«Հալէպի ողբերգութիւն» ․․․․ Սփիւռքահայութեան գոյատեւութիւնը (sustainability) (Գ. Մաս)

2. Սփիւռքահայ հաւաքական միգամած յիշողութեան հրատապ օրակարգը

 Փորձեցի փլուզումի եզրին հասնող, օր ցերեկով կենսունակ եւ ինքնավարութեամբ յատկանշուող կայուն կաղնիի նման սուրիահայ գաղութին հոգեվարքի իրավիճակին հասնող համայնքին էութենական դրուածքի մասին հարթակ մը պեղել։ Դէպի ճգնաժամային վիճակին գլորուող, հալէպահայութեան տագնապի մասին հաւաքագրող, փաստագրող, ամրագրող, տեղեկութիւններով հարուստ հաւաքածոյ աղբիւրի մը, կայքէջ մը գտնել, ի վերջոյ հաւաքական մեր հաւաստի տեսակէտը, լրահոսը, խօսքը եւ խորհուրդը կարդալ, հեռու դիմատետրային  հաղորդակցութիւններէ։ Վերոյիշեալ լուսանկարներու հատորին նմանող, տագնապ ապրած Սուրիոյ հայ համայնքի մասին հրապարակուած լուսանկարներ, հայերէնով արժանահաւատ տեղեկագիրներ փնտռել։

Ինչպէ՞ս տեղեկութիւններ չփնտռել ու չանդրադառնալ Սուրիոյ տագնապի տարիներուն՝ հայ մարդուժի հսկայական կորուստներուն, սուրիահայ նահատակներուն, զոհուած հայ զինուորներուն, անսիրտ դիպուկահարներու փամփուշտներով սպանուածներուն, անվերադարձ առեւանգուածներուն, անյայտ պայմաններով եւ պատճառներով կորածներուն։ Ինչպէ՞ս չպեղել տնտեսական վիթխարի կորուստները, հայ աշխատուժի քանդումը, որ իր ներգործող պիտանի դերակատարութիւնը ունեցած է Սուրիոյ արհեստագիտութեան վերելքին, Հալէպի հայկական թաղամասերու մէջ եւ մանաւանդ Սուրիոյ տնտեսական բազկերակը նկատուող Հալէպի արհեստանոցներու եւ արդիւնաբերութեան հանրահռչակ ոստանի մէջ հարիւրաւոր հայ արհեստաւորներու փոքր եւ մեծ արհեստանոցներու եւ գործատեղիներու, մթերանոցներու ռմբակոծումները, քանդումները, թալանումը, որ պատճառ դարձաւ անհաւատալի գումարներու փճացումին, հայ դրամատէրերու սնանկացումին, գործարար շրջանակներու անվերականգնելի տնտեսական ու նիւթական ուժաթափումի, արդիւնաբեր մարդուժի, արհեստաւորներու եւ աշխատուժի համակարգերու անարդար եւ անմեկնելի կազմալուծումին։ Անժխտելի է, որ պատերազմի քաոսային իրավիճակի տեւողութեան, ո՛չ միայն տեղացի, այլ նաեւ հայ սեփականատէրերուն, բազմահազար հայ արհեստաւորներու պատկանող խանութներու եւ մանաւանդ աշխատանոցներու կողոպուտի անհաշիւ թալանումը ընթացաւ ո՛չ միայն հակապետական, ահաբեկչական եւ ընդդիմադիր խմբակներու կողմէ, այլ յաճախ իրականացաւ պետական բանակային միաւորներու մասնակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ։

Ուզեցի պեղել նաեւ արտագաղթած հայ մարդուժի թուային պատկերը, տոհմական անուանացանկերու, անվերականգնելի կորուստներու, կալուածներու հաշուէ աղիւսակներու եւ յատկապէս օրէ օր, տարիներու սահանքին հետ մեր հաւաքական եւ պատմական միգամած յիշողութենէն մոռցուիլ փորձող տուեալներու, տեղեկութիւններու շտեմարան մը գտնել։

Բնականաբար ամէնագէտ համացանցի ովկիանոսին մէջ երկար փնտռտուքի լծուեցայ, ուզեցի ճղակտոր դարձած, բայց արմատախիլ չեղած հալէպահայ համայնքի խոշտանգումներու եւ ճակատագրական խորտակումի պայմաններու մէջ յայտնուած հայութեան տագնապի մասին մանրամասնութիւններ բովանդակող համացանցային հարթակ մը գտնել։ Բայց ապարդիւն էր փնտռտուքս ։

Սուրիոյ տագնապի ուժգին հարուածէն ետք, յետպատերազմի՝ անբաղձալի, երբեմն ալ անյոյս, անորոշութեամբ թաթաւուն, երկրի շարունակուող շրջափակման, տնտեսական պատճամիջոցներու, Սուրիոյ բնական հարստութիւններու յափշտակման, կազմաքանդումի եւ յուսաբեկութեան յայտնուած իրավիճակ մը կը տիրէ ներկայիս: Տագնապի կցորդող Գորդեան հանգոյցի բարդ եւ դժուարալոյծ այս ըմբռնելի իրավիճակին մէջ, յատկապէս փետրուար 2023-ի աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքներով ներկայիս հասանելի չէ Բերիոյ հայոց թեմի անցեալի ժրաջան ու մշտաթարմ կայքէջը, կարելի չէ համայն աշխարհին բացուող ու պատմական սաղարթախիտ Սուրիահայութեան գոյերթը ծանօթացնող, կենսունակ ու հայատրոփ կեանքը արտացոլող կայքէջը ընթերցել [2]։

Բայց բնական է, երբ չկայ հայ սփիւռքի տագնապները, արտագաղթերը հաւաքագրող մարդաբանութեան (Anthropology) համահայկական հարթակ մը։ Կարելի չէ գտնել վերոյիշեալ անսպասելի կարծուած կամ անկանխատեսուած թուացող Սուրիոյ տագնապէն ետք աշխարհացրիւ շատերուս ակնալութիւնները բաւարարող նոյնիսկ համասփիւռքեան հայ գաղութներու տեղաշարժերու բովանդակալից կայքէջ մը կարդալ։ Նման համապարփակ գիտելիքներու հայերէնով կամ բազմալեզու արժանահաւատ հարթակ մը չունինք։ Օրակարգ մը, որուն պատմափաստագրական թելադրականութիւնը ուղղորդող այժմէականութիւն է, անուրանալի դաստիարակչական պատգամ մը։ Ուղենշային դիտարկումներ կրնան  առաջադրել հայ գաղութներու, հայ փոքրամասնութիւններու, համայնքներու տեղաշարժերուն, տեղափոխութիւններուն, տեղաբաշխումներուն եւ մանաւանդ անկասելի հայաթափումի հետ առնչուած մարտահրաւէրին։ 

Իրականութիւն է նաեւ, որ սփիւռքի հայ գաղութներու պատմութեան մէջ Սուրիոյ տագնապը ընդհանրապէս եւ հալէպահայութեան ողբերգութիւնը միակը չէր եւ վերջինը պիտի չըլլայ, նոյնիսկ գերուժ (superpower) կարծուած պետութիւններն ու հոն ապրող հայկական համայնքներն ալ զերծ չեն, ենթարկուած են նման  տագնապներու։

3. Կային ու չկան, անկասելի տեղաշարժեր՝ հայաթափում

 Սփիւռքահայ պատմութեան նորագոյն ժամանակներու մէջ միայն ութսունհինգ տարիներ անցած են հայ փոքրամասնութիւններու առաջին հայաթափումէն, երբ  Ֆրանսան 15 Յուլիս 1938 թուին Թուրքիոյ նուիրեց իր հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ տարծքին մաս կազմող Ալեքսանտրէթը (Սանճաք), Սուրիական Լիուաա Իսկենտերունի մարզը։ Այդ մարզէն, Պէյլանի եւ Մուսա լեռան գիւղերէն, հայ բնակչութիւնը Թուրքիոյ իշխանութեան չենթարկուելու համար ձգեց իր դարաւոր բնակավայրերը, տունն ու տեղը, հողերն ու այգիները, կալուածները եւ բռնեց գաղթի ճամբան։ Հայեր լքեցին ամէն ինչ եւ անցան Սուրիոյ իշխանութեան տարածքներ։ Ապագային հայերու տեղաշարժեր տեղի ունեցան այս անգամ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան Ազէզէն, Սալամիէյէն եւ հարաւային շրջաններէն։

Արտագաղթեր, տեղաշարժեր տեղի ունեցան նոյնպէս սփիւռքի զանազան հայ գաղութներէն, իրենց ապրած երկիրներուն մէջ պատահած բազմապիսի տագնապներու պատճառով։ Իսկենտերունի մարզի հայաթափումէն ետք, պարզապէս հաստատելու համար կարելի է վերյիշել հայ փոքրամասնութիւններու զանգուածային տեղաշարժերը, որոնք տեղի ունեցած են տարբեր քանակներով եւ երբեմն տարբեր փուլերով, ինչպէս՝ Յունաստանի (1940-1970), Ռումանիոյ (1945-1970), Յորդանանի (1950-1970), Կիպրոսի (1955-1970), Իրաքի պատերազմին 2003-ին, Թուրքիոյ, Իրանի, Սուտանի, Պուլկարիոյ, Սուրիոյ (1950-ականերէն ետք), Պաղեստինի, Լիբանանի (1975-1990) սարսափեցնող տեղաշարժերն ու արտագաղթերը, անշուշտ աչքաթող չըլլալով նաեւ Հայաստանէն հսկայ թիւերով արտագաղթերը, մանաւանդ Հայաստանի անկախութենէն ետք հասնելով մինչեւ Արցախահայերու ցեղային զտումներու, սպանդային եւ արմատախլման սպառնալիքի տակ իրականացած բռնագաղթը 19 սեպտեմբեր 2023-ին։

Իրականութիւն է, որ հայաթափումները եղած են անցաւոր, սակաւ մտատանջող, կարճ ժամանակ մը ետք դարձած են անցեալի պատմութիւններ, գլորուելով մոռացութեան կամ աւելի ճիշդը պատմութեան գիրկը անցած են, բացի 1915 թուի հայոց պատմութեան արիւնալի մեծագոյն ցեղասպանութիւնը, հայոց մեծազանգուած աղէտը, երբ Արեւմտահայաստանի ազգաբնաջնջմամբ հայ ազգը հայաթափուեցաւ, հայերը զանգուածային ձեւով ջարդուեցան, իսլամացուեցան, թրքացուեցան, բռնագաղթուեցան, հողազրկուեցան, սփիւռքացան ու մանաւանդ հայրենազրկուեցան եւ հարկադրաբար դարձան աշխարհաքաղաքացիներ։

Պահ մը մտածենք, ի վերջոյ յաջորդող հայ սերունդներ, հետաքրքուողներ, գիտահետազօտողներ, պրպտողներ ու՞ր պէտք է գտնեն սփիւռքահայութեան արտագաղթերու, տեղաշարժերու եւ անարգել հայաթափումի պատմութիւնը ներկայացնող վիճակագրութիւնները, վաւերագրական տեղեկագիրները, ամբողջական մանրամասնութիւնները։ Վստահ, որ այդ բոլորը ապահով կը գտնուին հանրագիտարաններու, անշունչ պատմագիտական հատորներու, աշխարհացրիւ գրադարաններու, շքեղ թանգարաններու դարաններուն մէջ, մէկ խօսքով մեր արտագաղթերու ողբերգութիւնները, հայաթափումի օրակարգը անհանգստացնող գերմարտահրաւէրներ չեղան, մենք այդ մարտահրաւէրներով չենք տագնապած, տեսլական մը կամ գործնական ծրագիրներով չենք զրահապատուած կանխելու սփիւռքահայ հայաթափումի յաջորդող նման եղելութիւնները։ Ի՞նչու մեր արտագաղթերու, տեղաշարժերու եւ  հայաթափումի ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԴԱՍԵՐ ՉԵՆՔ ՔԱՂԱԾ, ՉԵՆՔ ՔԱՂԵՐ։

Մենք ո՛չ միայն գրադարանացուցած ենք հայաթափումի մարտահրաւէրը, այլեւ իրականութեան մէջ թանգարանացուցած ենք, ապա զայն պատմականացնելով դիմած ենք բազմազան մեծաշուք յուշամատեաններ պատրաստելու մեծածախ ծրագիրներուն։

Արդեօք ժամանակը չէ՞ այդ բազմահարուստ մատենագիտութիւնը լոյսին հանել, ծանօթացնելու  սփիւռքահայութեան կարողականութիւնը եւ յատկապէս հայու մարդաբանութիւնը։ Ճիշդ է որ կային, բայց չվերադարձան, իրենց հետ տարին ապրուած հայու կեանքի ընդհանրապէս աննիւթեղէն ժառանգութիւնը, գոյացութեան սեփական դրոշմը, հայ մարդու գոյատեւութեան  նշոյլները։

Հոս կարելի է սփիւռքի հաստատութիւններէն օրինակ մը յիշատակել, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի սխրալի գործունէութիւնը, կազմակերպած գիտաժողովները, երախտաշատ հրապարակումները, ուսումնասիրելու հայկական սփիւռքի, յատկապէս միջին արեւելեան գաղութներու՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուտանի, Քուէյթի, ԱՄԷ-ի եւ այլ երկիրներու պատմութիւնը, ուշադրութիւնը բեւեռելով հայ փոքրամասնութիւններու  պատմութեան, մշակոյթին, հիւրընկալ երկիրներուն եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վրայ, հակիրճ խօսքով մասամբ մը  գիտականօրէն պատմականացուցած է մեր ապրուած սփիւռքահայ կենսարար կեանքի մէկ համեստ մասնիկը։ Գովելի այդ աղբիւրագիտութիւնը կը շարունակէ պատմականացած բազմահատոր յուշամատեաններու ընդունարան մը մնալ։ 

4. Գործնամէտ սփիւռքագիտութիւնը եւ սփիւռքահայ տագնապներու մարդաբանութեան (Anthropology) հեռանկարը

Փնտռտուքիս հիմնական բնագաւառներէն մէկն էր նաեւ, Սուրիոյ տագնապի ընթացքին սուրիահայ համայնքի պատերազմի մարդաբանութեան հեռանկարը գտնել, անշուշտ հայ համայնքի առնչութեամբ զինուած հակամարտութեան կորուստներու, տառապանքներու մարդաբանութեան հեռապատկերը պեղել։

Սփիւռքագիտութիւնը պատմագէտներու եւ  ակադեմականներու մասնագիտական պեղումներու, վերլուծումներու եւ որոնումներուն պարարտ հետաքրքրութիւն մը եղած է, գիտաժողովներու գրաւիչ վերնագիրներու արժանացած հարուստ աղբիւրներով ներհուն նիւթ մը։ Բայց Սփիւռքագիտութիւնը սփիւռքի դիմագրաւող մարտահրաւէրներու, հիմնախնդիրներու, պեղումներուն տեսական դաշտէն իր յանձնարարող, կամրջող, իրագործելի ծրագիրներով, կիրառական դաշտը չէ հատած, ուղղորդելու կիրարկելիութեան գործիքակազմեր եւ գործընթացներ որոնելու մեծամտութիւնը չէ ունեցած։

Ինչպէ՞ս բացատրել սփիւռքագիտութիւնը մեր նոր սերունդներուն համար, որուն գործնամէտ հիմնական նպատակն է կառուցել ու ամպրապնդել ինքնաճանաչողութիւնը։ Մինչ օրս, նոր սերունդին համար Սփիւռքագիտութեան գործնամէտ հեռանկարը ենթադրեալ կամ անգոյական (virtual) մնացած է եւ կը յամենայ մնալ վերացական պատկեր մը, քիչ յաղորդակից եւ նուազ խրախուսիչ: 

Սփիւռքագիտութիւնը իր ակադեմական, տեսաբանական, գիտահետազօտական եւ հայագիտական հիմնարկներէն անդին ընդլայնելը, դպրոցական գրասեղաններէն սկսեալ իբրեւ գիտական կրթանք (discipline) կամ իբրեւ իրապաշտ պարունակով ծրագիր մը, գործնական աշխատանոցներով ներկայացնելը կը հարկադրէ մեր պատմական նոր-հին, խոտորումները, թերացումները, վերջին տասնամեակներու մարտավարական սխալներն ու բացթողումները, սայթաքումները քննարկելու։

Նոր սերունդին մօտ քննադատական մտածողութիւնը ընդլայնելու, միօրինակութենէ փախչելով, տափակութենէ դուրս գալով, գիտական այս կրթանքին որոնող մտքի խոկումներ  մշակելու, մէկ խօսքով մտածումներու սլացք, ուղեղային գրոհ (brain storming) մը յառաջացնելու։ Նման վարժանքներ, ժամանակաշունչ թելադրականութեամբ՝ վերլուծող են եւ քննական, ուժը տալով մտածողութեան եւ տրամախոհութեան, որոնք վստահօրէն՝ գործնամէտ եւ կողմնորոշիչ կրնան դառնալ, մեր համայնքներու դէմ ցցուող անսպասելի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:

Աշխարհացրիւ մեր ամէնօրեայ թէ միօրեայ դպրոցներու մէջ, սփիւռքագիտութիւնը լուսարձակի բերող խտացեալ եւ սերտուած կրթական ծրագիր մը չունինք, չենք մշակած։ Զլացած ենք նոյնիսկ պարզաբանող համեստ դասապահ մը տրամադրելու, բացատրելու, լուսաբանելու «Սփիւռք»-ը, հայ սփիւռքը տագնապեցնող իրատես մարտահրաւէրները, «Հայ սփիւռք» բառակապակցութիւն իմաստի տեսադաշտը մնացած է անմեկնելի, երբեմն ալ անորոշ ու վիճելի։ Իսկ ժամանակակից սփիւռքամտութիւնը, «Հայ սփիւռք»-ի պատկանելիութիւնը, անվտանգ լինելութեան երաշխիքները, լինելակերպի հեռատեսութիւնը՝ մնացած են մշուշապատ եւ ենթակայական։

Բայց մեր դպրոցներուն մէջ ուռճացուցած եւ փառաբանած ենք մեր պատմական հպարտութիւններով հաճոյանալու, ամեակներով հպարտանալու չափազանցուած ընկալումները, որոնք երբեմն ունայն ինքնախաբէութեան եւ սնափառութեան մոլուցքով կրնան սնանել մեր սերունդները։

Միտք բանին այն է, որ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ փոքրամասնութիւններու տագնապները, զանգուածային տեղաշարժերը, արտագաղթերը, պատմական իրադարձութիւնները թելադրիչ, քննադատական եւ իրապաշտ մտածողութեամբ լուսաբանելու, խրատելու, ուղղորդելու, յորդորելու ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ մը չենք ունեցած, չենք խթանած նման ծրագիր մը մշակելը։

Հետեւողաբար նման ծրագիր մը մշակելը, զարգացնելը, ընդարձակելը անպայմանօրէն բազմօգուտ է, աղետներու եւ ճակատագրական պահերու մեր վերաբերմունքը արհեստավարժ ձեւով տնօրինելու եւ հեռատես ճարտարութեամբ կենցաղավարելու, հայ համայնքներու կայունութիւնը ապահովելու, զօրացնելու համար։ Բնականաբար հարկ է, որ զուգորդուի ու ագուցուի անվտանգութեան ռազմավարութեան մը գործնական ծրագրի մը հետ։ Հաւատալով, որ հայ համայնքներու անվտանգութիւնը հայ ինքնութիւնը զրահաւորելու, պաշտպանելու եւ փրկելու հիմնական երաշխիքներէն մէկն է, եթէ ոչ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆԸ։

Անշուշտ հայապահպանումի ազգային պարունակի գերագոյն արժէքը հանդիսացող  հայերէն լեզուի անվտանգութեան անվիճելի ներքնախարիսխին՝ հայերէն լեզուի եւ լեզուամտածողութեան գերակայութեամբ՝ որ մեր ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ հիմնասիւնն է, լինելութեան հիմնաբերդը [3]։

Մեր լեզուն, որպէս աւելի մեծ լեզուական աշխարհի մէկ ոստ, անկասելի հայաթափումի, հայ փոքրամասնութիւններու զանգուածային տեղաշարժերու եւ   անդրազգայնացումի՝ (Transnational) աշխարհաքաղաքացիութեան համարկումի յորձանուտին մէջ կը մնայ  անպատսպար, ենթակայ աղաւաղումի, անկայունութեան եւ անզուսպ նօսրացումի:

 

Արա Սայեղ ծնած է Հալէպ, Սուրիա։ Ներկայիս Փրոֆեսէօր եւ գիտաշխատող է Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի Ճարտարագիտութեան համալսարանի (Politechnika Wroclawska) ի
կենսոլորտի բաժանմունքին մէջ: Երկար տարիներու իր դասախօսական, գիտական եւ վարչական ներդրումը ունեցած է Հալէպի պետական համալսարանի ուժանիւթի բաժնի վերելքին։ Իբրեւ հալէպահայ իր տարիներու ծառայութիւնը եւ գործունեայ մասնակցութիւնը բերած է նաեւ ազգային, կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ իր զանազան յօդուածներով հանդէս եկած է Սփիւռքի ընկերային, պատմական եւ մշակութային, հայ եկեղեցւոյ ու այլ նիւթերու մասին, իր ստորագրած յօդուածներու մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն նաեւ լեհահայ համայնքի ժամանակակից եւ լեհահայոց` պատմական Սփիւռքի դարաւոր ժառանգութիւնը։ Հրատարակած է գիտական գիրքեր, անոնց կողքին հեղինակ է նաեւ մեծ թիւով գիտական յօդուածներու՝
արաբերէն, անգլերէն եւ լեհերէն լեզուներով: Գիտական խորհուրդի անդամ է Քրաքովի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի մէջ 2019 թուականէն գործող «Լեհաստանի`Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»ին մէջ։ Արժանացած է Լեհաստանի Նախագահի կողմէ շնորհուած «Ծառայութեան Արծաթեայ Խաչ» շքանշանին 2017 թուին առ ի գնահատանք՝ իր լեհահայ համայնքի մէջ գործօն մասնակցութեան։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x