Խօսք` իմ աշակերտներուս

Լենա Պողոսեան

Օր մը ես ալ աշակերտ էի ճիշդ քեզի պէս: Ես ալ դպրոց կը յաճախէի, նոր գիտելիքներ կ’ամբարէի, երազներ կը հիւսէի՝ մինչ կը պատրաստուէի անորոշ ապագան դիմագրաւելու: Միեւնոյն ատեն, օր ըստ օրէ սէրս կը բազմապատկուէր իմ հայերնիքիս, հաւատքիս ու հայկական ինքնութեանս նկատմամբ, որոնք հետզհետէ արմատ կը նետէին հոգիիս ու առօրեայիս մէջ, մինչ ես հասակ կ’առնէի հայ, ջերմ ու տաքուկ միջավայրի ու ընտանիքի մը մէջ:

Տարիներ ետք, ահա այսօր կը դիտեմ քեզ՝ իմ սիրելի աշակերտս. նստած ես գրասեղանիդ ետեւ եւ գրիչը ձեռքդ կը փորձես գրի առնել իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, որ կը փոխանցուի քեզի: Կը դիտեմ քեզ, երբ աչքերդ լայն կը բանաս մտքիդ հետ, որ աւելիով ըմռնես եւ իւրացնես քեզի փոխանցուած գիտելիքները: Այո՛, կը դիտեմ քեզ նոյնիսկ երբ պատուհանէն դուրս կը նայիս ու կարծես կապ մը կը փնտռես քու դասարնիդ եւ դուրսի աշխարհին միջեւ: Կը սպասեմ հարցումներուդ, որոնք չեն ուշանար ու անձրեւի պէս կը տեղան դասարանին մէջ:

Հարցումներու այս տարափը ուարախութիւն կը պատճառէ ինծի եւ բոլոր ուսուցիչներուդ: Հարցադրումը կը զարգացնէ միտքդ, կը յագեցնէ գիտելիքի ծարաւդ եւ կը հարստացնէ ներաշխարհդ: Տակաւին՝ կ’օգնէ փարատելու կասկածներդ ու վախերդ եւ պատրաստուելու նորանոր մարտահրաւէրներու այդ դասարանէն անդին, չափահաս կեանքիդ մէջ: Թէեւ երբեմն դասանիւթէն անկապ, դիտումնաւոր ու ճարպիկ հարցումներով կը փորձես շեղել պահը ու ժամանակը այլ ձեւով սահեցնել: Այդ ալ գիտեմ ու կը սպասեմ յաճախ՝ պատրաստ անոնց ուղղութիւնը փոխելու եւ հետաքրքրութիւնդ ուղղելու այնպէս, երբ ալ անոնք կը դադրին անկապ ըլլալէ եւ այլապէս մտքի նոր հորիզոններ կը բանան այլեւս. չէ որ ես ալ օր մը աշակերտ եղած եմ….

Կը դիտեմ քեզ երբ կը փորձես ծածուկ ուրիշ բան մը սերտել, բայց երբ այդ ուրիշը ժամագիրք է՝ մօտենալով կը հարցնեմ. «տղա՛ս իմ դասապահիս ուրիշ նիւթ կը սերտե՞ս», պատասխանդ չ’ուշանար, «ներեցէ’ք օրիորդ այս դասանիւթ չէ, այլ աղօթագիրք»: Ըսելիքներս կը դադրին ու լուռ կը մնամ. երանի թէ մեր բոլոր հայ տղաքը այս նախանձախնդիր ոգիիով եւ կամովին սերտեն ու սորվին մեր աղօթքները, զորս մեր հայրապետները՝ Նարեկացի, Շնորհալի ու ուրիշներ դարեր առաջ գրած են երկնային ու աստուածատուր շնորհքներով՝ մեր եկեղեցւոյ ու քրիստոնեայ հաւատքին զօրութեանը նուիրուած: Ահա՛, ես այսօր քեզ կը տեսնեմ իբրեւ ժառանգորդ մը անոնց աւանդին՝ փոքր տարիքէդ մեծ պատասխանատւութիւն շալկած ուսիդ, ու յանկարծ…դաստիարակի իմ պատսխանատւութիւնս կը շեշտուի…    

Կը դիտեմ քեզ, երբ այդ մատղաշ ձեռքերուդ մէջ բռնած ես աղօթագիրքդ եւ դողդոջուն ձայնովդ ու անմեղ ոգիովդ կ’արտասանես աղօթքներ ու կ’երգես շարականներ: Կը դիտեմ քեզ, երբ եկեղեցւոյ զանգին ձայնը լսելով կը խաչակնքես ու հարց կու տամ, թէ արդեօք մեր բոլոր դպրոցներուն մէջ կը սորվեցնե՞ն խաչակնքելուն իմաստն ու սուրբ խաչի ուժին կարեւորութիւնը: Հապա երբ կը հագուիս եկեղեցւոյ շապիկը ժամերգութեան ուղղուելու, անոր մէջ կարծես կը փայլին աչքերդ ու կը պայծարանայ դէմքդ: Արագ քայլերով կը վազես դէպի մատուռ՝ հոն հրամցնելու ի վեր բարձրեալին այն բոլորը որ կը սորվիս: Ահա՛ այդ պահուն է որ կարծես կը փոխադրուիմ պատմական Կիլիկիա ու աչքիս դիմաց տողանցելով կ’անցնին դարեր առաջ հոն ապրած մեր հաւատացեալ պատանիները, որոնք քեզի պէս կը վազեն դէպի եկեղեցի, դէպի ժամերգութիւն: Այս պատկերը տարբեր ուրախութեամբ կը համակէ զիս, տարբեր գոհունակութիւն կու տայ եւ ամէնէն աւելի՝ յոյսով կը պարուրէ, թէ քու այդ ոգեղէն վազքովդ՝ Կիլիկիան ու հայ եկեղեցին հաստատ քայլերով կ’ընկերանան քեզի…

«Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»:

Երբեմն այս մտածումները կը յուզեն զիս, յատկապէս երբ սկսիմ մտածել, թէ այլուր մենք որքանո’վ մեր պատանիները կ’ուղենք դէպի հայ եկեղեցի: Ամենէն փոքրէն ամենէն երէցը ժպիտով բարի լոյս կ’ըսէ ժամանող ուսուցիչին, իսկ մեկնելու պահուն «բարի օր»՝ յաջորդ օրը հանդիպելու ջերմ մաղթանքով: Ուսուցիչներու հանդէպ յարգանքով լեցուն ազնիւ հոգիներ, որոնք Վեհափառ Հօր օրհնութեամբ ու հոգածութեամբ եւ հայր սուրբերու արթուն ու հսկող աչքերուն տակ հասակ կ’առնեն՝ հոգեմտաւոր եւ բազմազան գիտելիքներ ամբարելով:

«Եւ ո՛չ մէկ վայրն է արդարեւ
Գեղեցիկ քան զիմ Կիլիկիա»:

Կը դիտեմ քեզ երբ առաջին իսկ զանգին արդէն ոտքի կ’ելլես քեզի տրուած պարտականութիւնները կատարելու. մատակարարութիւն, օրապահութիւն կամ հսկողութիւն: Ճշդապահութիւնն ու պարտաճանաչութիւնը կը դառնան քու կեանքի մտերիմ բարեկամներդ: Տակաւին, պահեցողութեան այս օրերուն, ժուժկալութեամբ ու Քրիստոսի օրինակով կը մաքրես հոգիդ ու կը դառնաս երանելի: Վրայ կը հասնին բերքի օրերը եւ խնձորի, խաղողի կամ ռուպի պատրաստութեան գործին լծուելով, ծառայութեան եւ եղբայրասիրութեան շնորհքները կ’ամրապնդուին քու նկարագիրիդ մէջ: Եղբայրաբար զիրար օգնելով՝ կը ծառայէք դպրեվանքին ու այդ ոգիով կը պատրաստուիք ծառայելու ձեր մեծ ընտանիքին՝ հայ ժողովուրդին:

«Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ,
Ուր ամենայն իղձ կ’աւարտի.
Հասակ մը, ուր հոգին ի տենչ՝
Յիշատակաց իւր կարօտի»:

Կիրակի օրերը տարբեր են: Պատարագի ընթացքին  շարականները վերնատունէն տարբեր շունչով կը հնչեն ձեր բերնէն եւ ընդհանրապէս  ներշնչուելով մարդիկ վեր կը նային՝ ձեր դէմքերը տեսնելու, բայց ձեր ուսուցիչը ծանօթ է իւրաքանչիւր ձայնին դէմքին՝ առանց իսկ վեր նայելու: Խորանին վրայ բուրվառակիր, մոմակիր կամ քշոցակիր՝ նաեւ լուսարարութեան գործին մէջ հասակ կ’առնես ու կը դառնաս ծառան ու ընծան հայ եկեղեցիին:

Այսօր աշակերտ ես, վաղը կիսասարկաւագ, ապա սարկաւագ եւ օր մըն ալ աբեղայ ու վերջապէս հոգեւոր հովիւ մեր ժողովուրդին: Գրասեղանիդ ետեւ, գրիչդ բռնած՝ դասագիրքդ, ուսուցիչդ կամ նոթերդ կը դիտես, բայց ես քեզ կը դիտեմ օր մը քեզ տեսնելու Աստուծոյ սուրբ խորանին վրայ պատարագ մատուցող, հրապարակախօս, ուսուցիչ, գրագէտ, երաժիշտ, խմբավար, արուետագէտ ու մտաւորական: Դուն փոքր ես հիմա, բայց շուտով դուն նաեւ կը դառնաս «մարդ պատրաստող»՝ մեր եկեղեցւոյ արժէքներուն, հաւատքին, սկզքբունքներուն, հայ լեզուին ու մշակոյթին ու աւանդութիւններուն հաւատարիմ հայ մարդը:

«Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»:

Սիրելի դպրեվանեցի աշակերտս, քեզ կը սպասէ ազգ մը ամբողջ, ազգ մը որուն կեանքը մնայուն պայքար է գոյատեւումի եւ ինքնակերտումի:

Առաջին օրէն երբ մուտք կը գործես դպրեվանքէն ներս ու կը նստիս այդ փոքր գրասեղանիդ ետեւ՝ դուն արդէն ուրիշ մարդ ես. դուն կը դառնաս խոստում ծառայութեան՝ եկեղեցիիդ ու ժողովուրդիդ: 

Անհամբեր կը սպասենք երբ լուսաւոր օր մը սրտի մեծ գոհունակութեամբ ու հպարտութեամբ պիսի ըսենք՝

«Իմ աշակերտս էր»:

«Եւ ո՛չ մէկ վայրն է արդարեւ
Գեղեցիկ քան զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ»:

Լենա Պողոսեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x