Կո՛չ արեւմտահայերէնի պատասխանատու գործածութեան

Հայ ժողովուրդի կարեւոր հատուածին պարտադրուած սփիւռքացումը մէկ կողմէ, իսկ համաշխարհայնացումը միւս կողմէ, ուր տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու ծովածաւալ յորձանուտին մէջ լեզուներ ու մշակութային ինքնութիւններ այլասերելու եւ նոյնիսկ լուծուելու վտանգին դէմ-յանդիման կը գտնուին, կարելի չէ թերագնահատել արեւմտահայերէնի պահպանման կարեւորութիւնը՝ իր լեզուամտածողական կանոններով ու քերականական օրէնքներով: Արեւմտահայերէնը՝ հայ ժողովուրդի լեզուական գոհարներէն մէկը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի իսկ բնորոշումով՝ վտանգուած է:

Արեւմտահայերէնը աղաւաղումէ եւ կորուտէ փրկելու իմաստով հայոց պատմութիւնը ոսկի տառերով պիտի արձանագրէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կատարած բոլոր նախաձեռնութիւնները: Սակայն, մինչ միջազգային մարմիններ ահազանգ կը հնչեցնեն եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի նման հիմնարկներ սրտցաւ ճիգեր ի գործ կը դնեն արեւմտահայերէնը փրկելու համար, անդին արագ ակնարկ մը հայ մամուլին վրայ կը բացայայտէ յուսահատեցնող իրականութիւն մը, որ կը յատկանշուի լեզուի գործածութեան մէջ բծախնդրութեան բացակայութեամբ՝ նոյնիսկ անոնց կողմէ, որոնք կը յաւակնին տէր կանգնելու անոր:

Հայ մամուլը, գրաւոր թէ առցանց, առանցքային դեր կը խաղայ հանրային կարծիքի ձեւաւորման, մշակութային արժէքներու հսկողութեան ու գոյատեւման եւ ամենէն կարեւորը՝ լեզուական ժառանգութեան պահպանման մէջ: Սակայն ընդհանրապէս այս ոլորտներուն նկատմամբ ցուցաբերուած համատարած անհոգութիւնը կը սպառնայ նոյնիքն արեւմտահայերէնի էութեան: Խմբագիրներ, գրողներ, որոնք ենթադրաբար տէր պէտք է  կանգնէին արեւմտահայերէնին ու անոր դատին, յաճախ թոյլ կու տան կամ իրենք կը գործեն անպիսի անտանելի ու աններելի սխալներ, որոնք կը խաթարեն այն լեզուն, որուն իբրեւ պաշտպան կը ներկայանան անոնք:

Արեւմտահայերէնի աղաւաղումը ու մաշումը լեզուական մտահոգութիւն մը չէ լոկ, այլ սպառնալիք մը մեր ինքնութեան պահպանումին: Մեր լեզուն այն միջոցն է, որուն ճամբով կը փոխանցուին մեր անցեալի հարստութիւնը, մեր պատմութեան գաղափարական թելադրանքներ, իմաստն ու ծալքերը, ինչպէս նաեւ մեր մշակութային ինքնութեան խորքը: Այս ծիրէն ներս մամուլին ունեցած պատասխանատուութիւնը հսկայական է: Սխալները, ըլլան աննշան թէ աղաղակող, կամաց-կամաց կը կուտակուին՝ աստիճանաբար խաթարելով լեզուին վաւերականութիւնն ու առաքելութիւնը: Այս լեզուն իբրեւ աւանդ տրուած է մեզի, ուստի պէտք չէ պատանդ դարձնենք զայն եւ քմահաճօրէն վարուինք անոր հետ:

Կարելի չէ անտեսել այս զաւեշտը, որ երբ նոյն բեմերէն լեզուի պահպանման բուռն կոչեր կը հնչեն, միաժամանակ «անզգոյշ» կամ երբեմն յամառ ու գիտակցուած սխալները կը գործուին: Այս անտեսումները դուրս կու գան զուտ տպագրական սխալներէ. անոնք կ’արհամարհեն արեւմտահայերէնի հիմքը կազմող նրբերանգներ, շարահիւսութեան կանոններ ու քերականական օրէնքներ: Նման անփութութիւն ցուցանիշ է արեւմտահայերէնի դատին հանդէպ նուիրուածութեան բացակայութեան եւ կը վտանգէ նոյնիքն մեր ինքնութիւնը, որուն պաշտպանութեան դրօշակակիրները ըլլալու հանքամանքով յաճախ կը ներկայանանք:

Մենք՝ որպէս անհատներ ու հաւաքականութիւն, մեր պարտականութիւնը կը համարենք  հայ ՝ մամուլէն, խմբագիրներէն ու աշխատակիցներէն պահանջել աւելի բարձր որակ ու բծախնդրութիւն: Լեզուի պահպանման ջատագովութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի հռետորաբանութեամբ, այլ պէտք է դրսեւորուի արեւմտահայերէնի բծախնդիր գործածութեամբ: Խմբագիրները` որպէս մեր լեզուական ժառանգութեան պահապաններ, պէտք է բաւարար գիտակցութիւն եւ պատասխանատուութեան զգացում ունենան ու երաշխաւորեն, որ իրենց աշխատանքը դրականօրէն նպաստէ լեզուի պահպանման ճիգերուն, այլ ոչ թէ անոր աղաւաղման ու նսեմացումին: Անշուշտ բոլոր խմբագիրները նոյն ջուրով չենք լուար, բայց ցաւ ի սիրտ՝ անոնց թիւը քիչ չէ: Հոս կը ծագի հարց մը, որ բացատրութեան կը կարօտի:

Երբ մեր խմբագիրներուն ուշադրութեան կը յանձուին սպրդած կոպիտ սխալները եւ  կ’առաջարկուին սրբագրութիւններ, քիչ կը պատահի, որ անոնք շնորհակալ ըլլան ու կիրարկեն նշուածները: Ընդհակառակն, ոչ միայն սրբագրութիւնները չեն գործադրեր ու կը մերժեն նշուածները, այլեւ սրբագրողը: Այսօր արեւմտահայերէնը ունի ջերմ, մոլեռանդ եւ լեզուին քաջածանօթ պաշտպան մը՝ յանձին բժիշկ Արմենակ Եղիայեանի: Թերեւս ոճը խիստ է, երբեմն սխալները չախող ու վիրաւորող, բայց գրեթէ միշտ՝ իրաւացի: Նախ՝ մեր խմբագիրները գրեթէ չեն կիրարկեր Արմենակ Եղիայեանի սրբագրութիւններուն մեծ մասը՝ առանց նոյնիսկ դիմելու ինքնապաշտպանութեան: Եթէ լեզուականօրէն համամիտ չէք անոր ըսածին՝ պատսխանեցէ՛ք տուեալներով, փաստեցէ՛ք, որ դո՛ւք ճիշդ էք, բայց ո՛չ անտարբերութեամբ, անտեսելով ու արհամահանքով: Այս գոռոզութիւնը միայն վնաս կը պատճառէ մեր ոսկեղէնիկին:

Որպէս արեւմտահայերենի ջատագովներ՝ մենք պատասխանատուութեան կը հրաւիրենք նաեւ մենք զմեզ: Քննադատութիւնը ըստ էութեան դատապարտումի միտումով չենք կատարեր, այլ մեր ինքնութեան պահպանման առաքելութեան մէջ, մեր լեզուին ունեցած կենսական դերակատարութիւնը ընդգծելու նպատակով: Բայց կը դատապարտենք անտարբերութիւնն ու գոռոզութիւնը: Իբրեւ մամլոյ ներկայացուցիչներ՝ բոլորս պէտք է ձգտինք, որ իւրաքանչիւր բառ, իւրաքանչիւր նախադասութիւն եւ յօդուած նպաստէ արեւմտահայերենի կենսունակութեան ու յարատեւութեան: Այս ձեւով մենք ո՛չ միայն յարգած կ’ըլլանք մեր լեզուական ժառանգութիւնը, այլեւ ամրացուցած՝ մեր մշակութային ինքնութեան հիմքերը գալիք սերունդներուն համար:

                                                                                                Վարուժան Թէնպէլեան

 

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

3 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Arpi koulajian
Arpi koulajian
3 months ago

Համամիտ եմ ձեր գաղաբարին։
Չենք կրնար փոխել արեւելահայերէնի։
Ինչպե՞ս ուսանող ներուն նոր գրքեր տպել։
Պէտք է զուգահեռ երկուսը շարունակուին։

Դր. Համբարձում Յարթունեան։ Վիեննա / Աւստրիա
Դր. Համբարձում Յարթունեան։ Վիեննա / Աւստրիա
3 months ago

Լիովին համաձայն եմ գրութեանդ։
Ո՜ղջ մնաս։

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան
2 months ago

2015 թուականին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Անթիլիասի մէջ կազմուած էր արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով մը, որուն անդամակցելու հրաւիրուած էր սփիւռքահայ պատկառելի մտաւորականներու հոյլ մը։ Նկատի ունենալով, որ վերջին տարիներուն Ձեր յօդուածին նման ահազանգող բազմաթիւ կոչեր կը հնչեն արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան կամ «պատասխանատու» գործածութեան վերաբերեալ հայ մամուլի էջերուն մէջ, հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ, թէ ի՞նչ եղաւ վերոնշեալ յանձնաժողովին գործունէութիւնը, արդեօք առ այսօր ինչպիսի՞ յաջողութիւններ կրցաւ արձանագրել անոր առաքելութիւնը։
Պէտք է ընդունիլ այն փաստը, որ հայ սփիւռքը պետութիւն մը չէ, որուն պետական լեզուն ըլլար հայերէնը, իսկ անոր առաջնահերթ պարտականութիւններէն մին՝ արեւմտահայերէնի պահպանման կամ զարգացման խնդիրը։
Անգնահատելի են այս ուղղութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին, Արմենակ Եղիայեանի, Յակոբ Չոլաքեանի, Լեւոն Շառոյեանի եւ այլ վաստակաւոր մտաւորականներու կատարած ներդրումները։ Որքան ալ ընդհանուր երախտագիտութեան արժանի ըլլայ անոնց վաստակը, միեւնոյն է, այդ ներդրումները ունին անհատական բնոյթ եւ, ի վերջոյ, ինչքան ալ ճիշդ ըլլան անոնց արեւմտահայերէնի վերաբերեալ քերականական, ոճաբանական ու բառամթերքի գործածութեան հետ կապուած առաջարկները՝ կը կրեն անձնական բնոյթ։ Բաց աստի, անոնց բերած բոլոր առաջարկներուն հետ պայման չէ, որ ամէն մասնագէտ համաձայն ըլլայ։
Ունի՞ սփիւռքը հեղինակաւոր մարմին կամ արեւմտահայերէնի ուսումնական հաստատութիւն կամ գիտահետազօտական հիմնարկ մը, որուն լեզուագիտական առաջարկները, լեզուաոճային ուղեցոյցներուն սահմանումները ըլլան համոզիչ եւ ունենան սփիւռքի կամ արեւմտահայերէնի գործածութեան համար պարտաւորեցնող օրինաչափութիւն։ Ցանկալի պիտի ըլլար մտածել նաեւ այս ուղղութեամբ, առաւել եւս, աւելի շուտ քան երբեք, իրագործել նման հաստատութեան մը կայացումը։ Կոչերէն անդին անկարելի բան չկայ, եթէ ձեւաւորուի համակարգ, տրամադրուին նիւթական համապատասխան միջոցներ, նաեւ այս ուղղութեամբ նախաձեռնուի նպատակային աշխատանքի ուղեցոյցի մը։

3
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x