Լիբանանցին շատոնց սորված է ելեկտրականութեան համար երկու անգամ վճարել։ Մէկ կողմէ՝ պետական ելեկտրականութիւնը, որ օրուան միայն քանի մը ժամերուն ներկայ է, միւս կողմէ՝ սեփական ելեկտրածինները, որոնք տարիներու ընթացքին ժամանակաւոր լուծումէ վերածուած են առօրեայ կեանքի անբաժան մէկ մասին։ Այս անբնական վիճակին այնքան վարժուած ենք, որ երբեմն նոյնիսկ կը մոռնանք, թէ անիկա բնական չէ։
Բայց Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած նոր պատերազմը եւ վառելանիւթի գիներուն կտրուկ բարձրացումը այսօր այդ հին տագնապին նոր եւ շատ աւելի վտանգաւոր երես մը կու տան։ Հարցը միայն այն չէ, որ ինքնաշարժին վառելանիւթը արդէն սղած է։ Լիբանանի պարագային, վառելանիւթի գինին բարձրացումը գրեթէ անմիջապէս կը հասնի նաեւ տուներու ելեկտրականութեան հաշուեցոյցին։ Իսկ երբ ընտանիք մը, որուն ամսական եկամուտը հազիւ քանի մը հարիւր տոլար է, ստիպուած կ՚ըլլայ 200, 300 կամ նոյնիսկ 400 տոլար վճարել միայն ելեկտրականութիւն ունենալու համար, այլեւս չենք խօսիր պարզապէս սուղ ծառայութեան մը մասին։
Կը խօսինք ընկերային լուրջ տագնապի մը մասին, որովհետեւ ելեկտրականութեան հաշուեցոյցը առանձին չի մնար։ Երբ ելեկտրածինի սեփականատէրը աւելի սուղ վառելանիւթ կը գնէ, ան իր սակը կը բարձրացնէ։ Բայց նոյն վառելանիւթով կ՚աշխատին նաեւ փուռը, ճաշարանը, գործարանը, վաճառատունը, հիւանդանոցը եւ բազմաթիւ այլ հաստատութիւններ։ Փոխադրութեան ծախսերը եւս կը բարձրանան։ Ապրանքներու արտադրութիւնը, փոխադրութիւնն ու պահպանումը կը սղին։ Եւ ի վերջոյ այդ բոլոր յաւելումները կը հասնին նոյն մարդուն՝ սպառողին։
Այսինքն՝ աւելի սուղ վառելանիւթը միայն աւելի սուղ ելեկտրականութիւն չի նշանակեր։ Ան կը նշանակէ աւելի սուղ ապրուստ։ Ահա թէ ինչո՛ւ վառելանիւթի միջազգային տագնապը Լիբանանի մէջ կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ, քան այն երկիրներուն մէջ, ուր բնակիչը իր ելեկտրականութիւնը կը ստանայ բնականոն գործող պետական ցանցէ մը։
Տասնամեակներ շարունակ Լիբանան չկրցաւ լուծել իր ելեկտրականութեան հարցը։ Այդ ձախողութեան գինը քաղաքացին վճարեց՝ ելեկտրածինով, բարդերով, արեւային համակարգով եւ իր գրպանէն ստեղծուած այլընտրանքային լուծումներով։ Այսօր, սակայն, այդ ձախողութեան ուրիշ հետեւանքն ալ սուր կերպով զգալի կը դառնայ. երկիրը չափազանց խոցելի է ուժանիւթի միջազգային իւրաքանչիւր ցնցումի դիմաց։
Երբ պետական ելեկտրականութիւնը օրական քանի մը ժամ միայն կը հասնի քաղաքացիին, վառելանիւթի գինը այլեւս միայն ուժանիւթի հարց չէ։ Ան աշխատավարձի հարց է, սնունդի հարց է, արտադրութեան հարց է, եւ ի վերջոյ՝ աղքատութեան հարց։
Իսկ ի՞նչ կարելի է ընել
Լիբանան չի կրնար որոշել վառելանիւթի միջազգային գինը, ոչ ալ կրնայ կասեցնել շրջանային պատերազմները։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ պետութիւնը ոչինչ կրնայ ընել։
Անհրաժեշտ է անմիջականօրէն ապահովել, որ վառելանիւթի գինին բարձրացումը պատրուակ չդառնայ կամայական սակերու եւ շահագործումի։ Ելեկտրածիններու սակերուն խիստ վերահսկողութիւնը, հաշուարկի յստակ ու թափանցիկ դրութիւնը եւ խախտումներու դէմ գործնական միջոցները այս պայմաններուն մէջ պարզ վարչական քայլեր չեն. անոնք ընկերային պաշտպանութեան միջոցներ են։ Ամենէն խոցելի ընտանիքներուն համար կարելի է նաեւ նախատեսել ժամանակաւոր եւ նպատակային օժանդակութեան ձեւեր։ Բայց այս բոլորը կրնան միայն մեղմացնել հարուածը։ Անոնք չեն լուծեր հիմնական խնդիրը։
Հիմնական լուծումը կը մնայ այն, ինչ որ տասնամեակներէ ի վեր գիտենք արդէն, բայց չենք կրցած իրականացնել՝ վերականգնել պետական ելեկտրականութեան համակարգը եւ աստիճանաբար վերջ տալ ամբողջ երկրի կախուածութեան սեփական ելեկտրածիններէն։ Միաժամանակ անհրաժեշտ է շարունակել եւ արագացնել արեւային ու այլ վերականգնուող ուժանիւթի զարգացումը՝ զայն անհատական լուծումէ վերածելով նաեւ պետական ուժանիւթային քաղաքականութեան։
Որովհետեւ այս տագնապը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ պարզ ճշմարտութիւն մը. ուժանիւթի ապահովութիւնը շքեղութիւն չէ։ Ան երկրի տնտեսական եւ ընկերային ապահովութեան մէկ մասն է։ Միջազգային թէ շրջանային պատերազմները չեն հարցներ փոքր երկիրներուն, թէ պատրա՞ստ են անոնց հետեւանքները կրելու։ Բայց պետութեան պարտականութիւնն է իր երկիրը պատրաստել այդպիսի ցնցումներու։ Լիբանան տասնամեակներ շարունակ չկրցաւ ընկերային ամպհովանի մը պատրաստել ուժանիւթի մարզին մէջ։ Այսօր այդ ձախողութեան հաշուեցոյցը դարձեալ քաղաքացիին առջեւն է։
Եւ եթէ այս անգամ ալ սահմանափակուինք միայն հաշուեցոյցը վճարելով՝ առանց համակարգը փոխելու, յաջորդ տագնապին նոյն հաշուեցոյցը դարձեալ մեր առջեւ պիտի գտնենք՝ թերեւս քիչ մըն ալ աւելցած:



