«Հալէպի ողբերգութիւն» ․․․․ Սփիւռքահայութեան գոյատեւութիւնը (sustainability).(Ա. Մաս)

«Հալէպի ողբերգութիւն»-ը մեծ չափով գունազարդ լուսանկարներու, որակաւոր տպագրութեամբ հատորի մը խորագիրն է, 2017 թուին լեհերէնով հրատարակուած, 206 էջ ծաւալով։

Անդրանիկ տղաս՝ Գէորգը այս գիրքը գնած էր, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հալէպի հետ առնչուած նիւթի մասին աւարտական իր թեզի պատրաստութեան համար։

Գէորգ, Սուրիոյ ահարկու պատերազմի ցաւալի մրմուրը համտեսած էր՝ տեսնելով իր ընտանիքի, ծնողներու եւ նախնիներու բնակած շէնքին ամբողջութեամբ փուլ գալը, պետական զօրքերու ընդդէմ ահաբեկչական եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու առճակատումներուն եւ պայթումներուն պատճառով։ Գէորգ 12 տարեկան դերատի պատանի մըն էր, երբ Հալէպէն հեռացաւ միլիոնաւոր տնանկ մնացած սուրիացիներու նման։

Հոգետանջ ողբերգութիւն մըն է՝ տխրութեան կեղեքիչ զգացում, երբ ապրած շէնքիդ փլատակներուն տակ անդարձ թաղուեցան տոհմական Սասունէն, Խարբերդէն, Այնթապէն  բերուած՝ կալուածներու, ինչքերու սեփականատիրութեան վկայագիրներ, կրթութեան վկայականներ, տասնիններորդ դարու պատկանող Աստուածաշունչեր: Նուազագոյն երեք սերունդներէ  ժառանգուած հայ մշակոյթի պատկանող նիւթեղէն մասունքներ, բազմալեզու, բազմահազար գիրքեր, պատմական տարբեր սրբութիւններ, հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ երկար տարիներով խնամքով պահուած փշրանքներ, օրհնաբեր պատառիկներ, ինչե՜ր կարելի է յիշել ու վերյիշել։

Ճիշդ է որ յիշողութիւնը, վերյիշումը երբեմն տանջող է, բայց միշտ ալ սփիւռքահայուն համար հաւաքական վերյիշումը ընկալուած է որպէս անցեալի վերակառուցումը։  Հայու յիշողութեան մշակոյթը, մշակութաբանութիւնը (Cultural anthropology), ընդունուած է ո՛չ միայն ինքնութեան հիմնական բաղադրիչներէն մին, այլեւ ինքնութիւնը ինքնին։

Պարտադրուած բռնի տեղահանութեան նման, նախնիներու ճակատագրի կրկնութիւնն էր՝ բռնագաղթի անորոշ խաչմերուկին դիմաց կանգնողի հրամայական որոշում մը։ Հարազատ ծննդավայրէն, ենթահողէն հեռանալու անբեկանելի ընտրանքին դէմ յանդիման ընտանեօք պարտադրաբար 2012 թուի հոկտեմբերին հեռացած էինք ծննդավայր Հալէպէն։ Մէկ կողմէ համտեսելով առեւանգումի եւ սպանութեան սպառնալիքի անողորմ ազդարարութիւնը՝ «Դուք հայերդ պետական իշխանութեան թիկունքին էք, պետութեան կողմնակից էք» մեղադրանքով։ Հայերը միշտ ալ կը մեղադրուին ոչ միայն իշխանամէտ ըլլալու, այլ նոյնիսկ՝ չէզոքութեան համար։ Իսկ դաժանագոյնը՝ ետին թողելով քարուքանդ մեր բնակարանի, շէնքին քարակոյտը եւ սեփական այլ կալուածներ՝ որոնք դժբախտաբար մինչեւ այսօր սուրիական պետական գերիշխանութեան սահմաններէն հեռու են՝ չեն վայելեր Սուրիական պետական ինքնիշխանութեան ներկայութիւնը։ Հոգիս կ’ալեկոծի, երբ վերյիշեմ ետիս թողած հիմնովին տապալուած մեր ապրած շէնքին աւերակները։

Մենք, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հալէպահայեր, սուրիահայեր տարանցիկ կանգառներով երամ-երամ դէպի վերջնական կանգառներ անվերադարձ հեռացանք, իմա՝ արտագաղթեցինք, ընդլայնելով հայ սփիւռք կոչուած թնճուկին տարածքն ու խորութիւնը։ Ինքնայօժար հեռացում մը չէր, բայց երազային Հալէպի տպաւորութիւնները, մեր ծնողներուն, նախնիներուն հոն ապրուած անջնջելի յիշատակները՝ վստահաբար քանդակուած ու առկայծ կը մնան իբրեւ խորտակուած երազներ մեր յիշողութեան կայծկլտուքին մէջ, եւ  իբրեւ սեփականը կորսնցուցած մեր  հոգեխոց (trauma) մորմոքի ենթագիտակցութեան մէջ:

Ճակատագրի դաժան ընկճախտը (depression), հարկադրիչ այս անկիւնադարձը մեր հոգիներուն մէջ պիտի մնայ, ծննդավայրի հանդէպ իբրեւ ճնշող կարօտախտ մը, քօղարկուած մշտայուշ վիշտ մը։

Գէորգ ծննդավայրի իր կարօտն ու գուրգուրոտ հոգատարութիւնը խտացուցած էր վերոյիշեալ գիրքի ինքնախօս լուսանկարներու յարակցութեան մէջ, երբ գնած գիրքը ներկայացուց ըսելով՝ «Հայրիկ տե՛ս մեր սիրելի Հալէպին առընչուող վաւերագրական լուսանկարներու ինչպիսի գիրք մը հրատարակուած է»։

Ծանօթագրութեան կարգով կարելի է յայտնել, որ գիրքին լեհ համահեղինակը՝ Ատամ Պուեաքը, արհեստավարժ եւ հանրածանօթ ռազմական, ճակատամարտերու խիզախ միջազգային լուսանկարիչ մըն է, արկածախնդրութիւնը յանձն առած, տագնապի ու աղէտալի պայմաններու մէջ, մանաւանդ Հալէպի ամէնէն բռնկուն եւ դժոխային տարիներու սարսափելի իրավիճակները իր ոսպնեակով վաւերագրելու՝ տագնապի անողորմ գոյավիճակը լուսանկարներով ամրագրելու ծրագիրով Սուրիա եկած էր, երբ բազմահազար տեղացիներ երկնառաք մոգական փրկութեան հնարքներ կը փնտռէին, երկրին մէջ աւելի ապահով շրջաններ տեղափոխուելու եւ անվտանգ ապրելու նպատակով հեռաւոր խաղաղ երկիրներ արտագաղթելով, նոյնիսկ իբրեւ գաղթականներ, տեղահանուածներ, փախստականներ կամ այլ որակումներով։

Տագնապի առաջին օրերուն Սուրիոյ հայ համայնքի մէջ, այն հաստատ համոզումը կար, որ օրերու, շաբաթներու, առաւելագոյն մէկ երկու ամսուայ մէջ կ՛աւարտի ընդդիմութիւններու, պոռթկումներու, պատերազմական ահ ու թողի իրավիճակը։ Սակայն մեր սփիւռքի պատմութեան բովերու պճեղ մը ծանօթութիւնը, տեղւոյն եւ շրջանի հետ աշխարհաքաղաքական առողջ վերլուծումը, վտանգին եւ սպառնալիքներուն չափի սահմանները ընկալելու սրատեսութիւնը, յետպատերազմեան տնտեսական հետեւանքներու ողջամիտ եւ հեռատես արժեւորումը բաւարար էին հասկնալու եւ արդարացնելու արտագաղթողներու պատճառաբանութիւնը։

Վերոնշեալ գիրքին խմբագիրն է հոգեւորական՝ Փրոֆ․ հայր Վալտեմար Չիսլոն։ Քանիցս Սուրիա այցելած այս լեհ հոգեւորականի կենսագրականը կարելի է խտացնել, որ օգնութեան հասնելու՝ «Կարիքաւոր եկեղեցւոյ օգնութիւն» ծրագրի այս ղեկավարը, իր ներգործութեամբ պահ մը մեզ կը յիշեցնէ, կամ զայն կարելի է նմանցնել քսաներորդ դարու Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին յաւէտ յիշատակութեան արժանի մարդասէր հրեշտակներուն, անմոռանալի դանիացի ու սքանտինաւեացի միսիոնարուհիներուն, որոնք հասած էին աղէտեալ վայրեր եւ իրենց մարդասիրական օժանդակութիւնն ու նիւթական կարելիութիւնները ի սպաս դրած էին հայութեան, իրենց նմաններուն հանդէպ անգնահատելի բարեգործութիւններով ու գործնական երախտարժան մասնակցութեամբ։

Վերոյիշեալ լեհ հոգեւորականը, ծանօթ է միջին արեւելքի մէջ՝ Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան եւ այլուր։ Կենաց եւ մահու տագնապներու, անհրաժեշտ կարիքի մէջ գտնուող քրիստոնեայ հաւաքականութիւններու հանդէպ իր մարդասիրական անխոնջ պատրաստակամութեամբ, անսահման իր օգնութիւնները հասցուցած է վերոյիշեալ երկիրներու տառապեալներուն։ Կարելի է վկայել նաեւ, որ Լեհաստանի տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող եկեղեցիներու մէջ, համալսարաններու, հանրային կեդրոններու, կայարաններու եւ պետական զանազան հաստատութիւններու, կառոյցներու մէջ յատուկ տուփիկներով, գանձանակներով «Հալէպի համար» խորագրեալ նիւթական հանգանակութիւններ կազմակերպելու արշաւին լծուած այս հոգեւորականի ընթացքը։ Հաւաքուած գումարները օգնութեան շիթեր էին պատերազմի տարիներուն ու տակաւին կը շարունակուին այսօր ալ տեղացի տառապեալներուն համար։ Իր քարոզչական աշխատանքով, հանգանակութիւններով, նուիրատուութիւններու հաւաքներով, հարցազրոյցներով օրինակելի բարեսէր մըն է կարիքաւորներուն, իր նուիրուածութեամբ, օգնութեամբ եւ ծառայութեամբ։ Ի վերջոյ ո՞վ չի վկայեր կամ չի հաստատեր  հանրածանօթ «Լեհաստանի Գարիթաս»-ի բարեսիրական ու հոգատար բարեգործութիւնները, ծառայութիւնները Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, որուն գլխաւոր դերակատարներէն մին է յիշեալ հոգեւորականը։ Խորապէս ըմբռնելի ու համոզիչ է, նման հայրենասէր լեհ հոգեւորականի մը կողմէ քրիստոնէավայել մարդասիրական օժանդակութեան մղիչ խանդը, օգնութեան կամքը։

Հասկնալի է նաեւ, Լեհաստանի դէմ գերմանական եւ Խորհրդային Սովետական Միութեան զօրքերու կողմէ բարբարոսութիւնները, անմարդակային եւ գարշելի բռնագրաւումները, չարչարանքները համտեսող լեհ ազգի զաւկի մը  համար։

Միւս կողմէ, 2010 թուականէն սկսեալ, ժողովրդավարութեան կեղծ ու խաբուսիկ լոզունգի պատրանքներով, եւ միջազգային շահերու բախումները եւ փոխադարձաբար զիրար վերացնելու նպատակով,  միջին արեւելքի մէջ նոյն միջազգային սադրիչ որոմնացաններու նենգաբարոյ դաւադրութեամբ բոցավառող «Արաբական գարուն» անուանեալ հրեշային պատուհասը, իր քանդիչ ու թունաւոր ծիլերը կը փորձէր ծաղկեցնել, հասնելով Սուրիա մարտ 2011-ին, այդ պատճառով մեծ թիւով  գաղթականներու հսկայ ալիք մը կ՛աշխուժանար դէպի Եւրոպա, անոնց մէջ ըլլալով ստուար թիւով քրիստոնեաներ, հայեր։ 

2015 թուականէն սկսեալ, Լեհաստանի պետութեան այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական իշխանութեան յստակ դիրքորոշումն ու հաստատակամ որոշումն էր՝ 1) մենք գաղթականներ չենք ընդունիր, բայց երբեք պիտի չզլանանք մեր նիւթաբարոյական օգնութիւնները հասցնել այդ երկիրներուն մէջ բոլոր տառապեալներուն, 2) Օժանդակել քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները՝ չհեռացնելու իրենց հաստատուած բնակավայրերէն ու արմատացած բնօրրանէն, պահելու համար անոնց դարաւոր քրիստոնէական դիմագիծը, 3) Օժանդակել՝  չլքելու քրիստոնէական բազմադարեայ մշակութային եւ կրօնաբարոյական ստեղծագործութիւններու ժառանգութիւնը, եկեղեցիները, վանքերը, հաստատութիւնները։

Բնականաբար հոս կարելի չէ մոռնալ եւ բարձր պէտք է գնահատել թէ՛ հայ սփիւռքի զանազան միաւորներու եւ թէ՛ Հայրենիքի վիթխարի օժանդակութիւնները, որոնք միջոց ու դարման հանդիսացան ազգակից սուրիահայութեան։

Փրոֆ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

(Շարունակելի)

Արա Սայեղ ծնած է Հալէպ, Սուրիա։ Ներկայիս Փրոֆեսէօր եւ գիտաշխատող է Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի Ճարտարագիտութեան համալսարանի (Politechnika Wroclawska) ի
կենսոլորտի բաժանմունքին մէջ: Երկար տարիներու իր դասախօսական, գիտական եւ վարչական ներդրումը ունեցած է Հալէպի պետական համալսարանի ուժանիւթի բաժնի վերելքին։ Իբրեւ հալէպահայ իր տարիներու ծառայութիւնը եւ գործունեայ մասնակցութիւնը բերած է նաեւ ազգային, կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ իր զանազան յօդուածներով հանդէս եկած է Սփիւռքի ընկերային, պատմական եւ մշակութային, հայ եկեղեցւոյ ու այլ նիւթերու մասին, իր ստորագրած յօդուածներու մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն նաեւ լեհահայ համայնքի ժամանակակից եւ լեհահայոց` պատմական Սփիւռքի դարաւոր ժառանգութիւնը։ Հրատարակած է գիտական գիրքեր, անոնց կողքին հեղինակ է նաեւ մեծ թիւով գիտական յօդուածներու՝
արաբերէն, անգլերէն եւ լեհերէն լեզուներով: Գիտական խորհուրդի անդամ է Քրաքովի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի մէջ 2019 թուականէն գործող «Լեհաստանի`Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»ին մէջ։ Արժանացած է Լեհաստանի Նախագահի կողմէ շնորհուած «Ծառայութեան Արծաթեայ Խաչ» շքանշանին 2017 թուին առ ի գնահատանք՝ իր լեհահայ համայնքի մէջ գործօն մասնակցութեան։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան
Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան
1 month ago

Բարձր կը գնահատեմ այս ուսումնասիրութիւնդ լսիրելի Արա Ara Sayegh գոնէ հունտերը ցանեցիր յուսամ որ այդ մասին երկխօսութիւն կը սկսի հայ մամուլին մէջ։ Վարձքդ կատա՛ր։ Դիւրիւն ըմբռնելի չէր յօդուածը, ես քանիցս կարդացի, որ կարենամ գրել այդ մասին։
Երկու ճգնաժամեր նկատի առնուած են մէկը՝ Լիբանան եւ միւսը՝ Հալէպ։ Ազգային ղեկավարութիւնը երբեք պատրաստուած չէր Լիբանանի մէջ դիմագրաւելու 15 տարի տեւած այդ ճգնաժամը եւ այդ պատճառաւ երկիրը մեծաւ մասամբ պարպուեցաւ արտագաղթի պատճառաւ։ Կուսակցութիւնները պատասխապատու են այս հայաթափումին համար: Համահայկական մարմին մը համազգային ուժերով կրնար կանխել այս երեւոյթը։ Այսօր Լիբանանի մէջ հաստատութիւնները կը տառապին մարդուժի պակասէն մինչ պատերազմէն առաջ իրենք արտասահման կ’ուղարկէին մարդուժ։ Կառուցուած դպրոցական եւ այլ մշակութային հաստատութիւններու շէնքերը շատ մեծ են եւ չունին պէտք եղած թիւը աշակերտներու եւ միութենականներու։ Հալէպ նոյն վիճակին մատնուեցաւ։ Չկար կանխատեսում թէ Հալէպ եւս կրնար նման ճակատագրի ենթարկուիլ։ Այդ եռուն հայ կեանքին նօսրացումը եւ կործանումը կառոյցներուն յուսահատութեան մատնեց հալէպահայութիւնը։ Սիրելի Արա շատ տպաւորուած եմ դարման մը գտնելու քու ներկայացուցած ծրագրիդ նկատմամբ։ Արհեստագիտական խումբի մը օգնութեամբ եւ արդի telecommunication-ի համացանցի ընձեռած դիւրութիւններով սերտել եւ վերլուծել խնդիրները եւ լուծում առաջարկել։ Նոր կազմուող գաղութներու ովասիսները ղեկավարել յառաջ մղելով ծրագիրներ գիտակից հայը պատրաստելու եւ ոչ միայն զգացական հայը, որ աւելի հակած կ’ըլլայ ձուլումի։ Գիտաժողովներով մէջտեղ բերել նոր առաջարկներ եւ ազդու միջոցառումներով դիմագրաւել անվտանգութեան խնդիրները։ Ստեղծել բջիջ մը միաւոր մը ինչպէս կը թելադրես որ զբաղի գիտականօրէն այս հարցերով, եւ միացեալ ղեկավարութեան մը վերահսկողութեամբ։ Կարելի է գործակցիլ Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ AGBU նմանպհաստատութիւններու հետ եւ հիմնել նման հեղինակաւոր հաստատութիւններ։ Տակաւին Միջին Արեւելք ապրող հայութիւնը յաջորդ ճգնաժամին պէտք պիտի ունենայ տեղափոխուելու։ Աւելի լաւ պիտի ըլլար նման կազմակերպուած բջիջին օժանդակութիւնը ունենալ։ Արդեօ՞ք կարելի է զանոնք փոխադրել Հայաստան եւ այդ ծրագիրը յաջողցնել հայաստանի մէջ պայմաններ ստեղծելով թէ՛ գործի եւ թէ՛ բնակութեանպհարցերը լուծելով։
Առանց հայաստանի մէջ սփիւքահայերու համար յատուկ պայմաններ ստեղծելը ճիշդ չէ զանոնք տեղափոխել։ Հետզհետէ Միջին Արեւելքէն պիտի պարպուի Քրիստոնեաներէն եւ հայերէն։ Այժմէն պատրաստուելու է մօտ ժամանակաշրջանի մը մէջ Լիբանանէն , Սուրիայէն , Իրաքէն եւ ինչու չէ նաեւ Իրանէն արտագաղթել ուզող հայերով։Ազատուհի

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x