Կլիմայական տագնապը արդէն մեր ճաշասեղանին վրայ է

Երբ կը խօսինք կլիմայական փոփոխութեան մասին, մեր միտքը սովորաբար կ’երթայ հալող սառնակոյտերուն, անտառային հրդեհներուն, հեղեղներուն, երաշտին կամ անտանելի տաքութեան։ Այս բոլորը մեզի համար տակաւին մեծ մասամբ բնապահպանական երեւոյթներ են՝ մտահոգիչ, երբեմն ահաւոր, բայց կարծես մեզմէ քիչ մը հեռու։ Սակայն կլիմայական փոփոխութիւնը ունի նաեւ ուրիշ հասցէ մը.

Մեր սեղանը։

Հացը, որ ամէն օր կը գնենք, բրինձը, բանջարեղէնը, սուրճը, շաքարը, միսը, հաւկիթը, կաթը։ Եւ երբ այսպէս դիտենք հարցը, կլիմայական փոփոխութիւնը կը դադրի միայն բնութեան մասին ըլլալէ։ Կը դառնայ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ, ի վերջոյ, մարդկային հարց։ Որովհետեւ մարդ կրնայ որոշ ժամանակ նոր հագուստ չգնել, ճամբորդութիւն մը յետաձգել կամ նոր ինքնաշարժ մը չունենալ։ Բայց չի կրնար որոշել այս ամիս չուտել։ Հարցը հետեւաբար այն չէ միայն, թէ երկրագունդը որքան պիտի տաքնայ։ Հարցը նաեւ այն է, թէ մեր սննդային համակարգը որքա՞ն կրնայ դիմանալ այդ տաքացումին։

Եւ թերեւս նոյնիսկ աւելի տագնապեցնող հարց մը. ի՞նչ կ՚ըլլայ, եթէ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ բերքի ձախողութիւնները (անբերրիութիւնը) սկսին պատահիլ միաժամանակ՝ յաջորդական ըլլալու փոխարէն։

Այս հարցադրումը վերջերս առաջադրեց նաեւ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովը (World Economic Forum)՝ Will climate extremes lead to the collapse of global food systems? «Կլիմայական ծայրայեղութիւնները պիտի յանգեցնե՞ն համաշխարհային սննդային համակարգերու փլուզման» խորագրով ակնարկով։ Ան կը համադրէր Forbes, International Institute for Environment and Development-ի (IIED) եւ The Guardian հրապարակած տուեալներն ու վերլուծութիւնները՝ երաշտի, ծայրայեղ տաքութեան եւ հրդեհներու հետեւանքով այս տարուան գիւղատնտեսական արտադրութեան կրած հարուածներուն մասին։

Համաժողովին հարցադրումը հաւանաբար դիտմամբ սուր է։ Համաշխարհային սննդային համակարգը այսօր փլուզման առջեւ չէ։ Բայց անոր մատնանշած վտանգը շատ աւելի խոր է. ի՞նչ կը պատահի, երբ նոյն ժամանակ արտադրող տարբեր շրջաններ հարուածներ կրեն, եւ ապահովութեան այն լուսանցքը, որ տասնամեակներ շարունակ թոյլ տուած է մէկ շրջանի պակասը ուրիշով լրացնել, հետզհետէ կը նեղնայ։

Երբ տեղական աղէտ մը այլեւս տեղական չէ

Համաշխարհային սննդային համակարգին մեծ ուժերէն մէկը երկար ժամանակ աշխարհագրական իր տարածուածութիւնն էր։ Եթէ մէկ երկրի մէջ ցորենի բերքը տկար ըլլար, ուրիշ երկիր մը կրնար լրացնել պակասը։ Եթէ տեղ մը երաշտ ըլլար, ուրիշ տեղ մը լաւ բերքը կրնար գիներու հաւասարակշռութիւնը պահպանել։ Առեւտուրը, պահեստները եւ փոխադրութեան միջազգային ցանցերը մեզի որոշ ապահովութիւն տուած էին։

Այս համակարգը, սակայն, հիմնուած է պարզ ենթադրութեան մը վրայ, թէ երաշտները, անբերրիութիւնը միաժամանակ չեն պատահիր։ 2026 թուականի զարգացումները ի յայտ կը բերեն, որ այդ ենթադրութիւնը այնքան ալ վստահելի չէ։

Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին մէջբերած Forbes-ի վերլուծութիւնը, անդրադառնալով Oxford Economics-ի գնահատումներուն, կը նշէ, որ ծայրայեղ տաքը այսօր կրնայ 2027-ի սննդամթերքի գիներուն վրայ նոյնիսկ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ, քան աշխարհաքաղաքական պատերազմները։

Օրինակը Եւրոպան է։ Copernicus Climate Change Service-ի համաձայն, Յունիս 2026-ը Արեւմտեան Եւրոպայի արձանագրուած ամենէն տաք Յունիսն էր։ Ֆրանսան ունեցաւ իր պատմութեան ամենատաք միջին օրական ջերմաստիճանը, իսկ Գերմանիոյ, Դանիոյ եւ Չեխիոյ մէջ եւս ջերմաստիճանի մրցանիշներ արձանագրուեցան։ Հետեւանքը միայն ջերմաչափին վրայ չէր։

Եւրոպական հացահատիկի առեւտուրի COCERAL կազմակերպութիւնը ստիպուեցաւ վերատեսութեան ենթարկել Եւրոպական Միութեան եւ Բրիտանիոյ բերքի իր նախատեսութիւնը՝ զայն իջեցնելով 286,6 միլիոն թոնի, շուրջ ինը միլիոն թոնով պակաս՝ ընդամէնը մէկ ամիս առաջ կատարած նախատեսութենէն։ Թիւը մեծ է։

Բայց երբեմն մէկ մարդու պատմութիւնը թիւէն աւելի բան կ՚ըսէ։ Ֆրանսացի երկրագործ Պընուա Մերլօ տասը տարի պատրաստուած էր աւելի տաք կլիմայի մը։ Հողին խոնաւութիւնը պահպանելու միջոցներ որդեգրած էր, մշակաբոյսերու հերթափոխութիւն կատարած, երաշտի եւ տաքութեան աւելի դիմացկուն սերմեր ընտրած։ Այլ խօսքով՝ ըրած էր ճիշդ այն, ինչ մասնագէտները կը թելադրեն երկրագործներուն՝ յարմարիլ։

Բայց 2026-ի տաքը անցաւ անոր յարմարելու կարողութեան սահմանը։ Ան կարգ մը մշակաբոյսերու բերքին կէսը կորսնցնելու վտանգին առջեւ գտնուեցաւ, իսկ սոյայի պարագային կորուստը կրնար հասնիլ 70 առ հարիւրի։ Եւ այստեղ կլիմայական հարցին թերեւս ամենէն մտահոգիչ կողմերէն մէկը կը բացուի մեր առջեւ։ Ի՞նչ կը պատահի, երբ նոյնիսկ յարմարող երկրագործը այլեւս չի կրնար յարմարիլ։ Երբ քանի մը փոքր տագնապներ կը վերածուին մէկ մեծ տագնապի: Այսօր աշխարհը տակաւին համընդհանուր սննդային փլուզումի առջեւ չէ։ Այս տարբերակումը կարեւոր է։

Գիւղատնտեսագէտները ունին multiple breadbasket failure հասկացողութիւնը՝ երբ աշխարհի գլխաւոր սնունդ արտադրող շրջաններուն քանի մը հատը միաժամանակ ծանր ձախողութիւն կ՚ունենան։ 2026-ը տակաւին այդ կէտին չէ հասած։ Բայց նախանշանները մտահոգիչ են։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ցորենի ցանքատարածութիւնը հասած է 1919-էն ի վեր արձանագրուած ամենացած մակարդակին։ Հնդկաստանի եղանակային monsoon անձրեւները Յունիսին բնականէն շուրջ 40 առ հարիւր պակաս էին, թէեւ Յուլիսին վիճակը մասամբ բարելաւուեցաւ։ Ինտոնեզիոյ մէջ աւելի քան 30 հազար հեկտար բրինձի արտեր երաշտէն վնասուած են։ Առանձին դիտուած՝ ասոնցմէ իւրաքանչիւրը կառավարելի է։ Բայց խնդիրը ճիշդ հոս է։

Ի՞նչ կը պատահի, երբ կառավարելի տագնապները կը բազմապատկուին։ Երբ մէկ երկրի պակասը ուրիշ երկիր մը կը լրացնէ՝ համակարգը կ՚աշխատի։ Բայց երբ երկրորդ երկիրն ալ պակաս ունի, երրորդը իր արտածումը կը սահմանափակէ, չորրորդը հեղեղէ կը տուժէ, իսկ հինգերորդին մէջ փոխադրութեան ճանապարհները պատերազմի պատճառով վտանգուած են՝ աշխարհի սննդային համակարգին մէջ սխալի համար նախատեսուած լուսանցքը հետզհետէ կը նեղնայ։ Ահա՛ այստեղ է վտանգը։ Ոչ անպայման մէկ մեծ աղէտին մէջ, այլ՝ փոքր աղէտներու կուտակումին։

Երբ պատերազմն ու կլիման կը զուգադիպին

Սնունդը միայն հող, ջուր եւ սերմ չէ։ Ան նաեւ ուժանիւթ է, պարարտանիւթ, նաւ, նաւահանգիստ, երկաթուղագիծ, ապահովագրութիւն եւ միջազգային քաղաքականութիւն։ 2026-ի զարգացումները այս կապակցուածութիւնը դարձեալ բացայայտեցին։

Պարսից Ծոցի շրջանը համաշխարհային urea պարարտանիւթի արտադրութեան զգալի մասը կը հայթայթէ, իսկ պարարտանիւթերու միջազգային առեւտուրին կարեւոր բաժին մը բնականոն պայմաններու մէջ Հորմուզի նեղուցէն կ՚անցնի։ Երբ այդ ճանապարհը կը խանգարուի, հետեւանքը կրնայ հասնիլ մինչեւ երկրագործին ծախսերը եւ, ուշացումով, մեր սեղանը։

Պարարտանիւթի գինը անմիջապէս չի հասնիր սպառողին։ Այսօր սուղ պարարտանիւթը վաղուան քիչ ցանքն է։ Վաղուան քիչ ցանքը՝ միւս տարուան քիչ բերքը։ Իսկ քիչ բերքը՝ աւելի սուղ հացը։ Այս պատճառով սննդային տագնապները յաճախ ուշացումով կը հասնին սպառողին։ Մենք այսօր կրնանք նայիլ լեցուն վաճառատան դարակներուն եւ կարծել, թէ ամէն ինչ բնական է, մինչ ապագայ գիներու մէկ մասը արդէն գրուած է այս տարուան չորցած արտերուն մէջ։

«Կլիմայական սղաճ»

Տնտեսագէտները արդէն բառ մը ունին այս երեւոյթին համար՝ climateflation՝ կլիմայական պատճառներով յառաջացող սղաճ։ Բառը նոր կրնայ թուիլ, երեւոյթը՝ ոչ։

Եւրոպական Կեդրոնական Դրամատան մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն՝ 2022-ի տաքի ալիքը Եւրոպայի սննդային սղաճին վրայ 0.67 տոկոսային կէտ աւելցուցած էր, իսկ ջերմաստիճանի մէկ ուժեղ ցնցում կրնայ մինչեւ տասներկու ամիս շարունակ գիներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալ։ Այլ ուսումնասիրութիւններ եւս կլիմայական ծայրայեղութիւնները կապած են սննդամթերքի գինի կտրուկ բարձրացումներու հետ։ Այսինքն՝ տաքը այլեւս տնտեսական վիճակագրութեան լուսանցքին վրայ գտնուող երեւոյթ չէ։ Ան մտած է գիներուն մէջ։ Եւ հոն ալ կանգ չ’առներ։

Ցորենը միայն հաց չէ։ Ան նաեւ անասնակեր է։ Երբ հացահատիկը կը սղի, որոշ ժամանակ ետք կրնան սղիլ հաւը, միսը, հաւկիթը եւ կաթը։ Երբ մէկ սննդամթերք կը սղի, սպառողները կ՚անցնին ուրիշի, եւ պահանջը կրնայ այդ երկրորդ ապրանքին գինն ալ բարձրացնել։ Այս շղթային վերջին օղակը երկրագործը չէ։

Մենք ենք։

Նոյն գինը, երկու տարբեր աշխարհներ

Սակայն նոյն գինին բարձրացումը բոլոր մարդոց համար նոյն նշանակութիւնը չունի։ Հարուստ երկրի մը մէջ ընտանիք մը կրնայ աւելի սուղ սնունդի պատճառով նուազ ճաշարան երթալ, արձակուրդը կրճատել կամ ուրիշ գնում մը յետաձգել։ Աղքատ երկրի մը մէջ նոյն բարձրացումը կրնայ նշանակել օրական երեք ճաշի փոխարէն երկու։ Կամ երկուքի փոխարէն՝ մէկ։ Հոս «սղաճ» բառը երբեմն չափազանց քաղաքավարի կը դառնայ։ Որովհետեւ մէկուն համար խնդիրը դրամապանակն է, միւսին համար՝ անօթութիւնը։ Այս անհաւասարութիւնը կլիմայական փոփոխութեան ամենէն անարդար հետեւանքներէն մէկն է։

Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին առանձնացուցած երկրորդ ուսումնասիրութիւնը՝ International Institute for Environment and Development-ի Food Security Index-ը, ճիշդ այս անհաւասարութիւնը կը չափէ։ Ըստ այդ ուսումնասիրութեան՝ զարգացած երկիրներու սննդային ապահովութեան միջին գնահատականը 10-ի վրայ 8,68 է, նուազ զարգացած երկիրներունը՝ 5,13, իսկ հակամարտութիւններէ եւ պետական փխրունութենէ տուժած երկիրներունը՝ 4,29։

Եթէ երկրագունդի ջերմաստիճանը նախաճարտարարուեստական մակարդակէն 2 աստիճան բարձրանայ, նոյն ուսումնասիրութիւնը զարգացած երկիրներուն համար կը նախատեսէ սննդային ապահովութեան ցուցանիշի 3,07 առ հարիւր անկում, իսկ նուազ զարգացած երկիրներուն համար՝ գրեթէ չորս անգամ աւելի՝ 11,99 առ հարիւր։ Այսինքն՝ կլիմայական փոփոխութիւնը հաւասարապէս չի հարուածեր անհաւասար աշխարհ մը։ Ընդհակառակը՝ ան կրնայ անհաւասարութիւնը բազմապատկել։ Եւ հեգնանքը այն է, որ պատմականօրէն ջերմոցային կազերու արտանետումներուն ամենէն քիչ նպաստած երկիրներէն շատերը այսօր ամենէն քիչ միջոցները ունին անոնց հետեւանքներէն պաշտպանուելու համար։

Գինը արդէն սկսած է մագլցիլ

Այս բոլորը միայն ապագայի նախատեսութիւններ չեն։ Ինչպէս Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին ներկայացուցած The Guardian-ի հրապարակումն ալ կը մատնանշէ, համաշխարհային սննդամթերքի գիները արդէն իսկ կլիմայական ծայրայեղութիւններու եւ պատերազմներու միացեալ ճնշումը կը կրեն։ Սակայն ասիկա տակաւին սննդային համաշխարհային աղէտ չէ։ Եւ պէտք չէ այդպէս ներկայացնել։

Համաշխարհային համակարգը տակաւին ունի պահեստներ, առեւտուր, այլընտրանքային արտադրողներ եւ յարմարելու միջոցներ։ Հարաւային կիսագունդի լաւ բերք մը կրնայ մասամբ հակակշռել հիւսիսի կորուստները։ Շուկաներն ալ երբեմն զարմանալի արագութեամբ կը յարմարին ցնցումներուն։ Բայց խնդիրը այն է, որ ամէն ցնցում քիչ մը կը սպառէ այդ պաշտպանական պաշարը։

Իսկ եթէ բացառութիւնը դառնայ բնականոն վիճակ

Թերեւս այստեղ կը գտնուի ամբողջ հարցին էութիւնը։ Մենք կլիմայական ծայրայեղութիւններուն մասին տակաւին կը մտածենք իբրեւ «արտակարգ» դէպքեր՝ արտակարգ տաք, արտակարգ երաշտ, արտակարգ հեղեղ, արտակարգ հրդեհ։ Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ արտակարգը հետզհետէ սովորական դառնայ։

Այսօրուան աշխարհը արդէն շուրջ 1,4 աստիճան աւելի տաք է, քան 19-րդ դարու վերջաւորութեան։ IPCC-ի գնահատումներուն համաձայն՝ նախաճարտարարուեստական շրջանին տասը տարին անգամ մը պատահող ծայրայեղ տաքերը այսօր գրեթէ երեք անգամ աւելի յաճախ կը պատահին, իսկ 2 աստիճան տաքացման պարագային՝ աւելի քան հինգ անգամ յաճախ։ Բայց միջին ջերմաստիճանը չէ միշտ, որ բերքը կը սպաննէ։ Երբեմն՝ քանի մը ծայրայեղ օրերը։ Եւ եթէ այդ օրերը այլեւս բացառութիւն չեն, սննդային համակարգերն ալ պէտք է պատրաստուին աշխարհի մը, ուր անցեալի «արտակարգը» վաղուան բնականոն վիճակը կրնայ ըլլալ։

Մեր սեղանը աշխարհի քարտէսն է

Այսօր մեր առջեւ երկու սխալ ծայրայեղութիւն կայ։

Առաջինը՝ ըսել, թէ աշխարհի սննդային համակարգը վաղը պիտի փլուզի։ Տուեալները այդ եզրակացութիւնը չեն արդարացներ։ Երկրորդը՝ շարունակել կարծել, թէ ամէն նոր երաշտ, տաքի ալիք կամ հեղեղ առանձին պատահար մըն է, որուն հետեւանքները շուկան ի վերջոյ ինքնաբերաբար պիտի լուծէ։ Տուեալները այլեւս այդ հանգստութիւնն ալ չեն արդարացներ։

Թերեւս համակարգերը չեն փլուզիր այն օրը, երբ յանկարծ ամէն ինչ կը դադրի աշխատելէ։ Անոնք կը սկսին տկարանալ այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր նոր հարուածէն ետք քիչ մը աւելի դժուար կը վերականգնին։ Երբ պահեստները կը պակսին։ Երբ այլընտրանքները կը նուազին։ Երբ երկրագործը արդէն փորձած է յարմարիլ, բայց տաքը դարձեալ սահմանը անցած է։ Երբ մէկ շրջանի վատ բերքը լրացնելու համար մեր յոյսը ուրիշ երկրի անձրեւին վրայ է։ Երբ սննդամթերքի գինի բարձրացումը մէկ երկրի մէջ անհանգստութիւն է, իսկ ուրիշի մէջ՝ անօթութիւն։

Կլիմայական փոփոխութեան մասին երկար տարիներ խօսած ենք ապագայ ժամանակով։

«Պիտի տաքնայ»։

«Պիտի ազդէ»։

«Պիտի վտանգէ»։

Բայց թերեւս ժամանակն է բայերուն ժամանակաձեւը փոխելու։ Որովհետեւ ան արդէն կը տաքցնէ։ Արդէն կը վնասէ։ Արդէն սղաճ կը ստեղծէ։

Եւ ի վերջոյ, երկրագունդի կլիմայական տագնապը հասկնալու համար միշտ չէ, որ պէտք է նայինք հալող սառցակոյտի մը կամ այրող անտառի մը։ Երբեմն բաւարար է առտու մը մտնել նպարավաճառին մօտ, նայիլ հացին, բրինձին, սուրճին կամ շաքարին գինին եւ հասկնալ, որ հեռաւոր կարծուած կլիման արդէն հասած է շատ մօտիկ տեղ մը։

Մեր սեղանին։

«Տարբերակ21»

Աղբիւրներ

Յօդուածը մեկնակէտ ունի World Economic Forum-ի “Will climate extremes lead to the collapse of global food systems?” ակնարկը եւ անոր առանձնացուցած հետեւեալ հրապարակումները՝

World Economic Forum Intelligence

Forbes — “Why Climateflation Will Drive Food Prices More Than War”

IIED — “Pathways for Global Food Security in a Warming Climate”

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x