Ճանչնանք մեր բառերը. «մտապատկեր»

  1. Մտապատկեր

Արդի հայերէնի սակաւ գործածուող եւ նուազ ծանօթ եզրերէն մէկն է:

Մեր բառարաններէն Գայայեանը (1938) տակաւին չունի  զայն:

Առաջինը կը գտնենք Մալխասեանի բացատրականին մէջ (1944) իբրեւ՝

–«Առարկայի կամ երեւոյթի պատկերը, որ ծագում է մեր գիտակցութեան մէջ զգայարանքների   միջոցով»:

Արեւմտահայ հետաագայ բառարանագիրները՝ հայր Ճիզմեճեան (1954), Տէր Խաչատուրեան (1968), հայր Կռանեան (1982)  մօտաւորապէս բառացի կրկնած են  Մալխասաեանի վերոբերեալ սահմանումը, որ թերի է եւ… գրեթէ ոչինչ կ’ըսէ:

Ակադեմիայի (1969)   եւ Աղայեանի(1976) բացատրականները  նոր որակ մը աւելցուցին մտապատկերի սահմանումին վրայ,  որ ահաւասիկ.

–«Մարդու վրայ ներգործած որեւէ առարկայի կամ երեւոյթի ընդհանրացուած պատկերի արթնացումը գիտակցութեան մէջ՝ այդ նոյն առարկայի  կամ երեւոյթի բացակայութեան պայմաններում»:

Բերուած երկու սահմանումներուն մէջ շատ մեծ տարբերութիւն կայ. առաջինը կը խօսի անմիջական պատկերներու մասին, որ առարկաները կը դրոշմեն մեր գիտակցութեան մէջ, երկրորդը կ’ակնարկէ պատկերներու, որոնք դրոշմուած են անցեալին (առանց ժամանակական սահմանափակումի) եւ որոնք ներկայիս կը զարթնեն, կը վերադառնան մեր գիտակցութեան մէջ, ըսենք՝ որպէս յուշ:

Մեր մէջ այս վերջինը ընդօրինակած է Գնել եպս. Ճերեճեանը (1992)՝ առանց բան մը աւելցնելու եղածին վրայ եւ առանց բան… մը հասկնալու անկէ:

Ասոնք, ուրեմն, նմանապէս թերի են կամ, եթէ կ’ուզեք, մասամբ՝ մէկ հինգերորդով  ճիշդ են, ինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ:

                                                          *   *   *

Մարդ  արտաքին աշխարհը կ’ընկալէ իր հինգ զգայարաններով, եւ ստացուած տպաւորութիւնները կ’ըլլան՝ տեսողական (visuel), լսողական (auditif), հոտառական (olfactif), համառական/ճաշակային (gustative) եւ շօշափական (tactile):

Բացորոշ է, որ ասոնց մէջ ամէնէն տարողունակը տեսողականն է. մեր  տպաւորութիւններուն  մեծագոյն մասը կը յառաջանայ  ու կը կուտակուի տեսողական զգայութիւններու ճամբով, սակայն արհամարհելի չեն նաեւ մնացեալները:

Որքան ալ վառ յիշենք, այսինքն՝ վերականգնենք մտապատկերը հեռաւոր անցեալին  մեր մէջ տպաւորուած դէմքի մը, տեսարանի մը, երեւոյթի մը,− նո՛յն թարմութեամբ եւ ուժգնութեամբ կը յաջողինք վերականգնել  քսան տարի առաջ լսուած իւրայատուկ ձայն մը եւ չենք վարանիր ըսելու՝ «կարծես դեռ ան կը հնչէ ականջներուս մէջ». կամ նոյն անցեալին մէջ զգայուած բոյրի մը, անուշահոտութեան մը, որ կը կրէր սիրելի  մը ամէն քեզի հանդիպելուն եւ որը «մինչեւ հիմա քիթիդ ծայրն է տակաւին». այլեւ  վաղուց կորսուած ու  մօրդ պատրաստած մէկ քաղցրաւենիքը, որուն համը «լեզուիդ վրայ կը զգաս ու կը կրես», ա՛լ չենք խօսիր քաղուած համբոյրի մը մասին՝ սիրեցեալէ մը, որ «ուրիշին բախտ եղաւ». եւ վերջապէս  ինչո՞վ նուազ  կը յիշուի ու վերապրուի շոյանք մը, որ ինչ-որ  սիրելի մատներ, ինչ-որ ժամանակի մը մէջ դրոշմեցին ճակատիդ ու անվերադարձ գացին:

Ասոնք բոլորը հաւասարապէս վերազարթնող, վերադարձող եւ մեր գիտակցութեան պաստառին վրայ վերայայտնուող մտապատկերներ են:

Որեւէ մտապատկեր կրնայ ըլլալ գումարը մէկէ աւելի զգայութեանց, աւելի ճիշդը՝ որեւէ մտապատկեր կրնայ իր հետ ներքաշել ուրիշ մտապատկերներ. օրինակ՝ յիշելով դէմք մը, յիշէք նաեւ անոր ձայնը, այլեւ  հպումին ջերմութիւնը, կրած անուշահոտը եւ այլն.   ասոնք շատ բնական զուգորդումներ  (assossiation) են: 

Թեքէեանի հետեւեալ քառեակը ցայտուն օրինակ մըն է  զուգորդումներու.

«Եկեղեցին Հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ,

Ու կը շնչեմ, կը լսեմ՝ իր Յիսուսով մանկադէմ…»:

Ուր զուգորդուած են տեսողութիւնը, հոոտառութիւնն ու լսողութիւնը:

  1. Յիշեալ հինգ զգայարանններու միջնորդութեամբ յառաջացած մտապատկերներուն կողքին մարդ կրնայ ունենալ ներքին մտապատկերներ եւս, ըսենք՝ ցաւի,  որ պատճառած է մեր ակռան կամ ականջը, որ այնքան տառապեցուցած է,  այլեւ երանութեան, որ յառաջացած է երաժշտութեան մը կամ ըմպելիի մը ներգործութեամբ, եւ դեռ  ընկճուածութեան մը, որ ունեցած ենք ի լուր անհաճոյ իրողութեան մը, բայց նաեւ ոգեւորութեան, որ մեզի պատճառած է  առինքնող տեսարան մը կամ որեւէ յաջողութիւն կամ այլ  դրական գործօն:

Նման մտապատկերներու աւելի բարդ ու երկար շղթայ մըն է մարդկային յիշողութիւնը, իմա՝ յուշագրութիւնը, երբ խիճ առ խիճ, քար առ քար կը վերականգնենք ամբողջ անցեալ մը կամ անոր մէկ դրուագը. օրինակ՝ հանրակառքին մէջ դիմացնիդ կը գտնէք կարմիր ժապաւէն կրող աղջիկ մը, եւ ահա գաղափարներու զուգորդութեամբ (assossiation des idées) կը յիշէք ձեր դպրոցական տարիներուն մէկ  ընկերուհին, որ նմանապէս կարմիր ժապաւէն կը կրէր,  որուն այնքան կը համակրէիք, սակայն դէպքերու աննպաստ դասաւորումով մը ան գնաց իր ճամբով, դուն գացիր քուկինով… եւ… եւ… եւ…

  1. Մեզմէ իւրաքանչիւրը մտապատկերներու զուգորդութեամբ սորված է լեզուն՝ սկսած անոր առաջին բառէն՝ հետզհետէ կազմելու համար մնացեալները:

Խանձարուրէն սկսեալ ձեր շուրջ յարատեւ  արտասանուած է մամա հնչիւնախումբը, եւ անոր ընկերացած է կանացի  գուրգուրոտ կերպար մը: Ձեր աճին զուգահեռ աճող բանականութիւնը կամաց-կամաց զուգորդած է այդ երկու՝ լսողական եւ տեսողական մտապատկերները, ու երբ բաւական կազմաւորուած  են  ձեր ձայնային օրկանները՝ հնչիւններ արտաբերելու չափ, այդ երկու մտապատկերներուն զուգորդումը   տուած է մամա բառը, որուն կամաց-կամաց  յաջորդած է հեղեղը այլ զուգորդութիւններու, որոնց  գումարը   հետզհետէ պիտի կազմէր  քու լեզուդ, այնպէս ալ  մարդկային լեզուն:

[email protected]                                                                        Արմենակ Եղիայեան

Լիբանան ծնած, հայ գաղթական ծնողներու զաւակ, մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ Արմենակ Եղիայեան 60-ականներէն սկսեալ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է սփիւտքահայ եւ յատկապէս լիբանանահայ կրթական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Մաս կազմած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի Ազգային ուսումնական խորհուրդին, «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատակազմին եւ Կիլիկիոյ Աթոռին յառաջացուցած «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով»-ին: Այս վերջինին պատուէրով պատրաստած է «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը»՝ 760 էջ ծաւալով (անտիպ): Հեղինակն է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» աշխատութեան եւ հայկական նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքին, որ երկու տասնամեակ անընդմէջ կիրարկուեցաւ աւելի քան 10 երկիրներու հայկական համայնքներու վարժարաններուն մէջ: Արեւմտահայերէնի թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն:
Վերջին տարիները կ’աշխատի «Ուղեցոյց»-ին վրայ, որ կը համատեղէ արեւմտահայերէնի ճամբով՝ այդ լեզուի արդի օգտագործողին առջեւ կուտակուած հարցերը:
Հարիւրաւոր յօդուածներով՝ ընդհանրապէս լեզուական-ուղղախօսական բնոյթի, աշխատակցած է եւ կը շարունակէ աշխատակցիլ սփիւռքահայ մամուլին:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x