեան գիրկը անցած են, բացի 1915 թուի հայոց պատմութեան արիւնալի մեծագոյն ցեղասպանութիւնը, հայոց մեծազանգուած աղէտը, երբ Արեւմտահայաստանի ազգաբնաջնջմամբ հայ ազգը հայաթափուեցաւ, հայերը զանգուածային ձեւով ջարդուեցան, իսլամացուեցան, թրքացուեցան, բռնագաղթուեցան, հողազրկուեցան, սփիւռքացան ու մանաւանդ հայրենազրկուեցան եւ հարկադրաբար դարձան աշխարհաքաղաքացիներ։

Պահ մը մտածենք, ի վերջոյ յաջորդող հայ սերունդներ, հետաքրքուողներ, գիտահետազօտողներ, պրպտողներ ու՞ր պէտք է գտնեն սփիւռքահայութեան արտագաղթերու, տեղաշարժերու եւ անարգել հայաթափումի պատմութիւնը ներկայացնող վիճակագրութիւնները, վաւերագրական տեղեկագիրները, ամբողջական մանրամասնութիւնները։ Վստահ, որ այդ բոլորը ապահով կը գտնուին հանրագիտարաններու, անշունչ պատմագիտական հատորներու, աշխարհացրիւ գրադարաններու, շքեղ թանգարաններու դարաններուն մէջ, մէկ խօսքով մեր արտագաղթերու ողբերգութիւնները, հայաթափումի օրակարգը անհանգստացնող գերմարտահրաւէրներ չեղան, մենք այդ մարտահրաւէրներով չենք տագնապած, տեսլական մը կամ գործնական ծրագիրներով չենք զրահապատուած կանխելու սփիւռքահայ հայաթափումի յաջորդող նման եղելութիւնները։ Ի՞նչու մեր արտագաղթերու, տեղաշարժերու եւ  հայաթափումի ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԴԱՍԵՐ ՉԵՆՔ ՔԱՂԱԾ, ՉԵՆՔ ՔԱՂԵՐ։

Մենք ո՛չ միայն գրադարանացուցած ենք հայաթափումի մարտահրաւէրը, այլեւ իրականութեան մէջ թանգարանացուցած ենք, ապա զայն պատմականացնելով դիմած ենք բազմազան մեծաշուք յուշամատեաններ պատրաստելու մեծածախ ծրագիրներուն։

Արդեօք ժամանակը չէ՞ այդ բազմահարուստ մատենագիտութիւնը լոյսին հանել, ծանօթացնելու  սփիւռքահայութեան կարողականութիւնը եւ յատկապէս հայու մարդաբանութիւնը։ Ճիշդ է որ կային, բայց չվերադարձան, իրենց հետ տարին ապրուած հայու կեանքի ընդհանրապէս աննիւթեղէն ժառանգութիւնը, գոյացութեան սեփական դրոշմը, հայ մարդու գոյատեւութեան  նշոյլները։

Հոս կարելի է սփիւռքի հաստատութիւններէն օրինակ մը յիշատակել, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի սխրալի գործունէութիւնը, կազմակերպած գիտաժողովները, երախտաշատ հրապարակումները, ուսումնասիրելու հայկական սփիւռքի, յատկապէս միջին արեւելեան գաղութներու՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուտանի, Քուէյթի, ԱՄԷ-ի եւ այլ երկիրներու պատմութիւնը, ուշադրութիւնը բեւեռելով հայ փոքրամասնութիւններու  պատմութեան, մշակոյթին, հիւրընկալ երկիրներուն եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վրայ, հակիրճ խօսքով մասամբ մը  գիտականօրէն պատմականացուցած է մեր ապրուած սփիւռքահայ կենսարար կեանքի մէկ համեստ մասնիկը։ Գովելի այդ աղբիւրագիտութիւնը կը շարունակէ պատմականացած բազմահատոր յուշամատեաններու ընդունարան մը մնալ։ 

4. Գործնամէտ սփիւռքագիտութիւնը եւ սփիւռքահայ տագնապներու մարդաբանութեան (Anthropology) հեռանկարը

Փնտռտուքիս հիմնական բնագաւառներէն մէկն էր նաեւ, Սուրիոյ տագնապի ընթացքին սուրիահայ համայնքի պատերազմի մարդաբանութեան հեռանկարը գտնել, անշուշտ հայ համայնքի առնչութեամբ զինուած հակամարտութեան կորուստներու, տառապանքներու մարդաբանութեան հեռապատկերը պեղել։

Սփիւռքագիտութիւնը պատմագէտներու եւ  ակադեմականներու մասնագիտական պեղումներու, վերլուծումներու եւ որոնումներուն պարարտ հետաքրքրութիւն մը եղած է, գիտաժողովներու գրաւիչ վերնագիրներու արժանացած հարուստ աղբիւրներով ներհուն նիւթ մը։ Բայց Սփիւռքագիտութիւնը սփիւռքի դիմագրաւող մարտահրաւէրներու, հիմնախնդիրներու, պեղումներուն տեսական դաշտէն իր յանձնարարող, կամրջող, իրագործելի ծրագիրներով, կիրառական դաշտը չէ հատած, ուղղորդելու կիրարկելիութեան գործիքակազմեր եւ գործընթացներ որոնելու մեծամտութիւնը չէ ունեցած։

Ինչպէ՞ս բացատրել սփիւռքագիտութիւնը մեր նոր սերունդներուն համար, որուն գործնամէտ հիմնական նպատակն է կառուցել ու ամպրապնդել ինքնաճանաչողութիւնը։ Մինչ օրս, նոր սերունդին համար Սփիւռքագիտութեան գործնամէտ հեռանկարը ենթադրեալ կամ անգոյական (virtual) մնացած է եւ կը յամենայ մնալ վերացական պատկեր մը, քիչ յաղորդակից եւ նուազ խրախուսիչ: 

Սփիւռքագիտութիւնը իր ակադեմական, տեսաբանական, գիտահետազօտական եւ հայագիտական հիմնարկներէն անդին ընդլայնելը, դպրոցական գրասեղաններէն սկսեալ իբրեւ գիտական կրթանք (discipline) կամ իբրեւ իրապաշտ պարունակով ծրագիր մը, գործնական աշխատանոցներով ներկայացնելը կը հարկադրէ մեր պատմական նոր-հին, խոտորումները, թերացումները, վերջին տասնամեակներու մարտավարական սխալներն ու բացթողումները, սայթաքումները քննարկելու։

Նոր սերունդին մօտ քննադատական մտածողութիւնը ընդլայնելու, միօրինակութենէ փախչելով, տափակութենէ դուրս գալով, գիտական այս կրթանքին որոնող մտքի խոկումներ  մշակելու, մէկ խօսքով մտածումներու սլացք, ուղեղային գրոհ (brain storming) մը յառաջացնելու։ Նման վարժանքներ, ժամանակաշունչ թելադրականութեամբ՝ վերլուծող են եւ քննական, ուժը տալով մտածողութեան եւ տրամախոհութեան, որոնք վստահօրէն՝ գործնամէտ եւ կողմնորոշիչ կրնան դառնալ, մեր համայնքներու դէմ ցցուող անսպասելի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:

Աշխարհացրիւ մեր ամէնօրեայ թէ միօրեայ դպրոցներու մէջ, սփիւռքագիտութիւնը լուսարձակի բերող խտացեալ եւ սերտուած կրթական ծրագիր մը չունինք, չենք մշակած։ Զլացած ենք նոյնիսկ պարզաբանող համեստ դասապահ մը տրամադրելու, բացատրելու, լուսաբանելու «Սփիւռք»-ը, հայ սփիւռքը տագնապեցնող իրատես մարտահրաւէրները, «Հայ սփիւռք» բառակապակցութիւն իմաստի տեսադաշտը մնացած է անմեկնելի, երբեմն ալ անորոշ ու վիճելի։ Իսկ ժամանակակից սփիւռքամտութիւնը, «Հայ սփիւռք»-ի պատկանելիութիւնը, անվտանգ լինելութեան երաշխիքները, լինելակերպի հեռատեսութիւնը՝ մնացած են մշուշապատ եւ ենթակայական։

Բայց մեր դպրոցներուն մէջ ուռճացուցած եւ փառաբանած ենք մեր պատմական հպարտութիւններով հաճոյանալու, ամեակներով հպարտանալու չափազանցուած ընկալումները, որոնք երբեմն ունայն ինքնախաբէութեան եւ սնափառութեան մոլուցքով կրնան սնանել մեր սերունդները։

Միտք բանին այն է, որ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ փոքրամասնութիւններու տագնապները, զանգուածային տեղաշարժերը, արտագաղթերը, պատմական իրադարձութիւնները թելադրիչ, քննադատական եւ իրապաշտ մտածողութեամբ լուսաբանելու, խրատելու, ուղղորդելու, յորդորելու ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ մը չենք ունեցած, չենք խթանած նման ծրագիր մը մշակելը։

Հետեւողաբար նման ծրագիր մը մշակելը, զարգացնելը, ընդարձակելը անպայմանօրէն բազմօգուտ է, աղետներու եւ ճակատագրական պահերու մեր վերաբերմունքը արհեստավարժ ձեւով տնօրինելու եւ հեռատես ճարտարութեամբ կենցաղավարելու, հայ համայնքներու կայունութիւնը ապահովելու, զօրացնելու համար։ Բնականաբար հարկ է, որ զուգորդուի ու ագուցուի անվտանգութեան ռազմավարութեան մը գործնական ծրագրի մը հետ։ Հաւատալով, որ հայ համայնքներու անվտանգութիւնը հայ ինքնութիւնը զրահաւորելու, պաշտպանելու եւ փրկելու հիմնական երաշխիքներէն մէկն է, եթէ ոչ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆԸ։

Անշուշտ հայապահպանումի ազգային պարունակի գերագոյն արժէքը հանդիսացող  հայերէն լեզուի անվտանգութեան անվիճելի ներքնախարիսխին՝ հայերէն լեզուի եւ լեզուամտածողութեան գերակայութեամբ՝ որ մեր ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ հիմնասիւնն է, լինելութեան հիմնաբերդը [3]։

Մեր լեզուն, որպէս աւելի մեծ լեզուական աշխարհի մէկ ոստ, անկասելի հայաթափումի, հայ փոքրամասնութիւններու զանգուածային տեղաշարժերու եւ   անդրազգայնացումի՝ (Transnational) աշխարհաքաղաքացիութեան համարկումի յորձանուտին մէջ կը մնայ  անպատսպար, ենթակայ աղաւաղումի, անկայունութեան եւ անզուսպ նօսրացումի:

 

Oppenheimer շահեցաւ եօթը «օսքար», բայց կորիզային ռումբի սպառնալիքը կը յամենայ

Oppenheimer ֆիլմը, որ առաջադրուած 13 թեկնածութիւններէն շահեցաւ եօթը օսքար, ներառեալ՝ լաւագոյն ֆիլմը, լաւագոյն դերասանն ու բեմադրիչը, լուսարձակի տակ առաւ կորիզային զէնքի դէմ միջազգային արգելք հաստատելու արշաւը:

Արդարեւ, Մ. Նահանգներու մէջ հաստատուած կորիզային զինաթափման NTI (Nuclear Threat Initiative) կազմակերպութիւնը՝ օգտուելով Oppenheimer ֆիլմին հանդէպ հանրութեան ցուցաբերած հետաքրքրութենէն օսքարներու մրցանակաբաշխութեան առիթով, թափ տուաւ կորիզային զէնքի տարածման վերջ դնելու քարոզարշաւին՝ ներգրաւելով հանրային դէմքեր ու աստղեր եւ հանդէս եկաւ ստորագրուած բաց նամակով մը եւ զայն հրապարակեց www.makenukeshistory.org կայքին մէջ:

Հոլիուտ զօրավիգ կը կանգնի կորիզային զէնքերու դէմ արշաւին

 

«Օփենհայմըր իրաւունք ունէր զգուշացնելու մեզ», – կը նշէ բաց նամակը, զոր ստորագրած են Քրիսթոֆ Ուալցի, Ժուլիան Մուրի, Պրետլի Ուիթֆորտը, Մայքլ Տուկլասի, Ճեյն Ֆոնտայի, Պարպրա Սթրեզընտի, Քրիսթեն Սթիուըրթի եւ Էմմա Թոմփսընի նման դերասան-դերասանուհիներ:

Նոյնիսկ Չարլզ Օփենհայմըր՝ Ռոպերթ Օփենհայմըրի թոռը, ստորագրած է NTI-ի նախաձեռնած բաց նամակը:

«Այսօր ինը երկիրներ ունին 13.000 կորիզային զէնքեր: Անոնցմէ ոմանք 80 անգամ աւելի զօրաւոր են, քան անոնք, որոնք քանդեցին Հիրոշիման եւ Նակազաքին, 1945 թուականին»,- կը նշէ նամակը: «Այս մեծ անորոշութեան ժամանակաշրջանին, նոյնիսկ կորիզային մէկ զէնք՝ ցամաքի վրայ, ծովուն, օդին կամ անջրպետին մէջ, չափազանց շատ է: Մեր ընտանիքները, մեր ժողովուրդները եւ մեր աշխարհը պաշտպանելու համար մենք պէտք է աշխարհի առաջնորդներէն պահանջենք ճիգ չխնայել, որ կորիզային զէնքը դառնայ անցեալ ու պատմութիւն՝ աւելի պայծառ ապագայ մը կերտելու առաջադրութեամբ»:

«Օփենհայմըր» ֆիլմին մէջ, որ թողարկուեցաւ 21 յուլիս 2023-ին, Քիլիան Մըրֆի, Ճեյ Ռոպըրթ Օփենհայմըրի (J. Robert Oppenheimer) դերով, կը պատմէ, թէ ինչպէս ան ղեկավարած է «Մանհեթըն» ծրագիրը, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կորիզային ռումբ ստեղծելու նպատակով: Ֆիլմը հիմնուած է Փուլիցըր մրցանակի դափնեկիր Օփենհայմըրի մասին կենսագրութեան վրայ, որ յուլիսի 1945-ին, երբ ականատես եղաւ կորիզային ռումբի պայթումին Լոս Ալամոսի (Նիւ Մեքսիքո) Թրինիթի փորձարկման վայրին մէջ, ըսաւ. «հիմա ես ՄԱՀ-ն եմ, աշխարհներու աւերիչը»:

Կ’ենթադրուի, որ Օփենհայմըր մտահոգուած էր կորիզային ուժանիւթի հսկայական վնասով եւ վախցած էր գալիք աղէտէն եւ իր ուեցած մասնակցութենէն: Անցեալ կիրակի օր, օսքարներու մրցանակաբաշխութեան ժամանակ, Մըրֆի, որ արժանացաւ լաւագոյն դերասանի օսքարին, իր մրցանակը նուիրեց «բոլոր խաղաղարարներուն»՝ ըսելով, որ «մենք կ’ապրինք Օփենհայմըրի աշխարհին մէջ»:

«Հալէպի ողբերգութիւն» ․․․․ Սփիւռքահայութեան գոյատեւութիւնը (sustainability) (Բ. Մաս)

  1. Յիշատակարժան Հրատարակութիւններու յամառօտ ակնարկ

Հալէպահայ արժանաւոր գրագէտներ, քաջածանօթ  մտաւորականներ, հայ մամուլի յանձնառու հրապարակագիրներ ինչպէ՞ս պիտի չարտայայտուէին ու չարձագանգէին Սուրիոյ եւ մանաւանդ Հալէպի տագնապին մասին ականատեսի իրենց վկայութիւնները, փորձառութիւնը։ Հրատարակուած գիրքերը,  գեղարուեստական՝ արձակ թէ չափածոյ գրականաշունչ յատկութեամբ ո՛չ միայն գրող անհատին զգացումները, այլեւ միտքն ու հոգին ջրդեղող սրտազեղ պարունակութեամբ հրատարակութիւններ են, աղէտահար Հալէպահայ հաւաքականութեան խոցահար ալեկոծութիւնները:

Կարելի է հրատարակուած հայերէն գիրքերու հրապարակումի ժամանակագրական յաջորդականութեամբ համեստ ծաղկաքաղ մը վերյիշել՝

Ա) Հալէպահայ գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ,  այժմ ողբացեալ բժիշկ՝ Թորոս Թորանեանի «Խառնակ օրեր Հալէպի մէջ» գիրքը, որ գրուած է երբ տագնապը դադրած չէր, գոյամարտի այս օրագրութիւնը հրատարակուած է 2013 թուին։ Գիրքը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ կցուած կապի վրայ [1]։

Բ) Անթիլիասի մէջ 2016 թուականին, Գէորգ Մելիտինեցի գրական թիւ 83-րդ մրցանակի հրատարակութեամբ եւ 373 էջ ծաւալով, լոյս կը տեսնէ գրող, հրապարակագիր, մանկավարժ, խմբագիր, դասախօս եւ դալար գրիչ՝ Լալա Միսկարեան – Մինասեանի հեղինակութեամբ «Սուրիական Օրագրութիւն»-ը, խմբագիր՝ Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի։ Հասանելիութեան նպատակով վերջերս հեղինակը օգտաբեր եւ օրինակելի տեղադրում մը կատարած է իր գիրքին ելեկտրոնային տարբերակը տեղադրելով իր դիմատետրի էջին վրայ։

Հեղինակի մը համար հոգեթով խանդաղատանք է, երբ իր գիրքը, յօդուածը հասանելի է մեծ թիւով ընթերցողներու։ Այս տեղադրումով կը խթանէ անոնց հետաքրքրութիւնը,  զանոնք կը խրախուսէ ընթերցանութեան։

Գ) 2015 թուականին, լոյս կը տեսնէ հալէպահայ գրող, բանասէր Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանի Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած «Բողբոջող Անմոռուկներ» գիրքը, որ արժանացած է «Հրանդ եւ Մանուշակ Սիմոնեան» մրցանակին։ Գիրքը կը ներկայացնէ տագնապի տարիներուն հեղինակի անձնական ապրումներու լոյսին տակ գրի առնուած սուրիահայ գաղութի ապրած հոգեկան վերիվայրումները, ուր տեղ-տեղ ալ՝ յուշագրութիւն մը: Հեղինակը քաջարի համարձակութեամբ մը Սուրիոյ դէպքերը դիտարկած է որպէս շարունակուող ցեղասպանութիւն։

Դ) Առանձնայատուկ է հալէպահայ հանրածանօթ մտաւորական, գիրքերու վաստակաշատ հեղինակ կրթական մշակ Յակոբ Միքայէլեանի հրատարակած երկու վերնագիրները։ 1) Սուրիական պատերազմի հէնքին վրայ հիմնուած պատմուածքներու, ակնարկներու եւ նշմարներու հաւաքածոյ՝ «Գարուն էր․․․» վերնագիր գիրքը, որ արժանացած է «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 24 հրատարակութեան, Անթիլիաս – Լիբանան,  2018 թուին,  223 էջ ծաւալով։ 2) Սուրիական տագնապի հետ առնչուած եւ ապրուած կեանքէ առնուած «Ճակատագրի սեւ կատուն» վերնագիր գիրքը, որ 121 էջերու մէջ պարփակուած հետաքրքրական վիպակ մըն է, հրատարակուած Երեւան՝ 2020 թուականին։ Վիպակին գլխաւոր մասը հեղինակին հինգօրեայ առեւանգումն է՝ իր մղձաւանջերով եւ յուսատու երազներով։ Հեղինակը ա՛յնքան հարազատօրէն կը նկարագրէ իր ոդիսականը, որ ընթերցողը կամայ-ակամայ՝ կ՛ապրի անոր ներքին ցաւերն ու յուսահատութեան հասնող տուայտանքը։ Հեղինակը կը ներկայացնէ նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ներքին տագնապալի անցուդարձը։

Ե) Իմաստալից է հանրածանօթ գրող, Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ Պերճուհի Աւետեանի 2021 թուականին հրատարակուած “Մատնահետքեր” գիրքը, որ արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան, Կարօ Յովհաննէսեանի խմբագրութեամբ: Հեղինակը իր գիրքին մէջ յուշագրութեան բաժին մը յատկացուցած է Սուրիոյ պատերազմի մասին:

Զ) Յատկապէս ուշագրաւ է հալէպահայ գործարար, տնտեսագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու հեղինակ Լեւոն Զաքի Ետալեանի արաբերէն լեզուով Պէյրութի մէջ հրատարակած երկու գիրքերը՝  «Սուրիական հունձքը Տնտեսական եւ քաղաքական քաղուածքներ 2011-2018» լոյս տեսած Յուլիս 2018-ին, 400 էջ ծաւալով։ Լ․ Զաքի Ետալեան, այն քիչերէն է, որ ծաւալուն այս գիրքին մէջ իր տնտեսական իւրայատուկ քննարկումով, հրապուրիչ  արաբերէն ոճով, անվերապահ նշմարներով արձագանագած է Սուրիոյ տագնապի տնտեսական հետեւանքներուն, ճգնաժամային իրավիճակներուն եւ ակնարկած է տեղական ու միջազգային քաղաքական կացութեան։ Իսկ իր երկրորդ գիրքը՝ «Գոյութեան Մարտահրաւէր. Սուրիոյ Հայութիւնը 2011-2018» լոյս տեսած է Սեպտեմբեր 2018-ին, 211 էջ ծաւալով: Հեղինակ՝ Լ․ Զ․ Ետալեան իր ուրոյն ճկունութեամբ արծարծած է սուրիահայ արմատացած համայնքի եւ տեղւոյն քրիստոնեաներու գոյատեւութեան մարտահրաւէրները, արժանավայել նկատողութեան յանձնած է նաեւ պատերազմի ճակատագրական տարիներուն Սուրիական հայրենիքի մէջ անոնց գոյութենական հիմնահարցերը, մտահոգութիւնները եւ երազանքները։

Վերոյիշեալ գիրքերու կողքին, տիրական եւ թելադրիչ խորհուրդով կը յատկանշուին հալէպահայ մտաւորականներու Սուրիոյ աննախադէպ տագնապի իրադարձութիւններուն նուիրուած եւ հայ մամուլի մէջ ստուար թիւով լոյս տեսած յօդուածները, խորհրդածութիւնները, որոնք առատօրէն կ՛օժանդակեն եւ կ՛ամբողջացնեն Սուրիոյ տագնապի իրողութիւնը, Սուրիահայութեան  կենսագոյութեան շրջապատկերը, պատումը (narrative)։

Վերնագիրներու շատ համառօտ ծանօթագրական ակնարկ մը մէջբերելու համար կարելի է յիշել բանաստեղծուհի, արձակագիր եւ կրթական մշակ Մարուշ Երամեանի «Հալէպ․․․Հալէպ» խորազգաց, թախցոտ եւ աղերսահայց բանաստեղծութիւնը, ուր կը յիշէ «ծակ-ծակ էր երկինքը»։ 

Ուշագրաւ է հալէպահայ ծանօթ մտաւորական, բազմահորիզոն բանասէր եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի քնարական շունչով, հալէպի հայ գաղութին կենսունակութիւնը փայփայող իր հիւթեղ ոճով՝ «Ինչի՞ մէջ կը կայանայ Հալէպահայ գաղութին արժէքը» յօդուածը եւ Հալէպահայութեան նուիրուած այլ խորագիրներ։ ԹԹխմոր Հալէպի վերելքին եւ ձեռնհաս հայ մարդուժին խնկարկումի հասնող փառաւոր գովերգ մը ըլլայ կարծէք յօդուածին բովանդակութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ հեղինակի թելադրանքն է պահպանել հալէպահայ համայնքի փառաւոր ընթացքը, կառոյցը եւ թրծուած մարդուժը, մանաւանդ բազմաբեղուն ժառանգութեան  իրաւատիրութիւնը։ Հետեւաբար Շառոյեան մտավախութիւն կը յայտնէ, տագնապէն ետք հալէպահայ տերեւախիտ գաղութին հաւանական քայքայումին, նօսրացումին։ Լեւոն Շառոյեանի հնչեցուցած ահազանգերը՝ տեղի՛ն են ու արդար:

Սուրիոյ տագնապի քաղաքական վկայակոչում մը կարելի է կարդալ հալէպահայ բժիշկ Գրիգոր Ատանալեանի յօդուածին՝ «Սուրիոյ Միջազգային Տագնապը Եւ Սուրիահայութեան Հերոսական Պայքարը», Սուրիոյ պատերազմին նուիրուած վերլուծական սեղմ տեղեկատուութիւն մըն է, սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութեանց սատարող  աշխատանքներուն։

Հանրածանօթ մտաւորական, գրող, վաստակաշատ կրթական մշակ, Հալէպի նուիրուած հատորներու հեղինակ՝ Գէորգ Պետիկեան պաշտելի իր Հալէպին հետ տագնապող,  գրողի անկիւնին մէջ, հոգեշունչ բովանդակութեամբ իր գրածը անուանած է՝ «Հալէպ` Մեր Հեքիաթային Քաղաքը», ուր անզուսպ մտահոգութեամբ, աղերսաւոր ու գորովազեղ բարեխառնութեամբ հեղինակը գրած է՝ «Խօսիլ Հալէպի մասին` կը նշանակէ խօսիլ Արեւելքի մասին: Անմեղութեան շքեղութիւն եւ շքեղ անմեղութիւն»։

Յիշատակութեան արժանի է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Զարմիկ ՉիլԱբօշեան – Պօղիկեանի Սուրիոյ իրավիճակի մասին գրած խմբագրականները, հարցազրոյցները, տեղեկատուուական եւ երբեմն ալ հայ նահատակներու, վիրաւորներու շատ սեղմ թուային վիճակը, լուսաբանութիւնները, մանաւանդ Սուրիոյ տագնապի կոտտացող վէրքը, դառն բաժակը հեռացնելու հաստատակամ լաւատեսութեամբ գրուած խորագիրները։

Ինչպէ՞ս չյիշել վաղամեռիկ մտաւորական, կրթական մշակ, բեմադրիչ Մանուէլ Քէշիշեանի հրատարակած բազմատասնեակ  յօդուածները, պատկերացումները եւ երբեմն ալ հայ կուսակցական եւ միութենական կառոյցներու մասին իր գրառումները, տագնապի շրջանին Հալէպեան իր համայնապատկերները, ցաւատանջ տագնապի իրականութեան հետ դէմ-դիմաց իր մտասեւերումները, որոնք վստահաբար գիրք մը կամ գիրքեր կրնան կազմել։ 

Վերոյիշեալ գրական արտադրութեան մէջ, ամէն մէկ մտաւորական իր սրտէն ու մտքէն տոհմիկ շող մը կաթեցուցած է, անկորնչելի բան մը ծրարած է իր հոգիէն։

Մարդաբանութիւն է (Anthropology), բազում դիւտանկիւններէ գնահատելով վերոյիշեալ աղբիւրները, որոնք կը յաւակնին ուրուագծելու եւ արտացոլացնելու սուրիահայ փոքրամասնութեան դիմագրաւող տագնապը: Ինչու չէ նաեւ սերունդներու համար ականատեսի վկայութիւններու ու հաւաստումներու ատաղձ մը կրնան հանդիսանալ սփիւռքագիտութեան:

Անհնար է սեղմ սիւնակներու այս յօդուածին մէջ անդրադառնալ Սուրիոյ տագնապին հետ առնչուած բոլոր հայ մտաւորականներէն, գրողներէն ծաղկած մտքի շիթերուն եւ հրապարակուած յիշատակելի խորագիրներուն։

Կը յուսանք, շատեր իրենց յուշագրութիւնները պիտի չզլանան յիշատակելու, վերարտադրելու հայ մարդուժի եւ մտաւորականութեան մեղուափեթակ՝ Հալէպի մէջ ապրուած տագնապի փորձառութիւնը, վկայութիւնները, յուշերը, յուշելով նաեւ իրենց մտորումները։

Պարտք է յիշեցնել, որ հայ մամուլը ընդհանրապէս առատ մելան հոսեցուց Սուրիոյ ներքին տագնապի մասին, բազմազան տեղեկատուական երկարաշունջ սիւնակներ յատկացուց, հաղորդագրութիւններ, հարցազրոյցներ, երկխօսութիւններ, անհատական տպաւորութիւններ տեղադրեց։

Նախատեսելով, որ այդ բոլոր գիրքերու հրատարակութիւնները, իրենց թուայնացած տարբերակներով եւ յօդուածներու առատ բերքը մէկտեղուած հասանելի կրնան դառնալ համացանցային կայքէջի մը վրայ, օգտաշատ եւ համապատասխան ուսումնասիրուած հարթակի մը ստեղծումով, մատչելի պիտի դառնան հետաքրքրուողներուն, մանաւանդ այդ բոլոր աղբիւրներէն դաստիարակչական դասեր քաղելու եւ ուղենշային դիտարկումներով յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու, սփիւռքի մեր շարունակականութիւնը, գոյատեւութիւնը (sustainability) եւ կենսագոյութիւնը հոգատարելու, պահպանելու եւ ամրապնդելու ի խնդիր։

Նպատակս չէ «Հալէպի ողբերգութիւն» գիրքին կամ յիշուած հայերէն թէ արաբերէն գիրքերուն, յօդուածներուն մասին գրախօսականներ գրել, կամ վիրաւոր Հալէպի նկարագրութիւնները վերակոչել, ապրուած ողբերգութիւնները վերարտադրել։

Պարզապէս վերոյիշեալ հատորներուն, յուշագրութիւններուն, յօդուածներուն բովանդակութիւնը, եւ մանաւանդ իբրեւ հալէպահայ՝ տագնապի օրերու վկայութիւնս, կենսափորձս մտքի առկայծում մը բռնկեցուցին հաւաքուած մտածումներուս, քանի մը բարդ ծալքեր, երեւոյթներ ընդգծելու, որոշ համեստ խոկումներ արձանագրելու։

 

Փրոֆ․ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

 

Ճշմարտութիւնը խօսելու քաջութիւնը եւ Բարռեսիա Քոլլեքթիւը (Parrhesia Collective)

Այսօրուան Podacst-ի զրուցակիցն է լիբանանահայ գաղութի յառաջադէմ երիտասարդ մտաւորականներէն՝ Արազ Գոճայեանը, որ կը խօսի Բարռեսիա Քոլլեքթիւին (Parrhesia Collective) (www.parrhesiacollective.com) մասին: Ե՞րբ հիմնուեցաւ Բարռեսիա Քոլլեքթիւը, ի՞նչ նպատակներով, որո՞ւ ուղղուած է եւ ինչո՞ւ Բարռեսիա անուանումը: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան:

(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)

«Հալէպի ողբերգութիւն» ․․․․ Սփիւռքահայութեան գոյատեւութիւնը (sustainability).(Ա. Մաս)

«Հալէպի ողբերգութիւն»-ը մեծ չափով գունազարդ լուսանկարներու, որակաւոր տպագրութեամբ հատորի մը խորագիրն է, 2017 թուին լեհերէնով հրատարակուած, 206 էջ ծաւալով։

Անդրանիկ տղաս՝ Գէորգը այս գիրքը գնած էր, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հալէպի հետ առնչուած նիւթի մասին աւարտական իր թեզի պատրաստութեան համար։

Գէորգ, Սուրիոյ ահարկու պատերազմի ցաւալի մրմուրը համտեսած էր՝ տեսնելով իր ընտանիքի, ծնողներու եւ նախնիներու բնակած շէնքին ամբողջութեամբ փուլ գալը, պետական զօրքերու ընդդէմ ահաբեկչական եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու առճակատումներուն եւ պայթումներուն պատճառով։ Գէորգ 12 տարեկան դերատի պատանի մըն էր, երբ Հալէպէն հեռացաւ միլիոնաւոր տնանկ մնացած սուրիացիներու նման։

Հոգետանջ ողբերգութիւն մըն է՝ տխրութեան կեղեքիչ զգացում, երբ ապրած շէնքիդ փլատակներուն տակ անդարձ թաղուեցան տոհմական Սասունէն, Խարբերդէն, Այնթապէն  բերուած՝ կալուածներու, ինչքերու սեփականատիրութեան վկայագիրներ, կրթութեան վկայականներ, տասնիններորդ դարու պատկանող Աստուածաշունչեր: Նուազագոյն երեք սերունդներէ  ժառանգուած հայ մշակոյթի պատկանող նիւթեղէն մասունքներ, բազմալեզու, բազմահազար գիրքեր, պատմական տարբեր սրբութիւններ, հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ երկար տարիներով խնամքով պահուած փշրանքներ, օրհնաբեր պատառիկներ, ինչե՜ր կարելի է յիշել ու վերյիշել։

Ճիշդ է որ յիշողութիւնը, վերյիշումը երբեմն տանջող է, բայց միշտ ալ սփիւռքահայուն համար հաւաքական վերյիշումը ընկալուած է որպէս անցեալի վերակառուցումը։  Հայու յիշողութեան մշակոյթը, մշակութաբանութիւնը (Cultural anthropology), ընդունուած է ո՛չ միայն ինքնութեան հիմնական բաղադրիչներէն մին, այլեւ ինքնութիւնը ինքնին։

Պարտադրուած բռնի տեղահանութեան նման, նախնիներու ճակատագրի կրկնութիւնն էր՝ բռնագաղթի անորոշ խաչմերուկին դիմաց կանգնողի հրամայական որոշում մը։ Հարազատ ծննդավայրէն, ենթահողէն հեռանալու անբեկանելի ընտրանքին դէմ յանդիման ընտանեօք պարտադրաբար 2012 թուի հոկտեմբերին հեռացած էինք ծննդավայր Հալէպէն։ Մէկ կողմէ համտեսելով առեւանգումի եւ սպանութեան սպառնալիքի անողորմ ազդարարութիւնը՝ «Դուք հայերդ պետական իշխանութեան թիկունքին էք, պետութեան կողմնակից էք» մեղադրանքով։ Հայերը միշտ ալ կը մեղադրուին ոչ միայն իշխանամէտ ըլլալու, այլ նոյնիսկ՝ չէզոքութեան համար։ Իսկ դաժանագոյնը՝ ետին թողելով քարուքանդ մեր բնակարանի, շէնքին քարակոյտը եւ սեփական այլ կալուածներ՝ որոնք դժբախտաբար մինչեւ այսօր սուրիական պետական գերիշխանութեան սահմաններէն հեռու են՝ չեն վայելեր Սուրիական պետական ինքնիշխանութեան ներկայութիւնը։ Հոգիս կ’ալեկոծի, երբ վերյիշեմ ետիս թողած հիմնովին տապալուած մեր ապրած շէնքին աւերակները։

Մենք, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հալէպահայեր, սուրիահայեր տարանցիկ կանգառներով երամ-երամ դէպի վերջնական կանգառներ անվերադարձ հեռացանք, իմա՝ արտագաղթեցինք, ընդլայնելով հայ սփիւռք կոչուած թնճուկին տարածքն ու խորութիւնը։ Ինքնայօժար հեռացում մը չէր, բայց երազային Հալէպի տպաւորութիւնները, մեր ծնողներուն, նախնիներուն հոն ապրուած անջնջելի յիշատակները՝ վստահաբար քանդակուած ու առկայծ կը մնան իբրեւ խորտակուած երազներ մեր յիշողութեան կայծկլտուքին մէջ, եւ  իբրեւ սեփականը կորսնցուցած մեր  հոգեխոց (trauma) մորմոքի ենթագիտակցութեան մէջ:

Ճակատագրի դաժան ընկճախտը (depression), հարկադրիչ այս անկիւնադարձը մեր հոգիներուն մէջ պիտի մնայ, ծննդավայրի հանդէպ իբրեւ ճնշող կարօտախտ մը, քօղարկուած մշտայուշ վիշտ մը։

Գէորգ ծննդավայրի իր կարօտն ու գուրգուրոտ հոգատարութիւնը խտացուցած էր վերոյիշեալ գիրքի ինքնախօս լուսանկարներու յարակցութեան մէջ, երբ գնած գիրքը ներկայացուց ըսելով՝ «Հայրիկ տե՛ս մեր սիրելի Հալէպին առընչուող վաւերագրական լուսանկարներու ինչպիսի գիրք մը հրատարակուած է»։

Ծանօթագրութեան կարգով կարելի է յայտնել, որ գիրքին լեհ համահեղինակը՝ Ատամ Պուեաքը, արհեստավարժ եւ հանրածանօթ ռազմական, ճակատամարտերու խիզախ միջազգային լուսանկարիչ մըն է, արկածախնդրութիւնը յանձն առած, տագնապի ու աղէտալի պայմաններու մէջ, մանաւանդ Հալէպի ամէնէն բռնկուն եւ դժոխային տարիներու սարսափելի իրավիճակները իր ոսպնեակով վաւերագրելու՝ տագնապի անողորմ գոյավիճակը լուսանկարներով ամրագրելու ծրագիրով Սուրիա եկած էր, երբ բազմահազար տեղացիներ երկնառաք մոգական փրկութեան հնարքներ կը փնտռէին, երկրին մէջ աւելի ապահով շրջաններ տեղափոխուելու եւ անվտանգ ապրելու նպատակով հեռաւոր խաղաղ երկիրներ արտագաղթելով, նոյնիսկ իբրեւ գաղթականներ, տեղահանուածներ, փախստականներ կամ այլ որակումներով։

Տագնապի առաջին օրերուն Սուրիոյ հայ համայնքի մէջ, այն հաստատ համոզումը կար, որ օրերու, շաբաթներու, առաւելագոյն մէկ երկու ամսուայ մէջ կ՛աւարտի ընդդիմութիւններու, պոռթկումներու, պատերազմական ահ ու թողի իրավիճակը։ Սակայն մեր սփիւռքի պատմութեան բովերու պճեղ մը ծանօթութիւնը, տեղւոյն եւ շրջանի հետ աշխարհաքաղաքական առողջ վերլուծումը, վտանգին եւ սպառնալիքներուն չափի սահմանները ընկալելու սրատեսութիւնը, յետպատերազմեան տնտեսական հետեւանքներու ողջամիտ եւ հեռատես արժեւորումը բաւարար էին հասկնալու եւ արդարացնելու արտագաղթողներու պատճառաբանութիւնը։

Վերոնշեալ գիրքին խմբագիրն է հոգեւորական՝ Փրոֆ․ հայր Վալտեմար Չիսլոն։ Քանիցս Սուրիա այցելած այս լեհ հոգեւորականի կենսագրականը կարելի է խտացնել, որ օգնութեան հասնելու՝ «Կարիքաւոր եկեղեցւոյ օգնութիւն» ծրագրի այս ղեկավարը, իր ներգործութեամբ պահ մը մեզ կը յիշեցնէ, կամ զայն կարելի է նմանցնել քսաներորդ դարու Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին յաւէտ յիշատակութեան արժանի մարդասէր հրեշտակներուն, անմոռանալի դանիացի ու սքանտինաւեացի միսիոնարուհիներուն, որոնք հասած էին աղէտեալ վայրեր եւ իրենց մարդասիրական օժանդակութիւնն ու նիւթական կարելիութիւնները ի սպաս դրած էին հայութեան, իրենց նմաններուն հանդէպ անգնահատելի բարեգործութիւններով ու գործնական երախտարժան մասնակցութեամբ։

Վերոյիշեալ լեհ հոգեւորականը, ծանօթ է միջին արեւելքի մէջ՝ Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան եւ այլուր։ Կենաց եւ մահու տագնապներու, անհրաժեշտ կարիքի մէջ գտնուող քրիստոնեայ հաւաքականութիւններու հանդէպ իր մարդասիրական անխոնջ պատրաստակամութեամբ, անսահման իր օգնութիւնները հասցուցած է վերոյիշեալ երկիրներու տառապեալներուն։ Կարելի է վկայել նաեւ, որ Լեհաստանի տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող եկեղեցիներու մէջ, համալսարաններու, հանրային կեդրոններու, կայարաններու եւ պետական զանազան հաստատութիւններու, կառոյցներու մէջ յատուկ տուփիկներով, գանձանակներով «Հալէպի համար» խորագրեալ նիւթական հանգանակութիւններ կազմակերպելու արշաւին լծուած այս հոգեւորականի ընթացքը։ Հաւաքուած գումարները օգնութեան շիթեր էին պատերազմի տարիներուն ու տակաւին կը շարունակուին այսօր ալ տեղացի տառապեալներուն համար։ Իր քարոզչական աշխատանքով, հանգանակութիւններով, նուիրատուութիւններու հաւաքներով, հարցազրոյցներով օրինակելի բարեսէր մըն է կարիքաւորներուն, իր նուիրուածութեամբ, օգնութեամբ եւ ծառայութեամբ։ Ի վերջոյ ո՞վ չի վկայեր կամ չի հաստատեր  հանրածանօթ «Լեհաստանի Գարիթաս»-ի բարեսիրական ու հոգատար բարեգործութիւնները, ծառայութիւնները Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, որուն գլխաւոր դերակատարներէն մին է յիշեալ հոգեւորականը։ Խորապէս ըմբռնելի ու համոզիչ է, նման հայրենասէր լեհ հոգեւորականի մը կողմէ քրիստոնէավայել մարդասիրական օժանդակութեան մղիչ խանդը, օգնութեան կամքը։

Հասկնալի է նաեւ, Լեհաստանի դէմ գերմանական եւ Խորհրդային Սովետական Միութեան զօրքերու կողմէ բարբարոսութիւնները, անմարդակային եւ գարշելի բռնագրաւումները, չարչարանքները համտեսող լեհ ազգի զաւկի մը  համար։

Միւս կողմէ, 2010 թուականէն սկսեալ, ժողովրդավարութեան կեղծ ու խաբուսիկ լոզունգի պատրանքներով, եւ միջազգային շահերու բախումները եւ փոխադարձաբար զիրար վերացնելու նպատակով,  միջին արեւելքի մէջ նոյն միջազգային սադրիչ որոմնացաններու նենգաբարոյ դաւադրութեամբ բոցավառող «Արաբական գարուն» անուանեալ հրեշային պատուհասը, իր քանդիչ ու թունաւոր ծիլերը կը փորձէր ծաղկեցնել, հասնելով Սուրիա մարտ 2011-ին, այդ պատճառով մեծ թիւով  գաղթականներու հսկայ ալիք մը կ՛աշխուժանար դէպի Եւրոպա, անոնց մէջ ըլլալով ստուար թիւով քրիստոնեաներ, հայեր։ 

2015 թուականէն սկսեալ, Լեհաստանի պետութեան այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական իշխանութեան յստակ դիրքորոշումն ու հաստատակամ որոշումն էր՝ 1) մենք գաղթականներ չենք ընդունիր, բայց երբեք պիտի չզլանանք մեր նիւթաբարոյական օգնութիւնները հասցնել այդ երկիրներուն մէջ բոլոր տառապեալներուն, 2) Օժանդակել քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները՝ չհեռացնելու իրենց հաստատուած բնակավայրերէն ու արմատացած բնօրրանէն, պահելու համար անոնց դարաւոր քրիստոնէական դիմագիծը, 3) Օժանդակել՝  չլքելու քրիստոնէական բազմադարեայ մշակութային եւ կրօնաբարոյական ստեղծագործութիւններու ժառանգութիւնը, եկեղեցիները, վանքերը, հաստատութիւնները։

Բնականաբար հոս կարելի չէ մոռնալ եւ բարձր պէտք է գնահատել թէ՛ հայ սփիւռքի զանազան միաւորներու եւ թէ՛ Հայրենիքի վիթխարի օժանդակութիւնները, որոնք միջոց ու դարման հանդիսացան ազգակից սուրիահայութեան։

Փրոֆ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

(Շարունակելի)

Երկրաչափ Պերճ Աբրահամեանի գործունէութիւնը եւ Ապու Տապիի նուիրուած գիրքը

Վաթսունական թուականներուն, Ապու Տապիի մէջ հայկական համայնք չկար, բայց կային հայեր եւ անոնցմէ մէկն է Պերճ Աբրահամեան:

Պերճ Աբրահամեան ծնած է 1931-ին Երուսաղէմի հայկական թաղամասը եւ յաճախած Սրբոց Թարգմանչաց դպրոցը։ Ան կը յիշէ իր հայոց լեզուի ուսուցիչը՝ Սեդրակ Պաղտոյեանը եւ դպրոցին տնօրէնը՝ Սերովբէ Վարդապետ Մանուկեանը։ Կինը Սիւզան Սուլթանեան, ծնած է Ամման, Յորդանան: Ունեցած են երկու դուստրեր՝ (ծնեալ Անգլիա) Հուրի Նատին  եւ Սեդա Նատին:

Նշենք, որ Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց միջնակարգ դպրոցը  հիմնուած է 1929-ին,  Եղիշէ Արք. Դուրեան (1860, Սկիւտար – 1930, Երուսաղէմ) ջանքերով: Եղիշէ Արք. Դուրեան կրտսեր եղբայրն է բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի:

Պերճ Աբրահամեան իր ուսումը կը շարունակէ Երուսաղէմի Santa College-ի մէջ: Սակայն, 1947-ին, ըստ ՄԱԿ-ի որդեգրած բանաձեւին, որ կ’առաջադրէր բրիտանատան հոգատարութիւն հաստատել Պաղեստինի մէջ, զայն կը բաժնէր երկու պետութիւններու, մէկը՝ արաբական, միւսը՝ հրէական: Երուսաղէմի Santa College դպրոցը կը մնար հրէական գօտիին մէջ եւ Պերճին համար կը դառնար անհասանելի: Այնուհետեւ, ան աշխատանքի կ’ընդունուի բրիտանական կառավարական ծառայութեան մէջ որպես հաշուապահութեան ժամանակաւոր գործավար՝ 17.5 պաղեստինեան փաունտ աշխատավարձով:

Բրիտանական հոգատարութեան աւարտէն ետք, Պերճ մէկ տարի կը մնայ առանց դպրոցի եւ պատշաճ աշխատանքի, սակայն հետագային կ’ամբողջացնէ իր միջնակարգ կրթութիւնը Frers College-ի մէջ։ Պերճին եղբայրը, որ Իրաք կը բնակէր այդ օրերուն, Պերճին համար  աշխատանք կը դասաւորէ իրաքցի կապալառուի մը մօտ, որպէս վարչական գործավար՝ վերահսկելու ընկերութեան աշխատանքները: Աշխատանքային այս փորձառութիւնը անոր կը ստիպէ շարունակելու իր ճարտարագիտական-երկրաչափական կրթութիւնը, որուն առաջին տարին կ’աւարտէ Aleppo College-ին մէջ (Հալէպ, Սուրիա), ապա չորս տարի կը յաճախէ Պոլսոյ Robert College-ը, զոր կ’աւարտէ 1957-ին՝ ստանալով  Երկրաչափութեան պսակաւոր արուետից վկայականը: Այնուհետեւ, ան ամէն ամառ կ’աշխատի Իրաքի մէջ նոյն կապալառուին քով՝ իր ուսումնական յաջորդ տարին ֆինանսաւորելու համար:

Ուսումը աւարտելէ ետք, ան կը վերադառնայ եւ տասը ամիս կ’աշխատի Քարքուք քաղաքին մէջ Shaheen and Janabi Contractors ընկերութեան մէջ, որպէս մնայուն օգնական ճարտարագէտ-երկրաչափ եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Մեծ Զապ գետ»-ի եզրին (արաբերէն الزَّاب الْكَبِيْر ) բնակարանային համալիրի մը կառուցման աշխատանքին: Նշենք որ Մեծ Զապ (Հայկական լեռնաշխարհին, Տիգրիսի ձախ վտակը) 400 քմ երկարութեամբ գետ է, որ կը հոսի Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջով: Ան ակունք կ’առնէ պատմական Հայաստանէն՝ Վանա լիճին մօտ եւ կը միանայ Տիգրիսին Իրաքի մէջ՝ Մոսուլ քաղաքէն հարաւ։ Բայց, տնօրէնութեան հետ ունեցած վէճի մը պատճառով, ան կը հրաժարի:

1958-ի ապրիլին, Պերճ աշխատանքի կ’ընդունուի Քուէյթի Հանրօգուտ շինարարութեան նախարարութեան մէջ՝ ծառայելով գրեթէ ինը տարի: Քուէյթի մէջ, ան ականատես կը դառնայ Քուէյթի հայկական համայնքի ձեւաւորումին եւ Սելմիա շրջանին մէջ, ամենօրեայ հայկական դպրոցի մը հիմնադրութեան, 1960-ին: Այդ օրերուն դպրոցին տնօրէնն էր Յարութիւն Սահակեան:

Ճարտարագէտ- երկրաչափ Պերճ Աբրահամեան Քուէյթի Ազգ. վարժարանի հոգաբարձուներու խորհուրդին կը միանայ 1963-1964 տարեշրջանին իբրեւ անդամ, 1965-1966-ին՝ գանձապահ, 1966-1967՝ պարզ անդամ:

 «Սելմիա» շրջանը գտնուող հայկական դպրոցին շէնքը, որ արաբական տուներ էին, հայ համայնքին ջանքերով վարձուած ու բարեկարգուած է որպէս Քուէյթի Ազգային Հայկական Վարժարան: Երբ համայնքը կ’որոշէ եկեղեցի մը կառուցել դպրոցին ետեւը գտնուող բակին մէջ, հայ արհեստաւորներ իրենց ձեռքերով կը կառուցեն թիթեղածածկ կառոյցը, որ մինչեւ ասկէ տասը տարի առաջ գործող, բայց հիմա նոր շէնքի մէջ է», կը գրէ Հրաչ Քալսահակեան՝ աւելցնելով, «ես տեսած եմ այդ կառոյցը քանի անոր կողքին գտնուող Առաջնորդարանի շէնքին մէջ ապրած ենք ընտանեօք մէկ տարի, 1973-1974-ին»:

Պերճ Աբրահամեան եւ Շէյխ Զայէտ Ալ Նահեան

1966 հոկտեմբերին, Պերճ Աբրահամեան աշխատանքի բերումով կը մեկնի Ապու Տապի՝ որպէս մնայուն Ճարտարագէտ-երկրաչափ Arabicon British Consultants ընկերութեան մէջ, որ ըստ էութեան կիսաանապատային միջավայրի մէջ կը գտնուէր: Այդ ատեն, «Մաքթաա» կամուրջը չկար, եւ խճուղի մը կղզին կը միացնէր մայրցամաքին: Երկրաչափ Պերճին կը վստահուի Ապու Տապիի Քորնիշին վրայ ծովային պատի կառուցման հսկողութիւնը, որ կ’ընդգրկէր հսկայական հողերու բարելաւման աշխատանքները: 1967-ին, Ն.Վ. Շէյխ Զայէտ կը կտրէ «Abu Dhabi Sea Wall»-ի  կառուցման ժապաւէնը: Պերճ ուղեկցելով Շէյխ Զայէտին բացատրութիւններ կու տայ գործընթացին, նաեւ  հողահանումի, հողերու բարելաւումի եւ թիթեղներու կուտակումին մասին:

Պերճ Աբրահամեան եւ Շէյխ Զայէտ՝ ծովու պաշտպան պատի բացման արարողութեան
Ապու Տապիի ծովու պաշտպան պատին շինութիւնը

Այդ տարիներուն, Ապու Տապիի մէջ կային միայն քանի մը հայ ընտանիքներ, շուրջ 100 անհատներ՝ գլխաւորապէս մասնագէտներ։ Յատկանշական է, որ 1970-ականներու սկիզբը Ապու Տապիի մէջ շինարարական տասը մեծ ընկերութիւններէն հինգը կը ղեկավարուէին հայ ճարտարագէտներու կողմէ։ Այդ տարիներուն, հայկական համայնքային գործունէութիւն չկար:

Ալ Խուպեյրաթ դպրոցը

Պերճ Աբրահամեան՝ Շէյխ Զայէտի հետ, Ալ Խուպեյրաթ դպրոցին մէջ

«1967-ին, Ապու Տապիի մէջ սեփական դպրոցներ գոյութիւն չունէին։ Երբ 1967-ի վերջերը կ’առաջարկուի դպրոց մը հիմնել, հոն բնակող քանի մը ընտանիքներ մեծ ոգեւորութեամբ կ’ընդունին զայն, որպէսզի կարողանան իրենց երեխաները հոն դպրոց ուղարկել։ Բայց դպրոցին մէջ կարելի կ’ըլլայ հաւաքել տարբեր տարիքի միայն ութ աշակերտ, որոնցմէ մէկը իմ աղջիկս էր՝ Հուրին: Հետեւաբար, աշակերտները բոլորը կը հաւաքուին մէկ սենեակ-դասարանին մէջ, որ յատկացուած էր այդ նպատակին՝ Pauling’s Road Contractor ընկերութեան ժամանակաւոր ճամբարին մէջ», կը գրէ ճարտարագէտ Պերճ Աբրահամեան՝ աւելցնելով, «Եւ այսպէս, Խուպեյրաթ դպրոցին հունտերը կը ցանուին։ Ամիսներու ընթացքին, աշակերտներու թիւը կը կրկնապատկուի, եւ անհրաժեշտ կը դառնայ պատշաճ դպրոցի մը կառուցումը»:

Ս. Ծնունդը Ալ Խուպեյրաթ դպրոցին մէջ

Նոր դպրոցին շէնքը կը կառուցուի ցուցանիշային արագութեան մէջ, եւ կը բացուի 15 փետրուար 1968-ին՝ Շէյխ Զայէտ պին Սուլթան Ալ-Նահեանի՝ այդ ժամանակուայ Ապու Տապիի կառավարիչ եւ Երուսաղէմի Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ Քամփպել Մաքքինսի կողմէ:

Բացման  արարողութեան ներկայ կը գտնուին քանի մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս՝ Արչի Լէմպ, որ Մեծն Բրիտանիոյ գաղութատէր իշխանութեան ներկայացուցիչն էր Ապու Տապիի մէջ (Ապու Տապի կ’անկախանայ 1971-ին), Խալաֆ Ալ Օթեյպա, որ կ’ուղեկցէր Շեյխ Զայէտին, Մահմուտ Հասան Ճումաա, եւ Ապու Տապիի առողջապահութեան գաղութատէր «նախարար» տոքթ. Ֆիլիփ Հորնիպլո:

Զինուորական տողանցք Ապու Տապիի մէջ, 1967-ին

1976-ին, խումբ մը երիտասարդներ արդէն ստեղծած էին գաղութային կեանքի կորիզ մը Ապու Տապիի մէջ, յանձինս Պերճ Աբրահամեանի, Հրաչ Արզումանեանի, Վարդան Ինկիլիզեանի, Կարօ Սատըգճեանի եւ Գրիգոր Ճէրէճեանի:

Ապրիլ 1980-ին, կը նշանակուի  Ապու Տապի համայնքին անդրանիկ Ազգային Վարչութիւնը՝ ներառելով հայութեան բոլոր հատուածները եւ յարանուանութիւնները՝ Անդրանիկ Տաղլեան, Գրիգոր Ճէրէճեան, Հրաչ Արզումանեան, Միքայէլ Պատալեան, Պերճ Աբրահամեան, Վարդան Ինկիլիզեանի եւ Վարդգէս Թավլեանի:

Մարտ 1981-ին, կը սկսի Ապու Տապիի հայկական դպրոցին դասաւանդութիւնը երկօրեայ դրութեամբ, հինգշաբթի եւ շաբաթ կէսօրէ ետքերը, ապա կը վերածուի միօրեայի, հինգշաբթի օր, իսկ տարիներ ետք՝ չորեքշաբթի յետմիջօրէին:  Դեկտեմբեր 2014-ին, Ապու Տապիի համայնքը կ’ունենայ իր սեփական համալիրը՝ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին եւ Արա Խանոյեան Ազգ. միօրեայ վարժարանը:

Ապու Տապիի Հայկական Մշակութային ընկերակցութեան անդամները

Պերճ Աբրահամեան 1969-1984 կը վարէ  Brook and Khalfan ընկերութիւններու խումբին գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը՝ իրականացնելով բազմաթիւ ծրագիրներ, գլխաւորապէս՝ ճամբաներ:

1984-էն սկսեալ, ան կ’աշխատի Սալահ Հարիրիի հետ, Ապու Տապիի Spectrum Engineering Consultants ընկերութեան մէջ: Տեղին է նշել, որ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան շէնքին ճարտարապետներն էին Պերճ Աբրահամեան եւ Սալահ Հարիրի: Դեսպանատան աշխատանքները սկսան Ապրիլ 2000-ին: Իսկ, 23 Սեպտեմբեր 2000-ին, տեղի ունեցաւ դեսպանատան պաշտօնական բացումը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, Էմիրութեանց պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմը եւ հոծ բազմութիւն մը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ համայնքէն:

2005-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մնայուն նոր շէնքի հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ։ 2007-ին աւարտեցան շինարարական աշխատանքները ու դեսպանութեան նոր շէնքին բացումը կատարուեցաւ օրուան Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ներկայութեամբ։

1990-ին, Ապու Տապիի մէջ կը ստեղծուի Հայկական մշակութային ընկերակցութիւնը, որուն, 1992 մինչեւ 2010 (ընկերակցութեան դադարեցումը), Պերճ կ’ըլլայ անոր պատուոյ նախագահը:

Նշենք որ Հայկական մշակութային ընկերակցութիւնը կազմակերպած է բազմաթիւ ձեռնարկներ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հրաւիրած հայրենի հարիւրաւոր արուեստագէտներ եւ այդպէսով ձեւաւորելով հայկական մշակութային աշխոյժ կեանք մը՝ սերտօրէն համագործակցելով Էմիրութիւններու մշակութային առաջատար կառոյցներու հետ: Իր կառոյցով, անդամներուն հայեցողութեամբ եւ նպատակային ուղղուածութեամբ, Ընկերակցութիւնը անկախ միաւոր մը կը ներկայացնէր գաղութին մէջ: Եւ իր որդեգրած մշակութային եւ բարեսիրական ուղղուածութեամբ, կը լրացնէր Ազգային Վարչութեան տարած եկեղեցական եւ կրթական գործունէութիւնը: Համերաշխութեան այս մթնոլորտը կը շեշտուի, երբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ առաջին անգամ կ’այցելէ Էմիրութիւններ (Ապրիլ 1997) ու իր մօտ կը հրաւիրէ Ազգային Վարչութեան եւ Ապու Տապիի Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան անդամները:

2018-ին, Պերճ Աբրահամեան կը հրատարակէ «Berj Aprahamian: A book dedicated to Abu Dhabi. A Tribute with Love » գիրքը, որ կ’ընդգրկէ աւելի քան 200 գունաւոր ինքնատիպ լուսանկարներ՝ մեծաւ մասամբ Պերճի լուսանկարած պատկերները, որոնք  լուսանկարչական տեղեկութիւն կը տրամադրեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պատմութեան, ձեւաւորման եւ Շէյխ Զայէտի պաշտօնավարման առաջին տարիներուն մասին (1966-1971), այսպէս.

Շեյխ Զայէտ պին Սուլթան Ալ Նահիան՝ Ապու Տապիի կառավարիչ 6 օգոստոս 1966-էն եւ մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1971՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախագահ դառնալը։

Գիրքը կ’ընդգրկէ յատուկ լուսանկարներ Ապու Տապիի Համտան փողոցի մէջ տեղի ունեցած զինուորական շքերթէն, որ կը  նշէր Շեյխ Զայէտի գահակալութեան առաջին օրը:
Լուսանկարներ Ապու Տապի Քորնիշի տարածքէն:
Լուսանկարներ Ապու Տապիի հին օդակայանէն, ճամբաներ:
Լուսանկարներ հին ամրոցէն (Հոսն):
Լուսանկարներ Մաքթաա կամուրջէն,  «Տաս» կղզիէն, Բանջարեղէնի եւ ձուկի նոր շուկայէն:
Լուսանկարներ Ալ Խուպեյրաթ դպրոցէն:
Նաեւ՝ պատկերներ ճարտարագիտական եւ շինարարական սխրանքներու մասին:

Գիրքը նախատեսուած է Էմիրութիւններու գալիք սերունդներուն համար՝ աւելին իմանալու իրենց պատմութեան եւ այն երկրին մասին, ինչպէս Պերճ Աբրհամեան տեսած էր ու ապրած:

Շնորհակալութիւնս Հրաչ Քալսահակեանին՝ իրեն յատուկ մակագրուած Պերճ Աբրահամեանի հեղինակած «Berj Aprahamian: A book dedicated to Abu Dhabi. A Tribute with Love» գիրքը ժամանակաւոր տրամադրելուն համար:

Հրաչ Քալսահակեան հիմնադիրն է «Ազատ Հայ» կայքէջին: Պերճ Աբրահամեանի մասին կարդալ անգլերէն՝ այս յղումով ՝ https://www.azad-hye.com/the-legacy-of-berj-aprahamian/

(Բոլոր լուսանկարները՝ Պերճ Աբրահամեանի)

Հայ Rapper-ը եւ կամաւոր ընկերային ծառայութիւնը

Այսօրուան Podacst-ի զրուցակիցն է հայերէն ռափի երգիչ եւ կամաւոր ընկերային ծառայող Ալպէրովիչ (Ալպէր) Մոմճեանը: Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն հետեւանքով, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ մատնուած են զանազան դժուարութիւններու: Լիբանանահայ բոլոր միութիւնները, իրենց ընկերային ծառայողներով, ճիգ չեն խնայեր հասնելու բոլորին: Բայց կայ նայեւ «Ալպերովիչ» երեւոթը՝ կամաւոր ծառայութեան գնահատելի գործը: Ծանօթանանք «Ալպերովիչ»ին: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան:

Ուշքի գալ` քանի դեռ ուշ չէ

Գերմանացի փիլիսոփայ Նիցչէ իր «Չաստուածներու մթնշաղ» («Twilight of the Idols») գործին մէջ ունի նման արտայայտութիւն մը․ «ինքնասպանութեան գաղափարը հզօր սփոփանք է, անոր օգնութեամբ բազում անքուն գիշերներ կը յաղթարահուին»:

Հայ ժողովուրդը իր ամենօրեայ կեանքով կ’ապացուցէ այս մէկը, քանի որ անընդմէջ ցաւի մէջ ապրելով, ան յարմարած է ցաւին եւ որեւէ փոփոխութիւն կը վախցնէ զինք: Շատ աւելի լաւ է մնայուն գտնուիլ ցաւի մէջ, որովհետեւ այդ ցաւը ամբողջովին ծանօթ է իր իւրայատուկ հիւլէով եւ նոյնիսկ հանգստաւէտ է, մինչ նորութիւնը անծանօթ է, իսկ անծանօթութիւնը միշտ կը վախցնէ անոնց, որոնք շարունակական ցաւի մէջ կը գտնուին: Նորութիւն ընդունելու համար նախ անհրաժեշտ է ընդունիլ իրականութիւնը: Հասկնալ՝ որ ցաւէն թմրած հաւաքական մեր միտքը կրնայ ոսկրանալ, քարանալ եւ այլեւս անընկալունակ դառալ ամէն ինչի նկատմամբ, մինչդեռ ան միակ բանն է, որ կրնայ մեզ սթափեցնել, որպէսզի անընդմէջ ցաւը կարողանանք փոխարինել այն նորութեամբ, զոր մենք մեզի համար կ’որոշենք, այլ ոչ թէ կը յարմարինք նոր հարուածներու՝ մինչ յոխորտալով, որ մենք «շատ ցաւ քաշած» ազգ ենք: Ուստի ամէն բան զարմանանք կը պատճառէ մեզի, թէեւ ամէն ինչ շատ աւելի պարզ է, քան մենք կը պատկերացնենք: Մենք կը նայինք ու չենք տեսներ: Եթէ տեսնենք ալ, չենք հասկնար: Կը նմանինք այն մարդուն, որուն կը բացատրեն, թէ թերմոսը (thermos) բան մըն է, որ հեղուկը ձմեռ ատեն տաք կը պահէ, իսկ ամառը՝ պաղ. մենք հարց կու տանք, թէ թերմոսը ի՞նչ գիտէ որ ամառ է, կամ ձմեռ: Իրականութեան ընկալումը ծանր կը թուի:

Իրականութեան ընդունումը այնպէս, ինչպէս կայ՝ դժուար է: Դժուար է թէ՛ մէկ անձի, թէ՛ ամբողջ հասարակութեան մը համար: Յատկապէս հասարակութեան՝ որովհետեւ ան ստիպուած է իրականութեան հետ մէկտեղ ընդունիլ սեփական վրիպումները, սխալները եւ այդ բացասականը, որ կա՛յ: Ու սովորաբար ամենէն տարբեր միջոցներով փորձ կը կատարուի խուսափելու իրականութեան ընդունումէն՝ անոր համար գտնելով բազմաթիւ տարբեր պատճառներ, մինչեւ իսկ մեղադրանք Աստուծոյ կամ սատանային:

Իրականութիւնը կամ անխուսափելին ընկալելու համար ամերիկացի հոգեբան եւ հոգեբոյժ Էլիզապեթ Քիւպլեր-ռոսս (Elisabeth Kübler-Ross) իր «Մահուան եւ մահանալու մասին» (On Death and Dying, 1969) գիրքին մէջ կ’առաջարկէ հետեւեալ հինգ փուլերը`

Ժխտում (denial), Զայրոյթ (anger), Սակարկութիւն (bargaining), Ընկճախտ (depression), Ընդունում (acceptance): Փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ կ’ենթադրեն այդ փուլերը եւ ինչպէ՞ս կը կիրարկուին մեր պարագային՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

Ժխտում

Առաջին փուլին, հասարակութիւնը կը ժխտէ իր իսկ իրականութիւնը, զայն կը նկատէ տարբեր եւ ամէն ձեւով կը փորձէ ժխտել նոյնիքն իր աչքին առջեւ կատարուող կամ կատարուած իրականութիւնը: Փորձ կը կատարուի գոյութիւն ունեցող փաստը բացատրելու ուրիշ կերպով, ուրիշ անուն տալով, ըսելու ու ընելու ամէն ինչ, միայն թէ՝ չընդունելու: Այդ մէկը կը նշանակէ, որ ամէն ինչ շատ գէշ է, որովհետեւ փորձ կը կատարուի ջայլամի պէս գլուխը պահել հողին մէջ, միայն թէ չտեսնելու տալ եղածը: Հասարակութիւնը սուր յուզումով եւ զայրոյթով կը լսէ որեւէ քննադատութիւն իր կամ իր արարքին մասին եւ պատրաստ է նոյնիսկ ամենէն դաժան եւ չհիմնաւորուած արարքներու, միայն թէ չլսէ իր հասցէին կատարուած քննադատութիւնն ու մեղադրանքը:

Զայրոյթ

 Երկրորդ փուլին, իրականութենէն փախուստ տալը արդէն կարելի չէ, եւ սկսած է հասուննալ իրականութեան աչքերուն նայելու պահը: Բայց հասարակութիւնը տակաւին պատրաստ չէ ընդունելու իրականութիւնը եւ տեսնելով, թէ ժխտելով ոչինչ կը փոխուի եւ ամէն ինչ կը մնայ նոյնը, դեռ քիչ մը աւելի վատթարանալով, կը սկսի զայրոյթի փուլը: Հասարակութիւնը տակաւին ի վիճակի չէ քննարկելու. ան զայրացած է, ան կը հայհոյէ, մեղադրանքներ կը տարածէ ամենուր եւ մեղաւորներ կը փնտռէ իր վիճակին համար: Ան ի վիճակի չէ զգաստ կերպով նայելու իրավիճակին եւ զայրոյթը անոր միակ գործիքն է, որով կը փորձէ այդ իրավիճակին մէջ սթափ մնալ, ան այլեւս չի կրնար ժխտել, բայց եւ բաւականաչափ հասունացած չէ ընդունելու համար:

Սակարկութիւն-քննարկում

Երրորդ փուլը բաւական ուշ կրնայ ժամանել, որովհետեւ զայրոյթը (նաեւ ցաւը) ինքզինք կը սնուցանէ: Երբեմն զայրոյթը կրնայ շատ երկար տեւել, եւ երկար տեւելով ոչ միայն լճացում ու այդ պատճառով ճգնաժամ յառաջացնել, այլեւ սխալ ուղի տանիլ մարդը: Ի վերջոյ, սակարկութեան փուլը կը հասնի՝ յառաջացնելով «ի՞նչ»,  «ինչպէ՞ս»,  «ինչո՞ւ» հարցումները: Այդ հարցումներուն պատասխանելու կարողութիւնը կախեալ է հասարակութեան մտաւոր մակարդակէն: Որքան ցած է մակարդակը, այնքան երկար է կը տեւէ այդ ներքին սակարկութիւնը, տարակարծութիւնը, վէճը: Եւ որքան շատ երկարի սակարկութիւնը արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող փաստին շուրջ, որքան աւելի արդարացումներ յօրինուին, այնքան աւելի կը հեռանայ ճշմարտութիւնը եւ կը ձեւափոխուի իրականութիւնը:

Հանդէս կու գան կեղծ մարգարէներ ու կեղծ ճշմարտութիւններ կը փոխանցեն, կ’ապակողմնորոշեն հասարակութիւնը, կը տանին սխալ ճամբով:  Մտաւոր ցած մակարդակ ունեցող հասարակութիւնը կրնայ տասնամեակներով քննարկել ու սակարկել իրեն հետ տեղի ունեցածը եւ չհասկնալ ու անընդհատ ապակողմնորոշուիլ, բայց ի վերջոյ միեւնոյնն է քննարկումը, իր ներքին սակարկութիւնը կը մօտենայ իրականութեան եւ հասարակութիւն ուշ կամ կանուխ ստիպուած կը կանգնի մերկ ճշմարտութեան առջեւ: Յաճախ այդ իրավիճակը կը ձեւաւորուի ոչ միայն ներքին քննարկում-սակարկութեամբ, այլեւ՝ ինչ որ աղէտով մը, որ կը ջնջէ հասարակութիւնը, մինչ այդ ունեցած պատրանքները եւ իր ամբողջ մերկութեամբ կը պարտադրէ իրականութիւնը:

Ընկճախտ (depression)

Ընկճուածութիւնը կը սկսի անմիջապէս իրականութիւնը տեսնելէ եւ հասկնալէ ետք: Որքան երկար հասարակութիւնը հաւատացած մնայ իր իսկ սուտերուն, այնքան աւելի երկար կը տեւէ անոր ընկճուածութիւնը: Ան կրնայ շատ երկար տեւել, ու ժամանակին չհասկնալու, չսթափելու պարագային, անձնասպանութեան հասցնել թէ՛ մարդը եւ թէ՛ հասարակութիւնը: Ընկճուածութեան փուլին կը պակասի ներքին հաւատքը սեփական ուժերուն նկատմամբ, ամէն ինչ կը սկսի կեղծ թուիլ, խոչընդոտները` անյաղթահարելի, հակառակորդը` անպարտելի: Կրնայ թուիլ, որ ամբողջ աշխարհը քեզի դէմ է: Ընկճուածութիւնը կ’ընթանայ ամէն բանի նկատմամբ խոր անտարբերութեամբ: Բոլոր կարեւոր հարցերը կը դառնան անկարեւոր, կեանքը կը կորսնցնէ իր իմաստը, կեանքը կ’ընթանայ ինքնիրեն: Կը գերակշռեն անմակարդակ գաղափարները, կը տարածուին հասարակական մոլութիւններն ու ախտերը` անբարոյականութիւնը, կաշառակերութիւնը, խաղամոլութիւնը, արբեցողութիւնը, ոճիրը: Կը զօրանայ նաեւ յանցանքի զգացումը, մարդը եւ հասարակութիւնը կը սկսին խղճալ իրենք իրենց: Ընկճախտը շատ վտանգաւոր ճահիճ մըն է, ուր բազմաթիւ մարդիկ խեղդուած են չկարենալով յաղթահարել զայն: Բայց ընկճախտը կարելի է յաղթահարել՝ անձի մը պարագային, հոգեբանի մը դիմելով եւ լաւ ու առողջ միջավայրի մը ձեւաւորումով, իսկ հասարակութեան պարագային, զայն ուշքի բերելու պարտականութիւնը կ’իյնայ մտաւորական, գիտական ընտրանիի ուսերուն: Ճիշդ այս փուլին ալ շատ յաճախ կը սկսի «առաջ աւելի լաւ էր» մտայնութիւնը, քանի որ իրականութիւնը անտանելի է, ընդունելի չէ եւ վատ է:

Ընդունում

Ընդունման փուլը կը նշանակէ ընդունիլ ամէն ինչ այնպէս, ինչպէս որ է: Եթէ հասարակութիւնը յաջողի հասնիլ ընդունումին, ուրեմն ան բուժուած է շատ ծանր հիւանդութենէ, ան յաղթահարած է իր տագնապն ու անկարողութիւնը եւ այժմ պատրաստ է ուղիղ նայելու իրականութեան աչքերուն, ուղղել իր սխալները եւ շարունակել ապրիլ: Երջանիկ են այն հասարակութիւնները, որոնք կը յաջողին վերականգնիլ ծանր հարուածներէ յետոյ, բայց նաեւ կան այնպիսինները, որոնք չյաղթահարելով նախավերջին փուլը, ընկճախտը՝ կրնան պարզապէս ինքնաոչնչանալ:

Էլիզապեթ Քիւպլեր-ռոսս այս գիրքը գրած է օգնելու մահամերձ հիւանդ մարդոց՝ անխուսափելին աւելի դիւրին ընդունելու համար: Իսկ արդեօ՞ք մենք ուրիշ վիճակի ենք: Միայն թէ, ի տարբերութիւն մահուան դատապարտուածէն, մենք դեռ առիթ ունինք. կրնանք ընդունիլ, հասկնալ ու փոխել:

Պէտք է փոխել ապագան՝ փոխելով մենք զմեզ:

«Նախքան քու փոխուիլդ, քեզի համար անհաւատալի կարեւոր բան մը պէտք է վտանգի մէջ գտնուի»,- Ռիչըրտ Պախ:

ԱՆԲԱԽՏ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՆԵՐ. Յովհաննէս Թումանեան

17 փետրուար 2024-ին հրապարակեցինք Յովհաննէս Թումանեանի «Փարւանա» հեքիաթը՝ առ ի թարմացում բոլորիս յիշողութեան եւ…իրազեկութեան: Հետագայ տողերով կը հրապարակենք Թումանեանի «Անբախտ վաճառականներ» հեքիաթը, որ նոյնպէս արեւմտահայերէնի վերածած է գրագէտ Զարեհ Խրախունի, 1969-ին, Պոլիս: Յիշեցնենք, որ 19 փետրուար 2024-ը կը զուգադիպէր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին ծննդեան 155-ամեակին:

Ճայն ու Չղջիկն օր մ’ալ ելան
Ըսին. «Ըլլանք վաճառական»:
Նստան, գլուխ գլխի տուին,
Ընկեր ըլլալ որոշեցին.
Սակայն… դրա՞մն ուրկէ գտնեն…
Շտտ խորհեցան թէ ի՞նչ ընեն,
Յետոյ ելան Փուշին գացին,
Ձեռքն ու ոտքը համբուրեցին,
            Ու մուրհակով,
            Բարձր սակով,
Դրամ առին մեծագումար՝
Որքան պէտք էր գործին համար:

Չղջիկն եղաւ տէր–տնօրէն,
Ճայն ալ ապրանք բերող դուրսէն.
            Դրամն առաւ,
            Նետուեցաւ նաւ,
            Գնաց Կիպրոս,
            Ու Եգիպտոս,
            Անցաւ Ասիա՝
            Մերձ ու միջին,
            Թէ Արաբիա,
            Թէ Պարսկաստան,
            Եւ Հնդկաստան,
            Մինչեւ իսկ Չին . . .
Եւ թանկագին Քիրմանի շալ,
Եւ մարգարիտ, զմրուխտ ու լալ,
Հնդկոյզ, արմաւ, պիստակ, համեմ,
Ալ ո՞րն ըսեմ, ո՞րը համրեմ…
Խաչ որ տեսաւ՝ աչքը բռնեց՝
Մէկի տեղ հինգ — աժան գնեց,
Նաւը լեցուց հսկայ բեռով,
Ու վերջապէս բարով – խերով
Ուրախ – զուարթ երբ տուն կուգար՝
Ճամբան եղաւ արկածահար:
Փոթորիկ մը ահագնազանգ
Փշրեց, տարաւ նաւ ու ապրանք:

Ճայը իբրեւ քաջ նաւաստի,
Ազատեցաւ մերկ, անօթի:
Բախտ ունեցաւ, փրկեց հոգին,
Բայց ծայր չկա՜յ իր մորմոքին • • •
Ցնցոտիով պատառատուն,
Ի՞նչ երեսով խեղճը զայ տուն.
Գա՜ յ – ի՞նչ պատմէ պարտատիրոջ,
ի՞նչ հաշիւ տայ իր ընկերոջ…
Ընկերն ըսես՝ դուռը նստած,
Աչքը ճամբուն, վիզն երկարած,
Գիշեր ցերեկ սիրտ կը սպառէ,
Ճային գալուն դեռ կը սպասէ…

Շատ սպասեց, տառապեցաւ,
Մտքէն հազար հարցում անցաւ,
Տեսակ տեսակ երազ տեսաւ,
Մինչեւ պարտքին օրը հասաւ,
Ու մուրհակի թուղթը ձեռքին՝
Փուշն երեւաց դրան սեմին.
– «Հէ՛յ բարեկամ, ո՞ւր մնացիք,
Դուք չէ՞ք յիշեր թէ պարտք ունիք…
Խանութ բացիք, գործ բռնեցիք,
իմ տուածով լաւ շահ ըրիք.
Դրամս հիմա ետ կ’ուզեմ ես –
Չտուողն է զո՛յգ սեւերես.
Թուղթ տուած էք, պատուի մուրհակ,
Ապա կ՚ըլլաք դուք խայտառակ.
ի՞նչ կը կարծէք՝ խա՞ղ թէ կատակ,
Ես կը մնա՞մ այս դաւին տակ…
Կողոպո՜ւտ կայ եկէ՛ք, տեսէ՛ք,
Մեղք չէ՞ ինծի, խնդրեմ՝ ըսէք.
Ոսկի համրեմ ես անվարան .
Հիմա ելլեն քթի՜ս խնդան…
Ալ ասկէ վերջ ի՞նչպէս կրնամ
Մարդոց օգնել յօժարակամ…»

Կը պոռչտար փուշը կատղած,
Անէծք կուտար՝ սիրտը այրած .
Ամէն մարդ ալ որ կը լսէր,
Կը գայթակղէր ու կը սկսէր.

«Ամօթ ձեզի, Չղջիկ ու Ճայ,
Այս ի՜նչ գործ է. – վա՛յ, վա՛յ, վա՛յ, վա՛յ.
Անունով էք վաճառական,
Մինչդեռ խարդա՜խ, թշուառական
           Չղջիկ ու Ճայ,
           Վա՛յ, վա՛յ, վա՛յ, վա՛յ..
Չղջիկն ասոնք երբ կ’իմանար,
Նեղութենէն անձայն կուլար.
Ան կը կարծէր թէ անօրէն
Խաղ մը խաղաց Ճայը իրեն.

– «Ա՛խ Ճայ, գետնին տակն անցնիս դուն,
Կուտ չունենաս, ո՛չ կին, ո՛չ տուն…
Այս ի՜նչ փորձանք բերիր գլխուս,
Դրամն առիր ու տուիր խոյս…»

Եւ կ’աղաչէր ամէն անգամ.
«Մի՛ բարկանար, Փուշ բարեկամ
Այսքան ատեն սպասեցիր,
Շատը գնաց, քիչ մ’ալ կեցիր.
Նամակ առի երէկ Ճայէն
Թէ կը մեկնի Արաբիայէն.
Ալ ուր որ է՝ շուտով կուգայ,
Աւելիով պարտքը կուտայ…»

– «Ես աւելին չեմ փափաքիր,
Շահ ու տոկոս՝ գրպանդ դիր.
Կանխիկ համրած դրամս բե’ր,
Ձեզմէ ուրիշ բան չեմ ուզեր»:

            – «Չէ՜, աղա Փուշ,
            Կանուխ թէ ուշ,
Թէ մայր գումար եւ թէ տոկոս
Պիտի շարենք առջեւդ, հո՛ս…
Մենք ալ մարդ ենք սխալական,
Բայց քեզի չա՜տ ենք պարտական .
Ըրած բարիքդ եթէ մոռնանք՝
Լաւ է՝ Աստուածն ալ ուրանանք…»

Խեղճը այսպէս լեզու թափեց,
Մերթ խոստացաւ, մերթ յուսադրեց:
Շա՜տ սուտ ըսաւ պարտատիրոջ,
Եւ սպասեց իր ընկերոջ.
Բայց ընկերը չկա՜յ, չկա՜յ:
– «Ես փճացայ, Աստուած վկայ,
Ինչպէ՜ս ինկայ ծուղակին մէջ,
Չեմ ազատիր ալ մինչեւ վերջ…
Ի՞նչպէս պրծիմ այս կրակէն,
Այս ահագին պարտքին տակէն.
            Ալ ի՞նչ ըսեմ,
            Դեռ սպասե՞մ,
Ան ե՞րբ կուգայ, ես ի՞նչ գիտնամ,
Որո՞ւ երթամ՝ սիրտս բանամ…

            Շատ սիրտ հատցուց,
            Միտք յոգնեցուց,
            Ոտք մաշեցուց,
            Հոս – հոն ցուցուց՝
Ինչ որ ունէր տունը պահած՝
Կահ ու սպաս, հագուստ հագած,
Տարաւ, բերաւ, գտաւ լաւ գին,
Ծախեց, ծախեց, տուաւ պարտքին:
            Տուն մերկ գնաց,
            Դեռ պարտք մնաց.
Ու երբ տեսաւ թէ ճար չկայ՝
Առաւ սուգի թեւեր հսկայ,
Մէջը մտաւ, փախաւ այդպէս,
Որ ինք՝ սնանկ ու սեւերես,
Չտեսնուի պարտատէրէն,
Զինք ամօթող արեւ օրէն :
Եւ այդ օրէն, Չղջիկն հպարտ՝
Մերկ մնացած, ամօթապարտ
Ցերեկները կը պահուըտի,
Գիշերը լոկ կը թռչըտի,
Որ խուսափի ծանօթներէն,
Ու մանաւանդ պարտատէրէն :

            Իսկ ծովուն մէջ,
            Ճայն ալ անվերջ
            Ջուր կը մտնէ,
            Հետք կը գտնէ…
            Մերթ կը սուզուի,
            Մերթ կը յուզուի,
            Կը զառանցէ
            Թէ մի գուցէ՝
            Բախտ կ’ունենայ,
            Ու վերստին
            Իր կորուստին
            Կը տիրանայ:

Փուշն իր կարգին, յոյսը կտրած,
Ճանկ ու ակռայ բացած, սրած,
Կը քաշէ փէշն անցորդներուն,
Կը հարցընէ տուն, տեղ, անուն,
Թէ տեսե՞ր են արդեօք իրենք՝
Այն Ճայը լիրբ, Չղջիկը նենգ։

Եւ այն օրէն մինչեւ այսօր,
Իրար տեսած չեն, իրաւ որ…:

1886
Յովհաննէս Թումանեան

«Համազգայինը» եւ երիտասարդութիւնը

Այսօրուան Podacst-ի զրուցակիցն է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Պուլուզեան-Գալուստեանը: Այժմու պայմաններուն մէջ ի՞նչ կ’ընէ «Համազգայինը» քայլ պահելու ժամանակի թելադրանքներուն հետ, մասնաւորաբար` գիտութեան, արհեստագիտութեան, համացանցի, արուեստական իմաստութեան անհամեմատ զարգացման զուգահեռ: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան:

Ըսել թէ հնդիկը կամ պարսիկը կը սպառնան հայկական ինքնութեան՝ մեծ ու ամօթալի կեղծիք է

Վերջերս, Հայաստանի մէջ յաճախ կը լսենք այնպիսի միտք մը, թէ «հնդիկները կու գան, կը լեցուին եւ կը գրաւեն մեր երկիրը»: Երբ խորանանք այս արտայայտութեան մէջ, ապա կը նշմարենք, թէ ան ըսել կ’ուզէ, թէ աշխատանքի նպատակով Հայաստան եկող հնդիկները այնքան կը շատնան, որ հետագային անոնք կը դառնան քաղաքացիներ ու կը սկսին իրաւական պահանջներ ներկայացնել՝ ընտրելու իրաւունք եւ այլն, իրենց հետ կը բերեն իրենց մշակոյթն ու սովորոյթները (հիմնականօրէն կը նշուի բացասական իմաստով) ու ի վերջոյ Հայաստանի մէջ աւելի շատ կ’ըլլան քան հայերը եւ մենք մեր երկրին մէջ այլեւս տեղ չենք ունենար:

Ինչպէս գիտենք, ամէն խնդիր երկու երես ունի եւ հնդիկներու կողմէ «Հայաստանը գրաւելու» միտքը եւս շատ պարագաներու կը դիտարկուի ոչ թէ ժողովրդագրական կամ մշակութային, այլ քաղաքական տեսանկիւնէ: Մէկ կողմ ձգելով հարցին կուսակականացուած-քաղաքական էութիւնը, փորձենք հասկնալ հնդիկներուն գալուն առնչուած այդ վախը կամ այդ վախին հիմնաւորուած ըլլալը կամ չըլլալը:

Նախ` Հայաստանի մէջ այնքան շատ հնդիկ չկայ, որ «երկիրը ձեռքերներս ելլէ» եւ երկրորդ, բացի ատկէ, որ այդ «հակահնդկական» մօտեցումը իր ցեղապաշտական բնոյթէն անդին, կը ստեղծէ նաեւ բարոյական հարց: Աշխարհի մէջ ոչ ոք աւելի լաւ գիտէ քան հայ ժողովուրդը, թէ ինչ կը նշանակէ ուրիշին երկրին մէջ ապրիլը: Գիտէ, թէ ինչ զօրաւոր հանգամանքներ կրնան ամբողջ ժողովուրդ մը տարագիր դարձնել, կամ թէ աղքատութիւն կոչուող հրէշը ինչպէ՛ս կրնայ մարդը ովկիանոսին միւս կողմը շպրտել: Ու այդ բոլորին ծիրէն ներս, գրեթէ տարօրինակ է բողոք լսել հնդիկներու գալուն մասին, երբ հայ ժողովուրդին 80 տոկոսը կ’ապրի օտար երկիրներու մէջ: Ընդ որում մենք կը պարծենանք ու կը մատնանշենք, թէ ինչ ուժեղ համայնքներ ունինք կամ ունեցած ենք տարբեր երկրիրներու մէջ՝ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Սուրիա Լիբանան, Իրան եւ այլն: Նշուած երկիրներուն մէջ, հայերուն հետ կը վարուին բաւական ջերմ եւ զանոնք կ’ընդունին որպէս իրենց երկրին բնակիչները (առանց նկատի ունենալու ցեղապաշտական կողմնակի հարցերը): Հայերը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ եղած են ու կը մնան այդ երկիրներու տնտեսական, երբեմն ան քաղաքական գործօններէն: Եւ զարմանալի է, որ Սփիւռքով հպարտացող հայերը յանկարծ կը սկսին վախին կողքին անհանդուրժողութիւն արտայայտել այն դժբախտներուն նկատմամբ, որոնք կու գան Հայաստան՝ կտոր մը հաց գտնելու, այնպէս, ինչպէս հայերը Հայաստանէն կը մեկնին այլ երկրներ՝ նոյն հարցով:

Կը յառաջանայ տիլեմա մը, որ երկդիմի է: Զուգահեռաբար, հարցին այդ բարոյական կողմին վրայ կը գումարուին նաեւ մարդկային ու քրիստոնէական սկզբուքները: Ան, որ քրիստոնեայ է, եւ առ այդ բաւական տառապած եւ ուրիշին կողմէ գթասրտութեան արժանացած, չի կրնար, իրաւունք չունի ցեղապաշտ ըլլալու անոնց նկատմամբ, որոնք կը դիմագրաւեն նման խնդիրներ: Պատկերացուցէք, թէ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ յանկարծ ազգայնամոլները որոշեն, որ հայերը վտանգ կը ներկայացնեն իրենց ինքնութեան ու սկսին զանոնք հալածել ու վռնտել: Նոյնիսկ չենք կրնար պատկերացնել, թէ ինչ ծաւալի աղէտ կ’ըլլայ նման բան:

Բայց վերադառնանք ազգային ինքնութեան սպառնացող այդ գոյաբանական վախին: Նախ, նշենք, որ նոյն վերաբերումը չկայ ռուսերու հանդէպ: Ի հարկէ, հասկնալի է: Ռուսերը եւ մենք կենցաղային մշակոյթով աւելի մօտ ենք իրարու, քան հնդիկներուն, ռուսերու հետ շփումը բազմակի անգամ աւելի սերտ եղած է ու կը շարունակուի մնալ, բայց մի՞թէ այդ մէկը կը նշանակէ, որ հնդիկները վատ են, կամ ռուսերը լաւն են: Ոչ թէ քաղաքականօրէն, այլ` մարդկայնօրէն: Հնդիկներու գալէն առաջ նոյն խնդիրը կար պարսիկներու առումով, երբ որոշ խումբեր այս անգամ ալ կը վախնային, որ պարսիկները կու գան ու «կը վերցնեն մեր երկիրը մեր ձեռքէն»: Արդեօ՞ք այս բոլորը չեն նշանակեր, որ մենք այնքան անկայուն ենք, այնքան անվստահ մեր ուժերուն նկատմամբ, որ պարզապէս չենք կրնար շփուիլ ուրիշներու հետ եւ միշտ ստորնութիւն ու դաւադրութիւն կը սպասենք: Եթէ քանի մը հազար պարսիկ, հնդիկ կամ որեւէ այլ ազգի ներկայացուցիչներ գան ու այստեղ սովորական աշխատանք կատարելով կրնան վտանգել մեր ինքնութիւնը, արդեօ՞ք այդ ցուցանիչ չէ այն բանին, որ այդ ինքնութիւնը այնքան թոյլ է ու ջախջախուած, որ ի վիճակի չէ դիմադրելու ոչ մէկ հարուածի: Արդեօ՞ք այդ չի նշանակեր, որ մենք որպէս հասարակութիւն այնքան թոյլ ենք ու տրոհուած, որ ոեւէ մէկը կրնայ մեզի տիրել, եւ ի վերջոյ, որպէս պետութիւն այնքան թոյլ ենք, որ կրնան մէկ վայրկեանի մէջ փոխել մեզ ժողովրդագրօրէն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձնել ինչ որ ազգային անհասկնալի խմոր մը:

Ընկերային հոգեբանութեան տեսանկիւնէն այս վախերը լիովին հասկնալի են: Այս վախերը իրական չեն, քանի որ վախը ոչ թէ հնդիկին կամ պարսիկին նկատմամբ է, այլ՝ սեփական ուժին բացակայութեան: Այն ինչ որ հիմա կը կատարուի մեր մօտ, կը կոչուի թերգնահատութեան բարդոյթ: Մենք կը վախնանք ոչ թէ այլ ազգերու ներկայացուցչիցներէն, այլ` մենք մեզմէ: Բայց որովհետեւ այդ մէկը մենք չենք կրնար հասկնալ գիտակցական մակարդակի վրայ, այդ վախը կ’ուղղենք ոեւէ մէկու դէմ, որ կը յայտնուի մեր առջեւը: Երկար ժամանակ զրկուած ըլլալով իրաւունքներէ, ընտրելու, որոշելու հնարաւորութիւնէ, մենք դեռ չենք վարժուած ինքնուրոյնութեան: Շատ երկար ժամանակ Հայաստան եկած են միա՛յն թշնամիներ ու նուաճողներ: Ութ հարիւր տարիէն աւելի մենք ընկեր ու բարեկամ ժողովուրդ չենք տեսած, այնքան շփուած ենք նուաճողներու ու թշնամիներու հետ, որ ոեւէ մէկուն մուտքը Հայաստան, կը դառնայ դարաւոր վախի մը հիսթերիք ու ջղային արձագանգը: Այս եւս ազգային հոգեբանական ծանր հարց մըն է, որ մենք չտեսնելու կու գանք եւ կ’ուզենք փակուիլ սենեակին մէջ ու ոչ ոք ընդունիլ, ոչ ոքի հետ շփուիլ:

Ծանօթ է, որ «սուրբ տեղը դատարկ չի մնար»: Իսկ Հայաստանը հայերէ դատարկողը, առնուազն վերջին երեսուն տարիներուն, մենք եղած ենք: Թշնամիները չեն նուաճած ու ազգային զտում չեն կատարած: 1991-էն ասդին, միլիոնէ աւել հայեր լքած են Հայաստանը: Մենք, ըստ էութեան, լուռ ինքնացեղասպանութիւն կատարած ենք՝ առանց զոհի, սպանդի ու բարբարոսութեան: Բայց հայերը գացած են ու Հայաստանի մէջ չեն: Նոյնիսկ բնագիտութեան օրէնքներուն համաձայն, այդ դատարկ տեղը կը լեցուի ուրիշին ներկայութեամբ: Մէկ կողմէ ազրպէճանցիները զէնքով կը գրաւեն, միւս կողմէ, կը վախնանք, որ պայմանական օտարներ կու գան ու մեզ կը ճնշեն: Բայց միաժամանակ արդարօրէն հարց կու տանք, թէ մենք ինչո՞վ զբաղած ենք հոս, որ կը վախնանք այլ մշակոյթներէ: Միթէ որեւէ մէկը կրնա՞յ փաստել, թէ մենք այնքա՛ն կը փայփայենք մե՛ր ազգայինը, որ անբնական աստիճանի խանդով կը լեցուինք ուրիշներու հանդէպ: Դժբախտաբար, նոյնիքն այսօր, Հայաստան մշակութային այնպիսի խառնիճաղանճ «փազլ» է դարձած, որ այլեւս անկարելի է հայկականը տարբերել ոչ հայկականէն: Լեզու, երաժշտութիւն, ֆիլմարուեստ, գրականութիւն, հագուստ, ճաշ եւ բազմաթիւ այլ երեւոյթներ այնպէս յագեցած են օտարածին երեւոյթներով, որ անոնց մէջ հայկականը շատ չնչին տոկոս կը կազմէ: Ամենէն զարմանալին այն է, որ թէեւ ունինք սեփական ու ինքնորոյն այբուբեն, որմէ զուրկ են հարիւրաւոր այլ ժողովուրդներ, մենք կը նախընտրենք գրել, գերադասելու չափ, լատինատառ կամ սլաւոնական նշանագրերով: Ու այդ բոլորին դիմաց, յայտարարել, թէ հնդիկը կամ պարսիկը կը սպառնան հայկական ինքնութեան, մեղմ ասած, մեծ ու ամօթալի կեղծիք է ու ենթագիտակցական վախ: Միաժամանակ, մենք կը հպարտանա՛նք Կալկաթայի հայկական համայնքով, կը հպարտանա՛նք հնդկահայերու գործունէութեամբ, կը նշենք Մատրասի խմբակը, հնդկահայ կառավարիչները, անգլիացիներու դէմ կռուած հնդկական զօրքին հայ հրամանատարը՝ Գրիգոր Յարութիւնեանը եւ այլն: Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ի՛նչ կը կատարուի, եթէ հնդիկ մը յանկարծ պետական պաշտօնեայ դառնայ կամ հայկական բանակի սպայ…

Հարցը շատ լայն է ու բազմաշերտ: Պէտք է ազնիւ ու անկեղծ ըլլանք մենք մեզի հանդէպ: Ի վերջոյ, հնդիկները չէ, որ պատասխանատու են հանրապետութեան այժմու վիճակին: Ներքին եւ արտաքին ձախողութիւններուն պատճառը հնդիկները չեն, այլ՝ մենք: Ամէն բանի համար մի՛շտ եւ միա՛յն մենք պատասխանատու ենք: Ու եթէ օր մը յանկարծ պայմանական օտարը Հայաստանի մէջ սկսի հայերը ճնշել, ապա վստա՛հ միայն հայերն որ առիթ տուած են անոր:

Ամբողջովին անկեղծ ըլլալու համար չմոռնանք, որ այսօր Հնդկաստանը մեզի համար կարեւոր երկիր մըն է, իսկ հնդկական զէնքը` շատ մեծ նշանակութիւն ունի: Եւ եթէ կ’ուզենք Հնդկաստանի հետ բնական յարաբերութիւններ ունենալ, ապա Հայաստանի մէջ բանուոր եւ գործուղուած հնդիկները նշաւակելը լաւագոյն տարբերակը չի կրնար ըլլալ: Ի վերջոյ, Հայաստանի տէրը հայերն են ու մեր վերաբերումը մեզի հանդէպ պիտի ըլլայ տանտիրոջ պատասխանատուութիւն՝ պահանջկոտ, յարգալից եւ լայնախոհ եւ ինքնավստահ: Հակառակ պարագային, պիտի գտնուինք մութ սենեակի մէջ սեւ կատու փնտռողի կացութեան մէջ, յատկապէս երբ սենեակին մէջ կատու չկայ:

Ո՞վ կրնայ յաղթել հայերուն, բացի՝ հայերէն:

Հայ ուսուցիչին դերը հայ աշակերտին ազգային ինքնութեան ձեւաւորման մէջ

Այսօրուան Podacst-ի զրուցակիցն է Հայկազեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեանը: Ան կը խօսի հայ աշակերտի ազգային ինքնութեան ձեւաւորման մէջ հայ ուսուցիչի ունեցած դերին մասին՝ մեկնելով իր դոկտորական ուսումնասիրութենէն՝ «Լիբանանի հայկական դպրոցներուն մէջ հայկական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու ունեցած դերը աշակերտներու ազգային ինքնութեան ձեւաւորման մէջ»:

Հօրս տունը այսօր լուռ է ու առանձին…

Այն թաղը ուր կը մեծնաս ու կ’անցնես մանկութեանդ ամենաքաղցր օրերը՝ շրջապատուած ընտանիքով, հարազատներով, ընկերներով, դրացիներով ու բարեկամներով, տարբեր ազդեցութիւն կը ձգէ վրադ, ո՛չ միայն իբրեւ քաղցր յուշ, ու ամէն անգամ երբ կը յիշես՝ ժպիտ մը կը կ’ուրուագծուի դէմքիդ վրայ, այլեւ ան կը թափանցէ հոգիիդ խորերը եւ կը դառնայ քու կազմաւորմանդ ու այնուհետեւ քու անձիդ անբաժանելի մէկ մասը:

Հայաբոյր էր մեր թաղը: Առաւօտուն կ’արթննայինք նպարավաճառներու ձայնէն, որոնց փսփսուքը յստակօրէն կը հասնէր մինչեւ մեր ննջարանը: Իրենց խանութները առաւօտեան կանուխ ժամերուն բանալով, անոնք կը սպասէին հացավաճառին ժամանման, որ տաք ու թարմ հաց ստանալով՝ առաջին վաճարողները ըլլային դէպի դպրոց շտապող երեխաներուն: Այնքա՜ն հրապուրիչ էր անոր բոյրը: Երբեմն լացող փոքրիկներուն ձայնը մեզ անկողինէն վեր կը հանէր իբրեւ վերջին ազդարարութիւն, որ մենք ալ մեր կարգին դպրոց մեկնելու պատրաստուինք: Անցնող փոքրիկ աշակերտներէն մէկը հեկեկալով կ’ըսէր «հայրի՛կ, ե՞րբ պիտի գաս զիս դպրոցէն առնելու», ուրիշ մը կ’ըսէր «մամա՛, դո՞ւն պիտի առնես զիս դպրոցէն կամ պապա՞ն». դեռ դպրոց չհասած, արդէն կը պատրաստուէին տուն վերադանալու: Այսպէս, իւրաքանչիւր անցնող ունէր իր պատմութիւնը: Շատ չանցած, կ’անցնէին փերեզակներ. մէկը կառքով բանջարեղէն կը ծախէր՝«աթեապ թըֆահ ու մոզ…», ուրիշ մը՝ խմորեղէն ու կարկանդակ, սակայն ամենէն հետաքրքրականը ձիակառքով քարիւղ վաճառողն ու անոր զանգին ձայնն էր, որ անդի թաղերէն կը լսուէր: Յանկարծ, պատշգամներէն տանտիկիններու պոռչտուքը եւ հարցուփորձը կը սկսէր՝ կէս հայերէն, կէս արաբերէն. «ուաըֆ, ուաըֆ»:

Մեր թաղին մէջ տիրապետող լեզուն հայերէնն էր: Հազուագիւտ էր արաբերէն կամ այլ խօսակցութիւններ լսել Պուրճ Համմուտի մեր թաղին մէջ, որուն անկիւնը արդէն հայկական վարժարան մը կը գտունէր, քանի մը թաղ անդին ուրիշ մը եւ անկէ քանի մը թաղ վերջ՝ ուրիշ մը եւս: Մեզի խիստ յանձնարարուած էր բոլորին բարի լոյս ըսելով անցնիլ ու այսպէս մինչեւ դպրոց հասնէի, քանի մը թաղ հեռու մեր տունէն, տասը-քսան անգամ բարի լոյս կ’ըսէի:

Հօրս տունը այո՛ չորս պատ էր միայն, փոքր ու համեստ, բայց հոն կ’ապրէր մեծ ընտանիք մը՝ լայն սիրտով, հիւրընկալ ու բարի, որուն անդամները հայերէն կը խօսէին, հայերէն կ’երգէին, հայերէն կը մտածէին ու կ’աղօթէին: Առտու կանուխ, «նախաճաշը պատրաստ է», կը լսուէր մօրս ձայնը: Պատրաստ կ’ըլլար դպրոցական տարազդ ու պայուսակդ մինչեւ իսկ դպրոցը զբօսանքներուն ուտելիքդ. կը մնար միայն հաւաքուիլ ու մեկնիլ դպրոց:

Գիշերուան լռութենէն ետք, առտու կանուխ տարբեր եռուզեռ մը կը սկսէր մեր տան մէջ. ո՞վ խոհանոց ու բաղնիք պիտի հասնի առաջինը: Փողոցի աղմուկէն ետք, մեր տան մէջի վազքը թոյլ չէր տար որ ուշի մնաս: Իսկ այդ թէյամանին ձայնին, սուրճին ու մօրս նախաճաշին բոյրին անկարելի էր դիմանալը: Հօրս տան մէջ տիրող բոյրը իւրայատուկ էր եւ կարելի էր զայն զատորոշել բոլորէն: Հիմա ալ, երբեմն, այդ բուրմունքին պատառիկները կը պտըտին զգյարաններու մէջ` զիս տանելով դէպի այն օրերը, երբ մենք համախմբուած էինք մէկ յարկի տակ. այն տունն ու թաղը, ուր մեծցա՛նք, ապաստանեցա՛նք ռմբակոծումներէն, սորվեցա՛նք, յուսախաբութիւններէ անցա՛նք, սիրեցի՛նք, երազներ հիւսեցի՛նք ի հեճուկս տագնապալի բոլոր օրերուն: Երբեմն ապագան անորոշ էր ու յուսահատեցնող, բայց մեր ծնողներուն հոգիներուն ու աչքերուն մէջ կը տեսնէինք պայքարի ու գոյատեւման ուժը, զոր կարծես անոնք ժառանգած էին իրենց պապերէն՝ իբրեւ հայուն յատուկ նկարագիր:

Ամէն անգամ երբ կը յիշեմ հօրս տունը, դեռ կարծես երէկ էր եւ ամենափոքր մանրամասնութիւնն անգամ միտքէս չի հեռանար. իւրաքանչիւր անկիւն յիշատակներով էր լեցուն, պատերուն զարդարանքներն ու ընտանեկան պատկերները, հոն զետեղուած սրբանկարներն ու խաչը: Մեր տունը օրհնութեամբ էր լեցուն, եւ ի հեճուկս ամէն տեսակի նեղութիւններու, մօրս խոհանոցին բոյրը դրացիներն անգամ կը հրապուրէր, ու երբ հարց կու տայինք, թէ մամա՛ ամողջ թաղը պիտի կերակրե՞ս, միշտ միեւնոյն պատասխանը կը ստանայինք՝ «անակնկալ հիւրերու հաշիւն ալ պէտք է ընենք»: Իսկ հայրիկս առանց «փա՜ռք քեզ տէր» ըսելու չէր հեռանար ճաշի սեղանէն:

Կիրակի օրերը տարբեր էին: Առաւօտ կանուխէն հայրս կը թելադրէր մօրս թէ իրեն համար կոկիկ զգեստ մը պատրաստէ եկեղեցի երթալու: Հօրս համար Կիրակի օրուան պատարագէն բացակայիլը մեղք կը համարուէր: Շատ անգամ մեզ ալ կը հրաւիրէր իրեն ընկերակցելու՝ առանց ստիպելու: Ան իր օրինակով ու իր կենցաղով դարձաւ բարի, օրինակելի հայ քրիստոնեայ հայր մը՝ առանց շատախօսութիւններու կամ խրատականներու, որովհետեւ կը հաւատար գործին ու զայն աւելի ուժեղ կը նկատէր քան խօսքիը:

Կիրակի կէսօրին թաղէն խորովածի մուխն ու հոտը կ’արշաւէին ամէն կողմ: Եթէ հայ չըլլայիր ու այս սովորութիւնը լաւ չճանչնայիր՝ պիտի ըսէիր հոն հրդեհ կայ: Այդ ծուխ ու մուխով, Կիրակի օրերը մեր թաղերը կը միաձուլուէին ու կը դառնային մեծ ընտանիք մը, հայ մեծ ընտանիք մը՝ հոգ չէ համախմբուած խորովածի շուրջ:

Շատ գիշերներ առանց ելեկտրական հոսանքի կ’անցընէինք. մութը կը տիրապետէր, բայց մոմի լոյսին տակ անոր ալ ճարը գտած էինք: Բոլորս կը հաւաքուէինք հօրս շուրջը ու ամէն անգամուան լսած հեքիաթները դարձեալ պատմել կու տայինք, ու ան սիրայօժար ու լայն սիրտով նորէն կը պատմէր՝ կարծես առաջին անգամը ըլլար, ու մենք նոյնպէս առաջին անգամ ունկնդրողներու պէս մտիկ կ’ընէինք միեւնոյն հետաքրքրութեամբ: Անոնց գլուխ գործոցն էր Թումանեանի «Խօսող Ձուկը»: Մինչեւ այսօր, հօրս քաղցր ձայնը ականջիս մէջ կը հնչէ ամէն անգամ երբ այդ հեքիաթը կարդամ կամ պատմեմ: Երբեմն հայրս կը պատմէր իր մանկութեան օրերէն, երբ ան փոքր տարիքին հովիւութիւն կ’ընէր ու գիւղին ոչխարները կը հաւաքէր առաւօտ կանուխէն դաշտերը տանելու եւ արածելու: Ան յաճախ կը կրկնէր, թէ ինք գիտէր իւրաքանչիւր ոչխար որու ագարակէն առած է եւ որու պէտք էր վերադարձնել: Գառնուկները շատ կը սիրէր ու վազվզող ուլիկները յատուկ տեղ ունէին իր քով, որոնք թէեւ կը յոգնեցնէին զինք, սակայն հայրս կը սիրէր բոլորը: Ահա թէ ինչու ան ունէր լայն սիրտ, ընտանիքը սիրող, աշխատասէր ու զոհուող անհատականութիւն մը: Ան յաճախ կը կրկնէր. «գառնուկները կը վստահին ինծի ու կը հետեւին հօտին, իսկ բարի հովիւը չի մորթեր իր ոչխարները, այլ զանոնք ապահով կը վերադարձնէ իրենց տիրոջը» ու խորունկ շունչ մը առնելէ ետք՝ կը շարունակէր…: Թէ մանկութեան ի՞նչ յուշեր կը մտաբերէր, ի՞նչ էր այդ խորունկ շունչին իմաստը՝ միայն ինք գիտէր:

Ժամանակը եկաւ ու մէկիկ-մէկիկ հեռացանք մեր պապենական տունէն, բայց միշտ ալ կը վերադառնայինք հո՛ն, դարձեալ կը հաւաքուէինք՝ այս անգամ աւելի բազմանդամ, բայց բնա՛ւ չէինք մտածեր որ օր մը այդ դուռը յաւերժ պիտի փակուի: Երբ մայրս ու հայրս հրաժեշտ տուին այս աշխարէն, այն ատեն պարտադրաբար փակեցինք մեր մանկութեան յիշատակներով լեցուն այդ ջերմ ու տաքուկ տան դուռը ու հեռացանք մեր թաղէն:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը լաւ գիտէր, թէ ամէն անգամ որ կը բաժնուէինք իրարմէ՝ կրնար վերջինը ըլլալ ու այլեւս բոլորս միասին մէկտեղ պիտի չըլլայինք հին օրերուն պէս հօրս տան մէջ, մանկութեան քաղցր ու անմեղ օրերուն պէս, հոն ուր հացին բոյրը ուրիշ էր, սուրճին հոտը ուրիշ էր, ամէն ինչ հոն տարբեր էր եւ մինչեւ այսօր կը մնայ յատուկ մեր յիշողութեան մէջ: Վերջին անգամ երբ փակեցի հօրս տան դուռը, կարծես կտոր մի ինձմէ մնաց հոն՝ մերիններուն հետ:

Դժբախտաբար այսօր մենք դարձանք օտարականներ մեր այդ հայաբոյր թաղին մէջ, ուր հօրս տունը տակաւին կը մնայ, բայց բաժնուած իր հարազատներէն, լուռ ու առանձին…    

Լենա Պօղոսեան 

 

ՓԱՐՒԱՆԱ. Յովհաննէս Թումանեան

8 Փետրուար 2024-ին հրապարակեցինք Յովհաննէս Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր» հեքիաթը՝ առ ի թարմացում բոլորիս յիշողութեան եւ…իրազեկութեան: Հետագայ տողերով կը հրապարակենք Թումանեանի «Փարւանա» հեքիաթը, որ նոյնպէս արեւմտահայերէնի վերածած է գրագէտ Զարեհ Խրախունի, 1969-ին, Պոլիս: Շուտով կը հրապարակենք նաեւ Թումանեանի «Անբախտ վաճառականներ»ը:

Յիշեցնենք, որ 19 Փետրուար 2024-ը կը զուգադիպի Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին ծննդեան 155-ամեակին:

 

                 ՓԱՐՒԱՆԱ

                         Ա.

Բարձրագահ Աբուլն ու Մթին սարեր
Մէջք մէջքի տուած կանգներ վեհափառ,
Իրենց ուսերուն, Ջաւախքէն ալ վեր
Բռնած կը պահեն մէկ ուրիշ աշխարհ։

Կ՛ըսեն թէ այնտեղ, արծիւի նման,
Ծիծղուն, կապուտակ երկնքի ծոցին,
Կը նստէր այն սէգ սարերու արքան
Մէջն իր Փարւանի ճերմակ ամրոցին։

Փարւանի արքան աղջիկ մը ունէր.
Եւ ո՛չ մէկ որսորդ տակաւին երբեք
Այնքան գեղեցիկ եղնիկ չէր տեսեր
Մթին ծոցին մէջ այդ լեռներուն սէգ…

Աշխոյժ մանկութեամբ կը զարդարէր ան
ԾերութԽան օրերն ու սարերն իր հօր,
Եւ կ’ապրէր ծերուկ Փարւանի արքան
Իր այդ քնքշագոյն ծաղկով բախտաւոր։

Մեծ բախտը սակայն իր առջեւն էր դեո:
Եկաւ ու հասաւ օրն այդ երջանիկ,
Եւ արքան ղրկեց ուրախ դեսպաններ
Բոլոր ամրոցներն, ամէն արքունիք:

Ո՛ւր է, ըսաւ ան, կտրիճը անվախ
Որ արժանի է հոգեակիս ձեռքին.
Թող առնէ իր ձին ու զէնքն ու զրահ,
Թող գայ ու տանի իր բախտը անգին…

                         Բ.

Հագած, կապած զէնք ու զրահ,
Ձիերն հեծած ամեհի,
Ահա եկեր, հաւաքուեր են
Կտրիճները Կովկասի.
Թագաւորի ապարանքին
Լայն բակին մէջ հովանուտ
Կազմ ու պատրաստ, լուռ կը սպասեն
Մեծ մրցումին մօտալուտ։
Եւ կը սպասէ ամբողջ աշխարհ
Եկած կանգնած դրան դէմ,
Թէ ո՞ր քաջը պիտի առնէ
Այդ աղջիկը լուսադէմ։

Շեփորն հնչեց։ Ահա փունջ փունջ
Դրանիկներ, նաժիշտներ,
Ահա՛ աղջիկը նազելի
Ու թագաւորն ալեհեր:
Հայրը մռայլ ամպի մը պէս,
Աղջիկն ըսես նոր լուսին,
Ամպ ու լուսին զիրար գրկած
Յառաջ կուգան միասին:
Կը հառաչէ ամբողջ աշխարհ,
Ասպետները քարացած,
Երազներո՜ւ թեւ կը բանան
Այս աշխարհէն վերացած։
– Նայէ որդեակ, իշխանազուն
Սա քաջերուն լայնալանջ,
Անոնք պայքար պիտի մղեն
Քեզի համար սիրատանջ.
Մէկը ոյժը ցոյց պիտի տայ,
Միւսը զարկն իր բազուկին,
Որը ճարպիկ ձիավարում
Որն ալ թափը իր վազքին։
Իսկ երբ մրցումը վերջանայ,
Յայտնի ըլլան քաջն ու վատ,
Ու հրբ անցնին մեր առջեւէն
Կտրիճները պայազատ,
Ընտրէ՛, նետէ՛ ձեռքիդ խնձորն
Անյաղթներու անյաղթին,
Որ զմայլի ամբողջ աշխարհն
Անզուգական քու բախտին։

Ըսաւ արքան, ձեռքը վերցուց
Որ նշան տայ մրցանքին,
Երբ իր աղջիկն առաջ անցաւ
Կարմիր խնձորը ձեռքին:
– Հայրիկ, գուցէ տկար լաւին
Յաղթէ ուժով տմարդին,
Բայց չի կրնար ըլլալ երբեք
Ան իմ սրտիս սիրելին…։
Ասպետները կը մօտենան
Հարցում կ՛ուղղեն անձկալի.
– Է՜յ Փարւանի չքնաղ աղջիկ,
Ի՞նչ կը սիրես աւելի.
Գանձե՞ր կուզես, ոսկի՞, արծա՞թ,
Շար մարգարիտ ու գոհա՞ր…
Ա՛ստղ ալ ուզես, քեզի համար
Մենք երկինքէն կառնենք վար։

– Ինծի պէտք չեն ոսկին, արծաթն
Ու աստղերը երկինքին.
Ոչ մէկ գոհար կը պահանջեմ
Կեանքիս Սէրէն իմ անգին։
Ես անկէ հո՜ւր կ’ուզեմ միայն,
Անշէջ հուրը սրբազան.
Ո՛վ որ բերէ անշէջ հուրը,
Ընտրեալն ան է, փեսաս ա՛ն…

Ըսաւ աղջիկն, իրար անցան
Ասպետները քաջարի,
Ձիերն հեծած թռան հապճեպ
Դէպի չորս կողմն աշխարհի.
Թռան, գացին որ հուրն անշէջ
Գտնեն, բերեն աղջկան,
Բայց…տարիներն եկան անցան,
Անոնք չեկան ու չեկա՜ն:

                         Գ.

– Հայրի՛կ, ինչո՞ւ ետ չդարձան
Այն քաջերը սիրատենչ.
Արդեօք, հայրիկ, ա՛լ զիս մոռցա՞ն,
Ալ չե՞ն բերեր հուրն անշէջ:

— Ո՛չ աղջիկս, կուգան անշուշտ
Ու կը բերեն այս տարի,
Ոսոխներու դէմ արիւնռուշտ
Պէտք է կռուին քաջարի:

Պէտք է անցնին մութ վիհերէն,
Սեւ ջուրերու դաւերէն,
Ամուր պահեն ու փախցնեն
Եօթգլխանի դեւերէն։

Տարի մըն ալ կ’անցնի այսպէս:
Կը սպասէ կոյսն անվհատ.
Ո՜ւր է հայրի՛կ, ե՞րբ պիտի գայ
Իմ ասպետս հարազատ:

Երազիս մէջ միշտ կը տեսնեմ
Այն հերոսը որ կուգայ
Կարօտն աչքին, արեւադէ՜մ…
Բայց կը լուսնայ… ու չկայ։

– Կուգայ, որդեակ իմ թանկագին,
Շուտ չի բերուիր հուրն անշէջ.
Ու շատ անգամ բերող հոգին
Ինքը կայրի անոր մէջ…:

Տարի մըն ալ կանցնի այսպէս,
Կը սպասէ կոյսն ամէն օր.
Ոչ մէկ սարէ, ոչ մէկ ձորէ
Չի գար ո՛չ մէկ ձիաւոր։

Հայրիկ, հայրիկ, արդեօք չկա՞
Աշխարհի վրայ անշէջ հուր.
Կը թառամի՜ սիրտս ահա՛,
Պաղ է այս կեանքն ու տխուր.

Ալ չի խօսիր, վախճանին մօտ
Լուռ է արքան ալեւոր.
Սեւ ցաւերով սիրտը խոցոտ,
Կը մտածէ գլխիկոր:

                         Դ.

Այսպէս անցան շատ տարիներ:
Տխուր աղջիկն արքայի,
Լո՜ւռ նայեցաւ սարերն ի վեր,
Ճամբաներուն ամայի
Յոյսը կտրեց… այնքան լացաւ,
Այնքա՜ն ըրաւ լաց ու կոծ
Որ արցունքէն լիճ գոյացաւ
Ծածկեց քաղաքն ու ամրոց.
Պալատ, դարպաս եղան անհետ,
Լոյս աղջիկն ալ անոնց հետ…

Հիմա այդտեղ խոր, տրտմաշուք,
Փարանայ լիճն է փռուած
Յստա՜կ, ինչպէս արտասուք։
Եւ այն վճիտ ջուրերուն տակ
Դեռ ցոյց կուտան մինչ այսօր,
Ծեր արքային ճերմակ ամրոցն
Ու շէնքերը փառաւոր։

Կըսեն թէ այն թիթեռները,
Որ հալածուած գիշերէն
Ուր որ ճրագ, ուր որ կրակ,
Ուր որ լոյս մը երբ տեսնեն,
Կը մօտենան, շուրջ կը դառնան,
Մէջը կիյնան խելագար –
Կ՛ըսեն թէ այն Փարւանայի
Ասպետներն են սիրավառ
Շտապելէն թեւ են առեր,
Դարձեր թեթեւ թիթեռներ,
Որ տակաւին երբ հուր տեսնեն,
Կը նետուին մէջն անհամբեր.
Ամէն մէկը հուրը անշէջ
Կ’ուզէ տանի, տիրանայ . . .
Բայց կը վառին, կ’այրին անվերջ
Կտրիճները Փարւանա:

1902

 

Չաղաւաղենք Հայոց լեզուն

Հետեւեալ գրութիւնը ստացանք բժիշկ Արմենակ Եղիայեանէն՝ իր ծանօթագրութիւններով: Հեղինակը՝ Զաւէն Վարդանեան:   

«Սիրելի՛ ընթերցողներ,
Այսօր կարդանք արեւելահայ սրտցաւ հայրենակիցի մը գրութիւնը, որ կը վերաբերի համայն հայութեան եւ խորհրդածենք այդ ուղղութեամբ»: (Ա. Ե.)

Չաղաւաղենք Հայոց լեզուն

Լեզուն հասարակութեան դիմանկարն է: Մեր լեզուն` հայոց լեզուն, այսօր անփոյթ է, հասարակ, փողոցային ժարգոնով լի, գռեհիկ, փնթի, թափթփած: Եւ այս գռեհիկ լեզուի միտումն ամէնուրեք է, յատկապես հեռուստասերիալներում, հեռուստատեսային բանավէճերի ժամանակ, ԱԺ-ում, կառավարութիւնում, նոյնիսկ՝ բուհերում[1]: Քիչ են գեղարուեստական խօսքի մարդիկ, որոնք, կարծես, անհետանում են, ինչպես անհետանում է մարդ-գեղագէտը: Մենք աստիճանաբար սկսում ենք չհասկանալ ինքներս մեզ:

Մենք կորցնում ենք լեզուի ոգին: Մենք կորցրել ենք յարգանքը խօսքի հանդէպ: Մենք կորցրել կամ կորցնում ենք մշակուած մարդը: Ո՞վ է այսօր արտայայտւում մի լեզուով, որի,− ինչպէս Ռ. Զարեանն էր ասում,− «լեզուական ֆակտուրան հարուստ է, ունի ներքին հրայրք, խօսքը՝ արտիստականօրէն գեղեցիկ, բայց երբեք վերամբարձ, երբեք պերճաշուք, երբեք սնամէջ»: Աստուածաշունչը մայրենի լեզուով ունենալու պահանջը եղել է հիմնական եւ հրամայական պահանջ՝ ստեղծելու սեփական մայրենի գիր` Այբ ու Բեն: Մեր լեզուն մեր մեծագոյն ստեղծագործութիւնն է: Ինչո՞ւ ենք ամէն ինչ անում, որպէսզի զայն ոչնչացնենք, փոխանակ անենք ամէն ինչ՝ զայն մաքուր պահելու, պահպանելու նրա գեղեցկու- թիւնը, ախորժելի հնչեղութիւնն ու բոյրը: Ինչո՞ւ ենք ոչնչացնում դարերի ընթացքում ձեւաւորուած մեր լեզուի նրբերանգները: Լեզուն պահանջում է խնամք, հոգատարութիւն:

Աբովեանից եկող պատգամը՝ «Ղայիմ[2] պահէք հայոց լեզուն», նաեւ նշանակում է մաքրել գռեհիկ արտահայտութիւններից եւ գռեհիկ հնչերանգից[3]: Եթե մենք ունենանք արգելելու մշակոյթ եւ կանոնական  խօսքի ու  հնչերանգի  պահպանման մշակոյթ, կը կարողանանք մաքրել մեր լեզուի խորքը եւ կը տիրապետենք անոր բոլոր նրբերանգներուն: Ուշադիր լսէք մեր քաղաքական, տնտեսական, ֆինանսական, իրաւաբանական ասպարէզի գործիչներին, ԱԺ պատգամաւորներին, կառավարութեան անդամներին, հեռուստատեսութեամբ գովազդ իրականացնող անձանց:

Պարզապէս զարհուրելի է, խայտառակութիւն է: Այսպէ՜ս այլանդակել, խեղե՜լ մայրենի լեզուն, այն էլ բարձր ամբիոնի՞ց: Զայրացուցիչ է հայերէն բանաւոր խօսքի ընթացքում ռուսերէն արտաբերումով բառերի հնչեցումը՝ լիձեռ, կրեձիտ, էներգեծիկ, ծեխնալոգիա, պրակծիկ, օբյեկծիվ, իձեալ, ձիրեկտըր, լոկոմոծիվ… կամ չարտաբերել որոշիչ յօդը՝ ուրեմ+ն, ոչ մեկ+ը, հայ մեծեր+ը կամ` մի ձեւ+ով եւ այլն: Ճիշտ չեն արտաբերւում բարդ բառերը. տարեկետումը[4] արտաբերւում է տարկետում, տարահանելը[5]՝ տարհանել, այսինքն՝ առանց կապող ձայնաւորի: Սխալ են արտաբերւում նաեւ յաճախ հանդիպող ածականները. պաշտօնէական, ճիշտը՝ պաշտօնական[6], ընտանեական՝ ընտանեկան եւ այլն: Սոսկալի են բանաւոր կամ գրաւոր կարդացուող գրութեան հնչերանգային վերիվայրումները, շեշտերի կամայական, անտրամաբանական տեղադրումը, վերջին վանկը ձգել-երգելը, սովորական նախադասութիւնը կարդալիս ձայնը մերթ ուժեղացնել, մերթ մեղմացնելը, խօսափողի ետեւից բնագիրը մանկական՝  հրուշակ, պաղպաղակ խոստացող ձայնով ընթերցումը եւ այլն: Չափից աւելի են օգտագործւում  «վերաբերեալ», «հարց»  «կտրուածքով»,  «գծով», «մասով», «գործիքակազմ», «թիրախաւորել», «փոխանցել», «մօտ»  բառերը: Դրանք երբեմն կարելի է փոխարինել նույն իմաստը կրող այլ բառերով, որպէսզի ականջը չվրդովի ու ընկալումը չբթանայ:

Անտրամաբանական, հսկայական տուգանքներ են նշանակուած ճանապարհային կանոնները խախտողներուն՝ 5.000, 20.000, 30.000, 50.000: Իսկ ինչո՞ւ տուգանքներ չեն նշանակուած մայրենի լեզուն ոտնահարելու, վարկաբեկելու, այլանդակելու համար, առաւել եւս, որ մեր պետական լեզուն` հայոց լեզուն, դրօշի ու զինանշանի հետ խորհրդանշում է մեր ազգային էութիւնը, բովանդակութիւնը, արժանապատւութիւնը: Պէտք է նշանակել պետական տուգանք պատգամաւորների, կառավարութեան անդամների, հեռուստաընկերութիւնների համար՝ 50.000-500.000 դրամ, եւ լեզուն աղաւաղողները ուղարկել երկամսեայ պարտադիր վերաորակաւորման[7]: Չուղղուելու դեպքում ազատել ունեցած պաշտօնից[8]:

Յարգարժան պարոն Դավիթ Գիւրջինեանը իր ղեկավարած կազմակերպութեամբ[9] եւ լեզուապահպանների աջակցութեամբ կատաղի, անողոք պայքար պէտք է մղի լեզուահէնների դէմ[10]:

Միւս ծայրայեղութիւնն էլ պէտք չէ. ճոռոմ, պաճուճազարդ լեզու՝ ռոկոկո[11]: Սրբօրէ՛ն պահենք մեր մայրենի մեծասքանչ լեզուն: Մեր լեզուն հիմնուած է մեր հողի, կլիմայի, կենսակերպի, սովորութիւնների, միմեանց յարաբերուելու վրայ: Այն ճկուն է, եւ այդ պատճառով էլ իւրաքանչիւր թարգմանութիւն օտար լեզուից հնչում է հարազատ ու անթերի: Լեզուն մաքուր պահելու անհրաժեշտ պայմանը նրա կառուցուածքն է, շարահիւսութիւնը, որոնք պէտք է կրեն ազգային առողջ արմատներ:

Մեր ոգու պատմութիւնը մեր լեզուի մէջ է:

            («Ժամանակ», 19 ապրիլ 2019, Երեւան )                  

Զաւէն Վարդանեան                                                                                                                                                                                                                                                                                                                 

[1]  Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն՝ համալսարան

Ուշադրութիւն. բոլոր էջատակի բացատրութիւնները իմս են (ԱԵ):

[2] Ամուր, հաստատ

[3] Արտասանական ելեւէջներու ամբողջութիւնը նախադասութեան մը արտաբերման առթիւ

[4] Հանուած է բառարաններէն ալ

[5] Հանուած է բառարաններէն ալ

[6] Այս երկուքը հիմա արդէն ինքնուրոյն բառեր դարձած են:

[7] Recyclage

[8] Որքան լաւ պիտի ըլլար, որ նման կանոն մըն ալ գործէր սփիւռքի մէջ:

[9] Լեզուի կոմիտէ, որ փոխարինելու եկաւ  «Տերմինական կոմիտէ»-ն:

[10] Այդ պայքարը շատ թոյլ կամ գրեթէ բնաւ չմղուեցաւ  Լեզուի կոմիտէի կողմէ:

[11] Rococo − hնամաշ, ծիծաղելի

Խօսք` իմ աշակերտներուս

Լենա Պողոսեան

Օր մը ես ալ աշակերտ էի ճիշդ քեզի պէս: Ես ալ դպրոց կը յաճախէի, նոր գիտելիքներ կ’ամբարէի, երազներ կը հիւսէի՝ մինչ կը պատրաստուէի անորոշ ապագան դիմագրաւելու: Միեւնոյն ատեն, օր ըստ օրէ սէրս կը բազմապատկուէր իմ հայերնիքիս, հաւատքիս ու հայկական ինքնութեանս նկատմամբ, որոնք հետզհետէ արմատ կը նետէին հոգիիս ու առօրեայիս մէջ, մինչ ես հասակ կ’առնէի հայ, ջերմ ու տաքուկ միջավայրի ու ընտանիքի մը մէջ:

Տարիներ ետք, ահա այսօր կը դիտեմ քեզ՝ իմ սիրելի աշակերտս. նստած ես գրասեղանիդ ետեւ եւ գրիչը ձեռքդ կը փորձես գրի առնել իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, որ կը փոխանցուի քեզի: Կը դիտեմ քեզ, երբ աչքերդ լայն կը բանաս մտքիդ հետ, որ աւելիով ըմռնես եւ իւրացնես քեզի փոխանցուած գիտելիքները: Այո՛, կը դիտեմ քեզ նոյնիսկ երբ պատուհանէն դուրս կը նայիս ու կարծես կապ մը կը փնտռես քու դասարնիդ եւ դուրսի աշխարհին միջեւ: Կը սպասեմ հարցումներուդ, որոնք չեն ուշանար ու անձրեւի պէս կը տեղան դասարանին մէջ:

Հարցումներու այս տարափը ուարախութիւն կը պատճառէ ինծի եւ բոլոր ուսուցիչներուդ: Հարցադրումը կը զարգացնէ միտքդ, կը յագեցնէ գիտելիքի ծարաւդ եւ կը հարստացնէ ներաշխարհդ: Տակաւին՝ կ’օգնէ փարատելու կասկածներդ ու վախերդ եւ պատրաստուելու նորանոր մարտահրաւէրներու այդ դասարանէն անդին, չափահաս կեանքիդ մէջ: Թէեւ երբեմն դասանիւթէն անկապ, դիտումնաւոր ու ճարպիկ հարցումներով կը փորձես շեղել պահը ու ժամանակը այլ ձեւով սահեցնել: Այդ ալ գիտեմ ու կը սպասեմ յաճախ՝ պատրաստ անոնց ուղղութիւնը փոխելու եւ հետաքրքրութիւնդ ուղղելու այնպէս, երբ ալ անոնք կը դադրին անկապ ըլլալէ եւ այլապէս մտքի նոր հորիզոններ կը բանան այլեւս. չէ որ ես ալ օր մը աշակերտ եղած եմ….

Կը դիտեմ քեզ երբ կը փորձես ծածուկ ուրիշ բան մը սերտել, բայց երբ այդ ուրիշը ժամագիրք է՝ մօտենալով կը հարցնեմ. «տղա՛ս իմ դասապահիս ուրիշ նիւթ կը սերտե՞ս», պատասխանդ չ’ուշանար, «ներեցէ’ք օրիորդ այս դասանիւթ չէ, այլ աղօթագիրք»: Ըսելիքներս կը դադրին ու լուռ կը մնամ. երանի թէ մեր բոլոր հայ տղաքը այս նախանձախնդիր ոգիիով եւ կամովին սերտեն ու սորվին մեր աղօթքները, զորս մեր հայրապետները՝ Նարեկացի, Շնորհալի ու ուրիշներ դարեր առաջ գրած են երկնային ու աստուածատուր շնորհքներով՝ մեր եկեղեցւոյ ու քրիստոնեայ հաւատքին զօրութեանը նուիրուած: Ահա՛, ես այսօր քեզ կը տեսնեմ իբրեւ ժառանգորդ մը անոնց աւանդին՝ փոքր տարիքէդ մեծ պատասխանատւութիւն շալկած ուսիդ, ու յանկարծ…դաստիարակի իմ պատսխանատւութիւնս կը շեշտուի…    

Կը դիտեմ քեզ, երբ այդ մատղաշ ձեռքերուդ մէջ բռնած ես աղօթագիրքդ եւ դողդոջուն ձայնովդ ու անմեղ ոգիովդ կ’արտասանես աղօթքներ ու կ’երգես շարականներ: Կը դիտեմ քեզ, երբ եկեղեցւոյ զանգին ձայնը լսելով կը խաչակնքես ու հարց կու տամ, թէ արդեօք մեր բոլոր դպրոցներուն մէջ կը սորվեցնե՞ն խաչակնքելուն իմաստն ու սուրբ խաչի ուժին կարեւորութիւնը: Հապա երբ կը հագուիս եկեղեցւոյ շապիկը ժամերգութեան ուղղուելու, անոր մէջ կարծես կը փայլին աչքերդ ու կը պայծարանայ դէմքդ: Արագ քայլերով կը վազես դէպի մատուռ՝ հոն հրամցնելու ի վեր բարձրեալին այն բոլորը որ կը սորվիս: Ահա՛ այդ պահուն է որ կարծես կը փոխադրուիմ պատմական Կիլիկիա ու աչքիս դիմաց տողանցելով կ’անցնին դարեր առաջ հոն ապրած մեր հաւատացեալ պատանիները, որոնք քեզի պէս կը վազեն դէպի եկեղեցի, դէպի ժամերգութիւն: Այս պատկերը տարբեր ուրախութեամբ կը համակէ զիս, տարբեր գոհունակութիւն կու տայ եւ ամէնէն աւելի՝ յոյսով կը պարուրէ, թէ քու այդ ոգեղէն վազքովդ՝ Կիլիկիան ու հայ եկեղեցին հաստատ քայլերով կ’ընկերանան քեզի…

«Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»:

Երբեմն այս մտածումները կը յուզեն զիս, յատկապէս երբ սկսիմ մտածել, թէ այլուր մենք որքանո’վ մեր պատանիները կ’ուղենք դէպի հայ եկեղեցի: Ամենէն փոքրէն ամենէն երէցը ժպիտով բարի լոյս կ’ըսէ ժամանող ուսուցիչին, իսկ մեկնելու պահուն «բարի օր»՝ յաջորդ օրը հանդիպելու ջերմ մաղթանքով: Ուսուցիչներու հանդէպ յարգանքով լեցուն ազնիւ հոգիներ, որոնք Վեհափառ Հօր օրհնութեամբ ու հոգածութեամբ եւ հայր սուրբերու արթուն ու հսկող աչքերուն տակ հասակ կ’առնեն՝ հոգեմտաւոր եւ բազմազան գիտելիքներ ամբարելով:

«Եւ ո՛չ մէկ վայրն է արդարեւ
Գեղեցիկ քան զիմ Կիլիկիա»:

Կը դիտեմ քեզ երբ առաջին իսկ զանգին արդէն ոտքի կ’ելլես քեզի տրուած պարտականութիւնները կատարելու. մատակարարութիւն, օրապահութիւն կամ հսկողութիւն: Ճշդապահութիւնն ու պարտաճանաչութիւնը կը դառնան քու կեանքի մտերիմ բարեկամներդ: Տակաւին, պահեցողութեան այս օրերուն, ժուժկալութեամբ ու Քրիստոսի օրինակով կը մաքրես հոգիդ ու կը դառնաս երանելի: Վրայ կը հասնին բերքի օրերը եւ խնձորի, խաղողի կամ ռուպի պատրաստութեան գործին լծուելով, ծառայութեան եւ եղբայրասիրութեան շնորհքները կ’ամրապնդուին քու նկարագիրիդ մէջ: Եղբայրաբար զիրար օգնելով՝ կը ծառայէք դպրեվանքին ու այդ ոգիով կը պատրաստուիք ծառայելու ձեր մեծ ընտանիքին՝ հայ ժողովուրդին:

«Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ,
Ուր ամենայն իղձ կ’աւարտի.
Հասակ մը, ուր հոգին ի տենչ՝
Յիշատակաց իւր կարօտի»:

Կիրակի օրերը տարբեր են: Պատարագի ընթացքին  շարականները վերնատունէն տարբեր շունչով կը հնչեն ձեր բերնէն եւ ընդհանրապէս  ներշնչուելով մարդիկ վեր կը նային՝ ձեր դէմքերը տեսնելու, բայց ձեր ուսուցիչը ծանօթ է իւրաքանչիւր ձայնին դէմքին՝ առանց իսկ վեր նայելու: Խորանին վրայ բուրվառակիր, մոմակիր կամ քշոցակիր՝ նաեւ լուսարարութեան գործին մէջ հասակ կ’առնես ու կը դառնաս ծառան ու ընծան հայ եկեղեցիին:

Այսօր աշակերտ ես, վաղը կիսասարկաւագ, ապա սարկաւագ եւ օր մըն ալ աբեղայ ու վերջապէս հոգեւոր հովիւ մեր ժողովուրդին: Գրասեղանիդ ետեւ, գրիչդ բռնած՝ դասագիրքդ, ուսուցիչդ կամ նոթերդ կը դիտես, բայց ես քեզ կը դիտեմ օր մը քեզ տեսնելու Աստուծոյ սուրբ խորանին վրայ պատարագ մատուցող, հրապարակախօս, ուսուցիչ, գրագէտ, երաժիշտ, խմբավար, արուետագէտ ու մտաւորական: Դուն փոքր ես հիմա, բայց շուտով դուն նաեւ կը դառնաս «մարդ պատրաստող»՝ մեր եկեղեցւոյ արժէքներուն, հաւատքին, սկզքբունքներուն, հայ լեզուին ու մշակոյթին ու աւանդութիւններուն հաւատարիմ հայ մարդը:

«Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»:

Սիրելի դպրեվանեցի աշակերտս, քեզ կը սպասէ ազգ մը ամբողջ, ազգ մը որուն կեանքը մնայուն պայքար է գոյատեւումի եւ ինքնակերտումի:

Առաջին օրէն երբ մուտք կը գործես դպրեվանքէն ներս ու կը նստիս այդ փոքր գրասեղանիդ ետեւ՝ դուն արդէն ուրիշ մարդ ես. դուն կը դառնաս խոստում ծառայութեան՝ եկեղեցիիդ ու ժողովուրդիդ: 

Անհամբեր կը սպասենք երբ լուսաւոր օր մը սրտի մեծ գոհունակութեամբ ու հպարտութեամբ պիսի ըսենք՝

«Իմ աշակերտս էր»:

«Եւ ո՛չ մէկ վայրն է արդարեւ
Գեղեցիկ քան զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ»:

Լենա Պողոսեան

Լիբանանահայ աշակերտը՝ այսօր

Այսօրուան Podacst-ի զրուցակիցն է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը: Ան կը խօսի հայ աշակերտի ընկերային ու հոգեկան վիճակին մասին՝ մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ու ապահովական դժուարութիւններուն ի տես: Երկրորդ մասով կ’անդրադառնայ քննական մտածողութեան (critical thinking) կարեւորութեան հայ դպրոցներու կրթական համակարգին մէջ:

ԿԱԹԻԼ ՄԸ ՄԵՂՐ. Յովհաննէս Թումանեան

ԿԱԹԻԼ ՄԸ ՄԵՂՐ

Յովհաննէս Թումանեան

28 Յունուար 2024-ին հրապարակեցինք Յովհաննէս Թումանեանի «ՔԱՋ ՆԱԶԱՐ» հեքիաթը՝ առ ի թարմացում բոլորիս յիշողութեան եւ…իրազեկութեան:
Հետագայ տողերով կը հրապարակենք Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր» հեքիաթը, որ նոյնպէս արեւմտահայերէնի վերածած է գրագէտ Զարեհ Խրախունի, 1969-ին, Պոլիս: Շուտով կը հրապարակենք նաեւ Թումանեանի «Փարւանա»ն ու «Անբախտ վաճառականներ»ը:

Գիւղացի մը խանութ բացեր,
Ամէն տեսակ բան կը ծախէր,
Օր մ’ալ նայիս՝ մօտիկ գիւղէն
Ցուպը ձեռքին, շունն ետեւէն,
Խեղճ հովիւ մը ներս կը մտնէ.
          – «Է՜յ բարեկամ, բարե՛ւ», կ՚ըսէ,
          «Մեղր կը ծախե՞ս…»
          – «Անշուշտ, անշուշտ, որքան կ’ուզես
          Կուտամ քեզի անմիջապէս.
          Հովիւ եղբայր, ամանդ բե՛ր,
          Ընտիր մեղր ա’ռ, փառք տուր ու ու կե՛ր…»

Այսպէս անկեղծ, այսպէս սիրով
Մեղրէն անուշ լաւ խօսքերով,
Երբ մեղը կ’առնեն կշռին վրայ
Կաթիլ մը մեղր գետին կ’իյնայ:
— Տը՜զզ-տը՜զզ կու գայ ճանճ մ’անօթի
Այդ կաթիլին մէջ կը թաղուի.
Իսկ խանութին տիրոջ կատուն
Ճանճ տեսնելով՝ տեղէն թաքուն
          Դուրս կը ցատքէ,
          Թաթ կը զարնէ . . .

Բայց կատուն դուրս ելլելուն պէս՝
Հովիւին շունն անմիջապէս
          Հա՜վ, հա՛վ կընէ,
          Վրան կելլէ
          Խեղճ փիսիկին,
          Որ ահագին
          Ծանրութեան տակ
          Կ’ըլլայ սատակ:
– «Խեղդե՜ց, մեռցուց կատուս յարգի,
Ա՜խ, սատկիս դուն շո՛ւն շանորդի՛»
Կ’ըսէ կատղած խանութպանը,
Ու ձեռքն ինկած հաստ գլանը
Պինդ կը զարնէ շան ճակատին,
Զայն կը փռէ քիչ մը անդին:

«Վա՜յ առիւծս ձեռքէս գնաց,
Հօտս տունս անտէր մնաց.
Չհասնէի՛ այստեղ գալու,
Կտրիճ շունս վրայ տալու…
Խանութպան չէ՛, անխիղճ գազա՛ն,
Թէ՛ չար, թէ՛ լիրբ, թէ կռուազան . . .
Դուն իմ շունիս կը զարնես, չէ՞,
Կե՛ր հիմա սա ու բառաչէ…»
Կ’ըսէ ու մեծ ցուպն հովուական
Կիջեցնէ լախտի նման,
Մարդուն ուղեղն՝ երկու բաժին
Կը տարածէ դրան սեմին…:

          – Ոճրագործ կա՜յ… հէ՜յ, օգնութի՜ւն…
          Բերնէ բերան եւ տունէ տուն
          Լուրը կանցնի մէկէն միւսին.

          – Հէ՜յ օգնութիւն… սպաննեցին…
          Վերի թաղէն, վարի թաղէն,
          Ճամբաներէն, գործատեղէն,
                     Ճիչով, լալով,
                     Անէծք տալով
                    Ալ հայր ու մայր
                    Քոյր ու եղբայր,
                    Կին ու տղաք,
                    Ծեր ու միջակ,
                    Զոքանչ, աներ,
                    Փեսայ, ընկեր,
                    Եւ կնքահայր,
                    Եւ սանամայր…
          Ալ ո՞վ ըսես – ո՛վ կը լսէ,
          Բան գործ ձգած՝ դուրս կը վազէ,
          Եւ վազելով ով որ կուգայ՝
          Մարդուն կիցով բռունցք կուտայ.
          «Ծօ՛ լերան արջ, ծօ՛ վայրենի,
          Կատղած գա՞յլ ես՝ թէ բորենի:
          Դուն առեւտո՞ւր եկար ընել՝
          Թէ իր տան մէջ մարդ սպաննել…
          Թէ՛ կը պոռան, թէ՛ կը զարնեն,
          Կարծես՝ ծեծի մրցում կ’ընեն,
          Մարդը խմոր կը դարձնեն,
          Շան քովն ի վեր կ’երկնցնեն…:

Գէշ լուրը շուտ կը տարածուի
Ու մօտի գիւղն ալ կը հասնի
Թէ՝ ձեր մեռելն եկէք առէք,
Շան սատակով դժողք տարէք. . .:

                    Երբ լսեցին՝
                    Նախ սոսկացին
Այդ եղածէն, ըլլալիքէն.
Յետոյ լեցուած վրէժ, ոխ, քէն՝
– Հէ՜յ արթնցէք – պոռչտացին,
Սպաննեցին, նախատեցին
                    Մեր գիւղացին,
                    Ո՛վ մեռած չէ՝
                    Թող թամբէ ձին
                    Ու խաղ կանչէ…:
Որպէս շրջած աղբամանի
Բերնէն խուժող երամ ճանճի,
Ամբողջ գիւղով դուրս կը վազեն,
Կ’ըլլան բանակ սպառազէն,
Մէկը առած հին հրացան,
Միւսը՝ մանգաղ կամ գաւազան,
Մէկը՝ տապար, դաշոյն կամ սուր,
Միւսը՝ թի, բահ, բիր կամ շամփուր,
Մէկը՝ ձիով, շատը՝ ոտքով,
Տէր ու ծառայ՝ իրարու քով,
Մէկն անգլխարկ, միւսը բոպիկ,
Կ’երթան դէպի գիւղը մօտիկ:
– Է՜յ այսքան ալ անաստուած գի՜ւղ …
Ոչ խիղճ ունին, ոչ ալ երկիւղ.
Կ’ելլես կերթաս առեւտուրի,
Ու զոհ կ’ըլլաս անարգ սուրի:
Անէ՜ծք ձեզի ու ձեր գիւղին
Ձեր պատիւին, տունին, տեղին…
                    Երթանք, ջարդենք,
                    Այրենք, հարթենք…

– Յառա՜ջ, զարկէ՜ք, հա ձեզ տեսնեմ…
Երկու գիւղերն իրարու դէմ
Կը ճակատին կատաղօրէն
Կը կրակեն, կը կոտորեն,
Եւ որքան շատ մարդ կը սպաննեն՝
Այնքան արիւն թափել կ’ուզեն
Կը մոլեգնին, կը խենթենան,
Զիրար կ’ուտեն, կը վերջանան:

Եկուր տես որ՝ այսքան մօտիկ,
Սահմանակից երկու պզտիկ
Այս գիւղերուն տէրն են եղեր՝
Երկու տարբեր պետութիւններ:
Ու մէկ երկրին թագաւորը,
Երբ կը լսէ ա՛յս բոլորը,
Կը հանէ խիստ հրովարտակ՝
Ժողովուրդին իր հպատակ.
– «Ո՜վ ժողովուրդ իմ պատուական:
Զինուոր, բանուոր, վաճառական,

                    Ամէն կարգի
                    Ամէն բարքի

Հպատակնե՛ր իմ տէրութեան,
Մեր դրացի ազգը դաժան,
Վատ, դաւաճան ու դրուժան,
Մեր սահմանը ոտնակոխեց,
Մտաւ գիւղ մը եւ խողխողեց
Սեւ մոլուցքով մը կատաղի՝
Զաւակները մեր սիրելի,
Որոնք պառկած խաղաղ քունով՝
Մատաղ եղան հուրով, սուրով….

Արդ, յօշոտուած ու ողջակէզ
Մեր զոհերը կը կանչե՜ն մեզ.
Վրէ՜ժ, վրէ՜ժ կ’ուզեն անոնք,
Ու մնացած որբերն անոնք:
Մենք, հակառակ մեր փափաքին,
Հրաման տուինք մեր բանակին՝
Որ զէնքերովն արդիական,
Եւ Աստուծմով՝ մեզ օգնական,
Յանուն արդար եւ սուրբ դատի՝
Չորս ճակատէ թող յարձակի»:

Միւս թագաւորն ալ իր կարգին,
Յայտարարեց ամբողջ ազգին.
«Թէ՛ Աստուծոյ, թէ՛ մարդկութեան
Խղճին առջեւ՝ մեր հարեւան
                    Երկրին դէմ նենգ
                    Կը բողոքենք,
Որ ջնջելով ամէն օրէնք՝
Կը վերցնէ դրօշ ու զէնք,
Երկու խաղալ ազգերու մէջ՝
Կը գրգռէ կռիւ ու վէճ
Եւ կը պատռէ հի՜ն սուրբ դաշինք:
Արդ, ակամայ, մենք կը ստիպուինք`
Յանուն պատուի, արդարութեան,
Յանուն թափուած անմեղ արեան,
Յանուն մեր մեծ հայրենիքին,
Եւ Աստուծոյ անմահ փառքին,
Բարձրացնել մեր սուրն ահա՛,
Զարնել անգութ եւ անխնայ»:

Եւ պատերազմն եղաւ ահեղ։
Պայթում, քանդում, ջարդ ամէն տեղ:
Արիւն, արցունք, կոծ, աղաղակ,
Ոչ գիւղ մնաց ոչ ալ քաղաք,
Փլած պատեր, ծուխեր աղտոտ,
Ամէն կողմէ դիակի հոտ…

                    Ամառ, ձմեռ,
                    Ու տարիներ
                    Եկան անցան.
                    Դաշտերն աւեր,
                    Արտերն անտէր
                    Չցանուեցան:
Եւ կռիւը դեռ չդադրած,
Եկաւ սովը համատարած.
Յետոյ՝ ախտ, գաղթ, անհամար ցաւ,
Ու շէն երկիրն ամայացաւ…

Իսկ մնացած մարդիկն անճար,
Հարց կուտային սարսափահար՝
Թէ ի՞նչ բան էր որ պատճառեց
Այս ընդհանուր աղէտը մեծ…:

1909

Ճանչնանք մեր բառերը. «մտապատկեր»

  1. Մտապատկեր

Արդի հայերէնի սակաւ գործածուող եւ նուազ ծանօթ եզրերէն մէկն է:

Մեր բառարաններէն Գայայեանը (1938) տակաւին չունի  զայն:

Առաջինը կը գտնենք Մալխասեանի բացատրականին մէջ (1944) իբրեւ՝

–«Առարկայի կամ երեւոյթի պատկերը, որ ծագում է մեր գիտակցութեան մէջ զգայարանքների   միջոցով»:

Արեւմտահայ հետաագայ բառարանագիրները՝ հայր Ճիզմեճեան (1954), Տէր Խաչատուրեան (1968), հայր Կռանեան (1982)  մօտաւորապէս բառացի կրկնած են  Մալխասաեանի վերոբերեալ սահմանումը, որ թերի է եւ… գրեթէ ոչինչ կ’ըսէ:

Ակադեմիայի (1969)   եւ Աղայեանի(1976) բացատրականները  նոր որակ մը աւելցուցին մտապատկերի սահմանումին վրայ,  որ ահաւասիկ.

–«Մարդու վրայ ներգործած որեւէ առարկայի կամ երեւոյթի ընդհանրացուած պատկերի արթնացումը գիտակցութեան մէջ՝ այդ նոյն առարկայի  կամ երեւոյթի բացակայութեան պայմաններում»:

Բերուած երկու սահմանումներուն մէջ շատ մեծ տարբերութիւն կայ. առաջինը կը խօսի անմիջական պատկերներու մասին, որ առարկաները կը դրոշմեն մեր գիտակցութեան մէջ, երկրորդը կ’ակնարկէ պատկերներու, որոնք դրոշմուած են անցեալին (առանց ժամանակական սահմանափակումի) եւ որոնք ներկայիս կը զարթնեն, կը վերադառնան մեր գիտակցութեան մէջ, ըսենք՝ որպէս յուշ:

Մեր մէջ այս վերջինը ընդօրինակած է Գնել եպս. Ճերեճեանը (1992)՝ առանց բան մը աւելցնելու եղածին վրայ եւ առանց բան… մը հասկնալու անկէ:

Ասոնք, ուրեմն, նմանապէս թերի են կամ, եթէ կ’ուզեք, մասամբ՝ մէկ հինգերորդով  ճիշդ են, ինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ:

                                                          *   *   *

Մարդ  արտաքին աշխարհը կ’ընկալէ իր հինգ զգայարաններով, եւ ստացուած տպաւորութիւնները կ’ըլլան՝ տեսողական (visuel), լսողական (auditif), հոտառական (olfactif), համառական/ճաշակային (gustative) եւ շօշափական (tactile):

Բացորոշ է, որ ասոնց մէջ ամէնէն տարողունակը տեսողականն է. մեր  տպաւորութիւններուն  մեծագոյն մասը կը յառաջանայ  ու կը կուտակուի տեսողական զգայութիւններու ճամբով, սակայն արհամարհելի չեն նաեւ մնացեալները:

Որքան ալ վառ յիշենք, այսինքն՝ վերականգնենք մտապատկերը հեռաւոր անցեալին  մեր մէջ տպաւորուած դէմքի մը, տեսարանի մը, երեւոյթի մը,− նո՛յն թարմութեամբ եւ ուժգնութեամբ կը յաջողինք վերականգնել  քսան տարի առաջ լսուած իւրայատուկ ձայն մը եւ չենք վարանիր ըսելու՝ «կարծես դեռ ան կը հնչէ ականջներուս մէջ». կամ նոյն անցեալին մէջ զգայուած բոյրի մը, անուշահոտութեան մը, որ կը կրէր սիրելի  մը ամէն քեզի հանդիպելուն եւ որը «մինչեւ հիմա քիթիդ ծայրն է տակաւին». այլեւ  վաղուց կորսուած ու  մօրդ պատրաստած մէկ քաղցրաւենիքը, որուն համը «լեզուիդ վրայ կը զգաս ու կը կրես», ա՛լ չենք խօսիր քաղուած համբոյրի մը մասին՝ սիրեցեալէ մը, որ «ուրիշին բախտ եղաւ». եւ վերջապէս  ինչո՞վ նուազ  կը յիշուի ու վերապրուի շոյանք մը, որ ինչ-որ  սիրելի մատներ, ինչ-որ ժամանակի մը մէջ դրոշմեցին ճակատիդ ու անվերադարձ գացին:

Ասոնք բոլորը հաւասարապէս վերազարթնող, վերադարձող եւ մեր գիտակցութեան պաստառին վրայ վերայայտնուող մտապատկերներ են:

Որեւէ մտապատկեր կրնայ ըլլալ գումարը մէկէ աւելի զգայութեանց, աւելի ճիշդը՝ որեւէ մտապատկեր կրնայ իր հետ ներքաշել ուրիշ մտապատկերներ. օրինակ՝ յիշելով դէմք մը, յիշէք նաեւ անոր ձայնը, այլեւ  հպումին ջերմութիւնը, կրած անուշահոտը եւ այլն.   ասոնք շատ բնական զուգորդումներ  (assossiation) են: 

Թեքէեանի հետեւեալ քառեակը ցայտուն օրինակ մըն է  զուգորդումներու.

«Եկեղեցին Հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ,

Ու կը շնչեմ, կը լսեմ՝ իր Յիսուսով մանկադէմ…»:

Ուր զուգորդուած են տեսողութիւնը, հոոտառութիւնն ու լսողութիւնը:

  1. Յիշեալ հինգ զգայարանններու միջնորդութեամբ յառաջացած մտապատկերներուն կողքին մարդ կրնայ ունենալ ներքին մտապատկերներ եւս, ըսենք՝ ցաւի,  որ պատճառած է մեր ակռան կամ ականջը, որ այնքան տառապեցուցած է,  այլեւ երանութեան, որ յառաջացած է երաժշտութեան մը կամ ըմպելիի մը ներգործութեամբ, եւ դեռ  ընկճուածութեան մը, որ ունեցած ենք ի լուր անհաճոյ իրողութեան մը, բայց նաեւ ոգեւորութեան, որ մեզի պատճառած է  առինքնող տեսարան մը կամ որեւէ յաջողութիւն կամ այլ  դրական գործօն:

Նման մտապատկերներու աւելի բարդ ու երկար շղթայ մըն է մարդկային յիշողութիւնը, իմա՝ յուշագրութիւնը, երբ խիճ առ խիճ, քար առ քար կը վերականգնենք ամբողջ անցեալ մը կամ անոր մէկ դրուագը. օրինակ՝ հանրակառքին մէջ դիմացնիդ կը գտնէք կարմիր ժապաւէն կրող աղջիկ մը, եւ ահա գաղափարներու զուգորդութեամբ (assossiation des idées) կը յիշէք ձեր դպրոցական տարիներուն մէկ  ընկերուհին, որ նմանապէս կարմիր ժապաւէն կը կրէր,  որուն այնքան կը համակրէիք, սակայն դէպքերու աննպաստ դասաւորումով մը ան գնաց իր ճամբով, դուն գացիր քուկինով… եւ… եւ… եւ…

  1. Մեզմէ իւրաքանչիւրը մտապատկերներու զուգորդութեամբ սորված է լեզուն՝ սկսած անոր առաջին բառէն՝ հետզհետէ կազմելու համար մնացեալները:

Խանձարուրէն սկսեալ ձեր շուրջ յարատեւ  արտասանուած է մամա հնչիւնախումբը, եւ անոր ընկերացած է կանացի  գուրգուրոտ կերպար մը: Ձեր աճին զուգահեռ աճող բանականութիւնը կամաց-կամաց զուգորդած է այդ երկու՝ լսողական եւ տեսողական մտապատկերները, ու երբ բաւական կազմաւորուած  են  ձեր ձայնային օրկանները՝ հնչիւններ արտաբերելու չափ, այդ երկու մտապատկերներուն զուգորդումը   տուած է մամա բառը, որուն կամաց-կամաց  յաջորդած է հեղեղը այլ զուգորդութիւններու, որոնց  գումարը   հետզհետէ պիտի կազմէր  քու լեզուդ, այնպէս ալ  մարդկային լեզուն:

[email protected]                                                                        Արմենակ Եղիայեան

Կո՛չ արեւմտահայերէնի պատասխանատու գործածութեան

Հայ ժողովուրդի կարեւոր հատուածին պարտադրուած սփիւռքացումը մէկ կողմէ, իսկ համաշխարհայնացումը միւս կողմէ, ուր տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու ծովածաւալ յորձանուտին մէջ լեզուներ ու մշակութային ինքնութիւններ այլասերելու եւ նոյնիսկ լուծուելու վտանգին դէմ-յանդիման կը գտնուին, կարելի չէ թերագնահատել արեւմտահայերէնի պահպանման կարեւորութիւնը՝ իր լեզուամտածողական կանոններով ու քերականական օրէնքներով: Արեւմտահայերէնը՝ հայ ժողովուրդի լեզուական գոհարներէն մէկը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի իսկ բնորոշումով՝ վտանգուած է:

Արեւմտահայերէնը աղաւաղումէ եւ կորուտէ փրկելու իմաստով հայոց պատմութիւնը ոսկի տառերով պիտի արձանագրէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կատարած բոլոր նախաձեռնութիւնները: Սակայն, մինչ միջազգային մարմիններ ահազանգ կը հնչեցնեն եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի նման հիմնարկներ սրտցաւ ճիգեր ի գործ կը դնեն արեւմտահայերէնը փրկելու համար, անդին արագ ակնարկ մը հայ մամուլին վրայ կը բացայայտէ յուսահատեցնող իրականութիւն մը, որ կը յատկանշուի լեզուի գործածութեան մէջ բծախնդրութեան բացակայութեամբ՝ նոյնիսկ անոնց կողմէ, որոնք կը յաւակնին տէր կանգնելու անոր:

Հայ մամուլը, գրաւոր թէ առցանց, առանցքային դեր կը խաղայ հանրային կարծիքի ձեւաւորման, մշակութային արժէքներու հսկողութեան ու գոյատեւման եւ ամենէն կարեւորը՝ լեզուական ժառանգութեան պահպանման մէջ: Սակայն ընդհանրապէս այս ոլորտներուն նկատմամբ ցուցաբերուած համատարած անհոգութիւնը կը սպառնայ նոյնիքն արեւմտահայերէնի էութեան: Խմբագիրներ, գրողներ, որոնք ենթադրաբար տէր պէտք է  կանգնէին արեւմտահայերէնին ու անոր դատին, յաճախ թոյլ կու տան կամ իրենք կը գործեն անպիսի անտանելի ու աններելի սխալներ, որոնք կը խաթարեն այն լեզուն, որուն իբրեւ պաշտպան կը ներկայանան անոնք:

Արեւմտահայերէնի աղաւաղումը ու մաշումը լեզուական մտահոգութիւն մը չէ լոկ, այլ սպառնալիք մը մեր ինքնութեան պահպանումին: Մեր լեզուն այն միջոցն է, որուն ճամբով կը փոխանցուին մեր անցեալի հարստութիւնը, մեր պատմութեան գաղափարական թելադրանքներ, իմաստն ու ծալքերը, ինչպէս նաեւ մեր մշակութային ինքնութեան խորքը: Այս ծիրէն ներս մամուլին ունեցած պատասխանատուութիւնը հսկայական է: Սխալները, ըլլան աննշան թէ աղաղակող, կամաց-կամաց կը կուտակուին՝ աստիճանաբար խաթարելով լեզուին վաւերականութիւնն ու առաքելութիւնը: Այս լեզուն իբրեւ աւանդ տրուած է մեզի, ուստի պէտք չէ պատանդ դարձնենք զայն եւ քմահաճօրէն վարուինք անոր հետ:

Կարելի չէ անտեսել այս զաւեշտը, որ երբ նոյն բեմերէն լեզուի պահպանման բուռն կոչեր կը հնչեն, միաժամանակ «անզգոյշ» կամ երբեմն յամառ ու գիտակցուած սխալները կը գործուին: Այս անտեսումները դուրս կու գան զուտ տպագրական սխալներէ. անոնք կ’արհամարհեն արեւմտահայերէնի հիմքը կազմող նրբերանգներ, շարահիւսութեան կանոններ ու քերականական օրէնքներ: Նման անփութութիւն ցուցանիշ է արեւմտահայերէնի դատին հանդէպ նուիրուածութեան բացակայութեան եւ կը վտանգէ նոյնիքն մեր ինքնութիւնը, որուն պաշտպանութեան դրօշակակիրները ըլլալու հանքամանքով յաճախ կը ներկայանանք:

Մենք՝ որպէս անհատներ ու հաւաքականութիւն, մեր պարտականութիւնը կը համարենք  հայ ՝ մամուլէն, խմբագիրներէն ու աշխատակիցներէն պահանջել աւելի բարձր որակ ու բծախնդրութիւն: Լեզուի պահպանման ջատագովութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի հռետորաբանութեամբ, այլ պէտք է դրսեւորուի արեւմտահայերէնի բծախնդիր գործածութեամբ: Խմբագիրները` որպէս մեր լեզուական ժառանգութեան պահապաններ, պէտք է բաւարար գիտակցութիւն եւ պատասխանատուութեան զգացում ունենան ու երաշխաւորեն, որ իրենց աշխատանքը դրականօրէն նպաստէ լեզուի պահպանման ճիգերուն, այլ ոչ թէ անոր աղաւաղման ու նսեմացումին: Անշուշտ բոլոր խմբագիրները նոյն ջուրով չենք լուար, բայց ցաւ ի սիրտ՝ անոնց թիւը քիչ չէ: Հոս կը ծագի հարց մը, որ բացատրութեան կը կարօտի:

Երբ մեր խմբագիրներուն ուշադրութեան կը յանձուին սպրդած կոպիտ սխալները եւ  կ’առաջարկուին սրբագրութիւններ, քիչ կը պատահի, որ անոնք շնորհակալ ըլլան ու կիրարկեն նշուածները: Ընդհակառակն, ոչ միայն սրբագրութիւնները չեն գործադրեր ու կը մերժեն նշուածները, այլեւ սրբագրողը: Այսօր արեւմտահայերէնը ունի ջերմ, մոլեռանդ եւ լեզուին քաջածանօթ պաշտպան մը՝ յանձին բժիշկ Արմենակ Եղիայեանի: Թերեւս ոճը խիստ է, երբեմն սխալները չախող ու վիրաւորող, բայց գրեթէ միշտ՝ իրաւացի: Նախ՝ մեր խմբագիրները գրեթէ չեն կիրարկեր Արմենակ Եղիայեանի սրբագրութիւններուն մեծ մասը՝ առանց նոյնիսկ դիմելու ինքնապաշտպանութեան: Եթէ լեզուականօրէն համամիտ չէք անոր ըսածին՝ պատսխանեցէ՛ք տուեալներով, փաստեցէ՛ք, որ դո՛ւք ճիշդ էք, բայց ո՛չ անտարբերութեամբ, անտեսելով ու արհամահանքով: Այս գոռոզութիւնը միայն վնաս կը պատճառէ մեր ոսկեղէնիկին:

Որպէս արեւմտահայերենի ջատագովներ՝ մենք պատասխանատուութեան կը հրաւիրենք նաեւ մենք զմեզ: Քննադատութիւնը ըստ էութեան դատապարտումի միտումով չենք կատարեր, այլ մեր ինքնութեան պահպանման առաքելութեան մէջ, մեր լեզուին ունեցած կենսական դերակատարութիւնը ընդգծելու նպատակով: Բայց կը դատապարտենք անտարբերութիւնն ու գոռոզութիւնը: Իբրեւ մամլոյ ներկայացուցիչներ՝ բոլորս պէտք է ձգտինք, որ իւրաքանչիւր բառ, իւրաքանչիւր նախադասութիւն եւ յօդուած նպաստէ արեւմտահայերենի կենսունակութեան ու յարատեւութեան: Այս ձեւով մենք ո՛չ միայն յարգած կ’ըլլանք մեր լեզուական ժառանգութիւնը, այլեւ ամրացուցած՝ մեր մշակութային ինքնութեան հիմքերը գալիք սերունդներուն համար:

                                                                                                Վարուժան Թէնպէլեան

 

 

Հայկական արմատներով աստղեր հնդկական սինամաշխարհին մէջ` Թուլիփ Ժոշի

Թուլիփ Ժոշի՝ մոտէլ է եւ Պոլիուտի դերասանուհի (Պոլիուիտ ամերիկեան Հոլիուտի հնդկական տարբերակն է): Ան ծնած է Մումպայ (Նախկին Պոմպէյ քաղաքը՝ շուրջ 13 միլիոն բնակչութեամբ), Հնդկաստան, Կուճարացի (հնդարիական ժողովուրդ, Հնդկաստանի մէջ շրջան) հնդիկ հօր Քիշոր Ժոշի եւ լիբանանահայ մօր Զապէլ Հայկեանի ընտանիքին մէջ:

Թուլիփ, Jamnabai Narsee Schoo երկրորդական վարժարանը եւ Mithibai College-ի Սնունդի  գիտութեան եւ քիմիագիտութեան բաժանմունքները աւարտելէ ետք, կը մասնակցի Miss India 2000 գեղեցկութեան մրցումին: Թէեւ աւարտական փուլ չի հասնիր, սակայն ան ուշադրութիւնը կը գրաւէ ծանուցումի բազմաթիւ ընկերութիւներու, եւ առ այդ՝ կը մասնակցի շարք մը մեծ վաճառանիշերու ծանուցումներու, ինչպէս՝  (Ponds, Pepsi, Siyaram, BPL, Smirnoff, Tata Sky mobile TV եւ այլն): Դերեր կը ստանձնէ հնդակական եւ շրջանի տարբեր երկիրներու արտադրութեամբ ֆիլմերու մէջ՝ սինեմա եւ պատկերասփիւռ:

Թուլիփ Ժոշի (ձախ կողմ), 2007-ին նկարահանուած «Տոխա» ֆիլմին մէջ, բեմադրութեամբ՝ դերասանուհի Փուժա Պհաթի (Pooja Bhatt – աջ կողմի նկարը), որ նոյնպէս հայկական ծագում ունի իր անգլիահայ մօր կողմէ: Թուլիփ կը խոստանայ հայերէն խօսիլ սորվեցնել Փուժային, որ համամիտ կը գտնուի:

Թուլիփի մայրը Զապէլ Ժոշի-Հայկեան, Մումպայ ապրող վերջին հայը, ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Ան հիւսուածեղէնի վաճառական իր մումպայցի ամուսնոյն կը հանդիպի Պէյրութի մէջ, անոր կատարած արեւտրական այցելութիւններու ընթացքին:

Զապէլ իր ամուսնոյն կը հանդիպի երբ Պէյրութի Քարլթոն պանդոկին մէջ ընդունարանի քարտուղարուհի կ’աշխատէր: Ան կ’ամուսնանայ  23 տարեկանին եւ կը տեղափոխուի Մումպայ, 1972ին. ան սահուն կը խօսի հայերէն, արաբերէն, թրքերէն, անգլերէն, կուճարաթի, հինտի եւ մարաթիերէն:

Զապէլ Ժոշի – Հայկեան իր թոռնիկներուն հետ, իր դուստրին՝ Մոնալիզայի զաւակները:

Ինչպէս գիտենք, հայերը աշխարհով մէկ ափռուած մեծ սփիւռք ունին։ Հնդկահայերը, թէեւ փոքր համայնք, եղած են ծանօթ վաճառականներ եւ ոսկերչական իրերու առեւտրականներ, որոնք հիմնած են եկեղեցիներ, ակումբներ եւ կրթական հաստատութիւններ նաւահանգստային քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Կալկաթա, Չեննայ եւ Մումպայ:

Թուլիփի քոյրը՝ Մոնալիզան ամուսնացած է դերասան Rajat Bedi–ի հետ, կը բնակի Գանատա իր ամուսնոյն եւ զաւակներուն հետ:

Զապէլ Ժոշի, որուն մեծ հայրը եկեղեցական էր,  միակ հոգաբարձուն է Մումպայի 215-ամեայ Սուրբ Պետրոս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, ուր մկրտուած են իր երեք աղջիկները: Ս. Պետրոս եկեղեցին կառուցուած է 1 Հոկտեմբեր  1796-ին. վերակառուցուած՝ 1957-ին, ուր այժմ կը գտնուի նաեւ Արարատի շէնքը, որ կը պահպանուի վարձքերէ գոյացած եկամուտով:

«Աւստրալիայէն արքեպիսկոպոսը եկաւ զիս մկրտելու, եւ նկարներս լոյս տեսան թերթերու մէջ», – կ’ըսէ Զապէլ Ժոշիի դուստրը՝ դերասանուհի Թուլիփ Ժոշի, որ հայ քրիստոնեայ չէ, բայց հաճելի յիշատակներ ունի Մումպայի եկեղեցւոյ մէջ հայ համայնքի հաւաքներուն իր սերտ հանդիպումներէն: Թուլիփ եւ քոյրերը Մոնալիզան ու Սելֆին մկրտուած են Ս. Պետրոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ։ Բոլորը կը խօսին սահուն հայերէն եւ սիրահար են հայկական ուտելիքներու:

2011-ին, եկեղեցին կը վերանորոգուի Կալկաթայի հայ համայնքին միջոցներով, սակայն չունի քահանայ եւ հայկական արարողութիւններ։ Քանի մը տարի առաջ, Զապէլ Ժոշի եկեղեցին կը բանայ Ասորի ուղղափառ քրիստոնեաներու համար: «Անոնց կրօնական համոզումները նման է մեր հաւատքին, եւ կարեւոր է, որ եկեղեցին դատարկ չմնայ», – կ’ըսէ Զապէլ Ժոշի:

«Զապէլ Ժոշիի դուստրերէն բացի, Մումպայի մէջ տակաւին կ’ապրին ծագումով հայ քանի մը հոգի, որոնք Հնդկաստան ապաստանած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ: Հայերը միշտ հալածուած ժողովուրդ եղած են, մանաւանդ թուրքերուն կողմէ եւ, հետեւաբար, միշտ փախուստի մէջ», –  կը պատմէ լրագրող Marion Arathoon, որուն հօր մեծ հայրը հայ է. ան բնակութիւն հաստատած է Լահոր, Փաքիստան:

Զապէլ Ժոշի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ

Պահպանելով իրենց ազգային լեզուն ու մշակոյթը, հայ գաղթականներուն մեծ մասը որդեգրած է Հնդկաստանը իբրեւ հայրենիք՝ նոյնքան ջերմ, որքան Հնդկաստանը ընդունած է զիրենք: «Ես քանի մը անգամ եղած եմ Հայաստան եւ ամէն տարի կ’այցելեմ Պէյրութ, բայց այսօր ես զիս իսկապէս հնդիկ կը նկատեմ»,- կ’ըսէ Զապէլ Ժոշի «Hindustan Times» օրաթերթին, 3 Յուլիս 2011-ին:

Այսօր Մումպայի  հայերուն թիւը նոազած է՝ հասնելով միայն մէկ կնոջ՝ 71-ամեայ Զապէլ Ժոշին, որ իր ժամանակը կը բաժնէ Մումպայի եւ Գանատայի միջեւ, աւագ դուստրի եւ Պէյրութի քրոջ մօտ:

 «Այստեղի հայերը սերտ կապեր ունէին տեղացի բնակիչներուն  հետ եւ երջանիկ էին», – կը նշէ Զապէլ Ժոշի: Երբ Զապէլ կ’իմանայ եկեղեցիին մասին, ինքն ալ կ’երթայ հոն։ «Ընդամէնը 15 հոգի էինք։ Այսպիսով, մենք ամէն Կիրակի կը հաւաքուէինք, կը հանդիպէինք:  Հիմա մարդոց մեծ մասը մահացած է, իսկ միւսները գաղթած են տարբեր երկիրներ»,- կ’ըսէ ան:

Հնդկական ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամ Thomas Varughese վերջին 10 տարիներուն հոգ կը տանի եկեղեցւոյ։ «Ան ինծի մեծ հաճոյք կը պատճառէ, ինչպես նաեւ՝ հպարտութիւն հոգւոյս մէջ, եւ կամաւոր աշխատանք կը տանիմ եկեղեցիին մէջ: Թէեւ եկեղեցին մեզի չի պատկանիր, բայց այս եկեղեցին ինծի հոգեպէս կ’ոգեշնչէ»,- կ’ըսէ Թովմաս։ Մօտաւորապէս վեց տարի առաջ կառոյցը վերանորոգուած է (The Indian Express» օրաթերթ, Մումպայ, 2, Մայիս 2019):

Թէեւ առանձին, սակայն Զապէլ Ժոշի պահած է հայկական ժառանգութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը, նոյնիսկ սուրբծննդեան նշումը:

Մումպայ մնացած վերջին հայը` Զապէլ Ժոշի կը բացատրէ, թէ հայերը ինչպէս Սուրբ Ծնունդը կը նշեն ամէն տարի, 6 Յունուարին: Զապէլ Հնդկաստան կը գտնուի կէս դարէ ի վեր, շատ աւելի տարիներ քան իր ծննդավայր երկրին՝ Լիբանանի մէջ: Նկարը Satej Shinde-ի:

Երբ իր ամուսինը ողջ էր, եւ երեք դուստրերը բոլորը միասին կ’ապրէին, Զապէլ ամէն տարի խնճոյք կը կազմակերպէր: «Ամբողջ ընտանիքով կը հաւաքուէինք սեղանի շուրջ եւ հայերէնով սուրբծննդեան երգեր կ’երգէինք։ Մէկ օր առաջ ես մեր տան խոհանոցին մէջ կը պատրաստէի մեր աւանդական սարման՝ միսով ու բրինձով, եւ հայկական այլ ճաշեր: Կը շարէի չիրը, յատկապէս չամիչը, որ մեր Պէյրութի մշակոյթին մաս կը կազմէ, քաղցրաւենիքը եւ փախլաւան, եւ կը տօնէինք տան մէջ»

Ան իր դուստրերուն սորվեցուցած է  սահուն հայերէն խօսիլ։ Երեքն ալ մկրտուած են Սուրբ Պետրոս հայկական առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ 18 Դեկտեմբեր 2022, Sunday mid-day News.com

 Ծանօթագրութիւն.-

2 Մայիս 2019-ին, Մումպայի հայերու 223-ամեայ եկեղեցին իր դռները կը բանայ հնդկական ուղղափառ համայնքին առջեւ, որ նաեւ ծանօթ է որպէս Մալանկարա ուղղափառ ասորական եկեղեցի (Malankara Orthodox Syrian Church)՝ իր կիրակնօրեայ պատարագը կատարելու համար:

Հնդեւրոպական եւ հայերէն համահունչ բառեր

Հայերէնի՝ հնդեւրոպական ուրոյն ճիւղ մը ըլլալը առաջին պաշտպանողը եղաւ գերմանացի լեզուաբան Հայնրիխ Հիւբշմանը, որ ստուար հատոր մը նուիրած է իր այս տեսակէտի պաշտպանութեան: Ստորեւ բերուած յօդուածը այդ վարկածին համահունչ  քանի մը բառերու մէկ համեստ նախաճաշակն է:

  • v > գ

          –vin>գին(ի)

          Գինի հասկացութեան  հնդեւրոպական հնագոյն արտայայտութիւնը եղած է voinio, որու սկիզբի v հնչիւնը գոյատեւած է  բազմաթիւ այլ լեզուներու մէջ, մինչ հայերէնի մէջ ան դարձած է Գ:

            Այսպէս՝ յունարէնը  ջնջած է  զայն ու տուած է oinos[1], լատիներէնի  մէջ  vinum է, իտալերէն ու սպաներէն՝ vino, ֆրանսերէն` vin, գերմաներէն՝ wein,  անգլերէն՝ wine.  ուրեմն  բոլորը  պահած են սկիզբի V-ն:

            –vest> (զ)գեստ

            Յառաջացած է հնդեւրոպական  ves նախաձեւէն, որ տուած է յունարէն esthês, լատիներէն  vestis[2], իտալերէն   vestito, սպաներէն vestido, ֆրանսերէն veste, անգլերէն vest. բոլորը պահած են սկզբնական  բառասկիզբի v-ն, որուն փոխարէն հայերէնը ունի Գ:

            Հայերէնի բառասկիզբի  զ հնչիւնը արմատական չէ:

            Նոյն զ ոչ-արմատական հնչիւնով օժտուած են (զ)անց, (զ)եռուն, (զ)ահանդ, (զ)արգ(անալ) եւ շատ ու շատ ուրիշներ:

            –vorg՛>wergam>գործ

            Հնդեւրոպական այս սկզբնաձեւի v/`      “`w հնչիւնը նախ ինկած է դասական յունարէնի մէջ ու  տուած է ergon: Նորագոյն լեզուներէն  գերմաներէնի մէջ werk  է ան, անգլերէնը՝work, իսկ պարսկերէնը տուած է varz:

            Անցնելով հայերէնին՝ ան կրած է երկու հնչիւնափոխութիւն՝ v>գ  եւ g>ծ. երկրորդը  տեսնել ստորեւ՝ թիւ 2-ի մէջ:

          –vol > գող

            Բառիս ծագումը կը հասնի հնդեւրոպական vol եւ  vold կրկնակ ձեւերուն: Անցնելով հայերէնին ան տուած է երեք ձեւեր գող(տ), գաղ(տ) եւ գեղ(տ):

            Գող(տ), որմէ ունինք գողտուկ:

            Գաղ(տ), որմէ ունինք գաղտնի:

            Գեղ(տ), որմէ ունինք գեղել, այսինքն՝ ծածկել:

            «Սակայն,– նկատել կու տայ Աճառեան,– քոյր լեզուները չեն պահած այս արմատները»: Նորագոյն լեզուներէն զայն կը գտնենք ֆրանսերէնի մէջ՝ vol-voler-voleur,  իտալերէնը զայն կը պահէ միայն involare բային մէջ:

            Անշուշտ ընթերցողը նկատի ունի, որ vol արմատի l հնչիւնը իր կարգին հայերէն տուած է ղ (l>ղ), որ այլապէս ծանօթ երեւոյթ է, օրինակ՝ Luc>Ղուկաս (L>Ղ), Solon>Սողոն (l>ղ):

  1. g > ծ

            Այս հնչիւնափոխութիւնը կը գտնենք հետեւեալ բառերու բաղդատութեամբ.                    –Հնդեւրոպ. aig,  իսկ յունական ayg(os) բառերուն դիմաց  ունինք այծ:

            յունարէն meg(a)-ին դիմաց ունինք մեծ:

            –gen տուած է ծին:

            –gnathos տուած է ծնօտ:

            –ger(on) տուած է ծեր:

            –Ենթադրելի է հնդեւրոպական arg  արմատ մը, որ յունարէն տուած է argurion, լատիներէն argentum, հայերէն արծ(աթ). ասոր          աթ բաղադրիչը բաղդատել երկ-աթ: Նորագոյն լեզուներէն արմատը կը պահեն ֆրանսերէնը` argent, իտալերէնը՝ argento: Սպաներէնը չէ պահած պարզ արմատը, սակայն ունի կարգ մը բաղադրեալ բառեր՝ argentifero-արծաթաբեր,  argentoso-արծաթախառն, argenteo-արծաթափայլ:

            –ֆրանսերէն gen(oux)-ին դիմաց ունինք ծուն(կ):

  1. Բառասկիզբի S-ի կորուստ

            Հայերէնի իւրայատկութիւններէն մէկն ալ եղած է հնդեւրոպական  կարգ մը արմատներու բառասկիզբի S  հնչիւնի թօթափումը:

             –Առ այս առնենք մեր աղ  արմատը:                                                                                           Հնդեւրոպերէնը ունեցած է sal եւ sald  արմատական տարբերակները, ուր երկրորդը օժտուած է d աճականով: Լատիներէնի ու սպաներէնի մէջ  ան   sal է,  ֆրանսերէն՝ sel, իտալերէն՝sale, ռուսերէն՝sol,  գերմաներէն՝ salz,  անգլերէն` salt:

            Ինչպէս կը նկատենք, բոլորն ալ օժտուած են բառասկիզբի  S-ով, բացի յունարէնէն, ուր ան als է, իսկ հայերէն ան երկհնչիւն  աղ (l=ղ)  է՝ ի տարբերութիւն մնացեալ բոլորին, ուր անոնք եռահնչիւն  կամ քառահնչիւն են:

            –Septm>եւթն

          Հնդեւրոպական այս արմատը  յունարէն  տուած է επτά  (eptà), միւսները  պահած են  բառասկիզբի s հնչիւնը. այսպէս,  լատիներէն՝ septem, իտալերէն՝ sette,  ֆրանսերէն՝ sept, ռումաներէն՝septe, գերմաներէն` sieben, անգլերէն՝ seven. վերջին երկուքին մէջ կը գտնենք b>v (b>ւ)  ծանօթ լծակցութիւնը, որուն ակնարկած եմ նախորդ յօդուածովս:   

            Ուրեմն հայերէնը մէկ կողմէ թօթափած է բառասկիզբի  s  հնչիւնը,– թերեւս յունարէնի հետեւողութեամբ,– միւս կողմէ՝ տեղի ունեցած են   p>ւ եւ m>ն հնչիւնափոխութիւնները, որոնց ակնարկած էի նախորդ յօդուածովս: Այսպէս ստացուած  եւթն  աշխարհաբարի մէջ դարձած է եօթն, իսկ սա իր կարգին   հակում ունի դառնալու եօթ:

            –Sarb>արբ

            Հնդեւրոպական վաղեմի  sarb  «խմել» արմատը լատիներէն տուած sorb(eo)՝ s-ով ձեւը, որ տարածուած է բազմաթիւ լեզուներու մէջ (տեսնել ցանկը «Արմատական»-ի մէջ): Որոնց դիմաց հայերէնը ունը արբ, ուր թօթափուած է բառասկիզբի s հնչիւնը:

            –Սկեսուր > կեսուր

          Աճառեան «բնիկ հայերէն» կը կոչէ այս բառը, ուրեմն ժառանգուած է հնդեւրոպերէնէն, ապա կը թուէ  աւելի քան  20  լեզուներ, ուր թափանցած է ան:

            Բառս իր այս ձեւով  կիրարկուած է մեր ողջ մատենագրութեան մէջ եւ առհասարակ այս ձեւով ալ մինչեւ հիմա կը կիրարկուի արեւելահայերէնի մէջ:

            Ուրեմն արեմտահայ աշխարհաբարն է որ թօթափած է անոր բառասկիզի ս հնչիւնը, եւ ան դարձած է կեսուր, որմէ՝ կեսրայր (կեսուրին ամուսինը):

            Ծանօթ.– Արդի լեզուներէն բառասկիզբի s-ը թօթափելու հակամէտ է նաեւ  ֆրանսերէնը, որ  ունի école անգլերէնի school-ին դիմաց եւ  écureuil անգլերէնի squirrel-ին դիմաց: Նոյն ֆրանսերէնը կը վերականգնէ  s-ը  scolaire  ածականին մէջ:

            [email protected]                                                         Արմենակ Եղիայեան 

[1] Դասական յունարէնը չունէր  v հնչիւնը. ուրեմն ան գոհացած է ջնջելով զայն իր բառերուն սկիզբը:

[2] Vestior=զգենուլ,  ագանել, հագնիլ

Մեր հաւաքական կեանքի ժողովրդարավարացման եւ ժողովրդականացման հրամայականը

Բաղդատելով տարբեր պետութիւններ, յատկապէս անոնք, որոնք կը ղեկավարուին ժողովրդավարական կառոյցներով՝ ընդդէմ ամբողջատարական երկիրներու, նոյնիսկ պարզ ակնարկ մը համոզիչ կը դարձնէ այն իրողութիւնը, որ որոշ պետութիւններ, աշխարհագրականօրէն փոքր ըլլալով հանդերձ, բարգաւաճած են եւ յառաջդիմած՝ շնորհիւ ժողովրդավարական սկզբունքներու որդեգրումին: Ժողովրդավարութիւնը անոնց տուած է յստակ առաւելութիւն մը՝ հնարաւորութիւն տալով մրցակցելու աշխարհագրականօրէն աւելի մեծ տարածութիւն ունեցող երկիրներու հետ:

20-րդ եւ 21-րդ դարերու պատմական ակնարկ մը բաւարար է նկատելու ժողովրդավար ընկերութիւններու եւ ամբողջատիրական վարչաձեւերու միջեւ հակադրութիւն մը՝ մասնաւորաբար բարգաւաճման առումով: Ամբողջատիրական ընկերութիւնները, որոնք կը յատկանշուին միանձնեայ կամ փոքր խումբերու ղեկավարութեամբ, հետեւողականօրէն չեն յաջողած յառաջդիմել մասնաւորաբար ընկերատնտեսական եւ արդիւնաբերական մարզերուն մէջ: Նման միջավայրերու մէջ, ուր այլախոհութիւնը արգիլուած է, նորարարութիւնը ճնշուած եւ անհատին ու հաւաքականութիւններու ինքնակատարելագործման ձգտումը խեղդուած, հասարակութիւնները ուշ կամ կանուխ քանդուած են: Կառուցողական քննադատութեան բացակայութիւնը եւ մտաւոր, հոգեւոր եւ բարոյական հնազանդութեան գերակայութիւնը կը խոչընդոտեն ստեղծագործականութեան, մրցակցութեան եւ յաջողատենջութեան (ambition) եռանդի զարգացումը:

Ընդհակառակն, ժողովրդավարութիւնները ծաղկած են ազատ եւ հանդուրժող հաւաքականութիւններու մէջ, ուր հնարաւորութիւն տրուած է մարդոց արտայայտելու իրենց ստեղծագործական կարողութիւնը, ուր քաջալերուած է նորարարութեան եւ նախաձեռնութիւն ոգին: Մրցակցութիւնը կը խթանէ որակներու յայտնաբերումը, նոյնիսկ եթէ թերութիւններ ալ յայտնուին: Ի տարբերութիւն տոկմաթիք վարդապետական համակարգերուն, ուր բացառապէս տիրող են մենաշնորհեալները, առողջ ժողովրդավարութիւնները պարարտ ենթահող կը տրամադրեն հաւաքական յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման համար:

Վերջերս, հայ համայնքներու մէջ շատ կը խօսուի սփիւռքը կազմակերպելու եւ մարդուժ ներգրաւելու կամ պատրաստելու մասին: Մինչ կը գնահատենք ու կը խոնարհինք նման նախաձեռնութիւններու առջեւ, սակայն բացառապէս կարգախօսերու եւ բարի ցանկութիւններու վրայ յոյս դնելը կը նկատենք անբաւարար: Ինչո՞ւ: Մեր կարծիքով, այնքան ատեն որ հայ համայնքները կը կառավարուին աւանդական կառոյցներու միանձեան եւ ընդհանրապէս այլամերժ միտումներով, չեն օժտուած նաեւ հաշուետուութեան համակարգով, իսկ անթափանցիկութիւնը տիրական է, կարելի չէ բարեփոխութիւններ ակնկալել սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, բացի եթէ խօսքը կը վերաբերի նոր կառոյցներու ստեղծումին: 

Հաւաքական մեր կառոյցները ընդհանրապէս կը գործեն կարճաժամկէտ ռազմավարութիւններով՝ անհատապաշտական մօտեցումներու ազդեցութեան տակ: Ուսումնասիրելով մեր հաւաքական մտածելակերպը` ակնյայտ կը դառնայ, որ մենք պէտք չէ խուսափինք սեղանի վրայ դնելէ հետեւեալ հարցումը. արդեօ՞ք տրամադիր ենք ընդօրինակելու ժողովրդավարական հաւաքականութիւնները, թէ՞ խօսքով ու երեւակայութեամբ միայն ժողովրդավար ենք: Կեդրոնաձիգ մոտելը, որ թերեւս ազգային առաջադրանքներով ժամանակին յարմար կը նկատուէր տարտղնուած բեկորները համախմբելու նպատակով, այսօր ձեւ փոխած է՝ ազգայինը փոխարինելով կուսակցականութեամբ:

Թէեւ կուսակցական հաւատարմութեան ու մրցակցութեան որոշ դերակատարութիւն մը վերապահուած էր պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու, անոնք սակայն, դարձած ժամանակավրէպ, այսօր կը մնան արմատացած հայկական սփիւռքի կառոյցներուն մէջ: Մտաւորականներ, ոչ պատեհապաշտները անշուշտ, որոնք նախապէս հաւատքով փարած էին այդ ուղղութեան, այսօր սկսած են հեռանալ՝ մերժելով միանձնութեան վարքագիծն ու ընհդհանրապէս այլամերժ կուսակցականութիւնը:

Երկաթեայ հաւատարմութիւն. չենք գիտեր ինչու ենթադրաբար «սփիւռքատէր» այս կազմակերպութիւնները կը պահանջեն իրենց անդամներէն, նոյնիսկ ազատ թռիչք ունեցող մտաւորականներէն: Ղեկավարութեան որոշումները քննարկելը կամ հարցականի տակ առնելը կը նկատուի՝ «ապստամբութիւն գաղափարախօսութեան դէմ»՝ խթանելով լոզունգներով գերակշռուած խաբուսիկ մթնոլորտ մը: Այս վերաբերումը ստեղծած է մտաւորականներու երեք դասակարգում. անոնք, որոնք չեն ուզեր սիսթեմէն դուրս մնալ եւ առնուազն արտայայտութեան բեմ ունենալ (որովհետեւ մետիան ընդհանրապէս կը գտնուի անոնց ձեռքը), անոնք, որոնք կը մնան սիսթեմին մէջ անկէ օգտուելու նպատակով (այս երկու տեսակները ներկայիս կը ներկայացնեն աննշան տոկոս մը), վերջապէս՝ անոնք, որոնք դժգոհ են, մեծամասնութիւն են, ու անյոյս նկատելով իրավիճակը կը հեռանան սիսթեմէն՝ նորը ստեղծելու լուրջ առաջադրութեամբ: Երկրորդ դասակարգին պատկանողները արդէն սկսած են բթանալ՝ յիշեցնելով խորհրդային նոմենկլատուրան, բայց կը շարունակեն օգտուիլ: Առաջինիններուն արգիլուած է յառաջադիմել, իսկ երրորդները կամ արդէն «դուրս» են կառոյցներէն կամ ենթարկուելով կարգապահական միջոցառումներու՝ «դուրս» կը դրուին:

Նոր սերունդը, որ կը մերժէ պատեհապաշտութիւնը, կոյր հնազանդութիւնը, ընտանեկան կապերն ու «ամիրայական» նշանակումները` իբրեւ որոշիչ գործօններ, կորցնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը նման խեղաթիւրուած միջավայրի մէջ ներգրաւուելու: Սփիւռքը կառավարել յաւակնող ղեկավարները դէմ յանդիման կը գտնուին կարեւոր հարցումի մը. պատրա՞ստ են անոնք ընդունելու քննադատութիւնը, խթանել հանդուրժողականութիւնը եւ ընդունիլ, որ մեր համայնքները կը պահանջեն թափանցիկութիւն, այլ ոչ թէ եսակեդրոն ու միանձնեայ քաղաքականութեան վրայ հիմնուած որոշումներ կամ հաւատարիմ աջակիցներ՝ զանոնք հասարակական գործիչներ հռչակելով:

Որպէսզի իսկական փոփոխութիւններ տեղի ունենան, առաջնորդները պէտք է պատրաստ ըլլան իրենց համար ցաւալի զոհողութիւններու եւ լուրջ փոխզիջումներու: Մեր հաւաքական կեանքի թերութիւնները խոր են եւ ոչ միայն կը պահանջեն մակերեսային փոփոխութիւններ, այլեւ փոխակերպող վիրահատութիւններ: Քննադատութիւնը կրնայ ցաւ պատճառել, բայց ան կը ծառայէ որպէս զարթնումի կոչ մեր թմրած գիտակցութեան: Երբ մենք կը քննարկենք մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը, եկէք չփնտռենք նոր դեղամիջոցներ կամ բժիշկներ. մենք անոնցմէ բաւականաչափ ունինք: Փոխարէնը, մեզի անհրաժեշտ են վճռական որոշումներ, որուն կը յաջորդեն վճռական քայլեր՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ տիրող ճգնաժամը լուծելու համար:

21 Յունուար 2024, Պէյրութ, Երեւան

«Ամերիկացի»-ն՝ առաջին հայկական ֆիլմը «Օսքարներու»-ի զտեալ ցանկին մէջ (shortlist)

«Օսքարներու»-ի 96-րդ մրցանակաբաշխութեան զտեալ ցանկերուն (shortlist) մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուի հայկական ֆիլմ մը լաւագոյն միջազգային ֆիլմ անուանակարգին մէջ: Հայկական շարժապատկերի պատմութեան մէջ, առաջին անգամն է, որ հայկական ժապաւէն մը կը հասնի «Օսքար»-ի զտեալ ցանկին:

Ֆիլմին հեղինակն է ամերիկահայ բեմադիր, բեմադրիչ ու դերասան Մայքլ Կուրճեան, արտադրութեամբ՝ Արման Նշանեանի:

«Օսքարներու»-ի մրցանակաբաշխութեան թեկնածու ֆիլմերուն վերջնական ցանկը կը յայտարարուի 23 Յունուար 2024 ին, իսկ «Օսքարներու» մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՚ունենայ 10 Մարտ 2024-ին, Լոս Անճելըսի մէջ:

«Ամերիկացի»-ն հիմնականօրէն նկարահանուած Հայաստանի մէջ տեղական դերասանական կազմի մասնակցութեամբ: «Ամերիկացի»ն նաեւ կը նկատուի փորձ մը վերականգնելու Հայաստանի ֆիլարուեստը, որ որոշ նահանջ արձանագրած է 1991-էն յետոյ:

«Ֆիլմը գոյատեւման եւ տոկունութեան մասին է, եւ հակառակ տիրող մթնոլորտին, ան շատ յուսադրող է եւ զուարճալի», կը յայտնէ Կուրճեան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան:

Ֆիլմը կը պատմէ ամերիկահայ Չարլիին կեանքը, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, հայրենադարձ կը կատարէ Խորհրդային Հայաստան, բայց կը բանտարկուի իր փողկապին պատճառով: Իր խուցէն Չարլի կը տեսնէ մօտերը գտնուող բնակարանի մը ներսը եւ փոխանորդաբար կեանքը կը շարունակէ հոն գտնուող զոյգին առօրեային ընդմէջէն: