Ճանչնանք մեր բառերը. «մտապատկեր»

Որեւէ մտապատկեր կրնայ ըլլալ գումարը մէկէ աւելի զգայութեանց, աւելի ճիշդը՝ որեւէ մտապատկեր կրնայ իր հետ ներքաշել ուրիշ մտապատկերներ. օրինակ՝ յիշելով դէմք մը, յիշէք նաեւ անոր ձայնը, այլեւ  հպումին ջերմութիւնը, կրած անուշահոտը եւ այլն:

Աշկարայ, ռենկ, նիշան, հիւնար, պեթար բառերը թրքերէն չեն, այլ՝ ……

Աշկարայ - Այս բառը տասնամեակներ առաջ,  երբ թրքախօսութիւնը  շեշտուած էր Պուրճ-Համմուտի մէջ, ունէր  շատ ընթացիկ ու  սովորական կիրարկութիւն մը, յատակապէս թրքախօս շրջանակներու թէ պարագայաբար թրքերէն խօսողներու  միջեւ:

Արմենակ Եղիայեան. տասը խորհուրդ արդի հայ գրողին

1. Ձեր յօդուածը երկու համակարգչային էջէ աւելի թող չըլլայ. այլապէս միշտ պիտի վտանգուի անոր ընթերցումը: 2. Խուսափինք կրաւորական բայերէ՝ ի հաշիւ չէզոք եւ ներգործական բայերու: 3. Ենթական չկրկնենք էական բային հետ: 4. Խուսափինք անորոշ դերբայէն՝ ի նպաստ բայանուններու:

Անցած դարու կէսերուն Պուրճ-Համմուտի հայ մանուկները կը յաջողէին իւրացնել… երեք լեզու

...Եւ այս իւրացումները տեղի կ’ունենային առանց որեւէ  յատուկ ճիգի: Պատճառը Պուրճ-Համմուտի դրուածքն էր, որ անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէր եռալեզուեան դրութեան:

Հրաւէր՝ մասնակցելու «Կալուածի քառալեզու մասնագիտական բառարան»ի ձեւաւորման

Հեղինակը  տրամադիր է ամէն փափաքողի ղրկել անոր ձեռագիրը՝ ստանալու համար ընթերցողներու կարծիքն ու նկատողութիւնները՝ վերջնական ձեւաւորում մը տալէ առաջ  իր աշխատութեան: 

Ենովք Արմէն բառաստեղծը

«Վերջերս պատահմամբ ձեռքս անցաւ իր պատմուածքներու մէկ հատորը՝ «Կինը», գրուած 1906-ին, ուրեմն երբ տակաւին 23 տարեկան էր: Այս շատ միջակ, չըսելու համար անարժէք հատորը, սակայն, ուշադրութիւնս գրաւեց ինքնահնար բառերու բաւական ճոխ շարքով մը...»:

Հայոց գիրերը

«Մովսէսի էջքը Սինայի լեռէն, ուր ան հանդիպած էր Աստուծոյ եւ անկէ ստացած Տասնաբանեայ պատուիրանները, որ հետը կը բերէր իր ժողովուրդին, այնքան  խնդալից ու ցնծագին չդիմաւորուեցաւ, որքան Մեսրոպի մուտքը Հայաստան՝ Հայոց տառերու տախտակը ի ձեռին,  եւ հանդիպումը իւրայիններուն հետ»: